Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՂԶԼՃԱՅԻ ՍԱՐԸ

Ուրանցցի Յակոբն ու Մկօն, խմբի առաջն ինկած, հանդարտօրէն կը բարձրանային Ղզլճայի սարը, բոլորովին վստահ, թէ քրտերը իրենց հետքը կորսնցուցած էին։ Եթէ խմբի տղայոց սոված լինելու պարագան չլինէր, այդ գիշերուան ճանապարհը պարզապէս պտոյտ մը պիտի համարուէր, այնքան որ ճանապարհը հեշտ էր, տափարակ դաշտի մէջ ինկած։ Բայց երբ Ղզլճայի բարձր սարին դէմ տուին, խումբը սկսաւ ցրուելով երկարիլ։ Շատեր ուժաթափ հազիւ կրնային ոտքերնին փոխել, իսկ անոնք ալ որ դեռ կարողութիւն ունէին, յոգնած ընկերներու զէնքերով ծանրաբեռնուած՝ դժուարութեամբ կ՚առաջանային սարի փէշերով, որոնք ալիք ալիք կը բարձրանային մէկը միւսի վրայ դիզուած։

Երբ Յակոբն ու Մկօն հասան լերան գագաթը, հազիւ տասնեակ մը ֆետայիներ կային իրենց հետ, իսկ խմբի մնացած մասը ցրուած վիճակի մէջ, հանգստանալով կը բարձրանար։ Գէորգը ամէնքէն վերջը կուգար Նիկոլի եւ Թօփալ Սատանայի հետ, ետ մնացողները հաւաքելով, քարի մը տակ քնացողները արթնցնելով, ստիպելով, ոգեւորելով որ շարժին, համոզելով, որ գագաթին հասնելու քիչ տեղ մնացեր էր։

Գէորգի խումբը երեք օրէ ի վեր սոված էր։

Ընդհանրապէս յեղափոխական խմբերու ամենամեծ թշնամին ոչ կառավարական զօրքն էր եւ ոչ ալ քրտերը, այլ հացի պակասը, որ ճակատագրական դեր մը կը խաղար անոնց կեանքին մէջ։ Ամէն Երկիր մտած խումբ իր սովածութեան ողբերգական պատմութիւնն ունէր։ Եղած էին խմբեր, որոնք Հայաստանի սարսափելի ձմրան ժամանակ, պարսկական սահմանէն մինչեւ Վան հասած էին, գրեթէ առանց բրդուճ մը հաց ուտելու եւ կամ քաղաքէն մինչեւ Բարթուղիմէոս վանքը քալած էին բոլորովին սոված վիճակի մէջ։ Լեռնէ լեռ անցնելով, փախստական վիճակի մէջ, խմբերը շատ անգամ, թէեւ հայկական շրջաններու մօտ, բայց նորէն հնարաւորութիւն չէին ունենար հացի պաշար վերցնելու իրենց հետ։ Հացի խնդիրը ամենածանր մտահոգութիւն մ՚Էր յեղափոխական զինուորի մը համար, որմէ ազատուելու ոչ մէկ հնար կար սակայն։ Ֆետայիները, ընտրովի, անձնուրաց մարդիկ, ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէր «կեանքերնէն ձեռք քաշած», եթէ սիրով կը տոկային ամէն նեղութեան ու չարչարանքի, եթէ խելառ կատաղութեամբ կռուի դուրս կուգային քրտական տասնապատիկ աւելի ուժերու դէմ, բայց օրերով սոված եւ վաստակաբեկ՝ կը կորսնցնէին ֆիզիքական դիմացկունութեան հետ նաեւ իրենց հոգեկան արիութիւնը, կը յուսալքուէին, եւ մռայլ դժգոհութիւն մը ծայր կուտար անոնց հոգիին մէջ։ Ընդհանրապէս հնազանդ եւ կարգապահ, այդ պայմաններու մէջ ֆետային կը դառնար երեխայի մը նման դժգոհ, քմայքոտ, կամակոր։ Պէտք էր գիտնալ անոնց հետ վարուելու ձեւը։

Բարեբախտութիւն մ՚էր խմբին համար, որ Գէորգի նման փորձառու ղեկավար մը արթուն աչքով կը հսկէր։ Առաւօտեան լոյսը բացուիլ սկսած էր, երբ Գէորգը խմբի յետ մնացած տղոց հետ հասաւ Յակոբի մօտ, որ երկու ժամէ ի վեր կը սպասէր անոնց գալուն։ Ղզլճայի սարը ընդարձակ լեռնագագաթ մ՚էր հաւկթաձեւ երկարած հիւսիսէն դէպի հարաւ, որու երեք կողերը թեթեւ զառիվարով մը կ՚իջնային դէպի Կիւսնենցի դաշտը, մինչ Արճակի լճի կողմէն գահավէժ վար կը կախուէր, գրեթէ անանցանելի պատ մը կազմելով, որ աւելի քան մէկ ժամուան երկարութիւն ունէր։

  Ղզլճայի սարը կազմութեամբ գրեթէ անկախ լեռնաշղթայ մը միւս լեռներէն, տիրապետող գագաթ մ՚էր։ Քովը կամ դիմացը՝ ոչ մէկ հաւասար բարձրութիւն գոյութիւն ունէր, հետեւաբար շատ յարմար դիրք մը ֆետայիներու համար։ Գէորգն ու Յակոբը թէեւ բոլորովին չէին մտածեր կռուի մը հաւանականութեան մասին, բայց ընդունուած ձեւով պահակներ նշանակեցին գագաթի հեռաւոր ծայրերը, տասնեակները զանազան դիրքերու մէջ տեղաւորեցին ու քանի մը զինուորներով իրենք կեդրոնական դիրք ունեցող ժայռի մը տակ նստան հանգչելու։

Արեւը պարսկական սահմանը եզերող լեռնաշղթայի ետեւէն սկսաւ բարձրանալ՝ ջերմութեան հանգստացնող զգացում մը առաջացնելով զինուորներու մէջ, որոնք սրսփալով իրարու կողքի կծկուած՝ անհամբեր կը սպասէին արեւի բարձրանալուն, մէկ ալ Ղզլճայէն գալիք հացին, որ սակայն կ՚ուշանար։

Նիկոլի տասնեակը դիրք բռնած էր Կոճ գիւղի կողմը։ Այդ այն կողմն էր, որտեղէն խումբը բարձրացաւ։ Տասնեակէն մօտ յիսուն քայլ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր պահակը, որ քարի մը տակ անշարժ պառկած՝ աչալուրջ կը հետեւէր Խարակոնիսէն դէպի Շէխանի, Ղզլճայի սարի տակով անցնող ճանապարհին։

Մեր վաղածանօթ Քանաքեռցի Յակոբի բերանը չէր բացուեր այդ օր։ Հազիւ թէ սարի գագաթը հասած՝ չանթան մէկ կողմ նետեց եւ երկնցաւ սառը գետնին վրայ։ Փորձեց քնել, թէեւ ցուրտը մինչեւ ոսկորները հասած էր։ Դողալով ակամայ ակռաները իրարու կը զարնէր՝ ջերմէ բռնուողի մման։ Ընկերները հետզհետէ հասնելով տեղաւորուեցաւ Յակոբի շուրջը, մինչեւ որ Նիկոլն ալ գալով տասնեակը ամբողջացաւ։ Չնկարագրենք ֆետայիներու ողբալի վիճակը։ Ընթերցողը կրնայ այդ հեշտութեամբ երեւակայել, եւ ոչ ալ խօսք ըսենք Յակոբի մասին, որու ներս ինկած թշերը, դուրս ինկած աչքերը, աղտի ու կեղտի մէջ կորած դէմքը պերճախօս կերպով կը պատմէին անոր ապրած տառապանքը։

Բնաւորութեամբ կենսուրախ, շատախօս եւ կատակասէր Յակոբը անճանաչելի դարձած էր այն աստիճան, որ Նիկոլը սրտակից ընկերոջը մօտ նստելով երբ փորձեց խօսիլ անոր հետ, Յակոբը առանց պատասխանելու, միւս կողքին վրայ դարձաւ։

Հը՞ տօ, ի՞նչ է պատահեր, քթի տակէն ծիծաղելով հարցուց Նիկոլը, նորէն էծերդ եկե՞ր են, հը՞, չխօսի՞ս։

Յակոբ լուռ մնաց։ Բարկացեր էր։ Այդ րոպէին ան նզովք կը կարդար յեղափոխութեան ալ, Հայաստանին ալ, իր խելքին ալ, ու չկար բան մը, որ ազատէր իր կատաղութենէն։ Ու եթէ աքացի մը չէր հասցներ Նիկոլին՝ այդ անոր համար, որ շատ յոգնած էր եւ շարժելու անկարող վիճակի մէջ։ Նիկոլը այնքան լաւ կը ճանչնար ընկերը, որ առանց կարեւորութիւն տալու անոր խռովկան տրամադրութեան, չանթայի մէջէն լաւաշի կտոր մը հանեց, որ մասունքի պէս պահեր էր, թէեւ քարի կարծրութիւն ստացած եւ երկարեց Յակոբին։

Տօ, քամբախտ, վերցուր, կտոր մը հաց է։

Յակոբը չհաւատաց. նախ մէկ աչքը բացաւ, Նիկոլի ձեռքի մէջ սեւացած բան մը տեսնելով կասկածեցաւ, ու մէկ ալ՝ հացի կտորը յափշտակելով սկսաւ ագահօրէն կրծել։

Առիւծ Գեւօն Համբոյի հետ խմբէն քանի մը քայլ հեռու նստած ու սգւորի դէմքը երկրած՝ թախծալից ձայնով հին լաւ օրերէն կը պատմէր, երբ Ալեքսանդրոպոլի մէջ զինքը տուն կը հրաւիրէին, բազմատեսակ կերակուրներով ծանրաբեռնուած սեղաններու վերի գլուխը կը նստէր ինք, օղին, պատուական գինին ջրի նման առատօրէն կը հոսէր, ու ինք տկռած՝ մէջքի գօտին կը թուլցնէր հանգստանալու համար։ Քչախօս Համբօն, որ սաստիկ նիհարցած էր եւ բարակ ձողի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր, տխրօրէն խոշոր գլուխը կը տարուբերէր եւ թուքը կուլ կուտար, երբ Առիւծ Գեւօն կերակուրներու տեսակը կը թուէր։

Արեւը հազիւ թէ թզաչափ մը բարձրացած լինէր չլինէր, երբ հեռուն գտնուող պահակը փորսող տալով մօտեցաւ Նիկոլին։

Կոճի եւ Ջերմուկ գիւղերու կողմէն բազմաթիւ ձիաւորներ դէպի այս կողմը կուգան։ Թերեւս պատահական ճամբորդներ լինին, չեմ գիտեր, բայց խոհեմութիւն համարեցի լուր տալ։

Շատ լաւ ըրիր, Ապրօ։ Վերադարձիր տեղդ, ու երբ նորութիւն մը լինի, անմիջապէս իմացուր։

Կէս ժամ չանցած՝ Ապրօն նորէն երեւցաւ։

Նիկոլ, վատ խապար է։ Ձիաւորներու տուտը չ՚երեւիր։ Առջի բերան տեսած ձիաւորներս, ճանապարհով մեր անցած ձորը մտան, ու հիմա, մեծ զգուշութեամբ, ցրուած վիճակի մէջ վեր կը բարձրանան քար ու փոս տնտղելով։ Իսկ անոնց ետեւէն ձիաւոր է որ ծայր տուած կուգայ Խարակոնիսի կողմէն։

Լա՛ւ, գնա տեղդ։

Ուրանցցի Յակոբը Մխկներու կողմը դիրք բռնեց, Գէորգը երկու ընկերներով՝ Նիկոլի ձախ թեւի վրայ գտնուող Մոկացիի տասնեակի մօտ գրաւեց այնպիսի դիրք մը, ուրկէ սարի հիւսիսային լանջերը կ՚երեւէին։

Ֆետային ընդհանրապէս պեխաւոր երեխայ մ՚է, քմայքոտ, սովածութեան ժամանակ բողոքող, փուշիի մը համար ընկերոջ հետ կռուող, անգործութեան ժամանակ անկարգապահ, խռովկան, բայց բաւական է որ թշնամին երեւնայ ու կռիւը անխուսափելի դառնայ, կարծես մոգական գաւազանի ազդեցութեան տակ ան զարմանալի կերպով կը փոխուի, պողպատէ բռունցք մը կը դառնայ։ Խմբապետի հրամանը այն ատեն օրէնք է բոլորի համար։ Ու կատաղի մրցում մը առաջ կուգայ անոնց մէջ՝ իրար գերազանցելու, անհոգ յանդգնութեամբ մահուան քթին խնդալու։

Երբեք չէ եղած, որ հայդուկային խումբ մը համազօր ուժի մը դէմ կռուի։ Միշտ մէկի դէմ տասը քիւրտ կռուող ելած է, երբեմն յիսուն, նոյնիսկ հարիւր։ Ու եթէ այդ կռիւները ընդհանրապէս հայդուկներու համար յաղթանակով վերջացեր են, այդ՝ անոր համար, որ անձնազոհութեան պատրաստակամութիւնը հոգեկան բարձր թռիչք մը տուած է թէկուզ խեղճ ու տգէտ հայդուկներու, որոնք շիտակէ շիտակ հայերէն մ՚իսկ խօսիլ չէին գիտեր։

Հազիւ թէ հաւանական կռուի լուրը տասնեակներու մէջ շրջան ըրած էր, երբ ամէն մէկ զինուոր նախ հրացանը տնտղեց, քարի կտորներով դիրքը ամրացուց ու բոլորովին մոռցաւ, թէ երեք օրէ ի վեր սոված էր, թէ սարը բարձրացած ժամանակ ծնկուըները կը չոքէին, թէ վայրկեան մը առաջ թշուառ վիճակի մէջ գետնի վրայ երկնցած շարժելու կարողութենէ զուրկ էր։

Տօ, շան որդիք, հրացանիս հետ ո՞վ խաղացեր է, բարկացած կը քրթմնջէր մեր քանաքեռցի Յակոբը՝ հրացանի ասեղը շտկելով, հա՛, տղաք, շուտով հարսնիք պիտի ունենանք։

Հայ հո՜ւ, անդիէն ձայն տուաւ Առիւծ Գեւօն, քու մէրդ չմեռնի, Յակո՛բ, էնպէս հարսնիք մ՚ունենանք, որ քէֆդ գայ, զօռէդ քրտնիս… էս Գործոթի կռիւը չէ պալամ…

Տեսնենք, որո՞ւ ետեւէն կարմիր խնձոր պիտի գայ, կատակեց Թոփալ Սատանան, ու անճոռնի ձայնը ձգած սկսաւ «Ի վերին Երուսաղէմ»ը երգել։

Ծօ, Թոփալ, ձայն տուաւ շատ երիտասարդ հայդուկ մը, որու վերի շրթունքը հազիւ սկսած էր աղուամազով ծածկուիլ, հէր մէր ունի՞ս…

Չէ՛, ի՞նչ կայ որ, վարժապետի ձագ…

Բան չկայ… խեղճերը էդ ագռաւի ձէնդ լսելով՝ սրտաճաք եղած լինելու են։

Տօ՛, ես քու…

Տղաքը սկսան հրհռալով ծիծաղիլ։ Նիկոլը, որուն դիրքը քիչ առջեւն էր, աչքերը ոլորած ետ նայեցաւ՝ մատը շրթներուն վրայ դրած։ Խօսակցութիւն, կատակ, ծիծաղ անմիջապէս դադրեցան ու խոր լռութիւն մը տիրեց։

Քիւրտ ձիաւորներու յառաջապահները ամէն կողմէ, սարի փէշերով կը բարձրանային՝ հետազօտելով ամէն փոս, ամէն հեղեղատի ճեղքուածք, մինչ ձիաւորներու եւ հետեւակներու գլխաւոր բազմութիւնը կը կեդրոնանար հիւսիսէն Կոճ գիւղի ծառնոցի մէջ, արեւմուտքէն Շէխանիի գիւղի մօտ, իսկ հարաւէն Մխկներ գիւղի տակ։

Խմբի տղաքը գետին տափած, գրեթէ շունչ չէին առներ։ Երեք ձիաւորներ, որոնք երեք հարիւր քայլի չափ մօտեցեր էին Նիկոլի դիրքին, յանկարծ նկատելով տղաքը՝ մէկ երկու հրացան բացին ու ձիերու գլուխները դարձուցած հեռացան։ Անոնց օրինակին հետեւելով, ուրիշ ուղղութիւններով բարձրացող ձիաւորներն ալ ետ քաշուեցան եւ սարի փէշերուն մօտ դիրք բռնելով սպասեցին գլխաւոր ուժերու գալուն։ Իսկ գլխաւոր ուժերը պայմանադրական հրացաններու ձայնը առնելով՝ սկսան դէպի Ղզլճայի լերան կողմը շարժիլ։

Պօպօ՜, եկող բազմութիւնը տեսնելով մռնչաց Համբարը՝ զարմացած աչքերը թարթելով— պօպօ՜…

Զահրումա՜ր… դրօշակի ձող, սաստեց Յակոբը, դդումդ լաւ պահէ որ գնդակ մը չանցնի մէջէն։

Հէ՞…

Գլուխդ քարի ետեւ ծածկէ կ՚ըսեմ, այնչափ խոշոր է որ՝ օրուան մը ճամբայէն կ՚երեւնայ…։

Համբարը բարեմտօրէն ինքն ալ մասնակցեցաւ ընդհանուրի ծիծաղին՝ մտածելով, որ մեծ գլուխ ունենալը իրապէս փորձանք է։ Միամտաբար քար մ՚ալ աւելցուց դիրքին առջեւ՝ պատճառ դառնալով հայդուկներու ընդհանուր փրթկոցին։

Հայդուկները ընդհանրապէս Համբարի հետ շատ կ՚իյնային։ Անոր հասակը, գլուխը, բայց մանաւանդ մռնչալով խօսիլը անսպառ ծիծաղի աղբիւր էր իրենց համար։ Հազիւ թէ Համբարի բերնէն ամբողջական նախադասութիւն մը դուրս կուգար, բացագանչութիւններով կը խօսէր ան, կամ զարմացկտ աչքերովը, որոնք մանկունակ արտայայտութիւն մը ունէին։ Առանց վիրաւորուելու կը տանէր բոլորի կատակները, հեզօրէն կը ծառայէր բոլորին, նոյն իսկ Յակոբին, որու սուր լեզուն մեղուի խայթոցի նման աջ ու ձախ կը ծածկէր զինքը։ Հակառակ իր հսկայ կազմուածքին եւ տարապայման ուժին, այնքա՜ն խոնարհ էր, բնաւորութեամբ այնքա՜ն հեզ, որ տղաքը տեղի անտեղի չարչրկելով հանդերձ աւելի քան կը սիրէին զայն։

Տօ՛, Թոփալ Սատանայ, էդ ի՞նչ կը ծամես, սիրտը թունդ ելած քչփչաց Յակոբը՝ ընկերոջ բերնի շարժիլը տեսնելով— չլինի՞ թէ հաց ճարեցիր…

Հա՛, ինչպէ՜ս չէ… չարուխիս կտորն է… կ՚ուզե՞ս…

Տղաք, զգոյշ, ձայն տուաւ Նիկոլը։

Քրտերուն միացեր էին քաղաքէն եկած Ալայ Բէկի եւ Քեամիլ Բէկի ձիաւորները։ Կիւսնենցի կողմէն կը մօտենար Գործոթի կռուին մասնակցող հեծելագունդը թնդանոթներով միասին։

Զոռ կռիւ պիտի լինի, փսփսաց Առիւծ Գեւօն ձեռքերը շփելով։

Հը՛, մռնչաց Համբարը՝ վիզը երկնցնելով, կարես աւելի լաւ տեսնելու համար մօտեցող թշնամին։

Ծանր, խաղաղ լռութիւն մը տիրեց լերան գագաթին վրայ։ Ոչ ոք տեղէն չէր շարժեր։ Շշուկ մը, հեւք մ՚իսկ չէր լսուեր։ Դիրքերու ետին պառկած, ֆետայիները հրացանները շտկած էին դէպի ամէն կողմէ բարձրացող թշնամին ու կը սպասէին, որ անոնք աւելի մօտենան եւ հնչէ Գէորգի սուլիչը։

Յանկարծ Ուրանցցի Յակոբի կողմէն նախ մէկ ու ապա բազմաթիւ հրացաններու ձայներ իրարու խառնուեցան։ Կռիւը ձախ թեւի վրայ սկսած էր արդէն ու հետզհետէ աւելի կը տաքնար։ Հրացաններու որոտը անվերջանալի գոռոցի բնաւորութիւն ստացած էր։ Այդ անկտրում որոտի մէջէն որոշակի կը լսուէր ֆետայիներու մօսին հրացաններու մետաղական սուր տրաքոցը։

Քամբախտ մնայ մեր բախտը, հրացանը ուսին սեղմած՝ բարկութեամբ ակռաներու արանքէն սուլեց Յակոբը, էնտեղ հարսնիքը սկսաւ, մենք թամաշաճի մնացինք…

Մէրդ չմեռնի, մենք ալ շուտով կը սկսինք, քիչ մը համբերէ. ձիաւորները շուտով բլուրը դառնալով մեր կողմն ալ կուգան, պատասխանեց պատանին, որուն վարժապետ անունը տուած էին գրել կարդալ գիտնալուն համար։

Տօ, դդո՛ւմ, Համբոյին ձայն տուաւ Յակոբը, կռիւը որ սկսի, աժդահար ձէնդ ձգած Յակոբ կանչէ։

Հէ՞, զարմացկոտ աչքերը թարթելով մռնչաց Համբօն։

Տղերք, բոլորդ էլ Յակոբ կանչէ՛ք, ծիծաղելով ըսաւ Յակոբը, որ քրտերը վրաս երգ կապեն, մեր Քանաքեռի աղջիկներն ալ երգս երգելով…։

Տղա՛ք, խոժոռած ետ նայեցաւ Նիկոլը։

Ծիծաղ ու խնդուք անմիջապէս մարեցան։ Տասնեակ մը կանոնաւոր հեծելազօրի հետ, հարիւրէ աւելի քիւրտ ձիաւորներ Նիկոլի դիրքին դէմ դիմաց գտնուող բլուրի մը ետեւէն դուրս ելան եւ զգուշաւոր ձեւով, հրացաննին պատրաստ բռնած, սկսան մօտենալ տղայոց։ Հազիւ երեք հարիւր քայլ տարածութիւն մը կը բաժնէր հակառակորդները իրարմէ։

Գէորգը, ինչպէս ըսինք, տղայոց դիրքերու անմիջապէս ետեւի կողմը, քարակոյտի մը ետեւը թագնուած էր եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէր թշնամիի շարժումներուն։ Նիկոլի, Մոկացի Յակոբի եւ Յարոյի տասնեակները իրարմէ քիչ հեռաւորութեան վրայ, լերան գագաթը հիւսիսային եւ արեւմտեան մասը կիսաշրջանակաձեւ բոլորած էին։ Գէորգը անոնցմէ քիչ մը վեր, կեդրոնական դիրք մը կը գրաւէր։ Ուրանցցի Յակոբը մնացած երեք տասնեակներով արդէն կռուի բռնուած էր Մխկներու կողմէ բարձրացող քրտերու հետ, որոնք Գէորգի դիրքէն չէին երեւնար։ Քրտերը բլուրի փէշը դարձան եւ քիչ առաջանալէ վերջ, իրարու քով հաւաքուեցան։ Ինչպէս կ՚երեւէր, այդ կողմի վրայ ոչ ոքի հանդիպելով՝ անոնք կը կարծէին, թէ գագաթի այդ կողմը պաշտպանուած չէ։ Հետեւաբար կը խորհէին յանկարծական շարժումով մը այդ մասը գրաւել, այդպիսով երկու կրակի մէջ առնելու համար ֆետայիները։

Գէորգը կռահեց անոնց նպատակը։ Ուստի ձգեց որ անոնք այդ սխալ ենթադրութիւնով քաջալերուած՝ քիչ մ՚ալ առաջանան, ուղղակի տղայոց դիրքերու առջեւ գալով։ Երբ քրտերը բաւական մը մօտեցան՝ ահռելի աղաղակ մը բարձրացնելով, խառն ի խուռն արշաւեցին դէպի տղոց գրաւած դիրքերը, վստահ որ անոնք պաշտպանուած չեն։

Նոր միայն հնչեց Գէորգի սուլիչը ու գրեթէ միաժամանակ լսուեցաւ Նիկոլի հանդարտ ձայնը։

Տղաք, խնայեցէք փամփուշտը։

Առաջին քանի մը րոպէներու ընթացքին շիտակը ոչ ոք կը մտածէր փամփուշտ խնայելու մասին։ Հրացաններու զատուորները չղկալով ետ ու առաջ կ՚երթային։ Հրացանները անընդհատ կ՚որոտային ու ամէն մէկ ինկած քրտի պատճառով այս ու այն դիրքէն ոգեւորուած բացագանչութիւն մը կը բարձրանար։

Էս հօրս հոգուն։

Ծօ՛, մէկն ալ ճեննէթ գնաց։

Գոգն Աբրահամու պիտի երթայ։

Տղա՛ք, ճերմակ փաթթոցաւորին հատ մը հասցուցէք։

Կեցցէ՛ յեղափոխութիւն։

Բոլոր ձայներէն վեր կը լսուէր Համբոյի մռնչոցը։

Էս քեզ… էս էլ քեզ… շան որդիք… ես ձեր…

Քրտերու անակնալ յարձակումը անմիջական վերջ մ՚ունեցաւ։ Յանկարծակիի եկած, քանի մը րոպէ միայն դիմադրելով արագօրէն նահանջեցին ու բարձրութեան ետին թագնուեցան։ Կռուի վայրը մնացին տասնէ աւելի դիակներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ, որոնք փորսող տալով կ՚աշխատէին ինքզինքնին քարի մը ետեւ նետել կամ բլուրի փէշերուն հասնիլ։

Ուրանցցի Յակոբի կողմն ալ գրեթէ միաժամանակ կռիւը դադրեցաւ։ Կռիւներու մէջ եփած հին հայդուկը դիրքէ դիրք կ՚անցնէր քաջալերելու, ուղղութիւն տալու կռուին այնքա՜ն պաղարիւն եւ ինքնավստահ կերպով, որ կարծես կռիւ գոյութիւն չունենար եւ ոչ ալ չորս դին վզզացող գնդակներ։

Գագաթը շրջապատող ձիաւոր քրտերն ու հեծելազօրքի այն մասը, որոնք մասնակցեր էին յարձակման, ետ քաշուեցան պատկառելի հեռաւորութեան մը վրայ, իսկ հետեւակները, որոնք իրարու ետեւէ կը հասնէին, սկսան գրաւել ամէն թումբ ու քար, ամէն բարձրութիւն, որու ետեւ կրնային թագնուիլ։ Աստիճանաբար դիրքէ դիրք անցնելով՝ անոնք խոշոր օղակի նման երեք կողմէ շրջապատեցին գագաթը։

Սկսաւ սովորական դիրքային կռիւ մը, դանդաղ ընթացքով, երբ թշնամիները, առանց վտանգաւոր յարձակումներու դիմելու, կ՚աշխատին իրարու ձեռքէ կարեւոր դիրքեր խլել, հակառակորդի պաշտպանուելու հնարաւորութիւնը նուազագոյն չափի հասցնելով։

Յեղափոխական խմբերու համար որ եւ է կռիւ ամէն տեսակէտով աննպաստ դասաւորում մը կը ստանար։ Անոնք պէտք է բաւականանային այն դիրքերով, ուր կը գտնուէին, շատ շատ քիչ մը ետ ու առաջ շարժելու հնարաւորութեամբ։ Հետեւաբար հայդուկներու համար կռիւը գերազանցօրէն պաշտպանողական ձեւ մը կը ստանար, տասնապատիկ աւելի ուժեղ թշնամիներու դէմ։ Դիրքերը պահել, յարձակումները ժամանակին կասեցնել եւ սպասել մթնելուն, առանց դրսէն օգնութիւն ստանալու որ եւ է յոյսի. այս էր յեղափոխականներու ընդունուած ռազմական գործելակերպը։

Միեւնոյնը չէր սակայն թշնամիին համար։ Նախ որ՝ անոնք այնպիսի թուական առաւելութիւն մը ունէին հայդուկային խմբերու համեմատութեամբ, որ հազիւ թէ կռիւ մը սկսած՝ կառավարութեան զինուորական ուժը, ամբողջ քրտութիւնը ոտքի կ՚ելլէին, անսպառ միջոցներով զինուած, բնաջնջելու բուռ մը թշնամիները։ Հեռագրաթել, ճամբայ, զինուորական յարմարութիւններ ամբողջովին իրենց տրամադրութեան տակ կը գտնուէին, բայց մանաւանդ կառավարական զինական պահեստները։

Երբ հայդուկը ապաւինած իր վրայ գտնուող փամփուշտին, հաշուով կը կրակէր, քիւրտը կամ զօրքը այդ մտահոգութենէն բոլորովին ազատ՝ անհաշիւ քանակութեամբ ռազմամթերք կը սպառէր։ Անգամ մը, որ հայդուկային խմբի մը փամփուշտը հատնէր, այլեւս փրկութեան ոչ մէկ ճանապարհ կը մնար անոր համար՝ պէտք էր մեռնիլ։ Ու կը մեռնէին հերոսական անտարբերութեամբ։

Տարի մը առաջ, Պարսկաստանէն քսան հոգինով զինակիր խումբ մը կ՚անցնի սահմանը՝ Վան հասնելու համար։ Խումբը ցերեկը կ՚անցընէ Կոթուրի հեռաւոր ձորերէն մէկուն մէջ։ Դժբախտաբար, քիւրտ հովիւ մը այդ տեղով անցած ժամանակ, հեռուէն կը նշմարէ զանոնք եւ հաւար կը բարձրացնէ։ Կէս ժամ չանցած հաւարին կը հասնին Կոթուրի քրտերը, ու կռիւը կը սկսի խմբի համար շատ աննպաստ պայմաններու մէջ։ Խումբը ժամանակ չ՚ունենար բարձր դիրքեր գրաւելու։ Հաւարի ձայնը գիւղէ գիւղ շրջան կ՚ընէ, Ճելալցի, Հայտարանցի, Մազկերտցի աշիրէթները, ինչպէս նաեւ Սարայի սահմանապահ զօրքը երկու ժամ չանցած կը շրջապատեն փոքրաթիւ խումբը։ Քսան հոգու դէմ երկու հազարէն աւելի թշնամի բանակ մը, լաւ զինուած, անսպառ ռազմամթերքի պաշարով մը։ Պարզ է թէ ինչով պիտի վերջանար կռիւը։

Հայդուկները կը կռուին այնպէս, ինչպէս հայդուկները միայն կրնան կռուիլ, ու երբ դեռ կէս օր չեղած՝ տղայոց փամփուշտը կը հատնի, հրացանները քարերուն զարնելով կը փշրեն, որ թշնամիի ձեռքը չանցնի։ Ձայն ձայնի տուած՝ երգելով կը խուժեն մօտաւոր թշնամիի դիրքի մը վրայ։ Շատեր դեռ դիրքը չհասած՝ գնդակահար կ՚իյանան, իսկ ողջ մնացողները հասնելով թշնամիին՝ գիրկընդխառն կը կռուին ղանջալներով, ճանկերով, ատամներով, մինչեւ որ բոլորն ալ կ՚իյանան այդ կռուի մէջ։

Նման հերոսական կռիւներու շարան մը, քրտերու մէջ ստեղծեց խոր պատկառանք հայդուկի հանդէպ, որու գնդակը, «մութի մէջ իսկ կը գտնար թշնամին»։ Քրտերու կողմէ բազմաթիւ երգեր հիւսուեցան առասպելական հայդուկի քաջագործութիւնները երգող, անոնց տղամարդութիւնը փառաբանող։

Գէորգը կռուի ընթացքին տեղէն չէր շարժած։ Ուշադիր կը հետեւէր կռուի ստացած ձեւին՝ մտահոգութեամբ դիտելով այն բարձրութիւնը, որ կը գտնուէր Նիկոլի դիրքի դիմաց, երեք չորս հարիւր քայլ տարածութեան մը վրայ։ Թէեւ մինչ այդ՝ բարձրութիւնը չէր շահագործուած թշնամիի կողմէ, բայց Գէորգը վստահ էր, որ կանոնաւոր բանակի ղեկավարները ուշ կամ կանուխ պիտի գրաւէին այդ նպաստաւոր դիրքը, մեծապէս վտանգելով խմբի աջ թեւը։ Գէորգը այս մտածմունքի մէջ էր, երբ համեմատական խաղաղութենէն օգտնուելով, Ուրանցցի Յակոբը մօտեցաւ անոր.

Հը՞, Յակոբ, քու կողմը ի՞նչ կայ չկայ։

Լաւ, քրտերը քշեցինք, էս կողմը ինչպէ՞ս է։

Լաւ, բայց այդ բարձրութիւնը կը տեսնե՞ս. անգամ մը որ այդ տեղը թշնամին բռնէ…

Հը՛մ… ափսոս շատ հեռու է…

Ես ալ ճիշդ այդ կը մտածէի… եթէ տասը քսան տղայ աւելի ունենայի՜նք…

Բայց որ չունի՞նք։

Չեմ գիտեր, Յակոբ, բայց կը զգամ, որ այդ դիրքը, ինչ ալ լինի, գրաւելու ենք։ Դեռ առտու է, մինչեւ իրիկուն կամայ ակամայ հոս պիտի մնանք։ Այդքան երկար ժամանակ դիմանալու համար ոչ մեր փամփուշտը կը բաւէ եւ ոչ ալ մեր դիրքերը պէտք եղած ամրութիւնն ունին, առանց այդ բարձրութեան օժանդակութեանը։

Որ այդպէս է, Նիկոլը իր տասնեակով ճամբէ այդ դիրքը բռնելու, ես հինգ վեց զինուոր կրնամ այս կողմը ճամբել։

Պէտք չունի՞ս անոնց։

Ես առանց անոնց ալ եօլա կ՚երթամ։ Տէ՛, ես գնացի։

Յակոբը հեռացաւ դէպի իր դիրքը։

Ինչպէս ըսինք արդէն, կռիւը ստացած էր դիրքային կռուի բնաւորութիւն, երբ ամէն կռուող կ՚աշխատի ինքզինքը պաշտպանել ապահով դիրքի մը ետեւը, աչալուրջ սպասելով, որ դիմացի թշնամիներէն մէկը գլուխը քիչ մը վեր բարձրացնէ քարի ետեւէն, կամ քլօզի ծայրը երեւի։ Հայդուկները, հազիւ երբեմն կը պատասխանէին քրտերու տեղացող գնդակներուն, ան ալ երբ քրտերէն մէկն ու մէկը մէջտեղ կուգար, կամ ձիաւոր մը հեռուէ հեռու ձին կը քշէր՝ խմբէ խումբ անցնելու համար։

Երբ կէս ժամ վերջը, Յակոբի ուղարկած վեց զինուորները հասան Գէորգի մօտ, վերջինս ձայն տուաւ Նիկոլին.

Նիկոլ, քովս բարձրացիր։

Նիկոլը հազիւ քսանեւհինգ քայլ հեռաւորութիւն մը կ՚ունենար Գէորգէն, բայց երբ տեղէն բարձրանալով կուզէ կուզ փորձեց մօտենալ, քրտերը այնպիսի կրակ մը բացին, որ հազիւ ժամանակ ունեցաւ քարի մը ետեւ նետելու ինքզինքը, մինչեւ որ տղաք անընդհատ համազարկեր բանալով միջոց տուին Նիկոլին՝ դիրքէ դիրք մինչեւ Գէորգի մօտ հասնիլ։

Նիկո՛լ, այդ դիրքը կը տեսնե՞ս. բլուրը ցուցնելով իր միտքը բացատրեց Գէորգը, քու տասնեակով պէտք է գրաւես այդ. դժուար պահուելիք տեղ է։ Թէեւ թիկունքդ մեր դիրքերով պաշտպանուած՝ բայց գործ պիտի ունենաս ճակատի եւ երկու կողմէն թշնամիներու հետ։ Կը հասկնա՞ս, Նիկոլ, որ վտանգաւոր դիրք մ՚է. շատ մտանգաւոր… Բայց անհրաժեշտ է այդ դիրքը գրաւուած պահել… ամբողջ խումբը փրկելու համար… Նիկոլ ջան…

Գէորգը Նիկոլի հետ կը խօսէր բացայայտ վարանքով մը, որ իր վճռական բնաւորութեանը չէր համապատասխաներ։ Բանն այն էր, որ Գէորգի համար պարզ էր, որ իր ղրկած տեղը գնացողները, բոլորովին կտրուած գլխաւոր խմբէն, կրնային շրջապատուիլ, եւ կոտորուիլ։ Ուրեմն, այդ պայմաններու մէջ եւ այդ գիտակցութեամբ խմբի լաւագոյն տղաքը եւ իր ամենամօտ ընկերը՝ Նիկոլը այդ դիրքը ճամբելը, համազօր էր զանոնք մահուան ղրկելու։

Գէորգի համար շատ ծանր էր նման քայլ մը առնել, բայց միեւնոյն ժամանակ, խմբի գոյութիւնը կապուած էր այդ բլուրը գրաւած պահելու հետ։ Պէտք էր տասնեակ մը մարդ զոհաբերել՝ խումբը ազատելու համար։ Պէտք էր, ու այդ գիտակցութիւնը ծանր կը ճնշէր Գէորգի մտածողութեանը վրայ։ Եթէ միայն ինք հնարաւորութիւն ունենար՝ տասնեակի մը գլուխը անցած երթալու, անշուշտ Գէորգը վայրկեան մ՚իսկ չէր մտածեր, եւ ոչ ալ ծանր հոգեկան ապրումներ կ՚ունենար, բայց ամբողջ խմբի պատասխանատուութիւնը իր ուսերուն ծանրացած՝ Գէորգը իրաւունք չունէր տեղէն շարժելու եւ սակայն պարտաւոր էր Նիկոլն ու միւսները ճամբել…

Կը հասկնա՞ս… Նիկոլ ջան…

Տէր Աստուած, էս օր քեզ ի՞նչ է պատահեր… Տօ՛, միեւնոյնը չէ՞, ես չերթամ՝ մէկ ուրիշը պէտք է երթայ, քանի որ անհրաժեշտ է… ուրիշ ըսելիք ունի՞ս…

Գէորգը սաստիկ յուզուած՝ սեղմեց Նիկոլի ձեռքը։

Մտիկ ըրէ, Նիկոլ։ Կ՚երթաք, բայց չեմ գիտեր, թէ ողջ պիտի վերադառնա՞ք… քեզի ընտրեցի որպէս եղածներու մէջ ամենէն փորձառուն եւ շրջահայեացը։ Քիչ վերջը մենք կեղծ շարժում մը կը սկսինք յարձակման դիմելու։ Այդ պատեհութենէն օգտուելով՝ դուն քու տղաներով այդ բլուրը պիտի գրաւես։ Գրաւելի հեշտ է, դժուարը պահելն է, մանաւանդ երբ թշնամիի ուժերը հաւաքուին։ Կռիւը նոր պիտի սկսի, դեռ կէս օր իսկ եղած չէ։ Ամենայն հանաւանականութեամբ բազմահազար քրտութեան եւ կանոնաւոր զօրքի հետ գործ պիտի ունենանք, իսկ մեր թիւը հազիւ վաթսունչորս կռուող… Օգնութիւն ստանալու մասին մտածելն ալ յիմարութիւն կը լինի մեր կողմէ։ Ուրեմն, կը մնայ որ գերագոյն փորձ մը ընենք, եթէ ոչ ամբողջ խումբը՝ գէթ անոր մեծ մասը փրկելու։ Իսկ այդ դու եւ քու տասնեակդ պիտի փորձէք…

Տունդ չքանդուի, Գէորգ, այս ի՜նչ երկար քարոզ կարդացիր գլխուս։ Ինչո՞ւ պարզապէս չես ըսեր, որ պէտք է երթանք եւ գրաւենք այդ բլուրը։

Հա՛, Նիկոլ, պիտի գրաւէք եւ ամէն գնով գրաւուած պահէք, մինչեւ որ արեւը մարը մտնէ։ Դժուար պիտի լինի, մենք հնարաւոր չափով պիտի օգնենք՝ ձեր կռնակը պաշտպանելով…։ Հասկցիր, Նիկոլ, ձեր գլխաւոր դերն է պահել այդ բլուրը՝ չձգելով որ թշնամին տիրանայ անոր, որ խոշոր աղէտ մը պիտի լինի ամբողջ խմբի համար…

Հասկցայ։ Ուրիշ ըսելի՞ք…

Միայն այդքան, յաջողութիւն, Նիկոլ…

Նիկոլը, առանց պատասխանելու դիրքէ դիրք անցնելով, հասաւ ընկերներուն քով։ Երկու խօսքով քովիններուն բացատրեց իրենց ընելիքը։ Անոնք ալ իրենց քով գտնուողներուն բացատրեցին։ Տասնեակը պատրաստ՝ սպասեց Նիկոլի հրամանին։ Միայն Համբօն, երբ Առիւծ Գեւօն բացատրեց անոր Նիկոլի կարգադրութիւնը, բերանը բացած՝ աչքերը թարթեց, առանց լսածէն բան մը հասկնալու, ու մռնչաց։

Հէ՞։

Ծօ՛, կովի գլուխ, ես ինչ որ ընեմ, դուն ալ ինծի կը հետեւիս, սրտնեղած կարճ կապեց Առիւծ Գեւօն՝ գիտակցելով, որ որ Համբոյին բան մը հասկցնել բաւական դժուար է։

Հէ՜…

Համբօն խոշոր գլուխը շարժեց, որպէս թէ հասկցած լինէր Առիւծ Գեւոյի ըսածը։ Բայց անոր հասկցածը այն էր որ ինք պիտի հետեւէր Գեւոյին, բան մը, որ չորս տարիէ ի վեր ամենայն հաւատարմութեամբ ըրած էր արդէն, ալ ի՞նչ կարիք կար այդ մասին խօսելու։

Գէորգը քովը գտնուող տղոց հետ դիրքէն իջած միացեր էր Մոկացի Յակոբի տասնեակին։ Քանի մը խօսքով երբ անոր բացատրեց իր ծրագիրը, մէկ ալ ամբողջ խումբը սկսաւ կանոնաւոր եւ արագ համազարկերով ծեծել քրտերու դիրքերը որոնք գետին տափած անշարժութեան դատապարտուեցան, իսկ քիւրտ ձիաւորներ աճապարեցին աւելի վար քաշուիլ, գնդակի հասողութեան սահմանէն դուրս գալով։ Այդ ընդհանուր շփոթէն օգտուելով՝ Գէորգը տասնեակի գլուխը անցաւ եւ յանկարծ դիրքէն դուրս նետուելով սկսաւ դէպի վար վազել շեղակի կտրելով լերան լանջը, մինչ իրենց դիրքերուն մէջ գտնուող տղաքը կը շարունակէին թշնամին ծեծել։ Քրտերը Գէորգի այդ անսպասելի շարժումը շփոթելով իսկական յարձակման հետ, իրենց դիրքերէն դուրս եկան եւ խառն ի խուռն նահանջեցին դէպի լերան ստորոտը։ Քրտերը բոլորովին զարմացած էին, որ ֆետայիները այնքան յիմարաբար ձեռքէ կը հանէին լերան բարձունքը։ Սակայն իրենց զարմանքը շատ երկար չտեւեց։ Գէորգը հազիւ երկու հարիւր քայլ վար իջած՝ իր խումբով միասին տափեցաւ գետին, շարունակելով աջ ու ձախ կրակել։

Ժամանակն էր որ Նիկոլը շարժէր։

Տղա՛ք, ետեւէս։

Ու Նիկոլը դիրքէն դուրս թռչելով ուղիղ դէպի բլուրը սկսաւ վազել։ Տղաք ալ կրնկակոխ անոր ետեւէն։

Քրտերը նոր հասկցան կատարուած խաղը։ Ձիաւորները արշաւեցին դէպի բլուրը, որ այնքան յիմարաբար առաջ չէին գրաւած։ Բայց արդէն ուշ էր։ Նիկոլը իր տղաքներով բլուրի գագաթը գրաւած՝ շուրջանակի կրակ կը բանար, պատեհութիւն տալով Գէորգին եւ անոր ընկերներուն վերստին գրաւելու նախկին դիրքերը։

Ատկէ վերջ համեմատական խաղաղութիւն մը տիրեց Ղզլճայի սարի չորս բոլորը։ Քրտերը, հետեւակ եւ ձիաւոր, զանազան դիրքերու մէջ հաւաքուած, կը շարունակէին անվնաս հրացանաձգութիւն մը։ Իրարու ետեւէ կը հասնէր հեռաւոր գիւղերէն եկող քրտերու բազմութիւնը։ Կը մէկտեղուէին կանոնաւոր հեծելագունդի մասերը, որոնք մինչեւ այդ հեռու կանգնած՝ չէին մասնակցեր կռուին, սպասելով Ալայ Բէկի գալուն, որ, ինչպէս գիտէ ընթերցողը, Ղզլճա գիւղը նստած՝ գիւղացիները կողոպտելու ետեւէ էր։

Աշնան ցուրտ արեւը սկսաւ թեքուիլ դէպի արեւմուտք։ Երեք հազարէն աւելի կը լինէր հետեւակ եւ ձիաւոր քրտերու բազմութիւնը, առանց հաշուելու կանոնաւոր բանակի հեծելագունդը, որ երկու հարիւրի մօտ կը լինէր։ Սարսափելի աղմուկ եւ շփոթ մը կը տիրէր լերան վարի լանջերուն վրայ։ Քրտական ձիաւոր խմբեր զանազան ուղղութիւններով կ՚արշաւէին, երբեմն կը մէկտեղուէին, երբեմն ալ մանր խումբերու բաժնուած՝ դէպի վեր կ՚արշաւէին անհնարին գոռում գոռումով։ Հազիւ մօտեցած ֆետայիներու դիրքերուն՝ ձիերու գլուխները ետ կը դարձնէին ու կը հեռանային ինչ արագութեամբ, որ եկած էին։

Արեւի դէպի արեւմուտք թեքուելու հետ միասին, քրտերու մէջ կ՚աճէր կենդանի շարժումը, ժամանակը կը մօտենար իսկական կռիւը սկսելուն։ Գէորգը իր նախկին դիրքը գրաւած՝ տասնեակներէն քիչ մը վեր՝ կը հետեւէր թշնամիի շարժումներուն։ Վստահ էր, որ ընդհանուր յարձակման մը ժամանակը կը մօտենար։

Ուշադրութի՜ն, ուշադրութի՜ւն, յանկարծ խմբէ խումբ միեւնոյն հրամանը անցաւ աշնան քամիի մը արագութեամբ, ու ֆետայիները իրենց դիրքերու ետին, պատրաստ սպասեցին։

Իրօք, վարը, լերան փէշերուն վրայ արտակարգ շարժում մը կը նկատուէր։ Ձիաւոր քրտերը կը մէկտեղուէին Կոճ գիւղի վարի ջաղացքի մօտ, որ ծառերով շրջապատուած վայր մ՚էր։ Ղզլճայի կողմէն բազմաթիւ ձիաւորներով նոր հասած Ալայ Բէկն եւ Քեամիլ Բէկը կարգադրութիւններ կ՚ընէին ընդհանուր յարձակման անցնելու համար։ Մէկ հարուածով կ՚ուզէին վերջացնել բուռ մը ապստամբ հայերը, որոնք այնքա՜ն յիմարաբար, քանի մը տասնեակներով ասպարէզ կը կարդային ահաւոր կայսրութեան մը ուժերուն։

Շատ չանցած՝ ջաղացքի մօտ խմբուած բազմութիւնը սկսաւ ցրուիլ։ Քիւրտ ձիաւորները զանազան դիրքերու վրայ կեդրոնացան։ Բանակի կանոնաւոր հեծելագունդը կեդրոնը գրաւեց, իսկ հետեւակ ուժը, անկտրուկ շղթայի նման, երկարեցաւ լերան ստորոտը։ Աղմուկ, աղաղակ մէկէն հանդարտեցաւ։ Նոյն իսկ հատ ու կտոր հրացանաձգութիւնն ալ վերջացաւ, ու ծանր անշարժութիւն մը տիրեց, մեծ փոթորիկէ մը առաջ տիրող ժամանակաւոր խաղաղութեան նման։

Ինչպէս որ գարնան ժամանակ սեփ-սեւ ամպերը կը կուտակուին, օր ցերեկը իրիկուան մթնշաղով կը վարագուրուի եւ յանկարծ փայլակը զիկ զակ կը պատռէ խաւարն ու որոտը կը սասանեցնէ երկիրը, այնպէս ալ Ղզլճայի սարը կարծես թէ հիմէն դղրդաց, երբ հազարաւոր հրացաններու որոտին հետ գոռացին թնդանօթներ, ու յարձակման դիմող շարքերը ալիք ալիք սկսան վեր բարձրանալ անընդհատ կրակելով ու այնպիսի հարայ հրոցով մը, որ կարծես երկիրը պիտի կործանէր։

Թրքական կանոնաւոր հեծելագունդը կեդրոնէն կը բարձրանար շղթայ կապած, մինչ անոր ետեւէն խառն ի խուռն կը վազէր քրտական հետեւակ ուժը։ Բնականաբար բախումի գլխաւոր առանցքը պիտի դառնար նախ եւ առաջ Նիկոլի գրաւած բլուրը, որ ֆետայիներու դիրքերէն երեք հարիւր քայլ առաջ ինկած էր ու բոլորովին կղզիացած վիճակի մէջ։ Ճիշդ է, որ Գէորգը տասնեակ մը յատկացուցած էր Նիկոլի դիրքին օգնելու համար։ Բայց այդ օժանդակութիւնը արժէք մը ունէր, երբ թշնամին կողքէն յարձակէր բլուրի վրայ, իսկ ճակատէն եկողներու հետ գլուխ ելնելու համար Նիկոլը միայն իր տասնեակի վրայ յոյս կրնար դնել։

Ութ հարիւր քայլի վրայ հասած էր թշնամին։ Գէորգը կռուի ազդանշանը չէր տար՝ սպասելով որ նախ սկսի Նիկոլի դիրքը։

Ատիկիւզէլ ասորաբնակ գիւղի անտառակին մէջ թագնուած թնդանօթներու ռումբերը վզզալով Նիկոլի գրաւած բլուրի չորս կողմը կ՚իյնային՝ գետնէն փոշիի ամպեր բարձրացնելով ու ոգեւորելով յարձակողները, որոնց գլխաւոր նպատակն էր նախ եւ առաջ այդ բլուրը գրաւել։

Վեց եօթ հարիւր քայլի վրայ երկուստեք սկսաւ կռիւը, որ յարաճուն կատաղութեամբ զարգանալով տարածուեցաւ ամէն կողմ։ Նիկոլի դիրքի կրակին արձագանգեցին մնացեալ տասնեակներն ալ՝ կարկուտի նման կրակ տեղալով թշնամիի վրայ, որ ստիպուած բաց տարածութիւնը կտրելով՝ յամառօրէն կը բարձրանար, հակառակ տուած բազմաթիւ զոհերուն։

Քրտերը, ընդհանրապէս դիրքային կռիւներու սովոր, ճակատէն յարձակումի մը պարագային իրական արժէք մը չեն ներկայացներ, անընդունակ լինելով հաւաքականօրէն գործելու։ Քրտի իրական արժէքը կը սահմանափակուի կռուի ընթացքին ցուցադրած անհատական խիզախութեամբ, անձնական ձեռներէցութեամբ, բայց որպէս հաւաքական ուժ, անոր արժէքը շատ չնչին է։

Երբ թրքական հեծելագունդը կանոնաւոր շարքով մինչեւ չորս հարիւր քայլի վրայ մօտեցաւ բլուրին՝ դժուարութեամբ բարձրանալով զառիվերը, քրտական ձիաւորներու մեծամասնութիւնը կամաւ ետ մնաց, իսկ հետեւակներն ալ աւելի հեռուն՝ դիրքեր գրաւելով գոհացան։ Ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ հրաման կրնար զանոնք տեղերնէն բարձրացնելով յարձակող շարքերուն մէջ նետել։ Պարզ էր, որ անոնք չէին եկած կռուելով մեռնելու համար կառավարութեան սիրոյն, այլ զիրենք կռուի քաշողը՝ ֆետայիներու հրացաններուն եւ ռազմամթերքին տիրանալու գաղափարն էր, որու փորձութեան չէր կրնար դիմադրել զէնքի սիրահար քիւրտը։

Երբ հեծելագունդը վճռական յարձակման անցաւ, այն քրտերն ալ, որոնք դեռ գնդի հետ կը մնային, յանկարծ իրարու նայելով ձիերու գլուխները ետ դարձուցին եւ ցրուեցան, պատռուած տոպրակէ մը դուրս թափած լոպիի հատիկներու նման։

Ձեզ մատաղ, տղերք ջան…

Հայ հույ, էս էլ վեցերորդը։

Հրացանս կրակ կտրեցաւ։

Վարժապե՛տ, հրացանիդ փողին մէջ միզէ։

Տօ, Համբօ՛։

Հէ՛։

Տօ՛, Յակոբ կանչէ, դդում։

Տղերք, կեդրոնը ծեծեցէք։

Կանգ կ՚առնեն։

Քրտերը փախան։

Ծեծեցէ՛ք, տղաք, ծեծեցէ՛ք։

Կեցցէ յեղափոխութիւնը։

Կեցցէ ազատութիւնը։

Ու յանկարծ մարտական երգ մը կը լսուի բլուրի կողմէն, անմիջապէս մնացեալ տասնեակները ձայն ձայնի կուտան, եւ հրացաններու խլացուցիչ գոռոցի մէջէն կը լսուի հայդուկներու առնական երգը.


Կռուեցէք տղերք, կռուեցէք քաջ քաջ,
Անվեհեր կանգնած թշնամու առաջ…

Որո՞ւ հոգը թէ թշնամին երեք հազարէն աւելի է։ Ոգեւորութեամբ գինովցած հայդուկները այդ պահուն խելագար յանդգնութեամբ պատրաստ են կուրծք տալու կանոնաւոր բանակի դէմ։ Մա՞հ, երկի՞ւղ։ Մահը ի՞նչ է որ, երբ կ՚ապրի հայ ժողովուրդը։ Երկիւղի մասին գաղափար չունի հայդուկը, աւելի ճիշդը՝ ժամանակ չունի մտածելու այդ մասին. քանի կրնայ՝ կը կռուի անսանձ կատաղութեամբ, մինչեւ որ քարի մը ետին իյնայ սպաննուած։

Հայդուկի կեանքը մեր մէջ չերգուած շքեղ երգ մ՚է։

Հինգ հարուածեան մոսինները կռուի ընթացքին հրաշք կը գործէին։ Թշնամիի հրացաններուն կրկին արագութեամբ կը կրակէին, աւելի հեռուն կը խփէին եւ փամփուշտները անծուխ վառօդով լեցուած լինելնուն, կրակող տղոց դիրքերը չէին մատներ։

Լերան լանջը ծածկուած էր քառասունէ աւելի սպաննուածներու եւ վիրաւորներու մարմիններով։ Բազմաթիւ ձիեր, առանց հեծորդներու, աջ ու ձախ կ՚արշաւէին փռնչալով։ Հեծելագունդէն երկու երեք հարիւր քայլ հեռու կանգնած հրամանատար սպան կը շարունակէր փողհարին յարձակման հրամանը փչել տալ.

Տո՛ւ, տո՛ւ, տո՛ւ, տո՛ւ, Տո՛ւ, տո՜ւ։

Սակայն, հեծելեագունդը բոլորովին մինակ մնացած՝ կը սկսէր տատամսիլ։ Շարքերը արագութեամբ սկսած էին նօսրանալ, ու մէկ ալ ետ դառնալով՝ ցրուեցան քամիի արագութեամբ։

Երկու ժամուան մէջ երեք անգամ փորձեցին յարձակումով գրաւել բլուրը, երեք անգամին ալ չարաչար ծեծուելով ետ փախան աննկարագրելի իրարանցումով։

Երրորդ յարձակումէն վերջ, Ատի Կիւզէլի կողմէն տասնեակ մը ձիաւորներով շրջապատուած Ալայ ԲԷկը կռուի վայրը արշաւեց, կատաղութենէն ինքնիրմէ ելած։ Փոթորիկի նման եկաւ միականի հրամանատարը՝ ճամբու վրայ հանդիպած ուժերը մէկտեղելով։ Ոմանց սպառնալով, ոմանց հայհոյելով՝ քրտերու ցրուած ուժերը կեդրոնացուց հեծելագունդի կողքին։ Քեամիլ Բէկը անցաւ քրտական ձիաւորներու գլուխը։ Ալայ Բէկ՝ ինքը առաջնորդեց կանոնաւոր հեծելագունդը։

Հետեւակներու եւ թնդանօթներու կրակով պաշտպանուած՝ միացեալ հեծելագունդը առաջ շարժեցաւ՝ դղրդացնելով երկիրը։ Քիւրտ Շէյխերը առաջ ինկած՝ սալավաթ կանչեցին ու բարձրաձայն Գուրանէն տաղեր արտասանեցին, ոգեւորելով կռուողները, որոնք եթէ մեռնէին իսկ, շէյիտ (նահատակ) պիտի դառնային, եօթերորդ երկնքի երանութեանը արժանանալով։

Ալայ Բէկը, յանդուգն եւ կտրիճ մարդ մ՚էր, սուրը ձեռք առած՝ գունդի առջեւէն կը քշէր ձին, ոգեւորելով, քաջալերելով հետեւորդները, հայհոյելով վախկոտներուն, որոնք բուռ մը հայերու առջեւէն կը փախչէին։

Կախարդուած բլուրը նորէն սկսաւ աւեր ու արիւն սփռել չորս բոլորը։ Վերի դիրքերէն Գէորգի եւ Ուրանցցի Յակոբի տասնեակները նոյնպէս գործի անցան։

Մթնոլորտը լեցուեցաւ անվերջ գոռոցով մը։ Անկարելի էր քովի ընկերոջ ըսածը հասկնալ, ուր մնաց հրաման լսելը։ Բլուրի վրայ դիրք բռնող տղաքը կը կրակէին այնպէս արագ, որ կարծես գնդակներու շատրուան մը դուրս կը ցատկէր բլուրի գագաթէն։ Բայց եւ այնպէս, Ալայ Բէկը սուրը աջ ու ձախ փարտելով կուգար, անդիմադրելի թափով մը կուգար, հեծելագնդովը շրջապատուած։ Ու պարզ էր, որ պիտի գրաւէր բլուրը՝ հակառակ պաշտպանողներու գերմարդկային ընդդիմութեան։

Այնքան անխուսափելի կ՚երեւէր բլուրի գրաւումը, որ Գէորգը դիրքէն դուրս ելած ի զուր կը պոռար, սուլիչը կը փչէր, ձեռքով նշան կուտար Նիկոլին դուրս գալու այդ դիրքէն, ետ նահանջելու դէպի տասնեակները՝ անոնց դիրքերու պաշտպանութեան տակ մտնելով։ Բայց այդ սարսափելի գոռում գոչումին մէջ ոչինչ կարելի էր լսել, մանաւանդ որ բլուրի տղաքը նեղն ինկած՝ զբաղած էին մօտեցող հեծելագունդով, ու ոչ ոք կը մտածէր ետ նայելու մասին։

Գէորգը յուսահատութենէն ձեռքերը կը տրորէր։ Արեւը մարդ մտնելու մօտեցեր էր արդէն եւ Նիկոլի խումբը իր պարտքը փառաւոր կերպով կատարած։ Երկրի կազմութեան պատճառով, Ալայ Բէկը, իր մարդոցմով բլուրին մօտենալէն վերջ, այլեւս վերի դիրքերուն անտեսանելի կը մնար, միայն բլուրի վրայ եղողները կը մնային իր դէմ կռուող, իսկ անոնք ալ, պարզ էր որ գերազանց ուժերու դէմ չպիտի կրնային տոկալ։

Թնդանօթի ռումբերը վզզալով կը խրուէին բլուրի կողերուն մէջ, հազարաւոր գնդակներ կ՚անձրեւէին բլուրի վրայ, բայց դեռ Նիկոլն ու տղաքը հողի ու փոշիի մէջ կորած կը փորձէին դիրքը պահել՝ կասեցնելով հեծելագունդի արշաւը։

Սակայն, կեանքի մէջ կուգայ վայրկեան մը, երբ ֆետային իսկ անկարելին փորձելէ ձեռնթափ կը լինի։ Հազիւ Ալայ Բէկը իր ձիաւորներով հարիւր քայլ հեռաւորութեան մը վրայ կը գտնուէր, երբ Նիկոլը, զգալով որ հոդ մնալը այլեւս խմբի անխուսափելի ոչնչացումը պիտի նշանակէ, որոշեց ետ քաշուիլ ու ձայն տուաւ ընկերներուն։

Տղաք, պատրաստուեցէք, ետ պիտի քաշուինք։

Տղաք իրարու ձայն տուին։ Անցաւ երկու երեք րոպէ։

Տղա՛ք, դէպի ետ։

Նիկոլը ոտքի ցատկեց։ Տղաքը հետեւեցան անոր ու բլուրէն վար սկսան վազել, դէպի լերան զառիվերը, որու բարձունքի վրայ դիրք բռնած էին իրենց ընկերները։ Առաջին պահուն ոչ ոք նկատեց, որ խմբի տղաքներէն երկուքը պակաս էին. վարժապետն ու Քանաքեռցի Յակոբը չկային։ Նախ՝ Առիւծ Գեւօն նկատեց անոնց բացակայութիւնը, ու կանգ առնելով հեռացող ընկերներու ետեւէն պոռաց.

Տնաքանդնե՛ր, կեցէ՛ք, Յակոբը, Վարժապետը չկան։

Տղաք երեսնին շրջեցին դէպի բլուրը։

Տղա՛ք…

Նիկօլը յանկարծ կեցած տեղը երերաց ու հրացանը ձեռքէն բաց ձգելով երեսն ի վար գետին փռուեցաւ։ Գնդակ մը աջ կրծքի տակէն մտած՝ թիկունքէն դուրս ելած էր։ Տղաք շուարած՝ չէին գիտեր ի՛նչ ընեն։ Մէկ ալ տեսան, որ Յակոբը ոտքի ցատկած՝ կը պատրաստուէր դէպի իրենց վազել, երբ բլուրի վրայ երեւցան Ալայ Բէկի ձիաւորներն ու պաշարեցին զայն։

Ինչպէս վիրաւոր գազան մը՝ Համբօն անմարդկային մռնչոց մը արձակեց եւ առանց ետ ու առաջ մտածելու դէպի բլուրը խոյացաւ։ Ընկերները, այդ խելագարութիւնը տեսնելով առաջի բերան քարացածի նման կանգնած մնացին, մինչեւ որ Առիւծ Գեւօն պոռաց.

Տօ՛, ի՞նչ կեցեր էք, ու նետուեցաւ դէպի բլուրը, տղաքն ալ ետեւէն։

Համբօն քանի մը ոստիւնով հասած էր բլուրը, ու հրացանի փողէն բռնած, լախտի նման կը գործածէր զայն՝ աջ ու ձախ հարուածելով ու էգ առիւծի մը նման կը դառնար կուտակուած ձիաւորներու մէջ, այնպիսի կատաղութեամբ, որ ձիաւորները առջեւէն կ՚աշխատէին փախչիլ։ Մէկ ալ Համբօն երերաց։ Ձիաւորներէն մէկը, ետեւէն, ուսին սուրի ծանր հարուած մը իջեցուց։ Դեռ հսկան ինքզինքը չէր հաւաքած, երբ երկրորդ սուրի հարուած մը շեղակի իջաւ գլխուն, ականջն ու կզակի մէկ մասը տանելով։ Համբօն թէեւ արիւնաթաթախ երեսն ի վար գետին ինկաւ, բայց անմիջապէս ոտքի ցատկելով հրացանի կոթը այնպիսի սարսափելի թափով իջեցուց ամենամօտ գտնուող ձիաւորի մը գլխուն, որ մարդը շանթահարուածի նման անկենդան ինկաւ ձիէն։

Համբոյի վերջին հարուածը եղաւ այդ։ Բազմաթիւ սուրեր բարձրացան։ Բազմաթիւ վէրքերով ծածկուած հսկան ծանր հառաչելով՝ ինքն իր վրայ կքած, գետին ինկաւ. արիւնկալած աչքերը չորս դին պտտցուց՝ վերջին անգամ մ՚ալ սիրական ընկերները տեսնելու։

Հէ՜յ…

Այդ վերջին արտասանած բառը եղաւ հսկային։ Աչքերը աղօտացան։ Վիզը կողքին ծռեցաւ, ու մանկունակ մաքուր հոգին առ միշտ բաժնուեցաւ մարմնէն։

Երբ Գէորգը իր դիրքէն տղայոց ետ դառնալը տեսաւ, որ բացարձակ խելագարութիւն մըն էր, այլեւս ինքզինք պահելու անկարող, Յարոյի տղաքները հետը վերցնելով դէպի բլուրը վազեց, ուր հայդուկներն ու հեծելագունդը իրար անցած էին։

Ալայ Բէկի բլուրը գրաւելը անհնարին ոգեւորութիւն պատճառեց քրտերուն, որոնք մինչ այդ հեռուէն հրացան արձակելով կը բաւականանային։ Երբ հեռուէն բլուրի վրայ տեսան ձիաւորները, սարսափելի գոռում գոչումով ամէն կողմէ վրայ տուին անդադար հրացան արձակելով։

Արեւը խաղաղ վեհափառութեամբ ծածկուեցաւ հորիզոնի սարերու ետին։

Ֆետայիները ամէն կողմէ սեղմուած՝ օրհասական վերջին րոպէները կ՚ապրէին։ Գէորգը, առանց բլուրը հասնիլ կարենալու, երեք հոգի զոհ տուած՝ մնացածներով չոքեր էր դիրքի մը ետեւ ու անընդհատ կը կրակէր դէպի առաջացող թշնամին։ Մոկացի Յակոբի տասնեակը, երկու սպաննուած եւ մէկ ծանր վիրաւոր ձգելով դիրքին մէջ, աւելի վեր քաշուեցաւ։ Առիւծ Գեւօն եւ ընկերները նետուած էին ձիաւորներու բազմութեան մէջ եւ յայտնի չէր, թէ ի՞նչ էր պատահած անոնց։ Իսկ Ուրանցցի Յակոբի երեք տասնեակները այլեւս անկարող պահելու իրենց դիրքերը՝ կռուելով ետ կը քաշուէին սարի գագաթը, բազմաթիւ զոհեր տալէ վերջ։

Կռիւը շուտով կը վերջանար։ Քրտերը կատաղութեամբ առաջ կը շարժէին դիրքէ դիրք անցնելով։ Հայդուկներու շուրջ, կրակէ օղակը հետզհետէ կը նեղնար։

Յանկարծ լերան գագաթէն բազմաթիւ հրացաններ մէկէն որոտացին, ու երկու տասնեակէն աւելի մարտիկներ շղթայ կապած՝ գահավէժ թափով սարն ի վար վազեցին։

Լեւոնը, Լեւոնը, Լեւոնը, ձայն ձայնի տուին կռուողները, երբ անոր բարձր հասակն ու կաղալով գագաթէն դէպի վար վազելը տեսան։

Որքան ալ որ չնչին, բայց ծանր րոպէներու մէջ դրսէն եկող անսպասելի օգնութիւն մը հոգեկան մեծ արժէք ունի կռուողի համար։ Լեւոնի եւ իր ընկերներու յանկարծական յայտնուիլը անբացատրելի ոգեւորութիւն մը առաջ բերաւ դեռ քիչ առաջ նահանջող հայդուկներու մէջ։ Ամէնքը, առանց բացառութեան, ամէնքը առաջ նետուեցան աննկարագրելի կատաղութեամբ։ Նոյնիսկ վիրաւորները փորձեցին գրոհին մասնակցիլ։ Հայդուկները հրաբուխի անդիմադրելի լաւայի նման գագաթէն սկսան վար վազել՝ իրենց առջեւէն սրբել տանելով ամէն արգելք, ամէն դիմադրութիւն։

Լեւոնը իր ընկերներով Ղզլճայի ժողովուրդի վերելքը պաշտպանեց, մինչեւ որ հասան սարի գագաթի մօտ, ուր երկար քարաժայռ մը պատի նման ցից կը բարձրանայ դէպի գագաթը։ Հետապնդող քրտերը, երբ տեսան որ ժողովուրդը գագաթին մօտեցաւ, եւ այլեւս անոնց վնասելու անկարող են, ձգեցին ու հեռացան, կռուի վայրը հասնելու համար։ Լեւոնը երեք չորս ատրճանակով զինուած երիտասարդներ ձգեց ժողովուրդի մօտ, իսկ ինքը իր վեց ընկերներուն միացնելով Ղզլճայի երիտասարդներէն քսանի չափ կտրիճ կամաւորներ, ժայռէ ժայռ մագլցելով բարձրացաւ սարահարթը երբ արեւը մարը կը մտնէր։

Կռուի օրհասական րոպէն էր։ Լեւոնը մէկ ակնարկով կշռեց խումբի ծանր վիճակը ու անմիջապէս տղոց մէկ մասը քիւրտ Սատղին հետ դէպի Յակոբի կողմը ղրկեց, իսկ ինք, տասնեւչորս հոգիով դէպի բլուրը խոյացաւ, որ իր դիրքի բերումով կռիւի առանցքը դարձած էր։ Մոկացի Յակոբի ետ քաշուած տղաքն ալ երբ Լեւոնի դէպի վար վազելը տեսան, իրենք ալ դիրքերէն ելած միացան անոր։

Լեւոնը, առաջ ինկած, յովազի կատաղութեամբ կը վազէր՝ անտեսելով առջին բարձրացող արգելքը, լինէր այն ժայռ մը կամ գահավէժ բարձրութիւն մը։ Երբ ան մօտեցաւ Գէորգի դիրքին, բլուրի ձիաւորները, հակառակ որ հետեւակ եւ ձիաւոր քրտերը փախած էին, Ալայ Բէկի առաջնորդութեամբ խուժեցին Գէորգի դիրքին վրայ՝ այն տեղով լերան գագաթը բարձրանալու համար։

Ճիշդ ժամանակին վրայ կը հասնէր Լեւոնը։ Ձիաւորներու եւ Գէորգի դիրքի իրարմէ ունեցած հեռաւորութիւնը հազիւ հարիւր կամ հարիւր յիսուն քայլ լինէր։ Երբ յանկարծ Լեւոնը իր տղաքներով երեւան եկաւ, հեծելագունդը արդէն կ՚արշաւէր Գէորգի դիրքին վրայ։

Չոքի՛լ, գոռաց Լեւոնը՝ խմբի առջեւը դիրք բռնելով, փամփուշտը մի խնայէք, կրա՛կ, կրա՛կ, կրա՛կ։

Որոտացին հրացանները մշտական ամպրոպի մը յարատեւութեամբ, ու ամէն ինչ իրար անցաւ։

Արշաւող հեծելագունդը, որուն երկու հարիւրէն հազիւ վաթսուն եօթանասուն ձիաւորներ մնացեր էին, Լեւոնի խմբի անսպասելի կրակին հանդիպելով, շփոթած՝ իրար անցաւ։ Շատեր ժամանակին ձիերը զսպելով ետ դարձած՝ լեռն ի վար փախան։ Ոմանք ինկան, ձի ու ձիաւոր իրար անցած։ Եւ հազիւ տասնեւհինգի չափ ձիաւորներ, ժամանակին իրենց թափը չկրնալով կոտրել, մինչեւ Գէորգի դիրքը հասան։ Գէորգն ու վրայ հասնող Լեւոնը իրենց տղաներով նետուեցան ձիաւորներու մէջ։

Ալայ Բէկը, ասպանդակներու վրայ կանգնած, սուրը աջ ու ձախ փարտելով կատաղութեամբ կը կռուէր՝ անձնական օրինակովը քաջալերելով հետեւորդները, երբ մէկ ալ տեսաւ որ հազիւ վեց եօթը ձիաւոր մնացեր էին շուրջը։

Փախէ՛ք, կեանքերնիդ ազատեցէ՛ք, պոռաց շուրջիններուն Ալայ Բէկը, եւ անմիջապէս ձիու գլուխը ետ դարձնելով՝ մտրակեց ձին ու ինքզինք դուրս նետեց խառնիճաղանճի մէջէն։

Հրացանը ձեռքէն վար նետելով, որսի վրայ իյնող վագրի արագութեամբ Լեւոնը առաջ նետուեցաւ, եւ հակառակ կաղալուն՝ գնդակի արագութեամբ հասաւ դէպի վար արշաւող ձիուն ետեւէն։ Լեւոնը նախ թամբի կածին ձեռք անցուց, մէկ ալ Ալայ ԲԷկի ոտքէն բռնեց ու ձիէն վար նետեց զայն, ինչպէս որ երեխայ մը ձեռքի խաղալիկը գետին կը նետէ։ Անմիջապէս Ալայ ԲԷկի ձեռնքի սուրը խլելով՝ անոր վզակոթը սեղմեց աքցանի նման ամուր մատներով ու գետնէն վեր վերցուց, որպէս թէ ջնջոց մը լինէր։

Աստուած իմ, հառաչեց Ալայ Բէկը, խնայէ կեանքս։

Ալայ Բէկ, մենք իրարու հետ հին հաշիւ ունինք կարգադրելիք, չէ՞։

Քեզի՞ հետ, դու ո՞վ ես, ի սէր Աստուծոյ, մեռա՛յ, սա մատներդ քիչ մը թուլցուր։

Լեւոնը դէմքը մօտեցուց Ալայ Բէկի դէմքին ու աչքերը անոր աչքերուն յառած ըսաւ.

Շատ կ՚ուզէիր ինծի հանդիպիլ, ահա ես… Լեւոնը ես եմ…

Աստուած իմ, մղկտաց Ալայ Բէկը՝ ատամները կրճտացնելով ու լռեց ճակատագրին հետ հաշտուող մարդու անզօրութեամբ, որու առջեւ կեանի ճամբան յանկարծ կը գոցուի։

Կամաց կամաց սկսաւ մթնել։ Հոս ու հոն դեռ հրացան մը կը գոռար, աղաղակ մը, կամ վիրաւորի մը աղեխարշ տնքոցը կը լսուէր։

Գէորգն ու ընկերները թշնամիի գործը վերջացնելով՝ վազեցին դէպի բլուրը, ուր իրար խառնուած էին վիրաւոր եւ սպաննուած մարտիկները, տապալուած ձիերու հետ միասին։

Ահաւոր տեսարան էր։

Նիկոլի խմբէն միայն Առիւծ Գեւօն եւ Թօփալ Սատանան ոտքի վրայ մնացեր էին, իսկ մնացածները սպանուած էին։

Լեւոնը գլխի փուշիով Ալայ Բէկի ձեռքերը իրարու կապեց ու զայն առջեւը ձգած՝ մօտեցաւ տղոցը, որոնք սրտաբեկ վիճակի մէջ Համբոյի դիակը շրջապատած էին։

Գէո՛րգը, տղաքը հաւաքէ եւ անմիջապէս բարձրացիր դիրքերը, կարգադրեց Լեւոնը, Ղզլճայի ժողովուրդը հիմա սարը կը բարձրանայ։ Պէտք է անոր ապահովութեան մասին մտածել։ Ես շուտով կը հասնիմ ձեր քովը։ Այս մարդն ալ տարէք հետերնիդ, ըսաւ Լեւոնը Ալայ Բէկի ցուցնելով։

Այ երիտասա՛րդ, Աստուածդ սիրես գնդակով մը վերջ տուր կեանքիս, պաղատեցաւ Ալայ Բէկը՝ խօսքը Գէորգին ուղղելով, այս անսիրտ գազանի ձեռքը մի ձգեր զիս, ու գլխով Լեւոնը ցուցուց։

Չէ, Ալայ Բէկ, հեգնօրէն ծիծաղեցաւ Լեւոնը, դու դեռ պիտի ապրիս, մահը քեզի համար շատ կանուխ ազատում մ՚է։ Գէո՛րգ, շարժէ եւ ուշադրութիւն դարձուր, որ փորձանք մը չպատահի այս մարդուն։

Առիւծ Գեւօն մեծ դժուարութեամբ գտած էր Համբոյի դիակը։ Հսկայի մարմնոյն վրայ ողջ տեղ մը չէր մնացեր, սրերով ուղղակի ջարդոտեր էին, ծեծուած մսի նման։ Յանկարծ երկու քայլ անդիէն մեղմ հեծկլտոց մը լսեց Գեւօն։ Սիրտը կարծես կանգ առաւ։ Յակոբի ձայնն էր։ Դէպի ձայնի կողմը դարձաւ Գեւօն ու սպաննուած թուրք զինուոր մը մէկդի քաշելով՝ գտաւ Յակոբը երկու տեղով ծանրապէս վիրաւոր վիճակի մէջ։ Վիրաւորի գլուխը հանգչեցուց ծնկանը վրայ ու մօր մը քնքշութեամբ սկսաւ ճակատը շփել, մինչ արցունքը երեսն ի վար կը վազէր։

Հա՛, Յակոբ ջան, աշխարհի բան է…

Նիկո՛լը… Նիկոլը ո՞ւր է, շշնջաց Յակոբը աչքերը բանալով։

Ի՞նչ ըսէր Առիւծ Գեւօն։ Յանցաւորի նման գլուխը կրծքին կախեց։

Մեռա՞ւ… Նիկո՞լն ալ մեռաւ, թեթեւ մը հառաչեց Յակոբը՝ աչքերը Գեւոյի դէմքին յառած. Գեւօ՛, մէջքս երկու կտոր եղեր է…

Հեռուէին Լեւոնի ձայնը լսուեցաւ, որ տղաքը կը շտապեցնէր շուտով բարձրանալու լերան գագաթը։ Յակոբին այնպէս թուեցաւ, որ երազին մէջ կը լսէր այդ ձայնը։ Նուաղած աչքերը փայլեցան, ու դէմքին գոհունակ ժպիտ մը խաղաց։

Գեւօ՛… Լեւո՞նն է… ե՞րբ եկաւ… ինչպէ՚ս եկաւ… քովս կանչէ… Գեւօ՛, կանչէ… խօսք ունիմ անոր…

Լեւոնը՝ Գէորգն ու ընկերները ճամբելով՝ վազէվազ եկաւ եւ նկատելով վիրաւորի անյոյս վիճակը ծնկան չոքեցաւ ու բռնեց Յակոբի ձեռքը։

Յակո՛բ, թանկագին ընկերս…

Պարոն Լեւոն, Նիկոլը… Նիկոլը մեռաւ… ես ալ շուտով… կ՚ուզէի… կ՚ուզէի բան մը ըսել քեզի…

Հա՛, Յակոբ ջան։

Նիկոլի հետ, շատ կը խօսէինք այդ մասին… քանի տարի է, մեր սրտերուն տարտ եղաւ… պարզ երեսով դէմքիդ չէինք կրնար նայիլ։ Աստուած վկայ, պարոն Լեւոն… ա՛յն, ա՛յն ժամանակ երբ մենք հեռացանք… քեզի մեռած կը կարծէինք… մէշետին ալ այնպէս ըսաւ…

Գիտե՛մ սիրելիս, անցած բան է, ես շատոնց մոռցեր եմ…

Նիկոլը որքան տարտ կ՚ընէր այդ մասին… ես ալ… էվէլ պակաս հէլալ ըրէ, պարոն Լեւոն… Եթէ պատահի որ մէկ ալ մեր կողմը անցնիս… անգամ մը հանդիպէ մեր գիւղը… մերոնց տես… մէրս…

Լեւոնն ու Առիւծ Գեւօն լուռ կը լսէին վիրաւորի խօսքերը առանց խօսիլ կարենալու։ Առիւծ Գեւօն հեկեկալով Յակոբի ճակատը կը շփէր։

Հը՛, Գեւօ՛, հաց կերա՞ք, ու Յակոբի դէմքին տխուր ժպիտ մը խաղաց, ինծի այլեւս հաց պէտք չէ… օր մը որ լաւ մը կշտանաս, զիս յիշէ… Հա՞, Գեւօ…

Առատօրէն հոսող արցունքները Առիւծ Գեւոյի պեխերէն կաթկթելով ինկան Յակոբի դէմքին վրայ։

Գեւօ՛, կուլա՞ս… ինչո՞ւ կուլաս… կողքիս իւղամանը վերցուր, քեզի՛ լինի… շատ կը հաւնէիր անոր… Գլուխս աջ կողմը դարձուր, Գեւօ՛, Հա՛, Հայաստան որ ազատի՝ մեզի մի՛ մոռնաք… պարո՛ն Լեւոն…

Ի՞նչ ազիզ ջան…

Վերջին խնդիրք մ՚ունիմ… քու արեւուր մեռնից, պարոն Լեւոն, խնդիրքս մի մերժեր…

Ի հարկէ չեմ մերժեր սիրելիս։

Պարոն Լեւոն…

Խօսէ, Յակոբ ջան։

Զիս ողջ մի ձգեր քրտերու ձեռքը… խոստացի՛ր…

Յակո՛բ։

Լեւոնը ձայնը յանկարծ խզուեցաւ։ Ընկերներէն ոչ ոք չէր տեսած անոր արտասուելը։ Հայդուկները զայն երկաթէ շինուած մարդ կը համարէին, որ սրտի տեղ քարի կտոր մ՚ունէր կրծքին տակ։ Առիւծ Գեւօն, սեփական աչքերուն չէր հաւատար, զարմանքով կը նայէր Լեւոնին, որ Յակոբի ձեռքը բռնած՝ երեխայի մը նման կը հեկեկար։

Խոստացի՛ր, յամառօրէն կը պնդէր Յակոբը, քրտերու ձեռքը ողջ պիտի չձգես…

Լեւոնը այդ պահուն պատրաստ էր մերկ կուրծքը դէմ տալ հարիւրաւոր սուիններու, ուրախութեամբ կը ձգէր որ կուրծքը ճեղքէին ու սիրտը դուրս բերէին։ Չկար տանջանք մը որուն համաձայն չլինէր ան, բայց միայն թէ Յակոբը, իր տարիներու հարազատ ընկերը, այդ սարսափելի խնդիրքը չընէր։

Զիս ողջ մի ձգեր քրտերու քրտերու ձեռքը, կրկնեց Յակոբը ու անոր ձայնին մէջ անհնարին սարսափ մը կար։

Քանաքեռցի Յակոբը յանդուգն կռուող մ՚էր, անվախ կտրիճ մը, որ բազմաթիւ անգամներ խաղցած էր կեանքին հետ, հեգնած էր մահուան անդիմադրելի սարսափը։ Եւ սակայն հիմա վիրաւոր վիճակի մէջ, քրտերու ձեռքը իյնալու գաղափարէն կը սարսափէր։ Իսկ այդ սարսափը առանց պատճառի չէր։ Անցեալ կռիւներու մէջ, վիրաւոր ինկած հայդուկներու հետ, թուրքերն ու քրտերը այնպիսի վարմունք ունեցեր էին, այնպիսի սոսկալի չարչարանքներով մահացուցեր էին, որ ամէն վիրաւոր հայդուկ կը նախընտրէր իրեններու ձեռքով վերջանալ, քան ողջ քրտերու ձեռքը իյնալով հազար մահ ապրիլ մեռնելէ առաջ։

Եթէ միայն ձեռքերը կարողանար շարժե՜լ Յակոբը, չէ՛, վայրկեան մ՚իսկ չէր տատամսեր, բայց որ չէ՜ր կրնար… Կը մնար որ ընկերներէն մէկը այդ վերջին ծառայութիւնը՝ ընկերական պարտքը կատարէր։ Ու քանի որ Լեւոնը քովն էր, կ՚ուզէր, որ այդ մէկը Լեւոնը լինէր, իր պաշտած մեծ ընկերը, որու հանդէպ անսահման սէր ունէր Յակոբը։ Ուրախութեամբ պիտի թողուր որ ան ատրճանակը քունքին դրած կրակէր, ու ինք քուն մտած՝ երեխայի մը խաղաղութեամբ մեռնէր…

Շատ ուշացանք, Լեւոնի ականջին փսփսաց Առիւծ Գեւօն՝ աչքերը սրբելով, տղաքը կը սպասեն։

Պարոն Լեւոն…

Յակոբի ձայնին մէջ այնպիսի աղերսանք մը կար, որ Լեւոնը ակամայ ցնցուեցաւ ու սառը դող մը սահեցաւ ողնաշարէն վար։

Կարգին մթնած էր։ Հազիւ թէ մեր բարեկամները իրարու դէմք կը տեսնային թանձր խաւարին մէջ։ Յանկարծ հրազէն մը պայթեցաւ։ Յակոբը ամբողջ մարմնով ցնցուեցաւ, Գեւոյի ծունկի վրայէն գլուխը գետին ինկաւ ու անշարժ մնաց։

Կռանալով, ընկերոջ ճակատը համբուրելէ վերջ, երբ Լեւոնը ոտքի ելաւ, իր դէմքը աւելի գունատ էր քան թէ մեռած Յակոբի դէմքը, աչքերուն մէջ անսահման յուսահատութիւն մը կար։

Ղզլճայի ժողովուրդը թշուառ վիճակի մէջ բարձրացեր էր լերան գագաթը, ուր ոչ ապաստանարան կար եւ ոչ ալ ապահովութիւն։ Ցուրտ քամի մը կը փչէր։ Կիներ, երեխաներ իրարու պլլուած, քարերու արանքը մտած, կը դողային։ Տղամարդիկ ձեռքերնին ծոցերնուն՝ շուարած իրարու կը նայէին։ Ի՞նչ պիտի լինէր իրենց վիճակը։ Հիմա, որ գիւղը թալնուած եւ քանդուած էր, ո՞ւր պիտի երթային, ի՞նչպէս պիտի ապրէին ձմեռուան երկար ամիսները։ Ո՞ւր էր Լեւոնը, ինչո՞ւ կարգադրութիւն մը չէր ըներ իրենց մասին։ Հոդ, սարի կատարը մնալով կին ու երեխայ մինչեւ առտու բոլորը կը սառէին։ Արդեօ՞ք աւելի լաւ չէր լիներ, եթէ մնային իրենց գիւղը, ու պապենական օճախի մէջ այրուէին, ազատէին այդ չարչարանքէն ալ, կեանքէն ալ, որ իրենց միայն տառապանք բաժին հանած էր։

Համբերեցէ՛ք, համբերեցէ՛ք, հիմա կուգայ, կ՚ապահովցնէր Ուրանցցի Յակոբը, ինքն ալ մտահոգուած՝ Լեւոնի ուշանալէն։

Գէորգը առանձնացած՝ քարի վրայ նստած էր, գլուխը ձեռքերուն մէջ առած։ Ծանր թախիծ մը հոգին կը ճնշէր։ Այդ որքա՜ն թանկագին ընկերներ ինկած էին, որքան տան ճրագներ յաւիտեան մարած։ Թշնամին յաղթուած էր, բայց ի՞նչ գնով։ Ո՞ր էին իր մտերիմ ընկերները՝ Նիկոլը, Յակոբը, Վարժապետը, Համբօն, Ալեքսանը, Դաւօն։ Ո՞ր մէկը յիշէր, այնքա՜ն շատ էին ինկածները։ Ուրանցցի Յակոբը, բոլոր տղաքը հաշուելէ, թեթեւ վիրաւորները մէկտեղելէ վերջ, եկաւ ու Գէորգի մօտ նստաւ՝ հոգոց հանելով։ Հին մարտիկի բերանը չէր բացուեր։ Այդ օրուան կորուստը ծանր քարի մը նման սրտին նստած էր։

Էս ժողովուրդը ի՞նչ պիտի ընենք, աւելի ինքնիրեն կը խօսէր Յակոբը, առանց Գէորգին նայելու։

Մէկ Լեւոնը գայ տեսնենք։

Պէտք է շուտով ճամբայ ելլել, Աստուած գիտէ թէ վաղը ցերեկ ո՞րտեղ պիտի անցընենք։ Հիմա բոլոր ճամբաները, բոլոր լեռնային անցքերը բռնուած կը լինին…

Գիտե՛մ։

Երկուքն ալ լռեցին։ Ո՞վ կրնար ըսել, թէ վաղը ի՞նչ էր վերապահուած խմբին։ Եթէ միայն կարողանային առանց պատահարի Վարագայ սարը հասնիլ քաղաքին այնքան մօտիկ, խումբը փրկուած կրնար համարուիլ։ Բայց Վարագ հասնելու հաւանականութիւնը, այն ալ այսքա՜ն մեծ կռուէ մը վերջ, հարցական կը դառնար։ Բացի քրտութենէն, կառավարութիւնն ալ բոլոր ուժերը պիտի լարէր բնաջնջելու բուռ մը ֆետայիները, որոնք հալածական երէներու նման, միայն լեռներու գագաթները կրնային ապաստանիլ, կոտորակուած թիւով, բազմաթիւ վիրաւորեալներով, երեք օրէ ի վեր սոված վիճակի մէջ, բայց որ ամենակարեւորն է, փամփուշտներու մեծագոյն մասը սպառած։

Առիւծ Գեւոյի հետ, Լեւոնը կամաց կամաց սկսաւ բարձրանալ եւ երբ հասան լերան գագաթը, անմիջապէս աչքին դիպան Գէորգն ու Ուրանցցի Յակոբը, ու դանդաղ քայլերով մօտեցաւ անոնց։ Առանց բառ մը արտասանելու նստաւ Գէորգի մօտը։

Լեւո՛ն, լաւ որ եկար, ժողովուրդի մասին պէտք է շուտով կարգադրութիւն մը ընել, ծերունի, կին, երեխայ…

Մենք ալ հոս շատ չենք կրնար սպասել. վրայ բերան Յակոբը, Պէտք է ճամբայ ելլելնք, եթէ կ՚ուզենք Վարագայ սարը հասնիլ։

Եթէ կարողանանք հասնիլ, ուսերը թափահարելով ըսաւ Գէորգը։

Լեւոնը կարծես չէր լսեր ընկերներու ըսածը։ Անորոշ հայեացքը գետին գամած, ան կը մտածէր առանց շարժում մը ընելու, միայն ձախ թեւը երբեմն ջղաձգօրէն կը ցնցուէր։

Տէ՛, Լեւոն, ըսաւ Գէորգը՝ ընկերոջ ուսը թափահարելով։

Հա՛։

Կ՚ըսէինք. թէ պէտք է շուտով կարգադրութիւն մը ընել։

Հա՛, անշուշտ, պէտք է կարգադրութիւն մը ընել, ու դառնալով Ուրանցցի Յակոբին. Յակո՛բ, որքա՞ն…

Քսանչորս սպաննուած ունինք, եօթը թեթեւ վիրաւոր, իսկ ծանր վիրաւորները…

Յակոբը չկրցաւ խօսքը շարունակել, կարծես բան մը դէմ առաւ կոկորդին մէջ, ու տխրութեամբ գլուխը վար կախեց։

Քանի մը րոպէ ոչ ոք կրցաւ խօսիլ։ Երեքի մտքէն ալ միեւնոյն սարսափելի պատկերն անցաւ։ Երբ Լեւոնը նորէն սկսաւ խօսիլ, ձայնը մետաղական սառը հնչիւն մ՚ունէր։

Պէտք է ժողովուրդը շրջակայ հայկական գիւղերը ցրուել, մինչեւ որ քաղաքէն անոնց մասին կարգադրութիւն մը ընենք։ Յակո՛բ, Ղզլճացի Առաքելը կանչէ։

Երբ Առաքելը եկաւ, Լեւոնը կարգադրեց որ անմիջապէս ժողովուրդը հետը վերցուցած՝ իջնայ մինչեւ լերան վարի փէշերը, ու հոն սպասեն։

Չեմ կարծեր թէ, շարունակեց Լեւոնը, հոն քիւրտ կամ թուրք ասկեար մնացած լինի։ Յարմար տեղ մը խմբուած կը մնաք, մինչեւ որ Մխկներու կողմէն հրացաններու ձայներ կը լսէք։ Երբ կռուի հաւար փրթի, անմիջապէս կ՚առաջանաք Սեւ գետով, ու ժողովուրդը կը ցրուէք Կիւսնենց, Փիր Կարիպ, Քօչանի, մինչեւ Ալիւր գիւղերը։

Իսկ մեր գեղացի զինուած տղա՞քը, հարցուց Առաքելը։

Անոնք թո՛ղ մնան մեզ հետ։ Տէ, շարժէ՛, ժամանակ չունինք կորսնցնելիք։

Շատ լաւ, պարոն Լեւոն, ես կ՚երթամ…

Հա՛, Առաքել, հացի մասին պատուիրած էի…

Երկու պարկ հաց թխել տուի, գիւղացիներու մօտ լինելու է։

Հակոբ, գնա՛ Առաքելի հետ եւ հացը տղոց բաժնէ։ Շուտով ճամբայ պիտի ելլելնք։

Առաքելն ու Յակոբը հեռացան։

Չհասկցայ թէ այդ ի՞նչ հրացանի ձայներու մասին կը խօսէիր, ըսաւ Գէորգը, երբ Լեւոնի հետ առանձին մնաց։

Չհասկցա՞ր Գէորգ, միտքս շատ պարզ է։ Քրտերն ու կառավարութիւնը գիտեն, որ դէպի քաղաք կ՚երթանք։ Անշուշտ հիմա ճամբաները բռնած՝ կը սպասեն։ Հիմա մենք շիտակ կ՚իջնանք դէպի Մխկներ։ Հոն եթէ քրտերու ալ չհանդիպինք, մենք ինքներս կը սկսինք կրակել…

Տէ՜ր Աստուած, խենթեցա՞ր Լեւոն, ինչո՞ւ համար պիտի կրակենք։

Որպէս զի դեռ լերան բոլորը գտնուող քրտերը մեզի քաշենք՝ հնարաւորութիւն տալով ժողովուրդին, որ անվտանգ կարողանայ հեռանայ։

Իսկ մե՞նք…

Գէո՛րգ, այս պայմաններու մէջ Վարագայ սարը հասնելու մասին չենք կրնար մտածել։ Նախ, մեր տղաքը յոգնած են երեք օրէ ի վեր սոված վիճակի մէջ են։ Բայց եթէ այդ չլինէր, ճամբաները եւ լեռնային անցքերը բռնուած են ու թշնամին մեզ կը սպասէ։ Ամբողջ տղաքը միասին հաշուած՝ հազիւ քառասուն եւ հինգ կռուող ունինք, եօթը վիրաւոր, որոնք բանի պէտք չեն գար։ Ուրեմն, ունինք երեսունեւութը կռուող, որոնց փամփուշտի կէսէն աւելին սպառած է։ Եթէ այս օրուան նման նոր հանդիպում մ՚ալ ունենանք, մեր երգը երգուած կը լինի…

Ուրեմն, ի՞նչ ե՞տ պիտի դառնանք։

Անշուշտ ոչ, քաղաք պիտի մտնենք։

Ապա ուրեմն այս խօսքերդ ի՞նչ իմաստ ունին։

Մտիկ ըրէ, Գէորգ, թշնամիին հանդիպելէ խուսափելու համար մենք փոխանակ ուղղակի քաղաք մտնելու, կամաւ ճամբանիս պիտի երկնցնենք։ Արճակի լճի հարաւային ծայրէն ուղղակի դէպի Վարագայ սարը երթալու փոխարէն, մենք շրջան մը կ՚ընենք եւ Ֆառուղ եւ Էրմանց գիւղերու միջով կը բարձրանանք Քէշիշ Կէօլի ուղղութեամբ։ Եթէ մինչեւ հոն հասանք, լա՛ւ, իսկ եթէ ոչ, կը մնանք ձորերու մէջ պահուած, մինչեւ որ յաջորդ իրիկուն հասնինք Վերին Վարագ։

Իսկ օգո՞ւտը։

Օգուտը այն կը լինի, որ թշնամին մեզ ուրիշ ճամբու վրայ կը սպասէ։ Գիտեմ, թէ ի՞նչ պիտի ըսես։ Անշուշտ հոն ալ կրնանք կռուի մը բռնուիլ, բայց այդ կը լինի բոլորովին պատահական կերպով, ինչ որ մեզի ամէն տեղ ալ կրնայ պատահիլ։

Լաւ, Լեւոն, միայն թէ շուտով պէտք է ճամբայ ելլել։

Տեսնենք, տղաքը ի՞նչ կ՚ընեն։

Եւ երկու ընկերները վեր կեցան ու մօտեցան հայդուկներուն, որոնք խմբակներու բաժնուած այնքան անհամբերութեամբ սպասուած հացը կը բաժնէին իրարու մէջ։ Առիւծ Գեւօն եւ Թօփալ Սատանան առանձին նստած էին։ Թօփալը ագահութեամբ հացի վրայ ինկած՝ գրեթէ առանց ծամելու իրարու ետեւէ ահագին պատառներ կուլ կուտար։

Հը՞, Գեւօ՛, ի՞նչ կեցեր՝ կը նայիս, լեցուն բերնով խօսեցաւ Թօփալ Սատանան, ծօ, ինծի նա՞զ կը ծախես… Տնաշէն, շուտով ճամբայ կ՚ելլենք. ո՜վ գիտէ թէ մինչեւ ո՞ր դժոխքը պիտի երթանք, ու մէկ ալ ե՞րբ հացի երես պիտի տեսնենք։

Առիւծ Գեւօն, առանց ընկերոջը պատասխանելու, գլուխը կախեց ու ձեռքը աչքերուն տարաւ։

Հը՞, Գեւօ՛, ազիզ ախպերս…

Տղա՛յ, գիտե՞ս ինչ միտք կ՚ընէի…

Չէ, Գեւօ, ի՞նչ միտք կ՚ընէիր։

Հէ՜յ, պալամ, հիմա միտք կ՚ընէի, որ Յակոբը… Էրնէկ Յակոբը ողջ լինէր, ես ալ իմ հացի բաժինս անոր տայի…

Կարծես թէ աներեւոյթ մէկը, ուժեղ ձեռքով յանկարծ Թոփալ Սատանայի կոկորդը սեղմեց։ Կամաց մը ձեռքի հացի պատառը գետին դնելով՝ ձեռքը Գեւոյի ուսին դրաւ ու փղձկելով՝ ըսաւ.

Կիւզէլիմ տղաքը գնացին, Գեւօ ջան… Աստուած լուսաւորէ անոնց հոգին… Դրախտի փառքին արժանացնէ… Հը՞, ի՞նչ կ՚ըսես, Գեւօ, հիմա դրա՞խտ գնացին բոլորն ալ։

Առիւծ Գեւօն աչքերը սրբեց, երեսը խաչակնքեց ու հեղինակաւոր շեշտով մը պատասխանեց։

Ծօ, սարսա՛խ, հէլպէթէ, ազգի նահատակները ո՞ւր կ՚երթան որ…

Վարժապե՞տն ալ, Գեւօ՛, ան հայ քրիստոնեայ չէր… բռոտ էր։

Հա, բռոտ էր ամմա՝ խոչախ տղայ էր… հիմա մերոնց հետ արքայութեան մէջ է…

Թոփալ Սատանան չուզեց հակաճառել Գեւոյին, բայց յայտնի էր որ Գեւոյի պատասխանը շատ ալ չգոհացուց զինքը, ու մտքին մէջ ինչ որ տարակուսանք մնաց։ Լաւաշ հացերը հաւաքելով՝ կոխեց իր եւ Գեւոյի չանթաներուն մէջ։ Ու երբ լսուեցաւ հաւաքուելու սուլոցի ձայնը, երկուքը միասին մօտեցան խմբին։

Քիչ անցած՝ վալատները Ուրանցցի Յակոբի հետ առաջ ինկան, ու տասնեակ մը քայլ հեռաւորութեան վրայ անոնց ետեւէն խումբը շարժեցաւ դէպի սարի հարաւային փէշը։

Խումբը հանդարտ քալուածքով իջաւ Ղզլճայի սարէն ու, երբ մօտեցաւ Արճակի ճանապարհին, վալատներէն մէկը առաջ ինկաւ հետազօտելու շրջակաները, մինչ խումբի տղաքը, գետակի եզերքը նստան։

Դուն կ՚իմանաս, Գեւօ ջան, յայտնապէս վարանելով սկսաւ խօսիլ Թոփալ Սատանան, ինչպէս ըսեմ որ հասկնաս… եթէ ես ալ մեռնելու լինիմ…

Ծօ հայվա՛ն, ինչո՞ւ պիտի մեռնիս որ… եղածը բաւական չէ՞… ալ ես առանց քեզի ի՞նչ ընեմ…

Չէ՛, չհասկցար, Գեւօ՛, կ՚ուզեմ գիտնալ. թէ՝ եթէ մեռնիմ…

Դրա՞խտ պիտի երթաս…

Չէ, ճանըմ, դրախտը ես ի՞նչ ընեմ, Գեւօ… Մեռնիմ նէ՝ տղոց քո՞վը պիտի երթամ… եանի բոլորս մէկտեղ պիտի լինի՞նք…

Թոփալ Սատանան, եօթը մահացու մեղքերը մերէն վար շարքով գործած էր, վերջէն ալ, մինչեւ յեղափոխականներւ միանալը՝ սկսած էր վարէն վեր նոր քաղուածք մը ընել։ Այդ էր պատճառը, որ Գեւոյի շրթունքներէն կախուած՝ իմաստութեան աղբիւրի մը առջեւ կանգ առնող երիտասարդի նման, անոր պատասխանին կը սպասէր։ Գեւօն գլուխը կախած՝ սկսաւ դունչը քերել, մտածկոտ երեւոյթ մը առած։ Բայց մէկ երկու վայրկեան տատասմելէ վերջ, ան գլուխը վեր վերցուց ու կասկած չվերցնող շեշտով ըսաւ ընկերոջը.

Ծօ, հիչ հոգ մի ըներ, բոլորս մէկտեղ պիտի լինինք։ Քեզի դժոխք ալ ճանբելու լինին, մենք ալ հոն կուգանք։