Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՖՐԱ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՋԵՆՑԻ
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ԲԱՋԵՆՑ` ԸՆՏՐԵԱԼ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսը` Մատթէոս Էրազմոս, որ 1607 թուականէն սկսեալ կը վարէր իր հօտը եւ վանքերու առաջնորդութիւնը, ծերացած ըլլալով, 1624-ին Ուրբանոս Ը պապէն իրեն օգնական կը տրուի Չիտտադինի` Միրայի արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսով, բայց իր Աթոռը հասնելէ առաջ կը վախճանի Հնդկաստանի մէջ 10 Դեկտեմբեր, 1629-ին: Մինչ այս, 9 Յուլիս, 1627-ին Նախիջեւանի մէջ կը վախճանի Մատթէոս արքեպիսկոպոս, եւ Խօշկաշէնի սուրբ Ստեփաննոս վանքին մէջ  գումարուած ժողովով իբր առաջնորդ եւ հովիւ կ՚ընտրուի ֆրա Օգոստինոս Բաջենց: 7 Նոյեմբեր, 1627 թուակիր նամակով, ուղղուած Ուրբանոս Ը պապին, ժողովականները կը գրեն. «Մեք Նախիջեւանայ երկրիս ժողովուրդս, ոչ կամենալով մնալ առանց հօվ[ու]ապետի ի մէջ անօրինաց եւ հակառակորդաց, զի մի գիշատեալ լիցուք ի հերձուածողաց, այլ ժողովեցաք միաբան ի գիւղն Խօշկաշէն... միագումար ժողովեալքս ընտրեցաք պատրի Օգոստինոսն մեզ ի առաջնորդ եւ հօվուապետ» [1]:

Օգոստինոս Բաջենց, դեռ  եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն չստացած, կը ջանայ կազմակերպել իր հօտը ու սրտին մօտիկ կղերանոցը: Փորձով համոզուած, որ իրեն կրօնակից դոմինիկեաններէն պիտի չկարենայ գտնել յուսացած օգնութիւնը, աչքերը կը դարձնէ սուրբ Փրանկիսկոս Ասսիզացիի որդիներուն` հրաւիրելով զիրենք Նախիջեւան, մատնանշելով գործի ասպարէզը:

1629-ի Նոյեմբեր ամսուն Օգոստինոսը կը գտնենք Հալէպ` դէպի Հռոմ  ճամբուն վրայ: 12 Նոյեմբեր, 1629-ին Հալէպի փրանկիսկեան միսիոնարներու մեծաւորը` ֆրա Ճիովաննի Քրիզոսդոմոյ, ՀՍ-ի Ժողովին կը գրէ, թէ իրենց մօտ կը գտնուի ֆրա Օգոստինոս Բաջենց, որ կը փնտռէ եւրոպացի կրօնաւորներ, որպէսզի Հայաստան երթան քարոզութեան. «Մենք լսեցինք այս եպիսկոպոսին ըսածները եւ, տեսնելով եռանդը, լեցուեցանք խանդավառութեամբ երթալու եւ քարոզելու. ես իսկ անձամբ պատրաստ եմ երթալու, իսկ իմ միաբանակիցներս, աւելի եռանդուն ըլլալով, պատրաստ են ճամբայ ելլելու: Ուրիշ անգամներ ալ մեզմէ խնդրեց օգնականներ, որոնք պատրաստուեցան եւ ուղղուեցան Պարսկաստան, փոխանակ Հայաստանի» [2]: Գրեթէ նոյն այդ օրերուն ՀՍ-ի Ժողովին կը հասնի երկրորդ նամակ մը` 12 Դեկտեմբեր, 1629 թուակիր` գրուած Երուսաղէմի փրանկիսկեաններու վանահայր ֆրա Տիէկոյ Տա Սանսէվերինոյէ, որ նոյնպէս կ՚իմացնէ, թէ Ապարաներէն, այն է` Օգոստինոս ընտրեալ եպիսկոպոսէն, ստացած է հրաւէր` երկու կամ երեք միաբաններու համար երթալու Նախիջեւան, «որպէսզի երիտասարդներու սորվեցնեն լատիներէն, իսկ իր ժողովուրդին ալ` քրիստոնէական վարդապետութիւն» [3]:

1630-ի Յունուար ամսուն առաջին կամ երկրորդ օրը Օգոստինոս Բաջենց Հալէպէն կը մեկնի Հռոմ` հետը առնելով Հալէպի կարմեղականներու մեծաւոր ֆրա Պրոսպէրոյի (dello Spirito Santo) 1 Յունուար, 1630 թուակիր յանձնարարական գիրը [4], ինչպէս նաեւ փրանկիսկեաններու մեծաւոր ֆրա Ճիովաննի Պադդիսդա (di Stigliano) 3 Յունուար, 1630 թուակիրը` ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին` իմացնելով, թէ` «ֆրա Օգոստինոս ուղղուեցաւ Հռոմ, բայց հոս խնդրեց, որ իմ կրօնակիցներէն երկու հոգի Նախիջեւան երթան քարոզութեան, որովհետեւ կարիքը կայ: Կ՚ուզէ անոնց յանձնել իր երիտասարդ կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներու վարժարանը ուսուցանելու համար Սուրբ Գիրք, տեսական ու բարոյական աստուածաբանութիւն. մենք պատրաստ ենք օգնելու: Գրեցի նաեւ Երուսաղէմի մեր վանահօր, որ իր կարգին պիտի դիմէ Ձեզի: Կը խնդրենք Ձեզմէ արտօնութիւն եւ ճանապարհի ծախս» [5]:

ՀՍ-ի 1 Փետրուար, 1630-ի նիստին կը ներկայացուի Օգոստինոս Բաջենցի եպիսկոպոս ընտրուած ըլլալը իր վանականներէն եւ ժողովուրդէն, ինչպէս նաեւ զանազան յանձնարարական նամակներ, ի նպաստ իրեն: Ժողովականները կը մտածեն տալ իրեն «արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի» տիտղոսը` սահմանելով զինքը օգնական Չիտտադինի արքեպիսկոպոսին յաջորդութեան իրաւունքով, քանի դեռ Հռոմ չէր հասած Չիտտադինիի մահուան լուրը [6]:

Միշտ Օգոստինոսի եպիսկոպոսութեան առընչութեամբ ՀՍ-ի 21 Մայիս, 1630-ի նիստին կը կարդացուի Նախիջեւանէն Ուրբանոս Ը պապին ուղղուած 7 Նոյեմբեր, 1627 թուակիր նամակը եւ կ՚որոշուի ներկայացնել հարցը պապին եւ ընդունիլ հաւանութիւնը, որպէսզի Օգոստինոս անուանուի արքեպիսկոպոս Նախիջեւանի` օգնական Չիտտադինիի` յաջորդութեան իրաւունքով [7]: Ունինք անթուական արձանագրութիւն մըն ալ, որու համաձայն` Օգոստինոսի արքեպիսկոպոսութեան վճիռը կը մտածուի Հռոմէն ղրկել Բաբելոնի եպիսկոպոսին, որպէսզի յետ վստահ ըլլալու Չիտտադինիի մահուան Օգոստինոսի յանձնէ վճիռը [8]:

Օգոստինոս եպիսկոպոս Հռոմ գտնուած շրջանին, այն է` Փետրուար-Սեպտեմբեր (1630) ամիսներուն ՀՍ-ի Ժողովին ներկայացուցած է զանազան հարցեր [9], որոնցմէ մեզ կը հետաքրքրէ հետեւեալը: Առաջին` կ՚ուզէր ապահովել իր կղերանոցին նիւթականը, որպէսզի կարենար պատրաստել յաջորդ սերունդներ, թէ' տեղւոյն զանազան վանքերու գոյատեւումին եւ թէ' հաւատացեալներու հոգեւոր հովիւներ հասցնելու նպատակով: Անցեալին, այն է` 1624-1629 տարիներուն, վարժարան-կղերանոցս կանգուն պահելու համար Օգոստինոս կատարած էր դրամական պարտքեր եւ ներկայիս պէտք ունէր շօշափելի գումարներու` փակելու պարտքերը եւ շարունակելու սկսուած գործը: Արդ, այս բոլորը հետեւեալ կերպով կը համադրէ 1 Օգոստոս, 1630 թուակիր խնդրանքով. «Եղբայր Օգոստինոս Բաջենց կը յիշեցնէ Ձեզի, թէ Գրիգոր ԺԵ պապին ժամանակ (1621-1622) որոշուեցաւ 300 սկուդ տալ մեր վարժարանին, որու կը վկայեն Վրաստանի թէատին կրօնաւորները: Կը խնդրեմ, որ մասամբ օգնէք վճարելու պարտքերս: Կը խնդրեմ նաեւ  օգնութիւն, որպէսզի ձիով եւ սպասաւորով մը դառնամ երկիրս, որովհետեւ ճամբան բազմաթիւ են վտանգները» [10]: ՀՍ-ի 5 Օգոստոս, 1630-ի նիստին կը մերժուի Օգոստինոսի խնդիրքը, որովհետեւ 10 Յունուար, 1623-ի նիստի վճիռին համաձայն` Սուրբ Ժողովը արդէն իսկ տարեկան 150 սկուդ սահմանած էր տալ Ալինճայի վարժարանին: Եւ որովհետեւ Օգոստինոս դիմում կատարած ըլլալու է նաեւ ստանալ դրամական օգնութիւն Ալինճայի մէջ նոր եկեղեցի մը շինելու համար, այս խնդրանքին ալ կը տրուի մերժողական պատասխան, «որովհետեւ արդէն բաւական գումար կը տրուի այդ առաքելութեան» [11]:

Բացի կղերանոցի մտահոգութենէն, ֆրա Օգոստինոս ունէր նաեւ ուսուցիչներ հայթայթելու հոգը: Տեսանք արդէն, որ Հռոմ ժամանելէն առաջ Հալէպի մէջ դիմեց փրանկիսկեաններու` խնդրելով անոնց օժանդակութիւնը: Անոնք, առնելով ՀՍ-ի Ժողովին հաւանութիւնը, Հալէպէն կը մեկնին Նախիջեւան. բայց ՀՍ-ի Ժողովը 15 Յունիս, 1630-ի նիստով Հալէպի փրանկիսկեաններու Հայաստան մեկնելու հրամանը տալէ առաջ, որպէսզի չկորսուի խաղաղութիւնն ու ներդաշնակութիւնը առաքելութիւններու մէջ, կ՚ուզէ լսել Հռոմի դոմինիկեաններու ընդհանրական մեծաւորին կարծիքը, թէ արդեօք հաւա՞ն է տարբեր կրօնաւորական կարգերու օժանդակութեան [12]:

Օգոստինոս Բաջենց, Հռոմի մէջ տեղեակ չըլլալով Չիտտադինիի մահուան ու գիտակից, թէ ինք լոկ անոր օգնականի տիտղոսը կը կրէր եւ ոչ թէ թեմին ամբողջական պատասխանատուն, չի ձեռնարկեր աւելիին: Բայց, որովհետեւ Նախիջեւան ապրելով` գիտէր տեղւոյն կարիքները, ու յատկապէս` թէ անհրաժեշտ էր հոն իր ներկայութիւնը, չ՚ուզեր երկարել իր օրերը Հռոմի մէջ: 11 Յունիս, 1630-ին Ուրբանոս Ը պապին կը ներկայացնէ հետեւեալ խնդրագիրը. «Օգոստինոս հայ դոմինիկեանը, որ եպիսկոպոս ընտրուած է իր կղերէն եւ ժողովուրդէն [Հռոմի մէջ] կ՚ընդունի նամակներ իր հաւատացեալներէն եւ որով կ՚ուզէ փութով դառնալ իր երկիրը: Հոն մեռած են չորս քահանաներ, իսկ մնացած տասը քահանաները ունին հոգը 15. 000 հաւատացեալներու, որոնք ցրուած են հինգ նահանգներու մէջ: Կը խնդրեմ, որ յաջորդ ժողովին կարդինալ Բորկէզի փութացնէ իմ հարցս: Եւ որովհետեւ Հայաստանի մէջ կը տիրէ մահը, կը խնդրեմ օրհնութիւնդ» [13]:

ՖՐԱ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ

1630-ի Օգոստոս ամսուն կէսին ֆրա Օգոստինոս եպիսկոպոս Բաջենց Հռոմէն կ՚անցնի Նափոլի, ուր կը գտնէ ֆրա Յակինթոս Սուպիանի անունով իտալացի դոմինիկեան մը` տրամադիր երթալու Նախիջեւան` իբր միսիոնար, ծանօթ միայն իտալերէն եւ լատիներէն լեզուներուն, տրամադիր սորվելու նաեւ հայերէնը: Օգոստինոս 23 Սեպտեմբեր, 1630 թուակիրով կը խնդրէ ՀՍ-ի հաւանութիւնը, որպէսզի զինքը հետը տանի Նախիջեւան, ապա Կաֆա առաքելութեան ղրկելու համար [14]:

Հոկտեմբեր 1-ին արդէն իսկ Մեսսինա է, ուր ժամադրուած էր երկու թէատին կրօնաւորներու` Յովսէփ Ճիուդիչէ եւ Արքանճէլոյ Լամբերտիի հետ: Հոկտեմբեր ամսուն մէջ Օգոստինոս եպիսկոպոս Մեսսինայէն գրած է վեց նամակ, իսկ Նոյեմբեր ամսուն Մալթայէն` երկու նամակ [15], որոնք կը շօշափեն հետեւեալ նիւթերը.

ա. Աղերսագիրը, որ ներկայացուցած էր Ուրբանոս Ը պապին, նկատմամբ Նախիջեւանի ուրացող քրիստոնեաներուն, կը յիշեցնէ, որ պապին կողմէ գրուի նամակ Պարսկաստանի Շահին` առաջքը առնելու այս անպատեհութեան:

բ. Մեսսինայի մէջ Օգոստինոս կ՚իմանայ Չիտտադինի եպիսկոպոսի մահը, որու օգնական սահմանուած էր ինք: Այս լուրը առնելով` «շատ ցաւեցայ, որովհետեւ պարտքեր ըրած էի եւ կը յուսայի, որ ինքը պիտի վճարէր: Պարտք ըրած էի կղերանոց հիմնելու համար, առանց որու չէ կարելի ձեռնադրութիւններ կատարել ու քարոզել: Ուստի անգամուան մը համար կը խնդրեմ 500 սկուդ, նոյն եպիսկոպոսին թողած դրամէն, որպէսզի չստիպուիմ ծախել եկամուտի ինչքեր, որոնք կը ծառայեն աշակերտներուս ապրուստին»: Այս նոյն գաղափարը կը կրկնուի զանազան նամակներու մէջ` ուզելով գիտնալ, թէ ինչ վախճան պիտի ունենայ Չիտտադինիի թողած ահագին գումարը, եւ թէ թողա՞ծ է կտակ, եւ ի՞նչ է մեր բաժինը: Կ՚ուզեմ գիտնալ Չիտտադինիի կտակին մասին, որովհետեւ չափազանց զգացուեցայ` անոր մահը լսելով. յոյս ունէի, որ գար եւ օգնէր այդ քրիստոնեաներուն»: Նոյն այս հարցը Օգոստինոս կը գրէ նաեւ պապին, թէ «քահանաներ պատրաստելու համար հիմնեցի կղերանոց եւ 500 սկուդ պարտքի դրամ առած եմ` յուսալով, որ 300 սկուդ ընդունիմ  Սուրբ Աթոռէն, ինչպէս սահմանած էր Գրիգոր ԺԵ պապը: Եօթը տարի անցաւ, եւ 150 սկուդէն զատ ոչինչ տրուեցաւ ինծի: Եթէ հրահանգ չտաք, որ վճարուի ինծի այդ գումարը, պիտի ստիպուիմ ծախել վանականներու եկամուտի ինչքերը, մանաւանդ որ Չիտտադինի Հռոմ ղրկած է ահագին գումար նոյն այս նպատակին համար» [16]:

Օգոստինոս եպիսկոպոս, յուսալով, որ իր կատարած դիմումներուն եւ յաճախակի նամակներուն ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ անմիջական, ցուցմունքներ կ՚ընէ, թէ իրեն համար սահմանուած գումարը ինչ ձեւով ղրկուի իրեն ապահովագոյն կերպով ստանալու համար: Կը թելադրէ, որ Վենետիկի ճամբով գումարը փոխանցուի Հալէպ` վենետկեցի վաճառական Գասպար Տէլլա Քիէզայի, որմէ կրնար ինքը դիւրաւ գանձել: Սակայն Հռոմ ունէր իր գործելու յատուկ եղանակը. Օգոստինոսի Հոկտեմբեր-Նոյեմբերին գրած նամակները կը զեկուցուին ՀՍ-ի 23 Դեկտեմբեր, 1630-ի նիստին, ու կ՚որոշուի սպասել թէատինեան Հայր Պետրոս Ավիթաբիլէ` Վրաստանի միսիոնարին Հռոմ ժամանումին, որպէսզի Նախիջեւանի առաքելութեան մասին ծանօթութիւններ քաղելէ ետք առնեն հարկաւոր որոշումները [17]: Շուրջ վեց ամիս ետք է, որ ՀՍ-ի 31 Մայիս, 1631-ի նիստին կ՚որոշուի Նախիջեւան ղրկել Պօղոս Պիրոմալլի դոմինիկեանը, որու կը յանձնուի 300 սկուդ վարժարանին համար [18]: Յաջորդաբար պիտի մանրամասնենք այս էջը:

գ. Հռոմէն աճապարանքով մեկնած ըլլալուն համար Օգոստինոս եպիսկոպոս կը խնդրէ, որ ետեւէն հասցնեն իր եպիսկոպոս ընտրուած ըլլալու կոնդակը, պալիումը, Պարսից Շահին ուղղուած նամակը, ինչպէս նաեւ իրաւունք` ընտրելու ինքն իրեն օգնական եպիսկոպոս մը, քանի վախճանած էր Չիտտադինի: Իսկ պապին ուղղուած նամակով` «... այնու, որ մեր հայ ժողովուրդը իր եպիսկոպոսը կ՚ընդունի եպիսկոպոսական թագով ու տարազով, կը խնդրեմ, որ ղրկէք ինծի թագ, շուրջառ եւ եպիսկոպոսական աստիճանի տարազներ, որպէսզի, երբ առանց այս բոլորին մտնեմ ժողովուրդին մէջ, անոնք չկարծեն, թէ պատժուած եմ եւ զրկուած թագէն»: ՀՍ-ի Ժողովը 3 Փետրուար, 1631-ի նիստով կը մտածէ տալ օգնական մը Օգոստինոսի, սակայն խոհեմութեան համար կը մտածէ նախ խորապէս քննել հարցը եւ ապա անցնիլ գործադրութեան [19]:

դ. Յետ զանազան անգամներ յանձնարարելու, որ Հռոմ թողած երեք աշակերտներուն վրայ չպակսի հարկաւոր խնամքն ու գուրգուրանքը, լսելով, թէ Նախիջեւանի մէջ ծայր տուած են պատերազմները, ու իր քահանաներէն ոմանք նահատակուած են, կը ստիպուի կանչել Հռոմ թողած ֆրա Անդրէասը, որու մասին պիտի խօսինք ստորեւ:

Շարունակելով ճամբորդութիւնը` Օգոստինոս եպիսկոպոս թէատին Յովսէփ Ճիուդիչէի եւ Արքանճէլոյ Լամբերտիի հետ Մալթայէն կ՚անցնի Սաիտա եւ Հալէպ, ուրկէ կը գրէ երկու նամակ` 3 Փետրուար եւ 24 Փետրուար թուականներով: Սաիտա հասնելուն, Երուսաղէմի չափազանց մօտեցած ըլլալով հանդերձ` կը զգուշանայ ճամբորդելէ խնայելու համար դրամին. եւ այս առիթով անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Սուրբ Ժողովին` խնդրելով, որ փութացնեն իր եպիսկոպոսական պալիումն ու կղերանոցին համար սահմանուած գումարը [20]:

Տեսանք նաեւ, որ ֆրա Օգոստինոս Նախիջեւանէն Հռոմ ճամբուն վրայ, Հալէպի մէջ, առաջարկեց փրանկիսկեաններուն, որպէսզի, իբր միսիոնար, երթան Նախիջեւան: Տրամադրելի անձերն էին` Fra Giovanni da Fermo, Fra Antonio da Pisticcio եւ անոնց մեծաւորը` Fra Battista da Stigliano: Այս հարցը նիւթ եղած էր ՀՍ-ի 15 Յունիս, 1630-ի նիստին, եւ հաւանաբար, տրուած նաեւ դրական պատասխան: Նոյն այս նիստին մէջ կը համառօտուի Օգոստինոսի տեսակէտը, թէ կը փափաքի այս անձերուն յանձնել վարժարանը (collegio)` պատճառ բերելով, թէ` «Կը նախընտրէ ասոնք, քան [իտալացի] դոմինիկեան միաբանակիցներ, որոնք Հայաստան կը հասնին մեծ ծախսերով եւ հազիւ հասած` իսկոյն կը փափաքին դառնալ Իտալիա» [21]:

Հալէպ հասնելուն, Օգոստինոս կը տեսնէ, թէ փրանկիսկեանները մեկնած են արդէն Նախիջեւան: Գոհունակութեամբ է, որ 24 Փետրուարին (1631) կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովի կարդինալներուն` դարձեալ յանձնարարելով. «Հայաստանի առաքելութեան, բացի սուրբ Փրանկիսկոսի որդիներէն, ուրիշ միաբանութիւններէ քարոզիչներ մի' ղրկէք, քանի անոնք շուտով կը յոգնին այս այգիին մէջ: Փրանկիսկեանները սքանչելի տարրեր են` պատրաստուած թէ' գիտութեամբ եւ թէ' հոգեսիրութեամբ, եւ որով յարմար են մեր առաքելավայրին, մանաւանդ որ` ա. նոյն վախճանը ունեցած են սուրբ Փրանկիսկոս եւ սուրբ Դոմինիկոս. բ. հայ ժողովուրդը, Երուսաղէմ ուխտի երթալով, մտերմացած է անոնց եւ մեծ համարում ունի անոնց վրայ գ. անցեալին այս միաբանութենէն վեց հոգի մարտիրոսացած են, եւ հայերը մինչեւ այսօր անոնց նշխարները կը պատուեն. Յովհաննէս թագաւոր ուզեց թաղուիլ անոնց սքեմով դ. անոնք, բազմաթիւ ըլլալով, Երուսաղէմէն կ՚երթան Հալէպ, Դամասկոս... կրնան հասնիլ մինչեւ Հայաստան: Նկատելի է, որ անոնք հեզ ալ են եւ կը փախչին վէճերէ, ինչ որ կը շինէ ժողովուրդը, փոխանակ աւերելու» [22]:

Օգոստինոս եպիսկոպոս Հալէպէն կը մտնէ Նախիջեւան, հաւանաբար, 1631-ի Ապրիլ ամսուն: 2 Մայիսին գրած է երկու նամակ ՀՍ-ի կարդինալներուն եւ քարտուղարին` միշտ հետապնդելով եւ շեշտելով նոյն կէտերուն վրայ, այսինքն` դրամի պակասը, պարտքերու բարդուիլը` խնդրելով, որ Չիտտադինիի թողած գումարէն գոնէ փոքրիկ մաս մը տրամադրուի իրենց, եւ երկրորդ` թէ սուրբ Փրանկիսկոսի որդիներ, «ղրկուած ինծմէ վարժարանին [collegio] համար, ուրախութեամբ եւ զուարթութեամբ առաջ կը տանին Աստուծոյ ծառայութիւնը` սուրբ Դոմինիկոսի եւ սուրբ Փրանկիսկոսի հոգիի համաձայն» [23]: 23 Ապրիլ, 1632-ին Օգոստինոս եպիսկոպոս կը գրէ գովասանական տողեր, ի նպաստ Padre Antonio di Pisticcio-ի, որ երկու տարի է կ՚աշխատի պտղաբեր կերպով` սիրաշահելով ժողովուրդը [24]:

Այսքան թղթակցութեան արդիւնքը այն կ՚ըլլայ, որ վերջապէս, ՀՍ-ի Ժողովը 7 Օգոստոս, 1631-ի նիստով կ՚որոշէ 150 սկուդ ղրկել Նախիջեւանի վարժարանին [25], ու Օգոստինոսի փափաքին համաձայն` Հռոմէն հրահանգ կը տրուի Հալէպ գտնուող Gaspare della Chiesa-ի` Օգոստինոս եպիսկոպոսի գործակատարին, որ 150 սկուդի գումարը հասցնէ «Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսին, իբր 1631 տարւոյն թոշակ, Հայաստանի վարժարանին համար [la processione del collegio di Armenia], որովհետեւ գումարը չյանձնուեցաւ հայերուն (իմա' Պօղոս Պիրոմալլիի եւ ֆրա Անդրէասի), որոնք Հռոմէն մեկնեցան Հայաստան» [26]:

Հոս կ՚ընդհատենք պատմութեան ընթացքը տեսնելու համար, թէ ինչ կ՚ըլլան Օգոստինոս Բաջենցի Հռոմ թողած երեք աշակերտները, կրկին անգամ դառնալու եւ շարունակելու համար Ապարաների վարժարանի պատմութիւնը` ֆրա Պօղոս Պիրոմալլիի Նախիջեւան ժամանումով:

ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՋԵՆՑԻ ՀՌՈՄ ԹՈՂԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

1630-ին, երբ Օգոստինոս Նախիջեւանէն կու գայ Հռոմ, հետը կը բերէ երեք ուսանողներ` ֆրա Մատաթիա Մուրաքա, ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեան եւ ֆրա Անդրէաս, որպէսզի Հռոմի մէջ կատարեն փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները եւ, ապա դառնալով Նախիջեւան, օգտակար ըլլան կղերանոց-վարժարանին:

Ֆրա Մատաթիա եւ ֆրա Մատթէոս Օգոստինոս Բաջենցի հետ 1630-ին Նախիջեւանէն կը հասնին Հռոմ, ուր կը մնան կատարելու իրենց ուսումները: Օգոստինոս Հռոմէն Մեսսինա հասնելուն, զանազան նամակներով, ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին, միշտ կը խնդրէ ու կը յանձնարարէ, որ խնամք տարուի Հռոմ թողած աշակերտներուն, որոնք իր յոյսն էին Ապարաների կղերանոցի վերածաղկումին համար: 23 Յուլիս, 1630-ի նիստին կը զեկուցուի, թէ երկուքը կ՚ուսանին ՀՍ-ի վճարումով [27]:

Ֆրա Մատթէոս կը բնակի դոմինիկեաններու վանքը` Santa Sabina, բայց որովհետեւ չի գտներ վարժապետ, որ իրմով զբաղի, ՀՍ-ի 1 Հոկտեմբեր, 1630-ի նիստին կ՚որոշուի փոխադրուիլ ուրիշ վանք, ու կը տրամադրուի իրեն չորս սկուդ իտալերէն եւ լատիներէն քերականութեան գիրքեր գնելու համար [28]:

12 Ապրիլ, 1632-ի նիստով կ՚որոշուի, որ երկու հայ ուսանողները փոխադրուին San Sisto, ուր քաջ վարժապետ մը տարուան մը ընթացքին կարող պիտի ըլլար սորվեցնել անոնց չորս տարուան նիւթ` լատիներէն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն, «որպէսզի դառնան Հայաստան եւ ուսուցանեն իրենց եղբայրներուն» [29]:

31 Մայիս, 1631-ի նիստին, երբ կ՚որոշուի, որ ֆրա Անդրէաս դառնայ Նախիջեւան, միաժամանակ կ՚որոշուի, որ ֆրա Մատթէոս իր ուսումները շարունակէ Հռոմ, իսկ ֆրա Մատաթիա երթայ Վիթերբոյ [30]: Ֆրա Մատաթիայի Վիթերբոյ երթալու պատճառը հայերէն լեզուն սկսիլ մոռնալն էր. իսկ Վիթերբոյի մէջ կար հայազգի ուրիշ ուսանող մը` Յովհաննէս-Մկրտիչ (ապագայ դոմինիկեան ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարիոյ) անունով, որ նոյնպէս կը կարօտէր ընկերի հայերէն լեզուն վերյիշելու համար: ՀՍ-ի 23 Դեկտեմբեր, 1631-ի նիստով ֆրա Մատաթիայի կը տրուի 12 սկուդի արտաքոյ կարգի օգնութիւն անձնական ծախսերուն համար [31]:

Այն շրջանին, երբ ՀՍ-ի Ժողովը հետամուտ էր հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան, կը դիմէ նաեւ Վիթերբոյի դոմինիկեան վանքի մեծաւորին, ուր կը գտնուէր նաեւ ֆրա Մատաթիա: Ֆրա Իգնատիոս Ալպէռիչի մեծաւորը 18 Փետրուար, 1632-ին կը պատասխանէ ՀՍ-ի. «Ֆրա Մատաթիա հայը ինծի կը հաղորդէ, թէ Նախիջեւանի եպիսկոպոսական վանքը ունի վուլկադայ Աստուածաշունչը` թարգմանուած հայերէնի մեր դոմինիկեան հայրերէն, գրուած ձեռքով, որու առաջին էջերը եւ գիրերը ոսկետառ են. այսքան կրնամ պատասխանել Ձեր հարցումին» [32]:

1633-ին ֆրա Մատաթիա եւ ֆրա Մատթէոս կը կանչուին Նախիջեւան Օգոստինոս  եպիսկոպոսի կողմէ: Մատաթիա ստացած էր քահանայական ձեռնադրութիւն, իսկ Մատթէոս` միայն կիսասարկաւագութեան աստիճանը [33]: ՀՍ-ի 29 Օգոստոս, 1633-ի նիստին կը տրուի ֆրա Մատաթիայի ճանապարհի ծախսը [34], եւ նա կ՚ուղղուի Նախիջեւան, ուր կը հասնի 1634-ի ամառը [35]: Իսկ ֆրա Մատթէոս երկու տարի յետոյ, այն է` 1635-ին կ՚ուղղուի Նախիջեւան` հետը տանելով նոյն վարժարանին համար ՀՍ-ի կողմէ սահմանուած գումար մը [36]:

Թէեւ Օգոստինոս եպիսկոպոսի դիտաւորութեան մէջ ֆրա Մատաթիա եւ Մատթէոս իրենց ուսումները Հռոմի մէջ աւարտելէ ետք պիտի դառնային Նախիջեւան` օգտակար ըլլալու կղերանոց-վարժարանին մէջ, սակայն այս ուղղութեամբ ոչ մէկ փաստաթուղթ  կը գտնենք, մանաւանդ թէ գրեթէ հակոտնեայ գործունէութիւն ունեցած են երկուքն ալ:

  Հոս, ուզելով շեղում մը կատարել մեր նիւթէն, կու տանք անոնց համառօտ կենսագրական գիծերը` քաղուած նոյն աղբիւրներէն:

Ֆրա Մատաթիա Մուրաքա (եւրոպական ձեւով գրուած` Moracca, Mouraqa, Marasci) 1637-ին կը գտնուի Վարշաւիա, ուրկէ Օգոստինոս Բաջենց 28 Փետրուարին (1637) Ուրբանոս Ը պապին ուղղուած նամակով կը տեղեկացնէ, թէ թուրք-պարսկական պատերազմին 335 քրիստոնեաներ եւ կրօնաւորներ, որոնց մէջ նաեւ ֆրա Մատաթիա, գերի տարուած են [37]: Օգոստինոս եպիսկոպոս, չկարենալով անձամբ Հռոմ այցելել, իր տեղ կը ղրկէ ֆրա Մատաթիա: 7 Օգոստոս, 1637-ին Նափոլի քաղաքէն Hippolita de Cardenas անունով կրօնաւորուհի մը, ինչպէս նաեւ անոր մեծաւորուհի Աբբասուհին, կը փափաքին Հայաստանի դոմինիկեաններուն ղրկել զգեստեղէններ, եւ որով կը խնդրեն տեղեկութիւն ֆրա Մատաթիայէն, որ կը բնակէր Հռոմ` դոմինիկեաններու Minerva վանքը, որպէսզի ապահովագոյն ճամբով կարենան իրագործել իրենց փափաքը [38]:

Ֆրա Մատաթիա Հռոմ գտնուած շրջանին ՀՍ-ի Ժողովին կը ներկայացնէ զանազան աղերսագրեր` խնդրելով «150 սկուդ Հայաստանի վարժարանի համար, 1637 եւ 1638 տարիներուն համար: Կը խնդրէ նաեւ արտաքոյ կարգի օգնութիւն` շինելու վանքերն ու եկեղեցիները, որոնք կործանեցան մեծ պատերազմին, ինչպէս նկարագրած է [Օգոստինոս] արքեպիսկոպոսը իր նամակին մէջ» [39]: Օգոստինոս եպիսկոպոս Լեհաստանէն Սպահան դառնալուն, 21 Ապրիլ եւ 13 Մայիս, 1638-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` խնդրելով, որ ֆրա Մատաթիայի` իբր իր հաւատարիմ ներկայացուցչին, յանձնուին հարկաւոր գումարները Նախիջեւանի առաքելութեան համար [40]:

Հռոմէն ո'չ մէկ գումար կը յանձնուի Մատաթիայի, ո'չ իսկ ճանապարհի ծախսը: Նափոլի հասնելուն, 17 Հոկտեմբեր, 1637-ին կը գրէ երկու նամակ հայերէն լեզուով` ուղղուած ՀՍ-ի կարդինալներուն եւ քարտուղարին:

1642-ին ֆրա Մատաթիա կը գտնուի Պոլիս, ուրկէ կը գրէ 28 Սեպտեմբերին ՀՍ-ի քարտուղար Ինկոլիի, թէ ուղղուած է Քրաքովիա հանգանակելու համար, որպէսզի նորոգուին Նախիջեւանի վանքերն ու եկեղեցիները: Ֆրա Մատաթիայի այս նամակին մէջ ալ, շարադրուած հայերէն, կան լուսաբանութիւններ Նախիջեւանի վարժարանի ՀՍ-ի կողմէ յատկացուած եւ չվճարուած գումարներու մասին [41]:

Ֆրա Մատաթիա 1644-ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն դարձեալ Պոլիս կը գտնենք [42], իսկ 1646-ին Հռոմ է, ուր շարադրած է Կանոնագիրք մը, որու ստորագրած է հետեւեալ կերպով` «Ֆրա Մաթատիայ Ապարանեցի` մեծաւոր Քռնոյ վանքին» [43]:

ՀՍ-ի 5 Հոկտեմբեր, 1646-ի նիստին կը ներկայացուի Նախիջեւանի դոմինիկեաններու մատակարար ֆրա Մատաթիայի խնդրագիրը, ուր կը պահանջուի ՀՍ-ի միջամտութիւնը` գանձելու Հռոմի դրամատունը զետեղուած դրամագլուխի մը 300 սկուդի շահը, ի նպաստ Նախիջեւանի կրօնաւորներուն: Ժողովը հարցը կը թողու Հռոմի դոմինիկեանց ընդհանրական մեծաւորին [44]:

Նոր խնդրագրով մը, որ կը զեկուցուի ՀՍ-ի 15 Հոկտեմբեր, 1646-ի նիստին, ֆրա Մատաթիա կը պարզէ իր փափաքը երթալու Քիւրտիստան` իբր միսիոնար` ղրկուած ՀՍ-ի կողմէ, յայտնելով, թէ 1636-ին, երբ թուրքերը գրաւած են Երեւան քաղաքը, Chiezuchi գիւղէն 25 կաթողիկէ ընտանիք եւ նոյնքան թուով ոչ կաթողիկէ հայեր փոխադրուած են Parthia` Նախիջեւանէն 200 մղոն հեռու, եւ այժմ մնացած են առանց  հովիւի: Իր այս աղերսագրին կը ստորագրեն Հռոմի ազգայիններէն` «Ես` Պալասան Պռուշեցի, վկայեմ վերոյ գրեալ բանին. ես` Ահարոն Փանոսի Ճուղայեցի, վկայեմfi, ես` ֆրա Գրիգորիս Բքէնց Ամիրջանի, վկայեմfi» [45]:

Ֆրա Մատաթիա եւ ֆրա Գրիգոր Բքէնց սահմանուած էին Քիւրտիստանի առաքելութեան: Նախիջեւան հասնելուն, Օգոստինոս եպիսկոպոս ֆրա Գրիգորը կը պահէ իր մօտ ու անոր փոխարէն ֆրա Մատաթիայի օգնական կու տայ ֆրա Պօղոսը: Այս մանրամասնութիւնը ֆրա Մատաթիա 28 Մարտ, 1647 թուակիր նամակով, գրուած Արզրումէն, կ’իմացնէ ՀՍ-ի քարտուղարին [46]:

1647-ի Մայիսին ֆրա Մատաթիա Զմիւռնիա է` ուղղուած դէպի Քիւրտիստան [47]: 25 Օգոստոս, 1650-ին Ջահուկէն ֆրա Պետրոս, ֆրա Թադէոս եւ ֆրա Թոմաս կը վկայեն, թէ ֆրա Մատաթիա, որու միացած էր նաեւ ֆրա Մատթէոս Ապարանեցի Յովհաննէսեան, յաջողութեամբ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը եւ որով ՀՍ-էն կը խնդրեն, որ վճարուի անոնց թոշակը Հռոմ` իրենց ներկայացուցիչ ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի [48]: Ասոնց հակառակ է Օգոստինոս եպիսկոպոս Բաջենցի տուած վկայութիւնը` 10 Սեպտեմբեր, 1650 թուակիր, ուղղուած ՀՍ-ի ժողովին. «Հոս առաքելութեան մի' ղրկէք ոեւէ անձ, որովհետեւ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հռոմ ուսանողները գէշ վախճան կ’ունենան. ոչխար կը ձեւանան ու, հոս գալով, սատանայ դուրս կու գան, ինչպէս են ներկայիս ֆրա Մատաթիա Մօրաքքօ եւ ֆրա Մատթէոս Աւանեսեան, որոնք կը գտնուին Քիւրտիստան, որու ո'չ յարմար են եւ ո'չ ալ բարի բան մը կ’ուզեն ընել» [49]:

Միսիոնարութեան երկրորդ եռամեան աւարտելուն, Մատաթիայի եւ Մատթէոսի կողմէ ՀՍ-ի Ժողովին կը ներկայացուի խնդրագիր` նորոգելու իրենց միսիոնարութեան իրաւունքն ու թոշակը [50]: ՀՍ-ի քարտուղարը, տեղեակ ըլլալով անոնց ընթացքին, 18 Յունիս, 1652-ին ժողովական նիստին կը մերժուի անոնց խնդրագիրը [51]:

Օգոստինոս եպիսկոպոս Բաջենց կը վախճանի 17 Ապրիլ, 1653-ին: Այս առիթով ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարիոյ Նախիջեւանէն կ’ուղղուի Հռոմ ու Վենետիկ հասնելուն, 11 Մարտ, 1654-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին եւ ի միջի այլոց, ակնարկելով եպիսկոպոսութեան թեկնածուներուն` կ’ըսէ, թէ ֆրա Մատաթիա եւ Մատթէոս հերձուածողներու եւ թուրքերու միջամտութեամբ կ’ուզեն եպիսկոպոս ընտրուիլ [52]:

Իսկ ֆրա Մատթէոս Յովհաննէսեան, որ թողուցինք Նախիջեւան, 1646-ին ֆրա Գրիգոր Ծործորեցիի հետ Օգոստինոս եպիսկոպոսի կողմէ կը ղրկուի Հռոմ, ուր խնդրանք կը ներկայացնէ երթալու Քիւրտիստան` իբր միսիոնար [53]: 1647-ի Սեպտեմբերին կը գրէ աղերսագիր մը, որպէսզի ՀՍ-ի Ժողովը միջամտէ ստանալու համար 230 սկուդի շահը Փարմայի դուքսէն, որու քով պահեստի դրուած էր, ի հաշիւ Նախիջեւանի առաքելութեան, 1. 000 սկուդ [54]: 31 Յունուար, 1648-ին ՀՍ-ի ժողովէն կը խնդրէ ճանապարհի ծախս դառնալու համար հայրենիք [55]:

1650-1654 տարիներուն ֆրա Մատթէոս կը գտնուի Քիւրտիստան` իբր օգնական ֆրա Մատաթիայի: 1655-1665 տարիներուն լռութիւն է իր մասին. հաւանաբար կը գտնուի Նախիջեւան: Այնուհետեւ, ընտրուելով Նախիջեւանի եպիսկոպոս, կը մնայ հովուական ասպարէզին մէջ, որու մասին յաջորդաբար պիտի խօսինք:

Երրորդ աշակերտին անունն է ֆրա Անդրէաս Ամբրոսիոսի` եղբայրը ֆրա Յակոբ Յիսուսի Տէ Ամբրօզիօի Կեծկոյ], որ եղբօրը Հռոմ մեկնելուն, 5 Օգոստոս, 1630-ին «Պերսիա»-էն (Պարսկաստան) կը գրէ Հռոմ` դոմինիկեան ընդհանրական մեծաւորին` անկատար ու դժուարահասկնալի գրաբարով` խնդրելով. «Մին լաւ վանքում դիր, որ կռեայեբ [գրաբար] կարդալն սաւորի» [56]:

Օգոստինոս Բաջենց Հռոմէն մեկնելուն, երբ կը հասնի Մեսսինա, կ’իմանայ Զմիւռնիայէն հասնող ուղեւորներէն, թէ քիւրտեր յարձակած են Նախիջեւանի վրայ, ու պարսիկներ դիմադրած ըլլալով հանդերձ` դոմինիկեան միաբաններէն ոմանք մահացած են, եւ թէ Համատանի մէջ սկսած էր թուրք-պարսկական պատերազմը, եւ շատեր` մեռած: Այս կացութեան դիմաց Օգոստինոս եպիսկոպոս կը փոխէ միտքը ֆրա Անդրէասի նկատմամբ ու 28 Հոկտեմբեր, 1630-ին կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին` խնդրելով, որ փութով ճամբայ հանէ տէր Անդրէասը` յանձնելով անոր եպիսկոպոսական իր պալիումն ու Պարսից Շահին ուղղուած կոնդակը [57]:

Ֆրա Անդրէաս առ այժմ կ’ուզէ նուիրուիլ ուսումի, եւ ՀՍ-ի 23 Դեկտեմբեր, 1630-ի նիստին կը շնորհուի իրեն չորս սկուդ` գնելու իտալերէն եւ լատիներէն քերականութեան գիրքեր, ինչպէս նաեւ բառարան մը [58]: Լսելով, որ Օգոստինոս եպիսկոպոս կը փափաքի իր Նախիջեւան վերադառնալը` ֆրա Անդրէաս, փափաքելով շարունակել ուսումը, իր տեղ կ’առաջարկէ Նախիջեւան ղրկել իր իսկ վարժապետը, այն է` Պօղոս Սիտոնացի Պիրոմալլին [59]:

ՀՍ-ի 31 Մայիս, 1631-ի նիստին կ’որոշուի, որ ֆրա Անդրէաս դառնայ Նախիջեւան Պօղոս Պիրոմալլիի հետ, որպէսզի միասին սորվեցնեն տեղւոյն վարժարանին մէջ [60]: 1631-ի Սեպտեմբերի սկիզբը Պիրոմալլի եւ ֆրա Անդրէաս Մեսսինա են, ուր ֆրա Անդրէաս Պիրոմալլիի կը սկսի սորվեցնել հայերէն լեզուն [61]: 1632-ի Յունուարին դեռ Մալթա են, իսկ Ապրիլին հասած են Ջահուկ գրեթէ հրաշքով` կաշառելով շատեր, այնպէս որ Պիրոմալլի կը ստիպուի 189 դահեկան պարտք առնել ֆրա Անդրէասի ծնողքէն [62]: Քանի մը ամիս ետք Ջահուկի մէջ ֆրա Անդրէաս, անհամաձայնութիւն ունենալով Պիրոմալլիի հետ, կը մեկնի Պարսկաստան, ու այնուհետեւ կը կորսնցնենք իր հետքը:



[1]           SOCG, vol. 180, f. 211.

[2]           SOCG, vol. 150, f. 276.

[3]           SOCG, vol. 115, f. 231.

[4]           SOCG, vol. 115, f. 335.

[5]           SOCG, vol. 115, f. 324.

[6]           Acta, vol. 7, f. 11, n. 6, 8.

[7]           Acta, vol. 7, f. 66, n. 10.

[8]           SOCG, vol 390, f. 305. 14 սեպտեմբեր, 1630-ին Ուրբանոս Ը տուած է Օգոստինոս եպիսկոպոսի յատուկ վճիռ` շնորհելով իրաւունքներ վերապահուած դէպքերու առիթով. տե'ս DE MARTINIS, Jus Pontificii, Romae, 1888, vol. I, p. 123.

[9]           21 մայիս, 1630 թուակիր աղերսագիրով մը ՀՍ-ի Ժողովին կը ներկայացնէ հետեւեալը. «Պարսից օրէնքով քրիստոնէութիւնը ուրացող անձը կը դառնայ տէր քրիստոնեայ ազգականներու ինչքերուն: Նմանապէս` պարսիկները կը գողնան քրիստոնեաներու կիները, որոնց ամուսինները յուսահատ` մեզմէ հրաման կը խնդրեն կրկին ամուսնանալու. իսկ մենք իրաւունք չունինք հրաման տալու: Արդ, կը խնդրենք, որ պապը Պարսից Շահին ղրկէ նուէրներ ու նամակ, որպէսզի ուրացող քրիստոնեան տէր չդառնայ իր ազգականներուն ինչքերուն, ապա թէ ոչ, անոնք ալ դիւրաւ կ՚ուրանան իրենց հաւատքը չկորսնցնելու համար իրենց ստացուածքները» (SOCG, vol. 390, f. 182):

[10]        SOCG, vol 390, f. 330.

[11]        Acta, vol. 7, f. 107, n. 9.

[12]        Acta, vol. 7, f. 77, n. 12.

[13]        SOCG, vol 390, f. 306. Օգոստինոս Բաջենց, Սուրբ Ժողովի փափաքին համաձայն, տուած է տեղեկութիւններ Կասպից ծովու շրջակայքը գտնուած 12 գիւղաքաղաքներուն մասին (Acta, vol. 7, f. 67, n. 12):

[14]        SOCG, vol. 6, ff. 66-67.

[15]        SOCG, vol. 64, f. 68, 21; vol. 115, ff. 374-376; vol. 6, ff. 273-274.

[16]        SOCG, vol. 115, f. 374.

[17]        Acta, vol. 7, f. 190, n. 19.

[18]        Acta, vol. 7, f. 733, n. 5.

[19]        Acta, vol. 7, f. 271, n. 10.

[20]        SOCG, vol. 73, f. 196.

[21]        SOCG, vol. 115, f. 312.

[22]        SOCG, vol. 73, f. 229.

[23]        SOCG, vol. 103, f. 258; vol. 149, f. 283.

[24]        SOCG, vol. 103, f. 245.

[25]        Acta, vol. 7, f. 364, n. 34.

[26]        Lettere volgari, vol. 11, f. 117.

[27]        Acta, vol. 7, f. 102, n. 2.

[28]        Acta, vol. 7, f. 139, n. 22.

[29]        Acta, vol. 7, f 302, n. 2; SOCG, vol. 391, f. 102.

[30]        Acta, vol. 7, f. 333, n. 5.

[31]        Acta, vol. 7, f. 163, n. 3; CP, vol 2, f. 32; SOCG, vol. 391, f. 440.

[32]        SOCG, vol. 7, f. 310.

[33]        SOCG, vol. 393, f. 89.

[34]        Acta, vol. 8, f. 293, n. 23.

[35]        Այս մանրամասնութիւնը քաղած ենք Պիրոմալլիի 4 մարտ, 1637 թուակիր նամակէն, ուր կը նկարագրէ իր բանտարկութիւնը, եւ թէ Հայր Մատաթիայի Նախիջեւան հասնելէն հինգ օր առաջ Օգոստինոս եպիսկոպոս հանած է զինքը բանտէն: Այս դէպքը պատահած է 1634-ի ամառը:

[36]        Acta, vol. 10, f. 25. Նոյն ժողովին ներկայացուցած էր հետեւեալ խնդրագիրը. «Սուրբ Ժողովը, վճռած ըլլալով տարեկան 150 սկուդ տալ Հայաստանի դոմինիկեան վանքին մէջ ուսանող աշակերտներուն, կը խնդրուի, որ հաճիք հրահանգ տալ, որ վճարուի անցեալ երկու տարիներու եւ յաջորդող տարուան թոշակն ալ կանխիկ, որովհետեւ Հռոմէն Հայաստան մեկնելու վրայ են մի քանի դոմինիկեան հայրեր: [Այսպէս գործելու] շարժառիթը մեր հեռաւորութեան պատճառով տարուէ տարի չկարենալ գանձելն է, ինչպէս նաեւ ճամբու վտանգներու բազմութիւնը. մանաւանդ որ այլեւս Հալէպ չի բնակիր Սուրբ Ժողովի ներկայացուցիչ Գասպարը» (SOCG, vol. 395, f. 388):

[37]        Օգոստինոս եպիսկոպոս Բաջենց պապին գրելէ երկու տարի առաջ, 2 նոյեմբեր, 1635-ին, երբ Ապարաներէն Erigan անունով հայազգի մը պիտի մեկնէր Հալէպ, գրած է յանձնարարական գիր մը` ուղղուած Հալէպի վեղարաւորներուն` հետեւեալ հետաքրքրական տեղեկութիւնները հաղորդելով. «Առիթ չունեցայ գրելու. այժմ, որ  Erigan քրիստոնեան կու գայ Ձեր մօտ, կը գրեմ. թուրքը եկաւ, Երեւանն ու ուրիշ բերդեր գրաւեց, մեկնեցաւ Թավրիզ: Երեւանի փաշան զինուորներով եկաւ, գերի տարին շատ քրիստոնեաներ` ե'ւ մեզմէ երկու քահանայ, ե'ւ երկու նորընծայ: Մնացինք մերկ, որովհետեւ ամէն ինչ կողոպտեցին: Պարտք ընելով կրցանք ազատել մեր երկու Հայրերը` մին երեք թումանի, միւսը` ութը թումանի. կը մնան նորընծաները, որոնց համար կ՚ուզեն հազար դահեկան, եւ դրամ չունինք: Լուր չունինք Հայր Յովսէփի մասին. թող Erigan Ձեզի պատմէ ամէն մանրամասնութիւն: Գրեցէ'ք մեր խեղճութեան մասին նաեւ Հռոմ» (SOCG, vol. 135, f. 514): Նամակը զեկուցուած է ՀՍ-ի 11 նոյեմբեր, 1636-ին գումարուած նիստին:

[38]        SOCG, vol. 19, f. 69.

[39]        SOCG, vol. 397, f. 89.

[40]        SOCG, vol. 118, ff. 169, 164.

[41]        Պոլիսէն գրած է նաեւ երկրորդ նամակ մը` 2 հոկտեմբեր, 1642 թուակիր, ուր կ՚իմացնէ, թէ ֆրա Յակոբոսի հետ Հռոմ կը հասնի հայ պատանի մը, ու կը յանձնարարէ ընդունիլ վարժարանէ մը ներս (SOCG, vol. 167, f. 29):

[42]        Պոլիսէն fra Giacinto Macri դոմինիկեանը 30 սեպտեմբեր, 1644-ին կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ Հռոմէն առ Պիրոմալլի գրուած նամակը պիտի ղրկէ Նախիջեւան, որովհետեւ ֆրա Մատաթիայէն, որ երկու ամիս առաջ Պոլիս գտնուած է, իմացած է, թէ Պիրոմալլի մեկնած է Ապարաներէն` փախչելով Էջմիածնի վարդապետներէն (SOCG, vol. 170, f. 348):

[43]        SOCG, vol. 65, f. 314. Յիշեալ Կանոնագիրքին առաջին էջը կ’ըսէ. «Այս է մեր կարքին քարոզողաց սրբոյն Դօմինիկոսին պատրի ջէնէրալին, ֆրա Թումաս, թուրքին հրամանքն վասն Հայաստայնոյ ի յերկրին Նախիջեւանոյ, ի գաւառին Էրինջակոյ, ի վերայ կարքին քարոզողաց սրբոյն Դօմինիկոսի, որ այսպէս պահեն կարքին կացուցմունքն, օրէնքն, ինչպէս այս տետրումս հրամայեալ է մեր պատրի ջէնէրալն: Օվ որ ուզի կարդայ, յիմանայ. բաւ է, գրեցաւ Հռումայ` ձեռամբ ֆրա Մաթատիայ Ապարանեցի` մեծաւոր Քռնոյ վանքին»:

[44]        Acta, vol. 17, f. 220, n. 10.

[45]        SOCG, vol. 412, f. 393. Ֆրա Մատաթիա կ’ընտրուի Քիւրտիստանի առաջնորդ: Օգոստինոս Բաջենց 27 ապրիլ, 1647-ին կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին. «Տէր Մատաթէն հասաւ աստ. շնորհ` որ յիշած ես մեզ որբս. եւ խիստ բարի էք արել Գուրըստանոյ ժողովուրդն յիշեցիք` ողորմութիւն առաքելով վասն երկու քահանայի, այսինքն` տէր Մատաթին եւ տէր Գրիքորին. ապա ես յառաջ վեշտասան ամսով իմով աղքատութեամբն տէր Պողոսն Կէծկեցի հետ մէկ սպասաւորի առաքել էի նոքա մօտ. այժմ հօն է, խիստ բարի քահանայ է, ամաց Հէ-ից [77], լաւ քարոզող, տէր Մատաթէն էլ կու առաքեմ մնայ մօտ, դուք այն ռօճիկն, որ խոստացել էք, տարէց տարի առաքեցէ'ք: Տէր Գրիքորն արէք հօտ վասն ուսման, օգն կենաս, որ լաւ լաթին ուսնի» (SOCG, vol. 65, f. 313): Այս նամակը, գրուած հայերէն, Օգոստինոս եպիսկոպոս ստորագրած է եւրոպական տառերով, իսկ Հռոմի մէջ նամակին իտալերէն թարգմանութիւնը կատարած է Կղեմէս Կալանոս (f. 317):

[46]        SOCG, vol. 65, f. 319.

[47]        24 մայիս, 1647-ին Զմիւռնիայէն վեղարաւոր fra Martino di Thiers կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ ֆրա Մատաթիա Մօրաքա հայը մեկնեցաւ քաղաքէն` հրահանգ ձգելով, որ իրեն հասցնենք իր անունով հասնելիք գումարը (SOCG, vol. 175, f. 445):

[48]        SOCG, vol. 292, f. 518.

[49]        SOCG, vol. 292, ff. 297-298.

[50]        SOCG, vol. 292, ff. 252, 257.

[51]        Acta, vol. 21, f. 70, n. 26.

[52]        SOCG, vol. 292, ff. 368+377.

[53]        Acta, vol. 17, f. 570, n. 22; CP, vol. 5, f. 137.

[54]        SOCG, vol. 415, f. 44.

[55]        SOCG, vol. 416, f. 17.

[56]        SOCG, vol. 180, f. 207.

[57]        SOCG, vol. 115, f. 375.

[58]        Acta, vol. 7, f. 191, n. 17.

[59]        SOCG, vol. 391, f. 163.

[60]        Acta, vol. 7, f. 333, n. 5.

[61]        Պիրոմալլի Մեսսինայէն կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին 15 սեպտեմբեր, 1631-ին (SOCG, vol. 6, f. 255):

[62]        SOCG, vol. 140, ff. 315-316.