Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Law  

119) ԵՂԱՆԱԿ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ

 

Յօդ. 69. Կոստանդնուպօլսոյ թաղերէն եւ գաւառներէն ընտրուելիք երեսփոխանաց բաշխման ցուցակը շինելու համար, ամէն երկու տարի փետրուար ամսոյ սկիզբը ազգային կրօնական եւ քաղաքական ժողովները, տեսուչ խորհրդոց ատենապետներուն հետ մեկտեղելով, համախորհուրդ ժողով կը կազմեն, եւ պատրիարքական դիւանատան ընդհանուր ազգահամարին նայելով, ամէն մէկ թաղին ու գաւառին կողմէն քանի երեսփոխան ընտրուելիքը կորոշեն, Պօլսոյ թաղերուն համար՝ ընտրողաց թիւը, եւ գաւառներուն համար՝ բնակչաց հիմն բռնելով: Եւ այս կերպով շինուած ցուցակին համեմատ՝ իւրաքանչիւր թաղի եւ գաւառի տալու երեսփոխանաց թիւը Պատրիարքի ձեռօք անոնց կը ծանուցանեն:

 

Երեսփոխանաց պաշտօնը տասն տարի կը տեւէ, եւ երկու տարին անգամ մը՝ Կոստանդնուպօլսոյ թաղերէն եւ թէ գաւառներէն ընտրուած ազգային երեսփոխաններուն հինգերորդ մասը կը փոխուի եւ կը նորոգուի: Այս հինգերորդ մասին ընտրութիւնը պիտի կատարուի ամէն երկու տարին անգամ մը, թէ թաղերուն եւ թէ գաւառներուն կողմէն, մէջերնին փոփոխակի կարգ  պահելով:

 

Այս փոփոխակի կարգը առաջին ութ տարիներուն մէջ՝ վիճակաւ պիտի որոշուի սա՛ պայմանաւ` որ եթէ թաղի մը ընտրողները եւ կամ գաւառի մը բնակչաց թիւը աւելցած կամ պակսած է, այն թաղին կամ գաւառին տալու երեսփոխանաց թիւն ալ համեմատութեամբ պիտի աւելնայ կամ պակսի:

 

Վախճանեալ կամ հրաժարեալ երեսփոխանաց տեղ ընտրուելիք անձինքն ալ՝ ամէն տարի տարեգլխէն երկու ամիս առաջ պէտք է ընտրուեն:

 

Թաղական երեսփոխանները Կոստանդնուպօլսոյ թաղերուն բնակչաց կողմէն պիտի ընտրուեն: Իսկ գաւառական երեսփոխանները իւրաքանչիւր գաւառի ընդհանուր ժողովոյ կողմէն պիտի ընտրուի:

 

Յօդ. 70. Թէ Պօլսոյ թաղերէն եւ թէ գաւառներէն ուզուած երեսփոխանները՝ հարկ չէ, որ ընտրող թաղին կամ գաւառին բնակիչներէն ըլլան. բաւական է, որ Կոստանդնուպօլսոյ մէջ բնակին, իրենց ներկայացուցած թաղին կամ գաւառին ազգային գործոցը հմուտ ըլլան եւ ազգասիրութեամբ, ուղղութեամբ ու արդարախոհութեամբ՝ ընտրողաց յարգն ու համարումը ստացած անձինք ըլլան:

Ազգային երեսփոխանները ո՛չ թէ զիրենք ընտրող թաղին կամ գաւառին երեսփոխանները կը համարուին ընդհանուր ժողովոյ մէջ, այլ ազգին երեսփոխաններն են՝ համազօր իշխանութեամբ:

 

Յօդ. 71. Երկու տարին անգամ մը Պօլսոյ թաղերուն կողմէն ընտրուելիք երեսփոխանաց հինգերորդ մասին համար՝ Պատրիարքը փետրուար ամսոյ մէջ ընտրող թաղերուն ամէն մէկուն կը ծանուցանէ քանի երեսփոխան ընտրելիքը՝ ընտրողութեան եւ ընտրելութեան պայմաններն ալ յիշեցունելով:

 

Այս ծանուցման վրայ՝ թաղական խորհուրդները երեսփոխանաց ընտրութեանը կը ձեռնարկեն: Բայց ընտրական գործողութեանց համար թաղին քարոզիչը՝ կամ անոր չգտնուած ժամանակը՝ աւագ երէցը նախագահութիւն կընէ, եւ թաղին բնակիչներէն երեքէն մինչեւ վեց պատուաւոր անձինք թաղական խորհուրդին վրայ կաւելցուին:

 

Այս կերպով կազմուած ընտրողական ժողովներուն ամէն մէկը՝ իր թաղին մէջ ընտրողութեան իրաւունք ունեցողներն ստուգելով, այբուբենի կարգաւ ընտրողաց ցանկ մը կը պատրաստէ եւ ութ օր բաց մնալու պայմանաւ թաղական խորհրդարանի մէջ կախել կուտայ:

 

Ընտրողական ժողովը ընտրողաց որոշումը դիւրացունելու համար՝ ուզուած երեսփոխաններուն թիւէն եռապատիկ աւելի ընտրելեաց ցուցակ մըն ալ կը պատրաստէ եւ այն ալ կախել կուտայ խորհրդարանին մէջ: Սակայն ընտրողք ամենեւին պարտաւորեալ չեն ընտրելեաց ցուցակին հետեւելու:

 

Գաւառներուն մէջ ալ՝ գաւառական ընդհանուր ժողովոց անդամները միեւնոյն կերպով կընտրուին: