Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈԳԱՆՔԷՆ ՎԵՐՋ

Լոգանքէն վերջ՝ հետդ առանձին՝
Քալենք, քալենք ծովափին վրայ.
Հուրերուն տակ արեգակին
Մինչեւ որ թաց հերքըդ չորնայ:

Նուրբ աւազին ծոցը ջերմիկ
Թաղուին ոտքերըդ հոլանի՝
Զոր հեւիհեւ մէն մի ալիք
Գայ համբուրել, ու չըհասնի

Հուսկ արբենայ ծովով, երկա՜ր,
Բերանըս ծով աչքերուդ վրայ.
Արեւուն տակ, ուսերդ ի վար,
Մինչեւ որ թաց հերքըդ չորնայ: