«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

Ուրախութիւնն է ժըպիտ մ’ըղձալի`
Որ մարդուս դէմքին պահ մը կը փալփլի,
Յետոյ արցունքներ կու գան դառնութեան`
Եւ զայն կը փոխեն սուգի մը դաժան:
Ուրախութիւնն է վարդ մը մեղրածոր`
Զոր պէտք չէ տենչալ համբուրելու խոր,
Կամ ձիգ մ’հոտոտել, զի ունի փուշեր
Շըրթունք խոցելու համար կարեվէր:
Ուրախութիւնն է` ըզգըլխիչ, անոյշ
Նեկտարի լեցուն բաժակ մը. ըզգո՜յշ,
Մինչեւ յատակը չըլլայ որ քամես,
Գարշ մըրուր մը կայ, կը թունէ ըզքեզ:

4 յունիս, 1901