Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.
ՍԻՍ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Հաճընէն 17 ժամ դէպ ի հարաւային արեւմուտք եւ Ատանայէն 15 ժամ դէպ ի հիւսիսային արեւելք, Անդր-Տաւրոսեան լեռնաշղթային հատած տեղը, դաշտին մէջ, ժայռի մը կողին շինուած է քաղաքը, Սանճագի կեդրոն։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. Սիսի 1200 տուն բնակչութեան 800ը կը կազմեն Հայեր, որոնց 20 տունը Բողոքական են եւ մնացածը ամբողջովին Լուսաւորչական։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Սիսի մէջ դէպք չէ պատահած, շնորհիւ Հայերու եւ Թուրքերու համերաշխ ինքնապաշտպանութեան, որով ետ մղած են դուրսէն յարձակող խուժանները։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Սիս կ’արտադրէ ցորեն, գարի, շուշմայ, բամպակ ու նուշ, որոնք Ատանա կ’արտածուին։ Հայերուն մեծ մասը հողագործ են, եւ արտեր ունին Սիսի դաշտին մէջ։ Ամբողջովին Հայերու ձեռքն են արհեստները, կօշկակարութիւն, երկաթագործութիւն, դերձակութիւն, ոսկերչութիւն, հացագործութիւն, եւն., կան նաեւ ջորեպաններ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Սիսի մէջ կան 40ի չափ դէպքէն այրիացածներ, որոնց 12 հատը մօտակայ արկածեալ Չօգագ գիւղէն հոս եկած հաստատուած են դէպքէն յետոյ, կառավարական նպատակով շինուած խղճուկ հիւղակներուն մէջ։ Չօգագի մէջ Հայ չկայ հիմա։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ. Սիսի մէջ աշխատանոց բանալու ո՛չ կարելիութիւն կայ եւ ո՛չ ալ պէտք։ Կարելիութիւն չկայ որովհետեւ կարօտ եղողները միայն 12 Չօգագցիներն են, եւ շրջականերն ալ ուրիշ այրի չկայ։ Պէտք ալ չկայ որովհետեւ Սիսի մէջ գործ չի պակսիր, աշխատիլ ուզող այրիներուն համար։ Ամառը դաշտային աշխատութիւններ կրնան գտնել եւ անկէ ետքն ալ բամպակ գզել, ինչ որ բացուելիք ո եւ է գործէ նուազ շահաւոր չէ։ Եւ արդէն, առանց ատոր ալ, Սիսի 800 տուն բաւական բարեկեցիկ Հայութիւնը, իրեն համար ծանր բեռ մը պէտք չէր նկատեր 10-12 այրիի հոգը։ Եթէ, միայն Չօգագցի այրիներուն, քիչ թէ շատ բնակելի տնակներու շինութեան համար, մաս մըն ալ տեղացիներէ ձեռք բերուելու պայմանաւ, պզտիկ օգնութիւն մը ըլլայ, օգտակար է։ Սակայն, առանց խիստ հսկողութեան մը, կը կասկածիմ որ բուն նպատակին գործածուի հոն ղրկուելիք գումար մը։ Տարբեր խնդիր եթէ Կիլիկիոյ Վեհափառ Կաթողիկոսը յօժարի ուղղակի իր հոսկողութեան տակ մատակարարել գործածութիւնը։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Առիթ չունեցայ շատ մօտէն ու երկարօրէն շփուելու Սսեցիներու հետ։ Բայց դիտեցի որ ազգային զգացումը իրենց զօրաւոր կողմը չէ դժբախտաբար. այդ մասին յուսատու նշաններ հազիւ թէ կ’սկսին նշմարուիլ, դեռ աղօտ կերպով, նոր հասնող երիտասարդութեան մէջ։ Սիսի Հայերը գէշ գաղափարը ունեցած են սպասելու որ, ուրիշ աղքատ վայրերու եղածին պէս, իրենց ալ դուրսէն օգնութիւն ըլլայ։ Մինչդեռ ես կը կարծեմ որ, ընդհակառակը, իրենք զգալու էին՝ իրենցմէ անբաղդատելի կերպով աւելի կարօտ տեղերու օգնելու, կամ գէթ իրենց Կաթողիկոսարանին մայրավանքը աւելի պատկառելի վիճակի մը հասցնելու համար լուրջ ձեռնարկներ ու զոհողութիւններ ընելու պէտքը։

 

ՂԱՐՍ-ԲԱԶԱՐ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Սիսէն 6 ժամ հեռու, Գազայի կեդրոն։ Հայերը տնտեսապէս բաւական լաւ վիճակ ունին։ Տեղւոյն վրայ ջարդ չէ պատահած. ինքնապաշտպանութիւն ըրած են. դէպքէն 3 այրիներ կան ինչ որ մեծ բեռ մը չէ տեղւոյն Հայութեան համար։

 

ՆԻՒՐԲԷԴ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Սիսէն 12 ժամ դէպ ի արեւելք, 30 տունով (կէսը Բողոքական) հայաբնակգիւղ մը, որ Մարաշի Անտէրուն գիւղախմբին մօտ կը գտնուի, բայց Ատանայի վիլայէթին կը պատկանի։ Այծ պահելու յարմարութիւն կայ։ Տեղւոյն վրայ դէպք չէ պատահած։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 2 այրիներ կան։