Նիւթեր Աղեքսանդր ջուղայեցիի կենսագրութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. Վկայաթուղթ։

«Երանաշնորհ Տեառնդ իմոյ, Աղեքսանդրոսի եւ Սիրելի Եղբարցդ իմոց եւ Ա[ստուա]ծաբան վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տ[ա]ցդ՝ Մովսէսի եւ Յովսեփայ. Մեր աչաց լոյս մեծապատիւ Պ[ա]ր[ո]ն Քալանթար Աւետիդ, եւ իշխանաշուք Պ[ա]ր[ո]ն Սահակին. եւ այլ Դօլուաթաորացն ամենեցուն Մեծի եւ փոքու։ Բազում խոնարհութ[եամ]բ եւ Աղերսանու էր աղաչանօք ծանուցումն լիցի ձեր հրամանացն։

Մեք երկրաժողով ամենեքեան ի Ղռխ Պուլաղն էաք՝ ձեր գիրն եհաս առ մեզ՝ զոր ընթերցեալ յոյժ ուրախացաք։ Ապա Քալանթարին կողմանէ որ Հոգեւոր Տէրն Մահսար է արարեալ յոյժ վրդովմունք եղեւ. ամենեքան մեզ մեղադրեցին. թէ մեր Դօլուաթլու (վեց կէտի տեղ պարապ) եւ թէ մեծամեծքն ամ[ենայն]. թէ թուրքերն եւ եթէ Հայքն. իբր թէ այս պէհասապ հարզաքարութի[ւն]ս մեք արած լինիմք՝ զոր ոչ ոք գիտէ ո[ր]պ[էս] Ա[ստուծո]յ յայտ է։ Թէ Հոգեւոր Տէրն ձեր հրամանացն Քալանթարին կողմանէ գիր է գրեալ՝ կամ այլոց Մահսար է տուեալ ինքն իւրովի ծածուկ պէհսապ է արարեալ, մեք երկրովի մեր Քալանթարին ըռազի եմք։ Մեք լուաք թէ Հոգեւոր Տիրին հետ հայերէն մահսար է եղեալ մեր երկրէս. այն մահսարին գլխի ծանուցումն կըտրեալ են՝ որիշ թուղթ են կըպցրեալ՝ եւ բանտն մօհրեալ ըստ իւր[եան]ց մոթլապին Քալանթարութե[ան] կողմանէ գրեալ են, մեզ եւ երկրիս ամենեւին խապարութի[ւն] չկայ։ Զայն մահսարն թէ դուրս գայ ի տեղդ՝ սուտ է եւ մախիլայ։ Խնդրեմք ձեր հրամանացէն որ մուղիաթ կենայք որ ուրիշ ատուաթ չլինի։ Ա[ստուա]ծ մեր դօլուաթլու Խանին մին օրն ռ. [1000] անէ. եւ մեր թաք ու պարծանք Քալանթարն զօրաւոր եւ փառաւոր պահեսցէ։ Հալպաթ է հալպաթ այդ մախիլայ բանդ խաբանէք որ մեզ ղապուլ չէ. քանզի յոյժ վզանկեալ խոշտանկեցաք զոր ոչ է պարտ զիսկութի[ւն] իրին բացայատել. այլ խորին խոհեմութե[ան] ձերոց եւ յանձն առնել զիմացուածս գրուածոցն զոր կրեցաք։ Քանզի անտերունչ գոլով յամ[ենայն] կողմանց սասանեալ տկարացաք. սակս որոյ աղաչելով հայցեմք Ամենեքան թէ եկեղեցականք՝ եւ թէ աշխարհականք. փութով յօգնութեան հասանել եւ հայրախնամ ձեռնտութ[եամ]բ զբազմավաստակ նեղութիւն գլորմանս մերոյ փարատել։ Ահա ամ[ենայն] որպիսութի[ւն] տեղոյս ձեր հրամանուցն բացայայտ է. թէ խանին գրերովն զոր ի ձեռն չափարին եւ թէ հասարակաց Մահսարովն զոր գալոց է. Մայր հաւատոյ Ս[ուր]բ Աթոռս որբացեալ որդովք իբրեւ այրի լցեալ տրտմութ[եամ]բ՝ միշտ ցերեսս հարազատ որդոյդ հայի, ջանացարուք յօգնելն, Քանզի յոյժ սգաւորեալ արտասուահեղ աղաղակէ եկայք ո՞վ հարազատք իմ եւ ուղիղ ճանապարհաւ, ս[ուր]բ պատուիրանապահութ[եամ]բ զիզ ըսփոփեալ մխիթարեցէք, Նաեւ ի փայեկէդ ունիք գիտել զլրբութիւն ումեմն անզգ[ա]մին զոր ոչ է պարտ երկարեալ այլ լռութ[եամ]բ փառս մատուցանել երկնաւոր թագաւորին Ք[րիստոս]ի Ա[ստուծո]յն մերոյ. շատ նեղութիւն մեզ հասոյց, թէ մեզ եւ թէ ս[ուր]բ տանս կամք ձեր հրամնացն է։

Դ[ա]րձ[եա]լ մաղթանօք խնդրեմք ի ձենջ ամենեքեանս սկս[եալ] դիմոսական ծանր եւ զուր վտանկին կողմանէ, որոյ կասկածեն, թէ ս[ուր]բ Աթոռոյս պաշտօնեայքն, եւ թէ վանորէից միաբանքն սրտաթափ կիսամեռ կամք. վ[ա]ս[ն] Ա[ստուծո]յ ամենեքեն դուք յօժար սրտիւ ջանացարուք արմատախիլ առնել զի միանգամայն խաբանեալ բառնայցէք ի միջոյ, եւ բարեաց պատճառ լինելով նորոգութիւն եկեղեցեացն եւ խաղաղութիւն բնակչացն լիցի, որոյ փոխարէն ձեր հրամանուցն ըստ անսուտ խոստմանն իւրոց Տ[է]րն Ք[րիստո]ս կրկնապատիկ ձեզ մատուսցէ ամէն։ Իսկ դուք թագ եւ պարծանք սիրելիքդ մեր՝ ողջ լերուք»։

  Գրեցաւ ի թոին ՌՃԾԴ [1705). ի յամսեանն յօգոստոսի. ի ս[ուր]բ Էջմիածայ հոգաբարձդ Սէվանեցի Մեսրօպ վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տէ, եւ ս[ուր]բ աթոռոյս վաստակաւոր եղբարցէ. ի Մինաս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տէ, ի Մուղնեցի Գրիգոր վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տէ, ի Թորոս պ[ա]ր[ո]նտիրէ, ի Մարտիրոս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տէ եւ այլ միաբան եղբարցէ. Նաեւ Արարատեան երկրիս մելիքներացէ՝ եւ Դօլուաթաւորացէ եւ ամենեցունց։ Է»։

 

Նամակին վարի ծայրը շեղակի։

  «Դարձեալ ծանիք սիրելիք մեր զայս թուղթս յեալախումն գրեց[ա]ք՝ բան պատահեցաւ մնաց ուղորկելոյ՝ այժմս մահսարին՝ հետ յղեցաք առ ձեր հրամանքդ՝ ընթերնուք շեշտակի՝ սորա պատասխանին՝ գրէք՝ որ խանն եւ քալանթարն՝ դիլջամ լինին. Սբ. Աթոռոյս եւ մեզ տիրու[թիւն] անեն՝ ինչպէս գիտէք այնպէս գրեցէք, բաւ է»։ Ունի քսանեւերկու կնիքներ որոնցմէ ոմանք կը կարդացուին «Գրիգոր Վարդապետ», «Կիրակոս Վարդապետ», «Ք[րիստոս]ի ծ[ա]ռ[ա] Թորոս Եպիսկոպոս. ՌՃԼԴ [1685)», «Ք[րիստոս]ի ծ[ա]ռ[ա] Աթանաս վարդապետ», «Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի ծ[ա]ռ[ա] Մարտիրոս վարդապետ ՌՃԾ (?)», «Ք[րիստոս]ի ծ[ա]ռ[ա] Ներսէս վարդապետ ՌՃԽԷ (1698)»,   «Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի ծ[ա]ռ[ա] Մարգարէ վարդապետ. ՌՃԾ (1701)», «Ք[րիստոս]ի ծ[ա]ռ[ա] Առաքել վարդապետ Թվին ՌՃԽԴ (1695)», «Աւետիք վարդապետ», «Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի ծ[ա]ռ[ա] Յ. Ղազար վարդապետ. ՌՃԽԴ (1695)», «Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի ծ[ա]ռ[ա] Մարտիրոս Եպիսկոպոս Էջմիածնեցի ՌՃԼԹ (1690)». մնացեալները չի կրցայ լուծել։ Բոլորն ալ վարդապետի կնիքներ որոնք կ՚երեւայ թէ Էջմիածնայ միաբաններ էին։

Նամակը ստորագրուած Սեւանեցի Մեսրոպ վարդապետէ, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Մուղնեցիէ, Մատթէոսէ եւ Մինաս վարդապետէ եւ Թօրոս Պարոնտիրէ կը խօսի կեղծուած թուղթի մը մասին որ կ՚երեւայ թէ ղրկուած էր Աղեքսանդրի Կաթողիկոսութեան հակառակորդ տարրերէ։ Ստորագրողներէն մին՝ կուսակից Ստեփանոս Ջուղայեցիի՝ Գրիգոր Մուղնեցին է, որ Ստեփանոսի հետ բանտարկուած երեք վարդապետներէն մին ալ էր։ Ան կ՚երեւայ թէ դեռ կը մնար Ստեփանոս - Աղեքսանդրի կուսակիցներուն մէջ։

  Նամակը գրուած է 1705 Օգոստոսին։ Իսկ Նահապետ մեռաւ 1705 Յունիս 13-ին։ Նամակը ուղղեալ է Աղեքսանդր Ջուղայեցիի. Մովսէս Ջուղայեցիի. որ Աղեքսանդրի յաջորդեց Ամենափրկչի վանքին (Նոր Ջուղայու) առաջնորդութեան եւ Յովսէփ վարդապետին։ Նամակը կ՚ակնարկէ առանց անուն տալու, Նահապետի վատ վարչութեան. եւ յոյս ունի որ Ջուղայեցիք պիտի կարենան վանքին վատ տնտեսականը բարւոքել, ըստ իրենց խոստման։

  Աղեքսանդր կաթողիկոս չէ դեռ. սակայն այլեւս տարակոյս չկայ թէ ա՛ն պիտի ըլայ նորընտիր կաթողիկոսը։ Օրմանեան կը գրէ «Էջմիածինի մէջ 1705 Յունիս 13-էն ի վեր դատարկ էր հայրապետական աթոռը…։ Գրեթէ յանկարծ աթոռ բարձրացած կը տեսնենք Աղեքսանդր Ջուղայեցին… կաթողիկոսական օծումը 1706 Դեկտեմբեր 7-ին կը դրուի. բայց կանուխէն որոշուած եւ լսուած եւ ընդունուած պիտի ըլլայ ընտրութիւնը. զի 1706 Դեկտեմբերի 20-ին Կ. Պոլսոյ Հայոց գլխաւորները Աղեքսանդրի ուղղուած նամակ մը կը գրեն. եւ միայն 13 օրերու միջոցը բաւական չէր. որ եղելութեան լուրը Կ. Պոլիս հասնէր, եւ Կ. Պոլսեցիք կարենային այնպիսի ընդարձակ գրուած մը պատրաստել, որուն ներքեւ 448 անձերու կնիքներն են դրուած։ Թէ ժամանակին շփոթութիւնները, եւ թէ հայութեան զանազան մասերուն մէջ տիրող երկպառակութիւնները, յորդորած են անշուշտ Ջուղայեցոց խումբը, որ որչափ ալ յաջողած են իրենց ընտրելին յաղթանակել տալ եւ Էջմիածնի վարչութիւնն իրենց ձեռքը անցնել, բայց չեն ուզած օծման նուիրագործութիւնը փութացնել, այլ ամէն բաժիններու. եւ գլխաւորապէս Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի ալ հաւանութիւնը ընդունիլ։ Հետեւաբար մենք կը միտինք Դեկտեմբերէ երեք ամիսի չափ առաջ 1706 Սեպտեմբերին ընտրական տագնապը լրացած եւ կաթողիկոսը որոշուած ընդունիլ, եւ միայն օծումը մինչեւ Դեկտեմբեր 7-ը յապաղած» (Ազգապատում. էջ 2749)։

  Հաւանաբար Շահ Հիւսէին Սեպտեմբեր 11-ին (1706) վաւերացուց Աղեքսանդրի կաթողիկոս ընտրուիլը։ Վատիկանի դիւանաթուղթերուն SCRITTURE RIFERITE խումբին մէջ կայ Դոմինիկեան Ֆրա Բէթէր Մարթիրի մէկ նամակը Նոր Ջուղայէն Հոկտեմբեր 30. (1706) թուականով ուր կը տեղեկագրէ, Շահ Հիւսէինի Ղօմ ուխտի գացած ատեն «նախ քան քաղաքէն հեռանալը Սեպտեմբեր 11-ին, խալադ (պատւոյ հագուստ) շնորհեց, ըստ պարսկական սովորութեան, Աղեքսանդր վարդապետին, Ջուղայի «եպիսկոպոս», որ ինչպէս գրեցի, մեծ պատրիարք (հայրապետ) ընտրուած էր Էջմիածնի վերջնոյն տեղ, անոր տալով յիշեալ հագուստը եւ մագաղաթ (հրովարտակ) մը՝ վերջերս թագաւորէն ղրկուած՝ զինքը հայրապետութեան մէջ հաստատող, պէտք էր որ թագաւորին ներկայանար ատիկա (հագուստը) հագուած։ Սակայն այս պատիւը ստացած ըլլալով, քանի մը օր վերջ պատուազրկութիւն մը ստացաւ, այսինքն (Սեպտեմբեր) 22-ին արքունեաց գլխաւոր պալատական մը զինքը ոտնծեծել տուաւ, ասիկա պատահեցաւ, որքան որ ես կրցայ ստուգել, որովհետեւ, յիշեալ պաշտօնեան պահանջած էր 500 դահեկան իբր իր վարձքը խալադին եւ հրովարտակին համար որ յիշուեցան։ Աղեքսանդր մերժեր է վճարել, ըսելով որ իրեն տրուած էին Շահէն։ Սակայն այս պատճառաբանութիւնը իրեն արդիւնք մը չտուաւ, երբ ոտնծեծուլէ վերջ, ստիպւեցաւ պահանջուած դրամը վճարել վերստին ոտնծեծուելու սպառնալեաց տակ… եւ քանի մը օր վերջ յիշեալ Վարդապետը ասկէ մեկնեցաւ. ճամբայ ելլելով Հոկտեմբերի 14-ին (1706)»։

  Մտադիր ըլլալով աշխատութեանս վերջը անդրադառնալ Աղեքսանդրի հակալատին պայքարին. առ այժմ կ՚անցնիմ։

Գ. Վկայաթուղթ։ Կոնդակ ի Նոր Ջուղայի դիւան։

 

  «Յ[իսուս[ի Ք[րիստոս[ի Ծ[ա]ռ[ա]յ Տէր Աղեքսանդր Կաթողիկոս ամ[ենայն] Հայոց գիր օրհնութեան… ի վ[ե]ր[ա]յ Պարոն Սէթ աղաիդ, Պ[ա]ր[ո]ն Սաֆրազիդ, Պ[ա]ր[ո]ն Թարխանիդ, Պ[ա]ր[ո]ն Աւետիքիդ, Պ[ա]ր[ո]ն Յակոբիդ, Պ[ա]ր[ո]ն Էմնիազիդ, Աղա Սահրատիդ՝ եւ Ղազարոսիդ, նա եւ որդոց ձերոց եւ դստերցդ, զարմից եւ զաւակաց եւ խօճայ Մինասի։

Ծաներուք սիրելիք մեր ի տ[է]ր զի ահա յետ անջատելոյն մեր ի ձէնչ. որ էր յամսեանն հոգտեմբերի հինգ եւ յաւուրս հնգտեսեան հասաք ի Համադան, եւ անդ մնացաք աւուրս չորս քանզի ոչ ետուն թոյլ գնալոյ, ապա ելեալ գնացաք ի Սաւուղբուլաղ աւուրս երկոտասան, եւ անդի յետ յեօթն աւուր ժամանեալ հասաք ի Դավրէժ եւ արգելին անդ աւուրս եօթն, եւ յաւուրս երկու շաբաթի պահոց Նաւասարդին ելեալ գնացաք ի Դավրիզու ի վերայ վանորէից մերոյ. յաւուրս ութ եւ տասն ժամանեալ յոյժ ուրախութ[եամ]բ եւ բազում ամբոխիւ մտաք ի գրեահրաշ եւ գերահռչակ ս[ուր]բ Գրիգորաշէն Ա[ստուա]ծասէր մայրս լուսոյ եւ ամ[ենայն] եկեղեցեաց կ[ա]թ[ո]ղիկէ Ս[ուր]բ Էջմիածինն, բայց յառաջ քան զայս ի մտանելն մեր՝ յԵրեւան յանդիման եղաք մեծապատիւ խանին, յոյժ սիրով եւ պատուով անասելի ընկալաւ զմեզ՝ ընդ իւր նստուցանելովն, եւ յետ բազում զրուցատրութեան. ասաց գնայ յԷջմիածինն. յետոյ գաս այս փողէրին բանն տեսանեմ. ութ օր էր անցեալ ռամազանն, ասացուք թէ յետ ռամազանին գամք, ասաց բարի է, յետ յետ այսց բանից յաւուրս պահոց յայտնութեան, Դ[ա]րձ[եա]լ եկաք յԵրեւան, կրկին եւ երեքկին քան զառաջինն առաւելի պատուով պատուեաց մինչ քաղցրահամ ըմպելեօք եւ զուարճացոյց։ Նոյնպէս եւ ամ[ենայն] մեծամեծք իւր արարին որոյ տանն որ գնացաք եւ փողի բանն այսպէս տեսաք, որ հազար ոսկի իւր փէշքաշին հետ ուղարկեմք. մնացեալն ի տարելիցն մաֆայաթով (տոկոսով) տամք մինչեւ երեք տարին լցուցանեմք։ Բայց այս խանին սէրն եւ յուսադրութի[ւ]ն. եւ մանաւանդ իւր լաւութիւն ո՞վ կարէ պատմել։ Այսչափ քօմակ որ յետին գնալոցն մօտ նստած էինք ասաց Աթոռակալին. թէ այդ մ[ա]րդտ խոռոմեցիք եւ դուք բերիք. ազաթն լաւ պահեցէք, պատուէր տուք ամենեցուն. սեւագլխաց եւ աշխարհականաց. լաւ ղուլլուղ (ծառայութիւն) անեն եւ ծառայութիւն ապա թէ ոչ վրէժխնդիրն եմ. ըստ նմին կարգի բազում բանք եւս։ Եւ դարձեալ ընդ իս ասէ ինչ բան որ լինի շուտով ինձի արզ արա։ Եւ ապա ասէ խանդաղական դիմօք։ Ես ջրօրհնէք չեմ տեսած, եւ դու եւս նոր ես, պիտի որ ջրօրհնէքն տեղս առնես. եւ մեք ըստ հրամանի ն[ո]ր[ա] արարաք, յոյժ գեղեցիկ եւ փառաւոր, քանզի աշխարհս ժողով եղեւ. Աղուանից կ[ա]թ[ո]ղիկ[ո]սն եւս աստ գալով, որ է եղբօր որդի Սիմոն կ[ա]թ[ո]ղիկ[ո]սին,

Դ[ա]րձ[եա]լ սիրելիք իմ եւ անցկալիք. ոչ ինչ կողմանէ չունիմք պակասութիւն շնորհօքն Ք[րիստոս]ի եւ ձեր տօլվաթէ ամենայն հաստատ է. նոյնպէս եւ մարմնաւոր սեղանն եւ հաստատութիւնն. նա եւ միաբանից բազմութիւնն. սէր եւ հնազանդութիւն որ առ մեզ՝ եկեղեցականաց եւ աշխարհականաց՝ եւ ամենայնն ըստ կարգի է, բայց միայն սէր ձեր տոչորէ եւ խորովէ զսիրտ իմ, եւ գութ ձեր գալարեցուցանէ զաղիս իմ, եւ ի մտածելն ձեզ՝ այրի զերիկամունս իմ. եւ ոչինչ ունիմ մխիթարութիւն այսքան աղետից եւ տարակուսանաց իմոց…։ Այս պտուղ սրտիս է. եւ գործք ձեռացս զոր ընծայեցի իմոց սիրելեացդ՝ զայտիկար (յիշատակ) ՝ անջինջ. եւ յիշատակ յաւիտեանս այսորիկ, ի ՌՃԾԶ (1707) թուոջ, Յունվար ամսոյ քսան եւ հինգ, ի դրան սրբոյ եւ մեծապայծառ Աթոռոյ Էջմիածնի գր[ե]ց[ա]ւ»։

  Լուսանցքին վրայ «ի դրանէ ս[ր]բ[ո]յ Աթոռոյս Էջմիածնի, եւ ի մէնջ ա[ստուա]ծային սիրով օրհնութի[ւ]ն մատուցէք, մեր մայր եւ քոյր Սարալուէ եւ Թանկ խաթունին, եւ ասացէք ն(ո]ց[այ] իւրեանց գութն եւ սէրն ոչ պակասեցուցանէն ի վանքն եւ Մովսէս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տէն։ Եւ ի վաղջան բանիս. վանքն եւ Մովսէս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տն ձեզ յանձնեցաք եւ զձեզ յԱ[ստուա]ծ»։

  Կոնդակը մանրամասնութիւններ կուտայ մեզի Աղեքսանդրի կաթողիկոսանալով Նոր Ջուղայէն Էջմիածին մեկնելուն մասին։ Չի համաձայնիր Դոմինիկեան Ֆրա Բէթէր Մարթիրի Հոկտեմբեր 30. 1706 թուակիր տեղեկագրութեան. որ վերը տեսանք. ղրկուած Հռովմ. ուր ան կ՚ըսէ «Վարդապետը (Աղեքսանդր] ասկէ (Նոր Ջուղայէն) մեկնեցաւ… Հոկտեմբեր 14ին (1706)։» Աղեքսանդր իր  կոնդակով իսկ կը յայտարարէ որ Հոկտեմբերի 5ին Նոր Ջուղայէն կը մեկնի. եւ «յաւուրս հնգետասան» Համատան կը հասնի ուր կը մնայ 4 օր. ուրեմն մօտաւորապէս Հոկտեմբեր 24ին Համատանէն կը մեկնի եւ 12 օրէն Սաւուղբուլաղ կը հասնի մօտաւորապէս Նոյեմբեր 6ին։ օր վերջ մօտաւորապէս Նոյեմբեր 14ին Դավրէժ կը հասնի ուր կը մնայ 7 օր եւս եւ Նաւասարդի Պահոց Երկուշաբթի օրը կը մեկնի դէպի Էջմիածին. հոն կը հասնի 18 օրէն. ուրեմն Դեկտեմբերի 6ին ատենները կը հասնի հոն՝ եւ 7ին ալ կ՚օծուի։

  Ամէն բան լաւ կ՚ընթանայ։ Աղեքսանդր գոհ է եւ արդէն կը տեղեկացնէ որ Խանին հետ՝ ի Երեւան՝ տեսակցութիւններ ունեցած է. սիրալիր. եւ կրցած են դրամական խնդիրներուն գոհացուցիչ լուծում մը տալ։

  Վերի Կոնդակէն քանի մը օր վերջ կը գրէ յաջորդ կոնդակը։

Դ. Վկայաթուղթ։ Կոնդակ ի Նոր Ջուղայի դիւան։

  «Աղեքսանդր նուաստ ծառայ Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի ողորմութ[եամ]բ եւ շնորհօք նորին Կ[ա[թ]ո[ղ[ի]կ[ո]ս ամ[ենայն] Հայոց առ Ա[ստուա]ծաբան եւ տիեզերալուր՝ վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տ[ա]ցդ՝ Միքայէլի, Յոհանիսի, Յոհաննու, եւ Դաւթի։ Նաեւ ծերագունից քահանայիցդ՝ Տէր Յակոբայ, Մատթէոս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տիդ, Բարսեղ վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տիդ, փոքր Դաւիթ վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տիդ, Տէր Աւետիդ, Տէր Յովաննիսիդ, Տէր Խաչատուրիդ, Տէր Յարութիւնդ եւ այլ միեղէն եղբարց եւ որդոց որ բնակեալ էք ի ս[ուր]բ մենաստանդ։

Ողջոյն հասցէ ձեզ՝ յա[ստուա]ծընկալ Ս[ուր]բ նշանէս, յա[ստուա]ծամուխ ս[ուր]բ Գեղարդէս եւ ի փրկչական ս[ուր]բ պատկերէս. ի ս[ուր]բ մատէն Պետրոսի Առաքելոյս, եւ Յարիստակէսի Աջէն, եւ ի ս[ուր]բ նշխարաց սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց եւ ի սրբոյ լուսաւորչի Աջէս եւ Յաթոռոյս, եւ ի մէնջ… ընդ սիրելի եղբօր մերում Մովսէս վարդապետի. որ նորա լուծն ծանրացաւ առաւել քան զառաւել վասն որոյ կարօտ է օգնականի։ վասն որոյ եւ մեք հրամանաւ ս[ուր]բ աթոռոյս հաստատական կոնդակ գրեալ՝ առաքեցաք Ձեռամբ Պետրոս վարդապետին որ իւր կարգեալ գործոյն հաստատ լինի բարց երկբայութեան։ Սիրելիք զայս եւս յայտնի լինի ձեզ՝ ոչ թէ յանձնէ ինչ շարժեալ՝ գրեցաք կոնդակ։ Այլ ըստ խնդրոյ ժողովրդեանն. որ մինչ մեր այդր գոլով ամենեքեան զայդ խնդրեցին ի մէնջ, Եթէ Ջուղայեցիք, եթէ յԵրեւանցիք եւ Դաշտեցիք. եւ մանաւանդ Սարեցիք. եւս նոքօք գայաք ամենեքեան զնոյնն խնդրեցին։ Վասն որոյ եւ մեք ըստ կամաց նոցա արարաք եւն… ՌՃԾԶ (1707) թուոջ. եւ յամսեանն յունվար քսան եւ յեօթն ի դրան Սրբոյ եւ մեծապայծառ Աթոռոյս Էջմիածնի գր[ե]ցաւ»։

  Այս երկու կոնդակներուն մէջ ալ յիշուած վանքը կամ մենաստանը Նոր Ջուղայի Ամենափրկչի վանքն է. որուն առաջնորդն էր Աղեքսանդր նախ քան Կաթողիկոս օծուիլը. եւ այժմ իր տեղ անցեր է Մովսէս. որ նոյնպէս կը յիշուի երկու կոնդակաց մէջ ալ։

Ե. Վկայաթուղթ։ Կոնդակ ի Նոր Ջուղայի դիւան։

  «Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի ծառայ Տէր Աղեքսանդր Կաթողիկոս առ Պ[ա]ր[ո]ն Սաֆռազիդ եւ ծ[ա]ղկ]եալ որդ[ւո]ց ք[ո]ց ի Ք[րիստո]ս։ Զի ահա քո հրամանուցդ մէկ հատ բասմայ Յայսմաւուրք առաքեսցի ձեռամբ Նազարէթի որդի Պարոն Հերապետին։ Եթէ կազմած յայսմաւուրք չողարկելոյս կողմանէ հարցանես, պատճառն այս է։ Նորա համար տէտր ուղարկեցի. որ քոյին ձեռօքդ տացես Փալանտուզենց Տէր Մկրտչին եւ հարկ դիցես ի վերայ նորին. որ լաւ աշխատանքօք ն[ա]ղշտէ, կոկէ եւ կազմէ. որ եւ եղիցի յիշատակ հաստատուն յաւիտեանս յաւիտենից կենդանեացդ քոյ՝ եւ ննջեցելոցդ ՌՃԾԶ (1707) թուոջ հոգտեմբերի ամսոյն հինգ ի դրան սրբոյ եւ լուսազարդ Աթոռոյս Էջմիածնի»։

  Կոնդակին վարի անկիւնը Աղեքսանդրէ ինքնագիր. «Դ[ա]րձ[եա]լ սիրով եւ ա[ւր]հնու[թեամ]բ ծանիր. սիրելի որդի եւ հոգի իմ Պ[ա]ր[ո]ն Սաֆրազ. այս յայսմաւուրքն ուղարկեցի. բայց ոչ կազմեալ. քո արեւն լաւն անկազմն համարեցայ, որն շօշտել եւ կազմել տաս յ[ա]ւ[ի]տ[ե]ն[ա]կ[ա]ն յ[ի]շ[ա]տ[ա]կ լիցի քեզ եւ քոյոյցն ամ[ենայն]ի. Բեղլուին Գ (3) թուման յորժամ նուիրակութեան գայ, առնում ուղարկեմ, ողջ լեր ըս[դ] քո խնդրոյն ձեռամբ իմով գրեցի»։

  Ղրկուած Յայսմաւուրքը. անկազմ. «պասմա» այսինքն տպագրեալ. անտարակոյս մէկ օրինակն էր Կ. Պոլիս ՌՃԾԵ (1706)ին Գրիգոր դպիր Մարզուանցիէ տպուած Յայսմաւուրքին. որ մեր մօտ Յայսմաւուրքի տպագրութեանց առաջինն է։ Կոնդակէն կը սորվինք որ Նոր Ջուղա այդ ատեն կը գործէր Մկրտիչ քահանայ Փալանտուզենց. իբր ընտիր կազմող. եւ ըստ երեւոյթի ալ ծաղկող։

  Վերի կոնդակէն հազիւ ամիս մը վերջ. եւ մասամբ Յայսմաւուրքին վերաբերող երկրորդ կոնդակ մը կը գրէ Պարոն Սաֆրազին։ Յաջորդիւ այդ կուտամ։

Զ. Վկայաթուղթ։ Կոնդակ ի Նոր Ջուղայի դիւան։

  «Յ[իսուս]ի Ք[րիստոս]ի ծառայ Տէր Աղեքսանդր կ[ա]թ[ո]ղ[ի]կ[ո]ս առ Պարոն Սաֆրազիդ, եւ քո ծաղկեալ զարմից եւ զաւակաց ամենեցուն խնդալ տ[է]ր Ամէն։

Հոգեւոր որդի իմ եւ հոգի Պարոն Սաֆրազ, ահա Տէր Խաչատուրին առաքեալ զադն կատարեալ գրածիդ մօհճպով մեզ եհաս սաղ ու սալմաթ որ մէկ թաս եւս ոչ էր բեկեալ ապա մեխակն ոչ կայր չգիտեմ տեղդ էր մոռացեալ, թէ ճանապարհն ղաթրչիքն էին գողացեալ։ Այլ զի՞նչ եւ իցէ տունս պայծառացուցիր չինով ոչ միայն մեք վայելեցաք ի բարութե[ան] քում, այլ եւ բազումք եպ[իսկոպո]սք եւ վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տք մեծամեծք, եւ այլ տեղաց Առաջնորդք որք պատրաստ կային ասդ, ամենեցուն մասն եւ բաժին շնորհեցաք. այսինքն մէկ մէկ սաղն. մէկ մէկ գաւաթ. մէկ մէկ նալպաքի մէկ մէկ թաս, զոր առեալ օրհնեցին զարեւ քո եւ որդւոց քոց, եւ զողորմիս ասացին ծնողաց քոց։ եւն։

Դարձեալ ծանիր սիրելի իմ, Բ (2) ամսով յ[ա]ռ[ա]ջ քան զայս թուղթ մի եւս եմ գրեալ հրամանացդ, եւ այսմաւուրք մի առաքեալ ձեռամբ Ղալտում Յունանին. եւ Մակարենց Նազարէթին որդի Յերապետին որ բերեն հրամանացդ հասուցանեն անկազմ. [ո]րպ[է]ս եւ յառաջ գրեալ եմ տուր Փալանտուզենց էրէցն նշօշտէ, կոկէ, եւ յ[ի]շ[ա]տ[ա]կ[արա]ն գրէ եւ կ[ա]զմէ։ իմ համաշունչ եւ հոգեշունչ ձեր Առաջնորդ՝ Մովսէս վ[ա]րդ[ա]պ[ե]տն, իւր առաջնորդու[թ]ե[ան] առաջին նասաղն ի վ[ե]ր[ա] ս[ուր]բ Էջմիածնայ. եւ ի վ[ե]ր[ա] մեր եցոյց. որ մեր մեռոնն եւ նուիրակն խափանեաց այնպիսի մարդոյ խօսիւք որ նուիրակութե[ան] զադ տուող չեն պատճառն այս։ Թէ Գ (3) տարի մէկ պիտի նուիրակութեան մէկն պիտի զնոսա հարցանէ թէ հեռու որ նուիրակ էր ինչ ես տուած, կամ թէ Գ. (3) տարին գիտես, ԺԵ. (15) տարի որ նուիրակ չես տուած. քանի Գ (3) տարի է. զայն ոչ գիտեն։ Ես իմ եղբայր Մովսէս վարդապետին գրեալ եմ։ Քո հրամանաց եւս գրեցի դու եւս վկայ լինիս. որ ես որքան կենդանի լինիմ եւ կ[ա]թ[ո]ղիկոս, Ջուղայու միռոնն ձրի առաքեմք որ այնպ[ի]սից մարդոց սիրտն խօշ լինի թէ մեր արդիւնքն Էջմիածին չի մտաւ։

Ա[ւր]հ[ն]ութի[ւն] եւ պահպանութի[ւն] եղիցի վ[ե]ր[ա]յ Պ[ա]ր[ո]ն Սէթ աղէ, եւ որդւոց իւրոց Պ[ա]ր[ո]ն Թարխանին, Պ[ա]ր[ո]ն Աւետիքին, Պ[ա]ր[ո]ն Յակոբին, Պ[ա]ր[ո]ն Էլիազին, եւ աչացս լուս Էմնիազին, Վարոսին, եւ աղայ Սահրատին, Սարալուէ՝ Թանկ Խաթունին եւ այլոց բոլոր Խօճայ Մինասին զարմից տոհմից եւ զաւակաց ամենեցուն։ Գրեցաւ ի Ս[ուր]բ Աթոռս Էջմիածին ՌՃԾԶ (1707) թուին Դեկտեմբեր ամսոյ Դ (4)»։ (Կոնդակ Նոր Ջուղայի դիւանէն)։

  Կոնդակը բաժանուած է իրապէս երեք նիւթերու։ Ասոնցմէ առաջինը կը յիշէ Պարոն Սաֆրազ Նոր Ջուղայեցիէ ստացուած ճենապակեայ ամաններու եւ թասերու անվտանգ ստացուած ըլլալը։ Կը յիշուի անոնց բաժանումը մեծամեծներու, եպիսկոպոսաց եւ վարդապետաց, ինչպէս զանազան շրջաններու առաջնորդաց։ Ասիկա իր կարգին փոքր նպաստ մըն է ժամանակուան նիստուկացին համար։

  Կոնդակին երկրորդ մասը կը խօսի ղրկուած անկազմ Յայսմաւուրքի մասին։ Դարձեալ Փալանտուզենց քահանան կը յանձնարարուի հատորին կազմութեան համար, ինչպէս նաեւ յիշատակարանին գրուելուն համար։ Յաճախ տպագիր հատորներ ալ կ՚ունենային յիշատակարանէն զատ, ստացողէն յիշատակագրեալ։

  Կոնդակին երրորդ մասը կը վերաբերի սխալ հասկացողութեան մը զրկուած միւռոնի եւ այդ առթիւ ստացւելիք դրամին։ Դժբախտաբար աւելի ծանօթութիւն մը չունիմ։

«Հասկ», 1959, թիւ 6, Յունիս, էջ 241-246։