ՑԱՅԳԵՐԳ
(Սիրային)
Իղձերս
ամէն,
խոստումներս
ալ
ճըշմարիտ`
Յոյսով
մը
լի,
ոտքիդ
առջեւ
դըրի
ես.
Չը
զըլացայ
քեզ
ո՛չ
հառաչ,
ո՛չ
ժըպիտ,
Բայց,
ա՜հ,
երբեք
չը
ճանչցաւ
զիս
սիրտըդ
վէս:
Քեզի
համար
նոյնիսկ
հոգի՛ս
զոհ
ընել
Ես
ուխտեցի
աստղերուն
դէմ,
երկնի
տակ,
Դու
շունչդ
ինծի
թոյլ
չը
տըւիր
վայելել,
Չը
ճանչցար
զիս,
չը
հասկըցա՜ր,
ո՛վ
հոգեակ…
Սէր-քընարիս
լարերը
լոկ
քեզ
համար
Թըրթռացուցի,
քեզ
երգեցի
հեծումով.
Միշտ
ցանեցի
հետքիդ
արցունք
անհամար.
Ցոյց
չը
տուիր
դու
ինձ
ո՛չ
գութ,
ո՛չ
գորով:
Դէմքիդ
նըման
մեղր
ու
նըշոյլ
լուսնին
դէմ
Նըստած,
մինակ,
լացի
քանի՜
գիշերներ.
Յուզուած
կու
լար
նաեւ
լուսնակն
այն
ատեն,
Եւ
ես
քեզի,
անիկա
զի՛ս
կ’արտասուէր:
Այս
ամէնուն
վըրայ,
անգո՛ւթ,
չունեցար
Ո՛չ
արտասուք,
ո՛չ
բառ
եւ
ո՛չ
ծիծա՜ղ
մ’իսկ.
Բընաւ
ինծի
չը
բացիր
գիրկդ
հըրավառ.
Չինկաւ
սըրտիս
նայուածքըդ
խոր,
թափառիկ:
Գէթ
նայուածքիդ
տեղ
այս
սըրտիս
զա՛րկ
դաշոյն.
Պատռէ,
ճեղքէ,
ծալքերը
բա՛ց
եւ
կարդա՛.
Հոն,
արիւնէ
մեծ
տառերով
քու
անուն
Քանդակուած
է.
իմ
խենթ
սիրոյս`
խենթ
վըկայ:
2
յունիս,
1902