Ազգապատում. հատոր Բ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՄԻՆԱՍ Ա. ԱԿՆԵՑԻ

2035. ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ

Մինասը յիշեցինք երբ Նալեանի տեղ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան կոչուեցաւ ( § 2029), եւ անկէ առաջ Մշոյ Ս. Կարապետի առաջնորդ եղած ըլլալը գիտենք, բայց աւելի կանուխ նախընթացին ինչ ըլլալը չենք գիտեր: Նկատելով որ բաւական ծեր կը ներկայացուի բարձր աթոռներ ելած ատենը, անհաւանական չէր ըլլար նոյնիսկ Աբրահամ Խոշաբեցիի յաջորդ եղած կարծել Գլակի մէջ, երբոր նա 1730-ին կաթողիկոս կ՚ընտրուէր ( § 1965), որով սա ալ Ամրտոլցի Վարդանի կրտսերագոյն աշակերտներէն եղած կ՚ըլլայ: Մինաս 1749 գարունէն մինչեւ 1751 գարուն երկու տարի պատրիարքութիւն վարած էր, առանց շփոթի մը տեղի տալու, թէպէտեւ առանց յատուկ եւ նշանաւոր արդիւնաւորութիւն մըն ալ ցուցնելու, որ եթէ մեծ գործունէութեան նշան չէ, խոհական եւ կանոնաւոր անձնաւորութեան նկարագիրը կը ցուցնէ: Այդ համբաւը հարկաւ յորդորեց Էջմիածինի միաբանները որ Կ. Պոլսոյ պատրիարքը իրենց կաթողիկոս ուզեն, եւ Տաճկահայեր ալ շուտով համաձայնած են իրենց ճանչցած խոհական անձ մը Մայրաթոռին վրայ տեսնել, որ կարող էր դարմանել եւ բուժել այն պառակտումները ու թշնամութիւնները, զորս ցանած եւ աճեցուցած էր Ջահկեցիին բուռն եւ կրքոտ վարչութիւնը: Նկատելի է որ վերջին կաթողիկոսներ, Էջմիածինին Օսմանեանց տէրութեան ներքեւ իյնալէն ի վեր, Տաճկահայութեան կողմէ կ՚առնուին, թէպէտեւ Էջմիածին եւ Երեւանի նահանգը Պարսից իշխանութեան ներքեւ անցած էին: Ասոր ներքին պատճառը պէտք է տեսնել Պարսկահայոց ինկած եւ նուազած վիճակին մէջ, որ եթէ առաջ իբրեւ ազդեցիկ տարր իրենց հաճութեամբ կը տնօրինէին Մայրաթոռի բախտը եւ Ջուղայեցիներ կը բարձրացնէին հայրապետական աթոռին վրայ, այլեւս ոչ իրենց ազդեցութիւնն էր մնացած, եւ ոչ արժանաւոր եկեղեցականներ կը հասնէին Նոր-Ջուղայի վանքէն, կամ Էջմիածինի Ջուղայեցի միաբաններէն: Եւ ոչ միայն Տաճկահայեր էին որ Մայրաթոռին ընտրելիներ կու տային, այլեւ Պարսիկ կառավարութենէ աւելի Օսմանեան կառավարութեան պաշտպանութիւնը կը յարգուէր, եւ անոր հրովարտակն էր որ Էջմիածինի գահակալին զօրութիւն եւ ազդեցութիւն կը պատրաստէր: Մանաւանդ Ջահկեցիին մահուան թուականին` Պարսկաստան կատարեալ անիշխանութեան մէջ էր: Բարձաւ իսպառ, կը գրէ Երեւանեցին, թագաւորութիւն Պարսից, եւ երկիրս մատնեցաւ ի ձեռս ինքնագլուխ եւ աներկիւղ բռնաւորաց ( ՋԱՄ. 32): Մինաս պատրիարք` համաձայնութեամբ միաբանից Էջմիածնի եւ Կոստանդնուպոլսեցոց ընտրեալ կաթողիկոս, Օսմանեան կառավարութենէ ալ հրովարտակը ստանալով փութաց Էջմիածին երթալ ( ՇԱՀ. Ա. 229), եւ կաթողիկոսական օծումը ստացաւ 1751 սեպտեմբեր 15-ին, Խաչվերացի օրը ( ՉԱՄ. Գ. 864):

2036. Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԱԹՈՌԸ

Երբոր Մինաս` կաթողիկոսութիւնը հաստատուելով պատրիարքութենէ ձեռք քաշեց, ջանաց առջեւ անցընել իր իսկ փոխանորդը, Գէորգ Ղափանցի վարդապետը, եւ դժուարութիւն չունեցաւ մեծամեծները հաւանեցնել, վասնզի ընդհանուր համակրութիւն վաստակած էր Ղափանցին, իբր քաղաքավար ոմն եւ մարդասէր, ողորմած եւ շահեցող ամենայնի ( ՉԱՄ. Գ. 864): Ղափանցիին կապայ հագած, այսինքն պաշտօնապէս պատրիարք նստած օրը նշանակուած է 1751 յունիս 15 ( ՍՐԳ. ) շաբաթ օր: Ինքն բնիկ Սիւնեաց նահանգէն եւ Պարսկահայ երկիրներէն ըլլալով, Էջմիածինի միաբան պէտք է ըլլայ, եւ Էջմիածինի շատ միաբաններու նման նուիրակութեամբ եկած: Յատկապէս Գաղատիոյ շրջանակին մէջ աշխատած էր, եւ Կ. Պոլիս անցնելով իր համեստ ընթացքովը պատրիարքին եւ ժողովրդեան համակրութիւնը գրաւած էր: Եթէ Ղափանցին այդ կողմէ հաճելի եղաւ, բայց իբր գործունէութիւն մեծ արդիւնք ունեցած պիտի չ՚ըլլայ, որ մեծամեծներ աւելի կարող եւ աւելի յաջողակ անձի մը պէտքը զգացին, եւ Կոլոտի ու Նալեանի յիշատակները ամէնուն բերանը կը կրկնուէին: Կարող պատրիարք մը ունենալու պատճառներուն կարգին կը յիշուի եւս, թէ տարածիլ սկսաւ աղանդ ինչ անաստուածական ( ՍՐԳ. ), առանց աւելի բացատրութեան, եւ թերեւս բողոքականութեան ակնարկուի այս խօսքով: Ժամանակին մեծամեծներուն աւելի ազդեցիկն էր Եաղուպ ամիրա, արքունի վաճառապետ, որ է պազիրկեանպաշը, իր հայկական անունով Յակոբ Յովհաննէսեան Ակնեցի, որ 1751-ին Երուսաղէմ ուխտի կ՚երթայ իր կնոջ Սողոմէի հետ, թանկագին ընծաներ կը տանի եւ Ս. Յարութեան տաճարին վերնատունը նորոգել կու տայ: Նալեանի նախածանօթ ըլլալով արտասովոր կերպով կը պատուասիրուի Եաղուպ, եւ այնտեղ կը համաձայնին որ Նալեան նորէն Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան դառնայ: Եաղուպ իր վրան կ՚առնէ զայն իրականացնելու հոգը, եւ Երուսաղէմէ դառնալուն Նալեանը իրեն հետ միատեղ Կ. Պոլիս կը բերէ: Եաղուպ ուխտաւորութեան համար Երուսաղէմ գացած ըլլալով, ժամանակին սովորութեան համաձայն 1751-ին վերջերը աւագ տօներէն առաջ գացած կ՚ըլլայ, եւ դարձած` զատիկը ընելէն ետքը, որ այն տարի 1752 մարտ 29-ին կը հանդիպէր: Եաղուպ Կ. Պոլիս հասնելուն կը հաղորդէ իր որոշումը, եւ Ղափանցիին հրաման կ՚ընէ աթոռէն հրաժարիլ, որ անհակառակ կը համակերպի, փոխարէն Պրուսայի առաջնորդութիւնը ընդունելով ( ՉԱՄ. Գ. 864): Ըստ այսմ 1752 մայիս 16-ին տեղի կ՚ունենայ Նալեանի երկրորդ անգամ պատրիարքական աթոռ ելլելը (01 ՕՐԱ. 141): Իսկ Եաղուպ ամիրա այս եղելութեան վրայ շատ չ՚ապրիր, զի քիչ ետքը 1752 յուլիս 9-ին ( ՍՐԳ. ), Վարդավառի հինգշաբթին, արքունական հրամանով կը գլխատուի: Ոմանք նահատակութեան գոյն տուած են Եաղուպի գլխապարտութեան, այլ մեզ հաւանականագոյն կ՚երեւի արկածին մեկնութիւնը տեսնել ներքինապետ Պէքիրի անկումին մէջ, որ իբր հեղինակ բազմաթիւ զեղծումներու եւ ոճիրներու` ամբաստանուեցաւ դենպետէն ժողովրդական գանգատներու հետեւանօք, եւ գլխատուեցաւ: Նոյն պատիժին ենթարկուած կ՚ըսուին իր երկու մեղսակիցները, որոնք Սիւլէյման ներքինի եւ Հայ Յակոբ անունով կը յիշուին: Անոնց կողոպուտը 45 միլիոն հնչուն դահեկան եղած կ՚ըլլայ, առանց հաշուելու ոսկեղէն եւ գոհարեղէն զարդերը ( ԺՈՒ. 343):

2037. ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱԹՈՌ

Նալեան երբ երկու տարի ու կէս մնացած էր Երուսաղէմի պատրիարքութեան վրայ: Այդ միջոցին հոգ տարաւ Երուսաղէմի, Բեթղեհէմի, Ռէմլէի, Յոպպէի, Դամասկոսի, Եգիպտոսի եւ Բերիայի կալուածներուն նորոգութեան, պէտք եղած հրովարտակները ստանալով ( ԱՍՏ. Բ. 78): Ահմէտ Տէճէնէ անուն շէյխի մը դէմ գերեզմանատան ստացութեան դատը եւ ազգային իրաւունքը պաշտպանեց, միւս քրիստոնեաներու ալ օգնեց, եւ վանքը հարստացուց Եաղուպի բազմաթիւ եւ թանկագին ընծաներով, որոնց ցուցակը տուած է Երուսաղէմի նոր պատմագիրը ( ԱՍՏ. Բ. 79): Երբ Նալեան կը հեռանար, այլեւս արգելք մը չկար, որ Թէոդորոս Խորենացին պատրիարքական աթոռ բարձրանար, Շղթայակիրի կամքին համեմատ: Ուստի Նալեան, իր պատրիարքութեան հաստատուելէն ետքը, կառավարութեան առաջարկեց կամովին հրաժարիլը, եւ Թէոդորոսի իրեն յաջորդելը, եւ այսպէս Թէոդորոս Խորենացի 1752-ին պետական հաստատութեամբ Երուսաղէմի պատրիարք հռչակուեցաւ: Թէոդորոսի գործունէութեան նախընծայ արդիւնք եղաւ Կանոնական բանք մակագրութեամբ կարգադրութեան մը յօրինումը` ի բարւոք կառավարութիւն աթոռոյն, որուն առաջին ծրագիրը իշխանաւորք ազգին կազմեցին Նալեանի գլխաւորութեամբ, եւ Թէոդորոսի առաքեցին, որուն վրայ նորընտիր պատրիարքն ալ յաւել ինչ ինչ, եւ Կ. Պոլիս հաղորդեց: Ասոր վրայ Յակոբ պատրիարք եւ գլխաւորք ազգային ուրախացան յոյժ, եւ հաւանութիւննին տուին ( ԱՍՏ. Բ. 81): Այս առաջին յիշատակութիւնն է Երուսաղէմի համար Կ. Պոլիսէ տրուած կանոնագիրի մը, եւ շատ հետաքրքրական գրուած պիտի ըլլար, եթէ պատճէնը պահուած եւ մեզի ծանօթացած ըլլար:

2038. ԱՍՊԱՀԱՆԻ ԱԹՈՌ

Թէպէտ մթին, բայց դիտողութեան արժանի պարագայ մը կը գտնենք պատմուած Նոր-Ջուղայի առաջնորդութեան վրայ, որուն կոչուած էր Պօղոս Ջուղայեցի, Աստուածատուր Ֆահրապատցիին յաջորդելով ( § 2019): Պօղոսի մասին կը գրուի, թէ սկիզբները առանց խռովութեան պաշտօն վարեց, բայց 1752-ին, յամին չորրորդի իր պաշտօնին` պարտաւորուեցաւ հրաժարիլ, յաղագս անձնական դատապարտելի գործոց իմիք ( ՏՅՈ. Ա. 59), որ ճշդուած չէ: Իսկ ուրիշ տեղ ալ գրուած է, թէ ընկեցիկ լինի ի պատճառս անագորոյն գնացիցն ( ԽՉԿ. 10): Նախ տարեթիւին մասին դիտելի է որ եթէ 1752-ին չորրորդ տարին էր, անոր ընտրութիւնը 1748-ին եղած կ՚ըլլայ, եւ նախորդը 1745-ին վախճանած լինելով ( § 2020), երեք տարի աթոռը տեղակալով կառավարուած պիտի ըսենք: Իսկ դատապարտելի գործ կամ անագորոյն գնացք, մտածել կու տայ որեւէ անառակութեան կամ շնութեան մէջ բռնուած ըլլալուն: Վանքին եպիսկոպոսները, Պետրոս, Խաչատուր, Մովսէս եւ Զաքարիա, քննութեան եւ դատաստանի կը նստին, եւ Ջուղայեցոց թուականին 137 նախա 12-ին, կամ 1752 յունիս 30-ին, վճիռ կ՚արձակեն, առաջնորդին վրայ կարգեն զապաշխարանս, արտաքին ատեանն ալ գործին կը միջամտէ եւ հազար թուման տուգանքի կ՚ենթարկէ: Պօղոս վանքէն կ՚ելլէ եւ բնակի ի տան իւրում: Այստեղ կատարեալ զղջմամբ եւ խոստովանութեամբ ապաշխարէ մինչեւ իր կենաց վերջը, եւ մերձ ի վախճան կենաց արձակում կը ստանայ, եւ նորէն շնորհի նմա պատիւ եպիսկոպոսական աստիճանին ( ՏՅՈ. Ա. 57): Պատահարը թէպէտ մասնաւոր եւ մարդկային, սակայն մեզի համար կարեւորութիւն ունի նկատել, որ վանական միաբանութիւնը, որուն 5 եպիսկոպոս, 5 վարդապետ, եւ 10 այրի քահանայ ունենալը ըսուած է ( ՏՅՈ. Ա. 60), իր առաջնորդը կը դատէ ու կը դատապարտէ, աստիճանէն կը զրկէ եւ ապաշխարութեան կ՚ենթարկէ, եւ առաջնորդը ամենայն հլութեամբ կը հնազանդի: Կաթողիկոսի անունը չի տրուիր, եւ այս լռութիւնը հնար է վերագրել ժամանակին Պարսկաստանի մէջ տիրող շփոթութեանց: Բայց անհաւանական չէ ըսել, թէ կաթողիկոսական միջամտութեան պէտքն ալ զգացուած չէ, եւ միաբանութիւնը իր իրաւասութեամբ գործած է: Պօղոսի պաշտօնանկութենէ ետքը վանքին եւ վիճակին կառավարութիւնը կը ստանձնէ Զաքարիա եպիսկոպոս Տփղիսեցի, իբրեւ առաջնորդ (ԽԱՉ. 285), թէպէտ ոմանք տեղ մը յաջորդ կոչուելէն, լոկ տեղակալ, եւ ոչ առաջնորդ ըլլալը կը հետեւցնեն ( ՏՅՈ Ա. 60), այլ ուրիշներ ուղղակի առաջնորդաց շարքին կ՚անցընեն Զաքարիայի անունը ( ԽՉԿ. 10): Երկու տարի ետքը 1754-ին առաջնորդ ընտրուած է Գէորգ Ջուղայեցի ( ՏՅՈ. Ա. 61), զի Զաքարիա ալ իր նախորդին համահանգէտ ըլլալուն պատճառով ըմպէ զբաժակ անկման ( ԽՉԿ. 10), եւ նոյն պատժոյն կ՚ենթարկուի, որուն ինքն իր նախորդը ենթարկած էր:

2039. ՄԻՆԱՍԻ ՄԱՀԸ

Մինաս կաթողիկոսի մահը վաղահաս եղաւ, զի եւ ոչ իսկ երկու տարին կրցաւ լրացնել աթոռին վրայ. օծուած էր 1751 սեպտեմբեր 15-ին, եւ վախճանեցաւ 1753 մայիս 12-ին ( ՇԱՀ. Ա. 229): Պատճառը անշուշտ ծերութեան տարիքն է: Միեւնոյն ծերութիւնը պատճառ եղած պիտի ըլլայ, որ իր գործունէութենէն բնաւ յիշատակութիւն չունինք, եւ ունի զգրեանս դատաւորականս հոգացեալ` բացատրութեամբ կը լրացնէ Երեւանեցին անոր կենսագրականը ( ՋԱՄ. 32): Բայց ասկէ զատ իրեն արդիւնք եւ գովութիւն պէտք է սեպուի Էջմիածինի մէջ հաշտութիւն եւ հանդարտութիւն մտցնելը, եւ հակառակութեանց ու թշնամութեանց վերջ տալը: Մարմինը թաղուած է Ս. Գայանէի վկայարանին բակին ձախակողմը ( ՇԱՀ. Ա. 229)