Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՍԷՆԵԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Քաչալը իր անկողնի մէջ պառկեցնելէ վերջ, Վարդանը հիւրասենեակէն ներս մտաւ եւ հայրն ու քոյրը հոն նստած գտաւ։

Հայրը, ըստ սովորութեան, հանգստաւէտ բազկաթոռին մէջ կիսովին թաղուած՝ այդ օրուան հայերէն թերթը կը կարդար։ Երիտասարդ աղջիկ մը, հազիւ քան քսաներկու տարեկան, կլոր սեղանի մը առջեւ նստած, բասիանս կը բանար։

Ա՜յ, տե՛ս, հայրիկ, որ չե՛ս հաւատար… տե՛ս, նորէն ինչպէս յաջող դուրս եկաւ…

Հը՛մ, քանի՞ քարթ տեղահան ըրիր, չարաճճի, ծիծաղեցաւ հայրը՝ գլուխը բարձրացնելով եւ յանկարծ տեսաւ Վարդանը սենեակի սեմին վրայ։

Ա՜, բարով Վարդան, այս ո՞րտեղ ես մնացեր այսքան ուշ, հարցուց բարեմիտ ժպիտով մը. եթէ պիտի ուշանաս, առաջացուց յայտնելու ես, որ մայրդ չանհանգստանայ։

Քոյրը աշխոյժով բարձրացաւ նստած տեղէն եւ ուրախացած մօտեցաւ եղբօրը.

Վարդան ջան, ա՜յնքան սպասեցինք ընթրիքի… ըսիր՝ կէս ժամէն կը վերադառնաս… ինչո՞ւ ուշացար… կ՚ուզե՞ս բան մը պատրաստեմ ընթրիքի համար… անշուշտ անօթի կը լինիս։

Զբաղած էի շատ… չկրցայ գալ… Ոչ, շնորհակալ եմ, ախորժամ չունիմ, ու անվստահ՝ դառնալով հօրը, հա՛յր, շա՛տ կարեւոր խօսելիք մ՚ունիմ քեզ հետ։

Լա՛ւ, խօսէ՛, հայրը զարմացած նայեցաւ տղուն։

Եթէ կարելի է… քոյրիկ ջան, չնեղանաս՝ հայրիկի հետ առանձին կ՚ուզէի խօսիլ…

Հայրը հարցական հայեացքով մը վերէն վար չափեց իր տղան, որ այդ իրիկուն արտասովոր լրջութեամբ կը խօսէր։ Անկասկած Վարդանը արտակարգ բան մ՚ունէր յայտնելիք։ Այդ միտքը, անախորժ տպաւորութիւն մը թողուց հօր վրայ։

Եւգինէն, որ այնքան ուրախ ու փութկոտ մօտեցեր էր եղբօրը, կարծես վիրաւորուած մէկդի քաշուեցաւ։

Ախր ի՞նչ ըսելիք ունիս, որ Եւգինէն չի կրնար լսել։ Դուք երբէ՞ն ի վեր իրարմէ գաղտնիք ունեցեր էք, հը՞— ու հայրը յօնքերը վեր քաշելով՝ շեշտակի նայեցաւ տղուն։

Չէ՛, քնելու ժամանակ է, հայր ես սենեակս պիտի քաշուիմ։ Բարի գիշեր, աղջիկը գորովանքով համբուրեց հայրը, ու ձեռքը պարզած՝ մօտեցաւ եղբօրը։— Գիշեր բարի, Վարդան, չեմ ուզեր ձեզ խանգարել, հայրիկին հետ մինակ կը մնաս ու կը խօսիս, ու դէպի դուռը քալեց՝ ժպտիլ փորձելով, որ աւելի լուռ յանդիմանութիւն մ՚էր եղբօրը ուղղուած։

Եւգինէն երկու տարով աւելի մեծ էր Վարդանէն։ Միասին մեծցած էին այն սերտ մտերմութեամբ, որ յատուկ է ընտանիքի մը միակ երեխաներուն, որոնք տարիքի զգալի տարբերութիւն մը չունին իրարմէ։ Քոյր եւ եղբայր զարմանալի քնքշութեամբ կապուած էին իրարու։ Տարիներու ընթացքին արենակցութեան պարտադրական կապը վերածուեր էր հոգեկան սրտակցութեան ու անվերապահ մտերմութեան։ Վարդանի համար իր մեծ քոյրը՝ Եւգինէն այն բացառիկ աղջիկներէն էր, որոնք առօրեայ մտահոգութիւններէն, հագուստ կապուստի կամ հարուստ փեսացուի մը չորս կողմը թռչկոտելէն աւելի, կեանքի մէջ արժէքաւոր իտէալ մը կը փնտռեն։

Վարդանը ռուսական կիմնազիայի աշակերտ եղած էր։ Այդ հաստատութեան մէջ՝ սիսթեմաթիք աշխատանք մը կը թափուէր այլացեղ աշակերտները կաղապարելու ռուսականութեամբ։ Եւ բնականաբար, Վարդանը հնարաւորութիւն չէր ունեցեր անձնապէս ծանօթանալու հայ լեզուին, հայ պատմութեան եւ գրականութեան։ Կիմնազիա մտնելու առջի տարիները այդ պակասը լրացնելու մտքով, հայրը աշխատած էր զաւկին հայերէն գրել կարդալ սովրեցնել։ Բայց այդ փորձը ձախողանքով վերջացած էր։ Նախ որ՝ հայրը, ինք պէտք եղած պատրաստութիւնը չունէր եւ երկրորդ որ՝ տղան հազիւ ժամանակ կ՚ունենար կիմնազիայի դասերը պատրաստելու։

Ասով մէկտեղ տարիներու ընթացքին, Վարդանը բաւական լայն պաշար ամբարած էր, Եւգինէի աջակցութեան շնորհիւ։ Քոյրը անձանձրոյթ համբերութեամբ կարդացած էր իրեն ընտիր կտորներ հայ գրականութենէն, հայոց պատմութենէն, ընթացիկ լրագրութենէն։ Տղան իր խանդավառուող բնաւորութեան բերումով անսահման ոգեւորութեամբ հետեւած էր Րաֆֆիի հայրենասիրական վէպերուն, որոնք այնքան ուժեղ տպաւորութիւն էին ձգած իր մտքի վրայ՝ մեծապէս օժանդակելով իր հոգեկան նկարագրի կազմութեանը։

Քոյր եւ եղբայր այդ ընթերցանութիւններու ընթացքին սովրած էին միասին մտածել, երազել եւ ապագայի մեծ-մեծ ծրագիրներ կազմել անձնուիրաբար հայ ժողովուրդին ծառայելու համար։ Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, ուր գերիշխող ազդակն էր հօր խանդավառ ազգասիրութիւնը, քոյր եւ եղբայր մանկութենէն սկսած, ոգեւորուած էին հայ ազգի պատմական անցեալով, հին փառքերով եւ պատմական հերոսներով։

Վարդան անունը, որ այնքա՜ն հեգնանքի եւ ծաղրանքի պատճառ եղաւ կիմնազիայի ռուս աշակերտներու համար, նոր միտք եւ նոր իմաստ մը ստացած էր տղուն համար, Վարդանանց պատերազմի ընթերցումէն վերջ։ Չէ՛, հիմա արդէն ինքզինքը հպարտ կը զգար իր անունով։

ՀԵտզհետէ երկուքի ազգային գիտակցութիւնը կազմաւորուեցաւ։ Հայաստանը դադրեցաւ իրենց համար այլեւս լոկ պատմական անուն մը լինելէ, այլ դարձաւ յորդառատ աղբիւր մը նոր մտքերու, նոր երազներու։ Հայաստանը եղած  էր անցեալին մէջ, կար ու գոյութիւն ունէր այժմ։ Անցեալի պատմական ազգը վերափոխուած էր իրենց մտածողութեան մէջ ապրող անազատ ժողովուրդով, եւ նոր Հայաստանով մը, որ թէեւ անորոշ սահմաններով, բայց գոյութիւն ունէր սահմանի միւս կողմը։

Այս գիտակցութիւնը հետզհետէ առաջացուց իրենց խանդավառ հոգիներու մէջ ազգին ծառայելու, անոր նուիրուելու բուռն ցանկութիւն մը։ Աղջիկը կ՚երազէր ուսուցչուհի մը լինիլ Հայաստանի յետ ինկած գիւղի մը մէջ։ Տղան, երկրագործական վարժարան մը աւարտելէն վերջ, կը ծրագրէր երթալ հայ ժողովուրդի մէջ գործելու։ Այդ անորոշ տրամադրութիւնը սակայն հետզհետէ ձեւաւորուեցաւ, երբ քոյր եւ եղբայր որոշ հասունութեան եկած՝ սկսան հետաքրքրուիլ ազգային յեղափոխական շարժումով, որ դեռ 1885 թուականէն սկսած էր խմորուիլ երիտասարդութեան մտքին մէջ։ Երկուքն ալ խանդավառ հոգիներ՝ բուռն յափշտակութեամբ միացան այդ շարժման, աշակերտական նստարանները դեռ չձգած։

Մանկութեան շրջանին, Եւգինէի համար Վարդանը փոքր եղբայր մ՚էր պարզապէս։ Երկու տարով մեծ լինելու պարագան բաւական արդարացուցիչ հիմք մ՚էր թեւարկելու փոքր եղբայրը։ Տարիներու ընթացքին սակայն, հետզհետէ հասունացող ու կազմաւորուող փոքր եղբայրները դարձաւ սրտակից եւ համախոհ ընկեր մը։ ՉԷ՛ գրեթէ անձնական գաղտնիք մը չէին ունեցած որ իրարու չյայտնէին, բաժնած էին այն ամէնը՝ ինչ որ նորհաս երիտասարդութիւն մը իր հետը կը բերէ։

Այս էր պատճառը, որ երբ Եւգինէն կոտրած սրտով դուրս կուգար սենեակէն, հազիւ արցունքները զսպելու կարող, Վարդանը խղճահարուած, որ ակամայ վիրաւորեց զայն, արագ մօտեցաւ քրոջը.

Չէ, Եւգին ջան, մնացի՛ր… կարծես, այսպէս աւելի լաւ է. ու զայն թեւերուն մէջ գրկելով դիւանի վրայ նստեցուց դէմ դիմաց հօրը, որ արդէն բոլորովին զարմացած, անհամբեր կը սպասէր բացատրութեան մը։ Այս ի՞նչ նորելուկ ձեւականութիւններ են։

Է՛, յետո՞յ… չխօսի՞ս…

Հա՛յր, ցած ձայնով մը սկսաւՎարդանը, որ չէր գիտեր ինչպէ՞ս սկսիլ, հա՛յր, սենեակիս մէջ հիւր մը ունիմ…

Հայր ու աղջիկ կարծես հիասթափուած՝ իրարու նայեցան։ Պատրաստուեր էին լսել անակնկալ նորութիւն մը… Եւ ահա թէ ինչ։ Այնքան խորհրդաւորութենէ վերջ, տղու յայտնութիւնը բոլորովին անիմաստ կը թուէր։ Եթէ այդպէս, ուրեմն ի՞նչ անսովոր բան կար եղածին մէջ։ Չէ՞ որ Վարդանի մօտ միշտ ալ եկող գացող ընկերներ անպակաս էին։

—Տէ՛, լա՜ւ, ի՞նչ կայ որ, ընկեր տղայ մը անշուշտ… Այդ որքա՜ն երկար էր յառաջաբանդ, սիրելիս… Չեմ հասկնար թէ ի՞նչ է պատահեր քեզ այս գիշեր… Ընկեր տղայ մը, չէ՞…

Ու հայրը փորձեց իբրեւ թէ ծիծաղիլ, ինքն ալ չը հասկնալով սակայն, թէ ինչո՞ւ ներքուստ անհանգիստ էր։ Չլինի՞ թէ ատկէ աւելի լուրջ բան մը կայ թագնուած տղու անմեղ խօսքերուն տակ։

Անշուշտ, ընկեր տղայ մը, կրկնեց հայրը՝ սրտի խորքէն հաւատացած սակայն  որ այդպէս չէ, հը՞, Վարդան…

Ընկեր տղա՞յ մը… այո՛, ընկեր տղայ մը, տատամսելով պատասխանեց Վարդանը, որ կրթնած բարձին՝ ծոպին հետ կը խաղար անգիտակցօրէն, աչքերը սեւեռած գորգի նաշխերուն. անշուշտ ընկեր մը… այսինքն մեծ ընկեր մը… ինչպէս ըսեմ, ծանօթ անուն մը որուն միայն այսօր հանդիպեցայ, վարանած կը կմկմար ան՝ միաժամանակ զգալով որ տուած բացատրութիւնը թնճուկի ձեւ ստացաւ։

Այդ անախորժ գիտակցութիւնը աւելի եւս շփոթեց զինք։ Սրտանց դժգոհ էր ինքնիրմէ, որ հարազատներուն հանդէպ սովորականին պէս անկեղծ չեղաւ։ ՆԵղն ինկած մարդու մը նման, որ փախուստի միջոց չունի այլեւս, գլուխը վերցուց եւ առանց պատէ պատ իյնալու ուղղակի հօրը նայելով ըսաւ.

Կը ցաւիմ, որ անկեղծ չեղայ քեզի հետ։ Ճշմարտութիւնը այն է, որ այս պահուս իմ սենեակիս մէջ կը գտնուի սիպերիական յայտնի փախստական մը։

Առանց ժամանակ տալու, որ հայրն ու քոյրը սթափին անսպասելի նորութեան ձգած տպաւորութենէն, Վարդանը արագ արագ պատմեց այդ երեկոյեան պատահած դէպքը ամբողջ մանրամասնութեամբ։

Իմ, իմ տո՞ւնս…

Հայրը չկրցաւ շարունակել ըսելիքը։ Զարմանքէն ու մանաւանդ զգացած սարսափէն լեզուն բռնուած էր։ Ուրեմն, կարող է պատահիլ, որ իր տան մէջ ձերբակալեն սիպերական թիապարտ մը… Իր՝ պատուաւոր քաղաքացի Աշոտ Արսէնեանի տան մէջ։ Տէր Աստուած, ի՞նչ գայթակղութիւն… Իսկ ատոր հետեւա՞նքը…

Ու յանկարծ փայլակի արագութեամբ գաղափար մը անցաւ մտքէն։ Հապա Վարդանի դրութի՞ւնը… Եթէ միայն ոստիկանութիւնը լսէ՝ իր աննման տղան կորած է… Ու յուսահատ՝ ձեռքերովը դէմքը ծածկեց։

Հազիւ եղբայրը պատմութիւնը վերջացուցած էր, երբ Եւգինէն՝ առանց ուշադրութիւն դարձնելու հօր սարսափին՝ հրճուանքով ու հպարտութեամբ գրկեց իր եղբայրը։

Իմ ազիզ, իմ կտրիճ եղբայրս…

Իսկ չմտածեցի՞ր, որ քու քայլովդ կրնաս թէ՛ մեզ եւ թէ՛ քեզ կորստեան մատնել, մեղմ յանդիմանութեամբ խօսեցաւ հայրը, երբ առաջին շփոթէն վերջը ինքզինքը գտած՝ տղուն նայեցաւ, երբեք չմտածեցի՞ր թէ…

Ուրիշ միջոց չունէինք։ Ամենէն ապահով տեղը մեր տունը համարեցի։ ՄԷկ ալ խորհեցայ, թէ մենք եւս որոշ պարտականութիւն ունինք կատարելիք։

Անշո՛ւշտ, հայրիկ, խօսքի խառնուեցաւ ոգեւորուած Եւգինէն, որ զգացած ուրախութենէն տեղը հանդարտ չէր կրնար նստիլ, մէկ քանի օր է, ապահով կը պահենք մեր տան  մէջ։ Ախր չէ՞ որ ինքդ մեզ կ՚ըսէիր, թէ ամէն մարդ ազգի համար զոհաբերութեան պատրաստ պէտք է լինի…

Ու առանց պատասխան սպասելու նորէն գրկեց եղբայրը ու ըսաւ.

Վարդան ջան, մէկ ըսէ՛, է՜, ինչպէ՞ս խփեցիր… այսպէ՞ս… այսպէ՞ս, ու փոքր բռունցքը սեղմած՝ օդը կը հարուածէր։

Զաւակս, սաստիկ յուզուած խօսեցաւ հայրը, որ արտակարգ ճիգ կը թափէր հանդարտ երեւնալու, իմ ամբողջ մտահոգութիւնս ձեր մասին է… Եթէ միայն դժբախտութիւն մը պատահի… Տէր Աստուած… Սակայն ինչ որ է, թող մնայ այս գիշեր… Բայց առաւօտեան պէտք է զինքը տեղափոխել ուրիշ տեղ մը. եւ կարծես ամչնալով ցուցադրած խստասրտութենէն, անմիջապէս աւելցուց. ես կրնամ տարբեր ձեւով մը օգտակար լինիլ անոր…

Ամօ՛թ է, հայրիկ, ինչպէ՞ս թէ դուրս ձգել անպաշտպան փախստական մը, որ այս պայմաններու մէջ մեր օգնութեանը ապաւինած է, յուզուած՝ տեղէն ցատկեղ Եւգինէն. ով ալ տեղ տալ՝ նոյն չափով պիտի վտանգուի… Ինչո՞ւ այդ մենք պիտի չլինենք…

Վարդանը նոյնպէս տեղէն բարձրացած էր լուռ, բայց խռոված դէմքով։ Հաւատալը չէր գար։ Իրօ՞ք հարազատ հայրն էր այդ պայմաններու մէջ ազգային մարդու մը ապաստարան տալ մերժողը։ Արդեօ՞ք մինչ այդ՝ ինք հայրը լաւ չէր ճանչցած…

Բարեբախտաբար, Վարդանը զուսպ մնաց իր յուսախաբութեան մէջ եւ առանց արտայայտուելու կարողացաւ գրգռուած ջղերուն տիրապետել՝ ժամանակ տալով հօրը յանկարծակի յուզումէն վերջ մտքի հաւասարակշռութիւնը գտնելու։

Իրապէս, շատ ալ սարսափելու պատճառ մը չկար, մտածեց Աշոտ Արսէնեանը՝ զարմացմամբ դիտելով երկու զաւակները, որոնք կարծես առաջին անգամն է որ կը տեսնէր։ Եթէ այդ բոլորը գաղտնի տեղի ունեցեր էր, առանց վկաներու ներկայութեան, ապա ուրեմն գաղտնի ալ կրնար մնալ։ Ու վերջապէս բաւական է որ մարդ չիմանայ… ինչ կասկած, որ Աշոտ Արսէնեանը բոլոր սրտովը կ՚ուզէր օգնել փախստականին. առաջին, որ հայ քրիստոնեայ մ՚էր եւ ազգասէր մը։ Դեռ աւելին ալ ընելու պատրաստ կը զգար, բաւական է որ…

Ու ձեռքով հանդարտ նշան մը ըրաւ զաւակներուն, որ նստին։

Հաստա՞տ որ մարդ չտեսաւ կատարուածը։

Անշուշտ ո՛չ։ Ուշ գիշերով փողոցը ամայի էր…

Իսկ մեզ մօտ մտնե՞լը։

Ոչ ոք, բացի մեր դռնապան Մոսոյէն…

Ա՜յ, տեսա՞ր։ Ո՜վ գիտէ, քանի մարդ լսած կը լինի մինչեւ հիմա… Ես արդէն գիտէի որ փորձանք մը պիտի գայ մեր գլխուն…

Այդ մասին մի՛ մտահոգուիր, հայր, գաղտնիք մ՚ունեցողի խորհրդաւորութեամբ պատասխանեց Վարդանը. Մեր Մոսօն շատ վստահելի մարդ է…

Ի՜նչ երեխայ երեխայ կը խօսիս, սրտնեղեցաւ հայրը, ի՞նչ վստահութիւն կրնար ունենալ շատախօս դռնապանի մը վրայ. անշուշտ հիմա դրացի դռնապանները բոլորը գլխին հաւաքած…

Հա՛յր, առանց ժամանակ տալու որ նախադասութիւնը վերջացնէ ընդմիջեց տղան, Մոսօն գիտէ թէ մեր հիւրը ով է եւ բերանը չի բանար։

Ի՞նչ… այդ դռնապանը գիտէ թէ ո՞վ է, ինքնիրմէ դուրս ելած պոռաց հայրը, եւ խնդրեմ ըսէ տեսնեմ թէ, ի՞նչ է պատճառը կարծելուդ որ ան բերանը չի բանար, հեգնանքով հարցուց հայրը՝ բարկութենէն ձեռքերը ճմլելով։

Որովհետեւ ան ալ ազգային յեղափոխութեան զինուորներէն է… ուխտուած ընկեր մը…

Ի՞նչ, այդ կռօ դռնապա՞նը…

Մոսօն Հայաստանցի պատուական երիտասարդ մ՚է, հայր, ամէն կերպով վստահելի, մեղմօրէն նկատեց տղան ու հազիւ լսելի ձայնով մը շարունակեց, մեր խմբի լաւագոյն անդամներէն մէկն է։

Ի՞նչ ըսիր, այդ ի՞նչ խումբ է, ալ աւելի շփոթած՝ հարցուց հայրը, այս ինչ նորութիւններ են։ Դու ի՞նչ խումբ ունիս եւ ինչո՞ւ համար… Տէր Աստուած, այսօր կ՚երեւի պիտի խենթեցնէք զիս։

Խմբի մասին Վարդանի ըրած ակնարկը ակամայ խոստովանութիւն մ՚էր՝ միմիայն հայրը հանգստացնելու դիտումով ըսուած։ Բայց հօր անհանգիստ հետաքրքրութիւնը ստեղծեց կացութիւն մը, ուր արդէն ընկրկիլ չէր կարելի։ Կամայ ակամայ պէտք էր բացատրութիւն մը տալ՝ զայն հանգստացնելու համար։

Հա՛յր, ես յեղափոխական կազմակերպութեան մէկ անդամն եմ, ինչպէս եւ Մոսօն։

Ինչպէս եւ ես, եղբօր խօսքը կիսատ ձգելով՝ մէջ ինկաւ Եւգինէն, ես ալ կանանց Կարմիր Խաչի անդամ եմ։ Վէրք կապել. հիւանդ խնամել, դրամ հաւաքել, ահա մեր գործը։ Ու դեռ ինչե՜ր…

Խեղճ Աշոտ Արսէնեանը՝ աչքերը լայն լայն բացած մէկ տղուն կը նայէր, մէկ աղջկանը։ Կարծես երազի մէջ լինէր։ Այս ի՜նչ նորութիւններ էին, ինչե՜ր կը դառնային շուրջը, մինչդեռ ինք բանէ տեղեկութիւն չունէր։ Դէպի զաւակները ուշադիր հայր մ՚էր եղած։ Մի՞թէ մինչեւ այդ կուրացեր էր, անկարող իր տան մէջ անցած դարձածը տեսնելու։ Հիմա՛ կը պարզուէր իրենց տան գումարուող յաճախակի հաւաքոյթներու իսկական գոյնը… Ինքն ալ միամտաբար կարծեր էր թէ ատոնք սովորական, անմեղ բաներ էին, դպրոցական ընկերուհիներու հաւաքում։ Բայց մեղաւորը ինքն էր, ամէն երեկոյ ուշ գիշերով կուգար քլըպէն։ Ահա թէ բանը մինչեւ ո՞ւր էր հասած… Նոյնիսկ դռնապա՜ն Մոսօն… Կինն ալ օր մը օրանց խօսք մը չէր ըսած իրեն։ Անշուշտ խեղճը բան մը չէր հասկցած անցած դարձածէն… Վա՛յ չար սատանաներ, ինչպէ՜ս ալ սարքեր էին էս լակոտները… պարզապէս իր քթին խնդալով։

Կամաց կամաց դէմքի ձգուած գծերը թուլացան սակայն։ Բարկանալու իրական պատճառ մ՚ալ չկար… Իր ցանկութիւնն էր եղած, որ զաւակները իրական հայեր լինին եւ ոչ թէ շատ շատերու նման կէս օտարացած, ոչ ռուս եւ ոչ ալ հայ՝ տեսակ մը նոր ազգ։ Բայց եւ այնպէս ինքնասիրութիւնը վիրաւորուած կը զգար։ Ի՞նչպէս թէ ինքն այնքա՜ն կոյր լինէր որ բան մը չնկատէր շուրջը անցած դարձածէն։ Իբր թէ խոժոռ կը նայէր զաւակներուն, որոնք լուռ ու քիչ մը շփոթած՝ կը դիտէին իրենց հայրը, որու դէմքին հազիւ նկատելի թեթեւ ժպիտ մը կ՚ուրուագծուէր։

Աշոտ Արսէնեանը մեղմօրէն գլուխը կը թափահարէր մարդու մը նման, որ խաբուած լինելու գիտակցութեամբ, խնդիրը անուշ տեղ մը կապելէ զատ ուրիշ ելք չէր տեսներ։ Բարձրացաւ տեղէն ու դիւանի վրայ զաւակներուն մէջտեղը նստելով՝ գորովանքով սեղմեց երկուքն ալ կուրծքին ու շատ մեղմ ձայնով ըսաւ.

Ապրիք, երեխաներս, շատ ապրիք… Բայց զգուշ պէտք է լինել… կրակի հետ երեխայաբար խաղալու չէ Լա՛ւ, թող մնայ մեզ մօտ, մինչեւ որ կազդուրուի… Վերջէն կը մտածենք… Աստուած ողորմած է։ Վա՛յ չար սատանաներ, այսքան ժամանակ ու ինձ ոչ մէկ խօսք… Զիս ի՞նչ կարծեցիք։ Է՜հ, ժամանակին ես ալ… Վարդան, զաւակս, ի սէր Աստուծոյ, զգուշ պէտք է լինես… Հաստա՞տ որ մարդ չտեսաւ… Այդ անիծած ժանտարմներու արմատը չորանայ… Լաւ որ մարդ չտեսաւ… Վա՛յ քեզի աւազակ, այդ ի՞նչպէս թէ՝ մէկ աջ ծնօտին մէկ ձախ, հը՞։ Եւգին, չլինի որ մարդու բան ըսես։ Գիտե՛մ, գիտեմ որ չես ըսեր։ ՊԷտք է զգուշ լինել… Տօ, է՛դ, էդ Մոսոն ալ, հը՞…

Քա էտ ի՞նչ բանի էք, ժամը մէկը անցեր է եւ դեռ նստած… Ա՜յ մարդ, կէս գիշերով սիրափստո՞ւկդ բռնեց։ Ձգէ՛ երեխաները քնելու երթան։

Տիկին Մարիամն էր, որ յանկարծ արթննալով ու հիւրանոցէն խօսակցութեան ձայներ լսելով՝ գիշերանոցով հիւրասենեակ մտած էր։

Ամուսինը՝ ստիպուած՝ իրողութենէն մաս մը յապաւելով, բացատրեց կացութիւնը՝ խոհեմաբար Վարդանի մասնակցութեան մասին լռելեայն անցնելով։

Ղարիպ մարդ մ՚է, վերջացուց խօսքը, հայ քրիստոնեայ, քանի մը օր մեր տունը թող հանգստանայ։ Վերջէն Աստուած ողորմած է։ Իսկ մինչեւ երթալը, Վարդանը կրնայ հոս, դիւանի վրայ քնել։

Երբ մայր ու աղջիկ Վարդանի անկողինը պատրաստելով հեռացան, Աշոտ Արսէնեանը ձեռքերը կռնակը կապած՝ սենեակի մէջ ատեն մը ման եկաւ ու յետոյ մօտենալով տղուն հազիւ լսելի ձայնով հարցուց։

Եթէ գաղտնիք չէ որ կարող ես յայտնել, ըսէ թէ ո՞վ է մեր հիւրը։

Այդ իմանալու կատարեալ իրաւունք ունիս, սիրելի հայր, պատասխանեց Վարդանը, մեր հիւրը Կուկունեանի ընկերներէն մէկն է՝ նոր փախած Սիպերիայէն Քաչալը…

Օ՜, զարմացկոտ բացագանչեց հայրը՝ այը ծանօթ անունը լսելով, այդպէ՛ս, ուրեմն…

Ու այլեւս առանց բառ մը արտասանելու, տղուն ձեռքը անսովոր ջերմութեամբ սեղմեց եւ ներքին գոհունակութենէ ճառագայթող դէմքով ննջասենեակը քաշուեցաւ։ Իրեն այնպէս կը թուէր, որ ուրախութենէն թեւերը պարզած՝ պիտի սկսի պարել։ Կուկունեանի ընկերներէն հռչակաւոր Քաչալը Սիպերիայէն փախած ու իր տան մէջ…

Աշոտ Արսէնեան շատ լաւ գիտէր որ սահմանի միւս կողմը, Թրքահայաստանի մէջ գաղտնի գործեր եւ նախապատրաստական աշխատանքներ տեղի կ՚ունենային Հայաստանի ազատութեան համար։ Այդ գիտակցութիւնը բաւական էր որ իր անվերապահ համակրանքը յեղափոխականներու հետ լինէր։ Ախր ինքն ալ պակաս ազգասէր մը չէր։ Դեռ իննսունական թուականներուն, ժամանակի երիտասարդութեան հետ անհնարին ոգեւորութեամբ տարուած էր յեղափոխական շարժումով, նոյնիսկ խմբի անգամ ալ եղած էր։ Ճիշդ է, որ վերջէն հետզհետէ ետ քաշուած էր ընտանեկան պատճառներով, բայց ո՞վ ըսաւ թէ պակաս ազգասէր մ՚էր։ Երբեմն ընթրիքի ժամանակ, Կախէթի պատուական գինիէն քիչ մը շատ խմած, յուզումէն դողացող ձայնով կ՚երգէր «Հայրենիք սրբազան, իմ սիրուն աշխարհ» ու արցունքը աչքերուն մէջ կը լճանար…

Որքա՜ն երջանիկ պիտի լինէր, եթէ Հայաստանը ազատուէր, Հայ ժողովուրդը իր թագաւորն ունենար, Անի քաղաքը վերաշինուէր իր հազար ու մէկ եկեղեցիներով…

Արսէնեանը իսկական հայ քրիստոնեայ կը համարէր ինքզինքը։ Ամբողջ հոգիով պայքարած էր ռուսացման հոսանքին դէմ, որ Կովկասի մեծ քաղաքներու մէջ, վերին խաւերէն սկսած՝ այնքան մեծ թափով մտած էր միջին դասակարգի հայ տներու սեմէն ներս, սրբել տանելով հինաւուրց հայկական օճախը, լեզուն, բարքերն ու սովորութիւնները։ Խաշն ու Երեւանի քիւֆթէն անպակաս էին իր սեղանէն։ Գրադարանին մէջ կը պահէր, «Փորձ»երու հին հաւաքածօն, Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն, Ռաֆֆիի գործերը, եւ ուրիշ բազմաթիւ հայերէն գրքեր։ Խստապահանջ օրէնք մ՚էր տանը մէջ անպատճառ հայերէն խօսիլը։

Ասով մէկտեղ, ինչո՞ւ խաբէր ինքզինքը։ Այդ գիշերուան յայտնութիւնը մեծապէս ցնցած էր զինք… Հարենասիրական պարտականութիւնը մինչեւ ուր կրնար հասցնել իր զաւակները… Ու վերջապէս ինչե՜ր կրնան պատահիլ… Որքա՜ն փայլուն երազներ ունէր ծրագրած Վարդանի համար… ու եթէ յանկարծ… սարսափելի էր նոյնիսկ մտածելը…

Աշոտ Արսէնեանը, քունը փախցուցած, առաւօտեան կողմ միայն կարողացաւ քնանալ։

----------

Յաջորդ առտու Քաչալը ծանր տենդով մը աչքերը բացաւ։ Զարմացկոտ չորս դին կը դիտէր առանց գիտակցութեան։ Այս ո՞րտեղ կը գտնուէր։ Մաքուր անկողինը, ճաշակով կահաւորուած սենեակը, պատի նկարները՝ բոլորը անծանօթ, օտար իրեն։ Մի՞թէ աչքերը բաց կ՚երազէր ինք։ Երբ Վարդանը քիչ վերջ ներս մտաւ՝ ափսէի մը վրայ նախաճաշը բերելով, արագ վերյիշումով մը առջի գիշերուան պատահարը կենդանի պայծառութեամբ պատկերացաւ մտքին մէջ։ Հիմա կը յիշէր նեղ փողոցը, յաղթանդամ ժանտարմը, Վարդանի վճռական դէմքը դրան ստուերի մէջէն յանկարծակի դուրս ցատկած… Մէկ, երկու… Այդ ի՜նչ կռուփի ուժեղ հարուածներ էին… Ու փորձեց ժպտալ՝ տղու աչքերուն նայելով մտերմօրէն։

Գլուխը արճիճի նման ծանր կը զգար։ Բոլոր ոսկորները կարծես բեկուած լինէին։ Անշուշտ անիծեալ հին մալարիան նորէն երեւան էր եկած իր մէջ։ Կը ջերմէր հնոցի մէջ իյնողի նման ու անհանդարտ մէկ կողքէն միւսը կը դառնար ծանր տքալով։

Կարծեմ հիւանդ էք, ըսաւ Վարդանը հոգածու շեշտով՝ ձեռքը մեղմօրէն Քաչալի ճակտին դնելով, հարկաւոր է բժիշկ կանչել։

Այո, Խնդրեմ։ Բժիշկ Ջանեանին լուր տուէք։ Կարծեմ մօտերը կ՚ապրի, հազիւ շշնջաց հիւանդը, բաժակ մը սառը ջուր, եթէ կարելի է, ու միւս կողքին դառնալով՝ աչքերը փակեց։

Հազիւ երեկոյեան կողմ, Վահէի ընկերակցութեամբ եկաւ բժիշկ Ջանեանը որ հիւանդը քննելէ եւ հարկաւոր պատուէրները տալէ վերջ մեկնեցաւ յաջորդ առտու գալու խոստումով։ Վահէն մնաց հիւանդ ընկերոջ մօտ։

Քաչալի ջերմութիւնը թէեւ իջած էր, բայց ինք սաստիկ թոյլ եւ անուժ կը զգար, կարծես կանեփի ցօղունի մը նման անիւի տակ ծեծուած լինէր։ Այդ վիճակին մէջ անշուշտ հիւանդը տեղափոխելու մասին խօսք չէր կրնար լինել, հակառակ որ Վահէն Հաւլաբարի մէջ լաւ թագստոց մը գտած էր անոր համար ու եկած զայն տեղափոխելու։

Երբ Վարդանը երեկոյեան կողմ դպրոցէն վերադառնալու ատեն մտաւ Քաչալի սենեակը, երկու ընկերները գտաւ մտերիմ խօսակցութեան մը բռնուած։ Վահէն ընկերաբար ստիպեց, որ տղան մնայ իրենց մօտ։ Աւելի շուտ Վահէն էր խօսողը. կը պատմէր Երկրի մէջ տեղի ունեցած անցքերէն, կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներէն, Նիկոլի կռիւներէն։

Ինչպիսի՝ ագահութեամբ մտիկ կ՚ընէր Վարդանը, դիւանի վրայ կուճ եկած։

Վահէի պատմածներէն ամենէն շատ Նիկոլի ունեցած կռիւները տպաւորեցին Վարդանը։ Վահէի շրթներէն կախուած, պապակած մարդու մը ագահութեամբ Վարդան կը ծծէր անոր խօսքերը։ Անսովոր ջերմութեամբ արիւնը եռ կուգար, ու երեւակայութեամբ կ՚ապրէր յեղափոխական զինուորի ծանր եւ արկածալից կեանքը։ Արդեօ՞ք ինքն ալ օր մը բախտ պիտի ունենար՝ հայրենիքի համար կռուող զինուոր մը լինելու։

Ուշ ատեն մեկնեցաւ Վահէն։ Կ՚երթար հիւանադանոց Գէորգը տեսնելու, որ յաջորդ օրը կոյր աղիքի գործողութեան մը պիտի ենթարկուէր։

Ընթրիքի ժամանակ, երբ Քաչալը Վարդանի ընկերակցութեամբ ճաշասենեակը մտաւ, հոն հաւաքուած գտաւ Արսէնեաններու ամբողջ ընտանիքը։ Պարոն Աշոտը, կենցաղագէտ տանտէր մը, ջերմագին ընդունելութիւն ցոյց տուաւ քիչ մը շփոթած՝ հիւրին։ Մարիամը գաւառացի կնոջ մը սրտբացութեամբ դիմաւորեց անծանօթ երիտասարդը, որու գունաթափ դէմքն ու խոր ինկած աչքերը պերճախօս կերպով կը պատմէին այն սարսափելի տառապանքներն ու չարչարանքները, որոնց մէջէն անցեր էր ան։ Այդքանը ինքնին բաւական էր, որ տիկին Մարիամը մտնէր մայրական դերին մէջ ու խնամքոտ հոգածութեամբ պաշարէր Քաչալը։

Ընթրիքի ամբողջ տեւողութեանը Եւգինէն լուռ կը դիտէր նորեկը արտասովոր հետաքրքրութեամբ։ Ուրեմն, այս է նշանաւոր յեղափոխականը, կը մտածէր իւրովի։ Ճիշդը ըսելով՝ հազիւ թէ իր երեւակայած մտապատկերին կը համապատասխանէր հօրը մօտ հանդարտօրէն նստած Քաչալը։ Կը սպասէր տեսնել աշխոյժ, կորովի արտայայտութեամբ, կայծկլտուն աչքերով երիտասարդ մը, որուն նայելով միայն մարդ զգար թէ յեղափոխական մ՚է։ Ու ահա դէմն ու դէմը նստած էր ոսկրացած, նիհար երիտասարդ մը գունաթափ, մաշած դէմքով։ Մելամաղձոտ աչքերը խոր ինկած էին։ Հազիւ երբեմն կը խօսէր, ցածր, թաւշային ձայնով մը։ Քաչալը իր քիչ մը խեղճ պատկերովն ալ Եւգինէի յափշտակուող բնաւորութեան համար մասնաւոր գրաւչութիւն մը ունէր։

Յաջորդ օրերուն, Վարդանի բացակայութեան պատճառով, որու աւարտական քննութիւնները սկսած էին, Եւգինէն իսկական հիւանդապահուհի մը եղաւ Քաչալին համար՝ բծախնդրութեամբ հետեւելով բժիշկի պատուէրներուն։ Ամէն հիւանդի նման, երբ Քաչալը կը դժկամակէր առտուները կաթի մէջ զարնուած հաւկիթը խմել, աղջիկը արուեստակեալ խստութեամբ մը կը սպառնար անորէ մատը թափահարելով.

Բժիշկին պիտի ըսեմ, եթէ խմելու չլինիք, ու յամառութեամբ բաժակը դէմ կուտար հիւանդին. խմեցէ՛ք, խնդրեմ, կազդուրիչ սնունդ մ՚է։

Աչքերը լայն բացած՝ Քաչալը երեխայի մը հնազանդութեամբ կը հպատակէր անոր՝ զարմացմամբ դիտելով Եւգինէն, զոր հազիւ թէ մէկ երկու օր էր տեսած եւ սակայն ջերմ հոգատարութեամբ կը խնամէր զինքը։ Որքա՜ն տարբեր էր այս աղջիկը իր մինչեւ այդ տեսած աքսորական կիներէն, որոնց մեծագոյն մասը քրէական դատապարտեալներ էին։

Արդար լինելու համար՝ ըսենք, որ Քաչալը կերակրելու հոգատարութեան մասին կատարեալ մրցում մը  կար ընտանիքի անդամներուն միջեւ։ Պր. Աշոտը հիւանդին համար թարմ խաւեար ու Կախէթի տասը տարուան հին գինի ճարած էր բարեկամէ մը։ Իր կարծիքով բժշկի դեղերը աւելորդ բաներ էին. մարդ լաւ ուտել խմելով կը կազդուրուի, ու սեղանի վրայ անընդհատ կը ստիպէր որ հիւրը չքաշուի, իր սեփական տան պէս զգայ։ Տիկին Մարիամը իր ունեցած խոհանոցային գիտութիւնը ի սպաս դրած էր հիւանդին կերակուրի լաւագոյն կտորներէն բաժին հանելով ու պարտադրելով, որ լաւ ու շատ ուտէ, իսկ Եւգինէի ձեռքին ալ միշտ պատրաստ կար բաժակ մը կոկլի-մոկլի։

Քանի Քաչալը եկած էր, պ. Աշոտը իր սովորական կենցաղը մեծապէս փոխած՝ իրիկունները ժամը վեցէն քիչ անց տուն կուգար ամենայն կանոնաւորութեամբ, առանց ժողովրդական քլըպը հանդիպելու։ Այս անակնկալ նորութիւնը մեծապէս զարմացուցեր եւ ուրախացուցեր էր տիկին Մարիամը, որ տարիներէ ի վեր վարժուած էր ժամը տասնէն վերջը ամուսինը տեսնելու, ինչ որ ընդհանրապէս սովորական երեւոյթ մ՚էր Թիֆլիսի ունեւոր դասի համար։

Փառք քեզ, Աստուած, քմծիծաղով մը երեսը կը խաչակնքէր ամէն անգամ, որ ամուսինը ժամը վեցէն քիչ անց ներս կը մտնէր դռնէն, աչք չառնես քա մարդ, շնորհքի ես եկեր…

Արսէնեաններու տունը եկած առջի օրերուն, Քաչալը սաստիկ ճնշուած կը զգար։ Պարագաներու բերումով, բոլորովին անծանօթ ընտանիքի մը բեռ եղած էր ակամայ։ Ատկէ զատ՝ այն հաւանական վտանգը, որուն ենթարկեր էին իրենք զիրենք տնեցիք բոլորովին օտար մէկու մը համար, զինքը աւելի քան կը մտահոգէր։ Հապա եթէ իր տեղը յայտնի դառնար, եթէ ոստիկանութիւնը իր թագստոցը գիտնար… Այդ գաղափարը միայն բաւական էր, որ Քաչալը անճարացած ու մռայլուած լուռ նստէր ծանր մտքերով մտահոգ, ժամերով առանց բառ մը արտասանելու։ Չորրորդ օրն իսկ, երբ բաւական մը կազդուրուած կը զգար՝ խնդրեց Վարդանէն իմացնել Վահէին, որ լաւ կը զգայ արդէն ու թող միջոցներ ձեռք առնէ զինքը տեղափոխելու համար։ Առաջինը՝ տիկին Մարիամը եղաւ, որ խստօրէն հակառակեցաւ այդ ցանկութեան։

Տէր Աստուած, քեզ համար մասնաւոր բան մը ըրած չունինք որ. պատառ մը չոր հաց է. մարդ օտարին իսկ չի մերժեր, ո՞ւր մնաց քեզ պէս…

Այստեղ արդէն տիկին Մարիամը դժուարացաւ յարմար բառը գտնել ու խօսքը վերջացուց ըսելով.

Քեզ պէս տնեց տնէ հարազատի մը։

Եւ իսկապէս, Քաչալը այդ ընտանեկան ջերմ շրջանակին մէջ զարմանալիօրէն հարազատ կը զգար։ Տարիներով Սիբերիական թիապարտի մը տառապանքն ու մինակութիւնը ապրած՝ շատ վաղուց մոռցեր էր մարդավարի կեանքի մը առաւելութիւնները, ընտանեկան մթնոլորտի մը ջերմացնող եւ առինքնող գրաւչութիւնը։ Տասներեք սարսափելի տարիներու կիսավայրենի կեանքը քարացուցեր էր սիրտը։ Անչափելի ատելութեամբ լեցուած էր կառավարութեան դէմ, իսկ այդ հեռաւոր վայրերու պաշտօնեաները, անհոգի ու անսիրտ, մեռցուցեր էին իր մէջ, մարդոց հանդէպ ունեցող հաւատքը եւ վստահութիւնը։ Ընդհանրապէս մարդ անհատի հանդէպ վերապահ զգացում մը ունէր, ու այդ պատճառով ալ հետզհետէ դարձած էր քիչ հաղորդական եւ ինքնամփոփ։

Սակայն, Արսէնեաններու ընդունելութիւնը այնքան անկողծ  եւ սրտբաց էր, որ խաբկանքը կուտար իր հայրենական տանը մէջ գտնուելուն։ Արսէնեաններու ընտանիքի բոլոր անդամները քնքուշ հոգածութեամբ պաշարած էին զինքը, ու այդ այնպիսի հակապատկեր մ՚էր իր մինչեւ այդ ունեցած անհնարին զրկանքներով ապրած կեանքին, որ անգիտակցօրէն այլափոխած՝ կը զգար վաղուց կորած շատ լաւ բանի մը վերազարթումը իր հոգու մէջ։

Ձմեռուան սառնամանիքէն վերջ գարնան ջերմ արեւով կամաց կամաց կը հալէր իր սրտին մէջ դիզուած սառոյցը։ Երբեմն, երբ տիկին Մարիամը մեղմօրէն յանդիմանելով զինք, մայրական հոգատարութեամբ կը ստիպէր որ ուտէ, Քաչալի աչքերը ներքին յուզումէն կը  լեցուէին, եւ ան մղում կը զգար կռանալու եւ խանդաղատանքով համբուրելու տիկնոջ ձեռքը, որպէս թէ մայրը եղած լինէր։

Արսէնեաններու ընտանիքի նկատմամբ՝ Քաչալ ջերմ զգացում ունէր, բայց ինքն ալ չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ տան անդամներէն ամենէն աւելի Եւգինէն գրաւեր էր իր սիրտը։ Կարծես դիւթուած լինէր անորմէ։

Հազիւ քսանեւմէկ տարեկան երիտասարդ մ՚էր Քաչալը, Մոսկուայի բժշկական համալսարանի ուսանող, երբ Ռուսաստանի եւ նոր մայրաքաղաքներու հայ ուսանողութեան մէջ ծայր տուած ազգային յեղափոխական խմորումը գործնական շարժումի մը վերածուեցաւ… Կուկունեան անունով խանդավառ ուսանող մը այդ շարժման ղեկավարներէն մէկը դարձաւ։ Կիսատ ձգելով ուսումը՝ ան վերադարձաւ Կովկաս եւ այնտեղէն արշաւախումբի մը գլուխը անցաւ՝ օգնութան հասնելու համար տաճկահայ ժողովուրդին։

Քաչալը, հակառակ իր փխրուն ֆիզիքական կազմին, առաջիններէն մէկն եղաւ այդ շարժման միացողներէն։ Արշաւանքի ձախողանքէն յետոյ, Կարսի մէջ երկարատեւ սրտմաշուք բանտարկութեան ենթարկուեցաւ, վերջէն ալ տասնեակ տարիներու աքսորականի տաժանակիր աշխատանքը ապրեցաւ Սիպերիոյ հանքերուն մէջ։ Շրջապատուած միմիայն բախտակից աքսորականներով՝ Քաչալը բացի պատանեկան վաղանցուկ սիրոյ մը թեթւ հպումէն՝ մօտէն չճանչցաւ կինը, անոր գրաւչութիւնը, ջերմացնող սէրը։

Երբ Արսէնեաններու տանը ծանօթացաւ Եւգինէին, մանաւանդ երբ Վարդանի բացակայութեան պատճառով վերջինը սկսաւ կնոջ մը յատուկ քնքշութեամբ, խնամել հիւանդը, աղջկայ ցուցադրած հոգատարութիւնը, անվերապահ մտերմութիւնը անհասանելի հրճուանքով մը լեցուցին Քաչալի ծարաւի սիրտտը, կարծես ինչ որ պարապ մնացած տեղ մը սրտի մէկ անկիւնին հետզհետէ կը լեցուէր երանութեամբ մը, որ նոր, անբացատրելի հոգեկան գինովութիւն մ՚էր գարնան արեւի նման պայծառ ու թափանցող։

Սենեակի մինակութեան մէջ, կախարդուած երեխայի մը անհամբերութեամբ Քաչալ կը սպասէր Եւգինէի վերադարձին, երբ վերջինս երբեմն կը բացակայէր տնէն։ Վերադարձին, երբ բաժակ մը կաթ ձեռքին՝ աղջիկը կը մօտենար իրեն՝ մեղմօրէն ըսելով՝ «Խնդրեմ խմեցէք», Քաչալի աչքերը ակամայից ուրախութեամբ կը կայծկլտային, ու փոքր երեխայի մը նման հնազանդ՝ բաժակը կը վերցնէր։ Իրեն համար ալ պարզ չէր, թէ այդ ամէնը ինչպէ՞ս սկսաւ։ Կը զգար սակայն, որ այդ հոգեկան հաճելի ջերմութիւնը հետզհետէ կը խորանայ իր մէջ, որ աղջկայ ներկայութիւնը հրամայական պահանջ մը կը դառնայ այլեւս իրեն համար։

Այդ հաճելի գիտակցութիւնը սակայն, ակամայ սարսափեցուց զինքը… Դառնութեամբ կը զգար, որ վերջապէս ինք, փախստական թիապարտ մ՚էր սոսկ, իր ապագան՝ աւելի քան անորոշ եւ սարսափելի։ Այդ դրութեան մէջ անհրաժեշտ պահանջ կը դառնար, որ ծածկէր իր զգացումները, դիմակ մը անցընէր դէմքին։ Պէտք էր իր ծնունդին մէջ խեղդել այդ գինովցնող զգացումը։ Չէ՛, նոյնիսկ ինքնիրեն չէր ուզեր խոստովանիլ, թէ այդ՝ սրտին խորքը նոր ծլած սէր մ՚է։

Եւգինէի համար ալ Քաչալը այն երիտասարդն էր, որ իր հոգու մէջ երգուած հէքիաթի ասպետին նման, շատ հեռուներէն եկած էր։ Եկած էր ասպետը, ու կանգ առած իր սրտի դրան առջեւ։ Նիզակը սեղմած առնական ձեռքին՝ ան՝ կը զարնէր աղջկայ ամուր փակուած սրտի երկաթապատ դուռը։ Ու զարմանալի պատրաստակամութեամբ, Եւգինէն բացած էր լայնօրէն իր սրտի դրան փեղկերը։ Իր սրտին ու երակներուն մէջ ան կը զգար պայծառ արիւնին հետ վազող նոր կրակի մը խենթեցնող ջերմութիւնը։

Եւ, սակայն, եթէ երբեմն երկուքի աչքերը անգաղտնապահ գտնուած էին ակամայից իրենց փորթորկուող հոգիներու մէկ րոպէն պատկերացնելով՝ իրենց շրթները ամուր մը շղթայուած՝ կը լռէին։

Ժամերով հիւրասենեակի դիւանին վրայ տեղաւորուած՝ անոնք կը խօսէին անկարեւոր հարցերու մասին, կամ յամառութեամբ կը լռէին, երբ ամէն ժամանակէ աւելի տրամադիր էին խօսելու։ Երկուքի համար եւս այդ ծանր լռութիւնը զարմանալի գրաւչութիւն մ՚ունէր սակայն։ Կը թուէր թէ այդ պահերուն, երբ շրթները ամուր փակուած՝ սրտերը ազատ կը խօսէին իրարու հետ։

Բնաւորութեամբ եւ տարիներու սովորութեան հետեւանքով՝ Քաչալը լռակեաց էր։ Իր անցեալի, ապրած եւ տառապած օրերու մասին գրեթէ չէր խօսեր, հարցումներուն ալ խուսափուկ եւ կարճ պատասխաններ կուտար։ Որքան ալ որ տնեցիք կը հետաքրքրուէին լսելու անոր կեանքի պատմութիւնը, բայց նկատելով անոր դժկամակութիւնը՝ կը գոհանային Վարդանի պատմածովը։

Այդպէս անցաւ երկու շաբաթ։ Քաչալը՝ բաւականին կազդուրուած՝ արդէն մեկնելու մասին կը խօսէր։ Անգամ մը, երբ տանը ոչ ոք կար, ան ու Եւգինէն՝ իրարու կողքի նստած դիւանի վրայ՝ պատկերազարդ դիրք մը կը թղթատէին, երբ աղջիկը յանկարծ ձեռքի գիրքը վար դրաւ ու խուսափելով ուղղակի տղուն նայելէ՝ մեղմօրէն ըսաւ.

Շուտով կ՚երթաք, եւ թերեւս մենք իրարու չենք հանդիպիր այլեւս…

Նախադասութիւնը կիսատ մնաց, ձայնը խեղդուեցաւ կոկորդին մէջ։

Քաչալը, քարացածի նման անշարժ, անորոշ կէտի մը կը նայէր՝ առանց բան մը տեսնելու։ Կը զգար, որ ներքին փոթորիկէն՝ պայթելու աստիճան կը բարձրանայ կրծքի վանդակը։ Թէև աղջիկը չէր վերջացուցած ըսելիքը, բայց Քաչալը գիտէր հարցումի հոգին, իսկական իմաստը։ Ի՞նչ պատասխանէր, ինչպէ՜ս կրնար պատասխանել։ Անմեղ մեղաւորի մը նման գլուխը կախեց ու ատամները սեղմած՝ լռեց։ Որքան որ կրնար՝ խուսափած էր այդ խօսակցութենէն, տարտամօրէն զգալով սակայն, որ ան՝ անխուսափելի կերպով տեղի պիտի ունենար բոլորովին չսպասուած մէկ պահուն։

Հիւրասենեակի դիւանի անկիւնը կուչ եկած աղջկան կողքին, գիտէր որ անսպասելի արագութեամբ ամպերը կը դիզուին ու փոթորիկը կը մօտենայ։

Անգամ մը ըսիք, որ պիտի պատմէք ձեր կեանքը, շշնջաց աղջիկը՝ աշխատելով հետզհետէ աճող յուզումը ծածկել ու զսպել սրտի ուժգին զարկը, որ երկաթագործի մը մուրճի թափով կը տնքար կրծքին տակ։

Տղան աւելի վար կախեց գլուխը։

Եթէ միայն գիտնայիք, թէ որքա՜ն անհամբեր եմ… Երբ երթաք… թերեւս այդ պատմութիւնը… միակ յիշատակը պիտի մնայ ձեզմէ…

Բառերը դժուարութեամբ դուրս կուգային Եւգինէի բերնէն։ Կարծես կոկորդը աքցանի մը մէջ սեղմուած էր, եւ արցունքները թարթիչներու վրայ յորդելու պատրաստ։ Լռեց՝ վախնալով շարունակել։

Այո՛, խոստացեր էի պատմել, կարծես երրորդ աներեւոյթ անձնաւորութեան մը պատասխանելով ըսաւ Քաչալը, ու ձայնը հեռաւոր արձագանգի մը մեղմութեամբ կը հնչէր, անցած պատմութիւն մ՚է… Երբեմն այնքան դժուար է անցեալը վերյիշել… եւ շատ աւելի դժուար՝ պատմելը…

Բայց… բայց ինձ պէտք է որ պատմէք։ ՉԷ՞ որ խոստացաք… Այս որքա՞ն սպասեցի ես…

Գիտե՛մ։ Ու թերեւս ատոր համար ալ՝ աւելի ծանր է պատմելը։ Անմիտ քմայք մը չէ իմս։ Եթէ միայն գիտնայիք իմ տառապանքը, որ անյատակ անդունդի մը չափ խորն է։ Կ՚ուզէի, որ իմ պատմութիւնս, պատանքի մը նման անբաժան, ինձ հետ գերեզման մտնէր։ Բայց դուք կ՚ուզէք որ պատմեմ։ Թո՛ղ ձեր կամքը լինի։

Աչքերը խուփ, մէկ երկու րոպէ ինքնամփոփ լռելէ վերջ, Քաչալը սկսաւ պատմել իր մանկութեան օրերէն, երբ գիւղացի ոտաբոպիկ երեխայ մ՚էր ինք։ Ծանր եւ ցած ձայնով կը պատմէր, երազկոտ հոգեկան տրամադրութեամբ, երբ վաղուցուան անցեալը հէքէաթական գոյներով կ՚երեւի, անորոշ եւ տարածուն։

Գիւղէն քաղաք տարած էին զինք՝ դպրոց դնելու համար։ Տարիներով կտրուած հայրենի տնէն՝ հարազատներու խնամքի կարօտով ապրած էր Պաքուի մէջ, համագիւղացիի մը տունը։ Անկէ վերջ անցեր էր Մոսկուա։ Ուսանողութեան առաջին տարին արագ անցած էր։ Գարնան սկիզբը արշաւանքի պատրաստութիւնները սկսած էին։

Արշաւանքի մասին պատմեց կսկծագին ցաւ մը վերապրողի դառնութեամբ։ Վերջէն, կենդանի գունաւորումով պատկերացուց Սիպերիա եւ հանքերու անմարդկային աշխատանքը։

Ձայնին մէջ արցունք կար։ Հանդարտ կը պատմէր՝ անգոյն, մեռած շրթները աղօթողի մը նման հազիւ շարժելով։

Բախտակից ընկերներու խմբով մը քշած էին զինքը Սառուցեալ ովկիանոսի ափերուն մօտ, անծայրածիր անտառի մը խորքը։ Հոն անհնարին տառապանքով աշխատած էր հանքի մը մէջ։

«Սարսափելի մինակութեան մէջ», միալար ձայնով կը պատմէր Քաչալը, «բուռ մը բախտակից դատապարտեալ ընկերներով կ՚աշխատէինք կղզիացած աշխարհէն։ Երիտասարդ հոգիս կը մեռնէր, անհնարին տառապանքով մը։ Յաւիտենական սառոյցը, ցուրտ արեւը, սեւի զարնող մայրիի անծայր անտառները կամաց կամաց ամուր մը կ՚օղակէին սիրտս ու հոգիս իրենց ցուրտ թեւերով։ Կը զգայի, որ մէջս հետզհետէ կը մեռնի երիտասարդութիւնը, ապագայի յոյսը, կեանքը ապրելու ցանկութիւնը, ու չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կ՚ընդդիմանայի հոգուս մէջ փոթորկող ցանկութեան մը, ժայռերուն զարնելու գլուխս։ Մեր ապրած կեանքը անհնարին դժոխք մ՚էր…»

Քանի Քաչալի պատմութիւնը կ՚առաջանար, Եւգինէն անգիտակցօրէն կը սեղմուէր տղուն։ Դէմքը սպրթնած, տանջուած աչքերը արցունքոտ, աղջիկը կ՚ապրէր տղու հեգեկան տառապանքը։

Երբ Քաչալը սկսաւ երկու բախտակից ընկերներով հանքէն փախուստը, ձայնը շշնջիւն մը դարձած էր, հեռուէն հեռու լսուող գետակի մը մեղմ ձայնին պէս։ Շաբաթներով թափառած էին անտառներու մէջ, հալածուած կիսավայրենի բնիկներու կողմէ, առանց սնունդի, կանաչ խոտ ծամելով, եւ կամ երբեմն ծառի նուրբ արմատներ։ Անհուն անտառներու մէջ կորած, հարիւրաւոր մղոն քալած էին միշտ՝ դէպի հարաւ ուղղելով իրենց քայլերը։ Երկաթուղագծին մօտեցան, երբ երկու օր էր մնացեր կայարանը հասնելու, անտառի մը մէջ, գիշերով սոված գայլերու խումբ մը յարձակած էր երեք փախստականներու վրայ։

«Սարսափահար ոտքի ցատկեցինք, շարունակեց Քաչալը, ով ինչպէս կրցաւ, մօտիկ ծառ մը գրկած՝ շուլլուեցաւ բունէն վեր։ Ես արդէն ճիւղի մը վրայ նստած՝ կը հանգստանայի, երբ ընկերներէս, լեհացի Քազիմիրը, որ մեր մէջ ամենէն տարէցն էր, բարձրահասակ եւ լեղուն կազմով տղամարդ մը, զարհուրելի աղաղակով մը գետին ինկաւ, գայլերու վոհմակին մէջ, ծառի կոտրուած ճիւղի մը հետ միասին»…

Քաչալը դողդողացող ձեռքով ծածկեց իր դէմքը, այդ սարսափելի տեսարանի յիշողութիւնը ետ վանելու համար։ Կարծես սառոյցի կտոր մը, օձի պէս սողալով, Եւգինէի ողնաշարէն ծանր ծանր վար կը սահէր։ Անհնարին ցուրտ մը կը զգար երակներուն մէջ, ու շրթները ակամայ, կը դողային՝ ջերմէ բռնուածի մը նման։ Սարսափելի էր…

«Յաջորդ առտուն, թաղեցինք մեր ընկերոջ ոսկորները, ու ճամբայ ելանք… Երկու օրէն հասանք երկաթուղիի կայարանը, պատմութիւնը վերջացուց Քաչալը. կայարանէն անդին հեշտ էր մեր ճամբան»…

Լռեց։ Ծանր ապրումներու յիշողութեան տակ ընկճուած՝ թերեւս մոռցած էր Եւգինէի գոյութիւնն իսկ։ Պահ մը երկուքն ալ լուռ մնացին։

Իսկ յետո՞յ. մեղմ շշնջաց աղջիկը։

Քաչալը՝ կարծես քնէ նոր արթնացած՝ աչքերը շփեց ու զարմացկոտ նայեցաւ աղջկան։

Հա՛, մոռցայ, որ ձեզի կը պատմէի… ու փորձեց ուրախ կատակել. Յետո՞յ։ Ա՜յ կը տեսնէք, որ այդ փորձանքներէն ազատուած՝ ձեր տան հանգստաւէտ դիւանի վրայ նստած եմ այժմ, եւ հետաքրքիր հէքեաթ մը կը պատմեմ ձեզ. «Ժամանակով կար չկար»… Լա՛ւ, լաւ չեմ շարունակեր, մի նեղանաք։ Պատմութիւնս վախցո՞ւց ձեզ։

Այո՛, շատ, իսկ յետո՞յ։

Քաչալը շփոթած Եւգինէին նայեցաւ։ Ինչո՞ւ այս աղջիկը իր հոգին կը ճանկրտէր։ Մի՞թէ իր տառապանքները բաւական չէին։ Կեանքի մէջ այլեւս ի՞նչ «յետոյ» մնացած էր իրեն համար։ Փախստական թիապարտ մը, որ ոչ անուն ունի, ոչ տեղ, ոչ հասարակական դիրք։ Պարզապէս հալածական երէ մը, շրջապատուած որսկան շներով, որոնք պատրաստ են ակնթարթի մը մէջ զինք բզկտելու։ Ահա թէ ինքը ինչ է։

Ինչո՞ւ չէ՛ք խօսիր, խոշոր, աղաչաւոր աչքերով Եւգինէն տղուն նայեցաւ. ըսէք թէ՝ յետո՞յ ինչ…

Ա՜խ, յետո՞յ, —կարծես ինքնիրեն կը խորհրդածէր տղան, ճիշդը չեմ գիտեր, թէ յետոյ ի՞նչ կրնայ պատահիլ… ո՞վ կրնայ գուշակել։ Ատեն մը կը մնամ Կովկաս։ Բոլորովին կազդուրուելէ վերջ կ՚աշխատիմ Պարսկաստան անցնիլ… Լաւ ընկերներ ունիմ հոն… Միեւնոյն գործին նուիրուած… Աշխատանքը չի պակսիր աշխատաւորին… Թերեւս օգտակար լինիմ… Ի հարկէ, եթէ մինչեւ այդ ժամանակ օձիքս նորէն ձեռք չտամ, եւ ետ չճամբեն զիս այն դժոխքը, ուրկէ նոր…

Ա՛խ, չէ՛, չէ՛— այլեւս ինքզինքը զսպելու անկարող ճչաց Եւգինէն՝ բոլրովին այլայլած. ամէ՛ն ամէ՛ն բան, բայց ոչ այդ դժոխքը…

Ու յանկարծական բռնկումով մը, գրկեց տղան՝ կարծես իր կեանքի գնով վերահաս վտանգի մը դէմ պաշտպանելու համար զայն։ Ծանր ծանր գլուխը թեքեցաւ տղու կուրծքին, ու լարուած ջղերը թուլացած, բարձրաձայն սկսաւ հեկեկալ։

Քաչալը, աղջկան անսպասելի պոռթկումէն յանկարծակիի եկած, կարկամեր էր։ Սիրտը կարծես մամուլի մը տակ ճնշուած լինէր։ Անհուն ցանկութիւն մը կը փոթորկէր կուրծքին տակ, պինդ մը գրկելու, սրտին վրայ սեղմելու այդ լացող աղջիկը, որ իր խաւար կեանքին մէջ արշալոյսին բարձրացող լուսաստղն էր եղած։ Կուրծքը հեւքոտ, ալեկոծ ծովի նման կատաղի թափով կը բարձրանար։

Երկուքն ալ հոգեկան անհնարին խռովքով բռնուած երբ երկնային երաժշտութիւն մը միջոցը կը լեցնէր, չգիտցան, եւ ոչ ոք երբեք գիտցած է, թէ այն ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ տենչանքով այրուող զոյգ մը շրթներ, յանկարծ բնազդօրէն իրար գտան։ Խելագար վայրկեան մը թերեւս, բայց աղջիկն ու տղան ամբողջ յաւիտենականութիւն մը ապրեցան՝ իրարու պլլուած։ Սրտերը շղթայող անջրպետը չքացաւ։ Լռութեան մէջ անոնք ըսին իրարու այն բոլորը, որոնք շրթները չեն արտասաներ, բայց հոգիները կը զգան, անով կ՚արբենան։

Գիտե՞ս, անգինս, առաջինը տղան սկսաւ խօսիլ ընդհատ եւ ցած ձայնով, չէի ուզեր որ այս պատահէր. միայն գիտնայիր թէ ո՜րքան դժուար է ապրիլ այս բոլորը։ Շատ ծանր եղաւ անցեալ կեանքս, իսկ թէ ապագան ի՜նչ է վերապահած ինձ, անհնար է գուշակել։ Իմ մենաւոր եւ մռայլ կեանքիս միակ արշալոյսը եղար դու. բայց եւ ատով աւելի ծանր է իմ կրելիք խաչը…։ Հազիւ նորահաս երիտասարդ մ՚էի, երբ իմ ճամբաս կտրեց բռնակալ սիրուհի մը, որու ինքնակամ ստրուկը դարձայ ես։ Այդ սիրուհին, որու համար ես ապագաս եւ երջանկութիւնս զոհեցի, իմ հայրենիքս էր, տրորուած, ճնշուած, օտար լուծի տակ հիւծող, իմ սքանչելի հայրենիքս։ Եթէ միայն գիտնայիր թէ այս երկու շաբաթներու ընթացքին զգացումներու դէմ, երբ դու խռովող հայեացքովդ իջար մինչեւ հոգիիս խորքը, թերթեցիր երբեք չբացուած սրտիս մատեանի էջերը։ Գիտես թէ իմ ընտրած ճամբան որքա՜ն փշոտ է, որքա՜ն վտանգաւոր, չէի ուզեր քնքոյշ ծաղիկ մ՚ալ քաշել ետեւէս դէպի անստոյգ ապագան։

Քաչալը քնքշօրէն համբուրեց Եւգինէի մազերը ու տխրօրէն գլուխը կախեց կրծքին։

Աշխոյժ եւ չարաճճի ժպիտ մը խաղաց աղջկան դեռ արցունքոտ դէմքին վրայ։ Այս ինչե՜ր կ՚ըսէր տղան։ Եթէ տրորուած, տանջուած հայրենիք մ՚ունէր Քաչալը, բայց այդ հայրենիքը, իրն ալ էր։ Չէ՞, որ ինքն ալ ուխտած էր ամբողջ էութեամբը ծառայելու հայրենիքին։

Եւգինէն, քնքշօրէն գրկեց տղուն գլուխը, ուրախութենէն ճառագայթող դէմքը դարձնելով անոր եւ, ձայնով մը՝ որ անհնարին յուզումէ կը դողար, ըսաւ.

Անգի՛ն ընկերս, քու փշոտ ճամբան՝ իմ ճամբան է, քու սրբազան ուխտը՝ իմ ուխտս, ասկէ վերջ, մենք ձեռք ձեռքի պիտի քալենք, մեր հայրենիքին ծառայելու համար։ Իսկ եթէ…— յանկարծ ձայնը անսովոր կերպով դողաց, բայց վայրկեան մը լռելէ վերջ, հաստատուն ձայնով շարունակեց. մեր անմեռ սէրը ինքնակամ դնենք հայրենիքի ազատութեան սեղանի վրայ, ու չմտածենք ապագայի մասին։

Իրար գրկած երկար ատեն լուռ մնացին ու կը թուէր թէ այդ խորհրդաւոր լռութեան մէջ երկու հոգիները կը միաձուլուէին։

Դեռ հոգեկան յուզումի եւ արցունքի հետքերը դէմքին, Եւգինէն գլուխը յենած տղու կուրծքին, երազուն աչքերը դէպի անորոշ կէտի մը յառած, խոր զմայլանքով մտիկ կ՚ընէր երկնային անսովոր երաժշտութեան մը, որ զարմանալի քաղցրութեամբ կը հնչէր տղու կուրծքի տակ, սրտի համաչափ ուժեղ զարկերով։

-------

Վահէն գրեթէ ամէն օր կը հանդիպէր Արսէնեաններուն։ Առաջ հիւանդ ընկերը տեսնելու, յետոյ որպէս տան մօտիկ բարեկամ մը։ Աւելի հաղորդական քան Քաչալը, բնաւորութեամբ կենսուրախ, կարճ ժամանակի մը ընթացքին գրաւած էր տնեցոց բոլորի համակրութիւնն ու սէրը։ Մասնաւորաբար պր. Աշոտը, որ ընդհանրապէս կը սիրէր խօսող խնդացող բարեկամներով շրջապատուիլ սեղանի վրայ, ջերմ զգացումով կապուած էր անոր։

Քաչալի Արսէնեաններու տունը գալէն երկու շաբաթ վերջը, անգամ մը երեկոյեան կողմ, Վահէն այցի եկաւ երիտասարդի մը ընկերակցութեամբ։ Վահէի հետ եկող երիտասարդը, մեր վաղածանօթ Գէորգն էր, որ այդ օր դուրս եկած էր հիւնդանոցէն։

Այդ օր, Եւգինէի մօտ հաւաքոյթ կար։ Ընդարձակ հիւրասենեակի մէջ ժողովուած էին մօտ երկու տասնեակ աղջիկներ կամ ինչպէս իրենց զիրենք կը կոչէին՝ «Կարմիր Խաչի առաջապահ խումբի անդամները»։ Ատոնք բոլորն հասակակից աղջիկներ էին, մեծամասնաբար Գայիանեան վարժարանի նախկին կամ աւարտական դասարանի աշակերտուհիներէն։ Երկու տարի առաջ գիւղատնտես Սարիբէկեանի ջանքերով կազմուած էր այդ խմբակը՝ «Սուրբ Գործ»ին ծառայելու համար։

Հետաքրքիր եւ կենսունակ ոգեւորութեամբ լեզուն, աղջիկներու խմբակ մ՚էր այդ։ Անոնք գրեթէ ամէն շաբաթ կը մէկտեղուէին ընկերուհիներէ մէկուն տունը։ Այդ աղջիկները, նոր սերունդի բացառիկ քիչերէն էին, որոնք հայկական վարժարան մը աւարտած, հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան մասին լայն ծանօթութիւն մ՚ունէին։ Հաւաքոյթներու ժամանակ, ընդհանրապէս յեղափոխական գրականութեամբ եւ երբեմն ալ հասարակական արժէք ունեցող հարցերու մասին վիճաբանելով կը զբաղէին։ Ատկէ զատ երկու շաբաթն անգամ մը բժիշկ Ջանեանի գրասենեակը երթալով, ուրիշ խումբ մը աղջիկներու հետ, կը հետեւէին համակրելի բժիշկի դասախօսութիւններուն, թէ ինչպէ՞ս վիրաւորի մը անմիջական օգնութիւն պէտք է հասցնել, վէրքը կապել, վիրաւորը խնամել։ Այս զուտ տեսական ծանօթութեան պակասը կը լրացնէին գործնական աշխատանքներով։ Ծանօթ բժշկապետի մը մասնաւոր հիւանդանոցին մէջ ալ հերթական կարգով կ՚աշխատէին։

Այդ օր, թէյի ժամանակ, Արսէնեաններու տանը հաւաքուած էին երկրէն եկող նոր գործիչը լսելու։

Առանց ճառախօսութեան, հանդարտ եւ հանգամանօրէն սկսաւ խօսիլ Գէորգը։ Կենդանի գոյներով նկարագրեց սահմանի հիւս կողմը գտնուող հայ ժողովուրդի անտանելի վիճակը եւ թուրք կառավարութեան ստեղծած դժոխային ռեժիմը՝ որ նպատակ ունէր փճացնելու հայ ժողովուրդը որպէս ազգային ուրոյն հաւաքականութիւն մը։ Համոզեցուցիչ պարզութեամբ բացատրեց ուշադիր ունկնդիրներուն թէ՝ ինչպէս կառավարութեան խստութիւններուն զուգընթաց՝ հայ ժողովուրդի մէջ կ՚աճէր յեղափոխական տրամադրութիւնը։

Ներկայիս, Երկրի մէջ, նոր հասած սերունդ մ՚ունինք, որ դարերու աւանդական հնազանդութիւնը մէկդի նետած, նոր կեանքի մը պահանջն ունի։ Որպէս ազգային ամբողջութիւն մը, հալածանքի ենթակայ լինելու պարագան՝ մեծապէս խթանած է ազգային գիտակցութիւնը, որ առաջ շատ անորոշ գոյութիւն ունէր։

Գէորգ երկարօրէն ծանրացաւ Երկրի մէջ կատարուած յեղափոխական աշխատանքներու վրայ։ Սահմանաւորեց օժանդակութեան այն չափը, որ Երկրէն դուրս գտնուող հայերը պարտաւոր էին ցուցնել, աջակցելու համար մեծ գործի մը, որ համազգային արժէք մ՚էր։

Դասախօսը վերջէն ազդու կոչ մ՚ըրաւ ունկնդիրներուն, առանց վհատելու, հաւատաւոր դէպի հայ ժողովուրդի ապագան, կրկնապատկել իրենց ճիգն ու աշխատանքը մեծ նպատակին հասնելու համար։

Եթէ դուք ֆիզիքական տկարութեան պատճառով չէք կրնար անմիջականօրէն օգտակար լինիլ Երկրի ժողովուրդին, եթէ չէք կրնար յեղափոխական գործնական աշխատանքին լծուիլ. խօսքը վերջացուց Գէորգը՝ դիմելով աղջիկներուն, հո՛ս, Կովկասի մէջ ալ աշխատանքը չէ որ կը պակսի անձնուէր գործիչի մը կամար։ Անցէ՛ք գաւառ՝ փոխանակ կեդրոնանալու Թիֆլիս, որ ձեր օգնութեան կարօտ չէ։ Ձեր ունեցած մտաւոր պաշարով դուք կրնաք օգտակար լինել գաւառի հայութեան։ Հոն ամբողջ շրջաններ կան տգիտութեան ու խաւարի մէջ կորած. լծուեցէք կրթական գործին, լոյս տարէք դէպի անլոյս գիւղերը, ծառայեցէք հայ գիւղացուն, ատով՝ լաւագոյն կերպով ծառայած կը լինիք ազգին։

Գէորգի պարզ եւ անպաճոյճ խոր տպաւորութիւն մը առաջ բերին հաւաքուած աղջիկներու վրայ։ Ցանկութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը չէր որ կը պակսէին անոնց մէջ ծառայելու ժողովուրդին, այլ աւանդական ըմբռնողութիւնը, որ կնոջ գործունէութեան միջավայրը տան մը չորս պատերուն մէջ կը սեղմէր։

Դասախօսութենէն վերջ, այս հարցի մասին, կենդանի վիճաբանութիւն մը ծայր առաւ աղջիկներու մէջ։ Ոմանք իրենց անբաւարար կրթութիւնը կը մատնանշէին եւ անհրաժեշտութիւնը՝ աւելի պատրաստուելու օտար համալսարաններու մէջ։ Ներկայ գտնուողներէն Պայծառ անուն աղջիկ մը եւ Եւգինէն պատրաստակամութիւն յայտնեցին, որպէս ուսուցչուհի, գաւառ երթալու։

Երեկոյեան կողմ երբ հաւաքուած աղջիկները ցրուեցան, Տիկին Մարիամը ընթրիքի պահեց Վահէն եւ Գէորգը։

Հակառակ պր. Աշոտի ու Վահէի բարձր տրամադրութեան, զգալի բեկում մը նշմարելի էր մնացած սեղանակիցներուն մէջ։ Կախէթի պատուական գինին ալ չկրցաւ տրամադրութիւնները շտկել։ Որոշուած էր, որ յաջորդ օր, առաւօտեան շատ կանուխ, կառապան Վաչօն վստահելի երկու ընկերներու հետ, պիտի տանէին Քաչալը Թիֆլիսի մօտ գտնուող Կոճոր գիւղը։ Այն տեղէն, սարի ճամբայով, տեղացի վալատի մը առաջնորդութեամբ, Քաչալը պիտի անցնէր Շուլավէր։ Անգամ մը այդ քաղաքը հասած, որ հազիւ ութ տաս վերստ հեռաւորութիւն մը ունենար երկաթուղիի կայարանէն, ան այլեւս ապահով կերպով կրնար շարունակել իր ճամբան։

Մտածեցինք որ ծրագրուած փախուստի մանրամասնութիւնները բացատրելէ վերջ, շարունակեց Վահէն, փոխանակ Տիլիճան երթալու, ուր զանազան քաղաքներէ մեծ բազմութիւն մը կը հաւաքուի ամառն անցնելու, աւելի լաւ պիտի լինի որ երթաս Փարաքար։ Գէորգի հետ կ՚անցընես ամառը, մինչեւ որ կարգին կազդուրուիս։ Անկէ վերջ կը մտածես գործունէութեան շրջան մը ընտրելու մասին։

Ընդարձակ այգի մ՚ունինք Էջմիածնի խճուղիի վրայ, լայնօրէն փռուած բլուրի լանջին, Գէորգը ոգեւորուած կ՚աշխատէր համոզել Քաչալը, մեր տնեցոց մեծ մասը ամառը այգին կ՚անցընէ։ Այգիի կեդրոնը հանգստաւէր տուն մը շինած՝ հայրս, ընդարձակ երեսբացով։ Շուրջը՝ ծաղկանոց-բանջարանոց մը, ծիրանի եւ դեղձի բազմաթիւ ծառեր եւ չորս տեսեաթին տարածութեամբ որթատունկ։ Ամիսներով այգիէն դուրս գալու պէտք չունինք, եթէ չկամենանք։ Մեր տնեցիք գրկաբաց պիտի ընդունին քեզ, մանաւանդ մայրս, որ դեռ լուր չունի գալուս մասին։ Արեւի առաջին ճառագայթները, հարթ տանիքի վրայ փռուած մեր անկողիններու մէջ կը ծաթին։ Իսկ մեր դէմն ու դէմը կը բարձրանան սքանչելի Մասիսները։

Ինձ կը թուէր, գլուխը օրօրելով տրտմութեամբ ըսաւ Քաչալը, կերպով մը հնարաւոր պիտի լինի անցնիլ Զանգեզուր, մեր գիւղը։ Այսքան երկար տարիներէ վերջ, գէթ անգամ մը կ՚ուզէի տեսնել ծերունի հայրս, եղբայրներս եւ փոքրիկ քոյրս…

Վտանգաւոր ցանկութիւն մ՚էր այդ, որու հետեւանքները շատ ծանր կրնային լինել։ Վահէն ու Գէորգը միաձայն հակառակեցան Քաչալին։ Նոյնիսկ Եւգինէն, որ ընթրիքի ընթացքին գրեթէ բառ մը չէր արտասանած, մեղմօրէն նկատեց.

Այդ կը նշանակէ զուր տեղը ինքզինքդ վտանգի ենթարկել։ Հազիւ պրծար կայարանի դէպքէն։ Գիտես որ բախտը միշտ ալ մարդու չի ժպտիր։ Յուլիսին, միւռոնօրհնէքի մեծ հանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Էջմիածնի վանքին մէջ։ Այդ տօնի առթիւ Կովկասի բոլոր անկիւններէն ժողովուրդը ուխտի կ՚երթայ վանք։ Ես ուրախութեամբ յանձն կ՚առնեմ հարազատներուդ լուր հասցնելու պարտականութիւնը, որ անպատճառ Էջմիածին գտնուին։ Իսկ մինչեւ այդ, ինձ ալ կը թուի որ ընկերներուդ առաջարկութիւնը լաւագոյնն է, ի հարկէ եթէ պարոն Գէորգը կ՚երաշխաւորէ ապահովութիւնը։

Այո՛, անշուշտ մեր գիւղը ապահով թագստոց մը կրնայ համարուիլ։ Քաչալը անձնապէս ճանաչողներ չկան հոն, թէեւ անունը ծանօթ է գրեթէ ամէն մէկ դպրոցական երեխայի։ Հայրս ազդեցիկ անձնաւորութիւն մ՚է գիւղի մէջ։ Ինչ կը վերաբերի մեր ընտանիքի ընդունելութեան, այդ մասին կրնամ վստահացնել, որ հարազատի նման պիտի խնամեն։ Ուրեմն, որոշուած է, չէ՞։

Թող այդպէս լինի, խեղճացած համաձայնեցաւ Քաչալը, քանի որ ծննդավայրս երթալը անկարելի՛ կը համարէք։

Ուրեմն, ես վաղը չէ միւս օրը, երեկոյեան, կը ճանապարհուեմ երկաթուղիով եւ կանգ կ՚առնեմ Սանահին կայարանը։ Հոն քեզ կը սպասեմ։

Պր. Աշոտը, որ շատ բարձր տրամադրութեան մէջ էր այդ երեկոյ, քիչ մ՚ալ սովորականէն աւելի կատարը տաքացած, բաժակը բարձրացնելով եւ դառնալով երեք ընկերներուն՝ ըսաւ.

Տղերք ջան, ձեր երթալիք ճամբուն ղուրպան։ Բարով երթաք, սաղ սալամաթ վերադառնաք։ Աստուած ազգովին մեր սուրբ նպատակին հասցնէ։ Կեցցէ՛ Հայաստան, ու բաժակը Վահէի բաժակին հետ թխկացուց։— Աստուած ողորմի Նոյ նահապետի ծնողաց հոգուն։ Կ՚ըսեն՝ Արտաշատի գինին ալ լաւն է, բայց Կախէթինը ուրիշ բան է, ախբեր, ուրիշ բան։ Տէ՛, երեխէք, ձեր հոգուն մատաղ, բոլորս միասին երգենք, ու առանց սպասելու միւսներուն, որ սկսին, գլուխը թափահարելով սկսաւ երգել Հայրենիք սրբազան, իմ սիրուն աշխարհ…

Բազմաթիւ բաժակներ իրարու յաջորդեցին։ Ամէն մէկը խօսք մը, բարեմաղթութիւն մ՚ունէր ըսելիք։

Վերջին բաժակը եւ վերջին խօսքը Քաչալին բաժին ինկաւ։ Խորապէս զգածուած՝ շնորհակալութիւն յայտնեց այն ջերմ ընդունելութեան համար, որ իր հանդէպ ցոյց տուին Արսէնեանները։ Մասնաւորելով իր խօսքը տիկին Մարիամին, ըսաւ որ հազիւ թէ հարազատ մայր մը կրնար աւելի հոգածու գտնուիլ քան ան եղած էր։ Բոլորի տրամադրութիւնը հետզհետէ բարձրացաւ։ Միայն Քաչալն ու Եւգինէն աւելի զուսպ, կարծես արուեստակեալ կը մասնակցէին ուրախութեան՝ մտքով շատ հեռուները թափառելով։ Ո՞վ գիտէր, թէ այդ իրենց վերջի տեսակցութիւնը չպիտի՞ լինէր…

Դեռ սեղանէն չէին բարձրացած երբ փողոցի մէջ կառք մը կանգ առաւ։ Ու անմիջապէս բաց պատուհանէն լսուեցաւ առոյգ երաժշտական ձայն մը.

Ուհո՜ւ, ուհո՜ւ…

Յայտնի բան էր, որ տնեցիք գիտցան թէ ո՞վ էր դրսէն ձայնողը։ Վարդանը հապճեպ բարձրացաւ տեղէն ու պատուհանէն կիսովին վար կախուած՝ պոռաց ռուսերէն.

Վեր եկուր, Սոնիա։

Իսկ ձեզ մօտ դրսէն մարդիկ կա՞ն, նոյնպէս ռուսերէն լսուեցաւ հնչեղ ձայն մը, որ անկասկած մանկամարդ աղջկան մը կը պատկանէր։— Շատ կ՚աճապարեմ. երեկոյթ ունինք այս գիշեր։ Ուզեցի մէկ հանդիպիլ ձեզ։ Մօրաքոյրը տա՞նն է…

Այո՛, շուտ վեր եկուր, ու տղան պատուհանէն քաշուելով՝ անցաւ միջանցքը, դրսի դուռը բանալու։

Քիչ անց, Վարդանի թեւէն կախ ինկած, փոթորիկի նման ճաշասենեակէն ներս ինկաւ մանկամարդ աղջիկ մը շքեղօրէն հագնուած։ Լայնեզր յարդէ գլխարկ մ՚ունէր գլխուն, որու լայն շրջանակի տակէն կենդանի աչքերը անհանդարտ կը պարէին։ Աղջիկը, սեղանի շուրջ բոլորուած օտար հիւրերը նշմարելով, թէեւ վայրկեան մը տատամսած՝ կանգ առաւ, բայց անմիջապէս ինքզինք հաւաքեց ու բոլորովին անտարբեր՝ վրայ վազեց, համբուրուեցաւ տիկին Մարիամի եւ Եւգինէի հետ։ Յետոյ թուշը մօտեցուց պարոն Աշոտի բերնին, անընդհատ ռուսերէն շաղակրատելով.

Մօրաքո՛յր, մայրս խնդրեց, որ էգուց քիչ կանուխ երթաք մեզի… Ուֆ, այնքա՜ն յոգներ եմ որ… Հա՛, Եւգին ջան, ինչպէ՞ս սիրեցիր նոր հագուստս։ Վերջերս Մոսկուայէն եկած ֆրանսացի մօտիստկան կարեց։ Այնքա՜ն զբաղած էր որ հազիւ համաձայնեցաւ կարել… Չմոռնա՛ս, վաղը կէս օրին Պոթանիքական այգին պիտի երթանք պտոյտի… Մօրաքոյր, տիատա Աշոտ, աչքերնիդ լոյս։ Կը շնորհաւորեմ։ Վարդան, վերջապէս պրծա՜նք… Մաթեմաթիքէն երեք միայն ստացայ… Ֆո՛ւ, հոգս չէ։ Դո՛ւ, ինչպէս միշտ, անշուշտ ամենայաջողն ես դասարանիդ մէջ, չէ՞… Հայրս կ՚ըսէ, թէ շատ խելացի տղայ մ՚ես… իսկ ես որպէս թէ ուրախ թիթեռնիկ մը. ու քրքջուն ծիծաղով մը նստաւ տիկին Մարիամի մօտ։— Չէ՞, մօրաքոյր, աղջիկ մը շատ ալ խելօք լինելու չէ. բաւական է որ…

Ու կարծես նոր անդրադառնալով որ օտար հիւրեր կան՝ լռեց ու խորամանկ ժպիտով մը Եւգինէին նայեցաւ։

Աղջիկս, ծանօթացիր մեր հիւրերուն հետ, ներողամտաբար ժպտելով՝ տիկին Մարիամ քնքշանքով գրկեց Սոնեան, որու զուարթ եւ անզուսպ բնաւորութեան վարժուած էր. Այս՝ պարոն Վահէն է, այս՝ պարոն Գէորգը, իսկ այս պարոնը… պարոն…

Ու դժուարացաւ անուն մը տալ անանուն հիւրին, որ միայն Քաչալ օտարոտի ծանօթ էր տան մէջ, Պր. Աշոտը անմիջապէս օգնութեան հասաւ կնոջը՝ ըսելով.

Պարոն Յակոբ, գաւառական ուսուցիչ մը…

Սոնիան հազիւ մտիկ կ՚ընէր, քիթը հովերուն։ Անուշադիր լսեց անունները, այդ սովորական հայու անուններէն՝ Գէորգ, Մարկոս, Կիրակոս, եւ վարժապետ Յակոբ։ Արդէն այդ էր պակաս…։ Գլխու թեթեւ շարժումով մը բարեւեց բոլորը մէկանց ու՝ դառնալով Վարդանին ըսաւ. ինձ ճանապարհ պիտի դնես, չէ՞, մասնաւոր ըսելիք մ՚ունիմ քեզի…

Անշո՛ւշտ։

Տէ, ես գնացի… Չուշանաք վաղը երեկոյ… Ճիշդ ժամը վեցին կը սպասենք… Մօրաքոյր, դուք կանուխ եկէք… Գիտնա՜ք թէ որքան հետաքրքիր հիւրեր պիտի ունենանք… Երթանք, Վարդան։

Եւ ընդհանուր բարեւ մը տալով՝ դուրս ելաւ տղուն հետ միասին։

Տօ, սնդիկ է, կատարեալ սնդիկ, աղջկայ երթալէն վերջ բարեմտաբար ծիծաղելով ըսաւ պարոն Աշոտը, կարծես կրակ առնելու եկաւ անիրաւը…

Հայ օրիորդ մ՚է, չէ՞, հարցուց տարակուսած Վահէն։

Անշուշտ, Պեօտր Կարպովիչի մէկ հատիկ զաւակը։

Պէօտր Կարպովի՞չ…

Կերպասեղէնի հռչակաւոր վաճառականը։ Միթէ՞ լսած չէք այդ անունը, զարմացկոտ հարցուց տանտէրը, որ չէր կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է չգիտնալ առաջին կարգի վաճառական, մեծահարուստ Պէօտր Կարպովիչ Ասլանովը, որ ամբողջ Կովկասի մէջ յայտնի անուն մ՚էր։

Այո՛, այո՛, կարծեմ լսեր եմ, անվստահ մրմռաց Վահէն, որ անկասկած ոչինչ գիտէր Ասլանովի եւ անոր ունեցած հարստութեան մասին, բայց մեծապէս գրաւուեցաւ Սոնիայի գեղեցկութեամբ։— Անշուշտ, ինչպէս սովորական է մեր հարուստ ընտանիքներու մէջ, մայրենի լեզուն չի գիտեր…

Դժբախտաբար, ոչ, աշխատեցաւ չքմեղել աղջիկը, հազիւ թէ քանի մը բառ։ Մայրը վրացախօս թիֆլիսեցի հայ ընտանիքէ մ՚է։ Տան սպասաւորներն եւ ուսուցիչները բոլորն ալ ռուս կամ օտարական են։ Դժուար թէ, եթէ ցանկանար իսկ, յաջողէր հայերէն սովրիլ։ Այո՛, այս ազգային հիւանդոտ երեւոյթ մ՚է, տխրօրէն գլուխը շարժելով շարունակեց պարոն Աշոտ, չկայ հարուստ կամ միջին դասի պատկանող ընտանիք մը, որու տանը հայերէն խօսուի։

Ուշ ատեն ցրուեցան հիւրերը՝ պատուիրելով Քաչալին, որ առտու շատ կանուխ պատրաստ լինի մեկնելու։

Միւս առտու, արեւածագէն առաջ, երբ քաղաքի փողոցները դեռ բոլորովին ամայի էին, Վաչոյի կառքը կանգ առաւ Արսէնեաններու տան առջեւ։ Դռնապան Մօսօն վեր վազելով ձայն տուաւ տնեցոց։ Բոլորը ոտքի վրայ՝ կը պատրաստուէին հիւրը ճամբու դնելու։ Տիկին Մարիամը գիշերուընէ պատրաստած ուտելիքի պաշարը կապոցի մը մէջ փաթթած՝ կը տեղաւորէր կառքի ետեւի կողմը։

Վարդանը, նոր գնուած պայուսակը վերցուցած՝ վար իջաւ։ Տղան ու Եւգինէն հազիւ քանի մը վայրկեան առանձին մնալու պատեհութիւն ունեցան։

Տէ՛, սիրելիս, Քաչալը մօտենալով գրկեց աղջկան, պէտք է բաժնուիլ։ Իմ մասին չմտահոգուիս, ամէն ինչ յաջող կ՚անցնի։ Ամառը անշուշտ կը տեսնուինք…

Եւգինէն, որ արտակարգ ճիգ կը թափէր խաղաղ, մինչեւ իսկ ուրախ դէմք մը ցոյց տալու, աճապարեց դուրս գալ սենեակէն՝ տղուն ձեռքէն բռնած։

Անշուշտ, ամառը կուգամ քեզ տեսնելու։ Շուտ շուտ գրէ… Անզգուշութիւն չընես, լաւ պահէ ինքզինքդ, ու զգալով որ արցունքը արդէն կը լճանայ աչքերուն մէջ՝ սանդուխէն վար վազեց։

Քաչալը ճամբելէ վերջ, տնեցիք կրկին վեր բարձրացան։ Հիւրասենեակի մէջ հաւաքուած՝ անոնք տխուր ու սրտաբեկ կը զգային։ Կարծես ընտանիքի հարազատ մէկ անդամը հեռացած լինէր։ Եւգինէն իր սենեակն առանձնացաւ ու երկնցած անկողնի վրայ, թաշկինակը աչքերուն՝ սկսաւ հեկեկալով արտասուել։