Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ Զ. ՎԱՀԿԱՑԻ

1427. ՎԱՀԿԱՑԻ ԵՒ ՆԱՂԱՇ

Նորէն Կիլիկեցիք կը տիրանային հայրապետական աթոռին, զոր ձեռք կը ձգէր իրենց գլխաւորներէն Կոստանդին եպիսկոպոս բնիկ Վահկայ բերդէն, եւ ձգտումով նախաձեռնակ, ու միջոցներով հարուստ, ու հնարագիտութեամբ ճարտար անձ մը, թերեւս նաեւ գլուխ ու վարիչ Պօղոսի դաւաճաններուն: Իւր ուղղութիւնը ճշդելու համար կրնանք հիմնուիլ այս վերջին պարագային, ինչպէս նաեւ նկատի առնել Լատիններու մօտենալու կամքը, եւ Փլորենտիոյ ժողովին հետ յարաբերութիւնը, որչափ ալ գործին առաջին շարժումը իրմէ բղխած չըլլայ: Հետեւաբար աղթարմայութեան, թէ ոչ նախանձայոյզ մը, գոնէ համակիր մը եղած ըլլալը կը յայտնուի: Ասոր հետ մէկտեղ պէտք է ընդունինք, թէ այդ մասին ալ մեծ գործունէութիւն ունեցած չէ, քանի որ միւս կողմէն Մկրտիչ Նաղաշ վարդապետի հետ նախորդ մտերմութիւն ունէր, եւ անոր հանդէպ յարգանք կը տածէր, որ է ըսել թէ հայադաւանութեան սէրը իւր սիրտէն բոլորովին հեռացած չէր, իսկ Նաղաշի աղթարմայութենէ հեռու մէկ մը եղած ըլլալը յայտնի է: Բնիկ Բաղէշի մօտիկ Պոռ գիւղէն էր Նաղաշը, Առաքել մեծատուն քահանայի որդի, Յովհաննէս վաղամեռիկ քահանայի, եւ Աբգար մեծատուն տանուտէրի եղբայր, թէպէտ տղայութենէ կրօնաւորութեան փափաքող, սակայն ամուսնանալու պարտաւորուած էր: Կնոջը առաջին ծննդաբերութեան առթիւ այրիանալով, եկեղեցականութեան կը մտնէր, նկարչութեան եւ ճարտարապետութեան արուեստներէն ալ չհրաժարելով: Որոշակի ըսուած չէ թէ ո'ր աշակերտութենէ էր, այլ Տաթեւի աշակերտած ըլլալը չյիշուիր, իսկ 1418-ին, դեռ սարկաւագ եղած ատեն Պոռայ Ս. Անանիա, այժմ Ս. Յովհաննէս վանքը գտնուած կը տեսնուի ( ՆԱՂ. է. ), իսկ վարդապետութիւնը Ամիդի մէջ անցուցած է, եւ 1430-ին նոյն քաղաքին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, նոր ընտրուած Վահկացի կաթողիկոսէն ( ՀԱՅ. 572): Մկրտիչ շատ ազդեցիկ դիրք մը ունեցած է Միջագետքի մէջ, իւր կարողութեամբ եւ յաջողակութեամբը, բայց աւելի Աքքօյունլու Օսմանի սիրելի ըլլալովը, որով ամէն տեսակ արտօնութիւններ ստացած է քրիստոնէից համար, եկեղեցիներու նորոգութիւն, եկեղեցականներու ապահարկութիւն, համարձակ պաշտամունք, եւ գերիներու ու նեղուածներու ազատութիւն: Իւր գլխաւոր շինութիւնները եղած են, Արղնիի Բարձրահայեաց վանքը 1433-ին եւ Տիարպէքիրի Ս. Թէոդորոս կաթողիկէն, որ անագան աւարտեցաւ 1439-ին ( ՀԱՅ. 573): Բարեբախտ պիտի ըլլայինք եթէ Վահկացիին մասին ալ նմանօրինակ տեղեկութիւններ հասած ըլլային, մինչ ընդհակառակն իւր օրով եւսքանզեւս յառաջացաւ Սսոյ հայրապետանոցին քայքայումը, եւ կաթողիկոսական աթոռին անկումը, որ Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառութեան եւ հաստատութեան նախանձայոյզ վարդապետները ստիպեց վերջնական դարմանին դիմել, եւ Կիլիկիոյ մթնոլորտէն հեռացնել հայրապետութիւնը, եւ զայն վերադարձնել իւր սկզբնական տեղը, լուսաւորչահիմն Էջմիածինը, որ թէպէտ արտաքին եւ քաղաքական տեսակէտով նախանձելի բախտ մը չունէր, գոնէ անտխեղծ պահած էր հայադաւան ուղղափառութեան սկզբունքը: Պօղոսի սպանութիւնը եւ Կոստանդինի յաջորդելը մեծապէս ցնցած էին Արեւելեայց միտքերը, եւ հարկաւ անմիջապէս ալ գործի ձեռնարկած կ՚ըլլային, եթէ պարագաները ներէին:

1428. ԻՍՔԷՆՏԷՐ ԵՒ ՃԻՀԱՆՇԱՀ

Տագնապալից էր կացութիւնը, ամէն կողմ սուր ու հուր, աւեր ու աւար կը տիրէր Գարաքօյունլու Իսքէնտէրին երեսէն: Արալի, Իսքէնտէրի որդին եւ Վանայ իշխանը, անիրաւութեանց չափը անցընելուն, հօրմէն ետ կոչուեցաւ, բայց նա Շամախիի իշխան Խալիլուլլահին ապաւինեցաւ, որ Արալին Շահռուհ մեծ խանին ղրկեց, եւ այս պատճառով Իսքէնտէր Շամախի յարձակեցաւ 1434-ին, եւ որոյ ճարակ ետ հնգետասան աւուր ճանապարհաւ զաշխարհն, եւ քաղաք ու գիւղ, ծառ ու այգի, ամէն բան ջնջեց, անպատմելի աւերս գործեալ: Շամախիէ անցաւ յայնկոյս Դարբանդու, անողորմ սրախողխող առնելով զլեռնականս եւ զդաշտականս, եւ ամ մի լմնան այդ ասպատակը շարունակեց, եւ ահագին աւարով եւ գլուխներու բեռներով Սիւնեաց երկիրը դարձաւ 1435-ին, ուր Յակոբ Շամախեցի քահանայն կրցաւ քրիստոնեայ գերիները ազատել ( ՄԵԾ. 100): Շահռուհ ուզելով Իսքէնտէրը պատժել անթիւ եւ անհամար բազմութեամբ Սուլտանիան պաշարեց, եւ անկէ Երնջակ եկաւ, ուր Իսքէնտէրի մայրն Խանում ու եղբայրը Ճիհան խոստացան Շահռուհի Իսքէնտէրը սպաննել, բայց նա յաջողեցաւ փախչիլ Կոգովիտ գաւառի Արծափ գիւղը, եւ անկէ Կարինի վրայ քալեց, ուր Աքքօյունլու Օսմանի հետ զարնուեցաւ, եւ զայն սպաննեց եւ գունդերը ջարդեց, ու դիակները դիզելով. ինքն յառաջացաւ դէպ Աքշէհիր եւ Թօքաթ: Շահռուհի որդին Ջոնգայ, որ կը հետապնդէր` ետեւէն չհասաւ, իսկ Շահռուհ պատուեց ու Շահ անուանեց Իսքէնտէրի Ճիհան կամ Ջահան եղբայրը, որ իրեն հպատակութիւն էր յայտնած ( ՄԵԾ. 103): Միւս տարի 1436-ի գարունին Իսքէնտէր իւր ասպատակը նորոգեց, Սեբաստիոյ շրջակայքը քանդեց, այրի մը մէջ ապաւինած Հայերէն` էրիկ մարդիկը անասելի չարչարանօք տանջեց, եւ կին ու տղայ գերի տարաւ, Տիվրիկէ ծանր փրկանք գանձեց, Խարբերդը սրով եւ հրով աւերեց, Դերջանի ժողովուրդը ճանպայ հանեց իբր գերի ձիւն ձմեռին, եւ երբ ցրտահարներու բազմաթիւ մահերը կ՚իմացնէին, ծիծաղելով ասէր. Աստուած արար, զիflնչ փոյթ է ինձ ( ՄԵԾ. 105): Քան զաստեղս աւելի մարդիկ մեռեալ էին Իսքէնտէրի երեսէն, որ 1437-ին եղբօրը Ճիհան Շահի վրան քալեց, բայց իրեններէն լքուելով Երնջակի բերդը ապաւինեցաւ, ուր իւր իսկ մայրը Խանում եւ Շահաբաթ որդին, եւ 10 զօրեղ եւ քաջ մենամարտիկ զինուորներ զինքն սպաննեցին երբ ի քուն էր արբեալ ի գինւոյ, եւ գլուխը Ճիհան Շահին տարին: Եւ խաղաղացաւ երկիր կը յաւելու պատմիչը ( ՄԵԾ. 107): Ըսած էինք վերեւ ( § 1422) թէ պարագայք չներեցին Հայաստանի վարդապետներուն Սսոյ աթոռին գործովը զբաղիլ, ուստի քաղուածօրէն տուինք վերջին տարիներուն անցքերը, որ մեր խօսքը կը հաստատեն:

 

1429. ՊԵԼԳԻՆ ՕՐԲԵԼԵԱՆ

Դժբախտութեանց շարքը լրացնելու համար յիշենք եւս Օրբելեանց վերջանալը: Այդ ազգատոհմէն մնացած էր միայն Պելգին իշխան, Պեղգին ( ՄԵԾ. 117) եւ Պեշգին ալ գրուած ( ՄԵԾ. 134), որդի Սմբատ իշխանին, այն որ Տաթեւացիին պաշտպանութիւն էր ըրած ( § 1357), կեղծուրաց ալ եղած, եւ նորէն դարձած ( § 1406): Պելգին միակ Հայ իշխան մնացած էր Արեւելեան գաւառները, ճիռ մի ի մէջ ողկուզաց, եւ աստղ մի ի խաւար գիշերի ( ՄԵԾ. 119), ընդ գերիշխանութեամբ Վրաց Ալեքսան թագաւորին, որ Սիւնեաց նահանգն ալ իրեն հնազանդեցուցած էր: Սակայն Ալեքսան Հայոց նկատմամբ համակիր չէր, եւ կը վախնար մի' գուցէ Հայեր Պելգինի շուրջը ժողովեսցին, եւ աւերումն լիցի կողման Վրաց: Ուստի կը մտադրէ զայն սպաննել տալ, եւ Ամնադին անուն Հայ մըն ալ կը վարձէ, որ տայ դեղ մահու ի ժամ կերակրոյն: Պելգին կը զգայ, դեղթափ ալ կ՚առնէ, բայց օգուտ չ՚ունենար եւ կը մեռնի: Ալեքսանի եւ Ամնադինի գործին մէջ կրօնամոլութեան հետք մըն ալ կը նշմարէ պատմիչը, թէ ազգն քաղկեդոնական չկրցաւ տանիլ զբարերարն ազգիս, ուղղադաւան եւ ճշմարիտ հաւատացեալն ( ՄԵԾ. 118): Ալեքսան այս կերպով Օրբելեանց տէրութիւնը վերջացուց, որոնց նախապէս Լօռի դղեակն ալ տուեր էր: Պելգինի եղբայր Շահ, փոյթ չունեցաւ հայրենի գաւառին տիրանալ, իսկ որդին տասնամեայ մեռաւ, եւ Հայ իշխաններու վերջին հետքն ալ ջնջուեցաւ 1438-ին: Միայն Պելգինի աւագանին անոր վրէժը լուծեց, Ամնադինը ծայրակտուր արարեալ յոտից եւ ի մատանց ( ՄԵԾ. 121):

 

1430. ՎՐԱՑ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Ալեքսան 1439-ին չարաչար եւ անհանդուրժելի ցաւերով հիւանդացաւ, եւ 1440 Զատկին օրը, մարտ 27-ին Ճիհանշահ եկաւ ու Վրաց Շամշուլտէ քաղաքը պաշարեց, եւ անհամար թուով գերի վարեց, որոնք մինչեւ ի Մոր եւ ի Խորասան եւ ի Պաղտատ եւ ի Տաճկաստան եւ յամենայն երկիր ցրուեալ ցնդեցան ( ՄԵԾ. 121), իսկ Հայաստանի քրիստոնեայք այնքան աղքատցած էին որ մին քաղաք եւ մին գիւղ գերի մի գնել ոչ կարէր ( ՄԵԾ. 122): Վրաց թագաւորութեան իյնալովը քրիստոնէից յետին յոյսն ալ ջնջուեցաւ, եւ մեք, կ՚ըսէ Մեծոփեցին, որ հանապազ յոյս ի Վրացիսն ունելով պարծէաք, յայնմանէ յուսահատեալ, առաջի անօրինաց ափիբերան եղաք ( ՄԵԾ. 123), եւ այդ վերջին աղէտքին վրայ ողբով կը փակէ իւր պատմութիւնը: Ճիհանշահ այս կերպով բոլոր Հայաստանի եւ Կովկասի բացարձակ տիրապետողը դարձաւ, եւ թէպէտ քրիստոնէից վրայ հարկերը խստացուց, գոնէ պատերազմի խռովութիւնները վերջացան, եւ երկիրը համեմատաբար հանդարտ վիճակ մը ստացաւ, որով ուրիշ գործերով ալ զբաղելու հնարաւորութիւն ներկայացաւ: Ճիհանշահ այդ կողմերուն վրայ մարզպան կամ ընդհանուր պետ դրաւ իւր Հասան-Ալի որդին, որ աթոռը հաստատեց Նախիջեւան, եւ անոր ձեռքին ներքեւ կուսակալներ նշանակուեցան` Վան, Երեւան, Տփղիս, եւ ուրիշ գաւառներ, պէյ կամ պէկ կամ բէգ կոչմամբ, եւ ասոնցմէ մէկն էր Երեւանի Եաղուպ պէյը, որուն անունը պիտի յիշենք աթոռի փոխադրութիւնը պատմած ատենիս:

 

1431. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԵՐՁՈՒԱԾԸ

Այժմ պէտք է անցնինք կարեւոր կէտ մը լուսաբանել, որ է Հայոց կողմէ Լատինաց Փլորենտեան ժողովին յղուած պատուիրակութիւնը, եւ անոր ձեռքով կատարուած գործողութիւնը: Սակայն գործին լիակատար բացատրութեան համար անհրաժեշտ կը դատենք կողմնակի տեղեկութիւններ տալ Լատիններուն եւ Յոյներուն կացութեան վրայ: Կղեմէս Ե պապ իւր աթոռը 1309-ին Հռոմէ փոխադրած էր Գաղղիոյ Աւինիոն քաղաքը, ուր աթոռը մնաց մինչեւ 1377, եօթը պապերու ժամանակ, մինչեւ որ Գրիգոր ԺԱ նորէն Հռոմ հաստատուեցաւ, բայց քիչ ետքը մեռաւ 1378 մարտ 26-ին, եւ երկու պապեր միանգամայն ընտրուեցան, Ուրբանոս Զ Հռոմի մէջ եւ Կղեմէս Ե Աւինիոնի մէջ: Այսպէս սկսաւ Արեւմտեան հերձուած կոչուած պառակտումը: Ուրբանոսի յաջորդեցին Վոնիփակիոս Թ 1379-ին, Իննովկենտիոս Է 1404-ին, եւ Գրիգոր ԺԲ 1406-ին, իսկ Կղեմէսի յաջորդեց Բենեդիկտոս ԺԳ 1394-ին: Հերձուածին վերջ տալու համար գումարուեցաւ Պիսայի (Pisa) ժողովը, Իտալիոյ մէջ, 1409 մարտ 26-ին, երկու պապերն ալ չճանչնալու սկզբունքով, զորս յունիս 5-ին հերձուածող եւ հերետիկոս հռչակեց, եւ յունիս 26-ին ընտրեց Աղեքսանդր Ե պապը: Այս ընտրութիւնը ուրիշ արդիւնք չունեցաւ, բայց եթէ երրորդ պապ մըն ալ աւելցնել, եւ թէպէտ Աղեքսանդր Ե 1410-ին մեռաւ, բայց իրեն յաջորդեց Յովհաննէս ԻԳ, եւ իւր աթոռը Բոնոնիոյ (Bologna) մէջ հաստատեց: Միեւնոյն միջոցին նորաղանդութիւնն ալ սկսած էր Արեւմուտքի մէջ, որուն նախահայրը եղաւ Յովհաննէս Վիքլէֆ (John Wickliff) Անգղիացին 1374-ին, եւ իրեն յաջորդեց Յովհաննէս Հուս (Johan Huss) Գերմանացին 1403-ին, հետեւապէս հերձուածին խնդիրին` հերետիկոսութեան խնդիր մըն ալ կը կցուէր Եւրոպայի մէջ, բայց մենք այդ եղելութեանց չենք հետեւիր: Երրակի հերձուածը վերջացնելու համար գումարուեցաւ Կոստանդիոյ (Constanz) ժողովը Հելուետիոյ մէջ 1414 նոյեմբեր 5-ին, եւ 1415 ապրիլ 6-ին իւր նշանաւոր վճիռը արձակեց թէ ժողովի իշխանութիւնը պապական իշխանութենէն վեր է: Ժողովը մինչեւ 1418 իւր նիստերը շարունակեց, 1415 մայիս 29-ին Յովհաննէս ԻԳ-ը դատապարտեց, 1415 յուլիսին Գրիգոր ԺԲ-ի բռնազբօսեալ հրաժարականը ընդունեց, 1417 յուլիս 26-ին Բենեդիկտոս ԺԳ-ը կրկին մերժեց, եւ վերջապէս 1418 նոյեմբեր 11-ին Մարտինոս Ե-ը պապ ընտրեց: Հերձուածը պաշտօնապէս դադրած եղաւ, բայց խռովութիւնները շուտով չդադրեցան: Գրիգոր ԺԲ քիչ ետքը մեռաւ 1417-ին 91 տարեկան, Յովհաննէս ԻԳ, որ 1415-ին բանտարկուած էր` երեք տարիէն մեռաւ 1418-ին, իսկ Բենեդիկտոս ԺԳ իբր պապ ապրեցաւ մինչեւ իրեն մահը 1424-ին, եւ իրեն յաջորդեց Կղեմէս Ը, որ իւր դիրքը պահեց մինչեւ 1429, այլ հետզհետէ լքուելով ստիպուեցաւ հրաժարիլ եւ Մարտինոս Ե-ի հնազանդիլ: Կոստանդիոյ ժողովը որոշած էր պարբերաբար ընդհանուր ժողովներ գումարել իբր իրարու շարունակութիւն, եւ ըստ այսմ առաջինը գումարուեցաւ Իտալիոյ Պաւիա (Pavia) քաղաքը 1423 մայիսին, բայց վերահաս ժանտախտին պատճառով յունիսին Իտալիոյ Սիէնա (Siena) քաղաքը փոխադրուեցաւ, եւ լոկ հերետիկոսութեանց գործերով զբաղելով փակուեցաւ 1424 փետրուար 26-ին: Այդ մանրամասնութիւններ մէկ կողմէն կը հաստատեն թէ Լատիններուն եկեղեցական դրութիւնն ալ Հայերու կացութենէն շատ չէր տարբերեր, եւ միւս կողմէն մեզ կ՚առաջնորդեն Փլորենտիոյ ժողովին իսկութիւնը ճշդելու:

 

1432. ԲԱՍԻԼԻՈՅ ԺՈՂՈՎԸ

Մարտինոս Ե նոր ժողով հրաւիրեր էր 1431 փետրուար 1-ին, Հելուետիոյ Բասիլիա (Basilea կամ Basel) քաղաքը մարտ 3-ին բացուելու պայմանով, սակայն ինքը փետրուար 20-ին մեռաւ եւ մարտ 3-ին ընտրուեցաւ Եւգինէոս Դ: Այդ պարագաներ յապաղեցին ժողովականաց շուտով հաւաքուիլը, եւ 1431 դեկտեմբեր 14-ին առաջին նիստը գումարուեցաւ, մինչ անդին պապը դեկտեմբեր 12-ին հրաման կը հանէր ժողովը յետաձգել եւ 18 ամիսէն բանալ Բոնոնիա քաղաքը, ուր ինքը կը գտնուէր: Բասիլիոյ ժողովականները չհաւանեցան եւ 1432 փետրուար 15-ին կրկնեցին Կոստանդիոյ ժողովին վճիռը, թէ պապական իշխանութիւնն ալ ժողովականին ենթարկուած է, եւ Եւգինէոսի առաջարկեցին յետաձգման հրամանը ետ առնուլ: Եւգինէոսի չհամակերպելուն վրայ 1432 դեկտեմբեր 18-ին իրեն 60 օր պայմանաժամ նշանակեցին, եւ նոյնը կրկնեցին 1433 յուլիս 13-ին, պաշտօնանկութեան սպառնալիքով: Ասոր պատասխան Եւգինէոս սեպտեմբեր 13-ի կոնդակով Բասիլիոյ ժողովականներուն որոշումները կը ջնջէր, բայց ինքն ալ տագնապալի վիճակ մը ունէր Բոնոնիոյ մէջ, թէ քաղաքական հակառակութիւններուն եւ թէ իրեններէն լքուելուն երեսէն: Այս պատճառով ստիպուեցաւ Բասիլիոյ ժողովականներուն հետ հաշտուիլ, ինչ որ տեղի ունեցաւ 1434 ապրիլ 24-ին, եւ յունիս 26-ին անգամ մըն ալ հռչակուեցաւ Կոստանդիոյ վճիռը ժողովներու գերիշխանութեան վրայ: Եւգինէոս դժգոհ այդ ելքէն, բայց եւ ստիպեալ հարկին հնազանդիլ, պատեհ գտաւ օգտուիլ իւր ազդեցութիւնը զօրացնող պարագայէ մը, որ յանկարծ կը ներկայանար Յոյներուն կողմէ: Օսմանեանց սուլտան Մէհէմմէտ Ա-ի ( § 1412) յաջորդած էր որդին Մուրատ Բ 1421-ին, եւ երկուքին ձեռքով Յունական կայսերութեան Ասիական եւ Եւրոպական բոլոր երկիրները Օսմանեանց իշխանութեան ներքեւ անցած էին, այնպէս որ Կոստանդնուպոլիս այլեւս ամէն կողմէն թշնամիէն շրջապատուած, եւ յոյժ անձուկ սահմաններու մէջ ամփոփուած էր: Յովհաննէս Ը Պալէոլոգ կայսր, որ 1425-ին հօրը Մանուէլ Բ-ի յաջորդած էր, գահակալութենէն անմիջապէս ետքը, ծանր պայմաններով տասնամեայ հաշտութիւն մը կնքեց Մուրատի հետ, բայց եւ այնպէս միշտ երկիւղի մէջ էր: Արեւմուտքէ զատ ուրիշ կողմէ օգնութիւն մը չյուսալով, եւ այդ օգնութեան համար դաւանական միութեան պայմանին անհրաժեշտ ըլլալը գիտնալով, հարկաւ Ղալաթիա (Calata) արուարձանին մէջ հաստատուած Գենուացիներէ ալ յորդորուելով, ուղղակի Եւգինէոս պապին դիմեց 1433-ին, եւ սա ալ նոյն տարւոյ յուլիսին Քրիստափոր Կարաթօնի (Cristoforo Caratoni) քարտուղարը յղեց բանակցութեան սկսելու: Յովհաննէս կայսր կ՚առաջարկէր Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գումարել միութենական ժողովը, որուն Եւգինէոս համամիտ էր, եւ Բասիլիոյ ժողովը ցրուելու միջոց կը նկատէր ( ՊԷԼ. Ա. 275), մինչ Բասիլիոյ ժողովականք, որոնց ալ յատուկ պատգամաւորներ յղած էր Յովհաննէս կայսր` Եւրոպիոյ մէջ կ՚ուզէին: Այն ատեն Եւգինէոս իւր եղած Բոնոնիան առաջարկեց, իսկ կայսրը ծովեզերեայ Անկոնա (Ancona) քաղաքը կը նախադասէր: Բանակցութիւնք երկարեցան մինչեւ 1436, եւ այդ միջոցին ժողովը կանոնական գործերով զբաղեցաւ, առանց աչքէ վրիպեցնելու Յոյներն ալ, զորս իրեն կողմը ձգել կ՚աշխատէր, Բասիլիան կամ Աւինիոնը կամ Սավոյիան իբրեւ ժողովատեղի առաջարկելով, իսկ կայսրը, որ Եւգինէոսի եւ ժողովականաց մէջ ազդուագոյն կողմը կը փնտռէր, վերջապէս ժողովականներէն բաժնուեցաւ եւ Եւգինէոսի յարեցաւ: Ասոր վրայ պապը սկսաւ աւելի խրոխտաբար վարուիլ Բասիլիոյ ժողովականաց հետ, ժողովականք ալ բացարձակ ընդդիմութիւն հռչակեցին: Պապ ու կայսր համաձայնեցան Իտալիոյ Փերրարիա (Ferrara) քաղաքը գումարուիլ, որուն վրայ Եւգինէոս 1438 յունուար 1-ի կոնդակով Բասիլիոյ ժողովը լուծեալ հռչակեց, եւ փետրուարի 8-ին ժողովը բանալ տուաւ, 27-ին ինքն ալ գնաց, մարտ 4-ին Յովհաննէս կայսրը եկաւ, եւ 7-ին ալ հասաւ Կոստանդնուպոլսոյ Յովսէփ պատրիարքը, եկեղեցական հետեւորդներով, ապրիլ 9-ին հանդիսութիւն կատարուեցաւ, բայց ժողովական գործողութիւններ մինչեւ հոկտեմբեր 8 յետաձգուեցան, Լատիններէն շատերուն յապաղելուն պատճառով: Եւգինէոս իւր յաղթութիւնը կատարեալ կը կարծէր, բայց Բասիլիոյ ժողովականք չէին զիջաներ: Փերրարիայի ժողովը ապօրէն հռչակեցին, Բիտրուրգիոյ (Bruges) կանոնք կոչուած` Գաղղիական եկեղեցւոյ սահմանադրութիւնը հաստատեցին, որ պապական իշխանութեան նպաստաւոր չէր, 1439 յունիս 25-ին Եւգինէոսը գահընկէց հրատարակեցին, եւ նոյեմբեր 5-ին նոր պապ մըն ալ ընտրեցին Սավոյիոյ Ամեդէոս Ը (Amedeo V||| di Savoia) հրաժարեալ իշխանը, որ Փելիքս Ե կոչուեցաւ: Ուրիշ մասնաւոր կարգադրութիւններէ ետքը 1443 մայիս 16-ին ժողովը փակեցին, որ ամբողջ 12 տարի տեւած էր, եւ որուն հեղինակութեան մասին Լատիններն ալ իրենց մէջ համաձայն չեն, եւ հինգ վեց տեսակ կարծիքներ կազմուած են ( ՊԵԼ. Ա. 292), որոնք մեզ չեն հետաքրքրեր:

 

1433. ՓԼՈՐԵՆՏԻՈՅ ԺՈՂՈՎԸ

Մեզի կարեւոր էր գիտնալ թէ ինչ հոգւով, ինչ նպատակով, եւ ինչ պարագաներու ներքեւ գումարուած է յունալատին միաբանութեան ժողովը, որուն այնչափ կարեւորութիւն կու տան հռոմէադաւանք, եւ զոր մեր ազգային եկեղեցւոյն վրայ ալ տարածել կը ջանան: Յոյներ եկած էին Օսմանեան վերահաս գրաւումէն ազատուելու, եւ որեւէ արտաքնայարդար պայմանով օգնութիւն մը ստանալու համար: Իսկ Եւգինէոս կ՚աշխատէր որեւէ ձեւի տակ Արեւելքի վրայ ազդեցութիւն տարածելով` իւր անձնական թշնամիները ընկճել: Ահա տիեզերական ըսուած ժողովոյ հեղինակութեան հիմը, եւ հաւատոյ դաւանական վճիռ կոչուած որոշումը: Փերրարիոյ մէջ 1438 հոկտեմբեր 8-էն, մինչեւ 1439 յունուար 10, տասնըվեց նիստեր գումարուեցան, եւ յՈրդւոյ յաւելուածին վրայ վիճելով, բայց քաղաքին մէջ ժանտախտ ճարակած ըլլալուն` միակամ հաւանութեամբ փոխադրուեցան մերձակայ Փլորենտիա (Firenze) քաղաքը, ուր փետրուար 26-ին առաջին նիստ մը գումարեցին: Հոգւոյն Սրբոյ եւ յՈրդւոյ բղխման խնդիրը շարունակեց մինչեւ յունիս 8, եւ վերջապէս միջասահման բանաձեւով մը փակուեցաւ: Պատարագի հացին եւ սրբագործութեան եւ հանդերձեալ Մաքրարանի խնդիրներն ալ փոխադարձ զիջողութեամբ փակուեցան, բայց պապական իշխանութեան կէտը ծանր ընդդիմութեանց բաղխեցաւ, իրեն գործնական ձեւերուն մէջ: Յոյները բաւական կը սեպէին Հռոմի աթոռը առաջին ըսել, մինչ Լատիններ անոր ընդարձակ նախաձեռնութիւններ կու տային, հանգանակին յաւելուածներ ընելու, իւրովի տիեզերական ժողով հրաւիրելու, առանց ուրիշ պատրիարքներու զայն գումարելու, պատրիարքները իւր ատեանը բերելով դատելու, եւ նմաններ, զորս Յոյներ չէին ընդունիր, եւ Յովսէփ պատրիարքին յունիս 12-ին վախճանելուն վրայ, Յոյն եպիսկոպոսներ մեկնելու կը պատրաստուէին: Սակայն կայսրն ու պապը միտքերնին ուրիշ նպատակներ ունէին, Յովհաննէս որեւէ կերպով Լատինաց օգնութիւնը ապահովել կ՚ուզէր, Եւգինէոս Բասիլիոյ ժողովականաց առջեւ տկարանալ չէր ուզեր, որոնք ճիշդ այն օրեր, յունիս 25-ին ( § 1432), զինքն գահընկէց կը հռչակէին: Միտքերնին տարբեր, բայց նպատակնին համամիտ, կայսր ու պապ միացան եւ ստիպողական ու շահեցողական ամէն միջոց գործածելով, եւ որոշ բացատրութեանց տեղ դիւրաթեք բանաձեւներ ընդունելով, բայց միշտ բաւական դժուարութիւններով` միութենական վճիռ մը գիրի առնել եւ ստորագրել տուին յուլիս 5-ին, եւ 6-ին երկուշաբթի օր հանդիսապէս հրատարակեցին Փլորենտիոյ մայր եկեղեցւոյն մէջ:

 

1434. ՓԼՈՐԵՆՏԻՈՅ ՎՃԻՌԸ

Այն հաւատոյ գիրին մէջ ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1025) նկատելի կէտերն են: Նախ պապը իւր կոնդակը կը հաստատէ հաւանութեամբ կայսեր, եւ արեւելեան պատրիարքաց ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1026) ընդարձակ կերպով կը բացատրէ թէ Հոգւոյն Սրբոյ բղխման մասին Լատիններուն ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ, եւ Յոյներուն ի Հօրէ Որդւով բանաձեւները նոյն իմաստի կը յանգին, եւ կ՚ընդունի իբր ի միոյ սկզբանէ վարդապետութիւնը ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1030): Պատարագի եւ մաքրարանի մասին երկաքանչիւր եկեղեցիները իրենց սովորութեանց մէջ կը թողու: Իսկ պապական իշխանութեան մասին խօսուած ատեն կ՚ընդունի Յոյներուն պահանջած պայմանները, թէ այն կ՚իմացուի, Ինչպէս որ տիեզերական ժողովներուն վճիռներուն եւ եկեղեցական կանոններուն մէջ կը պարունակուի: Եւ թէ Ամբողջապէս պիտի պահուին պատրիարքներուն բոլոր իրաւունքները եւ առանձնաշնորհութիւնները ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1034): Այդ բանաձեւներով Յոյն եպիսկոպոսներ կը կարծէին իրենց դրութիւնը ազատած ըլլալ, իսկ Լատիններ կ՚ուրախանային որեւէ կերպով Յոյներու վրայ առաւելութիւն ստանալ: Եւգինէոս Բասիլիականաց վրայ յաղթանակ տարած կ՚ըլլար, եւ Յովհաննէս իւր կայսրութիւնը ապահոված կը կարծէր: Կայսրը յուլիս 6-էն ետքը իւր դիտած գործնական արդիւնքը կը պահանջէր, սակայն Եւգինէոս չունէր այն ազդեցութիւնը որ Եւրոպիոյ բանակները Օսմանեանց դէմ շարժէր: Կայսրը յուսախաբ իւր ակնկալութեանց մէջ, բաւական ատեն դեռ Փլորենտիա մնաց, որ նպատակը իրագործէ, սակայն տեսնելով որ բան մը չարտադրուիր, եւ ընդդիմադիր եպիսկոպոսներու դիտողութիւններէն ցաւելով, միութենական որոշումէն յիսուն օր ետքը, օգոստոս 26-ին բոլոր Յոյներով Փլորենտիայէ մեկնեցաւ դէպի Կոստանդնուպոլիս, ուր հասաւ 1440 փետրուարի առջի օրը: Միայն երկու Յոյն եպիսկոպոսներ ետեւ մնացին, որոնք սիրտով հռովմէադաւանութեան յարած էին, Բեսարիոն (Bessarione) Նիկիոյ եւ Իսիդորոս Կիէվի (Kiev) արքեպիսկոպոսները, որոնք կարդինալութեան աստիճանով վարձատրուեցան:

 

1435. ԳԵՆՈՒԱՑԻՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅԵՐ

Յոյներուն մեկնելէն օր առաջ Փլորենտիա կը հասնի Հայ պատգամաւորութիւնը, եւ կայսրը հազիւ թէ զայն ողջունելով Փլորենտիայէ կը մեկնի ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1046): Բայց մենք պէտք է ետ դառնանք պատգամաւորութեան ծագումը պատմելու: Այդ միջոցին ծաղկեալ Հայ գաղթականութիւն մը կը գտնուէր Խրիմի Կաֆա քաղաքը, որուն ծագումը կը կապուի Չարմաղանի արշաւանքներուն ( § 1113), եւ Անի քաղաքի փախստականներուն հետ: Ասոնք առաջին անգամ բնակեցան Ախսարայ: Աժտէրխանի եւ Ղազանի մօտերը, ուր հասած կ՚ըլլան շուրջ 1235-ին: Երբ 1261-ին Յոյն կայսրներ Կոստանդնուպոլիսը Լատիններէն ետ առին, օգնութիւն գտած էին Գենուացիներէն, որոնք Վենետիկցիներու եւ Պիսացիներու հետ կը մրցէին ծովի տիրապետութեան եւ առեւտուրի ընդարձակութեան համար: Միքայէլ Պալէոլոգ կայսր իբր երախտագիտութեան պարտք, Գենուացիներուն (Genovesi) տուաւ Կոստանդնուպոլսոյ հանդիպակաց ծովեզերքը, որ Ղալաթիա կամ Կալաթա կը կոչուի այժմ, անշուշտ իտալերէն Calata անունով, ինչպէս կը կոչուին ցարդ Գենուայի եւ Սավոնայի եւ շրջակայ Լիգուրեան նաւահանգիստներու քարափները: Կոստանդնուպոլսէ դուրս Գենուացիք մեծ կեդրոն ունէին Խրիմու Կաֆա քաղաքը, եւ առեւտրական կայարաններ, Զմիւռնիոյ, Քիոսի, Միտիլէնի եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ: Քրիստոնեայ իշխանութեան մը Կաֆայի մէջ մերձաւորութիւնը` Ախսարայի Հայերուն տեղափոխութեան փափաքը շարժեց, եւ Կաֆայի Գենուացիներէ հաւանութիւն ստանալով, եւ դիմադրող Թաթարներու հետ պատերազմելով, եկան հաստատուիլ Կաֆա 1330-ին, եւ հետզհետէ ընդարձակուեցան նոր գիւղեր ալ շինելով եւ շէնցնելով եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ կանգնելով ( ՀԱՅ. 581): Այդ թուականէն դար մը անցած էր, եւ շատ զարգացած էր Հայոց դիրքը Գենուացւոց պաշտպանութեան ներքեւ, սակայն բարի դրացիութիւն եւ բարեացակամութիւն շահելու նպատակները, Կաֆայի Հայերուն մէջ մերձաւորութիւն ու հակամիտութիւն մը ստեղծեցին դէպի լատինականութիւն, որ ոչ բոլոր հայաբնակութեան հաւասար, եւ ոչ ալ կատարեալ եւ պաշտօնական կերպով էր, եւ մաս մը միայն մինչեւ ունիթորական յանձնառութիւններ հասած էր եւ երեք վանքեր ունէր, ինչպէս յիշեցինք ( § 1394): Ուրիշ մաս մը Կիլիկեցւոց ոճով աղթարմայական զիջումներու կը միտէր, եւ վերջապէս ճշմարիտ հայադաւան մաս մըն ալ կար, միշտ տիրապետողներու հետ լաւ յարաբերութիւններ պահելու զգուշաւորութեամբ: Երբ որ 1433-ին Յովհաննէս կայսր Եւգինէոսի դիմեց ( § 1432), եւ միութենական դիտում յայտնեց, պապին միտքը ծագեցաւ միեւնոյն փորձն ընել ուրիշ Արեւելեան եկեղեցիներու հետ ալ, որոնք Հռոմի հետ յարաբերութիւն չունէին, որպէսզի տեսակ մը դաշնակցական միութեամբ իւր դիրքը զօրացնէ, եւ Բասիլիականաց կողմը տկարացնէ, որոնք աւելի ազդեցութիւն ունէին Գերմանական, Գաղղիական եւ Սպանիական երկիրներու մէջ: Սակայն Բասիլիոյ ժողովականք ալ Եւգինէոսի գաղափարը հակակշռելու համար, իրենք ալ իրենց կողմէն, ոչ միայն կայսեր, այլ եւ ուրիշներու ալ նոյն հրաւէրը ուղղեցին, ինչպէս կ՚երեւի Կոստանդնուպոլիս գտնուող Յովհաննէս եւ Եսայի Սսոյ եպիսկոպոսներու նամակէն, զոր ուղղած են Բասիլիոյ ժողովականներուն 1433 սեպտեմբեր 30-ին ( ՄՆՍ. Լ. 642), ուր կ՚ակնարկէն ժողովին կողմանէ կայսեր ուղղուած գրութեան եւ ղրկուած պատգամաւորութեան: Մենք արդէն յիշած ենք Բասիլիոյ ժողովին Յունաց հետ միութեան խնդիրով զբաղիլը ( § 1432): Բայց Եւգինէոս իրեն կուսակից եւ օգնական ունէր Իտալացիները, եւ յատկապէս Գենուացիները եւ Վենետիկցիները, որոնք ընդարձակ եւ ազդեցիկ յարաբերութիւններ ունէին Արեւելքի մէջ, եւ իրենց ձեռնտուութիւնը ընծայեցին Եւգինէոսի, անոր հրաւիրագիրները կամ դիմումները հասուցին Հայերուն, Եթովպացիներուն, Ասորիներուն, Քաղդէացիներուն եւ Մարոնիներուն, եւ ձեռուներնէն եկած միջամտութիւնը գործածեցին յօգուտ պապութեան, բայց մենք պիտի ամփոփուինք Հայերուն վերաբերեալ կէտերով: Ինչպէս Կաֆայի Հայերը, նոյնպէս Կոստանդնուպոլիս գտնուողներն ալ Գենուացւոց ազդեցութիւնը կը կրէին, ինչպէս կը կրէր Յունաց կայսրն ալ: Այսու հանդերձ երկու եպիսկոպոսները յանձնառու չեղան միութեան բանակցութեան մտնել եւ գործը թողուցին կաթողիկոսին ( ՄՆՍ. Լ. 642): Այդ պատասխանին վրայ Եւգինէոս ուղղակի Կոստանդին կաթողիկոսի անունով գիր մը գրեց, որ Եսայի եպիսկոպոսի ղրկուեցաւ տեղը հասցնելու համար: Նամակը ղրկուած է Կոստանդնուպոլիս, եւ ոչ Երուսաղէմ ( ՉԱՄ. Գ. 473), ինչ որ յարմար ուղեգիծ մըն ալ չէր: Շփոթութիւնը յառաջ եկած է, Եսայիի նոյն միջոցին Երուսաղէմի Մարտիրոս պատրիարքին աթոռակից ըլլալէն ( ԲԱՌ. 48), ինչպէս որ Եսայի ալ կը ստորագրէ: Պապին նամակը, Աբդլմսեհ սարկաւագի ձեռքով Սիս ղրկուեցաւ, եւ Եսայի ըստ այսմ 1434 նոյեմբեր 1-ին պապին պատասխանեց, ուր պապին պատուիրակ Քրիստափոր Կարաթօնիի հետ ալ տեսակցած ըլլալը կը յիշէ ( ՄՆՍ. Լ. 867):

 

1436. ՊԱՊԱԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐԸ

Հայերը հռոմէադաւան ցուցնելու մարմաջով բռնուած գրողներ, նորօրինակ տրամաբանութիւն մը ունին: Շողոքորթ գովասանքները` հաւատոյ դաւանութիւն կը մեկնեն, միութեան փափաք ցուցնող յայտարարութիւնները` կատարուած իրողութիւն կը ցուցնեն, անհատի մը կամ խումբի մը ըրածն ու գրածը` եկեղեցւոյ ամբողջութեան կը վերագրեն, եւ այս կերպով Հայ եկեղեցւոյ նկարագիրին եւ իսկութեան վրայ վճիռ կ՚արձակեն: Ներկայ պարագայիս մէջ ալ, Կոստանդին կաթողիկոսը, Սսոյ աթոռը, Կոստանդնուպոլսոյ եպիսկոպոսը, Երուսաղէմի պատրիարքը, Կիլիկիոյ ժողովուրդը, Կաֆայի գաղութը, կատարեալ հռոմէադաւաններ ցուցնելու ճիգեր կ՚ըլլան: Արդ եթէ այս այսպէս էր եւ ամէնքը պապութեան հպատակներ էին, հապա իflնչ էր պապին կողմէն զանոնք միութեան կոչելու հրաւէրը, զի ոչ թէ միացեալներու, այլ միացեալ չեղողներու կրնար ուղղուիլ այդպիսի առաջարկ մը: Պապին հրաւէրին հանդէպ Կոստանդնուպոլիս եղող եպիսկոպոսներ գործը կաթողիկոսին կը թողուն, կաթողիկոսն ալ չաճապարեր համաձայնութիւն յայտնելու, այլ մինչեւ Տիարպէքիր կը գրէ, եւ խնդիրն ու թուղթը հաղորդելով` Մկրտիչ Նաղաշ եպիսկոպոսին կարծիքը կ՚ուզէ, որուն աղթարմայութեան դէմ անձ ըլլալը յայտնի էր ( § 1427): Օրինօք շարժուելու համար պէտք էր որ Վահկացին Սիւնեցի եւ Վասպուրականցի վարդապետական կեդրոններուն ալ գրէր, այլ չմոռնանք որ Գարաքօյունլու Իսքէնտէրին շահատակութեանց միջոցն էր ( § 1428), եւ կ՚երեւի թէ Վահկացին հազիւ Տիարպէքիրի հետ հաղորդակցելու հնարաւորութիւնն է ունեցեր: Նաղաշին կարծիքը առաջարկին հակառակ եղաւ. հայադաւան ուղղութեան հաւատարիմ մնալով` քաղկեդոնիկ դաւանութեան չուզեց համակերպիլ, եւ հազիւ Կոստանդինի նամակը ստանալէն տարի անցնելէն ետքը, 1436 մայիս 16-ին պատասխան գրեց, որ միութենական բանակցութեանց մտնելու համար պէտք էր որ դիմացինները միանգամ ընդ միշտ քաղկեդոնական գետինէ դուրս կանգնին ( ՉԱՄ. Գ. 474): Այս առթիւ Նաղաշ` Լատիններէն զատ Յոյներն ալ կը յիշէ, զի պապական առաջարկէն զատ կայսերական յորդորն ալ կար ի նպաստ միութեան: Եթէ Եւգինէոս պապ իւր ներքին տագնապէն ազատելու ոյժ կը փնտռէր, Յովհաննէս կայսրն ալ արտաքին տագնապէն ազատելու օգնութիւն կը սպասէր: Նաղաշի պատասխանին վրայ բարձիթողի մնաց հրաւէրին խնդիրը, որ մեծ նշանակութիւն ունի աղթարմայութեան խմորով շփոթուած կաթողիկոսի մը համար, եւ Եւգինէոսի 1434-ին գրած նամակը մինչեւ 1438 անպատասխանի մնաց: Այդ պարագայն կը բաւէ հաւաստել թէ Հայեր, եւ նոյնիսկ Սսոյ աթոռը, ոչ միայն կատարեալ հռոմէական չէին, այլ եւ ոչ այնպէս ըլլալու միտում ունէին. ապա թէ ոչ, ինչչափ ալ ծանր ըլլային քաղաքական պայմանները, չորս տարուան լռութեան պատճառ մը չկար, եւ ինչպէս գիրը գացած էր, պատասխանն ալ կրնար դառնալ:

 

1437. ՀԱՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐԸ

Միութենական խնդիրը եւ Հայերու եղած առաջարկը նորէն ձեռք առնուեցաւ, երբ Փերրարիոյ ժողովը սկսաւ գումարուիլ 1438 տարւոյ սկիզբը ( § 1432): Այս անգամ պապէն նոր նամակ չգրուեցաւ, կաթողիկոսին կողմէն ձեռնարկ մը չեղաւ, Կիլիկիոյ մէջէն շարժում չսկսաւ, այլ գործին կեդրոնը Կաֆա եղաւ, եւ գործին մղումն տուողներն եղան Պօղոս Իմբէրիալի (Paolo Imperiali), Կաֆայի Գենուացի կառավարիչը, եւ Լուչինօ Ֆացիօ եւ Կալէդօ Կրիմալտի (Lueino del Fazio, Galeto dei Grimaldi), անոր օգնականները (11. ԱՄՍ. 461): Գենուացիք են ուրեմն, օտարազգի եւ օտարադաւան անձինք, որոնք մէջտեղ ինկած են Եւգինէոսի տագնապին օգնութիւն հասցնել, եւ Հայ պատգամաւորութիւն մը ղրկելով Փլորենտիա, անոր յաղթանակը պատրաստել Բասիլիականներու դէմ: Գենուացի կառավարիչն ալ կը վկայէ, թէ ինքն ձեռնարկեց վաստկիլ Հայերը (11. ԱՄՍ. 464), եւ յայտնի է թէ վաստկիլ բացատրութիւնը ինչ նշանակութիւն ունի իշխանաւորի մը բերանը: Հայերը համակերպութեան ստիպուեցան, եւ Լատիններ ամէն ծախք ընելու պատրաստակամութեամբ եւ ամէն դիւրութիւն ընծայելու խոստումով 1438 մայիս 12-ին թուղթ մը ստորագրել տուին Կաֆայի Մաղաքիա եպիսկոպոսին եւ քահանայական դասուն եւ գլխաւոր աշխարհականներուն, եւ պնդադեսպան հանելով նամակը հասուցին Կոստանդնուպոլիս, եւ անկէ Սիս, այնպէս որ 70 օրէն, յուլիս 25-ին Կոստանդին կարող կ՚ըլլար պատասխանել թէ' ազգայիններուն եւ թէ' հիւպատոսին: Կաֆացիներէ գրուած նամակին մէջ ըսուած էր, որ կամ Գենուա, կամ պապին, կամ սիւնհոդոսին մէկը ղրկուի իբրեւ դեսպան յօգուտ ամենայն քրիստոնիից, եւ կ՚ուզէին որ կաթողիկոսը նշանակէ զայն, իսկ եթէ մերժէ կամ մինչեւ երեք ամիս յապաղէ, ինքն հիւպատոսն պիտի ղրկէր վարդապետ մը ընդարձակ իշխանութեամբ (11. ԱՄՍ. 461): Ասկէ զատ դաւանական միաբանութեան կամ հաւատոյ սկզբանց նկատմամբ որոշ խօսք մը չկայ նամակին մէջ: Կաթողիկոսն ալ իր պատասխանին մէջ կը յիշէ թէ Եմանեսիոս եպիսկոպոս մը եկած է իրեն, պապին պատուիրակին եւ Գենուացի կառավարիչին նամակներով ( ՊԼՃ. 260), որով կը յայտնուի թէ Լատին պատուիրակութիւն մըն ալ եկած էր նամակին հետ, Կոստանդինի վրայ ստիպում գործելու համար: Իսկ Կոստանդին բաւականացած է չորս անձեր նշանակել նոյնիսկ Կաֆայի մէջէն, որք են Սարգիս վարդապետ, որ Կաֆացւոց արքեպիսկոպոս եւ Կոստանդինի անդրանիկ` այսինքն առաջին ձեռնադրեալ եպիսկոպոսը կը կոչուի ( ՊԼՃ. 260), թէպէտ վերեւ Մաղաքիա յիշատակուեցաւ իբր Կաֆայի եպիսկոպոս, եւ Մարկոս ու Թովմաս վարդապետներ եւ Յովակիմ Հալէպի եպիսկոպոսը, որ երթան եւ զորօրինակ եղեն միաբան սուրբն Սեղբեստրոս եւ սուրբն Գրիգորիոս, այսպէս միաբանին ի խաղաղութիւն, ի սէր եւ ի միութիւն ( ՊԼՃ. 261): Արդ այս խօսքերը հոգեւոր սէրէ աւելի բան մը չեն նշանակեր, եւ մոլորութենէ դառնալու վրայ չեն կրնար մեկնուիլ, բայց եթէ Լուսաւորիչն ալ մոլորութենէ դարձած ըսելով: Կաթողիկոսը նոյն կերպով կը գրէ հիւպատոսին ալ, Ինչպէս որ Սուրբ Հոգին պիտի լուսաւորէ անոնց միտքը, այնպէս թող գործեն, որպէս զի սէր եւ միութիւն եւ եղբայրութիւն ըլլայ ի մէջ քրիստոնէից (11. ԱՄՍ. 463): Կաթողիկոսը ո'չ հաւատոյ վրայ, ո'չ պապի իշխանութեան, ո'չ հռոմէականութիւն ընդունելու, եւ ոչ մոլորութիւններ մերժելու վրայ կը խօսի, խաղաղութենէ եւ եղբայրասիրութենէ անդին չանցնիր, որ կերպով մը Լատիններու մոլեռանդութեան յանդիմանութիւնն է, վասնզի Հայերու վրայ կրկնամկրտութիւն իսկ ընելու կը հասնէին (11. ԱՄՍ. 465): Պապին ուղղուած գիր իսկ չի տար, եւ պատիւ եւ յարգանք կամ հպատակութիւն յայտնող յայտարարութիւն մը չի գրեր, որուն երբեք ագահ չէին Հայ կաթողիկոսները, եւ ոչ ալ հրահանգ մը կը գծէ իւր պատգամաւորներուն: Գենուացի կառավարիչը կը գրէ պապին, թէ պատգամաւորութիւնը կու գայ յանուն բովանդակ ազգին (11. ԱՄՍ. 464), սակայն ինքն է ըսողը, կաթողիկոսին գիրերուն մէջ ասանկ իմաստ մը չկայ: Վերջապէս բոլոր իրողութիւնները ստիպման վրայ եղած զիջողութեան մը կը վերածուին: Կաֆայի Հայեր Գենուացիներէ ստիպում կը կրեն պատգամաւորութիւն մը ղրկել, եւ Կոստանդին վերիվերոյ եւ անորոշ ձեւով գոհացում մը կու տայ, որ Կաֆացիները իրենց տէրերէն չի նեղուին: Անոնց հռոմէական չըլլալուն կը վկայէ հռոմէադաւանութեան մեծ ախոյեանն ալ, թէ Քէֆէի Հայերն իրենց եպիսկոպոսով Հռոմէն անջատեալ էին (11. ԱՄՍ. 453): Մենք կ՚ուզէինք ընդունիլ թէ Կաֆայի մէջ տակաւին մնացած էր ունիթորական խումբէն մաս մը իւր վանքերով եւ իւր յատուկ եպիսկոպոսով, սակայն այս չափով Կաֆան հռոմէադաւան չէր ըլլար, ինչպէս այսօր ալ մաս մը Հայ կաթոլիկ գտնուիլը Հայոց ազգը կաթոլիկ չըներ:

 

1438. ՓԼՈՐԵՆՏԻԱ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ

Այդ պայմաններու ներքեւ ճանպայ կ՚ելլէ Կաֆայէն` չորս վարդապետներէ կազմուած Հայ պատգամաւորութիւնը, բայց պատգամաւորութեան առաջնորդ կը նշանակուի, Յակոբ Բրիմատիցի (Jacobus de Primatitiis) լատին կրօնաւորը, յատկապէս այդ գործին համար Բոնոնիայէ պապին կողմէն ղրկուած, երկու ուրիշ լատին ընկերներով, որք են Փրանկիսկոս Բոնոնիացի եւ Լուդովիկոս Բոնոնիացի (Francesco da Bologna Luigi da Bologna), երեքն ալ Փրանկիսկեան միաբանութենէ: Այդ լատին Յակոբն է, որ պիտի ըլլար Հայերուն գլխաւոր լուսատու, եւ Հայերու սիրտը բոլորովին անոր ձեռքը պիտի ըլլար, եւ առանց անոր կարող պիտի չըլլային քահանայապետին ներկայանալ (11. ԱՄՍ. 464): Աւելի պարզ խօսելու համար, գացող Հայ վարդապետները խրտուիլակ պիտի ըլլային, եւ Լատին կրօնաւորներ գործը պիտի կարգադրէին: Կառավարիչն Իմբէրիալի յանձնարարութիւնը կատարած եւ գործը լրացուցած ըլլալուն ուրախ, 1438 դեկտեմբեր 1-ին պապին ուղղած նամակով մը ճանպայ կը հանէ կէս Լատին եւ կէս Հայ պատգամաւորութիւնը, որ առաջ Կոստանդնուպոլիս կը հանդիպի, անկէ Վենետիկ, անկէ Փլորենտիա կ՚ուղեւորի, ուր կը հասնի 1439 օգոստոս 25-ին ( § 1435), երբ տիեզերական կոչուած ժողովը` իր գործը երկու ամիս առաջ լրացուցած էր, եւ Յոյներն ալ մեկնելու վրայ էին: Եւգինէոս իր Լատիններով ներքին գործեր կարգադրելու կը շարունակէր, եւ սեպտեմբեր 4-ին հերձուածող եւ հերետիկոս կը հռչակէր Բասիլիոյ ժողովականները` որ իրեն դէմ գահընկէցութեան վճիռ արձակած էին: Հայերու հետ ինչ բանակցութիւններ եղան, ինչ գումարումներ տեղի ունեցան, ինչ խնդիրներ յուզուեցան, ինչ պայմաններ առաջարկուեցան, եւ ինչ տեսակ ընդունելութիւն յայտնուեցաւ, ասոնք ամէնքը մեզի անծանօթ կը մնան, զի այդ մասին ժողովական տեղեկութիւններ եւ արձանագրութիւններ չեն գտնուիր: Միայն Հայերուն հասնելէն շուրջ երեք ամիս ետքը, 1439 նոյեմբեր 22-ին, Եւգինէոս իւր անունով կոնդակ մը կը հրատարակէ, հասարակ կոնդակներու ձեւով եւ Ցնծացէք առ Աստուած օգնական մեր, աղաղակեցէք առ Աստուած Յակոբայ, սկզբնաւորութեամբ ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1047), որ ոչ ժողովական կանոնի ձեւն ունի, եւ ոչ Հայ պատգամաւորներուն նախապէս տուած ստորագրութիւնները կը կրէ: Այս պատճառով Լատիններն ալ սովորաբար Հրահանգ առ Հայս անունով կը ճանչնան եւ կը նշանակեն այդ կոնդակը, որով ժողովական հեղինակութիւն տուած չեն ըլլար: Միանգամայն մեծ խնդիրներու նիւթ կ՚ընեն զայն, վասն զի ոչ միայն ձեւին կողմէն ժողովական հեղինակութեան պայմաններուն չպատասխաներ, այլ եւ պարունակութեան կողմէն ալ նշանաւոր անճշդութիւններ ունի, զորօրինակ ձեռնադրութեան խորհուրդին մէջ միայն գործիքներու տուուչութիւնը յիշելով, զանց կ՚ընէ ձեռաց դրութիւնը, որ խորհուրդին էական կէտն է, եւ առանց որոյ ձեռնադրութիւնը անվաւեր կ՚ըլլայ: Ամէն առթի մէջ, պատմութեան ամբողջացման նպատակով հարկ կը սեպենք այդ պաշտօնագիրն ալ վերլուծել:

1439. ՀՐԱՀԱՆԳ ԱՌ ՀԱՅՍ

Կոնդակին սկիզբը մեծամեծ խօսքերով կը հռչակուի, թէ 900 եւ աւելի տարիներէ իվեր բաժանուած Հայոց եկեղեցին` այս անգամ Հռոմի հետ կը միանայ: Արդ եթէ հռոմէադաւանները Եւգինէոսի հեղինակութիւնը կը յարգեն, պէտք է ընդունին թէ ասկէ առաջ միութիւն եղած չէ, մինչ իրենք քանի քանի անգամ կատարուած միութիւններ կը պաշտպանեն: Եւգինէոս կը յիշէ, թէ Հայեր անձուկ փափաքանօք միութեան, առաքեցին մեզ պատգամաւորս նշանաւորս, բարեպաշտօնս եւ իմաստունս, լիազօր իշխանութեամբ ճոխացեալս, որք եկին ի հեռաւոր աշխարհաց բազում նեղութեամբք եւ ծովային վտանգօք ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1049), մինչ մենք տեսանք թէ եկողները Կաֆացիներ են, Գենուացւոց ստիպմամբ բերուած, եւ ոչ Սսոյ հայրապետանոցէն եւ կաթողիկոսէ ղրկուած անձեր, եւ թէ պատգամաւորութեան գլուխները Լատիններ են ( § 1438): Այս յառաջաբանին վրայ կը սկսի յատուկ գլուխներով Հայերուն առաջարկել ընդունելու կէտերը: Առաջինն է Քրիստոսի եւ Հոգւոյն Սրբոյ աստուածութիւնը երեք ժողովներու համեմատ: 2. Երկու բնութեանց վարդապետութիւնը: 3. Երկու կամաց վարդապետութիւնը: 4. Քաղկեդոնի ժողովին եւ Լեւոն պապին ուղղափառութիւնը եւ Հռոմէ ճանչցուած բոլոր ժողովներուն ընդունելութիւնը ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1050-1054): 5. Մի առ մի կը մեկնէ եօթը խորհուրդները իւրաքանչիւրին նիւթն ու ձեւը ու պաշտօնեայն ու արդիւնքը բացատրելով, ու գրեթէ բառացի քաղելով Թովմաս Ակուինացիին գիրքէն, ուստի պէտք չենք զգար մանրամասնութեամբ յառաջ բերել այդ երկար յօդուածը ( ՄՆՍ. ԼԱ. 1054-1059): Մկրտութեան մէջ Ես մկրտեմ զքեզ ձեւը կը հրամայէ, բայց Մկրտի ծառայս ձեւն ալ չի մերժեր: Դրոշմի մէջ բացարձակապէս եպիսկոպոսը կը ցուցնէ իբր պաշտօնեայ: Հաղորդութեան մէջ բաժակին ջուր խառնելու համար Յայտնութեան տեսիլքէն վկայութիւն մը կը յարմարցնէ, Ջուրք բազումք, ժողովուրդք բազումք, սակայն բնագիրին մէջ գրուած է. Զջուրն զոր տեսեր, ուր նստէր պոռնիկն, ժողովուրդք են ( ՅՅՏ. ԺԷ. 15): Ապաշխարութեան խորհուրդին մէջ պաշտօնէին քահանայական աստիճանը անբաւական կը սեպէ, եւ յատուկ եպիսկոպոսէ տրուած արտօնութիւն ալ կը պահանջէ: Վերջին օծումը պարզապէս Լատիններուն իմացածին պէս կը բացատրէ: Ձեռնադրութեան մէջ զանց կ՚ընէ ձեռաց դրութիւնը, եւ միայն գործիքներու տուուչութիւնները կը յիշատակէ: Ամուսնութեան մէջ նիւթ եւ ձեւ եւ պաշտօնեայ չի ճշդեր, եւ ամուսնալուծութիւնը բացարձակապէս կը մերժէ: 6. Պարտաւորիչ կը հռչակէ Աթանասի Կանոն հաւատոյ գրութիւնը, եւ 7. Հայերուն ալ կը տարածէ Յունաց հետ յուլիս 6-ին հաստատուած միութեան գիրը: 8. Կը հրամայէ, որ Հայերն ալ Լատիններուն հետ տօնեն Աւետումը, Յովհաննու ծնունդը, Քրիստոսի Ծնունդն ու Թլփատութիւնն, ու Յայտնութիւնն ու Տեառնընդառաջը: Վերջապէս կը յայտարարէ թէ Հայ պատգամաւորները, իրենց եւ կաթողիկոսին եւ ամենայն Հայոց անունով այդ ամէն կէտերը հաստատեցին, ընդունելով կամ մերժելով ինչ որ Հռոմայ եկեղեցին կ՚ընդունի կամ կը մերժէ: Սակայն ինչպէս ըսինք, յառաջագոյն կատարուած բանակցութիւններ եւ յայտարարութիւններ կը պակսին, եւ միայն Լատին պատգամաւորներուն համակերպելով` Հայ պատգամաւորներն ալ ընդունած կ՚ըլլան: Թէպէտեւ Եւգինէոսի կոնդակին ներքեւ ստորագրած են վարդապետներէն ոմանք, եւ յանուն մեր եւ յանուն մեծի կաթողիկոսին մերոյ եւ ամենայն Հայոց կ՚ընդունինք ըսած են, սակայն պէտք չէր որ այս ըսէին որպէս եւ սրբութիւնդ ձեր վկայէ յաւելուածով ( ՉԱՄ. Գ. 481), զի ոչ թէ պատգամաւորներ ընդունելնին պապէն պիտի իմանային, այլ պապը պատգամաւորներէն պիտի իմանար: Հետեւապէս այդ յայտարարութիւնը` ստացութեան անդորրագիրէ աւելի ոյժ չի կրնար ունենալ, քանի որ եթէ կանխորոշ ժողովական վաւերագիր մը գտնուէր, հարկաւ ժողովներու պաշտօնական հաւաքածոյին անցած կ՚ըլլար, սակայն այսպիսի գիր մը ոչ արձանագրուած է, եւ ոչ ալ եղած է:

1440. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Երբոր 1430 նոյեմբեր 22-ին Եւգինէոս իւր հրահանգը կը հրատարակէր եւ կը յայտնէր թէ Հայ պատգամաւորները կաթողիկոսին անունով իւր որոշումները կ՚ընդունին, պատգամաւորներէ ներկայացուած կամ ներկայացնել կարծուած Կոստանդին Վահկացի կաթողիկոսը այլեւս չկար: Նոյն 1439 տարւոյ ապրիլ 20-ին գրուած յիշատակարան մը կ՚ըսէ, թէ տէր Կոստանդին հայրապետը յայսմ ամի փոխեցաւ առ Քրիստոս ( ՏԱՇ. 50), ուրեմն նա մեռած էր 1439 տարւոյ սկիզբները, դեռ պատգամաւորները օգոստոս 25-ին Փլորենտիա չի հասած, եւ ինչ որ յանուն Կոստանդին կաթողիկոսի կը գործուէր, վաւերական հանգամանքէ զուրկ էր, թէպէտեւ առանց այս պարագայի ալ` Փլորենտիոյ գործողութեանց մէջ վաւերականութեան հիմնական պայմաններուն բացակայութիւնը ակներեւ էր: Եւգինէոս որ 1439 դեկտեմբեր 15-ին Կոստանդին կաթողիկոսին կը գրէր, անոր ղրկած պատգամաւորներուն ետ դառնալուն առթիւ, հանգուցեալի մը ուղղած կ՚ըլլար իւր գիրը: Գիր մըն ալ կ՚ուղղէր Կաֆացիներուն, վասն զի իսկապէս Կաֆայի գաղութին եւ ոչ բոլոր Հայ ազգին ներկայացուցիչները կրնային սեպուիլ եկողները: Յօդուածագիր մը այդ գիրը ուղղուած կ՚ըսէ Քէֆէի կաթողիկէից (11. ԱՄՍ. 465), բայց քանի որ ասկէ առաջ նա ընդունած էր, թէ 1433-էն շատ տարիներ յառաջ Քէֆէի Հայերն իրենց եպիսկոպոսով Հռոմէն անջատեալ էին (11. ԱՄՍ. 453), անուղղակի յայտնած կ՚ըլլայ, թէ Եւգինէոսի` Գենուացւոց միջնորդութեամբ Կաֆայի Հայոց հետ ունեցած յարաբերութիւնները, աւելի Կաֆայի մէջ գտնուող ունիթորական հատուածին հետ էր, քան թէ բոլոր հայաբնակութեան հետ: Պատգամաւորներ 1439 դեկտեմբերին Փլորենտիայէ մեկնեցան պապին առատ ընծաներով, որոնց արժանացած էին իրենց հլու համակերպութեամբ, եւ պէտք էր որ ձեռուընին եղած նամակն ու հրահանգը շիտակ տանէին Սիս, կաթողիկոսին յանձնելու համար, բայց այդպիսի բան մը ըրած չեն, այլ Կոստանդնուպոլիսէ շիտակ ուղղուած են Խրիմ, եւ իջած Կաֆա` իրենց մեկնած տեղը, կատարուած գործերէն տեղեկութիւն տալու համար Կաֆայի Գենուացիներուն, որով ցուցած են թէ անունով միայն Հայոց կաթողիկոսին, իսկ իրօք Գենուացի կառավարիչին պատգամաւորներն են եղած, Լատին կրօնաւորներու գլխաւորութեան եւ առաջնորդութեան ներքեւ: Այսպէս կը վերջանայ Փլորենտիոյ ժողովին գացող պատգամաւորութիւնը: Հայաստանի շրջանակէն դուրս կատարուած, եւ որին շուրջը այնչափ կը զբաղին հռոմէականներ, Հայոց եկեղեցւոյ Հռոմի հետ միաբանութեան վերջնական եւ պաշտօնական գործ մը ցուցնելու համար: Մենք գործին ընթացքն ու պարագաները ու շարժառիթները բացատրեցինք, որպէս զի ընթերցողներուն դիւրին ըլլայ իւրովի եզրակացութեան յանգիլ: Վերջին դիտողութիւն մըն ալ աւելցնենք: Ենթադրենք պահ մը որ Կոստանդինի ըրածն ու ըսածն, եւ պատգամաւորներուն խօսածն ու գրածը` օրինական բաներ ըլլան, միթէ կրնաflր Կոստանդին Վահկացին, առանց խորհրդակցութեան եւ առանց ազգին համաձայնութեան, առանց ազգային ժողովի եւ առանց կանոնական պայմաններու, ինքն իւրովի, Լատիններէն եկած ստիպման վրայ, գաղթականութենէ չորս եկեղեցականներու յանձնարարութիւն տալով, Հայոց եկեղեցւոյ դրութիւնը այլայլել, դաւանութիւնը փոխել, եւ կացութիւնը փոփոխել: Թերեւս Լատիններ, որ իրենց եկեղեցւոյ պետին վրայ անսխալականութեան եւ ամենակարողութեան ձիրքեր կ՚ընդունին, այսպէս հաւանին, բայց ոչ Հայեր, որ այդպիսի ձիրքեր չեն ճանչնար իրենց եկեղեցւոյն պետին վրայ:

1441. ՎԱՀԿԱՑԻԻՆ ՄԱՀԸ

Կոստանդին Վահկացիի մահուան պարագաները մակաբերելու համար, նորէն պիտի դիմենք Մեծոփեցիին ընդհանուր կերպով տուած ծանօթութեան, թէ Սսոյ վերջին վեց կաթողիկոսներէն, վեցին ալ դեղ մահու արբուցին ( ԿՈՍ. 55), որ եթէ առաջիններուն վրայ ի լրոյ տեղեկութիւն ալ կարծուի, գոնէ վերջինին համար գիտակցօրէն գրուած տեղեկութիւն պէտք է ըսուի, վասնզի ոչ միայն ժամանակակիցի մը վկայութիւնն է, այլեւ գրուած է այն պարագաներու մէջ, երբ Մեծոփեցին իւր ուշնուրուշը Սսոյ գործերուն վրայ սեւեռած էր, եւ անոր ընթացքը կը զննէր: Մեծոփեցին լռելայն կերպով նոյնը կը հաստատէ, երբ ուրիշ տեղ կը գրէ, տէր Կոստանդին կաթողիկոսն Սսոյ գնաց առ Աստուած ( ԿՈՍ. 63), որ իւր մէջ հեգնական շեշտ մը ունի: Վահկացիի անունը գովեստի արժանի բան մը չի ներկայեր, եւ իւր ժամանակը աւելի զօրացած պիտի ըլլան այն զեղծումները, զորս Մեծոփեցին կը թուէ, եւ մենք արդէն քաղեցինք ( § 1049): Որչափ ալ աղթարմայութեան հակամէտ էր, սակայն իբր իրեն նպաստաւոր պարագայ մը պէտք է նկատենք Եւգինէոսի կողմէ եղած միութեան հրաւէրին, եւ Գենուացւոց ու Կաֆացւոց կողմէ եղած դիմումներուն հանդէպ վերապահութեան եւ զգուշաւորութեան դիրք բռնած ըլլալը ( § 1437): Իր ժամանակին Կիլիկիոյ կացութեան վրայ շատ գրելու բան չունինք, զի իրարու դրացի Իսլամ պետութեանց փոխադարձ պատերազմներն են եղածները, որ Սիսի կացութիւնը չփոխեցին: Տաւրոսի եւ Ամանոսի մէջ հաստատուած Հայ բերդակալներէն մէկ մասն ալ անոնցմէ նուաճուեցաւ այդ միջոցին, եւ յատկապէս Կապանի բերդը 1435-ին ( ՍԻՍ. 561): Օսմանեան սուլտան Մուրատ Բ. աւելի ընդարձակեց իւր աշխարհակալութիւնը դէպ արեւելք, եւ 1436 թուականը կրնայ նկատուիլ իբր սկիզբն Օսմանեան տիրապետութեան բուն հայաբնակ գաւառներու վրայ. մինչ ասկէ առաջ Հայերու վրայ տիրած էին, Փոքր Ասիոյ գաղթականութեանց մէջ, եւ ոչ Փոքր ու Մեծ Հայաստանի վրայ:

1442. ՅՈՎՍԷՓԻ ՇՓՈԹՆԵՐ

Վահկացիին մահուան դառնալով, անոր բռնական վախճան ունենալուն իբր հաստատութիւն պէտք է նկատել` մահուանէն ետքը տիրող խռովութիւնն ալ: Դավրիժեցին 1437 տարեթիւով տէր Յովսէփ կաթողիկոս մը կը դնէ ( ԴԱՎ. 336), զոր Երեւանեցին ալ ընդունած է ( ՋԱՄ. 17), եւ Չամչեան ալ Յովսէփ Գ. կաթողիկոս մը անցուցած է ցուցակին ( ՉԱՄ. ՅԱՒ. 92): Սակայն Մեծոփեցին այս անունով մէկը չի ճանչնար, այլ Կոստանդինի մահը յիշելով, անմիջապէս վրայ կը բերէ, եւ Գրիգոր անուն եպիսկոպոս մի դնեն կաթողիկոս ( ԿՈՍ. 63): Նոյն ինքն Չամչեան ալ այլեւայլ տեղերէ քաղելով գտած է, որ Յովսէփ իցէ աշխարհիկ ոք, եւ նստեալ առանց օծութեան, եւ թէ ազգն բնաւ չընկալաւ զկաթողիկոսութիւն նորա ( ՉԱՄ. Գ. 485), այնպէս որ այսչափը գիտնալէն ետքը ցուցակի չընդունելուն իբրեւ բացայայտ նշան կը նկատենք 1439-ին գրուած յիշատակարանի մը տարօրինակ բացատրութիւնը ի հայրապետութեան Լուսաւորչին ( ՓԻՐ. 118), որպիսի ինչ ուրիշ յիշատակարաններու մէջ ալ տեսած է Չամչեան, ի հայրապետութեան մեծի աթոռոյն որ էր ի Սիս, եւ խափանեցաւ` բացատրութեամբ ( ՉԱՄ. Գ. 486): Արդ այդ մանր տեղեկութիւնները իրարու մօտեցնելով կրնանք հաստատել, թէ Դավրիժեցիէն Յովսէփի տրուած 1437 թուականը չի կրնար երբեք նկատի առնուիլ, իբր Վահկացիին կաթողիկոսութեան վերջը, քանի որ Վահկացիին 1438-ին գործելը ( § 1437), եւ 1439-ին մեռնիլը ( § 1440), հաստատուն վկայութիւններով ճշդուած է: Իսկ Յովսէփը պէտք է կաթողիկոսութեան թեկնածու, եւ ամէն միջոցները անխտիր գործածող մէկ մը ճանչնալ, որ ամենայն հաւանականութեամբ եւ ոչ իսկ եպիսկոպոս եղած է: Նա իւր նպատակին հասնելու համար Վահկացիին կեանքին ալ դաւաճանած է, եւ թերեւս բռնի կերպով հայրապետանոցին ալ տիրացած է, բայց Սսոյ հայաբնակութենէն ընդունուած չէ, եւ եպիսկոպոսներն ալ օծումը զլացած են, եւ իրենց մէջ միանալով եւ ժողովուրդն ալ թեւ թիկունք առնելով, իրենցմէ մէկը կաթողիկոսական աթոռ բարձրացուցած են: Այս կերպով անցած է 1439 տարւոյ մնացորդը Վահկացիին մահուանէ ետքը, կատարելապէս անիշխանութեան եւ կաթողիկոսական աթոռին բռնաբարման միջոցը, որուն վրայ հնար չէ ընդունիլ բռնակալ Յովսէփի անունը, որով Յովսէփ Գ. կոչուածը` անգոյ կաթողիկոս կը դառնայ:

1443. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԽԼԱԹԵՑԻ

Նահատակներու թիւը որ անցեալ տարիներու մէջ բաւական շատ եղած էր, նուազած է այդ միջոցին, եւ միայն Յովհաննէս Խլաթեցիի անունը կը գտնենք հին յիշատակներու մէջ: Քսան տարեկան ժիր եւ առոյգ, գեղեցիկ եւ քաղցրերգակ երիտասարդ մըն էր Յովհաննէս, որ իր երգերով կը զուարճացնէր ժողովուրդը, եւս առաւել Սէյֆէտտին ամիրան, Խլաթի իշխանը, եւ հանապազ կայր առաջի նորա ( ՆՈՐ. 284): Իրեն կ՚ընկերանար տաճիկ երգեցիկ աղջիկ մըն ալ, բայց Յովհաննէսի հետ մրցելով յաղթեալ լինէր ( ՆՈՐ. 292), եւ ասկէ ծագեցաւ ստորին նախանձ մը, եւ ամիրային կողմէ Յովհաննէսը ուրացութեան յորդորելու ջանք մը: Վերջապէս ամիրան, 1439 տարւոյ առաջի օրերը անգամ մը առջեւը կանչելով, ստիպաւ կը պնդէ, եւ զրպարտութիւն ալ կ՚աւելցնէ, թէ դու լեալ ես երբեմն մեղօք ընդ Տաճիկ կնոջն երգեցողի, եւ կը հետեւցնէ թէ պէտք է որ տաճկանայ եւ աղջիկը առնէ, որպէսզի կեանքը ազատէ ( ՆՈՐ. 285): Յովհաննէսի մերժելուն վրայ, ամիրան կը հրամայէ բերդէն վար գլորել, բայց երիտասարդը դէմ կը դնէ, ասոր վրայ բրածեծ կ՚ընեն եւ ոտք ու ձեռք շղթայի զարնելով կը բանտարկեն: Գիշերը հրապոյր եւ սպառնալիք կը շարունակեն, մինչեւ որ Յովհաննէս կը տկարանայ, եւ կը խոստանայ ամիրային կամքը կատարել: Առտուն Յովհաննէսը ձի հեծցնելով քաղաքին մէջ փառաւորութեամբ կը պտտցնեն, բայց քրիստոնեաները կը ցաւին եւ սրտմտին, նոյնիսկ իր ծնողքն ալ: Այդ ցոյցերուն առջեւ Յովհաննէս կը զղջայ անմիջապէս, քահանաներուն կը դիմէ խոստովանելու եւ հաղորդուելու, բայց անոնք կը մերժեն խաղ ու կեղծիք նկատելով: Յովհաննէս լացով ու ողբով իւր անկեղծութիւնը կը վկայէ, եւ վերջապէս Առաջաւորի բարեկենդանին եկեղեցի երթալով կը խոստանայ հինգ օրերը անսուաղ անցնել, որ վերջէն հաղորդուի: Տաճիկները կ՚իմանան, կերակուրի կը հրաւիրեն, կը մերժէ, ամիրային լուր կու տան, որ կը հրամայէ միջոց մը հանդարտ թողուլ մինչեւ որ թլփատուելու ստիպեն: Այսպէս օրերը կ՚անցնին մինչեւ Բուն Բարեկենդանի նախընթաց շաբաթ օրը: Նոյն օրը վերջապէս զինքը կը ձերբակալեն եւ ատեան հանելու տարած ատեննին բերդէն անդին անցնիլ չուզեր, ուր յայտնած էր ուրացութեան հաւանութիւնը: Քարիւ եւ փայտիւ կը հարուածեն ու կը վիրաւորեն, եւ դատաւորին լուր կու տան, եւ քարկոծելու հրամանը ստանալով քարիւ եւ փայտիւ հարեալ ջարդեցին զամենայն մարմին նորա, եւ այնպէս կը սպաննեն նոյն տեղը: Մարմինը կրակի կու տան, եւ միայն երեք օր ետքը կը ներեն քրիստոնէից մնացորդները թաղել: Նահատակութեան թուականը պիտի դնենք 1438 փետրուար 22, Կոստանդնուպոլսոյ ժողովի տօնին շաբաթ օրը, կէսօրուան մօտ, ժամը 6-ին ( ՆՈՐ. 298), որ տարին Առաջաւորն ալ կ՚իյնար փետրուար 2-ին ( ՆՈՐ. 292): Իսկ ձեռագիրներուն մէջ տեսնուած 1437 թուականը` նշանակուած տօնին չպատասխաներ, եւ շատ սովորական սխալանք մըն է թուատառերու փոխանակութիւնը ընդօրինակողներուն գրիչին ներքեւ: