Նիւթեր Աղեքսանդր ջուղայեցիի կենսագրութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԻՒԹԵՐ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻԻ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

 

Իր կաթողիկոսութեան շրջանը կը զուգադիպի հայ ազատագրական շարժման՝ Իսրայէլ Օրիի ժամանակին։ Իր մասին եղած են ամբաստանութիւններ, իբր թէ պապական միտումներ ունեցած ըլլայ։ Վերջապէս. ան եղած է կարեւոր եւ հետաքրքրական դէմք մը. որուն մասին որքան որ վաւերական ծանօթութիւն ունենանք. այնքա՛ն բան գիտցած կ՚ըլլանք ԺԸ. դարու սկզբի մեր պատմութեան խառնակ եւ անորոշ շրջանին մասին։

 

Աղեքսանդր, հաւանաբար ծնած էր Նոր Ջուղա։ Կը յիշէ հօր անունը, Կոստանդ։ Իր իսկ վկայութեամբ Նոր Ջուղայի Ամենափրկչի վանքին առաջնորդ եղած է «ի թուին 1148 եւ յամսեանն յունվարի 20», այսինքն Քրիստոսի 1699 թուականին, եւ առաջնորդութենէ դադրած է 1706 Սեպտեմբերի 18։ (Պատ. Նոր Ջուղայու. Յար. Տէր Յովհանեանց. Բ. հատոր էջ 48)։

 

Իր կրթութեան եւայլնի մասին տեղեկութիւններ կը պակսին։ Հաւանաբար. վանքին մէջ ստացած է իր նախնական ուսումը եւ մինչեւ վարդապետանալն ալ հոն գտնուած։ 1690-ին արդէն իբր «Աղեքսանդր վարդապետ» որպէս վկայ կը ստորագրէ առեւտրագիր մը։

  Մտադիր ըլլալով միայն Աղեքսանդր Կաթողիկոսին վերաբերող նիւթեր ներկայացնել հոս, անմիջապէս իբր առաջին փաստաթուղթ, Նոր Ջուղայի դիւանէն առնելով կը հրատարակեմ հոս հետեւեալ խիստ կարեւոր փաստաթուղթը։

 

«Սիրելեացդ Սրբազանից ի Ք[րիստո]ս գումարելոց, Երջանիկ Եպ[իս]կո[պոսա]ց, Ա[ստուա]ծաբան վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տ[ա]ց, Մեղսաքաւիչ Ք[ա]հանայից. եւ բոլոր վիճակաւորաց ուխտի սրբութե[ան], նաեւ աշխարհիկ արանց բարեպաշտից, Ազատազարմ իշխանաց, Ազնուատոհմ Մէլիքնէրաց, իրաւադատ Տանուտերաց, Խոհեմ վաճառականաց, Աշխատասէր Երկրագործաց Իմաստայեղց Արհեստաւորաց. միանգամայն ընդանուր ազգաց հայկազունեաց. որք ի սփիւռս էք յամ[ենայն] տեղիս ողջոյն ի Ք[րիստո]ս Յ[իսուս] ի Տ[է]ր մեր։

յԻսպահան եղեալ յԵպ[իսկոպո]ս[ա]ց, Վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տ[ա]ց, Ք[ա]հ[անա]յից, եւ համօրէն ժառանգաւորաց եկ[ե]ղ[ե]ց[ո]յ. Այլ եւ Քալանթար Ղուկասէ եւ ամ[ենայն] Դօվլաթւոր[ա]ց, եւ համօրէն ժողովրդականաց միշտ տերամբ խնդալ։

Եւ ընդ ք[րիստո]սապարգեւ ողջունիս գիտութի[ւն] լիցի սիրելեացդ եւ հարազատացդ. Քանզի կարգ եւ օրէն է քաղաքական օրինաց, եւ մանաւանդ համրօէն ծննդոց Ադամայ որ ամ[ենե]ք[եա]ն ի կենցաղումս անդուլ վարանմամբ եւ անհանգիստ երկամբք գուն գործեալ ջանան. զի թերեւս հնարել մարթասցին ստանալ կենցաղօգուտս շահաւէտութի[ւն] եւ ո[ր]պ[էս] ասացաք ոչ միայն ի բանականս. այլ եւ յանբանս տեսանի այսպիսի իրողութե[ան] հայթայթանս. զի եթէ առ մարմնաւորս այսքան գտանի յօժարութի[ւն] երկասիրութե[ան]. որ անցաւորն է եւ մասնաւոր քանիօն առաւել պարտիմք ջանալ եւ հնարել յաղագս հոգեւորին որ բոլորն է եւ յաւիտենական. եւ զինչ իւիք արդեօք կարեմք ստանալ զայն բարի որ անփոփոխն է եւ մշտնջենաւոր. եթէ ոչ հաւատոյ հաստատութ[եամ]բ եւ կրօնից ուղղութ[եամ]բ. որոյ վ[ա]ս[ն] մեռան հարքն եւ մահու չափ ճգնեցան նախնիքն մինչեւ հաստատեցին զուղղափառութի[ւն] հաւատոյ, եւ զբարեձեւութի[ւն] կարգաց եւ կրօնից Հայաստանս եկեղեցւոյ. որ թէպէտ երբեմն երբեմն քայքայեալ եւ խանգարեալ է ձեռամբ թուլամորթից առաջնորդաց. սակայն ի ձեռն բարի արանց եւ ճշմարտասիրաց. ուղղեալ եւ հաստատեալ է. ո[ր]պ[էս]ի վերջին աւուրս սրբազան հայրապետօքն (սխալմամբ դարձեալ կրկնեալ) Մովսէսիւ եւ Փիլիպոսիւ թէ ո[ր[պ[էս] պայծառացան եկեղեցիք Հայաստանեաց եւ նորոգեցան բարեկարգութի[ւն]ք, եւ ամենայն բարեզարդութ[իւն[ք ըստ այնմ, թէ լցաւ երկիր գիտութ[եամ]բ Տ[եառ]ն. եւ այս մինչեւ ի տասն ամն Յակոբ կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]սին. զոր յայնմ հետէ սկսան քայքայիլ եւ անկարգանալ օր աւուր մինչեւ ի ժամանակս յայս. եւ թէ ո՞վ եւ յորմէ եղեւ լռութ[եամ]բ պատմեսցի. քանզի ամենեցուն է քաջայայտ. զի որ մնաց ի մարախոյ եկեր թրթուր. ո[ր]պ[էս] եւ յաւուրս Նահապետիդ այդ որ թարց հաճութե[ա]ն Ա[ստուծո]յ եւ ընտրութե[ան] մարդկան. անձամբ առեալ պատիւ եւ ոչ յԱ[ստուծո]յ. եւ դ[ա]րձ[եա]լ կաշառանօք եւ մամոնայիւ եւ ոչ ի փառս Ա[ստուծո]յ, յաղագս փառամոլութե[ան]. եւ հեշտութե[ան] մարմնոյ եւ ախտից. եմուտ ի յայն գերագոյն աստիճան, ո՛չ գիտելով զգիրս եւ զզօրութի[ւն] Ա[ստուծո]յ, մանաւանդ աներկիւղ յԱ[ստուծո]յ եւ անպատկառ ի մարդկանէ, յաւել ի վ[ե]ր[ա]յ իւր բնական տգիտութե[ա]ն եւ անզգամութե[ան] զչարութի[ւն], ըստ իմաստնոյն թէ ոչ է պատիւ յարգոյ անզգամին զի առաւել եւս վարի անզգամութ[եամ]բ. ո(ր]պ(էս] եւ դմա պատահեցաւ զի հնչեցոյց զլուր չարութե(ան] իւրոյ յականջս ամենեցուն. որ եւ յամ(ենայն] տեղեաց թուղթ նախատանաց եկն ի վ[ե]ր[ա]յ դորա, ո[ր]պ[էս] եւ երջանիկ հարբ մերով Ստեփաննոս Հոգեւոր տիրիւ յոլով անգամ թուղթ զգուշութե[ան] եւ սաստի գրեցաք եւ դա ոչինչ զգաց ըստ նմանութե[ան] հոտեալ անդամոյ որ ոչինչ իմանայ զհատումն եւ զխարումն, որմէ ձանձրացաք դուք եւ մեք. մինչեւ ի ձէնջ եկն առ մեզ. բողոք եւ մահսար. տինա աղաչանք եւ աղերսանք. յաղագս որոյ յոտին կացաք, կորուսաք. եւ արտաքսեցաք զնա. եւ ըստ թախանձանաց ձերոց ստիպեցաք հարկիւ զհոգեւոր եւ զբազմերախտ հայրն մեր լինել կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս եւ հայրապետ, քանզի գիտէաք որ ոչ գոյր նարդեանս ամանակի յընթանուր որդիս Արամայ այր համեմատ նմա, ըստ հաւատոյն քաջութե[ան]. ըստ յուսոյն հաստատութե[ան]. ըստ սիրոյն ճշմարտութե[ան]. ըստ գործոյն ուղղութե[ան]. եւ ըստ առաքինութե[ան] լրութե[ան]. ո[ր]պ[էս] եւ յարդեանցն իսկ յայտնի եղեւ. որ երկ[րոր]դ Կայենդ եւ Յուդայդ ո[ր]պ[իս]ի դառն տանջանօք եւ չարչարանօք տուաւ սպանանել. զոր յանցեալ ամին ինքն ի Դավրէժ թարց տանջանաց եւ նեղութե[ան] կամէր ուրանալ, այդպիսի ոք է զաւակդ ս[ա]տ[ա]ն[ա]յի. որ ինքն մէկ պակաս խօսք տանելոյ չունի կարողութի[ւն], վ[ա]ս[ն] որոյ ուրացաւ զհաւատն առաջի թ[ա]գ[աւո]ր[ա]ց եւ իշխանաց, յաղագս ախտի եւ փառամոլութե[ան]. եւ զայնպի[սի] ճշ[մարի]տ ծառայ Ք[րիստոս]ի եւ քրտնաջան մշակ. զանազան եւ պէսպէս տանջանօք ետ ի սպանումն, ծանեայք արդեօ՞ք ով պատուականք թէ [ո]րպ[ի][սի] ոք էր երանեալ նահատակն Ք[րիստոս]ի ս[ուր]բն Ստեփաննոս երջանիկ կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]սն, այնպի[սի] այր կամիք լինել կ[ա]թ(ո]ղ[ի]կ[ո]ս. որ նովին հաւատով եւ գործով իցէ կատարեալ որ մինչեւ ի մահ մատիցէ վ[ա]ս[ն] ճշ[մար]տութե[ան] եւ կրօնից կարգաց. եւ ոչ այդպի[սի] այր ելուզակ եւ սրիկայ ի մանկութ[են]է, լցեալ ամ[ենայն] չարութ[եամ]բ եւ գարշութ[եամ]բ, եւ արտաքոյ ամ[ենայն] դէնի եւ պաշտաման. զոր պարսիկք մլհուտ մասապ ասեն այդպի[սի] առն պղծոյ եւ չարագործի, զարմանք մեծ կալաւ զմեզ սիրելիք թէ ո[ր]պ[էս] վերստին ընդունեցիք դուք զդա. զի դեւ եւ փալկոն անուանեալ էիք ի հասարակաց մահսարումն ձեր որ կայ այժմ ի ձեռս մեր. բոլոր վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տ[ա]ց եւ առաջնորդաց թղթով եւ կնքով, եթէ յայնժամ փալկոն էր այդ դի՝ լցեալ դիւօք որ տակաւին չէր ուրացօղ Ք[րիստոս]ի եւ հայրապետասպան այժմ զայն եւս յաւել, եղեւ կամարար հօրն իւրոյ ս[ա]տ[անա]յի, եղեւ ձեզ ասպնջական եւ ընդունելի. աւաղ կուրութե[ան] մտաց մերոց։

Բայց արդ՝ զինչեւիցէ, կրկին արզ արարաք մեծապատիւ Արքայից Արքայիս մերոյ վէլինամատ ( չորս կէտով պարապ միջոց ) որ եւ տացէ ամենաթ[ա]գ[աւո]րն Ա[ստուա]ծ իւրն երկարութի[ւն] կենաց եւ յաջողութի[ւն] գործոց, լուաւ հայցուածոց մերոյ, եւ արար զպղիծն զայն մանզուլ, ահա աւետիս լուսաւորչածին որդոցս, քանզի անկաւ Բէլ, եւ կործանեցաւ Դագոն, բարձաւ խռովարարն եկեղեցոյ, եւ ընկեցաւ վիշապն անդընդային, գազանն որ ուտէր եւ մանրէր եւ զմնացեալսն առ ոտն հարկանէր, ողնաբէկ եղեալ սատակեցաւ ի փառս ս[ա]տ[ա]ն[ա]յի. ք[ան]զի  կարէաք առաւել եւս յաւելուլ պատուհաս դմին հրամանաւ ( չորս կէտ պարապ ) Բայց գիտէաք զանհամբեր բարս դորին վ[ա]ս[ն] այն տուաք թոյլ անա[ստուա]ծիդ. միայն այս լինի որ դա կորնչի. ծերունի հայրն մեր Իսահակ վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տն տեղապահ նստի յաթոռն, մինչեւ կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս հաստատեսցի, եւ զհամարն պահանջեսցէ ի պղծոյն, վանեալն եւ կորուսեալն առցէ. եւ ապա ուր կամիցի կորիցի որդին կորստեան, աւերիչն աշխարհի։

Եւ արդ՝ յետ սորին այսպ[էս] լինելոյն, զով կամիք ընտրեցէք լինել կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս. բայց ի հոռմեցոյ, եւ յաստապատցոց սեւագլխոց. այլ եւ զով կամիք եւ ընտրէք. զեկուցէք մեզ. եւ ապա հասարակաց ընտրութ[եամ]բ ելեալ եկեսցէ առ ոտս  (չորս կէտ պարապ) եւ արասցէ փայբուս եւ առացէ հուքմ եւ խիլայ, եւ ապա դարձցի յաթոռդ եւ ձեռնադրեսցի [ո]րպ[էս] սովորութի[ւ]ն է բնական. ք[ան]զի եւ մեք այսպ[էս] եմք արզ արարեալ։ Իսկ մերս կողմանէ Իսահակ վարդապետն ընդունելի է մեզ, լինել կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս բայց այսու պայմանաւ. որ քաֆայեցի Սարգիսն մի մտցէ յաթոռն. եւ ի մէջ խորհրդոյ եւ մասլահթ կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]սին, եւ այլն դուք գիտէք, քանզի դիտաւորութի[ւն] մեր այս էր զոր ծանուցաք փոքր ի շատէ։ Եւ ի վ[ե]ր[ա]յ այսր ամ[ենայն]ի նոր կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]սէն, զայս (լուսանցքին վրայ) պահանջեմք մաղթելով, զի զհոռմեցոց գործն, արարքն զգեստն շարժմունքն պերճասիրութի[ւ]ն, ձիասիրութի[ւն], նստելն եւ յառնելն կաշառօք ձեռնադրութի[ւ]ն, եւ մամոնայիւ, թեմ եւս առաջնորդ փոփոխելն եւ զայլ անբերելի անկարգութի[ւ]ն որ ի նոցունց ընծիւղեցաւ, բոլորովիմբ անհետ առնել յաթոռոյն եւ յազգէս այլ իւրաքանչիւր թեմ եւ վիճակ այնմ աթոռոյ եղիցի որպէս եւ յառաջագոյն կարգեալն է. եւ յետոյ ի Մովսէս եւ ի Փիլիպպոս կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]սացն եւս, եւ ոչ այլոց»։

* * *

Հոս, կ՚անդրադառնամ այս նամակին պարունակութեան, անոր մէջ յիշուած դէմքերուն եւ դէպքերուն մասին. որ շատ բան կը լուսաւորէ մեր պատմութեան խառնակ այդ շրջանէն։

Նամակը. ինչպէս կը տեսնուի. ուղղեալ է Սպահանի Նոր Ջուղայի Հայ եկեղեցական եւ աշխարհական երեւելիներուն եւ ժողովրդեան, որոնցմէ միայն յանուանէ կը յիշուի Քալանթար Ղուկաս, որ Նոր Ջուղայի աշխարհական վարիչն էր։

Նամակը գրուած է Էջմիածնայ կաթողիկոսութեան հարցին շուրջ եւ դէմ՝ Նահապետ Եդեսեացիի։ Նամակին մէջ կը յիշուին Մովսէս Տաթեւացիի (1629-1632) եւ Փիլիպպոս Աղբակեցիի (1632-1655) կաթողիկոսական յիշատակելի օրերը ինչպէս նաեւ Յակոբ Ջուղայեցիի (1655-1680) կաթողիկոսութեան սկիզբի տասը տարիները. այսինքն մինչեւ 1666։ Նամակին այս ակնարկութիւնը անշուշտ, Եղազար Այնթապցիի 1666ին Յակոբ Ջուղայեցիի դէմ հակաթոռ կաթողիկոս ընտրուելուն մասին է, որ հայութիւնը պառակտեց, տուն տուաւ մեծամեծ ծախքերու. Պոլսոյ մէջ Եղիազարեան-Յակոբեան ողբալի պայքարին։

  Նամակս կ՚ընդունի որ Եղազար հակաթոռ օծուեցաւ Հալէպի մէջ Յակոբի կաթողիկոսութեան առաջին 10 տարին. այսինքն 1666ին։ Ասիկա կը կրկնէ նաեւ պատմական յիշատակարան մը (Թորոս Աղբար, Բ. մաս, էջ 407) ուր որոշապէս կը վկայուի ժամանակին դէպքերուն քաջ ծանօթ յիշատակագիրէն, Եղիազար «առնու զաստիճան եւ զկարգ կաթողիկոսութեան ի Ռ. Ճ. Ժ. Ե. (1666) ամին»։ Օրմանեան, գրչագրական սխալանք պէտք է սեպել ըսելով կ՚ուզէ անցնիլ (Ազգապատում էջ 2554). եւ կը նախընտրէ ուրիշ վկայութիւն մը, ըստ որում «գրեցաւ յիշատակարանս ի թվին Հայոց. Ռ. Ճ. Ժ. Գ. (1664) ամին. յորում Եղիազար վարդապետ Երուսաղէմի կաթողիկոս ձեռնադրեցաւ» կ՚ըսւի (Թորոս Աղբար, Բ. մաս, էջ 464)։ Սակայն եթէ սխալ մը կայ. ես աւելի կը միտիմ վերջինը սխալ նկատելու։ Յաճախ պատահած է որ Դ. իբր Գ. կարդացուած ըլլայ եւ կամ հակառակը։ Որով կրնայ ըլլալ որ ՌՃԺԴ (1665-6) կարդացուած ըլլայ ՌՃԺԳ (1664)։

Նամակագրին համաձայն Յակոբ Ջուղայեցիի կաթողիկոսութեան տասներորդ տարիէն սկսեալ. այսինքն 1666-էն. Էջմիածնայ գործերը «յայնմհետէ սկսան քայքայիլ եւ անկարգանալ օր աւուր մինչեւ ի ժամանակս յայս (այսինքն Նահապետի օրերը), եւ թէ ո՞վ եւ յորմէ եղեւ լռութեամբ պատմեսցի. քանզի ամենեցուն է քաջայայտ. զի որ մնաց ի մարախոյ եկեր թրթուր»։ Հոս ալ ակնարկութիւնը որոշ է. թէեւ նամակագիրը չ՚ուզեր ծանրանալ տխուր անցքերուն վրայ։ Յակոբ Ջուղայեցիի հակաթոռ Եղիազար Այնթապցիին կ՚ակնարկուի իբր Էջմիածնայ «քայքայիլ եւ անկարգանալ»ու պատճառ։ Ան է առաջին «մարախը» որմէ վերջ մնացածը կերաւ «թրթուր»՝ Նահապետ Եդեսեացին։

Ծանր են նամակագրին ամբաստանութիւնները Նահապետի դէմ։ «Յաւուրս Նահապետիդ» կը գրէ ան. «անձամբ առեալ պատիւ եւ ո՛չ յԱստուծոյ եւ դարձեալ կաշառանօք եւ մամոնայիւ եւ ո՛չ ի փառս Աստուծոյ, յաղագս փառամոլութեան. եւ հեշտութեան մարմնոյ եւ ախտից, եմուտ ի յայն գերագոյն աստիճան (կաթողիկոսութեան)»։

Նահապետի ի՞նչպէս կաթողիկոսանալը մութ կը մնայ դեռ մեր պատմութեան մէջ։ Ինչ որ գիտենք սա է որ Եղիազար վախճանեցաւ 1691 Օգոստոս 8-ին եւ հազիւ երկու օր վերջ Նահապետ, Օգոստոս 10-ին, կաթողիկոս օծուեցաւ Էջմիածնայ մէջ։ Չամչեան միայն կը վկայէ որ Նահապետ աշակերտն եւ գործակիցն էր Եղիազարի։ Սակայն Նահապետ անուան չենք հանդիպիր ոչ մէկ առթիւ Եղիազարի փոթորկալից գործունէութեան մէջ։ Սակայն Չամչեանի մօտ այս շրջանին համար, Նահապետի եւ յաջորդ Աղեքսանդրի մասին. այնքան մտացածին եւ իրականութեան հակառակ տեղեկութիւններ կան որ կրնանք աննկատ թողուլ իր այս վկայութիւնը։

  Նկատելի է որ Նահապետ՝ հազիւ կաթողիկոսացած՝ ցոյց տուած է նիւթական խոշոր կարողութիւն, ընելով շինարարութիւններ, երբ Էջմիածին տնտեսական ծանր վիճակ մը ունէր։ Օրմանեան կը խորհի որ ատիկա «Եղիազարի թողած անձնական ստացածութիւներէն» (Ազգապատում. էջ 2662) անցան Նահապետի ձեռքը։ Սակայն խնդիր է թէ Եղիազար ունէ՞ր թողօն. կամ ո՞րքան է՞ր իր թողօնը։ Նկատի ունենալով հոս ներկայացուած նամակը ես աւելի կը միտիմ խորհելու, որ Նահապետ ունէր իր իսկ ստացուածքը, եւ գուցէ այդ հարստութեան ուժովն էր, որ ան այնքան արագ կերպով կրցաւ կաթողիկոսանալ, եւ հաւանաբար այդ արագ ընտրութեան եւ օծման, կամ նոյն իսկ իր հակառակորդներուն բերանը գոցէ, ան աճապարեց իր հարստութեան մէկ մասով շինարարութիւններ ընել։ Այսպէս կարելի է հասկնալ նաեւ այս նամակին ամբաստանութիւնները, զորս վերը շեշետեցի։

  Նամակագիրը կը վկայէ նաեւ որ Նահապետ «ոչ գիտելով զգիրս եւ զզօրութիւն Աստուծոյ», որով կը հաստատուի այլուստ այն վկայութիւնը թէ՝ Նահապետ «կարդալոյ եւ յօրինաց թոյլ էր»։ (Ազգապատում էջ 2662)։

  Նամակագիրը՝ հետզհետէ աւելի գերագրգիռ՝ կը գրէ Նահապետի մասին, «աներկիւղ յԱստուծոյ եւ անպատկառ ի մարդկանէ, յաւել ի վերայ իւր բնական տգիտութեան եւ անզգամութեան զչարութիւն, ըստ իմաստնոյն թէ ոչ է պատիւ յարգոյ անզգամին զի առաւել եւս վարի անզգամութեամբ, որպէս եւ դմա պատահեցաւ. զի հնչեցոց զլուր չարութեան իւրոյ յականչս ամենեցուն, որ եւ յամենայն տեղեաց թուղթ նախատանաց եկն ի վերայ դորա»։

  Նամակագիրը կը յիշէ, որ Նահապետին գրողներուն կարգին «յոլով անգամ թուղթ զգուշութեան եւ սաստի» գրած են Ստեփանոս եւ անոր հոգեւոր որդի, ներկայ նամակագիրը։ Յիշուած Ստեփանոսը նոյնինքն Ջուղայեցին է. Նահապետի հակառակորդ եւ անոր հակաթոռ կաթողիկոս։

  Նահապետ անուշադիր կը մնայ բոլոր այս բողոքներուն եւ դժգոհութեանց։ Նամակագիրը կը վկայէ որ «մինչեւ ի ձէնջ» այսինքն Սպահանի երեւելիներէն եւ հասարակութենէն «եկն առ մեզ բողոք եւ մահսար. տինա աղաչանք եւ աղերսանք. յաղագս որոյ յոտին կացաք. կորուսաք. եւ արտաքսեցաք զնա, եւ ըստ թախանձանաց ձերոց ստիպեցաք հարկիւ զհոգեւոր եւ զբազմերախտ հայրն մեր լինել կաթողիկոս եւ հայրապետ, քանզի գիտէաք որ ոչ գոյր նարդեանս ամանակի յընթանուր որդիս Արամայ այր համեմատ նմա»։ Նամակագրին յիշած այս նորընտիր հայրապետը նոյն ինքն Ստեփանոս Ջուղայեցին է։ Ստեփանոսի մասին ալ մտադիր ըլլալով առանձին այլ առթիւ խօսիլ, առ այժմ հոս կ՚անցնիմ։

  Նամակագիրը խստագոյն բառերով կ՚ամբաստանէ Նահապետը «երկրորդ Կայենդ եւ Յուդայդ» կոչելով զայն, որ «որպիսի դառն տանջանօք եւ չարչարանօք տուաւ սպանանել» զՍտեփանոս։ Նամակագիրը կը շարունակէ ըսելով որ Նահապետ «յանցեալ ամին ինքն ի Դավրէժ թարց տանջանաց եւ նեղութեան կամէր ուրանալ», այսինքն մահմետական դառնալ. «այդպիսի ոք է զաւակդ սատանայի. որ ինքն մէկ պակաս խօսք տանելոյ չունի կարողութիւն, վասն որոյ ուրացաւ զհաւատն առաջի թագաւորաց եւ իշխանաց. յաղագս ախտի եւ փառամոլութեան. եւ զայնպիսի ճշմարիտ ծառայ Քրիստոսի եւ քրտնաջան մշակ, զանազան եւ պէսպէս տանջանօք ետ ի սպանում»։

  Նամակագրին համաձայն երբ Նահապետ Դաւրէժ էր, նեղը մնալով հաւատադրուժ կ՚ըլլայ Պարսից Շահ Հիւսէին եւ իր արքունեաց առջեւ։ Մենք առանց հոս ծանրանալ ուզելու ըսենք որ Ստեփանոս Ջուղայեցի կաթողիկոս ընտրուեցաւ գահէն արտաքսւած Նահապետի տեղ, որ անմիջապէս Դաւրէժ՝ Շահին արքունիքը գնաց ինքզինքը վերստին Էջմիածնայ գահին տիրացնելու միջոցներ փնտռելու։ Հուսկ, յաջողեցաւ եւ Էջմիածին դարձաւ Ստեփանոսը բանտարկել տուաւ եւ ըստ մեր նամակագրին անոր ողբալի մահուան իսկ պատճառ եղաւ։ Գիտենք թէ Նահապետ աջակցութիւնը վայելեց Աւետիս հաւատուրացի մը որ Շահին արքունեաց մէջ մեծ դիրք ունէր, սակայն ոչ մէկ տեղ կը յիշուի Նահապետի ալ հաւատուրաց ըլլալը։ Ասով հանդերձ, պէտք է նկատի ունենալ որ նամակագրին զայրոյթը Նահապետի հանդէպ պիտի չբաւէր հրապարակաւ, եւ անտարակոյս իրականութեանց լաւ ծանօթ Նոր Ջուղայեցիներուն, Նահապետը ներկայացնել իբր հաւատուրաց մը։

  Նամակագիրը որ կը շարունակէ Ստեփանոս Ջուղայեցին գովել եւ Նահապետը այնքա՜ն յոռի կոչումներով գետնաքարշ տալ, որոշ կերպով ցոյց կուտայ որ Ստեփանոսի մահէն վերջ ալ անհաշտներ կային որոնք շարունակեցին պայքարել Նահապետի դէմ։ Հուսկ կը յաջողին գահընկեց ընել զայն։ Նամակագիրը կը գրէ «կրկին արզ արարաք մեծապատիւ Արքայից Արքայիս մերոյ Վէլիամատ… լուաւ հայցուածոց մերոյ. եւ արար զպղիծն զայն (Նահապետը) մանզուլ. ահա աւետիս լուսաւորչածին որդոցս. քանզի անկաւ բէլ, եւ կործանեցաւ Դագոն. բարձաւ խռովարարն եկեղեցւոյ, եւ ընկեցաւ վիշապն անդնդային. գազանն որ ուտէր եւ մանրէր եւ զմնացեալսն առ ոտն հարկանէր. ողնաբեկ եղեալ սատակեցաւ ի փառս սատանայի. քանզի կարէաք առաւել եւս յաւելուլ պատուհաս դմին հրամանաւ։ Բայց գիտէաք զանհամբեր բարս դորին վասն այն տուաք թոյլ անաստաւածիդ. միայն այս լինի որ դա կորնչի»։

  Այսպէս տարակոյս չկայ, որ Նահապետ գահընկեց եղած է։ Կ՚երեւայ թէ ինքը չէ ընդդիմացած եւ վանք մը. տեղ մը առանձնացած է։ Օրմանեան անծանօթ ըլլալով այս պատմական վաւերաթուղթին կը գրէ «Պատմութիւնը մեզի չէ հասցուցած Նահապետի վերջին տարիներէն դէպքերու կամ գործերու յիշատակներ, ուսկից կը հետեւցնենք թէ ամփոփուած եւ քաշուած կեանք մը ունեցած է Նահապետ իւր վերջին տարիներուն մէջ. եւ հանդարտութեամբ վախճանած է 1705 Յունիս 13 Չորեքշաբթի օր» (Ազգապատում. էջ 2732)։

  Այժմ ի վիճակի ենք ըսելու որ Նահապետ 1696-ին գահին վերստին տիրանալէ վերջ ժամանակ մը մնաց գահին վրայ։ Գահին վրայ էր 1698 Յունուար 4-ին կամ 5-ին. երբ Ստեփանոս արգելափակ կը մեռնի։ Վերի նամակը անկէ վերջ գրուած է։ Դժբախտաբար նամակին թուականը կը պակսի. միայն ինչպէս տեսանք տեղ մը խօսելով Նահապետի Դաւրէժէն դարձին մասին «յանցեալ ամին» կ՚ըսէ։ Ենթադրելով որ Ստեփանոսի մահուան, 1698 տարին գրուած է նամակս, վերոյիշեալ յանցեալ ամին կ՚ըլլայ 1697։ Թուականը չի համապատասխաներ Օրմանեանի հաշիւներուն։ Ասոնց ճշդումը կը թողում ուրիշ առիթի։

  Նամակագիրը կ՚աւելցնէ «ծերունի հայրն մեր Իսահակ վարդապետն տեղապահ նստի յաթոռն, մինչեւ կաթողիկոս հաստատեսցի. եւ զհամարն պահանջեսցէ ի պղծոյն, վատնեալն եւ կորուսեալն առցէ. եւ ապա ուր կամիցի կորիցի որդին կորստեան (Նահապետ), աւերիչն աշխարհի»։ Իսահակ վարդապետ ինծի ծանօթ է իբր Արդար կոչեցեալ Սուրբ Թադէոսի վանաց։ Նամակագիրը կ՚աւելցնէ «Եւ արդ՝ յետ սորին այսպէս լինելոյն, զով կամիք ընտրեցէք լինել կաթողիկոս, բաց ի Հոռմեցոյ, եւ յԱստապատացոց սեւագլխոց, այլ եւ զով կամիք եւ ընտրեցեք»։

  Հոռմեցիի մասին նամակին լուսանցքին վրայ դարձեալ «գործն. արարքն. շարժմունքն. պերճասիրութիւն. ձիասիրութիւն. նստելն. եւ յառնելն, կաշառօք ձեռնադրութիւն. եւ մամոնայիւ, թեմ եւս առաջնորդ փոփոխելոյ եւ զայլ աններելի անկարգութիւն որ ի նոցունց ընծիւղեցաւ. բոլորովիմբ անհետ առնել յաթոռոյն եւ յազգէս» կ՚ըսուի, որ լուրջ ամբաստանութիւններ էին։ Սակայն Հոռմեցիի ինքնութիւնը առ այժմ ինծի անծանօթ կը նմայ։

  Նամակագիրը հակառակ է որ Աստապացի վարդապետներէն ընտրուի յաջորդ կաթողիկոսը. եւ կ՚աւելցնէ «Իսկ մերս կողմանէ Իսահակ վարդապետն ընդունելի է մեզ, լինել կաթողիկոս, բայց այսու պայմանաւ. որ Քաֆայեցի Սարգիսն մի մտցէ յաթոռն, եւ ի մէջ խորհրդոյ եւ մասլահաթ կաթողիկոսին, եւ այլն դուք գիտէք. քանզի դիտաւորութիւն մեր այս էր զոր ծանուցաք փոքր ի շատէ»։

  Սարգիս Կաֆայեցիի մասին, որ հոս կը յիշուի. բան մը չեմ գիտեր։ Եղիազարի աշակերտաց մէջ կը յիշուի Սարգիս Կաֆայեցի մը։ Իսահակ վարդապետ Արդար ծերացած էր այս ատեն. եւ իբր ապագայ կաթողիկոս յարմար չէր տեսնուեր Սարգիս Կաֆայեցին խորհրդատու ունենալ։

  Ո՞վ էր նամակագիրը։ Նամակին վրայ տեղի, տարւոյ եւ գրողի յիշատակութիւն չկայ։ Սակայն ըստ իս դժուար չէ ճշդել նամակագրին ինքնութիւնը։ Նամակաիգրը խօսելով Նահապետի գէշութեանց մասին կը գրէ «երջանիկ հարբ մերով Ստեփանոս Հոգեւոր տիրիւ յոլով անգամ թուղթ զգուշութեան եւ սաստի գրեցաք եւ դա ոչինչ զգաց… մինչեւ ի ձէնջ եկն առ մեզ, բողոք եւ մահսար, տինա աղաչանք եւ աղերսանք, յաղագս որոյ յոտին կացաք, կորուսաք, եւ արտաքսեցաք զնա. եւ ըստ թախանձանաց ձերոց ստիպեցաք հարկիւ զհոգեւոր եւ զբազմերախտ հայրն մեր լինել կաթողիկոս եւ հայրապետ»։

  Ստեփանոսի հոգեւոր որդին էր եւ համախոհն ու յաջորդը Աղեքսանդր Ջուղայեցի. աշակերտ Դաւիթ Ջուղայեցիի։ Ստեփանոս երբ դեռ Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքին առաջնորդն էր. գրեթէ գլխաւոր հակալատին ախոյեանն էր, որուն սերտօրէն կը գործակցէր նաեւ Աղեքսանդր։ Անոնք այն ատեն արդէն ցոյց կուտային ընդիմութիւն Նահապետի դէմ։ Երբ որոշուեցաւ Նահապետը գահազուրկ ընել եւ անոր տեղ Ստեփանոս գահ բարձրացնել, Աղեքսանդր ղրկուեցաւ, եւ որ յաջողեցաւ վտարել Նահապետը եւ Ստեփանոս Ջուղայեցին ընդունիլ տալ։ Աղեքսանդր կ՚երեւայ թէ 1698-ին Ստեփանոսի թաղման Էջմիածին էր դեռ եւ անկէ կը գրէր իր խիստ  նամակը զոր վերը տուինք։ Աղեքսանդր 1699-ին Նոր Ջուղա դարձաւ եւ վանքին առաջնորդութիւնը ստանձնեց։

  Նկատի ունենալով նորագիւտ նամակը, յետոյ Նոր Ջուղայեցոց Էջմիածնայ գործերուն տիրական միջամտութիւնը, ստիպուած ենք խորհիլ. որ Էջմիածնայ մէջ կերպով մը Նահապետի հետ Աղեքսանդր եւ Նոր Ջուղայեցիք, զինադադար մը ըրին։ Հաւանաբար Նահապետ մնաց անուանական կաթողիկոս, Իսահակ Արդար եղաւ տեղապահ, եւ այլեւս թոյլ չտրուեցաւ Նահապետին ըստ կամս յարաբերիլ Պապին եւ պապականութեան հետ։ Ատիկա մենք ցոյց պիտի տանք երբ Նահապետի մասին խօսինք առանձինն։

  Հռովմի մեծազանգուած Scritture non riferite դիւանաթղթերուն մէջ կայ նամակ մը Ֆրա Ճան Պարդօլօլմիւի (Տօմինիկեան) կողմէ, 1699 Մարտ 9 թուագրուած. ուր ի մէջ այլոց կը գրէ «Ջուղայի եկեղեցականները եւ ժողովուրդը հանդարտ չեն մնար, ընդհակառակը վերջերս ընդդէմ Նահապետին իրենց կամքով իրենց եպիսկոպոս Աղեքսանդր Վարդապետ մը. մտերիմ գործակից մը Ստեփանոսի. եւ մեծ փառօք զինքը գահ բարձացուցին, այնպէս որ հիմա Ջուղայի բնակիչք ոչ միայն Հռովմայ եկեղեցիէն բաժնուած են, այլ նաեւ իրենց պատրիարքէն (հայրապետ) ալ։ Ասիկա պատահեցաւ Յունուար ամսուն (1699)»։

  Հակառակ ասոր սակայն Էջմիածնայ եւ Նոր Ջուղայի յարաբերութիւններ հանդարտ մնացին մինչեւ Նահապետի մահը։ Ասիկա կ՚ապացուցանէ որ հասկացողութիւն մը կար։

«Հասկ», 1959, թիւ 5, Մայիս, էջ 189-195։