ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

18. ԳՐԻԳՈՐ ՕՏԵԱՆԻՆ

Սիրելիդ իմ Օտեան,

<Ստացայ> նամակդ. ցաւոց ձայներով, հառաչելով, հեծությամբ եւ յուսահատությամբ լի էր այն, արցունք միայն պակաս էր, ու ես թափեցի զայն քու տեղդ ու քու վրադ. ըսի, թէ օրհնեալ են այն կաթիլները, զոր ցամաք աչքերուն տրուած չէ յեղուլ, իցի՜ւ թէ հրակէզ ճակտիդ վրայ ցաւոց ակոսներուն մէջ կարենային ամոքումն եւ զովութիւն ծաւալել, իցի՜ւ թէ բարեկամի մը արցունքները յորդորէին նաեւ քու աչերդ քաղցրաղի ցողերով լեցուելու բիբերդ, թօթափէին իրենց մշուշը, աւելի յստակ տեսնէիր աշխարհքը ու կեանքը. իմացիր, որ անոնք այնքան սեւ, այնքան դառն ու բազմաղէտ չեն, քանի որ բարեկամութիւնը կայ, քանի որ սէրը կայ, որոնք գրկաբաց խանղդաղատանօք կ'ընդունին բախտին ձեռքէն հալածական թշուառը. միթէ ես չի փորձեցի, միթէ եւ դու չի փորձեցի՞ր զայն, Օտեանդ իմ. չէ մտերմութիւն, սէր զգացող ու ազդող սրտից չի վայլեր յուսակտուր ըլլալ եւ ցաւոց անհուն ամահութեանցը մէջ յետոյ <թուղթը պատռուած է> մեծ անիրաւութիւն ու նախատինք է այն սիրելեաց դէմ։ Օր չըլլար, որ քու խօսքդ չընենք. ժամ մը, վարկեան մը չի սահիր առանց քու վրայ մտածութիւն մը, իղձ մը, հառաչ մը ու մաղթանք մը յուր հետը տանելու. տեղ մը երթանք՝ «ո՞ւր էր, թէ Օտեանը հոս ըլլար», կերակուրի որ նստինք՝ «ու՞ր էր, Օտեանը սեղանակից ըլլար», ուրախութիւն մը որ ունենանք՝ «ու՞ր էր, թէ Օտեանը մասնակից ըլլար», իրարու որ հանդիպինք՝ «Օտեանէն ի՞նչ լուր, թուղթ առի՞ր, ի՞նչ կգրէ»։ Քեզմով լեցուած է ամէնուս օրերն, միտքը, սիրտը, արթնութիւնն ու երազը, ու մենք ամէնքս մէկտեղ քու սրտիդ պարապը չե՞նք կրնար լեցնել, կամ անոր բեռը թեթեւցնել ու սփոփել։ Դեռ քեզի շատ ըսելիքներ ունիմ, բայց հարկ է որ նախ քենէ թուղթ մըն ալ ընդունիմ։

Միշտ քույինդ

Մ. Պէշիկթաշլեան

Կ. Պ. 20 ապրիլ 1866