Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Law  

112) ԵԼԵՒՄՏԻՑ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ

 

Յօդ. 49. Ելեւմտից հոգաբարձութիւնը կը բաղկանայ եօթն հաշուագէտ անձինքէ, զոր քաղաքական ժողովը կընտրէ քուէից առաւելութեամբ:

 

Ելեւմտից հոգաբարձութեան պաշտօնն է ազգային կեդրոնական սնդուկին տնտեսութիւնն ու համարակալութիւնը:

 

Այս սնդուկին մուտքն են՝ ազգային ընդհանուր տուրք, Կոստանդնուպօլսոյ պատրիարքական դիւանատան հասոյթք, եւ առանց մասնաւոր տեղ մը որոշելու ազգին անուանը եղած կտակ կամ նուէր: Ելքն են՝ պատրիարքարանի եւ դիւանատան սովորական ծախք, կեդրոնական վարչութեան ձեռքը եղած ազգային հաստատութեանց եւ կարօտեալ թաղերու տրուելիք նպաստ եւ զանազան ուրիշ պատահական ծախք:

 

Ելեւմտից հոգաբարձութիւնը կը հաւաքէ ամէն այս հասոյթները, եւ իր ձեռօք կըլլան յիշեալ ծախքերը, միշտ տնտեսական խորհուրդին գիտութեամբը եւ քաղաքական ժողովոյ հաւանութեամբը:

 

Ելեւմտից հոգաբարձութիւնը պարտաւոր է իր տնտեսութեան յանձնուած ազգային սնդուկին հաշիւը տօմարակալութեան կանոնաւ կարգադրել, եւ որոշեալ ժամանակներ հաշուեցուցակ ներկայացնել տնտեսական խորհուրդին, որ ստուգելով եւ վաւերացնելով կը հաղորդէ ի քաղաքական ժողովոյն: