Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ՈՒՂԵԳԻԾ

Ռուբէն Գէորգեանն եւ Տիգրան Խազմանեանը Ալէքսանդրոպոլի ցոյցէն երկու օր յետոյ աքսորուեցան Ռուսաստանի ներքին նահանգները, երեք տարի ժամանակով։ Այդ աքսորը, առանց դատ ու դատաստանի, վարչական կարգադրութիւն մ’էր պարզապէս։

Անմեղ կամ մեղաւոր լինելու պարագան արժէք չունէր, երբ կառավարութիւնը կ’ուզէր անցանկալի մէկը հեռացնել շրջանէ մը, «վարչական կարգով» կը քշէր զայն մինչեւ հեռաւոր Սիբերիա։ «Վարչական կարգը» այն մեծ առաւելութիւնն ունէր կառավարութեան համար, որ չուզած կամ չսիրած մարդը կրնար հեռացնել նոյնիսկ առանց ձեւական դատական որոշման մը։

Ցոյցէն երկու օր վերջ, Վահէն եւ Վարդանը գնացին Հառինջի վանքը, ուր իրենցմէ առաջ գնացեր էր Առիւծ Գեւօն, իր անբաժանելի Համբոյի հետ։ Առիւծ Գեւոյի հերոսական պատմութիւնները վերջացան, ու սրտի մղկտանքով կը յիշէր Ալաբքեար Յարութի միկիտանի իր տաքուկ անկիւնը։ Անբաժանելի կէսին հետ, Առիւծ Գեւօն գիշերները փուքսի անիւը դարձնելով կը լուսցնէր, արիւն քրտինք մտած։

Վահէն ու Վարդանը շրջակայ հայ գիւղերը կը թափառէին։ Վարդանի առջեւ գրեթէ բոլորովին նոր աշխարհ մը կը բացուէր։ Մինչեւ այդ, ան տեսած էր միայն Ղարաքիլիսէն, աւելի ամարանոց մը, քան գիւղ մը։ Հայ գիւղացիի ապրելու նահապետական ձեւը, ծայրայեղ աղքատութիւնը եւ մտաւոր տգիտութիւնը խորապէս ազդած էին Վարդանի վրայ, որ հազիւ թէ կրնար հաշտուիլ իրողութեան հետ։ Մէկ օրուան ճանապարհով միայն հեռու փապթամ Թիֆլիսէն, հայ գիւղացին կ՚ապրէր տասնեակ դարեր առաջուան ողորմելի կեանքը։

Որքան ալ որ հայ գիւղացիի անտանելի վիճակը կը դառնացնէր Վարդանը, բայց պատմական Հայաստանի մէջ գտնուելու գաղափարը մասամբ կը մեղմէր զգացած դառնութիւնը։ Ամէն քայլափոխի հայկական աւերակ եկեղեցի մը, բերդի մը կամ պարիսպի մը բեկորը կը ցցուէր առջին։ Ատոնցմէ ամէն մէկը դարերու խորքէն կուգար, հայու արիւնոտ պատմութիւնով շաղախուած։

Մէկ կողմէ՝ ստեղծագործող հայ ժողովուրդի աշխատանքի եւ տքնութեան, ու միւս կողմէ՝ Հայաստանով անցնող ցեղերու աւերիչ կատաղութեան մնայուն վկաներն էին այդ աւերակները, որոնք ցրուած են ամբողջ Հայաստանի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը։

Մօտ երկու շաբաթ թափառելէ ետքը, օր մը Վահէն յայտնեց որ պիտի անցնի Անի։

Հազիւ թէ գտնուի դպրոցական հայ աշակերտ մը, որ մանկութեանը ոգեւորուած չլինի Բագրատունիներու շքեղ մայրաքաղաքի աւերակներով։ Հայ ժողովուրդի համար, Անին աւերակ քաղաք մը լինելէ աւելի, Հայաստանի անցեալ փառքի, ինչպէս եւ ապագայ յոյսերու հոգեկան խորհրդանշանը եղած է։

Երբ երկուքով Ախուրեան գետը անցան ու սկսան բարձրանալ բլուրն ի վեր, պարսպի թափթփած քարերու վրայէն մագլցելով, Վարդանի սիրտը մուրճի մը թափով կը զարնէր։ Մեծ նախահայրերու շքեղ մայրաքաղաքը ողբալի աւերակներու կոյտ մ’էր, բայց այն, ինչ որ դեռ կանգուն կը մնար, այնքան հզօր տպաւորութիւն մը կը ձգէր, որ մինչ Վարդանի աչքերը կը թրջուէին յուզումէն, կուրծքը կ’ուռէր հպարտութեամբ լեցուած։

Անիի աւերակներուն վրայ փոքր տնակ մը կառուցուած էր, ուր կը մնար մենաւոր վարդապետ մը, որպէս միակ պահապանը հայ ազգի փառաւոր անցեալին։ Երեք օր հիւր մնացին վարդապետին, բարի ծերուկ մը, որու ամբողջ փառասիրութիւնը այդ աւերակներուն պահապան մնալն էր։

Վարդան օրերն անցուց հոգեկան այն վիճակին մէջ, երբ անցեալը այնքան կենդանի կերպով կը խառնուի ներկային, եւ երբ կը թուի թէ հազար տարիներ առաջ ապրւած օրերու հաղորդակից ես։ Ժամերով կ’առանձնանար կիսաքանդ մայր տաճարի խաղաղ մենութեան մէջ, ուր ատենօք հայ թագաւորներ, նախարարներ, պալատականներ, ուր առաջ տիրականօրէն կը բարձրանար թագաւորական պալատը, եւ սեան խոյակի մը վրայ նստած՝ կը մտածէր անցեալի, բայց մանաւանդ ապագայի մասին։

Երկրորդ օրուան կէս օրին, երբ Վարդանը, երկար թափառումէ մը վերջ, վերադարձաւ վարդապետի տնակը, հոն Թիֆլիսէն եկած նոր հիւրեր գտաւ։ Անգլիացի երիտասարդ բժիշկ մը ու իր համակրելի նորահարսն էին նորեկները, որոնք Պարսկաստան կ’անցնէին։

Վահէն ուսանողութեան ժամանակ անգլիերէն սովրած էր եւ ազատօրէն կրնար միտքը արտայայտել։ Տոքթորն ու իր կինն ալ դժբախտաբար, բացի անգլիերէնէ ուրիշ լեզու չէին գիտեր։ Ինչպէս կ’երեւէր, պատահաբար անգլիախօս մէկու մը հանդիպելնուն, շատ ուրախ էին։

Որ դուք հոս չլինէիք, - ծիծաղելով կ’ըսէր վարդապետը Վահէին, - ես այս օտարականներու հետ անբան անասունի նման ձեռքով ոտքով պիտի խօսէի։

Երեկոյեան կողմը, ամբողջ խմբով շրջան մը կատարեցին։ Վահէն նշանաւոր աւերակներու մասին բացատրութիւն կուտար հիւրերուն, որոնք մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէին անոր խօսքերուն։

Երբ արեւն մայր մտնելէն վերջ վերադարձան վարդապետի տնակը, Վարդանը, ըստ իր սովորութեան շարունակեց թափառումը արդէն ստուերոտ փլատակներու մէջ։ Վերադարձին յոգնած քայլերով կ’անցնէր մեծահանճար Տրդատ ճարտարապետի հրաշակերտ մայր եկեղեցիի մօտով։ Բնազդաբար քայլերը ուղղուեցան դէպի քանդակաւոր մեծ դուռը։ Ներս մտաւ։

Մայր եկեղեցիին ներսը ստուերները սկսած էին թանձրանալ, ու հակառակ դրսի տօթին, զարմանալի կերպով զով էր հոն։ Անկիւն մը ինկած մեծ քարի մը յենելով արմուկը՝ Վարդան երկնցաւ սալայատակի վրայ։ Ամբողջ օրը սաստիկ շոգէն ու թափառելէն յոգնած՝ Վարդանի աչքերը ակամայ գոցուեցան, ու հանդարտօրէն սկսաւ քնանալ։ Երբ յանկարծ արթնցաւ, գիշերը շատ առաջացած էր, ու քանդուած գմբէթի բացուածքէն կ’երեւէին պսպղուն աստղերը։ Վարդանը կը պատրաստուէր ոտքի ելլել, երբ յանկարծ զարմանքով նկատեց, որ տաճարի դռնէն խօսակցելով երկու ստուերներ ներս մտան ու յառաջացան մայր եկեղեցիի բարձրադիր խորանը։

Այնքան մութ էր, որ անկարելի էր եկողներուն դիմագիծը որոշել, բայց Վարդանը անմիջապէս ճանչցաւ զանոնք իրենց ձայներէն։ Մէկը Վահէն էր, իսկ քովինը բարձրահասակն անգլիացին։ Գիշերուան այդ ժամուն ի՞նչ գործ ունէին հոդ, զարմացած կը մտածէր Վարդանը։ Բայց իր զարմանքը ապշութեան փոխուեցաւ, երբ ստուերները կամաց քայլերով անցան իր քովէն՝ սկսուած խօսակցութիւն մը շարունակելով։ Երկուքն ալ հայերէն կը խօսէին։ Անգլիերէնէ զատ ուրիշ լեզու չգիտցող անգլիացի բժիշկը հարազատ շեշտով գրական հայերէն կը խօսէր այնքան դիւրութեամբ, որ կարծես իր մայրենի լեզուն եղած լինէր։

Եթէ նոյնիսկ շատ դժուար քաղաքական փորձարկութիւն մ’է, - կ’ըսէր անգլիացին, մտերմօրէն Վահէի թեւը մտած, - դարձեալ կ’արժէ փորձել։

Անշո՛ւշտ, բայց կը կարծէ՞ք թէ Մար Շիմոնը համաձայնի իր հակառակորդ քրտերու հետ համագործակցիլ…

Ստուերները մօտեցեր էին խորանին։ Անգլիացին՝ անպատասխան ձգելով Վահէի հարցումը՝ րոպէ մը լուռ մնաց հոն պատկառոտ խոնարհութեամբ ու քիչ վերջը թախծոտ ձայնով մը ըսաւ․

Մտածել, որ տասնեակ մը դար առաջ այս խորանի վրայ, Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսը օծեց Գագիկ Երրորդը՝ Բագրատունեաց հարստութեան վերջին թագաւորը…

Եւ երկու ստուերները խորանին առջեւ պահ մը լուռ մնացին։

Վարդան ակամայ, լսած էր անոնց խորհրդաւոր խօսակցութիւնը։ Կը զգար որ ինք գաղտնիքի մը ծանօթացեր էր, որ պէտք չէր գիտնար։ Ոտքի մատներու վրայ, առանց աղմուկ հանելու դուրս ելաւ մայր եկեղեցիէն եւ ուղղուեցաւ դէպի վարդապետի բնակարանը։

Անկողնի վրայ երկնցաւ։ Չէր կրնար քնանալ։ Ո՞վ էր այդ անգլիացի բժիշկը։ Ինչո՞ւ Վահէն որ ընդհանրապէս այնքան սրտաբաց կը խօսէր իրեն հետ, կը ծածկէր այդ մարդու ինքնութիւնը։ Արդյօ՞ք պատահական հանդիպում մ’էր երկուքի միաժամանակ Անի գտնուիլը, թէ նախօրօք կարգադրուած բան մըն էր այդ։

Հազար ու մէկ նման հարցեր կը խռովէին Վարդանի միտքը։ Ժամերով արթուն մնաց։ Առաւօտեան կողմ միայն, դրսէն ոտնաձայներ լսեց, ու քիչ վերջը Վահէն սենեակը մտաւ եւ երկնցաւ Վարդանի մօտ։

Յաջորդ օրը բոլորը միասին մեկնեցան Անիէն։ Երկաթուղիի Անի կայարանէն Վարդանը պիտի բաժնուէր ընկերներէն։ Վահէն յայտնած էր որ կարեւոր գործով ինք Երեւան պիտի անցնի, հետեւաբար անգլիացիներուն պիտի ընկերակցէր մինչեւ Էջմիածին։

Դեռ կայարան չհասած Վարդանը որպէս թէ միամտօրէն հարցուց Վահէին․

Ինչպէ՞ս էր այս անգլիացիի անունը, մտահան ըրի։

Տոքթոր Արթհըր Ուայթ, գիտուն մարդ մ’է։

Վահէն ուրիշ բան չյայտնեց։ Ուրեմն, այդ տոքթորը պետք է որ անգլիացի մնար Վարդանի համար։

Երբ բաժանման պահը հասաւ, Վահէն հարազատի մը նման գրկեց Վարդանը եւ սեղմեց կրծքին․

Սիրելիս, այս վերջին շաբաթները թող երբեք մտքէդ չելլեն, - ըսաւ Վահէն, մինչ Վարդանի աչքերը արցունքով կը լեցուէին, - տեսար մեր քար ու քանդ հայրենիքի մէկ մասը, մեր ժողովուրդի վիճակն ու տառապանքը։ Այդ խոշոր ցաւէն ամէն մէկս մաս մը պէտք է վերցնենք մեր ուսերուն։ Աշնան կ’երթաս Գերմանիա։ Լաւ աշխատէ, շատ աշխատէ, հայ ժողովուրդը պէտք ունի սրտցաւ գործիչներու։ Յիշէ մեր ժողովուրդի վիճակը։ Երթաս բարով։

Վարդանը բառ մ’իսկ չկրցաւ պատասխանել։ Ձայնը խզուած էր, եւ արցունքը ազատօրէն կը հոսէր երեսն ի վար։ Երբ օտարականներուն մօտեցաւ մնաք բարով ըսելու, անգլիացին ջերմութեամբ սեղմեց Վարդանի ձեռքը։

---------

Վարդանը Ղարաքիլիսէ հասաւ, արեւէն բոլորովին պղնձագոյն դարձած։ Երկար չէր կրնար մնալ մօրը մօտ։ Պէտք էր օգոստոս 30-էն առաջ Թիֆլիս գտնուէր՝ մասնակցելու համար աշակերտական համագումարին, որու նախաձեռնողերէն մէկն էր ինք։

Վերջին երեք չորս շաբաթները, գրեթէ միշտ Վահէի հետ, հազիւ թէ ժամանակ ունեցած էր իր անձնական կեանքով ապրելու։

Սոնիայի հանդէպ զգացած զայրոյթը մաշած էր հին շորի մը նման։ Անոր հասցուցած բոլոր վիրաւորանքները գունաթափուած էին իր յիշողութեան մէջ։ Սոնիան կը մնար այն սիրուն, հրեշտակային աղջիկը, որուն այնքան յափշտակութեամբ կապուած էր։ Թէեւ գիտէր որ եղածը պարզ թիւրիմացութեան հետեւանք չէ, բայց իր հոգիին խորը սպասում մը ունէր, անբացատրելի, անհասկանալի սպասումը, որ զիրենք նորէն իրարու գիրկ պիտի նետէր։

Հինգշաբթի օրը, կէսօրուան գնացքով Վարդան մեկնեցաւ Թիֆլիս։ Մայրը դեռ ատեն մը պիտի մնար Ղարաքիլիսէ, մինչեւ որ Եւգինէն վերադառնար միւռոնօրհնէքէն։

Գնացքի մէջ հանդիպեցաւ բազմաթիւ ուսանողներու, որոնք արձակուրդէն վերջ կը վերադառնային Ռուսաստան։ Ամենուն խօսակցութեան նիւթը եկեղեցական կալուածներու գրաւման նոր օրէնքն էր, որ զարմանալի կերպով փոթորկած էր բոլորի միտքը։ Ճամբորդները սարսափելի գոյներով կը նկարագրէին Գանձակի մէջ տեղի ունեցած մեծ ցոյց մը, որու ընթացքին որպէս թէ յիսունէ աւելի ցուցարարներ գնդակահարուած էին կոզակ ձիաւորներու կողմէ։

Երբ առաւօտեան գնացքը Թիֆլիս հասաւ, Վարդան զարմանալի գոհունակութեամբ լեցուած՝ կառք մը վերցուց ու շիտակ գնաց Կովկասեան Պանքը՝ հայրը տեսնելու։

Հը՞, էս կարգին խանձուեր ես, պրոնզէ արձանի նման, - ըսաւ Աշոտ Արսէնեանը, երբ տղան յանկարծ առանձնասենեակէն ներս ինկաւ, - հը, ի՞նչպէս ես, մայրիկը՞, Եւգինէ՞ն, - ու բաւականութեամբ տղուն ջղուտ թեւը սեղմելով՝ քովը նստեցուց։

Լաւ, բոլորն ալ լաւ են։ Մայրիկը դեռ պիտի ուշանայ, մինչեւ որ Եւգինը վերադառնայ Էջմիածնէն։ Ես մեր աշակերտական համագումարի համար աճապարեցի։ Քանի մը օրէն կ’երթամ մայրիկը բերելու։

Լաւ, տղաս, բայց զգոյշ եղիր, կը տեսնե՞ս թէ ի՜նչ օրեր կ’ապրինք։ Գանձակի մէջ տասնեւմէկ մարդ սպաննած են գազանները։ Ո՞վ գիտէ, թէ հոս ալ ինչե՜ր կրնան պատահիլ։ Արտասահմանեան անցագրիդ համար պէտք եղած դիմումը կատարեցի․ մինչեւ սեպտեմբերի տասնեւհինգը պատրաստ կը լինի։ Օ՜ֆ, մէկ երթայիր ու սիրտս խաղաղէր։ Այս ի՜նչ օրեր կ’ապրինք… հա՛, անշուշտ լսած կը լինիս, կիրակի օր, վանք եկեղեցիին մէջ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Գանձակի նահատակներու համար։ Գիտեմ որ պիտի երթաս… բայց զգոյշ եղիր, զաւակս։

Բա՜ն չկայ, հայրիկ, զուր ինքզինքդ մի անհանգստացներ, ապահովցուց Վարդանը, ես հիմա երթամ, երեկոյեան կը տեսնուինք։

Վարդա՛ն, հայրը ետ կանչեց տղան, երբ ան արդէն դուրս ելած էր, դու կարծեմ Ալէքսանդրոպոլ էիր ցոյցի ժամանակ։

Այո՛, հայրիկ, էնպէ՜ս պատահաբար…

Հը՛մ, չար սատանայ… որ Վահէի հետ էիր գնացեր, շատ ալ պատահաբար պիտի չլինէր։ Բայց այդ մասին չխօսինք։ Լաւ որ շուտով կ’երթաս արտասահման ու մի քանի տարիով սիրտս կը հանգստանայ։ Մէկ Ալէքսանդրոպոլի ցոյցի մասին պատմէ՛ տեսնեմ…

Այսինքն թէ ի՞նչ պատահեցաւ։

Հա՛, Խրիմեան Հայրիկը ճի՞շդ է որ ըսած է… Բայց կեցի՛ր, միւսներն ալ կանչեմ։

Քիչ անցած՝ երեք չորս պանքային պաշտօնեաներ ու այդ պահին հոն գտնուող Արմէնեան մեծահարուստ վաճառականը ներս մտան Աշոտ Արսէնեանի սենեակը՝ Վարդանը լսելու համար։ Հազիւ թէ անցեալին մէջ այդ մարդիկը հայ կեանքով հետաքրքրուած լինէին. շատ շատ տարեկան քանի մը հարիւր րուպլի նուէր կուտային ոեւէ հաստատութեան։ Եթէ նոյնիսկ իրենց մանկութեան շրջանին կիսատ պռատ հայերէն մը գիտէին, վերջէն սակայն բոլորովին մոռցած՝ ընտանիքի մէջ, դուրսը, գործի ժամանակ միայն ռուսերէն կը խօսէին, որ մայրենի լեզուի տեղը բռնած էր։

Երբ Վարդանը մանրամասնօրէն սկսաւ նկարագրել ցոյցը, ժողովուրդի տղամարդ կեցուածքը ու Հայրապետի վճռական յայտարարութիւնը, պանքայի կառավարիչը, հին ազնուական ընտանիքի մը զաւակը, բաւականութեամբ սկսաւ փոքր մօրուքի հետ խաղալ։ Բոլորն ալ կենդանի հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Վարդանի պատմութեան, երբեմն հպարտութիւն ճառագայթող դէմքերով, երբեմն ալ մտահոգ եւ տխուր։ Անոնց համար ամենազօր ռուս կառավարութեան դէմ ելլելը պարզապէս յիմարութիւն էր։ Բայց այդ յիմարութիւնը կը շոյէր իրենց ազգային ինքնասիրութիւնը, որու գոյութեան մասին ամենէն աւելի իրենք կը զարմանային։ Մասնաւորաբար տարէց կառավարիչը, դիրքի տէր մարդ մը, բոլորովին ուծացած հայ մ’էր, որու երեխաները բառ մ’իսկ հայերէն չէին գիտեր եւ ոչ ալ կը հետաքրքրուէին հայ կեանքով, բայց Վարդանի պատմութիւնը լսելէ վերջ, զարմանալի վրդովմունքով կը խօսէր ռուս կառավարութեան այս անօրինակ աւազակութեան դէմ։

Վարդանը բոլորովին զարմացած մտիկ կ’ընէր այդ մարդոց խօսքերուն, որոնք դեռ քանի մ’օր առաջ հաստատ չէին գիտեր իրենց հայ լինելը։ Երբ պանքայէն դուրս ելլելով՝ ուղղուեցաւ դէպի Գալավինսկայա պողոտան, Գութէնպերկ հայ գրավաճառանոցի առջեւէն անցած ժամանակ, լսեց կնոջ ձայն մը, որ իր անունը կուտար։ Ետ դարձաւ։ Սոնիայի ընկերուհիներէն Մարիա Բէհբութովան էր, մանկամարդ սիրուն աղջիկ մը, որ իր փոքր քրոջ ու եղբօր ձեռքէն բռնած՝ գրավաճառանոցը կը մտնար։

Վարդանը չկրցաւ ծածկել զգացած զարմանքը։ Մօտեցաւ եւ ռուսերէն բարեւեց օրիորդը։

Ինչպէ՞ս էք, վաղուց ձեզի չեմ հանդիպած։

Որքա՜ն սեւացեր էք, ծիծաղեցաւ Մարիան, կատարեալ բոշա մը։ Կ’երեւի նոր կուգաք ամարանոցէն։

Ճիշդ այս առտու։ Կ’ուզէիք գրավաճառատո՞ւն մտնել, հրամեցէք, ու խանութի դուռը բանալով՝ սպասեց որ ներս մտնեն։ Ինքն ալ հետեւեցաւ անոնց։

Չէ՛, այդ օր կարծես ամէն կերպով զարմանալու օր մըն էր Վարդանի համար։ Մարիան ներս մտնելով՝ գրատան գործակատարէն խնդրեց երկու հայկական այբենարան փոքրիկներուն համար, իսկ իրեն համար գրավաճառի խորհրդով վերցուց Տէր Ղեւոնդեանի առաջին տարուան Մայրենի Լեզուի դասագիրքը։

Զարմանքէն աչքերը չռած՝ Վարդանը կը հետեւէր աղջկան գնումներուն։ Երկու այբենարան ու Մայրենի Լեզու մը… Չէ՛, աչքերուն կը դժուարանար հաւատալ։

Աղջիկը քովնտի նայելով՝ նշմարեց Վարդանի ապշահար դէմքը եւ սիրուն ժպիտով մը անոր դառնալով ըսաւ.

Այո՛, հայրս կ’ուզէ որ փոքրիկները հայերէն սովրին։ Ինքս ալ պիտի փորձեմ, թէեւ կ’ըսեն թէ շատ դժուար է հայերէն լեզուն։

Գրեթէ անկարելի բան մ’էր տեղի ունեցածը։ Բէհբութովներու շարքին, որոնք ոչ միայն կտրուած էին հայութենէ, այլ եւ եղած հազիւ նկատելի կապերն ալ կ’աշխատէին ամբողջովին խզել։

Երբ օրիորդը փոքրիկներով բարձրացաւ սեփական կառքը, Վարդանին շնորհակալութիւն յայտնելով ըսաւ.

Անշուշտ լսած էք, որ Սոնիան երկու շաբաթ առաջ նշանուեցաւ իշխան Դորբոլիւբովի հետ, եւ աղջկան դէմքին վրայ հազիւ քօղարկուած արհամարհական ժպիտ մը խաղաց։

Երբ կառքը մեկնեցաւ, Վարդանը ինքզինք գտաւ մայթի եզրը, գլխարկը ձեռքին, արձանացած վիճակի մէջ։ Սխալ չէ՞ր լսածը։ Սոնիան նշանուա՜ծ իշխանի հետ։ Յանկարծ սարսափելի մինակութիւն մը զգաց, ու կարծես շուրջը ամէն ինչ փլաւ ահագին աղմուկով։ Ատեն մը շշմած՝ գրեթէ առանց մտածելու կանգնած մնաց ու յետոյ սկսաւ դանդաղ քայլելով քալել դէպի Երեւանեան հրապարակը, ձեռքերը կոխած տափատի գրպանները, գլուխը վար կախած։ Երեւանեան հրապարակէն անցաւ Արմեանսկի կոչուած փողոցը, երբեմն կանգ առնելով ոսկերիչի խանութներու առջեւ, ինքն ալ չգիտնալով թէ ինչո՞ւ համար։

Հոն, ուր Արմեանսկի փողոցը ուղղակիւն մը կազմած կը ծռի Շէյթան պազարի կողմը, փողոցի ձախ կողմին վրայ շատ նեղ փողոց մը կը բացուի։ Այդ փողոցի տներու հակընդդէմ շարանը ողբագին տեսք մ’ունի, կարծես տեղի պակասութենէն նեղուելով՝ տները իրարու շալակ ելած են։

Վարդանը, որ բացարձակապէս ոչինչ կը մտածէր եւ միայն գլխու խիստ ցաւ մը կը զգար, այդ փողոցին մօտենալով, յանկարծ յիշեց որ իր ընկերը՝ Արմենակ Յարութիւնեանը այդտեղ կ’ապրէր։ Քայլերը ուղղեց դէպի այն կողմը։ Թերեւս ընկերը գիւղէն եկած լինէր։

Ինչպէ՜ս չէ, պարոն Յարութիւնեանը երկու օր առաջ վերադարձաւ գիւղէն։ Այո՛, անշուշտ սենեակն է, եթէ միայն պարոնը նեղութիւն քաշէ վեր բարձրանալու, տանտիկինը դրան առջեւէն ներս քաշուեցաւ՝ ճամբայ տալով Վարդանին որ անցնի։

Արմենակ Յարութիւնեանի խցիկի մէջ հազիւ թէ շարժելու տեղ կար։ Նեղ ու երկայն երկաթէ մահճակալ մը կ’երկարէր սենեակին մէկ կողմը, պատէ պատ հասնելով։ Պատուհանին առջեւ փոքր սեղան մը դրուած էր՝ հասարակ փայտէ աթոռ մը կողքին։ Ամէն կողմ՝ գրքերու կոյտեր։ Պատէն կախուած էր Արմէնի նշանաւոր վերարկուն։ Անոր կողքին գամէ մը կախուած խուրճինի մէջ տեղաւորուած էին քանի մը ձեռք փոխնորդները։

Երբ Վարդան դուռը զարնելով ներս մտաւ ընկերոջ սենեակը, Արմէնը անկողնի վրայ երկարած՝ գիրք մը կը կարդար։

Հազիւ թէ ներս մտնող ընկերը տեսած՝ Արմէնը ձեռքի գիրքը մէկդի նետեց եւ ոտքի ցատկեց բացագանչելով.

Վարդա՛ն, որքան ուրախ եմ…

Մտերիմ ընկերները ջերմօրէն գրկախառնուեցան։ Երկու ամիս է որ չէին տեսած իրար։ Այդ ժամանակի ընթացքին որքա՜ն բան փոխուած էր։

Է՛, մէկ ըսէ տեսնենք, ի՞նչպէս ժամանակդ անցուցիր, ըսաւ Վարդանը, Արմէնի անկողնի վրայ տեղաւորուելով, չաղացած կ’երեւիս, տրամադրութիւնդ տեղը…

Արմէն մինչեւ ականջներու ծայրը կարմրեցաւ յանկարծ։ Է՜հ, ինչպէ՞ս պիտի անցընէր ժամանակը. ի հարկէ, լաւ, շատ լաւ հարազատներու մօտ, իր սիրած գիւղը… Արմէնը կը պատմէր՝ առանց ընկերոջ երեսին նայելու, կարծես յանցանքի մը մէջ բռնուած երեխայ մը լինէր։

Հը՞, մեր տղայ, լեզուիդ տակը բան մը կայ, ընկերոջ շփոթութիւնը նկատելով՝ հետաքրքրուեցաւ Վարդանը եւ հարցական նայեցաւ Արմէնին։

Անշուշտ Արմէնի լեզուին տակը բան մը կար. ինչպէ՞ս ալ գիտցաւ անիրաւ Վարդանը։ Եղածը նոր բան մը չէր սակայն։ Հազիւ ինքը չորս հինգ տարեկան լինէր, երբ ըստ աւանդական սովորութեան զինք նշաներ էին դրացի Յարութենց աղջկան հետ, որ դեռ օրօրոցի մէջ էր։ Տարիներ անցեր էին, Շուշանը մեծցեր եւ աղուոր ու առողջ աղջիկ մը դարձեր էր։ Այս տարի գիւղ երթալուն խնամի Յարութիւնը հասկացուցեր էր, որ պետք է գիւղի քահանան կանչել՝ նշան օրհնել տալու համար։

Այսպէս, հին պատմութեան մը վերջաւորութիւնն է, մեղմօրէն ժպտալով վերջացուց Արմէնը, օր մը չէ օր մը պիտի լինէր։ Եղբայրներս ալ խնդրեցին, մանաւանդ մայրս։ Ես ալ համաձայնեցայ։

Արմէ՛ն, ու Վարդանը ընկերոջ ձեռքը սեղմեց, շատ, շատ ուրախ եմ, բախտաւորութիւն կը ցանկամ քեզի… Բայց ուրեմն ուսումդ շարունակելու պիտի չերթա՞ս։

Ոչ, սիրելիս։

Արմէնի դէմքին ակամայ տխրութիւն մը պատեց։ Որքա՜ն մեծ ցանկութիւն ունէր անցնելու արտասահման, կատարելագործելու ուսումը ու նուիրուելու ուսուցչութեան։ Այդ ցանկութիւնը սակայն տեղի տուած էր գործնական անհրաժեշտութեան առջեւ։ Հայ գիւղը շատ յետամնաց էր, կարիք ունէր սրտցաւ ուսուցիչներու։

Բարձրագոյն կրթութեան տէր ուսուցիչը, իր տեսակէտը պարզեց Արմէնը, տեսակ մը լիւքս պէտք է համարել մեր գիւղերու համար, որոնք դեռ նախնական դպրոցներ չունին, իսկ մեզ նման միջնակարգ վարժարաններէ ելլողները կրնան բաւարար կերպով գործը տանիլ, եթէ ժողովուրդին ծառայելու կամքը չպակսի։

Ուրեմն, գի՞ւղ պիտի վերադառնաս, տեսակ մը տարակուսած հարցուց Վարդանը։

Անշուշտ, սիրելիս, մեր գիւղ, եւ ամբողջ կեանքս ուրախութեամբ պիտի նուիրեմ հայ նոր սերունդի կրթութեան։

Արմէն լրջութեամբ եւ հոգեկան ոգեւորութեամբ կը խօսէր իր գործի, ապագայի ծրագիրներու մասին։

Երկու ընկերները ամբողջ օրը միասին անցուցին։ Արմէնի ներկայութիւնը զարմանալիօրէն բարերար ազդեցութիւն մը ձգեց Վարդանի մռայլ տրամադրութեան վրայ, կարծես՝ մոռցնել տուաւ տղուն անձնական վիշտն ու դժբախտութիւնը։ Ուշ գիշերով իրարմէ բաժնուեցան։

Սաստիկ շոգ էր։ Վարդանը ներքնազգեստով երկնցաւ անկողնի վրայ, առանց քնել կարենալու։ Հազար ու մէկ բաներ կը մտածէր։ Վերջին շաբաթները այնքան ցնցող դէպքերով ապրած էր, որ դեռ անոնց տպաւորութեան տակ կը գտնուէր ամբողջովին։ Ո՞վ էր այդ տոքթոր Ուայթը։ Ինչո՞ւ Վահէն այնքա՜ն գաղտնապահ եղած էր իրեն հանդէպ։ Հառինջի վանքի արհեստանոցի երիտասարդնե՞րը… որտեղէ՞ն եկած էին ատոնք։ Առիւծ Գեւօն ինչե՜ր պատմած էր իրեն, ի՜նչ հերոսական կռիւներ թուրքերու եւ մանաւանդ քիւրտերու դէմ։

Զանազան պատկերներ մէկը միւսի ետեւէն իրարու կը յաջորդէին։ Երբեմն սակայն պատկեր մը երեւակայութեան մէջ չամբողջացած կը գունաթափուէր ու յանկարծ Սոնիայի ժպտուն դէմքը դուրս կը ցուցէր անոր մէջէն։

Վարդանը անգիտակցօրէն ձեռքը կուրծքին տարաւ եւ շապիկի տակ զգաց վզին կախուած մետալիոնը։ Առաջին վայրկեանի տպաւորութեամբ ուզեց շղթան փրցնել ու ամբողջը մէկէն դուրս նետել պատուհանէն։ Իրեն ի՞նչ պէտք էր այլեւս այդ աղջկան կենդանագիրը… Բայց եւ այնպէս զգուշութեամբ շղթան վզէն հանեց, բացաւ մետալիոնի կափարիչը եւ կարօտով ու դառնութեամբ սկսաւ նայիլ նկարին։ Այնքա՛ն կենդանի նկար մ’էր որ Վարդանին թուեցաւ թէ աղջիկը ահա բարձր ծիծաղով դուրս պիտի ցատկէ շրջանակէն։

Երկար ատեն մետալիոնը Վարդանի ձեռքին մնաց՝ հայեացքը աղջկան ժպտուն դէմքին յառած։ Վերջէն տխուր ժպտալով մը շղթան նորէն վզէն անցուց.

Չէ, կը մնաս այստեղ, քանի ես կ’ապրիմ։

Յաջորդ առտու, երբ Վարդանը դեռ անկողնէն չէր վեր ելած, մէկը տան զանգը զարկաւ։ Հայրը արդէն գործի գացեր էր։ Վարդանը դուռը բանալով դէմ դիմաց եկաւ դռնապան Մոսոյին։

Վա՜յ, Մոսօ, ու Վարդանը անկեղծ ուրախութեամբ ձեռքը պարզեց, արի ներս, Մոսօ։ Էս բաւական ժամանակ եղաւ որ իրար չենք տեսած։

Բարով եկար, պարոն Վարդան, Մոսօն անհամարձակ ներս մտնելով շարունակեց, աղայէն քու մասին կ’իմանայի։ Խանումը, օրիորդ Եւգինէն…

Լաւ են, Մոսօ, շատ լաւ։ Նստիր։ Ի՞նչ կայ չկայ, տղաքը ինչպէ՞ս են…

Բոլորն ալ լաւ։ Մէկ քանի անգամ գացինք մեր սովորական տեղը…

Այդ լաւ էք ըրեր։ Վաչօն ինչպէ՞ս է։

Դեռ նշանին չկրցաւ խփել, ծիծաղեցաւ Մոսօն ու վայրկեան մը տատամսելով շարունակեց, հա՛, պարոն Վարդան… ըհըմ… էն պիտի հարցնէի…

Հը՞, Մոսօ՛։

Հէչ, էն պիտի հարցնէի… թէ պարոն Քաչալը տեսա՞ր…– Ու խեղճ տղան անձկութեամբ կը տրորէր խոշոր ձեռքերը։

Չէ, ինք չէր տեսած Քաչալը. բայց Մոսոյի մասին խօսեցաւ Վահէի հետ, որ խոստացեր էր սեպտեմբերի վերջը կարգադրութիւն մը ընել։

Իրա՞ւ կ’ըսես, պարոն Վարդան, ու Մոսօն՝ անկարող նստած տեղը մնալու՝ ոտքի ելաւ ուրախութենէն կաս կարմիր դարձած, Իրա՞ւ կ’ըսես, պարոն Վարդան։

Զինուոր երթալու ցանկութիւնը վարակիչ հանգամանք մը ստացեր էր վերջին տարիներու ընթացքին։ Ընդհանրապէս Կովկասի երիտասարդութեան մեծագոյն իղձն էր այդ։ Նոյնիսկ կառապան Վաչոյի նման տիպերը, որոնք դեռ շիտկէ շիտակ հրացան բռնել չէին սովրած, բուռն ցանկութիւն մը ունէին Երկիր անցնելու։ Զինուոր երթալու տրամադրութիւնը աւելի մեծ չափով կ’արտայայտուէր տաճկահայ երիտասարդներու մէջ, որոնք տարիներ առաջ, Երկրէն դուրս եկած՝ ամէն գնով կ’ուզէին վերադառնալ, մասամբ հայրենիքի կարօտով՝ եւ մասամբ վրէժխնդրութեան զգացումով վառուած։

Այդ երիտասարդներէն մէկն ալ Մոսօն էր, որ 1896–ի կոտորածներէն մազապուրծ ազատած, տարիներ շարունակ Երկիր անցնելու ցանկութեամբ կը մխար։ Վերջապէ՜ս, Մոսօն իր անվերջ դիմումներուն բաւարար պատասխան կը ստանար։ Վարդանի մօտէն դուրս եկաւ ան, զգացած ուրախութենէն ճառագայթող դէմքով։

Նախաճաշելէ վերջ, Վարդանը դուրս եկաւ տնէն ու շիտակ ընկերոջը մոտ գնաց։ Արմէնը աշակերտական համագումարի առջեւ կարդալիք դասախօսութիւնը կը պատրաստէր։ Չուզելով ընկերը խանգարել՝ Վարդանը դուրս եկաւ անոր քովէն, երեկոյեան հանդիպելու խոստումով։ Քանի մը րոպէ հօրը հանդիպելէ ետքը՝ դուրս ելաւ փողոցները թափառելու։ Կէս օրուան մօտ մտաւ Արթիսթիքական Թատրոնի ներքնայարկը գտնուող Աննոնա ճաշարանը։ Երբ ժամը երկուսի ատեն դուրս եկաւ ճաշարանէն, հազիւ քանի մը քայլ առած էր, յանկարծ տեսաւ Սոնիան, որ խանութէ մը զանազան գնումներ ըրած՝ դուրս կուգար սպասող կառքը նստելու համար։

Վարդա՛ն, եւ աղջիկը ուրախ բացագանչութեամբ մօտեցաւ տղուն, այս ի՜նչ բախտաւոր հանդիպում է։ Չէի գիտեր որ ամարանոցէն եկեր ես։ Մօրաքո՞յրը, Եւգինէ՞ն… Որքա՜ն փոխուած ես, կարգին տղամարդ… վույ, այդ որքա՜ն սեւցեր ես…

Տղան լուռ թօթուեց աղջկան ձեռքը՝ ինքն ալ չիմանալով թէ ի՞նչ պատասխանէ։ Անակնկալ հանդիպումը մէկէն շուարեցուց զինքը։ Աղջիկը քովնտի հայեացքով տղու պրոնզէ դէմքը կը դիտէր։ Վարդանը քանի մը ամիսներու ընթացքին փոխուած կ’երեւէր։ Պեխն ու մօրուքը զգալապէս աճած էին, դէմքի նախկին պատանեկան արտայայտութիւնը տեղի տուած էր հասուն երիտասարդի մը դէմքի լրջութեան։

Եթէ ազատ ես, ու աղջիկը ձեռքի ծրարները Վարդանին տուաւ, քաղաք իջայ քանի մը ժամով՝ գնումներ ունէի։ Երեկոյեան կողմը զով ատեն կ’ուզեմ վերադառնալ ամարանոց։ Երթանք մեզի։ Որքա՜ն բան ունիմ քեզի հետ խօսելու… գիտեմ որ…

Աղջկան ձայնը յանկարծ թրթռաց յուզումէն եւ չշարունակեց։ Առաջ անցաւ ու բարձրացաւ կառքը, Վարդանն ալ ետեւէն, մինչ կառապան Վասիլը՝ սանձերը հաւաքած՝ կը մտրակէր ձիերը։

-----------

Իրարու կողքի դիւանի վրայ նստած՝ ոչ մէկը կը խօսէր։ Քանի՜ քանի՜ անգամներ, այդ միեւնոյն դիւանի վրայ, նոյն դիրքով նստած, պայծառ երազներ հիւսեր էին իրարու հետ, ապագայ երջանիկ օճախի մասին։ Ու հիմա՞։ Ամէն ինչ վերջացեր էր իրենց մէջ, ու իրենք պարզապէս բարեկամներ էին։ Վարդանի հայեացքը ակամայ կանգ առաւ ադամանդեայ խոշոր մատանիի մը վրայ, որ աղջկան մատին կը պսպղար։ Տղուն սիրտը կը ճմլուէր այդ մատանիի տեսքէն, որ այնքա՜ն վճռական դեր մը կատարած էր իր կեանքը խորտակելու մէջ։

Սոնիան զգուշութեամբ մատանիի ակը ափի մէջ դարձուց, երբ զգաց տղու հայեացքը կախարդուած՝ չէր զատուեր մատանիէն։ Տիրող լռութիւնը կ’անհանգստացընէր երկուքն ալ։ Առաջ աղջիկը սկսաւ խօսիլ։

Վարդան, սիրելիս…

Տղան խոհուն աչքերը վեր վերցուց ու զարմացկոտ նայեցաւ։ Այլեւս ի՞նչ կար խօսելիք։ Ամէն ինչ վերջացած էր, ամէն յոյս կորած։ Գէթ Սոնիան խնայէր իր զգացումներուն եւ չխօսէր չքմեղանքի անիմաստ խօսքեր։ Չէ՞ որ ինք յանդիմանական բառ մ’իսկ չէր արտասանած, նոյնիսկ աշխատած էր զգացած դառնութիւնը վարագուրել։

Թերեւս կամքէս անկախ եղաւ այս բոլորը, ըսաւ Սոնիան՝ յանցաւորի մը նման գլուխը կախած, Ե՛ս ինծի դէմ կռուեցայ.. անյոյս կռիւ մը սակայն… Ո՞վ գիտէ, թերեւս այսպէս աւելի լաւ եղաւ քեզի համար։ Ես հազիւ թէ յարմար կեանքի ընկեր մը լինէի քեզ… դու այնքա՜ն լուրջ, խոհուն բնաւորութեամբ…

Տղան առանց պատասխանելու Սոնիային կը նայէր, կարծես չէր հասկնար աղջկան ըսածները։

Կոտրեցի սիրտդ, տառապանքիդ պատճառ եղայ… Վարդան, չէի կրնար տարբեր կերպով վարուիլ։ Դու պետք է ներող լինիս… Հազիւ թէ մէկը գտնուի, որու բարեկամութիւնը այնքան արժէք ունենայ ինձ համար, որքան քոնը.. Ներէ՛, Վարդան…

Սոնիան հետզհետէ ձայնը ցածցուց։ Այնպիսի անկեղծ վիշտ մը, աղերսանք մը կար իր ձայնին մէջ, որ Վարդանը բոլորովին զինաթափ՝ մտիկ կ’ընէր անոր խօսքերուն, սիրտը լեցուած անսահման ներողամտութեան զգացումով մը։ Վերջապէս, ի՞նչ իմաստ ունէր աղջկան հոգին դառնացնել՝ իր վիրաւոր սիրտը, յուսախաբութիւնը ցուցադրելով։ Սոնիան իշխանը կը սիրէր։ Կարճ ու կտրուկ։ Պատմութեան վերջն էր այդ։ Վարդան իր սառնութեան վրայ կը զարմանար։ Կարծես հարցը երրորդ անձնաւորութեան մը մասին լինէր, այնքան որ հանդարտօրէն կը խորհրդածէր։

Վարդան թեթեւ ու անհոգ ձեւով մը սկսաւ խօսիլ։ Նոյնիսկ մէկ անգամ բարձրաձայն ծիծաղեցաւ եւ կատակի տուաւ իրենց մէջ գոյութիւն ունեցող երեխայական կապը։ Իշխանի հետ Սոնիայի նշանուելու պարագան արտասովոր բան մը չէր եւ ոչ ալ պատճառ մը, որ ինք սրտին առնէ, բաւական է որ Սոնիան երջանիկ լինի։ Անշուշտ իրենք առաջուան նման լաւ բարեկամներ կը մնան մինչեւ վերջը։

Վարդանը խօսած ժամանակ թէեւ կը փորձէր ժպտալ, ուրախ երեւնալ, բայց եղունգները արիւնելու աստիճան խրուած էին ափին մէջ։ Ա՜խ, մէկ այս կատակերգութիւնը վերջանար, կը մտածէր Վարդանը, ու դուրս նետուէր այդ տնէն։

Երբ Վարդան այնքան հանգստացուցիչ կերպով կը խօսէր, Սոնայի դէմքը սկսաւ բացուիլ ջուրը դրուած վարդի կոկոնի նման։ Ի՜նչ լաւ, որ Վարդանը այդքան մեղմօրէն, առանց դառնութեան կ’արտայայտուէր, բոլորովին համակերպած կատարուած իրողութեան հետ։ Որքան ալ որ այս միտքը ուրախցուց Սոնիան, բայց Վարդանի գրեթէ անտարբեր ձեւը, մանաւանդ բարձրաձայն ծիծաղը, անորոշ անհանգստութեամբ լեցուց աղջկան սիրտը, չարացուց զայն։ Ուրեմն, ինքն ի զուր այնքան մտահոգուած էր Վարդանի մասին։ Կարելի է, որ Վարդանը լրջօրէն չէր ալ սիրած զինք։ Անշո՛ւշտ, երբե՛ք չէր սիրած, թէ չէ, հիմա ինչպէ՞ս այդքան անտարբեր կերպով կրնար խօսիլ։ Ա՜յ թէ ինչու Սոնիան ներքուստ սկսաւ չարանալ Վարդանի վրայ։

Կը ցանկամ որ երջանիկ լինիս, ըսաւ Վարդանը բաժնուելու պահուն, ամբողջ սրտովս կը ցանկամ այդ։

Սոնիան շուարած կանգնած մնաց դահլիճի դրան քով։ Երբ Վարդանը հեռացաւ՝ աղջիկը ձեռքը սրտին տարաւ, կարծես հոն սուր կսկիծ մը կը զգար։

----------

Արմէն Յարութիւնեանը շաբաթ գիշեր Վարդանի մօտ գիշերեց։ Կիրակի առտու, երբ դեռ նախաճաշի վրայ էին, վանքի զանգերը սկսան զարնել։

Այդ օրը պատարագէն վերջ, Գանձակի նահատակներու համար հոգեհանգստի պաշտօն պիտի կատարուէր վանքի բակին մէջ։

Ամբողջ Թիֆլիսի հայութիւնը այդ մասին կը խօսէր, եւ շատեր, որոնք տարիներով եկեղեցի ոտք դրած չունէին, կը պատրաստուէին մասնակցիլ հոգեհանգստին, որ կորսնցուցած իր հանգամանքը՝ ազգային գունաւորում մը ստացեր էր։

Երբ երկու ընկերները վանք հասան, դեռ պատարագը չէր վերջացած։ Եկեղեցի մտնելը անկարելի էր, այնքան որ հոծ բազմութիւն մը լեցուած էր ներսը։ Եկեղեցին շրջապատող ընդարձակ հրապարակը սկսած էր նոյնպէս լեցուիլ բազմութեամբ։ Ծառերու շուքին տակ, եւ կամ Սանասարեանի, Լօրիս–Մելիքովի գերեզմաններուն մօտ բազմաթիւ խմբակներ հաւաքուած՝ կը խօսէին օրուան դէպքերու մասին. կը լսէին գաւառներէն հասած նոր լուրեր, մէկ խմբակի մօտ լսածը ուրիշ խմբակի մը պատմելու համար։ Ձեռքէ ձեռք յեղափոխական թռուցիկներ կ’անցնէին։ Այդ թռուցիկներով կառավարութեան արարքը կ’որակուէր ամենախիստ բառերով՝ «գողութիւն, աւազակութիւն, թալան»։

Վարդանն ու Արմէնը մօտեցան խմբակի մը, որ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընէր Երեւանէն նոր եկած երիտասարդ մը։

Ես ներկայ էի, կը պատմէր երեւանցի երիտասարդը, երբ Սրբազանը պատարագէն վերջ կառք նստեցաւ՝ վերադառնալու համար Առաջնորդարան։ Յանկարծ ժողովուրդը շրջապատեց կառքը։ «Դէպի՛ Էջմիածին, Է՛ջմիածին», բարձրացաւ ընդհանուր աղաղակ մը։ Մօտ եօթ հազարանոց ամբոխը շրջապատեց Սրբազանի կառքը եւ Ասթաֆեան փողոցով սկսաւ շարժիլ դէպի Հրազդանի կամուրջը։ Քաղաքային Այգիի մօտ ոստիկանապետը քանի մը ոստիկաններով անյաջող փորձ մը կատարեց ցրուելու բազմութիւնը, որ հոսուն լաւայի մը դանդաղութեամբ զառիվայրէն վար կը սողար դէպի կամարակապ կամուրջը։ Երկու կարգ ոստիկաններ բռնած էին կամուրջի լայնքը՝ ատրճանակները պատրաստ բռնած։

Կեցէ՛ք, կը պոռայ ոստիկանապետը, քանի մը քայլ առաջ գալով, կանգնեցէ՛ք, թէ չէ կը կրակենք։ Բազմութիւնը կարեւորութիւն չտուաւ ու գարնան հեղեղի նման, ալիք ալիք իջնելով բարձունքէն՝ անցաւ կամուրջը։ Ոստիկաններու շղթան, ինչպէս շիւղ մը վազուն գետի մը ալիքներուն վրայ, կը քշուէր բազմութեան հետ՝ կորսուելով անոր մէջ։

Իսկ զօրք չկա՞ր, հարցուց լսողներէն մէկը։

Երբ հասանք Էջմիածին փայտէ կամուրջին մօտ, շարունակեց երիտասարդը, մօտ երկու հարիւր հետեւակ զօրք կտրած էր գիւղի լայն պողոտայի մուտքը։ Հրամանատար սպան ձիու վրայէն կը գոռար. «Քայլ մ’առաջ պիտի չանցնիք, պէտք է վերադառնաք անմիջապէս»։ Թեթեւ շուարում մը տիրեց բազմութեան։ Զինուորները՝ հրացանները պատրաստ բռնած՝ կը սպասէին հրամանին։ «Յառաջ շարժուեցէք», գոռացին ետեւի շարքերէն։ Բազմութիւնը անհանդարտ սկսաւ ալեկոծուիլ։ Զօրքը երկու անգամ դէպի վեր համազարկ տուաւ։ Բազմաթիւ ատրճանակներ պայթեցան ժողովուրդի մէջէն, ու մէկ ալ բազմութիւնը անդիմադրելի թափով մը առաջ խոյացաւ՝ մէկդի նետելով ամէն արգելք։ Վերջապէս հասանք արտաքին պարսպի մօտ ու հետզհետէ լեցուեցանք Վեհարանի առջեւ բացուող հրապարակը։

Այնքան մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ պատմողի շուրջը, որ մեր երկու ընկերները այլեւս հազիւ կրնային լսել։ Զանազան խմբակներու մօտենալէ վերջ՝ անոնք կանգ առին եկեղեցիի խորանին ետեւը հաւաքուած բազմութեան մօտ։ Գիւղացի ծերուկ մը, քարի մը վրայ նստած, ծամծմելով կը պատմէր Ախալքալաքի ցոյցի մասին։

Գեղրանքը մարդ հէչ չմնաց՝ տղամարդ, քիւլֆաթ, ճիժ ու պիժ քաղաք թափուեցան։ Ես ըսեմ հազար, դուն ըսէ երկու հազար, դուն ըսէ հինգ հազար։ Քաղքի փողոցները լեցուեցան ժողովուրդով։ Եկեղեցին ասեղ ձգելու տեղ չկար։ Ես սեղմուելով սեղմուելով կրցայ դռնէն ներս մտնել՝ արուն քրտինքի մէջ։ Մէկ ալ թագաւորի անունը յիշելու տեղը եկաւ։ Կարծես ժաժք եղաւ։ Եկեղեցին գլխուս պիտի փլէր։ «Չյիշուի, չյիշուի», գոռում գոչում մը թնդաց եկեղեցիին մէջ։ Տիրացու, սարկաւագ ու պատարագիչ Նիկոլայի անունը կուլ տուին։ Օ՜խ, մատ մը եղ կապեց սրտիս վրայ։ Հալպաթ, թագաւորը որ արդար թագաւորութիւն չընէ, ժողովուրդն ալ անոր անունը կուլ կուտայ…

Պատմողի շուրջը հաւաքուածները ցրուեցան, ուրիշ խմբակներու մօտենալու համար։ Զարմանալի արագութեամբ տեղ մը պատմուած լուր մը անմիջապէս շրջան կ’ընէր եւ քանի մը րոպէի մէջ բազմութեան սեփականութիւնը կը դառնար։

Վարդանն ու Վահէն՝ խմբակէ խմբակ անցնելով՝ հասան Առաջնորդարանի սանդուխի մօտ հաւաքուած բազմութեան մը։ Գիմնազիստ (աշակերտ) մը, քարէ սանդուխի վերի մատերուն վրայ նստած, կը պատմէր Պաքուի ցոյցի մասին, որու ընթացքին տասնեւմէկ մարդ սպաննուած եւ վաթսունեւհինգ վիրաւորուած էին։ Կատարեալ ճակատամարտ մ’էր տեղի ունեցածը։ Կառավարութիւնը նոյնիսկ սպառնացեր էր թնդանօթի բռնել Պարապետի վրայ բարձրացող նորաշէն մեծ եկեղեցին։

Ուրիշ տեղ մը, Շուշիի ցոյցի մասին կը խօսէին։ Բազմութիւնը, որ ջաղացքի քարի նման կը դառնար հրապարակի չորս բոլորը, կէս օրուան մօտ արդէն այնքան խտացեր էր, որ ազատ շարժիլ իսկ մարդ չէր կրնար։ Եկեղեցիի դրան մօտ վերջ ի վերջոյ տեղ գրաւեցին Վարդանն ու Արմէնը։ Հոդ արդէն բազմութիւնը անտանելի էր։ Կին մը նուաղեցաւ։

Ներկայ էին քաղաքի մտաւորականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչները եւ յայտնի հասարակական գործիչներ։ Ուս ուսի տուած՝ համբերութեամբ կը սպասէին պատարագի լրանալուն, լրագրողներ, արհեստաւորներ, տարին անգամ մը եկեղեցի չեկող աթէիստ ազատամիտներ, հաստափոր վաճառականներ, դերասաններ, մշակներ։ Վանքի հրապարակին վրայ երբեք չէր հաւաքուած նման ներկայացուցչութիւն մը, որ այնքան հարազատօրէն ներկայացնէր ժողովուրդը իր ամէն դասերով։

Ժամը տասներկուքի մօտ պատարագը վերջացաւ։ Ներսի ժողովուրդը դուրս թափեցաւ, փեթակէն դուրս խուժող մեղուներու նման։ Գրեթէ շարժելու տեղ չմնաց ընդարձակ հրապարակին մէջ։ Բազմութեան մէկ մասը բարձրացաւ Առաջնորդարանի սանդուխները եւ պատշգամը։

Տիրացուներն ու զգեստաւորուած քահանաները շրջապատեցին սեւ մահուդով ծածկուած սեղանը, որու վրայ արծաթէ մեծ խաչ մը կը բարձրանար ու տասնեակ մը պղինձ աշտանակներ վառուած մոմերով։ Ու սկսաւ հոգեհանգստի կարգը, ծանր ու տպաւորիչ խորհրդաւորութեամբ։

Հազարաւոր բազմութիւնը պատկառոտ՝ գլուխը խոնարհեց եւ ծանր ալիքի մը նման տարուբերուեցաւ կեցած տեղը։ Հրապարակի հեռաւոր անկիւններէն հազիւ մրմունջի մը նման կը լսուէր «Անսկիզբն Աստուած» շարականը, որ իր եղանակի անթափանց խորութեամբ կը ստեղծէր ծանր ու ճնշող մթնոլորտ մը։

Վանքի ծերունի աւագերէցը կարդաց յաւուր պատշաճի Աւետարանը։ Հազիւ թէ անմիջապէս շուրջը գտնւողներ կը լսէին սակայն։ Ու մէկ ալ համատարած լռութեան մէջէն լսուեցաւ տիրացուներու ներդաշնակ երգեցողութիւնը.

Ի վերի՜ն Երուսաղէմ, ի բնակարանս հրեշտակաց…

Սքանչելի շարականի մելամաղձոտ եղանակը մահուան հրեշտակի մը նման սաւառնեցաւ բազմութեան վրայ։ Տասնեակ հազարաւոր բազմութիւնը ծունկի եկաւ մէկ մարդու պէս, բոլորն ալ համակուած անբացատրելի յուզումով մը։ Ու այդ պահուն, կարծես Գանձակի նահատակներու հոգիները կը սաւառնէին օդի մէջ։ Կիները կուլային, տղամարդիկ, դառնութեամբ լեցուած, գլուխնին կախ՝ բռունցքնին կը սեղմէին։

Նորընծայ քահանայ մը՝ զգածուած ու բարձր ձայնով վերջին աղօթքը արտասանեց.

Քրիստոս, Որդի Աստուծոյ, անոխակալ եւ բարեգութ, գթա՛ քո արարչական սիրով ի հոգիս նորոգ հանգուցեալ նահատակացս…

Հոգեհանգիստը վերջացած էր։

Յանկարծ ընդհանուր աղաղակ մը փրթաւ բազմութեան կուրծքէն.

Կեցցէ՜ ազատութիւն… կեցցէ՜ հայ ժողովուրդը։

Բազմութեան մեծ մասը գետի նման հոսեցաւ դէպի պարսպի մեծ դուռը, ամէն մէկը իր տունը երթալու համար։

Առաւօտեան շատ կանուխ վանքի միակ մուտքը շղթայուած էր բազմաթիւ ոստիկաններով։ Կէս օր չեղած՝ հարիւրեակ մը ղազախ ձիաւորներ եւս եկան։ Անոնք անմիջապէս բռնեցին դարպասի երկու կողմերը, ինչպէս նաեւ շրջակայ բոլոր փողոցներու անկիւնները։ Այդ «պատրաստութիւնները» այսպիսի լրջութեամբ կը կատարուէին, որ կարծես թշնամիի մը դէմ ճակատամարտ մը պիտի տեղի ունենար։ Ձիաւորները նախօրօք մեծ քանակութեամբ վոտկայի (օղի) բաժին ստացեր էին, ու մեծամասնութիւնը հարբած վիճակի մէջ էր։ Ցարական կառավարութեան սովորութիւնն էր՝ ժողովրդական շարժումները զսպելու համար նախ զօրքը հարբեցնել, ու ապա այդ գազանացած անասունները ժողովրդի վրայ քշել։

Երբ հոգեհանգիստը վերջացաւ, եւ ժողովուրդը խանդավառ բացագանչութիւններով դիմեց դէպի ելքի լայն դուռը, յանկարծ ձիաւոր ղազախներու կէս հարիւրեակ մը ներս խուժեց բակը՝ աջ ու ձախ մտրակելով կամ սրի տափակ կողմով հարուածներ իջեցնելով։

Կարծես թէ պատերազմի դաշտ լինէր վանքի բակը։ Առաջնորդող սպաները՝ ասպանդակներու վրայ բարձրացած՝ կը գոռային.

Ցրուեցէ՛ք, անմիջապէս ցրուեցէք։

Եւ, սակայն, ելքի միակ դուռը գոցուած էր ոստիկաններով, հարբած ձիաւոր ղազախներով եւ նոր «օգնութեան» հասած հետեւակ զօրքով։

Անօրինակ շփոթ մը, տակնուվրայութիւն մը տիրեց հաւաքուած բազմութեան, որ թակարդը ինկած գազանի նման խելակորոյս՝ յորձանք կուտար ընդարձակ բակին մէջ, առանց դուրս գալու ելք մը գտնալու։ Ղազախներու մտրակները աջ ու ձախ կ’իջնային հանդիպողի գլխուն։ Օդին մէջ շողացող լայնաբերան սուրերը տափակ կողմով կ’իջնային պատահողի գլխուն, ուսին, մէջքին, կամ ուր որ հանդիպէին։

Բազմաթիւ կիներ ու աղջիկներ նուաղեցան։ Շատեր ձիերու ոտքի տակ ինկան։ Լաց, հեկեկանք, ճիչ իրար խառնուեցան։ Բազմութիւնը, խրտչած ոչխարի հօտի մը նման, կեցած տեղը կը դառնար ջաղացքի քարի պէս։

Որչափ ալ որ ղեկավար մարմինը կարգադրած էր Կովկասի մէջ կատարուած ցոյցերուն խաղաղ բնաւորութիւն մը տալ, բայց երբ ոստիկանները սկսան կրակել, գտնուեցան երիտասարդներ՝ որոնք նոյն ձեւով պատասխանեցին անոնց։ Դռնապան երիտասարդ մը ձիէն վար նետեց ձիաւոր մը, որ սաստիկ հարբած վիճակի մէջ սուրը աջ ու ձախ կը փարտէր։ Ոստիկան մը վրայ հասնելով տեղ ու տեղ գնդակահար ըրաւ երիտասարդը։

Վարդանը ու Արմէնը մնացար էին եկեղեցիի դրան մօտ սեղմուած, երբ ղազախները բակը մտան եւ ժողովուրդը խուճապի մատնուեցաւ։ Արմէնը, Վարդանի կողքին սեղմուած, զգացած վախէն ամբողջ մարմնով կը դողար։ Խեղճ տղու դէմքը սպրթնած էր, աչքերը լայն բացուած, ու անհնարին սարսափի արտայայտութիւն մը կար անոնց մէջ։

Արմէ՛ն, ու տղուն վստահութիւն ներշնչելու համար՝ Վարդանը պինդ սեղմեց անոր ձեռքը։

Արմէնի շրթունքները շարժեցան անձայն։ Կ’երեւի ճիգ մը կ’ընէր խօսելու։

Վարդանը շուրջը դարձող բազմութեան մէջ մէկ երկու անգամ հեռուէն հեռու տեսաւ Մոսօն։ Մէկ ալ զգաց որ մէկը փէշէն կը քաշէր։ Մոսօն էր որ նոյնպէս տեսած էր Վարդանը ու բազմութիւնը աջ ու ձախ հրելով եկած հասած էր երկու ընկերներուն մօտ։

Այդ պահուն էր որ երիտասարդ դռնապանը ինկաւ ոստիկանի գնդակի հարուածով։ Այդ ոճիրը կատարուեցաւ հազարաւորներու աչքին առջեւ։ Վարդանը զգաց, թէ իրեն սեղմուած Արմէնը ինչպէս յանկարծ ոտքէն մինչեւ գլուխ ցնցուեցաւ, կարծես մէկն ի մէկ ելեքտրական հոսանքի մը հանդիպեցաւ։ Ժողովուրդը՝ իրար կոխոտելով՝ կը փախչէր ղազախներու առջեւէն։

Վարդան չգիտցաւ, թէ ինչպէս Արմէնը յանկարծ զինքը մէկդի հրեց, առաջ նետուեցաւ դէպի ձիաւորները, բարձրացուց նիհար բռունցքները կատաղութենէն բոլորովին այլակերպուած դէմքով ու գոռաց.

Աղտոտ սրիկաներ, կորչի բռնակալութիւնը, կեցցէ՜ ազատութիւնը…

Վարդանն ու Մոսօն թէեւ անմիջապէս անոր ետեւէն ցատկեցին, բայց արդէն ուշ էր։ Հարբած ղազախ մը, որու դէմքը անասնական ծիծաղով մը լայնցած էր, սուրը վեր բարձրացուց ու ամբողջ թափով իջեցուց Արմէնի գլխուն։ Տղան անշունչ գետին ինկաւ, գլուխը երկու մասի բաժնուած ։

Վարդան ինքն իրմէ ելած, ակնթարթի մը մէջ, ձիաւորի վար կախուած թեւէն բռնեց, գետին նետեց զայն խաղալիքի նման եւ, կուրծքին չոքած, պողպատէ մատերով սեղմեց կոկորդը թշուառական ղազախին, որուն աչքերն ու լեզուն դուրս ինկան։

Միւս ձիաւորները օգնութեան հասան վար ինկած ղազախին, որ կը տապլտկէր, Վարդանի աքցանի նման ձեռքին մէջ, մորթուած վառեակի մը պէս։ Բազմաթիւ մտրակներ իջան Վարդանի կռնակին ու գլխուն։ Ձեռքի զոհը ձգելով՝ ան փորձեց ոտքի ելնել, երբ հուժկու ձիաւոր մը, ծայրը արճիճով լեցուն մտրակը իջեցուց անոր գլխուն։ Տղան գինովի մը նման երերաց եւ այլեւս գիտակցութիւնը կորսնցնելով՝ վար ինկաւ կիսախեղդ ղազախի կողքին։

----------

Վարդան երբ աչքերը բացաւ, ինքզինքը գտաւ իր անկողնին մէջ։ Բոլորովին չէր յիշեր թէ ի՞նչ պատահած էր։ Մէջքին, ուսերուն ու վզին վրայ սաստիկ ցաւեր կը զգար։ Հայրը մահճակալի կողքին կանգնած՝ խեղճացած դէմքը հակած էր զաւկին վրայ ու կը փորձէր ժպտալ։

Հետզհետէ ուշքի կուգար Վարդանը։ Աչքերը հօրը դէմքին յառեց. կ’ուզէր բան մը հարցնել։ ՉԷ՛ պէտք չէ որ խօսէր։ Հայրը քնքշութեամբ մատը տղու շուրթներուն վրայ դրաւ։ Բժիշկները պատուիրած էին չխօսիլ, պէտք էր հանդարտ մնալ։ Թող տղան հոգ չընէ, քանի մը օրէն ոտքի կ’ելնէ։ Գանկոսկրը երկու տեղէ թէեւ ծակած էր, բայց ուղեղը չէր վնասուած։

Ո՞վ բերաւ, հակառակ հօրը արգելքին՝ շշնջաց Վարդանը։

Աւելի լաւ է, մտածեց Աշոտ Արսէնեանը, պատմել իրողութիւնը, քան թէ լռութեամբ ջղայնացնել հիւանդը։

Տղա՛ս, Մոսօ՛ն… ա՛պրի Մոսօն, աջ ու ձախ զարնելով ղազախներու ճանկէն ազատեց քեզ ու շալկած վանքի պատէն վար ցատկելով տուն հասցուց։ Հիմա կուգայ։ Գնաց սառոյց բերելու:

Երբ քիչ անցած Մոսօն պղնձի մէջ սառոյց լեցուցած ներս մտաւ սենեակէն՝ Վարդան մեղմօրէն ժպտաց, երբ Մոսօն սառցաջրի մէջ թրջեց երեսսրբիչ մը եւ դրաւ ճակատին։ Վիրաւորի աչքերը կամաց մը գոցուեցան , ու հանդարտ քուն մը եկաւ վրան :

Մոսօն հիւանդապահուհիի մը կանոնաւորութեամբ կը խնամէր հիւանդը: Երրորդ օրը Վարդան այնքան լաւացաւ, որ անկողնի մէջ նստաւ։

Գլխու վէրքերը գոցուեր էին, ու կռնակի ցաւերը բոլորովին անցեր, թէեւ մարմնին վրայ մտրակի ձգած կապոյտ հետքերը դեռ որոշակի կը մնային։

Հայրն ու Մոսօն կը զգուշանային Վարդանի մօտ խօսիլ Արմէնի եղերական մահուան մասին, ու շատ կը զարմանային, որ հիւանդն ալ ոչ մէկ հարցում, ոչ մէկ խօսք կը բանար։

Երրորդ օրը, կէս օրէ վերջ, Ներսէսն ու Ալէքը եկան Վարդանին այցելութեան։ Աշակերտական համագումարը, զինուորական դրութեան հետեւանքով, վերջացուցած էր իր աշխատանքը եւ ցրուած։ Երկու եղբայրները՝ իրար լրացնելով՝ պատմեցին համագումարի անցուդարձերէն, տրուած որոշումներէն: Երկու հակընդդէմ հոսանքներ իրարու դէմ էին ելած։ Մէկ մասը կ’առաջարկէ ռուս յեղափոխական շարժման, առանց ազգային գունաւորումի։ Իսկ միւս մասը, հակառակ որ Վարդանն ու Արմէնը կը բացակայէին, պաշտպանած էր այն տեսակէտը, թէ անկարելի ու աններելի է անտեսել ազգային հարցը, այն ալ այնպիսի ժամանակ մը, երբ հայ ժողովուրդը, որպէս ազգային ուրոյն հաւաքականութիւն մը ամենախիստ հալածանքի ենթարկուած է կառավարութեան կողմէ։ Համագումարի ճնշող մեծամասնութիւնը, յարած էր այդ տեսակէտին :

Երկու եղբայրները երբ ներս մտնելու ժամանակ, մուտքի դրան վրայ Մոսոյին հանդիպեցան, վերջինս մասնաւորաբար խնդրեց, որ Վարգանի մօտ Արմէնի մասին չխօսին։

Վարդան բոլորովին ցրուած արտայայտութեամբ մը մտիկ կ’ընէր ընկերներու պատմածներուն, կարծես չէր իսկ հետաքրքրուեր անցած դարձածով: Երբ Ներսէսը խօսքը վերջացուց ու լռեց, երկար ժամանակ ոչ ոք բացաւ բերանը: Վարդանի հայեացքը ուղղուած էր պատուհանին։ Հազիւ լսելի ձայնով մը հարցուց՝ ծանր ծանր բառերը արտասանելով .

Իսկ Արմէնը ինչպէ՞ս թաղեցիք…

Անսպասելի հարցումը շփոթեց պատանիները, որոնր հարցական իրարու նայեցան։ Պէ՞տք էր պատմել թէ ոչ։ Զգալով որ ընկերները կը դժուարանան պատասխանել, Վարդանը մռայլած՝ դարձավ Ներսէսին ու գրեթէ բարկացած ըսաւ.

Ինչո՞ւ չես խօսիր, պատմէ՛։

Քանի որ հիւանդը կը պնդէր, Ներսէս լաւագոյն համարեց պատմել: Թաղումը տեղի ունեցեր էր երեքշաբթի կէս օրէ վերջ։ Ոստիկանութիւնը արգիլեր էր հանդիսաւոր թաղում մը. միայն ամենամօտ ազգականներուն թոյլ տրուած էր ներկայ գտնուիլ։ Բայց, Ներսիսեան Վարժարանի աշակերտներէն շատեր եւ ուսուցիչներէն ոմանք, ինչսլէս նաեւ պետական վարժարաններու աշակերտները ու համագումարին մասնակցող անդամները, ժամեր առաջ գնացեր էին Խոջիվանքի գերեզմանատունը։ Շրջակայ թաղերէն բազմաթիւ տղամարդիկ, բայց մանաւանդ կիներ եկած էին նահատակի թաղմանը ներկայ լինելու: Երբ միայն մէկ քահանայով եւ հազիւ թէ երկոտասան մը հետեւորդներով յուղարկաւորներու թափօրը գերեզմանատան պարիսպէն ներս մտեր էր, շրջապատուած վեց ոստիկաններով, գերեզմանատան բազմութիւնը, որպէս թէ պարզ հետաքրքրութենէ մղուած, շրջապատ էր գերեզմանը։

Սրտաճմլիկ էր Արմէնի մօր վիճակը, շարունակեց Ներսէսը, խեղճ կինը երկու տակ եղած էր սարսափելի կսկիծէն։ Չէր լար: Աչքերը բոլորովին չոր, բայց այնպիսի անյատակ ցաւի արտայայտութիւն մ’ունէին, որ մարդ կը սարսափէր անոնց նայելէ։ Երբեմն կրծքէն աղեխարշ ընդհատ հեծկլտանք մը դուրս կուգար։ Սարսափելի բան մ’էր տեսնել այդ լացը, առանց կաթիլ մը արցունքի։ Քանի մը անգամ նուաղած ինկաւ դագաղի վրայ։ Դեռ թաղման արարողութիւնը չէր վերջացած, երբ մօտիկ բարեկամները ստիպուած եղան մայրն ու նշանածը հեռացնել գերեզմանատնէն։

Զեռքերով դէմքը ծածկած՝ Վարդան կը լսէր Ներսէսի պատմութիւնը, եւ արցունքի խոշոր կաթիլներ վայր կը գլորէին:

Երբ դագաղը գերեզման պիտի իջեցնէին, շարունակեց Ներսէսը, ոստիկան մը թոյլ չտուաւ որ վերջին անգամ տեսնէինք մեր թանկագին ընկերոջ երեսը։ «Արգիլուած է» գոռաց թաղային ոստիկանապետը եւ կոպտաբար մէկդի հրեց Ներսիսեան վարժարանի ծերունի ուսուցիչներէն մէկը, որ երկու խօսր կ’ուզէր ըսել իր սիրելի աշակերտի դագաղին վրայ։ Դագաղը իջեցուցին, եւ գերեզմանափորերը սկսան փոսը լեցնել։ Ամբողջ հասարակութիւնը՝ կարծես միեւնոյն զգացումէն թելադրուած՝ ծունկի եկաւ։ Չիմացանք թէ ո՞վ, յանկարծ սկսաւ երգել։ Հասարակութիւնը անմիջապէս հետեւեցաւ անոր, ու խաղաղ գերեզմանատան մէջ բարձրացաւ ազգային երգի վերջին տունը .


Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:

Ապարդիւն անցաւ ոստիկաններու բոլոր աշխատանքը դադրեցնելու երգը : Ո՞ր մէկու բերանը կրնային գոցել։ Երբ ոտքի ելած՝ կը պատրաստուէինք մեկնիլ, ոստիկանները փորձեցին ձերբակալել ուսանող մը։ Որպէս թէ ան էր սկսած երգը: Վայրկեան մը չտեւեց, համբերութիւնը կորսնցուցած բազմութիւնը, յարձակեցաւ ոստիկաններուն վրայ, զինաթափ ըրաւ, ու սարսափելի ծեծ քաշեց այդ սրիկաներուն:

Վարդանը, աչքերը կիսախուփ, հայեացքը անորոշ կէտի մը յառած, քարացած էր կարծես: Հազիւ թէ Ներսէսի պատմութեան վերջին մասերը լսեց։ Քանի մը օրէ ի վեր մտքին մէջ զարգացող գաղափար մը հետզհետէ կը խորանար իր մէջ, իր ամբողջ ուշադրութիւնը գրաւելով։ Երբ Ներսէսն ու Ալէքը մեկնեցան, Վարդան ամբողջովին անձնատուր եղաւ իր մտքերուն։

Իրեն այնպէս կուգար, որ դեռ կենդանի կերպով ականջին կը հնչէին Արմէնի խօսքերը. «Գիւղ պիտի վերադառնամ ու ամբողջովին պիտի նուիրուիմ նոր սերունդի կրթութեան գործին»։ Այդ խօսքերու մէջէն դուրս կուգար Արմէնի պայծառ դէմքը։ Արմէն գիւղ պիտի երթար, մինչդեռ գիւղացի կէս մտաւորականը քաղաքի ճամբան ձեռք կ՚առնէր, թէկուզ փողոցներու մէջ անօթի թափառելու համար։ Վարդանի համար պարզ էր, որ այլասիրական բարձր գաղափարականութեամբ ոգեւորուած խենթ մարդիկ միայն կրնային ազգային վերածնունդը դարբնել։ Արմէնը այդ խենթերէն մէկն էր։ Անգամ մը Արմէնը ըսեր էր իրեն. «Մեզ նման միջնակարգ վարժարան աւարտածներս կրնանք արդիւնաւէտ գործ կատարել, եթէ ժողովուրդին ծառայելու կամքը չպակսի մեր մէջ»։ Թերեւս առաջ այդ խօսքերուն Վարդան անտարբերութեամբ վերաբերուէր, բայց վերջին ամսուան ընթացքին Շիրակի գիւղերը թափառելէ վերջ, փոխուեցաւ իր մտայնութիւնը։ Հիմա շատ հարցերու մասին աւելի յստակ գաղափար ունէր։

------------------

Աշոտ Արսէնեանը աւելէ քան մտահոգուած էր Վարդանի վիճակով։ Վէրքերը, փառք Աստուծու, քանի մը օրէն կը բժշկուէին։ Զինք մտահոգողը աւելէ տղուն յամառ լռութիւնն էր ու ամէն բանէ ձեռք քաշած լինելու տրամադրութիւնը։ Տղան միշտ կը խուսափէր Գերմանիա երթալու մասին խօսելէ. յայտնապէս կը ջղայնանար, երբ հայրը խօսակցութիւնը այդ հարցին կը բերէր։ Հայրը չէր գիտեր, թէ տղան ի՞նչ կը մտածէր։ Վարդան անգամ մը նոյնիսկ յայտնեց հօրը, թէ այդ ճամբորդութեան մասին առ այժմ չմտածէ, թէ ինք դեռ շատ տկար է եւ թէ դպրոցական երկրորդ կիսամեակին ալ կարելի է մտնել համալսարան։

Իրողութիւնն այն էր, որ Վարդան ինք ալ հաստատ չէր գիտեր ընելիքը։ Իրար խաչաձեւող մտքեր զինքը տատամսոտ վիճակի մը ենթարկեր էին, ու սաստիկ կը դժուարանար վերջնական որոշման մը յանգիլ։ Երբ վեցերորդ օրը բոլորովին կազդուրուած ելաւ անկողնէն, առաջին գործը եղաւ կառք մը վարձել ու երթալ Խոջիվանքի գերեգմաննոցը։

Ժամերով նստաւ Արմէնի նոր ծածկուած գերեզմանին քով։ Գլուխը կախ՝ կը փայփայէր չորցած հողաթումբը, որու խորքին մէջ կը հանգչէր իր այնքա՜ն սիրելի ընկերը։ Բազմաթիւ ծաղկեփունջեր ինկած էին գերեզմանի բոլորը, ոմանք արդէն թառամած, ոմանք հաւանականաբար այդ օրը բերուած: Ուրեմն, Արմէնի գերեզմանը մտահան չէր եղած, ընկեր տղաք յաճախ կը հանդիպէին։

Այդ միտքը ուրախացուց Վարդանը: Չէ, Արմէնի նման ոսկի պատանի մը պէտք չէր մոռցուեր։ «Ամբողջ կեանքս պիտի նուիրեմ նոր սերունդի կրթութեան», յիշեց Արմէնի խօսքերը, ու տխրութեամբ գլուխն օրօրեց։ Ու իրեն այնպէս թուեցաւ, որ այդ խօսքերը սրբազան պատգամ մ’էին իրեն ուղղուած: Չէ, իր գիտցած հայերէնով հազիւ թէ իր միտքը կարող էր բացատրել, ուր մնաց դասախօսել. մէկ ալ որ՝ ուսուցչութեան ասպարէզը երբեբ չէր գրաւած զինք։

Բայց մի՞թէ միայն ուսուցչութեամբ կարելի էր ծառայել ժողովուրդին, մի՞թէ ուրիշ ասպարէզ չկար։ Ի՞նչ նպատակի կը ծառայէին ուրեմն Գարեգին սարկաւագը, Հառինջի վանքի երիտասարդ արհեստաւորները, վերջապէս Վահէն:

Երկա՜ր ժամանակ Վարդան, արմուկը յենած ընկերոջ գերեզմանին, մտքով խօսեցաւ անոր հետ, կարծես անկէ ներշնչում առնելու համար։ Ուշ ատեն տուն վերադարձաւ, բոլորովին ցրուած տրամադրութեամբ:

Երեկոյեան, ընթրիքի ժամանակ, յայտնեց հօրը, որ յաջորդ օրը պիտի երթայ Փարաքար, Եւգինէն բերելու, եւ յետոյ Ղարաքիլիսէ հանդիպելով՝ մօրը հետ միասին պիտի գան Թիֆլիս: