Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱԴԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՎԱՆՔԸ

Լոյսը հազիւ բացուած Վահէն եւ Քերպելան յոգնած ձիերէն վար ցատկեցին Թադէոս Առաքեալ պատմական վանքի մեծ դարպասին առջեւ։

Հարիւր քայլ հեռաւորութեան վրայ բլուրի կողին փռուած վանքի գիւղը լուսածագին հետ միասին կը զարթնէր ամէն օրուան կեանքը ապրելու։ Ախոռներու ցածլիկ դռները ճռնչալով կը բացուէին, եւ տաւարը փողոց կ’ելլէր տանտիկիններու ճիչերուն եւ իրարու ձայն տուող գիւղացիներու աղմուկին մէջ։

Վանքի ահագին ախոռի դուռը բացած՝ ծերունի Թադէոս Ախպերը, ձեռքի երկար ճպոտը փարտելով, դուրս կը քշէր տասնեակ մը կով ու եզ եւ ոչխարի փորը հօտ մը։ Թադոս Ախպերը այնքան զբաղած էր իր գործով, որ չնկատեց դարպասի առջեւ սպասող ձիաւորները:

Բարով, Թադոս Ախպեր, հեռուէն ձայնեց Վահէն՝ մօտենալով ծերունի տնտեսին, որ ցաւոտ աչքերը տրորելով՝ կ’աշխատէր ճանչնալ մօտեցողը։

Բարո՛վ, բարով, տարակուսած պատասխանեց ծերունին՝ ձեռքի ճպոտը եզան մը մէջքին իջեցնելով էդ կոտոշներդ քօքէն պիտի կտրեմ, անիրաւ, հանդիպողին փորը կը կոխես…

Է՛, քէֆդ, հալդ, Թադոս Ախպեր…

Վայ դու բարով եկար, հազար բարով, վեր իմ աչաց, վեր իմ գլխին, ըսաւ Թադոս Ախպերը, որուն դէմքը կը ճառագայթէր անկեղծ ուրախութեամբ. Ես ալ կ’ըսէի, թէ ո՞վ է։ Քիչ մը սպասէ, պարոն Վահէ, էս տաւարը գիւղամէջ հասցնեմ՝ կուգամ…

Թադոս Ախպերը վանքի տաւարը գիւղացւոց մալին խառնելով վազէ վազ վերադարձաւ, ու գօտիի մէջէն խոշոր բանալի մը քաշելով՝ դարպասը բացաւ։

Հը, ի՞նչ կայ չկայ, հարցուց Վահէն՝ Թադոս Ախպօր ձեռքը թօթուելով, լաւ կ’երեւիս, քէֆդ տեղը…

Սաղութիւն, ամէն բան գիտցածիդ պէս, փառք Երկնաւորին…

Քերպելան եւ Թադոսը գացին դարպասի մօտ գտնւող ընդարձակ թոնրատունը, իսկ Վահէն բակը կտրելով մտաւ խուցերէն մէկը։ Բաւական ընդարձակ, բայց շատ ցած առաստաղով ու սաստիկ մութ սենեակ մ’էր, որու թղթապատ երկու փոքր պատուհաններէն հազիւ տկար լոյս մը ներս կը թափանցէր։ Այդ վանահօր սենեակն էր։ Դրան բացուելու աղմուկէն, թախտի վրայ պառկած մէկը արմուկին վրայ բարձրացաւ ու հարցուց։

Հը՞, էդ դո՞ւ ես, Թադոս:

Բարեւ, Հայր Սուրբ, ես եմ…

Վա՜յ, Վահէ՛, ու շապիկ վարտիկով մարդ մը թռաւ անկողնէն եւ թեւերը բացած՝ վազեց ու գրկեց Վահէն։

Բարձրահասակ թիկնեղ մարդ մ’էր Գէորգ ծայրագոյն վարդապետը։ Փառահեղ մօրուքը լայն կուրծքը ծածկած էր, դէմքը գեղականի մը դէմքին նման պղնձագոյն, կորովի արտայայտութիւն ունէր։ Տեսնող մը առաջին իսկ հայեացքով կը հասկնար որ վանահայրը սովորական տիպի միաբաններէն չէ, որոնք ամբողջ կեանք մը կ’անցընեն խուցի չորս պատերու մէջ, երբեմն աղօթելով, յաճախ իրար բամբասելով ու միշտ իրենց որովայնը պարարտացնելով «ի փառս Հայաստանեաց սուրբ եկեղեցւոյ»:

Գէորգ վարդապետը այն հայ եկեղեցականներէն էր, որոնք մատի վրայ կը համրուին։ Երբ տարիներ առաջ կաթողիկոսի հրամանով եկած էր, որպէս վանահայր վանքի հսկայ տնտեսութիւնը բոլորովին քայքայուած գտաւ, անբարեխիղճ վանահայրերու ապիկարութեան պատճառով։ Վարդապետը թեւերը վեր սոթտած՝ գործի էր լծուեր մշակի մը նման աշխատելով։ Հետզհետէ վանքի հողերը մշակելով, չեղածէն տնտեսութիւն մը ստեղծեց:

Հին տիպի եկեղեցականներէն էր, հաւատաւոր եւ նուիրուած եկեղեցիին, առանց անձնական փառասիրութեան։ Եկեղեցին եւ ազգը իր հասկացողութեամբ անքակտելի միութիւն մ’էին, մէկուն ծառայողը՝ կը ծառայէր եւ միւսին։ Վանահայրը՝ եռանդուն հայրենասէր մը՝ ոտքով գլխով ինկած էր յեղափոխական շարժման մէջ, սկզբնական օրերէն իսկ:

Ահա այդ եկեղեցականն էր, որ գրկեց ու համբուրեց Վահէն հարազատ զաւկին հանդիպող հօր մը քնքշութեամբ։

Չէի սպասեր։ Այս ինչո՞ւ շուտով վերադարձար…

Այնպէս պատահեցաւ։ Հոս ի՞նչ նորութիւն…

Ամէն ինչ առաջուան պէս։

Գարեգին վարդապետը՞… գո՞հ ես…

Շա՛տ. պատրաստուած եւ անձնազոհ երիտասարդ մը կ’երեւի, ու վանահայրը մատով ցուցուց սենեակին անկիւնը անկողնի մէջ կծկուած մէկը։— Չէ, Վահէ՛, ձայն մի՛ տար. ամբողջ գիշերը աշխատեր է խեղճը, հազիւ ժամ մը առաջ եկաւ հանգստանալու…

Վերջացա՞ւ… Գեւօն ու Համբարը բանի պէտք եկա՞ն…

Շատ գոհ եմ… լաւ աշխատեցան… էս շաբաթ մ’է, որ վերջացած է։ Մէկ տեսնես Գեւոյի եւ Համբարի ձեռքերը… կարծեմ ամբողջ կեանքերնուն մէջ այսպէս չէին աշխատած։ Լաւ որ վերջացած է։

Ճախարակը փորձեցի՞ր…

Երէկ գիշեր, առաջին անգամ լինելով։ Տեսնելու բան էր, թէ ի՛նչ դիւրութեամբ լեցուն խուրճինները վեր կ’ելլէին, երեխայ մ’իսկ կրնար քաշել… Այս գիշեր ալ Գարեգինն ու տղաքը աշխատեցան՝ դասաւորելով մեր արդէն ունեցածները եւ նոր եկած ապրանքը։

Չոփուրի ղրկած աղաւնիները ստացա՞ր։

Անշուշտ։ Վեց հատը դրկեցի Վան, մնացածը հոս վանդակի մէջ կը պահեմ։

Պէտք է լաւ խնամք տանիլ անոնց… ընտրովի աղաւնիներ են…

Անհոգ եղիր։

Վանահայրն ու Վահէն պատուհանի առջեւ ձգուած հաստ թաղիքի վրայ նստած կը շարունակէին իրենց խօսակցութիւնը, երբ Թադոս Ախպերը ներս բերաւ եռացող ինքնաեռը, փռեց սփռոց մը եւ սփռոցի վրայ վանական համեստ նախաճաշը, որ կը բաղկանար պանիր ու լաւաշ հացէ միայն։

Թադոս Ախպերը վանքի տնտեսն էր։ 96-ի կոտորածին Վանի Հայոց-Ձորի Հընդստան գիւղէն փախած՝ ապաստանած էր Թադէոս Առաքեալի վանքը։ Ամբողջ ընտանիքը՝ մայր, կին եւ երկու զաւակները կորսնցուցած, Թադոս Ախպերը, աշխարհային անցաւոր կեանքէ ձեռք քաշեց ու ինքզինքը նուիրեց վանքին։ Առտուները հազիւ լոյսը բացուած՝ ոտքի վրայ էր ծերունին, մինչեւ ուշ գիշեր, երբ ամէն մարդ քնացած կը լինէր: Կարծես գաղտնի մրցում մը կար իր եւ վանահօր միջեւ։ Երկուքն ալ աշխատասէր ու նուիրուած վանքի շահերուն՝ ուրախութեամբ կ’անտեսէին իրենց անձնական պէտքերը։ Վարդապետի ֆարաջան գունաթափուած էր ու բազմաթիւ կարկտաններ կային վրան։ Իսկ Թադոս Ախպօր զգեստը տարիներ առաջ, փախստական եղած ժամանակուան հագածն էր, որ հարիւրաւոր կարկտաններով իրարու փակած, այնպիսի ցնցոտի մ’էր, որուն եթէ քիչ մը ուժով ձեռք տայիր՝ հազար կտոր կը լինէր։

Ջանըմ, Հայր Սուրբ, ամօթ է, նոր ֆարաջայ մը գնէ, տեսնողը ի՞նչ կ’ըսէ, քրթմնջելով կը բողոքէր Թադոս Ախպերը։

Հա՛, Թադոս, շիտակ կը զարցես, այս տարի կալոցին, քեզի երկու թոփ Շատախի շալ պիտի գնեմ, խեղճ մարդ, վրադ բան չմնաց…

Կալոցը գալուն, երկուքը գլուխ գլխի նստած, վանքի համար այնքա՜ն ծակ ու ծուկ կը գտնային գոցելու, որ իրենց զգեստներու խնդիրը կը մնար յաջորդ կալոցին: Ու այսպէս տարիներ շարունակ։

Թադոս Ախպերը իր գործով զբաղած՝ շուրջը նայելու ժամանակ իսկ չունէր։ Ախոռն էր իր տեղը, մառանը, արտերը ու կալի ժամանակ գիւղամէջը: Ատկէ դուրս բան չէր տեսներ։ Սակայն, ժամանակի ընթացքին, Թադոս Ախպօր աչքերը բացուեցան։ Առաջ գրեթէ թշնամական աչքով կը նայէր երբեմն վանք եկող մարդոց վրայ, որոնք կ’ուտէին կը խմէին, կարծես իրենց սեփական միւլքը լինէր վանքը, ու օր մ’ալ կ’անյայտանային՝ առանց հետք մը ձգելու։ Մէկ երկու անգամ նկատողութիւն ըրած էր վանահօր, բայց ամէն անգամուն ալ Հայր Սուրբը ուսը ծեծելով պատասխանած էր.

Բան չկայ, Թադոս, վանքը ազգի տունն է… ղարիպ մարդիկ են…

Անգամ մը, սակայն, այնպիսի դէպք մը պատահեցաւ, որ Թադոս Ախպօր աչքերը բացուեցան, ու ալ ամէն բան հասկցաւ։ Ատկէ վերջ, այլեւս վարդապետին հետ չէր կռուեր այդ «ուխտաւորներու» համար, որոնք առաջ դատարկապորտ մարդիկ կը համարէր։

Ուղիղ տարի մը առաջ էր, երբ ութ-տասը ղարիպ մարդիկ, իրենց ըսելով՝ ուխտաւորներ, եկան վանքը, քանի մը օր մնալու համար։ Խեղճ մարդիկ կ’երեւային։ Անոնցմէ մէկը մանաւանդ գրաւած էր Թադոս Ախպօր ուշադրութիւնը։

Կնճռոտած դէմքով, ալեխառն մազ ու մօրուքով, մեծ կազմուածքի ու զարմանալի առողջութեան տէր մարդ մ’էր, որ ամէն առտու վանքի ձորը կ’իջնար առուակէ սառը ջրին մէջ լողալու։ Իրիկունները մթնելէ վերջ, կուգար ու ախոռի սաքուն կը նստէր՝ Թադոս Ախպօր հետ անցած գացած դէպքերէն խօսելով։ Անանկ ալ անուշ խօսող մարդ մ’էր, որ Թադոս Ախպերը, գործը լրացնելէն վերջ, առանց ձանձրանալու, ժամերով մտիկ կ’ընէր անոր պատմած պատմութիւնները։

Իրիկուն մը, Թադոս Ախպերը, երբ գործը լրացնելով սաքուն քաշուեցաւ, իր ամէն օրուան խօսակիցը չերեւցաւ։ Թադոս Ախպերը այնքա՛ն վարժուած էր անոր ներկայութեանը, որ թէեւ իր չուլ ու չափութը փռեց հանգստանալու համար, բայց մտածեց անգամ մը վանքը հանդիպիլ ու տեսնել իր բարեկամը, չլինի՞ թէ հիւանդ է եւ բանի մը պէտք ունի խեղճը:

Վանքի դարպասը բացաւ Թադոսը ու բակը մտաւ։ Զարմանալի բան, վանքի եկեղեցիի դուռը բաց էր ու ներսէն ճրագի աղօտ լոյս մը ինկած էր սալայատակին վրայ։ Մօտեցաւ դրանը։ Ահագին եկեղեցին, տասնեակ մը մոմերով լուսաւորուած, առաջին պահուն դատարկ թուեցաւ։ Բայց ինչո՞ւ մոմերը վառուած էին։ Տատամսլով՝ ներս մտաւ։ Խորանի առջեւ, դասին մէջ, շարժող ստուերներ տեսաւ, նոյնիսկ նշմարեց վանահայրը, որ փիլոնը վրան քաշած՝ բարձր հասակով որոշակի կ’երեւէր։ Գիշերով ի՞նչ բան ունէին եկեղեցիին մէջ։

Թադոս Ախպերը յառաջացաւ դէպի դասը, եւ յանկարծ կանգ առաւ՝ զարմանքէն աչքերը չռած։ Խորանին առջեւ, ցած գրակալի վրայ, ուր սովորաբար Աւետարանն ու խաչը կը մնային շարուած էին բազմաթիւ հրացաններ։ Այն խեղճ ուխտաւորները, որոնք քանի մը օր առաջ եկած՝ վանքը կը մնային, բոլորն ալ զինուած, խաչաձեւ փամփշտակալները կուրծքերնուն եւ երկու երեք շարք ալ մէջքերնուն շուրջը, կողքերէն կախ տասնոց ատրճանակներ՝ բոլորուած էին դասի մէջ կիսաշրջան մը եւ պատկառանքով կը լսէին վանահօր խօսքերը։ Թադոս Ախպերը զարմանքէն դժուարութեամբ թուքը կուլ տուաւ, թերեւս աւելի անոր համար, որ վարդապետի քով կանգնած տեսաւ իր բարեկամը՝ դարտիման ուխտաւորը։

«Կ’օրհնեմ ձեզ, կ’օրհնեմ եւ ձեր զէնքերը ու այն ճամբան, որ կը տանի դէպի հայ ժողովուրդի ազատութիւնը», ըսաւ վանահայրը՝ վերջացնելով իր խօսքը։

Բոլորը մօտեցան ու ձեռքերնին Աւետարանի ու խաչի վրայ դրած՝ երդուընցան հաւատարմութեամբ ծառայել Սուրբ Գործին եւ կեանքերնին չխնայել հայ ժողովուրդի ազատութեան համար։

Երդումը ընելէ ետքը, երբ հրացանները վերցուցին ու կարգով սկսան դուրս գալ, Թադոս Ախպերը սիւնի ետեւէն դուրս եկաւ եւ փաթթուեցաւ իր բարեկամին։ Ուրեմն, այս մարդիկ Հայաստան կ’երթային՝ հայ ժողովուրդի համար կռուելու։ Վարդապետի հետ Թադոս Ախպերը մինչեւ ջաղացքը խումբը ճամբու դնելու գնաց։

Այդ դէպքէն վերջ, ծերունին զարմանալի նուիրումով ծառայեց վանքին ու այդ «ուխտաւորներուն», որոնք երբեմն կ’երեւէին ու կ’անյայտանային այնքա՜ն խորհրդաւոր կերպով։ Վանահայրը այլեւս իրմէ գաղտնիք չէր պահեր: Ու այսպէս Թադոս Ախպերը վանքի հսկող աչքը դարձաւ։

Թադոս Ախպերը մասնաւոր մօտիկութիւն մը կը զգար Վահէի հանդէպ։ Նախ որ՝ աչքառու գործիչ մ’էր, երկրորդ որ՝ երկու տարի առաջ Կէմ գիւղի մօտ կռուի բռնուած էր կղզեցի քրդերու հետ ու կռուի ընթացքին հինգ քիւրտ սպաննած։ Թադոս Ախպերը ինչպէ՞ս կրնար մոռնալ, որ այդ կղզեցի քրդերն էին որ թալնած եւ կոտորած էին իր տունը, իր ընտանիքը:

Քէ մատաղ, պարոն Վահէ, եւ սոխուկով պանիրը անոր առջեւ կը քշէր Թադոս Ախպերը հոգածու ձեւով մը, բան չկերար, սոված կը մնաս…

Չէ՛, կշտացայ։ Է՜, Թադոս Ախպեր… քու ազիզ քէֆը…

Դու սաղ էլնես, դու սաղ էլնես…

Նախաճաշը չէր վերջացած, երբ Առիւծ Գեւօն, Համբարը եւ վանքի գիւղացիներէն Մելքոնը ներս մտան ու շարուեցան սփռոցի շուրջը։ Քիչ վերջը Գարեգին վարդապետն ալ տեղէն ելաւ ու միացաւ ընկերներուն։

Ուրեմն, խօսքը վանահօր ուղղելով ըսաւ Վահէն, այս երկու, երեք օրը, դրսէն բան չէք սպասեր…

Ինչպէ՞ս չէ՛, թերեւս այս գիշեր իսկ, Խոյէն տղաքը գան…

Հա՞, այդ լաւ կը լինի, ուրախացաւ Վահէն, իսկ Ապաղայի գո՞րծը… կանոնաւոր կ’աշխատի՞ն…

Որքան որ կարելի էր ամառուան կարճ գիշերներուն։ Բայց հիմա որ գիշերները երկնցան, պէտք է թափով աշխատիլ։

Այո՛, մտահոգ պատասխանեց Վահէն, ապրանքը դիզուեր է Երեւան ու Դավալու։ Պէտք է աշխատիլ այս աշնան բոլորը Երկիր անցընել։ Իսկ քու դպրոցդ ի՞նչ հալի է, Վահէն դարձաւ Գարեգին վարդապետին, որ ըստ սովորութեան գլուխը կախած՝ մտիկ կ’ընէր։

Սենեակները պատրաստ են, ծածքն ալ քաշեցինք ու սուաղեցինք, կը մնայ, որ Խոյէն պատուհաններու շրջանակներն ու ապակիները գան, պատասխանեց երիտասարդ վարդապետը, որ վանք գալով՝ անմիջապէս ձեռնարկած էր դպրոցի մը շինութեան։

Մէկ դուրս ելնենք՝ տեսնենք դպրոցը, առաջարկեց Վահէն ու Գարեգին վարդապետի թեւը մտած՝ վանահօր սենեակէն դուրս ելաւ։

Բակի մէջտեղը կը բարձրանար պատմական եկեղեցին։ Խորանը յարակից մասերով նախնական շէնքի մը մնացորդն էր, տասնեակ մը դար առաջ կառուցուած։ Մուտքի մասը, բարձրադիր զանգակատան հետ, 18-րդ դարու շինութիւն մըն էր, ճերմակ կակուղ քարէ շինուած եւ արտաքուստ՝ գեղատեսիլ քանդակներով զարդարուն։

Ընդարձակ բակին մէկ կողմը նոր շինութիւններն էին՝ դարպասի քովի թոնրատունը, մառանը եւ նոր շինուած դպրոցի երկու սենեակները։ Իսկ եկեղեցիի դրան դիմաց, կարգով շարուած էին հին շարք մը խուցեր, կիսաւեր վիճակի մէջ։ Բակի ճակատը եւ մէկ կողմը, իրարու քով, շարուած էին միաբաններու յատուկ խուցերը։ Այդ խուցերէն մեծ մասը բոլորովին պարապ կը մնար. մէկ երկուքը կը գործածուէին որպէս յարդանոց, ցորենի ամբար, խոտնոց ու պահեստ։

Հեռաւոր անցեալի մէջ Թադէոս Առաքեալի վանքը ունեցեր էր բազմանդամ միաբանութիւն, հասութաբեր կալուածներ եւ սեփական տասնեւչորս գիւղեր, որոնք ժամանակի ընթացքին յափշտակուեցան տիրող խաներէ, քիւրտ բէկերէ։ Մինչեւ 1828 թուականը, երբ տեղի ունեցաւ Խոյի եւ Մակուի հայութեան գաղթը դէպի Արարատեան Դաշտ, Թադէոս Առաքեալի վանքը Ատրպատականի թեմական կեդրոնը կը համարուէր։

Տարիներու ընթացքին, սակայն, հռչակաւոր վանքը անշքացաւ, թեմական կեդրոնը փոխադրուեցաւ Թաւրիզ, միաբանները ցրուեցան եւ նախկին շէն վանքէն մնաց խեղճուկ վանք մը, պատմական արժէքով միայն հարուստ։

Միաբաններու խուցերը քարուկիր, կամարակապ փոքր սենեակներ էին, խոշոր քարերով սալայատակուած, ուր մարդ հազիւ կրնար բան մը որոշել։ Ամէն խուց մէկ պատուհան ունէր, հազիւ կէս ոտք լայն եւ երկու ոտք երկարութեամբ, ուրկէ եկած լոյսը անյաջող կերպով կը կռուէր ներսի խաւարին հետ։ Այդ խուցերը այնքա՜ն ցուրտ, անհրապոյր ու մութ էին, որ հոն բնակելու գաղափարն իսկ սարսափ կրնար պատճառել մարդու։

Եկեղեցին եւ շրջապատի ամբողջ շինութիւնները շրջափակուած էին հաստ պարիսպով մը, որ միաժամանակ խուցերու ճակատի պատն էր։ Պարիսպը գիւղի կողմէն թէեւ հազիւ քսան ոտք բարձրութիւն մ’ունէր, բայց երեք կողմերէն կախուած էր ձորի վայր եւ երբեմն տեղեր մինչեւ յիսուն ոտք ուղղաձիգ կը բարձրանար՝ սկսելով ձորի յատակէն, ուր փոքր առու մը կլկլալով կը հոսէր դէպի վանքի ջաղացքը։

Վահէն ու Գարեգին վարդապետը բակի շրջանն ըրին եւ մօտեցան անկիւնի խուցին, որու դիրքը կ’իյնար պարսպի ամենաբարձր տեղին վրայ։ Քարուկիր պատերով, ցած կամարով, կիսախաւար խուց մ’էր, ինչպէս միւս խուցերը, որոնք միաբաններու բնակավայր մը լինելէ աւելի՝ կը յիշեցնէին միջնադարեան բանտերու զնտանները։

Մեր բարեկամները ներս մտան եւ գոցեցին անփականք դուռը։ Վահէն գրպանէն հանեց ելեքտրական լուսարձակը ու սկսաւ ուշի ուշով քննել պատերը եւ ապա սալայատակի քարերը։ Գարեգին վարդապետը ինքնաբաւականութեամբ կը հետեւէր Վահէի քննութեան հետեւանքէն։

Լաւ է… շատ լաւ, մրթմրթաց Վահէն ինքնիրեն, վարպետութեամբ դասաւորուած է, եթէ միայն…

Ուրեմն, չգտա՞ր, ուրախացած հարցուց Գարեգին վարդապետը։

Գտնելը, սիրելիս, անշուշտ գտայ, բարեմտօրէն ժպտաց Վահէն՝ նայելով ընկերոջը, բայց նորէն լաւ սարքուած Է։ Մէկը, որ բոլորովին գաղափար չունի, դժուար թէ մտքէն անցընէ… Ա՜յ, հո՛ս է, Վահէն ոտքը զարկաւ, սալայատակի քարերէն մէկուն, որ խուցի դրան աջ կողմը, անկիւնի մեծ քար մ’էր։

Ձեռքի հաստ գաւազանով Վահէն սկսաւ մէկիկ մէկիկ ծեծել սալայատակի քարերը եւ ուշադրութեամբ մտիկ լնել անոնց հանած ձայներուն։ Ընդհանրապէս սուր եւ լեցուն ձայն մը կը լսուէր գաւազանի թխկոցին հետ, բայց երբ մօտեցաւ այն տեղին, որուն համար ըսեր էր թէ հոս է, գաւազանի հարուածէն տարածուն եւ խուլ ձայն մը ելաւ։

Չեղաւ, ինքնիրեն ըսաւ Վահէն, սուր ականջ մը անմիջապէս կրնայ զգալ ձայներու տարբերութիւնը։ Հարկաւոր է տակի կողմէն ուժեղ յենարանով մը ամրացնել… Այդ մասին յետոյ կը մտածենք… երթանք վանահօր մօտ…

Գիշերը, երբ ներկայ եղաւ ընկերներու աշխատանքին, Վահէն կատարելապէս համոզուեցաւ, որ թագստոցն ու ճախարակը շատ յարմար կերպով շինուած էին ու մեծապէս կը դիւրացնէին աշխատանքը, մանաւանդ որ նոյնիսկ վանքի մէջ գտնուողները անցած դարձածէն ոչինչ կրնային իմանալ։

Սուրհանդակները, որոնք վանքի երիտասարդներէն էին, Խոյէն հազիւ լուսաբացին հասան։ Երբ մօտեցան վանքին, ինչպէս մինչեւ այդ կ’ընէին, փոխանակ գիւղի առջեւով անցնելու եւ դիմելու դէպի մեծ դարպասը, որ միակ մուտքն էր վանքին, ճամբայէն շեղեցան ու մտան ձորը։ Բեռները իջեցուցին պարսպի առջեւ, ու Յովհաննէսը երկու անգամ իրարու վրայ բուի ձայն հանեց։ Պարսպի վերէն լսուեցաւ նոյնանման ձայն մը։

Վահէն եւ ընկերները շարժական ճախարակը մօտեցուցին պարսպին, որու մէջ բացուած ծակէն կիսովին դուրս ինկաւ ճախարակի անիւը, ու երկար պարանը ճօճուելով սահեցաւ, վար: Քիչ վերջ, պարանը վարէն ուժգին կերպով ցնցուեցաւ։ Առիւծ Գեւօն պարանի ծայրը բռնած սկսաւ քաշել։ Հեշտութեամբ ծանր խուրճինները վեր կը բարձրանային։ Երբ ամբողջ ապրանքը վեր քաշուեցաւ, ճախարակը ետ քաշեցին, երկու քարեր դրին ծակի բերանը եւ սալայատակի խոշոր քարը տեղը իջեցնելով՝ գնացին հանգստանալու։

Յաջորդ երեք օրերը, մեր բարեկամները շատ զբաղած էին։ Ապաղայի հայ գիւղացիները, ազատ երթեւեկ ունէին պարսկական Կարէյնի գիւղաքաղաքը։ Տաճկաստան վերադառնալու ժամանակ վանք կը հանդիպէին ու «ապրանքով» բեռնաւորուած կը վերադառնային իրենց գիւղերը։ Սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամիսները տարուան ամենանպաստաւոր եղանակը կը համարուէր փոխադրական գործի համար, երբ քրդերը իջած կը լինէին լեռներէն, ու գիշերները այնքան երկար՝ որ գիւղացիք վանքէն մինչեւ իրենց գիւղերը կը հասնէին՝ դեռ լոյսը չբացուած։

Չորրորդ օրը կէսօրէն վերջ, Կարէյնիէն եկաւ Մարկոսը։ Երեք տարի առաջ, վանահայրը քսան թուման տուած էր վանքի ծառաներէն Մարկոսին, որ Կարէյնիի մէջ փոքր խանութ մը բանայ։ Կարէյնին քրտական կեդրոն մ’էր, ուր շրջաններէն պարսիկներ ու քրտեր կը հաւաքուէին ամէն ուրբաթ, պազարի օրը։ Մարկոսը միակ հայն էր այդ գիւղաքաղաքին մէջ։ Ապաղայէն եկած հայերը անոր կրպակը կը հաւանուէին ու անորմէ հրահանգներ կը ստանային։ Միաժամանակ Մարկոսը վանահօր համար ականջի դեր կը կատարէր հոդ, ու լսած կարեւոր լուրերը կը հաղորդէր վարդապետին։

Երբ Մարկոսը, որ շատ խեղճ ու ծերունի մարդ մ’էր, առանձին մնաց վանահօր ու Վահէի հետ, անմիջապէս հաղորդեց կարեւոր լուրը, որու համար յատկապէս եկած էր։ Այդ առտու, Ապաղայի Խաչան գիւղէն Կարէյնի եկած էր Հայտարանցիներու ծերունի ցեղապետ Հիւսէյին բէկը, յիսուն ղօլամներով (ծառայ-զինուոր) շրջապատուած։

Ղօլամները հարցուփորձելով իմացայ, որ բէկը վաղը կէսօրէ վերջ վանք ուխտի պիտի գայ։ Եկայ լուրը ձեզի իմացնելու։ Մնացածը դուք գիտէք։

Ծերունի Մարկոսը լուրը տալէ վերջ թոնրատուն անցաւ, ուր բրդուճ մը բան ուտելով անմիջապէս ճամբայ ելաւ դէպի Կարէյնի։

Ի՞նչ ալ ժամանակ գտաւ ուխտի գալու, սրտնեղած բացագանչեց վանահայրը, պիտի գայ, ան ալ յիսուն ձիաւորով, օրերով պիտի ուտեն, խմեն, թափեն… Երանի թէ շուտով կորսուէին երթային…

Անխուսափելի չարիք մը, հեգնօրէն ժպտեցաւ Վահէն՝ ուսերը թօթուելով։

Վանահայրը չպատասխանեց։ «Ձիաւորները պէտք է գիւղը տեղաւորել, միայն բէկը ու մօտ մարդիկ պէտք է տեղաւորել դպրոցի նոր շէնքին մէջ», կը մտածէր վանահայրը ու մէկէն Վահէին ուղղելով խօսքը՝ հարցուց.

Իսկ դո՞ւ, Գեւօ՞ն, Համբա՞րը…

Ե՞ս, ու Վահէն բարձրաձայն սկսաւ ծիծադիլ՝ կողերը բռնած, անշուշտ աւելորդ ֆարաջայ մը կ’ունենաս, վարդապետ… իսկ տղաքը պէտք է ցերեկները թագստոցին մէջ մնան։

--------------

Բարի եկաք, մեր աչքի, մեր գլխի վրայ տեղ ունիք, արեւելեան ընդունուած շողոքորթութեամբ վանահայրը դիմաւորեց Հիւսէյին բէկը, երբ վերջինս վար իջաւ ձիէն վանքի դարպասին առջեւ։

Վանահայրը, Գարեգին վարդապետը, Վահէն ու գիւղի մեծերը դարպասի առջեւ շարուած դիմաւորեցին բէկը։

Նոր չէ որ այս սրբատեղին ուխտի կուգամ, յարգելի վանահայր, ըսաւ Հիւսէյին բէկը՝ գլխի շարժումով մը բարեւելով դիմաւորողները։

Ու անմիջապէս դարպասէն ներս մտաւ, մինչ իր հետեւորդները ձիերու սանձերը նետելով գիւղացի երիտասարդներուն՝ հետեւեցան իրենց առաջնորդին։

Բէկը հազիւ թէ ոտքը դրան սեմին դրած՝ էր, երբ վանքի գիւղացիներէն մէկը ոչխար մը մորթեց, ինչպէս որ ընդունուած կարգն էր՝ բարեմաղթելով, որ բէկի ուխտը ընդունելի լինի։

Շնորհակալ եմ, շատ շնորհակալ, Աստուած այս Սուրբ գերեզմանը անսասան պահէ, պատասխանեց բէկը, հա՛, մեծ վարդապետ, հին բարեկամը հին պողպատի նման ուժեղ կը լինի… Երեք տարի առաջ մեծ տղուս առողջութեանը պատճառով, Մեծ Սուրբի ոտքը եկայ, ուխտս լսուեցաւ… այսօր ալ…, ու ծերունի բէկը առանց խօսքը վերջացնելու վանքի բակը մտաւ։

Հիւսէյին բէկը նախ մօտեցաւ վանքի դրանը, ջերմեռանդօրէն համբուրեց դրան երկու կողմի քարերը ու ապա դառնալով վանահօրը՝ ըսաւ ժպտադէմ.

Տարիքը, մեծ վարդապետ… տարիքը… Կարէյնիէն մինչեւ հոս ձիու վրայ յոգնեցայ, ես, որ օրերով ձիէ վար չէի իջնար: Եթէ հրաման ընէք, քիչ մը հանգստանալ կ’ուզեմ եւ յետոյ Սուրբի գերեզմանը այցելել…

Վանահայրը առաջնորդեց հիւրը նորակառոյց դպրոցը, որ նախօրօք շտկուած էր թանձր թաղիքներով, խալիներով եւ հաստ ներքնարկներով։ Անկիւնի մինտէրին վրայ ծալապատիկ նստեցաւ բէկը, արմուկը բարձին կրթնցուցած։ Հետեւորդները մնացին դուրսը, մէկ մասն ալ լեցուեցաւ սենեակին առջեւ միջանցքին մէջ: Վանահայրը, Գարեգին վարդապետը եւ Վահէն միայն ընկերացան բէկին, ըստ ընդունուած սովորութեան՝ գետնի վրայ ծալապատիկ նստելով անկէ քիչ մը հեռու։

Բէկը, հազիւ թէ տեղաւորուած անկիւնը, սովորական խօսակցութեան մը բռնուեցաւ վանահօր հետ: Յանկարծ միջանցքին մէջ սպասող բազմութիւնը իրար անցաւ։ Քրտերը իրար հրմշտկելով կ’աշխատէին ճամբայ բանալ մէկու մը համար, որ կ’երեւի կ’ուզէր սենեակը մտնել։ Մինչ վանահայրը զարմանքով կը նայէր, թէ ո՞վ կրնայ լինիլ նորեկը, ծերունի Հիւսէյին բէկի դէմքը հրճուանքով փայլեցաւ ու մարած աչքերուն մէջ կարծես վաղուց հանգած կրակ մը բորբոքեցաւ։

Դրան սեմին վրայ երեւցաւ բէկի դեռատի կինը, լուսեղէն գեղեցկութեամբ, հազիւ տասնեւութ տարեկան մանկամարդ կին մը։ Անոր կը հետեւէին երկու պառաւ կիներ։

Ե՛կ, ե՛կ քովս, Խատիճէ, ըսաւ Հիւսէյին բէկը՝ աչքով իր կողքը տեղ ցուցնելով, էս մեր մեծ վարդապետն է, իմ հին բարեկամս…

Կը ներես, խանում, հայրաբար ըսաւ ժպտադէմ Վանահայրը մաքուր քիւրտերէնով մը ու ոտքի ելլելով՝ մօտեցաւ բէկի կնոջը, էս՝ մեր Հիւսէյին բէկի խաղն է, չէի գիտեր, թէ դուն ալ շնորհ պիտի բերես… Մեր Վանքի բարեկամ Հիւսէյին բէկի կինը իրաւունք ունէ սպասելու, որ փարսախներով ճամբայ երթայինք զինքը դիմաւորելու համար։

Մանկամարդ կինը դրան սեմին վրայ կարծես արձանացած մնաց։ Պիշ պիշ կը նայէր վանահօր դէմքին՝ արտայայտութեամբ մը, որ կը մատնէր ըսուածներէն բան մը չհասկնալը։

Մեծ վարդապետ, ժպտելով բացատրեց Հիւսէյին բէկը, Խատիճէն չէրքէզուհի մ’է, մեր լեզուն դեռ լաւ չէ հասկնար։ Ե՛կ էստեղ, քովս նստէ, Խատիճէ…

Վայրի այծեամի նման թեթեւաշարժ՝ Խատիճէն մօտեցաւ ու բէկի մօտ նստաւ, մինչ իր հետեւորդ կիները պպզեցան դրան քով, կռնակնին պատին տուած։

Եթէ Հիւսէյին բէկը չյայտնէր թէ Խատիճէն չէրքէզուհի մ’է, Վահէն վայրկեան մ’իսկ պիտի չտարակուսէր, որ այդ կինը լեռնական մ’է, կովկասեան լեռնաշղթայի բնիկներէն, որոնք միայն այդքան կատարեալ գեղեցկութիւն մը կրնան ունենալ։ Մատղաշ բարտիի նման ճկուն իրան մը ունէր Խատիճէն, սլացիկ հասակ մը, զարմանալի ճերմակ ու մաքուր մորթ, ծով կապոյտ աչքերը, եզերուած սեւ թարթիչերով եւ կարծես քանդակագործի մը մուրճի տակէն նոր դուրս եկած կատարեալ դէմք մը, նուրբ եւ մաքուր գծերով։

Հիւսէյին բէկը Ապաղայի Հայտարանցի քրտերու ամենազօր աղան էր, եօթանասունը անցուցած ծերունի մը, որ թոռանը զաւակը ծնկան վրայ խաղցուցած էր։ Երկու տարէց զաւակներ ունէր, ամէն մէկը բազմաթիւ ճիժ ու պիժի տէր։ Չորս տարի առաջ մեռաւ կինը, մեծ հանումը, որ Շիկակցի յայտնի ցեղապետի մը աղջիկն էր։ Կնոջ մահէն երեք ամիս անցած՝ Հիւսէյին բէկ ամուսնացաւ քրտուհիի մը հետ, ինչպէս ինք կ’ըսէր, ցաւոտ ոսկորները տաքցնելու համար։ Երկու տարի առաջ, Քեօռ Հիւսէյին փաշայի կրտսեր զաւկի ամուսնութեան առթիւ, շրջակայ բոլոր ցեղապետներու նման ինքն ալ գնաց Ատիլճավազի Բաթնոց գիւղաքաղաքը: Հոն հանդիպեցաւ Մալազկերտի չէրքէզ Մանսուր բէկին եւ անոր եղբօր աղջկանը, որ այն ժամանակ հազիւ տասնվեց տարեկան գեղեցկուհի մ’էր։ Ծերունի ցեղապետի սառած արիւնը եռ եկաւ, ու հակառակ իր տնեցիներու տրտունջներուն՝ որոշեց երկրորդ կին մը բերել տուն։ Միջնորդ բարեկամներ մէջտեղ ինկան եւ 12 եզ, 60 ոչխար, չորս ձեռք խալաթ (հագուստ) եւ երեք աշխէտ ձի տալով Մանսուր բէկին, Հիւսէյին բէկը Խատիճէին հետ նիքեահ կապեց։

Երջանիկ էր Հիւսէյին բէկը։ Եթէ միայն Աստուած զաւակ մ’ալ պարգեւէր իրեն, այլեւս կեանքէն բան մը չէր ուզեր, մեռած ատենն ալ աչքը ետեւը չէր մնար։ Սակայն, երկու տարի անցեր էր ամուսնութենէն ի վեր ու դեռ նշան մը չէր երեւնար, որ իր սրտաբուխ աղօթքները Աստուած լսած լինէր: Ծերունի ցեղապետի սրտին մեծ տարտ մ’եղաւ Խատիճէի ամլութիւնը։ Վայրկեան մը իսկ չէր ուզեր տարակուսիլ, որ այդ կրնար հետեւանք լինել իր ծերութեան։ Ու որոշեց երկու շաբաթով Պարսկաստան անցնիլ, Թադէոս Առաքեալի վանքը ուխտի երթալ, որ ամբողջ Մակուի եւ Ապաղայի շրջաններուն մէջ յայտնի սրբատեղի մ’էր, հռչակուած որպէս ամուլ կիներու մուրազատու։

Խատիճէն, որ տարիքով ամուսնուն թոռան տեղը կուգար, Հիւսիսային Կովկասի Կուպանի շրջանէն էր, յայտնի չէրզեք մեծատան մը աղջիկը։ Ամբողջ աուլի (գիւղ) մէջ չկար անոր նման գեղեցկուհի մը։ Հայրը՝ հաճի Համզար, որ մեծ կարողութիւն մը ունենալէ զատ Եկատերինոտարի ռուս պաշտօնէութեան հետ եղ ու մեղր էր, դիրքի ազդեցութեան տէր, մտածեց աղջիկը քաղաք, գիմնազիա ուղարկել կրթուելու համար։

Հօրենական բարեկամ մ’ունէր քաղաքը, կերպասեղէնի մեծ վաճառական Շափոշնիկով անուն պատուական հայ մը, որու աղջիկներուն հետ կրնար գիմնազիա երթալ Խատիճէն։ Այդպէս ալ ըրաւ։

Դժբախտաբար, հաճի Համզարի ցանկութիւնը չիրականացաւ։ Լեռներու եւ անտառներու մէջ մեծցած Խատիճէի համար քաղաքը, մանաւանդ դպրոցը սարսափելի բանտ մը թուեցաւ։ Հակառակ Շափոշնիկովներու հարազատ գուրգուրանքին, երկու տարին չանցած, հաճի Համզարը ստիպուեցաւ աղջիկը նորէն գիւղ տանիլ դէպքի մը պատճառով, որ ամբողջ քաղաքին խօսակցութեան պատճառ դարձաւ։ Երիտասարդ զինուորականներէն շատեր պատճառ մը կը փնտռէին Շափոշնիկովներուն այցելելու՝ տեսնելու համար այդ վայրի գեղեցկուհին, որ ռուս ուսուցչուհիի յանդիմանութիւնը չկրնալով տանիլ, ծոցէն ղանչալը քաշած եւ կատուի նման յարձակած էր լեղապատառ կնոջ վրայ։

Կը խնդրեմ տարէք այս վայրի կատուն, խնդրած էր տեսչուհին Շափոշնիկովէն, մեր դպրոցի մէջ չենք կրնար պահել այդ աղջիկը։

Այսպէս, Խատիճէն կիսատ պռատ ռուսերէն մը սովրած՝ վերադարձաւ գիւղ, իր սիրած լեռներն ու անտառները։

Հաճի Համզարի եղբայրը՝ Մանսուր բէկը 1885–ին, իր հետեւորդներով հեռացեր էր Կովկասի շրջանէն նախընտրելով հպատակ դառնալ միւսիւլման սուլթանի մը, քան անհաւատ ցարի մը։ Թուրք կառավարութիւնը Մալազկերտի շրջանին մէջ այդ գաղթականներուն շնորհեց բազմաթիւ գիւղեր, որոնք այդ շրջանը տեղաւորուելով՝ պատուհաս դարձան շրջակայ հայ եւ քիւրտ երկրագործ գիւղացիներու գլխին:

Երեք տարի առաջ հաճի Համզարը Խատիճէի եւ մեծ զաւկին հետ՝ Կովկասէն եկաւ տեսնելու եղբայրը, որմէ տասնեակ տարիներ առաջ բաժնուած էր։ Մանսուր բէկը թէեւ երկու մանչ զաւակ ունէր, բայց աղջիկ չունենալուն՝ խնդրած էր եղբօրմէն, որ Խատիճէն իրեն ձգէ։ Կը խոստանար աչքի լուսին պէս պահել եւ լաւ տեղ մը ամուսնացնել զայն:

Ահա այս պարագաներու մէջ էր, որ չէրքեզներու սովորութեան համաձայն՝ Մանսուր բէկը Հիւսէյին բէկին կնութեան տուաւ Խատիճէն, ծանր խարաճի փոխարէն։

Ճաշէ յետոյ, վանահօր առաջնորդութեամբ հիւրերը եկեղեցի մտան։ Խորանի աջ կողմը, նեղ խուցի մէջ համբուրեցին Թադէոս Առաքեալի գերեզմանը ու մոմ վառեցին անոր վրայ։ Վանահայրը, ի պատիւ հիւրերուն, Սուրբի արծաթապատ աջը պահարանէն հանեց եւ մասնաւոր արարողութիւն մը կատարեց։ Բոլորը ջերմեռանդութեամբ համբուրեցին այդ մասունքը եւ՝ ուխտերնին կատարած՝ դուրս եկան եկեղեցիէն։

Դուրս գալու ժամանակ, Խատիճէի հետեւորդ կիներէն մէկը կամաց մը ծոցը կոխեց գերեզմանի վրայ գտնուող աշտանակներէն մէկը։ Վանահայրը, որ ամբողջ ժամանակ կը հետեւէր հիւրերու շարժումներուն, նկատեց կնոջ ըրածը, բայց չտեսնելու տուաւ։ Այդ՝ ընդունուած սովորութիւն մ’էր։ Ամէն ուխտաւոր կ’աշխատէր բան մը գողնալ վանքէն, մինչեւ որ ուխտը կատարուէր։ Ատկէ վերջ, գողօնը ետ կը բերէր, եւ ուրիշ բան մ’ալ անոր հետ։

Հիւսէյին բէկը, իր հետեւորդներով, սաստիկ ծանր կ’ազդէր վանքի աղքատիկ տնտեսութեան վրայ։ Այնպէս որ, երբ իր գալէն երկու օր ետք, ան յայտնեց, թէ ինք իր հետեւորդներով պէտք է մեկնի Կարէյնի, Մակուի Սարդարին հանդիպելու համար, վարդապետը ներքուստ շատ ուրախացաւ։

Բէկ, վանքը քու տունդ է, ամենէն քիչ շաբաթ մը մնալու էիր:

Հա՛, Աստուած շէն պահէ վանքը, պէտք է երթամ։ Բայց խանումը քեզի հիւր կը մնայ քանի մը խոլամով։ Տեսնենք՝ թերեւս ութ տաս օրէն նորէն կուգամ՝ խանում տանելու։

Անշուշտ վանահայրը շատ ուրախ պիտի լինէր, եթէ բոլորն ալ երթային։ Բայց եղածը՝ չարիքներու փոքրագոյնը համարեց։

Երբ Վահէն իմացաւ բէկի մեկնելու եւ Խատիճէի մնալու լուրը, մեծապէս ուրախացաւ։ Բէկի եւ Խատիճէի գալէն յետոյ, Վահէն բոլորովին փոխուած, անհանդարտ վիճակ մ’ունէր։ Երկու անգամ միայն վանահօր հետ գացեր էր բէկի մօտ, հազիւ ռուսերէն քանի մը խօսք փոխանակեր էր Խատիճէի հետ, ան ալ Հիւսէյին բէկի ստիպումով, որ անչափ կը հպարտանար կնոջը օտար լեզու մը գիտնալով։ Բայց այդ կնոջ ներկայութիւնը վերուվար շրջած էր Վահէի հոգեկան աշխարհը։ Երբ տեսաւ Խատիճէն, իր մէջ արթնցան հայրենական տան վառ յիշատակները, ծերունի հայրն ու մայրը, քոյրերն ու եղբայրները ու իր մանկութեան օրերը, երբ իրենց տան մէջ խօսակցութեան լեզուն գլխաւորաբար չէրքեզերէնն էր, ինչպէս բոլոր բնիկ արմաւիրցիներունը։

Որքան ալ որ Վահէն բազմաթիւ գաղափարակից ընկերներ ունէր Կովկասի ու Երկրի մէջ, նորէն իր շրջանէն դուս ինկած օտարականի մը հոգեկան մինակութիւնը կը զգար որոշ ատեններ։ Թերեւս երբեք մինակութեան զգացումը այնքա՜ն ուժեղ կերպով չէր ունեցած՝ որչափ այդ կնոջ գալէն յետոյ։

Դուք ո՞րտեղացի էք, պարոն ուսուցիչ, Խատիճէն հարցուց անգամ մը՝ խօսքը Վահէին ուղղելով։

Պաքուի կողմերէն, անորոշ պատասխան մը տուաւ Վահէն, եւ ներքուստ դառնացաւ, որ ակամայ խաբած էր այդ կինը։

Ի՜նչ մեծ հոգեկան թեթեւութիւն ու անսահման բաւականութիւն պիտի զգար Վահէն, եթէ միայն կարողանար նստիլ Խատիճէի ու պառաւ դայեակի մէջտեղը, խօսիլ այն լեզուով, որ իր մանկութեան լեզուն էր, պատմել լեռնային գիւղերէն, ուր կ’երթար ամառնային արձակուրդներու ժամանակ, երգել լեռնականերու երգերը, որոնք այնքա՜ն գրաւիչ, այնքա՜ն հարազատ շեշտ մը ունէին իրեն համար։

Երբ դեռ շատ փոքր էր, մայրը զինքը քնացնելու համար, չէրքեզներու երգերէն կ’երգէր, անոնց հէքեաթներէն կը պատմէր։

Հիւսէյին բէկի երթալէն երեք օր անցած էր։ Երեկոյեան կողմը, Խատիճէի պառաւ դայեակը եկաւ եւ խանումի կողմէն հրաւիրեց ընթրիքի վանահայրը, Գարեգին վարդապետն ու Վահէն։ Գրեթէ լուռ ընթրեցին: Խատիճէն մռայլ տրամադրութեան մէջ էր այդ իրիկուն։ Ուշադիր դիտող մը դժուարութիւն պիտի չքաշէր նկատելու լալէն թեթեւակի կերպով ուռած անոր կոպերը:

Վանահայրը Գարեգին վարդապետի օգնութեամբ կ’աշխատէր ուրախ խօսակցութիւն մը բանալ՝ տիկնոջ տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար, բայց չէր յաջողեր։

Աստուած տայ, Ձեր ուխտը ընդունուի, ըսաւ վանահայրը, մինչ Գարեգին վարդապետը իր խօսքերը ռուսերէնի կը թարգմանէր, մեծ է զօրութիւնը մեր Սուրբին։ Քանի քանինե՜ր լացով եկած՝ ուրախութեամբ վերադարձած են։

Այո՞, հազիւ քօղարկուած հեգնանք մը կար Խատիճէի արտասանած այդ միակ բառին մէջ։

Ու Վահէն, որ անոր դիմացը նստած էր, տեսաւ որ կնոջ աչքերը փայլեցան բարկութեամբ։ Բայց կինը անմիջապէս ինքզինքը զսպեց ու բարեկամօրէն ժպտեցաւ՝ վանահօր նայելով։

Այո՛, իրաւունք ունէք, կարող է իմ ուխտս ալ կատարուիլ։

Սաստիկ անյարմար կացութիւն մը ստեղծուած էր Վահէին համար։ Խատիճէն ու դայեակը երբեմն չէրքեզերէն կը խօսէին իրարու հետ՝ բոլորովին վստահ, որ զիրենք հասկցող չկայ։ Անոնք իրարու բաներ կ’ըսէին, որ պիտի չըսէին օտարականի մը առջեւ։ Վահէն փոշմանած էր եկած լինելուն համար։ Առանց խօսակցութեան խառնւելու, անհամբեր կը սպասէր, որ վանահայրը նշան տայ մեկնելու։

Ժամանակ է որ երթանք, կարծես Վահէի միտքը գուշակելով՝ ըսաւ վանահայրը, դուք ալ հանգստանալու պէտք ունիք։

Խնդրեմ, մի՛ աճապարէք, տխրութեամբ պատասխանեց Խատիճէն, հազիւ թէ տարին անգամ մը կարգին մարդոց հետ խօսելու պատեհութիւն կ’ունենամ…

Խատիճէի ձայնին, դէմքի արտայայտութեան մէջ այնպիսի յուսահատ դառնութիւն մը կար, որ Վահէն ատոր տակ ծածկուած ողբերգութիւնը զգալով՝ գլուխը վերցուց եւ ուղիղ նայեցաւ դեռատի կնոջ աչքերուն, որոնք իր վրան յառած էին։ Խե՜ղճ չէրքեզուհի, ազատ լեռներու վայրի այծեամը արգելափակուած էր ծերունի բէկի կանանոցին մէջ։

Ուշ ատեն մեկնեցան մեր բարեկամները։ Վանահայրն ու Գարեգին վարդապետ իրենց խուցը քաշուեցան, իսկ Վահէն բարձրացաւ վանքի տանիքը։ Պարսպի վրայ անկիւն մը նստաւ եւ սկսաւ մտածել, գլուխը ձեռքերուն մէջ առած։ Երանի եկած չլինէին այդ ուխտաւորները, երանի եկած չլինէր ե՛ւ Խատիճէն։ Բացի անոր հայրենակից մը լինելու հանգամանքէն, կնոջ բացառիկ գեղեցկութիւնը, գրաւչութիւնը, մանաւանդ ապրած ողբերգութիւնը խորապէս յուզած էին Վահէն։ Արդեօ՞ք միայն պարզ կարեկցութիւն մ’էր Վահէի զգացածը: Այդ մասին ան չէր ուզեր իսկ խորհիլ։ Վերջապէս իր ի՞նչ գործը թէ՝ բէկի մը չէրքեզ կինը դժբախտ կամ երջանիկ է, տգեղ կամ սիրուն, հայրենակի՞ց մըն է թէ Ափրիկէի խորերէն եկած։ Բայց եւ այնպէս նստած, կը մտածէր Խատիճէի մասին։

Կէս գիշերը անցած էր արդէն, Վահէն դեռ նոյն տեղը, նոյն դիրքով նստած՝ կը մտածէր, անձնատուր եղած գրաւիչ պատկերի մը, որ չէր կրնար, չէր ուզեր իրմէ հեռու վանել:

Վահէի երեւակայութիւնը վառուած էր Խատիճէի պատկերով, իր մէջ արթնցած էր իր անցեալր։ Մանկութեան օրերը յստակ պարզութեամբ կ’անցնէին աչքին առջեւէն։ Կը յիշէր՝ թէ ինչպէս, երբ հազիւ չորս հինգ տարեկան երեխայ մըն էր, մայրը զինք քնացնելու համար անկողնին վրայ ծռած՝ կ’երգէր Սուլթանէթի երգը, չէրքեզներու յայտնի ժողովրդական դիւցազներգութիւնը։

Վահէն ինք ալ չգիտցաւ թէ ինչպէս նախ սկսաւ սուլել ու ապա մռմռալով երգել Սուլթանէթի երգը։ Անգիտակցօրէն հետզհետէ ձայնը բարձրացաւ։ Լեռնականներու պարզ միամիտ խօսքերով՝ երգը կը սկսէր չէրքեզներու աուլի (գիւղի) նկարագրութեամբ, երբ աշնան, եայլայէն կ’իջնան այծերու հօտերը, լազուտի արտերը կը քաղուին, անոնց մէջ կումպուլները կը բարձրանան, ու երբ երկար ձմեռուան սեմին՝ լեռնական երիտասարդները ամուսնութեան մասին կը մտածեն։ Թաւ, լեցուն ձայնով Վահէն կ’երգէր իր այնքան սիրած երգը.


Աղբիւրի գլխին չէրքեզքին փռեց նամազի համար,
Երեսը դարձուց ղպլէի կողմը, ինչպէս օրէնք է.
Ալեւոր հէրս, աղօթքը ըրաւ ապթեսթը առած:
Օհո՜յ, օհո՜յ, Սուլթանէթ:
Նոր խալաթ հագաւ, փափախը ծռեց, ու տնէն ելաւ.
Ծառի շուքին տակ, հօրդ, հետ նստած, մեր խօսքը բացաւ,
Օհո՜յ, օհո՜յ, Սուլթանէթ:
Սամի բէկն ըսաւ. «Աղջկաս համար ի՜նչ ուզեմ՝ քիչ է.
Մենք հին բարեկամ՝ թո՛ղ այսքան լինի տասնուհինգ մաքի,
Քառսուն կոտ լազուտ, տասներկու թոփ շալ, երկու հատ ալ ձի».
Օհո՜յ, օհո՜յ, Սուլթանէթ:
Հէրս տուն եկաւ, ձեռքը մօրուքին, չուպուխը լէցուց…
Ուզածը կուտամ… ձիերու բանտ թէ դժուար լինի…
Օհո՜յ, օհո՜յ, Սուլթանէթ:

 

Երգը կը շարունակուէր երկար, թախծալի եղանակով մը, որ շեշտուած ելեւէջներ չունէր։ Կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս դիւցազներգութեան հերոսը, Կուպանէն կ’անցնի Դոնի տափաստանը, օրերով կը դեգերի ղազախներու գիւղերուն շուրջը, վերջապէս կը յաջողի երկու, ձի գողնալ ու, երբ աուլի ճամբան կը բռնէ, ձիաւոր ղազախներու խումբ մը վրայ կը հասնի.


Ետ նայիմ՝ տեսնեմ դուման մը փրթեր՝ ետեւէս կուգայ.
Զմրուխտ սարերը մեր եայլաներուն, կ’երեւին հեռուն.
Հո՜յ, հո՜յ թեւ առէք ասլան, ձիերս, շուտով հասնինք տուն:
Օհո՜յ, օհո՜յ, Սուլթանէթ:
Դումանը կ’ըսես ֆուրթունա դարձաւ, սաղ դաշտը բռնեց,
Քսան ղազախնեը թրեր փարտելով՝ ճամբաս կտրեցին.
Օհո՜յ, օհո՜յ, Սուլթանէթ:

 

Երգի հերոսը կատաղի կռուի մը մէջ կը սպաննուի մուրազին չհասած, երբ արդէն մօտեցած կը լինի աուլին։ Օրեր շարունակ Սուլթանէթը գիւղէն դուրս, ծառի մը տակ նստած, դաշտէն դէպի աուլը սողացող ճամբան կը պրպտէ արցունքոտ աչքերով սիրած կտրիճը սպասելով, որ ալ գալու չէ։

Երգի վերջին խօսքերը, օհոյ, օհոյ Սուլթանէթը դուրս թռան Վահէի սրտի խորքէն անչափ թախիծով։ Չապրուած երիտասարդութեան մը ակամայ տրտմութիւնը լեցուցած էր տղու հոգին, պարապ մնացած տեղ մը կրծքին տակ, որ գաղափարական գործով չէր լեցուեր սակայն։ Երիտասարդութիւնը, կորովի մարմինը, ապրելու, տենչանքը, արհեստականօրէն զսպուած, բնազդօրէն ըմբոստութեան պահեր կ’ունենային։

Վահէն գլուխը ձեռքերուն մէջ սեղմած՝ կը մտածէր։ Յանկարծ անոր թուեցաւ թէ ետեւի կողմէն շշուկ մը, քչփչոց մը կուգայ։ Ոտքի ցատկեց։ Վահէն չէր սխալած։ Քանի մը քայլ հեռու, պարսպի պատին կրթնած, երկու, ստուեր տեղերնէն շարժեցան: Խատիճէն եւ դայեակը կը մօտենային իրեն։ Վահէն առանց ուզելու, ինքզինքը մատնած էր։ Ուրիշ բան չէր մնար ընելիք, եթէ ոչ փորձել վարպետութեամբ մը դուրս գալ այդ յիմար կացութեան մէջէն: Այնքան անակնկալ մ’էր Խատիճէի յայտնուիլը, որ Վահէն ինչ ըսելիքն ալ չկրցաւ մտածել։ Մէկ երկու քայլ առաջացաւ դէպի կիները։

Խատիճէն, եւ ոչ իսկ զարմանք մը յայտնելով, պարզօրէն ձեռքը երկնցուց Վահէին.

Բառի իռիկուն, ըսաւ հայերէն, որ Շափոշնիկովներու տունը եղած ժամանակ սովրած էր, ու անմիջապէս չէրքեզերէն լեզուով շարունակեց, շատ լաւ երգեցիք, սքանչելի երգ մ’է Սուլթանէթը… առաջին վայրկեանէն որ ձեզ տեսայ, գիտցայ որ դուք այն չէք, ինչ կ’ուզէիք հաւատացնել մեզ…։ Նստինք, հայրենակի՛ց։

Խատիճէի խօսքերուն, ձայնին մէջ այնպիսի հանգստացնող շեշտ մը, մտերմութիւն մը կար, որ Վահէն այլեւս չփորձեց նոր սուտեր հնարել, իր չէրքեզագիտութիւնը ծածկելու համար։ Մանկամարդ կինը վստահութեամբ մօտեցած էր իրեն՝ ու Վահէն թէկուզ անձնական վտանգի գնով, չէր ուզեր եւ չէր կրնար այլեւս կեղծել: Այնպէս որ, երբ Խատիճէն նստաւ պարսպի վրայ, ու ձեռքովը տեղ մը ցուցուց նստելու, Վահէն առանց այլեւայլի քովը նստելով, չէրքեզերէն ըսաւ.

Գլուխս սաստիկ կը ցաւէր, բարձրացայ տանիքը քիչ մը մաքուր օդ առնելու համար…

Եւ երգելու, սպասող սիրահարի երգը, վրայ բերաւ Խատիճէն, ուղիղ Վահէի աչքերուն նայելով.

Որ երբեք չի գալու, պատասխանեց Վահէն ծիծաղելով:

Այդ միայն Աստուած գիտէ՛, ըսաւ Խատիճէն, մարդու իմաստութիւնը կարճ է, ինչ որ գրուած է մարդու ճակատին, այն կը լինի… գըսմէթ…

Երկուքն ալ լռեցին։ Թերեւս վախցան որ արդէն շատ բան ըսին իրարու։ Դայեակը, սկսաւ հարցուփորձը, անշուշտ Վահէն Արմաւիրցի էր, որ այդքան սահուն կերպով կը խօսէր չէրքեզերէն։ Ի՞նչպէս չէ՛, դայեակը տարիներով ապրած էր Արմաւիր, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կը ճանչնար. Պապովներու տան մէջ որպէս աղախին ծառայած էր երեք տարի։

Երբ Խատիճէն ու դայեակը մինչեւ իրենց սենեակը առաջնորդելէ վերջ, Վահէն ներս մտաւ վանահօր խուցը, բակի աքլորները խօսիլ սկսան։ Ինկաւ անկողնի վրայ ու մեռած մարդու մը նման քնացաւ Վահէն։

Յաջորդ օրերը, Վահէն եւ Խատիճէն շուտ շուտ կը հանդիպէին իրարու, կամ վանքի բակին մէջ, եւ կամ տանիքը, որու տակ կը փռուէին ոլորապտոյտ ձորը եւ հանդիպակաց մանր բլուրները։ Գիշերները, երբ Հիւսէյին բէկի ղօլամները գիւղ կ’երթային հանգստանալու, վանահայրը, Գարեգին վարդապետը եւ Վահէն գրեթէ միշտ Խատիճէի մօտ կ’անցընէին իրենց ժամանակը։ Նոյնիսկ Առիւծ Գեւօն եւ Համբարը, մութը կոխելէն վերջ, ազատ կերպով դուրս կուգային վանքի բակը ման գալու համար։ Երբ այս մասին վանահայրը նկատողութիւն ըրաւ Վահէին, վերջինս, ուսը թօթուելով պատասխանեց.

Հա՛յր Սուրբ, վնաս չունի։ Կացինի կոթը պարկի մէջ չես կրնար պարտկել…

Այսքանը, բաւական էր որ վանահայրը սկսէր մտահոգուիլ։

Անշուշտ կոյր չէր վանահայրը. կը նկատէր մանկամարդ կնոջ եւ Վահէի մօտիկութիւնը, ժամերով առանձնացած խօսակցութիւննին, բայց այդ բոլորը վերագրելով հայրենակցական մտերմութեան, բնական կը գտնէր եւ նկատողութիւն մը չէր ըրած Վահէին:

Բայց վերջին օրերը, վանահայրը Վահէի վրայ զգալի փոփոխութիւն մը նշմարեց։ Վահէն սովորական աղմկոտ կենդանութիւնը կորսնցուցած, յաճախ ցերեկով կ’երկննար դիւանի վրայ ու առանց քնելու, ձեռքերը գլխուն տակ դրած, ժամերով աչքը առաստաղին յառած, անշարժ կը մնար, կարծես անդամալոյծ մը լինէր։ Բայց ինչ որ վարդապետի կասկածը արթնցուց, այդ Վահէի ապրած գիշերային խորհրդաւոր կեանքն էր։ Լոյսը բացուելու մօտ, աքաղաղներու խօսելու ատեն ներս կը մտնար խուցէն՝ քնելու համար։ Ինչո՞ւ այդքան կ’ուշանար Վահէն։ Ճիշդ է, որ վանահայրը մտքէն իսկ չանցուց ընկերը լրտեսել, այդ մասին Գարեգին վարդապետին ալ բան մը չյայտնեց, բայց վճռականօրէն որոշեց խօսիլ, բացատրութիւն մը պահանջել անորմէ։

Թէեւ վանահայրը Վահէի տուած տարտամ բացատրութիւնով գոհացաւ, սակայն վանքին մէջ մէկը կար, որ աւելին տեսած էր, ու եղած տեղը կ’եփէր կը մրկէր, գիտցածը մէկ ուրիշի մը պատմելու համար։ Վանքի տնտես կինն էր ան։ Պառաւը հազիւ թէ կը քնէր։ Լոյսը լրացուած ոտքի վրայ՝ ան թոնիր վառելու պատրաստութեան մէջ էր, կամ աւլել թափելու ետեւէ։ Ամէն վանք, իր անտեսանելի աչքը ունի, պառաւ Խաթունն ալ Թադէոս Առաքեալի վանքին ամենատես աչքն էր։

Յիսո՛ւս Քրիստոս, աղջի՛կ, բերանս վրայ չ’երթար որ ըսեմ, թո՛ւ, թո՛ւ, թո՛ւ, չըլլալիք բան է…

Քա տնտես Խաթուն, կը հարցնէր գիւղացի կին մը, որ եկած էր վանքի մեծ կաթսան տանելու համար, քա՛ Խաթուն, չըլլա՞յ որ մառանի ծուռ ոտքերով սատանան տեսար, մամս, լուս իջնայ գերեզմանին, կը պատմէր, որ ատենօք…

Աղջի՛, չէ՛, տահա պէթէր բան մը, քեզի ըսեմ, բայց մարդու բան չըսես, ու ծռելով կնոջ ականջին փսփսաց երէկ իրիկուն կէս գիշերէն վերջը, բէկի խանումն ու Վահէն, քով քովի պարսպի վրայ նստած…

Քա ո՜ւյ…– ու գեղական կնոջ աչքերը փայլեցան հետաքրքրութեամբ, տահա տահա…

Ի՞նչ ըսեմ քուրս, բերանս վրայ չ’երթար, քով քովի նստած, իրարու փաթթուած կը պաչպչուէին…

Դու մի՜ ըսեր…

Ժամ պատարագը քէօռցնի աչքս թէ սուտ կ’ըսեմ.

Է՜…

Աղջի՛, աման դուն գիտես, մարդու բան չըսես…

Քա, ո՜ւյ, տնտես Խաթուն, դուն ինծի նո՞ր կը ճանչնաս… հա ինծի ըսած, հա էսա պատին…

Երբ կինը կաթսան շալկած գիւղ վերադարձաւ, առաջին գործը եղաւ իր փոքր երեխան ճամբել դրկից Յակոբի կնոջ, Մարիամի ետեւէն։

Քա հարս, գիտե՞ս ինչ ըսաւ տնտես Խաթունը, պարոն Վահէն եւ բէկի կինը… էնպէս, որպէս թէ էրիկ կնիկ… ամման ոտքդ պագնեմ Մարիամ, մարդու բան չըսես:

-------------

Երկու օր առաջ Խատիճէն դայեակի եւ Հիւսէյին բէկի ղրկած ղօլամներուն հետ մեկնած էր Ապաղայի Խաչան գիւղը։ Վերջին պահուն երբ վանահայրը ու վանքեցիները հաւաքուած սենեակին մէջ, բարի երթ կը մաղթէին մանկամարդ խանումին, Խատիճէն, որու աչքերը լալէն կարմրած էին, յարմար առիթ մը գտնելով, երբ ոչ ոք կը լսէր զիրենք, ըսաւ Վահէին.

Չես մոռնար որ Խաչանի մէջ բանտարկուած անբախտ աղջիկ մը կ’աղօթէ քեզ համար…

Երկու օր անցած էր Խատիճէի երթալէն, ու դեռ Վահէի անսովոր տխրութիւնը չէր փարատած։ Բարեբախտաբար այնքան աշխատանք կար, որ Վահէն շարունակ զբաղած, հազիւ թէ ժամանակ կ’ունենար անձնական վշտով ապրելու։ Խոյէն եւ Արապլուէն օր ընդ մէջ կը հասնէին սուրհանդակները, բեռնաւորուած ապրանքով։ Հարկաւոր էր մաքրել, դասաւորել եւ աստիճանաբար Երկիր մտցնել ատոնք։

Վահէն սաստիկ մտահոգուած էր Գէորգի ուշանալուն պատճառով։ Թէեւ նախապէս համաձայնած էին, որ շաբաթ մը վերջ Գէորգն ալ վանք պիտի հասնէր, բայց երկու շաբաթ անցած էր արդէն եւ ոչ մէկ լուր անկէ։ Չէին եկած Ալեքսանդրոպոլի փախստական զինուորները, Նիկոլն ու Յակոբը եւ ոչ իսկ Վարդանը, որու գալուն այնքան անհամբերութեամբ կը սպասէր Վահէն։ Հոկտեմբեր ամսի առջի օրերն էին, երկու շաբաթէն սարերու գագաթները կը սկսէին ձիւնով ծածկուիլ, դժուարացնելով փախստական միջոցներով Երկիր անցնելը։ Վահէն որոշեց երեք օր մ’ալ համբերել, եւ եթէ սպասած ընկերները չերեւային, մինակը անցնիլ Վան։

Առտու մը բոլորը միասին նստած վանահօր խուցին մէջ, կը նախաճաշէին, երբ դուռը բացուելով Թադոս Ախպերը երկու անծանօթ մարդիկ մտցուց ներս։ Խուցը այնքան մութ էր, որ Վահէն դժուարութեամբ ճանչցաւ նոր եկողները, որոնցմէ մէկուն գլուխը փաթթուած էր լաթի կտորով մը։

Օ՜ տղաքը, ու Վահէն նստած տեղէն վեր ցատկեց, ու յանկարծ տեսնելով Նիկոլի կաղալով մօտենալը եւ Յակոբի փաթթուած գլուխը, կանգ առաւ։

Բարեւ, պարոն Վահէ.

Բարեւ, բարի եկաք, էս ի՞նչ է պատահած…

Նիկոլն ու Յակոբը առանց պատասխանելու, գլուխնին կախեցին յանցաւորներու նման։ Վանահայրը, Գարեգին վարդապետը, Առիւծ Գեւօն ու Համբարը շրջապատեցին նորեկները, կանխազգալով որ ծանր դէպք մը պատահած լինելու է։

Հը՞, Նիկոլ, տղուն թեւը բռնելով հարցուց Վահէն։

Մէկ ձգեցէք տղաքը նստին, հանգստանան, միջամտեց վանահայրը, Թադո՛ս, թէյ լեցուր։

Նիկոլը, որու ազդրը այրուած էր, անկարող նստելու՝ կողքի վրայ երկնցաւ, իսկ Յակոբ տեղաւորուեցաւ Առիւծ Գեւոյի ու Համբարի մէջտեղը, ու առանց խօսելու սկսաւ ուտել, շորով մը փաթթուած այլանդակ գլուխը վար կախած։ Յայտնի բան էր, որ երկուքն ալ սաստիկ ընկճուած՝ բոլորովին անտրամադիր էին խօսելու, հազիւ թէ կ’ուտէին խուսափելով զիրենք շրջապատողներուն նայելէ:

Տէ՛ տղաս, պատմէ տեսնենք, հարցուց վանահայրը երբ Թադոս Ախպերը սամավարը եւ սփռոցը վերցուց մէջտեղէն, էս ինչո՞ւ էսպէս փաթաթուած, վիրաւոր…

Յակոբն ու Նիկոլը իրարու նայեցան, ո՞վ պիտի պատմէր, Յակոբի գլուխը կրծքին ինկաւ, ու աչքերուն արցունքը սրբեց։ Նիկոլը պառկած տեղը քիչ մը շտկուելով, դարձաւ Վահէին, ու սկսաւ պատմել.

Երեքով փոխադրուեցանք կղզիի վրայ…

Երեքո՞վ, հարցուց Վահէն, որ մտազբաղ, մօրուքին հետ կը խաղար, երեքով ըսիր, իսկ երրորդը ո՞վ էր…

Նիկոլը անմիջապէս չկրցաւ պատասխանել, իսկ Յակոբի ձեռքերը նորէն բարձրացան դէպի աչքերը: Հազիւ քանի մը ժամ ընկերութիւն ունեցած էին Վարդանի հետ, բայց այդքանը բաւական եղած էր, որ անոր եղերական կորուստը անհարին չափով ազդէր իրենց վրայ:

Թիֆլիզցի պատանի մ’էր, վերջապէս պատասխանեց Նիկոլը, Չոփուրը հետերնիս դրաւ… Վանք կուգար… անունը Վարդան էր…

Վարդա՞նը, ու Վահէն տեղէն վեր ցատկեց, սիրտը չար նախազգացումով ճմլուած։

Ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր է…

Վանահայրը ձեռքի շարժումով մը պատուիրեց լռել, ինքն ալ զգալով որ ծանր աղէտ մը պատահած էր:

Վահէ՛, խնդրեմ հանդարտ, թող Նիկոլը պատմութիւնը վերջացնէ։

Լուսաբացի մօտ էր, Քերպելան ու ընկերները որոշեցին մեզ կղզիի վրայ թողուլ, յաջորդ գիշերը փոխադրելու համար…– ու Նիկոլը մանրամասնօրէն պատմեց պայթիւնը ու անոր յաջորդող կացութիւնը։

Վահէն անկիւնը նստած, անորոշ հայեացքը կեդրոնացուցած կէտի մը, այլեւս առանց ընդմիջելու կը լսէր Նիկոլի պատմութիւնը որ կապարի նման կը ճնշէր սիրտը:

Մէկ ալ Վարդանի գլուխը մէկ կողմի վրայ իջնալով՝ հեծեծանքը դադրեցաւ, խօսքը վերջացուց Նիկոլը: Գետը հետզհետէ կը բարձրանար, հազիւ թէ այս սենեակի տարածութեամբ ցամաք մնացած էր։ Կղզին հետզհետէ կը փոքրանար… եթէ անմիջապէս դիմացի ափէն մեր մարդիկը չհասնէին, մենք կորած էինք…

Վահէ՛, էդ Վարդանը ո՞վ է, նոր ընկե՞ր մը, հարցուց վանահայրը, առաջին անգամ է որ անունը կը լսեմ, հը՞, Վահէ…

Վանահայրը ստիպուած եղաւ, հարցումը կրկնել։

Պոնտոլովսկին սպաննող երիտասարդը… կարծես աւելի ինքնիրեն խօսելով պատասխանեց Վահէն։

Այս անակնկալ նորութիւն մ’էր բոլորի համար։ Ապշած իրարու կը նայէին, մինչ Յակոբը ծնկուըները ծեծելով հեծեծաց.

Վա՜խ ասլան, վա՜խ… ու աւելի եւս կծկտեցաւ նստած տեղը, սրբելով աչքերէն հոսող առատ արցունքը:

Վահէի նոր յայտնութիւնը կարկամեր էր Նիկոլի լեզուն։ Ալ ի՞նչ պատմէր, ինչպէ՞ս պատմէր, ինչպէ՞ս ըսէր թէ այդ պատանի հերոսը գետամոյն էր եղած։ Տիրեց ճնշող լռութիւն մը. ճանճի ճզճզոցը կարելի էր լսել. երբեմն միայն Յակոբը մեղմօրէն կը հեծկլտար, անկարող ինքզինք զսպելու։ Գարեգին վարդապետը, որ մէկ երկու անգամ էջմիածնի վանքին մէջ հանդիպած էր Վարդանին, գլուխը վար կախեց, ու գունաթափ շրթունքները անձայն շարժեց։ Նոյնիսկ Առիւծ Գեւօն, որ շուտով ազգուող չէր, պեխերը ոլորելու պատրուակով աչքերուն մէջ լճացող արցունքը սրբեց:

Պատմէ, տղաս, պատմէ, մեղմօրէն ըսաւ վանահայրը, ինքն ալ ծայր աստիճան յուզուած։

Մեր կացութիւնը յուսահատական կը դառնար, ընդմիջումներով պատմութիւնը շարունակեց Նիկոլը, երկուքս ալ բազմաթիւ տեղերէ այրուած, ազատ շարժիլ չէինք կրնար։ Այլեւս ամէն վտանգ աչք առած՝ սկսանք օգնութիւն կանչել։ Թող գային ո՛ր ափէն որ կ’ուզէին, միայն թէ մեզ ազատէին այդ վիճակէն։ Բարեբախտաբար Քերպելան եւ ընկերները գետի բարձրանալէն մտահոգուած, եկած էին գետափը ու լաստը կը սարքէին։ Մեր օգնութիւն աղերսող աղաղակները լսելով, լաստը գետը իջեցուցած, շատ մեծ դժուարութեամբ, մեր քովը հասան։ Երկու խօսքով պատմեցինք Քերպելային պատահած սարսափելի աղէտը։ Ժամանակ չունէինք կորսնցնելիք, խելագար Արաքսը կը լափէր ահագին կղզիի մնացորդ այդ փոքր տարածութիւնը՝ որու վրայ ազատ շարժելու տեղ իսկ չէր մնացեր։ Քերպելան Վարդանի վրայ ծռած՝ անոր մարմինը շօշափեց յայտնելով, որ մեռած է։ Մեզ երկուքս գրկելով լաստի վրայ տեղաւորեցին, ու հեռացանք կղզիէն։ Թէ ինչպէ՞ս յաջողեցանք պարսկական ափը դուրս գալ, դժուար թէ կարողանամ բացատրել, լաստը թեթեւ, շիւղի մը նման կը տատանէր կատղած ալիքներու վրայ, ամէն վայրկեան ենթակայ ջարդ ու փշուր լինելու։ Երբ ցամաք ելանք, խնդրեցի Քերպելայէն, որ պէտք է դիակը բերելու, համար փորձ մը ընել, բայց ան կտրականապէս մերժեց կրկին անգամ գետը անցնիլ, որ իրեն ու իր մարդոց կեանքը կրնար արժել։ Մէկ ալ որ, դիակը Պարսկաստան անցընելով գիւղատէր խանին առիթ մը տուած կը լինէինք մեզ կողոպտելու եւ որ աւելի վատն էր, հարցուփորձերով կրնար մեր գործունէութեան գաղտնիքները իմանալ։ Ատկէ զատ՝ գետը անվերջ կը բարձրանար. «Կէս ժամ չանցած», ըսալ Քերպելան, «Արաքսի մէջ ջրէն վեր կղզի չի մնար»։ Ուրիշ ճար չունէինք, հետեւեցանք մեր առաջնորդներուն։ Երկու օր թագնուած մնացինք Քերպելայի տան մէջ։ Երրորդ օրը միայն քիչ մը կազդուրուած ճամբայ ելանք, վանք գալու համար։

Վահէն ամբողջ ժամանակ լուռ, աչքերը գոցած մտիկ կ’ընէր։ Երբ Նիկոլը վերջացուց պատմութիւնը, ու ամէնքը կղզիի վրայ կատարուած այդ ողբերգութեան տպաւորութեան տակ ընկճուած լռեցին, Վահէն առանց ընկերներուն նայելու բարձրացաւ տեղէն, ու խցէն դուրս ելաւ։ Վանահօր նեղ ու խաւար խուցին մէջ կարծես շնչահեղձ պիտի լինէր։ Գլուխը կախ, ձեռքերը մէջքին վրայ կապած, ծանր ծանր բարձրացաւ քարէ սանդուխներով խուցերու երկարաւուն տանիքը, ու հոն պարսպի վրայ նստաւ գլուխը ձեռքերուն մէջ առած, քարէ արձանի նման անշարժ:

Հազիւ թէ Վահէն արտասուած լինէր ամբողջ կեանքին մէջ։ Ապառաժի կարծրութեամբ սիրտ մ’ունէր ան, ֆանաթիք կատաղութիւն մը, որ անձնազոհութեան ոչ մէկ սահման կը ճանչնար։ Այն օրէն երբ ինքզինք նետեց յեղափոխութեան գիրկը, կարծես հիմնովին արմատախիլ ըրաւ սրտի մէջէն կարեկցութեան զգացումը, գութը, խղճահարութիւնը: Բազմաթիւ ընկերներ կռիւներու մէջ քովը ինկան, ուրիշներ բանտերու զնտաններու մէջ մեռան, Վահէն որ ինքզինք խնայել չէր գիտեր, ընկերներու վախճանով գրեթէ չէր հետաքրքրուած: Ընկեր մը արժէք էր՝ իրեն համար քանի ան կենդանի մասնակցութիւն մը ունէր գործի մէջ, շարքէ դուրս եկած՝ ան կը դադրէր գոյութիւն ունենալէ։ Ասով մէկտեղ Վարդանի անակընկալ մահը խորապէս ցնցեց իր պողպատ ջղերը: Հազիւ երեք չորս ամիս մէկտեղ եղած էին. փոթորկոտ շրջանի մը մէջ երբ մարդու հոգեկան ու բարոյական ուժերը կը լարուին, ու մարդու նկարագիրը իր ամբողջութեամբ երեւան կուգայ։

Վարդանի մէջ, Վահէն գտած էր հոգեկան հարուստ գանձ մը։ Դեռ չկազմուած երիտասարդ մը, որ տարիներու փորձառութեամբ ղեկավար դէմք մը կրնար դառնալ։ Ու ահա՛, պատահական աղէտ մը վերջ կը դնէր այդքան խոստմնալից երիտասարդի մը կեանքին։

Վահէն ժամերով նստած մնաց պարսպի վրայ, ճնշուած, անկարող հաշտուելու դառն իրողութեան հետ: Եւ սակայն կեանքը իր ճամբով պիտի երթար, յեղափոխութիւնն ալ անկուշտ երախը բացած, նորանոր զոհեր կլլելով։

Կէսօրին երբ Վահէն եկաւ ճաշելու, բոլորի տրամադրութիւնը թէեւ ընկճուած, բայց այլեւս Վարդանի մասին խօսք չբացուեցաւ։ Ան ալ մէկն էր հարիւրաւոր զոհերէն, որ այսօր մրմուռ, մը տուած, վաղը պիտի մոռցուէր, ու այդքան միայն։ Հոգեկան ուրախ կամ տրտում տրամադրութեամբ գործնական աշխատանք մը կար որ առաջ պիտի տարուէր ամէն գնով, նորէն զէնքերը պիտի քանդուէին, իւղոտուէին, դասաւորուէին, փամփուշտի տոպրակները պիտի համրուէին եւ փոքր ծրարներու վերածուէին։

Գրեթէ լուռ ճաշեցին: Ճաշէն վերջ երբ ներկաները կը պատրաստուէին ցրուելու, ամէն մէկը իր աշխատանքին, Վահէն խնդրեց որ վայրկեան մը սպասեն։

Ես այլեւս չեմ կրնար հոս նստած սպասել, պէտք է վաղը մեկնիմ, քանի դեռ ձիւնը լեռները չէ բռնած։ Այս պայմաններու մէջ, Նիկոլն ու Յակոբը չեն կրնար ինձ հետ գալ, մինչեւ որ վէրքերը չբժշկուին, կը մնայ որ միայն Գեւօն վերցնեմ հետս: Որտեղ որ է Գէորգը մէկ երկու օրէն կ’երեւի։ Քանի մը օը թող սպասէ, մինչեւ որ տղաքը լաւանան ու միասին անցնին սահմանը։

Պա՜, ես ի՞նչ պիտի ընեմ, զարմացկոտ աչքերը շուտ շուտ թարթեց ու վախվխելով հարցուց Համբարը, որ Առիւծ Գեւոյէն չէր ուզեր բաժնուիլ։

Առայժմ վանքը կը մնաս, հոս կ’աշխատիս, մինչեւ որ Երկրէն քեզի կանչեմ, պատասխանեց Վահէն ու խուցէն դուրս ելաւ:

Այդ գիշեր, վանահայրը, Գարեգին վարդապետը եւ Վահէն նստած, գործի մասին խօսակցելով լուսցուցին։ Վահէն ծանր սրտով գրեց Երեւանի ընկերներուն, Վարդանի եղերական մահուան մասին։ Թելադրեց որ անմիջապէս մէկը ճամբուի Շայթախտ, Չոփուր Արթիւշի տեղը բռնելու համար, ինչպէս նաեւ Գէորգին լուր տալ, որ անմիջապէս մեկնի վանք։ «Երրորդ անգամն է որ ձեռք կ’առնեմ Երկրի ճամբան», Վահէն այս տողերով վերջացուց նամակը, «ո՞վ գիտէ թէ ինչ կրնայ պատահիլ, ամէն գնով աշխատեցէք նոր ուժեր պատրաստել Երկրի համար։ Ղեկավար գլուխներու պէտք ունի Երկրի գործը: Հոդ դիզուած ապրանքը մի ուշացնէք փոխադրել վանքը, ձեր բոլոր ուժերը լարեցէք այդ ուղղութեամբ. զէ՛նք, զէ՛նք, զէ՜նք»։

Երբ Վահէն վանահօր անկողնի վրայ քիչ մը հանգստանալէ վերջ արթնցաւ, տեսաւ, որ վանահայրն ու Գարեգին վարդապետը գլուխ գլխի նստած, իր գրած նամակը կ’ընդօրինակէին շատ բարակ թղթի մը վրայ, ծածկագիր թուանշաններով։ Թուղթը այնքան բարակ էր ու թափանցիկ որ միայն մէկ կողմը կարելի էր գործածել։ Վանահայրը թուանշանները կը կարդար՝ մինչ Գարեգին վարդապետը խոշորացոյցի մը օգնութեամբ, շատ մանր թուանշանները կը շարէր իրարու ետեւէ, կարմիը գոյնի թանաքով մը, որ երկու րոպէ չանցած, առանց հետք մը ձգելու կ’աներեւոյթանար։

Հը՞, վերջացուցի՞ք, յօրանջելով տեղէն բարձրացաւ Վահէն, պարզկայ օր է, գիշերը սարի վրայ ցրտէն պիտի դողանք…

Ա՛յ, վերջացաւ:

Գարեգին վարդապետը, կէս թերթ թուղթը նախ ափին մէջ տրորեց ու ապա բթամատի եւ ցուցամատի մէջ առնելով այնքան ոլորեց, որ հազիւ սիսեռի մը մեծութեամբ կլոր գունդ մը դարձաւ։ Այս գունդը, բարակ մաշկի մը մէջ դրաւ Գարեգին վարդապետը, երկաթի շատ բարակ թելով մը բերանը գոցեց ու վանահօր բռնած աղաւնիի թեւին ամրացուց, այնպէս մը որ թռչունի թեւը չսեղմուէր, միաժամանակ եւ չկարողանար կտուցով հանել օղակը:

Երբ երեքով բակը ելան, վանահայրը ձեռքէն դէպի վեր նետեց թռչունը։ Երկար ատեն վանդակի մէջ արգելափակուած աղաւնին, կարծես թէ թռչիլը մոռցած, թեւերը շուտ շուտ թափահարելով հազիւ ինքզինքը օդին մէջ կը պահէր։ Յետոյ աւլելի վեր բարձրացաւ՝ մէկ երկու շրջան ըրաւ, վանքի բարձր զանգակատան շուրջը, ու մէկ ալ թեւերու կանոնաւոր բաց-խուփով ուղղուեցաւ դէպի հիւսիս-արեւմուտք:

Զօրութեանդ մեռնիմ Տէր Աստուած, շիտակ Երեւանի կողմը կը թռչի, բացագանչեց վանահայրը, աչքը ուղղած արդէն հազիւ երեւցող աղաւնիին:

Այո՛, զօրաւոր բնազդ ունին աղաւնիները, բացատրեց Վահէն, մինչ Վանահայրը սրտնեղած, ծուռ ծուռ նայեցաւ Վահէին, եւ ուսերը թօթուեց։ Էս նոր երիտասարդներն ալ, որոնք կ’աշխատէին ամէն ինչ բացատրել, փոխանակ Աստուծու մատը տեսնալու…

Մութը կոխելուն, վանքի մէջ գտնուողները բոլորն ալ հաւաքուեցան դարպասի մօտ։ Վահէն եւ Գեւօն դուրս եկան վանահօր խուցէն, գաղթականի շորեր հագած։ Խաչանցի երկու վալատ հայեր, բեռները շալկած, պատրաստ կը սպասէին:

Տէ՛, մնաք բարով, ըսաւ Վահէն։

Ընկերները մօտեցան իրարու եւ գրկընդխառնուած համբուրուեցան:

Բարի երթաս, Փութկու Սբ. Գէորգ քեզ քէօմէկ էղնի, արցունքերը սրբելով բարեմաղթեց Թադոս Ախպերը:

Գիւղի մօտովը անցնելով մեր ճամբորդները ջաղացքի ճամբան բռնեցին եւ շուտով անյայտացան խաւարի մէջ։