Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ ՎԻՃԱԿԱԳՐԱԿԱՆ, ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
(Քիւրդ իշխանական եւ ժողովրդական հերոսներու թիւը. Անոնց հոգեբանական ու ֆիզիքական յատկանիշները)

Կարդալով քիւրդ Մահմուտ էֆ. իի Գուրմանճի պատմուածները ՝ որոնք զանազան գնահատուած կտորներ են քիւրդ ժողովուրդի կողմէն՝ արդիւնք իրենց հին ու նոր կեանքի, յարմար դատեցինք տալ ամեն մի պատմուածի իմաստը, ու եզրակացութիւնը հանելով՝ ցուցնել անոնց հոգեբանական ու ֆիզիքական յատկանիշները։

1. «Ագահ Մուլլա».      

2. «Մուլլաներու ագահութիւնը

Պարզ նկարագրութիւն մը է հոգեւորականներու ագահութեան։ Այս տեղ կը պարզուի քիւրդերու հայեացքը դէպի հոգեւորականութիւնը։

3. «Մուլլահ Պազիտ». Ողորմութեան նշանակութեան մէկ հերքումը. ասով կը պարզուի անոնց ողորմութեամբ չ՚ապրելու եւ ողորմութեան չ՚սպասելու գաղափարը։

4. «Միրզօ-Րէշօ». Մրցում աւազակութեան մէջ ու վրէժխնդրութիւն. դէպքը տեղի կ՚ունենայ Քիւրդի եւ Եզիտիի մէջ։ Իրենց շատ եւ յաճախ արտայայտուած բնաւորութիւնը։

5. «Մէհմէտ պէյ». Սպանութիւն եւ գողութիւնն է նիւթը. Բացատրութիւններ աւելորդ են։

6. «Տէլի Իսմայիլ աղա». Յարձակումն փաշայի վրայ եւ սպանութեան փորձ. պատմուածի մէջ կայ հետեւեալ բացատրութիւնը, որը կ՚ընդունինք իբր յատկանիշ. «Քրդերը որոշում մը կայացնելու մէջ արագ են, եւ ամենեւին հետեւանքներու համար չեն մտածեր, ինչ որ խելքերնուն ինկաւ, միջոց կը փնտռեն գործադրելու. իրենք անտարբեր են դէպի մահը, կեանքը, եւ զոհուած զաւակներու բաղդը։

7. «Մէհմէտ Կիւլբի». Եզիտիները կը յարձակուին որ ուրանայ մահմետականութիւնը ու Եզիտիի կրօնն ընդունի. պարզ պատմուած մ՚է։

8. «Ջահէլ Պարնիկ եւ Պօլօ». ( սիրուհին եւ սիրահարը). Հայրը Պարնիկ աղջկան կը նշանէ Զէմաս անուն տղայի մը. սիրահամր Պօլօն եւ Զէմաս կը կռուին ու երկուքն ալ կ՚սպանուին. աղջիկը լսելով Պօլօի մահը՝ ինքնասպան կը լինի։ Սիրային հարցը ուրեմն կը վճռուի արիւնով։

9. «Ադիլ խանում». Սիրահարական հրապոյրի համար, սպանութիւն, գողութիւն, դաւադրութիւն։ Դարձեալ արիւն։

10. «Խալիլ բէգ». Հանճարեղ հայ տղայ մը կը ճամբորդէ Պոլիս, ու ստանալով Պայազիտի կառավարչութիւնը կը դառնայ երկիր։ Հասան բէգ ազնուականը չուզեր գլուխ ծռել անոր «Լէշկօյի որդուն» . վերջինս այդ իմանալով, կ՚իջնէ Հասան բէգի տուն, որը ճարպիկութեամբ կ՚սկսի նուէրներ տալ, ձի եւ ժամացոյց. ու երեք անգամ ծունկ չոքելով կը համբուրէ Խալիլ բէգի քղանցքները. Խալիլ բէգը կ՚ըսէ. Դուն, Հասան բէգ. ի՛նչպէս կը համբուրես այն մարդու քղանցքը որ Լէշկօյի որդին է։ Լսած գովեստներով՝ տէր իմ. ամենաբարձր յատկութիւնները Աստուծմէ կուգան, որ նա կը համաձայնի տալ եւ խոնարհ դասակարգին»։ Քիւրդ դեմոկրատ ոգին. ատելութեան բացակայութիւնը դէպ մի այլ ցեղ։

11. «Փաշային կինը» (թիւրքական կեանքէ). Զինուորականութեան գնահատութիւնը. կնոջ զարդասիրութիւնը։

12. «Հասան աղա եւ Չէլէնգ աղա». Սիրահարական դէպքեր։ Յաջողելու համար դաւադրութիւն։

13. «Սիահմէտ եւ Շէմսի». Սիրահարութեան համար անձնուէր մահեր։

14. «Իպրահիմ աղա». Քաջութիւն, դաւադրութիւն, տէր եւ ստրուկի յարաբերութիւն։

15. «Շէյխ Ահմէտ եւ Իսմայիլ բէգ». Դաւադրութիւն ու կեղծաւորութիւն։

16. «Ալի Նասրան». Հիւրընկալութիւն, սիրահարութիւն, թունաւորումն։

17. «Ալի Օսման». Աչքի պատրանք՝ երկիւղ եւ հիւանդութիւն (11էն մինչ 17 կտորները՝ բացատրութիւնները իրենց մէջն են)։

18. «Ճէրկօ». Քաջութեան մարզանքներ, քիւրդ կնոջ արիութիւնն ու համեստութիւնը. կ՚սպաննէ զինքն առեւանգել ուզողը ու կը կոչուի Առիւծուհի։

19. «Քէօր-Օղլու արշունի չափը». Կը պատմէ Քէօր-Օղլու աւազակութիւնները. որ նա իր տարած աւարներու մէկ մասը կը թողու լեռնաբնակ քիւրդ աղքատներուն։

20. «Շաքիր աղա Ջէնկ». Ապստամբ՝ դաւադրութեամբ է սպանուած։

21. «Սըմօ». Հայ վանքերու գողութիւնը, Վարագայ գողը։ Գաղափար մը ահա վանքերու գողութեան մասին։ «Հին ժամանակները Քիւրդիստանի մուլլաներ եւ ֆագիներ հայ վանքերու մէջ շատ գողութիւն կ՚ընէին, որովհետեւ անոնք վանքերու ստացուածքը կը նկատէին իբրեւ համայնքին պատկանելի. եւ ինչ որ կարողանային խլել վանքերէն՝ կը համարէին ինչպէս լաւ բաժին մը»։

Կը նշանակէ իրենք իրենց կը համարէին հայ համայնքէն եւ իսլամացած, ու բաժին կը պահանջէին այն ստացուածքէն՝ որ համայնքին կը պատկանէր։

22. «Չէթաճի Ապտուլլահ փաշա» (էրզրումի Վալին). Գողեր գտնելու հանճարեղութեան պատմուած մը։

23. «Մէմպափիր». Պօհտանցի քիւրդ մը կաշառք տալով իմամին՝ կը պահանջէ որ իր անունը յիշուի մզկիթը Խօտպայի մէջ՝ Ապպասի, Համզայի, Հասանի եւ Հիւսէյնի շարքին. մօլլան արաբական հայհոյութիւններով կը յիշատակէ անոր անունը՝ որով ոչխարը կը բաժնին իրենց միջեւ Մուլլան եւ Մուազզինը. քիւրդը այս առիթով կ՚ուզէ իրեն անուանել քիւրդերու վեհապետ. իսկ քիւրդերը զայն կ՚անուանեն «անապատի վեհապետ»։ Կը տեսնուի որ քրդական վեհապետութեան գաղափարը Պօհտանի մէջ կը կեդրոնանայ. իսկ քիւրդերը կը ծաղրեն իշխանութեան հասնելու այն յաջողութիւնը՝ որ կաշառքով եւ ուրիշ աչք կուրացնող խարդախութեամբ կը լինի։

24. «Հովիւ Սիսօ». Ծպտեալ Սուլթան Մուրատին կը հիւրասիրէ, որուն փոխադարձ այց տուած ժամանակ ըսեր է. «Այս պալատը անտարակոյս հօրենական ժառանգութիւն է». Սուլթանը անոր գիւղեր է նուիրեր Պայազիտի մէջ. Պէրիւկան ցեղի շէֆերը այս մարդու ընտանիքէն են եւ կը բնակուին Պայազիտի ու Մակուի միջեւ Ժէրպէրանը։

25. «Չինար աղա եւ Լէյլի». Սիրահարութիւն ու սպանութիւններ։

26. «Իսմայիլ աղա եւ Թարլան աղա». Երկու ցեղապետներ՝ վերջինը վարձուած քիւրդով մը կ՚ուզէ սպաննել առաջինին, այդ առթիւ թշնամութիւն ու վրէժխնդրութիւն Շիկէֆթի եւ Հէրքի ցեղերու միջեւ։

27. «Մուլլա Մուհամմէտ». Ինքզինք կը կեղծէ իբր Յոյն հոգեւորական ու Շէյխ-իւլ-Իսլամի մօտ երթալով կ՚երեւցնէ որ եկեր է սովրելու կրօն ու լեզու. իբրեւ նորուս՝ եւ այնքան յաջող գտնուելու առթիւ, վերջապէս կ՚ընդունուի կայսեր ներկայութեան, շատ մը գիւղեր կ՚ստանայ նուէր ու դառնալով Սիւլէյմանիյէ՝ դպրոցներ կը բանայ Քիւրդիստանի մէջ։ Քրդական կրթութեան ու հայրենիքի գաղափարը։

28. «Կէրլի եւ Էհմի» (երկու եղբարք). Կռիւ Արաբներու հետ. քաջութիւններ՝ քիւրդ ցեղի անունը ստոր ճանչնալու դէմ բողոքելու համար։

29. «Ահմէտ Ֆագի». Հայ Մատօն կը խեղդէ Ահմէտ Ֆագիին։

30. «Միր Եզտին-Շէր եւ ծառայ Գուլօ». Առաջինը Հէքեարիի իշխանն է, միւսը հայ ծառան. իշխանը կ՚սպառնայ ծառային՝ որ նա յարգանք չի տածեր դէպ կրօնը. այդ առթիւ՝ նա իր հոգւոյ փրկութիւնը գտնելու համար կը դիմէ այս անգամ մուլլաներուն, մուլլաներ իրեն խորհուրդ կուտան որ դպրոցներ բանայ։ Կայ եւ սիրային կասկած Խանումի եւ Գուլօի համար։

Այսքանն ալ կարծեմ բաւական է։