Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՓԻԼԻՊՊՈՍ Ա. ԱՂԲԱԿԵՑԻ

1666. ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Մովսէս Գ. Տաթեւացիի մահուամբ տեղի կ՚ունենար աթոռոյ պարապութեան երեւոյթը, որ երկար ատեններէ ի վեր ճշմարտուած չէր, զի կաթողիկոսին մահուան վայրկեանին երիցագոյն աթոռակիցը ժառանգական ձեւով գահակալ կը դառնար: Աթոռոյ պարապութեան հետ ընտրութեան գործողութեան պէտք կ՚ըլլար, որ է ըսել կը վերակենդանանար հայրապետը ընտրելու իրաւունքը, որ խափանուած էր քանի որ նոյն ինքն կաթողիկոսներն էին, որ իրենց կամքով աթոռակիցներ կ՚որոշէին եւ կ՚օծէին, եւ անոնց կամքովը միայն կը լրանար նոր կաթողիկոսի ընտրութեան գործը: Պէտք չէ ուրեմն անյիշատակ թողուլ եկեղեցական բարեկարգութեան եւ ժողովրդական իրաւանց այդ մեծ վերակենդանութիւնն ալ, իբրեւ Մովսէսի գլխաւոր արժանիքներէն մին: Մայրաթոռին միաբանութիւնը եւ ազգին երեւելիները` ունակութիւն ստացած ըլլալով նախորդին կամքով յաջորդը որոշուած տեսնել, Մովսէսը վտանգաւոր վիճակի եւ օրհասական ժամի մէջ տեսնելով, ուզեր էին անոր կամքը իմանալ յաջորդին նկատմամբ, եւ նա մատնանիշ ըրեր էր իր աշակերտներէն արժանաւորագոյնը, Փիլիպպոս եպիսկոպոս Աղբակեցին: Սակայն եպիսկոպոսներ չհամարձակեցան իսկոյն զայն յառաջ կոչել եւ օծումը կատարել, այլ հանգուցելոյն կամքը յարգելով հանդերձ, պէտք զգացին ազգային ընտրութեան պայմանը լրացնել, եւ ամէն գլխաւոր կեդրոններ եղելութիւնը հաղորդելով անոնց հաւանութիւնը ստանալ: Ցրիւ ժողովի ձեւ մըն էր, որ այս կերպով կը կատարուէր, եւ մենք իրաւունք ունինք այդ կէտն ալ նորէն Մովսէսի արդիւնք համարիլ, եւ անոր որոշ հրահանգին հետեւանք ըսել, զի անշուշտ անմիջական օծման կ՚անցնէին միաբանք եւ մեծամեծք, եթէ բացարձակ եղած ըլլար Մովսէսի կամքը: Այնչափ մեծ էր պաշտելութիւնը անոր անձին շուրջը: Մովսէսի մահուան օրէն, 1632 մայիս 14-էն, ճիշդ ութը ամիսներ անցան մինչեւ 1633 յունուար 13, մինչեւ որ յիւրաքանչիւր տեղեաց առաքեցին զթուղթս վկայականս, զի Փիլիպպոս վարդապետ լիցի կաթողիկոս, եւ Աստուածայայտնութեան ութօրէքին, որ Մովսէսի օծման ալ չորրորդ տարեդարձն էր, կաթողիկոսական օծումը կատարուեցաւ, եւ ազգս Հայկազեան բերկրեալ զուարճացան, զի փոխանակ հօր եկաց որդի` իշխան հանուր ազգի (ԴԱՎ. 242): Չմոռնանք ուրիշ մէկ նշանակութիւնն ալ, զոր ընդհանուր հաւանութեամբ կատարուած ընտրութիւնը կը ստանար, որովհետեւ տակաւին կենդանի էին Դաւիթ եւ Սահակ, երբ Փիլիպպոս կաթողիկոս կ՚օծուէր, եւ այս կերպով անգամ մըն ալ կը հաստատուէր երկուքին ալ ազգային եւ եկեղեցական տեսակէտով կաթողիկոսական իրաւունքէ հեռացած կամ հեռացուած ըլլալը: Աթոռոյ պարապութեան միջոցին տեղակալութիւնը հարկաւ վարած էր միաբան եպիսկոպոսներէն մին, թէպէտ Դավրիժեցին չէ յիշած այդ պարագան, եւ ամենայն հաւանականութեամբ նոյն ինքն Փիլիպպոս է եղած տեղակալը, եւ գուցէ այս իսկ է Մովսէսի բերանը դրուած խօսքերուն իմաստը, թէ ես զՓիլիպպոս վարդապետն կամիմ լինել փոխանորդ իմ, եւ յաջորդ սրբոյ աթոռոյն (ԴԱՎ. 242), այսինքն է, փոխանորդ իբրեւ տեղակալ, եւ յաջորդ իբրեւ գահակալ:

1667. ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ՆԱԽԸՆԹԱՑԸ

Փիլիպպոս բնիկ էր Աղբակ գաւառի Էրնկան գիւղէն: Շուրջ 14 տարեկան եղած ատեն նոր բացուած Մեծ-Անապատին աշակերտելու կ՚երթայ, բայց չ՚ընդունուիր վասն տղայական հասակին եւ անմօրուք գոլոյն, բայց նա կը թախանձէ, եւ զամիսս ութ Անապատին մօտերը ի մէջ մայրեացն ատեն կ՚անցընէ, մինչեւ որ Սարգիս Պարոնտէր կը ստիպուի զայն ընդունիլ, բայց նորէն Անապատէն ներս չ՚առնէր, այլ կը յանձնէ Մովսէս Տաթեւացիին աշակերտութեան, որ քարոզութեամբ շրջէր յաշխարհի (ԴԱՎ. 241): Եղելութիւնները բաղդատելով շուրջ 1609-ին կրնանք դնել Փիլիպպոսի դիմումը ( § 1620), եւ 1593-ին անոր ծնունդը, որով 40 տարեկան եղած կ՚ըլլայ կաթողիկոս օծուած տարին, եւ կը համապատասխանէ 1655-ին 63 տարեկան վախճանելուն: Երբոր կը հասնի ի տիս երիտասարդութեան կը ձեռնադրուի աբեղայ, կամ կուսակրօն քահանայ, եւ ուսմանց եւ ընթերցուածոց մէջ յառաջանալով, վարդապետական իշխանութիւն կ՚ընդունի նոյն ինքն Մովսէսէ, եւ նոյնէն եպիսկոպոս ալ կը ձեռնադրուի 1630-ին (ԴԱՎ. 241): Անգամ մը միայն առիթ ունեցանք յիշել Փիլիպպոսի անունը, երբ իբր նուիրակ Վան կը գտնուէր 1629-ին, եւ կը մասնակցէր Սահակի հետ բանակցութեանց ( § 1655): Հաւանաբար նոյն ինքն է փոքրիկ Փիլիպպոս դպիր (ՀԱՅ. 623), որուն խնդրանօք գրած է Ներսէս Մոկացի իր տաղը ի գովեստ անոնց` որք եղեն սկիզբն Անապատի (ՀԱՅ. 618), որ այնչափ սիրելի եղած էր խնդրողին եւ գրողին հաւասարապէս: Եթէ Մովսէսի կաթողիկոսական շրջանին մէջ շատ յիշատակութիւններ չեն ըլլար Փիլիպպոսի գործունէութեան, պատճառն այն է, որ անմիջապէս կապուած էր Մովսէսի անձին, իբր անոր անբաժան գործակիցը, եւ առիթ չունէր զատաբար յատուկ գործեր կատարելու: Եւ իրաւացի ալ էր այդ կապակցութիւնը, քանի որ ինչպէս յիշեցինք, իր աշակերտութեան առաջին քայլէն Մովսէսի հետ գտնուած էր շարունակ: Այդ սրտակից գործակցութեան հետեւանքն է նաեւ, որ Փիլիպպոս Մովսէսի յաջորդելով, նոր բան մը ընելու չձեռնարկեց, այլ յամենայնի եւ ըստ ամենայնի ջանաց լրացնել Մովսէսի սկսած` բայց արագահաս մահուամբը լրացնել չկրցած ձեռնարկները ( § 1645), որոնց նորէն մանրամասնութեանց մտնել աւելորդ կը դատենք:

1668. ԴԱՒԻԹԻ ՄԱՀԸ

 

Ժամանակին նշանաւոր դէպքերը քաղելու սկսած ատեննիս, առաջին պիտի յիշենք Դաւիթ Դ. Վաղարշապատեցի կաթողիկոսին մահը, զոր Ոսկան վարդապետ յիշած է, Դավրիժեցիին պատմութեան իր տպագրած օրինակին մէջ, իբր զի նոյն յիշատակութիւնը չէ տեսնուած, սկզբնագիր օրինակներուն վրայ: Ըստ այսմ կը տեղեկանանք թէ Փիլիպպոսի յառաջներրորդում ամի, մեռաւ Դաւիթ յամսեանն օգոստոսի (ԴԱՎ. 338): Դաւիթ աթոռակից կաթողիկոս նշանակուած էր 1584-ին ( § 1575), եւ մահն ալ Փիլիպպոսի առաջին տարիին, այսինքն 1633 օգոստոսին դնելով, 49 տարի Կաթողիկոս անունը կրած կ՚ըլլայ, բայց կրնանք ըսել, առանց երբեք իսկապէս եւ իրապէս կաթողիկոսութիւն վարած ըլլալու: Մինչեւ 1590 պարզապէս աթոռակից էր ( § 1581), եւ գահակալութեան սկիզբը Մելքիսեդեկ Գառնեցին իրեն աթոռակից ընտրելով, իր վրայ բռնակալ տիրապետող մը ստեղծած եղաւ, որ շուտով ամէն գործունէութիւն եւ ազդեցութիւն ձեռք անցուց, եւ Դաւիթ պարտաւորուեցաւ քօղարկեալ իրողութեան ներքեւ մնալ: Մեծ գաղութին հետ Մայրաթոռէ հեռացաւ, եւ Ասպահան քաղաքը ամփոփ եւ նեղ շրջանակի մէջ ապրեցաւ: Եթէ պատահաբար ազգայիններու պնդելուն վրայ ( § 1606), կամ Մելքիսեդեկի կալանաւորութեան միջոցներուն ( § 1610) Մայրաթոռ դարձաւ, գործերուն տիրանալու կարողութիւնն ու ժրութիւնը չունեցաւ, եւ վերջապէս արքունի հրամանով Մելքիսեդեկ զօրացաւ ու տիրացաւ ( § 1616), մինչեւ իսկ իր կամքով առանց Դաւիթը սեպելու աթոռը Սահակի փոխանցեց ( § 1633): Զանց կ՚ընենք Սրապիոնի եւ Աւետիսի աթոռակցութիւնները, որոնք կացութեան վրայ մեծ փոփոխութիւն չբերին: Սահակ ալ թէպէտ իբր տիրապետ ստանձնեց գործը, բայց իսկապէս չտիրացաւ անոր, եւ վերջապէս 1629-ին ինքն ալ Դաւիթն ալ, հրաժարեալ եւ ձեռնթափ նկատուեցան, իրաւասութենէ հեռացան կամ հեռացուեցան, եւ օրինաւոր գահակալութիւնը Մովսէսի անցաւ ( § 1654): Դաւիթի աննշանակ գոյութեան հակառակ, մենք զայն իբրեւ գահակալ նշանակեցինք 1590-է մինչեւ 1629-ի սկիզբը, 39 տարիներու համար, պատկառ կալով միայն պաշտօնական եւ կանոնական պահանջներուն, որովհետեւ հնար չէր Դաւիթի պաշտօնական իրաւասութեան ատենը` Մելքիսեդեկն ու Սրապիոնը ու Սահակը իբր գահակալներ ընդունիլ, եւ սովորական ցուցակին համեմատ 1593-էն առաջինը, 1603-էն երկրորդը, եւ 1624-էն երրորդը բուն եւ գահակալ կաթողիկոսներու գաւազանին անցնել: Սխալ է եւս որ Մելքիսեդեկ, յետ վախճանի Դաւթի, դարձեալ ամս 7, կաթողիկոսութիւն վարած ըլլայ (ԺԱՄ. 637), զի Մելքիսեդեկ Դաւիթէն 7 տարի առաջ մեռաւ Կամենից քաղաքը ( § 1639): Դաւիթ ընդհանուր առմամբ, եթէ չըսենք անուանական եւ թարմատար, գոնէ անգործ եւ ապիկար կաթողիկոսի մը նկարագիրը կը ներկայէ, եւ չ՚արժեր որ աւելի երկարենք իր կաթողիկոսութիւնը գնահատելու կամ իր գործունէութիւնը կշռադատելու համար: Ինչպէս աննշանակ ապրեցաւ, աննշանակ ալ մեռաւ Դաւիթ Ասպահանի առանձնութեան մէջ, իննսունը անցուցած տարիքի մէջ, առանց յիշատակաց արժանի բան մը թողլու իր ետեւէն: Իր դաւանական ուղղութեան վրայ կասկածի տեղի չունինք, քանի որ միշտ Նոր-Ջուղայի գաղթականութեան մէջ ապրեցաւ, որ միշտ ամուր եղած է հայադաւան ուղղափառութեան վրայ: Դաւիթի ալ Պօղոս Ե. պապին գիր մը գրած ըլլալը կը յիշեն հռոմէականք, սակայն նոյնիսկ այդ նամակին տրուած 1605 թուականը, որ պատերազմի եւ քաղաքական տագնապներու տարին է ( § 1585), կեղակարծ կը ցուցնէ այդ նամակին գրութիւնը: Միւս կողմէ եթէ Դաւիթ տառապանաց իւրոց առթիւ գրեց, այս եղած կ՚ըլլայ իր բուն նպատակը, եւ ոչ դաւանութեան եւ հպատակութեան յայտարարութիւնը (ՉԱՄ. 600): Բայց այդպիսի նամակներուն նշանակութեան վրայ բաւական խօսեցանք:

1669. ԽՈՒԼԻՆ ՄԱՀԸ

 

Քիչ ետքը ուրիշ խօսուած անձ մըն ալ կը կնքէր իր կեանքը` հեռու երկրի մը մէջ, Յովհաննէս Խուլ պատրիարքը Հռոմի մէջ: Վերջին անգամ զինքն տեսանք Իլվովի մէջ Նիկոլի օգնական եւ Հայերը բռնի կաթոլիկացնելու ձեռնարկեն գործակից ( § 1663): Լեհահայեր չկարենալով տեղական իշխանութիւններէ պաշտպանութիւն գտնել, կարծեցին որ կարենան պապին կողմէ պաշտպանուիլ, եւ Մովսէսէ պապին գրուած նամակին հետ ( § 1664), որ իրենց ղրկուած էր, պատուիրակութիւն մը յղեցին Հռոմ (ԴԱՎ. 294): Նիկոլ կասկածելով որ մի' գուցէ յաջողին` իրեն դէմ ամբաստանութիւններ կուտելով, ինքն ալ փութաց ետեւէն Հռոմ երթալ, Խուլն ալ ընկերացաւ Նիկոլի պաշտպանութեան համար, եւ Հռոմ հասան 1632-ին վերջին ամիսները: Այս տեղ է որ Խուլը, թէպէտ մինչ այն ատեն հռոմէականութեան յարած, եւ այլ ոչ պաշտօնապէս կաթոլիկ գրուած, այս անգամ եկեալ հասեալ այս սուրբ տեղի, հնազանդեցաւ սրբոյն բաբի (11. ԱՄՍ. 24), կամ լատիներէն տապանագիրին համեմատ, հաւատքը դաւանել ուզեց նոյնիսկ հաւատոյ աթոռին մէջ, հաւատոյ գերագոյն իշխողին Ուրբանոս Ութերորդի առջեւ (11. ԱՄՍ. 25): Այս վկայութիւնը կը հաստատէ թէ Խուլը մինչ այն ատեն կաթոլիկ չէր եղած, որչափ ալ կաթոլիկութեան միտեալ ըլլար, այլ պաշտօնապէս կը մնար հայադաւան եկեղեցւոյն մէջ: Դաւանութեան փոփոխութիւնը ներքին մտածմունքով չի լրանար, պաշտօնապէս գործողութեան պէտք ունի, եւ Խուլը անոնք կատարեց Հռոմի մէջ 1632-ին: Հռոմի որոշումն ալ, ինչպէս դիւրին է մակաբերել, Նիկոլին նպաստաւոր եղաւ, եւ անիրաւ Եզվայիտայքն ներհակացան Հայոց եւ ձախողեցին զբանս նոցա (ԴԱՎ. 294): Հայեր յուսաբեկ եւ Նիկոլ յաղթական Իլվով դարձան, իսկ Խուլը Հռոմ մնաց ութսունի մօտ տարիքին մէջ, պապին կողմանէ ստանալով այն դիւրութիւնները, զոր յոյս չունէր գտնել Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ այլեւս հանդարտ կեանք մը անցուց: Կալանոսի վկայութեամբ Խուլը զանազան գրուածներ թողած է լատինամիտ ուղղութեամբ եւ հայերէն լեզուով, որոնք Հայութեան մէջ երբեք ճանչցուած չեն, եւ ձեռագիր կը պահուին կ՚ըսուի Հռոմի Բրոբականտայի դիւանին մէջ (11. ԱՄՍ. 21): Կալանոս Խուլին գրածները իբր զօրաւոր փաստ կը նկատէ լատին դաւանութիւնը ջատագովելու, թէպէտ ասով աւելի տկարացուցած կ՚ըլլայ իր դրութիւնը: Գրուածը ուղղուեր է ընդդէմ Հայոց, իբր ջատագովութիւն երկուց բնութեանց Քրիստոսի, եւ է անշուշտ պապէն գտած ընդունելութեան փոխարէնը: Դիւրաւ կը հասկացուի Խուլին այսպիսի գրուած մը պատրաստելը, բայց անհասկանալի կը մնայ անոր հեղինակութեամբ Հայոց եկեղեցին դատապարտելու եւ Լատին եկեղեցին պաշտպանելու ձգտող Կալանոսի եւ հետեւողներուն մտայնութիւնը (11. ԱՄՍ. 22): Երկար չեղաւ Խուլին Հռոմի մէջ անցուցած կեանքը, ուր հասած էր 1632-ին վերջերը, եւ մեռաւ 1634 յունիս 13-ին (11. ԱՄՍ. 24), որ հաւանաբար նոր տոմարով նշանակուած է, եւ հին տոմարին յունիս 3-ին կը պատասխանէ: Գերեզմանը Հայերուն հիւրանոցին կից Ս. Մարիամ Եգիպտացի եկեղեցւոյն մէջն է հայերէն եւ լատիներէն տապանագիրերով, բայց տարբեր խմբագրութեամբ: Լատիներէնին մէջ ըսուած է, թէ բարբարոսներու արիւնալից սպառնալիքներու մէջ, իբրեւ հայր եւ հովիւ եւ վարդապետ, ժողովուրդն ու հօտն ու եկեղեցին կառավարեց եւ արածեց եւ ուսոյց (11. ԱՄՍ. 25), բայց աւելի ճիշդ եղած կ՚ըլլար եթէ ըսուէր, թէ հակառակ ժողովուրդին խղճալի պարագաներուն, փառամոլ ձգտումներով երկպառակութիւն արծարծեց եւ հակառակութիւն վարեց` ուր որ ալ գտնուեցաւ: Այս եղաւ Խուլին վախճանը, ճիշդ 80 տարեկան հասակին մէջ, զի ծնած էր 1554-ին ( § 1696):

1670. ՍԱՀԱԿԻ ԽԵՂՃՈՒԹԻՒՆ

Պատմութեանս մէջ մտադրութեան առարկայ եղած անձերէն մէկն ալ Սահակ Դ. Գառնեցի աթոռակից կաթողիկոսն է, զոր վերջին անգամ յիշեցինք Տիարպէքիրի մէջ վարած դերին, եւ գտնուած խայտառակ դիրքին մէջ ( § 1656): Երբոր Սահակ եւ ընկերները Պօղոս Այնթապցին, Տիարպէքիրի մեծամեծներուն միջնորդութեամբ ազատեցան Խուսրէվ եպարքոսին խստութենէն, հազիւ թէ քանի մը օր եւս կրցան այնտեղ մնալ, եւ լռելեայն խոյս տուին Տիարպէքիրէ: Սահակ Օսմանեան երկրի մէջ խայտառակուած, եւ Պարսկական սահմաններէն փախստական, գաղտ կերպով եկաւ Կարին, բայց այնտեղ ալ չկրնալով մնալ Վրաստան անցաւ, բայց ոչ եւս իբր կաթողիկոս, զի ոչ ոք զինքն կ՚ընդունէր, եւ ոչ մէկուն առջեւ յարգ ու պատիւ կը վայելէր: Կերեւի թէ այն կողմերը ապրեցաւ յանծանօթս, ցորչափ կենդանի էր Մովսէս, եւ հազիւ Փիլիպպոսի յաջորդելէն ետքը համարձակեցաւ անոր մօտ գալ: Մէկ կողմէն խեղճութիւն, եւ միւս կողմէն ցաւ իմն ոտից, որ երթալով մահացու ախտի կերպարան առաւ, զինքն ստիպեց Էջմիածինի խնամքին դիմել. եկաւ ի Սուրբ Էջմիածին, եւ մնաց անդէն ի Սուրբ աթոռն Էջմիածին (ԴԱՎ. 188): Սահակ այլեւս ոչ միտք եւ ոչ կարողութիւն ունէր իր յաւակնութիւնները վարելու, ուստի Փիլիպպոս չվարանեցաւ ընծայել քրիստոնէական սիրոյ անյիշաչարութիւնը եւ պատսպարել զայն իւր վերջին խեղճութեան մէջ: Ենթադրելով որ 1634-ին ատենները Սահակ եկած ըլլայ Էջմիածին, հինգ տարի եւս ապրած կ՚ըլլայ այնտեղ մինչեւ իր մահը (ՉԱՄ. Գ. 609): Սահակի գործակից եղող Պօղոս Այնթապցիին համար գրուած է, թէ Տիարպէքիրէ հեռանալէն ետքը եկած է Կոստանդնուպոլիս, անկէ ալ Ռումելի անցած, եւ վերջէն Լեհաստան, ուր կացեալ ժամանակս ինչ, վախճանած եւ թաղուած է այնտեղ (ԴԱՎ. 188): Պօղոսի Լեհաստան գալու ատենը կը հանդիպի Նիկոլի բռնութեանց եւ շահատակութեանց միջոցին, բայց յայտնի չէ թէ Պօղոս ինչ դիրք բռնեց այդ եղելութեանց մէջ, թէ որչափ եւս ապրեցաւ, եւ որ քաղաք ու որ տարին հանդիպեցաւ անոր մահը, զի ուրիշ պարագայի մէջ այլեւս անոր անունը յիշուած չէ:

1671. ԾՌԱԶԱՏԻԿԻ ԱՆՑՔԵՐԸ

Ծռազատիկներու պարբերական շրջանին համեմատ, անգամ մը ալ հանդիպեցաւ այն 1634-ին, Գրիգոր Պարոնտէրի պատրիարքութեան օրով: Ծռազատիկները սկսած էին ընդհանրապէս դիտողութեան տեղի չտալ երկու ազգութեանց` Յոյներու եւ Հայերու միջեւ, բայց կը պահէին իրենց նշանակութիւնը Երուսաղէմի մէջ, լուսահանութեան պարագային պատճառով, իբր զի Ճրագալոյցի հրաշալի լոյսը, մէկ կամ միւս ազգին զատիկը պիտի նուիրագործէր: Կարծես թէ այս անգամ ուրիշ անգամներէ աւելի կարեւորութիւն ստացած էր խնդիրը, եւ կանուխէն սկսած էին փոխադարձ սպառնալիքներ իրարու զատիկները խափանելու: Յոյներ մինչեւ իսկ Գրիգոր պատրիարքին կեանքին կը սպառնային եթէ չհամակերպի իրենց հետ զատիկ ընել ապրիլ 6–ին, իսկ Հայեր անդրդուելի էին իրենց հաշուով ապրիլ 13-ին տօնելու, եւ Գրիգոր մէկ կողմանէ կաշխատէր բանակցութիւններով իրաւախոհութեան գալ, եւ միւս կողմէն Հայ առաջնորդներուն կը գրէր, որ ուխտաւորներ օր առաջ ներկայ գտնուին Երուսաղէմ պատշաճ պաշտպանութեան համար. մեծամեծ գումարներ ալ կը ծախսէր քաղաքին եւ կառավարութեան գլխաւորները Հայերու կողմը շահելու համար: Յունադաւան ուխտաւորներ, Յոյներ, Ռուսեր, Վրացիներ, Պուլղարներ, Սըրպեր, Ուլահներ, Պոշնաքներ, եւ տեղացի խառնիճաղանճը, մեծ թիւով հաւաքուած էին, արքունական հրովարտակ ալ ձեռք ձգած էին, Դամասկոսի կուսակալն ալ շահած էին, եւ չափ չկար իրենց խրոխտանքներուն եւ սպառնալիքներուն, եթէ Հայեր չուզեն միասին զատիկ տօնել: Մեծամեծ անտեղութեանց վախեր կային, երբոր բարեդէպ պարագայ մը հասաւ Հայերու օգնութեան: Ծովակալ Քիւչիւք Ահմէտ փաշա Պաղեստին կը հասնէր Ֆախրէտտին-պին-Մատն, կամ Մանօղլու ապստամբին վրայ, իրեն հետ էր իր Հայազգի հանդերձապետը Աւետիք Բաղիշեցի, որ անցուդարձին տեղեկանալով, ծովակալին իմացուց վերահաս վտանգը, որ իսկոյն հրաման ըրաւ կուսակալին Յոյները զսպելու: Նախապէս զինաթափ ըրին բոլոր յունադաւանները, եւ անոնց զատկին օրը զինուորական պատրաստութեամբ պաշարեցին Ս. Յարութեան տաճարը: Գրուած է թէ ծովակալին կողմէ ղրկուած գունդը Յունաց զատկին առթիւ փակեաց զդուռն եկեղեցւոյն, եւ ոչ ետ թոյլ Յունաց մտանել ի ներքս (ՉԱՄ. Գ. 616): Սակայն այդ բացատրութիւնը ճիշդ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ ոչ միայն անհնար էր իշխանական հրամանով ժողովուրդի մը զատիկը խափանել, այլ ուրիշ ակնարկէ մը կը ստուգուի, թէ Յոյնք տօնեցին զզատիկն իւրեանց, եւ սովորական լոյսն ել վասն նոցա (ԱՍՏ. Ա. 322): Ուստի պէտք է ըսել թէ ծովակալին կարգադրութիւն եղաւ, որ երկու ազգեր իրարու զատիկը չարգիլեն, եւ թէ այդ հրամանը կատարուեցաւ, եւ երկու ազգեր զատ զատ տօնեցին շնորհիւ ծովակալին միջամտութեան: Ինչ որ խափանուեցաւ, Յոյներու մեծամտութիւնն էր, որ իրենց վայելած առաջնութեան շնորհիւ կը պահանջէին ամէնքը իրենց հպատակեցնել: Այս էր որ իրենց չյաջողեցաւ, եւ Հայերն ալ իրենց զատիկը ըրին նուիրական լուսահանութեամբ, ինչպէս կը գրէ ականատես մը, թէ Հայոց զատիկը փառաւորուեցաւ պայծառ լուսափայլ ի Սուրբ Գերեզմանէն (ԹՈՐ. Բ. 432), եւ թէ մոլորեցան Յոյնք, եւ թէ Հայք, Հապաշք, Ասորիք եւ Ղփտիք ուղիղ կային (ՍԱՄ. 178): Գրիգոր պատրիարք կրցաւ մխիթարուիլ առանց դժպհի միջադէպի ահագին վտանգ մը անցուցած ըլլալով: Միայն մայրաքաղաքի մէջ երկու անձերու դէմ թշնամութիւն գործեցին Յոյները, յատկապէս Երուսաղէմ դարձող Յոյները, որ կը ցուցնէ թէ այն երկուքը մեծ դեր ունեցած են Յոյներու դէմ եղած ձեռնարկներու մէջ: Յիշեալ երկուքն էին Մինաս քահանայ եւ Սէֆէր Ալաճաճի, այսինքն գունաւոր կտաւներ վաճառող, որոնց գերեզմաններն ալ կը յիշուին (ՉԷԼ. 50): Երկուքին դէմ ամբաստանութիւններ յօդեցին իբր յանցաւոր յիրս արքունի (ՉԱՄ. 616), եւ իսկոյն դատաստանի ենթարկուեցան եւ ուրացութեան հրաւիրուեցան` իբրեւ ազատութեան պայման, զոր երկուքն ալ մերժեցին եւ քրիստոնէութիւննին բարձրաբարբառ դաւանեցան, որով գլխատման դատապարտուելով կատարեցան սրով (ԱՍՏ. Ա. 321), կամ յարքունի դուռն զենեցան (09. ԱՄՍ. 204), եւ նահատակաց կարգը դասուեցան: Երկուքին հետ ուրիշներ ալ նահատակակից պէտք է եղած ըլլան, զի Քէօմիւրճեան ծերք ոմանք ալ կը յիշէ ընդ Մինաս քահանայն (ՉԷԼ. 50): Իսկ թուականը ի դէպ է պահել նոյնիսկ 1634 տարին, այլ օրը կը մնայ անորոշ:

1672. ԿԵՍԱՐԱՑԻԻՆ ՄԱՀԸ

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան գործերը նկատելի իրողութիւններ չէին ներկայեր, յորմէհետէ մրցակցութիւնը թէ ոչ դադարեր, շատ թեթեւցեր էր, երկու մեծ մրցակիցներուն, Կեսարացիին եւ Խուլին հեռանալովը: Զաքարիա Վանեցին գրաւած էր պատրիարքական աթոռը 1628-էն իվեր ( § 1642), եւ Սահակի ալ օգնած էր` անոր անունին նոր կաթողիկոսութեան հրովարտակ հանել տալով ( § 1655), բայց վերջէն ստիպուեցաւ համակերպիլ Մովսէսի կաթողիկոսութեան, երբ Սահակի գործը ձախողեցաւ ( § 1656), եւ հաւանական է որ չմտաբերեց ալ Փիլիպպոսի կաթողիկոսութեան արգելք յարուցանել, եւ ինքն ալ գտնուեցաւ անոնց հետ, որ յիւրաքանչիւր տեղեաց թղթով հաւանութիւն յայտնեցին Փիլիպպոսի կաթողիկոսութեան (ԴԱՎ. 242): Հաւանական ըսինք, վասնզի ճիշդ այդ միջոցին, Հայոց 1082 թուին, զինքն մանղուլ արին Ստամպօլցիք (ԳԱԼ. 345): Արդ Հայոց 1082 թուին ամանորը կ՚իյնար 1632 հոկտեմբեր 14-ին, Փիլիպպոսի օծումէն երեք ամիս առաջ, ուստի կրնայ կարծուիլ, թէ Զաքարիայի կողմէ դժկամութեան նշաններ` կրցան պատճառ ըլլալ անոր պաշտօնանկութեան, եւ Գրիգոր Կեսարացի որ անոր յաջորդեց, նա եղաւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական աթոռին անուամբ Փիլիպպոսի կաթողիկոսութեան հաւանութիւն յայտնողը, որ իր ձեռնասուն Մովսէսի ձեռնասունն էր: Կեսարացիին բազմաթիւ պատրիարքութիւններուն վերջինն է այս, զի երեք տարիէն 1636-ին աթոռի վրայ եղած ատեն վախճանեցաւ, եւ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ թաղուեցաւ (ԿՈԼ. 79), ուր այժմ այլեւս գերեզմանը չ՚երեւիր, անշուշտ նոյն եկեղեցւոյն 1736-ին հրկիզուելէն ետքը վերաշինուած պահուն տեղի ունեցած անմտադրութեան պատճառով: Կեսարացիին վերջին պատրիարքութեան ժամանակամիջոցը նշանաւոր դիպուած մը չի ներկայեր, եւ խաղաղ պաշտօնավարութիւն մը ունեցած է: Նա շատ նշանաւոր անձնաւորութիւն մը եղած է, զոր Դավրիժեցին կը կոչէ այր երեւելի, վարուքն պարկեշտ եւ չորակաց, իմաստութեամբն փարթամ, բանիբուն եւ յոյժ հանճարեղ, այնպէս որ անուանի էր ի մէջ աշխարհի, եւ ամենայն աշխարհ կախեալ կային զնմանէ (ԴԱՎ. 288): Եկեղեցական եւ ազգային խորին գիտութենէ զատ, հմուտ եղած է համարողականին եւ երկրաչափականին, գրած է Թուականք եւ պատմութիւնք, Ադամէն մինչեւ իր ժամանակը, հայերէն գիրով եւ լեզուով երկնագունդ մը շինած է, յօրինած է քերթուածներ, գանձեր եւ տաղեր (06. ԼՈՅ. 1184), բայց ամենէն վեր է իր ազգային եկեղեցւոյն պաշտպանութեան համար ամուր համոզումը եւ անխոնջ ջանքը, որով յաղթական կերպով մաքառեցաւ լատինասէր եւ լատինամիտ կուսակցութեան դէմ: Իրեն յիշատակին փառաւոր վկայութիւն մը եղաւ եկեղեցւոյ մէջ թաղուիլը, բացառիկ արքունի հրամանաւ, եւ Շահին Չէլէպի ազգայնոյն միջնորդութեամբ, ինչպէս կը վկայէ իր եղբօրորդին Յակոբ Կեսարացի քահանան (ԿՈԼ. 79):

1673. ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Կեսարացիին պատրիարքութեան վերջերը սուլտան Մուրատ Դ. նոր արշաւանք մը կազմեց Պարսիկներուն դէմ: Արքունական վրանը կանգնեցաւ Իւսկիւտար 1635 փետրուար 21-ին, մարտ 12-ին ճանապարհ ելաւ Մուրատ, մեծամեծներու ընկերակցութեամբ եւ ահեղ բանակով (ԺՈՒ. 233), որ 700, 000 կը կարծուի (ԴԱՎ. 243), յուլիսի վերջը Երեւան պաշարուեցաւ, եւ յաւուրս ինն (ԴԱՎ. 234) Մուրատ տիրեց քաղաքին օգոստոս 8-ին: Յաջողութեանը օգնեց Պարսիկ կուսակալին` Ամիրգունայի որդւոյն Թահմազղուլիի կամակցութեանը, թէպէտ եւ մեծ եղաւ Մուրատի ալ իր զինուորներուն ազդած քաջալերութիւնը: Հանդիսաւոր կերպով կատարուեցաւ օգոստոս 14-ին ուրբաթի աղօթքը, եւ քրիստոնեաներ ալ ստիպուեցան յաղթութեան համար գոհաբանութիւններ կատարել (ԺՈՒ. 233): Անշուշտ Փիլիպպոս կաթողիկոս ալ մասնակցած է այդ հանդիսութեանց, եւ մեծահանդէս կատարած օգոստոս 16-ի Վերափոխման տօնը: Մուրատ Երեւանէ յառաջելով Երասխը անցաւ, եւ Թաւրիզի վրայ քալեց, եւ սեպտեմբեր 12-ին քաղաքը առաւ եւ աւարի մատնեց: Քօթուրի պաշարումը յաջող չեղաւ ձմեռային ձիւներուն պատճառով, եւ Մուրատ առանց ուրիշ գործի ձեռնարկելու ետ դարձաւ, եւ 1635 դեկտեմբերի վերջը Կ. Պոլիս մտաւ յաղթանակով (ԺՈՒ. 234): Սակայն Օսմանեան տիրապետութիւնը վաղանցուկ եղաւ Երեւանի եւ Էջմիածինի վրայ: Հազիւ թէ Մուրատ ետ կը դառնար, որ Շահսէֆի պատերազմական պատրաստութեանց կը ձեռնարկէր` Երեւանը ետ առնելու համար, որուն Օսմանեան կուսակալ էր անուանուած, Մուրթեզայ փաշա, բարեբարոյ եւ խելացի իշխան կոչուած (ԴԱՎ. 243), բայց սպանուեցաւ պաշարման ատեն (ԺՈՒ. 234), որ 93 օր տեւեց (ԴԱՎ. 243), եւ 1636 սեպտեմբերին Պարսիկներ տիրեցին Երեւանի, եւ երկու օր երկու գիշեր տեւող Միհրիպանի ճակատամարտէ ետքը Օսմանցիք բոլորովին վտարուեցան Պարսիկներէ առնուած գաւառներէն (ԺՈՒ. 235): Տարիէ աւելի տեւող պատերազմներուն պատճառով աշխարհն Արարատու իւր շրջակայ գաւառօքն աւրուեցաւ եւ քանդուեցաւ, եւ Էջմիածինն ալ նշանաւոր վնասներ կրեց, զի որ ինչ փայտակերտ շէնք կային քանդեցան, նոյնպէս Երեւանի Ս. Անանիայի վանքն ալ քանդուեցաւ, ուր մատուռէն զատ ամենայն ինչ փայտակերտ էր եղած: Փիլիպպոսի հարկ եղաւ նորէն նորոգութեանց ձեռնարկել, եւ իր կատարած շինութեանց մէջ յատկապէս կը յիշուին` Էջմիածինի սեղանատունին քարէ սեղաններն ու նստարանները ու գետնի սալարակը, արեւելեան կողման խուցերը, եկեղեցւոյ տանիքը, գմբէթին գդակը, եկեղեցւոյ շուրջի եւ խուցերուն ու տուներուն առջեւի քարակապ սալայատակը, երկու ձիթահանքերը, Ս. Անանիայի վանքին ժամատունը ու սեղանատունը ու խուցերը, եւ այլ մասնաւոր շինուածներ, զորս պատմիչը յանուանէ չի յիշեր, եւ ամէնքը ոչ թէ փայտիւ, այլ քարիւ եւ բռով (ԴԱՎ. 244): Այս շինութիւններով անցուց Փիլիպպոս 1636 եւ 1637 տարիները, Պարսիկ տէրութեան պաշտպանութեամբ: Շահսէֆի ուզեց իրաց կացութիւնը հաստատուն պայմանի կապել, եւ 1637 օգոստոս 9-ին յատուկ դեսպան ալ յղեց Կ. Պոլիս, այլ Մուրատ չհաւանեցաւ, եւ խաւարչտին բանտի մէջ փակեց Մաքսուտ խան դեսպանը, միտք ունենալով նորէն Պարսիկներուն դէմ պատերազմի ելլել (ԺՈՒ. 235):

1674. ԱՋԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Փիլիպպոս կաթողիկոս Էջմիածինի շինութեանց համար այսչափ ջանք թափած ատեն, չէր կրնար անտարբեր աչքով տեսնել, որ Մայրաթոռ զրկեալ մնայ իր գլխաւոր զարդն ու նուիրական սրբութիւնն եղող Լուսաւորչի Աջէն, որ աղբիւրն էր օրհնութեանց եւ կնիքը հայրապետական իշխանութեան, բայց Նոր-Ջուղայ խօջայ Սաֆարի տունը կը մնար, յորմէհետէ հոն յղուած էր 1612-ին Շահաբասի հրամանով ( § 1609): Փիլիպպոս մտածեց անձամբ զբաղիլ այդ գործին, եւ 1637-ին ամառուան միջոցին գնաց Ասպահան, եւ առանց իր միտքը յայտնելու, առաջ պտտեցաւ Հայ գաղթականներու մէջ, քարոզելով նոցա զօրէնս Աստուծոյ, այլ միւս կողմէն ժողովէր ի նոցունց զնուիրակն Սուրբ Էջմիածնի, այսինքն է նուիրակութեան հասոյթները, որոնց պէտք ունէր կատարուած նորոգութեանց համար (ԴԱՎ. 244): Բայց իր միտքը Աջը վերադարձնելն էր, որուն համար երկու դժուարին պայմաններ կային առջեւը, Շահսէֆէիի թագաւորական հրամանը, եւ Հայ գաղթականութեանց հաւանութիւնը: Այս երկրորդս ալ առաջինէն ոչ նուազ դժուար էր, որովհետեւ այդ հայրենազուրկ գաղթականները բոլոր սրտով յարած էին Աջին ներկայութեան, անկէ ակնունելով ամէն յաջողութիւն իրենց վտարանդի կեանքին մէջ: Փիլիպպոս նախ արքունի հրամանին ետեւէն եղաւ, եւ այս նպատակին համար իրեն կողմը շահեցաւ Հայոց երեւելիներէն պէտք եղած անձերը, որոնք ժողովրդական անխորհուրդ բարեպաշտութենէն աւելի` կանոնական պատշաճութիւնը կը զգային, եւ կամէին զգնալն Աջոյն յԷջմիածին: Անոնց ձեռքով Պարսիկ իշխաններուն դուռերը ձեռք առաւ, եւ առատաձեռն տրօք զսիրտս ամենեցուն հաճեցոյց: Անոնց ալ օգնութեամբ թագաւորին խնդրագիրը պատրաստեց, եւ զայն ներկայեց լցեալ զուտ ոսկի դահեկան յսկուտեղ, եւ յաջողեցաւ թագաւորական կնքով հաստատուած հրամանագիրը ստանալ, որ Աջը պէտք է իրեն յանձնուի: Խօջայ Սաֆարի թոռներ, Ջալալ, Միքայէլ, Սինան եւ Պստիկ, ժողովուրդէ գրգռուելով զլացան իրենց մեծհօր յանձնուած աւանդը ետ տալ, մինչեւ որ Փիլիպպոս պարտաւորուեցաւ հայրապետական անիծիւք անոնց ընդդիմութեան յաղթել, եւ Աջը մեծ թափորով բերուեցաւ քաղաքին մէջ Խօջենց եկեղեցին: Փիլիպպոս պատարագեց կիրակի մը, եբաց զԱջն, օրհնեց եւ քարոզեց, բայց տակաւին ընդդիմանային Ջուղայեցիք: Ուստի հարկ եղաւ գաղտնի փոխադրութեան դիմել, գործակցութեամբ քահանաներու եւ գլխաւորներու, որոնք փոխադրութեան պէտքը զգացած էին: Լուսաւորչի Աջը Խօջենց եկեղեցիէն բերին ի վանքն Ջուղայու, որ է Նոր-Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչը, անկէ քաղաքին մէջ Երեւանցիներուն թաղը, անկէ Բրինճլու օթեւանը: Հոն Մարգար Ցղնացի վաճառականին բեռերուն մէջ ծրարեցին, որ անձամբ տարաւ Թավրէզ իր վաճառքներուն հետ: Այդ ամէնը գաղտնի գործուեցաւ: Ետեւէն Փիլիպպոս ալ Թավրէզ իջաւ, եւ Աջը առաւ Ցղնացի Մարգարին ձեռքէն, եւ անձամբ բերաւ Էջմիածին 1638 սեպտեմբեր 20-ին Դավրիժեցիին հաշուով, եւ եղեւ անպատում ուրախութիւն ամենայն Հայոց, եւ ցնծութեան տօն կատարուեցաւ (ԴԱՎ. 246): Սակայն Փիլիպպոսի Էջմիածին հասնելուն թուականը, Դավրիժեցիին նշանակածէն տարբեր կը գտնենք կաթողիկոսին Իլվովցիներու ուղղած կոնդակին մէջ, ուր 1638 հոկտեմբեր 12-ին կը գրէ. թէ երեք օր էր, յորմէ եկեալ էաք ի արքայանիստ քաղաքէն Ասպահանայ (ԲԺՇ. 113), ըստ այսմ հոկտեմբեր 9-ին, եւ ոչ սեպտեմբեր 20-ին հասած կ՚ըլլայ Էջմիածին, 19 օրուան տարբերութեամբ Դավրիժեցիին նշանակածէն: Աջին այս վերադարձն ալ, հակառակ իր պաշտօնական պայմաններուն, կատարելապէս կը յիշեցնէ Օծոպեցիին գործածած հնարիմաց կերպերը ( § 1511): Այս անգամ ալ 26 տարի Աջը Էջմիածինէ հեռու մնաց, բայց անկէ ետքը այլեւս տեղէն չէ խախտուած, եւ Աջին հետ պահուած կը մնան նաեւ եւս խաչալէմը եւ ուրարը, որ միասին Աղթամար տարուած էին (ԴԱՎ. 333):

1675. ՊԱՂՏԱՏԻ ԱՌՈՒՄԸ

Մուրատ Դ. Օսմանեան կայսրը, այս օրեր սկսած էր արդէն Պարսից դէմ կրկին պատերազմիլ, բայց բարեբախտաբար այս անգամ իր արշաւանքը շիտակ Պաղտատի վրայ ուղղած էր, որով Հայաստան ազատ կը մնար ռազմական արհաւիրքներէն: Մեծ եպարքոս Պէհրամ փաշա Կարսի եւ Կարինի կողմերուն ամրութիւնները զննելէ ետքը, 1637 յունիս 25-ին Ամասիա դարձաւ, եւ անկէ նոր գարնան քալցուց Օսմանեան բանակը, բայց ինքը ճամբան մեռաւ 1638 օգոստոս 18-ին, եւ իր բանակը Պաղտատի առջեւ հասաւ նոյեմբեր 15-ին, 197 օրուան վաստակաբեկ գնացքէ ետքը: Սուլտան Մուրատ եկած էր անձամբ ստանձնել հրամանատարութիւնը, եւ դեկտեմբեր 24-ին մեծ յարձակում մը կատարեց, եւ միւս օր 1638 դեկտեմբեր 25-ին Պաղտատ առնուեցաւ եւ աւարի մատնուեցաւ, եւ այն օրէն ասդին Պաղտատ կը մնայ Օսմանեան տիրապետութեան ներքեւ, (ԺՈՒ. 236): Հայ ժամանակագիր մը Հայոց 1087 թուին դեկտեմբեր 13 երկուշաբթի օր կը դնէ Պաղտատի առումը (ՍԱՄ. 178), որ եթէ հին եւ նոր տոմարներու տարբերութեամբ ալ հաշուուի, տակաւին ամսաթիւը եօթնեկի օրուան չի պատասխաներ, եւ թուատառի շփոթութիւն մը պէտք է ընդունիլ: Պաղտատի պատերազմին եւ Աջին վերադարձին թուականները իրարու համեմատելով կը տեսնենք, թէ երկուքը միեւնոյն տարւոյ մէջ կատարուած են, սակայն 1638 նոյեմբեր 15-ին Պաղտատի պաշարումէն առաջ, սեպտեմբեր 20-ին կամ հոկտեմբեր 9-ին Փիլիպպոս ամէն բան վերջացուցած, եւ Աջին հետ ինքն ալ դարձած էր Էջմիածին ( § 1674), ապա թէ ոչ պատերազմական գործերը կրնային իր ձեռնարկին յաջող ելքը արգելել:

1676. ՓԻՐՕՄԱԼԻԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Փիլիպպոս Էջմիածին չհասած, սկսած էր զբաղիլ Լեհահայոց բռնի կաթոլիկացման գործովը ( § 1662), որուն համար իր նախորդն ալ հոգ տարած էր ( § 1663): Յորմէհետէ Նիկոլ` Յովհաննէս Խուլի ձեռնտուութեամբ ( § 1669), յաջողած էր Հայերուն դիմումին հակառակ Ուրբանոս Ը. պապէն պաշտպանուիլ, եւ արքեպիսկոպոսական պալիում ալ ստանալ` 1633-ին Իլվով դառնալով, այնչափ սոնքացած էր, որ Հայ եկեղեցականի համեստ տարազն ալ փոխելով, սկսած էր գործածել զգեստ ծիրանի որպէս կարդինալքն, եւ մինչեւ իսկ զգեստ սպիտակ եւ կնգուղ պապին (ԲՌՆ. 157): Հռոմէադաւան Նիկոլի եւ հայադաւանութեան հաւատարիմ ժողովուրդին հակառակութիւնները երբեք վերջ չէին գտած, անիկա իրեն բռնակալ իշխանութիւնը կը վարէր ամէն տեսակ քմահաճ խստութիւններով, եւ ասոնք կերպ կերպ խաղեր եւ դիմադրութիւններ եւ անարգական գործեր կը շարունակէին անոր դէմ: Այսպէս էին գործերը Լեհաստանի մէջ, երբ անդին Էջմիածինի մէջ ալ հռոմէականներու կողմէն փորձեր կ՚ըլլային, նոյնիսկ կաթողիկոսը իրենց կողմը շահելու: Պօղոս Փիրօմալլի Դոմինիկեան կրօնաւորը, բանտարկութենէն ազատելով ( § 1659) Էջմիածին էր դարձած 1634-ին, եւ լաւ ընդունելութիւն գտած Փիլիպպոսէ, իբրեւ ուսուցիչ օտար լեզուաց եւ իմաստասիրական գիտութեանց: Բայց նա առիթէն կ՚օգտուէր լատինամիտ առաջարկներ թելադրել կաթողիկոսին: Հայոց ծիսական եւ վարդապետական գիրքերը ուսումնասիրելով անոնց մէջէն իր միտքին յարմար վկայութիւններ կը հաւաքէր, որպէսզի Հայոց եկեղեցին քաղկեդոնական եւ հռոմէադաւան ցուցնէ: Սակայն Փիլիպպոս կարճեց անոր առարկութիւնները պատասխանելով, որ եթէ այդպէս ճանաչես, զիfl եւս պնդեալ կաս յընդունայն վէճս (ՉԱՄ. Գ. 614): Փիրօմալլի հասկացաւ եւ համոզուեցաւ թէ հնար պիտի չըլլայ ուղղակի իր նպատակին հասնիլ, ուստի անուղղակի միջոցներ գործածելու ձեռնարկեց: Երբոր տեսաւ թէ Հայք խորշին յանուանէ Քաղկեդոնի, ինքն ալ այլեւս ոչ յիշեր զանուն նորին, այլ ընդհանրապէս քարոզէր, այսինքն է Քրիստոսի բնութեանց եւ Հոգւոյն Սրբոյ բղխման, եւ ուրիշ նմանօրինակ նիւթերու վրայ կը խօսէր լատինամիտ ուղղութեամբ եւ հայերէն գիրքերէ մուրացածոյ վկայութիւններով, առանց Հայոց ականջը խայթող Քաղկեդոնի կամ Հռոմի անունը տալու, ուզելով այսպէս անոնց միտքերը իր կողմը պառկեցնել, անզգալաբար եւ մեղմօրէն: Ասանկ Հայերն սկսան գոհ մնալ անոր այս տեսակ քարոզութիւններէն, զայն իրենց կողմը անցած կարծելով եւ զայն իբր իրենց հաճոյական եւ ընդունելի անձ կը պատուէին (ՉԱՄ. Գ. 615): Դավրիժեցին իսկ գովութեամբ կու տայ անոր անունը, այր իմաստուն եւ երեւելի կոչելով (ԴԱՎ. 295): Փիրօմալիի այդ ուղղութիւնը աւելի ճարտար էր, քան Ունիթորներու մոլեռանդ ընթացքը եւ յախուռն ձեռնարկները, թէպէտեւ ինքն ալ Ունիթորներու միաբանակից Դոմինիկեան կրօնաւոր մըն էր: Հաւանական էր որ նա աւելի յաջողէր իր այդ շահեցողական, չըսենք խաբէական ոճովը, սակայն նա ալ իր դէմ գտաւ մոլեռանդներու խմբակը: Փիրօմալլի Էջմիածինէ մեկնելով սկսաւ շրջիլ Հայոց գլխաւոր քաղաքները, իր ոճով քարոզել Հայ եկեղեցիներու մէջ եւ նոյնիսկ Կ. Պոլիս գալով Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչի մէջ ալ քարոզներ կը խօսէր հայերէն լեզուով (ԲԺՇ. 114), եւ ընդունելութիւն ալ կը գտնար, Քաղկեդոնի եւ Հռոմի անունները լռելու հնարիմաց ճարպիկութեամբը, որուն չէին կրնալ թափանցել հասարակ ժողովուրդը եւ դաւանութեանց տարբերութիւններուն նրբութիւնները հասկանալու կարող չեղողներ: Չմոռնանք որ քիչ ու շատ լատինական կողմը հակողներ ալ պակաս չեղան:

1677. ԼԵՀԱՀԱՅԵՐ ԵՒ ՓԻԼԻՊՊՈՍ

Անդին Իլվովի Հայեր, որ Նիկոլի դէմ պայքար կը մղէին, կ՚աշխատէին ամէն պարագայէ օգտուիլ, եւ բարեդէպ համարեցին Լեհաց եւ Պարսից թագաւորներուն մէջ դեսպանական յարաբերութեանց պարագան, եւ յատուկ գիրով, գուցէ եւ պատուիրակով, դիմեցին Փիլիպպոս կաթողիկոսին, որ Պարսից թագաւորին կողմէն միջնորդութիւն մը ըլլայ իրենց համար Լեհաց թագաւորին մօտ: Այդ գիրն է որ Փիլիպպոսի ձեռք հասած կերեւի Ասպահան եղած ատեն, եւ Էջմիածին հասնելէն երեք օր ետքը պատասխանը կը գրէ 1638 հոկտեմբեր 12-ին: Փիլիպպոսի կոնդակը ուղղուած է, Իլվովի, Կամենիցի, Եաղլովիցի, Զամոսցայի եւ Լուցկայի Հայ գաղթականութեանց: Կաթողիկոսը կը յայտնէ թէ շատ տրտմեցաւ պատմուածներուն վրայ, դիմում ըրաւ ի դուռն արքային Պարսից, եւ պահ մը լսեց թէ քանի մը եկեղեցիներ Հայերուն յանձնուեր են: Կ՚աւելացնէ թէ տեսնուեր է Լեհաց դեսպանին հետ, որ իրեն խօսք տուեր է, թէ երբ դառնայ` կը խօսի իրենց թագաւորին եւ դիւրին է այդ գործ: Պարսիկ դեսպանին ալ խօսեր է, ինքն ալ գիր մը կը յղէ Լեհաց թագաւորին, կը յիշէ եւս Հայոց նպաստաւոր թուղթ մը թագաւորին առ թագաւորն, եւ կը կնքէ իր թուղթը մաղթելով որ Աստուած ազատեսցէ զձեզ յայդմ դառնագոյն վշտաց (ԲԺՇ. 113): Փիլիպպոս կոնդակին Իլվով հասնիլը նշանակուած է 1639 յունիս 25 թուականով (ԲԺՇ. 113), եւ շաբաթ մը ետքը յուլիս 2-ին կը նշանակուի Փիրօմալիի Իլվով հասնիլը (ԲԺՇ. 114): Սա պաշտօն ընդունած էր Ուրբանոս Ը. պապէն Իլվով երթալ, որպէսզի իբր Հայոց լեզուին եւ եկեղեցական խնդիրներուն հմուտ` հնարեսցի հաշտութիւն առնել ի մէջ Նիկոլի եւ ժողովրդեան (ՉԱՄ. Գ. 639): Իսկ Փիլիպպոս կաթողիկոսի կողմանէ ալ յանձնարարութիւն ունեցած ըլլալը, Դավրիժեցիէն չի քաղուիր (ԴԱՎ. 295), ինչպէս ոմանք կարծեցին (ՉԱՄ. Գ. 639): Փիրօմալլի իր ոճին հետեւելով լաւ յարաբերութիւն կապեց Լեհահայերուն հետ, որ մինչեւ իսկ հաւանեցան եւ ճանապարհի ծախքն ալ հոգալով զայն Հռոմ ղրկեցին, որպէսզի պապին առջեւ իրենց պահանջը պաշտպանէ: Բայց Նիկոլի եւ Փիրօմալլի յարաբերութիւնները լաւ չէին եղած, երկու գլխաւոր պատճառներով, մէկը Նիկոլին խիստ մոլեռանդ ուղղութեան հետեւիլը, եւ երկրորդ իր անհատապէս անկարգ եւ ընդարձակ եւ ցոփակեաց կեանքը: Անոր համար Նիկոլ պէտք զգաց անգամ մըն ալ անձամբ Հռոմ երթալ իր դատը պաշտպանելու, եւ իր նպատակին ալ հասաւ: Պօղոս Փիրօմալլի Հռոմ հասնելով բանս ինչ բարեխօսութեան Հայոց առաջարկեալ էր (ԴԱՎ. 295), եւ հարկաւ թելադրած էր իր մտածած հնարիմաց եղանակը Հայերը շահելու, եւ լոկ բառերով չխրտչեցնելու համար: Անշուշտ Նիկոլի հեռացումն ալ օգտակար ցուցած էր գրգռութիւնները մարելու համար: Բայց Նիկոլի ուղղութիւնը աւելի ընդունելութեան արժանացաւ պապական արքունիքին կողմէ, եւ մոլեռանդ Նիկոլը խափանեաց զօգնութիւնն Պօղոսի` ձեռնտուութեամբ Եզվայիթացն (ԴԱՎ. 295):

1678. ՆԻԿՈԼԻ ԶԵՂԾՈՒՄՆԵՐԸ

Անգամ մըն ալ Նիկոլ յաղթական կ՚ելլար իր կրօնամոլ պայքարին մէջ, եւ Լեհահայեր կրկին կը դիմէին Փիլիպպոսի օգնութեան, որ երկրորդ կոնդակով մը կը ծանուցանէ 1640-ին, թէ Պարսկաստանէ գացող դեսպանը ճամբան սպանուած ըլլալով, գործը անհետեւանք է մնացած, եւ կ՚առաջարկէ քանի մը բանիբուն անձինս յղել, որպէսզի անոնց հետ խորհրդակցի ձեռք առնուելիք միջոցներուն վրայ (ԲԺՇ. 114): Այդ առաջարկին գործադրուած ըլլալը յայտնի չէ, մինչ յայտնի է Լեհահայերու խղճալի կացութեան շարունակելը դեռ բաւական տարիներ: Ժողովուրդը իր եկեղեցիներէն վտարուած եւ եկեղեցւոյ խորհուրդներէ եւ կարեւոր ծէսերէ զրկուած, ուխտած էր երդմամբ, ի չարչարանս ամենայն գալ մանաւանդ` քան ի ծառայութիւն Նիկոլի (ԲՌՆ. 156), եւ այդ նպատակով ոչ մի ծախքէ ետ չէր կենար, մինչեւ որ աղքատացաւ ժողովուրդն առհասարակ (ԲՌՆ. 26), եւ յուսաբեկութեան մատնուելով բազում արք երկիւղածք եւ վրէժխնդիրք հայրենի օրինաց` մեկնեցան ի տանց եւ ի տեղեաց, եւ եղան պանդուխտ եւ նժդեհք շրջագայեալք օտար աշխարհի: Իսկ Նիկոլ իր ծախքերը գոցելու համար եկեղեցիներուն գանձատուները գտնուած հարստութիւնները, զգրեանսն եւ զսրբութեան անօթսն եւ զամենայն աւանդս վատնեց ու ցրուեց, զորս վաճառեաց, զորս կաշառս բաշխեաց, եւ զորս ձեռամբ Հրէից խորտակեալ արար արծաթ եւ վաճառեաց, այնպէս որ Լեհահայերու եկեղեցական գանձերը բնաւին վատնեաց եւ ոչինչ մնաց: Ասոր հետ մէկտեղ, ինքն իր վատթար ընթացքը կը շարունակէր, եւ կայր ըստ առաջին վարուց իւրաց, եւ եւս առաւել անառակ (ԴԱՎ. 296): Այդ մասին Լատին պատմագիրը մանրամասնութիւններ ալ կու տայ, թէ ունէր Նիկոլ կոյս մի յազնուական տոհմէ, զոր յափշտակեալ էր ի վանուց իբրեւ զկին իւր օրինաւոր, եւ կը յաւելու, թէ են Նիկոլի ի կնոջէն որդիք յարբունս հասակի (ԲՌՆ. 160): Եւ սա է կաթոլիկութեան ախոյեանը, որուն համար պապութիւնն չէր խղճեր քրիստոնեայ եւ կրօնասէր ժողովուրդ մը ոտնակոխ ընել, եւ յանուն կաթոլիկութեան հոգեւորապէս եւ մարմնաւորապէս հալածել, որպէսզի բռնութեամբ հեռացնէ զայն իր հայրերուն նուիրական եւ ուղղափառ դաւանութենէն: Այդ կացութիւնը տասը տարիէ աւելի տեւեց, առանց նոր միջադէպ մը ունենալու, եւ Փիլիպպոսի ալ առիթ չներկայացաւ այդ միջոցին նորէն Լեհահայերու գործերով զբաղելու, թէպէտ հնար չէր որ միտքէ հեռացնէր իր հոտին մէկ մասին կրած կրօնական եւ անտանելի հալածանքը:

1679. ՍԱՀԱԿԻ ՄԱՀԸ

Սոյն միջոցին պէտք է նշանակել Սահակ Գառնեցիին մահը, որ ախտաւոր եւ հիւծած կեանք մը կը վարէր Էջմիածինի մէջ, Փիլիպպոսի խնամքին ներքեւ ( § 1670): Անհնար էր որ իր արտաքին ցաւերն ու փորձանքները չ՚ազդէին Սահակի սիրտին վրայ, միտքը բերելով որչափ ինչ ըրած էր, թէ ինքն անձամբ, եւ թէ իր հօրեղբօր Մելքիսեդեկի գործակցելով, լոկ անձնական շահերու եւ կիրքերու հետեւելով, եւ պատճառ եղած էր եկեղեցւոյն եւ ազգին կրած վնասներուն: Պէտք էր նաեւ ազդուէր իրենցմէ ետքը եկեղեցւոյն գլուխը անցնող հայրապետներուն, Մովսէսի եւ Փիլիպպոսի ընթացքէն, որոնք բոլոր ջանքերնին եւ ոյժերնին եւ ազդեցութիւննին հանրութեան օգտին կը գործածէին: Ըստ այսմ եթէ յակամայից ցաւագար, բայց կամաւորապէս ապաշխարող կեանք մը կ՚անցընէր, ախտն ալ օր աւուր կը սաստկանար, որուն անունը չէ յիշուած, բայց իբր նկարագիր կը նշանակուի թէ ուռան երկոքին ոտքն նորա, եւ օր աւուր յաւելաւ ուռոյցն, եւ եհաս մինչ ի փորն, եւ ցաւն այն յոյժ ցաւէր եւ կարի վշտացուցանէր զնա (ԴԱՎ. 188): Ինքն ալ զգաց թէ այլեւս համրուած են իր օրերը, եւ աղաչեց ու խնդրեց բառնալ զինքն եւ տանիլ ի տաճար Սուրբ Էջմիածնի: Այնտեղ Իջման տեղւոյն առջեւ, բազում հառաչանօք եւ փղձկեալ սրտիւ եւ յորդաբուղխ արտասուօք եւ ցաւագին անձամբ, լացաւ եւ աղօթեց, աղաչեց ու պաղատեց, ծեր եպիսկոպոս մը կոչելով խոստովանեցաւ, ճանչնալով ինքը զինքը դատապարտեալ ծառայ, մեղուցեալ հոգւով եւ մարմնով, եւ հաղորդուեցաւ հաւատով եւ յուսով, եւ հոգեւորական մխիթարութեան զգացումներով լեցուած, նորէն բերուեցաւ ի տունն յորում կայր հիւանդ, եւ նոյն գիշեր հոգին աւանդեց, ու եկեղեցական արարողութեամբ թաղուեցաւ ի դիրս գերեզմանացն, միաբանական գերեզմանատան մէջ (ԴԱՎ. 189): Դավրիժեցին տարի եւ օր չի նշանակեր, բայց մասնաւոր յիշատակարաններու համեմատ 1639-ին կը դրուի մահը, տասնամեայ վտարանդի եւ առանձնացեալ կեանքէ ետքը (ՉԱՄ. Գ. 609): Մենք ալ կը կրկնենք Դավրիժեցիին հետ: Տէրն Քրիստոս ներումն արասցէ անբաւ մարդասիրութեամբն իւրով (ԴԱՎ. 189): Սահակի մահուամբ կը վերջանայ դժպհի ժամանակներու վերջին մնացորդը:

1680. ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑ

Տասնամեայ միջոց մը կը բացուի առջեւնիս, 1640-էն 1650, որուն մէջ գլխաւոր դիպուած մը չունինք պատմելու, այլ կը շարունակէ Փիլիպպոսի խոհական եւ շինարար գործունէութիւնը: Քաղաքական կացութիւնն ալ նպաստաւոր էր, զի Պաղտատի առումէն ետքը, տեւական խաղաղութեան դաշնագիր մը հաստատուեցաւ Օսմանեանց եւ Պարսից միջեւ: Պաղտատի պատերազմին ատեն իրաւ պատերազմը Հայաստանէ հեռու էր ( § 1675), բայց Թաթարներու նիզակակից գունդերը` Խրիմէն Պաղտատ գացած ատեննին ասպատակած էին Արարատ նահանգը, եւ տիրանալու փորձեր ալ ըրած. բայց 1639-ին Տիարպէքիրի մէջ որոշուած երեսնամեայ խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ, ապահովուած էր Պարսից Պետութիւնը Երեւանի վրայ եւ այս դաշնագիրը հանդիսապէս վաւերացաւ Կ. Պոլսոյ մէջ 1639 սեպտեմբեր 21-ին, ուր սուլտան Մուրատ դարձած էր յունիս 10-ին (ԺՈՒ. 237): Երկու պատերազմիկ թագաւորներն ալ շատ չապրեցան անկէ ետքը, Մուրատ Դ. մեռաւ 1640 փետրուար 9-ին, եւ իրեն յաջորդեց եղբայրը Իպրահիմ Ա. բնաւորութեամբ թոյլ եւ կենցաղավարութեամբ մեղկ անձ մը: Շատ չանցաւ Շահսէֆի ալ մեռաւ 1641-ին, եւ իրեն յաջորդեց որդին Շահ Ապպաս կամ Շահաբաս Բ. տակաւին մանուկ, բայց արբեցութեան եւ շուայտութեան անձնատուր, որով եւ ախտերու ալ ենթարկուեցաւ, բնաւորութեամբ ալ թոյլ եւ տկար եղաւ (ՏՊԷ. 358): Այդ պարագաները նպաստեցին Փիլիպպոսի հանդարտ շինարարութեանց: Ինքն խորհրդական եւ հանճարեղ, աշխարհաշէն եւ արդիւնարար անձ մը, անխոնջ կը հետեւէր նորոգութեանց, ջանալով վերականգնել անցած ժամանակներու մէջ աւրուածները ու քանդուածները, եւ ինչ որ կը ձեռնարկէր պտղաբերեալ արդիւնանայր ամենայն (ԴԱՎ. 249): Նախանձաւոր էր նաեւ բարոյական զարգացմանց, ամէն տեղ քարոզէր եւ կանոնադրէր, զարդարող էր եկեղեցեաց եւ պատուիչ տօնից տէրունականաց, եւ իր ուղղամիտ եւ արդար գործերով, ճգնութեան եւ սրբութեան կեանքով, խոշորակեաց եւ խարազնազգեաց երեւոյթով, ամէնուն պատկառանք էր ազդած, նոյնիսկ Մահմետականաց եւ Վրաց մէջ տարածուած էր համբաւը, եւ ոչ թէ ռամիկք, այլ եւ աշխարհակալք եւ իշխանք եւ զօրագլուխք, սիրէին եւ պատուէին զնա: Իր արդիւնարար ձեռնարկներով վաղնջուց խափանեալ վանօրայք լցան աբեղայիւք, եւ գիւղք եւ քաղաքք երիցամբք, բազում կիսաւեր եւ խախտեալ եկեղեցիք նորոգեցան, այլեւ յոլով եկեղեցիք նոր շինեցան: Գլխաւոր գործերէն մին եղաւ Մովսէս կաթողիկոսէն Յովհաննավանքի մէջ հաստատուած դպրատունը ( § 1646) Էջմիածին փոխադրել (ԴԱՎ. 250), եւ անոր աւելի զարկ տալ իր աչքին ներքեւ, ուսուցիչ նշանակելով Սիմէոն Ջուղայեցի վարդապետը (ԴԱՎ. 312), Մելքիսեդեկ Վժանեցիին աշակերտներէն: Նշանաւոր եղան նաեւ Էջմիածինի յարակից Գայիանէի եւ Հռիփսիմէի վանքերուն նորոգութիւնները, սակայն առաջիկային կը թողունք անոնց մասին խօսիլ: Այդ միջոցին կ՚իյնայ յիշատակագիրի մըն ալ ըսածը, թէ 1647-ին Փիլիպպոս զդաւանութիւն կաթողիկէի հաւատոյ 25 եպիսկոպոսներու եւ 8 վարդապետներու հետ ստորագրելով առաքեաց ի Հռոմ ի ձեռն փաթէր Պօղոսի Փիրօմալլի (ՏԱՇ. 112): Փիլիպպոսի հռոմէադաւանութեան դէմ բռնած ուղղութիւնը յայտնի է բոլոր իր կեանքէն, այսու հանդերձ ուրիշներու հետ լաւ ապրելու փափաքն ալ եւ մանաւանդ Լեհահայերու դիւրութիւն մը ճարելու ճիգերը ծանօթ են, միացած Փիրօմալիի կազմած` Հայերու ականջը խայթող բացատրութիւններէ զգուշանալու ոճին: Հետեւաբար հնար չէր որ բացարձակ հռոմէադաւանութեան գիր մը եղած ըլլար այդ նամակը, այլ Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան պաշտպանողական բացատրութիւն մը:

1681. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԽՆԴԻՐԸ

Այդ զբաղմանց հետ աւելի կարեւոր խնդիր մը սկսած էր տանջել Փիլիպպոսի միտքը, այն է կաթողիկոսական իրաւասութեանց սահմաններուն խնդիրը: Ծանօթ են արդէն երկու կաթողիկոսական մասնաւոր աթոռները Աղթամարի եւ Սիսի մէջ, որոնք հակաթոռութեան կերպարանի ներքեւ սկսան, սակայն օրինաւորութեանց կերպարան առած էին, Աղթամար Վիրապեցիին օրհնութեամբը ( § 1461), եւ Սիս` սկիզբէն իրեն դէմ վճիռ չտրուելովը ( § 1480), որով հանրութեան կողմէն ընդունուած աթոռներ էին: Երկուքին ալ սահմանները ոչ սկիզբէն եւ ոչ յետոյ որոշ գծուած չէին, եւ քաղաքական տիրապետութեանց համեմատ կը փոխուէին իրաւասութեանց վիճակները: Վերջապէս Մայրաթոռի անկարգ անկանոն կացութիւնը, մանաւանդ վերջին ժամանակներու մէջ, համարձակութիւն տուեր էին միւս աթոռներուն ուզածնուն պէս գործել եւ ուզած կողմերնուն համար եպիսկոպոսներ ձեռնադրել: Սիմէոն Սեբաստացի, որ 1633-էն իվեր Կիլիկիոյ կաթողիկոս էր եղած, եւս առաւել կ՚ընդարձակէր իր ձեռնարկները եւ ձեռնադրութիւնները: Արդէն Կիլիկիոյ աթոռը հինէն իրաւունքներ կը պահէր Կոստանդնուպոլսոյ քաղաքին եւ վիճակներուն վրայ ( § 1487), եւ վերջերս ալ Կեսարացին սերտ յարաբերութիւն կը պահէր Կիլիկիոյ աթոռին հետ, ուսկից առած էր իր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը ( § 1536), եւ որուն օգնութեամբ փորձած էր պատրիարքական աթոռ դառնալ ( § 1604): Կեսարացին ուրիշ պարագաներու մէջ ալ դժուարութիւն չունէր Կիլիկիա դիմել պէտք եղած ձեռնադրութեանց համար, Էջմիածին թէ հեռու էր եւ թէ պատերազմներուն պատճառով երթեւեկներ դժուարին եւ վտանգաւոր եղած էին: Բայց իբր սկզբունք Մայրաթոռի իրաւունքները անարգող չէր, մանաւանդ որ Մովսէս իր ձեռնասունն էր, Փիլիպպոսն ալ օտար մը չէր: Վերջին անգամ Սիմէոն Կ. Պոլիս էր եկած Կեսարացիին հետ, 1633-ին պատրիարքութեան գալուն առթիւ ( § 1672), եւ վերադարձած ատեն Անկիւրիա կը հանդիպի, եւ այնտեղ Թորոս վարդապետ մը եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ, իբր զի Անկիւրիոյ Ղուկաս եպիսկոպոսը մեռած է եղեր (04. ԱՐՐ. 717), եւ քահանայքն եւ ժողովուրդքն ստիպեր են որ ձեռնադրէ (04. ԱՐՐ. 718): Այս պատճառով խռովութիւն կը ծագի Անկիւրիոյ մէջ, Կեսարացին ալ դժգոհ կը մնայ իր բարեկամին գործէն, խնդիրը Փիլիպպոսին կը հաղորդուի, որ Թորոսը կը բանադրէ, կամ թէ եպիսկոպոսութենէն կը կախակայէ, եւ Սիմէոնի ըրածին համար դիտողագիր մը կ՚ուղղէ, մեղադրելով աղիկամի եւ իր իրաւասութեան վիճակներէն դուրս ձեռնադրութիւն կատարելը (04. ԱՐՐ. 288): Փիլիպպոսի գիրը չունինք, միայն անոր իմաստը Սիմէոնի պատասխանագիրէն կը քաղենք: Փիլիպպոսի թուղթը գրուած կ՚ըլլայ, առ ամենայն Արմենակոչ խումբսն, որ յաշխարհս Կիլիկիա, ի Սիս եւ ի Բերիոյ քաղաքին (04. ԱՐՐ. 377), իսկ թուականին համար յայտնի յիշատակութիւն չկայ, բայց ուղիղ չ՚երեւիր 1634 կամ 1635 թուականը, զոր ոմանք Սիմէոնի նամակին համար նշանակած են (11. ԱՄՍ. 24): Ձեռնադրութենէն յետ քանի ամսոյ, Թորոս Կ. Պոլիս կու գայ եւ Կեսարացիի հետ կը հաշտուի, որ զինքը նուիրակութեան կը ղրկէ: Թորոս տարի եւ կէս այլ աւելի շրջելէն ետքը պատրիարքին կը դառնայ, նորէն Անկիւրիա առաջնորդ կը ղրկուի, անկէ Սիմէոն զինքը Սիս կը կանչէ, եւ նա կու գայ, եւ անկէ ետքն է որ Փիլիպպոսի գիրը կը հասնի (04. ԱՐՐ. 479), որ կը համապատասխանէ մեր երջանկայիշատակ բացատրութեան, եւ Կեսարացիին մեռած ըլլալը կը ցուցնէ, որ 1636-ին տեղի ունեցաւ ( § 1672): Միւս կողմէն սուլտան Մուրատը դեռ կենդանի կը յիշուի (04. ԱՐՐ. 722), որ 1640-ին մեռած է, եւ այս հաշիւներով Փիլիպպոսի նամակին Սիմէոնի հասնիլը պէտք է դնել գոնէ 1638-ին:

1682. ՍԻՄԷՈՆԻ ՆԱՄԱԿԸ

Այդ թղթակցութեան վերլուծութիւնը տալու համար յարմարագոյն կը սեպենք դէմ առ դէմ յառաջ բերել Փիլիպպոսի նամակէն յիշատակուած մասերը եւ Սիմէոնի պատասխանները: Սիմէոն իրեն աթոռին համար ամէնէն փայլուն բառերը գործածելէն ետքը, կը բաւականանայ առ հոգեւոր եղբայրդ մեր տէր Փիլիպպոս կաթողիկոս Հայոց հասցէով, եւ ոչ իսկ Էջմիածինի աթոռը յիշելով: Փիլիպպոս սկիզբը սիրոյ վրայ խօսած կ՚ըլլայ, որուն կը պատասխանէ Սիմէոն խօսքը անոր դարձնելով, եւ Փիլիպպոսի նամակին ինչ ինչ բառերը խծբծելով: Գլխաւոր խնդիրը կը յանգի աթոռներու մեծութեան վրայ: Փիլիպպոս Էջմիածինի աթոռին Ամենայն Հայոց գլխաւոր աթոռ ըլլալը յայտնելու համար իմաստասիրական բացատրութեամբ, սեռի եւ տեսակի եւ անհատի առնչութիւնները յիշած կ՚ըլլայ, եզրակացնելով թէ մասունքն ի հանուրն տեսանին, բայց ոչ հանուրն ի մասունս (04. ԱՐՐ. 38): Սիմէոն կը հասկնայ թէ ինչ միտք ունին այդ խօսքերը, այսինքն թէ Էջմիածին յառաջ է եւ Սիս վերջին, կամ Էջմիածին գլուխ է, եւ Սիս մասունք: Ուստի Լուսաւորիչէ սկսելով կաթողիկոսներու շարքէն քաղուած մը առջեւ կը դնէ, ոչ միշտ ճշդուած թիւերով եւ թուականներով, հետեւցնելու համար թէ մինչեւ ցայսօր կայ հայրապետութիւնն հաստատ աստ, այսինքն Սիս, եւ Սուրբ Լուսաւորչի Աջն աստ, զի ի սմա բնակեցաւ, զի հաճեցաւ ընդ սա: Իսկ Վիրապեցիին կաթողիկոսութիւնը ապօրէն կը դատէ, իբր զի անհնազանդ եղեալ ձեր Արեւելեան կողմիդ ի Սուրբ Լուսաւորչի աթոռոյս, եւ ձեռնադրեցին ըստ կամաց իւրեանց զԿիրակոս կաթողիկոս Խորվիրապեցին ղապալայով: Կիլիկեցիներու յաւակնոտ մեծամտութեան մերթ ընդ մերթ երեւան եկող յայտարարութիւնն է, որ հերքուելու իսկ պէտք չունի, զի պատմական պարագաներ շատ որոշ են այդ մասին, եւ մենք ալ իր կարգին բացատրած ենք ( § 1451): Սիմէոն իբրեւ հիմնական փաստ մը առջեւ կը բերէ Գրիգոր Կեսարացիի մէկ յայտարարութիւնը, զոր գրեր է նա Սիս ձեռնադրուած միջոցին: Այս յայտարարութիւնը, որ ամբողջաբար յառաջ բերուած է (04. ԱՐՐ. 479-482), բնաւ Կիրակոսի մասին չի խօսիր, փոխադրութեան չ՚ակնարկեր, եւ ճարտար դարձուածներով Յովհաննէս Այնթապցիի կաթողիկոսութիւնը կը պաշտպանէ, ոչ Էջմիածինի աթոռին դէմ, այլ Պետրոս Կարկառեցիին դէմ, որ Բերիոյ մէջ Սիսի հակառակ կաթողիկոսութիւն կը վարէր ( § 1578): Ասկէ զատ, շատ յայտնի է Կեսարացիին շարունակ Էջմիածինի հետ յարաբերութիւնը պահելը, եւ զայն գլխաւոր աթոռ ճանչնալը, պնդելով թէ` Ես Էջմիածնի վէքիլ եւ երեսփոխան եմ (04. ԱՐՐ. 718): Առանց այս դիտողութեան ալ, միթէfl Կեսարացիին խօսքը այդչափ մեծ վկայութիւն մըն է, որ անով հնար ըլլար լուծել եկեղեցւոյն կենսական խնդիրը. նա ժամանակակից վկայ ալ չէ, եւ փոխադրութենէն երկու դար ետքն է: Աւելի ոյժ չունին Ռուբինեանց ժամանակէն կամ փոխադրութենէ առաջ Արեւելեայց Կիլիկիոյ աթոռին հետ յարաբերութիւնները (04. ԱՐՐ. 464), զի ոչ ոք կ՚ուրանայ թէ այն միջոցին հայրապետական աթոռը Կիլիկիա էր: Եթէ Սիմէոնի պատճառաբանութիւնը բան մը արժէր, աւելի Աղթամար կրնար օգտուիլ անկէ, քան թէ Կիլիկիա: Իսկ գրչութեան արհեստին եւ երաժշտութեան արուեստին Կիլիկիոյ մէջ ծաղկած ըլլալը, լրջութեամբ խօսուելու փաստ մը չէ. նոյնպէս Սաղմոսն ի Մշոյ եւ խաչն ի Սսոյ ժողովրդական առածն ալ (04. ԱՐՐ. 485), որ կաթողիկոսութեան վաւերականութեան հետ կապ մը չունի, եւ Սիմէոնի ամուր փաստերէ զուր մնալը կ՚ապացուցանէ:

1683. ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԱՄԱԿԸ

Սիմէոն աւանդական զրոյց մըն ալ կը յիշէ թէ Մովսէս Տաթեւացին առաջարկած ըլլայ Կիլիկիոյ Մինաս կաթողիկոսին, թէ ես կամիմ կամաւ իմով հրաժարիլ յիմոյս բաժնէս, բայց զոր դուք կամիք եւ ուր հաճիք, անդ հաստատեցէք (04. ԱՐՐ. 485): Մովսէսի խօսքերը ոչ պատմիչներ գրած են եւ ոչ գրաւոր յիշատակ մը կայ, որ անոնց իմաստը ճշդէինք, բայց եթէ անոնք Սիմէոնի յառաջ բերածին պէս ալ ըլլան, միայն Մովսէսի աթոռոյ միութեան համար անկեղծ եւ անշահասէր փափաքը կը հաստատեն, եւ աւելի ոչինչ: Վերջնական որոշումը ազգային ժողովով պիտի տրուէր հարկաւ, եւ ոչ Սիմէոնի նախորդին` Մինաս Կարնեցիի ազատ կամքով: Սիմէոն կ՚անցնի պատասխանել Փիլիպպոսի դիտողութեան, թէ ընդէflր ձեռնադրութիւն առնես ի մերում վիճակի (04. ԱՐՐ. 713): Իր արդարացման համար յանուանէ կը յիշէ իր նախորդներուն Էջմիածինի վիճակին համար ըրած ձեռնադրութիւնները. Խաչատուր Ուլնեցին` Ակնայ վրայ, Տիրատուր Սսեցին` Անկիւրիոյ եւ Կ. Պոլսոյ վրայ, Ազարիա Ջուղայեցին` Կարնոյ, Եւդոկիոյ, Ամասիոյ, Մարովանի, Կաֆայի, Խարբերդի, Բաղէշի եւ Մուշի վրայ, Յովհաննէս Այնթապցին` Մերտինի, Երզնկայի, Մարսվանի, Կոստանդնուպոլսոյ, Ադրիանապոլսոյ, Պուղտանի, Իլվովի, Կաֆայի, Գոնիայի եւ Կեսարիոյ վրայ, Պետրոս Կարկառեցին` Չընքուշի, Մուշի եւ Եւդոկիոյ վրայ, Մինաս Կարնեցին` Մերտինի, Երզնկայի, Սեբաստիոյ, Եւդոկիոյ, եւ Սուլումանաստըրի վրայ: Ձեռնադրեալներուն անուններն ալ կը յիշէ Սիմէոն, բայց մենք զանց ըրինք բաւական սեպելով տեղերը ցուցնել, որով կ՚որոշուին Էջմիածինի ներքեւ եղող վիճակները: Սիմէոն կը յաւելու թէ ասոնք միայն իր գիտցած ու տեսածներն են, եւ թէ ուրիշներ ալ պէտք է ձեռնադրուած ըլլան Ազարիայէ եւ Պետրոսէ, երբ Կիլիկիայէ մինչեւ Հին-Ջուղա գացին վասն Երուսաղէմայ պարտուցն (04. ԱՐՐ. 714): Սիմէոն թերեւս իրաւունք ունենար ըսել, հայր իմ մինչեւ ցայժմ գործէ, եւ ես գործեմ (04. ԱՐՐ. 713) նախորդներս ձեռնադրեցին, ես ալ կը ձեռնադրեմ. բայց յայտնի է որ եթէ շփոթ ժամանակներու մէջ եւ երթեւեկներու անհնարութեան ատեն Էջմիածինի վիճակներ ստիպեալ դիմեցին Կիլիկիոյ աթոռին, ասով բնաւ կանոնական իրաւունք չէր կրնար հաստատուիլ, իսկ Փիլիպպոս պէտք կը ըզգար ուրիշ բարենորոգմանց հետ այդ կանոնական կարգերն ալ վերանորոգել: Սիմէոն կ՚ուզէ օգտուիլ Լամբրանոցիին գրածէն, թէ կաթողիկոսը ընդ ամենայն տեղիս ունի իշխանութիւն ձեռնադրելոյ եպիսկոպոս, սակայն չի մտածէր, որ Լամբրոնացին ազգի մը պետ եղող կաթողիկոսին վրայ կը խօսի, եւ ոչ պատահաբար կաթողիկոս անուն կրողներուն վրայ: Փիլիպպոսի իբր առարկութիւն կը դիմադրէ` Հալէպցի Սիմէոն մը ձեռնադրած ըլլալուն, յանդիմանելով թէ հան նախ զգերանդ յականէ քումմէ (04. ԱՐՐ. 715), սակայն չի յիշեր թէ այն ոflր վիճակին համար ձեռնադրուած է, վասնզի խնդիրին հիմը ձեռնադրելոյն վիճակն էր, եւ ոչ ծննդավայրը: Սիմէոն կ՚անցնի մեղադրել բանադրանք արձակած ըլլալը Թորոսի դէմ, թէ ոչ կ՚ըսէ բոլոր Սիսէ ձեռնադրեալներն ալ պէտք էր բանադրէիր, նաեւ վախճանեալքն ի հող, որ սիրտդ պաղի (04. ԱՐՐ. 715), ինչ որ լուրջ պատճառաբանութիւն եւ օրինաւոր տրամաբանութիւն մը չէ:

1684. ՄԵՂԱԴՐԱՆՔԻ ԽՕՍՔԵՐ

Սիմէոն իր նպատակին համար բերուած փաստերուն չվստահելով, նիւթէն կը շեղի, եւ կ՚անցնի Էջմիածինի աթոռին կողմէն կատարուած գործերը մեղադրել: Կը սկսի յանդիմանել թէ Համազասպ եպիսկոպոսը զանազան տանջանօք սպաննել տուիք, Մարդակերաց Ճանճի եպիսկոպոսին ականջը կտրել տուիք, Սերկելեցի աբեղային ծածուկ անդամը կտրել տուիք, Գառնեցի աբեղան հաւատքէն ուրացուցիք, Զաքէոս աբեղան ֆռանկ ընել տուիք, Սահակ կաթողիկոսը եւ Պօղոս վարդապետը տաճկցնել տուիք, Լեհաստանի Հայերը անհաղորդ եւ անթաղում թողուցիք (04. ԱՐՐ. 716): Սակայն Սիմէոն անհիմն զրոյցներ հաւաքած է, զի Սահակի եւ Պօղոսի համար ըսածին ճիշդ չըլլալը արդէն յիշեցինք ( § 1656), Լեհաստանի համար ըսածն ալ բոլորովին եղելութեան հակառակ է: Համազասպ Հաւուցթառեցին իրաւ Մելքիսեդեկ մատնեց, բայց սպանութիւնը յիշուած չէ ( § 1633), իսկ մնացածներն ալ անծանօթ անուններ են, եւ Մարդակերաց եպիսկոպոսը յայտնի առասպել կը տեսնուի: Փիլիպպոսի կողմէ ակնարկուած սիմոնականութեան ամբաստանութիւնը, այսինքն կաշառքի համար գործած ըլլալը Սիմէոն իսպառ կը հերքէ, եւ իր անունին Սիմէոն, եւ ոչ Սիմոն ըլլալը կը պնդէ, որ սիմոնականութեան հետ առնչութիւնը հեռացնէ: Լամբրոնացիէն բերած վկայութիւնը անգամ մըն ալ կը կրկնէ, եւ Էջմիածինի աբեղաներէն մէկուն` Կ. Պոլսոյ մէջ 100 ղուրուշնոց աւետարան մը իբր խըզմէթ եւ վարձ իւրացնելը, Փիլիպպոսին երեսը կը զարնէ, իբրեւ անոր կողմէ կաշառակերութիւն (04. ԱՐՐ. 716), որոնք կարեւորութենէ զուրկ խօսքեր են: Վերջէն կը հասնի Թորոսի ձեռնադրութեան պարագաները բացատրել: Կեսարացիին հետ Կ. Պոլիս գացած ատեն, Անկիւրիայի Ղուկաս եպիսկոպոսը կը մեռնի, Թորոսը կը ներկայացնեն, բայց չի ձեռնադրեր: Դարձին մինակ եղած ատեն նորէն կ՚առաջարկեն, ինքն դիտել կու տայ թէ Էջմիածնի թեմն է Էնկիւրի քաղաքն, բայց ժողովուրդին պնդելուն վրայ կը ձեռնադրէ, եւ կ՚անցնի կ՚երթայ: Կեսարցին լսելով կը նեղանայ, կ՚երեւի թէ առաջին անգամ նա արգելած էր ձեռնադրութիւնը, բայց քանի ամիս ետքը Շահին Չէլէպի եւ խօջայ Երեմիա` Թորոսը Կ. Պոլիս կը բերեն, եւ Կեսարացիին հետ կը հաշտեցնեն, աթոռին հախն եւ Էջմիածնի բաժինն վճարելով: Ասոր վրայ Թորոս պատրիարքական նուիրակ կը ղրկուի Ռումելի եւ Անատօլու, եւ տարիուկէս ու աւելի կը շրջի, եւ կրկին Անկիւրիա առաջնորդ կը դառնայ Կեսարացիին օրհնութեան նամակաւ: Բայց ժողովուրդը չ՚ընդունիր, եւ այս պատճառով Սիմէոն Թորոսը իր մօտ կը կանչէ, որ կու գայ ու կը մնայ Սսոյ աթոռին մէջ: Այս ասանկ ըլլալով, կ՚ըսէ Սիմէոն, այլ քեզ իflնչ իլախայ մնաց, որ թուղթ ուղարկես եւ բանադրես, քանի որ Թորոսի հայրենիքը Գամրան է, այսինքն Գարաման, եւ մայրը Մելտինէէ է, եւ ինքն իմ թեմիս մէջ է (04. ԱՐՐ. 719): Եթէ իրօք այս ամէնը լմննալէն ետքը գրած է Փիլիպպոս իր բանադրանքի կոնդակը, այլեւս անոր պէտք մնացած չէր ըլլար, քանի որ Սսոյ ձեռնադրեալը Սիս քաշուած էր: Հարկաւ Փիլիպպոս ալ այդչափը կրնար մտածել, ուստի կ՚երեւի թէ կոնդակը աւելի կանուխ գրուած, եւ հասնիլը ուշացած է, կամ թէ Սիմէոն, ինչպէս ուրիշ տեղեր, այստեղ ալ պարագաները կը խառնակէ, որ իրաւացի խօսած երեւնայ:

1685. ՆԱՄԱԿԻՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

Սիմէոնի նամակին վերջին մասը կծու յանդիմանութիւններ են Փիլիպպոսի հասցէին, ուր Աստուածաշունչէ քաղուած կտորներով կ՚ուզէ իր խօսքերը վաւերացնել: Սենեքերիմէ Եզեկիայի ուղղած պատգամէն կը բաղդատէ Փիլիպպոսի ընթացքը, անոր բերանը դնելով, թէ ահա զԱղուանս, զԱղթամար, զԿոստանդնուպոլիս, զԵրուսաղէմ հնազանդեցուցեալ եմ, եւ դու ոfl ես, որ ոչ հնազանդիս, յոfl յուսացեալ ես (04. ԱՐՐ. 721): Կ՚ըսէ, թէ Փիլիպպոս իր նուիրակութեան ատեն ամէն տեղ խռովութիւն պատճառած, եւ շարունակ փախչելու ստիպուած է: Բաղէշ` հինգ վարդապետներու հետ, Վան` Յովսէփ Մոկացի վարդապետին հետ, Լիմ եւ Արճէշ` տեղացի եպիսկոպոսներու հետ, Կարին` Մինաս վարդապետին հետ, ամէն տեղ խռովութիւն թողուցիր, կ՚ըսէ, բայց մեր երկիրն կարող չես ինչ առնել, հալովդ կացի'ր, զի այս երկիրս Օսմանցւոց երկիրն է (04. ԱՐՐ. 722). սոքա Օսմանցի են, թէպէտ այլազգի են, բայց ուղիղ դատաստան առնեն (04. ԱՐՐ. 724): Բոլորովին անհարկի ակնարկ մը, խօսք խառնել ուզողներու սովորական ոճը: Կը յիշէ թէ Էջմիածինի նախորդ կաթողիկոսներ, Սիսէ կատարուած ձեռնադրութեանց մասին դիտողութիւն չեն ըրեր, ուստի կը հետեւցնէ, նոյնպէս եւ մեք կու ձեռնադրեմք, եւ ոչ խտրեմք: Դարձեալ Էջմիածինի վրայ մեղադրանքներ կուտելու համար, կը յիշէ թէ Մովսէս` նամակ է գրեր պապին (04. ԱՐՐ. 722), թէ Մելքիսեդեկէ մնացած միւռոնը թափեր են, թէ Էջմիածինի նուիրակներ` Պրուսա, Մանիսա եւ Զմիւռնիա` մեծապահոց մէջ բաց պատարագ են ըրեր, թէ Փիլիպպոս կեղծաւոր պահեցող մըն է, եւ թէ Էջմիածինի նուիրակներ միւռոնի համար սարկաւակութեան են մտներ (04. ԱՐՐ. 725): Բոլոր այս պարագաներ, եթէ ճշմարիտ ալ ըլլան, վիճակներու սեփականութեան խնդիրը չեն լուծեր: Վերջապէս իրեն գովեստը ընելով, փառասէր կամ ագահ, կամ յափշտակող կամ արծաթասէր, կամ կաշառառու չըլլալուն վկայ կը կոչէ Բերիացիները, ուր այնքան տարի առաջնորդ մնացեր էր (04. ԱՐՐ. 726), կ՚երեւի թէ Բերիացիներէ զատ բարեկամ չէ ունեցեր: Ահա Սիմէոնի նամակին վերլուծութիւնը, զոր ուզեցինք քիչ մը ընդարձակօրէն քաղել, վասնզի ոչ միայն բաւականաչափ պատմական պարագաներ կը պարունակէ, որոնք լոյս կը սփռեն ժամանակին կացութեան եւ կենցաղավարութեան վրայ, այլեւ կը լուսաբանեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն ոմանց` մերթընդմերթ յայտնած մեծամտութիւնը, որով ինքզինքնին Ամենայն Հայոց օրինաւոր հայրապետութեան յաջորդ կը կարծեն, եւ Էջմիածինի Մայրաթոռին վրայ իբր հակաթոռ կը նային: Այդ մասին իր կարգին խօսած ենք ( § 1462), եւ անդրադառնալու պէտք չենք զգար:

1866. ՍԻՄԷՈՆ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍ

Սիմէոնի նամակը ինչ արդիւնք ունեցաւ չենք գիտեր, եւ ոչ իսկ հասցէին ղրկուած կամ Էջմիածին հասած ըլլալը տեղ մը յիշուած է: Դավրիժեցին ալ բնաւ տեղեկութիւն չունի այդ միջադէպին վրայ, եւ կ՚երեւի թէ Էջմիածինի մէջ Սիմէոնի նամակն իսկ չէ տեսեր: Բայց ինչ ալ ըլլայ եղելութիւնը, Փիլիպպոս խոհականութեամբ վարուած է խնդիրը չ՚արծարծելով եւ պայքարը չբորբոքելով, համոզուած ըլլալով թէ այսպիսի բնաւորութեան եւ լեզուագարութեան տէր մէկու մը հետ հնար չէր խօսք հասկնալ եւ հասկցնել, եւ բարեկարգական կանոններու վրայ համոզում գոյացնել: Սիմէոն բոլոր իր նամակին մէջ կանոններու յիշատակութիւն իսկ չ՚ըներ, եւ պատահական գործերը իբր ուղեցոյց կը նկատէ: Ըստ այսմ կաթողիկոսական վիճակներու յարաբերական խնդիրները, որոնց վրայ Մովսէս ու Փիլիպպոս մտադրութիւն դարձուցած էին, իրենց շփոթ կացութիւնը շարունակեցին մինչեւ Սիմէոնի մահը 1648-ին, որուն յաջորդեց Ներսէս Սեբաստացի, որ անգամ մը յիշուեցաւ Կ. Պոլսոյ գործերուն առիթով ( § 1634), եւ որ աւելի խաղաղասէր եւ խոհական գաղափարներու տէր անձ մըն էր, եւ բարեկարգ յարաբերութեանց պէտքը կը զգար: Իրօք ալ անոր օրով փոխադարձ պայմաններ կրցան հաստատուիլ Էջմիածինի եւ Սիսի աթոռներու միջեւ: Այդ յաջողութիւնը սովորաբար դիպուածի արդիւնք կը կարծուի, երկու կաթողիկոսներուն պատահմամբ Երուսաղէմ գտնուելէն առջեւ եկած (ԴԱՎ. 254), սակայն պարագաներու ուսումնասիրութիւնը կ՚առաջնորդէ կարծել ինչպէս մտածած է եւ Աբէլ Մխիթարեան (ԱԲԼ. 145), թէ այդ համաձայնութիւնը կանխաւ պատրաստուած կարգադրութեան արդիւնք էր, մասնաւոր բանակցութիւններով Փիլիպպոսի եւ Ներսէսի մէջ հաստատուած, եւ լրացնելու համար չեզոք գետինի մը վրայ իրարու հետ տեսակցելնին որոշուած, եւ ժամադրութիւն ալ եղած, այնպէս որ Փիլիպպոս Երուսաղէմ գացած ատեն, ճամբայ ելած կը գտնէ Ներսէսը (ԴԱՎ. 254): Փիլիպպոսի Էջմիածինէ մեկնիլը տեղի ունեցաւ 1451-ին (ԴԱՎ. 260), ամսաթիւը յիշուած չէ, բայց գարունին յառաջելուն կրնար ընել Երեւանէ Կարին ճանապարհորդութիւնը, եւ պատշաճողութիւնը կը պահանջէր որ զատիկն ալ ըրած ըլլար, որ այն տարի կը հանդիպէր մարտ 30-ին: Փիլիպպոս բաւական երկար ուղեւորութեան ձեռնարկած ատեն, պէտք էր որ յարմար մէկ մը տեղակալ նշանակէր Մայրաթոռին գործերը հոգալու, եւ ձեռնարկած շինութեանց հսկելու, եւ որչափ ալ անունը տրուած չէ, սակայն Դավրիժեցիին ըսելէն, թէ Յակոբ Ջուղայեցին ի ժամանակս կաթողիկոսութեան Փիլիպպոսի, սկսաւ շինութիւններով զբաղիլ (ԴԱՎ. 267), եւ թէ Գայիանէի եւ Հռիփսիմէի վանքերուն նորոգութիւնները Փիլիպպոսի բացակայութեան ատեն կատարուած են (ԴԱՎ. 253), կրնանք հետեւցնել թէ նոյն ինքն Յակոբ Ջուղայեցին, Փիլիպպոսի յաջորդը, անոր տեղակալն ալ եղաւ բացակայութեան միջոցին: Պէտք է եւս դիտել, թէ նախորդներու օրով այսպիսի պարագաներու մէջ, օծեալ աթոռակից մը կը դրուէր, ինչպէս ըրին Յովհաննէս Աջակիրը ( § 1513) եւ Ստեփանոս Սալմաստեցին ( § 1549). սակայն աթոռակցութեան սովորութիւնը Մովսէս Տաթեւացիէ միանգամ ընդ միշտ ջնջուած ըլլալով, Փիլիպպոս ալ զայն չուզեց վերանորոգել, եւ լոկ եպիսկոպոս տեղակալի յանձնեց Մայրաթոռոյն գործերը: Գրչագիր աւետարանի մը յիշատակարանը 1653 թուականին, ի կաթողիկոսութիւն տէր Անանիայի գրած ըլլալէն (ԹՈՐ. Բ. 340), որ եւ ճիշդ Փիլիպպոսի բացակայութեան թուականին կը համեմատի, հնար էր հետեւցնել, թէ այս անունով աթոռակից մը գտնուած ըլլայ Էջմիածինի մէջ. սակայն Դավրիժեցիին եւ ուրիշներուն այս անունով մէկ մը չյիշելնէն, եւ ուրիշ աթոռներու վրայ ալ այս անունով կաթողիկոս չգտնուելէն, պարզապէս շփոթութեան հետեւանք կը նկատենք Անանիա կաթողիկոսի մը յիշատակութիւնը: Առ առաւելն կաթողիկոսութեան բացակայութեան միջոցին տեղապահութեան վրայ կրնար մեկնուիլ. սակայն այն ալ չենք համարձակիր պնդել` միակ եւ շփոթ յիշատակութեան մը հիմնուելով:

1687. ՓԻԼԻՊՊՈՍ ՑԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

Փիլիպպոս Էջմիածինէ մեկնեցաւ բազում ամբոխիւ, վարդապետօք եւ եպիսկոպոսօք, եւ քահանայիւք եւ սպասաւորօք, որոնց միացան բազում վարդապետք եւ եպիսկոպոսք եւ իշխանք, ի քաղաքաց եւ ի գաւառաց (ԴԱՎ. 253), այնպէս որ քանի մը հարիւր ուխտաւորներու մեծ կարաւան մը կազմուեցաւ: Կոստանդնուպոլսոյ Հայկական ժողովուրդք` իմանալով Փիլիպպոսի ուղեւորութեան լուրը, փութացին մեծ եպարքոսին դիմել, եւ պարտուպատշաճ պաշտպանութեան եւ պատուասիրութեան միջոցները խնդրեցին իրենց կաթողիկոսին համար: Օսմանեան կառավարութիւնն ալ հաւանեցաւ տալ նոմոս թագաւորական կնքով, եւ նշանակել անոր մօտ թագաւորական ծառայ ի դրանէ թագաւորին, որպէսզի ցորչափ նա Օսմանեան հողին վրայ գտնուի, պարտուպատշաճ յարգանքն ու խնամքն ընծայուի տեղական իշխանութեանց կողմէն: Յատուկ պաշտօնեան արքունի հրովարտակին հետ հանդիպեցաւ Փիլիպպոսի Կարնոյ մէջ, եւ անկէ ետքը միշտ անոր ընկերացաւ շարունակ երկու տարի, մինչեւ որ հասոյց Փիլիպպոսը ի Սուրբ Էջմիածին, եւ Մահմատղուլի խան Երեւանի կուսակալէն առեալ թուղթ նշանի եւ ազատութեան` դարձաւ ի դուռն թագաւորին իւրոյ` ի Կոստանդնուպոլիս (ԴԱՎ. 254): Կարինէ Երուսաղէմ ցամաքային ուղեւորութեան մէջ, Փիլիպպոսի հանդիպած քաղաքները որոշակի յիշուած չեն, եւ ուղեւորութեան տեւողութիւնն ալ ցուցուած չէ, բայց նկատելով որ բոլոր գլխաւոր տեղեր պիտի փափաքէին կաթողիկոսին օրհնութիւնը վայելել, եւ կաթողիկոսն ալ պիտի ուզէր նորէն հանդիպիլ այն տեղեր, ուր նուիրակութեամբ գտնուած էր, պէտք է ենթադրել, թէ ոչ ուղիղ գիծով կրցաւ յառաջել, եւ ոչ ալ հասարակ կարաւանի ճամբով կրցաւ երթալ, որով հազիւ 1651 աշունին կրնար Փիլիպպոս Երուսաղէմ հասնիլ: Դաւիթ Եւդոկիացի երէց մը, որ 1651-ին կատարած ուղեւորութիւնը ճիշդ օրագրութեամբ կը պատմէ, նոյն տարւոյ նոյեմբեր 30-ին հասած է Հալէպ, եւ անդ տեսած է զհայրն հանուրց զսրբազան կաթողիկոսն, եւ անոր օրհնութիւնը առած, եւ այն օրեր հոգեւոր տէրն ի Սուրբ Երուսաղէմ է գացած (ՏԱՇ. 84): Ուրիշ յիշատակագիր մըն ալ կ՚ըսէ, թէ Հայոց 1101 թուին Փիլիպպոս եւ Ներսէս իրարու հանդիպեցան Բերիոյ մէջ, եւ գնացին ի հետ ի Սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ (ՏԱՇ. 442), եւ պէտք է դիտել որ 1101-ի ամանորը 1651 հոկտեմբեր 10-ին կ՚իյնար: Ըստ այսմ մեծ տօներուն մօտ Երուսաղէմ հասած կ՚ըլլան: Երուսաղէմի պատրիարք կը գտնուէր այդ միջոցին Աստուածատուր Տարօնեցի, Գրիգոր Պարոնտէրի աշակերտներէն ( § 1650), որ անոր յաջորդած էր 1645-ին (ԲԱՌ. 54), եւ իր նախորդին նման շինարար ձեռնարկներ կատարած, բայց եւ ծանր հակառակութիւններ կրած, ոչ միայն արտաքիններէն, այլ եւ ներքիններէն, մինչեւ իսկ զինքն պաշտօնանկ ընելու չափ 1649-ին (ԱՍՏ. Ա. 338), պատրիարքութեան բարձրացնելով Եղիազար Այնթապցին (ԲԱՌ. 55), այդ յախուռն ձգտումներու եւ անդադար յուզումներու մարդը, որուն գործերը մեզ երկար պիտի զբաղեցնեն: Բայց Աստուածատուր կրցաւ կառավարութեան ձեռքով նորէն իր աթոռը դառնալ 1650-ին (ԱՍՏ. Ա. 338), եւ ինքն էր պատրիարքական աթոռի վրայ, երբ միասին Երուսաղէմ հասան Փիլիպպոս եւ Ներսէս: Իրաւ, ինչպէս դիտել տուինք, աւելի մեծ եւ կարեւոր գործի նպատակով կու գար Փիլիպպոս Երուսաղէմ ( § 1586), բայց նա զանց չըրաւ տեղական գործերու ալ մտադրութիւն դարձնել, ներքին բարեկարգութիւններ հաստատել, եւ պիտանի շինութիւններ կատարել: Այս կարգին նշանաւոր են Ս. Յակոբեանց տաճարին յատակին սալարկը երանգ երանգ վիմօք, եւ աւագ խորանի բեմին բարձրացումը (ԴԱՎ. 254): Փիլիպպոս օտարներու կողմանէ ալ շատ պատուուեցաւ, Տաճիկ կուսակալը, Յոյներու պատրիարքը, ու Լատիններուն վանքին պետը, բազում սիրով եւ մեծաշուք փառօք ընդունէին եւ պատուէին զնա (ԴԱՎ. 254):

1688. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄԸ

Երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ տիրող գրգռութեանց ջնջուիլը, եւ կանոնաւոր յարաբերութիւններ հաստատելու ջանքը, որ վերջ պիտի տար շատ մը անտեղի միջադէպներու, եւ պիտի դադարեցնէր Սիմէոնի նամակին մէջ արտայայտուած զգացումները, ըսենք, կանխաւ բանակցութեանց նիւթ եղած եւ միայն որոշման մը պէտքը կը մնար: Այդ նպատակին պիտի ծառայէր Երուսաղէմի գումարումը. թէպէտ կատարեալ ծանօթութիւններ չունինք մանրամասնութեանց վրայ, ուստի հատուկտոր յիշատակներէ պէտք է քաղենք ինչ ինչ տեղեկութիւններ: Մարտիրոս Ղրիմեցիէ գրուած ոտանաւոր մը` ներկաներուն թիւն ու անունները կու տայ (ՂՐՄ. ): Փիլիպպոս կաթողիկոսի հետեւորդ վարդապետներէն կը յիշուին, Դաւիթ Շօշեցի, Բարսեղ Շօշեցի, Ներսէս Տաթեւացի, Առաքել Շոռոթեցի, Գաբրիէլ Երեւանեցի, Յոհան Երեւանեցի, Յովհաննէս Մուղնեցի Տիգրանակերտի առաջնորդ, Յովհան Արզնեցի, Մինաս Եւդոկիացի Գաղատիոյ առաջնորդ, Գրիգոր Վանեցի, Աւետիս Վանեցի, Խաչատուր Բաղիշեցի, Թորոս Կեսարացի, եւ Նիկողոս Կեսարացի: Ներսէս կաթողիկոսի հետեւորդներէն կը յիշուի միայն Խաչատուր վարդապետ Բերիոյ առաջնորդ: Թեմակալ եպիսկոպոսներէն կը յիշուին, Սահակ Վանայ, Մարկոս Սասնոյ, Յովհաննէս Ակնայ, Ստեփանոս Մոկաց, Միքայէլ Բաղիշոյ, եւ Պետրոս Սսոյ: Երուսաղէմի միաբաններէն Աստուածատուր պատրիարքէն զատ կը յիշուին, Խաչատուր Չնքուշեցի, Առաքել Բաբերդցի, Թորոս եպիսկոպոս եւ Ոնոփրիոս Լեհացի: Ժողովականաց ամբողջ թիւը եղած է 63, այսինքն 2 կաթողիկոս, 18 վարդապետ, 8 եպիսկոպոս, եւ 35 կրօնաւոր, որ է աբեղայ: Քահանաներ եղած են վաթսուն եւ այլ աւել, իսկ ժողովրդական ուխտաւորներ հազար կամ այլ աւել, որոնք կերպով մը անցած կը նկատուին ի թիւ ժողովին, իբր զի ընդհանուր ազգային հաւանութեամբ հաստատուեցաւ երկու աթոռներու հաշտութիւնը:

1689. ԳՈՒՄԱՐՄԱՆ ԳՈՐԾԵՐ

Երուսաղէմի մէջ տրուած որոշմանց եւ հաստատուած կանոններուն նկատմամբ, Դավրիժեցիէն ունինք միայն 13 կանոններու պարունակութիւնը, որ կ՚երեւի թէ բուն իսկ ստորագրեալ պատճէնը չեն, զի Դավրիժեցին ալ զորս համառօտիւ նշանակեցից նախաբանով յառաջ կը բերէ (ԴԱՎ. 255): Յիշեալ կանոններուն ժողովական ոյժ կրնայինք տալ, հիմնուելով Դավրիժեցիին ժողով գումարեալ բացատրութեան, բայց դժուար կը նկատենք ընդհանուր ազգային ժողովի հեղինակութիւնը տեսնել Երուսաղէմի գումարումին մէջ, քանի որ ընդհանուր հրաւէրով եւ ամէն կողմերէ հաւաքուած ժողով մը չէր կազմուածը, որուն մասնակցած են Փիլիպպոսի եւ Ներսէսի հետեւորդները եւ Երուսաղէմի վանքը գտնուողները: Իսկ քահանաներ եւ աշխարհականներ եղած են, պատահմամբ գտնուող ուխտաւորներուն գլխաւորները: Հետեւապէս աւելի քան բուն եւ ազգային ժողովական գործ, իբր երկու աթոռներու մէջ համաձայնութեան դաշնագիր մը իդէպ է նկատել յիշեալ 13 գլուխները: Այսու հանդերձ կը համաձայնինք այդ կանոններուն վրայ` պաշտօնական եւ կանոնական նշանակութիւն տեսնալ: Իբր զի այդ գլուխներուն գլխաւոր նպատակակէտը եղած է սէր եւ միաբանութիւն երկուց աթոռոց կաթողիկոսացն Էջմիածնի եւ Սսոյ (ԴԱՎ. 255), որպէսզի հնար ըլլայ առջեւն առնել այն անկարգութեանց եւ զեղծումներու, որոնք տիրած էին երկու աթոռներուն իրարու ձեռքէ իրաւունք եւ հասոյթ խլելու մրցումէն: Իսկ անկէ յառաջ եկած հակառակութենէն, կ՚օգտուէին անհատներն ալ իրենց ապօրինութիւնները գեղերեսելու համար: Այդ մասին աւելի մեղադրելի էր Սսոյ աթոռը, որ ինչպէս տեսանք Սիմէոնի նամակէն, Մայրաթոռի իրաւունքները եւ հեղինակութիւնը կ՚ուզէր ջնջել, եւ իրեն համար օգտակար պարագայ մը կ՚ըլլար Էջմիածինի աթոռին Պարսիկ տիրապետութեան ներքեւ գտնուիլը, եւ Պարսիկ տէրութեան Օսմանեանին հետ պատերազմի կամ թշնամութեան մէջ լինելը: Ասով Սիս կը քաջալերուէր Օսմանեան վիճակներու վրայ ոտնձգութիւններ ընել, եւ Օսմանցիները գովելու ցոյցերու դիմել, ինչպէս Սիմէոն ալ ըրած էր ( § 1685): Այդ զեղծումներուն դարման տանիլը Մովսէս ալ մտածած էր, բայց իրեն անհնար էր եղած երկու տէրութեանց թշնամութիւններուն շարունակելուն պատճառով, իսկ Փիլիպպոս ուզեց օգտուիլ 1639-ին հաստատուած երեսնամեայ խաղաղութենէն ( § 1680) եւ անով զօրացնել առաջին քայլը` զոր առած էր Թորոս Անկիւրացիին ձեռնադրութեան դէմ ելլելով ( § 1681): Իսկ անկէ ետքը պէտք եղած էր երկայնամտել, որպէսզի խոհական մէկ մը յաջորդէ յամառ եւ յախուռն Սիմէոնին:

1690. ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Երուսաղէմի մէջ երկու կողմերու հաւանութեամբ հաստատուած 13 գլուխներու ամփոփումը հետեւեալն է, զոր կը քաղենք Դավրիժեցիէն (ԴԱՎ. 255-256): 1. Իւրաքանչիւր կաթողիկոսական աթոռ իր վիճակայինը եպիսկոպոս ձեռնադրէ իր վիճակներուն համար: Եթէ իր վիճակային չեղողը ձեռնադրէ, իր վիճակին մէջ տեղաւորէ եւ մէկուն ձեռնադրածը միւս աթոռին մէջ անընդունելի լիցի: Այս կանոնն է որին զօրութեամբ Կիլիկիա ձեռնադրուած եպիսկոպոսները Էջմիածինի վիճակներուն մէջ վարչական պաշտօնի չեն կոչուիր, բայց եթէ Էջմիածինի աթոռին պաշտօնապէս միաբանելով: 2. Մէկ աթոռէն ձեռնադրուածը, միւս աթոռին դիմել մի համարձակեսցի: 3. Առանց ժողովուրդի խնդրանքին եւ առանց վկայականի մի ձեռնադրեսցի ոք յեպիսկոպոսութիւն: 4. Որեւէ պատճառով եպիսկոպոս մը ուրիշ եպիսկոպոսի վիճակը մի յիշատակեսցէ: 5. Մէկ վիճակի վրայ երկու եպիսկոպոս կամ երկու առաջնորդ չըլլայ, բայց թէ կարի մեծ ինչ պատճառ ի մէջ գայցէ: Ըստ այսմ թեմակալի մը կենդանութեան ուրիշ թեմակալ պիտի չձեռնադրուի, բայց եթէ առաջինը հեռանայ, կամ ծանր պատճառով մը հեռացուի: 6. Եպիսկոպոսներ իրենց վիճակային չեղողը չձեռնադրեն, եւ եթէ համարձակին, լուծցին ինքն եւ իւր ձեռնադրեալն, որ է ըսել եպիսկոպոսը թեմակալութենէն զրկուի, եւ ձեռնադրուած քահանային չկարենայ քահանայութիւն ընել: Այդ գլուխը այնպէս պէտք է իմանալ, որ եպիսկոպոսը ուրիշ վիճակի համար քահանայ չձեռնադրէ, եւ եթէ ոչ վիճակայինը ձեռնադրէ` իր վիճակին մէջ տեղաւորէ: 7. Եպիսկոպոս մը որ առանց իր կաթողիկոսին հրամանին, կաշառօք եւ այլազգեաց բռնութեամբ վիճակի մը տիրանայ, լուծեցի ի կարգէն: 8. Մեծ վարդապետը ուրիշի իշխանութիւն վարդապետութեան չտայ, եթէ նուիրեալը չըլլայ կատարեալ ուսմամբ եւ առաքինութեամբ եւ հասակաւ եւ աստուածային երկիւղիւ. եւ վկայեալ յամենեցունց: Յայտնի է թէ վարդապետութիւն տալու իշխանութիւնը օրինօք մեծ վարդապետներուն էր, եւ ոչ եպիսկոպոսներուն, զի ուսումնական աստիճան էր եւ ոչ եկեղեցական ձեռնադրութիւն: Այժմեան սովորութեամբ կը պահանջուի որ տուողը եպիսկոպոս եւ ծայրագոյն վարդապետ ըլլայ միանգամայն: Իսկ ընծայեալին համար դիտելի են չորս պայմանները, ուսումն, առաքինութիւն, տարիք, եւ օրինաւոր վկայութիւն: 9. Քահանաներ եւ ուրիշ ժառանգաւորներ, այսինքն սարկաւագներ եւ դպիրներ, իրենց եպիսկոպոսէն ձեռնադրուին, իրենց ժողովրդեան հաւանութեամբ, իսկ եթէ այսպէս չըլլայ, կարգալոյծ ըլլան: 10. Եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, զիրաւունս եւ հասոյթս որ ի ժողովրդենէն` գանձեն ըստ հրամանի հայրապետական կանոնաց, որով վերջ գտնեն տրտունջ եւ տժգոհութիւն, որոնք յոլով եւ հանապազ կը լսուին: 11. Քահանաներ ալ իրենց մեջ, իրարու զծուխն եւ զհասոյթն չյափշտակեն, ոչ այլազգեաց բռնութեամբ եւ կեղծաւոր բարեձեւութեամբ, հակառակ պարագային յափշտակողը լուծցի ի կարգէն: 12. Ամուսնութեանց առթիւ, նշան տալու ատենէն զգուշանան, առանց բազում քննութեան չձեռնարկեն, եւ ոչ ալ կատարեն առանց գիտելոյ առաջնորդին, այլ քահանաներ բազում աւուրս, այսինքն քանի մը անգամ ի մէջ եկեղեցւոյն ծանուսցեն առ հասարակ ամենեցուն, որպէս զի եթէ ազգացեղութեան պարագայ մը կայ, գիտցողը յայտնէ, եւ եթէ ոչ գացի ազգացեղութիւն ի մէջ նոցա, այն ատեն նշանադրութիւնը կատարեն կանայք կամ ժողովրդականք կամ երիցունք: Այդ վերջին կտորը կը ցուցնէ, թէ պէտք չէ նոյնիսկ ընտանեկան խօսքկապ կատարել առանց բազում քննութեան եւ առանց գիտելոյ առաջնորդին, որպէսզի ետքը աւելորդ դժուարութիւններ չծագին: 13. Այրի քահանաներ, եթէ իցէն պարկեշտք եւ ծերք, եւ կամ ունիցին մանկունս սնուցանելոյ, քահանայական պաշտօննին շարունակեն, թէ ոչ` գնասցէն ի վանս եւ յանապատս, եւ եթէ չեն երթար` ի ժառանգութենէ եւ ի կարգէ հրաժարին: Որով կը հաստատուի թէ քահանաներու կրկին ամուսնութեան համար` անհրաժեշտ է կարգէն հրաժարելու պայմանը, եւ ներելի չէ կրկին ամուսնանալ եւ եկեղեցական մնալ:

1691. ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

Յիշուած կանոններուն մեծ մասը եւ գլխաւորները նպատակ ունին երկու աթոռներու միջեւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանց մասին եղած խնդիրները լուծել: Մնացեալներն ալ երկրորդաբար նոյն խնդիրներուն հետ կապ ունին` քահանաներու եւ ամուսնութեանց ձեւերը ճշդելով: Կանոնները պարզ են արդէն եւ ինչ ինչ բացատրութիւններ ալ արդէն տուինք, բայց երկու դիտողութիւններ եւս պիտի աւելցնենք: Առաջինն է, որ բաղձալի էր երկու աթոռներուն սեփական վիճակներուն վրայ որոշ տեղեկութիւններ տրուած տեսնալ: Այս մասին փոքրիշատէ գաղափար մը կրնայ կազմուիլ այն վիճակներու յիշատակութեամբ, զոր քաղեցինք Սիմէոնի նամակէն ( § 1683), թէպէտ գիտենք, թէ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են զանազան ատեններ: Ըստ այսմ Սեբաստիայի երբեմն Կիլիկիոյ թեմ եղած ըլլալուն զրոյցը` կը ստուի Սիմէոնի յառաջ բերած վիճակներու անուններէն, որոնց մեջ Սեբաստիան որոշակի իբր Էջմիածինի վիճակ յիշուած է ( § 1683): Միւս դիտողութիւննիս է, որ եղած կարգադրութիւններն այնպէս իմն կարծել կու տան, թէ երկու աթոռներ մէկ գիծի վրայ ըլլան, որոնք իբր հաւասար հաւասարի հետ կը պայմանաւորուին, եւ Մայրաթոռին գլխաւորութեան մասին ակնարկ մը չ՚ըլլար: Այդ կէտը Աբէլ Մխիթարեանի ալ աչքին զարկած ըլլալով, կը կարծէ թէ Փիլիպպոս պարտաւորեցաւ զիջանիլ իբր ի դաշնակցութիւն ընդ Սսոյն, կամ թէ Փիլիպպոս անճարացեալ յանձն առեալ է այդ պայմանները, գլխաւորապէս վախնալով Սսոյ մէջ տիրող լատինասէր ուղղութենէն (ԱԲԼ. 146): Իսկ մենք կը կարծենք թէ ոչ զիջողութեան եւ ոչ անճարացեալ յանձնառութեան, այլ լոկ խոհական լռութեան եղանակը գործածած է Փիլիպպոս: Այնչափ մեծ էին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանց, եւ քահանայական իրաւանց, եւ ամուսնական զեղծման մասին տեղի ունեցած անկարգութիւնները, որ պէտք չէր գործը կնճռոտել, նուիրապետական իրաւասութեան խնդիր մըն ալ բարդելով: Միւս կողմէն այդ կէտը այնչափ յայտնի է իր իսկութեան մէջ, որ գլխաւոր հայրապետութիւնը հնար չէր երկուքի վերածել, առանց Հայոց եկեղեցին ալ կիսելու, իսկ Էջմիածինի աթոռին գլխաւորութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետական իրաւունքը ճանչցուած էր բոլոր հայութենէն: Դավրիժեցին զանց չ՚ըներ այդ բարձր իրաւասութիւնը շեշտել, երբոր կը գրէ թէ Փիլիպպոս ինքն կազմեց այդ կանոնները, եւ քարոզեաց յամենայն աւուր առաջի ամենեցուն (ԴԱՎ. 256), եւ թէ ամէնքը` եկեղեցականք եւ աշխարհականք, Ներսէս կաթողիկոսը եւ Աստուածատուր պատրիարքը միասին, միաբանութեամբ խոնարհեցան ի հրամանս հայրապետին Փիլիպպոսի (ԴԱՎ. 255), եւ ձեռնագրեցին եւ կնքեցին, եւ կամակար յօժարութեամբ առին զօրինակն, եւ տարան յաշխարհն իւրեանց (ԴԱՎ. 257): Երուսաղէմի գումարման եւ կանոններուն որոշ թուականը յիշուած չէ, միայն ըսուած է թէ Փիլիպպոս եկաց յԵրուսաղէմ ամիսս չորս (ԴԱՎ. 254), եւ այս հաշուով 1652 տարւոյն մեծպահքին մէջ լրացած կ՚ըլլայ այդ մեծ գործը, այն է, սէր եւ միաբանութիւն երկուց աթոռոց (ԴԱՎ. 255): Ժողովին տեղւոյն մասին, թէեւ Ղրիմեցիի ոտանաւորին մէջ կը կարդանք, թէ ի Սուրբ Ծննդեան յանբանից այրին, մեծ փափաքանօք անդր գումարին, սակայն դժուար է այդ խօսքը ժողովատեղիին վրայ իմանալ, եւ յարմարագոյն է Ս. Յակոբեանց Մայրավանքին մէջ գումարուած ըսել. Փիլիպպոս հազիւ կրցած կ՚ըլլայ Զատիկէ ետքը, որ ապրիլ 18-ին կը հանդիպէր, Երուսաղէմէ մեկնիլ եւ Կ. Պոլիս գալ: Անցողակի յիշենք թէ Ղրիմեցիին ոտանաւորին մէջ Հայոց 1101 թուականը, Քրիստոսի 1654 տարւոյն համեմատուած է, որ Անեցիին եւ այլոց ոմանց յատուկ տոմարական սխալ մըն է երկու տոմարներու 553 տարի տարբերութիւն դնել, եւ պէտք է պինդ բռնենք 1652 տարին` իբր Երուսաղէմի ժողովին թուական, զի 1654-ին Փիլիպպոս արդէն Էջմիածին դարձած էր:

1692. ԴԱՒԻԹ ԱՐԵՒԵԼՑԻ

Փիլիպպոս ուրիշ մեծ գործ մըն ալ միտքը դրած էր Էջմիածինէ մեկնելուն առթիւ, այսինքն է Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան մէջ տիրող շփոթութիւնները եւ խռովութիւնները վերջացնել, եւ այս պատճառով հազիւ թէ Երուսաղէմի մէջ Կիլիկիոյ խնդիրը աւարտեց, եմուտ ի նաւ եւ ծովով գնաց ի Կոստանդնուպոլիս (ԴԱՎ. 257): Բայց մենք պէտք է ետ դառնանք Կոստանդնուպոլսոյ անցուդարձը պատմելու, զոր պահ մը աչքէ վրիպեցուցինք, Կեսարացի Գրիգորի մահէն, այսինքն 1636-էն ի վեր ( § 1672) այնտեղի գործերուն ինքնիր մէջ ձեւ մը առած ըլլալուն պատճառով: Կեսարացիին յաջորդած էր Զաքարիա Վանեցին, երեք զօրաւոր մրցակիցներուն վերջինը, որ ինքն ալ կրցաւ իր պատրիարքութիւնը վարել մինչեւ իր կեանքին վերջը 1639-ին (11. ԱՄՍ. 76), ինչչափ ալ սխալմամբ 1617 տարին կարդացուի Իւսկիւտարի գերեզմաննոցին մէջ` իր տապանագիրին վրայ, որ դար մը ետքը դրուած կամ գրուած է, եւ Զաքարիայի իր կենդանութեան նուիրած խաչին թուականը` շփոթուած է մահուան թուականին հետ (11. ԱՄՍ. 78): Զաքարիայի վերջին պատրիարքութեան միջոցն ալ առանց նշանաւոր եղելութեան անցած է: Թէպէտ Զաքարիայով վերջացաւ երկարատեւ պայքարի մը շրջանը, սակայն Կ. Պոլիս հանդարտութիւն չգտաւ, վասնզի Հռոմի կողմէն աւելի սաստիկ կերպով գրգռուեցան արեւելեան հնաւանդ քրիստոնէութեան ձուլելու ճիգերը: Այդ նպատակին աւելի հետամուտ եղողն էր Ուրբանոս Ը. պապը, որ 1626-ին Պետրոս Աւիտաբոլ (Pietro Avitabole) թէաթինեան կրօնաւորին գլխաւորութեամբ, քարոզիչներ յղած էր Կովկասի երկիրները (ԿԱԼ. 120), Վրաց եւ սահմանակից Հայոց մէջ հռոմէականութիւն տարածելու պաշտօնով: Անոր գործակից յղուեցաւ 1636-ին Կղեմէս Կլանոս Սորենտացի (Clemente Galano da Sorrento) (ԿԱԼ. 173), ուրիշ Թէաթինեան կրօնաւոր մը, որ հազիւ տարիէ մը 1637-ին հասէր էր իր տեղը (ԿԱԼ. 175), եւ երեք տարիի չափ այն կողմերը մնալէ եւ հայերէն սորվելու աշխատելէն ետքը 1640-ին հրաման ստացաւ Կոստանդնուպոլիս անցնիլ, իբր միակ քարոզիչ Հայոց ազգին, ինչպէս ինքն կը գրէ (ԿԱԼ. 179): Կ. Պոլսոյ մէջ Զաքարիայի մահուանէ ետքը պատրիարքութեան ընտրուած էր Դաւիթ Արեւելցի, նուիրակ Էջմիածինի եւ հայադաւանութեան ջերմ պաշտպան, Կեսարացի Գրիգորի ուղղութեան հետեւող: Սակայն չէր վերջացած լատինասէրներու խմբակը` Խուլին հետեւողներուն մնացորդներով կազմուած, որոնք իրենց նպատակին աշխատելէ չէին դադարած, այն է նախապէս պատրիարքութեան տիրանալ, որ յետոյ իրենց միտքը կարենան իրականացնել: Իսկ պատրիարքութեան տիրանալու միջոցներն էին, պետական անձերը շահելու կերպեր եւ առատաբար կաշառքներ: Պետական պաշտօնեաներէն ալ իւրաքանչիւրը` ունէր իր Հայազգի սեղանաւորը, իբրեւ գանձող եւ իբրեւ միջնորդ եւ պաշտօնէից փոփոխութեամբ շատ դիւրին կ՚ըլլար պատրիարք ալ փոփոխել: Ըստ այսմ Դաւիթ Արեւելցիի հակակիրներուն դժուար չեղաւ, օր մը զայն գահընկէց ընել, եւ իրենց մտերիմներէն Կիրակոս Երեւանեցին պատրիարքութեան բարձրացնել 1641-ին (ՉԱՄ. Գ. 622): Անոր օրով Կալանոս Կ. Պոլիս կը հասնի (ԿԱԼ. 179):

1693. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵՐԵՒԱՆԵՑԻ

Կալանոս երկու միջոցներ գործածեց Հայերուն մօտ ընդունելութիւն գտնելու եւ տակաւ անոնք շահելու համար, գործակցութեամբ այն խմբակին, որուն լատինասէր ուղղութիւնը արդէն ծանօթ էր: Ղալաթիա թաղին մէջ, եւ կաթոլիկութեան ջերմ պաշտպան` Տըլահէյ (Jean de la Haye) գաղղիական դեսպանին հովանաւորութեամբ, ուսուցչութեան սկսաւ լեզուական եւ գիտական նիւթերու, եւ իր հայախօսութիւնը մեծապէս կը նպաստէր Հայ աշակերտներ շատցնելու իր շուրջը, քանի որ Հայերն ալ եւրոպական ուսմանց ծարաւի էին եւ կարօտը կը քաշէին: Միւս միջոցն եղաւ իր քիչուշատ բժշկական հմտութիւնը, որով դեղեր կը պատրաստէր, եւ հիւանդներ կը մատակարարէր բաւական յաջողութեամբ: Կալանոսի աշակերտողներուն մէջ Հայեր ալ կային, եւ յանուանէ կը յիշուին Խաչատուր Սեբաստացի, Թովմաս Բերիացի եւ Պօղոս Տիվրիկցի վարդապետներ, որոնց Կալանոս գիտութեանց կերպարաննին ներքեւ հռոմէադաւան թելադրութիւններ ալ կ՚ընէր եւ սկոլաստիկեան արուեստակեալ ձեւերով դաւանական կէտեր կը բացատրէր` Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան հակառակ: Կալանոսի աշակերտներուն միջոցով Կիրակոս ալ Կալանոսով կը հետաքրքրուէր, յարաբերութեան ալ կը մտնէր, դաւանական կէտերու մասին կարծիքներ կը հարցնէր, բայց միշտ գրաւոր կերպով, երես առ երես տեսութենէ զգուշանալով, կասկածելի չըլլալու համար: Այդ յարաբերութեանց յատուկ միջնորդն էր Յովհաննէս վարդապետ մը, որ Հռոմի մէջ ուսմունքը լրացնելէն ետքը Արեւելք ղրկուած էր: Կալանոս կը գրէ թէ Կիրակոս այնչափ հիացած էր իր հմտութեանը վրայ, որ զինքն Նոր Աթանաս մը եւ Նոր Կիւրեղ մը կ՚անուանէր, եւ Հայերը կը քաջալերէր իրեն մօտ աշակերտիլ եւ զարգանալ (ԿԱԼ. 179): Կիրակոս Կալանոսի հետ տեսակցելու բուռն տենչը գոհացնելու համար, օգտուեցաւ Ասիակողման վիճակներու այցելութեան ելլելու առիթէն, եւ երբ Իւսկիւտար անցաւ, իբր թէ հիւանդացաւ, եւ լատին կրօնաւոր բժիշկը դարմանի համար բերել տուաւ: Այն տեղ Կալանոսի լաւ անդունելութիւն կ՚ընէ եւ գիշերելու կը պահէ, եւ երբ, կը գրէ Կալանոս, պատրիարքին մարդիկը արբեցութեամբ կը քնանային, մենք իրարու հետ, իր հօրը եւ եղբօրը ներկայութեամբ, հաւատքի խնդիրներով կը զբաղուէինք (ԿԱԼ. 179): Միեւնոյն գիշեր հաւատոյ դաւանութեան գիր մը կը պատրաստէ Կալանոս, զոր Կիրակոս կը ստորագրէ, գիր մըն ալ Գաղղիոյ դեսպանին որ գիրը պապին հասցնէ եւ իր կողմէն ալ միջնորդէ, այն խոստմամբ, որ երբ պատեհը գտնէ բոլոր ազգը հռոմէադաւանութեան առաջնորդէ: Այդ նպատակով Կիրակոս պապէն կը խնդրէր ալ որ Կալանոսը Կ. Պոլիս թողու եւ պէտք եղած միջոցները շնորհէ: Այդ օրուան գրութեան թուականն է 1641 նոյեմբեր 5 (ԱԶԱ. 125), իսկ Փրոբականտայի գահերէցին կողմէն Կիրակոսին ուղղուած պատասխանը (ԿԱԼ. 180), եւ Կալանոսի ուղղուած հրամանագիրը (ԿԱԼ. 128) 1742 մայիս 21-31 թուականը կը կրեն: Կիրակոս Երեւանեցիին այդ գիրը հռոմէադաւաններու կողմէն մեծ փաստ մը կը սեպուի իրենց ուղղութեան (ԱԶԱ. 123): Սակայն պատրիարք մը, որ իր ժողովէն եւ ժողովուրդէն ծածուկ, գիշերուան խաւարի մէջ, օտարադաւանի մը թելադրանքին վրայ, գաղտնի գիր մը ստորագրէ, աւելի իր կոչումը խարդաւանողի եւ իր պաշտօնը մատնողի կերպարանն ունի, քանի որ գաղտնի գրածը յայտնի չի դաւանիր, եւ գերածին հակառակ ուղղութեամբ պաշտօնը կը շարունակէ:

1694. ԿԱԼԱՆՈՍԻ ՋԱՆՔԵՐԸ

Կիրակոս Կալանոսէ խնդրած էր, որ Ղալաթիայէ Ստամպոլի կողմը անցնի, այնտեղ հոծ Հայութեան մէջ իր ուսուցչութիւնը շարունակելու: Այս առաջարկը Կալանոսը խրտչեցուցած էր, զի Լատին կրօնաւորներ մինչեւ այն ատեն Կ. Պոլսոյ կողմ անցած չեն եղեր: Ուստի խորհրդակցելով Յովհաննէս Ուռհայեցի` Տիարպէքիրի արքեպիսկոպոսին հետ, զոր Կիրակոս տեղակալ էր թողած, կ՚որոշէ աչքի չզարնելու համար, իր տարազն ալ փոխել, եւ Հայ վարդապետի պէս զգեստաւորուիլ, որ սեւ ու սրածայր կնգուղէն զատ` առջի հագուստէս շատ չէր տարբերեր, կ՚ըսէ ինքն (ԿԱԼ. 180), եւ ոչ թէ զգեցաւ զձեւ Հայոց վարդապետի` բաց ի կնգղոյն (ՉԱՄ. Գ. 623): Ըստ այսմ Կալանոս 1642-ին սկիզբները կը հաստատուի Ստամպոլի կողմը պատրիարքարանի մէջ, ուր ազատաբար եւ բազմաթիւ աշակերտներ հաւաքեց իր շուրջը, միշտ լեզուական եւ գիտական ուսմանց անունով, իսկ գաղտնի` դաւանական ներշնչումներով: Պատրիարքարանի տեղւոյն համար ընդհանուր կարծիքն էր թէ ճիշդ 1641-ին, Կիրակոսի պատրիարքութեան սկիզբը, պատրիարքարանը Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիէն Գումքաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին փոխադրուած ըլլայ (01. ՕՐԱ. 94): Իսկ Սամաթիոյ եկեղեցիէն առաջ շատ հաւանական է որ Յովակիմ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչը նստած ըլլայ, վասնզի այն ատեն Հայերը ուրիշ սեփական եկեղեցի չունէին, եւ Ղալաթիա ալ մինչեւ վերջը առանձնաշնորհեալ եւ նախապատիւ դիրք մը կը պահէր: Գումքաբուի եկեղեցւոյն շինութիւնը աւելի կանուխ տեղի ունեցած էր 1610-ին, Յովհաննէս Խուլին պատրիարքութեան օրով ( § 1597), եւ հաւանականագոյն կը կարծենք, պատրիարքարանի տեղափոխութեան թուականը 1641-էն առաջ տանիլ: Միւս կողմէ յայտնի ըլլալով Խուլին եւ Կիրակոսի միեւնոյն կուսակցութեան կամ ուղղութեան պատկանիլը, անտեղի չէր ըլլալ հետեւցնել, թէ ասոնց միտումն եղած է իրենց յարմար նոր կեդրոն մը կազմել, առջի կեդրոնին իրենց ուղղութեան համամիտ չըլլալուն պատճառով: Ըստ այսմ 1610-է 1641 պատրիարքարանի կեդրոնը ընդհանրաբար յետ եւ յառաջ տեղափոխուած կ՚ըլլայ, մինչեւ որ վերջնականապէս նոր կեդրոնին մէջ կը հաստատուի: Ամէն առթի մէջ Կալանոս լատին կրօնաւորին Հայ վարդապետի տարազով լատինականութիւն ներշնչելը` ընդհանուր տժգոհութիւն գրգռեց Հայոց մէջ, եւ Կալանոսի կացութիւնը դժուարացուց, ինչչափ ալ տեղակալ Ուռհայեցին զինքը կը հովանաւորէր, եւ Կալանոսի երեք հաւատարիմները` Խաչատուր եւ Թովմաս եւ Պօղոս ( § 1693), կը պնդէին թէ Կալանոսի պաշտօնն է գիտութիւններ եւ մակածութիւններ սորվեցնել մահմետական կրօնքին դէմ, եւ Հայոց քրիստոնէութեան պաշտպանութիւն ընել (ԿԱԼ. 180): Երբ ինքն Կալանոս ալ այն կողմէ քաշուիլ կը մտածէր, ժանտախտէ կը բռնուի եւ Ղալաթիոյ կողմը Լատինաց հիւանդանոցը կը փոխադրուի, որպէս զի կ՚ըսէ, իմիններէս հեռու առանց իմ եկեղեցւոյ խորհուրդներուն չմեռնէի: Սակայն 15 օրէն կը բժշկուի, եւ հիւանդութեան պարագայն գրգռութիւնները չիջեջուցած ըլլալուն, նորէն պատրիարքարանի կողմը կը դառնայ: Այսպէս կ՚անցնի 1642 տարին, մինչեւ որ Կիրակոս տարւոյ մը շրջագայութենէ ետքը Կ. Պոլիս կը դառնայ, եւ հազիւ թէ վերադարձին համար խնդակցութիւններ կ՚ընդունի, ժանտախտէ կը բռնուի եւ երեք օրէն կը մեռնի, տակաւին 40 տարեկան (ԿԱԼ. 181), եւ կը թաղուի Պալըքլըի գերեզմանատունը (ՉԷԼ. 51): Ամսաթիւը որոշ չենք գտներ, բայց 1642 սեպտեմբերին կը հաշուենք: Քարոզ մը միայն կը յիշուի իրմէ գրուած, բայց ձեռագիր եւ անծանօթ մնացած է (ՏԱՇ. 840), որով չենք կրնար գնահատում մը կազմել:

1695. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ

Երբ Կալանոս եւ իրեններ տխուր էին Կիրակոսի մահուան վրայ, կը մխիթարուին Խաչատուր Սեբաստացիին, նոյնիսկ Կալանոսի աշակերտին` պատրիարքութեան ընտրուելովը, որով լատինասէրներու երկդիմի ընթացքը, կը յաջողի շարունակել: Գաղղիոյ դեսպանն ալ յատուկ պատգամաւորով իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ, որուն շնորհակալութիւն կը փոխարինէ Խաչատուր` իր որդւոյն ձեռքով, իբր զի այրիութենէ ետքը ձեռնադրուած է եղեր (ԿԱԼ. 180): Խաչատուրի տրամադրութիւնները յայտնի ըլլալուն, Հռոմ ալ կը փութայ Փրօբականտայի գահերէցին ձեռքով 1642 նոյեմբեր 26-6 դեկտեմբեր թուականով գիր մըն ալ կ՚ուղղուի Յովհաննէս Ուռհայեցիին տեղապահութեան ատենը, որ օգոստոսի մէջ պատրաստականութեան յայտարարութիւն գրած է եղեր Հռոմ: Երկու նամակներն ալ յատուկ յանձնարարութիւններ կը պարունակեն, որպէս զի ճշդիւ գործադրեն, ինչ որ հայր Կղեմէս Կալանոս Հռոմէ ստացած հրահանգին համեմատ իրենց պիտի առաջարկէ (ԿԱԼ. 181): Այդ Խաչատուր Սեբաստացին է որ ուրիշներէն Գաղատացի կը կոչուի, եւ Մինտէրճի մականունով ճանչցուած է, եւ որ 16 տարի ետքը Կիլիկիոյ կաթողիկոս ալ եղաւ: Խաչատուրի պատրիարքութեամբ լատինասէրներուն զգացած ուրախութիւնը շատ կարճատեւ եղաւ, վասնզի Հռոմի նամակները դեռ Կ. Պոլիս չհասած, Դաւիթ Արեւելցին հապճեպ շտապով հասաւ Հալէպ, ուր վտարուած էր Կիրակոսի օրով, պէտք եղած միջոցները գործածեց եւ պատշաճ վճարումներն ալ ըրաւ, եւ կրցաւ Խաչատուրը գահընկէց ընելով, նորէն գրաւել պատրիարքական աթոռը, ուսկից իբր տարիուկէս առաջ հեռացուած էր: Դաւիթի պատրիարք ըլլալը` գործերուն ուղղութեան փոփոխութիւնն էր: Հազիւ թէ նա պատրիարքարան կը մտնէ, Ուռհայեցին ու Կալանոս մասնաւոր սենեակներ կը քաշուին, Յովհաննէս Ուռհայեցին յանկարծամահ կը վախճանի (ԿԱԼ. 181), եւ Պալըքլը կը թաղուի (ՉԷԼ. 51), եւ Կալանոս` լատինասէրներուն խումբէն Իսկէնտէր Չէլէպիի տունը կը քաշուի Թովմաս Բէրիացիի հետ, որ Իսկէնտէրի պաշտպանեալն էր: Բայց Դաւիթ լսելով` զիրենք հանդարտ չի թողուր, եւ Կալանոս Գումքաբուի կողմը թողլով նորէն Ղալաթիա կը դառնայ իրեն հետեւորդներուն հետ, լատիններուն եւ դեսպանատան մօտ, եւ անշուշտ Հայ վարդապետի տարազն ալ կը թողու: Այդ պարագային գրած է Թովմաս հռոմէադաւանութեան յայտարարութիւն մը, եւ զայն Հռոմ յղած, որ 1643 փետրուար 12 թուականով գրուած է (ԿԱԼ. 183), եւ ըստ այսմ Խաչատուրի պատրիարքութեան տեւողութիւնը հազիւ քանի մը ամիս եղած կ՚ըլլայ: Հռոմէ Խաչատուրի եւ Յովհաննէսի ուղղուած գիրերուն անհետեւանք մնալուն վրայ, նոր յանձնարարութիւն մը կը գրուի Թովմասի 1643 յունիս 3-13 թուականով, որպէսզի հռոմէադաւանութեան համար աշխատի (ԿԱԼ. 183), հարկաւ ծածուկ հնարքով, զի Թովմաս պաշտօնապէս իր յարաբերութիւնը չէր խզած հայադաւան եկեղեցիէն, եւ լատինասէրներուն ջանքն էր հետզհետէ զօրանալով Հայ պատրիարքութեան տիրապետել, եւ անկէ ետքը նպատակնին գործադրել:

1696. ԿԱԼԱՆՈՍԻ ՀԵՌԱՆԱԼԸ

Խաչատուր պահ մը Կ. Պոլսէ հեռանալէ ետքը, նորէն գաղտնապէս ետ եկած էր, Կալանոսի մօտ ապաւինած, ուր այս երկուքը եւ Թովմաս Բերիացին ու Պօղոս Տիվրիկցին ալ անոնց հետ, խորհրդակցութեան կը պարապէին, եւ միջոցներ կը պատրաստէին Դաւիթը պատրիարքութենէ գահընկէց ընելու: Դաւիթ լուր առաւ անոնց ըրածին վրայ, եւ որովհետեւ քանի մը Հայ եկեղեցականներուն լատին կրօնաւորի մը հետ գաղտնի խորհուրդի մէջ գտնուիլը` շատ զօրաւոր ամբաստանութիւն էր կառավարութեան աչքին, ուստի պետական պաշտօնէից ձեռքով տունը պաշարել տուաւ` չորսն ալ ձերբակալել տալու համար, բայց Խաչատուր ու Թովմաս ու Պօղոս կրցան խոյս տալ ատենին, եւ Կալանոս միայն ձերբակալուեցաւ: Գաղղիոյ դեսպանը լուր առնելով, փութացուց իր պաշտօնեաները, որոնք կաշառքով գոհացուցին Տաճիկ պաշտօնեաները աչուընին գոցել կամ ուրիշ կողմ դարձնել, որպէսզի Կալանոս կարենայ փախչիլ, եւ դեսպանն ալ համոզուեցաւ որ Կալանոսի դիրքը հիմնապէս խախտուած է Կ. Պոլսոյ մէջ, եւ պիտի չկարենայ օգտակար ըլլալ ոչ Հռոմի կրօնական ազդեցութեան եւ ոչ Եւրոպիոյ քաղաքական ազդեցութեան, ուստի Գաղղիոյ ու Վենետիկի դեսպանները համաձայնութեամբ զինքն նաւ դրին ու Հռոմ դարձուցին, ուր հասաւ երկամսեայ նաւագնացութեամբ, Զմիւռնիա հանդիպելէ եւ Լիվօռնօ (Livorno) ցամաք ելլելէ ետքը: Իրեն հետ նոյն նաւով Եւրոպա եկած են, Յովհաննէս` Կիրակոս պատրիարքի հայրը, Զաքարիա դպիր, եւ ուրիշ երեք Հայեր (ԿԱԼ. 184): Կալանոս իր ուղեւորութեան թուականները չի յիշեր. սակայն 1643-ին աշնան ատեններուն պէտք կ՚ըլլայ հաշուել Իտալիա հասնիլը: Կալանոսի մեկնելէն ետքը այլեւս Խաչատուր Սեբաստացիի անունը չի յիշուիր Կ. Պոլսոյ անցուդարձին մէջ, եւ կ՚երեւի թէ գործէ քաշուած է: Իսկ Թովմաս Բերիացի Հռոմէ ստացած յանձնարարութեան հպատակելու եռանդով` աշխատեցաւ իր կուսակցութեան հետ Դաւիթի դէմ պայքարը շարունակել, եւ մեծամեծ խոստումներով յաջողեցաւ գահընկէց ընել տալ, եւ ինքն պատրիարք հռչակուիլ, սակայն աթոռին ստացութեան չկրցաւ մտնել, չկարենալով խոստացած գումարները վճարել, զոր իրեններն ալ չկրցան կամ չուզեցին հանգանակել: Անոր համար լռելեայն Կ. Պոլիսէ մեկնեցաւ եւ Հռոմ գնաց, յուսալով այն տեղէն նիւթական օգնութիւններ ալ գտնել, եւ անով յաջողիլ: Թովմասի մեկնելուն առթիւ ուրիշ Հայեր ալ Հռոմ մեկնած են, եւ ասոնց մէջ կը յիշուին, Կարապետ` Կիրակոս պատրիարքի եղբայրը, եւ Յովհաննէս վարդապետ` զոր յիշեցինք իբր Կալանոսի եւ Կիրակոսի միջնորդ ( § 1693): Թովմասի անուանական պատրիարքութիւնը կը հաշուուի 1644 տարւոյ մէջ: Կալանոս մնացած է Հռոմ, իբրեւ ուսուցիչ Հայերու եւ Արեւելցիներու, որոնք գտած ընդունելութենէն քաջալերուած կը յաճախէին Հռոմ երթալ, եւ դաւանական յայտարարութեամբ մը դիւրութիւններ եւ պաշտպանութիւններ կը վայելէին (ԿԱԼ. 184): Կալանոս աշխատած է գրական երկասիրութիւններ ալ պատրաստել հայերէն եւ լատիներէն լեզուներով, Հայոց լեզուին եւ պատմութեան եւ վարդապետութեանց մասին, որոնց գլխաւորն է, Միաբանութիւն Հայոց սուրբ եկեղեցւոյն ընդ մեծի սուրբ եկեղեցւոյն Հռոմայ, երկամասնեայ եւ եռահատոր գործը, զոր աւարտած է 1651 մայիս 23-2 ապրիլին Հռոմի մէջ (ԿԱԼ. թ. ), եւ տպագրութեամբ հրատարակած: Միակողմանի ուղղութեամբ եւ անձկամիտ տեղեկութեամբ յօրինուած գործ մըն է, որուն գրածները Հայ հռոմէականներէ իսկ խստիւ քննադատուած են (ՉԱՄ. Գ. 624):

1697. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԳՈՐԾԵՐ

Դաւիթ Արեւելցի, որ իբրեւ գահընկէց մինչեւ Կիպրոս վտարուած էր, անմիջապէս ետ դարձած էր Թովմասի անյաջողութիւնը լսելով, եւ դիւրաւ ձեռք ձգած պատրիարքական աթոռը: Թէպէտեւ լատինամիտները հրապարակի վրայ տկարացան, եւ ձախողեցան Հայերը հռոմէադաւան դարձնելու գործին մէջ, բայց պայքարը շարունակեց Հռոմի հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ եւ ներքին կացութիւնը միեւնոյն մնաց` իշխանաւորներու եւ եկեղեցականներու մէջ արմատացած անձնական խնդիրներու եւ բուռն հակառակութեանց պատճառով: Այդ կացութեան ընդաղօտ մէկ նկարագիրը կու տայ Դավրիժեցին, եւ սկիզբը 1652-էն 18 տարի ետեւ կը տանի (ԴԱՎ. 259), այսինքն է մինչեւ 1634 կը հասցնէ, որ է ըսել մինչեւ Փիլիպպոսի կաթողիկոսութեան սկիզբները եւ Գրիգոր Կեսարացիի վերջին պատրիարքութիւնը: Սակայն մենք անկէ առաջ ալ տեսանք խառնակութեանց տիրելը: Այդ շփոթներուն գլխաւոր պատճառներէն մին եղած է, Կ. Պոլսոյ մէջ հինէն հաստատուած գլխաւորներուն, եւ հետզհետէ նոր եկողներուն մրցումը: Վերջինները գաւառներու մէջ կուսակալներու հետ մտերմութիւն կը ստանային, եւ կուսակալներուն բարձրանալովը իրենք ալ ազդեցութիւն կը շատցնէին, որով Կ. Պոլսոյ հիներուն նախանձը կը շարժէին, որոնք բարձրամիտ եւ բարձրայօն պանծանօք նոր եկողները իբրեւ զգռեհիկ եւ չմարդի ունէին, եւ ազգային գործերու մէջ ալ զեկամուտս ի բաց քեցեալ անհաղորդս պահէին, թէպէտեւ ասոնք զօրաւոր ըլլային գաւառէ փոխադրուած եպարքոսներուն մօտ (ԴԱՎ. 257): Այսպէս Կ. Պոլսոյ մէջ ազդեցիկ իշխանաւորները դարձած էին Վանեցի խոջա Ռուհիջան եւ Տիարպէքիրցի խօջա Երեմիա, որոնց անունները տուած ենք գաւառի գործերուն մէջ ( § 1656): Այդ նախանձընդդէմ մրցակցութիւնը նոյնիսկ լատինամիտ պայքարներուն մէկ շարժառիթը կը կազմէր: Խռովութիւններուն պատճառներէն մէկ ուրիշն ալ պատրիարքներու ըստէպ եւ անհարկի փոփոխութիւններն էին, որով խազմասէրքն եւ խռովարարքն ի ժողովրդականաց, իրենց կիրքէն եւ յամառութենէն դրդուած գումարտակ լինէին, ոմանք ի վերայ այսմ, եւ ոմանք այնմ առաջնորդի, եւ յաջողելու համար տային կաշառս յոլովս, եւ վանէին զախոյեանն: Այս պատճառով երբեմն խոստումներով, եւ երբեմն փոխառութեամբ, պարտքեր կը կազմէին, եւ յետոյ պատրիարքական փոփոխութեանց պատճառով իրարու վրայ կը թողուին: Այս կերպով 40, 000 ղուռուշի պարտք մը գոյացած էր, որ ընդհանուր ազգին վրայ կը ծանրանար, եւ ոչ ոք կ՚ուզէր վճարել: Դաւիթ Արեւելցին պատրիարքութեան անցած էր, բայց խռովութիւնը չէր դադարած, ինքն ալ անձեռնհաս կը գտնուէր զայն վերջացնել: Անոր համար արք երեւելիք եւ անուանիք, երիցունք եւ երէցփոխք` հեռաւոր Էջմիածինին կը դարձնէին աշուընին, եւ պատուիրակներով ու նամակներով Փիլիպպոս կաթողիկոսին կը դիմէին կնճիռը լուծել եւ խաղաղութիւն հաստատել իր իշխանութեամբ: Կացութիւնը աւելի դժուարացաւ, երբ Դաւիթ իբր 5 տարի ալեկոծեալ պատրիարքութենէ ետքը, վերջապէս պաշտօնանկ հռչակուեցաւ 1649-ին, սակայն զինքն վար առնողներն ալ ուրիշ մը չկրցան տեղը դնել, եւ պատրիարքարանը մնաց առանց պատրիարքի, եւ իշխանաւորներէն քանի մը հատը, Տեղակալ անունի ներքեւ իրենք սկսան վարել պատրիարքարանի գործերը: Փիլիպպոս այս լսելով ուզեց միջամտել, երբեմն թղթով, եւ երբեմն մարդ ուղարկելով, եւ այլ կերպիւ հնարս հնարելով, բայց ոչ եղեւ խաղաղութիւն (ԴԱՎ. 259): Ուզեց անձամբ Կ. Պոլիս գալ, բայց ուրիշ կարեւոր եւ քիչուշատ պատրաստուած գործ մը կը ստիպէր զինքն Երուսաղէմ երթալ, ուստի շատացաւ խոստանալով որ Երուսաղէմի գործը աւարտելով Կ. Պոլիս կու գայ:

1698. ԳՈՒՄՔԱՓՈՒԻ ՀՐԴԵՀԸ

Անցողակի յիշենք այստեղ Դաւիթի պատրիարքութեան օրով, 1645-ին հանդիպած Գումքափուի մեծ հրդեհը, որուն մէջ Մայր Եկեղեցին եւ յարակից պատրիարքարանն ալ այրեցան, եւ միւս տարին 1646-ին վերաշինուեցան Պօղոս Տիվրիկցի վարդապետին գլխաւորութեամբ (ՉԱՄ. Գ. 624), որ Կալանոսի հեռանալէն ետքը Դավիթի հետ հաշտուած պիտի ըլլայ ( § 1696): Սոսկալի երկրաշարժ մըն ալ 1648-ին Վանն ու Վասպուրականը աւերեց, քաղաքներ ու գիւղեր ու վանքեր քարուքանդ ընելով, որոնց նորոգութեան երախտաւոր եղաւ Ռուհիջան Վանեցին: Երկրաշարժին օրը Դավրիժեցին կը դնէ յապրիլ ամսոյ յերկուսն, յաւագ ուրբաթու գիշերն, որ լուսանայր աւագ շաբաթ աւուրն (ԴԱՎ. 378), սակայն 1648-ին ապրիլ 2-ին զատիկ է, եւ աւագ ուրբաթ մարտ 31-ին է, եւ միայն 1659-ին լոյս աւագ շաբաթը ապրիլ 2-ին կ՚իյնայ, ուստի պէտք է աւելի ամսաթիւի քան թէ տարեթիւի, շփոթութիւն մը ընդունիլ Դավրիժեցիին տուած թուականին մէջ:

1699. ՏԵՂԱԿԱԼՆԵՐԱՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Տեղակալութեան ձեւը, կամ աւելի ճիշդ խօսելու համար` պատրիարքարանի անգլուխ կերպարանը, տարիի մօտ տեւեց 1649-էն սկսելով մինչեւ որ Դաւիթ պահ մը տեղակալները հաճեցուց, որ նորէն զինքը պատրիարք ընդունին, եւ ընդունեցան 1650-ին, բայց չորս ամիսէն նորէն վար առին, եւ տեղակալութեան ձեւով կառավարուեցան միջոց մըն ալ: Դաւիթի այդ վերջին պաշտօնանկութիւնը տեղի ունեցաւ 1651-ին, եւ կերեւի թէ ինքն ալ յուսահատեցաւ այլեւս կացութեան տիրանալ եւ նորէն պատրիարքութեան բարձրանալ, զի 1651 դեկտեմբեր 10-ին նա Բերիա կը գտնուի, Դաւիթ Եւդոկիացի քահանային պատմածին համեմատ (ՏԱՇ. 841): Երբոր նախապէս ծանօթ դէմքեր Կ. Պոլսոյ մէջ կը պակսէին, նոր մը կը սկսէր այնտեղ երեւան գալ, Եղիազար Այնթապցին: Նա 1641-ին վարդապետութեան աստիճան առած Յովհաննէս Չնքուշցի վարդապետէն, անկէ ետքը զանազան քաղաքներ պտտած, 1647-ին Արզնիի առաջնորդ եղած, եւ Փիլիպպոսէ եպիսկոպոս ձեռնադրուած, Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածին վանքին պայծառութեան աշխատած (ԹՈՐ. Բ. 400), անկէ Երուսաղէմ գացած էր, ուր կը յաջողի 1649-ին Աստուածատուր պատրիարքը գահընկէց ընելով անոր տեղ ընտրուիլ: Բայց տարին չբոլորած Աստուածատուր իր աթոռը կը դառնայ ( § 1687), եւ Եղիազար 1651-ին Կոստանդնուպոլիս կու գայ (ԹՈՐ. Բ. 400), թերեւս Երուսաղէմի աթոռը նորէն ձեռք ձգելու համար, բայց Կոստանդնուպոլսոյ անգլխութիւնը զինքը աւելի կը շահագրգռէ, եւ Կ. Պոլսոյ ժողովուրդն ու իշխանաւորները մշակելու կ՚աշխատի: Այդ միջոցին տեղակալութիւն կը տիրէր Կ. Պոլսոյ մէջ, այնպէս որ 1651-ին Փիլիպպոսի ուղեւորութեան համար կայսերական հրովարտակ ստացած ըլլալու գործն ալ կը վերագրուի Հայկական ժողովրդոցն որք բնակեալ են ի Կոստանդնուպոլիս (ԴԱՎ. 263), եւ պատրիարք չի յիշուիր, զի իրօք այն միջոցին պատրիարք չկար: Եղիազար բուռն բայց գործունեայ, յախուռն բայց գրաւիչ բնաւորութեան տէր, քիչ քիչ կը շահի տեղակալները, որոնք կը հրապուրուին նոր եկող ճարտար եւ յաջողակ վարդապետէն, եւ 1651-ին վերջերը զինքն պատրիարք կ՚անուանեն: Սակայն Եղիազար ինքզինքը գործի վրայ փայլեցնելու եւ ազգին վիճակը դարմանելու չափ ատեն չ՚ունենար, քանի որ պարտաւոր էր նախապէս իր դիրքը ամրացնել, եւ ահա 1652 զատիկէն ետքը Փիլիպպոս կաթողիկոս Երուսաղէմէ կը հասնի ( § 1691):

1700. ՓԻԼԻՊՊՈՍ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Փիլիպպոսի Կ. Պոլսոյ մէջ ընելիքը գծուած, եւ իր միտքին մէջ ալ կանուխէն կազմուած էր, զի անցուդարձին կատարելապէս տեղեակ էր: Նախ սկսաւ իր հեղինակաւոր ձայնով, ազդու քարոզութեամբ եւ ազդեցիկ խրատներով ամէնուն սիրտն ու համակրութիւնը գրաւել, ժողովուրդին մէջ ինկած աղետալի գժտութիւնները հետզհետէ թեթեւցնել: Ընդհանուր գործերուն եւ շահերուն պէտքը զգացնել, այնպէս որ կիրքեր հետզհետէ թուլցան, թշնամութիւններ քիչցան, եւ հնար եղաւ քիչ ու շատ համաձայնութիւն մը հաստատել: Այդ նպատակին համար անհրաժեշտ պայմաններէն մէկն էր, անկողմնակալ եւ ամէնուն հաճելի պատրիարք մը ունենալ, մինչ Եղիազար Այնթապցին, ոմանց ազդեցութեամբ բարձրացած ըլլալուն, մնացեալներուն հաճելի չէր: Եղիազար ինքն ալ զգաց այդ պէտքը, թէ պիտի չկարենայ պէտք եղած յարաբերութիւնները հաստատել, հարկաւ Փիլիպպոսի հայրական խրատներն ալ ազդեցին, եւ Եղիազար պատրիարքութենէ հրաժարեցաւ նոյն 1652-ին վերջերը, տարի ու կէս պատրիարքութիւնը վարելէն ետքը (ԹՈՐ. Բ. 403), եւ 1653-ին նորէն քաշուեցաւ իր առաջին տեղը, այն է Արզնիի վիճակը եւ Բարձրահայեաց վանքը (ԹՈՐ. Բ. 404): Իսկ պատրիարք ընտրուեցաւ Յովհաննէս Մուղնեցի եպիսկոպոսը, որ պէտք է Փիլիպպոսի հետեւորդներէն մին եղած ըլլայ, վասնզի նախապէս ոչ գործի վրայ գտնուած է եւ ոչ անունը յիշուած է: Երկրորդ գործն էր ազգին վրայ ծանրացող 40, 000 ղուրուշի պարտքը սրբել, որ քար գայթակղութեան եղած էր: Փիլիպպոսի հովանաւորութեամբ հանգանակութիւն մը բացուեցաւ, եւ նա ինքն կացոյց հոգաբարձուս` արս հաւատարիմս, որոնք բազում ջանիւ եւ աշխատութեամբ գործին հետեւեցան, եւ յամիսս ութ, մէկ կողմէն հաւաքեցին եւ միւս կողմէն վճարեցին, եւ պարտքերը սրբեցին: Գործին յաջողութեան օգնեց Փիլիպպոսի ազդեցութիւնը, որովհետեւ առ որ լինէր հրաման հայրապետին, ոչ բնաւ իշխէր բան ինչ ասել (ԴԱՎ. 257): Պետութեան առջեւ ալ յարգ ունեցաւ Փիլիպպոս, եւ կայսերական հրովարտակ ալ ստացաւ, որով իր կաթողիկոսական իրաւասութիւնը կը ճանչցուէր Թուրքիոյ Հայերուն վրայ (ԶԱՔ. Բ. 74): Կ. Պոլիս եղած ատեն Փիլիպպոս առիթ գտաւ Պրուսա ալ այցելել Երեմիա Քէօմիւրճեանի ընկերակցութեամբ, եւ Սիվրի Ատայի մէջ ալ պատարագեց, Ներսէս Մեծի աքսորին աւանդական յիշատակին համեմատ (09. ՕՐԱ. 98): Այսպէս ամբողջ տարի մը Կ. Պոլսոյ մէջ աշխատեցաւ ազգային գործերու կարգադրութեան համար, ոչ միայն տեղական խնդիրները լուծելով, այլեւ հեռաւոր Լեհահայերուն խաղաղութեան ալ նպաստելով:

1701. ԼԵՀԱՀԱՅԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Նորէն պէտք է Լեհահայոց դառնանք եւ անոնց ընթացքը բացատրենք, զորս թողուցինք 1640-ին, երբ Փիլիպպոս անոնց առաջարկած էր խոհեմ եւ հմուտ անձեր յղել իրեն, որպէսզի պէտք եղածը իմանայ եւ կատարէ ( § 1678): Կ՚երեւի թէ առաջարկը չգործադրուեցաւ, կամ եթէ գործադրուեցաւ` արդիւնք չունեցաւ, վասնզի հետք մը մնացած չէ պատմութեան մէջ: Նիկոլ միշտ մնացած է իր բռնակալ իշխանութեան վրայ եւ իր յամառ հռոմեականութեան մէջ, իսկ ժողովուրդը իբր 12 տարի եւս շարունակած է իր ընդդիմութիւնը, եւ ամէն միջոցներ գործածելէ եւ ապարդիւն ելնելէ ետքը, վերջապէս յուսահատութեան մատնուած, որոշած է անուղիղ միջոցներու դիմել առանց իր միտքէն հրաժարելու: Ժողովուրդին գլխաւորները կը մտածեն, զի գոնէ ի վերին երեսս կաթոլիկ զանձինս, ընծայեցուսցեն, որպէսզի այս կերպով կարենան յաղթահարել զարքեպիսկոպոսն Նիկոլ, եւ եկեղեցիքն յիշխանութիւն իւրեանց մտցնել, եւ անկէ ետքը կարգեսցեն զամենայն ըստ առաջնումն կարգի: Այդ խորհուրդը յաջողցնելու համար իբր թէ Օձնեցիէն առաջ գրուած ձեռնադրութեան մաշտոցի մը մէջ` դաւանութեան ձեւ մը կը գտնեն, որուն մէջ կը պարունակուի եղեր երդումն հնազանդ լինելոյ սրբոյն Պետրոսի, Գրիգորի Լուսաւորչի, եւ ոմանց օրինաւոր ժառանգաց նոցա, այլեւ ընդունելի էին եօթնեքեան ժողովքն եւ ոմանք յետնոցն (ԲՌՆ. 26): Մեզի համար անիմանալի կը մնայ այս տեսակ հանգանակ մը Օձնեցիէն առաջ գրուած, երբ Հռոմի հետ յարաբերութիւններ ալ գոյութիւն չունէին, ուստի յայտնապէս հնարիմաց դարձուածի մը, կամ թէ կեղծեալ գրուածի մը արդիւնք եղած է այդ տարօրինակ գիւտը, որուն իսկութիւնը գրուած չէ, եւ ենթադրութեանց մէջ մտնելն ալ աւելորդ կը դատենք: Լեհահայերը այդ հանգանակը ներկայեցին թագաւորին, որ էր հռչակաւորն Յովհաննէս Քազիմիր, Եանգիաժիմիր գրուած մերիններէն (ԴԱՎ. 300), որ առաջարկը ընդունելու համար Հայոց կաթողիկոսական հաստատութիւնը պահանջեց: Փիլիպպոսի Կ. Պոլիս հասնիլը բարեպատեհ նկատուելով, իսկոյն պատուիրակներ յղուեցան կաթողիկոսական վաւերացումը ձեռք ձգելու, եւ միանգամայն իրենց բուն միտքը բացատրելու համար: Փիլիպպոս իսկոյն չի հաւանիր առաջարկին, վասնզի իսկութիւնը իրեն յայտնի եղած պիտի ըլլար, բայց զկնի բազում խորհրդածութեան, եւ երկուցեալ գուցէ դարձցի ժողովուրդն բոլորովին ի ծոց հռոմէական եկեղեցւոյ (ԲՌՆ. 159), եւ վստահանալով թէ ասիկա միջոց մըն է փրկութեան եկեղեցեաց նոցա (ԴԱՎ. 299), եւ լսելով իսկ անշուշտ թէ ինչ է Լեհահայոց ներքին դիտումը, ուր ուրեմն հաճի կաթողիկոսն յայն բան, եւ հանգանակի ձեւը կը հաստատէ (ԲՌՆ. 159): Բայց գիրը Լեհահայերուն չի յանձներ, այլ կու տայ զայն իր աշակերտներէն Յովհաննէս Արզնեցի վարդապետին ձեռքը, այր փարթամ իմաստութեամբ եւ հանճարեղ բանիւ, եւ զայն 1653 նոյեմբեր 5-ին գրուած կոնդակով նուիրակ կը կարգէ (ԿԱՄ. 521), եւ կը հրահանգէ նախապէս ամէն միջոց գործածել (ԴԱՎ. 299), եւ մի' առաջի առնել զայն թուղթ, բայց միայն ի ծայրագոյն հարկի, (ԲՌՆ. 159): Այս ամէնը կը կատարուէր առանց Նիկոլի մասնակցութեան, բայց հնար չէր որ Նիկոլ լուր չ՚առնէր ժողովուրդին ձեռնարկին նկատմամբ:

1702. ՆԻԿՈԼ Ի Կ. ՊՈԼԻՍ

Նիկոլ կը մտածէ որ պատուիրակներ կրնան կաթողիկոսին հետ իրեն աննպաստ որոշման յանգիլ, որովհետեւ հռոմէականութենէ զատ իր անձնական անկարգ ընթացքին դէմ ալ գանգատներ ունէին, եւ կասկածելով թէ մերձ է ինքն ի կործանումն, եթէ միայն կշռեսցէ ժողովուրդն զայն հարուած, այսինքն իր անկարգութեան դէմ ամբաստանութիւններ ընէ, կ՚որոշէ ինքն ալ անձամբ կաթողիկոսին երթալ (ԲՌՆ. 159): Պէտք եղած ծախքին համար զերկու հազար ղուրուշ նախդ դրամ կը ստանայ Եւդոկիացի Մարկոսի որդի Սիմոն Չէլէպի մեծահարուստ բարեկամէն (ԴԱՎ. 297) եւ կառօք սուրհանդակաց շտապով ճամբայ կ՚ելլայ (ԲՌՆ. 26), Պուղտանի վրայէն (ԴԱՎ. 297): Ճամբան կը հանդիպի Յովհաննէս Արզնեցիին` որ պատուիրակներուն հետ Իլվով կ՚երթար, եւ անկէ ալ կառնէ թուղթ առ կաթողիկոսն վասն ինքեան յանձնարարութեան, եւ ճամբան շարունակելով կը հասնի Կ. Պոլիս, եւ Փիլիպպոսին կը ներկայանայ (ԴԱՎ. 299): Իսկ Արզնեցին կ՚երթայ Իլվով: Լեհահայեր Նիկոլը մինակ չթողլու համար, որ ուզածը չխօսի կաթողիկոսին եւ չհամոզէ, նոր եւ ազդեցիկ պատգամաւոր մըն ալ ճամբայ կը հանեն, Խաչքօ կամ Խաչիկ անուն ոմն երեւելի, որ էր մի ի դատաւորացն Հայոց: Խաչքօ ալ Նիկոլի ետեւէն Կ. Պոլիս կը հասնի: Փիլիպպոս որ յակամից հաստատած էր Լեհահայերուն մտածած կերպը եւ առաջարկած գիրը, կացութիւնը փոխուած կը տեսնէ Նիկոլի հասնելովը, վասնզի այլեւս իր ձեռքին տակն էր քար գայթակղութեան եղող անձը: Նիկոլ շուտով կը հասկնայ այդ բանը, եւ պարագայից յարմարելու ճարտարութեամբը, միտք ու լեզու կը փոխէ, եւ ինչպէս լատին պատմիչը կը գրէ. աղաչէր եւ հայցէր հեզաբար կաթողիկոսէն, ներել նմա զամենայն յանցանս իւր. եւ տայր գրով աթոռոյն Էջմիածնի: Յանձն առնոյր եւ այլ պայմանս, զորս անպատեհս կը կոչէ Լատին պատմիչը (ԲՌՆ. 159), վասնզի Հայ եկեղեցւոյ նպաստաւոր էին: Այդ պայմանները կը գտնենք Դավրիժեցիէն յիշուած, եւ են. 1. Նիկոլ իր եկեղեցական ու աշխարհական հետեւորդներուն հետ` դաւանեալ խոստովանեսցի զդաւանութիւն Լուսաւորչին եւ զնորին աթոռակալ հայրապետին: 2. Նիկոլ իր հետեւորդներով` արասցէ զարարողութիւն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: 3. Նիկոլին յաջորդը Էջմիածինի կաթողիկոսէն լինիցի օծեալ, եւ անոր հնազանդ եւ հետեւող լիցի: 4. Նիկոլ իր հետեւորդներով, մի' խառնեսցէ ջուր ի բաժակ սրբոյ պատարագին: 5. Պապին անունը չյիշուի յեկեղեցական ժառանգաւորաց եւ ի կղերիկոսաց, ոչ ալ Նիկոլի յաջորդէն, այլ միայն Նիկոլէն, եւ զայն եւս ի պատարագն միայն: Այս բացառութիւնն ալ ներուեցաւ, որովհետեւ Նիկոլ այդ յիշատակութիւն ձեռնագրաւն խոստացած ըլլալով, կասկած կը յարուցանէր թէ գուցէ մահապարտ առնիցեն զինքն: Նիկոլ այդ ամէնը հոգւով չափ եւ յօժար կամօք յանձին կալեալ, բոլորն ալ կնքով կնքեալ եւ ձեռնագրով դրոշմեալ ետ կաթողիկոսին, եւ կաթողիկոսն ալ գիրը յանձնեց Խաչքօ դատաւորին, որպէսզի Իլվովի դիւանին մէջ ի պահեստի ունիցին վասն առյապայն զգուշութեան: Փիլիպպոս յատկապէս ալ խրատեց Նիկոլը որ զգաստացեալ ի թափառական եւ ի խէնէշ վարուց իւրոց, ուղղութեան գայ, եւ եպիսկոպոսութիւն վարէ բարեշաւիղ կենցաղավարութիւն ունենալով, Նիկոլ ինչ որ առաջարկուեցաւ կատարելապէս անդիմադարձ ընդունուեցաւ, կաթողիկոսն ալ զինքն արձակեց ի կապանաց բանադրանաց (ԴԱՎ. 298), զոր Մովսէս կաթողիկոս դրած էր ( § 1660), Իլվովի եպիսկոպոսութեան նոր կոնդակ ալ տուաւ 1654 ապրիլ 15 թուականով (ԿԱՄ. 255), եւ այնպէս արձակեց իր տեղը:

1703. ԼԵՀԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Յովհաննէս Արզնեցին կանուխէն Իլվով հասնելով սկսած էր խաղաղութեան ու հաշտութեան ու սիրոյ քարոզներ խօսիլ, բայց ժողովրդեան ընդդիմանան, եւ Նիկոլը հեռացած ըլլալուն այլեւս ոչ կամին հնազանդիլ նմա, մինչ Արզնեցին` Նիկոլին կաթողիկոսին երթալը բարեգուշակ նկատելով` կ՚աշխատէր փոխադարձ հաշտութիւն պատրաստել առանց գործը վճռական ձեւի մտցնելու, մինչեւ որ Նիկոլ դարձաւ կաթողիկոսին օրհնութեան կոնդակով եւ Հայ եկեղեցւոյ հպատակութեան յանձնառութեամբ: Այն ատեն աւելի դիւրացաւ գործը: Նիկոլի զղջումը, հայադաւանութեան եւ Հայոց եկեղեցիին վերադարձի յայտարարութիւնը ժողովուրդին միտքը շինեցին, իբր թէ Նիկոլ զղջացեալ եւ թողեալ իցէ զթիւր վարս իւր: Քաղաքական իշխանութիւնն ալ, կանուխէն ընդունած ըլլալով Հայերուն կրօնքի ազատութիւնը, նոր ընդդիմութիւն չէր կրնար յարուցանել, երբոր եպիսկոպոս եւ ժողովուրդ կը համաձայնէին, որով հաշտութիւնը անհակառակ կնքուեցաւ: Առաջին կիրակէին Յովհաննէս Արզնեցին գլուխ կանգնեցաւ, ու եպիսկոպոսն ու ժողովուրդը միասին եմոյծ յեկեղեցին իւրեանց (ԴԱՎ. 299), ուստից 1630-էն, այսինքն 23 տարիէ իվեր վտարուած էր ժողովուրդը ( § 1661), խրատեց, քարոզեց, մխիթարեց, ածեալ ի համբոյր հաշտութեան զամենեսեան ընդ եպիսկոպոսին, որով ամէնքը մխիթարեալ ուրախացան, եւ գոհութեամբ օրհնէին զԱստուածն ամենայնի: Յովհաննէս Քազիմիր թագաւորն ալ, որ այն օրեր Իլվով եկաւ, յատկապէս իրեն մօտ հրաւիրեց Արզնեցին, խօսեցաւ ու խորհրդակցեցաւ, եւ զշնորհակալութիւն արար նմա, ժողովուրդն ու եպիսկոպոսը վերջապէս հաշտեցնել կրնալուն, եւ զբազմաժամանակեայ խռովութիւնն բառնալուն համար (ԴԱՎ. 300): Այս հաշտութեան օրը նուիրական եղաւ Լեհահայերուն համար, եւ տարուէ տարի անոր յիշատակը որոշեցին կատարել Տօն Միութեան անունով, եւ օր սահմանեցին Հոգեգալուստէն ետքը մետասաներորդ կիրակէն (ԲՌՆ. 27), որ 1652-ին կ՚իյնար օգոստոս 8-ին, Վերափոխման բարեկենդանին, եւ այն օրը պէտք է ընդունիլ իբրեւ Լեհահայերու հաշտութեան օրը: Միութեան տօնին վրայ խօսելով Լատին պատմիչը, կ՚ըսէ թէ արդարեւ միաբանեցան նոքա ընդ միմեանս, այլ ոչ ընդ սուրբ եկեղեցւոյն, իմա' եկեղեցւոյն Հռոմայ, իբր զի ջերմեռանդութեամբ պաշտէին զհերետիկոսական արարողութիւնս իւրեանց, եւ թէ Նիկոլ զամենայն ինչ կարգեաց ըստ այնմ որպէս էր յառաջ քան զխոստովանութիւնն իւր, այսինքն հռոմէադաւանութենէն առաջ (ԲՌՆ. 27): Եւս եւ ստորագրութիւն թղթոյն դաւանութեան, զոր իբր թէ հին մաշտոցէ քաղած էին Հայերը ( § 1701), յանվաւերս համարեալ, հրամայեալ լինէր ջնջել զայն գիր (ԲՌՆ. 159): Աւելորդ չըլլայ դիտել տալ թէ որչափ ամուր էր Փիլիպպոս հայադաւան սկզբունքներու վրայ, որով չէր կրնար այլապէս վարուած ըլլալ Հռոմի ուղղած գիրերուն մէջ ( § 1680), յայտնի կետերը կրկնելով եւ մնացածը զգուշաւորութեամբ լռելով: Յիշեալ եղելութեանց հետեւանքով Հայք կարի զուարճանային ի սիրտս իւրեանց, զի գտին հնարս` միացեալս զանձինս ընծայեցուցանելոյ, եւ այնու պահելոյ զարտօնութիւնսն, մնալով, կալով ի նախնի հաւատս իւրեանց (ԲՌՆ. 27): Ասիկա մեծ ցաւ կը պատճառէ Լատին պատմիչին, մանաւանդ տեսնելով թէ քաղաքական իշխանութենէ ալ հաւանութիւն ստացան, եւ արտօնութիւնս մեծամեծս գտին յարքայէն Յովհաննէ Քազիմիրայ (ԲՌՆ. 160): Նոր կացութիւն մը ստեղծուեցաւ այս կերպով Լեհահայոց մէջ, որոնք արտաքնապէս իբր թէ հռոմէադաւանութեան յարած կ՚երեւէին, մինչեւ իսկ Լատին եկեղեցիներու մէջ պատարագած ատեննին յաւելուին ջուր ի գինի բաժակին (ԲՌՆ. 27), այլ ներքնապէս, այսինքն իրենց եկեղեցիներուն մէջ, ըստ ամենայնի Հայ եկեղեցւոյ կանոններ կը պահէին, որուն չէր խղճեր առաջնորդ լինել Նիկոլ, որ միշտ իր անձին ու շահին կը ծառայէր, եւ ոչ երբեք կրօնքի կամ դաւանութեան, հակառակ հռոմէականներուն իր վրայ տածած մեծ համակրանքին: Դավրիժեցին 1660 մայիս 10-ին գրելով կը հաստատէ, թէ մինչեւ այն օր Իլվովցիք եւ Նիկոլ կան ի վերայ նոյն պատմագրութեան (ԴԱՎ. 302): Նոյնպէս լատին պատմիչն Ալոզիոս Փիթու, 1668 դեկտեմբեր 31-ին (ԲՌՆ. 113) կը վկայէ, թէ Հայեր նոյն դիրքը կը պահեն ու վայելեն մինչեւ ցայսօր (ԲՌՆ. 27): Իսկ Յովհաննէս Արզնեցի ամ մի ողջոյն Իլվով մնաց, որպէսզի Հայ եկեղեցւոյ կանոններուն եւ ծէսերուն գործադրութիւնը ապահովէ, եւ ապա դարձաւ եւ եկն ի Սուրբ Էջմիածին 1654-ին (ԴԱՎ. 300), եւ իր պաշտօնին յաջողութիւնը հաղորդեց կաթողիկոսին, որ իր աթոռը դարձած էր:

1704. ՎԿԱՅԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ

Փիլիպպոսի բացակայութեան Էջմիածինի մէջ կատարուած գործերուն նշանաւորները Ս. Գայանէի եւ Ս. Հռիփսիմէի վկայարաններուն նորոգութիւններն են: Առաջ Ս. Գայանէի տաճարին նորոգութեան ձեռն ի գործ էարկ Փիլիպպոս 1651-ին, դեռ Էջմիածինէ չմեկնած ( § 1686): Տաճարին տանիքն բովանդակ իջեալ էր, միայն շրջանակի պատերը եւ մէջտեղի չորս սիւները կանգուն էին, այնպէս որ գլուխը բոլորովին բաց էր, յատակը ծակոտեալ եւ խրամատեալ (ԴԱՎ. 250), աւագ խորանը եւ ներքեւի մատուռը, որ է դիր հանգստեան նշխարաց սրբոցս, աւերեալ եւ քանդեալ էր, եւ աղբիւսովք եւ գռեհօք լցեալ (ԴԱՎ. 251): Հարկաւ այդ վերջին պարագաները Մովսէսէ առաջ ժամանակին համար են, զի չենք կարծեր որ 20 տարիներէ իվեր, որ նորոգութեանց ձեռնարկուած էր, աղբիւսով լեցուն թողուած ըլլար Գայիանէի տաճարը: Նորոգութիւնները կատարուեցան ի հիմանց մինչեւ ցգագաթն գմբէթին: Ս. Գայիանէի տաճարին նորոգութեան գործը աւարտելէն ետքը կը ձեռնարկեն Ս. Հռիփսիմէի վկայարանին ալ նորոգութեանց, որուն մէջ` տանիքը, կաթողիկէին գագաթը, պատերուն երեսները, ներքին յատակը, բեմը եւ խորանները` աւերեալ եւ քայքայեալ էին:

1705. ԳԱՅԻԱՆԷԻ ՆՇԽԱՐՔԸ

Իբրեւ հետաքրքրական եւ միանգամայն կարեւոր մի միջադէպ, յառաջ բերենք աւանդական պատմութիւն մը զոր Դավրիժեցին ալ արժան սեպած է տեղնիտեղօք պատմել: Երբոր 1652-ին Ս. Գայիանէի վկայարանը կը նորոգուէր, գործին վրայ վերակացու եւ գործավար դրուած էր Յովհաննէս աբեղայ մը, այր արդիւնաւոր եւ գործունեայ եւ խորհրդական խորհրդով: Սա հոգեւորական հետաքրքրութիւն մը կը զգայ վկայարանին ներքեւ վկայուհիներուն գերեզմանները գտնել, եւ յարմար կերպով մը յայլուր առաքեալ զամենեսեան գործողս, ինքն միայնակ պեղումներու կը ձեռնարկէ, եւ գիշեր եւ ցերեկ մի շարունակ աշխատելով կը բախտաւորուի երեք գերեզմաններու հանդիպիլ, զորս կը բանայ ալ, եւ աչքովը կը տեսնէ ոսկրները սպիտակ, փայլուն եւ անպակաս, եւ հոտ անուշութեան ալ կ՚առնէ: Ոսկրներէն միայն կտոր մը կը վերցնէ, տապանները կը փակէ ինչպէս էին, խճով եւ կրով կ՚ամրացնէ, եւ հողը նորէն լեցնելով, առջի վիճակին կը բերէ, եւ անկէ ետքը միայն եղելութիւնը միաբաններուն կը հաղորդէ, եւ ոսկրն ալ կը ցուցնէ առ ի նշան հաստատութեան (ԴԱՎ. 211): Դավրիժեցին եղելութեան օրն ալ կը նշանակէ 1652 հոկտեմբեր 19, երեքշաբթի օր (ԴԱՎ. 252), որ տոմարական հաշուով ալ կ՚արդարանայ: Գիւտին ստուգութիւնը իրաւ աբեղայի մը վկայութեան վրայ կը հիմնուի, սակայն անոր երկիւղած ուղղամտութիւնը պէտք է իբրեւ ճշմարտութեան երաշխաւորութիւն ընդունուի:

1706. ՀՌԻՓՍԻՄԷԻ ՆՇԽԱՐՔԸ

Ս. Հռիփսիմէի տաճարին մէջ ալ նշխարաց խուզարկութիւն կը կատարուի, թերեւս միեւնոյն շինութեանց գործավար Յովհաննէս աբեղայի ձեռքով, բայց միաբաններու ընկերակցութեամբ: Այս առթիւ երեւան կ՚ելլեն, երեք տեղ բաժին բաժին, երկուքը ի մէջ վիմաց, եւ երրորդը` որ եւ բազում էր` իր մէջ փայտեայ արկեղ դրուած (ԴԱՎ. 252): Այդ գիրքը եւ փայտէ սնտուկը պէտք չէ զարմանալի երեւին, քանի որ պատմած ենք անգամ մը, այդ տապաններուն խառնուած եւ դուրս հանուած ոսկրներուն նորէն հաւաքուած եւ տեղը դրուած ըլլալը 45 տարի առաջ ( § 1599), Դավրիժեցին յառաջ կը բերէ Հռիփսիմեանց գերեզմանին քովը պատին վրայ գրուած երեք տուն շարականի մը պատճէնը, Յակոբ քահանայ սուրբ կաթողիկէ արհիեպիսկոպոսարանին (ԴԱՎ. 253) ստորագրութեամբ: Շարականը անարուեստ է, եւ վերջին ատեններ նոյն տաճարին սպասաւորող քահանայի մը սիրտին զեղծուածը կ՚երեւի: Երկու տաճարներուն նորոգութիւնները 1651-ին սկսած ըլլալով` 1653-ին աւարտած են յամս երիս (ԴԱՎ. 253), որ է ըսել թէ Փիլիպպոս չմեկնած սկսած է, եւ դառնալէն ետքը լրացուցած, իսկ բացակայութեան միջոցին գործին շարունակութիւնը հոգացած է Յակոբ Ջուղայեցին, ինչպէս հաւանական ցուցուցինք ( § 1686):

1707. ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԴԱՌՆԱԼԸ

Փիլիպպոսի Կ. Պոլիս մնալը տեւեց տարի մը ամբողջ 1652 ամառուան սկիզբէն մինչեւ 1653 նոյն ամիսները: Երկու մեծ գործերէն զատ, որոնք են Կ. Պոլսոյ եւ Իլվովի խռովութիւններուն բարձումը, նա կատարեց այլեւս բազում գործս բարութեանց եւ ուղղութեան, եւ եկեղեցականաց եւ աշխարհականաց համար կարգադրութիւններ հաստատեաց: Մայրտաճարի դատարկուած գանձատան համար ալ երեւելի եկեղեցական անօթներ եւ սպասներ հաւաքեց, կաթողիկոսարանն ալ մարմնաւոր կարասեօք ճոխացնելու հոգ տարաւ (ԴԱՎ. 260): Այդ նիւթական նպաստներուն կարգին ամէնէն նշանաւորը եղաւ Մայրտաճարին զանգակատուն մը աւելցնելու համար պէտք եղած ծախքին հայթայթումը, զոր կաթողիկոսին առաջարկութեան վրայ մեծաւ յօժարութեամբ եւ կամակոր խոնարհութեամբ յանձնառու եղաւ վճարել` Անտոն Չէլէպի անուն կարի ընչաւետ եւ փարթամ, յոյժ երեւելի եւ հռչակեալ` Պրուսացի վաճառական մը, որ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ վաճառատուններ ունէր, եւ ներքին գաւառներէն եւ Եւրոպայէ եկող ապրանքները միանգամայն վճարէր զգինն, եւ երեք քաղաքներու մէջ ալ ունէր զտունս եւ զապարանս հոյակապս (ԴԱՎ. 261): Դժբախտաբար Դավրիժեցին մակդիր անուն մը չի յիշեր այդ նշանաւոր Անտոնին վրայ, որ գիտնայինք թէ որ ազգատոհմին նախնիքներէն եղած է Էջմիածինի զանգակատունին բարերարը: Բայց ամէն առթի մէջ հնար չէ զայն նոյնացնել Անտոն Կեավուրին հետ` որ փախեաւ յերկիր Լիվօռնան, թէպէտ սա ալ ունէր փառաւոր տուն, որ եղեւ օթեւան Ֆիլէմէնկին դեսպանին: Վասն զի այս Անտոն կը նկարագրուի իբրեւ մէկ մը, որ Հայոց ոչինչ մին չօգնեաց, յիշելոյ չարար մին նշան (ՉԷԼ. 77): Փիլիպպոս յաջողութեամբ փակելով իր Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ երկամեայ հայրապետական ուղեւորութիւնը, ճամբայ ելաւ դառնալ Մայրաթոռ, չենք գիտեր ինչ ճամբով, եւ ի տօնի Փոխման սրբուհւոյ Կուսին, այսինքն է 1653 օգոստոս 14-ին, եմուտ յԷջմիածին (ԴԱՎ. 260): Հարկաւ առաջին հոգերէն մին եղաւ իր բացակայութեան ժամանակ կատարուած գործերուն տեղեկանալ, որոնք կանոնաւոր ընթացք ունեցած էին Յակոբ Ջուղայեցիի հսկողութեամբ, եւ վերջին պէտքերը լրացնել երկու վկայարաններուն եւ Մայրաթոռին մէջ կատարուած նորոգութեանց: Ձմեռը վերահաս ըլլալուն նոր շինութեան չկրցաւ սկսիլ, եւ ցուրտերուն մեղմանալուն ձեռնարկեց զանգակատունին հիմնարկութեան, որուն համար տենչումն բաղձանաց յոլովագոյն կայր ի սենեակ սրտի կաթողիկոսին (ԴԱՎ. 260): Սկզբնաւորութիւնը Դավրիժեցին կը դնէ յաւուրս աղուհացից (ԴԱՎ. 262), 1654-ին Բուն բարեկենդանը կ՚իյնար փետրուար 5-ին: Փիլիպպոս կ՚աշխատէր օր առաջ գործը վերջացնել եւ սիրտին փափաքը լրացնել, սակայն սաստիկ ընդդիմութեան հանդիպեցաւ Մահմատղուլի կուսակալին կողմէն, այր գոռոզ եւ բռնագլուխ, այլեւ կուռէճ ընդ Քրիստոնէից: Որուն թէպէտ կաշառօք եւ բազում խնդրանօք մօտեցաւ կաթողիկոսը, բայց նա ոչ լուաւ նմա, եւ շարունակ կը սպառնար թէ ոչ թողումք շէն զզանգատունն, այլ քակելոց եմ զնա, զի Փիլիպպոս արդէն ձեռնարկած էր հիմերը դնել, եւ քիչ քիչ առաջ կը տանէր, եւ տարիէ մը այնչափ բարձրացաւ շէնքն, մինչեւ կապեցան ներքին կամարքն, երբ Փիլիպպոսի ալ մահը վրայ հասաւ: Զանգակատունը, ինչպէս այսօր ալ կը տեսնուի, հիմնարկուեցաւ Մայրտաճարին արեւմտակողմը, աւագ դրան առջեւ, հուպ եւ կից որմոյ նորին (ԴԱՎ. 262):

1708. ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ՄԱՀԸ

Փիլիպպոս իր ուղեւորութենէն դառնալէն ետքը տարիուկէս միայն ապրեցաւ Էջմիածինի մէջ, եւ տակաւ տկարացաւ իր առողջութիւնը թէպէտեւ 63 տարեկան էր տակաւին (ԴԱՎ. 266): Տնտեսի կիրակիին, 1654 մարտ 18-ին եկեղեցի իջաւ, նստաւ յաթոռ եւ սկսաւ ասել քարոզ, տնտեսին առակը իրեն նիւթ ընելով: Բայց յաջորդ երկուշաբթիին տկարացաւ եւ անկաւ ի մահիճս: Բոլոր միաբանք շփոթեցան, եւ լուր առնելու համար իրեն մօտեցողներուն սկսաւ ըսել, թէ ոչ եւս յառնեմ յառողջութիւն, եւ թէ երէկուան քարոզին մէջ, երբոր կը կրկնէ, ոչ եւս կարես լինել տնտես խօսքերը, կարծես թէ յայլմէ ումեքէ ազդեցաւ ի սիրտս իմ, իբր թէ ինձի ըսէր, թէ ոչ եւս տնտեսես: Իրօք ալ վիճակը օրէօր ծանրացաւ, եւ Դատաւորի կիրակիի առտուն, դէպի լոյս առաւօտուն սկսաւ հոգեվարիլ, ինքն ալ զգաց իր վիճակը, եւ սկսաւ Արդ արձակեա օրհնաբանութիւնը կրկնել, եւ այնպէս աւանդեաց զսրբասնեալ հոգին, 1655 մարտ 25-ին (ԴԱՎ. 265): Դավրիժեցիին հանգամանօրէն նկարագիրը, զոր իբրեւ ականատես կը պատմէ, կը ցուցնէ թէ Փիլիպպոս մինչեւ վերջին շունչը ուշը վրան ունէր, որով տենդային վիճակ ունեցած չէ, այլ ներքին ախտի մը հետեւանք եղած է իր մահը, որ տարաժամ ալ կրնայ ըսուիլ, 63 տարեկան ըլլալը նկատի առնելով: Այս պարագայն աւելի կը բարձրացնէ Փիլիպպոսի արժանաւորութիւնը, որ բազմաշխատ կեանք եւ անխոնջ աշխատութիւն կրցած է ունենալ ախտակիր տկարութեան մէջ: Իր պաշտօնավարութիւնը բաւական երկար եղաւ 22 տարի եւ 3 ամիս (ԴԱՎ. 266), կամ աւելի ճիշտ 22 տարի, 2 ամիս եւ 12 օր, օծման օրէն հաշուելով: Բայց աւելի ալ, զի Մովսէսի մահէն ետքն ալ ութ ամիս, իբր լոկ ընտրեալ կաթողիկոս տեղեկալութեամբ կառավարեց Մայրաթոռը: Փիլիպպոս կաթողիկոսներուն շարքին մէջ աւելի արդիւնաւորներէն մէկն է, վասնզի առաջ գործակից, եւ վերջէն շարունակողն եւ գրեթէ լրացնողն եղաւ, այն մեծ բարեկարգութեան եւ բարեզարդութեան, որուն առաջին գործիչն ու հեղինակն եղաւ Մովսէս Տաթեւացին: Փիլիպպոսի գործունէութիւնը տարածուեցաւ ամէն ճիւղերու վրայ: Մայրաթոռին ներքին կարգերը, վանական կանոնները, եկեղեցական ծէսերը, բարոյական կենցաղը, իրմով ստացան իրենց հիմնական վերանորոգումը: Երուսաղէմի աթոռին պայծառութիւնը, Կիլիկիոյ խնդիրին հանդարտութիւնը, Լեհահայոց կնճիռին վերցուիլը, իր վարչական արդիւնքներն եղան: Մայրաթոռին, մերձաւոր վկայարաններուն, բազմաթիւ վանքերուն, եւ վիճակային եկեղեցիներուն շինութիւնները իրմով քաջալերուեցան ու լրացան: Էջմիածինը իրմով փարթամացաւ եկեղեցական անօթով, ոսկւով եւ արծաթով, մեծագին զգեստուք եւ պատուական գրենօք, նիւթապէս ալ հարստացաւ կահիւք պղնձեղինօք եւ բրդեղինօք, եւ բազմացան հոյլք անբան կենդանեաց, ուղտ եւ ջորիք, եւ ջոլիրք մատակ ձիոյ, եւ ջոկք խաշանց եւ անդէոց, այլ եւ արտս եւ այգիս եւ բուրաստանս, եւ ամէն տեսակ կալուածներ արդիւնաւորել տուաւ (ԴԱՎ. 263): Մեծ եղաւ նաեւ իր համբաւն ու ազդեցութիւնը, եւ եղած էր արգոյաւոր եւ մեծաշուք առաջի ամենայն ազանց, Հայոց Հոռոմոց, Վրաց, Օսմանցւոց, Պարսից, եւ մեծամեծ իշխանաց, նաեւ թագաւորաց իսկ: Մեծ քարոզիչ ալ եղաւ եւ բոլոր կեանքին մէջ անխափան վարեց իր վարդապետական կոչումը, ի գիւղս եւ ի քաղաքս, ի վանս եւ յանապատս, եւ զամենայն տեղիս, եւ զոր ինչ քարոզեալ խրատէր, ոչ սխալէր, այսինքն ապարդիւն չէր մնար, (ԴԱՎ. 264):

1709. ՓԻԼԻՊՊՈՍԻ ԹԱՂՈՒՄԸ

Փիլիպպոսի թաղումն ալ խնդրոյ նիւթ եղաւ, վասնզի Մայրաթոռոյ միաբանութիւնն ամբողջ կ՚ուզէր թաղել զայն ի դրան սրբոյ Էջմիածնի, ի մէջ իր շինեալ զանգակատանն, այլ Մահմատղուլի խան իր հակառակութիւնը կաթողիկոսին մահուընէ ետքը շարունակելով, կարի սաստկացեալ չարացաւ, եւ ոչ թողոյր թաղել ի մէջ զանգակատանն, որ առանց իր հաւանութեան շինուած էր, եւ որուն համար միշտ կը սպառնար թէ քակելոց եմ ես: Ամէն տեսակ միջոցներ գործածուեցան կուսակալին հաւանութիւնը ձեռք ձգելու համար, եւ այս պատճառով Փիլիպպոսի մարմինը անթաղ կը մնայր, եւ կայր դագաղով ի մէջ տաճարին, զուարթ երեսօք որպէս կենդանի մարդ ի քուն, եւ բնաւ գէշ հոտ մը չարտադրելով: Օրեր անցան, իսկ Մահմատղուլի խանն ալ կասեցաւ ի բիրտ բարուց իւրոց, եւ վերջապէս միաբանները յուսահատելով, մահուանէ վեց օր ետքը, մարտ 31, Մուտն ի վիրապ յիշատակին շաբաթ օրը, մեծահանդէս թափօրով մարմինը փոխադրեցին Ս. Հռիփսիմէի տաճարը (ԴԱՎ. 265), եւ անդ ի մէջ տաճարին, ի հիւսիսային կողման խորանին հանգուցին զնա, եւ գերեզմանը բարեպաշտներու ուխտագնացութեան տեղի եղաւ, ինչպէս կը վկայէ Դավրիժեցին (ԴԱՎ. 266):

1710. ԲԱՂԷՇԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆԸ

Փիլիպպոսի ժամանակը ուսումնական զարթնումի միջոցին կը պատասխանէ, որուն Մովսէսի հետ ինքն ալ իր արժանիքն ու մասնակցութիւնն ունեցած է: Թէպէտեւ իրմէ անկախաբար ալ գործեր կատարուած են, սակայն միշտ իրեն համար պատուաւոր առնչութիւն մը կը ճշմարտուի, զի հայրապետի մը հոգին եւ ընթացք, բարեգուշակ ներշնչում կ՚ազդէ ամէն կողմ: Մեր նախընթացաբար հաստատուած ոճին համեմատ, ընդհանուր գործունէութիւնը պատմելէն ետքը, ցրիւ գիտելիքներէն կարեւորագոյնները քաղելու կ՚անցնինք: Կանուխէն սկսած էր մեծ հռչակ ունենալ Բաղէշ քաղաքին յարակից Ամրտոլի կամ ուղիղ հնչմամբ Ամլորդւոյ վանքին դպրոցը: Անոր սկզբնաւորութիւնը կը տարուի մինչեւ Գրիգոր Տաթեւացի, որուն աշակերտներէն Դանիէլ վարդապետ Ճգնաւոր մականուանեալ, իբրեւ գլուխ կը նկատուի Ամլորդւոյ վարդապետական գաւազանին, եւ յաջորդներ կը յիշուին Յովհաննէս Համշէնցի, Գրիգոր Արճիշեցի մականուանեալ Չորթան, Ներսէս Մատաղ, Ներսէս Բաղիշէցի, Ներսէս Ամկեցի, Յովհաննէս Ոստանցի` մականուանեալ Բրդուտ, Բարսեղ Գաւառցի, եւ Ներսէս Մոկացի մականուն Բեղլու, զոր առիթ ունեցանք յիշել Մեծ-Անապատին մասին խօսած ատեննիս ( § 1620): Յիշուածներուն մէջէն Ամլորդւոյ դպրոցին մեծ զարկ տուողը եղաւ: Բարսեղ Գաւառցին, որ Սուրբ Գրոց ուսումնասիրութենէ զատ հետամուտ եղաւ իմաստասիրական եւ տրամաբանական ճիւղերը մշակել, եւ պատճառ եղեւ գտանելոյ արտաքին գրոց գիտութեան (ԴԱՎ. 303): Եւ որովհետեւ անխոնջ ինքնօգնութեամբ, եւ աղօթքի դիմելով յաջողեցաւ իր նպատակին մէջ, իրաւունք ունեցաւ Դավրիժեցին ըսել, թէ աղբիւրն եւ տուողն ամենայն իմաստութեան, Հոգին Սուրբ Աստուած, ետ սմա տեսութիւն եւ հանճար մտաց խելամուտ լինել բառին եւ ոճոյն եւ շաւղաց արտաքին գրեանց, առանց ուրուք առաջնորդելոյ եւ ցուցանելոյ բնաւ (ԴԱՎ. 302): Բաղէշի դպրոցին աշակերտութիւնը Հայ վարդապետութեան նոր զարգացման սկզբնապատճառը կրնայ ըսուիլ, զի Յովհաննէս Համշենցիի եւ Գրիգոր Արճիշեցիի բազմաթիւ աշակերտներն են, որ ամէն կողմ սփռեցան եւ նոր դպրոցներ բացին: Դավրիժեցին կրցաւ ըսել թէ Արեւելեանքս ամէն ի Չորթանէն սերեցան (ԴԱՎ. 340): Բայց Չորթանի կամ Գրիգոր Արճիշեցիի ուսումը տակաւին սահմանափակ էր, իսկ արտաքին ուսմանց նախահայրն պիտի ճանչցուի Բարսեղ Գաւառցին, զի անով մեր վանքերուն մէջ առձեռն ուսմանց դասագիրքեր դարձան Սահմանացն, Պորփիւրին, Ստորոգութեանց, Պերիարմէնիասին, եւ նմանօրինակ գիրքերը (ԴԱՎ. 306): Բարսեղ վախճանեցաւ 1615-ին, եւ գերեզմանը տակաւին կ՚երեւի Ամլորդւոյ վանքին մէջ` Բաղէշի քաղաքին մօտ (ԿՈԼ. 5):

1711. ԱՄԼՈՐԴՒՈՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Բարսեղի գլխաւոր աշակերտներն եղան Յովսէփ Ոզմեցի, Հայրապետ Մոկացի եւ Ներսէս Մոկացի, եւ այս երրորդն է որ յոլով աշխատեցաւ, եւ հմտութիւններ առաւելացոյց քան զԲարսեղ եւ քան զընկերս իւր (ԴԱՎ. 304), բայց Մեծ-Անապատին համբաւէն գրաւուած Բաղէշէ հեռացաւ: Սակայն այս պատճառով Բաղէշի դպրոցը չխանգարեցաւ, այլ Բարսեղի միւս աշակերտները զայն շարունակեցին, եւ եթէ առաջնորդներու շարայարեալ անունները չունինք, Ներսէս Մոկացիէն ոչ շատ ետքը կը գտնենք Վարդան Բաղիշեցին, որ հռչակաւոր եղած է իր ուսումնական զարգացման համար: Մոկացին Մեծ-Անապատի մէջ արտաքին ուսմանց դասախօսութիւնը շարունակեց, այլ այնտեղ շատեր աւելի հոգին զարդարելու միտքով յետս կացին: Մելքիսեդեկ Վժանեցին մնաց ամէնէն անձնուէր աշակերտ, եւ Ներսէսի հետ Լիմ ալ գնաց, երբոր նա այնտեղ հաստատուեցաւ, եւ երկուքը ձեռք ձեռքի տուած աւելի եւս ընդարձակեցին արտաքին հմտութեանց շրջանակը: Լիմի մէջ հինգ այլեւս եղբարք միաբանեցան Մելքիսեդեկի հետ, բայց վերջէն յետս կացին յընթերցմանէ արտաքին գրոց, զի տակաւին ոչ էին թագաւորեալ ի վերայ բանին (ԴԱՎ. 304): Իսկ Մելքիսեդեկ մնաց տոկուն աշխատող մինչեւ վերջը, եւ գերազանցեց Բարսեղի եւ Ներսէսի հմտութիւնները, եւ իր գիտութիւնը փոխադրեց Էջմիածին, երբոր Մովսէս կաթողիկոսէ Յովհաննավանքի ուսուցիչ կոչուեցաւ ( § 1649): Դավրիժեցին, որ հասած է զայն լսել, հիացմամբ կը գրէ, թէ իբրեւ զյորձանս ուղխից եւ հեղեղաց ընթանայր բանն ի բերանայ նորա (ԴԱՎ. 307): Արդէն յիշեցինք թէ Վժանեցիին մահը տեղի ունեցաւ 1631-ին ( § 1665), եւ իբր պատճառ կը յիշէ Դավրիժեցին, թէ ցուրտ քամի ունակացեալ էր ի մարմնոջ նորա, եւ թէ բժիշկին անհմտութենէն եւ անյարմար դեղեր գործածելէն, հիւծեալ մաշեցան ամենայն միսք անդամոցն, եւ այնպէս վճարեաց ըզկեանս զայս (ԴԱՎ. 309): Վժանեցիին աշակերտներուն գլխաւորը` եւ ուսումները եւս քանզեւս զարգացնողն ալ Սիմէոն Ջուղայեցին է, զոր վերջէն Փիլիպպոս ուսուցչութեան կոչեց, երբ Յովհաննավանքի դպրոցը Էջմիածին փոխադրեց ( § 1680): Կը պատմուի թէ երբ Խաչատուր Կեսարացի նուիրակ ղրկուեցաւ Լեհաստան ( § 1660), իրեն կընկերանար Սիմէոն Ջուղայեցին, եւ այնտեղ պատահեցան հակաճառութեան Ֆռանկաց, եւ ինքզինքնին տկար զգալով գիտական հմտութեանց մէջ, դառնալէն ետքը կարի յօժարութեամբ եւ ջերմեռանդն սրտիւ եւ պասքատոչոր կարոտիւ հետեւցան ուսմանց, բայց աւելի Սիմէոն, որ երիտասարդագոյն էր, եւ կարի առաւել աճեցոյց զուսումն իւր (ԴԱՎ. 310): Սիմէոն երեք տարի անընդհատ Էջմիածինի մէջ ուսմանց պարապելէ ետքը, Ասպահան գնաց Խաչատուր Կեսարացիի մօտ, որ վիճակին առաջնորդ էր եղած, եւ այնտեղ ալ շարունակեց իր ինքնօգնութեամբ աշխատութիւնները, վասնզի Խաչատուր ուսմանց պարապողները ի մարմնական գործոց յապահով պահէր, եւ Սիմէոնի վրայ առաւել գութ եւ խնամ ունէր: Այդ Խաչատուրն է որուն Լեհաստանի նուիրակութիւնը մեծ գրգիռ տուած էր Արեւմտեան զարգացման արդիւնքները Հայաստանի մէջ փոխադրել, եւ այս փափաքով տպարան ալ բացաւ 1640-ին Ասպահանի մէջ (ԴԱՎ. 210) զոր կազմեց ամենեւին ի վարպետաց ոչ տեսեալ, այլ իւրով հանճարովն յայտ ածեալ երեւեցոյց (ԺՄԳ. 605): Յիշատակարանին մէջ յիշուած են Սիմէոն Ջուղայեցի վարդապետն, եւ Յովհաննէս վարդապետ մը, որ գնացեալ շրջի յաշխարհին Լատինացւոց, որպէս զի ուսեալ ի նոցանէ եւ եկեալ ուղղեսցէ եւ հաստատեսցէ տպագրութեան արհեստը ի մէջ Հայաստանեայց (ԺՄԳ. 606): Իրաւունք կը զգանք սոյն Յովհաննէսը նոյնացնել այլուր յիշատակուած Յովհաննէս Ջուղայեցի վարդապետին հետ (ՏՊԱ. 86), որ իր յաջողակութիւնը Իտալիոյ մէջ սկսաւ գործադրել, թէպէտ կը խոստովանի ըստ հրամանի եւ ըստ կամաց Կեսարացւոյն գործի ձեռնարկած ըլլալը (ՏՊԱ. 87): Սիմէոն քերականութիւն (ԴԱՎ. 312) եւ տրամաբանութիւն (ԴԱՎ. 313) մըն ալ շարադրեց, Պրոկղի նոր թարգմանութիւնը ուղղեց, եւ անկէ ետքն է որ Էջմիածինի ուսուցիչ եղաւ, իսկ վերջէն 1651-ին կը յիշատակուի իբր արքեպիսկոպոս Նոր Ջուղայի (ՏԱՇ. 363): Կեանքին վերջին ատենները ուզած է քարոզութեան աղագաւ երթալ յաշխարհն Յունաց, որ է Օսմանեան գաւառները, բայց Եւդոկիոյ մէջ կը հիւանդանայ եւ կը վախճանի 1657 փետրուար 27-ին յաղուհացից պահոցն, որ ճշդիւ կը հանդիպի երրորդ ուրբաթին, եւ այնտեղ կը թաղուի (ԴԱՎ. 314): Իսկ Խաչատուր Կեսարացին աւելի կանուխ վախճանած կ՚ըլլայ, եթէ Սիմէոն 1651-ին, Փիլիպպոսի կենդանութեան ատեն Ասպահանի գաղութին առաջնորդն էր, իբր Խաչատուրի յաջորդ:

1712. ԻԼՎՈՎԱՑԻ ԵՒ ԴԱՒՐԻԺԵՑԻ

Ժամանակակից վարդապետներէն յիշատակելի է եւս Ստեփան Իլվովացի ի փարթամ տանէ, որ պատշաճ կրթութիւնը իր հայրենեաց մէջ առնելով, Նիկոլի նեղութիւններէն զզուած, Էջմիածին կու գայ ծնողաց հաւանութեամբ: Այնտեղ հետզհետէ կը յառաջանայ ազգային հմտութեամբ, եւ Մայրաթոռոյ մէջ օտար լեզուներու համար թարգմանիչ եւ ուսուցիչ կը հանդիսանայ, եւ չորս ալ գիրքեր կը թարգմանէ լատիներէնէն, որոնք են Յովսէպոս, Արիսգապացի, Գիրք պատճառաց, Բանք առակաւորք (ԴԱՎ. 315), որոնցմէ զատ կը յիշատակուին նաեւ Հայելի վարուց, Բուրաստան աղօթից, Հրեշտակաբանութիւն եւ Պատմութիւն Ղուրանի (ՀԴՊ. 296): Ստեփանոսի գործունէութիւնը Փիլիպպոսի օրով սկսած, ու շարունակած է մինչեւ անոր յաջորդին ալ մահը: Առանձինն յիշատակութեան արժանի է եւս Առաքել վարդապետ Դավրիժեցին, մանաւանդ այն մեծ արդիւնքին համար` որով վաթսնամեայ ժամանակամիջոցի համար ազգային պատմութեան առաջնորդն ու մեծ սատարողն եղած է: Բնիկ Թաւրէզ քաղաքէ եւ Մայրաթոռի աշակերտած, աստէն իսկ սնեալ եւ վարժեալ եւ յաւուրս ծերութեան ժամանեալ եմ, կ՚ըսէ, որով լոկ վանական կեանք անցուցած ըլլալը կ՚իմացուի, առանց վարչական անցուդարձներու մասնակցելու, թէպէտեւ շրջագայութիւններ ունեցած պիտի ըլլայ, զի մանրամասնութիւններով կը պատմէ աստեւանդ կատարուած եղելութիւնները: Տարիքը չի յիշեր, այլ երբ 1651-ին պատմութիւն գրելու կը ձեռնարկէ Փիլիպպոս կաթողիկոսի բռնադատիչ ստիպմամբ, յողորմելի ծերութեան եղած կ՚ըսէ զինքը, եւ թէ ծեր էի, նաեւ յոյժ ցաւագար մարմնով, եւ ի լուսոյ աչքս պակասեալ, եւ ի պնդութենէ ձեռքս թուլացեալ դողայր (ԴԱՎ. 519): Ուստի երբ ինքզինքը յաշակերտութենէ Փիլիպպոսի կաթողիկոսի կը կոչէ (ԴԱՎ. 516), աւելի պաշտօնական դիրքը կը դիտէ, զի հասակակից եղած կ՚ըլլայ Փիլիպպոսի, իսկ ուսմամբ Վժանեցիին եւ Ջուղայեցիին աշակերտած պէտք է ըսուի, զի եւ անոնց սորվեցուցած արտաքին ուսումներուն ալ հմուտ կը տեսնուի` տուած բացատրութիւններէն եզրակացնելով: Պատմութեան վրայ 4 տարի կ՚աշխատի, բայց Փիլիպպոսի մահուընէ ետքը կը լքանէ, իսկ յաջորդին յորդորներով նորէն ձեռք կ՚առնէ 1658-ին, եւ կը փակէ 1662-ին, ինչպէս կը գրէ յիշատակարանին մէջ (ԴԱՎ. 518), ինչպէս ալ գործին կէսին 1662 յուլիս 1-ը իբր գրելուն թուական կը ցուցնէ (ԴԱՎ. 333): Ասկէ կրնանք հետեւցնել թէ շարայարեալ պատմութիւնը մինչեւ Լ. գլուխին վերջն է, իսկ անկէ ետքը մինչեւ ԾԶ. գլուխ եղող մասերը, որոնք իրարմէ անկախ նիւթեր են, կ՚երեւի թէ ատեն ատեն գրած պատրաստ ունէր, եւ ետքէն պատմութեան ծայրը կցեց, թերեւս մաս մըն ալ վերջէն աւելցուց, ինչպէս` Այլեւս պատմութիւն ըստ յեղանակի անցեալ պատմութեանց մակագրութիւնն ալ կը յայտնէ (ԴԱՎ. 351): Դավրիժեցիին մահը, 1662-էն շատ ետքը եղած պիտի չըլլայ, զի Փիլիպպոսի յաջորդին գործերէն միայն զանգակատունին շինութիւնը կը պատմէ (ԴԱՎ. 207) եւ ուրիշ գործողութիւն չի յիշեր միջանկեալ 8 տարիներու գործունէութենէն:

1713. ՇԻՆԱՐԱՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ

Գոնէ յիշատակնին պահելու համար յառաջ բերենք ուրիշ վարդապետներու ալ անունները, եւ իրենց կատարած շինութիւնները, հետեւելով Դավրիժեցիին տուած տեղեկութեանց: Եսայի վարդապետ Մեղրեցի` Երնջակայ Ս. Կարապետի վանքին առաջնորդը, աւերեալ եկեղեցին, տուները, խուցերը եւ պարիսպները` բոլորովին քանդելով նորէն վերաշինեց աւելի ընդարձակ կերպով, եւ 1653 հոկտեմբեր 17-ին եկեղեցւոյն նաւակատիքը կատարեց (ԴԱՎ. 267): Զաքարիա վարդապետ Վաղարշապատեցի` Յովհաննավանքի առաջնորդն ալ, Փիլիպպոսի օրով դպրատունին Էջմիածին փոխադրուելէն ետքը ձեռնարկեց ամենայն ինչ նորէն շինել աւելի ընդարձակ եւ վայելուչ: Շինութիւնները աւարտեց 1652-ին, եւ Խաչվերացին օրը սեպտեմբեր 12-ին, եկեղեցւոյ օծումը լրացուց: Յոյժ ծերացած ըլլալով Էջմիածին քաշուեցաւ, ուր վախճանեցաւ 1659 յուլիս 10-ին, Վարդավառի օրը, եւ թաղուեցաւ զանգակատան առջեւի քարայատակին մէջտեղը, որուն համար ինքն քար տապանի ալ պատրաստած էր (ԴԱՎ. 268): Մկրտիչ եպիսկոպոս Մակուեցի` Արտազու Ս. Թադէոսի առաջնորդ, իր միաբաններուն հետ նոյն վանքին վերաշինութեան ձեռնարկեց. 1650-ին աւարտեց եկեղեցին, եւ 1653-ին ժամատունը, եւ անոնցմէ ետքն ալ Ս. Սանդխտոյ վկայարանը եւ Նահատակ կոչուած եկեղեցին (ԴԱՎ. 269): Մարտիրոս եպիսկոպոս Մուղնեցին ալ, Մուղնու Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ սենեակները ի հիմանց վերաշինեց, եւ ընդարձակագոյն պարիսպով պատեց Փիլիպպոսի օրով (ԴԱՎ. 270): Ոսկան վարդապետ Երեւանեցի` Ուշիի Ս. Սարգիս վանքին նորոգութեան ձեռնարկեց, պարիսպն ու սենեակները շինեց, բայց եկեղեցին աւարտելու չհասաւ: Իսկ Օշականի Ս. Մեսրովպի տաճարը ուղղակի Փիլիպպոս կաթողիկոսին կողմէ վայելուչ կերպով նորոգուեցաւ 1645-ին (ԴԱՎ. 270): Փիլիպպոս եպիսկոպոս Բջնեցի, Բջնիի Ս. Աստուածածին բարձրաբերձ եւ լայնանիստ եւ մեծաշուք տաճարը ձեռնարկեց նորոգել, Պետրոս Ջուղայեցի կամ Պետրոս Բգուզ հարուստ անձին ծախքով եւ աւարտեց 1643-ին, իսկ շուրջանակի վանքն ու պարիսպը իր յաջորդ Մովսէս Բջնեցի վարդապետը լրացուց (ԴԱՎ. 271): Ասոնցմէ զատ Շոռոթի եկեղեցին, Ագուլիս վանքը եւ գիւղի չորս եկեղեցիները, Թավրէզի եկեղեցին, Դարաշամբի եկեղեցին, Ցղնայի եկեղեցին, եւ այլք յոլովք զորս ոչ յիշեմ կ՚ըսէ Դավրիժեցին, ամէնքն ալ Փիլիպպոսի աշակերտ վարդապետներուն ջանքով շինուեցան կամ նորոգուեցան (ԴԱՎ. 272): Այս կարգին կը յիշուի եւս Քասաղի վրայ եղող Աշտարակ գիւղի կամուրջը, զոր խոջայ Գրիգոր Երեւանեցի, Մոծակենց մականուանեալ, ի հիմանէ մինչեւ ցկատարումն շինել տուաւ իր ծախքով 1664-ին ի փառս Աստուծոյ (ԴԱՎ. 271): Այս ամէն շինութիւններ եւ վերաշինութիւններն ալ որոնք յիշուեցան, եւ այլ եւս շատեր որոնք յիշուած չեն, ամէնն ալ Փիլիպպոսի մեծագործ եւ աշխարհաշէն գործունէութեան արդիւնքներ են, զի նորա օրինակին եւ յորդորներուն զօրութեամբ կը կատարուէին: Չմոռնանք գովութեան յիշատակ մըն ալ նուիրել ժամանակին ազգայնոց եկեղեցասէր եւ բարեսէր զգացումներուն, որոնք այս կերպով օգտակար կ՚ընէին 1639-ին դաշնագրով հաստատուած խաղաղութեան տարիները ( § 1680), եւ միանգամայն ռահահորդ եւ սկզբնապատճառ կ՚ըլլային բարեկարգութեան եւ զարգացման պտուղներուն, որոնք այդ առաջին ճիգերուն եւ խաղաղութեան հետեւանքն եղան:

1714. ԴԱՐԱՆԱՂԵՑԻԻՆ ՄԱՀԸ

Ժամանակակից վարդապետներու ցուցակը փակելու համար անգամ մըն ալ յիշենք Գրիգոր Դարանաղեցի վարդապետը, որուն անունը տալու նոր առիթ չներկայացաւ, 1624-ին Պալաթու եկեղեցիին կառուցումէն ետքը, որուն գործակցեցաւ եւ որուն համար հալածուեցան ( § 1604): Դարանաղեցին տարիքն առած եւ թափառայած կեանքէն յոգնած վերջապէս քաշուեցաւ Ռոտոսթոյ, որ կանուխէն իրեն սեփական վիճակ էր նշանակուած ( § 1604), կամ այնպէս ինքն Աստուածաշունչին յիշատակարանին մէջ կ՚ըսէ, ի մեր սեփական օթեւանս, ի մէջ մեր սեփական վիճակի հօտիցս, եւ համաշխարհիկ եղեալ քաղաքակցաց եւ գեղջակցաց, եւ կ՚երեւի թէ այլեւս անկէ հեռացած չէ: Ռոտոսթոյ գրուած յիշատակարան մը 1639 մարտ 22-ին, ի տեղւոյս առաջնորդութեան Դարանաղու Գրիգոր վարդապետին կ՚ըսէ (11. ԱՄՍ. 8), եւ 1643 սեպտեմբերին ծերացեալ լի աւուրբք այնտեղ մեռած ըլլալը տապանաքարին վրայ կը կարդացուի (11. ԱՄՍ. 7): Այսպէս կը կնքուի բաւական իր վրայ խօսիլ տուած կեանք մըն ալ, որուն մեծ գովութիւնը թէպէտ անարուեստ եւ ոչ ալ անկողմնակալ, գոնէ ժամանակակից պատմութիւն մը գրած ըլլալն է, որ տակաւին տպագրուած չէ:

1715. ՍԱՐՈՒԽԱՆ ԽԻԶԱՆՑԻ

Վարդապետներէն ետքը կ՚անցնինք ժամանակիս մէջ նահատակուած նոր վկաներու յիշատակներն ալ քաղել, ինչպէս որ սովորութիւն ըրինք արդէն: Սարուխան Հիզնացի կամ Խիզանցի, արհեստով կօշկար, միանգամայն վարժ երգիչ եւ քնարահար, Խիզանէ Բաղէշ կը փոխադրուի, կ՚ամուսնանայ եւ կ՚այրիանայ երկու զաւակներով: Պատահմամբ ծանօթութիւն կ՚ընէ կնոջ մը հետ, որ ինքզինքը քրիստոնեայ եւ այրի կը յայտարարէ, ամուսնութիւնը կ՚որոշուի, եւ օրինօք կը պսակուի եկեղեցւոյ մէջ, եւ քրիստոնէաբար կ՚ապրին միասին երեք տարի: Անկէ ետքը կը յայտնէ կինը, որ ինքն քուրդ եւ մահմետական է, բայց քրիստոնեայ ըլլալու համար իր ամուսնոյն քովէն փախած եւ ինքզինքը ծածկած է: Սարուխան կը զգայ թէ մեծ վտանգի մէջ ինկած է, բայց կը լռէ ու կեանքը կը շարունակէր, մինչեւ որ կնոջ ամուսին եղող Քուրդը Բաղէշ գալով կինը կը գտնէ, եւ աղմուկ կը թողու քաղաքին մէջ թէ քրիստոնեաներ իր կինը յափշտակած եւ բռնի իրենց հաւատքին դարձուցած են: Սարուխան կը ձերբակալուի, դատաւորի եւ իշխանի ատեանները կը հանուի, ուրացութեան կը բռնադատուի, ի մահահոտ եւ ի նսեմ բանտի կը փակուի (ՆՈՐ. 439), բայց հնար չըլլար զինքն ուրացութեան հաւանեցնել, ուստի կրակով սպանութեան կը դատապարտուի, եւ գլուխը կոճ մի փայտի, ուժգին զարնելով բոցերուն մէջ կը նետեն, եւ այնպէս կը նահատակուի, 1631-ին առաջաւորաց ուրբաթ օրը, փետրուար 4-ին երբ Փիլիպպոս Աղբակեցին ալ նուիրակութեամբ Բաղէշ կը գտնուէր:

1716. ԿՈՏԷԱՑԻՔ ԵՒ ՂԸԶԼԱՐ

Օսմանեանց եւ Պարսից պատերազմին միջոցին էր 1638-ին, որ Մասում անուն պարսիկը սուտ համբաւով Օսմանեան բանակէն փախուստի ստիպեց Թաթար գունդ մը, որ Կոտէից կամ Երեւանի նահանգը կ՚ասպատակէր (ԶԱՔ. Բ. 19): Փախչողներ կրցածնին մէկտեղ տանելու հետամուտ, երկու Կոտէացի գեղադէմ պատանիներ ալ կապած կը տանէին իրենց հեշտութեան զոհ, Արծնի գիւղին Դժուարադէմ կոչուած քարաժայռ գահավէժին մօտ, կը հաւանին կապերը քակել, եւ պատանիներ յանառակ պղծութենէն ազատելու եւ ուրացութեամբ չկորսուելու նպատակով, յիշեցին անուն Աստուծոյ, եւ անկան ի քարանցն ի վայր եւ մեռան: Քարաժայռին մէջ պահուըտած ոմանք, անոնց մարմինները տարեալ ի գիւղն Արծնի` թաղեցին (ԶԱՔ. Բ. 23): Անձնազոհ նահատակներու օրինակներ ցանցառ չեն վկայաբանութեանց մէջ, եւ անոնց կարգին պէտք է դասել այդ երկու Կոտէացի պատանիներն ալ, որոնց անունը անյայտ է մնացած: Նոյն փախուստի միջոցին ուրիշ այլազգներ ալ ձեռք կը ձգեն Ղըզլար անուն մանկամարդ կին մը, Նորագաւիթ գիւղէն, վաճառական Սեաւ Զաքարիայի կողակից, եւ հափափելով իրենց ձիուն վրայ կ՚առնեն, բայց Ղըզլար ազատելու համար զինքն վար կը ձգէ: Երկու երեք անգամ այդ ճիգը կը կրկնուի, մինչեւ որ Թաթարներ հեռուէն Պարսիկներու մօտենալը տեսնելով` սրախողխող արարին զերանելի կինն Ղըզլար, թողին կիսամահ եւ փախեան, որ առած վէրքերուն երեսէն եօթն օր ետքը վախճանեցաւ, օրինաւորապէս հաղորդուելէ ետքը (ԶԱՔ. Բ. 24): Ասոր ալ անունը նահատակներու կարգին դասելու չենք վարանիր, քանի որ հաւատոյ եւ սրբութեան պաշտպանութեան համար եղան Ղըզլարի դիմադրութիւնն ու մահը:

1717. ԳԱԼՈՒՍՏ ԱՐԱԽՍԱՑԻ

Գալուստ քահանայ Արախսա գիւղի, Երեւանի գաւառին մէջ, մկրտած էր Բասէնէ գաղթած չքաւոր մէկու մը նորածինը, եւ խղճալով անոր աղքատութեան 12 լիտր ալ ցորեն տուած էր իբր ողորմութիւն: Օր կ՚անցնի եւ Բասենցի գաղթականին կնոջ հայրն ու եղբայրը ետեւէն կու գան, եւ կը սկսին պահանջ յարուցանել թէ իրենց աղջիկը առեւանգած եւ ինչքերը գողցած է, եւ գործը դատաւորին ատեանը կը տանին, որ վճարման վճիռ կու տայ: Մարդիկ տալու բան չունէին, եթէ բան մը առած ալ ունէին, վատնեալ էին, եւ ազատելու համար կ՚որոշեն ուրանալ, եւ աւելի արժանիք ցուցնելու համար, խօսք ալ կը խառնեն, թէ իրենք ուրացութեան միտքով եկած էին, բայց թէ Գալուստ քահանան զիրենք ստիպեց նորածինը մկրտել, մինչեւ իսկ կ՚ըսեն թէ կաշառք ալ տուաւ զիրենք համոզելու: Այսչափը կը բաւէ Գալուստը Երեւանի ատեանը քաշելու եւ խիստ հարցափորձի ենթարկելու. բայց Գալուստի բացատրութիւնները օգուտ չեն ունենար թէ անոնք քրիստոնեայ էին, թէ մկրտութիւնը իրենք ուզեցին, թէ ցորենը ողորմութիւն տուաւ, եւ վերջէն կրօնափոխ ըլլալնին առջի գործերը չ՚այլայլեր: Ուրացութիւնը շուտով կ՚առաջարկուի իբր ազատութեան պայման, որուն կը դիմադրէ Գալուստ, թէպէտ տգէտ էր ի գրոց գիտութենէ (ԶԱՔ. Բ. 31): Կը բանտարկուի զինքն համոզելու եկող կարդացողները ետ կը դարձնէ, եւ վերջապէս քարկոծման վճիռը կը տրուի: Անհնարին ձաղանքով եւ խոշտանքներով կը տանին քահանան քաղաքին արեւմտեան դուռը, քրիստոնեաներն ու բոշաները կը ստիպեն քարկոծելու, եւ երբ ամէնքը կ՚ընդդիմանան ու կը փախչին, Պարսիկներ վրան կը յարձակին եւ քարերու ներքեւ կը թաղեն Գալուստ Արախսացի քահանան: Նահատակութեան օրը եղած է 1640-ին յաւուրս քառասնորդաց, առանց որոշ ամսաթիւի, որ տարին Բուն բարեկենդանը կ՚իյնար փետրուար 15-ին: Մարմինը թաղուած է Ս. Անանիայի անապատը (ԶԱՔ. Բ. 32), Մովսէս Տաթեւացիին վանքը:

1718. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ

Նիկողայոս Տիգրանակերտցի մականուանեալ, որովհետեւ Հայերը սովորած են այդ անունը տալ հին Ամիդ, եւ այժմ Տիրապէքիր քաղաքին, 15 տարեկան, եւ տեսլեամբ գեղեցիկ եւ հասակաւ վայելուչ պատանի մը կար յիշեալ քաղաքը (ԴԱՎ. 405): Զինքը գգուել ուզող Տաճիկներուն կ՚ընդդիմանայ ու կ՚անարգէ, եւ իբր Տաճիկներու հաւատքին հայհոյող` դատաւորին ատեանը կը հանուի: Պատանի Նիկողայոսի հերքումին դիմաց, երկու սուտ վկայ կը բերեն, եւ երբ Նիկողայոս ուրացութեան չի զիջանիր մահուան վճիռ կ՚արձակուի: Կուսակալը կը միջամտէ որ խոստումներով եւ աղաչանօք համոզէ պատանին, եւ երբ չի յաջողիր` վճիռին գործադրութիւնը կը հրամայէ: Բոլորովին մերկ եւ ձեռուըները ետեւը կապուած քաղաքին մէջ պտտցնելէն ետքը, մահապարտութեան տեղը կը տանին, եւ կրկին սպառնալիքներով եւ խոստումներով կը փորձեն, որ միջոցին Մարտիրոս քահանան արմաւի հատի մէջ հաղորդը ծրարելով կը յաջողի Նիկողայոսին ճաշակել տալ եւ փախչիլ: Վերջապէս երկու ձեռուըները եւ երկու ոտուըները հետզհետէ վէմին վրայ կը ջախջախեն, եւ մինչեւ երեկոյ այնպէս կը թողուն: Միւս օրը տուն մը կը փոխադրեն, ուր երրորդ օրը հոգին աւանդեց: Կատարումն նահատակութեան սրբոյն Նիկողայոսի կը դրուի 1642 ապրիլ 15-ին (ԴԱՎ. 409), որ կը հանդիպի զատկի ուրբաթին, եւ աւելի կը յարմարի տանջանաց օրուան, որով մահը կրնայ դրուիլ 17-ին, Նոր կիրակիին: Դավրիժեցին կ՚ըսէ թէ վարդապետ ոմն, զորոյ անունն ոչ գտաք, Նիկողայոսի աջը եւ տանջանաց վէմը, նորաշէն եկեղեցւոյ հիմին մէջ զետեղեց. իսկ Յայսմաւուրքը կ՚ըսէ թէ այդ բանը առաջնորդ քաղաքին ըրած է (ՅԱՅՍ. Ա. 168): - Տասնըհինգ տարեկան նահատակի մըն ալ յիշատակը կ՚ընէ Քէօմիւրճեան, գրելով. Եւ Մանուկըն թուին ՃԱՌ. նահատակն ամաց հնգետասան (ՉԷԼ. 78), սակայն հնար չէ նոյնացնել 15 տարեկան Նիկողայոսի հետ, վասն զի այս գերեզմանը Կ. Պոլսոյ Բերայի մէջ է, եւ թուականն ալ ՃԱՌ. կամ ՌՃԱ, այսինքն 1652 է. ուստի անծանօթ մնացած Մանուկ Կոստանդնուպոլսեցի նահատակի մը պէտք է վերագրել այս յիշատակութիւնը:

1719. ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ

Ուրիշ Տիարպէքիրցի նոր վկայ մըն ալ Խաչատուր Տիգրանակերտցին է, Նիկողայոսի նման պարագաներու մէջ նահատակուած, աւելի սրտառուչ կերպով: Իբրեւ ամաց քսանից էր Խաչատուր, գեղեցկատես եւ վայելչահասակ երիտասարդ մը, յոյժ հոգսէր եւ եկեղեցասէր, դարբնութեան արհեստին զբաղած, քաղաքին մեծ մզկիթին մօտերը: Օր մը երբ մզկիթին աղբիւրէն կը լուացուէր, ամիր եւ կանաչագլուխ Տաճիկ մը զինքն կը վռնտէ, եւ Խաչատուրի ընդդիմանալուն վրայ, ժխոր մը կը փրթի, եւ Տաճկաց օրէնքին հայհոյած ըլլալու զրպարտութեամբ եւ սուտ վկաներով դատաւորին ատեանը կը հանեն: Սա աւելի գութով եւ ողոքանօք կը վարուի, գործը միւֆթիին կը ղրկէ, որ մահուան պատգամ կու տայ, եւ դատաւորը կը պարտադրուի վճիռ արձակել. կուսակալն ալ բազում խանդաղատական բանիւք կը ջանայ երիտասարդը ազատել ուրացութեան միջոցներով: Մէկ երկու անգամ առանձինն կը թողու, գուցէ մտաբերէ բայց Խաչատուր միշտ աւելի ուժգնութեամբ կը պնդէ իր ընդդիմութիւնը, մինչեւ որ կուսակալն ալ կը հրամայէ պատգամին գործադրութիւնը, որ քերթել հարկ տեսած էր, Խաչատուրին` քերթէք զիս, ես ի հաւատոյս իմոյ ոչ դառնամ ըսած ըլլալուն համար (ԴԱՎ. 411): Նախ մերկացնելով եւ ձեռուըները ետեւը կապելով ձաղանօք եւ խոշտանգանօք քաղաքին մէջ կը պտտցնեն, եւ քաղաքին Նոր դուռին առջեւ, թէ առջեւէն եւ թէ ետեւէն մորթը մինչեւ մէջքը քերթելով անգամ մըն ալ քաղաքին մէջ կը պտտցնեն: Անկէ ետքը կը բերեն մեծ հրապարակը, եւ վէմի վրայ նախ բազուկները, վերջէն սրունքները կը ջախջախեն, եւ նահատակը նուաղեալ գետին կը տարածուի: Այդ վիճակին մէջ, նախ ջուր կը խմէ, եւ վերջէն հաղորդ կ՚ընդունի հացի մէջ ծրարուած, եւ այնպէս կը թողուի: Խաչատուր Բաղիշեցի վարդապետ եւ Սամուէլ Բալուեցի աբեղայ, իրեն մօտը կը մնան մխիթարելով մինչեւ որ գիշերուան մէջ հոգին կ՚աւանդէ: Մարմինը կը փոխադրուի եկեղեցի, եւ օր մը հասարակաց բարեպաշտութեան առարկայ կը թողուի, եւ վերջէն կը թաղուի մեծաշուք հանդէսով: Կուսակալը քսուներու դրդմամբ կ՚ուզէ մահապարտի մը յիշատակը փառաւորողները պատժել, այլ կ՚արգելուի այն օր Եէնիչէրիներուն, իրեն դէմ ելլելովը, եւ շաբաթ մը բերդին մէջ արգելական պահուելովը, եւ բարեխօսութեամբ սրբոյն Խաչատրոյ եղած կ՚ընդունուի քրիստոնէից ազատութիւնը: Նահատակութեան օրը եղած է 1659 օգոստոս 20-ին (ԴԱՎ. 417) որ կը հանդիպի Վերափոխման հինգշաբթիին: Խաչատուրի ալ յիշատակը Յայսմաւուրքին մէջ անցած է (ՅԱՍ. Բ. 89):

1720. ՍԻՐՈՒՆ ԳՆՈՒՆԻ

Սիրուն Գնունի կամ Ալիւրցի, Վասպուրականի Գնունի կամ Ամուկ գաւառին Ալիւր գիւղէն, ամուսնացած էր արդէն, եւ կարօտ ըլլալով մահմետականի մը ծառայութեան մտած էր Վանայ մէջ: Օր մը որ իր տիրոջ համար բեռ մը կեռաս կը բերէր Խլաթի կողմէն, Վանայ մէջ Տաճիկ տղաքներ վրան ինկան կեռասը յափշտակելու, եւ Սիրուն ապրանքը պաշտպանելու համար տղաքը կը վանէր, եւ արձակած քարերէն տղու մը գլուխը վիրաւորուեցաւ, եւ երկու ամիսէն մեռաւ: Սիրունի տէրը զայն իսկոյն հեռացուց Ալիւր` իր գիւղը, բայց գիւղին Տաճիկները զինքն կալանաւորեցին. տղուն ծնողքն ալ վրէժխնդրութիւն կը պահանջէին, բայց դատաւորն ու միւֆթին զինքն անպարտ արձակեցին եւ Սիրուն նորէն Ալիւր դարձաւ: Այս անգամ երկու եւ երեք հարիւր Վանեցի կրօնամոլ Տաճիկներ, հաւաքուեցան: Ալիւր եկան, Սիրունը Վան բերին, մահ սպառնացան եթէ իրենց կրօնքը չընդունի. Սիրուն ուրացութեան յանձնառու չեղաւ, ուստի ամէն տեսակ խոշտանգանքներ թափեցին վրան, բարակ չուանով բազուկները պրկելով, ծեծելով, քաշկռտելով ու կռփահարելով` քսան օր շարունակ քաղաքին մէջ ձաղանաց եւ խոշտանգանաց ենթարկեցին: Որչափ ալ Սիրունի ծնողքն ու մերձաւորք առ երեսս ուրացութեան կը յորդորէին, Սիրուն երբեք յանձն չառաւ: Տաճիկներ երեք օր ալ իրենց աղօթքները դադրեցուցին իբրեւ բողոքոյ ցոյց, սակայն անով ալ մահուան վճիռը չկրցան առնել դատաւորէն: Ուստի երբոր նորէն քաղաքին մէջ կը պտտցնէին, կատաղիներէն մին կուշտէն վիրաւորեց զայն դաշոյնով, ուրիշ մը քարով գլուխը ջախջախեց, եւ այնպէս նահատակուեցաւ Սիրուն, Վանայ Նալբանտանոցի շուկային մէջ 1655-ին (ԴԱՎ. 421) օգոստոս 5-ին (ՆՈՐ. 471), Վերափոխման բարեկենդանի կիրակի օրը: Մարմինը առաջ քաշկռտելով քաղաքէն հանեցին եւ քարկոծեցին, եւ անկէ ետքը քրիստոնեայք կրցան զայն առնել եւ թաղել ընդհանուր գերեզմաննոցին մէջ: Սիրունի ալ յիշատակը Յայսմաւուրքին անցած է (ՅԱՍ. Բ. 62):

1721. ՎԱՐԱԳԱՅ Ս. ՆՇԱՆԸ

Յիշատակութեան արժանի կը սեպենք Վարագայ Ս. Նշանին գերութեան եւ ազատութեան եղելութիւնն ալ, զոր յոյժ մանրամասնօրէն կը պատմէ Դավրիժեցին (ԴԱՎ. 382-402): Խօշաբի բերդին տէրն էր Սիւլէյման բէկ անուն բռնապետ մը, որուն քով ապաստան գտած էր Չօմար անուն նախկին կուսակալ մը, որ աւազակապետ էր դարձած: Վանայ մէջ ալ զօրացած էր Հիւսէյին աղա անուն իշխանաւոր մը, կուսակալն ալ իրեն հպատակեցուցած: Երկուքը միասին ընդդիմացան նոր եկող կուսակալին եւ այս պատճառաւ իրենց վրայ ղրկուեցաւ Սինան աղա զօրավար մը: Ասիկա Հիւսէյինի եւ կուսակալի վրայ զօրանալու համար իրեն օգնութեան կանչեց Սիւլէյմանն ու Չօմարը, որոնք եկան, եւ Վանայ շրջակայքը եւ Հիւսէյինի կալուածները աւրած ատեննին, Վարագայ վանքն ալ ելան նոյն նպատակով, եւ հարուստ աւարի ակնկալութեամբ: Միաբաններն ցրուեցան, եւ միայն երեք ծերեր մնացին, Յովհաննէս եւ Սահակ եւ Մովսէս աբեղաներ, որոնք Չօմարի ձեռքէն անտանելի չարչարանքներ կրեցին, որ վանքին գանձարանները յայտնեն, սակայն անոնք ամէնուն ալ տոկացին պնդելով թէ ոչ գիտեմք զխնդրելին ձեր (ԴԱՎ. 387): Այն ատեն աւարառուք անձամբ եւ Չօմար գլուխնին, եկեղեցիներուն պատերը ծեծելով եւ քանդելով գտան նախ պղնձեղինաց, յետոյ արծաթեղինաց գանձարանը, որուն մէջ էր Վարագայ Ս. Նշանն ալ, ամէն բան գրաւեցին, սկիհ եւ խաչ, աւետարան եւ գիրք, քշոց եւ բուրվառ, շուրջառ եւ վարագոյր, եւ մարդաչափ արծաթէ մի խաչ մէկ խանդարի կշռով, եւ իբր ի յարգանս Ս. Նշանին մօտը քահանայ մը դրին, եւ ամէնքը փոխադրեցին Խօշաբ: Վարագի կողոպտուելուն օրն էր 1651 (ԴԱՎ. 389), աղուհացից հինգերորդում շաբաթու յուրբաթ օրն (ԴԱՎ. 398), որ կ՚իյնայ մարտ 14-ին: Սիւլէյման ուզեց Ս. Նշանը իր սահմանին մէջ եղող Հոգւոց վանքը դնել, բայց առաջնորդ Պետրոս եպիսկոպոս յանձն չառաւ, պատճառելով թէ պէտք է իր տեղը դառնայ, եւ մնաց Սիւլէյմանի ապարանքը (ԴԱՎ. 395): Վանայ գլխաւորներէն Մարխաս Չէլէպի` Խանենց խօջայ Թումայի որդին, անձամբ Խօշաբ եկաւ Ս. Նշանը փրկանաւորելու, մինչեւ 7000 ղուրուշ խոստացաւ, բայց Սիւլէյման չզիջաւ (ԴԱՎ. 396): Սակայն աղետաբեր եղաւ հետեւանքը: Յորմէհետէ Ս. Նշանը գերուած էր, Խօշաբի երկրին բարեբերութիւնը վնասուեցաւ: Յիսնակի բարեկենդանին որ կը հանդիպէր նոյեմբեր 16-ին (ԴԱՎ. 391), Չօմար Հիւսէյինին հետապնդելու համար շատ մը փորձանքներու հանդիպեցաւ, եւ վերջ ի վերջոյ ձեռք իյնալով սպանուեցաւ (ԴԱՎ. 371): Սիւլէյման իրեն դէմ եղած դաւաճանութիւնը զսպելու համար իր մեծամեծներէն երեքը բանտարկեց, բայց անոնց հաւատարիմները կանացի զգեստով իրեն մօտ երթալով զինքը սպաննեցին, Վարագի կողոպտուելուն տարեդարձին, 1652 աղուհացից հինգերորդ ուրբաթ օրը (ԴԱՎ. 399), որ այս անգամ կը հանդիպէր ապրիլ 2-ին: Սիւլէյմանի եղբայրը Իպրահիմ բէկ անոր յաջորդեց Խօշաբի տէրութեան մէջ: Բայց այն ալ յաջողութիւն չտեսաւ, երկրին արգասաւորութիւնը հետզհետէ նուազեցաւ, 1653-ին Լուսաւորչի պահքին, որուն բարեկենդանը կ՚իյնար յունիս 19-ին, սաստիկ ձիւն տեղաց, եւ ցանք ու արօտ խանգարեց, ու խաշնամահ տարածուեցաւ: Ետեւէն Իպրահիմ ինքն ալ սաստիկ հիւանդացաւ (ԴԱՎ. 401), ուզեց գոնէ Ս. Նշանը Հոգւոց վանքը ղրկել, բայց Պետրոս եպիսկոպոս նորէն յանձնառու չեղաւ, եւ տեղը դարձնելու անհրաժեշտութիւնը զգացուց (ԴԱՎ. 401): Վանեցիք եղածները լսելով քաջալերուեցան, եւ Մարխաս Խանենց իշխանաւորը նորէն եկաւ, եւ 2000 ղուրուշի փրկանքով յաջողեցաւ Ս. Նշանը եւ կողոպտուած իրերէն որչափ ինչ մնացած էր ետ առնուլ, եւ ուրախութեամբ Վան բերել: Վանեցիք վախցան նորէն Վարագի վանքին մէջ` ամայի լերան գագաթը դնել Ս. Նշանը եւ պահեցին քաղաքին Ս. Տիրամայր եկեղեցին, որ անկէ ետքը աւելի յաճախ Ս. Նշան անունով կոչուած է: Վարագայ Ս. Նշանին գերեդարձը տեղի ունեցաւ 1655-ին (ԴԱՎ. 401), որ է նոյնիսկ Փիլիպպոսի մահուան թուականը. իսկ ամսաթիւը նշանակուած չէ: Այն երեք ծերունի աբեղաները` Յովհաննէս եւ Սահակ եւ Մովսէս` որոնք Ս. Նշանի համար չարչարուած էին, հազիւ տարի մը եւս կրցան ապրիլ. եւ իրարու ետեւէ վախճանեցան 1652 տարւոյն մէջ (ԴԱՎ. 389), եւ գերեդարձը տեսնելու չհասան: Պատմութիւնը չի յիշեր եւս Վարագայ առաջնորդին անունը, որ կ՚երեւի թէ ասպատակին հասնելուն` առաջին փախչողներէն մին եղած է:

1722. Ս. ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՄԱՍՈՒՆՔՆԵՐԸ

Վարագայ Ս. Նշանի պատմութեան առիթով յառաջ բերուած է Ս. Յովհաննու Կարապետի մասունքի մըն ալ յայտնութիւնը: Երբոր Շահաբաս Առաջինի հրամանով Ջուղայ ալ բռնի կերպով գաղթելու կը ստիպուէր ( § 1589), հնար չէր եղած ամէն բան միասին փոխադրել, եւ շատ կարեւոր բաներ ալ մոռցուեցան եւ մնացին, եւ Ջուղայի աւերակներուն մէջէն բախտ գտնողներ ալ եղան: Մէհրամ անուն այլազգի մըն ալ խուզարկութիւններ ըրած ատեն, Վերին Կաթան կոչուած եկեղեցւոյն աւերակներուն մէջ, խեցեղէն ամանի մէջ տուփ մը կը գտնայ, որ քանի մը կտոր ոսկրներ ու մագաղաթի կտոր մը կը պարունակէր: Արժէքաւոր բան մը կարծելով կը պահէ, մինչեւ որ լաւ տեղեկանայ, բայց միւս կողմէն իր տունին բախտը կը շրջի, նախ կենդանիներ յետոյ զաւակները կը մեռնին, գործերն ալ կը ձախողին: Շփոթած գործը կը յայտնէ իր ծանօթներէն Դարաշամբի Շմաւոն եպիսկոպոսին, որ մագաղաթը կարդալով կ՚իմանայ թէ Յովհաննու Կարապետի մասունքներ են, որոնք 972-ին Խրամ քաղաքի աւերման առթիւ Ջուղայ են բերուած (ԴԱՎ. 404), եւ Մէհրամի կամքը հաճեցնելով մասունքները կը պահէ: Լուրը կը լսուի, եւ Ասպահանի Ջուղայեցիներ խօջայ Նազարի գլխաւորութեամբ` կ՚ուզեն տէր ըլլալ, եւ Շմաւոն կը պարտաւորուի մասունքները յանձնել մագաղաթին հետ, որոնք Ասպահան կը տարուին, միայն մեծկակ կտոր մը իրեն կը պահէ: Ջուղայի գաղութը 1605-ին կատարուած ըլլալով, մերձաւորաբար 1608-ին կրնանք դնել այդ մասունքներուն գիւտը, որուն վրայ բաւական ատեն կ՚անցնի մինչեւ 1654-ին նորէն անոնց յիշատակութիւնը կ՚ըլլայ: Յակոբ եպիսկոպոս Ջուղայեցի, Փիլիպպոսի դառնալէն ետքը ձեռնարկած էր Դարաշամբի Ս. Նախավկայի վանքը նորոգել, երբ Շմաւոն եպիսկոպոս, որ յոյժ ծերացեալ պիտի ըլլար, Յակոբի լուր կու տայ մօտը պահած մասունքին վրայօք, եւ կը փափաքի զայն խաչի մը մէջ զետեղելով վանքին յիշատակ թողուլ: Այստեղ Դավրիժեցին Յակոբի բերանէն կը յայտարարէ, թէ ոչ գոյ հրաման ի կանոնաց դնել զնշխարս սրբոց ի մէջ խաչին (ԴԱՎ. 405), եւ ասով կը հաստատուի հնաւանդ եւ յոյժ օրինաւոր սովորութիւն մը: Վասնզի քանի որ խաչը յանուն Քրիստոսի նուիրագործուած եւ գործածուած կը նկատուի, յարմար չէր ըլլար անոր կցել սուրբի մը անունին նուիրագործումը: Սակայն այսօր անխտիր կը տեսնենք խաչերու ակին մէջ սուրբերու մասունքներ դրուած, որ Լատինացւոց նմանողութեամբ եկամուտ մըն է: Յակոբ պատշաճագոյն կերպով յատուկ մասնատուփ մը պատրաստել տուաւ, արծաթեայ աղիւսաձեւ, ոսկեզօծ ակերով ընդելուզեալ, եւ անոր մէջ զետեղեց Շմաւոնի պահած Ս. Կարապետի մասունքը, վրան ալ արձանագրելով զամենեսեան անցուածք պատահմանցս, որուն մասին իբր ականատես կը խօսի Դավրիժեցին (ԴԱՎ. 405), զի իր ժամանակին ալ պահուած պիտի ըլլար մասունքը Դարաշամբի Ս. Նախավկայի գանձարանը: Չենք գիտեր թէ այնտեղ կը մնայ տակաւին, վասն զի Ս. Նախավկայի վանքը, որ տակաւին Պարսկաստանի սահմանին մէջ կը գտնուի, բազմիցս կողոպտուած է, եւ շարունակ արշաւանքներու ենթարկուած տեղ մը եղած է: