Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՊԱՍՈՒՄ

Դըրանս առջեւ կը ծըփայ
Ծովն աստղերով ցոլցոլուն…
Սիւներուն տակ մարմարեայ
Կը սպասեմ իր դառնալուն:

Առագաստն իր չեկաւ դեռ՝
Ըլլալու գէթ ինձ պատան.
Արցունքներս են ոչ աստղեր
Պըճներ ծովու իր ճամբան:

Ալիքներ մեղմ կ'աղօթեն,
Եւ կ'օծէ լոյս մը սիւներ.
Եկա՞ւ. ոչ. իմ գաւիթէն
Լուսինն իր տեղ կ'ելլէ վեր: