«Մրրկայոյզ կայծոռիկներ» եւ «Փուշի ակօսներ» տետրերից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՌԱՉԱՆՔ ՄԸ

Մատաղ կեանքիս ծաղկունք կարգաւ
Չորցան գացին. տարուէտարի
Խանդըս խուսեց, եւ պայքարի
Արիւնն լանջքիս տակ լըճացաւ:
Միշտ կըրեցի ցաւերով մեծ.
Յոյսն - այդ սոսկ լարն` որ կը կապէ
Այս կեանքին հետ ըզմեզ - բաբէ՛,
Աչքիս ամէն բան շըպարեց:

Ցնորքի՜ աշխարհ: Ըսին ինծի`
Թէ փառքն է կեանք ու ելլելու
Ինձ ցոյց տուին ժայռ մ’ամպերու
Խորն էր կատարը, դողացի՜:

Ո՛հ, չը տեսայ ծով մ’անալի,
Երկինք մ’առանց սեւ ամպերու,
Մըրրիկներէ կաղնի մ’հեռու,
Եւ ծովեզերք մ’առանց բալի:

Այսպէս` չը գտայ ժըպիտ մը` ուր
Չը խառնըւին արցունք լալիւն,
Եւ սէր մ’առանց իր վիշտերուն,
Առանց շիրմի մ’ալ խանձարուր…
Արդ հառաչի մէջ, սըրտաբեկ,
Կը բողոքէ հոգիս լըռիկ.
Այս օրէնքին ո՞ւր է գաղտնիք…
-Հոն վեր, Կապոյտը ճեղքեցէք:

Կ’ուզենք գաղտնիքն այս ամէնուն
Արտասուքին, ժըպտին, շիրմին…
Կ’ուզենք գաղտնիքդ, ո՛վ Աշխարհ սին,
Վըսեմ Երազ, ո՜վ Խօլութիւն:
20 օգոստ., 1903