Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՐԻՇ ՆՈՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔԻՒՐԴԵՐՈՒ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ
(Քիւրդերը ոչ իբր արենակցական՝ այլ քաղաքական հասարակութիւն. իրենց տարասէռ կազմութիւնը թէ՛ իբր հասարակութիւն եւ թէ՛ իբր ցեղ ցեղ. աւազակաբարոյ յատկութիւնները. կենդանական մարդու եւ վայրենի մարդու կազմի խառնուրդ մը, եւ Քիւրդական տիպի վերամշակումը իբր քիմիական բաղադրութիւն. բոլոր զանազան ցեղերը համասեռ եւ տարասեռ «Քիւրդ» անուան տակ։ Անոնց տարածականութիւնը)

Ըստ մեր գծած ուղղութեանը՝ մինչեւ հիմա մենք որոնեցինք Քիւրդերու արենակցական, ազգագրական կապերը, որ կը ներկայացնեն արենակցական հասարակութիւն մը. այժմ կը փնտռենք երկրորդը, լոկ Քաղաքական հասարակութեան մը կազմակերպութիւնը, որ հիմնուած է մէկ հողի վրայ բնակակցութեան սկզբունքէն, որ չունի արենակցական ժառանգականութիւն մը, այլ տարասեռներու համախմբում մը։

Տեսակէտներու այս երկրորդին կը մօտենայ Վիթալ Քինէ, իր «La Turquie d'Asie. Géogrophie Administrative, statistique, descriptive en raisonnée de l'Asie Mineure. 1892 Paris» հրատարակութեամբ։

«Քիւրդ անունը կը նշանակէ «Քարտ լեռներու բնակիչներ». բարձր լեռներ՝ որ կ՚եզերեն Քիւրդիստանը արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն, եւ որոնց գագաթներու վրայ Քաղթէական աւանդութիւնը ընդունուած «Կուրանէն», կը կամենայ որ Նոյի տապանը այնտեղ հանգստացած ըլլայ [1], Քաղթէացիները այս ժողովուրդները կ՚անուանէին Cardunaïé եւ Curdalë. եւ Յոյներ ու Հռովմայեցիներ Carduques. ըստ գիտուններու՝ քանիները անոնց կը համարին Պարթեւներէ սերած, եւ միւսները Մետացիներէն. Հայերը անոնց երկրին Մարերու անունը կու տան։ Բայց երկար ժամանակներէ ի վեր, Քիւրդերը կը ներկայացնեն այնքան խառնուած ժողովուրդ մը, որ շատ դժուարին կ՚երեւի ճանչնալ անոր մէջ սկզբնական ծագման մը հետքերը։ Անոնց լեռնոտ երկիրները ինկած Ասորեստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ, բնական ապաստանի վայրն էր անոնց՝ որ չէին կամենար հպատակիլ հասարակական կարգերուն, եւ որոնք նոյնպէս կ՚ուզէին ճողոպրիլ քաղաքական եւ կրօնական հալածանքներէ։ Նոյնպէս այնտեղ էր որ մեծ վեհապետներ որոնք երբեմն այս երկիրներու վրայ կը թագաւորէին, կը ձգէին բազմաթիւ գերիներ՝ որ կը տանէին իրենց պատերազմական արշաւանքներէն։ Նինուէի մէջ Հրեաներու գերութեան տեւողութեան ընթացքին՝ շատ հաստատուեցան այս լեռներու մէջ՝ ուր անոնք դարձան տեւական։ Շատ ուշ երբ Հայաստանի թագաւորը Պաղեստինէն յաղթական կը վերադառնայ, այնտեղ բնակեցուց իր բազմաթիւ գերիներ. Մանիքէններ՝ որոնք կարելի է Եզիտիներու նախնիներն են՝ այնտեղ ապաստան գտան, երբ Քրիստոնեաները հզօրանալով, զանոնք վտարեցին իրենց ծոցէն։ Այնուհետեւ Պարսկաստանի եւ Ասորեստանի Քրիստոնեաները եկան այնտեղ թագնուելու։ Sapor (Chah-Pour)ի անգութ հալածանքներու ու Նեստորականութեան եւ Մօնօֆիսիականութեան առաջին տարածողներու տեւողութեան ժամանակ։

Գրեթէ այժմեայ բոլոր Միւսիւլման Քիւրդեր կ՚երեւան ըլլալ սերած այս տարասեռ (hétérogènes) տարրերէ, եւ մանաւանդ Քրիստոնեաներէ. որովհետեւ անոնք պահեցին շատ սովորութիւններ, եւ յարգանք ընծայեցին նոյն իսկ սրբավայրերու. Մօտկանցիներ, որոնք կը բնակին Պիթլիսի շրջակաները, Շիկակներ, որոնք կ՚աւրշտկեն Թուրք-Պարսկական սահմանագլուխը Վանի վիլայէթի մէջ, վերջին դարուն դեռ Նեստորական էին։ Ասոնցմէ կարելի է նշանակել շատերը» [2] ։

Բրօֆէսէօր Lerch՝ հաւատարիմ իր ուղղութեան, միայն կը յիշատակէ անոնց լեռնականութիւնը, աւազակային յատկութիւնները, ու պատմականապէս բաժան բաժան եւ անկախ ցեղեր լինելնին։ Ասկէ անուղղակի կ՚ենթադրուի, որ այդ ցեղերը կրնան ըլլալ զատ զատ արենակցական խումբեր՝ եւ կամ բնակակից տարասեռ միութիւններ՝ տեղաւորուած լեռներու մէջ առանձին առանձին։ Նա կ՚ըսէ.

«Քիւրդեր անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր եղած են լեռնականներ. Քսենոֆոն առաջին պատմաբանը Քիւրդերու մասին յիշատակելով, անոնց հետ կռիւներ ունեցաւ այն լեռներուն մէջ՝ որոնք կը գտնուին Հայաստանի եւ Միջագետքի միջեւ, այժմ Ճիւտիտ-դաղ (Gordaeï monte)։ Այստեղ անոնք կը բնակուէին անկախ՝ բաժնուած ցեղերու, եւ նոյնպէս քիչ կոգեւորուէին ժողովրդական միութեան ոգւով ինչպէս եւ այժմ։ Անոնց արեւմտեան դրացիները արդէն կը սոսկային իրենց աւազակային յարձակումներէն. ատոր համար էր որ Հայկական նահանգապետը իր շարքերը սեղմելով Կենդրետուի շրջանը (այժմեան Պօհտան-Չայի), իր պաշտօնատեղին ըրաւ Սահմանագլուխը, որոյ մօտ նոյն իսկ Հայկական Գիւղեր չը կային»։     

Սանասարեան վարժարանի տեսուչ Ա. Խաչատրեան, որ ուսումնասիրող մ՚է հին գրականութեանց, 1909ին Կարնոյ մէջ հրատարակուած «Յառաջ» թերթի N 1, 2 համարներով ոչ միայն ցոյց կուտայ անոնց հին ու նոր հայրենիքները (վերջինս Հայաստանի զանազան մասերու մէջ), այլ եւ անոնց ցիր ու ցան բնակութիւնը ու զանազան տարրերէ կազմուած ցեղական հաւաքոյթը։

«Ասորի սեպագիր յիշատակութիւնները որոնք առհասարակ Նախասիայի շատ ժողովուրդներու մասին շատ կամ քիչ տեղեկութիւններ պահեր են, ոչ մէկ տեղեկութիւն կուտան Քիւրդերու մասին, որմէ կը հետեւի թէ՝ Ասորի աշխարհակալներու մէջ՝ անոնք քաղաքական ինքնութիւն չէին ներկայացներ, քանի որ նոյն սահմաններու մէջ բնակող ուրիշ ազգեր կը յիշուին, եւ որոց հետ գործ ունեցեր են Ասորիները։

Քիւրդ անունի եւ նախնագոյն հայրենիքի մասին՝ երկար ատեն Եւրոպացի գիտուններ այս համոզումն ունէին՝ թէ Քիւրդը նոյն է ինչ որ կը յիշէ Քսենոֆոն ( 404 թ. Ն. Ք. Ք. ) Կարտուխ անունով, իսկ Կարտուխները կը նոյնացուէին Դորդոմէն. Կորդուէն անուններու հետ։ Վերջին անունները յայտնի են Հայ պատմիչներուն՝ Կորդուք, Կորդիք, Կորդրիք ձեւերով։ Իսկ Կորդուք եւ Կորդուաց աշխարհը, հին Արմենիայի հարաւային նահանգներէն էր սահմանակից Ասորեստանի։

Բայց ներկայ գիտունները, օրինակ Բրօֆ. Montzka, հիմնուելով Ստրաբոնի (Յոյն աշխարհագիր (1 դար Ն. Ք. Ք) եւ ուրիշներու բացայայտ վկայութեան վրայ, կը մերժէ այս նոյնացումը եւ կը մատնանշէ հիներու (Cyrt-Kurt) Քիւրդ անունի եւ ցեղի վրայ։ Հին պատմիչները (Kurt) ցեղը կը ճանչնան Մարաստանի (Համադանի) եւ հին Պարսկաստանի (Շիրազ) լեռներու մէջ իբրեւ լեռնաբնակ, վաչկատուն եւ աւազակաբարոյ ժողովուրդ մը՝ եւ բնաւ կասկած չը կայ թէ՝ այո (Kuru)-ները [3] մեր այսօրուայ դրացի Քիւրդերն են, որոնց նախնագոյն հայրենիքը Իրանի բարձրաւանդակն է եղեր։

Ստրաբոն կը յիշէ նաեւ, թէ անոնք եւ թէ անոնց մօտիկ Մալտ ցեղը ցիրուցան կը բնակէին նաեւ Արմենիայի լեռները. Ուրեմն Քրս. ի Ա. Դարուն, անոնք արդէն բնակակից եղեր են հայերուն, գոնէ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան սահմաններու վրայ։

Պատմական շրջաններին արդէն կը յիշուի Մարդ ցեղը Հայաստանի մէջ, եւ անոնց տեղն ալ իրենց անունով կը կոչուէր Մարդաստան, որ Վասպուրականի Գաւառներէ մէկն էր Հեր՝ Մահմուտիէի շուրջը։

Երկար ատեն ոչինչ կը յիշուի այս լեռնաբնակ, վաչկատուն եւ աւազակաբարոյ ժողովուրդի մասին հին մատենագիրներու մէջ. մինչեւ որ միջին դարուն՝ յիշատակութիւն կը լինի անոնց համար, որոնցմէ կարելի է հետեւցնել, թէ անոնք իբրեւ խաշնարած ժողովուրդ, հետեւելով Պարսկաստանի արեւմտեան սահմանները տարածուող Զազրօս լեռնաշղթայի ընթացքին, դարերու ընթացքին, տարածուեցան դէպի արեւմուտք եւ դէպ ի հիւսիս-արեւմուտք։ Նոյն ատեն անոնց բնակավայրի սահմանը կը ցուցնեն հարաւէն Կրաք. արեւելքէն Խուժաստան, հիւսիսէն Ատրբէջան եւ Արմենիա. իսկ Արեւմուտքէն Տիարպէքիր։ Ներկայիս անոնց բնակավայրը շատ աւելի ընդարձակ է, քան թէ վեր յիշուածը։

Քիւրդ ժողովուրդը մերձաւոր ցեղակցութիւն ունենալով Մարիբա, Պարսիկներու եւ Իրանի ուրիշ ցեղերու հետ՝ անտարակոյս ժամանակի ընթացքին, ինչպէս եւ ներկայ բոլոր ժողովուրդները, աւելի կամ սակաւ չափով ձուլեր են իրենց մէջ ուրիշ շատ ազգերու անհատներ։

Մանաւանդ Մահմետականութեան շրջանին շատ մեծ տոկոս առեր են իրաւազուրկ Քրիստոնեայ ազգերէն, առանձնապէս Հայերէ։

Միջնադարեան հայ պատմիչներու սխալ հասկացողութեամբ, Քիւրդերը նոյնացեր են Մարերու (Մատ. Մեդ. Մեդացի)ի հետ [4], եւ մենք ալ նոյն սխալը մինչեւ այսօր կը կրկնենք։ Քիւրդերը նոյնքան Մար՝ որքան Պարսիկ, այսինքն ոչ մէկը եւ ոչ միւսը, այլ երեքն ալ ուրիշ բազմաթիւ տոհմերու հետ կը պատկանին Իրանի բարձրաւանդակի Արիներուն»։

Հետաքրքիր է Քիւրդ պատմագէտների կարծիքները. անոնցմէ մէկը (Թիւրքիոյ զինւորական ծառայութեան մէջ Հիւսէյին փաշայի որդի գնդապետ Սիւլէյման պէյ), Քիւրդերու ծագման ու կազմութեան մասին այսպէս կը մեկնաբանէր.

Գեուրդ կը նշանակէ ըմբիշ (փէհլիվան). Քիւրդերի հին անունը Լօռ [5] է, որ նոյնպէս կը նշանակէ ըմբիշ (փէհլիվան)։ Այժմեայ Քիւրդերը եւ Լօռիստանի բնակիչները կը վիճեն իրենց ծագումի վրայ, եւ ամեն մէկը ըմբիշ (փէհլիվան) անունը կը վերագրէ իրեն։ Լօռիստանի մէջ այժմ Լօռ անունը այլ եւս չի գործածուիր, անոր յաջորդել է Փէհլիվան անուն։ Կարծիք կայ, որ Քիւրդերը եւ այժմեայ Լօռիստանի բնակիչները լինին մի եւ նոյն ծագում ունեցող ցեղեր [6] ։

Շէյխ Ուպէյտուլլահի որդի Շէյխ Ապտիւլ Գատիրի ըսելով, Քիւրդերը կը սերին Հայերէ, Ասորիներէ եւ Ֆարսերէ, անոնց հին լեզուն Փէհլէվի է (պահլաւ)։

Գանկաբանական հետազօտութիւն. Էլիզէ Րըքլիւ, իր «Nouvelle Géographie Universelle»ի 345 երեսին մէջ կ՚ըսէ։

«Քիւրդական հինգ գանկեր չափուած են Պ. Դիւհիւսէէն, որոնք որոշուելով կը զատուին նշանակելի ճիւղաւորութեամբ մը, եւ նկատելի կերպով հակադրութիւն կը կազմեն արեւելեան Պարսիկներու, Աֆղաններու, Հինտուսներու գանկերուն։ Այնուամենայնիւ, մեծ զանազանութիւնը որ Քիւրդերը կը ներկայացնեն ֆիզիքական տեսակէտէ՝ չեն թոյլատրեր տեսնել այս քանի մը չափումների մէջ ընդհանուր իրականութեան մը արտայայտութիւնը։ Ամերիկեան Միսիոնարները որ շատ կը գտնուին Քիւրդ երկիրներու մէջ, կը բաղդատեն բնակիչները Peaux-Rougesերուն։ Քիւրդ դէմքի ամբողջականը կ՚ըսէ Պ. Դիւհիւռէ, կը յիշեցնէ «գիշակեր կենդանու» կերպարանքը, բայց գեղեցկութենէ պակաս չէ։

Անոնք որ կ՚ապրին Ուրմիոյ եւ Վանի լիճերու լեռնադաշտերը, եւ որոնց կը համարեն Քուրդահայերէ իջած սերունդներ՝ որ յիշատակուած է Փէրսէպօլիի արձանագրութեանց մէջ. Կարտուխներ եւ Կօրտցիները, որոնց վրայ կը խօսին յոյն հեղինակները՝ միջահասակ են եւ լայնամէջք. ամբարտաւան եւ արհամարհելի գիծերով, բայց Պարսկական սահմանագլխի Քիւրդերը, ունին ընդհանրապէս խոր ընկած ճակատ, իրարմէ զատուած եւ լայն յօնքեր, երկայն արտեւանունք, մեծ բերան, ցցուած ծնօտ, խիստ արծռունգ քիթ, սրածայր եւ շատ մսոտ թեւերով»։

Ըստ Ցեղագրական Անսիքլօբէտիներու, «Քիւրդերը կը ներկայացնեն սպիտակ ցեղերու դիմագծերը. ամէն անգամ լեռնականները սովորաբար ունին աւելի խիստ կերպարանք մը եւ ունքերու թաւ կամարներ։ Անոնք կը բաժանուին բազմաթիւ ցեղերու, իրենց մէջ կան որ կը պարապին երկրագործութեամբ, միւսները անասնապահութեամբ ու կ՚ապրին վրաններու տակ, իրենց սիրելի պարապմունքն է աւարառութիւն զէնքի միջոցով, այնու ամենայնիւ հիւրընկալ կ՚երեւին. ներկայիս անոնք Մահմետական են բայց իրենց հաւատալիքներու մէջ կը գտնուին զանազան կրօններու հետքեր»։

«Nouveau Larousse illustré, Dictionnaire Universelle Encyclopédique»

Տանք ուրիշ մէկ տեսութիւն ալ այս ուղղութեան մասին. ու դնենք մեր եզրակացութիւնը։

Կայ հրատարակութիւն մը «Ռուս կայսերական աշխարհագրական ընկերութեան Կովկասեան բաժանմունքի տեղեկութիւններ» անունով։

Այս հրատարակութեան 1904 թուականի N 1ին մէջ տպուած է Հ. Առաքելեանի մի դասախօսութիւն, («Քիւրդերը Պարսկաստանի մէջ») վերնագրով։

Դասախօսի կարծիքով, Քիւրդերը կը կազմեն խառնուրդ զանազան ազգերու եւ ցեղերու, Մետիացւոց, Մոնգոլներու, Թաթարներու, Հայերու, Թուրքերու ու Արաբներու։

Ռուս հրատարակութեան խմբագրական կազմը այս կարծիքին դէմ հետեւեալ դիտողութիւնն առաջ կը բերէ.

«Այդ խառնուրդը յամենայն դէպս եթէ կարելի է այսպէս ըսել, ֆիզիքական չէ, մեխանիքական չէ, այլ քիմիական։ Քիւրդիստանի բնիկները վերամշակել են բոլոր իրենց մէջ մտած ցեղական տարրերը որոշ քիւրդական տիպի՝ որը չէ կարելի խառնել ուրիշների հետ, եւ որի մասին գրուածներ կարելի է գտնել գրքերի մէջ եւ յօդուածներու՝ նուիրուած Քիւրդերին։ Կորիզը անկասկած Մեդիական է. ինչպէս ցոյց կու տայ Քիւրդական լեզուն»։

Մեր եզրակացութիւնը. Մինչ այստեղ առաջ բերուած բոլոր ուսումնասիրութիւններուն վրայ ձգուած յետադարձ ակնարկ մը բաւական է հաստատել, որ Քրդութիւնը եղած է նախ արենակցական, ազգակցական հասարակութիւն մը ՝ որ   չէր կարող լինել առանց բնակավայրի կամ հայրենիքի, եւ ապա տարասեռ հաւաքոյթներով քաղաքական հասարակութիւն մը ՝ ուրիշի հայրենիքին մէջ։

Մեր եզրակացութիւնը չէր կրնար տարբեր ըլլալ քան Ռուս Կայս. Աշխարհագրակ. Ընկերութեան հրատարակութեան խմբագրական կազմի դիտողական եզրակացութիւնը՝ զոր առաջ բերինք ճիշտ վերեւ։ Մեր կողմէն միայն կ՚աւելցնենք, «Ինչպէս բոլոր հասարակագէտները կը հաստատեն, թէ չկայ զուտ կուսական ազգութիւն մը, մենք ալ կրնանք հետեւցնել, որ չկայ բացարձակապէս զուտ տարասեռներէ բաղկացած քաղաքական հասարակութիւն մը. ուրեմն անոնք որ կը կարծեն թէ հասարակական կազմի վերջին այս սիստէմը հասարակական կազմի գոյութեան ու տոկունութեան քայքայումն է, մենք անոր հակառակը կը պնդենք, տեսնելով որ այս սիստէմը նախնական սաղմի ձեւակերպումն է ապագայ international եւ humanitaire (էնթէրնասիօնալ եւ իւմանիթէռ) մարդկութեան՝ որին կը ձգտի այժմ սօսիալիստական քաղաքակրթութիւնը։



[1] Ըստ Ասորական պատմագիրներու՝ այդ լեռան անունը Սարարատ է, ու գիւղաքաղաքինը Թմինի (կամ Թիմնի, Թըմնիս), որ կը նշանակէ «այստեղի մէջ ութ հոգի ելան տապանէն».

(Ալիշ. Հին Հաւատք կամ հեթանոս. կրօնք Հայոց, Երես 57»։

Թըմնիս այժմեայ Տինիսն է, Վանի Մոկսի շրջանը, ուր կը բնակին լեռնական Քիւրդեր։

[2] Շիկակ Աշիրաթէն Միրալայ Շէրէֆ-պէյ երբ Համիտիյէ պաշտօն առած Դ. Զօրաբանակի կեդրոնէն, Երզնկայէն ետ կը դառնար, Վանի Ճանիկը իջեւանած ժամանակ, թուրք հարիւրապետ Մուսթաֆա էֆ. Խարբերդցիի «ո՞ր ցեղէն էք» (հա՞նկի գավմտան սընըզ) հարցման կը պատասխանէ պատմութեամբ մը, որու ամփոփումն է թէ՝ իրենք սերած են Հայերէ, եւ ապա իսլամութիւն ընդունած՝ կը պահեն իրենց ազատութիւնը, եւ այժմ կը կոչուին Շիկակ Աշիրաթի։ (Տեղեկութիւնը քաղուած Ճանիկի միւտիր Յ. Խոստիկեանէ, որ ներկայ է եղել այս պատմուածին)։

Շիկակներու կամ Սակերու մասին տեսնել «Հին Քիւրդերէ կրօնի, լեզուի, արուեստի ժառանգականութիւնը այժմեայ Քիւրդերուն) հատուածին մէջ։

[3] Տարիներ առաջ Վանի մէջ երբ երկիւղ կար սահմանագլխի Քիւրդերու Քաղաքի վրայ յարձակման, ընդհանուր ժողովրդեան մէջ այդ յարձակւող Քիւրդերը կորոշէին Քուրու-Քուրու անունով։ Քուրու անունը կը նոյնանար վայրենի, աւազակ եւ աւարառու բնազդներու հետ։ Քիւրդերը ցած եւ ստորադաս մարդկանց նաեւ Կուռօ կ՚ըսեն. որ գուցէ (Kuru) ըսուած անոնց մէկ ցեղի անունովն ըլլայ։

Յ. Շ.

[4] Այս մասին հակասութիւն մը կը տեսնուի Ա. Խաչատուրեանի իր իսկ յայտնած կարծիքներու մէջ։

[5] Տես գրքիս Բ. մաս «Յաւելուած» հատուածի Էլիզէ-Րըքլիւի Քիւրդերու վիճակագրութիւնը, Լինչի «Քիւրդերու ներկայ աշխարհագր. դասաւորութիւն» կտորին մէջ, ինչպէս եւ ուրիշ տեղեր։

[6] Տես գրքիս վերջը՝ «Քիւրդերու ներկայ աշխարհագրական դասաւորութիւնը» հատուածը։