Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Ե. ՍԱԼՄԱՍՏԵՑԻ

1549. ՅԱՋՈՐԴԵԼՆ ՈՒ ԱԹՈՌԱԿԻՑԸ

Վերջին ծռազատիկը 1293-ին Ստեփանոս Դ. Կաթողիկոսի օրով տեղի ունեցած էր ( § 1191), եւ 1539-ի նոր ծռազատիկին յաջորդեց Ստեփանոս Ե-ի աթոռակից կաթողիկոսութեան բարձրանալը, որ Սալմաստեցի կոչուած է ծննդավայրէն առնելով, թէպէտ Կոստանդնուպոլսեցի ըսողներ ալ կան: Իբր զի նա Պարսկաստանի Հայ գաղութին հետ մայրաքաղաք փոխադրուած էր աղայութեան ատեն ( § 1539), եւ հոն մեծացած ու կրթուած, բաւական հմտութիւն ստացած, եւ Լեհական Հայ գաղթականութեանց մէջ պտըտած էր, եւ նոյնիսկ լատին լեզու ուսած կ՚ըսուի ( ՉԱՄ. Գ. 517): Ստեփանոս Կոստանդնուպոլիսէ Էջմիածին երթալով, Գրիգորէ աթոռակից ընտրուեցաւ 1541-ին ( ԴԱՎ. 337), թերեւս այս թուականէն քիչ ալ առաջ: Էջմիածինի շրջանակէն դուրս, Կոստանդնուպոլիսէ եկողի մը աթոռակցութեան կոչուիլը, մեր տեսութեամբ կրնայ իբր փաստ ծառայել այն կարծիքին զոր յայտնեցինք, թէ ինքն Գրիգոր ալ Կոստանդնուպոլիսէ Էջմիածին գալով հայրապետութեան բարձրացած էր ( § 1545), եւ իրեն յաջորդած էր Ստեփանոս 1545-ին, Դավրիժեցիին ժամանակագրութեան համեմատ ( ԴԱՎ. 117), որ ըստ այսմ չորս տարի աթոռակցութիւն վարած կ՚ըլլայ: Ստեփանոս կաթողիկոսութեան սկիզբը փութաց իրեն աթոռակից մը առնել, եւ նորէն Էջմիածինի շրջանակէն դուրս մէկ մըն էր, որ այդ աստիճանին կոչուեցաւ, եւ է Միքայէլ Սեբաստացին: Այս կերպով պահ մը նոր տարր կը սկսի Էջմիածինի մէջ գործել, եւ Էջմիածինի վրայ ներգործել, եւ նոր շարժում եւ օգտակար գործունէութիւն մը կը սկսի այնտեղ, թէպէտ շուտով դադարելու սահմանուած, Վաղարշապատցիներու նորէն կացութեան տիրանալուն հետեւանքով: Սալմաստեցիին շուտով աթոռակից մը ընտրելը, չենք կրնար անոր տարիքին եւ տկարութեան վերագրել, զի 1514-ին գաղութին ( § 1539), տակաւին դեռահաս եղողը 1545-ին մեծ տարիք չէր կրնար ունենալ, այլ այդ որոշման մէջ կը նկատենք այն հեռաւոր դիտումը զօր ունէր, Հայ գաղթականութեանց եւ օտար երկիրներու մէջ պտոյտի ելլալու. ուստի պէտք էր որ յարմար տեղակալ մը թողուր Մայրաթոռին մէջ: Իսկ այդ հեռաւոր նպատակին մէջ կը տեսնենք ոչ միայն հայրապետական աթոռին նպաստներ ճարելու դիտումը, այլեւ անոր դիրքը բարձրացնելու եւ զարգացման սկզբնաւորութիւններ ընելու կամքը, ինչ որ արդիւնք էր իր կանուխէն ստացած ուսումնական առաւելութեանց: Նպատակին գործադրութիւնը եթէ անմիջական չեղաւ, շատ ալ չ՚ուշացաւ, որովհետեւ Ստեփանոսի ուղեւորութիւնը, սովորաբար կը դրուի շուրջ 1548 թուականին:

1550. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐ

Ստեփանոսի նպատակը փութացնելու պատեհ առիթ ընծայեցին քաղաքական պատահարներն ալ: Շահ Թահմազի եղբայրը Ալխազ իշխան, եղբօրը հետ գժտելով, անոր դէմ գրգռած էր Օսմանեանց սուլտան Սիւլէյմանը, եւ սա անոր վստահելով արշաւանք մը կազմեց Պարսից դէմ, բայց Թահմազ խուսափեց մեծ պատերազմի բռնուելէ, եւ Սիւլէյման համարձակ արշաւեց Արարատի եւ Վասպուրականի կողմերը աւերելով եւ գերելով զբազում տեղիս ( ԶԱՔ. Ա. 11), եւ 20 ամուր քաղաքներ գրաւելէ ետքը, 1549 դեկտեմբեր 21-ին Կոստանդնուպոլիս դարձաւ ( ԺՈՒ. 147): Ճիշդ այդ միջոցին է Ստեփանոսի Էջմիածինէ հեռանալը, եւ համընթաց կը հանդիպի Սիւլէյմանի արշաւանքներուն: Ստեփանոսի անծանօթ չէին Օսմանեանց մեծութիւնն ու զօրութիւնը, եւ իրաւամբ կրնար վստահիլ անոնց վերջնական յաջողութեանը, եւ այս տեսակէտով Կոստանդնուպոլիս կը դիմէր այնտեղ կարգադրելու համար Մայրաթոռին ապագայ կացութիւնը: Բայց հազիւ թէ Սիւլէյման հեռացած էր Պարսից սահմաններէն, որ Թահմազ առիթէն օգտուեցաւ Օսմանեանց սահմանները յարձակելու, եւ բառին բուն նշանակութեամբ աւերեց, քանդեց ու կողոպտեց, Խնուս, Բասէն, Կարին, Դերջան, Կեղի, Բաբերդ, Երզնկա եւ Սպեր գաւառները ( ԶԱՔ. Ա. 11): Այդ միջոցին Ստեփանոս արդէն Կոստանդնուպոլիս կը գտնուէր, եւ աջակցութեամբ Աստուածատուր պատրիարքի, որուն ազդեցիկ դիրք մը ձեռք ձգած ըլլալը Մաղաքիա Դերջանցիի ընծայած ձեռնտուութեան մէջ տեսանք ( § 1548), ձեռնարկեց Մայրաթոռի պաշտպանութեան պայմանները հոգալ, սակայն աւելի առջեւ չկրցաւ երթալ, որովհետեւ շուտով հասաւ Պարսից արշաւանքին գործը եւ Արեւելքին նորէն Պարսիկներու ազդեցութեան ներքեւ մնալը: Պարսից յարձակումը 1549-ի վերջերէն սկսելով շարունակեց մինչեւ 1552, անոր համար Թադէոս Սեբաստացի վարդապետը զայն կը զուգակցէ այն տարւոյն, յորում հազար ամ լցաւ թըւական Հայոց տոմարին ( ՉԱՄ. Գ. 514), ակնարկելով Յայտնութեան պատգամին, թէ յետ հազար ամին լուծցէ զստանայ ( ՅՅՏ. Ի. 7), զի այստեղ ալ ազգ մի Ղզըլպաշ ասին` շարժեցաւ նըման վիշապին ( ՀԱՅ. 593): Կսկծագին են Սեբաստացիին խօսքերը. Ոչ գեղ ոչ քաղաք թողուցին, կ՚ըսէ, զամենայն հրով այրեցին, զայգիքն ամէն կտրեցին, զարտորայքն ամէն այրեցին, զամենայն սրով մաշեցին ( ՀԱՅ. 594) վանք եւ եկեղեցիք ի հիմանց խախտեալ փըլուցին, բազում գիրք ու աստուածաշունչք` զայն ամէնն առեալ գերեցին ( ՀԱՅ. 595): Բնական էր որ այդ պատահարներ վերիվայր ընէին Սալմաստեցիին նպատակը, եւ զայն կասեցնէին Օսմանեան կայսրութեան մօտ դիմումները շարունակելէ:

1551. ՍԱԼՄԱՍՏԵՑԻՆ Ի ՀՌՈՄ

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ օգտակար ձեռնարկ մը ընելէ յուսաբէկ` Ստեփանոս մտածեց Եւրոպա անցնիլ, եւ Եւրոպական քրիստոնեայ տէրութեանց հետ բանակցելով օգնութեան եւ նպաստի արդիւնքներ ձեռք բերել, եւ զարգացման միջոցներ ճարելով իր աթոռը բարձրացնել: Լատին եկեղեցին 1300-էն սկսած էր յոբելեան տարւոյ տօնախմբութիւնը մեծահանդէս կատարել` որ սուրբ տարի ալ կը կոչուի: Առջի ատեններ հարիւրամեակի լրման պիտի կատարուէր, բայց շուտով յիսնամեակի փոխուեցաւ, եւ 1475-ին քսանեւհինգամեակի վերածուեցաւ: Վատիկանեան տաճարին մեծ դուռներէն մէկը հիւսուած կը մնար, եւ յոբելեան տարին հանդիսապէս կը բացուէր, եւ տարւոյն վերջը նորէն կը հիւսուէր: Ստեփանոսի Կոստանդնուպոլիս գալուն յաջորդ տարին, 1550 թուականը յոբելեան տարի էր Հռոմի մէջ եւ Պօղոս Գ. պապ արտակարգ շքեղութիւն տալ որոշած էր, մեծ հանդէսներով եւ առատ ներողութեանց շնորհներով: Նպատակն էր որ շատ բազմութիւն հասնի Հռոմ եւ Վատիկանեան նորաշէն տաճարին լրանալուն եւ զարդարուելուն մեծագանձ նուէրներ հաւաքուին: Այդ համաշխարհային համախմբութիւնը շատ յարմար էր Ստեփանոսի նպատակին, եւ որոշեց Հռոմէ սկսիլ իր Եւրոպական շրջագայութիւնը: Հռոմէադաւանութեան պաշտպաններ, հազիւ թէ Հռոմի անունը կը յիշուի, պապին հպատակութենէ զատ բան չեն տեսներ այդ շարժումին մէջ, բայց տարբեր եւ ընդարձակագոյն էր Ստեփանոսի նպատակը: Նա մտադիր էր Եւրոպայի զանազան կողմերը շրջագայիլ եւ գլխաւոր պետութիւններուն հետ յարաբերութիւն հաստատել: Այդ մասին շատ նշանակալից է Պարսից հպատակ Հայոց կողմէ Վենետիկի հանրապետութեան ուղղուած գրութիւնը, 1547 թուականով ( ՎԵՆ. 326), ուր իբր իրենց ներկայացուցիչ կը նշանակեն Ստեփանոս պատրիարքը, եւ կը յայտարարեն թէ կը սպասեմք ձեր գալուն, համոզուած ըլլալով, որ ի զգօնութենէ տէրանց Վենետաց պիտի սկսի մեր փրկութիւնն եւ ազատութիւնն ( ՎԵՆ. 329): Որոշած են որ պապին ալ դիմում ըլլայ, վասնզի այն ատեն Հռոմ, ոչ միայն Եւրոպիոյ գլխաւոր արքունիքներէն մին էր, այլեւ իր կրօնական կերպարանով գերագոյն դիրք մը ստացած էր: Միւս արքունիքներն ալ կրօնամոլ ձգտումներ ունէին, եւ իրենց դաւանութենէ դուրս եղողներուն համար, թէ ոչ հակառակ, գոնէ անտարբեր էին, եւ Հռոմի պապէն յանձնարարութիւն մը մեծ նշանակութիւն ունէր անոնց հաճելի ըլլալու: Ստեփանոսի համար անհրաժեշտ պայման էր Հռոմէ երթալ, եւ յոբելեան տարւոյ պարագան աւելի եւս կը դիւրացնէր իր նպատակը, վասնզի կրնար Հռոմի մէջ ամէն կողմէ եկողներու հետ ծանոթութիւններ հաստատել:

1552. ԵՐԹԱԼՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ

Ստեփանոսի Հռոմ երթալուն մասին ազգային յիշատակարաններ եւ ժամանակագիրներ բնաւ ակնարկ մը չունին, նոյնիսկ Հռոմի դիւաններէն ալ ոչ մի պաշտօնական գրութիւն յառաջ բերուած է, եւ կաթողիկոսի մը անձամբ Հռոմ գալուն ամենանշանաւոր պատահարին պարագաները պատմող կամ եղելութիւնը յիշատակող մը չկայ: Մեր տեսութեամբ անհնար էր որ Հռոմի դիւաններ լուռ մնացած ըլլային այդպիսի կարեւոր պատահարի մը վրայ, ուստի կրնայինք այդ կրկին կէտերու, այսինքն ազգային յիշատակներուն եւ Հռոմի դիւաններուն լռութեանցը վրայ հիմնուելով, իբրեւ ճշմարտուած եղելութիւն չընդունիլ Սալմաստեցիին Հռոմ երթալը, ինչպէս Պալճեան ինքն ալ լռութեամբ կ՚անցնի, եւ Սալմաստեցիին ուղեւորութիւնն իսկ չի յիշեր ( ԿԱԹ. 151), եւ Փափազեան ալ զանց կ՚ընէ յիշել միաբանական եւ համակերպական պայմանները ( ՓԱՓ. 775), Ալիշան ալ զանց կ՚ընէ այս տեսակէտը ( ՎԵՆ. 330), զոր կը պանծացնէ Չամչեան, թէպէտ այն չի պարունակուիր Գուալտերիոս Արետացիէ իր իսկ յառաջ բերած հատուածին մէջ, մանաւանդ թէ հակառակը կը քաղուի Գուալտերիոսի խօսքերէն, որ գրեր է թէ Ստեփանոս յոլով ինչ կարեւոր խորհէր ի միտս, այլ առաջիկայս ժամանակ խափան լինէր ջանից նորա ( ՉԱՄ. Գ. 518): Մենք չենք ուզեր մեր քննադատութիւնը յառաջ մղել ուղեւորութիւնը ուրանալու չափ, եւ ըսել թէ Գուալտերիոս կամ եղջերուաքաղ մը պատմած է, եւ կամ խաբեբայի մը հանդիպած է, զի Ստեփանոսի Հռոմ երթալը կը հաստատուի, թէ վերոյիշեալ թուղթով, եւ թէ Եթովպացի Պետրոս արքեպիսկոպոսին ձեռնադրութեան վկայագրով, որ գրուած է 1549 սեպտեմբեր 6-ին ի կայսերանիստ եւ ի մայրաքաղաքն մեծն Հռոմ ( ՀԱՅ. 593), ուր պապին նկատմամբ զփափան տեսնուլ ակնարկէն աւելի խօսք ալ չկայ ( ՀԱՅ. 592): Բայց այս տեսակցութիւնն ալ ընդունելով, ուրիշ բան չենք տեսներ Սալմաստեցիին ընթացքին մէջ, բայց եթէ Եւրոպական օգնութեանց հետապնդութիւն մը, եւ Եւրոպական զարգացման միջոցներուն հմտանալու փափաք մը: Ասոնց մէջ պէտք է առաջին կարգին դասել նորահնար տպագրական արուեստը, որով արդէն Հայ գիրքեր ալ երեւցած էին հրապարակի վրայ ( § 1527), բայց շարունակութիւնը ընդհատուած կը մնար ( ԼԷՕ. 76): Սալմաստեցիին ուղղութեան հակառակ չէր` մտերմական եւ համակրական յարաբերութիւններ ալ հաստատել Պօղոս Գ-ի հետ, ինչպէս կը յիշէ Չամչեան ( ՉԱՄ. Գ. 58), բայց աւելի անոր յաջորդին Յուլիոս Գ. հետ, վասնզի Պօղոս չհասաւ յօբելեան տարւոյ հանդիսաւորութիւնները կատարել: Հայոց կաթողիկոսը կրնար բերանացի եւ վարկապարազի յուսադրութիւններ ալ խոստանալ պապին, պարզապէս իր ակնկալած օժանդակութիւնը ձեռք ձգելու համար, եւ միանգամայն համարձակօրէն հոգեւոր հաղորդակցութիւն ալ ընել անոր հետ, վասնզի Հայ եկեղեցւոյ ներողամիտ հոգին իրեն չէր արգիլեր այդպէս վարուիլ ամէն անոնց հետ, որ իրեն համամիտ են երեք նախնական սուրբ ժողովներու հիման վրայ: Բայց այսչափը չի հաստատէր բնաւ թէ Սալմաստեցին Հռոմ գացած ըլլայ պապական իշխանութեան հպատակելու եւ Հռոմէական եկեղեցւոյ համակերպելու եւ հայադաւան եկեղեցին հռոմէադաւանի փոխարկելու համար:

1553. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԴԱՌՆԱԼԸ

Ստեփանոս նոյնիսկ 1550 յոբելեան տարին չելած Հռոմէ մեկնած կ՚ըսուի, ուր անշուշտ հետաքրքրութիւնը եւ բարեպաշտութիւնը յագեցնելու շրջագայութիւնները եւ այցելութիւնները լրացուց եւ շիտակ անցաւ Գերմանիա, Կարոլոս Ե. կայսեր տեսակցութեան, որ այդ միջոցին սաստիկ զբաղուած էր Լուտերի վարդապետութեանց երեսէն` Գերմանիոյ մէջ տիրող ներքին խռովութիւններով ( § 1543): Այստեղ ալ մանրամասն տեղեկութիւններ կը պակսին Կաթողիկոսին եւ կայսեր միջեւ տեղի ունեցած յարաբերութեանց եւ յառաջ եկած արդիւնաւորութեանց մասին, եւ հաւանական եզրակացութիւնն է թէ կարեւոր արդիւնք մը ձեռք ձգուած չէ: Գերմանիայէ կ՚անցնի Լեհաստան բազմաթիւ Հայ գաղթականութեանց այցելելու, երբ կը թագաւորէր Զիկմունդ կամ Սիգիսմոնդոս Բ. Օգոստոս նշանաւոր իր աշխարհակալութիւններով եւ Հռոմի պապութեան դէմ ընդդիմութիւններով, եւ Գերմանական նորաղանդութեան եւ Սոկինեանց աղանդին ցուցած պաշտպանութիւններով: Այդ վերջին պարագան մանաւանդ նպաստաւոր էր Հայոց, որոնք Լեհաստանի մէջ տիրապետող հռոմէադաւան եկեղեցիէ անջատ դաւանութիւն ունէին: Լեհաստանի յիշատակներ ալ մեզի յատուկ մանրամասնութիւններ չեն տար Ստեփանոսի գործունէութենէն, որ կարծէս թէ անցած տեղերուն մէջ բնաւ հետք չէ թողուցած անցած ըլլալուն վրայ, կասկած յարուցանելու չափ: Սոյն այս 1551 տարին էր, որ Մոլտաւիոյ մէջ, որ է Պուղտան երկիրը, Հայերու դէմ կրօնական հալածանք հռչակեց Ստեֆան իշխանը, յունական որթոդոքսութեան կամ քաղկեդոնիկ դրութեան ուղղութեամբ: Մոլտաւիա Սալմաստեցիի ուղեգիծին վրայ կը գտնուէր, բայց չենք ստոյգ թէ մասնակցութիւն ուզեց ունենալ, կամ ազդեցութիւն կրցաւ ընել իշխանին վրայ, թէպէտեւ հալածանքը ոչ երկար տեւեց եւ ոչ ալ արդիւնք մը ունեցաւ ( ՉԱՄ. Գ. 519): Սալմաստեցին իր ուղեւորութիւնը շարունակեց ցամաքի ճամբով, եւ Կաֆա եւ ուրիշ հայաբնակ քաղաքներ հանդիպելով Էջմիածին դարձաւ 1551 տարւոյ մէջ: Մայրաթոռոյ դիւաններն ալ մեզի տեղեկութիւն չեն հայթայթեր թէ ինչ նիւթական կամ բարոյական արդիւնքներ կրցաւ քաղել Ստեփանոս իր Եւրոպական շրջագայութենէն, եւ ինչով կրցաւ օգտուիլ Էջմիածինը: Երեւանեցին ալ ոչ մի յիշատակ չէ գտած այս մասին, եւ Սալմաստեցիին ուղեւորութեան խօսքն ալ չ՚ըներ ( ՋԱՄ. 20): Պարագաները մօտեցնելով կրնանք հետեւցնել, թէ տպագրական արուեստին աթոռակից Միքայէլի ձեռնարկը` իր առաջին շարժումը ստացած է Ստեփանոսի բերած տեղեկութիւններով, զի թէ Արեւելքէ Հռոմ եւ թէ Իտալիայէ Գերմանիա անցած ատեն Վենետիկ հանդիպած է, որ այն ատեն Եւրոպական լուսաւորութեան կեդրոնն էր, եւ ուր 150 տպարաններ կը գործէին ( ԼԷՕ. 16) եւ ուսկից ելած էին առաջին Հայ տպագրութիւնները ( § 1527): Ստեփանոսէ կը սկսի Էջմիածինի եւ Հռոմի մէջ յարաբերութեանց նոր շարք մը, որուն հռոմէական մերձեցուցման գոյն կ՚ուզեն տալ ոմանք, եւ զայն իբր նպատակ կը կարծեցնեն, մինչ լոկ միջոց մըն էր այն` Եւրոպական զարգացման մերձենալու եռանդէն յառաջ եկած, ինչպէս յստակօրէն կը քաղուի վերեւ յիշուած ազգայնոց գրութենէն ( § 1551):

1554. ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐ

Ստեփանոս կաթողիկոսի իբր եռամեայ բացակայութեան միջոցին, Մայր աթոռոյ գործերը վարողն էր Միքայէլ Ա. Սեբաստացի, աթոռակից կաթողիկոսը ( § 1549): Սակայն պէտք չէ բնաւ այնպէս ենթադրել թէ Ստեփանոս իբր հրաժարեալ հեռացած ըլլայ, եւ եկած ատեն Միքայէլ զառաջին պատիւ նորին եւ զնախագահութիւն անոր դարձուցած ըլլայ ( ՉԱՄ. Գ. 518): Ստեփանոս մեկնեցաւ գահակալի դիրքը վրան պահելով, եւ Միքայէլ իբր տեղակալ գործեց, արդէն ալ աթոռակիցի դիրքը կը բաւէր որ կարենար կաթողիկոսական գործերը լիապէս լրացնել: Անծանօթ կը մնայ եւս մեզի թէ ինչ գործունէութիւն ունեցաւ Միքայէլ իբր տեղակալ մնացած տարիները, թէպէտեւ շատ բան սպասելու ալ չեն քաջալերեր ժամանակին արկածալիր պատահարները` պարսկական արշաւանքին պատճառով, որոնք թէպէտ ուղղակի Օսմանեան եւ ոչ Պարսկական գաւառներու վրայ կը ծանրանային ( § 1550), սակայն անհնար էր որ Էջմիածին ալ փորձանքներուն ազդեցութիւնը չկրէր: Մանաւանդ որ Շահ Թահմազի Օսմանեան գաւառներուն պատճառած աղէտները, անշուշտ իրենց փոխադարձը պիտի ունենային սուլտան Սիւլէյմանի կողմէ, որ չէր ներեր երբեք Պարսիկներուն` անոնց գործած աւերածը: Հազիւ թէ Սիւլէյման պահ մը դադար գտաւ Հունգարացւոց դէմ վարած պատերազմներէն, նորէն Ասիակողմ դարձուց իր զէնքը եւ 1554 ապրիլին խաղացոյց իր բանակը, եւ աւերեց աւարեց, ու գերեց գերփեց Նախիջեւան, Երեւան եւ Արցախ գաւառները ( ԺՈՒ. 147): Էջմիածին այս շրջանակին մէջն էր, եւ Ստեփանոս ու Միքայէլ ծանրապէս զգացին արշաւանքին հետեւանքները: Բարեբախտաբար Թահմազ շուտով տեղի տուաւ, եւ պատուադիր կերպով հաշտութիւն խնդրեց, սեպտեմբեր 26-ին զինադադար եղաւ, եւ 1555 մայիս 29-ին հաշտութիւն կնքուեցաւ ( ԺՈՒ. 147), եւ բարեկամութիւնը տեւական ձեւ առաւ, եւ յոյժ մտերմական գրութիւններ փոխանակուցեան 1556-ին Սիւլէյմանիէ մեծ մզկիթին նաւակատեաց առթիւ, որ կատարուեցաւ օգոստոս 26-ին ( ԺՈՒ. 148): Հարկաւ վերջին արշաւանքէն կրած վնասները դարմանելու հարկն էր, որ Ստեփանոսն ու Միքայէլը ստիպեց, երկու եւս աթոռակիցներ աւելցնել 1557-ին, որոնք եղան տէր Բարսէղ եւ տէր Գրիգոր, եւ չորսին ալ անունը միանգամայն կու տայ Դավրիժեցին ( ԴԱՎ. 338): Վերջին երկուքը Վաղարշապատեցի տեղական ոյժեր կ՚երեւան, եւ այդ մակդիրով կը կոչենք երկուքն ալ: Բարսէղը համանուններուն մէջ Գ. կը հաշուենք, զի Արեւելեայց ընտրած կաթողիկոսը, որոշակի մերժուած չլինելով եւ առողջ սկզբունքին պաշտպան կանգնած ըլլալով, աւելի քան հակաթոռ, իբր աթոռակից նկատեցինք ( § 1049): Իսկ Գրիգորը ԺԲ. կ՚ըլլայ համանուններու մէջ: Չորս կաթողիկոսներ միանգամայն ունենալու որոշումը, զոր վնասներու պահանջած դարմանին վերագրեցինք, հնար է ներքին խլրտումներ լռեցնելու ալ միջոց նկատել, զի ժամանակ մըն էր որ Վաղարշապատեցի խմբակը զինքն գործերէ հեռու կը գտնէր, եւ ժամանակին շփոթութիւններէն կրնար օգտուիլ Սալմաստեցիին եւ Սեբաստացիին դէմ կռուելու: Ալիշան այդ երկուքէն առաջ Արիստակէս Դ. մը կը յիշէ 1555-է մինչեւ 1564 տարիներու համար ( ԱՐՐ 231), սակայն որոշ աղբիւր մը չունի, զի սկսեալ ի հայրապետութեան Արիստակէսի յիշատակութիւնը ( ԱՐՐ. 230), իդէպ է իմանալ Արիստակէս Գ. վրայ ( § 1518), քանի որ ուրիշ ոչ մի տեղ նոր Արիստակէսի մը յիշուելուն հանդիպած չենք, եւ այս պատճառով բոլորովին զանց կ՚ընենք այդ անոնը: Դավրիժեցին ալ կ՚անգիտանայ անոր գոյութիւնը, ապա թէ ոչ հինգ կաթողիկոսներ միանգամայն յիշած կ՚ըլլար, ուր չորս միայն կը յիշատակէ ( ԴԱՎ. 338):

1555. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Որոշակի գրուած չենք գտներ, թէ որչափ եւս ապրեցաւ Ստեփանոս Սալմաստեցին նոր աթոռակիցներ աւելցնելէն ետքը: Դավրիժեցին 1567-ին կաթողիկոսներուն գլուխը կ՚անցընէ Միքայէլ Սեբաստացին ( ԴԱՎ. 338), որ կրնար առնուիլ իբրեւ Ստեփանոսի մահուան թուական: Ալիշան տեղ մը Ստեփանոսը 1551 կամ 1552-ին վախճանած կ՚ենթադրէ Էջմիածինի մէջ ( ԱՐՐ. 231), մինչ Ստեփանոս հազիւ թէ այն տարին դարձած ըլլար իր աթոռը, իսկ այլուր կենդանի կ՚ենթադրէ մինչեւ 1564, Կաֆա գրուած յիշատակարանի մը վրայ հիմնուելով ( ԱՐՐ. 230): Կամենիցի յիշատակարաններուն մէջ ալ 1566 սեպտեմբեր 1-ին կը գրուի ի կաթողիկոսութեան տեառն տէր Ստեփանոսի ( ԲԺՇ. 143), որ յարմար կու գայ Դավրիժեցիէն քաղուած թուականին ( ԴԱՎ. 335): Այս թուականներուն դէմ իբր դժուարութիւն կը նկատուի Միքայէլ Սեբաստացիի 1562-ին, իբրեւ բուն կաթողիկոս եւ իր կոնդակով Աբգար Եւդոկիացին Հռոմ ղրկելու ձեռնարկը, ուսկից շատեր կը հետեւցնեն Միքայէլի բուն գահակալ ըլլալը, եւ անկէ ալ Ստեփանոսի մեռած ըլլալը: Այդ է սովորաբար ընդունուած դրութիւնը, որով Չամչեան Ստեփանոսը մեռած կը դնէ 1555 թուականին, այսինքն իբրեւ անցին սակաւ ժամանակք, Հռոմէ դառնալէ ետքը ( ՉԱՄ. Գ. 519), իսկ սովորական ցուցակը 1547-ին կը վերջացնէ անոր կաթողիկոսութիւնը ( ԺԱՄ. 636), որ Հռոմ երթալէ ալ առաջ կ՚իյնայ: Սակայն Կաֆայի եւ Կամենեցի յիշատակարանները յստակ են, եւ Ստեփանոսը կենդանի եւ կաթողիկոս կը ճանչնան մինչեւ 1566: Եւ ոչ ալ կրնանք Ստեփանոսը այդ թուականներուն հրաժարուած եւ գործէ քաշուած ըսել, վասնզի Կաֆայի յիշատակագիրը Ստեփանոսէ զատ կը յիշէ եւ զայլ կաթողիկոսն, զորոց զանուանսն ոչ գիտցաք, կ՚ըսէ, եւ ոչ գրեցաք ( ԱՐՐ. 230), եւ գիտենք թէ այդ թուականին Ստեփանոսի հետ կաթողիկոսակից կը գտնուէին Միքայէլ Ա. եւ Բարսեղ Գ. եւ Գրիգոր ԺԲ: Մենք պէտք կը զգանք այդ վկայութիւններուն ոյժ տալ, եւ համաձայն Դավրիժեցիին ժամանակագրութեան 1567-էն առաջ չանցընել Միքայէլի բուն գահակալութիւնը ( ԴԱՎ. 338): Այդ դրութեամբ պէտք կ՚ըլլայ ըսել, թէ Միքայէլ կամ ներքին գժտութիւններէ եւ արտաքին նեղութիւններէ ստիպուած, եւ կամ նոր ձեռնարկներ յաջողցնելու դիտմամբ, պահ մը թողուց Էջմիածինի բնակութիւնը, եւ իր ծննդավայրը Սեբաստիա քաշուեցաւ, որ Գետադարձի ալ հայրապետանոցը եղած էր (857), բայց միշտ պահելով եւ պաշտպանելով իր աստիճանը եւ գործունէութիւնը: Միւս կողմէ Ստեփանոս ալ տարիքը առած եւ տկարացած ըլլալով, պարտաւորուեցաւ գործերը թողուլ նոր Վաղարշապատեցի աթոռակիցներուն ձեռքը, որոնց երիցագոյնն էր Բարսեղ, եւ այդ տեսակէտով 1563-ին գրող յիշատակագիր մը կրցաւ պարզապէս գրել ի հայրապետութեան տեառն Բարսեղի ( ԱՐՐ. 230): Սակայն մեր տեսութեամբ Միքայէլ Սեբաստիոյ մէջ Բարսեղ Էջմիածինի մէջ ազատօրէն գործելով ալ` բուն գահակալ չէին կրնար նկատուիլ, ցորչափ կենդանի էր Ստեփանոս եւ իր իրաւունքը կը պահէր կանոնաւորապէս: Այդ պատճառով Ստեփանոսի անունին ներքեւ պիտի շարունակենք պատմել մինչեւ 1567 կատարուած գործերը, եւ Միքայէլի գործունէութեան մէկ մասը:

1556. ԱՂԹԱՄԱՐ ԵՒ ԱՂՈՒԱՆՔ

Երեւանեցին 1557-ին դնելով Միքայէլի կաթողիկոսութիւնը, որ Դավրիժեցիէն Վաղարշապատեցի աթոռակիցներուն համար տրուած թուականն է ( ԴԱՎ. 338), կը ներկայէ զայն իբրեւ զօրաւոր կամքի տէր անձ, որ կրցաւ Աղուանից եւ Աղթամարի կաթողիկոսներուն յաւակնութիւնները զսպել, եւ նախապէս, կ՚ըսէ ճմլեաց զկզակս Աղուանից եւ Աղթամարու կաթողիկոսացն ( ՋԱՄ. 20): Որոշ չէ նախապէս բառին իմաստը, թէ Երեւանեցիին նշանակած 1557-էն առաջ կատարուած գործի մը վրայ պիտի իմանանք, զի Միքայէլ 1545-է իվեր աթոռակից էր ( § 1549), թէ ոչ 1567-ին բուն գահակալ ըլլալէն ետքը կատարուած առաջին գործ պիտի հասկնանք: Միքայէլի վերագրուած գործը Էջմիածինի աթոռին անմիջական իրաւասութեանց սահմաններուն պաշտպանութիւնն է, զոր Երեւանեցին քաղած է Մայրաթոռի մէջ պահուած գրութիւններէ եւ աւանդական յիշատակներէ: Աղուանից կաթողիկոսը ուզած է իրեն սահմաններուն կցել Նախիջեւան, Գեղարքունի, Ղափան, Աղստեւ եւ Լօռի գաւառները, իսկ Աղթամար ալ ձեռնարկած է իւրացնել Խոյ, Սալմաստ, Վան, Ամիդ, Արճէշ, Խլաթ, Մուշ եւ Բաղէշ գաւառները ( ՋԱՄ. 20): Միքայէլ բուռն կերպով ընդդիմացած է, եւ Պարսիկ ինքնակալութեան դիմելով զլաւ ռաղամ մի, այսինքն զօրաւոր հրովարտակ ստացած է Շահ Թահմազէն, թէ Գանձակ, Պարտաւ, Աղստեւ, Լօռի, Զակամ, Նախիջեւան, Գեղարքունի, Ղափան, Խոյ եւ Սալմաստ, Էջմիածնի վիճակքն են ( ՋԱՄ. 78): Հրովարտակին թուականը չի յիշեր, եւ մեզ հնար չէ ստուգել, միայն թէ` որ ի մէջ ՌԶ. թուոջն մերում նստաւ, եհան զլաւ ռազամ մի բացատրութիւնը ( ՋԱՄ. 20), 1557-ին կամ քիչ ետքը կը ցուցնէ հրովարտակին ստացութիւնը, եւ պարագաները կը համեմատին Սիւլէյմանի արշաւանքին ժամանակներուն ( § 1554): Երկու սահմանակից տէրութեանց մէջ եղած արշաւանքները եւ գրաւումները` առիթ պիտի ընծայէին եկեղեցական իշխանութեանց ալ սահմաններուն շփոթուելուն, եւ անշուշտ այդ եղած է Աղուանից եւ Աղթամարի կաթողիկոսներուն սահմանին ընդարձակելու համարձակութիւն տուող պարագան: Աղուանից աթոռը ի բնէ հպատակ էր Հայոց գլխաւոր աթոռին. սակայն տիրող շփոթութեանց պատճառով, Հայոց հայրապետութեան երկար ատեն պանդխտութեան մէջ գտնուելուն, եւ Էջմիածին դառնալէն ետքը կերպ կերպ դժուարութեանց ենթարկուելուն երեսէն` ամէն յարաբերութիւններ խանգարուած էին, վասն որոյ չէ զարմանք, որ եթէ մերն այսպէս, ապա զԱղուանիցն դու մտածեա թէ որպէս իցեն ( ՋԱՄ. 78): Որոշակի չենք կրնար ճշդել թէ Աղուանից կաթողիկոսներէն որն էր, որուն հետ գործ ունեցաւ Միքայէլ. իսկ Աղթամարի կաթողիկոսներէն ոտնձգութիւն ընողը եղած կ՚ըլլայ Գրիգոր Սէֆէտինեան, Փոքր մականուանեալ` երիտասարդութեանը պատճառով (00. ԲԻԶ. 1197), որ 1542-էն 1610, 68 տարի պաշտօն վարած է յաջորդելով Գրիգորիս Աղթամարցի երգաբանին, որ այս կողմէն նշանաւոր եղած է Աղթամարի աթոռին վրայ ( ԱՂԹ. 7), ինչպէս Յովհաննէս Թլկուրանցին Սսոյ աթոռին վրայ ( § 1525): Յիշենք անգամ մը եւս թէ որչափ ալ Միքայէլ մեծ գործունէութիւն ունեցած ըլլայ, հարկաւ անձամբ Պարսից արքունիքն ալ դեգերելով, սակայն իբր բուն գահակալ գործած չէ, զի կենդանի էր եւ իր աթոռին վրայ կը գտնուէր Սալմաստեցին:

1557. ԱԲԳԱՐ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ

Միքայէլի անունին պատիւ բերող ձեռնարկներէն մեծագոյնը տպագրութեան գործին զարկ տալու համար ունեցած մասնակցութիւնն է: Միքայէլ աթոռակից կաթողիկոս 1562-ին Սեբաստիա կը գտնուէր, բայց թէ երբ եկած էր, դժուար է ճշդել, ինչպէս նաեւ գալուն շարժառիթը որոշել, զոր կասկածով միայն նշանակեցինք ( § 1555): Բայց անհաւանական չէ ըսել, թէ ուղղակի ազգային ձեռնարկներու համար եկած ըլլայ, նոյնիսկ Սալմաստեցիին հետ խորհրդակցութեամբ ( § 1551), եւ այնտեղէ աւելի յաջող միջոցներ գտնելու ակնկալութեամբ: Միքայէլ յարաբերութեան կը մտնէ Աբգար Եւդոկիացի կոչուած անձին հետ, որդի Ամիր պէկի, սովորաբար Սաֆար կամ Սէֆէր կոչուած ( ՅԻՇ. 256), իբրեւ յարմարագոյն անձ այդ նպատակին, թէ իր միջոցներով եւ թէ յաջողակ ձիրքերով: Աբգարի որդին Սուլթան կամ Սուլթանշահ, իր հօրը վրայ տեղեկութիւն տալ ուզելով կը հաստատէ թէ նա թագաւորազուն էր Սենեքերիմ Արծրունիի ցեղէն ( § 824), եւ ճիւղագրութիւն կազմելու համար Աբգարէ կ՚իջնէ Տրդատ, անկէ Գագիկ Կարսեցին, անկէ Սենեքերիմ Սեբաստացին, եւ անկէ իր հօր Աբգարի, անյարմար համարելով տալ զանուանս մի ըստ միոյ ի յԱբգարոյ մինչ իր հայրը ( ՅԻՇ. 256): Իսկ այս ճիւղագրութիւնը հաստատած կ՚ըլլայ Միքայէլ` Սեբաստիոյ մէջ առնելով ժողով բազում եպիսկոպոսաց եւ երիցանց եւ փարթամաց եւ իմաստնոց հանճարաց, եւ ամէնէն կնքուած վկայագիր մը կազմելով: Վկայողներուն մէջէն յանուանէ կը յիշուին, Երուսաղէմի պատրիարք Անդրէասը, վանահայր եպիսկոպոսներ` Բարսեղ Ս. Հռիփսիմէի, Քրիստափոր Ս. Աննայի, Աստուածատուր Այրի վանքի, Պետրոս Ս. Մարտիրոսի, ու Թադէոս Ս. Առաքելոց, թեմակալ եպիսկոպոսներ` Յովսէփ Պիծառի, Անդրէաս Ամասիոյ, Սրապիոն Բալուայ ու Յովհաննէս Անկիւրիոյ, միաբան եպիսկոպոսներ` Սամուէլ Երուսաղէմէ, Մխիթար Էջմիածինէ, Խաչատուր ու Քրիստափոր: Վարդապետներ` Յովհաննէս Ս. Յովհաննու եւ Գրիգոր, քահանաներ` Ղազար Ս. Նշանի ու Սահակ աւագերէց, երեսփոխան Յովհաննէս Ս. Մեննայի, եւ մանկտաւագներ` Գրիգոր ու Տոլվաթ: Նկատելով որ այդ անուններ խիստ անկարգ կերպով շարուած են բնագիրին մէջ ( ՅԻՇ. 256), եւ թէ Անդրէաս պատրիարք Սեբաստիա չէ գացած, եւ 1560-ին արդէն Երուսաղէմ վերադարձած է ( § 1546), ամենայն հաւանականութեամբ կը հետեւցնենք թէ Միքայէլ կաթողիկոսի նախագահութեամբ օրինաւոր ժողով կազմուած չէ Սեբաստիոյ մէջ, այլ միայն կաթողիկոսի տուած վկայագիրին ներքեւ Աբգար հետզհետէ նոր վկաներ աւելցուցած եւ կնիքներ ժողված է: Իսկ իր հօր եւ իր թագաւորական սերունդը յաւակնոտ թեթեւամտութիւն մը կ՚երեւի, կամ թէ Եւրոպացւոց աչքին փոշի փչելու միջոց մը, ինչպէս մեր օրերն ալ տեսանք 1878-ին Ռուսիա ղրկուած պատգամաւոր եպիսկոպոսին վրայ: Կ՚երեւի թէ Աբգար Ամիրպէկեան ալ այդ տեսակ դիտումներ ունեցած է:

1558. ԱԲԳԱՐ Ի ՀՌՈՄ

Միքայէլ 1562 Մայիս 20 թուականով երկու յանձնարարականներ կու տայ Աբգարին` Հռոմի պապին ուղղուած, որ էր Պիոս Ժ., եւ իբր ընծայ կը յանձնէ միւռոն, խաչ ոսկի, մատանի օրհնեալ, Ս. Թէոդորոսի մասունք, եւ հայաբնակ տեղերու եւ վանքերու ցուցակ մը, եւ Աբգար կը մեկնի, իր որդւոյն Սուլթանի ( ԿԱԹ. 152), եւ Աղեքսանդր քահանայի ընկերակցութեամբ ( ԿԱԹ. 157), որ Աբգարի մանուկ կը կոչուի ( ԿԱԹ. 152), անոր ձեռնասունը ըլլալուն: Իբրեւ փաստ եւ իբրեւ հիմ յարաբերութեանց կը յանձնէ Դաշանց Թուղթէն օրինակ մը, խնդրելով որ անոր պարունակութիւնը վերահաստատուի: Աբգար պարտաւոր էր Կիպրոսի եւ Վենետիկի ճամբով Հռոմ հասնիլ: Վենետիկ ոչ միայն քաղաքական, այլեւ տպագրական ձեռնարկին կեդրոնը պիտի ըլլար իր միջոցներով, իսկ Հռոմ իր հաւանութեամբ պիտի արտօնէր Վենետիկցիները եւ բոլոր Լատինները այդ Արեւելցիներուն օգնելու, հաստատելով թէ ճշմարիտ եւ ընդունելի քրիստոնեաներ են: Աբգարի ճամբորդութեան պարագաները չեն յիշուած, եւ անծանօթ մնացած են Միքայէլի ալ, որ Սեբաստիայէ Էջմիածին դառնալէն ետքը 1563 ապրիլ 1 հինգշաբթի օր, նոր նամակ մը կը գրէ պապին, իրեն պատուիրակներուն վրայ լուր փնտռելով: Այդ առթիւ Աբգարը ճանչցնելու համար կը յայտնէ, թէ երկու ձեռքով յաջողակ եւ ձախը իբրեւ աջ գործածող մէկն է, եւ կը յաւելու թէ ոչ միայն ի Տաճկաց, այլ առաւելագոյն եւս ի չարաց քրիստոնէից վախնալով, նորահնար նշանագիրներ գործածած է, զորս նա միայն ճանաչէ ( ԿԱԹ. 153): Անշուշտ Աբգարի Վենետիկի մէջ ուշանալը Վենետիկէ եւ Էջմիածին լուր հասցնելու դժուարութիւնը, պատճառ եղած են Միքայէլի եւ Մայրաթոռին իրենց պատուիրակէն տեղեկութիւն չունենալուն: Գուցէ Աբգար խորհած է առանց Հռոմ երթալու ալ, Վենետիկի մէջ իր ձեռնարկը յաջողցնել, սակայն վերջիվերջոյ ստիպուած է երթալ, Լատին հաւատացեալներուն մօտ ընդունելութիւն գտնելու համար:

1559. ԵՐԹԱԼՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Այստեղ ալ հռոմէադաւաններ ամէն ճիգ կը թափեն հաստատելու համար թէ Աբգարի պատուիրակութեան բուն նպատակը Հռոմի հետ կրօնական միաբանութիւնն ու պապական իշխանութեան հպատակութիւնն էր, ինչպէս դիտել տուած էինք Սալմաստեցիին ուղեւորութեան առթիւ ալ ( § 1551): Իսկ մենք պիտի յայտարարենք, թէ Հայեր երբեք այդ միաբանութիւնը իրենց նպատակ չնկատեցին, այլ Արեւմուտքի զօրաւորութենէն եւ զարգացումէն հրապուրուելով, այն կողմէ օժանդակութիւն գտնելու յոյսը փայփայեցին, եւ զայն ստանալու համար հպատակութեան կամ միաբանութեան արտաքին յայտարարութիւններ ընելէ չի քաշուեցան, գործնականապէս Արեւմտեանները հաճեցնելու եւ շահելու, եւ ներքնապէս անոնք ալ կատարեալ քրիստոնեայ եւ հիմնական կէտերու մէջ իրենց համամիտ ըմբռնած ըլլալնուն համար: Միքայէլի երկրորդ նամակին մէջ յայտնի կերպով կը տեսնուի այդ ոճը, միաբանութիւնը եւ հպատակութիւնը կը յիշուի միայն, զի ձեօք ազատեսցուք ի գերութենէ աստի ( ԿԱԹ. 152): Աբգարի որդին ալ իրենց յանձնուած պաշտօնին նպատակը բացատրած ատեն կ՚ըսէ, թէ այն եղած է. 1. զԱռաջին Դաշինս, այսինքն Դաշանց Թուղթը, եւ զառաջին երդմունքն նորոգել, ուր աւելի Հայոց աթոռին իրաւունքները կը բացատրուին: 2. Իմանալ զմիտս Հռոմայեցւոց, թէ որպիսի կան ընդ Հայս: 3. Լատինները յօժարեցնել ի փրկութիւն վտարանդեալ Հայոց: 4. Միջնորդել, որպէսզի դիւրութիւն ընծայուի հայրապետացն մեր, ճանապարհ հորդել ի Հռոմ ( ՅԻՇ. 258): Ինչպէս կը տեսնուի եկեղեցական միութիւնը նպատակ չէ, այլ Խաչակիրներու ժամանակին կազմուած գաղափարն է, որ տակաւին կը տիրէ, թէ Արեւմուտք պապերու յորդորներուն զօրութեամբ պիտի զինուի, եւ Արեւելք պիտի ազատուի Իսլամական տիրապետութենէ, որ բացառապէս կը ծանրանար Հայերուն վրայ: Բաց աստի Արեւմուտք պիտի ընձեռէր նաեւ զարգացման միջոցները, որոնց կարգին առաջին եւ գլխաւոր եւ կատարելապէս հիանալի կը նկատուէր տպագրութեան նորահնար արուեստը, ինչչափ ալ Աբգարի որդին առաջնակարգ տեղ չտայ այդ նպատակին: Աբգար իր ընկերներով Հռոմ եկած պիտի ըլլայ 1563-ին վերջերը: Առաջին գործը եղած է անշուշտ Պիոս Դ. պապին դիմել պէտք եղած յանձնարարականները ստանալու, ներկայացնելով Միքայէլի առաջին գիրերը, որոնք տակաւին մեզի ծանօթ չեն, բայց այդ գիրերը չեն բաւած կատարեալ համոզում գոյացնելու համար, եւ Աբգարէ պահանջուած է Հայոց եկեղեցւոյն դաւանութիւնը գրով ներկայացնել: Արդ պէտք է դիտել, որ եթէ Միքայէլի նպատակը դաւանական ըլլար, այդպիսի գիր մը ինքն կազմած եւ տուած պիտի ըլլար, եւ դարձեալ թէ այդպիսի միաբանութեան համար քանի մը եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու, եւ ոչ թէ պարզ աշխարհականի մը պիտի տրուէր պատուիրակութեան պաշտօնը: Աբգար պարտաւոր էր համակերպիլ պահանջուած պայմանին, որպէսզի իր նպատակին հասնի, եւ այդպիսի գրուած մը կը գտնուի այսօր, 1565 նոյեմբեր 10 յաւուր չորեքշաբաթու ( ԿԱԹ. 158), զոր մենք հարկ կը զգանք 1563 կարդալ, ձեռագիրին կամ տպագիրին մէջ սխալմունք ենթադրելով: Իբր զի 1563-ին եւ ոչ 1565-ին չորեքշաբթիի կը հանդիպի նոյեմբեր 10 ամսաթիւը, եւ զի Պիոս Դ., որուն անունը կը յիշուի, արդէն վախճանած էր 1565 նոյեմբեր 10-ին, եւս եւ զի մինչեւ 1565-ին վերջը չէր կրնար ուշանալ դաւանութիւնը ներկայելու պայմանը, քանի որ նոյն տարին, արդէն շատ գործեր կատարուած էին Հռոմի մէջ ի նպաստ Հայոց: Ըստ այսմ ուրիշ տեղ 1564 նոյեմբեր 8 թուական դրուած ըլլալը ( ՉԱՄ. Գ. 524), կամայական ուղղութիւն մը կը տեսնուի: Հայերու նպաստաւոր գործերու մէջ յիշենք, Հռոմ գտնուող Հայերու համար սպիտալ, որ է հիւրանոց մը հաստատուիլը ( ՅԻՇ. 256), կամ լաւ եւս` նորոգուիլը (06. ԱՄՍ. 322), Պիոս Դ. պապէն հրաման ելլալը, հայերէն նոր գիրս շինելու համար, եւ գիրերուն հանդիսապէս պապին ներկայացուիլը ( ՅԻՇ. 260), եւ այդ գիրերով 1565 տարւոյ համար խառնափնթուր տումարի հրատարակուած ըլլալը, նոյնիսկ Ր բանալի գիրն կամ տարեգիրն ալ յիշելով ( ՅԻՇ. 257), եւ վերջապէս Վենետիկ փոխադրուելով նոյն 1565 տարին Սաղմոս մը տպագրելը ( ԼԷՕ. 96): Այս ամէն բաղդատութիւններ կը ստիպեն հաստատել թէ Աբգարի դաւանական գիրը ոչ 1565 եւ ոչ 1564-ին, այլ 1563 նոյեմբեր 10-ին գրուած պէտք է ըլլայ:

1560. ԱԲԳԱՐԻ ԴԱՒԱՆԱԳԻՐԸ

Աբգարի տուած դաւանական գրուածոյն վերջը եղած յայտարարութիւնը, որով նա կ՚ընդունի գերիվերոյ զաթոռ Պետրոսի, եւ զտէր քահանայապետ Հռոմայ գլուխ եւ հովիւ ամենայն աշխարհի եւ փակակալ ( ԿԱԹ. 157), հռոմէադաւաններու գրիչին ներքեւ ապացուցական փաստ մը կը դառնայ, առանց մտաբերելու որ Աբգար դպիրի եւ Աղեքսանդր քահանայի մը կազմած գրութիւնը բնաւ հեղինակութիւն չի կրնար նկատուիլ եկեղեցւոյ մը պաշտօնական դաւանութիւնը հաստատելու, մինչ իրենք ալ պարզապէս ի պէտս ընթերցանելեաց գրած ըլլալնին կը յայտնեն ( ԿԱԹ. 157): Միւս կողմէն այդ գրութեան մէջ, որոշակի ըսուած է, թէ զերիս միայն սիւնհոդոսս ունիմք, այսինքն է զՆիկիոյ, զԿոստանդնուպոլսի եւ զԵփեսոսի ( ԿԱԹ. 154), որով բացարձակապէս դուրս կը թողուի Քաղկեդոնի ժողովը քաղկեդոնիկ վարդապետութեան հետ, եւ զարմանալի է որ Հռոմ կրցած է լռութեամբ ընդունիլ այդ կէտը: Միեւնոյն գրուածին մէջ կը յայտարարուի, թէ ի պատարագն զխմորեալ եւ զջուր ոչ արկանեմք ի կիր ( ԿԱԹ. 154), եւ թէ ոչ եմք միաբան ի տօնի Ծննդեան Տեառն, եւ թէ հաղորդիմք երկոքումբք տեսակօք, որով Հայ ծէսին սեփական կէտերը կը պաշտպանեն Հռոմի դէմ ( ԿԱԹ. 155), այնպէս որ Պալճեան ալ կը փափաքի ենթադրել, որ Աբգար համոզուելով հռոմէական վարդապետութեան, նոյնը ըստ ամենայն մասին ընդունած եւ ընդգրկած ըլլայ ( ԿԱԹ. 158), այսինքն իր դավանագիրը ուղղած ըլլայ: Բայց ամէն առթի մէջ Աբգարի դաւանագիրը երբեք իբր փաստ ծառայող գրուած մը չէ, նախ զի գրողը բնաւ հեղինակութիւն չունի, եւ երկրորդ որ պարունակութիւնը ամբողջովին հռոմէադաւան չէ, այլ միայն պատեհութեան համեմատ, եւ պապը հաճեցնելու համար գիր մըն է, բարոյական ճնշման եւ օտար թելադրութեան ներքեւ պատրաստուած: Իսկ Պիոս Դ. գործնական եւ գործունեայ մարդ, գոհ եղած է պապական իշխանութեան մասին հատուած մը տեսնելով, մնացածներուն վրայ աչք գոցել, որպէսզի ներքին Արեւելքի մէջ իր ազդեցութեան դուռ մը բացուի, ուսկից մտնելէն ետքը դիւրին է հետզհետէ պայմանները ու պահանջները աւելցնել: Այս եղած է միշտ պապական դրութեան հետեւած կերպը: Ասոր մէկ տեսակն էր Հայերուն ալ բռնած կերպը, բերանացի կամ գրաւոր յայտարարութիւնները առատացնելով եւ պապերը հաճեցնելով` ակնկալեալ օժանդակութեանց եւ դիւրութեանց ետեւէ ըլլալ, առանց բնաւ հոգ տանելու միեւնոյն յայտարարութիւնները գործնականապէս յարգելու կամ իրենց եկեղեցական դրութիւնը այլայլելու: Շողոքորթ ընթացքի լուսաւոր նշան մը պէտք է նկատել Պիոս պապը, Պետրոս փափ անուանելը ( ՅԻՇ. 260): Այս փոխադարձ ընթացքին հետեւանքն է, որ Հռոմի մէջ շարունակ Հայերու դարձեր կ՚արձանագրուին, որոնք տեղի պիտի չ՚ունենային, եթէ անգամ մը իսկապէս եւ իրապէս դարձի եկած ըլլային հռոմէադաւաններու իմացած կերպով, կամ թէ հայադաւան եկեղեցին հռոմէադաւան եղած կամ դարձած ըլլար, ինչպէս կը սիրեն պնդել, պատահական գրուածներու պաշտօնական հեղինակութիւն ընծայելով:

1561. ԱԲԳԱՐԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Աբդարի բռնած ընթացքը փոքրիշատէ արդիւնք մը ունեցաւ, բայց բուն նպատակին չի հասաւ, Հայերու ազատութեան կամ քաղաքական դիւրութեան համար որեւէ ձեռնարկ չեղաւ, միայն դիւրութիւն ընծայուեցաւ Հռոմի մէջ դեգերող անտերունջ փախստականներուն յատուկ հիւրանոց մը սահմանել, եւ Աբգարի պատիւներ ցուցնել` զի փափն Փիոս արար համագումար հանդէս. եւ առաջի խուռն ամբոխին համբուրեալ զերեսս Աբգարի, ըսաւ, թէ ի Հայոց թագաւորն գտի ոմն մի ( ՅԻՇ. 258): Աբգարի Սուլթանշահ որդին ալ իր պաշտպանութեան ներքեւ առաւ, կոչելով զայն Մարգանտոն, այսինքն է Մարկոս Անտոնիոս, եւ զայն ուսման դրաւ ի դպրատանս, եւ Հայերուն հոգածութեան համար պաշտպան կարտինալ մը նշանակեց ( ՅԻՇ. 250), եւ երետ հրաման շինելու նոր գիրս ( ՅԻՇ. 260), եւ Աբգարին հրամայեց ետ դառնալ առ պատրիարքն Միքայէլ, ու զայն Հռոմ բերել որ բերան առ բերան խօսելով իմանայ զանցս Հայոցն (ՅԻՇ 258): Աբգարի որդին մնաց Հռոմ, եւ եղաւ Հայոց հիւրանոցին տեսուչը, իսկ ինքն Աբգար Վենետիկ անցաւ, պապին կողմէ իրեն տրուած ընկերներով, որ էր նորընծայ եպիսկոպոս ոմն ( ՅԻՇ. 258): Աբգար եւ ուղեկիցը Վենետիկ գտնուեցան 1563-ին ի թագաւորութեան Երելեմոն թուճին, այսինքն Հերոնիմոս Բրիօլի դուքսին օրով, ուր տպեց Սաղմոսը, Գառնեցիի օրինակին վրայ ( ՅԻՇ. 262), որ եւ վերջացաւ 1566 Մայիս ԺԵ. օրն ուրբաթ ԺԲ. ժամ ( ՅԻՇ. 263), այլ պէտք է ԺԷ կարդալ, զի ուրբաթը 17-ին կը հանդիպի: Այդ Սաղմոսը իբր առաջին տպագրուած հայերէն գիրք ընդունուած էր 1512-ի եւ 1513-ի հրատարակութիւնները չի ճանչցուած ( § 1527), եւ կրնար իսկ կերպով մը նոյնպէս նկատուիլ, եթէ հաստատուէր առաջիններուն միակտուր փայտեայ կաղապարով տպուած ըլլալը հաստատատիպներու նման, թէպէտ այդ ենթադրութիւնը այլեւս դուրս թողուած է ( § 1527): Աբգար վախցաւ Վենետիկէ հեռանալ, լուեալ այլ իմն համբաւ, թէ Տաճկունքն լուեալ են իրեն գործը, որ էր Տաճիկներու դէմ Լատիններէ օգնութիւն խնդրելը, եւ մնաց Վենետիկ տպագրութեան գործերը շարունակել: Իրեն ուղեկից եպիսկոպոսը ճամբայ հանեց պապէն Միքայէլին ղրկուած ընծաներով, որպէսզի զայն Հռոմ առաջնորդէ, բայց այն ալ հիւանդացաւ եւ մեռաւ, եւ պապին ընծաները Հռոմ դարձուեցան, եւ ամենայն ինչ վասն չկամելոյ Աստուծոյ ունայն եւ սնոտի եղեն ( ՅԻՇ. 258): Այս եղաւ Աբգարի պատուիրակութեան ընթացքը մինչեւ 1566 տարին, այսինքն մինչեւ Սալմաստեցիին կաթողիկոսութեան վերջին տարին: Պատուիրակութեան բոլորովին քաղաքական նպատակ ունեցած ըլլալը անգամ մըն ալ կը հաստատուի` Աբգարին Տաճկաստան դառնալու ահի եւ երկիւղին պարագայով: Իսկ եկեղեցական միաբանութեան համար, կաթողիկոսէն պաշտօնական քայլ մը առնուած չէ, 1563-ին գրուած նամակը այդ նպատակը չի յայտներ ( ԿԱԹ. 152), Աբգարի դաւանագիրը եկեղեցւոյ կողմէ պաշտօնական գործ չէ ( § 1560), անկէ ետքն ալ ուրիշ պաշտօնական գործ մը կատարուած չէ: Պիոս Դ., որ Աբգարի գործին ձեռք դնողն էր, 1565-ին վերջերը վախճանած էր, եւ իրեն յաջորդած էր Պիոս Ե., նախկին մեծ հաւատաքննիչ մը, որ բոլորովին հեռու էր իր նախորդին զիջողական եւ յարմարողական ճկունութենէն, որով Աբգարի ալ հնար չէր այլ եւս առաջին բանակցութիւնները շարունակել:

1562. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՄԱՀԸ

Ստեփանոս Ե. Սալմաստեցիի կեանքը մինչեւ 1566-ի վերջերը, կամ 1567-ի սկզբները երկարաձգելը պատմական պահանջ մը ցուցուցինք ( § 1555), սակայն անոր կեանքին վերջին մասին գործունէութենէն բան մը չենք կրնար պատմել, մանաւանդ թէ պիտի ընդունինք թէ ինքն մոռցուած մնալու չափ քաշուած կացութիւն մը կը պահէր, եւ Էջմիածինի գործերուն գլուխը կը գտնուէր Բարսեղ Գ. աթոռակից, երբ Միքայէլ Ա. Սեբաստիա կը մնար` 1561 եւ 1563 տարիներու միջոցին, եւ այս վերջինը կը ստանձնէր գլխաւոր գործունէութիւնը, երբ Մայրաթոռ կը դառնար 1563-ին, ուսկից ապրիլ 1-ին երկրորդ նամակ մը կ՚ուղղէր Հռոմ ( § 1568): Սալմաստեցիին մահուան պարագաներուն մասին ալ որոշակի բան մը չունինք գրելիք, եւ կ՚երեւի թէ ծերութեամբ եւ տկարութեամբ կեանքը վերջացուցած է: Սկիզբէն զինքը իբր կրթուած եւ ուսումնական անձ մը ներկայացուցինք ( § 1549), եւ իրօք ալ իր այդ ձիրքերուն արդիւնքը ցուցուց, եթէ ոչ իսկապէս եւ ամբողջապէս անկեալ վիճակը վերականգնելով, գոնէ առաջին անգամ զարթնումի նշան տալով եւ դէպի զարգացում առաջին քայլն առնելով, Եւրոպական զարգացման հետ յարաբերութեան մտնելով, եւ անձամբ ալ Իտալիա, Գերմանիա եւ Լեհաստան ճամբորդելով: Տպագրական արուեստին Հայոց մէջ առաջին անգամ 1512-ին երեւան գալը, ուղղակի Հայ ոյժերու արդիւնք չ՚երեւար ( § 1527), իսկ Աբգար Եւդոկիացիին ձեռնարկը, որով բացառաբար փառաւորուած է ցարդ Միքայէլ Սեբաստացիին անունը, ժամանակագրական հետազոտութեանց եզրակացութեամբ նշանաւոր բաժին մը կ՚ապահովէ Ստեփանոս Սալմաստեցիին, որ թելադրիչ կամ հրահանգիչը եղաւ Միքայէլ Սեբաստիա անցնելուն, եւ այն տեղէ աւելի դիւրութեամբ գործին աշխատելուն, ինչ որ անհնար պիտի ըլլար Էջմիածինի մէջ գործադրել: Այդ տեսութեամբ պարտք կը զգանք Սալմաստեցիին նշանաւոր եւ արդիւնաւոր յիշատակութիւն մը ընծայել կաթողիկոսներու շարքին մէջ, եւ վերջին դարերու զարթնումին նախահայրը եւ նախասկիզբը ճանչնալ զայն: Իսկ այդ առթիւ տեղի ունեցած միաբանական երեւոյթներուն մասին հարկ չենք զգար անդրադառնալ, իր կարգին պարզաբանած ըլլալով թէ' Ստեփանոսի ուղեւորութեան ( § 1552) եւ թէ' Աբգարի պատուիրակութեան նշանակութիւնը ( § 1559):

1563. ՄԻՒՍ ԱԹՈՌՆԵՐ

Ստեփանոսի կաթողիկոսութեան 1545-է 1566 քսանամեայ միջոցին տեղի ունեցած ազգային եղելութիւններ մեծ ու կարեւոր բան մը չեն ներկայեր: Կիլիկիոյ աթոռին վրայ իրարու կը յաջորդեն Սիմէոն Ուլնեցի 1539-ին, Ղազար Ուլնեցի 1545-ին, որոնց կը յաջորդէ Սսեցի մը, Թորոս Մայսենց 1548-ին, Լեւոնբերդի իշխաններէն: Թորոս կանուխէն ամուսնացած եւ Մանէս անուն որդի մը ունեցած էր, որ այրիութենէ ետքը կոյսի հետ կը պսակուի, եւ այս պատճառով Արիստակէս Ուլնեցի վարդապետ` կաթողիկոսը կը յանդիմանէ սաստկապէս, այնպէս որ ըսողներ ալ կան թէ զվեղարն եւս էառ ( ՍԻՍ. 536): Թորոս իր Լեւոնբերդը կը քաշուի եւ հոն կը մեռնի 1553-ին ( ՍԻՍ. 534), իսկ կաթողիկոսութեան կը յաջորդէ Խաչատուր Չորիկ, եւ անկէ ետքը Խաչատուր Երաժիշտ 1560-ին: Վերջինս յայտնապէս Ուլնեցի ըսուած է, եւ Չորիկին ալ Ուլնեցի ըլլալը կը քաղուի Ուլնեցւոց պաշտպանութեամբ եւ Սսեցիին վտարմամբ աթոռ բարձրանալէն: Այսպէս Ուլնեցիներուն յաջորդաբար կաթողիկոսանալը եւ Սսեցին տապալելը, Ուլնիոյ զօրանալուն եւ մնացորդ հայ իշխաններուն ( § 1415) Ուլնիոյ մէջ ամփոփուելուն ժամանակը կը ճշդէ: Վերջին Խաչատուրի պաշտօնը երկար եղած է մինչեւ 1584: Սոյն միջոցին քաղաքական եղելութիւններն ալ ոչ մի նորութիւն ունեցած չեն Կիլիկիոյ կողմերը, որ վերջնապէս Օսմանեան կայսրութեան նահանգ էր դարձած: Աղթամարի աթոռին վրայ կը գտնուէր միշտ Գրիգոր Սէյֆէտինեան ( § 1556), որ ջատագով իմաստութեան ըսուած է, փոքրիշատէ ուսումնական զարգացման հետամուտ, եւ ուսում ունեցողներու պաշտպանութիւն ընելուն համար (00. ԲԻԶ. 1917): Երուսաղէմի աթոռը շարունակ վէճերու եւ հակառակութիւններու ենթարկուած էր, իր ստացութիւնները եւ շինութիւնները պաշտպանելու համար տեղացի այլազգիներու ոտնձգութիւններու դէմ, եւ թէ այդ մասին յաջողութիւններ ունեցած է, ամէնքն ալ արդիւնք են Անդրէաս Պարոնտէրի անխոնջ եւ աննկուն աշխատութեանց ( § 1547), որ ամէն մի խնդիրի համար կրցած է յատուկ կայսերական հրամանագիրներ ձեռք բերել ( ԱՍՏ. Ա. 274), նոյնիսկ Կոստանդնուպոլիսէ դառնալէն ետքն ալ ( § 1547): Անդրէաս արդիւնաւոր եւ երկարատեւ պաշտօնավարութիւն ունեցած է մինչեւ 1593, իր վերջին տարիներուն մէջ իրեն օգնական եւ գործակից եւ գրեթէ աթոռակից ունենալով, իր եղբօրորդին Դաւիթ Մերտինցին ( ԲԱՌ. 52), ինչպէս որ ինքն ալ աթոռակից եղած էր իր հօրեղբօր Աստուածատուր Մերտինցիին ( ԲԱՌ. 51): Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Աստուածատուր Եաղուպեանի ( § 1463), 1550-ին յաջորդած էր Ստեփանոս, եւ իրեն օրով տեղի ունեցաւ Անդրէաս Պարոնտէրի Կոստանդնուպոլիս գալը ( § 1548), որուն օժանդակ պէտք է ճանչցուի Ստեփանոս: Նա թերեւս համամիտ եւ համակիր ալ գտնուեցաւ Միքայէլ կաթողիկոսի ձեռնարկներուն ( § 1557), թէպէտ մեծ գործակցութիւն չէ կրցած ունենալ, զի 1561-ին մեռած է, եւ Աբգար Եւդոկիացին ալ Կիպրոսի եւ ոչ Կոստանդնուպոլսոյ ճամբով գացած էր Վենետիկ ( § 1557): Ստեփանոսի յաջորդած է Տիրատուր Սսեցի, Անկիւրիոյ եպիսկոպոսը, բայց հազիւ երկու տարի կրցած է պաշտօն վարել, եւ պատրիարքութիւնը անցած է Յակոբ եպիսկոպոսի մը, եւ իր օրով կատարուած է Աբգարի պատգամաւորութիւնը, որուն ինքն մասնակից եղած չէ, այլ անոր ձեռնտու եղած է, երբ Աբգար իր տպարանը Վենետիկէ Կոստանդնուպոլիս փոխադրեց: Իսկ Տիրատուր կ՚երեւի թէ բռնութեամբ ձեռներէց եւ ձգտումներովը խիզախ անձ մը եղած է, ինչպէս Սսոյ կաթողիկոսութեան խնդիրին մէջ պիտի տեսնուի:

1564. ԶԱՐԹՆՈՒՄԻ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐ

Գոհունակ զգացումով մը յիշեցինք ( § 1562), թէ Սալմաստեցիին կաթողիկոսութեան միջոցը ազգային զարգացման առաջին զարթնումի միջոցն եղաւ: Ինչպէս անհատական, նոյնպէս հանրային կեանքի մէջ ալ վայրկեաններ կան, յորս բարեդէպ պատահարներ ըստ ինքեան անկարեւոր` ամենակարեւոր արդիւնքի մը սկզբնապատճառ կը դառնան: Այսպէս է ներկայ պարագան ալ, զի գիտենք թէ ըստ ինքեան շատ մեծ չէր Սալմաստեցիին ըրածը, այլ մեծամեծ հետեւանքներ յառաջ բերաւ: Ժամանակիս մէջ իրենց ուսումնական ջանքով, թէ ոչ երկասիրութեամբ, նշանաւոր անձերուն գլուխը պէտք է յիշենք դարձեալ Ստեփանոս Սալմաստեցի եւ Միքայէլ Սեբաստացի կաթողիկոսներուն անունները, անոնց կցելով նաեւ Գրիգորիս Աղթամարցին ( § 1556): Յիշենք եւս Մաղաքիա Դերջանցի վարդապետը ( § 1548), որուն աշխարհաշէն եւ ազգօգուտ ձեռնարկներէն զատ, բանիբուն եւ հմուտ անձ մը եղած ըլլալն ալ վկայուած է: Իրեն դրացի, հաւանաբար եւ գործակից եղած է Ղուկաս Կեղեցի կամ Խորձենացի վարդապետը, որ յատուկ աշակերտութիւն մըն ալ կազմած է, եւ իրեն ձեռնասուններէն արժանաւոր կաթողիկոսներ ալ եղած են: Ղուկաս թողած է տոմարական գրուած մը ոտանաւոր եւ արձակ խառն գրութեամբ ( ԴԱՎ. 4): Աղթամարի կողմերն ալ ուսմամբ պարապողներու անուններ ունինք, ինչպէս են, Սիմէոն Ապարանցի վարդապետը, որ հմուտ աշակերտներ ալ հասուցած է, որոնցմէ կը յիշուին Կարապետ Վարագցի, Յովհաննէս Խիզանցի, եւ Յովհաննէս Ծաղկող վարդապետները: Նոյն աշակերտութենէ եղած են Յովհաննէս Կըրճօն, եւ Յովհաննէս Գրագիր վարդապետներ, եւ Սահակ որ վարդապետաց վարդապետ մականունին արժանացած է: Վարագի մէջ ալ աշակերտութիւն մը կազմած է Մարգար Պարոնտէր եպիսկոպոսը, եւ իրեն ձեռնասուններէն յիշուած են Զաքարիա Փիլիսոփայ, Կարապետ Ջամալ, եւ Յովհաննէս Բրգուտենց վարդապետներ, որոնց յօրինած երգերն ու գանձերը կը գտնուին աստեւանդ (00. ԲԻԶ. 1197): Ինչպէս կանխեցինք յայտարարել, այդ անունները կը յիշենք ոչ իբրեւ գերազանց հանճարներ, եւ ոչ իբրեւ ընտիր երկասիրութեանց հեղինակներ, այլ իբր առաջին ռահվիրաներ, որոնք ահագին անկումէ մը ետքը առաջին շարժումը տուին զարթնումի դարերուն:

1565. ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՎԿԱՆԵՐ

Ժամանակակից ծանոթութիւնները լրացնելու համար յիշենք նաեւ սոյն միջոցին նահատակուած նոր վկաները: Խտըրշահ անուն երիտասարդ մը, որուն բուն ծննդավայրը չէ յիշուած, հեռու տեղաց գալով Մարզուան կը հասնի 1541-ին մէջ օր մը, եւ հազիւ թէ պանդոկ մը կ՚իջնէ ու խօսակցութեան կը մտնէ, իսկոյն աղմուկ մըն է կը սկսի, թէ Խտըրշահ յիշոցք ասաց ( ՆՈՐ. 378), իբր թէ իսլամութեան հայհոյած ըլլայ: Հոն եղողներ կը զայրանան, մէրկիկ արին, ու գլխիբաց առին տարան ի դատաստան, երկու ձեռկունքն յետին կապած: Դատաւորին առջեւ ոչինչ կ՚օգտէ Խտըրշահի բողոքը, ուրացութեան կը հրաւիրուի որ պատիժէ ազատի, եւ պարգեւներ ալ կը խոստացուին, բայց Խտըրշահ կը մերժէ յայտարարելով թէ ինքն աւելին ալ ունի ( ՆՈՐ. 380): Ասոր վրայ կատաղելով մահուան վճիռ կը հանեն եւ հրապարակին վրայ կրակի նետելով կը նահատակեն ( ՆՈՐ. 382): Սարգիս Մելիտինացի վկայի մը արձանագրութիւնը կը պահուի Զմիւռնիոյ եկեղեցւոյն բակը, որուն մէջ ըսուած է, թէ Սարգիս յատենի համարձակի, եւ մեծ հանդիսիւ նահատակի, բայց ուրիշ մանրամասնութիւններ գրուած չեն: Նահատակութիւնը եղած է նոր կիրակիի երեքշաբթի օրը ապրիլ 15-ին հանդիպած տարին: Իսկ թուականը յամի հազար հայկեանս թուի, թերի է օրինակին մէջ ( ՔՕՍ. Ա. 82), եւ կրնայ 1550, 1561 եւ 1572 թուականներուն յարմարիլ անխտրաբար: Հրատարակիչներ 1550-ին կը դնեն ( ՆՈՐ. 383), բայց յարմարագոյն է գոնէ 1561-ին իմանալ, զի Հայոց 1000 թուականը 1551-ին կը պատասխանէ, եւ պակաս տողն ալ հարկաւ հազարին վրայ յաւելուած թիւ մը պիտի պարունակէր: Լոկ համառօտ յիշատակով ծանօթ է եւս Սիլիվրիցի Խոռոմ, կամ ուղիղ հնչմամբ` Հռիփսիմէ Սիլիվրիցի վկայուհին, զոր նահատակ արին 1554 փետրուար 14, չորեքշաբթի օր, ընդ արշալոյսն, Տեառընդառաջի առտուն ( ՆՈՐ. 385): Վերագոյնդ Թահմազի արշաւանքները պատմած ատեննիդ, մեծամեծ կոտորածներ ալ տեղի ունեցած ըլլալը յիշեցինք ( § 1556), եւ գիտենք թէ իսլամական սովորութիւն էր ուրացութիւնը առաջարկել հարուածը չի տուած: Հետեւաբար անթիւ եղած են այդ պարագաներուն մէջ վկայող նահատակները, որոնց ոչ անունները գիտենք եւ ոչ թիւը: Թադէոս Սեբաստացիի յիշատակարաններուն մէջ կը գտնենք միայն Արճէշի վանքի առաջնորդ Յակոբ վարդապետի եւ իր երեսուն միաբանակից ընկերներուն նահատակութիւնը, որոնք ասպատակին հասնիլը իմանալով, գիշերուան մէջ պատարագի սպաս կը պատրաստէին հաղորդուելու համար, բայց մինչդեռ պատարագէին, եւ ժամարարքն սպաս դնէին, յանկարծ հասան սուսերամերկ Պարսիկներ, եւ անողորմ կոտորեցին ամէնքն ալ: Յակոբ Մեծոփեցիի եւ ընկերներուն նահատակութիւնը տեղի ունեցած է 1552 օգոստոս 14-ին, Վերափոխման կիրակէին առտուն ( ՀԱՅ. 595), եւ չենք գիտեր թէ ինչու ոմանց անմեկնելի երեւցած է նահատակութեան թուականը ( ՆՈՐ. 682): Նահատակաց կարգին պէտք է դասել եօթանասուն ազատորդիները, որ մէկ գիշերուան մէջ սպաննուած են Կարնոյ մէջ 1550-ին ( ՍԱՄ. 176), թէպէտ անյայտ կը մնան մեզ եղելութեան պարագաները: