Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԳՏԻՐԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԸ

Ոչ թէ յաջորդ օրը, ինչպէս կը սպասուէր, այլ օր մը վերջը Փարաքար եկաւ պաշտօնական յանձնախումբը։

Նահանգի բոլոր գաւառապետները խորհրդակցութեան համար Երեւան կանչուած էին, նահանգապետի մօտ։ Խնդիրը պետական օրէնք մը օրինականացնելէ աւելի վարկի հարց մըն էր դարձած կառավարութեան համար։ Ինչպէ՞ս կրնար կառավարութիւնը հանդուրժել ողորմելի հայերու ցոյց տուած կատաղի դիմադրութեանը եւ ըմբոստութեանը նոր օրէնքին դէմ։ Կովկասի փոխարքան, որ այնքան մեծ կապեր եւ պաշտպաններ ունէր Ցարի պալատին մէջ, ապահովցուցած էր կայսեր ամենազօր նախարար Պլէվէն, որ տասնեւհինգ օրուան ընթացքին, նոր օրէնքը տառացի կերպով գործադրուած կը լինէր, եւ հայոց ներկայացուցիչները ստորագրած պիտի լինէին յանձնումի պաշտօնական թղթերը։ Փոխարքան այդպէս խոստացեր էր Պլէվէին. կը մնար որ նահանգապետները իրենց ստորադասեալ պաշտօնէութեամբ իրականացնէին անոր տուած խոստումը։

Այդ յանձնախումբերու անդամակցութեան հրաւիրուած էին Երեւանի քաղաքային վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնց մեծամասնութիւնը հայ անդամներէ կը բաղկանար։ Բայց նահանգապետի մօտ գումարուող մասնաւոր խորհրդակցութեան անոնք չհրաւիրուեցան։

Մօտ հարիւր տարի անցած էր այն օրէն, երբ մեծազօր Մոսկոֆը գրաւած էր Արարատեան Դաշտը։ Այդքան տարիներու ընթացքին հիւսիսէն ծայրագաւառն եկած ռուս աստիճանաւորները դեռ ընտելացած չէին տեղական բարքերուն ու սովորութիւններուն, չէին յարգեր տեղական ժողովուրդները, ոչ ալ կ’ուզէին մոռնալ տիրողի եւ հպատակի փոխյարաբերութիւնը։ Այդ տիրողի հոգեբանութիւնը անայլայլ կը մնար այլատեաց ղեկավարներու (պաշտօնէութեան) պատճառով, որոնք բուն Ռուսաստանի մէջ չէին պահուեր, այլ կը քշուէին ծայրամասերը, անոնց կաշառակերութեան, զեղծարարութեան, անպէտքութեան, հարբեցողութեան համար։ Ինչ որ վատ էր Ռուսաստանի համար, ինչ որ տականք կը համարուէր իրենց համար, կը ճամբէին Կովկաս, այդ կիսավայրենի երկիրը, ուր ամէն մարդ կամ աւազակ մ’էր եւ կամ անկիրթ գիւղացի մը։ Այսպէս էր պաշտօնէութեան մեծամասնութեան ըմբռնողութիւնը Կովկասի եւ զայն բաղկացնող ժողովուրդին մասին։

Նահանգապետի մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ըեթացքին Սուրմալուի գաւառապետը, վայրագ ու հարբեցող մարդ մը, որուն տեղացի հայ եւ թուրք ժողովուրդը «գազան» կը կանչէր, բացատրեց, թէ յաջողելու համար հարկաւոր է մէկ երկու գիւղերու ընդդիմութիւնը կոտրել, ինչ գնով կ’ուզէ լինի։

«Խնդիրը, ըսած էր ան, առաջին յաջողութիւնը ձեռք բերելու մէջ է։ Երբ մէկ երկու գիւղերու քիթն ու մռութը ջարդուի, այլեւս մէկը միւսի ետեւէն հայ գիւղերը ոչխարի նման, կ’ենթարկուին օրէնքին: Այդ հաստագլուխ հայերու հետ նազանքով պէտք չէ խօսիլ, այլ մտրակով»։

Այդ մարդը բացառութիւն մը չէր, եւ ոչ ալ անոր առաջարկութիւնը զարտուղութիւն մ’էր միւսներէն։ Հաւաքուածները բոլորն ալ միեւնոյն կարծիքէն էին, իսկ եթէ գործադրութեան մէջ անոնք կը տարբերէին իրարմէ, այդ ալ՝ անձնական նկարագրի հետեւանք էր։

Էջմիածնի գաւառապետը գերմանական ծագում ունէր եւ համեմատաբար մեղմ մարդ մը կը համարուէր։ Ատոր համար ալ երբ Էջմիածնի շրջանի յանձնախումբը ամբողջ կազմով ճամբայ ելաւ դէպի Փարաքար, Սուրմալուի գաւառապետ Պոնտելովսքին եւս նահանգապետի կարգադրութեամբ միացաւ անոնց, մէկ երկու գիւղերու մէջ «գործը յաջողցնելու», իր շնորհքը ցուցնելու համար։

-----------

ՎահԷն անակնկալ կերպով առտու կանուխ Գէորգենց եկաւ։ Երեւան կ’երթար, բայց հոն հանդիպելով Վարդանին, որ կ’ուզէր կարեւոր խնդրի մը համար իրեն հետ խօսիլ, որոշեց այդ օր Փարաքար անցընել։

Ամբողջ ընտանիքով ճաշի նստած էին, երբ գիւղէն երիտասարդ մը վազէ վազ այգին եկաւ՝ իմացնելու Սարգիս Աբօրը, թէ Երեւանէն պետական յանձնախումբը եկած եւ իջած է եկեղեցւոյ բակը, եւ թէ կը սպասեն քահանային եւ երէցփոխին։ Որքան ալ որ այդ լուրը կը սպասուէր, երիտասարդին գալը պատճառ դարձաւ, որ տնեցիք, մանաւանդ կիներն ու երեխաները իրար անցնին։

Սարգիս Աբերը պատրաստուեցաւ գիւղամէջ մեկնելու։ Կինն ու երկու հարսերը զինք շրջապատած սկսան լալ, երեխաներն ալ բանէ անտեղեակ, երբ անոնց լալը տեսան, իրենք ալ լալով պլլուեցան իրենց պապուն։

Տնաքանդներ, կարծես թէ կախելու կը տանին, ձէնե՛րդ, ու Սարգիս Աբերը գաւազանը վերցուց եւ գլխարկը գլուխը դրաւ։ Գէորգ ալ գլխարկը վերցուց հօրը ընկերանալու համար:

Դո՞ւն ուր, հարցուց Սարգիս Աբերը տղուն առաջքը կտրելով.

Ես ալ պիտի գամ, յայտնեց Գէորգը։

Ծերունին տղու թեւը սեղմեց, ու աչքերուն մէջը նայեցաւ։ Ինչո՞ւ Գէորգը կ’ուզէր գալ։ Կասկած մը վրդովեց Սարգիս Աբերը։ Մի՞թէ տղան չէր վստահեր…

Չէ, պալա՛մ, վճռական կերպով հակառակեցաւ հայրը, Փարաքարի երէցփոխը ես եմ, ես առանձին կ’երթամ. էդ շները լաւ է քեզ չտեսնեն։ Քանի տարի է բացակայ էիր գիւղէն, բան մը լսած կը լինին. հարց ու փորձ, քննութիւն ու նոր փորձանք մը կը բերես մեր գլխուն։ Չէ՛, դու. էստեղ ընկերներուդ քով մնացիր։

Ճիշդ կ’ըսէ, ըսաւ Վահէն, աչքի մի՛ զարնուիր մանաւանդ որ վերջի շաբաթները գիւղէ գիւղ շատ պտըտեցար, անունդ ամէնուն բերանն է…

Սարգիս Աբերը սկսաւ քալել զինք կանչելու եկող երիտասարդին հետ՝ գաւազանը պինդ պինդ թխկացնելով։ Այգիի դռնէն դուրս եկած ժամանակ, վայրկեան մը կանգ առաւ եւ չորս կողմը նայեցաւ։ Զարմանալի կերպով այդ տարի խաղողի առատութիւն կար. որթատունկերու երկար ճիւղերը ողկոյզներով ծանրաբեռնուած ինկած էին թումբերու կամ անոնց կողերուն վրայ։

Փառք քեզ, Աստուած, մրմնջաց Սարգիս Աբերը հոգեկան գոհունակութեամբ, ու մէկ ալ ետ դառնալով տան ուղղութեամբ նայեցաւ։

Տնեցիք, դրան առջեւ հաւաքուած, իր ետեւէն կը նայէին։ Սարգիս Աբեր ձեռքը օդին մէջ շարժեց, այգիի դռնէն դուրս ելաւ ու խճուղիով սկսաւ առաջանալ դէպի Փարաքար։

Էջմիածնի խճուղին երկու յատկութիւն ունէր, որ մարդ չէր կրնար անտեսել։ Առաջինը, քսան տարուան մէջ նորոգութեան չէր ենթարկուած, թէեւ ճամբու երկայնքին կոտրտուած քարերու բրգաձեւ կոյտերը, այդպիսի նպատակի մը գոյութիւնը ենթադրել կուտային. իսկ երկրորդը այն թզաչափ մը փոշին էր, որ կառք մը սրարշաւ անցնելու պարագային երկար պոչի մը նման կը բարձրանայ՝ հեռուէն դիտողին տալով ամպի վրայէն վազող կառքի մը խաբկանքը։

Սարգիս Աբերը, փոշիէն խուսափելով, կը քալէր ճամբու եզերքովը՝ անհանդարտ ձիու մը նման գլուխը աջ ու ձախ դարձնելով։ Մեծածաւալ դաշտը կ’երեւէր կանուխ աշնան ոսկեգոյն զգեստաւորումով։ Սարգիս Աբօր կուրծքը կ’ուռէր, հոգին բերկրանքով կը լեցուէր, երբ կը դիտէր շրջակայքը։

Սեպտեմբեր ամիսը Արարատեան Դաշտի լիութեան շրջանն է։ Ամիսներու յղութենէն վերջ, մայր երկրի արգասաբեր արգանդը կը պատռի, դեղձի ծառերու ճիւղերը, պտուղով ծանրաբեռնուած, նոր հարսի նման շնորհալի կերպով կը կորանան՝ գլուխնին գետին հակած. ողկոյզներու հատիկները լեցուած՝ կը սկսին դեղնիլ եւ քաղցրանալ. բամպակի կոկոնները կ’ուռչին եւ հոս-հոն արդէն ճաթած շեղբի մը մէջէն ձիւնի նման սպիտակ բամպակը դուրս կը պոռթկայ. ճամբաներու երկայնքը գտնուող պոսթանները կը կենդանանան, անխուսափելի խրտուիլակը փետրահան հաւի նման ողորմելի տեսքով, մէկ թեւը վար ինկած, կը սպասէ յաջորդ գարնան, որ նորէն զուգեն զարդարեն զինքը։

Ճամբորդները կանգ կ’առնեն պոստանի հիւղակի առջեւ, որ չորս ցիցերու վրայ նետուած քանի մը խուրձ եղէգէ կը բաղկանայ, ստուերի տակ կը նստին եւ սեխ, դուդմա, ձմերուկ ու վարունգ կը գնեն, մինչ պոստանճիին շունը գետին տաբած, թաթը ականջին վրայ, մէկ աչքը խուբ, միւսը բաց, կը հսկէ, երբեմն առանց պատճառի մռլտալով։

Հեռուէն հեռու կ’երեւին կերոններու նման դաշտի հարթութենէն բարձրացող բարտիներու երկար շարքերը, շրջափակած չերեւցող գիւղ մը։ Դաշտի զանազան կողմերէն կը բարձրանան ծուխի բարակ սիւներ, այնքա՜ն ուղղաձիգ, որ կարծես երկնքէն կախուած պարաններ լինին։ Որքան մարդու հայեացքը կ’երկարի դաշտի լայնքով, այնքան գոյները կ’աղօտին, անօսր կապոյտ մը կը խառնուի ստուերային գծագրութեան, երբ յանկարծ դաշտի պռունկէն կը բարձրանան Բարթողեան սարերը, ու անոնց քով՝ սքանչելի Մասիսը ալեւոր գլուխը երկնքի կապոյտին մէջ մխրճած:

Վաթսունէն աւելի տարիներ ապրած էր Սարգիս Աբերը, եւ սակայն երբեք չէր տեսած չէր զգացած այն՝ ինչ որ կը զգար այդ պահուն։

Օրհնեալ է Աստուած, գովեալ է Աստուած, հազիւ լսելի կերպով շշնջեց Սարգիս Աբերը ու սիրտը լեցուած անբացատրելէ զգացումով մը, ճամբան շարունակեց դէպի գիւղ։

Եկեղեցիի բակին դրան առջեւ հաւաքուած գիւղացիները ճամբայ բացին։ Սարգիս Աբերը, իր դիրքին վայել ծանրութեամբ, ծանօթները բարեւելով, ներս մտաւ բակը, գլխարկը վար առաւ ու խոր գլուխ տալով մօտեցաւ Երեւանէն եկած հիւրերուն։ Բակի գերեգմանաքարերէն մէկուն վրայ նստած էին Սուրմալուի եւ Էջմիածնի գաւառապետները, իսկ քանի մը քայլ հեռու՝ յանձնախումբի անդամները ու չորս ստրաժնիկները (ոստիկան զինուորներ)։

Հազիւ թէ Սարգիս Աբերը մօտեցած ու բարեւած էր պաշտօնական անձերը երբ Սուրմալուի գաւառապետ Պոնտոլովսկին բարկութեամբ ոտքի ցատկելով վրայ վազեց, ու սարսափելի հայհոյանքներ թափելով ըսաւ.

Ես քու մէրը… շան զաւակ, դու որո՞ւ շունն ես, որ մեզ ժամ մը սպասցնել կուտաս։

Հիմա լսեցի ձեր գալու մասին ու անմիջապէս եկայ, իր արժանապատուութեան գիտակցութիւնը ունեցողի պաղարիւնութեամբ պատասխանեց Սարգիս Աբերը ու թեթեւ մը յօնքերը կիտեց։

Լռէ՛, աւելի զայրացած գոռաց Պոնտոլովսկին, բացատրութիւններ լսելու չենք եկած հոս, ես քու մէրը… անմիջապէս եկեղեցին բաց…

Սարգիս Աբերը, որպէս թէ չլսեց հրամանը, գլուխը բարձրացուց ու հանդարտ ու երկաթի ծանրութեամբ հայեացքը ուղղեց գաւառապետի աչքերուն։

Այդ պահուն եկաւ եւ գիւղի զառամած քահանան։ Անոր սովորաբար գոհունակ կլոր դէմքը սարսափի անկասկածելի դրոշմ մը ունէր։ Խոնարհաբար բարեւեց գաւառապետները եւ՝ ձեռքերը դուրս ինկած փորին վրայ դնելով՝ յանցաւորի նման կախեց գլուխը։

Էջմիածնի գաւառապետը ինչպէս ըսինք, աւելի մեղմ բնաւորութեան տէր, աւելի թաքթով մարդ մըն էր։ Անդրադառնալով որ եթէ այդ ձեւով շարունակուի, հակառակ արդիւնք մը պիտի ստացուի, Սուրմալուի գաւառապետին աչք ըրաւ, ինքը մօտեցաւ Սարգիս Աբօր ու ձեռքը անոր ուսին դնելով՝ շատ անուշ լեզուով սկսաւ խօսիլ։

Ինչ գործով գալերնիս գիտէք։ Ի զուր տեղը հայ ժողովուրդը իրար անցեր է։ Կառավարութեան տեսչութեան տակ կալուածներուն աւելի հոգ պիտի տարուի, եկեղեցին աւելի պայծառ ու շէն պիտի լինի։ Կարգ մը չարամիտ առաջնորդներու հետեւելով, հայ օրինապահ ժողովուրդը գտնուեցաւ անվայել արարքներու մէջ, ըմբոստացաւ։ Ի հարկէ, կառավարութիւնն ալ իր կողմէն զսպողական անհրաժեշտ միջոցներու դիմեց։ Արիւն հոսեցաւ, բայց այդ ձեր մեղքն է, ըսել կ’ուզեմ՝ ձեր առաջնորդներուն մեղքը. որովհետեւ անոնք նոր օրէնքին իմաստը չարափոխուած կերպով կը բացատրեն տգէտ ժողովուրդին: Ձեզ լաւ կը ճանչնամ։ Օրինապահ, լաւ հպատակ մ’էր, գիտէք, որ կառավարութեան օրէնքը անբեկանելի է։ Միայն արքայական բարձրութիւնը կրնայ նորէն ետ կոչել օրէնք մը, որ, ինչպէս ըսի, հայ ժողովուրդի լաւութեան համար հրատարակուած է։ Ի զուր է բոլոր ընդդիմութիւնը։ Գիտեմ, որ դուք խելօք մարդ մ’էք, դիրքի, հարստութեան տէր, եւ պիտի չստիպէք մեզ դիմելու խիստ միջոցներու, որ մեզ համար ալ ցանկալի չեն, իսկ ձեզ համար կրնան շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ… Ես անկեղծօրէն չէի ուզեր, որ դուք ալ նեղութիւններու ենթարկուիք, ո՞վ գիտէ… թերեւս մինչեւ Սիպիր…

Սարգիս Աբերը, գաւառապետին առջեւ յարգանքով կանգնած, արձանի նման անշարժ մնաց, առանց խօսք մ’իսկ արտասանելու։ Որքան ալ որ անոր խօսքերը հաշտարար թօնով ըսուած, բայց Սարգիս Աբերը անձնական պատասխան մը չունէր անոնց տալիք։ Այն՝ ինչ որ պիտի ըսէր, հայ ժողովուրդի հաւաքական որոշումն էր, անոր կամքի արտայայտութիւնը։ Սիպիրի հեռանկարն ալ այլեւս թոյլ միջոց մ’էր հոգուն մէջ տատամսում յառաջացնելու համար։ Ինչ որ պատահէր, պիտի պատահէր. խուսափելու մասին չմտածեց իսկ։ Թերեւս շատ բան կարողանար մոռնալ, թերեւս գեղականի որոշումը պարտադիր չսեպէր. բայց բան մը կար որ չէր կրնար մոռնալ, որ միշտ աչքին առջեւն էր. այդ՝ թոնրատան ժողովի ժամանակ Գէորգի հարցական, խուզարկու հայեացքն էր, որ մինչեւ հոգիին խորքը իջած, ծանրապէս վիրաւորած էր իր ինքնասիրութիւնը։

Տէ՛, բերէք բանալիները, մեղմօրէն ըսաւ էջմիածնի գաւառապետը ու ծիծաղելով անմիջապէս վրայ բերաւ, գիտենք, որ ձեր եկեղեցին հարստութիւն չունի, քանի մը արծաթ խաչ, քիչ մը մոմ եւ սեւ կոպէկներ։ Արդէն մեր կատարելիքը պարզ ձեւականութիւն մըն է։ Թուղթը կը ստորագրէք՝ կը պրծնի կերթայ, ու մենք ալ այլեւս ձեզ չենք անհանգստացներ…

Դուք գիտէք, որ առանց կաթողիկոսի հրամանին…

Ի՞նչ, ու առանց ձգելու, որ Սարգիս Աբերը խօսքը վերջացնէ, Սուրմալուի գաւառապետ Պոնտոլովսկին անոր օձիքը թափահարելով վրան գոռաց, ի՞նչ ըսիր, շան զաւակ, կաթողիկոսի հրամա՞ն։ Այ ես քեզի կը ցուցնեմ Կաթողիկոսի հրամանը։ Բանալիները որո՞ւ քովն են… Հը՞, տէրտէր, քու քովդ չլինի՞։

Տէրտէրին արդէն գունաթափ դէմքը բոլորովին ճերմկցալ: Ինչպէ՞ս թէ բանալիները իր մօտ լինէին։ Չէ, Աստուած չընէ, ինքը երէցփոխ չէ։ Առանց խօսիլ կարենալու՝ ան իր ալեւոր գլուխը բացասաբար շարժեց, ձեռքով Սարգիս Աբերը ցուցնելով…

Էջմիածնի գաւառապետը հաշտարար միջոցները սպառած համարելով մէկդի քաշուած՝ հեռուէն դիտելով կը բաւականանար։ Հիմա արդէն Սուրմալուի գաւառապետ Պոնտոլովսկին պէտք էր ցուցնէր իր «մտրակի քաղաքականութեան յաջողութիւնը» եւ իր այնքան ջատագոված բռնի միջոցներու առաւելութիւնը։

Սարգիս Աբերը, ներս մտած պահուն, երբ այդ գազանն ալ տեսաւ Երեւանէն եկողներու մէջ, եղունգները պինդ մը խրեց ափին մէջ։ Սիրտը անորոշ երկիւղով մը լեցուեցաւ, բայց գիտցաւ ինքզինք պահել։ Գիտէր, որ ամբողջ Փարաքարի աչքը իր վրայ էր այդ պահուն։

Բանալիները, Պոնտոլովսկին երկու ձեռքով Սարգիս Աբօր օձիքը բռնած վայրագ կատաղութեամբ ցնցեց ծերունին, որու գլուխը տերեւի մը նման կը շարժէր, շո՛ւտ, բանալիները, թէ չէ շան սատակ կ’ընեմ, ես քու մէրը…

Ըսի՛, որ առանց Կաթողիկոսի հրամանին…

Պոնտոլովսկին աջ թեւը փարտեց ու այնպիսի ուժեղ ապտակ մը իջեցուց Սարգիս Աբօր երեսին, որ խեղճ ծերունին քանի մը քայլ ընկրկեցաւ, գաւազանը ձեռքէն թռաւ ու ամբողջ հասակով ինկաւ գետին։

Նոյնիսկ յանձնախումբի անդամները չկրցան ինքզինքնին պահել այդ վայրենի վարմունքը տեսնելով։ Անոնցմէ մէկը, սիրուն, համակրելի դիմագծով երիտասարդ մը, որ նոր եկած էր Կովկաս եւ Երեւանի դատարանի մէջ կը ծառայէր որպէս դատախազի օգնական, բնազդօրէն առաջ նետուեցաւ օգնելու ծերունիին, որ փոշիի մէջ կը տապլտկէր ոտքի բարձրանալու համար։

Խնդրեմ, չմիջամտել, երիտասարդի առաջքը կտրեց խոժոռած Պոնտոլովսկին։

Բայց, պարոն գաւառապետ, ուզեց բողոքել դատախազի օգնականը…

Խնդրեմ, ձեր գործին նայեցէք, կտրուկ ընդմիջեց գազանացած Պոնտոլովսկին, այստեղ չէք եկած ցուցմունքներ ընելու մեզ…

Սարգիս Աբերը դժուարութեամբ ոտքի ելաւ, գաւազանը գետնէն վերցուց ու կրթնեցաւ անոր։ Դէմքը բոլորովին սպիտակած էր, գլուխը բարձը բռնած, բայց ամբողջ մարմնով կը դողար անզօր կատաղութեամբ։ Վաթսուն տարիներու ընթացքին երբեք նման դէպքի մը չէք պատահած, երբեք իր մարդկային արժանապատութիւնը այդպէս չէր ոտնակոխուած։

Բակի դռնէն նայող սարսափած գիւղացիները գարնան ձիւնի նման հալեցան։ Միայն մէկ երկու ծերեր մնացին, աւելի քարացած քան կենդանի վիճակի մէջ։ Տեսնուած բան չէր տեղի ունեցածը։ Պապերէն լսած էին, հին ժամանակները, պարսիկ սարբազներու օրով… Հա՛, էն ժամանակները շատ բաներ կը պատահէին, բայց ռուսի օրով, չէ՛, էսպէս բան տեսած չունէին։ Սարգիս Աբերը, Փարաքարցի Սարգիս Աբերը, որուն հետ նոյնիսկ Երեւանցի վաճառականները ծունկ ծունկի թէյ կը խմէին, ապտակ ուտէր, գետնի փոշիի եւ աղտեղութեան մէջ տապլտկէր…

Փինաջի Մարտօն ալ, որ քիչ առաջ խանութ գնացեր էր պոզիկի գինիի մնացորդով կոկորդը թրջելու, այն պահուն վերադարձաւ, երբ Սարգիս Աբերը ամբողջ մարմինով գետին փռուած էր։ Փինաջի Մարտօն եկեղեցիի դրան առջեւ քանի մը րոպէ մտնեմ-չմտնեմի տատամսումէ վերջ, կամացուկ մը ոտքը դռնէն ներս նետեց ու բակը մտաւ:

Պոնտոլովսկին ստրաժնիկներէն մէկուն ձեռքէն մտրակը յափշտակեց ու ատամները կճրտացնելով՝ մօտեցաւ Սարգիս Աբօր, որ խմբակէն քանի մը քայլ հեռու կանգնած թափ կուտար փոշոտած զգեստը։ Երիտասարդ, կորովի հսկայ մը՝ Պոնտոլովսկին բուրգի նման կը բարձրանար վաթսունը անցած ծերուկին մօտ, որ կ’աշխատէր անխռով, նոյնիսկ անտարբեր երեւնալ։ Երկուքի մէջ եղած համեմատութիւնը այնպիսի տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէր, որ յանձնախումբի անդամները ներքնապէս ամչցան, բայց միջամտելու քաջութենէ զուրկ կռնակնին դարձուցին՝ գէթ չտեսնելու համար գարշելի պատկերը։

Ես քու… երկու րոպէ ժամանակ կուտամ քեզ։ Հասկցա՞ր, շան զաւակ։

Սարգիս Աբերը բարձրացուց պղտոր, արնկալած աչքերը եւ ուղիղ նայեցաւ Պոնտոլովսկիի աչքերուն։ Այդպէս կրնայ նայիլ միայն մարդ մը, որ կեանքի հետ ամէն հաշիւ կը գոցէ, որու մէջ կամքը կռանիթի կարծրութիւն կը ստանայ, ահագին ժայռի մը նման ծանր ու տեղէն աներեր։ Հոգեկան այդ վիճակը միայն կրնայ ստեղծել ֆանաթիք նահատակը, որ ժպտալով կը դիմաւորէ սարսափելի տանջանքը, խարոյկը, խաչի վրայ մահանալը։

Սարգիս Աբերը ուղիղ նայեցաւ Պոնտոլովսկիին ու թեթեւ հեգնական ժպիտ մը խաղաց դէմքին վրայ։ Սուրմալուի «գազանը» ի՞նչ բանի կը սպասէր։

Ըսի՛, որ, հատիկ հատիկ արտասանելով խօսեցաւ Սարգիս Աբերը բոլորովին հանդարտ ձայնով, թէեւ ամբողջ մարմնով կը դողար, ըսի, որ մինչեւ կաթողիկոսէն հրաման չստանամ…

Ի՞նչ, կատաղած գազանի մը նման ոռնաց Պոնտոլովսկին, դեռ խելքի չեկա՞ր, տէ՛ առ, տէ՛ առ, ու մտրակը օդի մէջ վզզալով կը բարձրանար ու շառաչելով կ’իջնար Սարգիս Աբօր գլխուն, վզին, ուսերուն վրայ։ Ամէն մէկ հարուածէ հետ կը բազմապատկուէր «գազան»ի կատաղութիւնը, որ անասանելի հայհոյանքներ թափելով, ալ աւելի թափով կ’իջեցնէր մտրակը կարծես թէ սովորական վերմակ մը լինէր ծեծածը։ Անգամ մը միայն Սարգիս Աբերը բարձր ճչաց, երբ մտրակի ծայրը աչքի մօտ քունքին հանդիպելով՝ մորթը պատռեց ու արիւնը երեսն ի վար սկսաւ վազել։ Որքան ալ որ տեղի ունեցածը անմարդկային, ստոր գազանութիւն մէր, ոչ ոք յանդգնեցաւ միջամտել՝ դադրեցնելու համար այդ անուն չունեցող հրէշութիւնը։

Պոնտոլովսկին, շնորհիւ իր կնոջ, նահանգապետի պաշտպանեալն էր։ Այդքանը կը բաւէր, որ ան ինքզինքը անպատասխանատու փոքրիկ ցար մը զգար հեռաւոր Կովկասի յետ ինկած այդ ծայրագաւառին մէջ։ Դժբախտ Սուրմալուի մէջ ան տասը տարիներ անսանձ ազատութեամբ իշխած էր փոխանակ կառավարելու։ Բազմաթիւ թուրք ու հայ գիւղացիներ ծեծամահ ըրած էր, առանց նոյնիսկ նկատողութիւն մը ստանալու բարձր իշխանութէնէն։ Ժողովրդի բազմաթիւ բողոքները անլսելի մնացեր էին։ Անոր մէկ խօսքը օրէնք էր, յօնքի մէկ շարժումը անառարկելի հրաման մը։ Ո՞ր թշուառ մահկանացուն կրնար մտքէն իսկ անցընել անոր մէկ խօսքը երկուք ընել տալու։

Ու ահա, թշուառ ողորմելի ծերուկ մը կը յանդգնէր, առաջին անգամը լինելով, դէմ կենալ էր հրամանին, ցեխոտել իր պատիւը, իր հմայքը։ Չէ՞ որ ինք վստահացուցեր էր նահանգապետը, որ շատ չէ, մէկ շաբաթուան ընթացքին, օրէնքը տառացի կերպով պիտի գործադրուէր։

Քահանան՝ ինքն իր վրայ կծկուած՝ սմքեցաւ գերեզմանաքարի մը մօտ։ Խեղճ ծերունիին սարսափէն ճմրթկուած դէմքին վրայ միայն դողացող շրթունքները կը շարժէին, «Տէր, դու ողորմիս, դու հասնես օգնութեան»։ Եթէ յանկարծ այդ կատղած գազանը իրեն մօտենար։ Տէ՜ր Աստուած… բայց ի՜նչ լաւ էր, որ իր կողմն իսկ չէր նայեր… Խե՜ղճ Սարգիս Աբեր…

Հը՞, հը՞, հը՞, մտրակը կը բարձրանար ու կ’իջնար Սարգիս Աբօր կորացած ուսերուն, դէպի վար հակած գլխուն՝ հետզհետէ աճող թափով մը։

Սարգիս Աբերը բառ մ’իսկ չարտասանեց, եւ ոչ ալ դիմադրելու փորձ մը ըրաւ։ Արիւնը քունքէն ու բերնէն առատօրէն կը վազէր, ու ամբողջ մարմինը կարծես հրաշէկ շամփուրով տաղուած լինէր։ Զգաց որ հետզհետէ կը թմրի եւ գիտակցութիւնը պիտի կորսնցնէ, յանկարծ գլուխը բարձրացուց ու միակ բառ մը կրցաւ արտասանել.

Շո՛ւն…

Այլեւս ինքնիրմէ ելած՝ Պոնտոլովսկին անհնարին թափով մտրակի կոթի հաստ կողմը իջեցուց Սարգիս Աբօր գլխուն։ Վայրկեան մը երկուք ծերունին կեցած տեղը երերաց ու խուլ հառաչանք մը հանելով փռուեցաւ գետին, բոլորովին գիտակցութիւնը կորսնցուցած։ Ակնթարթի մը մէջ Պոնտոլովսկին ինկնողի գլխուն վրայ էր. խթանաւոր կրունկը բարձրացուց ու ամբողջ թափով իջեցուց Սարգիս Աբօր բերնին, աչքին, քթին, կուրծքին, այն աստիճան կատաղած, որ վերջապէս Էջմիածնի գաւառապետը թեւէն բռնեց ու մէկ կողմ քաշեց, աշխատելով զայն հանդարտեցնել.

Չարժէ եռանդ սպառել, մեռած է արդէն…

Ծանր ծանր հեւալով՝ Պոնտոլովսկին թաշկինակը հանեց՝ քրտինքը սրբելու ու նորէն վրայ վազեց ծերունիին արնախառն թուքը տեսաւ, նորէն վրայ վազեց դիակի մը պէս երկնցած ծերունիին վրայ եւ ոտքով կոխկրտեց դէմքն ու կողերը .

Դո՛ւ, դո՛ւ, շան զաւակ, արմեաշկա, ես քու մէրը… ես քու մէրը… ես քու…

Եւ, սակայն, արհամարհուած արմեաշկան յաղթած էր Իգտիրի «գազան»ին, հեգնած էր պետական նոր օրէնքը, ոտնակոխ ըրած էր մեծազօր ցարի հրամանը։ Թերեւս ամենէն աւելի Սուրմալուի գազան գաւառապետը կը գիտակցէր այդ։ Յանձնախումբի մնացեալ անդամները ներքնապէս ուրախացած կ’երեւային Պոնտոլովսկիի կատարեալ անյաջողութիւնը տեսնելով։ Անոնք ներքուստ կ’ատէին այդ գոռոզ մարդը եւ քիչ մըն ալ կը նախանձէին անոր դիրքին։

Բակի դրան առջեւ կանգնած ծերունիները՝ Սարգիս Աբօր վիճակը տեսնելով՝ անյայտացան, ամէն մէկը իր տունը։ Բերնէ բերան լուրը տարածուեցաւ ամբողջ գիւղին մէջ, ու սակայն՝ ոչ ոք սեւ խապարը ուզեց հասցնել այգիները։

Փողոցները ամայի էին, նոյնիսկ գիւղի շները չէին երեւնար։ Կարծես կախարդանքով մը մէկ վայրկեանէն միւսը, շէն գիւղը ամայի աւերակ մը դարձաւ։ Փինաջի Մարտօն եկեղեցիի բակին մէջ, եղած տեղը գամուած մնացեր էր։ Սարսափէն աչքերը դուրս ինկած, լեզուն չորցած էր բերնին մէջ։ Ա՜յ, եթէ միայն կարողանա՜ր փախչիլ, մէկ շունչով մինչեւ խանութը պիտի վազէր։ Եւ սակայն ոտքերը կարծես քարացած լինէին ու կպած գետին։

Երկու գաւառապետները իրարու ետեւէ դուրս եկան, նոյնիսկ չնկատեցին դրան կպած այդ ողորմելի հարբած մարդը, որու դէմքը այդ պահուն սարսափի մարմնացումն էր։ Ի՜նչ լաւ որ չնկատեցին, մտածեց Փինաջի Մարտօն եւ հրճուանքի նման բան մը զգաց։ Ինքն ի՜նչ էր որ նկատէին, փողոցի քոսոտած շուն մը։ Եթէ միայն կարողանար, Մարտօն անշուշտ բարձրաձայն պիտի ծիծաղէր ալ։ Ի՜նչ լաւ եղաւ, որ այդ գազանը դուրս ելաւ, առանց իր աչքը հանելու։ Մէկ ալ Մարտօն կեցած տեղը սմքեցաւ եւ ուրախութիւնը փորը մնաց։

Դատախազի երիտասարդ օգնականը, դուրս ելնելու ժամանակ, յանկարծ կանգ առաւ Մարտոյի առջեւ ու հանգստացնող ժպիտ մը դէմքին բարեկամական շեշտով հարցուց.

Հը՞, բարեկամ, եթէ եկեղեցիի բանալին քովդ լինէր, դու ի՞նչ պիտի ընէիր…

Կարծես ամբողջ երկինքը փուլ եկաւ Մարտոյի գլխուն։ Ի՞նչպէս թէ բանալիները իր քովը լինէին, ինքը ողորմելի փինաջի մը… Լեզուն կապ ինկաւ, թէեւ երիտասարդ պաշտօնեան բարեմտօրէն կը ժպտար իրեն նայելով։

Ե… ե՜ե՜… թէ կա–կա–կաթողիկոսը հը–հը–հրաման…

Առանց սպասելու որ Մարտօն խօսքը վերջացնէ, դատախազի օգնականը խորհրդաւոր կերպով գլուխը օրօրեց եւ դուրս ելաւ դռնէն՝ ինքնիրեն մտածելով. «Եթէ այս ողորմելին ալ կաթողիկոսի հրամանէն կը խօսի, ուրեմն զուր աշխատանք է մեր կատարածը»։

Փինաջի Մարտօն աժան պրծնելուն համար հազիւ թէ ուրախացած երկար շունչ մը քաշեց, երբ յանձնախումբի հետ եկած չորս ոստիկաններէն մէկը, վզակոթէն բռնեց դուրս բերաւ փողոց ու յանկարծ այնքան ուժեղ աքացի հասցուց խեղճի կռնակին, որ Մարտօն թալալգլոր ինկաւ ջաղացքի առուին մէջ։

Առ քեզի կաթողիկոսի հրաման, մրթմրթաց ոստիկանը ու աճապարեց միանալ ընկերներուն։

Պաղ ջրի ակամայ լոգանքը սթափեցուց Մարտօն: Թերեւս տարիներէ ի վեր ուղեղը երբեք այնքան պայծառ չէր գործած, որքան այդ պահուն։ Առուի մէջ երկնցած՝ Մարտօն վերյիշեց քիչ առաջ տեղի ունեցած սարսափելի ողբերգութիւնը, Սարգիս Աբօր տրորուած մարմինը, գազանացած Պոնտոլովսկիի արիւնարբու դէմքը։ Թրջուած կատուի մը արագութեամբ Մարտօն տեղէն վեր ցատկեց ու վազեց դէպի եկեղեցիի բակը։

Մարտօն մօտեցաւ ու բռնեց Սարգիս Աբօր ձեռքը։ Մարմինը դեռ տաք էր. հազիւ նկատելի կերպով վիրաւորի կուրծքը կը բարձրանար ու կ’իջնէր։

Վա՜յ, տունդ չքանդուի, տէրտէր, ծերունիին մխթելով փսփսաց Մարտօն, դեռ կենդանի է. ի՞նչ մեռելի նման առեր նստեր ես. գեղականին լուր տալու է, այգին տանինք, ու առանց պատասխանի սպասելու Մարտօն փողոց վազեց ու հանդիպած դուռը սկսաւ զարնել պոռալով.

Հէ՜յ, ժամ եկէք, ժամ եկէք…

Ինչպէս փեթակի մը մեղուները, երբ օտար ձեռք մը կը խառնշտկէ փեթակը, տզզալով-բզզալով դուրս կը թափին, այնպէս ալ ամայացած գիւղի տան դռները իրարու ետեւէ սկսան բացուիլ եւ կին, երեխայ՝ վարար գետի հոսանքի նման խուժեցին եկեղեցիի բակը։

Ժողովուրդը՝ սարսափէն շշմած՝ շրջապատէց մեռելի նման ինկած Սարգիս Աբերը։ Պառաւ կիները առաջ անցան, շրջապատեցին վիրաւորը եւ ձայն ձայնի տուած՝ սկսան լալ, երբ դռնէն ներս վազեց Սարգիս Աբեր որբեւայրի քոյրը՝ Ծալօն։

Վա՜յ, իմ ազիզ ախպերս, վա՜յ իմ ասլան ախպեր, վա՜խ, քոռնամ ես, հեծկլտալով Ծալօն բազմութիւնը ճեղքեց ու մօտեցաւ։

Եթէ կիները ժամանակին չբռնէին զայն, վիրաւորի վրան պիտի իյնար։ Ծալոյի գալով մեղմ ողբը փոխուեցաւ մեռելատան մը վայնասունին։ Երեխաներն իսկ, կիներու լացն ու կոծը տեսնելով՝ ձայներնին ձգած իրենք ալ սկսան լալ։

Ոչ ոք սակայն վիրաւորին օգնելու, զայն տեղափոխելու մասին կը մտածէր, մինչեւ որ Ալեքսան Ամին, խելքի գալով պոռաց կնիկներուն վրայ, որ մէկդի քաշուին։

Տօ, թաղիք մը բերէք, այգին տանինք, դեռ ողջ է, շուտ թաղիք մը հասցուցէք…

Քիչ յետոյ Սարգիս Աբերը, թաղիքի մը մէջ երկնցուցած, դուրս բերին եկեղեցիի բակէն։ Գիւղի նեղ ու ոլորուն փողոցէն անցած ժամանակ, լուր չունեցող հարեւաններն ալ տներէն դուրս թափեցան ու միացան թափօրին, այնպէս որ երբ խճուղին ելան, գիւղի մէջ գտնուող գրեթէ ամբողջ ժողովուրդը ծանր ծանր կը յառաջանար դէպի Սարգիս Աբօր այգին:

Բազմութիւնը այգին հասնելով, հանդարտօրէն լեցուեցաւ դռնէն ներս։ Տնեցիք այդքան մեծ բազմութեան գալը տեսնելով, եւ մանաւանդ երկու կիներու թեւէն կախուած Ծալոյի աղեխարշ լացի ձայնը առնելով, դուրս թափեցան տնէն եւ վայնասուն մը փրցուցին։ Դեռ եղելութիւնը իմացած չէին, բայց կը գգային, որ ծանր դժբախտութիւն մը պատահած էր։ Բազմութիւնը հանդարտօրէն մօտեցաւ այգիի տանը։

Գէորգը, Վահէն եւ Վարդանը այդ պահուն, այգիի վերի ծայրը, ծառի մը շուքին տակ նստած, կը լսէին Վահէի դէպի Տաճկաստան կատարած ճամբորդութեան պատմութիւնը, երբ տան կողմէն բարձրացող լացն ու ճիչերը լսեցին։ Կանխազգալով ծանր պատահար մը, ոտքի ցատկեցին եւ վազէ վազ երկու րոպէին հասան տան մօտ։ Դրան առջեւ հաւանուած բազմութիւնը կարծես կը խուսափէր Գէորգին նայելէ։ Տան ներսէն կը լսուէր կիներու եւ երեխաներու լացը։

Վայրկեան մը սենեակի շէմքի վրայ քարացած մնաց Գէորգը։ Կարծելով թէ հայրը արդէն մեռած է՝ յուսահատ աղաղակ մը արձակեց ու ինկաւ թախտի առջեւ , որուն վրայ կը հանգչէր վիրաւորը։

Վահէն ուշադրութեամբ վիրաւորը քննելով, նկատեց, որ դեռ կենդանութեան նշաններ կային Սարգիս Աբօր վրայ։ Վարդանի օգնութեամբ գրեթէ բռնի սենեակէն դուրս հանեց Գէորգն ու տնեցիները եւ անմիջապէս վիրաւորի շորերը հանելով՝ սկսաւ սառը ջրով լուալ վէրքերը:

Հապճեպով մէկը Երեւան ճամբուեցաւ բժիշկ Տէր Յակոբեանը կանչելու համար: Վահէի մօտ ընկերն էր բժիշկը, Երեւանի յեղափոխական մարմնի անդամներէն մէկը։

Հետզհետէ ժողովուրդը սկսաւ ցրուիլ։ Տղամարդիկ, կիներ կը հեռանային այդ տնէն, ուր մահը շուտով ներս պիտի մտնար, կը հեռանային հոգիներուն մէջ ահաւոր սարսափ մը տանելով։ Ի՞նչ պիտի լինէր այս բոլորի վախճանը։ Ո՞ր ձեռքը պիտի բարձրանար պատժելու Սուրմալուի Գազանը։

Գէորգը, կարծես քարացած, զարմանալի յամառութեամբ լռութիւն կը պահէր հօրը գլխուն քով նստած, աչքը անոր այլանդակուած դէմքին։

Բժիշկը երեկոյեան կողմ միայն եկաւ։ Անմիջապէս կիները դուրս հաներ ու քննեց հիւանդը։ Սարգիս Աբօր մարմնի վերի մասը կաս կապոյտ կտրած էր երկար շերտաւոր գծերով։ Կողոսկրներէն երկուքը կոտրուած ու ներս խրուած էին։ Մէկ աչքը սաստիկ ուռած եւ կապտած էր եւ բոլորովին գոցուած, միւսը թէեւ կիսաբաց՝ բայց գիտակցութեան նշոյլ մ’իսկ ցոյց չէր տար. մեռելի մը աչքին պէս պաղ ու անշարժ։ Սարգիս Աբօր գլխուն վրայ երեք հատ ճեղքուածքներ բացուած էին, հաւանաբար Պոնտոլովսկիի խթանի հարուածներու հետեւանքով։ Այդ հարուածներէն մէկը գանկոսկրը կոտրած էր։ Բժիշկը քննութիւնը վերջացնելէ վերջ, գլուխը տրտմօրէն շարժեց: «Վերջը ժամերու խնդիր է միայն», փսփսաց Վահէի ականջին։

Ուրեմն, ո՛չ մէկ յոյս, հարցուց Վահէն, ինքն ալ համոզուած, որ յուսալու ոչ մէկ հիմ կար։

Ոչ մէկ յոյս, ցաւակցաբար յայտնեց բժիշկը, ուղեղը վնասուած է. անոր հետեւանքն է այս ընդհանուր անդամալուծութիւնը։

Ես աւելի կը մտածեմ, ու Վահէն աչքով ըրաւ Գէորգը ցուցնելով, աւելի կը մտածեմ անոր մասին…

Բժիշկ Տէր Յակոբեանը մտահոգուած նայեցաւ Գէորգին։ Այն վայրկեանէն, երբ դրան սեմին վրայ կանգնած՝ Գէորգը տեսած էր հօր այլանդակուած, արիւնլուայ մարմինը, գրեթէ բառ մ’իսկ չէր արտասանած։ Դաժան, քարացած դէմքով նստած թախտի մօտ եւ հօր անկենդան ձեռքը ափին մէջ առած՝ աչքը չէր հեռացուցած հօրը դէմքէն։

Վահէն ամէն ժամանակէ աւելի հիմա էր որ պէտք ունէր Գէորգի սառը դատողութեան, արժէքաւոր գործակցութեան, բայց այդ պայմաններու մէջ այդ մասին մտածելն իսկ աւելորդ էր։ Աչք ըրաւ Վարդանին եւ բժիշկին եւ երեքով միասին դուրս ելան սենեակէն:

Բակին մէջ հաւաքուած էին տնեցիք եւ բարեկամ ազգականները։ Անոնք անմիջապէս շրջապատեցին համակրելի բժիշկր, որ շփոթած քանի մը յուսատու խօսքեր ըսաւ, եւ խնդրեց հիւանդի մօտ հանդարտ մնալ ու ձայն չհանել։ Սարգիս Աբօր սովորաբար ուրախ տան ուրախ մթնոլորտը արդէն ծանրացած էր ու մեռելատան մը ծանր սուգը հագած։

Երբ տնէն բաւական մը հեռացան, Վահէն հոգոց հանելով նստաւ թումբի մը վրայ։ Բժիշկն ու Վարդանն ալ տեղաւորուեցան Վահէի քով։ Երեքն ալ խորապէս ազդուած ու խօսելու անտրամադիր վիճակի մէջ էին։ Կատարուած ոճիրը այնքան քստմնելի, այնքան հրէշային էր, որ մարդ աւելի շուտ կ’ուզէր մոռնալ զայն, քան մտածել արդարութեան մասին։ Ի՞նչն էր զարմանալին կատարուած գազանութեան մէջ։ Չէ՞ որ այդ բոլորը տեղի ունեցած էր յանուն օրէնքի, յանուն ցարական կառավարութեան։ Իսկ Պոնտոլովսկին, քանի՜ քանի Պոնտոլովսկիներ կը վխտային կառավարական հաստատութիւններու մէջ։ Եթէ կային պարկեշտ մարդիկ, անոնք ալ այնքան սակաւաթիւ, որ չէին համարձակիր ձայն ծպտուն հանելու։

Վահէն յանկարծ ձեռքը թափ տուաւ։ Պառաւ տատի նման, սգալու, ծնկուըները ծեծելու ժամանակ չէր, այլ գործելու։ Գլուխր վերցուց ու ընկերներուն դառնալով՝ ըսաւ.

Այս գազանային դէպքը, վաղը Արարատեան Դաշտի մէկ ծայրէն միւսը բերնէ բերան պիտի տարածուի։ Անկասկած, այնպիսի հոգեբանական ծանր բեկում մը պիտի առաջացնէ հայ ժողովուրդի մէջ, որ ան սարսափած կրնայ գլուխը կորսնցնել եւ տեղի տալ՝ ամէն դիմադրութիւն անյոյս համարելով։ Այս պահուն ամենամեծ վտանգը այս շատ հաւանական տեղատուութիւնն է։ Այս մասին պէտք է մտածել։ Դժբախտաբար ամէն երէցփոխ Սարգիս Աբեր մը չէ։ Պէտք է այս շշմեցնող հարուածին պատասխանել անմիջապէս նոյնքան ուժեղ հակահարուածով մը: Այդ պիտի ընել առանց ժամանակ կորսնցնելու, որպէսզի երկու լուրերն մէկը միւսի ետեւէ շրջան ընեն։ Հայ ժողովուրդը պէտք է զգայ, որ կայ գաղտնի ուժ մը, արթուն հսկող աչք մը, որ կը հսկէ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ այդ պատժող ձեռքը սանձահարած կրնայ պահել անսանձ պաշտօնեաները։ Յանձնախումբերու անդամները պէտք է զգան, որ չեն կրնար անպատասխանատու կերպով ամէն տեսակ լրբութիւններ կատարել։ Պէտք է զգաստացնող ձեռք մը, հարուածող ձեռք մը, որ կայծակի նման անսպասելի կերպով զարնէ։ Այդ աներեւոյթ ձեռքը մենք ենք։

«Ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման», հին մովսիսական առողջ օրէնքի գործադրութիւնը, մեղմօրէն նկատեց բժիշկը, հին, բայց միշտ նոր ու կենդանի։

Ու բնական է որ, շարունակեց Վահէն, այս պայմաններուն մէջ մեր առաջին գործը պիտի լինի…

Պոնտոլովսկիի գործը վերջացնել, այլեւս համբերելու անկարող Վահէի միտքը լրացուց Վարդանը ու անմիջապէս լռեց։

Վարդանն ինքն ալ զարմացաւ, որ այնքան հեշտ կերպով արտասանեց այնքան ծանր մահավճիռ մը, երբ կողքին Վահէի նման փորձառու ղեկավար մը նստած էր։

Վահէն թեւը Վարդանի վզովը անցուց մտերմաբար։ Ուրախ էր, որ իր առջի գնահատանքին մէջ չէր սխալած։ Դեռ առաջին հանդիպումին, երբ կառապան Վաչօն ներկայացուցեր էր Վարդանը, տղու արտաքին երեւոյթը, զուսպ ձեւերը, համեստութիւնը, մանաւանդ ժանտարմի դէպքի ժամանակ վճռական կեցուածքր, համոզեր էին զինքը, որ այդ պատանին սքանչելի յատկութիւններու տէր է եւ շինուած է այն խմորէն, որմէ կը ծնին ժողովրդական հերոսները։ Վահէն՝ Վարդանի ուսը ծեծելով՝ պատասխանեց.

Այո, սիրելիս, պէտք է պատժուի Պոնտոլովսկին։ Դժբախտաբար բազմաթիւ Պոնտոլովսկիներ ունինք մեր չորս կողմը: Անոնցմէ ամենէն գլխաւորը Թիֆլիսի խելագարն է…

Տեսնենք՝ անոր կարգը ե՞րբ պիտի գայ, ինքնիրեն մրմռաց բժիշկը։

Այդ մասին թո՛ղ Թիֆլիսի ընկերները մտածէն։ Հիմա մենք անցնինք գործի։ Դուք, բժիշկ, պէտք է հոս մնաք գէթ մինչեւ վաղը։ Այս վիճակին մէջ Գէորգը առանձին ձգել վտանգաւոր է։ Կրնայ գլխուն փորձանք մը բանալ։ Ես զինքը լաւ կը ճանչնամ. խաբուելու չէ անոր առերեւոյթ հանդարտութենէն։ Անակնկալ հարուածի ազդեցութեան տակ շշմած է: Կիսակենդան հօր վիճակը կը սանձէ զինքը, բայց երբ անգամ մը ամէն յոյս վերջացած լինի, դժուար պիտի լինի զայն սանձել:

Ես ուրախութեամբ կը մնամ, համաձայնեցաւ բժիշկը, թէեւ շիտակը իմ օգտակարութեան մասին շատ ալ վստահ չեմ։

Պէտք է աշխատիլ հոս պահել զայն, մանաւանդ արգիլել չմտածուած քայլ մը առնելէ։ Վարդանն ալ կը մնայ ձեզ հետ, կրնայ օգտակար լինիլ ձեզ…

Ես աւելի օգտակար կը լինիմ ձեզ մօտ, դաժան չորութեամբ ընդմիջեց Վարդանը, կը խնդրեմ, որ թոյլ տաք ձեզ հետ գալու:

Վահէն անգամ մը փորձած էր Վարդանը, Քաչալի փախուստի ժամանակ։ Վստահ էր անոր սառնարիւնութեան եւ վտանգը դիմագրաւելու ու վճռականութեան վրայ, բայց հաւանական ձախողանքի մը ծանր հետեւանքները մտածելով՝ կը տատամսէր։

Որքան ալ որ ընկերական եւ զեղուն սրտի տէր, Վահէն գործի մէջ դաժան լինելու աստիճան խստասիրտ եւ անողոք էր։ Առնելիք քայլը սառնօրէն կը հաշուէր։ Երբեք չէր խնայեր ինքզինքը, չէր խնայեր նաեւ ուրիշները։ Կեանք մը, որքան ալ որ թանկագին լինէր, եթէ անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մըն էր զայն զոհաբերելը, պէտք էր զոհաբերել: Վարդանի պարագան սակայն մտածել տուաւ։ Վահէի համար Վարդանը հարկաւ տարբեր չէր հարիւրաւոր ուրիշ երիտասարդներէ, որոնք յեղափոխական գործի մէջ մտած էին։ Բայց կար պարագայ մը, որ Վահէի համար ունէր շատ մեծ նշանակութիւն։ Վարդանը նոր երեւան եկած խոստմնալից ուժ մ’էր, որ ապագային կրնար ղեկավարող գործիչ մը դառնալ: Որքա՞ն խելօքութիւն պիտի լինէր, այդ պատանին գործի մը մէջ խառնել, որուն հետեւանքը ինք անկարող էր գուշակել։ Յեղափոխական գործունէութեան մէջ տեռորը կը համարուի ամենավտանգաւորը, անակնկալներով հարուստ գործերէն մէկը։ Երբեք առաջուց կարելի չէ անսխալ հաշիւ ընել. պատահական դէպք մը կրնայ տակն ու վրայ ընել նախօրօք կազմուած ամենալաւ ծրագիրն իսկ։

Գլուխը ձեռքերուն մէջ առած՝ Վահէն կը մտածէր տալիք պատասխանի մասին։ Վարդանը՝ անոր բերնէն կախուած՝ կը սպասէր։ Երբ Վահէի պատասխանը քիչ մը շատ ուշացաւ, տղան աղերսանքով նայեցաւ ընկերոջը ու զսպուած ձայնով կրկնեց.

Կը խնդրե՛մ, չմերժէ՛ք։

Վահէն, առանց Վարդանին պատասխանելու, խօսքը ուղղեց բժիշկին.

Հա՛, արդեօք կրնայի՞ք ըսել, թէ վերջը ե՞րբ կը սպասէք…

Այս հարցումը այնքան սառն, անհոգի կերպով մը տրուեցաւ, որ Վարդանը ակամայ սարսափով նայեցաւ Վահէին: Տէ՜ր Աստուած, մի՞թէ այդ մարդը բոլորովին զգացում չունի…

Դժուար է ճշդել, կարող է որ եւ է վայրկեան պատահիլ, երբ արիւնը խռնուի…

Իսկ ամենաշատը որքա՞ն կրնայ տեւել, միեւնոյն չոր ձայնով հարցուց Վահէն։

Մէկ օր, նոյնիսկ երկու օր: Իսկապէս, դժուար է ճշգրտօրէն պատասխանել։

Լաւ, սիրելի բժիշկ, ինչպէս կ’երեւի, դուք առանձին պիտի մնաք հոս, իսկ ես ու Վարդանը ձեր եկած կառքով կը վերադառնանք Երեւան։

Երեքը միասին վերադարձան վիրաւորի մօտ, որ նոյն վիճակի մէջ կը մնար։ Աւելորդ էր Գէորգի հետ խօսիլ փորձելը. քարացածի նման առաջուան պէս նստած էր հօր գլխուն վերեւը, աչքը անոր դէմքէն չբաժնելով։

Շտապով Վահէն երկտող մը գրեց ու յանձնելով բժշկին՝ յանձնարարեց, որ Գէորգին տայ, երբ ան ուզէ դուրս գալ տնէն։

-------------

Վահէն ու Վարդանը ժամը տասնի ատենները ճամբայ ելան: Ժամ մը չանցած, անոնք կանգ առին Երեւանի կողմնակի փողոցներէն մէկուն վրայ գտնուող միյարկանի ընդարձակ շէնքի մը արտասովոր մեծութեամբ դարպասի դրան առջեւ։

Դրան հին ձեւի մրճակը ձեռք առնելով՝ Վահէն ուժով մը սկսաւ զարնել երկաթէ տախտակին, որ սուը եւ անախորժ ձայն մը հանեց։

Էն ո՞վ է, քանի մը վայրկեան վերջը հարցուց մէկը ներսէն։

Ես եմ, Վահէն, բաց։

Դուռը անմիջապէս բացուեցաւ կիսովին ու մարդ մը գիշերանոցով մէկդի քաշուեցաւ, ճամբայ տալով երկու ընկերներուն։ Ինչպէս կ՚երեւէր, Վահէն լաւ ծանօթ էր տան։ Առանց սպասելու առաջ անցաւ Վարդանի հետ, դէպի ձախ ծռեցաւ դրան առջեւ բացուող նեղ բակէ մը ու մտաւ սալայատակուած ընդարձակ երեսբաց բակ մը, որու մէկ կողմը կ’երեւէր պարտէզի մը կանաչութիւնը։

Լաւ վախցուցիր զիս, մանկական անհոգութեամբ սկսաւ ծիծաղիլ տանտէրը՝ տեղաւորուելով տան երեսբացի մէջ դրուած թախթի վրայ, որու վրայ փռուած էր անկողինը։

Ի՞նչ կայ որ, նոյնպէս ծիծաղելով հարցուց Վահէն, նոր բա՞ն մը…

Այս բան է օրս մոծակները (ոստիկանական լրտեսները) շատցեր են. չորս օր առաջ յանկարծ գիշերով թափեցան ներս, խուզարկութեան համար։ Բարեբախտաբար, մաքրած էի… Բայց տեղը շատ լեցուած է, Վահէ՛, պէտք է ճար մը մտածել… Միւս կողմէն ալ անընդհատ կը հասնի Ապարանով։

Առանց խօսքի խառնուելու, Վարդանը, թախթի ծայրը նստած, հետաքրքրութեամբ կը դիտէր տանտէրը, որուն առաջին անգամն էր որ կը հանդիպէր։ Բարձրահասակ, շատ տպաւորիչ դէմքով երիտասարդ մ’էր տանտէրը. թաւ յօնքերու տակ զարմանալի գրաւիչ ու խոհուն աչքեր, որոնք առաջին իսկ վայրկեանէն անպայման վստահութիւն կը ներշնչէին դիմացինին։ Լեցուն, թաւշային ձայն մ’ունէր ու մտերմիկ հաղորդական շեշտ մը։

Վահէ, պէտք է ճար մը մտածել, շարունակեց տանտէրը, ինչպէս կ’երեւի Արաքսի ափին գործերը դանդաղ կ’երթան։ Հոս ալ, շարժուելու տեղ չմնաց։ Բերնէ բերան լեցուած է տեղը…

Այդ մասին յետոյ կը խօսինք, Գալուստ։ Գրած եմ Չոփուրին, որ մէկ երկու օրով հոս հանդիպի։ Այն ժամանակ կը կարգադրենք… Դու մէկ հարցուր թէ ինչո՞ւ համար եկած եմ գիշերով…

Գալուստը, առանց պատասխանելու, երկմտօրէն նայեցաւ Վարդանին ու հարցական հայեացքը ուղղեց Վահէին:

Ախ, ներէ որ չծանօթացուցի, ընկերոջ միտքը հասկնալով՝ Վահէն աճապարեց ներկայացնել Վարդանը, այս այն երիտասարդն է, որ Քաչալի գործին մէջ… Այո՛, ճիշդ այն երիտասարդը, որու մասին խօսած եմ քեզ…

Տանտէրը ջերմօրէն սեղմեց Վարդանի ձեռքը։ Ինչպէ՜ս չէ, շատ լաւ կը յիշէր Քաչալի փախուստի պատմութիւնը ու Վահէի ոգեւորութիւնը հսկայ ժանտարմը զգետնող պատանիի մասին։

Տէ, հիմա պատմէ՝ տեսնենք, դարձաւ Գալուստը Վահէին, - hիմա պատմէ` տեսնենք, թէ ինչո՞ւ կէս գիշերով նորէն մէջտեղ բուսար… Տնաքանդ, բոշայի նման ես, ամէն գալուդ կամ աղդ պակաս կը լինի կամ մաղդ…

Նախ՝ ան ըսէ, Գալուստ, Առիւծ Գեւօն ո՞ւր է…

Երկար պատմութիւն է…

Երկու խօսքով։

Կ’երեւի, չես լսած։ Չարտախլուի հարբեցող Տէր Գարեգին քահանան, ոչ միայն կառավարական յանձնախումբը սիրով ընդունած է իր տան մէջ, ոչ միայն բացած է եկեղեցին անոնց առջեւ ու ստորագրած հաշիւները եւ թղթերը՝ հակառակ գեղականի բուռն բողոքներուն, այլ եւ բռնութեամբ ստորագրել տուած է երէցփոխին՝ սպառնալով Սիպիր քշել տալ զայն, եթէ ընդդիմանայ։ Երէցփոխը շատ ծեր ու խեղճ մարդ մը, խուճապի մատնուած, կաշին ազատելու համար ստորագրած է յանձնումի թուղթը։ Ամբողջ շրջանի գիւղերը սաստիկ զայրացած են։ Հարիւրաւոր ստորագրութիւններով բողոքագիր մը ուղարկած էին թեմական Առաջնորդին՝ պահանջելով որ կարգալոյծ ընէ անարժան քահանան։ Առաջնորդն ալ, կը տատամսի պատժել կառավարութենէն պաշտպանուած այդ քահանան։ Ստիպուած Առիւծ Գեւօն ուղարկեցինք Չարտախլու։ Մեր խելօք Դաւիթը, փոխանակ առանց աղմուկի գործը վերջացնելու, օրը ցերեկով վերջ կուտայ թշուառական քահանայի կեանքին։ Դեռ մինչեւ հիմա լուր մը չունինք Գեւոյէն։ Գիտենք միայն, որ ապահով տեղ մ’է, թէեւ կառավարութիւնը շրջակայ գիւղերը տակն ու վրայ ըրաւ զայն ձերբակալելու համար։ Անպիտանը կ’երեւի տաքուկ անկիւն մը գտեր է։ Չարտախլուի գինին նշանաւոր է, գիւղացիներն ալ՝ հիւրասէր, իսկ մեը Գեւօն ալ քիչ մը շատ կը սիրէ կոնծել…

Ափսո՛ս, հիմա մեզի օգտակար կը լինէր, անվախ ու փորձառու մարդ մ’է…— Թէեւ քիչ մը շատախօս եւ սարսափելի փչող, ծիծաղելով աւելցուց Գալուստը։

Անվնաս տեսակի ստախօս մը սակայն։ Նկատե՞ր ես, որ երբեք ըրածներու մասին բերանը չի բանար… կը սիրէ հասարակութենէն շրջապատուիլ, չըրած եւ չտեսած բաները պատմել, շուրջիններու զարմացկոտ դէմքերով հրճուիլ… Ափսոս որ հիմա հոս չէ… սպասելու ալ ժամանակ չունինք։

Գալուստը, որ անկողնին մէջ երկնցած մտիկ կ’ընէր Վահէին, շտկուեցաւ ու հարցական նայեցաւ անոր. անշուշտ Վահէն նորութիւն մ’ունէր ըսելիք։

Մեր տղայ, լեզուիդ տակը բան մ’ունիս նորէն, ի զուր չէ որ բոշա ես. տէ՛, շուտ դուրս տուր տեսնենք…

Վահէն շատ հակիրճ պատմեց այդ օրը Փարաքարի մէջ պատահած դէպքը, ժողովուրդի յուսաբեկումը, Սարգիս Աբօր անյոյս վիճակը։ Երբ վերջացուց խօսքը, Գալուստը, որ լարուած ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէր, բռունցքը ուժեղ թափով զարկաւ թախթին։ Համակրելի դէմքը մռայլուած, հաստ յօնքերը վեր քաշուեցան։ Երբ սկսաւ խօսիլ, ձայնը կը դողար բարկութենէն։

Ալ բաւական է այդ սրիկայ Պոնտոլովսկիի ըրածը… Պէտք է վերջ տալ… Ափսոս եղաւ Սարգիս Աբօրը. խօսքին տէր, աղա մարդ էր… Բայց վստա՞հ ես, որ յանձնախումբը վերադարձեր է քաղաք…

Ատոր ոչ մէկ կասկած… Բայց էդ անիրաւ Գեւոյի բացակայութիւնը…

Այդ մասին մի՛ մտահոգուիր, հանգստացուց Գալուստը, ես վստահելի երիտասարդ մը ունիմ, որ…

Ո՞վ։

Նորքեցի Մաթոսը…

Հըմ, Վահէն մօրուքին հետ խաղալով սկսաւ մտածել։ Պիտի նախընտրէր Գեւօն, եթէ հնարաւոր լինէր գտնել։

Փորձուած կտրիճ մ’է, յանդուգն եւ միաժամանակ զարմանալի կերպով շրջահայեաց, վստահացուց Գալուստը։

Խօսքդ թող լինի… Հիմա պէտք է…

Հիմա պէտք է, որ անմիջապէս անկողին մտնաս հանգստանալու համար, ծիծաղելով Վահէի խօսքը ընդմիջեց Գալուստը, երկուքղ ալ պառկեցէք եւ աշխատեցէք քնել։ Ես պէտք եղածը կը կարգադրեմ:

Գալուստը ցատկեց անկողնէն ու հապճեպով սկսաւ չորերը հագնիլ։ Քիչ անցած, երբ Վարդանն ու Վահէն, օրուան յոգնութենէ վերջ, իրարու կողքի երկնցած քնեցան, Գալուստը արթնցուց տան սպասաւորը՝ Ապարանցի երիտասարդ մը եւ երկու տոմսակ յանձնելով անոր՝ պատուիրեց անմիջապէս հասցնել տէրերուն։

Գալուստը Երեւանցի յայտնի ընտանիքի մը մէկ հատիկ զաւակն էր։ Թիֆլիսի Արհեստաւորաց վարժարանը աւարտելէ ետքը, հազիւ դեռ նորաբոյս պեխերով երիտասարդ մր, ծննդավայրը վերադարձաւ եւ անզուսպ եռանդով նետուեցաւ ազգային շարժման մէջ, որ այն ժամանակ դեռ նոր կը սկսէր կազմաւորուիլ։ Իր անձին ու ապագայի մասին բոլորովին անտարբեր՝ ան երբեք անձնական կեանք մը չապրեցաւ, չյոգնող դերվիշի մը անտարբերութեամբ, թափառեցաւ երկրէ երկիր։ Մէկ Պարսկաստան կ’անցնէր, մէկ Տաճկահայաստան, մէկ Կովկասի հեռաւոր շրջանները, ուր հայկական գաղութներ կային եւ ամէն տեղ ալ անսպառ եռանդով կը քարոզէր ու կը կազմակերպէր հայ ժողովուրդը։

Բնականաբար այդքան գործունեայ անձնաւորութիւն մը չէր կրնար խուսափիլ ոստիկանութեան հետապնդումներէ։ Երկու անգամ, արդէն Երեւանի բանտը նստած էր, իսկ ամէն անգամ որ քաղաքին մէջ խուզարկութիւններ սկսէին, Գալուստենց տունը առաջին կարգի վրայ կը գտնուէր: Հակառակ Գալուստի աքթիւ մասնակցութեան, յեղափոխական բոլոր ձեռնարկներուն, ոստիկանութեան բոլոր ջանքերը զայն գործի վրայ ձերբակալելու անյաջող անցած էին։

Անգամ մը, ուշ գիշերով, սնտուկ մը շալկած երիտասարդ մը Գալուստի տունը կը մտնայ։ Երեք գաղտնի ոստիկաններ որոնք կը հետեւին եղեր այդ մարդուն, անմիջապէս դուռը կը զարնեն, բայց երբ ներս կը մտնեն, միայն Գալուստը, քոյրն ու տան ծառան կը գտնան հոն։ Անմիջապէս տունը կը շրջապատուի բազմաթիւ ոստիկաններով, չհաշուած այն գաղտնի ոստիկանները, որոնք արդէն տան մէջ կը գտնուէին։ Լոյսը բացուելուն, թիզ առ թիզ ամրողջ տունը կը խուզարկեն, պատերը կը ծեծեն, երկու տեղ կը քանդեն տախտակամածը, մեծ սենեակի մը մէջ գտնուած հին ձեւի բուխերիկը կը փլցնեն, նոյն իսկ պարտէզի ջրհորը կ’իջնան, բայց ոչ մարդու եւ ոչ ալ սնտուկի հետք կը գտնան։ Ոստիկանապետը կատաղած՝ բակի քարերը տեղահան կ’ընէ, պարտէզը փորել կուտայ, եւ դարձեալ ոչ մէկ հետք։

Ամբողջ քաղաքը կը ծիծաղի ոստիկաններու ձախողութեան վրայ։ Քլըպներու մէջ ծիծաղելի անէքթօտներ կը պատմեն։ Գրեթէ շաբաթ մը, այդ չլսուած հրաշքի մասին կը խօսին տներու մէջ։ Անշուշտ, թէեւ բան մը չեն գտնար, բայց Գալուստը կը ձերբակալուի եւ բանտը կը տարուի, ուր կը մնայ երեք ամիս, մինչեւ որ դատավարութեան ժամանակ անպարտ կ’արձակուի:

Այս պատմութեան մէջ զուարճալին այն էր, որ ոչ ոք հաւատաց գաղտնի ոստիկաններու ցուցմունքներուն։ Նոյն իսկ դատարանի նախագահը դատավարութեան ժամանակ բարձրաձայն ծիծաղեցաւ, երբ լրտեսները կ’աշխատէին հաւատացնել թէ իրենք հետեւած էին երիտասարդին քաղաքային պարտէզի անկիւնէն, եւ եթէ չէին ձերբակալած անմիջապէս, պատճառը այն էր, որ կ’ուզէին երեւան հանել մեղսակիցները։

Տէր դատաւոր, ըսած էր գաղտնի ոստիկան մը, որ քաղաքին մէջ մեծ համբաւ ունէր որպէս շատ ճարպիկ լրտես մը, հազիւ երկու րոպէ անցած երիտասարդի ներս մտնելէն՝ ներս խուժեցինք։ Տանը մէկ պատը փողոցի վրայ էր, իսկ պարտէզի պատերը այնքա՜ն բարձր՝ որ առանց շատ երկար սանդուխի անկարելի էր վեր մագլցիլ։ Սակայն, ոչ սնտուկը գտանք եւ ոչ երիտասարդը. պարզապէս աներեւոյթացեր էին։

Այս ոստիկանական յերիւրանքն ալ աւելի վրան բաց սուտ մը կը թուէր դատարանէ նախագահէն, երբ կը նայէր Գալուստի ազնուական դէմքին, լայն ճակատին եւ այնքան տպաւորիչ եւ վստահութիւն ներշնչող աչքերուն, որոնց մէջ մանկունակ անմեղութիւն մը կը ցոլար։

Այդ առասպելական դէպքէն ետքը, ոստիկանութիւնը աչալուրջ կը հսկէր Գալուստի վրայ։ Բազմաթիւ անգամներ գիշերով յանկարծ շրջապատած եւ խուզարկած էին տունը, բայց ամէն անգամ ալ ապարդիւն։

Խուզարկութիւնները անշուշտ պատճառ մը չէին, որ Գալուստը ձեռնթափ լինէր գործէն։ Առաջուայ նման Երեւանի մէջ, ինք կը մնար կեդրոնական մարդը, յեղափոխական ամէն գործէ ամէն շարժման իսկական առանցքը։

Իր անկողնին մէջ Վահէն եւ Վարդանը տեղաւորելէ վերջ, Գալուստը քաշուեցաւ պարտէզի վրայ բացուող իր սենեակը: Ծառայի մեկնելէն քիչ անցած եկաւ տարիքը առած պառաւ օրիորդ մը, որ յեղափոխական շրջաններու մէջ ծանօթ էր Քոյրիկ անունով։ կարճահասակ պառաւ մ’էր, տեղական տարազով, ճերմակ քօղը գլխուն։ Շատ կենդանի եւ աշխուժ աչքեը ունէր, որոնց պսպղուն փայլը տարիքին հետ զուգընթաց չէին։

Հը՞, Գալուստ, պառաւը՝ մինչեւ քթին ծայրը հասած ակնոցը շտկելով՝ դարձաւ ընկերոջը, ի՞նչ խապար է, կէս գիշերէն վերջ…

Հիմա Պետրոսն ու Ահարոնն ալ կուգան… կը պատմեմ… քոյրիկ, քեզի անհանգիստ ըրի գիշերով…

Բա՜ն չունիս… ի՜նչ անհանգիստ լինելու խնդիր կայ, ու Քոյրիկը տեղաւորուեցաւ Գալուստի գրասեղանին առջեւ եւ առաջին պատահած գիրքը վերցնելով՝ սկսաւ կարդալ։

Իրարու ետեւէ երկու հոգի սենեակէն ներս մտան։ Մէկը երիտասարդ ուսուցիչ մ’էր, իսկ երկրորդը՝ տարիքն առած վաճառական մը, միջահասակ, դանդաղաշարժ մարդ մը, որուն վրայ ամենէն աւելի աչքի զարնող բանը պատկառելի փորն էր, կըս-կլոր, խոշոր դդումի նման դուրս ինկած:

Տօ՛, Գալուստ, բարձրաձայն յօրանջելով ըսաւ վաճառականը տանտիրոջ, հը՛, նորէն ի՞նչ կայ… չես ձգեր որ մարդ հանգստանայ… Առտու չէ՞ր կարելի…, ու երկու ձեռքերը պարզած, բերանը խոշոր մը բացաւ ու յօրանջեց։

Ահարո՛ն, նստիր եւ շատ մի խօսիր, յանդիմանեց Քոյրիկը, անշուշտ կարեւոր բան մը լինելու է…

Երիտասարդ ուսուցիչը, առանց ձայն հանելու, դիւանի վրայ տեղաւորուեցաւ։

Բայց բժի՞շկը ուր մնաց, հարցուց Ահարոնը՝ տեղաւորուելով ուսուցչի մօտ, ինչո՞ւ զայն չես կանչեր։

Բժիշկը Փարաքար մնացեր է։ Հիմա մտիկ ըրէք, ու Գալուստը յայտնեց ընկերներուն այդ օրուան դէպքը, Վահէի գալը եւ Պոնտոլովսկիի մասին տրուած որոշումը։

Ներկաներէն ոչ մէկը նկատողութիւն ըրաւ տեռօրի մասին։ Միակ հարցը, որ կը հետաքրքրէր զիրենք, գործի յաջողութիւնն էր։ Բազմաթիւ անգամներ Պոնտոլովսկիի հարցը գաւառի յեղափոխական մարմիններու կողմէ արծարծուած էր, իսկ եթէ իրենք ընթացք չէին տուած, այդ եղած էր զանազան արգելառիթ պատճառներու բերումով միայն։ Բոլորն ալ համաձայն էին։ Հիմա արդէն, ամէն գնով պէտք էր անխուսափելի հարուածը իջեցնել։ Ասով մէկտեղ հարցը բազմակողմանի ուսումնասիրութեան ենթարկեցին։

Պոնտոլովսկին որքան ալ որ յանդուգն, կատաղած գազան մ’էր գիւղացի խեղճ ժողովուրդի հետ յարաբերելու ժամանակ, բայց վերին աստիճանի խորամանկ, զգուշաւոր՝ երբ խնդիրը կուգար յեղափոխականներուն հետ չափուելու։ Ան հաստատ գիտէր, որ անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի փորձէին իրեն հետ հաշիւ տեսնել։ Ատոր համար ալ ամէն անգամ քաղաք գալուն, շատ զգոյշ կը պահէր ինքզինքը, քայլ մը չէր առներ առանց երեք հետեւորդներու, որոնք իրեն պէս, արիւնկզակ, կտրիճ մարդիկ էին։ Պոնտոլովսկին այնպիսի խորամանկ թշնամի մ’էր, որու հետ կատակ չէր կարելի ընել։ Ամէն գնով պէտք էին յաջողիլ: Անյաջող փորձ մը կրնար նոր պատուհաս մը դառնալ ժողովուրդի գլխուն։

Դժբախտաբար, ժամանակը շատ կարճ էր նման դժուարին ձեռնարկ մը այնպիսի կերպով կազմակերպելու, որ յաջողութիւնը անկասկածելի լինէր։ Ասով մէկտեղ, Գալուստի մօտ հաւաքուածները կը գիտակցէին, որ հայ ժողովուրդի հոգեկան տատամսոտ վիճակին մէջ, այդ տեռօրը բարերար յեղաշրջում մը պիտի առաջացնէր։ Պէտք էր այդ տեռօրը կատարել, թէկուզ մեծ զոհողութեան գնով։

Երկար վիճաբանութիւներէ ետքը, որոշուեցաւ, տեռօրը կատարել Հրազդանի կամուրջէն անդին՝ այգիներու ճամբու վրայ գտնուող լերկ բլուրի մօտ, որտեղէն պիտի անցնէր Պոնտոլովսկին Սուրմալու երթալու համար։

Քոյրիկը, շատ գործնական կին մը, իր վրայ վերցուր Պոնտոլովսկիի շարժումները լրտեսելու պատասխանատու գործը, իր «ձագուկներու» միջոցով։ Ձագուկները, արիասիրտ աղջիկներ էին, որոնք շատ մը պարագաներու մէջ կ’օժանդակէին Քոյրիկին։

Լուսաբացէն առաջ Գալուստ արթնցուց Վահէն ու Վարդանը։ Մաթոսը արդէն եկած էր Նորքէն, ու Գալուստէն իմացած կատարուելիք գործի մասին։ Շատ մեծ ոգեւորութեամբ չէ որ ան համաձայնեցաւ այդ գործին մասնակցիլ. նախ որ ժամանակը շատ կարճ կը գտնար, երկրորդ որ կ’ուզէր իր մօտ ընկերներէն մէկն ունենալ հետը։ Բայց երբ Վահէն վճռական կերպով յայտնեց, թէ ինքն ալ պիտի մասնակցի, Մաթոսը անմիջապէս համաձայնեցաւ։

Ոտքի վրայ թեթեւ նախաճաշ մը ըրին ու ընկերները համբուրուելով բաժնուեցան իրարմէ։ Մաթոսը, Վահէն ու Վարդանը, լոյսը բացուելու մօտ, անցան Հրազդանի կամուրջէն, քիչ մը առաջացան այգիներու միջով եւ մտան ձախ կողմի վրայ գտնուող այգի մը, քարքարուտ բլուրի մօտ, ուր ճամբան կիսաշրջան մը կը դառնայ։

---------------

Ափսոս եղաւ, շատ ափսոս, լաւ կը ճանչնայի Սարգիս Աբերը, հացով պատուով մարդ էր, ու Սրբազանը յանկարծ ձայնը ցածցնելով շարունակեց, էդ Պոնտոլովսկին մարդ չէ, գազան է, գազան… ամբողջ Սուրմալուն ձեռքին մէջ կը դողայ… Վատ օրերու մէջ կ’ապրինք Քոյրիկ, շատ վատ… պէտք է զգոյշ լինել… Ա՜խ, մեր ջահիլներն ալ, ու սկսաւ քաշել ձեռքի սաթէ գեղեցիկ համրիչի խոշոր հատիկները՝ ալեհեր գլուխը շարժելով։

Երեւանի Առաջնորդարանը նստած է Հրազդան գետի ձախ ափին, ուղիղ կտրուած քարաժայռի մը վրայ։ Քաղաքի ամենաբարձր դիրքն ունեցող շէնքն է, որու ընդարձակ պատշգամը կը կախուի անդունդի վրայ։ Այդ տեղէն հոյակապ համայնապատկեր մը կը պարզուի, քաղաքի մէջէն ոչ մէկ տեղէ մարդ կարող է տեսնել նման տեսարան մը։

Պատշգամի առջեւ Սրբազանն ու Քոյրիկը նստած կը խօսէին։ Հին ծանօթներ էին։ Քոյրիկը, որ յայտնի էր ամբողջ քաղաքին մէջ, որպէս «անոնց»մէ մէկը, զանազան խնդիրներու համար երբեմն կուգար Առաջնորդին մօտ։ Սրբազանը շիտակը շատ ալ չէր սիրեր այդ պառաւած աղջիկը, որ տղամարդու նման կը ծխէր ու մանաւանդ քաղաքական հարցերով կը զբաղէր, բայց լաւ գիտէր, թէ որո՞նց կողմէ կուգար ան, ի՞նչ հոսանքի ներկայացուցիչ էր, այդ պատճառով ալ սիրալիր քաղաքավարութեամբ կ’ընդունէր զայն։

Բայց Քոյրիկի այդ օրուան այցելութիւնը շիտակը, զարմացուցեր էր Սրբազանը։ Որպէս թէ ան եկած էր այդ կողմէն պատահաբար անցնելու ժամանակ, քանի մը վայրկեանով Սրբազանը տեսնելու համար։ Բայց ամբողջ երկու ժամ արմուկը յենած պատշգամի ճաղին՝ աչքը չէր հեռացներ Զանգուի կամուրջէն, որու վրայէն կ’անցնի Էջմիածնի խճուղին։

Սրբազանը կենցաղագէտ կրօնաւոր մը, միշտ բան մը կը գտնար խօսելու՝ հիւրը զբաղած պահելու համար, թէեւ վերջինս հազիւ թէ մտիկ կ’ընէր իր խօսքերուն՝ երբեմն ցրուած անորոշ հայեացքով մը իրեն նայելով։ Սրբազանը շատ ալ վստահ չէր, թէ այդ կինը բառ մը կը հասկնար իր խօսքերէն, կամ նոյնիսկ զինք կը տեսնէր։

Հա՛, քիչ առաջ գիւղացի մը եկաւ Փարաքարէն. կ’ըսէր թէ Սարգիս Աբերը հոգեվարքի մէջ է, բան մը ըսած լինելու համար խօսեցաւ Սրբազանը, որ սկսեր էր ջղայնանալ հիւրի անսովոր լռութենէն։

Քոյրիկը մէկ վայրկեան գլուխը դարձուց դէպի Սրբազանը, կարծես թէ ուզեց խօսիլ, բայց անմիջապէս նորէն նախկին դիրքը վերստացաւ։ Տէր Աստուած, ի՞նչ ունէր այդ կինը։ Սրբազանին թուեցաւ, որ Քոյրիկը անբնական լինելու աստիճան ջղային վիճակի մէջ է ու երբեմն կը սարսռայ ջերմ ունեցողի մը նման. դէմքը բոլորովին գունաթափ՝ ու շրթները կը դողան։

Հեբ… հեբսի՜ւ…, յանկարծ փռնգտաց Քոյրիկը ու ծոցէն մեծ թաշկինակ մը հանելով քիթը սրբեց, ներեցէք, Սրբազան, հեբ… հեբ… հեբսի՜ւ… հարբուխ ունիմ, ու Քոյրիկը նորէն թաշկինակը փարտելով քթին տարաւ, այս տաքերուն ալ հարբուխ, կ’երեւի պաղ առած եմ. հեբ… հեբ… հեբսի՜ւ, նորէն քիթը սրբեց, ջղային անհամբերութեամբ ոտքի ելաւ ու պատշգամի սիւներէն մէկուն կրթնեցաւ։

Սրբազանը նստած տեղը մնաց՝ յօնքերը կիտած։ Այս յիմար կնիկը իր հետ խաղի՞ ելած էր թէ ինչ։ Այդ ի՞նչ անբնական փռնգտոց էր, ի՞նչ անշնորհք վերաբերմունք. կռնակը իրեն դարձուցած՝ կարծես թէ ինքը հոն նստած չլինէր։ Վայրկեան մ’ալ, ու Սրբազանը սրտնեղած տեղէն բարձրանալով՝ առանձնասենեակը պիտի քաշուէր, երբ այգիներու կողմէն նախ մէկ՝ ու քանի մը վայրկեան վերջ, բազմաթիւ հրացաններու որոտը իրարու խառնուէցաւ։

Սրբազա՛ն, Սրբազա՛ն, գլուխը ետ դարձնելով ձայնեց Քոյրիկը, ճամբուն վրայ ինչ որ դէպք պատահեցաւ… Ա՜յ կը տեսնէ՞ք իշապանները կը փախչին, մարդիկ աջ ու ձախ կը վազեն։ Արդեօք ի՞նչ կրնայ պատահած լինել։

Հրացաններու, ձայները ընդմիջումներով իրարու կը յաջորդէին:

Սրբազանը, հակառակ իր յօդացաւէ տառապելուն, երիտասարդական աշխուժով ոտքի ցատկեց եւ մօտեցաւ պատշգամը շրջափակող ճաղերուն։

Իսկապէս որ արտակարգ դէպք մը պատահած լինելու էր։ Դէպի Էջմիածին գնացող կառք մը, ճամբորդներով լեցուն, կամուրջէն քիչ մը անդին կանգ առած՝ կը սպասէր, իսկ հակառակ կողմէն իշապանները, ճամբորդ գիւղացիներ գլուխնին կորսնցուցած ու ամէն բան ճամբու վրայ ձգած՝ կը փախչէին։ Բայց ինչ որ աւելի կասկածելի թուեցաւ Սրբազանին՝ այգիներու մէջ եղած շարժումն էր: Պատշգամէն պարզ աչքով շատ որոշ կերպով կ’երեւէին այգիները։ Սրբազանը յանկարծ բնազդօրէն սեղմեց Քոյրիկի ձեռքը եւ ցուցամատը պարզեց ցոյց տալով այգիներու վերի ծայրը, որ տեղէն Ղռերը կը սկսէին։ Երիտասարդ մը թումբէ թումբ ցատկելով, կը փախչէր, մինչ մէկ ուրիշը կը հետապնդէր զայն, երբեմն կանգ առնելով ու հրացան արձակելով։ Յանկարծ փախչող երիտասարդը տատանուեցաւ ճիշդ այն պահուն, երբ թումբէ մը պիտի ցատկէր, երերաց ու վար ինկաւ փոսի մը մէջ։

Տեսա՞ք, տեսա՞ք, հարցուց Սրբազանը Քոյրիկին ու գլուխը դարձնելով՝ նայեցաւ անոր:

Տէր Աստուած, այդ ի՞նչ սարսափելի դէմք էր։ Քոյրիկի աչքերը դուրս ինկած՝ դէմքին արիւնի կաթիլ մ’իսկ չէր մնացեր։ Առանց Սրբազանին նայելու, անոր շուրթները անհնչիւն շարժեցան, հայեացքը ինկնող երիտասարդին վրայէն չհեռացնելով։ Մէկ ալ Քոյրիկը կծկտած հասակը շտկեց։ Անոր դէմքին վրայ անսպասելի պայծառութիւն մը կը ցոլար։ Անչափելի ցնծութեամբ ձեռքերը իրարու զարկաւ։

Ապրի՛ս, ապրի՛ս զաւակս, մրմնջեց Քոյրիկը, որ հաւանաբար այդ պահուն կ’անգիտանար Սրբազանի ներկայութիւնը։

Սրբազանի մտքին մէջ յանկարծ լոյս մը ծագեցաւ… Այս ի՞նչ բանի կը գործածէին Առաջնորդարանը, Առաջնորդի վստահութիւնը։ Ուժով Քոյրիկի թեւէն բռնեց պրպտող հայեացք մը նետեր անոր աչքերուն մէջ ու հազիւ բարկութիւնը զսպելով՝ հարցուց.

Դուք գիտէք հոն պատահածը… դուք գործակից մ’էք… ինչպէս յանդգնեցաք… ի՞նչ իրաւունքով առաջնորդարանը…

Սրբազա՛ն, ու Քոյրիկը հեգնօրէն նայեցաւ ծերունիին, որ բարկութենէն կը դողար, դուք չըսի՞ք քիչ առաջ թէ՝ «էդ Պոնտոլովսկին մարդ չէ, գազան է»։ Խնդրե’մ, թեւս ձգեցէ՛ք, ու Քոյրիկի դանակի նման կտրող նայուածքը հանդիպեցաւ Սրբազանի սարսափահար աչքերուն։

Օ՜, օ՜, օ՜, ծերունի Առաջնորդը ինկաւ բազկաթոռի վրայ, ձեռքերով դէմքը ծածկած։

--------------

Երբ Վահէն, Մաթոսը եւ Վարդանը՝ Էջմիածնի խճուղիէն ելլելով՝ մտան քարքարուտ բլուրի կողքի այգին, երեք ընկերները ծառի շուքին տակ նստած վերջին խորհրդակցութիւն մը ունեցան իրարու հետ։ Մաթոսը, որպէս տեղացի, այգիներու բոլոր անցքերուն քաջածանօթ, քանի մը խօսքով ընկերներուն բացատրեց կազմած ծրագիրը։ Անհրաժեշտ էր, որ Վարդանը անցնէր քանի մը հարիւր քայլ հեռու գտնուող այգին, կամուրջի կողմը, ուր խճուղին՝ Հրազդանը անցնելով կիսաշրջան մը կը կազմէ եւ յետոյ կ’երկարի այգիներու բարձր պատերու մէջէն։ Վարդանի դերը այն պիտի լինէր, որ Առաջնորդարանի պատշգամէն տրուած նշանը նոյնութեամբ պիտի փոխանցէր ընկերներուն, որոնք իրենց տեղէն ծառերու պատճառով չէին կրնար տեսնել։

Մաթոսի ծրագրի համաձայն, Վարդանը, նշան տալէ վերջ, անմիջապէս պէտք է պատէն վար ցատկէր, իջնար խճուղին, անցնէր Հրազդանի կամուրջով, մտնէր քաղաք ու երթար Ղանթարի տակը, ուր Քոյրիկը իրեն պիտի սպասէր։ Նախօրօք որոշուած էր, որ Վարդանը անոր տունը պիտի թագնուէր. Այդ պատճառով ալ, մինչ Վահէն ու Մաթոսը զինուած էին Մաուզեր ատրճանակներով, Վարդանը միայն որսի սովորական հրացան մը վերցուցած էր հետը, տեսնողներու վրայ այն տպաւորութիւնը ձգելու համար, թէ՝ ինք որսի համար կը պտըտէր այգիներու մէջ։

Այն տեղը, ուրկէ պիտի հսկէր Վարդանը, պատը շատ բարձր էր: Տղան ստիպուած՝ բարձրացաւ ընկուզենի մը, որու ճիւղերը պատի վրայով խճուղիի վրայ կախուած էին: Շատ ընդարձակ այգի մ’էր այդ։ Այգիի վերի ծայրը երկյարկանի ճերմակ ներկուած տուն մը կար։ Հայ վաճառականի մը այգին էր, ուր ամառուան ամիսներուն, ան կը բնակէր իր ընտանիքով։ Բարեբախտաբար, այգիի պատկից մասը քանի մը շարք ծառերով այնպէս խիտ ծածկուած էր, որ Վարդանը տեսնուելու վախ չունէր։

Հրացանը գոգը դրած՝ Վարդանը նստած էր դէպի խճուղին երկարող ծառի ճիւղին վրայ ու աչքը չէր հեռացներ Առաջնորդարանի պատշգամէն՝ համբերութեամբ սպասելով այն տեղէն տրուելիք նշանին։ Իր նստած տեղէն կ’երեւէր խճուղին, մինչեւ քարքարուտ բլուրէ տակը։

Առաւօտեան ժամերը այնպէս արագ անցան, որ Վարդանը նոյնիսկ զարմացաւ, երբ վեր նայած պահուն արեւի ճառագայթ մը ինկաւ աչքին վրայ։ Ուրեմն, կէս օրուան մօտ կը լինէր։ Արդեօ՞ք ի զուր կը սպասէր հոդ, բուի նման ծառի ճիւղի վրայ թառած։ Պոնտոլովսկին թերեւս երկաթուղիով անցած լինէր մինչեւ Կարխուն՝ անկէ կառքով Իգդիր երթալու համար։ Այս կասկածը խռովեց իր ողջ էութիւնը։ Անհամբեր դարձաւ։ Կարծես ժամերը սարսափելի դանդաղութեամբ սկսան անցնիլ։ Ճնճղուկի մը թռչկոտումը ճիւղերու մէջ, չորցած տերեւի մը անկումը նստած տեղէն վեր կը ցատկեցնէր զինք: Անբացատրելի անհանգստութիւն մը կը զգար։ Քրտինքր առատօրէն կը հոսէր ճակտէն եւ, որքան կ’աշխատէր սառնարիւն մնալ, այնքան աւելի ջղայնացած, անհանդարտ կը դառնար:

Աչքը պատշգամէն չէր զատեր։ Մէկ երկու անգամ մարդիկ անցան, նոյնիսկ իրեն թուեցաւ որ կը տեսնար Քոյրիկր, գլխու ճերմակ շղարշովը։ Բայց ոչ մէկ նշան։

Յանկարծ Վարդանի սիրտը կարծես դադրեցաւ խփելէ, քիչ մնաց հրացանն ալ վար պիտի իյնար ձեռքէն։ Ճերմակ թաշկինակ մը շարժեցաւ պատշգամի վրայ։ Ամբողջ տեսողութիւնը լարած, Վարդանի աչքը կեդրոնացաւ Առաջնորդարանի պատշգամի վրայ։ Չէ՛, չէր սխալած. յաջորդաբար թաշկինակը երկու անգամ ալ փարտուեցաւ։ Արիւնը խուժեց դէպի գլուխը. քանի մը վայրկեան ինքզինքը կորսնցուցած՝ չէր գիտեր թէ ի՞նչ պիտի ընէ։ Բնազդօրէն ձեռքը թաշկինակին նետելով՝ շարժեց զայն ընկերներու ուղղութեամբ։ Կարծես խոշոր քար մը ինկաւ սրտի վրայէն։ Վերջապէ՜ս։

Իր դերը վերջացած էր. պատէն վար ցատկելով՝ պէտք էր խճուղին ելլել ու վերադառնալ քաղաք, ուր Քոյրիկը իրեն կը սպասէր։ Այս մտքերը զարմանալի արագութեամբ մտածեց եւ սակայն ոչ մէկ շարժում ըրաւ ծառէն իջնալու։ Մէկ կառքը թող անցնէր առջեւէն, անգամ մը տեսնար այդ գազանը, որ քանի մը վայրկեան վերջը պիտի իյնար ընկերներու, գնդակներէն։ «Իսկապէս ինչո՞ւ աճապարել», մտածեր Վարդանը, «դեռ ժամանակ կայ հեռանալու», ու աւելի հանգիստ կերպով տեղաւորուեցաւ ճիւղին վրայ, կռնակը տուած ծառի հաստ բունին։

Ամբողջովին լսողութիւն կտրած՝ Վարդանը մերթ խճուղին կը դիտէր, մերթ հարիւր յիսուն, երկու հարիւր քայլ հեռու գտնուող ընկերները, որոնք իր տուած նշանը առնելով՝ ոտքի ելած եւ պատին մօտեցած կը սպասէին։

Կառքը դանդաղօրէն կը բարձրանար փոքր զառիվերէն։ Երբ այգիներու արանքը ինկաւ, ուր ճամբան հարթ հաւասար կ’երկարի, սկսաւ արագօրէն առաջանալ։

Պոնտոլովսկին անփութօրէն փռուած էր կառքի ետեւի նստարանին վրայ։ Երեք պահակ ձիաւորներ կրնկակոխ կը հետեւէին։ Վարդանը հազիւ կրցաւ անոր դէմքը տեսնել: Յաղթանդամ առոյգ մարդ մ’էր «գազանը», շէկ մազերով, իսկական հիւսիսի տիպ մը, որու դէմքը դաժան վճռականութիւն կ’արտայայտէր, իսկ կապոյտ աչքերը, զարմանալիօրէն անհանդարտ, իրենց բունին մէջ կը դառնային հօլի նման։

Երբ կառքը անցաւ առջեւին, Վարդանը սպասեց քարացածի նման, շունչը բռնած։ Գլուխը դարձուց դէպի ընկերները։ Իրարմէ երկու քայլ հեռաւորութեան վրայ, Վահէն ու Մաթոսը մօտեցեր էին պատին։ Վարդանը որոշապէս տեսաւ, որ Մաթոսը տասնոց ատրճանակի կոթը ուսին կռթնցուց։ Կառքը հազիւ յիսուն քայլ հեռաւորութիւն մը ունենար, երբ Մաթոսը գլուխը քիչ մը ծռեց ու նշան բռնեց: Վարդանի սիրտը սկսաւ սաստիկ արագութեամբ խփել. հիմա պիտի լսուէր մաուզէրի զնգացող սուր տրաքոցը։

Ու յանկարծ հազիւ ողորմելի տրաքոց մը լսուեցաւ։ Վարդանը բոլորովին գունաթափուեցաւ, թեւերը ուժաթափ վար կախուեցան: Ի՜նչ անսպասելի ձախորդութիւն: Անշուշտ փճացած փամփուշտ մ’էր, որ կրակ չառաւ։ Մաթոսը, անշեղ խփող մը լինելով, առաջինը ան պիտի կրակէր։

Կառքը հազիւ երեսուն քայլ հեռաւորութեան վրայ էր, երբ կապսիւլի ճաթած ձայնը լսուեցաւ ու միաժամանակ պատի ետեւէն վեր բարձրացող գլուխները երեւան եկան։ Ճարպիկ կառապանը անմիջապէս կանգնեցուց կառքը եւ զգուշութեամբ ետ դարձուց զայն երկու կողմէն պատերու մէջ առնուած նեղ ճամբու վրայ։

Պոնտոլովսկին, ընդհանրապէս զգուշաւոր, ատրճանակը քաշեց, բայց կառքի մէջ կանգնած մնաց, մինչ հետեւորդները հրացանները ուսերուն՝ կրակեցին դէպի հազիւ նշմարուող երկու գլուխները։

Այդ անսպասելի ձախորդութենէն անակնկալի եկած, Մաթոսը սակայն չկորսնցուց պաղարիւնութիւնը, եւ փոխեց փճացած փամփուշտը, մինչ Վահէն իրարու ետեւէ սկսաւ կրակել հեռացող կառքի ուղղութեամբ։

Այս ամբողջը հազիւ տասը քսան երկվայրկեանի մէջ կատարուեցաւ։ Երբ Մաթոսը, փճացած փամփուշտը դուրս նետելով, սկսաւ կրակել Վահէի հետ, կառքը արդէն բաւական մը հեռացած՝ սրարշաւ կը վերադառնար քաղաք։ Երկուքն ալ սպառեցին լեցուած փամփուշտները՝ շարունակելով կրակել արագօրէն հեռացող կառքի ետեւէն։ Ձիաւոր պահակներէն մէկը, որ ստէպ ետ դառնալով կը կրակէր տղոց ուղղութեամբ, գլխէն զարնուած՝ վար ինկաւ ճամբու վրայ, մինչ ձին գլուխը բարձրացուցած՝ քառասմբակ կ’արշաւէր դէպի կամուրջ։

Կառքը, հազիւ Վարդանի տեղէն տաս քայլ հեռաւորութեան հասած, սաստիկ ցնցուելով կանգ առաւ։ Ձիերէն մէկը յանկարծ վեր ոստնելով գետէն ինկաւ, փորէն ծանրապէս վիրաւորուած։ Տում տում գնդակը հակառակ կողմէն դուրս ելած էր՝ ահագին վէրք մը բանալով, որու մէջէն դուրս թափեցան կենդանիի փորոտիքը։

Պոնտոլովսկին մէկ ձեռքով ամուր բռնած էր ատրճանակը, միւս ձեռքով ալ կառապանի նստարանը շրջափակող երկաթէ ձողը։ Հազիւ հաւասարակշռութիւնը պահելով՝ ան կրցաւ ոտքի վրայ մնալ, երբ կառքը այնքան յանկարծակի ցնցումով կանգնեցաւ։ Անմիջապէս վար ցատկեց կառքէն ու մօտեցաւ պատին։ Հեռուէն հրացանաձգութիւնը իսպառ դադրած էր։ Զարմանալի լռութիւն մը տիրեր։

Մաթոսն ու, Վահէն, պատահած ձախողանքէն ընկճուած, այլեւս ուրիշ բան մը չունէին ընելիք, եթէ ոչ փախչիլ եւ իրենց հետքը կորսնցնել։ Քարքարուտ բլուրի ետեւէն անցնելով՝ անոնք ինկան հեռաւոր այգիներու լաբիւրինթոսին մէջ, որ մինչեւ Փարաքարի մօտերը կը հասնէր։

Վարդանը եղած տեղը քարացածի նման մնաց։ Անսպասելի ձախողանքը այնպէս շշմեցուցեր էր զինքը, որ հոգեպէս ընկճուած, նոյնիսկ չկրցաւ մտածել իր աւելի քան վտանգաւոր կացութեան վրայ։ Գրեթէ ոտքին տակ գտնուողներէն մէկն ու մէկը եթէ աչքը վեր բարձրացնէր ու տեսնէր զինքը՝ հրացանը ձեռքը ծառի մը ճիւղերուն մէջ պահուած, այդքանը արդէն պիտի բաւէր գնդակով մը զինք վար բերելու։

Երկու ձիաւորներէն մէկը՝ ձիէն վար ցատկելով վազեց ճամբուն վրայ երկնցող ընկերոջը մօտ։ Մարդը մեռած էր։ Ռուս կառապանը բարձրաձայն արտասուելով կ’աշխատէր ինկած ձիու տակէն խամութը (կազմուածքը) դուրս բերել։ Պոնտոլովսկին, ատրճանակը պատրաստ բռնած, կռնակը տուած էր պատին ու կատաղութենէն ծանր ծանր հեւալով ատամներու արանքէն կը սուլէր.

Ես էդ արմեաշկաներու մէրը… ես անոնց ցոյց կուտամ, մէկի տեղ տասը հատը շան սատակ պիտի ընեմ… Սրիկանեը… ի՛մ, իմ վրաս ձեռք բարձրացնել… ես էնոնց…

Թիք… թիք… իրարու, շփուող պողպատի հանած մեղմ ձայնէն վրայ՝ կառապանը գլուխը վեր վերցուց։ Առաջին բանը որ աչքին հանդիպեցաւ Վարդանն էր։ Տղան քիչ առաջ ծռած՝ հրացանը ուղղած էր Պոնտոլովսկիի գլխուն։

Զգացած սարսափէն թէեւ կառապանը ձայն իսկ չը կրցաւ հանել բայց Պոնտոլովսկին անոր դէմքէն կռահելով, որ ետեւը ինչ որ բան կը կատարուի, բնազդօրէն քայլ մը ետ ցատկեց՝ գլուխը վեր բարձրացնելով։ Հազիւ տասը ոտք բարձրութենէ մը հրացանի մը խողովակը գլխուն վրայ կախուած էր։ Տեսնելն ու հրացանի երկու փողերէն ծուխի եւ բոցի ժայթքումը մէկ եղաւ։ Եզան մը նման Պոնտոլովսկին տապալեցաւ գետին։ Այդքան մօտէն կրկնակ խողովակներու մանր արճիճները գանկը փշրած էին եւ ուղեղը թանձր ցեխի մը նման ցրուած չորս բոլորը:

Վարդանին կը թուէր, թէ այս բոլորը երազի մէջ կատարուեցաւ: Չէր յիշեր, թէ ի՞նչպէս ձգանարը բարձրացուցած էր, նշան բացած ու կրակած։ Բայց երբ Պոնտոլովսկին շանթահարուածի նման գետին փռուեցաւ, անճանաչելի մսակոյտ մը դարձած, Վարդանը վայրենի աղաղակ մը փրցուց եւ ճիւղէ ճիւղ ցատկելով վար թռաւ եւ այգիի թումբերու վրայէն սկսաւ փախչիլ դէպի վեր, դէպի հեռուն երեւցող Ղռերը:

Հազիւ ոտքերը գետին կը դպէին։ Երիտասարդ ու կորովի Վարդանը եղնիկի նման ցատկելով կը վազէր։ Շուտով հեռանալու, ազատուելու բնական զգացումը այդ պահուն այնքան զօրեղ էր իր մէջ, որ վազելու ժամանակ հազիւ թէ ոտքի կոխած տեղը կը տեսնէր: Ազատուելու բնազդական ցանկութիւնը ոտքերուն թեւ տուած էր, եւ ոչ իսկ լսեց, որ երկու անգամ կրակեցին ետեւէն։

Առաջին երկու գնդակները պարապը անցան։ Հազիւ քանի մը քայլ մնացեր էր որ Վարդանը պատին հասնէր։ Լեռնական երիտասարդը խնամքով նշան բռնեց ու արձակեց հրացանը։ Վարդանը, մինչեւ այդ՝ ոչ հալածողէ եւ ոչ ալ արձակուած գնդակներէ լուր ունէր, յանկարծ ազդրի վրայի կողմը, փափուկ մսին մէջ սուր խայթոց մը գգաց ու զարմանալի կերպով միայն այդ պահուն լսեց հրացանի գոռոցը։ Զգաց որ զարնուած է: Ո՜վ գիտէ, թերեւս մահացու կերպով։ Այս միտքը սարսափեցուց ու յանկարծ ջլատեց կորովը։ Վարդանին այնպէս թուեցաւ, որ աջ կողմը յանկարծ վերէն վար թմրած է։ Գլուխը, պտոյտ կուգայ։ Կեցած տեղը ծանրօրէն օրօրուեցաւ, ու յանկարծ գլխիվայր ինկաւ երկու թումբերու արանքը գտնուող փոսին մէջ:

Անկման հետեւանքով, ցաւ մը սթափեցուց Վարդանը։ Ինկած ժամանակ գլուխը զարկած էր որթատունկի հաստ կոճղին, ու ճակատի մորթը սկրթուած։ Երբ ցաւէն անմիջապէս ուշքի եկաւ, առաջին բնազդական շարժումը եղաւ ոտքի ցատկել ու փախչիլ։ Բարեբախտաբար ինքզինք ժամանակին պահեց: Հրացանը քայլ մը անդին ինկած էր։ Դատարկ փամփուշտները հանելով նորեր տեղը լեցուց։ Զգուշութեամբ գլուխը վեր բարձրացնելով որթատունկի տերեւներու արանքէն, չորս բոլորը դիտեց։

Լեռնականը, անշեղ խփող որսորդի մը վստահութեամբ, հրացանը ուսը նետած նեղ ճամբայով մը կը մօտենար Վարդանի կողմը, իսկ հեռուն պատի վրայ բարձրացած ընկերը վար կ’իջնար երիտասարդին հասնելու համար։

Ուրիշ ճար չկար։ Հրացանը վար բերաւ Վարդանը ու լեռնական երիտասարդի ոտքերուն նշան բռնելով կրակեց.

Եարապրիմ, ցաւէն գոռալով երիտասարդը երեսն ի վար ինկաւ ու հեծեծալով սկսաւ գալարուիլ գետնի վրայ։

Վարդանը, կարծես զսպանակէ մը մղուած, ոտքի ցատկեց, վազեց դէպի պատը ու վեր մագլցելով ինքզինք նետեց միւս այգին, որ նեղ եւ երկար այգի մ’էր։ Առաջին պահուն, անտանելի ցաւ մը կը զգար Վարդանը, կարծես աջ ոտքի ջղերը կը քաշուէին, արգիլելով վազքը, բայց բաւական տեղ վազելէ վերջ, ցաւ, թմրութիւն բոլորովին մոռցաւ, կարծես վիրաւորուած իսկ չլինէր: Քարէ ցած պատ մ’ալ անցնելով՝ ան ինքզինքը գտաւ Ղռերու բաց տարածութեան վրայ։

Այգիի քովէն նեղ եւ քարքարուտ ճամբայ մը կը բարձրանար վեր։ Անշուշտ Հրազդանի կամուրջէն բաժնուող ճամբան էր այդ, մտածեց Վարդանը, բայց թէ ո՞ւր կ’երկարէր, դէպի ո՞ր գիւղը, դժբախտաբար, այդ չէր գիտեր։

Քարի մը վրայ նստաւ վայրկեան մը հանգստանալու ու ընելիքի մասին մտածելու համար։ Զարմանալի արագութեամբ միտքը կը գործէր: Շրջակայքի գիւղերուն բոլորովին անծանօթ՝ լաւագոյն համարեց վերադառնալ քաղաք: Ճիշդ է որ քաղաքի փողոցներուն ալ ծանօթ չէր, բայց հազարաւոր հայեր կը բնակէին հոն, մէկն ու մէկէն կրնար Գալուստի տան մասին իմանալ։ Դժբախտաբար, քաղաքը կը գտնուէր Հրազդանի հակառակ կողմը. անդնդախոր ձոր մը կը բաժնէր զինք քաղաքէն: Ուրեմն ի՞նչ։

Աջ ոտքը զարմանալի կերպով ծանրացած, թմրեցաւ։ Տափատը բոլորովին թրջուած էր ու արիւնը կը լճանար կօշիկին մէջ։ Անդիմադրելի ցանկութիւն մը կը զգար քնելու ու հազիւ մեծ դժուարութեամբ աչքերը բաց կը պահէր։ Մէկ ալ հրացանը վար ինկաւ ձեռքէն, աչքերը կիսախուփ՝ գլուխը կրծքին ինկաւ։

Թէ այդ վիճակը ո՛րքան տեւեց, չգիտցաւ Վարդանը: Երբ հեռուէն արձակուած գնդակ մը շաչելով զարնուեցաւ նստած քարին, բոլորովին ինքզինք գտած, չորս բոլորը նայեցաւ։ Մեծ այգիի կողմէն չորս հինգ զինուորներ դէպի իր կողմը կը վազէին։ Վարդանը վիրաւորուած երէի նման առաջ նետուեցաւ: Ղռերու բաց տարածութիւնն էր առջին, ուր նոյնիսկ թումբ մը, մեծ քար մը չկար ծածկուելու համար։ Աջ կողմի վրայ Հրազդանի ձորը կ’երկարէր, որ ամբողջովին ծածկուած էր վայրի թուփերով ու քիչ վերը՝ դէմ դիմաց այգիներու շարքով։

Քանի մը ոստիւնով Վարդանը հասաւ թուփերուն ու անմիջապէս մխրճուեցաւ անոնց մէջ՝ հետապնդողներու աչքերէն անյայտանալով։

Հալածողները քաղաքի ծայրը, Շուստովի գործարանի դիմացը գտնուող զօրանոցի զինուորներէն էին։ Երբ Պոնտոլովսկիի սպանման ներկայ եղող ճամբորդները դէպի քաղաք փախան, անոնցմէ Մալական կառապան մը կեցաւ զօրանոցի առջեւ եւ հերթապահ սպային յայտնեց եղելութիւնը։ Անմիջապէս երկու սպաներու ղեկավարութեամբ տասնեւհինգի չափ զինուորներ ճամբուեցան՝ չարագործները ձերբակալելու համար: Մեծ մասը անմիջապէս ցրուեցաւ այգիներու մէջ Վահէն եւ Մաթոսը հետապնդելու, իսկ հինգ զինուորներ, ողջ մնացող լեռնական Ինկուշի առաջնորդութեամբ, սկսան հետապնդել Վարդանը։

Վարդանի կացութիւնը հետզհետէ յուսահատական կը դառնար։ Ամէն կողմէն շրջապատող զինուորները սկսան կրակել փախստականի վրայ, ամէն անգամ որ ան թուփերու մէջէն կ’երեւէր։

Սարսափելի յոգնած էր Վարդանը։ Աջ ոտքը հետզհետէ աւելի կը ծանրանար, որու վրայ կարծես ահագին ծանրութիւն մը կախուած լինէր։ Արիւն քրտինքի մէջ կորած՝ սաստիկ արագ կը հեւար, ու սիրտը կարծես պիտի պայթէր։ Բայց եւ այնպէս կը շարունակէր վազել ձորն ի վեր, մանաւանդ երբ հեռուէն արձակուած գնդակ մը անախորժ վժժոցով անցաւ ականջի մօտէն։

Հրացաններու ձայները բազմապատկուած՝ ալ աւելի մօտէն կը լսուէին։ Վարդանը անսահման յուսահատութիւն մը զգաց։ Կանգ առաւ։ Կուրծքը երկաթագործի փքոցի նման կը բարձրանար։ Կարծես պիտի խեղդուէր։ Ձեռքի շարժումով մը օձիքի կոճակները քանդեց ու կտրուած ծառի մը կոճղին վրայ նստաւ: Թեւերը վար ինկան ու գլուխը կախեց։ 0տար քաղաքի մը մէջ կորած երեխայի մը նման լքուած զգաց ինքզինքը։ Ամէն ինչ վերջացած էր, ո՛չ ֆիզիքական կարողութիւն եւ ոչ ալ հոգեկան արիութիւն մնացած էր։ Թող պատահի՝ ինչ որ պատահելու է, մտածէց Վարդանը, համակերպուած գալիք սարսափելի վախճանին հետ։

Զարմանալի խաղաղ լռութիւն մը շրջապատեց զինքը, տերեւի մը թեթեւ սոսափիւնն իսկ որոշակի կը լըսէր, կը լսէր եւ սրտի մրճային զարկը՝ թա՛ք, թա՛ք , թա՛ք։

Ծանր քայլերու տակ կոտրտուող ճիւղերու աղմուկը յանկարծ սթափեցուց զինքը։ Առանց ինքնիրեն հաշիւ տալու ոտքի ցատկեց ու նորէն սկսաւ վազել։

Սթո՛յ (կեցիր), ու միաժամանակ հրացան մը պայթեցաւ։

Իրմէ հարիւր քայլ մը առաջ, զինուոր մը կտրած էր ճամբան։ Հազիւ Վարդանը ժամանակ ունեցաւ թուփերու ետեւը ապաստանիլ, երկրորդ գնդակ մը գետնէն փոշի բարձրացուց։ Զինուորը ճամբան բռնած էր։ Սկսաւ ետ վազել եկած ուղղութեամբ։ Միտքը դադրած էր գործելէ, միայն անասնական առողջ բնազդը կը ղեկավարէր զինք: Քիչ առաջուան յուսալքումը ամբողջովին չքացեր էր։ Ապրելու, ազատուելու բնազդական ցանկութիւնը ուժ եւ վայրագ յանդգնութիւն մը բերած էր վրան։ Ձէր գիտեր ինչպէ՜ս կը ցատքէր փոսերու, թուփերու, մացառներու վրայէն, հաստատ չէր ալ գիտեր, որ ոտքերը գետին կը դպէին։ Առանց առջեւը եղած արգելքները տեսնալու, գնդակի նման կը սուրար։

Թակարդի մէջ բռնուած գայլի նման, աչքերը կատաղի, յուսահատութեամբ փայլեցան, երկու զինուորներ իրարմէ բաւական մը հեռու, դէպի իրեն կողմը կուգային, փախուստի ճամբան գոցելով։ Ուրեմն, պաշարուած էր, փախուստի ոչ մէկ հնար։ Ետ դարձաւ վիրաւորուած գազանի նման՝ անմարդկային աղաղակ մը բարձրացնելով։ Երկու ոստիւնով հասաւ ձորը եզերող քարաժայռը, որ պատի մը նման ուղղաձիգ՝ ահագին տարածութեան վրայ կ’երկարէր ձորն ի վեր, անանցանելի պատնէշի մը նման։ Սակայն երբեմն տեղեր քարաժայռը զգալապէս աւելի ցած էր։

Առանց ետ ու առաջ նայելու, ժայռէ ժայռ ցատկելով Վարդանը հասաւ քարաժայռին գագաթը եւ առանց կանգ առնելու, ինքզինքը նետեց վար։ Աւելի լաւ էր կտոր կտոր լինել, քան զինուորներուն ձեռքը անցնիլ։

Պատի նման բարձրացող քառաժայռի տակ, բազմաթիւ տեղեր, շատ մանր խիճերու կոյտեր կ’երկարէին ժայռէն մինչեւ նոր փորուած Փարաքարի լայն ջրանցքը։ Հազիւ թէ Վարդանի ոտքը հանդիպած էր այդ խիճերու շեղբին, երբ ահագին զանգուածը խշշալով վար հոսեցաւ եւ իր հետ տարաւ, թաւագլոր ինկած երիտասարդը։ Ջրանցքը ամբողջովին լեցուեցաւ խճաքարերու կոյտով, որուն տակ կորսուեցաւ Վարդանը, ու միայն անոր բաճկոնի փէշը կ’երեւէր։

----------------

Աղջի՛, խորովածը այրեցիր, տունդ չքանդուի, քիթդ հոտ չ’առներ, ու երիտասարդ մը, կանաչի վրայ ճաշի նստած բազմութենէն զատուելով, վազեց դէպի մանկամարդ աղջիկ մը, որ խաւաքարտի կտորով մը կը փորձէր ածուխի կրակը թարմացնել։

Խորում-Պուլախի հարթ կանաչութեան վրայ հայ ընտանիքներ հոս ու հոն շրջան կազմած, քէֆ կ’ընէին։

Սքանչելի, խաղաղ վայր մ’է Խորում-Պուլախը, Երեւանի զուարճութեան նշանաւոր վայրերէն մէկը, ուրկէ ամառուան եւ աշնան ամիսներուն, մինչեւ կէս գիշեր, շատ անգամ ալ մինչեւ լուսածագ կը լսուի քէֆ ընողներու սազանդարի, կամ տուտուկի մելամաղձոտ ձայնը։

Երեւանցին կեանքի մէկ նպատակ ունի՝ քիչ աշխատիլ, բայց լաւ ուտել, քէֆով ուտել։ Կարծես բնութիւնն ալ կ’ազդէ այդ տրամադրութեան ստեղծուելուն։ Քաղաքը երեք կողմէն շրջափակուած է գեղեցիկ այգիներով։ Ամէն այգի իր մասնաւոր գրաւչութիւնն ունի։ Ոմանք Զանգուի ձորի երկու կողերուն փռուած՝ գրաւիչ էին իրենց խաղաղ մենութեան մէջ, շատերն ալ յենած քարաժայռի պռունկին, որտեղէն ահագին հորիզոն մը կը բացուէր, հարիւր երկու հարիւր ոտք բարձրութենէ մը վար կը նայէին ուղղաձիգ ժայռի փէշերուն տակ գալարուող Զանգուի վրայ։

Բայց Խորում-Պուլախը այդ բոլորի մէջ մասնաւոր գրաւչութիւն մ’ունէր։ Երեք կողմէն շրջապատուած այգիներով, ստուարախիտ ծառերով, հարթ ու հաւասար տարածութիւն մը, ծածկուած մարմանդ կանաչով՝ ան քէֆի համար ստեղծուած անզուգական վայր մ’էր։ Այս բոլորի վրայ կ’աւելնար Զանգուն, որ շառաչուն աղմուկով կը վազէր՝ խելագար աճապարանքէ մը բռնուած։

Այդ օը, Գէորգովներու ծանօթ ընտանիքը, բարեկամներով եւ ազգականներով, Խորում-Պուլախ իջած էր քէֆ ընելու։ Երեւանեան քէֆ մ’կը, անխուսափելի սազանդարով, տուտուկով, կապոյտ ձուկով, խորովածով, Շուստովի քոնեակով եւ Արտուշարի կարմիր գինիով։

Սազանդարները նստած կանաչի վրայ փռուած սփռոցի մը շուրջը կը նուագէին, իսկ քառասունէ աւելի քէֆ ընողները ծափ կուտային՝ երգելով.


Շախքով շուխքով իմ եարը
Պոյով պոսով իմ եարը…

Ուզուն Տարա, Ուզուն Տարա նուագեցէք, պոռաց երիտասարդ մը ոտքի ցատկելով եւ թեւերը պարզած՝ սկսաւ պարել։

Մէկ երկու շրջան ընելէ վերջ, եկաւ ու պարելով կեցաւ սիրուն նորահարսի մը առջեւ։ Այդ ընդունուած ձեւն էր մէկը պարի հրաւիրելու։

Հայտէ՛, Նուա՛րդ…

Նուարդը, Նուարդը, լսուեցան բազմաթիւ ձայներ։

Տաշի, տաշի. հէ՜յ ու ամբողջը մէկէն համաչափ ծափերով սկսան ձայնակցիլ նուագին։

Ուզուն Տարան կովկասեան պարերու մէջ մասնաւոր հմայք մը ունի։ Զարմանալի կերպով այդ պարը կը պատկերացնէ աղաւնիներու սիրուըտուքը։ Երիտասարդը, թեւերը բացած կը դարպասէ աղջիկը՝ անոր շուրջը պարելով, մինչ աղջիկը, նազանքով պտոյտ կուգայ՝ ճկուն իրանը կոտրտելով։ Ան կ’աշխատի խուսափիլ երիտասարդէն։ Մինչեւ որ աշխոյժ եղանակը եւ անոր ընկերացող ծափերը կը նուազին, աղջիկը կեցած տեղը կանգնած կը մնայ եւ պարելով ինքն իր վրայ կը դառնայ հանդարտ, ազնուական շարժումներով։ Աղաւնին է, որ շուրջը դարձող կռկռան արուն չաըչրկելէ վեըջ, մեղմօրէն անձնատուր կը լինի։ Յանկարծ եղանակը կը փոխուի, արագ եւ բարձր թափ մը կը ստանայ, եւ աղջիկը տղու թեւի տակով կը փախչի, եղնիկի արագ ոստումներով, թեւերը պարզած, գլուխը նազանքով ծռած։

Հազիւ թէ պարը վերջացած, ու ոտքի վրայ գտնւողները նորէն սեղանը շրջապատած էին, երբ լեղապատառ կիները ճչացին ու տղամարդիկ ոտքի ցատկեցին՝ իրար անցած։

Զանգուի միւս եզերքը, պատի նման բարձրացող քարաժայռէն մարդ մը թաւագլոր վար էր ինկած։

Տղաք, հասէ՛ք, ձայն ձայնի տուին քանի մը երիտասարդներ ու առաջ թռան:

Աստուած միայն գիտէր, թէ այդ բարձրութենէն վար ինկնող մը կրնա՞ր ողջ մնալ։ Բայց եւ այնպէս երկու երիտասարդներ հագուստներով անմիջապէս գետը նետուեցան, մինչ բազմութիւնը, շարուած գետեզերքը, շնչասպառ կը հետեւէր օգնութեան փութացող երիտասարդներուն։

էն տեղ, էն տեղ, կը պոռար ինքնիրմէ ելած ծերուկ մը։

Ջրանցքի, Էջմիածնի ջրանցքի մօտ… դէպի՛ աջ, ամբողջ ձայնով կը պոռար մէկ ուրիշը:

Երիտասարդները հասան մանր քարերու շեղջակոյտին մօտ ու անմիջապէս տեսան բաճկոնի դուրս մնացած փէշը։ Եւ երկուքը միասին խիճերու տակէն շուտով դուրս բերին մարմինը երիտասարդի մը, որ ըստ երեւոյթին՝ արդէն մեռած էր։

Զգեստները ծուիկ ծուիկ եղած էին խիճերու շփումէն, իսկ դէմքն ու ձեռքերը ծածկուած էին բազմաթիւ մանր վէրքերով։ Փորձեցին երկուքով միասին վերցնել, բայց չկրցան, այնքան որ ծանր էր մարմինը։ Ձայնեցին բազմութեան, որ մէկն ալ գայ օգնելու։

Բժիշկ Տէր Յովսէփեանը, Գէորգովներու փեսան, առանց այլեւայլի մտաւ, գետը։ Երբ հասաւ երիտասարդներուն, անմիջապէս Վարդանի զարկերակը բռնեց, աչքի կոպերը վեր դարձուց ու սիրտը լսեց:

Ոչ, մեռած չէ՛, ըսաւ բժիշկը քովը կանգնողներուն, միայն նուաղեր է. թերեւս քիչ մը շատ ջուր կուլ տուած լինի, թէեւ ստամոքսի վիճակը չի ցուցներ… Բան չկայ, շուտով ինքզինքը կը գտնայ… Տղաք, ոտքերէն բռնեցէք… այ այդպէս… Տէ, հիմա քալեցէք՝ տեսնեմ, ու բժիշկը անցընելով երկու ձեռքերը վիրաւորի թեւերու տակէն վեր վերցուց զայն։

Երբ գետը անցան ու վիրաւորի մարմինը կանաչի վրայ երկարեցին, Խորում-Պուլախ ալ մարդ չմնաց՝ կին, տղամարդ ու երեխայ հաւաքուեցան անոր շուրջը։

Բժիշկը անմիջապէս լուաց երիտասարդի արիւնով ծածկուած դէմքը եւ ձեռքերը եւ քանի մը կաթիլ քոնեակ կաթեցուց բերնին մէջ։

Օհօ՜, ինքնիրեն մրմռաց համակրելի բժիշկը, երբ զգեստի վրայէն Վարդանի ոսկորները տնտղած ժամանակ ձեռքը հանդիպեցաւ տափատի այն տեղին, ուրկէ անցեր էր գնդակը, հը՛մ, ու ձեռքը ներքնազգեստին տակը կոխելով, շօշափեց երիտասարդի վէրքը։

Բժիշկը վէրքի մասին, բան չյայտնեց շուրջիններուն, այլ խնդրեց, որ քիչ մը հեռանան՝ զինքը ազատ ձգեն շարժելու։

Բազմութիւնը հակառակի պէս աւելի կը խտանար։ Ամէն մէկը անպատճառ կ’ուզէր տեսնել վիրաւորը։ Ո՞վ էր, որո՞ւն զաւակն էր, արդեօք կը ճանչնայի՞ն։ Բայց, ինչպէս կ’երեւէր ներկաներէն ոչ ոք կը յիշէր զայն տեսած լինելը. անշուշտ երեւանցի մը չէր այդ առնական սիրուն երիտասարդը, որ մեռելի մը նման անշարժ երկնցած էր կանաչի վրայ։ Բժիշկը նորէն քանի մը կաթիլ քոնեակ լեցուց վիրաւորի բերանը։

Վարդանը ծանր տքալով բացաւ, աչքերը, նայեցաւ շուրջը անգիտակից հայեացքով մը, ու նորէն գոցեց աչքերը՝ թեթեւ մը հառաչելով։

Տօ՛, մէկդի քաշուեցէք, տեսնեմ, առաջ անցնիլ փորձելով պոռաց Սէրգէյը։

Սէրգէյը Խորում-Պուլախի վարձակալն էր, տարէց, միջահասակ մարդ մը։ Փոքր տաղաւար մը շինած էր Զանգուի վրայ, որ երկու տախտակով կը միանար ցամաքին։ Համով խորոված պատրաստողի համբաւ ունէր, եւ մասնաւոր աւազանին մէջ կենդանի կապոյտ ձուկեր կը պահէր։ Հակառակ որ Սէրգէյը ձմեռ ամառ Խորում-Պուլախէն չէր հեռանար, ամբողջ քաղաքի բնակչութեան ծանօթ էր, տեղով տնով կը ճանչնար մարդիկը, գիտէր, թէ որո՞ւ քոյրը որո՞նց տունը հարս գնացեր էր, կամ մէկու մը մայրը ի՞նչ տան աղջիկ էր։

Բժիշկը՝ Վարդանի վրայ ծռած՝ ուշադրութեամբ կը դիտէր վիրաւորի դէմքը։ Քիչ մ’ալ քոնեակ լեցուց տղու սեղմուած շրթներէն ներս։

Վարդանի ամբողջ մարմինէն դող մը անցաւ, աչքերը կամաց մը բացաւ ու հանդարտօրէն շուրջը նայեցաւ։ Այդ որքա՜ն գլուխներ կախուած էին իր վրայ։ Արդեօ՞ք երազ կը տեսնար։ Ո՞ւր էր ինք. ինչո՞ւ այդ վախեցած, հետաքրքիր դէմքերը։ Ուզեց բան մը ըսել, նոյնիսկ շրթները շարժեց, բայց ձայնը կարծես իսպառ խզուած լինէր։ Փորձեց տեղէն շարժիլ, քիչ մը գլուխը վեր բարձրացնել, բայց զգացած ցաւէն, գլուխը ետ նետեց, ու նորէն աչքերը գոցեց։

Տօ՛, տնաքանդներ, մէկ տեղ բացէք տեսնամ, ի՞նչ է ոչխարներու նման խռնուեր էք, աջ ու ձախ հրելով պոռաց Սէրգէյը ու առաջ անցաւ։

Չէ, Սէրգէյը չէր ճանչնար այդ երիտասարդը, բնաւ տեսած չէր, անշուշտ ուրիշ տեղացի մը լինելու էր: Բայց հայ էր, անշուշտ որ հայ էր՝ սեւ աչք, սեւ մազ, դէմքի գծագրութիւնը կասկած չէր ձգեր: Անշուշտ հոդ չէր կարելի թողնել վիրաւորը, մտածեց Սէրգէյը եւ բժիշկին մօտենալով՝ առաջարկեց, որ իր տաղաւարը փոխադրեն։

Բազմութիւնը մի քիչ հեռացնելով՝ բժիշկը Սէրգէյի փսփսաց թէ, երիտասարդը գնդակով վիրաւորուած է։

Հըմ, բժիշկ, ասոր տակը բան մը կայ… լաւ կը լինի, որ անմիջապէս քաղաք տանինք, ըսաւ Սէրգէյը, քիչ մտածելէն վերջ, ասոր տակ անպատճառ բան մը կայ…

Բայց ո՞ւր տանինք…

Ես գիտե՛մ, դու միայն օգնէ ինձ տղան տանելու։

Բժիշկն ու Սէրգէյը Վարդանի թեւերը մտան, ոտքի հանեցին ու կամաց կամաց սկսան բարձրանալ Խորում-Պուլախի զառիվերը։ Վարդանը թէեւ ինքզինքը գտած էր, բայց ամէն մէկ քայլ առնելուն այնպիսի սուր ցաւեր կը զգար, որ չհեծեծելու համար պինդ կը կծէր շրթունքը ատամներու արանքը առնելով։ Բարեբախտաբար, երբ Կոնտը բարձրացան, հոն կառք մը գտան։

Տղա՛յ, քշէ Գալուստենց տունը, հրամայեց Սէրգէյը ու բժիշկին հետ իրենց մէջտեղը առին Վարդանը, որ նուաղելու վրայ էր։

էն ո՞վ է, կանացի ձայն մը հարցուց ներսէն, երբ կառքը կանգ առնելով Գալուստի տան առջեւ, դուռը ծեծել սկսաւ Սէրգէյը։

Ես եմ, Սէրգէյը:

Վա՛հ, էս ի՞նչ խապար է, Սէրգէյ, լուսը քեզ տեսնողին, եւ Գալուստի որբեւայրի քոյրը դուռը լայն բացաւ, որ հօրեղբօր տղան ներս մտնէ։

Հետս ղոնախ (հիւր) ունիմ… Գալուստը տունը չէ՞… Հըմ վնաս չունի, ու աչքով ըրաւ, բժիշկին, որ Վարդանը կառքէն իջեցնէ ու ներս բերէ։

Հը՞, Վարդուհի, դարձաւ Սէրգէյը տանտիկնոջ, երբ երեքով նստան բակի թախթին վրայ, էս երիտասարդը կը ճանչնաս։

Քա ես իմ, (ի՞նչ գիտնամ), պատասխանեց միւսը, մեր տունը խօմ քարվանսարայ է, օրական հարիւրը կը մտնէ՝ հարիւրը կ’ելլէ… Վա՜խ, մեռելի գոյն ունի խեղճը…, հիւա՞նդ է…

Այդ պահուն տանտունէն երիտասարդ աղջիկ մը դուրս եկաւ՝ ժողովրդական երգ մը մրմռալով։ Հազիւ թէ Սէրգէյը տեսած՝ վրայ վազեց.

Վայ, քեռի Սէրգէյ, էս ինչպէ՞ս եղաւ որ մեզի յիշեցիր։ Բարեւ ձեզ, պարոն բժիշկ, ու յանկարծ շփոթած նայեցաւ Վարդանին. կարծես թէ պիտի ճանչնար այդ երիտասարդը. անշուշտ տեղ մը տեսած էր, բայց ո՞ր տեղ։

Վարդանը, գլուխը յենած բժիշկի ուսին, կիսախուփ աչքերով կը հետեւէր աղջկանը։ Ժպիտի նման բան մը խաղաց դէմքին վրայ։

Վա՜յ, ալ չյիշեցի, մայրիկ, մեր երեկոյեան հիւրն է. էն՝ որ Վահէի հետ… Վո՜ւհ, ի՞նչ ունի, ի սէր Աստուծոյ, ի՞նչ է պատահեր…

Եւ Լուսիկը կարեկցաբար մօտեցաւ տղուն։

Երկար պատմութիւն է, օրիորդ Լուսիկ, նախ եւ առաջ պէտք է հանգստացնել եւ…

Անշուշտ, անշուշտ, ես քեռիիս սենեակը կարգի դնեմ մէկ, ու աղջիկը արագ մտաւ Գալուստի սենեակը:

Տէ՛, իմ գործս վերջացաւ, ես պիտի վերադառնամ դիւքեանս (խանութ)։ Բժիշկ, չըսի՞, որ ես գիտեմ թէ ո՞ւր պէտք է տանիլ, ինքնաբաւականութեամբ ծիծաղեցաւ Սէրգէյը, Վարդուհի, Գալուստին բարեւ ըրէ։

Անգամ մը Խորում-Պուլախ իջէք՝ մէկտեղ ճաշենք… Է՜, ես գացի։

Երբ բժիշկը Լուսիկի օգնութեամբ պառկեցուց Վարդանը Գալուստի անկողնին մէջ, անմիջապէս դեղագիր մը գրեց եւ կառապանին հետ ճամբեց Ասթաֆեան փողոցի վրայ գտնուող դեղարանը։

Գնդակը բաւական խոր մխրճուած էր ազդրի վերի կողմը, ոսկորին մօտ։ Բժիշկը միայն վէրքը լուաց, երկար սպեղանի մը կոխեց բացուածքին մէջ եւ երեկոյեան գալու խոստումով մեկնեցաւ՝ պատուիրելով Լուսիկին, որ եթէ Վարդանի տաքութիւնը բարձրանայ, սրուակի դեղէն դգալ մը տայ, ժամը անգամ մը։

Վարդանը անկողին իյնալուն պէս քնացաւ։ Երկու կիները, ատեն մը քովը նստելէն վերջ, դուրս եկան բակը։

Երթամ՝ Գալուստ մօրեղբայրը կանչեմ, ըսաւ Լուսիկը, Մայրի՛կ, դու հիւանդին քով մնացիր։ Երանի՜ մօրեղբայրը դուրս գացած չլինէր… սիրտս այնպէ՜ս անհանգիստ է։

Պալա՛մ, հիմա ո՞ւր պիտի գտնաս քեռիդ… ո՞վ գիտէ՝ որտե՜ղ է…

Ես կը գտնա՛մ, Եւ Լուսիկը գլխարկը դնելով աճապարանքով փողոց ելաւ։

Հեշտ էր ըսելը թէ կը գտնայ։ Երբ Լուսիկը Ասթաֆեան փողոցի անկիւնը հասաւ, քանի մը վայրկեան հոն կեցաւ ու մտածեց։ Արդեօք քաղաքայի՞ն այգին երթար, թէ՞ Թեմական Վարժարանը, ուր երբեմն կը լինէր Գալուստը՝ ընկեր ուսուցիչներուն հանդիպելու համար։

Լուսիկը գլուխը շարժեց վճռական ձեւով մը եւ դէպի քաղաքային այգին քայլերն ուղղեց։ Բժիշկ Տէր Յակոբեանի տունը ճամբու վրայ էր։ Բժիշկը Գալուստի մօտ ընկերն էր, գործակիցը. անշուշտ կը գիտնայ Գալուստի տեղը, թերեւս նոյնիսկ բժիշկի մօտ լինէր ան։

Տէօտինկա (մօրաքոյր) բժիշկը տո՞ւնն է։

Չէ՛, պալամ, երէկ երեկոյեան կողմ կանչեցին Փարաքարէն, դեռ չէ եկած… Գիտնաս թէ որքա՜ն անհանգիստ եմ… Ինչո՞ւ ուշացաւ տղաս…

Տէ, բա՜ն չկայ տէօտինկա, բժիշկ է, երբեմն կ’ուշանայ… մօրեղբայրս հոս եկա՞ւ։

Չէ, պալամ էսօր չեկաւ։ Հա՛, Լուսիկ, լսեցի՞ր, կ’ըսեն՝ Ղանթարի տակը բունդ (խռովութիւն) եղեր է, ճշմարի՞տ է, ու բժիշկի մայրը ձեռքերը սկսաւ տրորել։

Չէ՛, չեմ լսած, նոր տնէն դուրս եկայ, եւ Լուսիկը աճապարեց փողոց ելլել, այդ ի՞նչ բունդի մասին էր Տէօտինկայի խօսքը։

Առա՛ջ, Լուսիկը չէր նկատեր։ Իսկապէս որ քաղաքը զարմանալի կերպարանափոխութիւն մը ստացեր էր։ Քաղաքային այգիի քէօշկը (տաղաւար) գրեթէ դատարկ էր։ Այգիի մէջ ժուռ եկողներ չկային։ Խանութները թէեւ բաց՝ բայց սովորական կենդանութիւնը կը պակսէր։ Մինչեւ «Օրիանտ» հիւրանոցի տակ հասնելը՝ Լուսիկը հանդիպեցաւ զինուորներու երկու խումբի, որոնք ծանր ու չափուած քայլերով կ’անցնէին պազարի մէջէն, սպաներու առաջնորդութեամբ։

Օրիանտ հիւրանոցի տէրը հեռուէն հեռու ազգական կուգար Գալուստին։ Միակ տանելի հիւրանոցն էր Երեւանի մէջ։ Լուսիկը ներս մտաւ ու պարտէզին մէջէն անցաւ ճաշասրահը։ Սովորաբար այդ ճաշարանը օրուան ոեւէ ժամանակ լեցուն կը լինէր քէֆ ընողներով։ Հազիւ քանի մը սեղաններ բռնուած էին, իսկ տէրը, մուտքի մօտ սեղանի մը առջեւ նստած, գինի կը խմէր։ Երբ տեսաւ Լուսիկը, անմիջապէս ոտքի ելաւ մօտեցաւ։

Հը, Լուսիկ, խէր լինի…

Բան չկայ, քեռի՛, Գալուստը հոս եկա՞ւ…

Չէ՛, ի՞նչ կալ որ…

Ոչինչ, կ’ուզէի զինքը գտնալ, Եւ Լուսիկը յանկարծ ետ դարձաւ։

Աղջի, կեցիր, հիւրանոցի տէրը աճապարեց աղջկան հասնիլ։

Երբ հիւրանոցի մուտքի դրան առջեւ իրարմէ պիտի բաժնուէին, աղջիկը խնդրեց.

Եթէ Գալուստին հանդիպիս, ըսէ անմիջապէս, որ տուն թող գայ։

Կեցիր, Լուսիկ, հիմա ո՞ւր կ’երթաս։

Էսպէս վար կ’երթամ, դէպի Ղանթարի կողմը, թերեւս հանդիպիմ։

Չէ՛, անմիջապէս տուն գնա. ան կողմի խանութներէն շատեր գոցուած են… դէպք է պատահեր, ու ձայնը ցածցնելով շարունակեց, Պոնտոլովսկին իր երկու հետեւորդներով շանսատակ եղեր է Էջմիածնի ճամբուն վրայ… Կ’ըսեն երիտասարդ տղայ մըն է խփողը… Զինուորները ետեւէն են ինկած, բայց ան, թէեւ վիրաւորուած փախեր է այգիները ու վերջէն ինքզինքը քարաժայռէն վար է նետեր ու կտոր կտոր եղեր… Լաւ է՝ տուն վերադառնաս… շները կատղեր են… շուտով քաղաքի մէջ պատերազմական վիճակ պիտի յայտարարուի։

Վերջին բառերը չլսեց Լուսիկը։ Առանց մնաք բարովի հեռացաւ եւ, որքան որ կրնար արագացուց քայլերը։ Հազիւ թէ Քաղաքային պարտէզէն Ասթաֆեան փողոցը դարձաւ, երբ յանկարծ Գալուստը տեսաւ ոստիկանի մը եւ երեք զինուորներու հետ, որոնք դէպի ոստիկանատուն կը տանէին զայն։ Լուսիկի ծունկերը դողացին, եւ վար չիյնալու համար կրթնեցաւ խանութի մը փեղկին։ Վայրկեան մը ուզեց անոնց հետեւիլ, նոյնիսկ քանի մը քայլ առաւ, բայց յանկարծ նոր սարսափէ մը բռնուած՝ քարացածի նման կեցաւ։ «Կ’ըսեն երիտասարդ տղայ մ’է խփողը… վիրաւորուած է…»։ Այլեւս ամէն ինչ պարզ էր Լուսիկի համար։ Այնքան պարզ, որ աղջիկը սարսափեցաւ իր ենթադրութենէն… Առաջին հանդիպած կառքի մը մէջ նետուեցաւ եւ խնդրեց կառապանին, որ շուտով տուն հասցնէ զինքը։ «Տուն, տուն» կը մրմնջէր ինքնիրեն, «եթէ միայն ժամանակին հասնիմ… Տէ՜ր Աստուած, եթէ միայն ժամանակին հասնիմ»։

Լուսիկի մայրը Վարդանի գլխավերեւը նստած, հանդարտօրէն գուլպայ կը կարկտէր, երբ Լուսիկը ներս մտաւ։ Մայրը գլուխը բարձրացուց եւ աղջկանը նայեցաւ.

Հը՞, ի՞նչ կայ, Լուսիկ, եւ ձեռքի գործը աթոռի մը վրայ նետելով՝ մօտեցաւ աղջկանը, ի՞նչ է պատահեր քեզի… այդ ի՞նչ դէմք է… ձեռքս ոտքս դող հանեցիր…

Մայրիկ, պաղատեցաւ աղջիկը՝ մօրը այլայլած դէմքը տեսնելով, բան չկայ, մայրիկ, վայրկեան մը թող մտածեմ, ու աթոռի մը վրայ իյնալով՝ գլուխը ձեռքերուն մէջ առաւ։

Ժամանակ չկար կորսնցնելու։ Պէտք էր Վարդանը կերպով մը թագցնել։ Ոստիկանութիւնը եթէ Գալուստը ձերբակալած էր, անշուշտ տունը խուզարկելու պիտի գային։ Թերեւս արդէն ճամբայ ելած էին. կամ ո՞վ գիտէ, թերեւս տան դրան առջեւ էին: Վտանգի անխուսափելիութիւնը կարծես թէ ամրացուց Լուսիկի ջիղերը, վճռականութիւնը։ Ոտքի ցատկեց եւ պատուհանէն պոռաց.

Աբրահա՛մ։

Հրամանք ես, խանում…

Անմիջապէս կ’երթաս բժիշկ Տէր Յակոբեանին տունը եւ հոն կը սպասես, մինչեւ որ ես գամ…

Հրամանք ես, խանում…

Տէ շուտ, եւ Լուսիկը անհամբերութեամբ ոտքը գետին զարկաւ, դեռ հո՞ս ես… 

Հրամանք ես, խանում, Եւ Աբրահամը ոտքերը քսքռտելով դանդաղօրէն անցաւ, բակէն ու անմիջապէս վերջը լսուեցաւ փողոցի դրան գոցուելու ձայնը։

Մայր ու աղջիկ սենեակին մէջ դէմ դիմաց կանգնած մնացին։ Ի՞նչ կը նշանակէր այս բոլորը. Տիկին Վարդուհի բոլորովին սպրթնած դէմքով կը նայէր աղջկանը՝ անկէ բացատրութիւն մը սպասելով։

Մայրիկ, վերջապէս բերանը բացաւ Լուսիկ, եւ առանց շարունակելու սկսաւ Վարդանի զգեստները, կօշիկը, դեղերու սրուակները սաւանի մը մէջ հաւաքել.

Աղջիկ խենթեցա՞ր, ի՞նչ կ’ընես, ալ բոլորովին ինքնիրմէ ելած մայրը մօտեցաւ աղջկանը, ինչո՞ւ կը հաւաքե՞ս…

Մայրիկ հիւանդը անմիջապէս պէտք է տեղափոխել, անուշիկ մայրիկս, օգնէ ինծի, ու աղջկան ձայնին մէջ այնպիսի պաղատանքի շեշտ մը կար, որ տիկին Վարդուհին ծունկերը ծեծելով՝ ինկաւ աթոռի մը վրայ եւ հազիւ լսելի ձայնով մը հարցուց.

Լուսիկ, խենթեցա՞ր, որ քեռիդ լսէ՝ ի՞նչ պիտի…

Մայրիկ ջան, միեւնոյն բանը ինքը պիտի ընէր, է սէր Աստուծու օգնէ ինծի… քաղաքին մէջ ընդհանուր խուզարկութիւն մը սկսեր է արդէն։ Թերեւս շուտով կուգան…

Վարդանը մեռելի մը նման անխռով քնած էր։ Մեծ դժուարութեամբ մայր ու աղջիկ կրցան արթնցնել զայն։ Աչքերը տրորելով կը նայէր աղջկան անգիտակից հայեացքով մը. այս որտե՞ղ էր, ինչո՞ւ կ’անհանգստացնէին զինքը։

Պարոն Վարդան, շո՛ւտ, պէ՛տք է ելլէք…

Տղան զարմացած՝ աղջկանը կը նայէր։ Հիմա կը յիշէր արդէն այդ օրուան դէպքերը, ո՛ւր գտնուիլը։ Մեղմօրէն ժպտաց աղջկան։ Անշուշտ կը յիշէր անոր դէմքը… Ու կոպերը ծանրացան, աչքերը խփուեցան։

Պարոն Վարդան, ի սէր Աստուծու, պէտք է ելլէք…

Տղան աչքերը ակամայ բացաւ, ու առանց խօսելու հարցական ձեւով մը նայեցաւ Լուսիկին։

Քաղաքի մէջ ընդհանուր խուզարկութիւն մը սկսուած է… Անշուշտ հոս ալ պիտի գան… ձեզ ապահով տեղ մը պիտի փոխադրենք հիմա… Ի սէր Աստուծու, ինքզինքնիդ հաւաքեցէք։

Խուզարկութի՞ւն։ Վարդանը անմիջապէս փորձեց արմուկին վրայ բարձրանալ, բայց այնպիսի անտանելի ցաւ մը զգաց, որ յուսահատօրէն ինկաւ բարձին վրայ՝ մրմնջելով.

Թողէ՛ք զիս… չեմ կրնար շարժիլ… Թողէք զիս… ի՛նչ կ’ուզէ պատահի…

Մայրիկ, օգնէ՛, Եւ աղջիկը առանց այլեւայլի՝ բարակ վերմակը նետեց վիրաւորի վրայէն եւ մօրը օգնութեամբ գուլպաները եւ գիշերանոց մը հագցուց Վարդանին, որ փոքր երեխայի մը նման հնազանդ կը հպատակէր, թէեւ սարսափելի ցաւեր կը զգար։

Լուսիկը մէկ ձեռքով Վարդանի զգեստներու ծրարը բռնեց եւ միւսով տղու թեւը մտաւ, մինչ մայրն ալ, թեւին տակ բարձ մը ու վերմակ մը սեղմած, վիրաւորի միւս թեւը մտաւ։

Որքան ալ որ Վարդանը սարսափելի ցաւեր կը զգար ամէն մէկ քայլը փոխելուն, բայց գուլպաներով ու գիշերանոցով փողոց ելլելու միտքին սկսաւ ծիծաղիլ։

Այս ո՞ւր, այս վիճակին մէջ…

Բայց Լուսիկը չպատասխանեց։ Փոխանակ դէպի տան դուռը երթալու դէպի պարտէզ առաջացաւ եւ ջրհորի քով կանգնեցաւ։

Լուսի՛կ, ապա հիմա ինչպէ՞ս…

Առաջ ես կ’իջնամ… վերջէն Վարդանը…

Լուսիկը անմիջապէս մէկ ոտքը ջրհորի դոյլին մէջ դրաւ ու ամուր մը բռնեց շղթայէն, մինչ մայրը կամաց կամաց սկսաւ անիւը դարձնել։

Բաւական է, ջրհորէն լսուեցաւ Լուսիկի ձայնը։

Վարդանը՝ զարմանք կտրած՝ կը դիտէր այդ անօրինակ գործողութիւնը. մի՞թէ ինքն ալ վար՝ ջրհորը պիտի իջնար, ու յետո՞յ…

Տիկին Վարդուհին անիւը դարձուց եւ դոյլը վեր քաշեց նորէն։

Մայրիկ, կապոցն ու վերմակը, քիչ վերջը նորէն լսուեցաւ Լուսիկի ձայնը։

Կարծեմ՝ կարգը ինծի կուգայ, մեղմօրէն ժպտեցալ Վարդանը։

Ապահով տեղ է, տղաս, վստահացուց տիկինը։

Ամբողջ տունը տակն ու վրայ ընեն՝ քեզ չեն կրնար գտնալ։

Յանկարծ դրսի դուռը սկսան ծեծել։ Թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք, այնպէս ուժով կը խփէին, որ կարծես դուռը պիտի կոտրէին։ Թա՛ք, թա՛ք, թա՛ք։ Լուսիկի մօր ձեռքն ու ոտքը դող ելան, գլուխը կախեց ջրհորին մէջ ու պոռաց.

Լուսիկ, դուռը կը ծեծեն…

Ոչ մէկ պատասխան Լուսիկէն։ Դրսի դուռը ա՛լ աւելի ուժով կը ծեծէին.

Աղջի, Լուսի՛կ։

Ի՞նչ է, մայր։

Դուռը կը ծեծեն…

Վարդանը վար տուր, մայրիկ ջան… շո՛ւտ ըրէ…

Բայց տիկին Վարդուհին այնպէս կը դողար, որ հազիւ թէ անիւը կարողանար դարձնել։ Վախն ու սարսափը ջլատեր էին զինքը։

Դրսէն շարունակ դուռը կը ծեծէին։

Մայրիկ, Վարդանը…

Տիկին Վարդուհին գլուխը ջրհորի վրայ կախած անճարացած մնացեր էր, կարծես կաթուածահար եղած լինէր։

Մայրիկ, մայրի՛կ ջան, ի՞նչ կ’ընես, ի սէր Աստուծու… լսուեցաւ Լուսիկի աղէկտուր ձայնը։

Աղջկան յուսահատ կանչը սթափեցուց տիկին Վարդուհին, որ գերագոյն ճիգով մը ինքզինք հաւաքեց. ու մատով դոյլը ցուցնելով Վարդանին, ըսաւ.

Մտի’ր, տղաս, Աստուած հետդ…

Զգացած ցաւէն, ատամները ամուր մը սեղմած, Վարդանը մէկ ոտքը դոյլին մէջ դրաւ ու շղթայէն բռնեց։ Կամաց կամաց վար կ’իջնար։ Ո՞ւր կ’երթար։ Պայծառ լոյսէն յանկարծ խաւարի մէջ մտած, գրեթէ ոչինչ կը տեսնէր։ Մէկ ալ զգաց որ մէկը փէշէն բռնած կը քաշէ։ Բացուած ծակի մը մէջէն ճրագի աղօտ լոյս մը տեսաւ, ու դէպի իրեն երկարած ձեռք մը։ Դոյլը քաշուեցաւ ջրհորի կողին մէջ բացուած ծակին մօտ, ու մեղմ ձայն մը լսեց.

Ամուր բռնեցէք… մի՛ վախնաք… դոյլի շղթան ձգեցէք… հա՛ էստեղ, ոտքերնիդ էստեղ գրէք, գլուխնիդ ծռեցէք, ու Վարդանը զգաց որ աղջիկը անութներու տակէն բռնած զինք նեղ ծակէ մը ներս կը քաշէր։

Հազիւ մէկ երկու ոտք խորութեամբ նեղ ծակին կը յաջորդէր ընդարձակ սենեակ մը։ Վարդան, ժամանակ չունեցաւ չորս բոլորը նայելու։

Հիմա, մնա՛ք բարով, ա՛յ, վերմակին վրայ կրնար հանգստանալ, քիչ վերջ մոմը մարեցէք։ Որքան կարելի է շուտով կուգամ, բոլորովին ապահով տեղ է… պակեցէք եւ աշխատեցէք քնել… Ու Լուսիկը ապշած Վարդանը հոն ձգելով ծակին մօտեցաւ, ու անմիջապէս աներեւութացաւ տղու աչքէն։

Աղջիկ Լուսիկ, Լուսիկ…– կը ձայնէր յուսահատ տիկին Վարդուհին, աղջի դուռը կը կոտրեն…

Եկա՛յ, եկայ Մայրիկ։

Այդ ջրհորը տարիներ առաջ փորուած էր, Գալուստի հօր կենդանութեան ժամանակ։ Տեղի բարձրութեան պատճառով ջրհորը շատ խոր էր, աւելի քան քառասուն ոտք։ Թրծուած աղիւսէ հիւսուած էր չորս բոլորը։ Երբ ազգային շարժումը հետզհետէ զարգացաւ ու գործնական ձեւ մը ստացաւ, գաղտնի պահեստներ ունենալու պահանջը ստիպեց Գալուստը, որ մտածէ այդ ջրհորը կերպով մը օգտագործելու մասին։

Շաբաթներ աշխատելէ վերջ, քրոջն ու Լուսիկին ծանօթացոյց պահեստի կազմութեան։ Առաջնակարգ երկաթագործ մը լինելով՝ Գալուստ յաջողեցաւ մուտքի դուռ մը բանալ հորի բերնէն տասնեւչորս ոտք վար, երկու ոտք լայնքով եւ երեք ոտք բարձրութեամբ։ Քանդուած տեղի աղիւսները նորէն իրենց նախկին վիճակով շարեց ու սիմէնթով միացուց իրարու։ Ներքին պահեստը փորեց ու ընդարձակեց միջակ սենեակի մը մեծութեամբ՝ հաստատուն սիւներու վրայ պահելով վրայի հողը։

Այդ գաղտնի պահեստի մասին ոչ ոք գիտէր, ոչ իսկ Գալուստի գործակից ընկերները։ Միայն քոյրը եւ քրոջ աղջիկը տեղեակ էին։

Ահա՛ այդ գաղտնի պահեստին մէջ էր որ գտաւ ինքզինքը Վարդանը։ Տքալով երկնցաւ վերմակին վրայ, կէսը վրան քաշեց, մոմը մարեց ու հազիւ թէ գլուխը բարձին դրած՝ քնացաւ։

-------------

Այս դէպքէն շաբաթ մը անցած, Վարդանը փոխադրած էին Նորք։ Շատ ընդարձակ սենեակ մ’էր, ուր կ’ապրէր Վարդանը, երեք կողմերէն լուսաւորուած լայն պատուհաններով: Տունը շրջապատող ծառերու արանքէն կերեւային Մասիսը ու Երեւան քաղաքը, որոնք կարծես անմիջապէս սենեակի պատուհանին տակ փռուած լինէին:

Վարդանը՝ երկնցած մաքուր անկողնի մը վրայ՝ կը թղթատէր գիրք մը։ Յանկարծ գիրքը գոցեց, վեր ելաւ, պառկած տեղէն, թեթեւ մը կաղալով մօտեցաւ սենեակի ճակատը դրուած դիւանին, երկնցաւ վրան ու արմուկը յենած պատուհանին՝ խոր զմայլանքով սկսաւ դիտել տեսարանը։ Վարդանը զգալապէս նիհարցած էր ու քիչ մ’ալ գունաթափ, բայց այլապէս պահած էր իր կորովն ու աշխուժը։

Դուռը կամաց մը բացուեցաւ ու սիրուն, մանկամարդ աղջկան մը գլուխը երեւցաւ դրան բացուածքին մէջէն.

Ելա՞ծ Էք անկողնէն։

Վարդանը ժպտելով գլուխը շարժեց.

Եկայ տեսնելու թէ… հիմա կը վերադառնամ…

Քիչ անցած՝ տարէց կին մը դուռը ամբողջովին բացաւ եւ նոյն աղջիկը, ծանր ափսէ մը գրկած ներս մտաւ եւ տղուն առջեւ աթոռակին վրայ տեղաւորեց ափսէն։

Ճաշի ժամանակ է, մեղմօրէն ըսաւ աղջիկը բարի ժպիտով մը՝ ցուցադրելով կիսաբաց շրթունքներու արանքէն ճերմակ ատամներու շարք մը։

Բայց այս որքա՜ն բան էք բերած, նեղուեցաւ Վարդանը։

Իրօք, ափսէին վրայ այնքան շատ տեսակ կերակուրներ կային, որ քան է մը քաջառողջ մարդիկ կրնային կշտանալ եւ դեռ բան մ’ալ կ’աւելնար։ Այդ պարագան մեծապէս կը մտահոգէր Վարդանը։ Յովհաննէս Ամուն, որու տունը փոխադրած էին զինք, օր մը ջրհորի մէջ մնալէն վերջ, Նորքեցի աղքատ գիւղացի մ’էր։ Գիւղի եռանդուն եւ զոհաբերող «ազգային» մարդոցմէն մէկը, Յովհաննէս Ամուն, ոգեւորութեամբ ընդունած էր Վարդանը պահելու առաջարկը։ Այդքանը ինքնին մեծ զոհաբերութիւն մ’էր այդ խեղճ մարդուն համար։ Վարդանը սաստիկ ճնշուած կը զգար նկատելով, որ Յովհաննէս Ամուն իր պատճառով ահագին ծախսի տակ մտած էր։ Ամէն օր տապակած հաւ, սեր, մեղր, խորոված միս անպակաս էին սեղանէն։ Խեղճ ծերունին յատկապէս Էջմիածին գնացեր էր տասնեւութ տարուան, ինչպէս ինքը կ’ըսէր, միւռոնի նման շիշ մը գինի բերելու, որ իր կարծիքով հրաշք պիտի գործէր՝ քանի մը օրէն Վարդանը ոտքի հանելով։

Հը՛, էս օր կ’երեւի լաւ կը զգաս, բարեւելով ըսաւ Յովհաննէս Ամուն՝ դռնէն ներս մտնելով, քաղաքէն կուգամ, բժիշկը տեսայ, քիչ վերջը պիտի գայ քեզ տեսնելու։

Շատ լաւ կը զգամ, Յովհաննէս Ամու, կարծեմ մէկ երկու օրէն բոլորովին կը կազդուրուէմ։

Ցը, ցը, տարակուսանքով գլուխը շարժեց բարի

ծերունին, էդ արդէն բժշկի գիտնալիքն է, դու միայն լաւ եւ շատ սնունդ առնելու մասին պէտք է մտածես…

Սնո՞ւնդ, ու Վարդանը յուսահատաբար նայեցաւ ափսէի մէջ շարուած բազմաթիւ պնակներուն. Սիրելի Ամու, էսպէս որ երթայ իմ պատճառով տունդ եւ այգիդ ծախելէ վերջ, վրայի արխալուխդ ալ…

Տէ՜ր ողորմեա, որպէս թէ չարացած բարկացաւ ծերունին, քեզի ի՞նչ թէ ես ինչ կ’ընեմ, դու պէտք է բժշկի պատուէրը…

Բժշկի պատուէրը կատարեմ քեզի սնանկացնելո՞վ, ծիծաղեցաւ Վարդանը, ջերմօրէն սեղմելով ծերունիին ձեռքը։

Բայց իրապէս, եղած ծախսի մասին Վարդանը շատ ալ մտահոգուելու պատճառ չունէր։ Որպէս թէ իր Նորք գտնուիլը գաղտնիք մը պիտի լինէր, բայց գալու յաջորդ օրն իսկ ամբողջ գիւղացիք այդ գաղտնիքին մասնակից էին՝ գիտէին թէ ո՞վ թագնուեր է Յովհաննէս Ամուի մօտ։ Բնականաբար կիները ուխտատեղի մը դարձուցած էին այդ տունը։ Անշուշտ պարապ ձեռքով չէին կրնար գալ, ինչպէս չէին երթար ուխտատեղի մը. ամէն մէկը իր տան բարիքէն մաս մը բաժին կը հանէր «անոր» համար, որու մասին կը խօսուէր ամբողջ Արարատեան դաշտի գիւղերուն մէջ։

Բայց եթէ գիւղացի մը իր գեղուորներէն գաղտնիք մը չի կրնար պահել, գիւղ մը մօտաւոր գիւղէն կրնար։ Այնպէս որ ամէն Նորքեցի նախանձախնդիր էր «գաղտնիքը» մէջտեղ չհանելու, որ արդէն ամբողջ գիւղին կը պատկանէր, համայնական սեփականութեան պէս բան մը։

Կէս օրէ ետք, կէս ժամուան հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքէն Լուսիկը եկաւ այցելութեան: Բերած լուրերը շատ ալ մխիթարական չէին: Գալուստը դեռ բանտը կը մնար։ Երեւանէն երեք տղամարդ եւ կին մը վարչական կարգով աքսորուած էին Ռուսաստանի խորքերը։ Ոստիկանութիւնը երկու անգամ խուզարկած էր Գալուստի տունը, բայց կասկածելի ոչինչ գտած էր: Իսկ Վահէի եւ Մաթոսի մասին Լուսիկը այսքան մը գիտէր, որ անոնք Պոնտոլովսկին սպաննելու անյաջող փորձէն յետոյ փախեր էին դէպի Փարաքար ու առանց գիւղ մտնելու՝ անցեր էին անծանօթ ուղղութեամբ։

Իսկ հիմա Վահէն որտե՞ղ է, հարցուց Վարդանը։

Ճիշդը չեմ գիտեր, այս վերջի օրերս մեր տունը մշտական հսկողութեան տակ գտնուելով՝ ամէնքը կը խուսափին մեզ այցելելէ։

Արեւմուտի ժամանակ, երբ Վարդանը տնեցիներու հետ նստած կը խօսակցէր, սանդուխներէն բարձրացող բազմաթիւ ոտքի ձայներ լսուեցան։ Անմիջապէս դուռը բացուեցաւ ու բժշկի հետ ներս ինկան Վահէն, Գէորգն ու Մաթոսը։

Լաւ օյին խաղացիր մեր գլխուն, ըսաւ Վահէն, երբ բոլորն ալ Վարդանը ջերմօրէն համբուրելէ ետքը տեղաւորուեցան անոր շուրջը, մենք Նորագաւիթ մնացինք այդ գիշեր, ու վայ այն քնելուն, որ քնացանք։ Մեր անյաջողութիւնը այնպէս վատ ազդեր էր, որ ամբողջ գիշերը աչքերս չկրցայ փակել, իսկ Մաթոսը պատուհանի առջեւ նստած մինչեւ լոյս ծխեց, ամէն տեսակ հայհոյանք թափելով փճացած փամփուշտի հասցէին։ Առտու կը նախաճաշէինք, երբ գիւղացի մը, ներս մտաւ թէ՝ «մուժտուլուխս տուէ՛ք, Պոնտոլովսկին սատկեր է»։ Մաթոսն եւ ես զարմացած իրարու նայեցանք»…

Ո՞վ գիտէ կը մտածեմ իւրովի, թերեւս մեր արձակած գնդակներէն մէկն ու մէկը դպեր է, թէեւ ես շատ որոշ կերպով տեսայ, թէ ինչպէս Պոնտոլովսկին կառքէն վար ցատկեց եւ մօտեցաւ պատին։ Լրաբեր գիւղացին այնպիսի առասպելախառն պատմութիւն մը կը պատմէր, որ անհնար էր բան մը հասկնալ։ Կ’ըսէր, թէ երիտասարդը, սպաննելէ ետքը «գազանը», ինքզինքը վար նետեր է հարիւր ոտք բարձրութեամբ ժայռէ մը եւ անյայտացեր։ Բայց երբ ան պատմեց, թէ ինչպէս ցրիւ էր եկած Պոնտոլովսկիի գանկը որսորդական հրացանի մը մանր արճիճներէն, այն ժամանակ միայն հասկցանք գաղտնիքը։

Բայց ինչո՞ւ չհեռացար, ինչպէս պատուիրած էինք քեզ, մեղմ յանդիմանութեամբ մը հարցուց Մաթոսը, չէ՞ որ քու անխոհեմութիւնդ կրնար շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ…

Ես ալ չեմ գիտեր, կարծես գամուած լինէի նստած տեղս, կ’ուզէի անգամ մը տեսնել «գազանը»։ Իսկ երբ կառքով անցաւ առջեւէս ու մօտեցաւ ձեր դիրք բռնած տեղին, ամէն բան մոռցայ եւ կ’ուզէի անոր իյնալը տեսնել, պատասխաներ Վարդանը, որ զգաց, թէ՛ Մաթոսի նկատողութիւնը արդարացի էր։

Ապրի՜ս, Վարդան, ըսաւ Վահէն՝ անոր ուսը ծեծելով, կարգապահ կամ ոչ-կարգապահ՝ իսկական տղամարդու նման գործեցիր, ապրիս։

Աւելորդ է ըսել, թէ ամենէն աւելի Վահէն էր որ կը հպարտանար Վարդանի այնքան յանդուգն քաջագործութեամբ, պարապ տեղը չէր ուրեմն, որ առաջին իսկ հանդիպումին լաւ տպաւորուած էր երիտասարդէն եւ կրցած էր գնահատել անոր հոգեկան ու մտաւոր արժէքը։

Վարդանի ձեռքը ափին մէջ առած՝ Գէորգը նստած էր քովը՝ առանց բառ մը արտասանելու: Տարօրինակ ժպիտ մը կը խաղար անոր դէմքին վրայ։ Նահատակ հօրը վրէժը առնուած էր, ամբողջ գաւառ մը ոտքին տակ տրորող գազանը իր արժանի պատիժը գտած էր այդ նորահաս երիտասարդին ձեռքով, որ հաւանաբար հաւ մ’իսկ չէր մորթած կեանքին մէջ։

Երբ ոտքի ելնես, մեղմօրէն ըսաւ Գէորգը, գիւղ պիտի գաս, մայրս կ’ուզէ քեզ տեսնել…

Վարդանը սաստիկ զգածուած Գէորգի ձեռքը սեղմեր։

Երբ տնեցիք դուրս եկան սենեակէն, բժիշկ Տէր Յակոբեանը խնամքով քննեց Վարդանի վէրքերը։ Դէմքի եւ ձեռքերու կտրուածքները գրեթէ սպիացեր էին, անկումի հետեւանքով մէջքի եւ կողերուն տրորուած ու կապուտցած տեղերը հետզհետէ կ’անհետանային։ Առաջին գալուն, փոքր գործողութիւնով մը բժիշկը դուրս բերած էր գնդակը, հիմա վէրքի բերանը կը գոցուէր։

Վեց եօթ օրէն ոտքի կ’ելլես ու կրնաս երթալ՝ ուր որ ուզես, ըսաւ բժիշկը ժպտալով։

Այդ խօսքերուն վրայ, Վարդանը յարմար առիթ համարեց խօսք բանալ երկար ատենէ ի վեր փայփայած իր ծրագրի մասին։ Դեռ Թիֆլիս գտնուած ժամանակ, վանքի դէպքէն վերջը, մեծ յեղաշրջում մը կատարուած էր իր մտածողութեան մէջ։ Թանկագին ընկերոջ՝ Արմ. Յարութիւնեանի գերեզմանին մօտ նստած՝ ժամերով մտածեր էր ապագայի, իր ընելիքի մասին։ Այն ժամանակ երկընտրանքի մը առջեւ կը զգար ինքզինքը՝ երթալ արտասահման, ուսումը շարունակել ու ապա վերադառնալ ժողովուրդին ծառայելո՞ւ, թէ՞ ունեցածը բաւ համարելով, անմիջապէս նետուիլ յեղափոխական շարժման մէջ։ Երբ Թիֆլիսէն մեկնեցաւ, իրեն համար բաւական պարզ չէր, թէ այդ երկու ճամբաներէն ո՞ր մէկուն պիտի հետեւէր։ Այդ մասին էր կ’ուզէր խօսիլ Վահէի հետ, երբ Սարգիս Աբօր ողբերգութիւնը պատահեցաւ։ Վերջին դէպքերը, մանաւանդ Սարգիս Աբօր ծեծի տակ մահանալը այնքան խոր կերպով ազդեցին Վարդանի զգայուն սրտին վրայ, որ ան որոշեց ինքզինք ամբողջովին նուիրել հայ ժողովուրդի ազատագրական շարժումին։ «Ի՞նչ իմաստ ունի», կը մտածէր, «երթալ արտասահման բարձրագոյն կրթութեան համար, երբ հարիւրաւոր Պոնտոլովսկիներ կը շարունակեն վարել հայ ժողովուրդի ճակատագիրը»։

Երկիր անցնելու որոշում տուած ժամանակ, Վարդան կը դժուարանար նոյն իսկ ինքնիրեն խոստովանիլ, թէ այդ որոշման յանգելուն մէջ Սոնիան կորսնցնելու պարագան ալ որոշ դեր կատարած էր։ Որքան ալ որ կ’աշխատէր չյիշել անցեալը, մոռնալ ամէն բան որ կապուած էր Սոնիայի հետ, նորէն առանձին մնացած ատեն ժամերով կը տարուէր այն երազային օրերու յիշողութեամբ, երբ երկուքն ալ իրարու մէջ միայն կը գտնային կեանքի իմաստը: Խոր վէրք մը, համր ու կսկծագին, կ’արիւնէր սիրտը։ Սոնիան ընդ միշտ կորած էր իրեն համար, թերեւս Թիֆլիսի մէջ հիմա հարսանիքի պատրաստութիւններ կը տեսնային։ Ասով մէկտեղ ամէն ժամանակէ աւելի սիրտն ու հոգին լեցուած կը զգար Սոնիայով։

Երկիր անցնելու որոշում տուած ժամանակ , պարագայ մը զինք անհնարին չափով տառապեցուց։ Զինք հոգեպէս ճնշող ցաւը, իր ծնողքի վիճակն էր։ Տան միակ մանչ զաւակն էր ինքը, անոնց ծերութեան յոյսն ու մխիթարութիւնը։ Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի տանէին այդ ծանր հարուածը։ Ճիշդ է, որ Եւգինէն կը մնար, բայց մայրը պիտի կրնա՞ր հաշտուիլ Վարդանը կորսնցնելու գաղափարին հետ։ Վարդան քանի այս մասին կը մտածէր, այնքան իր տառապանքը կը բազմապատկուէր, թէեւ յուսահատ վճռականութեամբ կառչած կը մնար տուած որոշումին։

Փարաքար գտնուած ժամանակ, երբ Վահէն եկաւ, Վարդանը յայտնեց որ հետը կարեւոր խօսելիք մ’ունի։ Բայց ինչպէս վերը յիշեցինք, ժամանակ չունեցաւ: Կար եւ ուրիշ պատճառ մը։ Ամէն անգամ, երբ կ’ուզէր այդ հարցի մասին խօսիլ, խնդրել Վահէին որ համաձայնի զինքը միասին Երկիր տանիլ, համարձակութիւնը կը կորսնցնէր՝ ինքզինք շատ աննշան, շատ անփորձ երիտասարդ մը համարելով։

Երբ բժշկի քննութենէն յետոյ, Վարդանը յայտնեց, թէ կ’ուզէ կարեւոր հարցի մը մասին խօսիլ, ընկերները հաւանուեցան չորս բոլորը՝ լսելու անոր ըսելիքը:

Ես պիտի խնդրէի, շփոթած սկսաւ Վարդանը, որ համաձայնէիք իմ Երկիր անցնելուն։ Անշուշտ կը զգամ, որ յանդուգն խնդիրք մըն է իմս, անփորձ եմ, գործին անտեղեակ, բայց աշխատելու եւ զոհաբերութեան պատրաստ։ Ձեր ղեկավարութեամբ կը յուսամ թէ օգտակար կը լինիմ գործին։ Ես… ես այլեւս հոս չեմ կրնար մնալ, ոչ ալ ուսանելու երթալ…– ու չկրնալով խօսքը վերջացնել՝ լռեց։

Ընկերները իրարու նայեցան անակնկալի եկածի նման։ Միայն Վահէն էր որ կը ժպտար ինքնաբաւական։ Վաղուց է որ կը սպասէր լսելու այդ խօսքերը: Ալեքսանդրոպոլի ցոյցէն ետքը վստահ էր, թէ Վարդանը ուղիղ ճամբան գտած է եւ ինքնաբերաբար պիտի նետուի յեղափոխական շարժումի մէջ։

Բժ. Տէր Յակոբեանը, իր արտաքին կազմուածքին նման շատ քնքուշ սրտով եւ զգացումներով մարդ մը, տխրութեամբ նայեցաւ Վարդանին։ Անշուշտ Վարդանը գաղափար չունէր Երկրի գործունէութեան մասին, չէր գիտեր, թէ ի՜նչ դժոխք մը կ’ապրէին Երկրի գործիչները, որոնց վախճանը կամ գնդակ մ’էր եւ կամ սիւնէ մը կախուած երեք արշին երկարութեամբ չուան մը։

Ինձ կը թուի թէ, սկսաւ խօսիլ բժիշկը, վաղաժամ է այղ մասին մտածել, երկու երեք տարի վերջը, թերեւս…

Վարդանի սիրտը կարծես փորը ինկաւ։ Եթէ միայն գիտնար այդ պահուն իր զգացածը, համակրելի բժիշկն անշուշտ այդպէս չէր խօսեր։ Քովնտի նայեցաւ Վահէին, ան ինչո՞ւ չէր խօսեր, չէ՞ որ ներկաներու մէջ ամենահեղինակաւոր անձն էր, երկրի պայմաններուն ծանօթ պատասխանատու գործիչ մը։ Եղածներու մէջ զինքը ամենաշատը Վահէն կը ճանչնար, ու եթէ ան ալ կը լռէր, ուրեմն ոչ մէկ յոյս։

Գէորգ կարծես կը կարդար Վարդանի մտքէն անցածը: Ան սեղմեց անոր ձեռքը ու ժպտելով նայեցաւ տղուն: Դեռ պէտք էր սպասել, Վահէն անշուշտ ըսելիք մ’ունէր։ Եւ իրաւ, Վահէն ատեն մը լռելէ վերջ սկսաւ խօսիլ, ցած ձայնով, ամէն մէկ բառը շեշտելով։

Վստահ էի որ ինքնաբերաբար պիտի գաս ժողովուրդին ծառայելու։ Սիրելիս, փշոտ եւ վտանգաւոր ճամբայ մ’է ընտրածդ, ոչ փառք, ոչ պատիւ, այլ տաժանելի կեանք մը, զրկանքներով լեցուն։ Մեր ժողովուրդի ճակատագիրն է որ պիտի աշխատինք դարբնել, անոր ապագայ երջանկութեան հիմերը պիտի դնենք, ու ատոր հասնելու համար ոչ մէկ զոհաբերութիւն պէտք է թանգ համարուի: Վերջին շաբաթներուն ցոյց տուիր քու բարձր նկարագիրը, մնացած փորձառութիւնը երկրի մէջ ձեռք կը բերես։ Խօսինք գործնական խնդիրներու շուրջը։ Ես երկու օրէն պիտի մեկնիմ Պարսկաստան, Թադէոս Առաքեալի վանքը, շաբաթ մը վերջն ալ Գէորգը ճամբայ պիտի ելնէ…

Ես դժուարութիւն մը չեմ տեսներ հոդ, –– առարկեց Գէորգը, անշուշտ Վարդանը կազդուրուելու պէտք ունի, երկու երեք շաբաթէն Չուփուրը Պարսկաստան կ’անցնէ զինք Վարդապետի մօտ, անկէ անդին արդէն հեշտ է…

Բժիշկը այլեւս չընդդիմացաւ, եթէ Վահէն ու Գէորգը յարմար կը տեսնային, իրեն խօոք չէր մնար ըսելու։

Երբ ընկերները բարձրացան մեկնելու, Վահէն մէկդի առնելով Վարդանն ըսաւ.

Կ’աշխատիմ քեզի սպասել մինչեւ սեպտեմբերի վերջը։ Արդէն վանքի մէջ բաւական գործ կայ կատարելիք։ Երբ վէրքդ կատարելապէս բուժուի, մանաւանդ երբ ֆիզիքապէս կազդուրուիս, Մաթոսի հետ կ’անցնիս Չոփուրի մօտ։ Ան պէտք եղածը կը կարգադրէ։ Իսկ եթէ մինչեւ գալդ չկրնամ սպասել, Վարդապետը քու մասին կը հոգայ ու վստահելի մարդոց ձեռքով քեզ Վան կը հասցնէ։ Երբ անգամ մը Վան հասնիս, ալ միասին կը լինինք, միասին կը գործենք։ Կարեւորը լաւ կազդուրուիլն է։ Երկրի պայմանները շատ ծանր են, երկաթի առողջութիւն պէտք է ունենալ՝ դիմանալու համար։ Առ այժմ մնաս բարով, շուտով Երկրի մէջ կը հանդիպինք իրարու, ու Վահէն՝ Վարդանի ձեռքը սեղմելով՝ աճապարեց հասնիլ ընկերներուն։

Երեք օր եւս Վարդանը մնաց Յովհաննէս Ամուին մօտ, ու յետոյ բժշկի թոյլտուութեամբ, Մաթոսի հետ անցաւ Նոր Պայազիտի շրջանը։ Սեւանի լճի պատմական կղզին հասնելէ յետոյ, Մաթոսը բաժնուեցաւ Վարդանէն՝ շաբաթէ մը վերադառնալու խոստումով։ Այդ կղզիի մենութեան մէջ, Վարդանը այնպիսի հոգեկան խաղաղութիւն մը ապրեցաւ, որ երբեք չէր ունեցած։ Ժամերով կը պառկէր բլուրի կանաչին վրայ, կամ Առաքելոց եկեղեցիի պատին տակ ու սքանչացած՝ կը դիտէր լճի այնքան վճիտ, կապտաւուն ալիքները, կամ հանդիպակաց լեռնաշղթայի փէշերուն թառած հայկական աղքատիկ գիւղերը։

Օրերը միեւնոյն խաղաղութեամբ կը յաջորդէին իրարու։ Վանահայրը, հիւրասէր ու «ազգային» մարդ մը, կռահած էր հիւրի ո՛վ լինելը եւ ձեռքէն եկածը չէր խնայեր անոր հանգստութեան համար։ Երբեմն Վարդանը կատակելով կ’ըսէր Վարդապետին.

Հայր Սուրբ, եթէ յեղափոխական գործը չլինէր, պիտի չդժգոհէի, որ զիս աքսորէին այս կղզին։

Մաթոսը, հակառակ իր տուած խոստումին, ուշացաւ։ Վարդանը բոլորովին կազդուրուած՝ անհամբեր կը սպասէր անոր վերադարձին։ Օր մը նստաւ եւ հօրն ու Եւգինէին նամակներ գրեց։ Ծանր պարտականութիւն մ’էր այդ, որմէ ոչ կ’ուզէր եւ ոչ ալ կրնար խուսափիլ։ Հօրը հաղորդեց իր Երկիր անցնելու անդառնալի որոշումը ու խնդրեց որ մօրը զգուշութեամբ իմացնէ այդ լուրը։

«Վերջին շաբաթներու ընթացքին, կը գրէր Վարդանը, ես այնքան մօտէն շփուեցայ հայ ժողովուրդին հետ, այնքան մօտէն տեսայ անոր վէրքերը, որ քիչ թէ շատ սրտի տէր եւ իր ժողովուրդը սիրող երիտասարդի մը համար ուրիշ ճամբայ չի մնար, բայց եթէ ծառայել իր ազգին՝ յեղափոխական արիւնոտ ճանապարհով»։

Եւգինէին շատ երկար գրեց։ Առանց բան մը ծածկելու մանրամասնօրէն պատմեց անոր՝ վերջին դէպքերը, իր կատարած դերը, վիրաւորուիլը, հրաշքով մը ողջ մնալը։ Սակայն ջրհորի մասին չյիշեց։ Կը խնդրէր Եւգինէին որ քնքշօրէն խնամէ ծերունի հայրն ու մայրը, կրկնակի սիրով սիրէ զանոնք։ Շատ մեծ յոյս մը չունէր անգամ մ’ալ ողջ վերադառնալու։

«Բայց, կը գրէր Վարդանը, քանի կ’ապրիմ, դուք՝ երեքդ կենդանի կը մնաք սրտիս մէջ։ Բարեւէ իմ կողմէն Սոնիան, կը ցանկամ կատարեալ երջանկութիւն իրեն։ Կը խնդրեմ, սիրելի Եւգինէ, ինչ որ ալ պատահելու լինի ինձ հետ, երբեք Սոնիան մեղաւոր չհամարես։ Անյիշաչար եղիր ու աշխատէ իսկական ընկերուհի մնալ անոր հետ։ Սոնիան սրտակից ընկերուհիի մը պէտք պիտի ունենայ։ Իմ վերջին խնդիրքս է։ Կը համբուրեմ քեզ կարօտով։ Երանի թէ օր մը իրար գրկէինք մեր ազատ հայրենիքի մէջ»։

Նամակները վերջացնելէն յետոյ դուրս ելաւ պտտելու։ Հայր Սուրբը լճի ափը ծածկող ուռիներու ստուերին տակ նստած էր եւ Նարեկ կը կարդար: Երբ Վարդանը մօտեցաւ, Վարդապետը մատով ցուցուց ցամաքէն բաժնուող նաւակ մը, որ դէպի կղզին կը մօտենար։ Երբ նաւակը բաւական մը մօտեցաւ, Հայր Սուրբը ուրախ շեշտով մը, ըսաւ.

Ղեկի մօտը նստողը Մաթոսն է։

Վարդանը չպատասխանեց, բայց ուրախութենէն աչքերը կայծկլտացին։