Տեղեկագիր այրիախնամ յանձնաժողովի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԸ.
ԱՏԱՆԱ
(Գիւղերը)

ԱՇԽԱՐՀ. ԴԻՐՔ. Այս բոլոր գիւղերը Ատանայի ընդարձակ դաշտին (Չուգուր-Օվա) մէջ են եւ բնակիչները երկրագործութեամբ կ’զբաղին։

 

ԱՊՏՕՂԼՈՒ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Դէպքէն առաջ 100ի մօտ Հայ տուն կար։ Դէպքին ամէնքն ալ այրուած եւ հիմա հազիւ 30 տուն մնացած է. 20 տունի չափ ալ Թուրք կայ։ Կառավարութիւնը միայն 250 ոսկի հատուցում ըրած է այդ գիւղին։ Հայերը, իրենց դրացիներուն խոստումներէն խաբուելով անձնատուր եղած ու ջարդուած են։ Երկրագործ են. կիներու համար ալ տարին 7-8 ամիս աշխատութիւն կայ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Տեղւոյն վրայ 33 հատ կայ, մնացածները ցրուած են ասդին անդին, իսկ ունեւորները՝ կարգուած։

 

ԻՆՃԻՐԼԻԿ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Դէպքէն առաջ 80 տունի մօտ Հայ կար։ Հիմա 30 տուն են, իսկ Թուրքերը 60։ Ամբողջ տուները այրուած են եւ 200 ոսկի հատուցում եղած է համագումար։ Այս գիւղին բնակչութեան մեծ մասը ձմեռը Ատանա կուգայ եւ գարնան, դաշտային աշխատութիւնները սկսելուն, նորէն գիւղ կ’երթայ։ Այս պատճառաւ, աշխատող այրիները ձմեռն ալ Ատանայի մէջ գործ կրնան գտնել. ձմեռը Ատանա եկողները մասնաւորաբար Հայերն են ու այս սովորութիւնը դէպքէն ետքը ընդհանրացած է։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Դէպքէն 36 այրի կայ. հոս ալ ունեւորները կարգուած են։

 

ՄԻՍԻՍ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Նահիէի կեդրոն մըն է, Պաղտատի երկաթուղիին գծին վրայ։ Դէպքէն առաջ 80 տուն Հայութենէն հիմա հազիւ 10 տուն մնացած է, այրիները ցրուած են Ատանա, Տէօրթ-Եօլ եւ այլուր։ Միսիսի ջարդը ծանօթ է իբրեւ ամէնէն ահաւորներէն մէկը։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Տեղւոյն վրայ 9 այրի կայ հիմա։

 

ՇԷՅԽ ՄՈՒՐԱՏ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. 60 տունի չափ հայաբնակ գիւղ մը. դէպքի առաջին օրերուն հերոսական ինքնապաշտպանութիւն մը ըրած եւ յետոյ գիշերանց Ատանա փախած են։ Երկրագործութեամբ կ’զբաղին։ Տուները այրուած են. կառավարութեան կողմէ 6-7 ոսկի հատուցում եղած է տուն գլուխ։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Տեղւոյն վրայ 8 այրի կայ։

 

ՀԱՅ ԳԻՒՂ

Ատանայի մէկ թաղն է, հազիւ 20 վայրկեան հեռու եւ այրիները արձանագրուած են Ատանային ցանկին մէջ։