Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Law  

111) ՎԱՆՕՐԷԻՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

Յօդ. 48. Վանքերն ազգիս սեպհական ստացուածքն ըլլալով, ազգին կվերաբերի անոնց մատակարարութեան, հասութից եւ ծախուց ընդհանուր տեսչութեան եւ քննութեան իրաւունքը:

 

Ըստ որում, հարկաւոր է, որ ամէն վանք իրեն համար յատուկ կանոններ ունենայ, կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովները խառն ժողով կազմելով, իւրաքանչիւր վանքի միաբանութեան, նաեւ վանօրէից խորհուրդին կարծիքն առնելէ ետքը, պէտք եղած կանոնադրութիւնը կը պատրաստեն, եւ ազգային ընդհանուր ժողովոյ հաստատել կուտան:

 

Սոյն կանոնադրութեանց հիմնական սկզբունքն են.

 

Ա. Իւրաքանչիւր վանքի մասնաւոր մատակարարութիւնը իր միաբանութեան կը վերաբերի: Իսկ ամենուն վրայ ընդհանուր տեսչութիւն ընելու իրաւունքը կեդրոնական վարչութեան կը վերաբերի, որ կը գործադրէ վանօրէից խորհրդին ձեռօք:

 

Բ. Իւրաքանչիւր վանքի վանահայրը իր միաբանութեան կողմէն կընտրուի եւ կեդրոնական վարչութեան խառն ժողովոյ հաւանութեամբը Պատրիարքի ձեռօք կը հաստատուի:

 

Վանահայր ըլլալու անձը պէտք է որ երեսունուհինգ տարին լրացուցած եւ Օսմանեան Տէրութեան հպատակ վարդապետներէն ըլլայ:

 

Գ. Բոլոր վանքերը ազգային բարոյական զարգացմանը ծառայելու պարտաւոր են, ուստի ամէն մէկը իր կարողութեան չափով՝ ունենալու է ընծայարան, թանգարան, տպարան, հիւանդանոց եւ ասոնց պէս ուրիշ ազգօգուտ հաստատութիւններ:

 

Վանօրէից խորհուրդը կը բաղկանայ եօթն անձերէ, զոր քաղաքական ժողովը կընտրէ քուէից առաւելութեամբ:

 

Վանօրէից խորհուրդին պաշտօնն ու պարտաւորութիւնն է՝ իւրաքանչիւր վանքի կանոնաց գործադրութեանը հսկել եւ վերատեսչութիւն ընել, եկամուտները ու հասոյթները ստուգել եւ ծախքերը քննել ու կանոնաւորել:

 

Վանօրէից խորհուրդը կընտրէ վանականներուն մէջէն իւրաքանչիւր վանքի մատակարարութեան պաշտօնին համար պէտք եղած անձինքը: Ասոնք վանահօր նախագահութեամբ եւ իրենց վանքին յատկացեալ կանոններուն համաձայն` վանքը տնտեսելով, որոշեալ ժամանակներ հաշուեհամար կուտան վանօրէից խորհուրդին: