Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՖՐԱ ԹՈՄԱՍ ՎԻՏԱԼԷԻ ԵՒ ՖՐԱ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ-ԴՈՄԻՆԻԿՈՍ ՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆէՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հռոմի մտահոգութիւնը մէկ էր եւ նոյն նպատակը կը հետապնդէր իր գործունէութեամբ: Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէր կաթողիկէ հասարակութիւն մը. կ’ուզէր նպաստել անոր ծաւալումին, որու գլխաւոր ազդակն էր ապահովել անոր գոյատեւումը նոր սերունդի պատրաստութեամբ: Ահա ասոր համար էր, որ 1623-ին ֆրա Ուրսինոյ Հռոմէն կը ղրկուի Նախիջեւան, ուր տարի մը մնալէ ետք կը վերադառնայ Իտալիա. 1630-ին Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենց կը մտածէ իր կղերանոցին ուսուցիչներ պատրաստել Հռոմի մէջ ՀՍ-ի ծախսով: 1632-ին ՀՍ-ի կարգադրութեամբ Հռոմէն Նախիջեւան կը ղրկուի ֆրա Պօղոս Պիրոմալլի, որ երեք ամիս ետք կը փախչի: Այս բոլորը մանրամասն կերպով տեսնելէ ետք անցնինք յաջորդ հանգրուաններուն:

ՖՐԱ ԹՈՄԱՍ ՎԻՏԱԼԷԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պիրոմալլիի մեկնելէն ետք Օգոստինոս եպիսկոպոս վարժարանին պատասխանատու կը կարգէ ֆրա Անտոն Մադալոնէ, որ հայերէն չէր գիտեր: 19 Օգոստոս, 1632 թուակիր նամակով Օգոստինոս ՀՍ-ի Ժողովէն կը խնդրէ, որ Հռոմէն իրեն օգնական ղրկուի հայազգի ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարեան [1], սակայն չ’ընդունիր նամակին պատասխանը: Տարիներ յետոյ, տեսնելով, որ Հռոմէն ոչ մէկ շարժում կայ, Վարշաւիա գտնուած օրերուն, երբ ֆրա Մատաթիա Մօրաքա կը ղրկէ Հռոմ, Օգոստինոս եպիսկոպոս 27 Փետրուար, 1637-ին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` խնդրելով. «Վասն անուանն Յիսուսի Քրիստոսի, տէր Մատաթին բանն շուտ տեսէք, հետ տէր Ջվան-Դօմինիկօսին առաքեցէք» [2]:

ՀՍ-ի 11 Մայիս, 1637-ի նիստին կը զեկուցուի Օգոստինոս Բաջենցի խնդիրը եւ յետ նորոգելու անոր եօթնամեայ հոգեւոր իշխանութիւնները եւ սահմանելու միւռոնի առաքումը, նկատմամբ վարժարանին, բացայայտ կերպով կ’որոշուի չղրկել 150 սկուդի նպաստը, մինչեւ որ նոյն վարժարանին համար չսահմանուի իտալացի դոմինիկեան մը` իբր ուսուցիչ լատիներէն լեզուին [3]:

Ֆրա Մատաթիա Մօրաքա, Հռոմ հասնելով, դոմինիկեան կարգի ընդհանրական մեծաւորին կողմէ ՀՍ-ին կ’առաջարկէ Ապարաների իբր լատիներէն լեզուի վարժապետ իտալացի ֆրա Թոմաս Վիտալէ` քաջածանօթ նաեւ աստուածաբանութեան եւ ընդհանուր գիտութիւններու, յարմար` ըլլալու դաստիարակ երիտասարդութեան: Ֆրա Մատաթիա ՀՍ-ի Ժողովին կը յիշեցնէ, թէ նոյն վարժարանին համար պէտք է ղրկուի նաեւ 150 սկուդի թոշակը, ինչպէս նաեւ ապահովուի նոր միսիոնարին ճանապարհի ծախսը [4]:

22 Յունիս, 1637-ի նիստով ՀՍ-ի Ժողովը կ’ընդունի եղած առաջարկը եւ ֆրա Վիթալէի իբր ճանապարհի ծախսը կը սահմանէ 50 սկուդ [5]: 28 Օգոստոս, 1637-ին ֆրա Վիտալէ կը ներկայացնէ խնդրագիր [6] ` ունենալու պապական յանձնարարական նամակ` ուղղուած Պարսկաստանի Շահին. նոյն նիստին արձանագրութիւնը կ’ըսէ, թէ նման պարագաներու միշտ տրուած է այդ յանձնարարական նամակը [7]:

ՀՍ-ի 22 Սեպտեմբեր, 1637-ի նիստով Նախիջեւանի վարժարանին համար կը վճռուին հիմնական սկզբունքներ, առաջքն առնելու համար նախկին անյաջողութիւններուն. այն է`

ա. Նախիջեւանի վարժարանին տեսուչն ու վարժապետը պիտի ըլլայ իտալացի դոմինիկեան մը.

բ. նոյն տեսուչը, նշանակուած ըլլալով Սուրբ Ժողովէն եւ դոմինիկեաններու ընդհանրական մեծաւորէն, ազատ պիտի մնայ տեղւոյն արքեպիսկոպոսին իրաւասութենէն.

գ. չեղեալ կը նկատուի Նախիջեւանի արքեպիսկոպոսին որեւէ մէկ կարգադրութիւն, որ հակառակ է այս վճիռին.

դ. տեսուչը կարող է հաստատելու վարժարանը հոն, ուր յարմար կը նկատէ.

ե. տեսուչն է պատասխանատուն աշակերտներու կրթութեան:

Այս վճիռը կը հաստատուի պապէն 14 Նոյեմբեր, 1637-ին [8]: 28 Նոյեմբեր, 1637-ին վճիռը կը ղրկուի Օգոստինոս Բաջենցի` հետեւեալ նամակով. «Տեղւոյդ դոմինիկեան վարժարանին բարւոք կառավարութեան համար Նորին սրբութիւնը վաւերացուց ներկայ վճիռը եւ ուզեց, որ քեզի ղրկուի անոր օրինակը, որպէսզի գործադրել տաս. հակառակ պարագային նոյն Սուրբ Ժողովը պիտի չղրկէ վարժարանիդ համար սահմանուած թոշակը» [9]:

Ֆրա Վիտալէ Հռոմէն կը մեկնի, հաւանաբար, 1637-ի Դեկտեմբեր ամսուն: 10 Յունիս, 1638-ին զինքը կը գտնենք Վարշաւիա` իր նոր առաքելութեան ի նպաստ հաւաքելու դրամ եւ յանձնարարական նամակներ [10]: Լեհաստանի նուիրակը 21 Օգոստոս, 1638-ին կ’իմացնէ ՀՍ-ի նախագահ կարդինալ Բարբերինիի, թէ ֆրա Վիտալէ, ստացած ըլլալով Լեհաստանի թագաւորին եւ մեծ դուքսին յանձնարարական թուղթերը, ինչպէս նաեւ արքունիքէն առատ դրամ, մեկնած է Մոսկուա [11]:

Թուրքական պատերազմին պատճառով ֆրա Վիտալէ չի կրնար շարունակել ճամբան դէպի Նախիջեւան: 11 Օգոստոս, 1639-ին զինքը կը գտնենք Պոլիս` հասած Վիլնայէն, ուղղուած դէպի Սպահան: Նոյն թուականին կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին` խնդրելով, որ Նախիջեւանի վարժարանին թոշակը ղրկուի Պոլիս` ֆրանսական դեսպանին, որմէ կը յուսայ ապահով կերպով ստանալ [12]:

Մինչ այս, Օգոստինոս արքեպիսկոպոս իր լուրերը կը հասցնէ Հռոմ, թէ թրքական յարձակումներուն վանքին անշարժ գոյքերն ու Աստուծոյ ժողովուրդը ենթարկուած են կողոպուտի: Եւ որովհետեւ Սուրբ Ժողովը կ’ուզէր գիտնալ, թէ ինչ նպատակի կը գործածուէր Հռոմէն իրեն ղրկուած գումարները, 14 Յունիս, 1639 թուակիր նամակով Բաջենց կը պատասխանէ, թէ` «Մեր վանքերը տեսակ մը դպրոց ալ են, ու հասած գումարները կը ծախսուին տղոց վրայ»: Այդ նամակով կ’իմացնէ նաեւ, թէ նոյն օրերուն Փորթուկալէն Հնդկաստանի ճամբով Նախիջեւան հասած է օգոստինեան կարգէն ֆրա Անտոն Մարդեղութեան, որ, տեսնելով տեղւոյն կարօտութիւնները, սիրայօժար ընդունած է իրեն եղած խնդրանքը մնալու Ապարաներ` իբր լատիներէն լեզուի ուսուցիչ [13]: Յաջորդ նամակով մը` 18 Օգոստոս, 1639 թուակիր, Բաջենց կը գրէ, թէ ֆրա Անտոն լատիներէն կը սորվեցնէ տասը աշակերտներու եւ կը յուսայ, որ քիչ ժամանակի մէջ զարգանան անոնք աստուածաբանական ուսումներու մէջ [14]:

Եւ որովհետեւ նոյն տարիներուն Հռոմի մէջ կրկին արծարծած էր հայոց վարժարան շինելու հարցը Սպահանի կամ Հռոմի մէջ, Օգոստինոս Բաջենց վերոյիշեալ նամակով չի վարանիր պարզելու իր տեսակէտը ՀՍ-ի կարդինալներու ժողովին` պնդելով, թէ անտեղի է Սպահանի մէջ իրագործել նման ծրագիր, ուր կը պակսին վարժապետներ, եւ թագաւորն ինքնին աննպաստ է նոր հիմնարկութիւններու, ուր կեանքը սուղ է, մահմետականներու թիւը եւ ախտերու տեսակները` բազմաթիւ, որու հետեւանքով Հայաստանէն ոչ ոք կրնայ երթալ հոն ուսանելու նպատակով: Նմանապէս կը թուարկէ դժուարութիւնները Հռոմի մէջ վարժարան մը ունենալու տեսակէտին, քանի թուրքերը թոյլ չեն տար, որ աշակերտներ ճամբորդեն, եւ կամ հռոմէական փափուկ կեանքին վարժողներ անատակ կը դառնան ծառայելու հոգիներու` չհանդուրժելով Հայաստանի դժուարին կեանքը: Ապա արդարացի կերպով կ’եզրակացնէ, թէ Ապարաների մէջ վարժարան ունենալով` կը վերնան բոլոր դժուարութիւնները, մանաւանդ որ ներկային ունին տասը աշակերտ, որոնց թիւը կրնայ հասնիլ տասնհինգի` եթէ Հռոմէն կանոնաւոր կերպով վճարուի 300 սկուդի տարեկան նպաստը, որովհետեւ ցարդ տրուած օգնութիւններու շնորհիւ ձեռնադրուած են տասը նոր աբեղաներ, ունին մէկ սարկաւագ եւ ուրիշ աշակերտներ, որոնք ուսումները աւարտելու վրայ են [15]:

Ֆրա Անտոն Մարդեղութեան Ապարաներ կը մնայ 1639-ի Յունիս ամիսէն 1642-ի առաջին ամիսները [16]: 11 Յուլիս, 1642-ին Օգոստինոս Բաջենց կը գրէ, թէ ան «նոր թագաւորին հետ մեկնեցաւ Փորթուկալ` լատիներէն լեզուի ուսուցումը կիսատ թողլով» [17]: Ֆրա Անտոնի հեռանալու գլխաւոր շարժառիթը արքեպիսկոպոսէն ունեցած դժգոհութիւնն էր: 7 Օգոստոս, 1642-ին ֆրա Անտոն Սպահանէն կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին` պարզելով Բաջենցի ունեցած մենատիրական հոգին, միաժամանակ յայտնելով, թէ ինքը ամբողջապէս տիրացած է հայերէն լեզուին եւ թէ պատրաստ է շարունակելու իր առաքելութիւնը Ալինճայի մէջ. բաւական է, որ հրահանգ ստանայ Սուրբ Ժողովէն [18]:

Դառնալով ֆրա Թոմաս Վիտալէի` սա կը մտնէ Նախիջեւան 1639-ի Դեկտեմբեր ամսուն ու նոյն ամսուն 21-ին ՀՍ-ի Ժողովին կը գրէ իր ունեցած տպաւորութիւնները նկատմամբ հայ դոմինիկեաններու ապրած ճգնողական կեանքին, աղօթքներուն, Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի ունեցած նուիրումին, եւ թէ Ապարաների վարժարանը ունի 15 աշակերտ, «որոնք լաւ յատկութիւններով օժտուած են»` իբրեւ ուսուցիչ ունենալով փորթուկալցի ֆրա Անտոն Մարդեղութեան օգոստինեան կրօնաւորը [19]:

Վիտալէ ոչ իսկ տարի մը կը մնայ Նախիջեւան, ու զինքը կը գտնենք վերադարձի ճամբուն վրայ: 17 Դեկտեմբեր, 1640 եւ 26 Յունուար, 1641 թուակիր նամակներով, գրուած Հալէպէն, կը համառօտէ տարուան մը անցուցած կեանքը. «Նախիջեւան հասնելէս քանի մը օր յետոյ եպիսկոպոսը կանչեց զիս եւ խիստ դէմքով ըսաւ, թէ ինքը կ’ուզէ կառավարել կղերանոցը, ապա նշանակեց այն վանքերը, ուր կարող էի կղերանոց բանալ: Ապարաների մէջ փորթուկալցի մը (իմա' ֆրա Անտոն Մարդեղութեան) կարգած էր` իբր ուսուցիչ կղերանոցին: Առաջին նամակս, որ գրեցի Ձեզի, չափազանցեալ ներկայացուցի բարին, որ հոն կար: Եպիսկոպոսը կ’ըսէ, թէ Իտալիայէն հասնող դոմինիկեանները պէտք է իրեն ենթակայ ըլլան»: Երկրորդ նամակով Վիտալէ կը կրկնէ նոյն գաղափարները` աւելցնելով, թէ Բաջենց իրեն նշանակած է, իբր գործունէութեան ասպարէզ, երեք վանքեր, բայց ապա ստիպած է, որ հեռանայ Նախիջեւանէն: Վիտալէ կը թելադրէ Սուրբ Ժողովին, որ այնուհետեւ, մինչեւ ողջ է Օգոստինոս Բաջենց, ոչ մէկ իտալացի դոմինիկեան ղրկուի Նախիջեւան, որովհետեւ ցարդ վեց միսիոնարներ, որ գացած են, վեցն ալ անարգուած են եպիսկոպոսէն, եւ թէ միայն Պիրոմալլի կրնայ հոն յաջողութիւն գտնել, քանի կատարեալ կերպով կը ճանչնայ հայերէն լեզուն եւ յարգուած է Էջմիածնի վարդապետներէն [20]:

Նախիջեւան գտնուած շրջանին Վիտալէ ՀՍ-էն հրահանգ կը ստանայ ուսումնասիրել, թէ 300 սկուդով կարելի՞ է Սպահանի մէջ, տասներկու հայ աշակերտի համար բանալ վարժարան: ՀՍ-ի դիւանին մէջ կայ անթուական գրութիւն մը` գրուած Վիտալէէ, ուր կայ տեղեկատուութիւն իր կատարած առաքելութեան: Վիտալէ Հայաստանէն գացած է Կասպից ծով, Եզերաֆ կոչուած քաղաքը, պապին նամակը Պարսից Շահին ներկայացնելու համար: 1640-ի Յունիս ամսուն հասած է Սպահան ու բացուելիք վարժարանին համար կը գրէ հետեւեալը. «Ճիշտ է, որ Շահ Աբբասի օրերուն, որ գիտէր երկիրը կառավարել, 300 սկուդով կարելի էր տասներկու աշակերտ պահել, բայց ներկայ ժամանակներու մէջ պէտք է 600 սկուդ» [21]:

9 Յունիս, 1642-ին Վիտալէ Հռոմ կը գտնուի [22] եւ կը ներկայացնէ ընդարձակ տեղեկատուութիւն մը Նախիջեւանի առաքելութեան մասին` տալով ծանօթութիւններ անոնց ունեցած կալուածներուն, միաբաններու թիւին, գործունէութեան, վանական կեանքին եւն.: Ու ակնարկելով վարժարանին` կը ներկայացնէ անհամաձայնութիւնը, որ հոն կը տիրէ արքեպիսկոպոսին եւ վարժարանի պատասխանատու միաբանին միջեւ, քանի եպիսկոպոսը ինքզինքը կը զգայ ամբողջական պատասխանատու իր ամբողջ թեմին` ներառեալ վարժարանին [23]:

Տարաձայնութիւններուն գլխաւոր պատճառը եւ աղբիւրը դրամն էր: Վիտալէ այս կէտը կը շեշտէ իր տուած հաշուետուութեան մէջ, ուր առիթ առնելով` կը թուարկէ, թէ Օգոստինոս Բաջենց վերջին տարիներուն որքան դրամ գանձած է զանազան աղբիւրներէ: Կը յիշէ նախ, թէ 1631-ի Օգոստոս ամսուն միաբան մը ղրկած է Արեւելեան Հնդկաստան, եւ 1635-ին անոր դարձին, բացի զանազան ինչքերէ, Նախիջեւան բերած է 12. 000 սկուդ. ապա 1637-ին արքեպիսկոպոսը անձամբ Լեհաստանէն բերած է շօշափելի գումար մը, Իտալիայէն ստացած է 300 սկուդ: Ֆրանսացի ֆրա Բիաճճիոյ եւ ուրիշ հայ միաբան մը Ֆրանսայէն հաւաքած են 1. 400 սկուդ, որու 400-ը ծախսուած է ճամբու ընթացքին, եւ 1. 000-ը` դրուած Հռոմի դրամատուն մը վեց առ հարիւր շահով, որմէ ֆրա Մատաթիա 1637-ին գանձած է երկու տարուան շահը, իսկ ֆրա Մովսէս եւ ֆրա Յովհաննէս գանձած են երեք տարուան շահը: Ֆրա Մատաթիա գերապայծառ Օրեճիոյէ ստացած է 24 ոսկի սկուդ. ֆրա Մովսէս եւ ֆրա Յովհաննէս Կամենիցէն մեկնած են 5. 000 տոլարով... Այս բոլորին եզրակացութիւնը այն է, որ Հռոմէն նոր գումարներ չղրկուին Նախիջեւան, որովհետեւ վարժարանի աշակերտները կ’ապրին ամենախեղճ` ամառներն ալ աշխատելով դաշտերու մէջ [24]:

Անկարելի չէ, որ Վիտալէի ըսածները համապատասխանեն իրականութեան, սակայն, նկատած եպիսկոպոսին հանդէպ ունեցած հակակրանքը եւ նեղութեան չդիմանալով, տարի մը ետք Իտալիա դառնալը ինքնապաշտպանութեան ձեւ մը կրնայ նկատուիլ ներկայ գրութիւնը:

Օգոստինոս Բաջենց շատ լաւ գիտէր, թէ ֆրա Վիտալէ զինքը պիտի ամբաստանէր, եւ որով 1624 տարւոյն ընթացքին գրած զանազան նամակներով կը խնդրէ Սուրբ Ժողովէն կարեւորութիւն չտալ անոր բոլոր ըսածներուն: Այսպէս, 20 Յունուար, 1642-ին գրէ, թէ մեծ զոհողութիւններով կը պահէ կղերանոցը, եւ, եթէ Հռոմէն դրամական օգնութիւն չգտնէ, պիտի ստիպուի փակել: Կը ցաւի, որ Սուրբ Ժողովը հաւատք կ’ընծայէ իր դէմ եղած ամբաստանութիւններուն, իբր թէ վարժարանին սահմանուած գումարը կը յատկացնէ իր ազգականներուն, մինչ իրականին մէջ ցարդ Հռոմէն ստացած է միայն 350 սկուդ, եւ երկար տարիներ վարժարանը գործած է` հասցնելով նոր սերունդ: Ուստի Օգոստինոս եպիսկոպոս կը համարձակի խնդրել 1. 000 սկուդ` իբր շահը Ֆրանսայէն հաւաքուած գումարին, որմէ ցարդ ստացած է միայն 100 սկուդ [25]:

  15 Յուլիս, 1642-ին Բաջենց դարձեալ կը պաշտպանէ ինքզինքը` յիշեցնելով Սուրբ Ժողովին, թէ Նախիջեւանի վարժարանին համար Հռոմէն նշանակուած գումարը տարեկան 150 սկուդ է, եւ տարիներէ ի վեր ոչինչ կը տրուի իրեն, եւ կը խնդրէ, որ գոնէ վերջին չորս տարիներուն համար կատարուի վճարումը Պոլսոյ ճամբով [26]: Յաջորդաբար Օգոստինոս եպիսկոպոս երբ կ’իմանայ, թէ ֆրա Վիտալէ կը շարունակէ վատահամբաւել զինքը, 1 Ապրիլ, 1646-ին կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին. «Պատրի Թօմաս Վիթալն, որ տասն օր չէ կացել դեռեւս աստ, եկեալ այդր, հարիւր տարէն սուտ բանբասանս է ասացել. եթէ իւրեանց (իմա' Պիրոմալլիի եւ Վիտալէի) գայթակղութիւն, որ աստ արարեալ են, պիտոյ եւ արժան է, որ Դուք ամենեւին կարգէ ձգէք, որ այլքն երկնչին» [27]:

Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի այս վերջին նամակին վրայ կը գտնենք ՀՍ-ի ժողովին գրած պատասխան նամակին համառօտութիւնը` սա բովանդակութեամբ. «Չենք ղրկեր դրամ, որովհետեւ տարիներ անց չենք տեսներ ոչ մէկ պտուղ. իտալացի միաբաններն ալ, որ ղրկեցինք, լաւ ընդունելութիւն չգտան ձեզմէ: Ահա վերջինս` ֆրա Թոմաս Վիտալէ, եւս կ’ըսէ, թէ պէտք չենք ձեզի դրամ ղրկել, որովհետեւ Հնդկաստանէն հազարաւոր սկուդ հաւաքած էք, նոյնպէս նաեւ` Եւրոպայէն: Կ’ըսուի նաեւ, թէ արքեպիսկոպոսը իր ազգականներուն կու տայ դրամը»: Այս համառօտ յանդիմանական տողերէն ետք ՀՍ-ի Ժողովը կը հաղորդէ, թէ այսուհետեւ տարեկան պիտի ղրկուի միայն 50 սկուդ ֆրա Յովհաննէս Նազարեանի ծախսերուն համար, որպէսզի հոն սորվեցնէ քերականութիւն եւ լատիներէն. իսկ Նախիջեւանի համար սահմանուած գումարով Հռոմի մէջ պիտի պահուին երեք դոմինիկեան սաներ, որոնք հինգ տարի ուսանելէ ետք պիտի դառնան Հայաստան շարունակելու համար իրենց առաքելութիւնը [28]:

Այսպէս կը փակուի ֆրա Թոմաս Վիտալէ իտալացի դոմինիկեանին առաքելութիւնը, սակայն ՀՍ-ի Ժողովն ալ կը հասնի որոշ եզրակացութիւններու: Մինչ այս, կը կատարուի նոր փորձ մը` յանձին ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարեանի:

ՖՐԱ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ-ԴՈՄԻՆԻԿՈՍ ՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրա Թոմաս Վիտալէ Նախիջեւան գտնուած տարին Հռոմ կը բնակէր հայազգի դոմինիկեան մը` ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարեան (այսուհետեւ` ֆրա Յովհաննէս), որ կ’ըլլայ յաջորդը Վիտալէի` Նախիջեւանի վարժարանի առաքելութեան նկատմամբ: Բայց նախ տեսնենք համառօտ կերպով անոր կենսագրական գիծերը` քաղուած ՀՍ-ի դիւանէն:

1627-ին սա արդէն իսկ կը գտնուի Հռոմ` Յովհաննէս-Մկրտիչ (Giovanni Battista) անունով, ղրկուած Նախիջեւանէն` տեղւոյն Մատթէոս արքեպիսկոպոսէն: ՀՍ-ի 23 Նոյեմբեր, 1627-ի նիստին կ’որոշուի տալ անոր թոշակ, «մինչեւ հաստատուի հայոց վարժարանը» [29], իսկ 28 Փետրուար, 1628-ի նիստին կը սահմանուի ամսական 5 սկուդ, եւ այդ առիթով դարձեալ կը կրկնուի նոյն բանաձեւը` «... մինչեւ հաստատուի հայոց վարժարանը» [30]: Ներկայացուած խնդրագիրէն կ’իմանանք, որ Յովհաննէս ուսումները կը կատարէ Հռոմէացւոց վարժարանը (Collegio Romano) եւ կ’ուսանի քերականութիւն առաջին դասարանի մէջ [31]: Յաջորդաբար կը տեսնենք, որ Յովհաննէս փոխադրուած է նորադարձներու վարժարանը (collegio dei Neofiti), իսկ 1631-ին արդէն իսկ գացած է Վիթերպոյ, ուր կ’ուզէ երթալ նաեւ ֆրա Մատաթիա Մօրաքա միասին շարունակելու համար իր ուսումները, միասնաբար խօսելու համար հայերէն, լեզուն չմոռնալու համար [32]: 27 Ապրիլ, 1632-ին ՀՍ-ի Ժողովէն կը խնդրէ դրամական օգնութիւն մը [33]. 24 Ապրիլ, 1633-ին կը ներկայանայ իբր դոմինիկեան` ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարեան անունով, ու դարձեալ կը խնդրէ նիւթական օգնութիւն իրեն եւ ֆրա Մատաթիայի համար, որպէսզի, իբր ուսանողներ, չծանրանան Դոմինիկեան միաբանութեան վրայ [34]: 13 Օգոստոս, 1633-ին կը խնդրէ նոր օգնութիւն մը եւս, որպէսզի կարենայ վճարել գրաբարի վարժապետին` նպատակ ունենալով տիրանալու լեզուին, «դիւրաւ եւ ապահով կերպով [թարգմանելու համար] Սուրբ Ժողովին ուղղուած հայերէն նամակները, ինչպէս նաեւ հայ հերձուածողներու գիրքերը ու լաւագոյն կերպով ուսուցանելու համար հայերուն, որոնք Հռոմ կու գան խոստովանելու իրենց սխալները» [35]: 22 Դեկտեմբեր, 1635 թուակիր նամակով Վենետիկի ազգայիններ ՀՍ-ի Ժողովէն կը խնդրեն, որ իրենց հովիւ ղրկուի` «դոմինիկեան կարգէն Հայր ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկիոս Նազարեան, որ Հռոմ Սուրբ Մարիամ Եգիպտացւոց եկեղեցւոյ մէջ ժողովրդապետ եւ խոստովանահայր է հայ ազգայիններու» [36]:

Օգոստինոս արքեպիսկոպոս Բաջենց, երբ Վարշաւիա է, իր տեղ Հռոմ կը ղրկէ ֆրա Մատաթիա` տալով նամակ մը` 28 Փետրուար, 1637 թուակիր, ուղղուած ՀՍ-ի Ժողովին, որմէ կը խնդրէ, ի միջի այլոց, նաեւ, որ ֆրա Յովհաննէս Հռոմէն ղրկուի Նախիջեւան [37]: ՀՍ-ի 22 Փետրուար, 1638-ի նիստով, Յովհաննէս Անկիւրացի Մոլինոյի պնդումին վրայ, ֆրա Յովհաննէսն ալ մաս կը կազմէ յանձնախումբին, որպէսզի քննեն եւ տպագրութեան պատրաստեն հայերէն Աստուածաշունչի բնագիրը [38]: Այսպէս, ֆրա Յովհաննէս 1627-1639 տարիներուն կը մնայ Հռոմ` նախ իբր ուսանող եւ ապա իբր քարոզիչ եւ խոստովանահայր ազգայիններու:

1640 տարւոյն Զատիկէն ետք ֆրա Յովհաննէս խնդրանք կը ներկայացնէ երթալու Նախիջեւան` Ալինճայի վարժարանին մէջ օգտակար ըլլալու իր ազգակիցներուն եւ միաբանութեան` խնդրելով միաժամանակ, որ տրուի իրեն 150 սկուդ նոյն վարժարանին տարեկան թոշակը, քանի ֆրա Թոմաս Վիտալէ նամակներով կը ստիպէր զինքը ստանալու այդ գումարը [39]: Նոյն այս աղերսագիրին վրայ կը կարդանք ՀՍ-ի քարտուղարին գիրով, թէ` «Այս երիտասարդը ունի բարի վարք, յստակ միտք. պիտի յաջողի վիճաբանիլ [հերետիկոսներու հետ], սորվեցնել եւ նաեւ քարոզել: Հոս հրահանգուած է. իր մասին բնաւ չէ լսուած, թէ չար օրինակ տուած ըլլայ» [40]: ՀՍ-ի 23 Ապրիլ, 1640-ի նիստով կ’ընդունուի ֆրա Յովհաննէսի խնդրանքը, ու կը սահմանուի միսիոնար Մեծ Հայքի` 100 սկուդ ճանապարհի ծախսով: Իսկ նկատմամբ 150 սկուդի թոշակը Նախիջեւան անցնելուն Սուրբ Ժողովը կը մնայ իր նախկին որոշումին վրայ, այն է` ուղեւորներու ձեռքով չհասցնել գումարը, այլ իրենց աւանդական միջոցներով եւ ներկայացուցիչներով [41]:

Ֆրա Յովհաննէս Նազարեանի` դէպի Նախիջեւան ճամբորդութիւնը կը տեւէ երկու տարի: 1640-ի Օգոստոսին Վենետիկ է, ուրկէ գրած է երեք նամակ (17, 24, 31 Օգոստոս)` ուղղուած ՀՍ-ի քարտուղարին` խնդրելով, որ Նախիջեւանի համար սահմանուած գումարը` 450 սկուդ, ղրկուի Պոլիս, ուր ղրկած է նաեւ իր ապրանքները, որպէսզի միասին տանի Նախիջեւան [42]: Նախ Վիեննա, ապա Գրագովիայէն անցնելով` Սեպտեմբերին (1641) կը մտնէ Պոլիս, ուր լսելով, թէ ֆրա Թոմաս Վիտալէ հեռացած է Նախիջեւանի վարժարանէն` կ’ուզէ սպասել անոր իմանալու համար այս փոփոխութեան պատճառը. ու 10 Սեպտեմբեր, 1641 թուակիր նամակով ՀՍ-ի Ժողովին կ’առաջարկէ ինքզինքը` ըլլալու ամբողջական պատասխանատու վարժարանին, քանի ինքը ուսանած է Հռոմի մէջ, որպէսզի Նախիջեւանի աշակերտներուն սորվեցնէ իտալերէն եւ լատիներէն լեզուները, ինչպէս նաեւ իմաստասիրութիւն եւ աստուածաբանութիւն. ու առ այս` կը խնդրէ, որ անձնապէս իրեն փոխանցուի վարժարանին համար սահմանուած 450 սկուդը [43]:

1641-ի Դեկտեմբեր ամսուն ֆրա Թոմաս Վիտալէ կը հասնի Պոլիս: Ֆրա Յովհաննէս, լսելով անոր դժգոհութիւնները ընդդէմ Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի, կը վշտանայ եւ չ’ուզեր արդարացնել Վիտալէն, ու վախնալով, որ ան, Հռոմ երթալով, չարախօսէ արքեպիսկոպոսին դէմ` ՀՍ-ի քարտուղարին ուղղած նամակներուն մէջ (11 Դեկտեմբեր, 1641. 17 Յունուար, 6 Փետրուար, 18 Ապրիլ, 1642) կը շեշտէ երկու կէտի վրայ. առաջին` հաւատք չընծայել Վիտալէի խօսքերուն, որովհետեւ, հարցին տեղեակ ազգայիններու համաձայն, նա իրաւունք չունէր հեռանալու վարժարանէն. եւ երկրորդ` եթէ Վիտալէի խոստացուած գումարը փոխանցուի իրեն, ինքը պատրաստ է ստանձնելու վարժարանին ամբողջական պատասխանատուութիւնը. բաւական է, որ ՀՍ-ի Ժողովը տայ իր հաւանութիւնը [44]: ՀՍ-ի պատասխանը կ’ըլլայ կարճ ու համառօտ, որու սեւագիր օրինակը կը գտնենք ֆրա Յովհաննէսի 6 Փետրուար, 1642 թուակիր նամակին վրայ. «Ֆրա Վիտալէ քու դէմդ ոչ մէկ խօսք ըսած է. դուն ջանա' արդարացնել յոյսերը, որ դրուած են վրադ. մի' փափաքիր վարժարանի տեսչութեան, այլ աշխատէ հոգիներու վրայ: Եթէ արդարացնես յոյսերը, Սուրբ Ժողովը կը մտածէ վարձատրել քեզ» [45]:

Մայիսի (1642) առաջին օրերուն ֆրա Յովհաննէս կը մեկնի Պոլիսէն [46]: 9 Մայիսին կը գտնուի Թոփրալու [47] եւ 19 Յունիսին Էրզրում է, ուր հայ ուղեկից մը, չկարենալով ճամբու տուրքը վճարել տալ ֆրա Յովհաննէսի, քաղաքին փաշային կը մատնէ զինքը` իբր լրտես: Հայ եպիսկոպոս մը, որ Սպահանի մէջ մանկութեան դասընկեր եղած է ֆրա Յովհաննէսի, կը յորդորէ ազգայիններ, որոնք, հաւաքելով 150 սկուդ, կ’ազատեն զինքը փաշային ձեռքէն [48]:

Յուլիսին (1642) ֆրա Յովհաննէս կը հասնի իր առաքելավայրը: Գոհ է Օգոստինոս արքեպիսկոպոս, որ հասած էր վերջապէս, իր սպասած անձը, մանաւանդ, որ Վիթալէն հեռացած էր իրմէ, իսկ ֆրա Անտոն Մարդեղութեան` օգոստինեան կրօնաւորը, որ սկսած էր սորվիլ հայերէն, մեկնած էր Փորթուկալ: Բաջենց իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ ՀՍ-ի Ժողովին 11 Յուլիս, 1642 թուակիր նամակով` իմացնելով, թէ նորեկ միաբանը կարգած է Ապարաներ վանքի վարժարանին ամբողջական պատասխանատու ու կը խնդրէ, որ ՀՍ-ի Ժողովը տայ իր հաւանութիւնը [49]: 15 Յունիս, 1642-ին կը գրէ նաեւ ֆրա Յովհաննէս` գովելով Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի անձը եւ առաքելական հոգին` իմացնելով, թէ Ապարաների վարժարանին մէջ կ’ուսանին 15 աշակերտներ, եւ ինքը արքեպիսկոպոսէն սահմանուած է անոնց վրայ իբր պատասխանատու: Եւ հուսկ կը յիշեցնէ` անպակաս ընել սահմանուած թոշակը, որովհետեւ Օգոստինոս արքեպիսկոպոս պարտքով է, որ կ’ապրեցնէ վարժարանը եւ իր ծախսով կը նորոգէ փճացած եկեղեցիները [50]:

Ֆրա Յովհաննէսի առաջին նամակը, ուր կը խօսի իր դպրոցական գործունէութեան մասին, կը կրէ 12 Փետրուար, 1643 թուականը` գրուած Ապարաներէն` խնդրելով, որ իրեն յանձնուի Ալինճայի վարժարանը եւ առ այդ` սահմանուի թոշակ մը: Բացի այս փափաքէն, իր նամակին հետ Հռոմ ղրկած է իր աշակերտներէն երեքին գեղագրութիւնները` շատ նախնական եւ խեղճ գիրով, աւելի լատիներէն, քան հայերէն, ցոյց տալու համար անոնց զարգացումի մակարդակը: Գրութիւններէն մէկուն իբր ստորագրութիւն կը կարդանք. «Բարօվ հզար բարի մօնսինիօր Ինգօլին` Յուսէպէս» [51]:

ՀՍ-ի Ժողովին կողմէ կը գրուի երկու նամակ` 2 Մայիս, 1643 թուակիր, գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ` ուղղուած ֆրա Յովհաննէսի, կարգելով զինքը պատասխանատու Ապարաների վարժարանին, յատկապէս` յանձնարարելով, որ ուշադրութիւն դարձնէ լատիներէն լեզուին ուսուցումին` ջանալով նամակներով տեղեակ պահել ՀՍ-ի Ժողովը կատարուած նուաճումներուն [52]: 13 Յունիս, 1643-ին կը գրուի նաեւ Օգոստինոս արքեպիսկոպոսին խիստ շեշտով մը. «Առաքելավայրիդ համար կը զգացուի պահանջը լաւ մշակներու, եւ, տեսնելով, որ երկար տարիներէ ի վեր վարժարանէդ սակաւաթիւ աշակերտներ միայն կը հասնին իրենց նպատակին, Սուրբ Ժողովս որոշեց, որ ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազար ըլլայ պատասխանատու վարժարանին մէջ լատիներէն լեզուի ուսուցումին, ինչպէս նաեւ օգնէ գաւառիդ այլ առաքելական գործերուն, քանի գրականութեամբ զարգացած անձերու նուազութեան պատճառով միշտ աւելի կը տկարանայ այդ թեմը» [53]:

Հռոմի մէջ այս նամակները շարադրուած օրերուն ֆրա Յովհաննէս արդէն իսկ հեռացած էր Նախիջեւանէն, ուր հասնելէն երկու ամիս ետք հիւանդացած էր եւ ամբողջ ուսումնական տարին վատառողջ անցուցած, հակառակ Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի գուրգուրոտ խնամքին: Լուրը հաղորդողը դարձեալ Օգոստինոս արքեպիսկոպոսն է 30 Մայիս, 1643 թուակիր նամակով. «[Ֆրա Յովհաննէսի առողջութիւնը] վատթարացած ըլլալով, խորհուրդ ըրինք եւ իր փափաքին համաձայն որոշեցինք ղրկել զինքը Պոլիս, ուրկէ պիտի շարունակէ ճամբան դէպի Հռոմ եւ բերանացի բացատրէ Ձեզի մեր վիճակը, որովհետեւ եղաւ երեք տարի, որ մարախ յարձակելով` հոս տիրեց սովը, ու ամէնքը կը փախչին. մենք եւս կը փախչէինք, եթէ չունենայինք հոգիներու պատասխանատուութիւնը» [54]:

Ֆրա Յովհաննէս 30 Սեպտեմբեր, 1643-ին Պոլիս է, ուրկէ կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ չէ կրցած շարունակել սկսած գործը, յատկապէս` երեք պատճառի համար. այն է` ֆիզիքական տկարութեան, պարսից-վրաց պատերազմին, մարախի պատճառով տիրած սովին, որու հետեւանքով քաղաքներ ամբողջ դատարկուած են ապրուստի միջոց գտնելու համար: Ինքն ալ իր կարգին հեռացած է Նախիջեւանէն եւ ուղղուած Հռոմ, թէ' բերանացի տեղեկացնելու համար տեղւոյն կացութիւնը եւ թէ' Սուրբ Ժողովէն դրամական օժանդակութիւն տանելու համար նոյն առաքելավայրին [55]: Յաջորդաբար 7 եւ 12 Նոյեմբեր, 1643 թուակիր նամակներով` գրուած Պոլիսէն, ֆրա Յովհաննէս կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ կ’ուզէ Հռոմ հասնիլ Լեհաստանի ճամբով` հետը բերելով Նախիջեւանէն 12 տարեկան աշակերտ մը, աւելցնելով, թէ Լեհաստանի մէջ պիտի սպասէ ՀՍ-ի Ժողովին ղրկելիք ճանապարհի ծախսին հասնելու համար Հռոմ [56]:

Շուրջ տարի մը վերջ զինքը կը գտնենք Գրագովիա, ուրկէ 10 Օգոստոս, 1644 թուակիր նամակով շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ ստացած է 30 սկուդը` իբր ճանապարհի ծախս` աւելցնելով որ, եթէ ժամանակին ստացած ըլլար, կը դառնար իր առաքելավայրը` Նախիջեւան, ուր դարձեալ պատրաստ է երթալու, եթէ ՀՍ-ի Ժողովը խոստանայ տալ իրեն վարժարանի թոշակը` տարեկան 150 սկուդ, առանց որու անկարելի է գործել, ու «պէտք չկայ ըսել, որ առանց դրամի ոչ թէ միայն ֆրա Պօղոս Պիրոմալլի, այլ ոչ իսկ սուրբ Պօղոս առաքեալ կրնայ գործ մը ընել»: Ապա կը քննադատէ Սուրբ Ժողովին գործելակերպը, որ անցեալին առատօրէն դրամ շնորհեց ֆրա Թոմաս Վիտալէի նման անձերու, որոնք ոչ իսկ հայերէն լեզուն գիտէին եւ միայն աշխարհ շրջելու համար ելած էին ճամբայ: «Մինչ ես միայն եռանդէ շարժեցայ, եւ եթէ հիւանդութիւնը, մարախի պատճառով անօթութիւնը եւ Սուրբ Ժողովին կողմէ երեսի վրայ լքուած չըլլայի, ցարդ հոն մնացած կ’ըլլայի»: Եւ որովհետեւ ֆրա Յովհաննէս գրած էր, թէ հետը կը բերէ իր աշակերտը, որպէսզի տեղաւորէ Հռոմի վարժարան մը եւ լսած էր ՀՍ-ի քարտուղարին դժկամակութիւնը, չի քաշուիր պատասխանելէ, թէ կը զարմանայ ՀՍ-ի գործելակերպին վրայ, որ Նախիջեւանի հողերէն դուրս գտնուող տեղերէ աշակերտներ սիրով կ’ընդունի, իսկ Նախիջեւանէն, որ Հռոմի մէջ քանի մը հազար սկուդի եկամուտ ունի, եւ նոյն ինքն քարտուղարը կողմնակից եղած էր, որ Նախիջեւանէն երեք աշակերտներ Հռոմի մէջ սորվէին եւ դառնային իրենց առաքելավայրը, այժմ այդ հրամանը մասամբ գործադրուած ըլլալուն, կը լսէ ժխտական պատասխան [57]:

Հոս կը թողունք ֆրա Յովհաննէս-Դոմինիկոս Նազարեանի պատմութեան թելը, քիչ ետք կրկին իրեն դառնալու, շարունակելու համար անոր գործունէութեան երկրորդ մասը միշտ Նախիջեւանի վարժարանին առընչութեամբ:



[1]           SOCG, vol. 103, ff. 271-286:

[2]            SOCG, vol. 180, f. 277.

[3]            Acta, vol. 12, f. 288, n. 21.

[4]            SOCG, vol. 397, ff. 174-175.

[5]            Acta, vol. 12, f. 310, n. 11.

[6]            SOCG, vol. 397, f. 252.

[7]            Acta, vol. 12, f. 375, n. 22; f. 395, n. 35.

[8]            Acta, vol. 12, f. 360, n. 11.

[9]            Lettere volgari, vol. 17, f. 120.

[10]          Այսպէս կը գրէ Լեհաստանի նուիրակը` Arciv. di Avignone (SOCG, vol. 137, f. 279):

[11]          SOCG, vol. 137, f. 273.

[12]          SOCG, vol. 162, f. 344.

[13]          SOCG, vol. 119, ff. 270-271.

[14]          SOCG, vol. 119, f. 274.

[15]        SOCG, vol. 119, ff. 278-280.

[16]        9 նոյեմբեր, 1641-ին ֆրա Յովհաննէս Պոլիսէն ՀՍ-ի Ժողովին կը հաղորդէ Նախիջեւանի լուրերը, թէ` «Փորթուկալցին կը պատրաստուի մեկնիլ Հայաստանէն» (SOCG, vol. 167, f. 39):

[17]        SOCG, vol. 123, f. 29.

[18]        SOCG, vol. 62, f. 230. 13 սեպտեմբեր, 1642-ին Սպահանի օգոստինեան կրօնաւորներու մեծաւորը` fra Joseph do Rosario, նոյն գաղափարները կը գրէ ՀՍ-ի նախագահին, այն է` թէ ֆրա Անտոն, հակառակ շատ լաւ սորված ըլլալուն հայերէն լեզուն, կը դառնայ Փորթուկալ, որովհետեւ չէ դիմացած Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի վարմունքին եւ թէ Ալինճայի մէջ կը սորվեցնէր 15 աշակերտներու (SOCG, vol. 62, f. 214): Յաջորդաբար սա պիտի գործակցի Պիրոմալլիի` Նախիջեւանի վարժարանին մէջ:

[19]          SOCG, vol. 120, f. 10.

[20]        SOCG, vol. 120, ff. 13-14, 19-20.

[21]        SOCG, vol. 209, f. 93. Այս նամակով կու տայ հետաքրքրական ծանօթութիւն մը Սպահանի կարմեղականներու վանքին մասին, ուր «երիտասարդ քահանայ մը` fra Felice անունով, Նափոլիէն, յաջողակ կը սորվէր հայերէն լեզուն: Վանականները մենաստանին մէջ կը պահէին հայ երիտասարդ մը, որպէսզի իրեն սորվեցնէր հայերէն»:

[22]        11 դեկտեմբեր, 1641-ին Վիտալէ Պոլիս է եւ ՀՍ-էն դրամ կը խնդրէ` ճամբորդութիւնը կարենալ կատարելու դէպի Հռոմ Լեհաստանի ճամբով (SOCG, vol. 167, f. 44): Յաջորդաբար Վիտալէ աղերսագիր ներկայացուցած է ՀՍ-ի Ժողովին ընդունուելու համար Հռոմի Սանթա Սաբինա վանքը, հակառակ պարագային կը խնդրէ դրամական նպաստ այլուր կարենալ ապրելու համար (SOCG, vol. 406, f. 105): 13 յունուար, 1643-ի նիստին կ’որոշուի ազդարարել Սանթա Սաբինայի վանահօր, որպէսզի ներս ընդունի ֆրա Վիտալէն, մինչեւ որ Սուրբ Աթոռը տարբեր կարգադրութիւն մը ընէ նոյն անձին նկատմամբ (Acta, vol. 15, f. 257, n. 3):

[23]        SOCG, vol. 293, ff. 190-195; vol. 122, f. 206.

[24]        ՀՍ-ի դիւանը կը գտնենք ուրիշ փաստաթուղթ մը` անթուական, իտալերէն լեզուով, որու վերնագիրն է. «Ֆրա Թոմաս Վիտալէի տուած վկայութիւնը` նկատմամբ [Նախիջեւանի] հայ վարդապետներու աղքատութեան»: Բովանդակութիւնը հետեւեալն է. «Վանքերը կամ լաւ եւս տուները ութ են եւ ունին երեսուն միաբան: Ունին շատ հողեր եւ այգիներ, սակայն անկէ եկած մուտքը բաւարար չէ, եւ որով ստիպուած են մուրալու: 1635-ին հայազգի ֆրա Յակոբոս, Արեւելեան Հնդկաստան երթալով, հաւաքեց 12. 000 սկուդ. այս գումարը Օգոստինոս արքեպիսկոպոսի համար պէտք էր բաւել քսան տարի: 1638-ին Արզրումի մէջ տեսայ ֆրա Յակոբոսը, որ տարի մը շրջեցաւ, իսկ 1638-ին ուրիշ միաբան մը գնաց Արեւելեան Հնդկաստան: Նոյն տարին Իտալիա եւ Լեհաստան կը շրջէին ֆրա Յովհաննէս եւ ֆրա Մովսէս, որոնք բերին դրամ եւ ստացուածք եւ Ռուսիա հասնելուն, ունէին 3000 սկուդ: 1643-ին ֆրա Յակոբոս եկաւ Իտալիա մուրալու նպատակով: Նոյն տարին ֆրա Մաթիա, որ այժմ կը բնակի Միներվա, Լեհաստան կը շրջէր, ուրկէ դարձաւ Հայաստան: 1645-ին Հռոմ եկաւ ֆրա Յովհաննէս Դոմինիկոս հայը նոյն նպատակով: Դոմինիկեանց Հայր Րիդոլֆի ընդհանրական մեծաւորին օրով ֆրա Յովհաննէս մուրաց Ֆրանսայի եւ Ֆիանտրիոյ մէջ: Պարսից Շահը լաւ վարմունք ունի մեր հայերուն հետ. շատ տարիներ առաջ Նախիջեւանի [Օգոստինոս] արքեպիսկոպոսը իբր պատուիրակ ղրկեց լեհերու թագաւորին, ուրկէ ստացաւ շատ նուէրներ. նուէրներ ստացաւ նաեւ Պարսից Շահէն, բացի Ապարաներ վանքին ըրած շնորհքէն, որ ազատ ըրաւ տուրքերէ: Երբ Հայաստան գացի, ֆրա Յակոբոս աշխարհականներու քով պահեստի ունէր 450 սկուդ, իսկ սենեակէն ալ գողցուած էր 500 սկուդ, ջորի մը եւ ձի մը: Այս է աղքատութիւնը այդ հայրերուն» (SOCG, vol. 293, f. 172):

[25]        SOCG, vol. 122, ff. 202-203.

[26]        SOCG, vol. 122, f. 184. Օգոստինոս արքեպիսկոպոս 20 յուլիս, 1642-ին Ապարաներէն կը գրէ ՀՍ-ի քարտուղարին` գանգատելով դրամի պակասին համար, մանաւանդ որ թագաւորն ալ, որ վանքերը զերծ ըրած էր տուրքերէ, կրկին պարտադրած էր տալ, եւ որով պարտքերով կը նորոգէ եկեղեցիները, որպէսզի հնութենէ չկործանին: Կը դժգոհի նաեւ ֆրա Վիտալէի համար, որ մեկնած էր Նախիջեւանէն, առանց օգնութիւն մը տալու (SOCG, vol. 122, f. 191):

[27]        SOCG, vol. 65, f. 312.

[28]        SOCG, vol. 122, f. 187.

[29]        Acta, vol. 4, f. 317, n. 13.

[30]        Acta, vol. 6, f. 29, n. 13.

[31]        SOCG, vol. 388, f. 177.

[32]        SOCG, vol. 391, f. 163; vol. 7, f. 330.

[33]        SOCG, vol. 7, f. 300.

[34]        SOCG, vol. 393, f. 403.

[35]        SOCG, vol. 393, f. 118.

[36]        SOCG, vol. 15, f. 369. Այս նամակին ստորագրած են` “Vuscan da Pirosi, Domenego de Paolo, Alpiar Morat, Giacomo Balagrin, Giorgio Zaffar et tutti gli altri”:

[37]        SOCG, vol. 180, f. 275.

[38]        SOCG, vol. 399, f. 85. Անթուական եւ անվերնագիր գրութեան մը մէջ, խօսելով Պօղոս Պիրոմալլիի մասին, կը կարդանք. «Սուրբ Ժողովին փափաքին համաձայն` Պիրոմալլի Լեհաստանէն Հռոմ եկաւ վերատեսնելու համար Նոր Կտակարանի հայերէն բնագիրը, որ համեմատուած եւ սրբագրուած է Հայր Գասպարէն, դոմինիկեան Հայր Յովհաննէսէն եւ պարոն Յովհաննէս Մոլինոյէնfi» (SOCG, vol. 119, ff. 169-170):

[39]        Զոյգ խնդրագիրները տե'ս SOCG, vol. 401, ff. 390, 432-433:

[40]        Ֆրա Յովհաննէս Նազար ներկայացուցած է ուրիշ աղերսագիր մըն ալ` խնդրելով ՀՍ-էն, որ Նախիջեւանի ծերունի Օգոստինոս արքեպիսկոպոսին տրուի օգնական տիտղոսաւոր եպիսկոպոս մը, քանի աթոռը թափուր մնալու պարագային հեռաւորութեան պատճառով հազիւ երեք տարի վերջ կարելի կ’ըլլայ նշանակել նոր վիճակաւորը: Ֆրա Յովհաննէսի համաձայն` այս է պատճառը շատ մը կաթողիկէներու կորսուելուն, եւ քիչ տարիներու մէջ քառասուն հողամասերէն հազիւ տասներկուքը մնացած են: «Ասոր համար ուրիշ անգամներ նշանակուած է օգնական եպիսկոպոս մը, ու ներկայիս կը ներկայանայ առիթը յարմար անձի մը» (SOCG, vol. 400, f. 185): Մենք չկրցանք գուշակել, թէ որու է ակնարկը:

[41]        Acta, vol. 14, ff. 77-80, n. 20:

[42]        Acta, vol. 29, ff. 298-300.

[43]        SOCG, vol. 166, f. 246-247.

[44]        SOCG, vol. 167, ff. 31, 37, 39.

[45]        SOCG, vol. 167, f. 1.

[46]        Fra Innocenzo Martiale դոմինիկեանը 11 մայիս, 1642-ին Պոլիսէն կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, թէ «հայ քահանան» 15 օր առաջ մեկնեցաւ իր առաքելութեան (SOCG, vol. 167, f. 96):

[47]        Ֆրա Յովհաննէս Նազար Թոփրալուի մէջ յանձնարարական մը կու տայ երկու հայ ուխտաւորներու, որոնք ուղղուած էին Հռոմ` խնդրելով ՀՍ-ի քարտուղարէն. «Հայոց հիւրանոցին մէջ լաւ տեղ մը տրուի, որովհետեւ Հռոմէն դարձող ուխտաւորներ կը գանգատին, թէ հոն լաւ չի նայուիր իրենց» (SOCG, vol. 121, f. 156):

[48]        SOCG, vol. 121, f. 155.

[49]        SOCG, vol. 123, f. 29. Օգոստինոս արքեպիսկոպոս նոյն գաղափարը կը կրկնէ նաեւ 15 յուլիս, 1642-ին գրած նամակով, որ յանձնարարական գիր մըն է` տրուած իր միաբաններէն ֆրա Յակոբոս Յիսուսի, որ ուղղուած էր Հռոմ փախչելու համար իշխանի մը հալածանքէն: Ֆրա Յակոբոս պաշտպանած էր երիտասարդ մանչ մը ու քանի մը աղջիկներ, որպէսզի չթողուն կաթողիկէ հաւատքը դառնալու համար հայադաւան: Օգոստինոս Բաջենց կը գովէ ֆրա Յակոբոսի առաքինի կեանքը ու կ’առաջարկէ, որ սա ըլլայ հովիւ Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին հայոց: Ֆրա Յակոբոս իր հետ Հռոմ տարած է իր եղբօրորդին. Բաջենց անոր համար ալ կը խնդրէ, որպէսզի տեղաւորուի Հռոմի մէջ վարժարանէ մը ներս (SOCG, vol. 122, f. 185):

[50]        SOCG, vol. 123, ff. 30-31.

[51]        SOCG, vol. 122, ff. 192-193. Ֆրա Յովհաննէս Նազար իր այս նամակով կու տայ նաեւ ուրիշ հետաքրքրական լուրեր. «Այս երկրին ժողովուրդը լաւագոյն է, քան քրիստոնեայ աշխարհինը. կրօնաւորները Եւրոպայի կրօնաւորներուն նման բարի են, բայց կան նաեւ չարեր: Արքեպիսկոպոսը սուրբ մըն է, հակառակ վկայողը` ստախօս է ու խորամանկ. իսկ եթէ թերութիւն մը ունի, ոչ մէկ զարմանք, նկատելիք անգամ չէ: Եկեղեցիները օր ու գիշեր, Եւրոպայէ աւելի, թէեւ աղքատօրէն, բայց պատուաւոր կերպով կը կատարեն արարողութիւնները: Խորամանկները կրնան խօսիլ որքան ուզեն, սակայն կայ Աստուած, որ կը տեսնէfi»:

[52]        Lettere volgari, vol. 21, ff. 192, 198.

[53]        Lettere volgari, vol. 21, ff. 198-99.

[54]        SOCG, vol. 122, f. 182.

[55]        SOCG, vol. 170, ff. 474-475.

[56]        SOCG, vol. 170, ff. 430, 431-414. 3 հոկտեմբեր, 1643 թուակիր նամակով Պոլիսէն կը գրէ պատրիարքական փոխանորդ fra Giacomo da Fanano` իմացնելով ՀՍ-ի քարտուղարին, թէ դոմինիկեանց վանքին մէջ տեղ չըլլալով` ֆրա Յովհաննէս Նազար կը բնակի իր մօտ, «շատ բարի կրօնաւոր մը, որ ստէպ կ’երթայ վիճաբանելու հայ եպիսկոպոսի մը հետ» (SOCG, vol. 168, f. 103):

[57]        SOCG, vol. 127, ff. 62-63.