Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.
ԼԱՓԱՃԼԸ

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Պաղչէէն 1 ժամ դէպի հիւսիսային արեւմուտք, անտառներով շրջապատուած, լեռնային դիրքով զուտ հայաբնակ գիւղ մը։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ. 120 տուն Հայ-Լուսաւորչական եւ միայն 1 տուն Թուրք։

ՋԱՐԴԻ ՎՆԱՍԸ. Դէպքի առաջին նշանին, դեռ գիւղին վրայ յարձակում իսկ չեղած, կիներն ու տղաքը գիւղին մէջ ձգելով, խուճապով փախած են, եւ այդ պատճառով 150 հոգիի չափ զոհ տուած։ Տուները ամբողջ այրուած են. կառավարութիւնը, միջին հաշւով, տուն գլուխ 7-8 ոսկի հատուցում ըրած է. եկեղեցիին պատերը շինուած են եւ ճիշտ վրան գոցուելու ատեն, շինութիւնը արգիլուած է, Ճէմալ պէյի օրով, Հասան-Պէյլիի եկեղեցիին փլցուած պահուն։ Եթէ դեռ քիչ մը ատեն աւարտելու արտօնութիւն ձեռք չի բերուի, շինուած պատերն ալ պիտի փլչին անձրեւներէն։

ՏՆՏԵՍ. ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Լափաճլըցիներու մեծ մասը երկրագործ է եւ արտեր ունի շրջակաները. կան նաեւ բաւական թիւով ձիապանութիւն ընողներ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 70 այրի կայ հիմա։

ՕԳՆԵԼՈՒ ՁԵՒ. Այծ պահելու շատ յարմար է այս գիւղը, եւ եթէ այրիներուն այծ տրուի, օգտակար կ’ըլլայ։

ՆԿԱՐԱԳԻՐ. Խիստ նախնական բարքերով պարզամիտ ու անուս գիւղացիներ։