Զարթօնք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆՏԸ

Վահէի ձեւական դատավարութիւնը երեք օրէն վերջացաւ։ Թուրքը գիտէ, երբ ուզէ, արտաքին ձեւականութիւնները պահելով իր մտադրածը ընել եւ այն ալ շշմեցնող արագութեամբ։

Բնականաբար Վահէի ձերբակալութիւնն ու դատավարութիւնը շատ մեծ իրարանցում առաջ բերաւ ժողովուրդի մէջ։ Նախ որ յեղափոխական յայտնի դէմք մ՚էր, եւ որ աւելին է, Վահէն ձերբակալուելու պահուն քանի մը պաշտօնեաներ սպաննած էր։ Երբ դատավարութիւնը սկսաւ, ռուսական եւ պարսկական քոնսիւլներու թարգմանները կանոնաւոր կերպով ներկայ գտնուեցան բոլոր նիստերուն։ Այդ պարագան ստիպեց կառավարութիւնը աւելի ազատութիւն տալու բանտարկեալին, օտարներու մէջ այն տպաւորութիւնը առաջացնելու համար. թէ Թուրքիոյ մէջ ալ արդարադատութեան ձեռքերը կաշկանդուած չեն։ Հակառակ Վահէի կրկնակի մերժումներուն, կառավարութեան կողմէ երկու պաշտպան փաստաբաններ նշանակուած էին, որպէս թէ մեղադրեալի շահերը պաշտպանելու համար։ Մէկը հայ երիտասարդ մ՚էր, մտացի ու կարող, բայց որ հասկնալի պատճառներով բերանը չէր կրնար բանալ։ Երկրորդը՝ փաթթոցաւոր թուրք մ՚էր, տգէտ մարդ մը, որ հասարակ արզուհալճիութեամբ՝ կարող փաստաբանի մը համբար կը վայելէր, եւ որ անշուշտ պիտի ըսէր ինչ որ ներելի կրնար համարուիլ Սուլթանի հաւատարիմ հպատակի եւ ուղղափառ իսլամի մը։

Դատավարութեան սկզբնական շրջանին, Վահէն առանց այլեւայլի խոստովանեցաւ իր յեղափոխական ղեկավարներէն մէկը լինելը, ընդունեց զէնքով դիմադրելը ու ատոր հետեւանքով տեղի ունեցած սպանութիւնները։

Վահէն կարծես ուրախութեամբ ընդառաջ կ՚երթար դատախազի ամբաստանութիւնները հաստատելու, առանց ինքզինքը պաշտպանելու որեւէ փորձ ընելու։ Հազիւ երբեմն ուղղումներ ընելով կը բաւականանար, երբ դատախազը սուտ եւ արտառոց վերագրումներ կ՚ընէր յեղափոխականներու հասցէին, բայց երբ հարցը եկաւ հայ յեղափոխական  շարժումը բնորոշելու, չխօսելու քաղաքականութիւնը Վահէն մէկդի ձգեց եւ լայնօրէն օգտագործեց այդ պատեհութիւնը, փաստօրէն ապացուցանելով որ միայն Համիտեան կառավարութեան յոռի վարչութիւնն էր պատճառը հայ ժողովուրդի անօրինակ մարտիրոսութեան։ Դարեր շարունակ ճնշուած ու լլկուած՝ հայ ժողովուրդը յուսահատ յեղափոխութեան արնոտ ճամբան ձեռք առած էր, մէկ անգամ ընդ միշտ ազատելու համար թրքական անտանելի լուծէին։

Մի՛ փորձէք արտաքին պատճառներ յերիւրելու, դուք էք մեղաւորը, -աջ ձեռքը բարձրացուցած, լեցուն հնչեց ձայնով խօսած էր Վահէն,   դուք էք բուն պատճառը, Պոլսոյ մէջ նստած նախարարներէն սկսած մինչեւ գաւառական յետին զափթիէն ստեղծեցիք այս դժոխքը, որ Թուրքիա կը կոչուի, եւ ձեր զազրելի տիրապետութեան շնորհիւ, ճարահատ հայ ժողովուրդը ըմբոստութեան գիրկը նետեցիք։ Երկար դարերէ ի վեր տիրելով մեր հրաշալի երկրին՝ դուք շէն երկիրը քանդելով ու աւերելով ապրեցաք, դուք անյագ պարազիտներ եղաք, առանց ստեղծագործական կարողութիւն մը յայտնաբերելու։ Դարեր շարունակ, տզրուկի նման ծծեցիք հպատակ ժողովուրդներու տնտեսութիւնը, մինչեւ որ հասցուցիք զայն այս ողբալի վիճակին։ Այս օր, Թուրքիայի ժողովուրդը, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը սարսափելի աղքատութեան ճիրաններուն մէջ կը գալարուի։ Ի՞նչ տուիք ձեր դարեւոր տիրապետութեան շրջանին բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնց տիրապետեցիք ձեր եաթաղանի շնորհիւ։ Արիւն, աւեր, թալան ու կոտորած։ Ուրիշ ոչինչ։ Եթէ պատահէր, որ մէկ վայրկեանի մէջ յանկարծ վերնայիք մէջտեղէն դուք եւ ձեր ժողովուրդը, ամբողջ երկրին մէջ ոչ մէկ արժէքաւոր հետք պիտի մնար ձեր հարիւրաւոր տարիներու տիրապետութիւնը յիշեցնող։ Դուք մեր երկրի վրայ ծանրացող անէծք մը եղաք, առանց օրնութիւն մը դառնալու ցանկութեան։

Ընդհանրապէս խօսած ժամանակ բոլորովին սառը, արտայայտուելու զուսպ ձեւ մ՚ունէր Վահէն։ Երեք օրուան դատավարութեան ընթացքին հազիւ անգամ մը սովորականէն բարձր հնչեց Վահէիի ձայնը։ Այդ այն ժամանակ պատահեցաւ, երբ թուրք փաստաբանը, հակառակ Վահէի ընդդիմութեան, որպէս թէ պաշտպանողական ճառ  մը սկսաւ, երկարապատում աղօթքով մը Վեհափառ Սուլթանի արեւշատութեան համար։

Ամենաողորմած, բարեգութ եւ հայրախնամ Վեհափառութեան, տիեզերահռչակ Օգոստափառ կայսեր, որու գահը անսասան մնայ մինչեւ յաւիտեան հաւիտենից, անոր վեհանձն գութին ու անհուն բարութեան կ՚ապաւինի պաշտպանեալս, որ մոլորուած…

Բաւակա՛ն է,   Վահէն ձեռքը սեղանին զարնելով ոտքի ցատկած էր. - Տէր դատաւոր, կը պահանջեմ, որ վերջ տրուի այս խայտառակ կատակերգութեան։ Այս… այս ողորմելի մարդը, հակառակ իմ ցանկութեանս, դուք նշանակեցիք որպէս թէ զիս պաշտպանելու համար։ Մեծահոգի կառավարութեան այս շնորհէն մեծ ուրախութեամբ կը հրաժարիմ ու կը պահանջեմ, որ այս վրան բաց կեղծիքը ունենայ։ Ես ինքզինքս պաշտպանելու համար, այս մարդու օժանդակութեանը պէտք չունիմ։

Դատավարութիւնը անսովոր հետաքրքրութիւն մը առաջացուցած էր ժողովուրդի մէջ։ Ոչ միայն հայերը ամէն օր խուռներամ կը դիմէին դատարան, այլ եւ թուրքերը։ Դատարանի փոքր սրահը խուռներամ լեցուած կը լինէր, ուր, ինչպէս կ՚ըսեն, ասեղ ձգելու տեղ չէր մնար։

Վահէի դատը, Պոլսէն եկած հրամանի մը վրայ, անջատուած էր ընդհանուր գործէն։ Մինչդեռ, Դաւոյի դաւաճանութեան հետեւանքով հարիւրաւոր ձերբակալուածներու նախնական հարցաքննութիւնն իսկ տեղի չէր ունեցած, Վահէի դատը ամենայն արագութեամբ կ՚աշխատէին վերջացնել։

Դեռ դատավարութիւնը չվերջացած՝ պազարի մէջ խանութպանները իրարու հետ կը խօսէին տրուելիք վճիռի մասին։ Բոլորի համար ալ բաց գաղտնիք մ՚էր, որ մահուան վճիռը Պոլսէն եկած էր։ Այս հանգամանքը, Վահէի անցեալ գործունէութիւնն ու հռչակուած անունը, օտար քօնսիւլներու ներկայացուցիչներու դատին հետեւիլը, խոշոր ազդակներ էին ժողովուրդը դէպի դատարան քաշելու համար։ Բայց ասոնցմէ աւելի բան մը կար, որ կը մղէր ժողովուրդը դէպի դատարան։ Խուռն բազմութեամբ հայեր ու թուրքեր կը սպասէին դատարանի դրան բացուելուն, երբ իրար կոխկրտելով ներս կը խուժէին, յարմարաւոր տեղեր գրաւելու համար։

Ժողովրդական այդ մեծ հետաքրքրութեան բուն պատճառը Վահէի անձնաւորութիւնն էր, կամ աւելի ճիշդ, անոր խօսելու կերպը։ Ըստ երեւոյթին, Վահէի զուսպ եւ անմեղ խօսքերուն մէջ այնքան նուրբ հեգնանք մը, ծաղրանք մը կար մասնաւորաբար Վանի նահանգի պաշտօնէութեան հասցէին, որ ժողովուրդը, մօտէն ճանչնալով այդ մարդիկը՝ հռհռալով կը հետեւէր անոր խօսքերուն,   հռհռուկ մը, որ աւելի հաւանութեան արտայայտութիւն մ՚էր։ Վահէն անխնայ կերպով կը մերկացնէր այդ հերոսները, տեղով թուականով կը ցուցնէր անոնց կատարած զեղծումները, գողութիւնները եւ թէ ինչպէս այդ մարդիկ, կողոպտելով խեղճ ժողովուրդը ու պետական սնտուկը, անպատիժ կը մնային ու դեռ նորանոր շքանշաններով կը զարդարուէին անոնց կուրծքերը։ Անմեղ հրեշտակի դէմք հագած, Վահէն սկսաւ պատմել զինուորական վարչութեան մէջ կատարուած հսկայական գողութիւններու մասին։ Հարիւր հազարաւոր ոսկիները կը հալէին բարձրաստիճան զինուորականներու կոկորդներու մէջ, մինչդեռ զինուորները ողորմելի սնունդ կը ստանային եւ ցնցոտիներ՝ որպէս հագուստ։

Տարեկան հինգ հազար ոսկիի պիւտճէ մը յատկացուած է զօրքի կօշիկներու համար,   բացականչած էր Վահէն, մատնանաշելով իր մօտ կանգնած զինուորները,   դատաւորներու ուշադրութեանը կը յանձնեմ այս զինուորներու տրեխները, թերեւս դուք կրնաք ըսել թէ՝ որո՞նց գրպաններուն մէջ հալեցան հազարաւոր ոսկիները, որոնք յատկացուած էին կօշիկներու համար։

Ունկնդիր թուրքերէն շատեր ատամ կրճտացնելով մտիկ կ՚ընէին այդ անհաւատի յանդուգն քննադատութիւններուն, բայց շատեր ալ կային, որ տխրութեամբ գլուխնին կ՚օրօրէին, որպէս թէ ըսել ուզէին. «Ճշմարիտ կ՚ըսէ, մեր տունը այսպէս կը քանդեն մեր մեծերը»։ Եւ, բնականաբար, դատարանին մէջ արտասանուած Վահէի խօսքերը, կը տարածուէին դատարանէն դուրս, պազարի մէջ, տուներու մէջ, ամէն տեղ ալ զարմանալի կերպով կենդանի հետաքրքրութիւն մը առաջացնելով։

Դատաւորներու նախագահը, Օֆեցի փաթթոցաւոր մը, զառամած ծերուկ մ՚էր։ Այդ մարդը, ոչ հազուագիւտ դատաւորներէն էր, որոնք առանց անձնական կարողութեան միմիայն ընտանեկան կապերու շնորհիւ կը բարձրանան մեծ դիրքերու։ Դատաւորի եղբօր աղջիկը տարիներ առաջ ինկած էր սուլթանական պալատը, Սուլթանի ունեցած հարիւրաւոր գեղուհի հարճերէն մէկը դառնալու բախտին արժանանալով։ Խեղճ հարճը, իր շքեղ մարմինը տրամադրելով Սուլթանին, ճարպիկութիւն ունեցած էր իր ազգականներու վիճակը բարւոքելու։ Արդէն այդ նպատակով ալ ճամբած էին զինք իր ծնողները։ Այդ աղջկան բարեխօսութիւններու շնորհիւ իր հօրեղբայրը, Սիւրմէնէի նման յետ ինկած քաղաքի մը դատարանի պարզ գրագիրը, քանի մը տարիի ընթացքին զարմանալի արագութեամբ մագլցեր էր բազմելու համար Վանի նահանգի դատարանի նախագահական աթոռին։

Սաստիկ տգէտ, կրօնամոլ ու ագահ մարդ մ՚էր դատաւորը։ Բազմաթիւ «պատմութիւններու» պոչ մը ունէր իր անունին հետ կապուած, ամէն մէկ պատմութիւնը կապուած խայտառակ կաշառակերութեան մը հետ։ Ասով մէկտեղ, Վանի մէջ, շատ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը կը համարուէր։ Ամէնքը կը վախնային իրմէ, որպէս մէկէ մը, որու ձայնը կրնար լսուիլ պալատին մէջ։ Այսքանը բաւական էր, որ բոլորը ճկէին իր առջեւ եւ մատի արանքով նայէին իր վրան բաց քաջագործութիւններու վրայ, թէեւ իր հակառակորդները բերնէ բերան կը տարածէին ժողովուրդի մէջ, անոր ըրած ու չըրած զեղծումները։

Երբ Վահէն, դատավարութեան ընթացքին սուր հեգնանքով կը ձաղկէր պաշտօնեաներու կատարած զեղծումներն ու աշկարա թալանը, դատաւորը որպէս թէ խիստ նկատողութիւններ կ՚ընէր, նոյնիսկ երկու անգամ լռեցուց զայն, բայց ներքուստ կը հրճուէր՝ զինք բամբասողներու խայտառակուիլը տեսնելով։ Դատաւորը ներքուստ շատ ուրախ էր, թո՛ղ ժողովուրդը իմանայ, թէ միայն ինքը չէ զեղծարար, կաշառակեր եւ թէ իր միսը ծամողները վարագոյրի ետեւ ինչե՜ր կը կատարէին, որոնց մասին բան մը չէր լսած ժողովուրդը։

Դատավարութեան ընթացքին, երբ Վահէն այնքան ազատօրէն կը մերկացնէր պաշտօնէութեան կատարած խայտառակութիւնները, բառ մ՚իսկ չէր արտասանած թրքական դատարանի կամ դատաւորներու հասցէին։ Այս պարագան, թերեւս ակամայ, նպաստաւոր տրամադրութիւն մը ստեղծեց դատաւորի սրտին մէջ։ Վահէն թէեւ ապստամբ անհաւատ շուն մ՚էր, բայց իր գործին կուգար։ Անոր միջոցով խերը կ՚անիծէր իր թշնամիներուն։

Կարելի է երեւակայել դատաւորի սարսափն ու կատաղութիւնը, երբ թուրք փաստաբանի ճառը ընդմիջելով՝ Վահէն սկսաւ իր պաշտպանողականը արտասանել։ Ինքնարդարացման ճառ մը չէր այդ։ Կարծես մէկէն դերը փոխուեցաւ, կարծես Վահէն դատախազի դերը ստանձնեց, իսկ կառավարութիւնը դատապարտեալի աթոռի վրայ նստեցաւ։ Փաստերով ապացուցանելէ վերջ կառավարական պաշտօնէութեան ապիկարութիւնը, կատարած գողութիւնները, ան խօսեցաւ հայ, քիւրտ եւ թուրք գիւղացի ժողովուրդի անտանելի վիճակի մասին թէ ինչպէս անոնք հասած էին վիճակի մը, երբ արդէն տան մէջ բրդուճ մը հաց ունենալը մեծ բախտաւորութիւն կը համարէին։ Ու դառնալով դէպի դատաւորը, Վահէն ձայնը բարձրացնելով՝ շարունակեց.

Անշուշտ, զիս այնքան միամիտ չէր կարծեր։ Այս հաստատութենէն արդարութիւն սպասելու չափ անխելք մէկը չեմ։ Իմ մասին Պոլսէն եկած դատավճիռը քիչ վերջ պիտի կարդայ մեր յարգելի դատաւորը, որ հոդ բազմած է պարզապէս որպէս խրտուիլակ մը։ Եթէ նոյնիսկ այդպէս չլինէր, ի՞նչ արդարութիւն կրնայի սպասել այս հաստատութեան մէջ, որու նախագահը,   ու Վահէն ցուցամատը ուղղեց դէպի նախագահը,   ամէնքդ ալ գիտէք, որ դեռ երկու ամիս առաջ Ատելճավազի արիւնարբու գազան Ալի բէկէն երկու հարիւր ոսկի կաշառք ստացաւ եւ…

Լռեցէք…

Բանտի դռները բացաւ անոր առջեւ…

Երկու կողքերուն կանգնած զափթիաները բռնութեամբ Վահէն տեղը նստեցուցին, մինչ դատարանի մէջ սեղմուած բազմութիւնը բարձրաձայն կը հռհռար։

Երբ կէս ժամ անցնելէ վերջ, կողքի սենեակի դուռը նորէն բացուեցաւ ու դատաւորները որպէս թէ վճիռը տալու համար խորհրդակցելէ վերջ ներս մտան, նախագահը բարկութենէն դեռ այլայլած դէմքով աթոռը գրաւեց եւ ձեռքի թուղթը աչքէ անցընելով, ակնոցը քթի ծայրը իջեցուց ու ատամներու արանքէն սուլեց.

«Ամբաստանեալ Վահէն, որու անիծապարտ խորհուրդները, Աստուած հեռու ընէ, Ալի Օսմանի վեհապանծ գահուն դէմ ուղղուած էին, որու ոճրագործ արարքները ամբողջ աշխարհին ծանօթ են, մեր ժողովուրդի խաղաղ եւ անդորր կեանքը վրդովելով՝ քանի մը սրիկաներ շուրջը հաւաքած, ատոնք բոլորն ալ անիծեալ լինին յաւիտեանս յաւիտենից, զէնքով դիմադրած, եւ նորին Վեհափառութեան հաւատարիմ ծառաներէն քոմիսար մը եւ երկու ոստիկաններ սպաննած լինելով, միաձայնութեամբ մահուան կը դատապարտուի, կախաղանի միջոցով»։

Մինչ մեռելային լռութեան մէջ կը հնչէր նախագահի բարկութենէ զսպուած ձայնը, Վահէն լուռ, հեգնական ժպիտ մը դէմքին, բաճկոնի կոճակին հետ կը խաղար, կարծես դատաւորի վճիռը իր կեանքին հետ կապ մը չունենար։

Կորսուած, անյոյս կռիւ մ՚էր Վահէինը։ Երբ ծնկէն վիրաւորուած՝ թուրքերուն ձեռքը ինկաւ, այլեւս պարզ էր, թէ ի՞նչ վախճան կը սպասէ իրեն։ Առաջին օրէն իսկ հաշուած այդ գաղափարին հետ, այլեւս չմտածեց իր մասին։ Ընդհակառակը, սրտցաւօրէն ընկեր բանտարկեալներու վիճակով հետաքրքրուած՝ կ՚աշխատէր ամէն հնարաւոր միջոցով անոնց կացութիւնը թեթեւցնել, յուսալքուածներու տրամադրութիւնը բարձրացնել, հարցաքննութեան ժամանակ տալիք պատասխաննին թելադրել։

Վահէն ու Գարեգինը ազատումի որեւէ յոյս չէին կրնար ունենալ, այդ պատճառով ալ իրենց վրայ վերցուցած էին պատասխանատուութիւնը կատարուած յեղափոխական աքթերու։ Այսպիսով կը յուսային մնացածներու վիճակը թեթեւցնել։ Հակառակ որ Վահէն ընկերներէն զատուած, զնտանի մը մէջ արգելափակուած էր, բանտարկուելէն օր մը վերջ հնարաւորութիւն ստեղծեց յարաբերուելու մնացած բանտարկեալներու հետ, որոնք բանտի զանազան ղովուշները նետուած էին։ Իսկ քանի մը օր վերջ, բանտի թուրք կարտիաններու (պահապան) միջոցով դրսի հետ յարաբերութեան մէջ մտաւ։ Լքում՝ ներսը, բանտի մէջ, լքում դուրսը, ուր գրեթէ աչքի զարնող մէկը չէր մնացած։

Ժամանակ մը վերջ դրսի հետ ունեցած կապն ալ կը կտրուեցաւ, նամակը ստացող երիտասարդի ձերբակալուելուն պատճառով։

Նախնական հարցաքննութիւնը վերջանալէն յետոյ, բանտի մուտքի մօտ գտնուող զնտանէն դուրս էին բերած Վահէն ու փոխադրած պարտէզ-բակի վրայ նայող առաջին ղովուշը, ուր իրմէ զատ քսանեւհինգ ուրիշ բանտարկեալներ կային։ Միեւնոյն բաժանմունքին մէջ կը գտնուէին Եկաւեանը ու չորս ընկերներ, իսկ մնացածները մեծամասնաբար քրտեր էին եւ քրէական յանցանքներու համար բանտարկուած մէկ երկու թուրքեր ու հայեր։

Ընկերները Վահէի գալով անչափ ուրախացած՝ դէպի բակը նայող պատուհանի մօտ տեղ պատրաստեցին անոր համար։ Ղովուշի թուրքերն ու քրտերն ալ, որոնք այնքա՜ն առասպելական պատմութիւններ լսած էին Վահէի մասին, մեծ յարգանքով ընդունեցին զայն, մանաւանդ որ ձերբակալուելու պահուն երեք մարդ սպաննած լինելու հանգամանքը խոր տպաւորութիւն ձգած էր բանտարկեալներու վրայ։

Կարտիաններու գլխաւորը բարձրահասակ, դաժան մարդ մ՚էր։ Օրը մէկէ աւելի անգամներ կը շրջէր ղովուշները, կարգադրութիւններ կ՚ընէր, կը սաստէր անհնազանդ բանտարկեալները, երբեմն կը ծեծէր, երբ որեւէ խնդրի պատճառով բանտարկեալները իրարու հետ կը կռուէին։ Բայց եւ այնպէս քաղաքական բանտարկեալներու հանդէպ վերապահ ընթացք մ՚ունէր։ Ճիշդ է, որ անոնց ալ կը հայհոյէր, ինչպէս միւսներուն, բայց ատկէ անդին չէր անցներ, տանջարան-զնտանին մէջ անոնց կերած ծեծը բաւական համարելով։

Բոլոր բանտարկեալներու մէջ Վահէն առանձնաշնորհեալ դիրք մը ունէր։ Նոյնիսկ սովորական կարտիանները ու իրենց մեծը յարգալից վերաբերմունք մը ունէին անոր հանդէպ, զայն համարելով յեղափոխականներու գլխաւորը։

Օր մը, բանտարկուելէն մօտաւորապէս ամիս մը վերջը, Վահէն անակնկալ կերպով նամակ մը ստացաւ դրսէն, շաբաթներու յուսահատեցնող լռութենէ յետոյ։ Կէս օրէն առաջ ղովուշէն ելած, կարտիանի մը ընկերակցութեամբ պէտքարան կ՚երթար Վահէն, երբ Սարի Մէհմէտ Աղան, այդպէս էր կարտիաններու մեծին անունը, բակի մէջ հանդիպելով իրենց, սկսաւ հայհոյել կարտիանին, որ այդ առտու իր սենեակի մուտքը մոռցեր էր աւլել, որ զայն ճամբեց, որ իր սենեակը մաքրէ։

Քալէ, պիղծ անհաւատ, վայրագ դէմքը ա՛լ աւելի խոժոռելով հրամայեց Մէհմէտ Աղան, հրելով Վահէն որ կանգ առած էր։

Մէհմէտ Աղան կրնկակոխ հետեւցաւ Վահէին, որ նեղ միջանցքը անցնելով՝ մտաւ փոքր բակ մը։ Այդ բակի վրայ կը բացուէին բանտի կարգով շարուած ճեմիշները։

Կարտիաններւո գլխաւորը, Վահէի ետեւէն բակը մտաւ եւ գլուխը աջ ու ձախ դարձնելով, երբ վստահ եղաւ որ ուրիշ մարդ չկայ, գօտիի արանքէն տոմսակ մը հանեց ու արագօրէն Վահէի բուռնի մէջ սեղմեց։

Սահադճին տուաւ,   շշնջաց Մէհմէտ Աղան։

Վահէն տարակուսած՝ անոր դէմքին կը նայէր, հաստատ չգիտնալով, թէ պէ՞տք է վերցնէր տոմսակը։

Ես անոր խաս բարեկամն եմ,   Վահէի տատամսիլը նկատելով՝ շարունակեց Մէհմէտ Աղան,   հօրենական բարեկամներ ենք, ինձմէ մի կասկածիր… Եթէ պատասխան ունիս, գրէ՛, ես կը տանիմ… բայց մարդ չտեսնէ գրելդ, ոչ ալ այս փուսուլան…

Վահէն տոմսակը գրպանը կոխեց ու մտաւ ճեմիշներէն մէկը, որ ամենէն լուսաւորն էր։ Իրարու մէջ հագցուած երկու տոմսակներ էին։ Մէկը հազիւ երկու տող կը պարունակէր։ Վահէն նախ ստորագրութեանը նայեցաւ։ Իր ընկերներէն Նշանի ստորագրութիւնը կը կրէր։ Տոմսակի կարճ բովանդակութիւնը մօտաւորապէս հետեւեալն էր։ «Մէհմէտ Աղան հին ծանօթ մ՚է։ Տարիներ հաւատարմութեամբ մեզի ծառայած։ Կրնաս վստահիլ։ Նշան»։

Վահէի աչքերը ուրախութեամբ կայծկլտացին։ Նշանի երկտողը կարդալէ վերջ, երբ բազմաթիւ անգամներ ծալլուած երկրորդ տոմսակը բացաւ, քիչ մնաց զգացած ուրախութենէն ակամայ բացագանչէր։ Աչքերուն չէր կրնար հաւատալ։ Շատ բարակ թղթի վրայ, մանր թուանշաններու երկար շարքեր ու տակը՝ Լեւոնի ստորագրութիւնը։ Քանի մը վայրկեան կարծես թուանշանները թղթի վրայ կը պարէին. բայց երբ Վահէի յուզումը քիչ մը անցաւ, ան սկսաւ թուանշանները մեծ ուշադրութեամբ կարդալ։ Քանի տոմսակի ընթերցումը կը շարունակուէր, Վահէի աչքերը այնքան աւելի կը փայլէին, դէմքը կը ճառագայթէր։

Երբ վերջացուց ընթերցումը, վայրկեան մը երկուք տոմսակը ձեռքին մէջ պահեց։ Յօնքերը կիտած, կեդրոնացած հայեացքով՝ ան դրան երկաթէ կղպանքին նայեցաւ, ապա ծանր շարժումով տոմսակը կտոր կտոր ըրաւ ու նետեց ճեմիշի ծակին մէջ։

Երբ դուրս եկաւ, ու Մէհմէտ Աղայի հետ կ՚անցնէր փոքր բակէն, Վահէն այլեւս առանց տարակուսանքի դարձաւ անոր ու ըսաւ.

Քովս մատիտ չունէի, կէս օրէ վերջ կ՚ուզեմ պատասխան մը գրել… անշուշտ կը տանիս։

Տանիլը կը տանիմ, բայց դուրս մի ելլեր, մինչեւ որ ես ձեր ղովուշը մտնամ… Պատճառ կը մը գտնամ կարտիանը ճամբելու։ Աւելի լաւ է, որ ես քեզի հետ գամ, այդ ձեւով աւելի ապահով կրնաս գրել պատասխանդ ու մարդ ալ չի նկատեր։ Պէտք է զգոյշ լինել, եթէ անգամ մը կասկածին, որ քեզ հետ գաղնտի յարաբերութեան մէջ եմ, զիս պաշտօնանկ կ՚ընէն։ Տարիներ է ի վեր, ես բանտարկուած յեղափոխականներու եւ Սահադճի Նշանի միջնորդը եղած եմ։

Հինէ՞ն կը ճանչնաս Նշանը։

Հօրենական բարեկամներ ենք։

Երբ Վահէն վերադարձաւ իր ղովուշը, սովորական տեղը, պատուհանին մօտ նստաւ, մտածկոտ արտայայտութիւն մը դէմքին վրայ։ Կը մտածէր թէ, արդեօ՞ք յայտնէր ընկերներուն Լեւոնէն ստացած նամակի մասին։ Այնպիսի պարագաներու մէջ կը գտնուէին, որ փոքր տարաձայնութիւն մը, բերնէ փախած անզգոյշ, խօսք մը կրնար անսպասելի ծանր հետեւանքներ ունենալ։ Երկար մտածելէ վերջ, Վահէն վճռեց միան Եկաւեանին յայտնել, որ պատասխանատու եւ վստահելի ընկեր մ՚էր։

Վահէն հազիւ կէս օրէն վերջ միայն հնարաւորութիւն ունեցած Եկաւեանի հետ խօսելու։ Երկուքը միասին երկնցած էին Վահէի կասկածելի մաքրութեամբ թաղիքի կտորին վրայ։

Եկաւեա՛ն, առանց իմ կողմս դառնալու, գլուխդ աւելի մօտեցուր ինծի,   կամաց մը շշնջաց Վահէն,   շատ կարեւոր տեղեկութիւն մը ունիմ հաղորդելու։

Որմէ՞, ի՞նչ բանի մասին,   աշխուժով հարցուց Եկաւեանը։

Հանդա՛րտ, մեր տղայ, ուրիշները կրնան նկատել։ Բոլորովին անտարբեր ձեւով մը մտիկ ըրէ։ Այս օր, Լեւոնէն նամակ ստացայ…

Իրա՞ւ, ո՞րտեղ է,   այս անգամ ինքզինք զսպելով հանդարտօրէն հարցուց Եկաւեանը, թէեւ ուրախութենէն պատրաստ էր Վահէի վզին փաթթուելու։

Քաղաք իջած է,   հազիւ լսելի ձայնով մը շարունակեց Վահէն,   անորոշ կերպով ի՜նչ որ ձեռնարկի մասին կը խօսի… բանտի յատակագիծը կը պահանջէ, եւ մեր ու ընկերներու գտնուած ղովուշները մասին որոշ տեղեկութիւններ կը պահանջէ։

Է՜, յետոյ, ուրիշ ի՞նչ նորութիւններ կը հաղորդէ։

Քանի մը խօսք իր մասին. Գէորգը, Պիծան Կաւաշի կողմը մնացեր են, ինք երկու ընկերներով քաղաք իջած է։ Շատ վատ լուրեր քաղաքէն ու շրջականերէն։

Լա՛ւ, հիմա Լեւոնի գրած նամակին մասին…

Այո՛ մտիկ ըրէ, Եկաւեան, դու գրեթէ բոլոր ղովուշները գտնուած ես, ցերեկներն ալ ազատօրէն ասոր անոր քով կ՚երթաս, կրնաս գէշ աղէկ բան մը պատրաստել… Պէտք է նշանով մը ընդգծել մեր գտնուած ղովուշը, եւ Գարեգինի տեղը։ Չեմ գիտեր ծրագրի էութեան մասին, բայց Լեւոնը մասնաւոր կերպով կը շեշտէ իմ ու Գարեգինի ղովուշները։

Չ՚ըսեր թէ ինչո՞ւ համար է…

Անշուշտ քէֆի համար չ՚ուզեր։ Դուրսը բաներ մը կը մտածեն։ Կ՚ըսէ, տոմսակին պատասխանը երբ ստանայ, մանրամասնօրէն պիտի գրէ ու մեզի ալ ծանօթացնէ ծրագրուած ձեռնարկի մանրամասնութիւնները։ Գիտես Լեւոնի բնաւորութիւնը, խօսուածքի նման գրելու մէջ ալ ժուժկալ է։

Իսկ դու պատասխանեցի՞ր։

Դեռ ոչ, քիչ վերջը պէտքարան երթալու պատրուակով պիտի երթամ գրելու…

Ո՞ւր պիտի երթաս։

Ճեմիշը, հոն հնարաւորութիւն կ՚ունենամ ազատօրէն գրելու։

Լաւ տեղ գտեր ես… Ըսենք՝ աւելի ապահով է քան այն տեղը, հո՛ս, հազար աչք կայ մեզ դիտող։ Ես ալ հիմա գործի կ՚անցնիմ…

Քանի մը անգամ քայլերովդ չափէ սենեակները լայնքէն ու երկայնքէն, միջանցքն ալ չմոռնաս… թէեւ խելքս չի հասնիր թէ բանտի յատակագիծը ի՞նչ բանի պէտք կրնայ գալ…

Է՜, ո՞վ գիտէ, թերեւս գիշերանց բանտի վրայ յարձակում մը կը ծրագրեն…

Այդ պարագային յատակագիծը շատ բանի մը պէտք չի գար։ Ըսենք յարձակումով ներս մտնելը գրեթէ անկարելի է։ Բայց քանի որ կ՚ուզեն, պարտաւոր ենք ճամբել։

Տէ, ուրեմն ես գործի անցնիմ։ Կ՚ուզե՞ս որ յայտնեմ Գարեգինին Լեւոնի նամակի մասին։

Անշուշտ, բայց առայժմ ուրիշ ոչ մէկ ընկերոջ։

Եկաւեանը յօրանջելով տեղէն բարձրացաւ ու ղովուշէն դուրս եկաւ։ Վահէն սպասեց Սարի Մէհմէտ Աղայի գալուն, որ չուշացաւ։

Ատկէ վերջ Վահէն ամէն օր հնարաւորութիւն ունեցաւ կանոնաւոր կերպով թղթակցելու Լեւոնի հետ։ Երկու օր չանցած, Լեւոնը մանրամասնօրէն գրեց փախուստի ծրագիրը, որ ամէն կերպով գործնական ու հնարաւոր թուեցաւ Եկաւեանին ու Վահէին։

Բնականաբար, երբ Լեւոնի ձեռնարկի մանրամասնութիւնները իմացան, Վահէ, Եկաւեանը եւ Գարեգինը լարուած ջղերով հետեւեցան դրսի աշխատանքներուն, որոնց յաջողութենէն կախուած էր իրենց փրկութիւնը։

Հինգերորդ օրը, ուշ ատեն Եկաւեանն ու Վահէն, կողք կողքի երկնցած կը պատրաստուէին քնել։ Նոյն ղովուշի մէջ գտնուող բանտարկեալները քնած էին արդէն։ Երբ Վահէն գլուխը բարձին դրած՝ աչքերը փակելով փորձեց քնել. յանկարծ իրեն այնպէս թուեցաւ, որ գետնի տակէն միօրինակ հարուածներու խուլ տմբոց մը կը լսուէր։ Եկաւեանը դեռ քնած չէր։ Կամաց մը ընկերը մխթեց։

Մեր տղա՛յ, ականջդ բարձին փակցուր, տես թէ գետնի խորքէն աղմուկ մը կը լսե՞ս։ Ինծի կը թուի թէ…

Չէ, բան չեմ լսեր, մէկ երկու վայրկեան ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ վերջ ըսաւ Եկաւեանը։

Բայց ինծի կը թուի, թէ կը լսեմ կանոնաւոր հարուածներու օտարոտի խուլ ձայն մը։

Կատուն երազին մէջ ձկան փուշ կը տեսնէ,   քթի տակէն ծիծաղելով պատասխանեց Եկաւեանը ու վերմակը գլխուն քաշած՝ աչքերը գոցեց։

Այդ գիշեր Վահէն չկրցաւ քնել։ Երկար ժամանակ լսողութիւնը սրած՝ մտիկ կ՚ընէր։ Երբեմն կը թուէր թէ լսած տմբիւնները կը դադարէին, երբեմն ալ այնքան որոշ եւ բարձր կը լսուէին, որ Վահէն արդէն բացարձակապէս վստահ էր, որ գետնի տակ, թերեւս վեց եօթ արշին հեռաւորութեան վրայ, իր ընկերները փախուստի անցք մը կը փորէին իրենց համար։ Հիմա, արդէն խուլ տմբոցը շատ որոշ կերպով կը լսուէր։

Եկաւեա՛ն, հը՛, մեր տղայ,   ու Վահէն փորձեց ընկերը արթնցնել։

Ընկերը անիմաստ բառեր արտասանելով՝ միւս կողքին վրայ դարձաւ։

Եկաւեան, ու այս անգամ արդէն ուժեղ կերպով ընկերոջ թեւը ցնցեց Վահէն,   Եկաւեան, արթնցիր։

Հը՜…

Տօ, զահրումար,   շրթունքը ընկերոջ ականջին մօտեցուցած՝ շշնջաց Վահէն,   մէկ աչքերդ բաց, տնաքանդ։

Հը՜, ի՞նչ կայ… տօ, չես ձգեր որ քնեմ…

Մտիկ ըրէ, մեր տղայ, հիմա ի՞նչ կ՚ըսես, գետնի տակէն բոմբիւններ կը լսուի՞ն թէ ոչ։

Եկաւնեաը աչքերը բացաւ, ինքզինքը ցնցեց ու բոլորովին արթնցած՝ ականջը դրաւ բարձին վրայ։ Կասկած չկար այլեւս, որոշապէս կը լսուէին հարուածներու բութ ամբիւնը։

Ըհըմ, մեր տղաքը գործի վրայ են,   ուրախացած ըսաւ Եկաւեանը, ինչպէս կ՚երեւի, ճիշդ մեր ղովուշի տակ կ՚աշխատին…

Թերեւս, դժուար է ըսել, բայց այս ձայնը զիս շատ կը մտահոգէ… Եթէ աւելի մօտենալու լինին, մենք որ կը լսենք, պատահաբար արթուն մնացող բանտարկեալ մը կամ նոյնիսկ կարտիան մըն ալ կրնայ լսել։

Ուրեմն, պէտք է անմիջապէս գրել Լեւոնին, որ շատ աղմուկ չհանեն…

Այսինքն՝ չաշխատին,   հեգնօրէն ընկերոջ խօսքը կտրեց Վահէն,   չէ, սիրելիս, անոնք ցերեկները անկարող աշխատելու՝ գիշերով կուգան, իսկ երբ քլունկը հողին կը զարնեն, անշուշտ ձայն կուտայ… մենք պէտք է ինքներս ճար մը մտածենք այդ մասին։

Ուրե՞մն…

Մտածենք, թերեւս միջոց մը գտնենք ձայնը խափանելու։

Վահէն եւ Եկաւեանը այլեւս անկարող քնելու, ուշադրութեամբ կը հետեւէին ներքեւէն եկած տմբիւններու միօրինակ ձայնին

Լոյսը բացուելէն ժամ մը առաջ, ստորերկրեայ ձայնը դադրեցաւ։ Ինչպէս ընթերցողը գիտէ, Մելօն ու ընկերը դեռ լոյսը չխացուած՝ աշխատանքը կը դադրեցնէին ու կը մեկնէին Այգեստան։

Կարծես ձայները դադրեցան,   ատեն մը ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ վերջ ըսաւ Եկաւեանը։

Անշուշտ, լոյսը բացուելու մօտ է։

Յաջորդ առտու Վահէն գրեց Լեւոնին հետզհետէ աճող աղմուկի մասին ու թելադրեց, որ աշխատանքը դադրեցնեն կէս գիշերէն ժամ մը վերջը, իսկ մինչեւ այդ ժամը, գետնափորէն լսուող ձայները անլսելի դարձնելու հոգը իր վրայ առաւ։

Վահէն ինքնայատուկ միջոցի մը դիմեց գետնափորէն եկող աղմուկը անլսելի դարձնելու համար, ղովուշին մէջ մինչեւ ուշ գիշեր կենդանութիւն պահելով։ Ամէն ղովուշ իր սրճեփն ունէր։ Դրսէն խոշոր գլուխ մը ռուսական շաքար ապսպարեց, եւ մթնելէն վերջ փոքր մուրճով մը սկսաւ շաքարը մանրել ու ղովուշի բանտարկեալները հիւրասիրել թէյով, հաց ու պանիրով։

Մահուան դատապարտուած մարդը,   ծիծաղելով կ՚ըսէր Վահէն բանտարկեալներուն,   իր ողջութեանը պարտաւոր է հոգեհացի մասին մտածել։ Կախուելէն վերջ ո՞վ է քելեխի մասին մտածողը… Չեմ ուզեր պարտական մնալ… էս քանի օրս բոլորդ ալ իմ հիւրս էք։

Թըք, թըք, թըք, միօրինակ կերպով կ՚իջնար շաքարը ջարդող փոքր մուրճը, մինչ Վահէի ընկերները կենդանի խօսակցութիւն մը մէջտեղ նետած՝ կը զբաղեցնէին բանտարկեալները։ Վահէի թէյի պատմութիւնը տարածուեցաւ բանտի միւս ղովուշներուն մէջ ալ։ Ազդեցիկ բանտարկեալներէն շատեր, մանաւանդ քիւրտ բէկեր, աղաներ կամ յայտնի աւազակներ, որոնք առանձնաշնորհեալ դիրք մը ունէին, իրիկունները սկսան հաւաքուիլ Վահէի գտնուած ղովուշը, ժամանակ անցընելու համար։ Կախաղանի դատապարտուած լինելու հանգամանքը, անոր անցեալը, ձերբակալուած ժամանակ երեք մարդ տեղն ու տեղը սպաննելը մասնաւոր դիրք մը տուած էին Վահէին։

Ընդհանրապէս բանտի մէջ դրսի աշխարհի թշնամութիւնները վերջ կը գտնան։ Հոն մարդու մը անձնական արժանիքները կը գնահատուին ամէն բանէ առաջ։ Թուրքը, բայց մանաւանդ քիւրտը պաշտամունք մը ունի խիզախ, քաջ մարդու հանդէպ։ Ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան անվերապահօրէն կ՚երգէ թշնամիի մը քաջութիւնը, ինչպէս քիւրտը։ Վերցուցէք քիւրտ ժողովուրդի երգերը, որոնք գրեթէ բացառաբար նուիրուած են միջցեղային կռիւներուն։ Անոնց մէջ, անշուշտ անէծք ու հայհոյանք կայ թշնամիի հասցէին ուղղուած, բայց երբեք ուրացում, երբեք անոր քաջութիւնը, տղամարդութիւնը վարագուրելու ճիգ։

1890-էն վերջ քիւրտը որ առաջ վարժուած էր այնքան արհամարհանքով նայելու վախկոտ ֆլայի վրայ, կամայ ակամայ սկսաւ հայդուկի գովքը հիւսել իր երգերուն մէջ, երբ հայ յեղափոխական շարժումի շնորհիւ հրապարակ իջան հայ մարտական խմբերը։ Քիւրտ աղջիկը եւ ճահիլ հարսը երգեցին իրենց ցեղի կտրիճներու շարքին հայ յեղափոխական կտրիճներն ալ, անիծելով գովեցին անոնց տղամարդութիւնը, վայելով փառաբանեցին անոնց արձակած գնդակներու անշեղութիւնը։

Վահէն բանտարկութենէն առաջ արդէն դէմք մ՚էր քրտական աշխարհին մէջ։ Գիտէին անոր անունը, ունեցած կռիւները, ու մէկէ աւելի երգերու մէջ քիւրտ աղջիկները կ՚երգէին անոր գեղեցիկ դէմքը, սեւ աչքերը, արձակած գնդակը, որ «մութին մէջ իսկ թշնամին կը գտնար», անոր խելագար քաջութիւնը, որ ոչ մէկ սահման կը ճանչնար։

Երբ զինուորական հիւանդանոցէն բանտը փոխադրեցին հազիւ բժշկուած Վահէն, բանտարկեալ քիւրտերը մասնաւոր յարգանքով շրջապատեցին յեղափոխութեան «մեծը» ու քիչ ատենէն անոր գրաւող հմայքի ազդեցութեան տակ ինկան։ Վայ թէ կարտիան մը կոպիտ վերաբերմունք ցոյց տար Վահէի հանդէպ. անկիւն մը սեղմած, տփոց մը կը քաշէին ու անշուշտ կարտիանը երկրորդ անգամ չէր փորձուեր նման վերաբերմունք մը ցոյց տալ։ Վահէն ալ իր կարգին հաշտարարի դեր կը կատարէր բանտին մէջ։ Երբեմն երկու ղովուշներու մէջ չնչին պատճառով կռիւ մը ծագելով, մինչեւ արիւնահեղութեան կը հասնէր։ Բաւական էր որ Վահէն գար։ Կողմերը անմիջապէս կռիւը կը դադրեցնէին, իրենց դատը անոր յանձնելով։

Թէյի հիւրասիրութեան նորութիւնը հնարելէն վերջ, երբ ուշ ատեն ուրիշ ղովուշներու հիւրերը կը քաշուէին ու Վահէի սենեակի մէջ գտնուողներն ալ կ՚երկննային քնելու, ստորերկեայ թնդիւնները արդէն դադրած կը լինէին։

Այսպէս անցան հինգ օրեր, մինչեւ որ Լեւոնը իմացուց, թէ ամէն ինչ պատրաստ է, թէ փորողները արդէն հասած են ղովուշի տախտակամածի տակ, ուրկէ շատ որոշ կերպով կը լսեն Վահէի մուրճի հանած ձայնը։ Այդ միեւնոյն նամակով Լեւոնը փախուստի ժամը կ՚որոշէր յաջորդ գիշեր կէս գիշերէն ժամ մը անցած, ու որոշ նախազգուշական հրահանգներ կուտար ընկերներուն։

Ապրիլ ամսու երկուքն էր, իսկ փախուստը տեղի պիտի ունենար երեքին։

Հայաստանի երկարաշունչ ձմեռը վերջին օրերը կ՚ապրէր։ Լեռներու միապաղաղ ձիւնը տարածուած սաւանի մը նման, վերէն վար երկնցող սեւութեան երկար շերտեր կը ցուցադրէր։ Դաշտերու ձիւնը կիսովին հալած, թումբերու տակ կամ արեւ չտեսնող փոսերու մէջ օրհասական կռիւ մը կը մղէր արեւի տաք ճառագայթներու կամ հարաւի տաք քամիին դէմ, որ անոնց վրայի շերտերը լիզելով կ՚անցնէր, ջրոտելով դիզուած ձիւնը։ Գարնանային տաք անձրեւներն ալ պակասը կը լրացնէին։ Ամենաուշը, ապրիլի տասնեւհինգին գարնան աւետաբեր արագիլները պիտի գային հարաւի տաք երկիներէն, եկեղեցիի մը գմբէթին վրայ, կամ մենաւոր ծառի մը ճիւղերուն՝ աշնան ձգած բոյները վերանորոգելու։

Լեւոնի նամակը ստացած գիշեր, ոչ Վահէն եւ ոչ ալ Եկաւեանը կրցան քնել։ Օր մը միայն կը զատէր զիրենք ազատ աշխարհ դուրս գալէ, երբ բանտի չորս պատերէն դուրս ինկած՝ իրենց սովորական կեանքին մէջ պիտի մխրճուէին։ Այդ գիշեր երկուքն ալ անհանգիստ քնով մը քնացան։ Գետնափոր անցքէն լսուող սովորական աղմուկը դադրած էր։

Այդ գիշեր կարծես վերջ պիտի չունենար։ Վերջապէս լոյսը ծագեցաւ ու ամպամած երկինք մը, անընդհատ սկսաւ անձրեւել։

Վահէն՝ բանտարկութեան շրջանին հոգեկան հաւասարակշռութիւնը պահած՝ գրեթէ անտարբերութեամբ դիմաւորած էր բանտի զրկանքներն ու ապագան, որու ինչ վերջաւորութիւն ունենալու մասին պատրանք մը չէր ունեցած երբեք։ Սակայն, Լեւոնի առաջին նամակէն, մանաւանդ գետնափոր անցքի ղովուշի տակ հասնելէն վերջ, Վահէն հետզհետէ ջղայնանալ սկսաւ։ Առաջ՝ հաշտուած էր կատարուելիքի հետ։ Վերջէն, երբ ամէն կողմէ լոյսի դռները գոցուեցան, յանկարծ Լեւոնը մէջտեղ ելաւ։ Նոր ծագած յոյսի հետ, սպասումի օրերը ծանրօրէն բեռնաւորեցին ջղերը, որոնք երկաթէ պարաններու նման ձգտուած էին։

Այդ օր, երբ մութը իյնալէն վերջ, անգամ մ՚ալն սիրած Վասպուրականի հողին վրայ պիտի կանգնէր որպէս կապանքներէ ազատուած մարդ մը, Վահէն՝ բոլորովին անհանդարտ՝ չէր կարող տեղ մը նստած մնալ։ Եթէ բանտարկեալ ընկերները քիչ մը աւելի դիտելու կարող անձնաւորութիւններ լինէին, պիտի գուշակէին, որ ան ահագին հոգեկան փոթորիկ մը կ՚ապրի։ Նստած տեղը անհանգիստ, մէկ ոտքի կ՚ելլէր, մէկ դուրս կուգար միւս ղովուշները այցելելու, ուր առանց երկար նստելու, նորէն կը վերադառնար, ու դէպի բակը նայող պատուհանին քով կանգնելով, մատներով կը թմբկահարէր ապակին։

Եկաւեանը, բնաւորութեամբ աւելի սառնարիւն, հազիւ տեղէն կը շարժէր։ Երբեմն միայն գլուխը վերցնելով՝ հայեացքը դուրս կը նետէր պատուհանէն մաղուող անձրեւը դիտելու, որ կարծես վերջ պիտի չունենար։

Ծայրայեղ գաղտնապահութիւն պահելով՝ Վահէն ու Եկաւեանը որոշած էին մինչեւ երեկոյ ոչ ոքի, նոյնիսկ մօտիկ ընկերներու չյայտնել փախուստի մասին։ Երեկոյեան, երբ մթնէր, բանտարկուած ընկերներէն ամենավտանգուածները պիտի համախմբէին իրենց ղովուշը։ Խնդիրքով կամ կաշառքով պիտի աշխատէին, որ անոնք այդ գիշեր իրենց հետ մնան։ Այդ մասին, Վահէն վստահ էր, որ կարտիաններու գլխաւորը, Սարի Մէհմէտ Աղան դժուարութիւն մը պիտի չհանէր, մանաւանդ երբ մէճիտ մը սեղմէր անոր ափին մէջ։

Փորձէ քիչ մը հանգստանալ,   Վահէին թելադրեց Եկաւեանը, երբ կէս օրուան ճաշէն վերջ, իրարու կողքի երկնցան,   ամբողջ ցերեկը վայրկեան մը հանդարտ նստիլդ չտեսայ։ Ո՞վ գիտէ, թէ դուրս գալերնուս ի՞նչ բանի կրնանք հանդիպիլ, պէտք է կազմ ու պատրաստ լինիլ…

Ճիշդ է, բայց չեմ կրնար… կարծես ծանր թաթ մը սիրտս ափին մէջ առած կը սեղմէ…

Է՜հ, շուտով կ՚անցնի… քանի մը ժամ մնաց… էս անձրեւն ալ…

Ո՞վ գիտէ, թերեւս անձրեւը աւելի լաւ է… փողոցները ամայի կը լինին…

Լեւոնը պիտի գա՞յ…

Անշուշտ, կը գրէ, թէ բացի Մելոյէն, ինք չորս ընկերներով կամուրջի մօտ պիտի լինի։ Թէեւ կարծեմ աւելի լաւ պիտի լինէր, եթէ չգային… Մէկ էս ծակէն դուրս գայինք, առանց դժուարութեան ինքզինքնիս Այգեստան կրնայինք նետել…

Կը կարծե՞ս թէ ժամանակ է ընկերները մէկտեղելու։

Դեռ ոչ, քիչ մ՚ալ սպասենք։

Հազիւ մթնելուն ժամ մը մնացած էր։ Բանտարկեալները զանազան ղովուշներու մէջ համախմբուած՝ իրենց սովորական կեանքը կ՚ապրէին։ Յանկարծ, բանտի նեղ միջանցքին մէջ, ծանր քայլերու բազմաթիւ դոփիւններ լսուեցան։ Վահէի ղովուշին մէջ, ուր բանտարկեալները զանազան խմբակներու բաժնուած թուղթ կը խաղային եւ կամ սովորական խօսակցութեամբ բռնուած էին, դրսէն լսուած աղմուկի հետեւանքով տիրեց արտասովոր լռութիւն մը։ Ամէնքը տարակուսանքով իրարու կը նայէին։ Մօտեցող ծանր քայլերու հետ կը լսուէր իրարու քսուող զէնքերու մետաղական չոր ձայնը։ Կասկած չկար, որ անյայտ պատճառով մը, յանկարծ զօրքը կը լեցուէր բանտի մէջ։ Ըսենք՝ այդ սովորական երեւոյթ մ՚էր բանտին մէջ, ուր երբեմն արիւնահեղ կռիւներ տեղի կ՚ունենային, ու կարտիանները անկարող կարգ պահպանելու, բանտապետը կը դիմէր զօրքի օժանդակութեան։ Բայց այդ օրը բանտին մէջ ոչ մէկ արտասովոր դէպք պատահած էր արդարացնելու համար զօրքի յանկարծական երեւումը…

Վատ հոտ կուգայ զօրքի գալէն,   ընկերոջ ականջին շշնջաց Վահէն։

Թերեւս սովորական խուզարկութիւն մը պիտի կատարեն բանտի մէջ։ Տարին մէկ քանի անգամ այդ տեղի կ՚ունենայ։

Վահէն պատասխանելու ժամանակ իսկ չունեցաւ։ Յանկարծ շռնդալով ղովուշի ծանր դուռը բացուեցաւ ու սեմին վրայ երեւցաւ սպայ մը եւ անոր ետեւը կանգնած բազմաթիւ զինուորներ, սուինաւոր հրացանները պատրաստ բռնած։ Բանտապետը, դաժան ալպանացի մը, որմէ կը սարսափէին բանտարկեալները, քայլ մը առաջ գալով՝ հրամայեց։

Ոչ ոք իրեղէններուն ձեռք չզարնէ։ Անմիջապէս ոտքի կանգնեցէք…

Քեզի ըսի որ սովորական խուզարկութիւն մը պիտի կատարեն,   շշնջաց Եկաւեանը։

Վահէն տարակուսած, ուսերը թօթուեց։ Ծովը ինկնողը անձրեւէն չի վախնար, իւրովի մտածեց Վահէն ու Եկաւեանի հետ բարձրացաւ նստած տեղէն։

Բանտարկեալները առանց ձայն ծպտուն հանելու կատարեցին բանտապետի հրամանը։

Հիմա էս ծայրէն սկսած,   բանտապետը աջ կողմը կանգնածները մատնանշելով,   իրարու ետեւէ դուրս, միջանցքը ելէք։ Շան որդի, խօսիլը արգիլուած է,   ձեռքի մտրակը քիւրտի մը գլխուն իջեցնելով՝ գոռաց բանտապետը. հայտէ՛, մի տնտնաք, արագ արագ իրարու ետեւէ դուրս եկէք։

Մինչ ղովուշի վէջ գտնուող բանտարկեալները դուրս կուգային, միջանցքի մէջ գտնուող զօրքը զանոնք անմիջապէս շրջապատեց։ Միւս ղովուշներու մէջ, մեռելային լռութիւն մը կը տիրէր։ Բանտապետն ու սպան, երկու միւս արհեստաւորներով միասին, դատարկուած ղովուշի մէջ մնացին, դուռը վրայ բերելով։ Քիչ անցած, ներսէն սկսան լսուիլ խուլ հարուածներու արձագանքը։ Ուրագի եւ սղոցելու ձայներէն պարզ էր, որ ներսը, տախտակամածի մէկ մասը կը քանդէին։

Վահէն յուսահատ դառնութեամբ Եկանեանին նայեցաւ։ Անկասկածելի էր, որ կառավարութիւնը վերջին ժամուն գաղտնիքը կերպով մը երեւան հանած՝ եկած էր տեղին վրայ ստուգելու։ Բախտի չար հեգնանքով, անձրեւը փախուստի ամէն յոյս կը մեռցնէր։

Վահէն, որ ամբողջ օրը այնքան ջղային եւ անհանդարտ ժամեր անցուց, երբ արդէն համոզուեցաւ որ անցքի գաղտնիքը պարզուած է, եւ փախուստի հարցը վերջացած, զարմանալի հոգեփոխութեամբ մը, բոլորովին հանդարտեցաւ, լարուած ջղերը հանգստացան ու ամէն օրուան նման սովորական տրամադրութիւն մը զգաց իր մէջ։ Յուսաբեկուած, բայց անդորր վճռականութիւն մը եկաւ վրան. ինքն իր կամքին, իր ջիղերուն տէրն էր այլեւս։

Երբ անցքի բերանը բանալէ վերջ, սպայի ընկերակցութեամբ բանտապետը դուրս եկաւ ղովուշէն, կատաղի աչքերը ոլորելով մօտեցաւ եւ բռունցքի ուժեղ հարուած մի իջեցուց Վահէի կողին՝ ատամներու արանքէն սուլելով.

Խնզըր անհաւատ. ես քու հոգիդ պիտի հանեմ, շուն շան որդի… բոլոր հայ շները զատեցէք, հրամայեց կարտիաններուն,   ու տարէք իմ սենեակս, ես հիմա կուգամ։ Մնացածները նորէն լեցուցէք ղովուշը, եւ ձեզմէ երկուքը ամբողջ գիշեր թող մնան բանտարկեալներու հետ։

Վահէն, Եկաւեանը եւ ուրիշ չորս հայեր, որոնք միեւնոյն ղովուշին մէջ բանտուած էին, ամէն կողմէ շրջապատուած զինուորներով՝ առաջնորդուեցան բանտի մուտքի աջ կողը գտնուող բանտապետի բնակարանը։ Երկու ընդարձակ սենեակներէ բաղկացած էր այդ շէնքը։ Այդ շէնքի առջեւ նեղ ու երկայն միջանցք մը կ՚երկարէր, որու ձախ կողմին  վրայ կը գտնուէին բանտի հինգ հատ զնտաններ, որոնցմէ չորրորդը կը գործածուէր որպէս տանջարան՝ բանտարկեալները խոստովանեցնելու համար։

Երբ Վահէն ու ընկերները բանտապետի սենեակը մտցուցին, Սարի Մէհմէտ Աղան, կարտիաններու գլխաւորը, հոն կը գտնուէր։ Անոր սովորաբար դաժան դէմքը մեղմացած՝ նոյնիսկ ակամայ գութ, ափսոսանք կ՚արտայայտէր։ Տխրութեամբ հայեացքը անդին դարձուց, երբ Վահէի աչքերը իր աչքերուն հանդիպեցան։

Քիչ վերջը, ներս մտան բանտապետն ու սպան, երեք չորս կարտիաններու հետ միասին։ Բանտապետի արիւնով լեցուած աչքերը կանգ առին Վահէի դէմքին վրայ։

Է՜, Վահէ էֆէնտի, ուրեմն մեր սիրալիր հիւրասիրութենէն դժգոհ էք,   հեգնօրէն խօսքը Վահէին ուղղեց բանտապետը,   կ՚երեւի, առանց մնաք բարով ալ ըսելու այս գիշեր պիտի չուէիք… Հը՞… շունշան որդի, առջեւս շիտակ կանգնէ… շիտակ կանգնէ կ՚ըսեմ… Հիմա քիչ մը խօսելիք ունիմ հետդ… Վնաս չունի, էս ընկերներն ալ թող ներկայ լինին, որ լսեն թէ իրենց մեծը, ինչպէ՜ս գաղտնիք մը կրնայ պահել… Է՜, հիմա, Վահէ էֆէնտի, որ ձեր փախուստը ջուրը ինկաւ, դէմ դիմաց քիչ մը խօսինք։ Երկար բարակ խօսելու պէտք չկայ. հոս խաղ խնդումի համար չեմ բերած քեզ։ Ձեր դրսի գործակիցներուն անունները յայտնէ տեսնանք…

Գործակի՞ց, ի՞նչ բանի գործակից,   բոլորովին հանդարտօրէն հարցուց Վահէն՝ ուղիղ բանտապետի աչքերուն նայելով,   շիտակը, միտքդ չեմ հասկնար, շատ խորհրդաւոր կերպով կը խօսիս։

Օ՜, լաւ, շատ լաւ կը հասկնաս միտքս, ու բանտապետը բարկութեամբ տեղէն բարձրացաւ,   անհաւատի լակոտ, քեզմէ շատ աւելի յամառ մարդիկ խօսեցուցեր եմ. պողպատի նման ամուր մարդիկ ներս մտած են  այս սենեակէն, ու մոմի նման կակղցած դուրս ելած։

Բայց ես խօսելու պատրաստ եմ,   նրբօրէն հեգնեց Վահէն,   եթէ միայն գիտնամ, թէ ի՞նչ բանի մասին կ՚ուզես որ խօսիմ։ Ես ընդհանրապէս խօսիլը կը սիրեմ… Եթէ չես հաւատար, հարցուր դատաւորին, դատարանի մէջ ես պէտք եղածը…

Ձա՛յնդ, ոռնաց կաս-կարմիր կտրած բանտապետը, Վահէի ակնարկութենէ խայթուած,   հոս դատարանի սրահը չէ, եւ ոչ ալ դրսէն մարդիկ կան. էդ լեզուդ քէօքէն դուրս կը քաշեմ եւ շներուն կը նետեմ։ Մէկմէտ Աղա, ֆալախկան սա շանը ոտքերուն անցուր, տեսնեմ։ Չես խոստովանիր, հա՞, ես քեզի այնպէս մը խօսել տամ, որ պապդ ալ գերեզմանին մէջ զարմանայ…

Կարտիաններէն մէկը սենեակի անկիւնէն ֆալախկան վերցնելով մօտեցաւ, ուրիշ երկուքը պառկցուցին Վահէն, ու կօշիկները հանելով՝ ոտքերը անցուցին ֆալախկայի մէջ ու չուանը պրկեցին։

Սպան որ մինչ այդ պարզ հանդիսատեսի դիրք բռնած էր, մօտեցաւ մէջքի վրայ պառկած Վահէին, ու որպէս թէ կարեկցելով անոր վիճակին՝ ըսաւ.

Վահէ էֆէնտի, կը տեսնէք որ հասարակ չարագործի մը նման ծեծ պիտի ուտէք. ոչ ձեր դիրքին, որ ձեր անունին կը վայելէ այս վիճակը։ Մեծ բան մը չէ ըսելիքնիդ, ամէնունը տալու պէտք չկայ, տուէք ձեր դրսի գործակիցներէն մէկ երկուքին անունը։ Այդքանով մենք կը գոհանանք, դուք ալ, մենք ալ կ՚ազատինք այս ցաւալի անհրաժեշտութենէն…

Շատ զգածուած եմ,   հեգնօրէն ծիծաղեցաւ Վահէն,   անշուշտ ձերը աւելի ցաւալի վիճակ մ՚է քան թէ իմս։ Թերեւս ձեր փափուկ սիրտը չի դիմանար այս հանդէսին ականատես վկայ մը լինելու, բայց նայեցէք՝ մեր բարեկամ բանտապետը ինչպէս ոգեւրուած թեւերը վեր կը սոթթէ…

Բաւակա՛ն է,   սպան մէկ կողմ առնելով, Վահէին մօտեցաւ բանտապետը,   շատ խօսք չ՚ուզեր, իմ բնաւորութիւնս առանց երկար բարակ խօսքի գործ տեսնալն է։ Վերջին անգամ լինելով կը հարցնեմ, դրսի համախոհներուդ անունները պիտի տա՞ս թէ ոչ…

Ո՞ր համախոհներու մասին է խօսքդ, ես հազարաւոր համախոհներ ունեցեր եմ…

Բանտապետի բռնած կաղնի փայտէ մահակը վեր բարձրացաւ ու սարսափելի թափով վար իջաւ Վահէի մերկ ոտքերուն վրայ՝ խուլ ձայն մը հանելով։ Ներկաները շունչերնին բռնեցին։

Վահէն ամբողջ մարմնով ցնցուեցաւ, դէմքին կաթիլ մը արիւն չմնաց. ատամները պինդ սեղմած, թակարդը ինկած գազանի մը վայրագ հայեացքով նայեցաւ բանտապետին։

Պիտի չխօսի՞ս, պիտի չխօսի՞ս, - ինքնիրմէ ելած կը կրկնէր բանտապետը՝ անընդհատ հարուածներ իջեցնելով Վահէի ոտքերուն։

Միայն երկրորդ հարուածի ժամանակ ակամայ ճիչ մը արձակեց Վահէն։ Մինչ բանտապետը հարուած հարուածի ետեւէն կը տեղացնէր, Վահէի գլուխը մէկ կողմի վրայ ինկաւ, ու նուաղած՝ աչքերը գոցուեցան։

Ոչ մէկ ազգ այնքան հմտօրէն զարգացուցած է տանջելու արհեստը, որքան թուրքը։ Տանջանքը մասնագիտական նրբութեան հասցուցած՝ ան գիտէ լաւագոյն կերպով գործադրել զայն, միեւնոյն ժամանակ ուշադիր՝ որ զոհը յանկարծ ձեռքէն չպրծնի, անժամանակ մեռցնելով։ Հազիւ թէ Վահէն անզգայ դիակի նման նուաղած ինկաւ, բանտապետը հարուածները դադրեցնելով՝ հրամայեց կարտիաններուն ուշքի բերել Վահէն։

Խոր տքոցով մը Վահէն աչքերը բացաւ։ Նախ չհասկցաւ, թէ ո՞ւր կը գտնուէր, ի՞նչ էր պատահած իրեն հետ։ Շշմած հայեացքը դարձուց սենեակի մէջ գտնուողներուն, ու աչքերը կանգ առին բանտապետի դէմքին։ Մահակը ձեռքը, որսին վրայ ցատկելու պատրաստ գազանի մը դիրքով կանգնած՝ բանտապետը անօթի աչքերը ուղղած էր գետինը պառկած Վահէին վրայ։

Հը՛, պիտի խօսի՞ս,   մահակը բարձրացնելով սպառնաց բանտապետը։

Աստուածդ սիրես բաւական է,   նորէն մէջ ինկաւ սպան որպէս թէ սաստիկ կարեկցելով բանտարկեալին, ալ բաւական է, անշուշտ Վահէ Էֆէնտին գիտցածը պիտի ըսէ։

Պիտի խօսի՞ս թէ չէ,   մահակը սպառնագին շարժելով կրկնեց քանտապետը։

Ճանըմ, վայրկեան մը համբերէ, միջամտեց սպան,   ժամանակ տուր որ ինքզինքը գտնայ։ Մեծ բան մը չէ, մէկ երկու անուն կուտայ եւ խնդիրը կը լմննայ։ Անանկ չէ՞ մի, Վահէ էֆէնտի։

Վահէն ինքզինքը գտած էր։ Վայրկեան մը երկուք նայեցաւ սպայի ու բանտապետի դէմքերուն, հեգնօրէն ժպտաց, ու հազիւ լսելի ձայնով մրմնջեց.

Ծեծը շարունակեցէք…

Չէ՜, ծեծը բաւական է, շո՛ւն, ֆալախկան հանեցէք ոտքերէն… Մէհմէտ Աղա, շիշերը կրակը դիր, լաւ մը կարմրցուր։ Հիմա քեզի կը խօսեցնեմ… Հա՛, անհաւատի տղաքներ, դարձաւ միւս բանտարկեալներուն, որոնք սենեակի մէկ անկիւնը քարէ արձաններու նման սահմռկած հանդիսատես կը լինէին այդ տեսարանին,   հա՛, դուք ալ լաւ նայեցէք, շուտով կարգը ձեզի պիտի  գայ, ողջ ողջ պիտի տաղեմ ձեզի աւանակներու նման։

Եկաւեանն ու միւս բանտարկեալները անկիւն մը սեղմուած՝ լուռ ականատես էին Վահէի ծեծին։ Զինուորներով շրջապատուած, անկարող իրենց ընկերոջ օգնելու՝ անոնք կը սպասէին իրենց հերթին, որ պիտի չուշանար։ Վահէ թեւերը մտած՝ երկու կարտիաններ զայն ոտքի հանեցին։ Ոտքերու տակերը ուռած, անկարող անոնց վրայ կոխելու, Վահէն կռնակը տուաւ պատին, մարմնի ծանրութիւնը կրունկներուն վրայ պահելով։

Կարտիան մը կրակարանի վրայ ծռած՝ երկաթէ շիշերը կը տաքցնէր։ Սպան ու բանտապետը անկիւն մը քաշուած՝ ցած ձայնով իրարու հետ կը խօսակցէին։ Անոնց խօսակցութենէն ինչպէս կ՚երեւէր, անհամաձայնութիւն մը կար երկուքին մէջ։ Սպան ջղագրգիռ ձեւով մը, կ՚ուզէր բան մը հասկցնել բանտապետին, որ սակայն կամ չէր հասկնար եւ կամ կը յամառէր իր խօսքին վրայ։ Մէհմէտ Աղան, մէկդի քաշուած, աչքի պոչով Վահէին կը նայէր զգացած վիշտը ծածկել ջանալով։ Մէհմէկ Աղան, վերջի ժամանակները իրօք կապուած կը զգար այդ անյաւատ երիտասարդին, որ այնքա՜ն ազնուական եւ մեծահոգի վերաբերմունք մ՚ունէր բոլոր բանտարկեալներու եւ իրեն հանդէպ։

Ծօ՛, շիշերը չտաքցա՞ն դեռ,   ատեն մը վերջ սպայի քովէն հեռանալով, խօսքը կրակարանի քով գտնուող կարտիանին ուղղելով՝ գոռաց բանտապետը։

Հա՛, հա կարմրեցան…

Հատ մը տուր տեսնեմ, սա շանը փանթալոնն ու վարտիկը վար իջեցուցէք…

Վահէն սարսափելի ծեծէն վերջ շարժելու կարողութիւն իսկ չունէր։ Գլուխը կուրծքին ինկած էր։ Կուրծքը ծանր ծանր կը բարձրանար ու կ՚իջնար։ Անզօր կատաղութեամբ լեցուած, շրթները արիւնելու աստիճան կը կծոտէր, ինքզինքը չկորսնցնելու համար։

Երբ կարտիանները Վահէի տաբատն ու վարտիկը վար քաշեցին, սենեակի մէջ այնպիսի քար լռութիւն մը տիրեց, որ ներկաներէն ոչ ոք կը համարձակէր ազատօրէն շնչել։

Տեսնենք թէ հիմա ալ պիտի լռե՞ս։

Բանտապետը շիկացած շամփուրը ձեռքը յառաջացաւ, ու սադայէլական ծիծաղով մը՝ գլուխը մօտեցուց Վահէի դէմքին։

Տեսնենք հիմա ալ պիտի լռե՞ս,   հեգնօրէն կրկնեց բանտապետը ատամները կրճտացնելով։

Վահէն աջ ուսին վրայ ինկած գլուխը յանկարծ բարձրացուց, դէմքը անդիմադրելի զզուանքով մը ծռմռեց ու թքաւ բանտապետի երեսին.

Սրիկայ…

Ներկաներէն ոչ ոք յստակ գաղափար մը ունեցաւ, թէ ատկէ անմիջապէս վերջ ի՞նչ պատահեցաւ։ Երկաթէ շամփուրը մէկդի նետած՝  բանտապետը երկու ձեռքով բռնեց Վահէի ձախ ձեռքէն ու սկսաւ պրկել զայն, մինչ Վահէն կը գալարուէր յատակի վրայ, ու եզան նման ծանր կը տքար։

Խօսէ, խօսէ՛, խօսէ,   կ՚ոռնար բանտապետը՝ ալ աւելի դարձնելով վահէի թեւը։

Վահէն յանկարծ սարսափելի ճիչ մը արձակեց։ Բանտապետի ուժեղ պրկումի հետեւանքով, Վահէի թեւոսկրը տեղէն ելած էր։ Նոյնիսկ կարտիանները, որոնք բանտապետի չափ վարժ էին տանջելու արհեստին մէջ, սահմռկած իրարու նայեցան։

Պէ, մարդ, խենթացա՞ր,   բարկացած պոռաց սպան ու բանտապետի թեւէն բռնած ուժով մը մէկդի հրեց զայն,   խելքդ հացի հե՞տ կերար… Գիտես, որ վաղը առտու… ըհըմ… արդէն ծեծելու ալ չէիր…   Այդ վիճակին մէջ տեսնողները ի՞նչ պիտի ըսեն։ Հազար անգամ ըսի, դուն նորէն քու էշդ քշեցիր։ Ես այս գործին մէջ մաս չունիմ։ Վաղը առտու հազարաւորներ պիտի տեսնան, օտարներ ալ։ Պէ մարդ Աստուծու, եթէ պիտի խօսեցնես, ահա էդ շները խօսեցուր,   ու մատով ցոյց տուաւ Եկաւեանն ու միւս բանտարկեալները,   քու ձեռքդ բռնողը ո՞վ է, ինչ կ՚ուզես ան ըրէ, բայց անոր ձեռք զարնելու չէիր։

Ճիշդ է, իրաւունք ունիս,   զգալով թէ ի՜նչ մեծ յիմարութիւն գործած էր Վահէն չարչարելով՝ բնդբնդաց բանտապետը,   իրաւունք ունիս, քիչ մը շատ առաջ գացի, Մէհմէտ աղա, տար էս մարդը միջանցքի աջ կողի ամենավերջին ղովուշը։ Մինչեւ լոյս քովը կը մնաս… հասկցա՞ր… ոտքին հինա դիր կամ ձէթով տաղէ։ Ինչ կ՚ուզես ըրէ, միայն թէ կարենայ վաղը առտու ոտքի ելնել։

Մէհմէտ աղան, կարտիանի մը օգնութեամբ, քնքշօրէն գրկեց նուաղած Վահէն, ու բանտապետի սենեակէն դուրս եկաւ։

Է՜, հիմա դու առաջ եկուր տեսնեմ… դուն, դուն, Եկաւեան էֆէնտի, քեզի կ՚ըսեմ, մեր Վեհափառ Սուլթանի կառավարութենէն դժգոհ ես, Հայաստանի ազատութիւն կ՚ուզէիր, անշուշտ հայ թագաւոր մ՚ալ կ՚ուզէիր, ես քեզի էնպէս թագաւորութիւն մը տամ, որ երբեք մտքէդ չելլէ…

Մինչեւ կէս գիշեր աղիողորմ ճիչեր ու հառաչանքներ կը լսուէին բանտապետի սենեակէն։