Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ա

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

102) Ա. Պատրիարք Կոստանդնուպօլսոյ. Ընտրութիւն եւ հրաժարում

 

 

Յօդուած 1. Կոստանդնուպօլսոյ Պատրիարքը բոլոր Ազգային ժողովոց Նախագահն է, եւ անոնց գործադիր իշխանութիւնը կը վարէ, եւ մասնաւոր պարագաներու մէջ՝ Տէրութեան հրամանաց գործադրութեան միջնորդն է:

Ուստի պէտք է. որ պատրիարք ընտրելու անձը՝ ընդհանուր ազգին վստահութեան ու յարգանացն արժանի ըլլալու համար, Պատրիարքական Աթոռին վայելուչ ամէն յատկութիւններն ու արժանաւորութիւնն ունենայ, եւ ի վաղուց անտի Պատրիարքութեան յատկացեալ եպիսկոպոսաց դասէն ըլլայ միանգամայն  Տէրութեան  կատարեալ վստահութեանն  արժանաւոր եւ գոնէ իւր հօրմէն սկսեալ՝ Օսմանեան հպատակ, եւ երեսուն ու հինգ տարին լրացուցած ըլլայ:

 

Յօդ. 2. Երբ՝ Պատրիարքը վախճանելով կամ հրաժարելով եւ կամ ուրիշ որ եւ է պատճառաւ Աթոռը պարապ մնայ, կրօնական եւ քաղաքական ժողովները մէկտեղ գալով Տեղապահ մը կընտրեն, եւ անոր հաստատութիւնը կը խնդրեն Բարձրագոյն Դռնէն:

 

Ընդհանուր Ժողովը կընտրէ զՊատրիարք, բայց կրօնական եւ քաղաքական ժողովներն իրաւունք ունին ներկայացման ցուցակով մը ընտրելեաց արժանաւորութեան աստիճանին վրայ կարծիք տալու: Պատրիարքի ընտրութիւնը հետեւեալ կերպիւ կըլլայ:

Նախ եւ առաջ Տեղապահը Օսմանեան հողին վրայ գտնուող բոլոր եպիսկոպոսաց ցանկը կը շինէ, եւ իւրաքանչիւրին անուանը առջեւ՝ ըստ առաջին յօդուածոյ ընտրելութեան համար պահանջուած հանգամանքը նշանակելով, կրօնական ժողովոյն կը ներկայացընէ զայն:

 

Այս ժողովն ալ եկեղեցական համագումար ժողով հրաւիրելով, ընտրելեաց ցուցակ մը կը պատրաստէ գաղտնի քուէարկութեամբ, այսինքն իւրաքանչիւր անդամ թղթոյ մը վրայ կգրէ այն ամէն եպիսկոպոսաց անունները՝ զորս կրօնական մասին անընդունելի չհամարեր: Ետքը՝ քուէ համարն ըլլալով, այն անունները յատուկ ցուցակի մը մէջ կառնուին քուէից շատութեան կարգաւ:

 

Տեղապահը յիշեալ կերպիւ պատրաստուած ցուցակը Քաղաքական ժողովոյն կը ներկայացընէ: Ան ալ՝ նշանակուած անձանց ըստ քաղաքականին արժանաւորութիւնը քննելէն ետքը, ամենեն աւելի արժանաւորներէն հինգ ընտրելի կը զատէ քուէից առաւելութեամբ, եւ ասոնց ցուցակը ընդհանուր ժողովոյն կներկայացնէ:

 

Միանգամայն եկեղեցական համագումար ժողովոյն պատրաստած առաջին ցուցակն ալ ազգային Ընդհանուր ժողովոյն սրահին մէջ կախուած կըլլայ: Ընդհանուր ժողովը այս երկու ցուցակներէն, ընտրելեաց՝ թէ կրօնական եւ թէ քաղաքական որպիսութեանց վրայ՝ երկու ձեռնհաս ժողովներուն կարծիքն իմանալով, կընտրէ զՊատրիարք գաղտնի քուէարկութեամբ եւ բացարձակ առաւելութեամբ քուէից:

 

Ընդհանուր ժողովը կրնայ քաղաքական ժողովոյն ներկայացուցած ցուցակէն դուրս անձի մը վրայ ալ քուէ տալ, բայց պէտք է, որ այն անձին անունը նշանակուած ըլլայ եկեղեցական համագումար ժողովոյն պատրաստած ցուցակին մէջ, վասն զի այս եկեղեցական ցուցակէն դուրս մնացած անձի վրայ ընտրութիւն չը կրնար ըլլալ:

 

Եթէ առաջին անգամ քուէից բացարձակ առաւելութիւն չգոյանայ, երկու առաւելագոյն քուէ ստացողաց անունները տեղապահին կողմէն ընդհանուր ժողովոյ անդամներուն կը ծանուցուի, եւ երկրորդ քուէարկութիւնը օրինաւորապէս այն երկուքին վրայ կըլլայ: Այս երկրորդ քուէարկութեան ատեն ազգային երեսփոխաններէն անոնք, որ չկրնան ներկայ գտնուիլ, կարող են իրանց քուէները ստորագրեալ եւ կնքեալ նամակաւ առ ժողովն ուղարկել` կամ տեղապահին եւ կամ ընդհանուր ժողովոյ ատենապետին ուղղելով զայն:

 

Քուէները յատուկ քուէատուփի մը մէջ դրուելէն ետքը՝ քուէհամարը կըլլայ ընդհանուր ժողովոյ դիւանին ձեռօք, եւ սոյն ժողովոյ մէջէն ընտրուած չորս եկեղեցական եւ չորս աշխարհական քննիչներու ներկայութեամբ:

Եթէ պատահի, որ երկրորդ անգամ քուէարկութեան մէջ երկու անձանց հաւասար քուէ ելնէ, այն ատեն երկուքէն մէկը վիճակաւ կընտրուի:

 

Յօդ. 3. Ընտրութիւնը կատարուելէն ետքը տեղեկագիր մը կը շինուի՝ զոր  բոլոր  բազմականք  կը  ստորագրեն եւ  տեղապահի  միջնորդութեամբ Բարձրագոյն Դրան կը մատուցուի, եւ Պատրիարքը կը հաստատուի ըստ վաղեմի սովորութեան՝ Կայսերական հրամանին համեմատ:

 

Յօդ. 4. Ընդհանուր ժողովը հրաւիրանաց գիր կուղարկէ Պատրիարք ընտրուած անձին, քանի մը անձանց ձեռօք, եթէ Կ. Պօլսոյ մէջ է, եւ յատուկ հրաւիրակաւ, եթէ Կ. Պօլիսէն դուրս տեղ է: Նորընտիր Պատրիարքը՝ այս հրաւիրանաց գիրը առնելով, Պատրիարքարան կուգայ եւ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ընդհանուր ժողովոյ առջեւ հանդիսաւոր ուխտ կընէ սոյն օրինակ. «Առաջի Աստուծոյ եւ ի ներկայութեան ազգային ժողովոյս՝ հրապարակաւ ուխտեմ հաւատարիմ մնալ Տէրութեան եւ ազգիս, եւ ճշմարտապէս հսկել ազգային «Սահմանադրութեան անթերի գործադրութեանը»: Անմիջապէս տեղապահին պաշտօնը կը դադարի, եւ նորընտիր Պատրիարքը Բարձրագոյն Դրան հրաւէրին վրայ՝ ուղղակի Օգոստափառ Կայսեր կը ներկայանայ, պաշտօնական կերպիւ իր պաշտօնը կը հաստատուի, եւ Բարձրագոյն

դուռը երթալով՝ կը ծանուցվի:

 

Յօդ. 5. Եթէ Պատրիարքը Սահմանադրութեան տրամադրութեանցը հակառակ շարժի կամ վարուի, ամբաստանութեան տակ կընկնի:

 

Յօդ. 6. Պատրիարքին վրայ ամբաստանութիւն ընելու միայն ընդհանուր ժողովը եւ կրօնական ու քաղաքական ժողովներն իրաւունք ունին:

 

Ամբաստանող կամ բողոքող ժողովը Բարձրագոյն Դռնէն հրաման առնելով` Պատրիարքէն կը խնդրէ, որ ընդհանուր ժողով գումարէ:

 

Եթէ Պատրիարքը ասոր դէմ կենայ, եղելութիւնը կրկին անգամ Բարձրագոյն Դրան իմաց կը տրուի, որ այն ատեն բողոքին համեմատ՝ Կ. Պօլսոյ մէջ գտնուող եպիսկոպոսաց երիցագոյնին նախագահութեամբը ընդհանուր ժողով գումարելու հրաման կուտայ:

 

Ընդհանուր ժողովը իր միջէն հինգ եկեղեցական եւ հինգ աշխարհական ընտրելով, տասն հոգիէ բաղկացեալ քննիչ յանձնաժողով մը կը կարգէ, բայց պէտք է, որ այս քննիչներուն մէջ, ամբաստանող կամ բողոքող անձանցմէ մարդ չը գտնուի: Քննիչ յանձնաժողովը եղած ամբաստանութիւնները քննելէն ետքը՝ տեղեկագիր կուտայ ընդհանուր ժողովոյն, որ կորոշէ զխնդիրը գաղտնի քուէարկութեամբ: Այս որոշումը պարունակող թուղթը պէտք է ստորագրուած ըլլայ որոշման կողմը քուէ տուող ժողովականներէն, եւ եթէ անով Պատրիարքին հրաժարուէլը վճռուած է, երկու ժողովոց ատենապետները նախագահ եպիսկոպոսին հետ Պատրիարքին երթալով` յիշեալ թուղթը անոր կը ներկայացնեն, որ այն ժամանակ ազգին որոշ կամքը իմանալով հրաժարականը տալու պարտաւորեալ է: Իսկ եթէ չուզէ տալ, Բարձրագոյն Դրան իմաց կը տրուի, որ պաշտօնէն կը ձգէ զՊատրիարք:

 

Յօդ. 7. Հրաժարեալ Պատրիարքը վիճակաւոր եպիսկոպոսաց կարգը կանցնի. եւ անոր վրայ ըստ կանոնի պէտք եղածը կը տնօրինուի խառն ժողովոյ կողմէն: