Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա Գիրք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

103) ՊԱՇՏՕՆ ԵՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՔ

 

 

Յօդ. 8. Պատրիարքին պարտաւորութիւնքն են Սահմանադրութեան սկզբանց համեմատ վարուիլ եւ անոր ամէն կետերուն ճշտիւ գործադրութիւնը ուշի ուշով հսկել:

 

Պատրիարքը իրեն եկած գործերը որ ժողովոյ կը վերաբերի նէ` այն ժողովոյն կը յանձնէ, քննութեան եւ որոշման համար: Ժողովոց մէջ որոշուած գործոց վրայ Պատրիարքին թագրիները եւ կամ ուրիշ պաշտօնական գրութիւնները վաւերական եւ գործադրելի չեն կրնար ըլլալ եթէ որոշող ժողովոյն կողմէն ալ կնքեալ եւ ստորագրեալ չըլլայ: Իսկ երբ ստիպողական գործ մը պատահի, որոյ տնօրէնութեանը համար կարելի չըլլայ մինչեւ ժողովոյն գումարման օրը սպասել եւ կամ արտաքոյ կարգի ժողով գումարել, Պատրիարքը կրնայ պէտք եղածը ինքնին տնօրինել, իր վրայ առնելով պատասխանատուութիւնը, բայց պարտաւորեալ է եղելութիւնը արձանագրել տալ կանոնաւոր կերպիւ եւ որ ժողովոյն կը վերաբերի նէ՝ անոր յաջորդ նիստին ներկայացունել վաւերացման համար:

 

Յօդ. 9. Պատրիարքը իր բացակայութեանը ատեն ազգային ժողովներու մէջ տրուած որոշումները պարունակող թուղթը դեռ չստորագրած, կարող է անոնց վրայ իր դիտողութիւններն յայտնելով, խնդիրը կրկին քննութեան յանձնել: Իսկ այս վերաքննութենէն ետքը՝ պարտաւորեալ է նոյն թուղթերը ստորագրել, եթէ տրուած որոշումը Սահմանադրութեան տրամադրութեանցը անհամաձայն չգտնէ:

 

Յօդ. 10. Պատրիարքը կրնայ Սահմանադրութեան սկզբանցը համեմատ չվարուող եկեղեցական մը, վարժապետ մը, եկեղեցւոյ, վանքի, դպրոցի, կամ հիւանդանոցի գործակալ մը, պաշտօնէն հանելու առաջարկութիւն ընել ձեռնահաս ժողովոյն կամ խորհրդոյն:

 

Յօդ. 11. Պատրիարքը իրաւունք չունի ինքնին լուծել եւ փոխել կրօնական եւ  քաղաքական ժողովները  եւ  անոնց  վերաբերեալ  խորհուրդները:

Բայց երբ տեսնէ, թէ ասոնցմէ մէկը Սահմանադրութեան սկզբանցը հակառակ ընթացքի մէջ է, առաջին անգամին բացատրութիւն կուզէ այն ժողովոյն կամ խորհրդոյն ատենապետէն, երկրորդին՝ իմաց կուտայ անոր ապօրինաւոր ընթացքը եւ ի կանոնապահութիւն կը հրաւիրէ զայն. իսկ երրորդին՝ ընդհանուր ժողովոյն կը դիմէ, եթէ ամբաստանելին ազգային ժողովներէն մէկն է, կամ քաղաքական ժողովոյն կը դիմէ, եթէ խորհուրդներէն մէկն է եւ պատճառները ցուցնելով՝ ամբաստանեալ ժողովոյն կամ խորհրդոյն լուծումը կառաջարկէ:

 

Յօդ. 12. Պատրիարքը ազգային սնտուկէն իրեն յատկացեալ ամսական ունենալով, ինքը կը տեսնէ պատրիարքարանին ներքին ծախքը: