Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Ժ. ՋԱԼԱԼԲԷԳԵԱՆՑ

1470. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Գրիգոր, որ Կիրակոսի տեղ կաթողիկոսութեան կը բարձրանար, որդի էր պարոն Ջալալ բէգին ( ՓԻՐ. 130), կամ Ճէլալ պէյին, որով ազնուատոհմիկ մէկ մը եւ պետութեան առջեւ դիրք ունեցող մէկու մը զաւակ եղած ըլլալը կը յայտնուի, զի ընդհանրապէս պետական շրջանակներու հետ շփում ունեցողներն էին, որ տաճկական պատուանուն եւ երբեմն տաճկական անուն ալ կը կրէին: Սովորաբար Մակուցի կամ Արտազեցի կամ Սուրբ-Թադէոսցի ալ կը կոչուի, որովհետեւ եպիսկոպոս էր Արտազի` որ է Մակու քաղաքը, ուր է Սուրբ Թադէոսի մայրավանքը, բայց անհաւանական չէ որ ծննդեամբ ալ նոյն քաղաքէն եղած ըլլայ, թէպէտ ոչ ուրեք յիշուած կը գտնենք: Աշակերտութիւնը Տաթեւեան դպրոցէն էր, Հերմոնեցիին շրջանէն, եւ իւր տոհմային ազնուութեամբ եւ անձնական գործունէութեամբ շուտով յառաջ եկած էր: Նախընթաց յօդուածներուն մէջ ստէպ իւր անունը յիշեցինք, իբր փոխադրութեան աշխատողներէն մէկը, եւ նոյնիսկ 1441-ին յարմարագոյն ընտրելիներէն մին նկատուած, որ թերեւս յաջողած ալ կ՚ըլլար, եթէ նոյնիսկ իրեն կողմնակիցներէն` Հերմոնեցիին եւ Հաւուցթառեցիին նախանձոտ ատելութիւնները արգելք եղած չըլլային ( § 1457): Սակայն վերջապէս երբ Սիւնեցոց եւ Վասպուրականցոց ներհակընդդէմ մրցակցութիւնը յուզուեցաւ, եւ Սիւնեցիք զօրացան, Գրիգոր իբրեւ ընտրելագոյն կաթողիկոսացու անհակառակ ամէնէն ընդունուեցաւ` Մարկոս Վրաստանցիին մէջտեղ իյնալովը ( § 1467): Մենք դիտողութեան արժանի կէտ մը կը սեպենք, որ Մեծոփեցին այդ վերջին շփոթներուն եւ Կիրակոսի դէմ մղուած հակառակութիւններուն մէջ, նշանակելի դեր մը չտար Ջալալբէգեանցին, թէպէտ կը մեղադրէ անոր յանձնառութիւնը, թէ անիմաստն այն` եպիսկոպոսն Գրիգոր, գիտաց ի միտս իւր եթէ քաջութիւն արութեան գործեաց, ոչ քաջութիւն, այլ հակառակութիւն ( ԿՈՍ. 81): Բայց արդար ըլլալու համար պիտի ըսենք, որ եթէ Գրիգորի ընտրութիւնը տգեղ եւ դատապարտելի պայմաններու մէջ կատարուեցաւ, որոնցմէ ինքն բոլորովին անմասն չկրնար սեպուիլ, եւ եթէ իւր կաթողիկոսութիւնը ձախող եղելութեանց առիթ ընծայեց, սակայն իւր պաշտօնավարութիւնը անօգուտ եւ վնասակար եղած չէ, վասնզի ինքն է որ նորոգում արարեալ է ի Սուրբ Էջմիածնի մասամբ ինչ ( ԴԱՎ. 336), եւ ինքն է դարձեալ որ ունի զաշխատանս ի սուրբ աթոռոջս, քանզի նախապէս սա նորոգեաց զշինուածս սրբոյ աթոռոյս ի ներքուստ եւ արտաքուստ ( ՋԱՄ. 19)): Իբր գովութեան գլուխ աւելցնենք եւս, թէ նախորդ եւ գահընկէց կաթողիկոսին հանդէպ ալ չուզեց բռնութեամբ վարուիլ կամ նախանձով ճոխանալ, եւ մարդասիրական ընթացք մը պահեց:

1471. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՑԻՔ ԵՒ ՍԻՒՆԵՑԻՔ

Հազիւ թէ Զաքարիա Հաւուցթառեցին առատ կաշառքով եւ համոզիչ խօսքերով Եաղուպ պէկի հաւանութիւնը ստացաւ, նորէն ամէն կողմէ հաւաքուեցան, եւ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ կաթողիկոսական ձեռնադրութեան կարգ կատարեցին Գրիգորի վրայ: Մեծոփեցին մանրամասնութիւններ չտար, հարկաւ տալու սիրտ ալ չունէր, Պատարագեցին զՔրիստոս, սակայն ոչ ի հաշտութիւն, այլ ի բարկութիւն, եւ կաթողիկոսական օծումը լրացուցին տասուերկու եպիսկոպոսներով, որոնց բոլորը անշուշտ Կիրակոսը ընտրողներն եղան: Օր եւ ամսաթիւ գրուած չենք գտներ, սակայն գիտնալով որ Կիրակոս երկու ամ նստաւ ( ԿՈՍ. 75), եւ թէ նախընթաց հակառակութիւնները վարելու յարմարագոյն միջոցը մեծպահքի անզբաղ ժամանակն էր, եւ հաւաքուելու յարմար միջոցն ալ զատիկէ ետքն էր, Գրիգորի ձեռնադրութիւնը կրնանք դնել Կիրակոսի երկրորդ տարեդարձին ատենները, 1443 տարւոյ զատիկէն քիչ ետքը, որ այն տարի կը հանդիպէր ապրիլ 21-ին: Այդ փոփոխութեան անհրաժեշտ հետեւանքն էր Կիրակոսի հետ Էջմիածինէ հեռացնել Վասպուրականցիները, որ այնտեղ զօրացած էին: Կիրակոսի անձին դէմ խստութիւն գործադրուած չյիշուիր, վասնզի նա շուտով տեղի տուաւ, հրապարակէ քաշուեցաւ եւ գնաց ի տուն քրիստոնէի միոջ ( ԿՈՍ. 81), որ հաւանաբար բարեպաշտ Վասպուրականցի մըն էր: Կիրակոսի անընչասիրութիւնն ալ յայտնի ըլլալով զինքն չէին նեղած անիրաւ շահեր տուժելու պատրուակով, բայց խստացած են անոր շուրջը եղողներուն վրայ, եւ նեղի դրած են զսպասաւոր վարդապետք Էջմիածնին, ամբաստանելով դրամական անհաւատարմութեանց մասին, եւ մինչեւ իսկ տուգանելու համար մատնել անօրինաց ( ԿՈՍ. 82): Այս կերպով Կիրակոս Ռշտունի վարդապետէն, զոր անգամ մը յիշեցինք ( § 1466) գանձած են 13, 000 դահեկան, եւ Սարգիս Սալնապատցի վարդապետէն 6, 000, իսկ ամբաստանութիւն ընողներն եղած են Զաքարիա եւ Անտոն եպիսկոպոսներ ( ԿՈՍ. 82), որ պէտք է ըլլան Հաւուցթառեցին եւ Խորվիրապցին ( § 1460): Տուգանքի ենթարկուողներէն Կիրակոս յիշուած էր Վասպուրականցի ժողովականներուն կարգին ( § 1453), իսկ Սարգիս ոչ: Երկուքէն զատ հալածուողներ ալ եղած ըլլալը կը հետեւցնենք Մեծոփեցիին ըսելէն, թէ լցաւ երկիր գայթակղութեամբ ( ԿՈՍ. 82): Միայն իրեն մասին բան մը չըսեր, եւ մենք ալ պիտի հաւանինք հետեւցնել, թէ նա Կիրակոս կաթողիկոսին հետ քաշուեցաւ, եւ անոր հետ մասնաւոր տուն փակուեցաւ, եւ ծերունի գահընկէցը չցաւցնելու համար իր մխիթարիչ ընկերին ալ խնայեցին: Անանուն ժամանակագիրի մը ըսելը, զիս եւ զՍարգիս վարդապետն տուգանել ետուն ( ԴԱՎ. 485), ոմանք Մեծոփեցիին վրայ ուզեցին մեկնել, զայն նկատելով ժամանակագրութեան հեղինակը ( ՓԻՐ. 130), բայց աւելի յարմար է Կիրակոս Ռշտունիի վրայ մեկնել, բաղդատելով Մեծոփեցիին պատմածին հետ ( ԿՈՍ. 81):

1472. ԿԻՐԱԿՈՍԻ ԴԻՐՔԸ

Երբոր Կիրակոսի պաշտօնէ դադարելով Վասպուրականցոց գործն ու ազդեցութիւնը տկարացաւ, Մեծոփեցի Թովմասին այլեւս պէտք չէր մնար Էջմիածին մնալ, եւ կը գտնենք զինքն Մեծոփ դարձած եւ վանքին առաջնորդութիւնը ձեռք առած ըստ առաջնոյն: Ինքն յայտնապէս բան մը չի գրեր, բայց 1443-ին վանահայրութեան վրայ գտնուիլը կը յիշուի ( ՓԻՐ. 130), որով շատ երկար մնացած չըլլար Կիրակոսի հետ, եւ անոր մօտէն հեռացած կ՚ըլլայ, տեսնելով որ այլեւս իրեն ընկերակցութեան կամ օգնութեան պէտք չունի, քանի որ Ջալալբէգեանց ոչ մի կերպով չէր խստանար անոր դէմ, մինչեւ իսկ անհակառակ կը ներէր որ Կիրակոս իբրեւ կաթողիկոս պատուուէր ու յիշատակուէր: Յիշատակութիւններէն ոմանք Վասպուրականի մէջ գրուած են, ուր Կիրակոսի կողմը զօրաւոր էր եւ կրնար անոր համար պնդել, եւ Գրիգորի անունը յիշատակել չուզել, ինչպէս են 1446-ին Արճէշ ( ՓԻՐ. 153) եւ Վան ( ՓԻՐ. 154), եւ 1447-ին Արծկէ ( ՓԻՐ. 157) գրուած յիշատակարանները: Սակայն ասոնց հետ կան 1445-ին Խլաթ ( ԹՈՐ. Բ. 306), եւ 1446-ին Բաղէշ ( ՓԻՐ. 151) գրուածներ ալ, որոնք Վասպուրականէ դուրս են: Բայց աւելի նշանակալից են այն յիշատակարանները ուր Գրիգոր ու Կիրակոս զոյգ կը յիշուին, զոր օրինակ 1444-ին Արզնի գրուածը ( ՓԻՐ. 133), որուն նմաններ ստէպ կը հանդիպին ( ԱՐԱ. 230), բայց առանձին յիշուելու արժանի է Մեռելյարոյց կոչուած աւետարանը, Արճէշ գրուած եւ Մեծոփ ծաղկած 1445-ին, ի հայրապետութեան տեառն Կիրակոսի սուրբ կաթողիկէ Էջմիածնի, եւ ի հայրապետութեան տեառն Գրիգորի աթոռակցի Լուսաւորչին մերոյ, երբ հոն էր եւ առաջնորդութիւն կը վարէր, աստուածաբնակ սուրբ ուխտին Մեծոփայ սուրբ Աստուածածնայ տաճարին` Թումայ մեծ րաբունապետ ( ՓԻՐ. 147), որ է նոյն ինքն Մեծոփեցի պատմիչը եւ ցաւով Էջմիածինէ հեռացողը: Չենք կրնար ենթադրել որ Մեծոփեցին ներէր Գրիգորի անունը իւր վանքին մէջ Կիրակոսի հետ զոյգ յիշատակել, եթէ Կիրակոս հալածեալ մը եւ Գրիգոր հալածիչ մը հանդիսանար անոր աչքին: Հետեւաբար կրնանք վստահօրէն ըսել, թէ Գրիգոր Կիրակոսի պատուաւոր դիրք մը կազմած էր, կաթողիկոսական ձեւ եւ պատիւ չզլանալով, թէպէտ Վանաստանի նախկին ճգնաւորը, Էջմիածնի շուրջը գտնուող վանքերէն միոյն մէջ նորէն իւր ճգնողական կեանքը կ՚անցընէր, անցած դարձածէն անտեղեակ, եւ ըլլալիքին անտարբեր, աղօթքէ միայն սպասելով եկեղեցւոյն եւ ազգին բարիքը: Երկու կաթողիկոսներու անուններուն զոյգ յիշատակուիլը, եթէ առաջին անգամ Ջալալբէգեանի կողմէն փափկանկատ զգացումի արդիւնք եղաւ, սակայն ապագային զեղծումներու դուռ եւ աթոռակից կաթողիկոսներու շրջան մը կազմեց: Կիրակոսի կեանքը աթոռէ քաշուելէն ետքը վեց տարի եւս տեւած է, եւ մահը տեղի ունեցած է 1448-ին, մերձաւորաբար ութսունամեայ եղած ատեն, թէպէտ ստոյգ պատմութիւնը չունինք: Առաքինի եւ սրբակեաց անձ մը եղած էր միշտ, այնպէս ալ վախճանեցաւ, բարձր աստիճանին հասաւ, գրեթէ դիպուածով, եւ միայն իր անունը ծառայեց աթոռին փոխադրութեան գործը նուիրագործելու: Անտեղի չէր ըլլար եթէ Հայոց եկեղեցին ալ պատուէր Կիրակոսը, ինչպէս Հռոմայ եկեղեցին իբր սուրբ կը պատուէ անապատէ եկած եւ շուտով անապատ դարձած Կեղեստինոս Ե. պապը:

1473. ԹՈՎՄԱՍ ՄԵԾՈՓԵՑԻ

Գրիգորի կաթողիկոսութեան գործերը պատմելու չանցած, յարմար կը սեպենք Թովմաս Մեծոփեցիի մասին ըսուելիքն ալ վերջացնել: Եռանդուն եւ տոկուն գործունէութեան վրայ տեսանք միշտ Մեծոփեցին, անդստին այն օրէն որ 12 ընկերակիցներու խումբ մը կազմելով, եւ Հայ եկեղեցականութեան մասերը բաժնող պատուարները քանդելով, Վասպուրականէ անցաւ Սիւնիք ( § 1396), եւ իրեն գրաւեց եռամեծ Տաթեւացին ու զայն Վասպուրական բերաւ ( § 1399): Պատահական գործ մը չէր Մեծոփեցիին ըրածը, եւ պէտք է ընդունիլ թէ հեռաւոր եւ բարձր նպատակներ ծնած էին նորա միտքին մէջ: Բաւական ըլլայ նորէն միտք բերել անոր գործունէութեան արդիւնքները, զորս պատմութեանս կարգին հետզհետէ յիշեցինք, մինչեւ որ անոր մեծ գաղափարը իրագործեցաւ, եւ 1441-ին Հայ եկեղեցւոյ միահեծան հայրապետը հռչակուեցաւ Էջմիածնի մէջ: Մեծոփեցին գոհունակութիւնն ալ ունեցաւ իւր յարմար տեսած անձը նստեցնել կաթողիկոսական աթոռին վրայ, բայց երբ իր յաջողութեան գագաթնակէտը հասաւ, այնտեղէն սկսաւ իւր աստղը խաւարիլ, եւ գործը ձախողութեան դիմեց: Վասպուրականցիք իրենց յաջողութեամբ սկսան զեղծանիլ, Էջմիածնի մէջ իրենց բացարձակ գործունէութիւնը հաստատելով եւ Սիւնեցոց նախանձը գրգռելով: Մեծոփեցին ալ կ՚ընդունի այդ մեղադրանքը, երբ կը խոստովանի, թէ անգիտութիւն մեծ արարին կաթողիկոսն Կիրակոս եւ վերակացուք նորին ( ԿՈՍ. 75), բայց պէտք չէ մոռնանք թէ Կիրակոսի գլխաւոր վերակացուն ինքն էր, եւ չկրնար ինքզինքը պատասխանատուութենէ զերծ կարծել: Թերեւս այս խիղճն է որ իրեն կը թելադրէ տեղի տալ, որեւէ մաքառում ու մրցակցութիւն չյուզել, այլ լուռ ու մունջ քաշուիլ իւր վանքը, եւ գործը թողուլ իւր ընթացքին, գրեթէ անգործ կեանք մը անցընելով մինչեւ իւր մահը: Պատմութեանը մէջ կ՚ըսէ թէ յետ յիսուն ամացս սկսայ ( ՄԵԾ. 44), որով փոխադրութեան ձեռնարկէն առաջ զայն գրած կ՚ըլլայ, իսկ փոխադրութեան յիշատակարանները Մեծոփ դառնալէն ետքը գրած է: Երկրորդ հատուածին վերջը 1443 թուական է նշանակուած ( ԿՈՍ. 74), եւ գրուածին գոհունակ ոճը կը ցուցնէ թէ առաջին երկու մասերը գրած է Էջմիածնի մէջ, նոյն տարւոյն սկիզբները, տակաւին Կիրակոսի դէմ շարժումը չսկսած, իսկ երրորդ հատուածին մէջ, կը գրէ, թէ փոթորիկին լրանալէն այս երկու ամ է ( ԿՈՍ. 86), որով 1446-ին գիրի առած կ՚ըլլայ այդ վերջին հատուածը, որ բովանդակ այրած սիրտի մը զեղուածն է, եւ զսպուած կիրքի մը պոռթկացումը: Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած բոլոր տիրադրուժներու եւ քահանայապետ անարգողներու օրինակները կը կուտէ Կիրակոսի դէմ ելնողներուն գլուխը, յատկապէս կը զայրանայ Հերմոնեցիին դէմ, ականջօք խլացեալ, սպիտակ մօրուօք` զի դեղին է փոխարկեալ, եւ մօտեալ գերեզմանի ծերին դէմ ( ԿՈՍ. 84): Կը զարմանայ թէ տակաւին մեղայ ոչ եկն ի բերանս նոցա ( ԿՈՍ. 86), բայց կը մաղթէ Աստուծմէ մի' առնել նոցա դատաստան յահագին դատաստանն, այլ աստ առնել նոցա թողութիւն ( ԿՈՍ. 87): Սակայն եւ այնպէս սպասած մխիթարութիւնը չունեցաւ, եւ ցաւով կնքեց իւր կեանքը Կիրակոսէ քիչ առաջ: Յիշատակարան մը 1446-ին կը դնէ անոր մահը, վաթսուն ամ կացեալ անդ ի Մեծոփ ( ՓԻՐ. 148), սակայն նորէն Ե. եւ Է. թուատառերու շփոթութիւն պէտք է ընդունիլ, վասն զի 1448-ին Յակոբ Ղրիմեցի վարդապետը կը յղէ անոր ազգահամարի եւ տոմարի բացատրութիւնները ( ՓԻՐ. 158): Ըստ այսմ 1448 տարին ընդունուած է իբր Մեծոփեցիին մահուան թուական, իսկ տարիքը եօթանասունը անցած պէտք է հաշուել:

1474. ԱՐԵՒԵԼԱԿՈՂՄԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Փոխադրութեան ձեռնարկը չարայարեալ տալու համար, երկրին քաղաքական կացութիւնը բացատրել յետաձգեցինք: Եաղուպ պէկ, Երեւանի կառավարիչը, կամ լաւ եւս ինքնուրոյն իշխանը, ենթարկեալ էր Ճիհանշահի կամ Ջահանշահի, Գարաքօյունլուներու վեհապետին, որ փատիշահ անունը կը կրէր, կեդրոնը հաստատած էր Թավրէզ, եւ իրեն կը հպատակէին Ատրպատական, Պարսկահայք, Վասպուրական, Այրարատ, Սիւնիք, Աղուանք եւ Վրաստան ( § 1430): Նա 1437-ին յաջորդած էր իր եղբոր Իսքէնտէրի ( § 1428), եւ ահարկու եղած շրջականերուն, որով համեմատաբար հանդարտութիւն կը տիրէր: Իսկ Աքքօյունլուներուն վեհապետը կամ սուլտանը Օթման 1435-ին սպանուելէն ետքը ( § 1428), իրեն յաջորդած էր որդին Համզա, միշտ կեդրոնը ունենալով Միջագետքի մէջ` Ամիդ կամ Տիարպէքիր քաղաքը, եւ իշխանութիւնը տարածելով Հայաստանի Ծոփք եւ Աղձնիք եւ Տուրուբերան նահանգներուն վրայ: Համզայի իշխանութիւնը խիստ եղաւ քրիստոնէից դէմ, մինչեւ իսկ Մկրտիչ Նաղաշ եպիսկոպոսին Օթմանի արտօնութեամբ շինել տուած Ս. Թէոդորոսի կաթողիկէին ( § 1427) գմբեթը հրամայեց վար առնել, մինարէներէն աւելի բարձր ըլլալուն համար, եւ Նաղաշ ցաւին չդիմանալով պահ մը Ամիդէ հեռացաւ, եւ Տրապիզոն ու Կոստանդնուպոլիս հանդիպելով անցաւ Կաֆա, եւ հոն մնաց մինչեւ որ Ճիհանկիր սուլտան հօրը յաջորդելով 1443-ին, Նաղաշը փնտռեց, դարձուց 1447-ին, եւ արտօնեց գմբեթը վերաշինել, զոր տասն օրուան մէջ լրացուցին Ամդեցիք, բոլոր հայաբնակութիւն տիւ ու գիշեր աշխատելով: Այս առթիւ նոյն եկեղեցւոյն մէջ զետեղուեցաւ Ս. Նշանը կամ Խաչափայտի մասունքը, զոր Սարգիս Կաֆայի եպիսկոպոսը Եւգինէոս պապէն նուէր առած էր ( § 1440), եւ ինքն ալ Նաղաշին ընծայեց: Նաւակատիքը կատարուեցաւ Վարագայ Խաչին տօնին, 1447 հոկտեմբեր 1-ին, որ տարեկան հանդիսութիւն եղաւ Ամդեցիներուն ( ՀԱՅ. 574): Գարաքօյունլուներու եւ Աքքօյունլուներու փոխադարձ թշնամութիւնները բոլորովին չդադրեցան, թէպէտեւ հայկական գաւառներու վրայ շատ չծանրացան, եւ տեւեցին մինչեւ որ Ճիհանշահ զօրացաւ եւ իրեն հարկատու ըրաւ Ճիհանկիրը 1461-ին: Ճիհանշահ դէպ Արեւելք ալ իւր իշխանութիւնը ընդարձակած էր, եւ հետզհետէ նոր մասերու տիրելով ամբողջ Պարսկաստանը նուաճած էր 1460-ին, հանելով զայն Պուսայիտի կամ Ապուսայիտի ձեռքէն, որ 1451-ին յաջորդած էր Շահռուհ մեծ ինքնակալին Թաթարաց: Ճիհանշահի իշխանութիւնը ընդհանուր առմամբ նպաստաւոր էր քրիստոնէից, եւ անկէ օգտուելով տեղի ունեցան այն ներքին շփոթութիւնները, որոնց սկզբնաւորութիւնը տեսանք Կիրակոսի գահընկէցութեամբը: Կարծես թէ արտաքին շփոթութեանց նուազիլը ներքինները կը քաջալերէր:

1475. ԱՐԵՒՄՏԱԿՈՂՄԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Արեւմտեան Ասիոյ երկիրներուն մէջ ալ երեք տարբեր տէրութիւններ կ՚իշխէին, Եգիպտացիք եւ Գարամանցիք եւ Օսմանեանք: Պաղեստին եւ Ասորիք եւ Կիլիկիա Եգիպտացւոց ձեռքն էին, եւ Սիսն ալ անոնց գերիշխանութեան ներքեւ էր: Գարամանցիք Փոքր Հայքը ունէին, տարածուելով դէպի Բարձրհայք եւ Պոնտոս, իսկ Փոքր Ասիան եւ կղզիներ, եւ Եւրոպական կողմեր Օսմանեանց ձեռքն էին, որոնց կ՚իշխէին յաջորդաբար երկու զօրաւոր վեհապետներ, Մուրատ Բ. եւ անկէ ետքը Մէհէմմէտ Բ. որ հօրը գահը ժառանգած էր 1451-ին: Յունական կայսրութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ անձուկ շրջափակին մէջ պարփակուած, վերջին ճգնաժամի օրեր կ՚անցնէր: Յովհաննէս Է. Պալէոլոգի, Փլորենտիոյ ժողովով ու Հռոմի հետ միաբանութեամբ ձեռք ձգել յուսացած օգնութիւնը` պարապի ելած էր, բայց Յոյներ անկէ զատ ապաւէն չունենալով, երբ մէկ կողմէն Կոստանդնուպոլսոյ պարիսպները ամրացնելու կ՚աշխատէին, միւս կողմէն ալ պապական պատուիրակներուն հետ Հոգւոյն Սրբոյ բղխման խնդիրներով կը զբաղէին, որ հնար ըլլայ Հռոմը հաճեցնելով Լատինական գունդերը օգնութեան բերել: Յովհաննէս Է. շաւղին վրայ կը քալէր Կոստանդին ԺԳ. Պալէոլոգն ալ, որ եղբօրը յաջորդած էր 1448-ին: Մեհէմմէտ Բ. հազիւ գահ բարձրացած, ուզեց վերջին հարուածը տալ հոգեվար կայսերութեան, եւ 1453 մայիս 29-ին Կոստանդնուպոլիսը գրաւեց, եւ Ֆաթիհ կամ Յաղթական հռչակուեցաւ, Սուրբ Սոփիայի կաթողիկէին մէջ իսլամական աղօթքը հնչեց, աւերած ու կոտորած պահ մը տիրապետեցին, կայսրն ու պատրիարքը պատնէշներու վրայ ինկան, եւ Օսմանեանց թագաւորութիւնը կայսրութեան բարձրացաւ: Արդէն խօսեցանք համակիր յարաբերութեանց վրայ, զորս Թուրքեր եւ Հայեր փոխադարձաբար ունէին եւ կը մշակէին ( § 1386): Մուրատ Բ. աւելի ընդարձակած էր իւր տէրութիւնը, դէպի Փոքր Հայք. Գարամանցիները հետզհետէ հարուածած էր, Եգիպտացիներէն ալ քաղաքներ գրաւած էր, որով աւելի շատցեր էին Օսմանեանց հպատակ Հայերը: Յունական կայսերութեան անկման հետեւանքներէն մին եղաւ Կոստանդնուպոլիսը մայրաքաղաք հռչակելը, եւ ուզեց անոր մէջ Հայկական հոծ գաղթականութիւն մը հաստատել, իբր հակակշռող Յունական բնակչութեան, քրիստոնեաներու դիմաց քրիստոնեաներ դնելով, քանի որ իւր բարձր քաղաքականութիւնը պիտի չներէր իրեն մայրաքաղաքին մէջէն քրիստոնեայ տարրը ջնջելով հաստատուիլ: Ասկէ սկիզբն առած է Բիւզանդական ոստանին մէջ Հայկական մեծ գաղութին ներկայութիւնը, եւ պատրիարքական աթոռով եւ իշխանութեամբ ճոխանալը, զոր իւր կարգին պիտի լուսաբանենք:

1476. ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԽԶՈՒՄԸ

Աղթամարի Զաքարիա կաթողիկոսը, որ Վասպուրականցիներուն վստահանալով եւ Էջմիածին փոխադրուելու յոյսով համակերպած էր Վաղարշապատի ժողովին գումարման եւ Էջմիածնի աթոռին վերանորոգման, յուսախաբ եղաւ երբոր Կիրակոս ընտրուեցաւ, բայց տուած խոստումէն ետ չկեցաւ, վասնզի ընտրեալը Աղթամարին հին թեմական մըն էր, որ Աղթամարի աթոռը կ՚արձակէր ու կ՚օրհնէր, եւ իւր գլխաւոր ակնկալութիւնն ալ դեռ կրնար իրականանալ: Էջմիածինի եւ Աղթամարի յարաբերութիւնները հաշտ ընթացան Կիրակոսի երկամեայ կաթողիկոսութեան միջոցին, բայց նոյնպէս չէին կրնար մնալ երբ Կիրակոս հեռացաւ, Վասպուրականցիներ ցրուեցան եւ Սիւնեցիք տիրեցին: Զաքարիա խզեց իր յարաբերութիւնները Գրիգորի հետ չպահեց նոյն ընթացքը զոր Կիրակոսի հետ հաստատած էր, եւ չուզելով Գրիգորի կաթողիկոսութիւնը ճանչնալ, եւ իրաւունքի տեսակէտէն Կիրակոսը կաթողիկոս ընդունելով, զինքն ալ անոր աթոռակից եւ Ամենայն Հայոց հայրապետութեան վարիչ կը նկատէր: Վանի մէջ 1446-ին գրուած յիշատակարան մը այդ տեսութիւնը կը հաստատէ, ի կաթողիկոսութեան տեառն Կիրակոսի եւ տէր Զաքարիայի բացատրութեամբ ( ՓԻՐ. 154): Բայց երբ Կիրակոս մեռաւ զինքն յաջորդ եւ ժառանգ նկատեց, եւ 1448-ին յիշի զառաջիւն իբրեւ կաթողիկոս Էջմիածնի ( ԱՐԱ. 230), եւ այսպէս կը շարունակէ սպասելով իրօք ալ Էջմիածին փոխադրուիլ, եւ Ամենայն Հայոց աթոռին վրայ բազմիլ Մայր տաճարին մէջ, ինչ որ բաւական ուշ կրցաւ յաջողցնել: Աւելորդ կը սեպենք փնտռել թէ ինչ դեր ունեցաւ Մեծոփեցին այդ ճիգերուն մասին, եւ թէ քաջալերեց արդեօflք Զաքարիայի գաղտնի հնարքները, որովհետեւ Կիրակոսի մահուանէ առաջ իրական ձեռնարկ կամ յայտարարութիւն մը տեղի չէր ունեցած, իսկ մահուանէ ետքն ալ Մեծոփեցին այլեւս կենդանի չէր: Իր վերջին յիշատակարանին մէջ ալ Աղթամարի մասին յայտնի ակնարկ մը չունի:

1477. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌԸ

Աղթամարի խզումէն աւելի կարեւորութիւն ունեցաւ Կիլիկիոյ բաժնուիլը: Փոխադրութեան թուականէն, այսինքն 1441-է ետքը Կիլիկիոյ ստացած կացութեան վրայ արդէն փոքրիշատէ խօսեցանք ( § 1462), եւ Մուսաբէգեանցի կենդանի կամ մեռած ըլլալուն մասին, ինչ ալ ըլլայ ճշմարիտը կամ ճշմարտանման կարծիքը ( § 1463), ստոյգ է թէ Կիլիկիոյ աթոռը միջոց մը խափանեցաւ եւ դադարեցաւ, եւ յաջորդութիւնը ընդհատեցաւ Սսոյ մէջ: Ամէն յիշատակարաններ, կը վկայեն թէ աթոռն որ էր ի Սիս խափանեցաւ, կամ աթոռն Սսոյ ունայն մնաց ( ՓԻՐ. 126), այնպէս որ Մուսաբէգեանցի հրաժարած կամ գահընկեց եղած, մեռած կամ Գահիրէ փախած ըլլալէն, իրաւական եւ իրական կացութիւնը չփոփոխուիր: Մէկը կ՚ըսէ, թէ սուրբ աթոռս Լուսաւորչիս ի մայրաքաղաք Կիլիկիոյ, քսան հինգ ամ խափանեալ մնաց վասն անյայտ լինելոյ սուրբ Աջին ( ՀԱՅ. 575): Արդէն ցուցուցինք թէ պարզ սխալանք մըն է 25 տարի ընթերցուածը, ինչպէս ուրիշ տեղ ալ գրուած է. Զոր հինգ ամ խափանեալ մնաց վասն անյայտ լինելոյ սուրբ Աջին ( ՍԻՍ. 223): Մեծոփեցին կը գրէ, թէ զարատ եւ զբիծն աղթարմայութեան, ի Կիլիկեցւոցն ի քահանայապետութիւն մուծեալ, Աստուած ազատեաց, եւ անկէց ետքն է, որ դարձեալ վերստին հակառակութեամբ կաթողիկոս եդին ( ԿՈՍ. 85), որ է ըսել թէ Սսոյ աթոռին դադարելուն եւ վերսկսելուն մէջ, ընդհատման միջոց մը անցած է: Անգամ մը որ Կիլիկիոյ աթոռը խափանեալ էր, հաւանական չէր անոր վերսկսիլը եթէ Էջմիածնի մէջ շփոթութիւններ ծագած չըլլային, Կիրակոսի գահընկէցութիւնը տեղի չունենար, Գրիգորը կաթողիկոս չհռչակուէր, Զաքարիա իւր յարաբերութիւնները չխզէր, եւ Կիրակոսի ու Գրիգորի ու Զաքարիայի միանգամայն կաթողիկոսութիւնը ճանչցողներ չգտնուէին: Այդ պառակտումն է որ Կիլիկեցիներն ալ քաջալերեց երեք կաթողիկոսներն ալ չճանչնալ, եւ չորրորդ մըն ալ իրենք հռչակել: Այդպէս կը խորհի Մեծոփեցին ալ, որ Հերմոնեցին յանդիմանելով կ՚ըսէ, Կիլիկեցիքն զհամբաւս անգիտութեան եւ անհամութեան քո լսեցին, եւ այս պատճառով դարձեալ վերստին հակառակութեամբ կաթողիկոս եդին ( ԿՈՍ. 85): Ովքեր եւ քանիներ էին այդ շարժումին գլուխը` չենք գիտեր, միայն կաթողիկոս հռչակուողին անունը գիտենք, որ էր Կարապետ Եւդոկիացի. Մեծոփեցիէն երէց մի աշխարհի կոչուած, հարկաւ առաջ ամուսնաւոր քահանայ եղած ըլլալուն համար: Եպիսկոպոսութեանը համար ձեռնադրեալ ի Կիրակոսէ ըսուած է ( ՉԱՄ. Գ. 491), եւ Մեծոփեցիին երէց մի աշխարհի, որ ի նոցանէ էր ձեռնադրեալ ըսելը ( ԿՈՍ. 85), առ առաւելն ամուսնաւոր քահանայութենէ վեղարաւոր վարդապետութեան վրայ պիտի իմացուի, եթէ պարզապէս քահանայութեան վրայ առնել չուզենք: Կիլիկեցի յիշատակագիրը, որ այնչափ հիացմամբ կը խօսի Կարապետի վրայ, Սսոյ մէջ աթոռ վերանորոգելուն համար, այդ մասին բնաւ տեղեկութիւն չտար. միայն եկեալ ի Թոխաթոյ կ՚ըսէ, ուսկից Եւդոկիացի մակդիր անունը, որ աւելի եպիսկոպոսական վիճակէն առնուած կը թուի, քան թէ ծննդավայրէն: Կարապետի տրուած գովեստները, հարկաւ Կիլիկեցիի մը շռայլութիւններ են ( ՀԱՅ. 575), սակայն ամէն առթի մէջ ճարպիկ եւ գործունեայ եւ մտաւոր կարողութեան ալ տէր անձ մը եղած կը տեսնուի:

1478. ԱՋԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐԸ

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան համար Լուսաւորչի Աջին ունեցած նշանակութիւնը յայտնի ըլլալով ( § 1456), Կարապետի հնար չէր Սիսի մէջ կաթողիկոսութիւնը հաստատել առանց Աջն ալ վերահաստատելու, հետեւաբար պէտք էր որ գտած ըլլար անյայտացեալ Աջը, որուն բացակայութիւնը Կիլիկեցիներն ալ համոզած էր Սսոյ աթոռին դադարելուն: Իրօք ալ այդ եղաւ Կարապետի ձեռնարկին փաստը, եւ յետոյ գտեալ, այսինքն անյայտ եղած Աջը` նորոգեաց զսուրբ աթոռս ( ՀԱՅ. 575): Սակայն արդէն աշխարհաքարոզ եղած էր, թէ Աջը կանուխէն յայտնուած էր Վաղարշապատի մէջ, եւ այս եղած էր Կիրակոսի կաթողիկոսութեան հիմը, եւ միշտ ալ այն Էջմիածին կը մնար, զի 1445-ին Գրիգոր Ջալալբէգեան օրհնութիւն կը գրէր ի սուրբ յԱջէն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչի ( ՓԻՐ. 140) եւ այնպէս ալ կը շարունակէր: Իսկ Կարապետի աջը գտնալը եւ անով ինքզինքը կաթողիկոս հռչակելը 1446-էն առաջ եղած չէ, եւ պատմական հանգամանքներ բաւական են հաստատել, թէ Սսոյ նոր աջը, բուն եւ վաւերական աջը չէր, որչափ ալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներ ջանան պնդել եւ անոր ստուգութիւնը ապացուցանելու աշխատիլ: Աջի մը մէջտեղ երեւնալը բաւական չէ այդ նպատակին, զի Աջի ձեւով մասնատուփը հայկական յատուկ սովորութիւն է, որով ամէն մի սուրբի նշխարքը, որ ոսկրն եւ ըլլայ, եւ որչափ պզտիկ ալ ըլլայ, աջ ձեռքի ձեւով արծաթէ տուփի մը մէջը կամ ծայրը կը զետեղուի, եւ կ՚ըլլայ սուրբի մը աջը: Աջի ձեւին կիրառութիւնը յարմար տեսնուած է անով օրհնութիւն տալու կամ խաչալուայ ընելու, եւ այժմ ալ Հայ եկեղեցիներու մէջ կը տեսնուին սուրբերու աջեր եւ նոյն սուրբի բազմաթիւ աջեր, որք միայն աջի ձեւով մասնատուփեր են, նոյնիսկ մատներն ալ օրհնութիւն տալու ծալլուած: Ջալալբէգեանի վերոյիշեալ կոնդակին մէջ Լուսաւորչէն զատ տասը հատ եւս աջերէ օրհնութիւն կը յիշուի, աւելցնելով եւ այլ բազում աջերոյս որ աստ կան ( ՓԻՐ. 140): Կիլիկիոյ աջերն ալ մէկէ աւելի են, եւ չորսից սրբոց աջերաց անունները կը տրուին, որոնք են սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին, եւ Սեղբեսդրոսի Հռոմայ հայրապետին, եւ սրբոյն Նիկողայոսի սքանչելագործ հայրապետին, եւ սրբոյն Բարսումայ ճգնաւորին ( ԱՋԱ. 58): Միւս կողմէն ոչ Էջմիածնի եւ ոչ Սիսի աջերը բացուած չեն, եւ մէջը ինչչափ ոսկր գտնուիլը քննուած չէ, եւ չենք ալ կրնար պնդել, թէ առաջին անգամ Աջի մասնատուփը շինել տուողը ( ԱՋԸ. 30) աջ ձեռքի ամբողջ ոսկրները անոր մէջ զետեղած ըլլայ: Ըստ այսմ Կարապետ Եւդոկիացիին դիւրին էր, նորէն բուն աջին նման նոր աջ մըն ալ պատրաստել տալ, մէջն ալ Լուսաւորչի մասունք զետեղել, եթէ չուզենք ալ ուրիշ որեւէ ոսկի մը զետեղած ըսել: Որովհետեւ յետոյ գտեալ բացատրութիւնը, ոչ գիւտին պատմութիւնը կը ցուցնէ, եւ ոչ յայտնութեան պարագաները, եւ պարագային համեմատ գրուցուած խօսքէ մը աւելի չէ:

1479. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Փափաքելի էր գիտնալ թէ երբ եւ ինչպէս պատրաստուեցաւ Կարապետի կաթողիկոսութիւնը, ոflր տեղէ եւ քանի եպիսկոպոսներով կատարուեցաւ անոր օծումը, եւ ինչ պարագաներ ընկերացան այդ եղելութեան: Թուական պէտք է նշանակել 1446 տարին, ինչպէս յայտնապէս կը քաղուի քանիցս յիշուած Կիլիկեցւոյն յիշատակարանէն, որ թէպէտ առանց թուականի հրատարակուած է Ալիշանէն ( ՀԱՅ. 575), սակայն Անտոնեանց մատենադարանը պահուած բնագիրը ՊՂԵ, այսինքն 1446 թուականը կը պարունակէ ( ՅՇՏ. ), եւ է նոյն այն Ճաշոցը որ ծաղկելէն եւ կազմուելէն ետքը նուիրուած է Կարապետ Եւդոկիացիին: Նոյն յիշատակարանն է որ կը վկայէ թէ Կիլիկիոյ աթոռը հինգ ամ խափանեալ մնաց վասն անյայտ լինելոյ սուրբ Աջին մերոյ Լուսաւորչին ( ՅՇՏ. ): Կարապետ անմիջապէս փութաց իւր դիրքը ամրացնելու համար Եգիպտոս երթալ սուլտանին մօտ, որ Տահիր կոչուած է ( ՅՇՏ. ), սակայն Ապուսայիտ Չաքմաք արդէն գահակալած էր ( § ՆՏ. 71): Կարապետ կուզէր հաստատութեան հրովարտակ եւ պարգեւներ ստանալ, իբր կաթողիկոս Եգիպտացւոց սուլտանութեան հպատակ Հայերուն: Երթալուն եւ դառնալուն Երուսաղէմ հանդիպած է, ուր 1445-էն պատրիարք էր Աբրահամ, Եսայիի ( § 1435) եւ Յովհաննէսի յաջորդած ( ԲԱՌ. 49): Կարապետ անոր ալ օգնեց, եւ ազատեաց զեկեղեցին ի պարտուց եւ զսրբութիւնսն ի յանօրինաց` դեռ Եգիպտոս չգացած, իսկ ի դարձին ստացած նուէրներուն մի մասը Երուսաղէմի յատկացնելով, ուզած է անշուշտ Միաբանութիւնը շահիլ եւ Երուսաղէմն ալ իր կաթողիկոսութեան ներքեւ պահել: Կարապետը 1447-ին ալ յիշատակուած կը գտնենք իբր կաթողիկոս ( ՓԻՐ. 157), հարկաւ պաշտօնապէս ճանչցուելէն ետքը, եւ այս թուականով ալ ցուցակի անցած է ( ՍԻՍ. 218): Տարիէ մը 1448-ին, Պօղոս Գառնեցիին շինած Ս. Աննայի հայրապետանոցը ( § 1414) նորոգած` եւ անոր մէջ հաստատուած է ( ՍԻՍ. 223): Դժուարին է ճշդել թէ որ երկիրներ եւ քանի վիճակներ ընդունեցան անմիջապէս Կարապետի կաթողիկոսութիւնը եւ Սսոյ աթոռին իրաւասութեանը ներքեւ մտան: Ոչ մի ճշգրտապատում յիշատակ մեզի հասած չէ այս մասին, եւ խնդիրին լուծումը կը մնայ հաւանական մերձեցումներու: Քանի որ Գրիգոր Էջմիածնի մէջ կը նստէր Ճիհանշահի հովանաւորութեամբ, եւ Կարապետ Սիսի մէջ հաստատուեցաւ Չաքմաքի պաշտպանութեամբ, բնական էր, որ անոնց պետական սահմաններն ալ կաթողիկոսներուն իրաւասութեան գիծերը ըլլային, անոնց սահմաններէն անդին եղողներն ալ սահմանակիցներուն կապուելով, առանց որոշ եւ հաստատուն սահմանագիծ մը ունենալու, որով սահմանի վրայ եղող քաղաքներ շարունակ մէկէն միւսին կ՚անցնէին: Այդ խորհրդածութիւններէն կը հետեւցնենք թէ Կիլիկիայէն դէպ արեւմուտք, Գարամանցիներուն եւ Օսմանցիներուն հպատակ Հայերը բնական կերպով մը Սիսին կապուեցան, մանաւանդ որ մինչեւ քանի մը տարի առաջ Սիսը հայրապետանոց ճանչնալու վարժուած էին, եւ Էջմիածին իրենցմէ հեռու էր եւ յարաբերութիւնները դժուար: Այդ մեր կարծիքին հաստատութիւն կու տայ Եւդոկիացի Կարապետէն շուրջ 150 տարի ետքը կազմուած ցուցակ մը, ուր իբր Սսոյ աթոռին ենթարկեալ վիճակներ կը նշանակուին Կիլիկիայէ զատ, Երուսաղէմ, Հալէպ, Կիպրոս, Նէոկեսարիա, Անկիւրիա, Կոստանդնուպոլիս եւ Թեսաղոնիկէ ( ՊԷՆ. Ա. 823): Ինչ որ կը ցուցնէ թէ Եգիպտոսի սուլտանութենէն դուրս, Գարամանցիներու եւ Օսմանցիներու ներքեւ եղող Հայերն ալ սկիզբէն Սիսի աթոռին յարած էին:

1480. ԲԱԺԱՆՄԱՆՑ ՀԱՆԴԷՊ

Գրիգոր Ջալալբէգեան, աղմուկով եւ խռովութեամբ աթոռ բարձրացած, հանդարտ պաշտօնավարութեան կերպարան տուաւ իւր կաթողիկոսութեան, առանց մաքառումներու կամ ընդդիմութեանց ձեռնարկելու: Կիրակոսի պատուաւոր դիրք մը ապահովեց ( § 1472), Զաքարիայի յարաբերութիւնները խզելուն հանդէպ լռեց ( § 1476), եւ ոչ ալ Կարապետի նոր աթոռ մը հաստատելուն դէմ բողոքեց, այնպէս որ թէպէտ հակաթոռներ ելան մէջտեղ, սակայն Մայր Աթոռը անոնց դէմ վճիռներ չարձակեց, կապանքներ չվճռեց, նզովք ու բանադրանք չհռչակեց: Երբոր առաջին անգամ Աղթամար հակաթոռ կաթողիկոսութիւն հաստատեց, Սեաւ-Լերան ժողովը նզովք ու կապանք վճռեց Գրիգոր Պահլաւունիի օրով ( § 929), իսկ Գրիգոր Ջալալբէգեանի օրով ոչ ժողով գումարուած է, եւ ոչ վճիռ արձակուած, որով կրնանք ըսել թէ Աղթամարի աթոռը Կիրակոսի օրհնութենէն ետքը կրկին չէ նզովուած, իսկ Կիլիկիոյ աթոռին դէմ առաջին օրէն չէ արձակուած, վասնզի նզովք ու բանադրանք` զօրութեամբ կամ լռութեամբ չեն տրուիր, եւ ոչ ալ մեր մէջ նովին գործով (ipso facto) բանադրանքի ոճը կանոնուած է: Այդ ընթացքը եթէ մասամբ Ջալալբէգեանի դիրքին տկարութեան հետեւանքն էր, որ պէտք ունէր հանդարտութեամբ իւր շփոթ կացութիւնը ամրապնդել, միւս կողմէն պէտք է իւր ընթացքին խոհականութիւնն ալ դիտել, քանի որ խռովութեամբ յառաջ եկողէ մը շատ դիւրաւ կրնար յախուռն ընթացք մըն ալ սպասուիլ, դէմը կանգնողները եւ մրցումի ելլողները հալածելով եւ հարուածելով: Գրիգոր ընդհակառակն շինարար եւ բարեկարգական գործերու մտադրութիւն դարձուցած է, որչափ որ չէր սպասուեր Թուրքով ու ղաբալով պաշտօնի հասնողէ մը` ( ՍԱՄ. 173): Դավրիժեցին կը վկայէ թէ նորոգումն արարեալ է Սուրբ Էջմիածնի ( ԴԱՎ. 336), եւ Երեւանեցին, որ հին յիշատակներու խղճամիտ պրպտող մը եղած է, չվարանիր յայտարարել, թէ Գրիգոր կաթողիկոս այս Մակուցի ունի զաշխատանս ի սուրբ աթոռոջս, քանզի նախապէս սա նորոգեաց զշինուածս սրբոյ աթոռոյս ի ներքուստ եւ արտաքուստ, զմլքատու գեղօրայս առնելով հաստատուն դիվանական եւ դատաւորական գրովք տաճկականօք, որք ահա կան արդէն ( ՋԱՄ. 19): Ասոնք մին միւսէն օգտակար ձեռնարկներ են. Էջմիածնի խաթարեալ վանքը նորոգել, եւ անոր կալուածները օրինական կալուածագիրերով ապահովել, որոնք հիմ եղած են Մայր Աթոռին հետզհետէ կազդուրման եւ զարգացման:

1481. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ԱԹՈՌԱԿԻՑ

Գրիգորի ուրիշ մէկ կարգադրութիւնն ալ` յատուկ մտադրութեան արժանի է: Դավրիժեցին 1455 թուականի ներքեւ կը դնէ. Նոյն տէր Գրիգոր, այլեւ եղեւ կաթողիկոս տէր Արիստակէս ( ԴԱՎ. 336): Դավրիժեցիին գործածած թուականները, ինչպէս ինքն իսկ յայտարարած է, եղելութեանց սկսելը չեն ճշդեր, այլ թէ նոյն թուականին ներքեւ ինքն յիշատակութիւն մը գտած է: Ըստ այսմ իբր Արիստակէսի կաթողիկոսանալուն թուական պարտաւոր չենք ընդունիլ 1455 տարին, այլ թէ այն տարին արդէն եղած էր: Եղելութեանց կարգը ուսումնասիրելով կը գտնենք որ մինչեւ 1448, Գրիգորի եւ Կիրակոսի զոյգ կաթողիկոսութիւն մը պահուեցաւ ( § 1492), եւ ազգը վարժուեցաւ միեւնոյն աթոռին վրայ մէկէ աւելի կաթողիկոսներ տեսնելու: Կերպով մըն ալ Վասպուրականցիներու զգացումները շահուեցան, իրենց սիրած անձին ցուցուած մտադրութեան գոհունակութեամբ: Արդ ճիշդ 1448-ին է որ առաջին անգամ ի հայրապետութեան տեառն Ըռստակէսի յիշատակութեան կը հանդիպինք, եւ որ աւելին է, Վանայ մէջ գրող Վասպուրականցի մըն է, որ այդ յիշատակութիւնը կ՚ընէ ( ՓԻՐ. 158): Այդ պարագան մեզ կ՚առաջնորդէ հետեւցնել, թէ Կիրակոսի մահուամբ, Վասպուրականցիներու համակրութիւնը չկորսնցնելու համար, անոր յաջորդ մը ուզած է տալ Գրիգոր, անոնցմէ կամ անոնց համակիր անձ մը իրեն աթոռակից առնելով, որ միւս կողմէն պիտի կարենար իրեն օգնական ըլլալ աթոռին տագնապալի վիճակին մէջ առձեռն գործերը լրացնելու: Ասոնց մէջ գլխաւորներէն մէկն էր դրամականը, պահանջուած սակերը եւ տուրքերը վճարելու համար, զի եթէ Գրիգոր կրցած էր Ճիհանշահ վեհապետին հովանաւորութիւնը վայելել եւ Եաղուպ կուսակալէն ամէն պաշտպանութիւն գտնել, զօրաւոր ազդակը նախընծայ նուէրներն եւ տարեկան վճարումներն էին, որոնք հետզհետէ կը ծանրանային միջոցներուն նուազելովը: Արիստակէսի կաթողիկոսութիւնը այդ դժուարութեանց դարման մը պիտի ըլլար: Ասկէ աւելի տեղեկութիւն չունինք եւ չենք կրնար տալ` թէ Արիստակէսի անձին եւ նախընթացին, եւ թէ իւր անուանման շարժառիթին վրայ:

1482. ԱԹՈՌԱԿՑԱՑ ԴԻՐՔԸ

Ընդհանուր եւ իրաւասական խնդիր մը կը ներկայացնէ մեզի երկրորդական կաթողիկոսի մը անուանումը, որ յառաջիկային աւելի ընդարձակ կիրառութիւն ստանալ սահմանուած էր: Կաթողիկոսի մը հրաժարելով ուրիշի մը անուանուելուն օրինակը ունինք Սարգիս Սեւանցիի վրայ ( § 812), մէկուն գահընկէցութեամբ ուրիշի մը ընտրուիլը տեսած ենք Վահան Սիւնիի ( § 770) եւ Կոստանդին Կատուկեցիի վրայ ( § 1182), պաշտօնավարութիւնը լքանելով գործը ուրիշի յանձնելու կերպն ալ գործադրած էր Գրիգոր Վկայասէրը ( § 879), վերջապէս հրաժարեալ կաթողիկոսի մը անուանապէս շարունակելն ալ տեսնուեցաւ Կիրակոս Վիրապեցիի վրայ ( § 1472), սակայն բոլորովին նոր էր գործի վրայ եղող եւ գործը չլքանող կաթողիկոսի մը քով, համահաւասար անունով եւ դիրքով, օծումով եւ արտօնութիւններով կաթողիկոս մը եւս պահել: Շատեր սովորութիւն ըրած են այս երկրորդականներն ալ իբրեւ կատարեալ կաթողիկոս արձանագրել եւ կարգի թուահամարով կաթողիկոսներու գաւազանին անցընել ( ԺԱՄ. 635), բայց մենք այդ սովորութեան պիտի չկարենանք հետեւիլ: Մեր ըմբռնումով Ամենայն Հայոց հայրապետութիւնը յատուկ եւ միակ աթոռ մըն է, եւ ամէն աթոռ իւր միակ աթոռակալը կրնայ ունենալ, եւ ոչ երկու կամ աւելի: Կրնանք ընդունիլ որ լիազօր փոխանորդներ կամ խորհրդականներ կարենան անուանուիլ, որ նոյնիսկ եպիսկոպոս ձեռնադրելու եւ միւռոն օրհնելու իշխանութիւնները ուրիշի ալ կարենան փոխանցուիլ, բայց չենք կրնար ընդունիլ, որ ասով իսկական կաթողիկոսութիւնը եւ միակ աթոռակալութիւնը կարենայ կիսուիլ կամ բաժնուիլ: Հետեւապէս ցորչափ աթոռի տէր կաթողիկոս մը կենդանի է, ուրիշ մը համահաւասար կաթողիկոս չի կրնար ընդունուիլ, եւ մենք ալ անոնց անունները գաւազանին չենք կրնար անցընել, այլ կը նկատենք իբրեւ աթոռակից կամ կաթողիկոսակից` լիազօր փոխանորդի կամ գործակից օգնականի կերպարանով, եւ ոչ աւելի: Ներկայ պատմութեան մէջ գլուխները կաթողիկոսներու անունին վրայ բացած ըլլալով, աթոռակիցները բուն կաթողիկոսին գլուխին ներքեւ կը պահենք: Այսպիսիներուն պաշտօնական անունը կ՚երեւի թէ Աթոռակալ եղաւ, վասնզի Արիստակէս, որ այդ նոր դիրքին առաջինն է, այդ անունով կոչուեցաւ, եւ նոյնը իւր վրայ իբրեւ մականուն մնաց: Որչափ ալ աթոռակալ անունին իմաստը, բառական ճշդաբանութեամբ աթոռին տէրը կը ցուցնէ, եւ ոչ անոր օգնականը կամ փոխանորդը, սակայն սովորութիւնը այդ երկրորդ իմաստը յատկացուց Աթոռակալ բառին, եւ գուցէ Արիստակէսէն սկսաւ այդ սովորութիւնը: Վասն զի նոր դիրք մըն էր ստեղծուածը, եւ նոր անուն մըն ալ պէտք էր որ զայն բացատրէր, առանց շատ ականջները խայթելու: Աթոռակիցներու սովորութիւնը հետզհետէ տարածուեցաւ մինչեւ միեւնոյն ատեն չորս կամ հինգ կաթողիկոսներ ունենալու չափ, որ կատարեալ զեղծում էր: Բայց եթէ այդ տարօրինակ ձեւէն օգուտ մը կրցանք ունենալ, այն ալ անհակառակ եւ առանց դժուարութեան յաջորդութեան պահուիլն էր: Եթէ պահ մը աթոռի պարապութենէ ետքը նոր ընտրութիւն ընել հարկ ըլլար, արդիւնքը շատ կեղակարծ պիտի ըլլար տիրող ահագին դժուարութեանց հանդէպ, մինչ աթոռակիցներու ձեռնադրութեամբ, կաթողիկոսին մահուան վայրկեանէն կաթողիկոսութիւնը կը ժառանգէր աթոռակիցը կամ աթոռակիցներուն աւագագոյնը, եւ աթոռը վայրկեան մը իսկ դատարկ մնացած չէր ըլլար: Իրաւ` ազգովին ընտրութեան ձեւ մը չէր եղածը, բայց ազգային աթոռին անընդհատ շարունակութեան ապահովութիւնն էր: Բացառիկ ժամանակներու մէջ երբ կարեւորը հնարաւոր չէ, հնարաւորը կ՚ըլլայ կարեւոր:

1483. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅԵՐ

Նորութիւններ են զորս հետզհետէ պատմութիւնը մեր առջեւը կը հանէ այդ միջոցին, եւ անոնցմէ մէկն ալ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ նոր եւ մեծ աթոռի մը սկզբնաւորութիւնն է, պատրիարքութեան անունով: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայաբնակութեան մը գոյութիւնը պատմութենէն ակներեւ է, սակայն հնագոյն ժամանակներու թեմակալ իշխանութիւնը բացարձակապէս տեղական եւ եզական ըլլալով, միեւնոյն քաղաքի մէջ մէկէ աւելի թեմակալ եպիսկոպոս չէր ըլլար, եւ բոլոր վիճակի մը մէջ գտնուողներ միեւնոյն եպիսկոպոսին կը հնազանդէին, եւ նոյն եկեղեցիէն հոգեւոր մխիթարութիւն կ՚ընդունէին: Հետեւապէս Հայերն ալ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ իրենց յատուկ եկեղեցական դիրք մը չունէին, թէպէտեւ քաղաքական դիրքին տիրապետելու չափ թիւ եւ ազդեցութիւն ունէին, բանակին մէջ մեծ ոյժ կը կազմէին, կայսերական թիկնապահ գունդին լաւ մասն էին, բազմաթիւ եւ քաջ զօրավարներ ունէին, պալատական պաշտօնեաներու շարքին կը գտնուէին, եւ կայսերական գահն ալ գրաւելու կը յաջողէին: Յունական Հայաստանին բնակիչներն ու Պարսկական Հայաստանին փախստականներն էին` որ այդ տարրները կը կազմէին: Որչափ ալ Քաղկեդոնի խնդիրը` խտիր մը կը դնէր Յոյներուն եւ Հայերուն մէջ, սակայն Հայերը կամ այն էր որ ստիպեալ կը համակերպէին, եւ կամ անհատաբար իրենց ինքնութիւնը կը պահէին, բայց Հայ եկեղեցի եւ Հայ թեմակալութիւն չկար, ոչ Կոստանդնուպոլիս եւ ոչ կայսերութեան ուրիշ կողմերը, Մեծ Հայքէն եւ Փոքր Հայքէն զատ` ուր բնիկները Հայերն էին: Գաղթականութեանց Հայերուն յատուկ եպիսկոպոսներ ձեռնադրելը, եւ զանոնք Յոյն կամ Ասորի եպիսկոպոսներու մօտ զետեղելը Խաչիկ Արշարունիին օրով սկսած ցուցուցինք ( § 785), սակայն ընդհանուր ակնարկ մըն է գիտցածնիս, տեղով ու թուով եւ յաջորդութեամբ տեղեկութիւններ չունինք, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ վրայ ա'լ աւելի նուազ են մեզի հասած տեղեկութիւնները, եւ Ստինպօլայ Յուսիկ եպիսկոպոսը, Ստամպօլի կամ Կոստանդնուպոլսոյ եպիսկոպոս իմանալուն ապահով չըլլալը` իւր տեղը բացատրեցինք ( § 1230): Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Հայ եկեղեցիի մը յիշատակին շատ ուշ կը հանդիպինք 1360-ին, քերականութեան մը յիշատակարանին մէջ, որ ընդօրինակուած է ի յաշխարհս Յունաց, ի քաղաքս Կոստանդնուպոլիս, ընդ հովանեաւ սուրբ Սարգսի ( ՏԱՇ. 782), եւ Ս. Սարգիս անունը վստահութիւն կը ներշնչէ թէ Յունական եկեղեցի մը չէ: Յիշուած տարին կ՚իյնայ այն շրջանին, երբ Հայերը աւելի Լատիններուն վրայ կը կրթնէին, եւ Յոյներ` Հայերը իրենց մօտեցնելու ջանքեր կ՚ընէին: Սակայն այդ Ս. Սարգիս եկեղեցին ուրիշ կողմէն ծանօթ չէ, եւ տեղն ալ ճշդել դժուար է, թէեւ քաղաքամիջի շինուած մը կ՚երեւի Յոյն եկեղեցիներու սրբութիւնները յիշելէն:

1484. ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Ստոյգ կերպով Կոստանդնուպոլսոյ մէջ շինուած Հայ եկեղեցի մը` այժմեան Ղալաթիոյ եկեղեցին է, ոչ բուն եւ պարսպապատ քաղաքի մէջ շինուած, այլ քաղաքին հանդիպակաց կողմը, Բերայի արուարձանին ծովափնեայ ստորոտը, որ Գենուացիներէն Քալաթա (Calata) էր կոչուած, իբր քարափ կամ բեռեր թափելու ծավափ: Այդ եկեղեցւոյն հիմնարկութեան ժամանակը ցուցնող փաստ կը նկատուի անոր ճակատը այսօր ալ երեւցող արձանագրութիւնը, որուն մէջ յիշուած անունները 1391 թուականին կը տանին, թէպէտ 1436 գրուած է ( ԿՈԼ. 110), բայց այն 1733-էն առաջ գրուած արձանագրութիւն մը չէ ( ԿՈԼ. 110), որով ցուցուած թուականէն եւ գործէն երեք կամ երեքուկէս դար ետքը դրուած վկայութիւն կ՚ըլլայ: Զանց կ՚ընենք պնդել թէ զանազան տեղեկութիւններու հետեւելով, կրնայինք 1733-էն աւելի ետքը զետեղուած ըսել արձանագրութիւնը, հիմնուելով ինչ ինչ տեղեկութեանց վրայ: Հմուտ գրող մը, Երեմիա Քէօմիւրճեան, Հայոց 885, այսինքն 1436-ին կը դնէ շինութիւնը ( ՉԷԼ. 74) եւ Կաֆայեցի պազիրկեանքն կ՚ըսէ ընդհանուր կերպով, եւ որոշ անձի անուն չտար, ինչպէս արձանագրութիւնը մուծած է: Շինողներուն Կաֆայեցի ըլլալը` բաւական եղած է ոմանց համար հռոմէադաւաններու հիմնարկութիւն կարծել սոյն եկեղեցին, սակայն Կաֆայի ոչ ամբողջ հայաբնակութիւնը, այլ մի մասը միայն Ունիթորներու հետեւած էր, եւ Կաֆայի մէջ ալ հայադաւաններու եկեղեցիներ կային, Գենուացւոց իշխանութեան ներքեւ: Արձանագրութեան մէջ յիշուած Կոզմոս անունն ալ իբր Կոմիտասի փոխանցում, բան մը չ՚ապացուցաներ, զի քաղաքական համակերպութեան հետեւանք է եւ ոչ դաւանութեան, թող որ Կոզմաս անունը անսովոր չէր Հայոց համար, եւ ուրիշ տեղ Կոզմոսը Կոմս ալ գրուած է, որ պատուանուն մըն է: Վերջապէս Գենուացիք, առեւտրական մարդիկ, շահադիտական քան կրօնական յարաբերութեանց հետամուտ, կ՚աշխատէին Հայերը մօտեցնել իրենց շահին եւ իրենց օգտին: Հետեւաբար Հայ եկեղեցիի մը շինութիւնը քաջալերելնին, աւելի հայադաւաններուն համար պէտք էր, զի հռոմէադաւանները լատիններուն եկեղեցիներովն ալ կը բաւականանային մանաւանդ թէ կը նախադասէին ալ: Միանգամայն պիտի աւելցնենք թէ Քէօմիւրճեանի յանուն նախնական շինեցին ըսելը ( ՉԷԼ. 74) երբեք վերաշինութիւն իմացնելու դիտում չունի, քանի որ նա կը դիտէ առաջին շինութիւնը իմացնել, եւ արդէն լաւագոյն ձեռագիրներ յԱնւոյ նախնական ունին, եւ ուրիշ ոչինչ: Միանգամայն կան ունին, որ Կաֆացոց ծագումը կը ցուցնէ, եւ ուրիշ ոչինչ: Միանգամայն 1436 թուականը շատ յարմար կու գայ Եսայի եւ Յովհաննէս եպիսկոպոսներուն Կոստանդնուպոլիս գտնուելուն, որոնք հռոմէական չէին, զի միութեան կը հրաւիրուէին ( § 1435): Այդչափը պատմական ճշդութեանց համար, ապա թէ ոչ տարիներու տարբերութիւնը` գործին իսկութիւնը չայլայլեր: Պէտք չէ եւս մոռնալ, որ թէ Քէօմիւրճեանը ընդ Յունաց տիրապետութեան ( ՉԷԼ. 74) եւ թէ արձանագրութիւնը ընդ իշխանութեամբ Յունաց, հրաման տուեալ շինելոյ ( ԿՈԼ. 110) կը գրեն, որով Գենուացիներու միջամտութիւնը կամ հռոմէադաւանութեան ենթադրութիւնը այս կողմէն ալ հիմ չգտներ: Ղալաթիոյ եկեղեցւոյն 1436 թուականէն` մինչեւ Օսմանեան տիրապետութեան 1453 տարին, միջոցը շատ քիչ էր, որ Հայ գաղթականութիւնը կարենար սովորական ընթացքով ընդարձակուիլ, եւ տեղական Յոյն տարրին հակակշռող ոյժ մը կազմել, որով միշտ կ՚արդարանար Ֆաթիհի հոգածութիւնը Հայ գաղթականութիւնը նոր մայրաքաղաքին մէջ աճեցնելու ( § 1475), եւ մաս մը յորդորմամբ ու մաս մը ստիպմամբ Փոքր Ասիոյ քաղաքներէն խումբ խումբ Հայեր Կոստանդնուպոլիս փոխադրելու: Այդ նոր աշխատութիւնը շարունակած է մինչեւ 1461, երբ Մէհէմմէտ իւր նպատակն ու քաղաքական դիտումը լրացնելու համար, Հայերուն վրայ ալ ընդարձակեց այն քաղաքական կամ լաւ եւս կենցաղական դրութիւնը, զոր Յոյներուն համար կազմակերպեց իր տիրապետութենէն անմիջապէս ետքը:

1485. ՔՐԻՍՏՈՆԷԻՑ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Իսլամ պետութեանց համար կարեւոր ու կենսական խնդիր մը եղած է իրենց հպատակ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն կենցաղական դիրքը ճշդել եւ այդ մասին օրինական կացութիւն մը կազմել: Այդ դժուարութեանց պատճառը իրենց քաղաքական եւ կենցաղական օրէնսդրութիւնն էր, որ բովանդակ կրօնական սկզբունքներու եւ ղուրանական պատգամներու վրայ հիմնուած ըլլալով, անհնար էր քրիստոնեաներու պատշաճեցնել: Ուստի երկու ծայրայեղ որոշումներու կը մղուէին, ինչպէս որ պարագային կիրքերը կը գրգռէին. կամ կոտորածով կը սպառէին եւ բռնութեամբ կրօնափոխ կ՚ընէին, եւ կամ զինուորական եւ ելեւմտական վարչութիւնները իրենց վերապահելով, բոլոր կենցաղական օրէնքները անոնց կամքին կը թողուէին, անոնց մէջէն պատասխանատու պետ մը նշանակելով: Այդ վերջին ձեւին գործադրութիւնն էր Արաբացի ոստիկաններու քովը Հայ պատրիկներու անուանումը, որոնք Հայոց ընտանեկան ու ազգային ու կրօնական կեանքին լիազոր կառավարիչներն էին, մինչ ոստիկաններ զինուորական եւ ելեւմտական գործերով միայն կը զբաղէին եւ գերիշխան դիրքը կը պահէին: Նոյն ձեւին բարգաւաճումն էր, պատրիկներուն թագաւորի անուն եւ կերպ տալը` առանց իսկապէս պատրիկներուն դիրքէն բարձրանալու: Իսկ ինչ որ անկէ ետքը Թաթարներու եւ Թուրքերու, Եգիպտացիներու եւ Գարամանցիներու ներքեւ գործադրուեցաւ, իսկապէս տարբեր չէր, միայն փոխանակ ընդհանուր պատրիկ մը ունենալու, տեղական մանր քրիստոնեայ իշխանները նոյն ձեւը կը պահէին ամփոփ շրջանակներու մէջ: Ֆաթիհի կացութիւնը ասկէ աւելի ճարտար ձեւ մը կը պահանջէր: Նա իր մայրաքաղաքը կը հաստատէր քաղաքի մը մէջ, որոյ բնակչութիւնը քրիստոնեայ էր, եւ Իսլամ բնակչութիւնը նոր պիտի սկսէր, նա չէր կրնար քաղաքը անմարդացնելով նորէն սկսիլ, եւ քաղաքագէտ ու քաղաքակիրթ պետութիւն մըն ալ կազմակերպելու ձգտումներն ունէր: Քրիստոնեայ տարրը պէտք էր մնար, իւր յատուկ կենցաղական օրէնքներով պէտք էր ապրեր, իսլամական օրէնքները անոնց պարտադիր ընել անհնար էր, պատրիկ մը կամ իշխան մը հաստատելն ալ զօրացնել կ՚ըլլար մայրաքաղաքի քրիստոնէից դիրքը, որ անյարմար էր մայրաքաղաքի մը համար: Արդէն Յոյն ժողովուրդն ալ իսլամական օրէնքներու ներքեւ ապրելու անհնարութիւնը նախատեսելով, խմբովին գաղթելու խորհուրդը կ՚որոճար, գոնէ հայրապետական աթոռը քրիստոնեայ հովանաւորութեան մը ներքեւ տանիլ կը մտածէր: Այստեղ մէջտեղ եկաւ Ֆաթիհի քաղաքագէտ գիւտը: Նա մտածեց թէ իսլամ ժողովուրդին կենցաղական օրէնքները իրենց կրօնքէն կը բղխէին, օրէնքի պաշտօնեաները իրենց օրէնսգէտ կրօնականներն էին, պաշտօնեաներուն ալ գլուխը մեծ դենպետն էր: Ըստ այսմ կենցաղական ճիւղը օրէնքով եւ օրէնքի պաշտօնեաներով կրօնքի շրջանակին մէջ կը պարունակուէր: Միեւնոյն ձեւը որոշեց յարմարցնել քրիստոնեաներուն, եւ նախապէս Յոյներուն, որ կենցաղական օրէնքնին պահեն իրենց կրօնքին համաձայն, իրենց կրօնքին պետը ըլլայ պաշտօնէութեան ալ գլուխը: Ինքն իրեն պահեց միայն Յոյն կայսրներուն դերը, որ էր կրօնքի պետը կամ պատրիարքը հաստատել եւ հռչակել: Աթանաս պատրիարք պատերազմին մէջ սպանուած էր, Ֆաթիհ հրամայեց նոր մը ընտրել, եւ ժողովուրդը ուրախութեամբ ներկայեց Գէորգ Սկոլարիոս գիտնական եպիսկոպոսը, որ եղաւ Գեննադիոս Բ., եւ Ֆաթիհ զայն հաստատեց միեւնոյն շքեղ արարողութեամբ, որով Յոյն կայսրներ պատրիարքները կը հաստատէին, եւ անոր տուաւ իր կրօնակիցներուն կենցաղական կացութեան վերաբերող իշխանութիւնները: Հին ժամանակի պատրիկներուն դիրքն էր որ պատրիարքներուն կը տրուէր, արդէն տաճկերէն հնչմամբ ալ փաթրիք կամ պատրիկ կոչուեցաւ պատրիարքը:

1486. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թէ պետական եւ թէ պատրիարքական դիւաններուն հրդեհները շատ կարեւոր գիրեր ոչնչացուցած են, եւ այսօր չգտնուիր սկզբնական արտօնագիրը որով Մէհէմմէտ Ֆաթիհ վճռեց պատրիարքական իշխանութեան ձեռնահասութիւնները: Միայն իրարմէ փոխանցուելով կազմուած վերջին պաշտօնագիրները, եւ գործածութեամբ պահուած սովորութիւնները կը գծեն այն ձեւը, որ նախապէս 1453-ին կազմուեցաւ պատրիարքական իշխանութեան համար: Սովորաբար քաղաքական անունով կը յիշուին պատրիարքներու տրուած արտօնութիւնները, այլ մենք կը նախադասենք կենցաղական անունով կոչել, որպէսզի պետական բառի իմաստ չառնէ: Ըստ այսմ այն ամէն կենցաղական պահանջ, որ որեւէ կերպով կամ չափով կրօնքի հետ կապակցութիւն ունի, այդ պարունակին մէջ առնուեցաւ, եւ պատրիարքին իրաւասութեան յանձնուեցաւ, կրօնք, եկեղեցի, պաշտամունք, եկեղեցականութիւն, դաստիարակութիւն, ուսում, ամուսնութիւն, ընտանիք, ժառանգութիւն, բարեգործութիւն, անհատականութիւն, ազգահամար, եւ նմանիք, որոնք Թուրք կամ Իսլամ ժողովուրդին համար մեծ դենպետին իրաւասութեան կը պատկանէին: Միանգամայն պատրիարքին իշխանութեան ենթարկուեցան, եպիսկոպոս, վարդապետ, եւ քահանայ, ինչպէս դենպետին կ՚ենթարկուէին նահանգներու եւ գաւառներու եւ քաղաքներու կրօնաւորները եւ դատաւորները: Մեր տուած տեղեկութիւնները յայտնապէս կը ցուցնեն, թէ այդ դրութիւնը, որ ստէպ առանձնաշնորհում անունով կը յիշուի, բնաւ շնորհք մը, ազատ պարգեւ մը, եւ բացառիկ առաւելութիւն մը չէ, այլ կատարելապէս Իսլամ ժողովուրդին ունեցած դիրքին հաւասարաչափ զուգակշիռն է, եւ Օսմանեան պետութեան օրէնսդրական դիրքին բացարձակ պահանջն է: Հակառակ պարագային պէտք էր համայնաջինջ սպառմանց կամ բռնապետական ստիպմանց ձեւը գործադրել, եթէ Ֆաթիհի որչափ աշխարհակալ նոյնչափ աշխարհագէտ միտքը չուզէր` ամէն կերպով այդ վայրագ ձեւերէն խորշիլ, եւ քաղաքակիրթ երկրի մէջ հաստատուող տարրը նոր պահանջներուն ընտելացնել: Այդ համառօտ նկարագիրը որչափ եւ նախապէս Յոյն ազգաբնակութեան վրայ ձեւուեցաւ, սակայն կարեւոր էր մեզի համար ալ, որովհետեւ իբրեւ սկզբնատիպ ծառայեց Հայերուն ալ տրուած կամ օրինադրուած ձեւին:

1487. ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻԻՆ

Կոստանդնուպոլսոյ առման թուականէն եօթը ութը տարի անցեր էր, եւ հետզհետէ բերուած կամ եկած գաղթականութիւնները հայաբնակութեան լաւ բազմութիւն մը կազմած էին, եւ առանձինն մտադրութեան ալ առարկայ եղած էին: Ֆաթիհ զանոնք հետզհետէ կը զետեղէր քաղաքին պարիսպներուն ներքեւը կարեւոր դուռներուն մօտերը, թէ Մարմարայի ծովեզերքին, թէ ցամաքակողման գիծին եւ թէ Ոսկեղջիւրի եզերքներուն ուղղութեամբ, որոնք ռազմագիտութեան եւ ապահովութեան տեսակէտէն մեծ կարեւորութիւն ունէին, եւ Յոյն տարրը այնտեղերը պահել յարմար չէր նկատուեր: Երբոր Հայերը այնչափ շատցան որ բնակչութեան կարեւոր մասը եղան, եւ երբ իրենց ներկայութեան այսչափ կարեւորութիւն տրուեցաւ, պէտք էր անոնց ներքին եւ կենցաղական դիրքն ալ բարձրացնել, եւ Յոյներուն հանդէպ համահաւասար կացութեան մէջ դնել: Օսմանեան պետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող Հայեր առաջ ալ առանց հոգեւոր պետի մը չէին մնացած, թէպէտեւ անոնց կանոնաւոր եւ շարայարեալ յիշատակները կը պակսին, իսկ մեզ դժուար է մանր խնդիրներով զբաղիլ: Ցրիւ ակնարկներ մեզի կը ներկայեն Յովակիմ եպիսկոպոս մը, որ Կուտինա քաղաքի Հայ եկեղեցին նորոգած է, որ Պրուսայի եպիսկոպոս կոչուած է (01. ՕՐԱ. 79), որ Ֆիլիպէի ալ առաջնորդ յիշուած է ( ՓԻՐ. 224), եւ որ Կոստանդնուպոլսոյ Հայերուն հոգեւոր պետն եղած է: Այդ յիշատակութիւններէն դժուար չէ հետեւցնել, թէ Յովակիմը` Օսմանեան պետութեան ներքեւ գտնուող Հայերուն առաջնորդն էր, համապատասխանելով Օսմանեան սուլտաններուն տեղափոխութեանց, որ ինչպէս գիտենք, սկսան Սէօյիւտլիւ Կուտինայի մօտերը, անկէ անցան Պրուսա, անկէ Ադրիանապոլիս, անկէ Կոստանդնուպոլիս, եւ Յովակիմ եպիսկոպոս ալ նոյն պարունակութեանց մէջ տեղափոխութիւններ կատարեց: Չենք ուզեր ըսել թէ բոլոր տեղափոխութեանց ժամանակակից եղած է, վասնզի Օրխանի Պրուսա հաստատուելէն ( § 1385) մինչեւ Ֆաթիհի Կոստանդնուպոլիս հաստատուիլը ( § 1475), դարէ մը աւելի ատեն անցած է: Բայց յայտնի է, թէ բոլոր հին ու նոր օսմանեան կեդրոնները միեւնոյն Յովակիմի վիճակը կազմած են, եւ իւր պաշտօնին բերմամբ է, որ վերջին անգամ Կոստանդնուպոլիս եկած է: Որոշ չենք գիտեր թէ ինչ եղած է այս Յովակիմին նախընթացը: Անունի նոյնութիւնը միտք կը ձգէ Յովակիմ Հալէպի եպիսկոպոսը, որ 1438-ին Կաֆայէ Հռոմ գացող պատգամաւորութեան մէջ կը գտնուէր ( § 1437): Կոստանդնուպոլսոյ Յովակիմը մինչեւ 1474 կը յիշուի (11. ԱՄՍ. 473), եւ բոլորովին անհնարին չէ երկու անունները նոյն անձի վրայ միացնել, զի Հռոմ գացած ատեն 40 տարեկան ըլլալով ալ 76 տարեկան կ՚ըլլար 1474-ին, ուսկից ետքը շատ ապրած չէ: Յովակիմներու նոյնութիւնը, թէ ոչ ստուգապէս, գոնէ հաւանապէս մտածել կու տայ թէ Կիլիկիոյ նախկին պատգամաւորը վերջէն ալ Կիլիկիոյ աթոռին հետ եղած է, եւ Կարապետի կողմը յարած, ուսկից կը հետեւի Օսմանեան պետութեան Հայերուն նախապէս Կիլիկիոյ աթոռին հետ կապուած ըլլալը, արդարացնելով անագան կազմուած ցուցակին պարունակութիւնը ( § 1479):

1488. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՁԵՌՆՀԱՍՈՒԹԻՒՆ

Սովորաբար կը պատմուի թէ Ֆաթիհ ուզելով Հայերու դիրքը կանոնաւորել եւ բարձրացնել, որոշեց անոնց ալ պետ մը տալ Յունաց պատրիարք Գենադիոսի համար կազմուած կերպով եւ արտօնութիւններով, եւ այս նպատակով Յովակիմը 1461-ին Պրուսայէ կանչեց, եւ Հայերու հոգեւոր պետ հռչակեց, Պատրիարք կամ փաթրիք անունով եւ իրաւունքով: Այս պատմութիւնը կը լրացուի Կոստանդնուպոլիսի գրաւելէն առաջ տրուած խոստումով ( ՉԱՄ. Գ. 500), եւ կ՚աւելցուին նախընթաց մտերմութեան, եւ մինչեւ իսկ յաղթականին սուրը օրհնած ըլլալու պարագաները: Չենք կրնար վաւերական աղբիւրներով ճշդել այդ կէտերը, բայց եւ ոչ կրնանք ընդունիլ որ Յովակիմ առաջնորդ 1453-էն մինչեւ 1461 Կոստանդնուպոլիս գալ ուզած չըլլայ, եւ այնտեղ հաւաքուող Հայերն ալ իրենց դիրքը ամրացնելու հետամուտ եղած չըլլան: Յովակիմի ստացածը նոր պաշտօն չէր, զի արդէն արեւելեան Փոքր Ասիոյ եւ հարաւային Եւրոպիոյ Օսմանեան գաւառներուն առաջնորդն էր, եւ ինչ որ Ֆաթիհէ կը ստանար քրիստոնեաներու համար կազմակերպուած նոր կացութեան գործադրութիւնն էր: Միայն առաւելութիւնը զոր Հայեր կը ստանային, պատրիարք անունով պատուուած եւ պատրիարքի իրաւունքներով ճոխացած պետ մը ունենալն էր: Սակայն տրուած պատրիարքութիւնը լոկ արտաքին պատիւ եւ արտաքին իրաւունք էր, եկեղեցական նուիրապետութեան տեսակէտով պատրիարքական աթոռ մը հաստատել վեհապետական կարողութենէն վեր էր, եւ բարձրագոյն եկեղեցական իշխանութենէ մը այդպիսի իրաւասութիւն կամ աստիճան հաստատուած չէր: Վասնզի ոչ Սիսի եւ ոչ Էջմիածնի աթոռները, որչափ որ գիտենք, Կոստանդնուպոլիսով զբաղած չեն: Բայց զբաղելու ալ պէտք մը չկար: Յովակիմ արդէն կանուխէն ունէր առաջնորդական իշխանութիւնը, եւ եթէ նոյնինքն Փլորենտիա գացող եւ 1440-ին Փլորենտիայէ դարձող Յովակիմն էր, հաւանաբար Վահկացիի օրէն, գոնէ Մուսաբէգեանցի օրէն անորոշ սահմանով վիճակի մը ընդհանուր առաջնորդը եղած էր: Իւր տեղափոխութիւնը պատահական էր, Կիրակոսի ու Գրիգորի շփոթութեանց միջոցին իւր պաշտօնը շարունակած էր, եւ վերջէն ալ Կարապետի կողմը բռնած էր: Ըստ այսմ տարածեալ վիճակի մը առաջնորդն էր, որուն ինչ ինչ արտօնութիւններ ալ աւելցած էին: Առաջին վայրկեանէն պէտք ալ չկար որ Յովակիմի համար ստեղծուէր աւելի ընդարձակ իրաւասութիւն մը, վասնզի գրեթէ բովանդակ Օսմանեան կայսրութիւնը մէկ վիճակի պէս կը ներկայանար, եւ իրաւասութեան ընդարձակուիլը բնական ընթացքով առաջ եկած էր, քանի կ՚ընդարձակուէր Օսմանեան պետութիւնը, իսկ սա Կոստանդնուպոլսոյ մէջ նստող առաջնորդը պէտք էր ճանչնար իբր բոլոր իւր հպատակ Հայերուն հոգեւոր պետը` ինչ ալ ըլլային անոնց իրենց մէջ ունեցած եկեղեցական յարաբերութիւնները: Իսկ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներուն ոչ միայն արտաքին եւ կենցաղական իրաւունքին, այլեւ անոնց ներքին եւ հոգեւորական իրաւասութեան` ուրիշ առաջնորդներու վրայ տարածուիլը, հետեւանք եղաւ նորահաստատ դրութեան, որուն մէջ դժուար էր կրկին իրաւասութեանց սահմանը գծել ու զատել, քանի որ պատրիարքներուն յանձնուած գործառնութիւնները իրենց բնութեամբ կրօնական եւ եկեղեցական սերտ առնչութիւններ ունէին: Այսպէս պահանջը սովորութեան եւ սովորութիւնը օրէնքի փոխուելով, Կոստանդնուպոլսոյ Հայ պատրիարքները Օսմանեան կայսերութեան Հայերուն վրայ թէ եկեղեցական եւ թէ կենցաղական իրաւասութիւն կը ստանային, թէպէտեւ այս մասին հայրապետական կամ ժողովական յատուկ որոշում մը տրուած չըլլար:

1489. ՍՍՈՅ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐ

Պարագաներու հետեւանօք, երկու կաթողիկոսական աթոռներուն ալ Կոստանդնուպոլսոյ գործերով զբաղած չըլլալը յայտնեցինք, սակայն եթէ զբաղիլ ալ ուզէին, իրենց շուրջը կատարուող գործողութիւններ պիտի չներէին իրենց նպատակին հասնիլ: Սսոյ մէջ Կարապետի կաթողիկոսութիւնը միայն 2 տարի տեւած կը կարծուէր, եւ 1449-ին իրեն յաջորդ կը դրուէր Ստեփանոս Սարաձորեցին ( ՉԱՄ. Գ. 491), սակայն նորագոյն գտնուած յիշատակներ մինչեւ 1477 կը յետաձգեն Կարապետին մահը ( ՍԻՍ. 539), եւ 1461-ին կը դնեն Սսոյ մէջ տեղի ունեցած խռովութիւն մը: Սսոյ իշխան Մէլիք Էօմէր, անշուշտ նախկին իշխան Մէլիք Էօմերի թոռ, զոր յիշեցինք Թէոդորոս Բ-ի սպանութեան առթիւ ( § 1373), իր բռնութեամբ այնչափ զայրացուցած էր Սսեցիները, որ Հայ ու Տաճիկ միաբանեցան զայն սպաննել, եւ իրենց խորհրդակցութիւնը կատարելու համար գաղտ ի գիշերի գնացին առ Կարապետ կաթողիկոսն: Մէլիք Էօմէր Թիւրքմէն գունդեր վարձեց իւր պաշտպանութեան, կռիւ ու պատերազմ տեղի ունեցաւ երկու կողմերուն միջեւ, կոտորածներ եւ թալաններ քաղաքը աւերեցին, եւ Թիւրքմէններ մտին ի սուրբ յաթոռն, ի կաթողիկոսարանն տէր Կարապետ կաթողիկոսին, եւ թալանեցին զվանքն եւ զսուրբ միւռոնն եւ զամենայն սրբութիւնս ( ՍԻՍ. 544): Արդ այս տարին էր որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը կը հաստատուէր, բայց անկէ ետքն ալ Սիս խաղաղ ու ապահով մնացած չէ: Այս արկածէն քիչ ետքը 1464-ին Չագամ պէկ մը կը ցուցուի իբր տէր Սսոյ, որ անշուշտ Մելիք Էօմէրը մերժելով տիրացած է, եւ անոր վրայ կու գայ Մարաշի պէկին որդին Շահսուար, որ Դաշտային Կիլիկիա գրաւելէն ետքը 1468 յունիս 2-ին Սիսը կը պաշարէ, եւ Սսեցիք ութ յարձակումներ վանելէ ետքը վերջապէս անձնատուր կ՚ըլլան դեկտեմբեր 23-ին, եւ Սսոյ իշխան կը նշանակուի Շարամերթ` Շահսուարի կողմէն: Սա Հայերը կը հարստահարէ, գլխաւորները կալեալ դնէ ի հորն, եւ փախստականներն ալ փրկանքի պատրուակով ձեռք կը ձգէ, եւ անոնք ալ ի հորն դնելով, լաւ մը կը նեղէ, եւ զմալն եւ զձիանքն եւ շատ ըռզակ կը կողոպտէ: Բայց այն երկար չվայելեր, վասնզի վրան կը հասնի Էտիլ Թիւրքմէնը 1469-ին, որ քաղաքը թառաշեաց, եւ շատ մալ էառ եւ շատ անօթ սրբութեանց եւ մեկնեցաւ: Շահսուար Սիսին մէջ հազար տնուոր այլազգիներ կը փոխադրէ, 1470-ին ժանտախտէն ետքը գրեթէ անմարդացեալ քաղաքը շէնցնելու համար: Այդ ժանտամահին մէջ մեռած է նաեւ Հեթում Խազենց, Սպիտակ Երէց մականուանեալ Աջպահ Ս. Լուսաւորչի Աջոյն ( ՍԻՍ. 545), եւ ուրիշ սրբոց աջերուն ( ՍԻՍ. 540), պաշտօն մը, որ Կարապետի օրով հաստատուած էր Սսեցիներու կամքով, Աջի նոր անյայտացման վտանգին առջեւն առնելու համար: Սա ինքն կը նկատուի իբր նախահայր Աջպահեանց կամ Աջապահեանց գերդաստանին, որ զօրաւոր դիրք ստացաւ դար մը ետքը, ուսկից շատ եպիսկոպոսներ եղան, եւ որ վերջէն Սսոյ աթոռին ժառանգական յաջորդութիւնը ձեռք անցուց: Կարապետ Եւդոկիացիին դառնալով ցարդ պատմուածները կը ցուցնեն, թէ բաւական տագնապալի օրեր անցուցած է իւր բովանդակ երեսնամեայ կաթողիկոսութեան մէջ, եւ թէ իրեն դիւրին չէր հեռաւոր գործերով զբաղուիլ:

1490. ԶԱՔԱՐԻԱ ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ

Լաւագոյն չէին Գրիգոր Ջալալբէգեանի Էջմիածնի մէջ անցուցած օրերը: Յորմէհետէ Կիրակոս մեռաւ, եւ Զաքարիա Աղթամարցին զինքն Ամենայն Հայոց հայրապետ կարծեց, իւր բոլոր ճիգերուն նպատակն էր կերպով մը Էջմիածին անցնիլ, եւ իրօք գրաւել հայրապետութեան նախնական եւ նուիրական աթոռը, որ անգամ մըն ալ հռչակուած է Վաղարշապատի ժողովով եւ նոյնիսկ Զաքարիայի համաձայնութեամբ ( § 1476): Բաւական միջոց մը անցած էր 1443-էն ասդին, եւ Զաքարիա չէր կրցած իւր նպատակին հասնիլ, սակայն իւր ջանքերը գաղտնիք չէին, եւ Ջալալբէգեան հարկաւ մտահոգ էր իր աթոռին վրայ, ստիպեալ ըլլալով շարունակ անոր հնարքներուն առջեւն առնել, եւ Արիստակէսի աթոռակցութիւնն ալ ( § 1481) վերջնական դարման մը եղած չէր: Այստեղ մէջտեղ կ՚ելլէ Սարգիս եպիսկոպոս մը, Էջմիածնի միաբանութենէն, որ իւր ձեռքը կ՚անցընէ Լուսաւորչի աջը, եւ նշանաւոր ուրար մը, եւ խաչվառի դրօշ կամ խաչալամ մը ( ՉԱՄ. Գ. 503), եւ անոնցմէ կ՚աշխատի իրեն բարձրանալու ճանպայ բանալ: Անտեղի պիտի չըլլար Սարգիսը կաթողիկէին փակակալ կամ լուսարարապետ եղած ըսել, քանի որ դիւրութիւն ունեցած է յիշեալ առարկաներու տիրանալ: Չամչեան այդ պարագայն կը գրէ, առանց աղբիւրը ցուցնելու, եւ թէպէտ Դավրիժեցին չյիշեր, բայց չենք կրնար ենթադրական ըսել Չամչեանի գրածը, եւ կ՚ընդունինք Սարգիսի վերագրուած գողութիւնը: Երեւանեցին ալ եղելութեանց շարքին չմտցներ Սարգիսի արարքը, այլ Աջն եւ ուրարը ու խաչվառը, Եգիպտոսէ Թաւրիզ բերուած եւ Ճիհանշահի ձեռքը գտնուած կը կարծէ, իբր թէ Եգիպտոս մնացած ըլլային Եգիպտացւոց ձեռք գերի իյնալէն ի վեր ( § 1193): Բայց այդ ենթադրութեամբ` պէտք կ՚ըլլար ստել Հեթումի ձեռօք կատարուած Աջին դարձը ( § 1198), կաթողիկոսներուն իրենց կոնդակներով զայն յիշելը, վերջին անգամ Սիսէն անյայտանալը ( § 1449), եւ Վաղարշապատի մէջ յայտնուիլը ( § 1456), զորս յայտնի վկայութիւններով հաւաստեցինք, եւ զորս նոյն ինքն Դավրիժեցին ալ կը յիշատակէ, եւ կը հաստատէ յատուկ ուսումնասիրութեամբ իրեն գտած ու զննած տեղեկութեանց համեմատ ( ԴԱՎ. 321-328), որով կը դարմանէ ուրիշ տեղ պահած լռութիւնը, եւ կը վկայէ, թէ Լուսաւորչի սուրբ Աջն հաւաստեաւ եւ ստուգիւ դարձեալ է ի Սսոյ եւ եկեալ է յԷջմիածին, այլ եւ գնացեալ է յԱղթամար ( ԴԱՎ. 329): Երեւանեցիին տարբեր կարծիքը արդիւնք է միայն ամէն յիշատակարանները տեսած չըլլալուն: Կը մնայ միայն ճշդել թէ ինչ միտքով Սարգիս իր յանդուգն ձեռնարկը կատարեց: Ըստ Չամչեանի` Գրիգոր եւ Արիստակէս կաթողիկոսներ իրարու հետ գժտած էին, եւ Սարգիս պատեհ գտաւ Աջը իրեն ձեռք անցնելով Թաւրիզ երթալ, որ Ճիհանշահը վաստկելով կաթողիկոսութիւնը իւր վրան դարձնէ ( ՉԱՄ. Գ. 503): Մեզի դժուար կ՚երեւի Սարգիսի վրայ ենթադրել այնչափ յանդգնութիւն եւ միջոցներու առատութիւն, որ կարենար ուղղակի Թաւրիզ դիմելով Ճիհանշահը իր կողմը վաստկիլ: Այդ մեկնութիւնը կ՚ընդունի Զամինեան ալ, բայց առանց իւր կարծիքին պատմական հիմ մը ցուցնելու ( ԶԱՄ. Ա. 7): Շատ աւելի հաւանական եւ ճշմարտանման պիտի ըլլար ըսել, թէ Սարգիս Զաքարիայէ գաղտ շահուած էր, եւ անոր գործը յաջողցնելու համար նուիրեալ կամ վաճառեալ գործակից մըն էր: Զաքարիա իր տարիներէ ի վեր որոճացած խորհուրդը գործադրելու համար երկու գլխաւոր պէտքեր ունէր, մէկն էր Ճիհանշահը իւր կողմը վաստկիլ եւ միւսը Աջին տիրանալ, վասնզի Ճիհանշահի հրամանով եւ զօրութեամբ աթոռին տիրացած ատենն ալ, ազգը զինքն չէր ընդուներ իբրեւ կաթողիկոս, բայց եթէ Լուսաւորչի Աջը մէկտեղ տանելով ուրիշ տեղ հաստատուէր: Աջին անունն էր, որ մեծապէս ազդած էր հանրային կարծիքին վրայ Կիրակոսը ընդունելու համար, Աջի անունով յաջողած էր Կարապետ ալ նոր աթոռ հաստատել, Աջը պէտք էր որ Զաքարիայի ձեռքն ըլլար իր կամքը օրինաւոր ընելու համար: Ուստի ամենէն առաջ Սարգիսի հետ համաձայնած էր, որ Աջը առնէ եւ Թաւրիզ իջնէ, ուր ինքն ալ պիտի հասնէր միւս պայմանը լրացնելու, որ է Ճիհանշահի հրամանը ստանալ: Ապա թէ ոչ Սարգիս, եթէ իրեն համար աշխատած էր, չէր կրնար այնչափ դիւրութեամբ տեղի տալ, եւ իրեն համար կատարած աշխատութիւնը Զաքարիայի վայելել տալ:

1491. ԶԱՔԱՐԻԱ ՅԷՋՄԻԱԾԻՆ

Զաքարիայի նպատակին յաջողութեան համար յարմար առիթ մըն ալ եղաւ Ճիհանշահի Թաթարներու վրայ տարած յաղթութիւնը, երբ մինչեւ Հրէ մայրաքաղաքը արշաւելէ ետքը, յաղթական փառքով դարձեալ եկն ի թախտն իւր, ի քաղաքն շահաստան ի Թաւրէզ: Զաքարիա խնդակցութեան եւ շնորհաւորութեան փութաց բազում ընծայիւ եւ պատարագօք, եւ երբ տեսաւ որ յոյժ սիրով ընդունեցին զինքն արքայն արքայից Ջհանշահ եւ դշխոյն Բեկում խաթունն, այն ատեն համարձակեցաւ իրեն համար խնդրել Էջմիածնի աթոռը: Անշուշտ պատճառանքներ պէտք էին Գրիգորը վար առնելով Զաքարիան բարձրացնելու համար, բայց որոշ չենք գիտեր թէ ինչ տեսակ չարախօսութիւններ զօրացան: Թերեւս Գրիգորի անտարբեր մնալը անհաճոյ երեւցաւ Ճիհանշահի, հաւանաբար ալ Գրիգոր տարեկան հարկերուն վճարումը յապաղած էր, վերջապէս Ճիհանշահ որոշեց Զաքարիան գոհացնել, անոր խլայ այսինքն պատուոյ զգեստ տուաւ, շնորհեց միանգամայն զպատիւ պատրիարքութեան, եւ հրամայեց Երեւանի իշխանին որ Զաքարիան տեղը բազմեցնէ: Բոլորովին նոր է Զամինեանի մտածած կերպը, որ Ճիհանշահ հրամայած ըլլայ Զաքարիայի եւ Սարգիսի յաջորդաբար կաթողիկոսութիւն վարել ( ԶԱՄ. Ա. 7), որուն ոչ մի տեղ յիշատակը կամ ակնարկը չգտանք: Գրուած է, թէ Ճիհանշահ տուաւ նաեւ պարգեւ զԱջ Լուսաւորչին մերոյ ( ԴԱՎ. 324), սակայն չկրնար իբր իր կողմէ ընծայ մը տուած ըլլալ ( § 1412), այլ միայն կրնայ փոխանցումին հաւանած ըլլալ, կամ թէ Զաքարիա այսպիսի ձայն մը հանած կ՚ըլլայ, գործին փայլը աւելցնելու համար: Զաքարիայի գովաբանը կ՚ուզէ անոր յաջողութիւնը առաջնորդութեամբ Աստուծոյ եւ կամաւ սուրբ Լուսաորչին ցոյց տալ, բայց իսկապէս հրամանաւ փատիշահին Զաքարիա եկաւ Երեւան, եւ անկէ Էջմիածին, արտաքին իշխանութեան ձեռնտուութեամբ տիրացաւ հայրապետանոցին, եւ ինքզինքը հռչակեց ինքնակալ պատրիարք ընդհանուր ամենայն քրիստոնէական ազգի, որք են ընդ ամենայն ոլորտս տիեզերաց ( ԴԱՎ. 325), հարկաւ միայն Հայ քրիստոնեաները, եւ ոչ ամէն քրիստոնեաները իմանալով: Զաքարիայի փառքը պատմող յիշատակագիրը` Գրիգորի ու Արիստակէսի անուններն իսկ չյիշեր, սակայն անոնց կաթողիկոսութիւնը դադարած չէր, եւ Դավրիժեցին իր սովորութեան համեմատ 1461 թիւին կը գրէ. նոյն տէր Գրիգոր, եւ նոյն տէր Արիստակէս ալյեւս եղեւ կաթողիկոս տէր Զաքարիա ( ԴԱՎ. 336), քանի որ այլեւս աթոռակիցներու շատութիւնը զինքը չէր խրտչեցներ, թէպէտեւ մենք ամէնքը միեւնոյն կերպով պիտի չկարենանք նկատել: Նախ պէտք է որ Զաքարիայի գործը աւելի ճշդութեամբ դնենք 1460-ին, համեմատ Ստեփանոս Արծկեցի աբեղային վկայութեան, որ նոյն թիւին նախ ի հայրապետութեան տեառն Գրիգորի գրելէն ետքը, վերջէն կ՚աւելցնէ` ի հայրապետութեան տեառն Զաքարիայի, որ յայսմ ամի տիրեաց Էջմիածնին եւ Լուսաւորչի սուրբ Աջոյն ( ՓԻՐ. 196): Պատերազմական գործողութեանց ալ յարմարագոյն եղանակը ամառնային միջոցը ըլլալուն, Զաքարիայի Թաւրիզ երթալը պէտք է դնել աշնան ատեններ` Ճիհանշահի յաղթական դարձին, եւ ձմեռ չմտած ալ Էջմիածին հասնիլը, Հայոց 909 թուականին վերջերը, որուն յաջորդը 910 տարւոյն ամանորը կ՚իյնայ 1460 նոյեմբեր 26-ին, եւ երկու թուականներու անխտիր գործածուած ըլլալը կ՚արդարանայ:

1492. ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Զաքարիայի կաթողիկոսութեան վրայ խօսելով, շատ ճիշդ կը գտնենք վերոյիշեալ Արծկեցի յիշատակագիրին գործածած տիրեաց Էջմիածնին բացատրութիւնը, զի չենք կրնար օրինաւոր կաթողիկոսութեան պայմանները ճանչնալ մէկու մը վրայ, որ պետական իշխանութենէն միայն կ՚ընդունի իւր պաշտօնը, եւ անոր գլուխը կ՚անցնի արտաքին բռնութեան ձեռնտուութեամբ: Գրիգորն էր հայրապետութեան օրինաւոր աթոռակալ ճանչցուած անձը, ոչ մի ժողով եւ ոչ մի օրինական վճիռ չէր որոշած անոր դադարումը, եւ ոչ ալ ինքն կամովին հրաժարած էր պաշտօնէն, եւ ոչ իսկ նոր ձեւին համեմատ` Գրիգոր եւ Արիստակէս համաձայնած էին իրենց աթոռակից ճանչնալ Զաքարիա Աղթամարցին: Հետեւաբար Զաքարիա, թէպէտ Աղթամարի մասնաւոր աթոռին կաթողիկոսն էր, այլ Էջմիածնի ընդհանուր եւ Ամենայն Հայոց աթոռին վրայ բռնի տիրապետող մըն էր, եւ այս տեսութեամբ չարդարանար առձեռն ցուցակներուն մէջ Զաքարիան` Զաքարիա Բ անունով եւ թուահամարով օրինաւոր կաթողիկոսներու շարքին անցնելու սովորութիւնը ( ԺԱՄ. 635): Գրիգորի եւ Արիստակէսի կողմէ դիմադարձութեան կամ բողոքի գործողութեան մը կատարուած ըլլալուն յիշատակը հասած չէ, բայց եթէ պետական ոյժին հանդէպ տեղի տալու պարտաւորուեցան ալ, անով իրենց իրաւունքէն ինկած չեն ըլլար: Հանրութեան կարծիքն ալ մեր ըմբռնումը ունեցած է, ինչպէս կը քաղուի 910 մեհեկին, այսինքն 1461 մայիսի վերջերը գրուած յիշատակարանէն, որ միայն ի հայրապետութեան տէր Գրիգորի կը յիշէ ( ՓԻՐ. 198): Հաւաքարանը կը գրէ թէ Էջման տեղ բազում պարտուց ներքեւ անկեալ էր, եւ Զաքարիա հատոյց զպարտս բոլորովին (00. ԲԻԶ. 1195), ինչ որ կրնայ ըլլալ իբր մեծագործութեան ցոյց եւ իբր համակրութիւն շահելու եղանակ, եւ նոյնիսկ Էջմիածնի յետամնաց տուրքերը վճարելով Ճիհանշահը գոհացնելու միջոց: Բայց այս կերպով երբեք օրինաւորութիւնը գնած չըլլար: Պարագաներն ալ կը ցուցնեն, թէ Զաքարիա շատ դիմադրութիւն չէ տեսած, որով Էջմիածինէ բացակայելու իսկ համարձակած է, բայց ասիկայ ալ բուռն զօրութեան եւ բռնադատեալ լռութեան նշանէ աւելի բան մը չէ: Չենք կրնար նաեւ ճշդել թէ Գրիգոր եւ Արիստակէս ուր քաշուեցաflն եւ ինչ դեր վարեցին, կամ թէ ստիպուեցաflն Էջմիածնի մէջ ընկճուած ապրիլ, սակայն ամէն առթի մէջ Զաքարիայի օրինաւորութեան տեսակէտը երբեք չ՚արդարանար:

1493. ԷՋՄԻԱԾԻՆԷ ՓԱԽՈՒՍՏԸ

Զաքարիայի Էջմիածնի տիրանալէն քիչ ետքը, 1461 գարունին Ճիհանշահ ահեղ արշաւանք մը կազմեց Աքքօյունլուներուն դէմ, եւ նախ Խլաթի վրայ յարձակելով բոլոր երկիրը աւերեց ու աւարեց, եւ ամէն կողմ տարածեց զխախտումն եկեղեցեաց, զտապալումն սուրբ սեղանոց, զգերեվարիլ սրբութեանց, զխափանումն փառաբանութեանց, եւ զտարաշխարհիկ լինելն ամենայն ժողովրդեանն, նոյնը սպառնալով ընել ի Բաղէշ, ի Մուշ, ի Խոյթ, ի Սասունք, եւ յամենայն գաւառսն նոցա: Զաքարիա, որուն գործունէութիւնը չենք ուրանար, փութաց մեծագոյն չարիքներու առջեւն առնուլ: Ճիհանշահէ արտօնութիւն ստացաւ հաշտարարի դեր կատարել, եւ Ճիհանկիրի գնաց զայն զիջողութեան համոզելու ( ԴԱՎ. 325): Ամիսս երիս աշխատեցաւ այդ բանագնացութիւնները լրացնելու համար, եւ վերջապէս կրցաւ Ճիհանկիրը հարկ վճարելու համոզել, եւ Ճիհանշահը իւր զորքերը ետ քաշելու հաւանեցնել, եւ առեալ զխոստացեալ հարկն, տարեալ մատոյց փատիշահին Ճիհանշահի, եւ ազատեաց զամենայն ժողովուրդն, զՀայ եւ զՏաճիկ, ի ձեռաց անօրինաց: Այդ այն պատերազմն է, զոր յիշեցինք արդեն քաղաքական կացութիւնը բացատրած ատեննիս ( § 1474): Զաքարիա իրաւամբ փառաւորուեցաւ, մեծարանօք խիլայեալ յերկուց գոռոզաց, ի Թուրքման փատիշահէն Ճիհանշահէ, եւ ի Քուրդ ամիրայէն Ճիհանկիրէ, եւ նորէն դարձաւ Էջմիածին աւելի զօրացած, 1461 յունիս ամսոյ ատենները: Բայց երբ Զաքարիա աւելի ամուր կը կարծէր զինքը, այնտեղ սկսաւ իւր ձախողուածը: Ճիհանշահ Աքքօյունլուներու դէմ արշաւանքը դադրեցնելով, իւր գունդերը դէպ արեւելք դարձուց Թաթարներու դէմ, Հայաստանի եւ շրջակայից կառավարութիւնը յանձնելով իւր Հասան Ալի որդւոյն, որ իւր հաշուոյն ինքն ալ գանձելու եւ շահելու միջոցներ կը փնտռէր, եւ Զաքարիա` մշակուելու յարմար երկիր մըն էր, որով երկուքին յարաբերութիւնները սկսան ցրտանալ: Հասան Ալի սկսաւ Զաքարիան ձեռք ձգելու եւ ստիպելու միջոցներ որոնել, եւ Զաքարիայի գովաբանը կը յաւելու թէ այդ ամէնը կը գործուէր նենգութեամբ չարախօսաց ոմանց: Պիտի չհակառակինք այդ ակնարկը Գրիգորի եւ Արիստակէսի վրայ իմանալ, որոնք անշուշտ իրենց օգուտին պիտի ծառայեցնէին Հասան Ալիի ձգտումները, եւ Զաքարիան հեռացնելու պիտի հետապնդէին: Զաքարիա ալ շուտով ձեռնթափ չեղաւ եւ իր ճարպիկ գործունէութեան միջոցները ձեռք առաւ, բայց չյաջողեցաւ, եւ վախցաւ իսկ` երբ տեղեկացաւ թէ Հասան Ալի կ՚ուզէ ըմբռնել զինքն` որ յաջողի պահանջել գանձս եւ ինչս: Եղանակը յառաջած էր, եւ յաւուրս ձմերայնոյ հասած էր, այսուհանդերձ Զաքարիա ստիպուեցաւ Էջմիածինը թողուլ եւ ծպտեալ կերպով հեռանալ, յանկարծ ձեռք չիյնալու համար, բայց չմոռցաւ իրեն հետ տանիլ զԱջն սուրբ Լուսաւորչին ( ԴԱՎ. 326) եւ խաչալամը, որ նկարեալ կայր ի մի կողմն պատկերն տէրունական, եւ ի միւս կողմն Լուսաւորչին մերոյ սրբոյն Գրիգորի, եւ թագաւորին Տրդատայ, եւ չքնաղագեղ կուսին Սրբոյն Հռիփսիմեայ, եւ նշանաւոր ուրարը, ոսկեթել յօրինուածով եւ ազգի ազգի գունով երանգ երանգ զարդարեալ ( ԴԱՎ. 327):

1494. ԱՂԹԱՄԱՐ ԴԱՌՆԱԼԸ

Զաքարիա Աղթամարայ կաթողիկոս եւ Ամենայն Հայոց աթոռին տիրապետող, ծպտեալ եւ անճանաչ կերով ճանապարհորդեց Էջմիածնէ մինչեւ Բերկրի, Բագրեւանդայ վանքին եւ Պայազիտի բերդին մէջն ալ ինքզինքը ծածկելով, մինչեւ որ հասաւ իւր բնիկ կաթողիկոսութեան սահմանը: Բերկրիի մէջ Տէրյուսկանորդոյ վերին վանքը, որ Արգելան կը կոչուի, առաջին անգամ ինքզինքը յայտնեց, եւ ցոյց տուաւ մէկտեղ բերած սրբութիւնները, զգանձն աստուածային զԱջն սուրբ Լուսաւորչին, հանդերձ խաչալամովն եւ ուրարովն ( ԴԱՎ. 326): Մեծ եղաւ ժողովուրդին խանդավառութիւնը, Լուսաւորչի պաշտելի Աջը Աղթամարի աթոռին ձեռքը անցած տեսնելով, եւ Բերկրիէ մինչեւ Աղթամար, ոչ եւս փախստականի, այլ յաղթականի փառաւորութեամբ ճանապարհորդեց Զաքարիա: Ամէն տեղ ընդառաջ ընթանային խնկօք եւ մոմեղինօք, եւ զինմամբ խոյոց եւ զուարակաց, եւ երկրպագութիւն մատուցանէին սուրբ Աջոյն եւ հայրապետին, եւ համբուրէին, զնա մեծաւ փափաքանօք: Բոլոր ճամպուն վրայ եղող գիւղեր եւ աւաններ շարունակեալ թափոր կը կազմէին, բայց աւելի մեծ հանդէսներ տեղի ունեցան Վան, որոնց մասնակցեցաւ քաղաքի իշխանն Մահմուտ պէյ, Ճիհանշահի կաթնեղբայրը, եւ Ոստան, որուն Քուրդ իշխանը ընդհակառակն գաղտագողի նենգել եւ յափշտակել մտածեց: Ուստի Զաքարիա ստիպուեցաւ Ոստանէ շուտով հեռանալ, եւ Քարադաշտի բերդէն նաւ մտնելով Աղթամար հասաւ 911 նաւասարդ 16-ին, որ է 1461 դեկտեմբեր 11-ին, եւ ճշդիւ կը պատասխանէ ուրբաթի սուրբ Յակոբայ պահոցն ( ԴԱՎ. 329): Հաշիւի առնելով Էջմիածինէ Բերկրի հեռաւորութիւնը, եւ միայն աւուրց ինչ միջոց Վան մնալը, եւ Ոստանէ շուտով մեկնիլը, պէտք է իբր 20 օր առաջ դնել Զաքարիայի Էջմիածինէ հեռանալը 1461-ին նոյեմբերին վերջերը, որով տարի մը միայն տեւած կ՚ըլլայ Զաքարիայի տիրապետութիւնը Էջմիածնի մէջ ( § 1491), եռամսեայ բացակայութիւնն ալ մէջը հաշուելով: Աղթամարեան յիշատակարանը (00. ԲԻԶ. 1195), Զաքարիան նորէն Էջմիածին դարձած կ՚ըսէ Աջը բերելէն ետքը, այլ եւ հոն մեռած, մանաւանդ թէ ըստ այլոց երկու տարի այն տեղ մնացած կ՚ըսուի, եւ 1464-ին դեղակուր եղած ի նոցանէ ( ՓԻՐ. 220), սակայն Բաղէշի պատգամաւորութենէն ետքը, դարձեալ նստաւ ի յաթոռն իւր ի Սուրբ Էջմիածինն պարագային հետ ( ԴԱՎ. 326) շփոթուած է, զի Աջի փոխադրութիւնը ոչ թէ օրինական եւ յայտնի գործ մը եղած էր, որպէս ոմանք կարծած են ( ՓԻՐ. 208), այլ գողունի յափշտակութիւն եւ փախուստ մը ( ԴԱՎ. 327), ուսկից ետքը անհնար էր, որ Զաքարիա Աջը Աղթամար թողլով կարենար Էջմիածին դառնալ: Հետեւաբար չարդարանար անոնց ալ կարծիքը, որ մինչեւ 1465 երկուցն եւս աթոռոցն միապետող կը դնեն Զաքարիան ( ԱՐՐ. 230):

1495. ՍԱՐԳԻՍ ԱԹՈՌԱԿԻՑ

Զաքարիայի հեռանալովը Գրիգոր Ջալալբէգեան նորէն կացութեան տէր դարձաւ 1461 տարւոյ վերջին ամիսէն սկսելով, իրեն կողմը ունենալով Հասան Ալի, որ փոխարքայ մըն էր այդ կողմերուն վրայ, եւ զոր շահած էր Գրիգոր պէտք եղած միջոցներով: Գրիգորի միշտ աթոռակից եւ գործակից մնաց Արիստակէս Աթոռակալ, որուն կողմէն 1462-ին Լեհաստանի Հայերուն կոնդակ մը ղրկուիլը ( ՓԻՐ. 207), առիթ տուած է ոմանց նոյն 1462-ին մեռած ըսել Ջալալբէգեանը ( ՉԱՄ. Գ. 506), մինչ յայտնի վկայութիւններ շատ ետքը տակաւին գործի վրայ գիտեն Գրիգորը: Դավրիժեցին 1466 թուականին ներքեւ կը գրէ. նոյն տէր Գրիգոր, եւ նոյն տէր Արիստակէս, այլեւ եղեւ կաթողիկոս տէր Սարգիս ( ԴԱՎ. 337): Երկրորդ աթոռակիցի մը աւելնալը նշան է Գրիգորի ծերացած եւ տկարացած ըլլալուն, որ գործակիցներ շատցնելու պէտք զգացած է, այլ զարմանալի է Սարգիսին այդ պաշտօնին կոչուիլը: Այս այն Սարգիսն է, որ Աջը Էջմիածինէ գողնալով Զաքարիայի տիրապետութիւնը դիւրացուց, եւ Գրիգորի դիրքը խախտելու պատճառ եղաւ, եւ այժմ անոր մօտ եւ անոր գործակից կը տեսնենք: Պատմութիւնը չէ բացատրած այդ փոփոխութեան գաղտնիքը, սակայն երբեմն պարագաները ինքնիրեն կը խօսին, եւ եղելութեանց կապակցութիւնը կը բացատրեն: Եթէ Սարգիս Աջին գողութիւնը իրեն համար պատրաստած էր, պէտք էր իրեն ծանր երեւար Զաքարիայի յաջողութիւնը, իսկ եթէ Զաքարիայի ծառայութիւն մատուցանել ուզած էր, ինչ որ մենք հաւանականագոյն կը կարծենք ( § 1490), պէտք էր Զաքարիայէ արժանաւոր վարձ մը ստացած ըլլար, ինչ որ յիշատակուած չէ, եւ ոչ ալ բացակայութեան ատեն ալ աթոռակցութեան պատիւն ու գործը Սարգիսի յանձնուած է: Երկու առիթներու մէջ ալ դիւրաւ կը հաստատուի Սարգիսի եւ Զաքարիայի անհամաձայնութիւնը, մանաւանդ թէ Զաքարիան հեռացնելու համար Սարգիսի ալ Գրիգորի միանալը, եւ Զաքարիայի մեկնելէն ետքը, երկրորդ աթոռակիցի մը պէտք զգացուած ատեն, Սարգիսին այդ աստիճանին կոչուիլը: Դավրիժեցիին նշանակած 1466 թուականը, պարտաւոր չենք իբրեւ Սարգիսի աթոռակցութեան սկիզբը նկատել, ինչպէս ինքն ալ յայտնապէս կը գրէ ( ԴԱՎ. 335), ուստի ամենայն հաւանականութեամբ կրնանք Սարգիսի աթոռակից կաթողիկոսութիւնը 1462-էն հաշուել, Զաքարիայի մեկնելէն անմիջապէս ետքը:

1496. ԳՐԻԳՈՐԻ ՄԱՀԸ

Գրիգորի վերջին տարիներուն միջոցը, նշանաւոր եւ կարեւոր դիպուած մը չի ներկայեր: Ինքն ալ ներքին գործերով եւ յուզուած տագնապներով զբաղած կ՚անցընէր իւր ծանրացեալ օրերը: Գրիգորի մահը պէտք է դնել 1465 տարւոյն վերջերը, վասնզի որչափ ալ Հայոց 915 թիւին գրուած յիշատակարան մը կը նշանակէ ի հայրապետութեան տեառն Գրիգորի, ընդհանուր Հայոց կաթողիկոսի ( ՓԻՐ. 226), սակայն ուրիշ մըն ալ 914 թուականով կը գրէ, ի կաթողիկոսութեան տեառն Ըռըստակէսի, որ յայսմ ամի նստաւ յաթոռ հայրապետութեան ( ՓԻՐ. 221), ինչ որ Գրիգորի մեռնելով, աթոռակցութենէ նախագահ աթոռակալութեան անցնելուն կրնայ պատշաճիլ: Նկատելով ալ որ Հայոց 915 տարին 1465 նոյեմբեր 25-ին կը սկսէր, այն տարւոյ վերջերը դնելով Գրիգորի մահը` երկու յիշատակութիւններն իրարու կը մօտենան, մանաւանդ որ գրողները տեղւոյն վրայ չեն, եւ լուրերն ալ շատ շուտ չէին տարածուիր այն ատեններ: Գրիգոր Ջալալբէգեան կամ Մակուցի կամ Արտազեցի կաթողիկոսին գործերը հետզհետէ յառաջ բերած ատեննիս ինչինչ դիտողութիւններ ալ միատեղ յայտնեցինք: Ապիկար եւ ստորին անձնաւորութիւն մը եղած չէ, գոհացուցիչ գործունէութիւն եւ գնահատելի արդիւնքներ ալ ունեցած է, դժբախտաբար պաշտօնի բարձրանալը շատ տգեղ կերպերով կատարուեցաւ, որոնց մէջ ինքն ալ մեղադրանքէ զերծ չկրնար ըսուիլ: Այդ պարագայն իւր պաշտօնին սկզբնական տկարութիւն մը բերաւ, որով չկրցաւ եկեղեցւոյ հիմնական շահերուն պաշտպան կանգնիլ, եւ պատճառ եղաւ Աղթամարի աթոռին նորէն բաժնուելուն, Կիլիկիոյ բաժանեալ աթոռին հաստատուելուն, եւ Էջմիածնի աթոռին բռնի գրաւուելուն: Որով հայրապետական աթոռին միահեծան վերանորոգութեան բարեգուշակ ձեռնարկը` իր օրով եւ իր պատճառով վտանգուեցաւ: Իրմէ սկսաւ նաեւ աթոռակից կաթողիկոսներու դրութիւնը, ուսկից եթէ մի պատահական օգուտ յառաջ եկաւ` յաջորդութեանց ապահովուելովը ( § 1482), շատ աւելի ծանր ու հետզհետէ աղիտաբեր եղան անոր հետեւանքները, եւ շուրջ երկու դար վրդովեցին հայրապետական Մայրաթոռը:

1497. ԶԱՔԱՐԻԱՅԻ ՄԱՀԸ

Ժամանակակից է նաեւ Աղթամարի կաթողիկոս Զաքարիայի մահը: Մինչեւ 1464 Զաքարիա յիշատակուած է ( ՓԻՐ. 218, 219), եթէ հայ թուականին մէջ Գ. եւ Դ. թուատառերու փոխանակութեամբ 1465 չուզենք կարդալ, վասնզի սոյն այս 1465 տարին առաջին անգամ կը յիշատակուի Զաքարիայի յաջորդը Ստեփանոս ( ՓԻՐ. 222), եւ 1466-ին տակաւին ի հայրապետութեան նորընծայ կաթողիկոսին տէր Ստեփանոսի կը գրուի ( ՓԻՐ. 226), որով 1465-ին վերջերը պէտք կ՚ըլլայ դնել Զաքարիայի ալ մահը, Գրիգորի մահուան հետ միեւնոյն ատեն: Հաւաքարանը այստեղ ալ Զաքարիայի եւ Ստեփանոսի մէջտեղ երկու տարի ընդհատումով եւ չորս աննշան կաթողիկոսներու անուններ կը դնէ (00. ԲԻԶ. 1196), որոնք ուրիշ յիշատակարաններէ չեն ստուգուիր, եւ Զաքարիայի անմիջական յաջորդ կը նշանակուի Ստեփանոսը, ինչպէս որ մենք ալ կ՚ընդունինք: Բայց մտադիւր կը պահենք միւս տեղեկութիւնը, թէ Ստեփանոս Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած էր Զաքարիայէ (00. ԲԻԶ. 1195), վասնզի անշուշտ Զաքարիա այս տեսակ հանդիսութիւններ ուզած է կատարել Մայր Աթոռի մէջ: Ասկէ կը հետեւի Ստեփանոսի ալ զօրաւոր դիրք ունեցած ըլլալը, որով պատճառ չմնար աննշան անձերուն կաթողիկոսութեան անցնելուն: Մանաւանդ որ Լուսաւորչի Աջն ալ Ստեփանոսի ձեռքը կը գտնուէր տակաւին:

1498. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԱՐՕՆԵՑԻ

Թէպէտեւ այդ ժամանակամիջոցը, որուն վրայ կը խօսինք, ընդհանուր կերպով մոլեռանդ հալածանքներու գործեր չներկայեր, սակայն երբեք չէ դադրած այն սովորութիւնը որով որեւէ ամբաստանութենէ կամ զրպարտութենէ ազատուելու միջոց կը ցուցուէր ուրացութիւնը, եւ իրաւ կամ կեղծ կամ սուտ ուրացութենէ մը ետ դառնալը մահապարտութեան պատճառ կ՚ըլլար: Այս առիթներէն ամէնքը պատմուած չեն, եւ ո~վ գիտէ որչափ արի նահատակներու անուններ անյիշատակ մոռցուած են, որոնց յիշատակը թաղեալ կը մնայ յայտից եւ անյայտից յիշատակութեան մէջ ( ՏՕՆ. 259): Անուննին ծանօթներէն մէկն է Յովհաննէս Տարօնեցի, Մշոյ Ս. Կարապետի Իննակնեան վանքին եպիսկոպոսը, որուն վրայ նախանձոտ Քուրդեր զրպարտութիւն յարուցին, թէ քակեաց զքարինք մզկթին եւ տարեալ շինեաց զեկեղեցին իւր ( ՆՈՐ. 300): Եպիսկոպոսը Մուշի գաւառապետէն ձերբակալուելով Բաղէշի ամիրապետին ղրկուեցաւ, որ առանց ուրիշ քննութեան ուրացութեան պայմանը առաջարկեց, եւ Յովհաննէսի մերժելուն վրայ բռնադատութեան տանջանքներ փորձուեցան: Նախ մերկացնելով բարձր տեղ մը հանեցին եւ վիզը չուան ձաղանքի ենթարկեցին, յետոյ նոյն կերպով քաղաքին մէջէն քարշեալ տարան մինչեւ բերդը, կրակ վառելով բոցերէն անցուցին, սուրով խոցեցին, եւ քարկոծեցին, մինչեւ որ հոգին աւանդեց քարերու տարափին ներքեւ ( ՆՈՐ. 302): Իսկ մարմինը փառօք թաղուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյն մէջ, Բաղէշի արքեպիսկոպոսին ձեռքով ( ՆՈՐ. 303), որ էր Յովհաննէս Թամուրնց ( ՓԻՐ. 213): Նահատակութեան օրը կը նշանակուի, ապրիլ 19, Նոր կիրակէի երեքշաբթին ( ՆՈՐ. 303), որ կը յարմարի 1463-ին, ինչպէս ունին քանի մը ձեռագիրներ, եւ կը հաստատէ Մարտիրոս Պոռեցի վարդապետը ( ՓԻՐ. 213), եւ չարդարանար ուրիշ գրչագիրի ցուցած 1473 թուականը ( ՆՈՐ. 304):

1499. ՈՒՐԻՇ ՎԿԱՆԵՐ

Առանց մանրամասնութիւնները գիտնալու քանի մը ուրիշ նահատակներու ալ կը հանդիպինք, որոնց անունները կ՚ուզենք յիշել անմոռաց չթողլու համար: Այսպէս է նախ, տէր Աստուածատուր Վանեցի, որ նահատակեցաւ 1448-ին գրուած յիշատակարանի մը համեմատ ( ՓԻՐ. 158), թուականը անորոշ: Նոյնպէս Սքանդար որ է Աղեքսանդր Ասլան-Մէլիքենց, որ 1465-ին վկայեալ է վասն Քրիստոսի աստուածութեան ( ՓԻՐ. 220), տեղը անորոշ: Նոյնպէս պարոն Լոյս, զոր նահատակեցին 1467-ին ( ՍԱՄ. 175) եւ որուն տեղը Կաֆա ըսուած է ուրիշի կողմէ ( ՓԻՐ. 227), թէպէտ դժուար է ընդունիլ, Կաֆա քաղաքին Լատիններու իշխանութեան ներքեւ գտնուելուն համար: Նահատակին իշխանազուն մը ըլլալը կը քաղուի պարոն պատուանունէն, եւ ուղիղ չերեւիր ուրիշներուն Պարոնլոյս յատուկ անուն մը կազմելը ( ՓԻՐ. 227): Ասոնք են առայժմ մեր հանդիպած անունները: Նահատակներէն դուրս սովոր ենք նշանաւոր անձերու եւ գրողներու յիշատակներն ալ քաղել, սակայն դժբախտաբար շատ աղքատ է այդ մասին մեր պատմութեան առարկայ եղող դարը: