Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՐՆ ՄԵՐ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ

1. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ աւետարանական քարոզութիւնը եւ սորվեցուցած վարդապետութիւնը, լոկ տեսական կերպով աւանդուած սկզբունքներ չէին, այլ գործնական կեանքի կանոններ կը պարունակէին, փոփոխ յարաբերութիւններ հաստատելու բնութիւնն ունէին, յատուկ պաշտամունքի ձեւեր կը սորվեցնէին, ներքին իշխանութեան հիմեր կ՚աւանդէին, մէկ խօսքով ամփոփ եւ կազմակերպեալ եւ կանոնաւորեալ մարմիններ ձեւացնելու ամէն տարրները կը ներկայէին: Ինչ ալ ըլլան հետազնին քննադատներու տեսութիւնները քրիստոնէութեան սկզբնաւորութեան վրայ, անուրանալի է, որ անդստին իր սկիզբէն քրիստոնէութիւնը հաւաքական մարմնոյ մը ձեւով առաջ եկաւ. եւ այդ հաւաքական կամ ժողովական միութիւնը` Եկեղեցի անունով նշանակուեցաւ որ է Ժողով կամ Ժողովուրդ, զի ոչ միայն վարդապետութեան, այլեւ պաշտամունքի եւ կենցաղի եւ իշխանութեան կենսական տարրներով միաւորուած ու կապուած էր: Եկեղեցի անունը Յիսուս ինքն ալ գործածեց իր հիմնած հաստատութիւնը նշանակելու համար (ՄԱՏ. ԺԶ. 18, ԺԸ. 17), իրմէ ետքն ալ իր աշակերտներուն համախմբութիւնը նոյն անունով ճանչցուեցաւ (ԳՐԾ. Ը. 1, ԺԲ. 1), եւ այդ անունը անխտիր գործածուեցաւ թէ անոր ամբողջութեան եւ թէ անոր մասերուն վրայ: Այսպէս Թեսաղոնիկեցւոց . ԹԵՍ. Ա. 1), Գաղատացւոց (ԳԱՂ. Ա. 2), Կորնթացւոց . ԿՐՆ. Ա. 2), Կենքրացւոց (ՀՌՄ. ԺԶ. 1) եկեղեցիներ կոչուեցան, սոյն քաղաքներու քրիստոնեայ համախմբութիւնները. նոյնիսկ ընտանեկան խումբերն ալ առտնին եկեղեցի կոչուեցան (ՓԻՄ. Ա. 2, ՀՌՄ ԺԶ. 5), եւ Եկեղեցի անունը քրիստոնէութեան հետ նոյնանշան եղաւ, եւ քրիստոնէութեան պատմութիւնն ալ եկեղեցական պատմութիւն անունն առաւ: Անոնք որ ընդհանուր եկեղեցական պատմութիւն կ՚աւանդեն, պարտաւոր են մանրազնին խուզարկութեանց մտնել, անոր սկսելուն եւ ընդարձակուելուն, հետզհետէ ունեցած զարգացման եւ կազմակերպութեան մանրամասնութիւնները քայլ առ քայլ դիտել. պարագաները ուսումնասիրել, եւ ազդեցութեանց ներգործութիւնները հետազօտել: Մենք այդ կէտերուն հետեւելու պարտք չունինք. որովհետեւ նպատակնիս է պարզապէս մեր Ազգային Եկեղեցւոյն պատմական եղելութիւնները քաղել եւ որչափ հնար է զանոնք իրենց իրական եւ իսկական ստուգութեանը վերածել: Ինչ որ ընդհանուր տեսութիւններով` քրիստոնէութիւն կամ քրիստոնէական եկեղեցի կոչուած տիեզերական հաստատութեան վրայ` պատմութիւնն ու գիտութիւնը կը հաստատեն, մասերու վրայ ալ կը ճշմարտուի. եւ մասնաւոր եկեղեցւոյ պատմութիւն մը չի պարտաւորուիր նորէն նոյն կէտերով զբաղիլ:

2. ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻ

Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւնը ձեռք առած ատեննիս կը զգանք թէ ծանր աշխատութեան պէտք ունինք զայն իր իսկութեան վերածելու համար: Մէկ կողմէն խառնիխուռն աւանդութիւններ յաջողած են անստոյգ եւ տարադէպ զրոյցներու ալ դուռ բանալ, իսկ միւս կողմէ քաղուածոյ պատմութիւն գրողներէն շատեր, աւելի քան պատմական հաւատարմութենէ ներշնչուելու, նպատակաւոր դիտումներէ ազդուած են եղելութիւնները իրենց հաճոյից հպատակեցնել, եւ հանգամանքներու այլայլութեամբ եւ տարադէպ մեկնութեամբ անոնց բռնազբօսիկ նշանակութիւններ եւ քմահաճոյ գունաւորումներ տալ: Գիտենք թէ ամենամօտ ժամանակներու մէջ, ազգային եկեղեցական պատմութիւնն սկսած է իր ուղղամիտ ուսումնասիրողներն ունենալ, սակայն գործը դեռ իր լրումը չէ ստացած: Մենք ալ անոնց աշխատանքներէն օգտուելով իսկ, բազմաթիւ եւ բազմազան զննութեանց պէտքը կը տեսնենք: Այդ նպատակին մէջ յաջողելու համար, պէտք զգացած ենք, որչափ հնար է, զերծ մնալ սահմանափակ տեսութիւններէ ու հետեւողութենէ, եւ ամէն կէտ իր սկզբնական աղբիւրին մէջ ուսումնասիրել, եւ միայն անոնց վրայ հիմնուիլ: Քանի որ բուն նպատակնիս եղելութեանց ստուգութիւնն է, եւ ոչ մեկնութեանց ու խորհրդածութեանց ոճն ու կերպը, յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք ժամանակագրական ուսումնասիրութեանց, եւ դիպուածոց շարայարութեան, որք շատ անգամ ստուգութեան լաւագոյն փաստերն են: Յատուկ ձեւ մըն ալ ընտրած ենք մեզ, նիւթերու կարգաւորութեան համար, եւ գլուխներու բաժանումը թողլով, եկեղեցւոյ պետերուն շարքը ընդունած ենք իբր գլխակարգութիւն, եւ ժամանակակից եղելութիւնները եւ պարագաներն իրարու մօտեցուցած ենք իւրաքանչիւրին իշխանութեան ժամանակամիջոցին ներքեւ:

3. ՅԻՍՈՒՍԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Ահա թէ ինչու մեր առաջին գլուխը Յիսուսի Քրիստոսի անունով բացինք, որովհետեւ նա ինքն է Եկեղեցւոյ Հիմնադիրը. ոչ միայն Ընդհանուր Եկեղեցւոյ, այլեւ իւրաքանչիւր մասնաւոր եկեղեցւոյ գլուխը, եւ յատկապէս այն եկեղեցիներու, որոնք առաքելական են եւ անմիջական կերպով Քրիստոսի Առաքեալներէն մէկին կամ միւսին ձեռքով հիմնուած եւ սկզբնաւորուած են: Քրիստոսի կենդանութեան, կամ լաւ եւս` նորա աշխարհի վրայ եղած միջոցին, աւետարանական վարդապետութիւնը Պաղեստինի անձուկ սահմաններէն դուրս չելաւ. այնպէս որ ոչ մի մասնաւոր կամ ազգային եկեղեցի չի կրնար իր անունը յիշուած գտնել նոյն միջոցին, եւ ոչ ալ իր եկեղեցին Յիսուսի հետ անմիջական յարաբերութեան մէջ դնել: Բացառութիւն պէտք է սեպել, եթէ ինչ ինչ աւանդութիւններ, թէպէտ մթին եւ անհաստատ, առիթ կ՚ընծայեն մեզ, Յիսուսի եւ Հայոց մէջ տեղի ունեցած յարաբերութեանց յիշատակութիւնն ընել: Առաջին առիթը կու տայ մեզի Մոգերուն գալուստը, որոնք Արեւելքէն եկան նորածին Յիսուսի երկրպագելու (ՄԱՏ. Բ. 1): Ասոնց հայրենիքը հիներէն շատեր Մոգուց աշխարհ են կոչած, եւ մեր հեղինակներ առիթ առած են Մոկաց աշխարհ իմանալ, եւ Մոկացի նախարարներ կամ գոնէ Մոկացի նախարար մը կարծել երեք մոգերը կամ մոգերէն մէկը, եւ մինչեւ իսկ մոգերէն մէկուն, Ս. Գասպարի գերեզմանը ցուցնել Մոկս աւանի մօտ Ակնդաշտայ վանքին մէջ: Ուրիշ աւանդութիւն մըն ալ մոգերը աւելի ներքին Արեւելքէն եկած կ՚ընդունի, որք ճամբուն վրայ Հայոց թագաւոր Աբգարէն դիւրութիւններ եւ տեղեկութիւններ կ՚ընդունին, եւ նոյնիսկ Աբգարի ընծաները կը տանին նորածին Յիսուսի (10 ԲԱԶ. 64): Ազգային աւանդութիւն մը յիշատակելով, չենք ուզեր Մոգերու ինքնութիւնը որոշելու ընդհանուր խնդիրին մէջ մտնել:

4. ԱԲԳԱՐԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

Բայց ասկէ աւելի հռչակուած աւանդութիւն է, թէ այն հեթանոսները, որոնք Յիսուսի Երուսաղէմ մտած առթին, ներկայ գտնուեցան (ՅՈՀ. ԺԲ. 20), Հայ պատգամաւորներ եղած ըլլան, Աբգար թագաւորէն ղրկուած (ԽՈՐ. 106): Բայց այս աւանդութեան առաջին աղբիւրը ասորական է եւ կը քաղուի Լաբուբնիա Եդեսացի դպիրին գրութենէն: Սորա պատմածին համեմատ` Աբգար թագաւոր Ոսրոյենիոյ կամ Եդեսիոյ, պատգամաւորներ կը ղրկէ Ասորիքի Հռոմայեցի բդեշխին, որք կը գտնեն զայն Ելեւթերուպոլիս (այժմ Պէյթճիպրին) քաղաքը, եւ դարձած ատեննին Երուսաղէմ կը հանդիպին, եւ Յիսուսի կատարած բժշկութիւններուն լուրը կը բերեն Աբգարին, որ հիւանդ էր: Աբգար չկրնալով անձամբ Երուսաղէմ երթալ, նամակով եւ պատուիրակով Յիսուսը Եդեսիա կը հրաւիրէ, որ գայ զինքն բժշկէ, եւ Հրէից հակառակութենէն ազատուելով խաղաղութիւն վայելէ (ԼԱԲ. 3): Այդ պատմութիւնը իր բնագիրին մէջ պարզապէս ասորական է, նոյն գոյնով ալ փոխանցուած է Եւսեբիոսի պատմութեան մէջ (ԵՒՍ. 59). եւ միայն Խորենացիի պատմութեան մէջ, Աբգար իբր Հայոց թագաւոր ցուցուած եւ պատգամաւորներն ալ Հայ նախարարներ եղած, եւ Երուսաղէմի մուտքին առթիւ Յիսուսի ներկայացող հեթանոսներուն հետ նոյնացուած են: Երեք պատմիչներն ալ համամիտ են ըսելու, թէ Յիսուս չէ ընդունած Եդեսիա երթալու հրաւէրը, եւ խոստացած է իր կողմէ աշակերտ մը ղրկել որ Աբգարի հիւանդութիւնը բժշկէ, եւ ճշմարտութիւնը սորվեցնէ: Այս պատասխանը Լաբուբնիայի մէջ պարզապէս բերանացի տրուած է (ԼԱԲ. 5). իսկ Եւսեբիոսի եւ Խորենացիի մէջ գրաւոր նամակի վերածուած է (ԵՒՍ. 60, ԽՈՐ. 106), եւ նամակի պատճէն մըն ալ յառաջ բերուած է, որ եթէ վաւերական ըլլար, Աւետարաններէն աւելի նուիրական պիտի սեպուէր: Սակայն աւանդութիւնը կրկնակի դժուարութեանց կը բախի, եւ ոչ միայն Լաբուբնիայի պատմութիւնը իր մէջ ստուգութեան նշաններէ զուրկ կը գտնուի, այլեւ Աբգարին Հայոց թագաւոր լինելը արտաքին եւ ժամանակակից պատմութեան չի համապատասխաներ: Բայց եթէ Ծաղկազարդի օրը ոչ, գոնէ Հոգեգալստեան օրը Երուսաղէմի մէջ Հայեր ներկայ եղած կրնանք ըսել: Այն օրը զանազան տեղերու գաղթականներ իրենց լեզուն լսեցին առաքեալներուն բերնէն (ԳՐԾ. Բ. 8), եւ իրենց լեզուն լսող Հայեր ալ գտնուեցան: Թէպէտ սովորական օրինակներու մէջ կը կարդանք, ի Միջագետս, ի Հրէաստանի եւ ի Գամիրս (ԳՐԾ. Բ. 9) սակայն Տերտուղիանոս Ափրիկեցի եւ Օգոստինոս Հիպպոնացի` բազմահմուտ մատենագիրներ, ի Միջագետս, ի Հայաստան եւ ի Գամիրս կարդացած են նոյն կտորը` իրենց ունեցած օրինակին մէջ: Եւ կարի իրաւամբ, վասնզի Հրէաստան` Հրէից համար գաղթականութեան երկիր չէ, եւ ոչ ալ դիրքով Միջագետքի ու Կապադովկիոյ մէջտեղն է, զի Գործոց հեղինակը տեղագրական շարքով մը կը յիշէ զանազան երկիրները: Այդ մեկնութիւններուն մասին ինչ ալ ըլլայ ստուգութիւնը, պարտք սեպած ենք մենք ազգային յիշատակները զանց չընել, բայց միանգամայն անոնց մասին եղած կարծիքներն ալ յիշել: