Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՄԱՆԱԶԿԵՐՏԱՑԻ

166. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Կաթողիկոսական աթոռը Մանազկերտացի ազգատոհմին անցած էր արդէն: Լուսաւորչեան տոհմին ժառանգը Սահակ ալ` կամ տակաւին Յունաստան էր, եւ կամ դեռ աթոռակալութեան հասուն չէր նկատուեր, ուստի առանց այլեւայլութեան, միեւնոյն Շահակի տոհմէն առնուեցաւ անոր յաջորդն ալ, որ եղաւ Զաւէն, ի նոյն ազգականութենէ Աղբիանու (ԽՈՐ. 231), կամ կենսագիրին ըսելովը, եղբայր Շահակայ (ՍՈՓ. Է. 28), որ փոխանցուած է ուրիշ ցուցակագիրներու ալ: Բուզանդի զաւակ Աղբիանու եպիսկոպոսի ըսելն ալ (ԲԶՆ. 271), պէտք է իբր ի զաւակէ իմանալ, եւ ոչ իբր բուն որդի, որ անհնար կը լինի ժամանակագրական հաշուով, ինչպէս Շահակի համար ալ ըսինք 157): Իբր Շահակի եղբայր ընդունիլ դժուարութիւն չէր կրեր, սակայն չէինք սիրեր կենսագիրին վկայութիւնը Խորենացիին նախադասել, թէպէտ հետագայ ցուցակագիրներ մեծամասնութեամբ կենսագիրին են հետեւած: Զաւէնի գահակալութիւնը Խորենացին կը դնէ յերկրորդ ամին Վարազդատայ (ԽՈՐ. 230), որ ըսել կ՚ըլլար 376-ին, մինչ Շահակի կաթողիկոսութիւնը տեւած գտանք մինչեւ 377: Կամ այն է, որ յերրորդ ամի պիտի ստիպուէինք կարդալ, եւ կամ սկսեալ տարիներու իբր ամբողջ հաշուելուն պիտի վերագրենք այդ փոքրիկ տարբերութիւնը: Մենք կը պահենք 377 տարին իբր Զաւէնի աթոռակալութեան թուական: Տեւողութիւնն ալ դարձեալ ամս չորս ըսուած է Զաւէնի համար (ԽՈՐ. 231), եւ ցուցակագիրներ մեծաւ մասամբ պահած են նոյն թիւը, ի բաց առեալ քանի մը նորեր, որ Խորենացիին սխալ ժամանակագրութիւնը ուղղելու համար քմահաճ ուղղութիւններ ըրած են, առանց նախնական աղբիւրներէ քաղելու ուղղութեանց փաստերը: Ներսէսի մահուան եւ Սահակի կաթողիկոսացման թուականները արտաքին պատմութեամբ ստուգուած են, եւ երկուքին միջոցը գտնուող 13 տարիները ճշդիւ կը պատասխանեն երեք Մանազկերտացիներու տրուած տարիներու գումարին: Այս կերպով Զաւէնի մահուան տարին պէտք է ըլլայ 381: Ասոր ալ համառօտ պաշտօնաւարութիւնը մտածել կու տայ, թէ ծերութեան հասակի մէջ աթոռ բարձրացած պիտի ըլլայ: Չենք ուզեր ըսել թէ երիտասարդ կամ միջահասակ տարիքի մէջ մեռնողներ չեն ըլլար, այլ երբ առանց դիտողութեան եւ առանց որոշ պատճառ մը յիշելու, խաղաղական եւ բնական մահով մը կը նշանակուի մէկու մը վախճանը, առաջին եւ սովորական մեկնութիւնը ծերութեան վերագրելն է:

167. ՀԱԳՈՒՍՏԻ ՏԱՐԱԶԸ

Զաւէնի անձնաւորութեան համար բոլորովին լուռ է Խորենացին, իսկ կենսագիրը կը ճանչնայ զայն իբր առաքինահրաշ վարուք պայծառացեալ մէկ մը (ՍՈՓ. Է. 28), մինչ Բուզանդ իր սովորական ոճով կը նկատէ զայն իբր բարոյիւք այր չարարար, խիստ եւ նախանձոտ (ԲԶՆ. 271), որ կը սիրէր հագուիլ սգուիլ ու սիգալ, եւ որկորոտութեամբ, ագահութեամբ եւ անառակութեամբ կեայր զամենայն աւուրս կենաց իւրոց (ԲԶՆ. 272): Երկու իրարու ներհակ վկայութիւններէն առաջինը կ՚ընդունին Պատմաբան կաթողիկոսը (ՅՈՎ. 68), եւ ուրիշ հեղինակներ, եւ մենք ալ նոյն կարծիքին պիտի հետեւինք, որովհետեւ ոչ մի մասնաւոր գործ կամ արարք յառաջ չի բերուիր Զաւէնի դէմ, եւ եղելութեանց վրայ չհիմնուած դատաստաններ` ոյժ չեն կրնար ունենալ: Բոլոր մեղադրանքը զգեստին համար է, թէ Զաւէնն աթինեալս եւ զտապակեալս, զժապաւինեալս նարօտօք ագանէր, եւ թէ զսամուրենիս եւ զկնդմենիս եւ զգայլենիս ագանէր (ԲԶՆ. 271), որ է ըսել թէ մուշտակ կը հագնի եղեր, եւ հագուստները զարդարուն եւ արդուկուած են եղեր, եւ չենք կարծեր թէ այսչափով մարդ մը չարագործի կարգ անցնի: Մանաւանդ որ այդ տեղեկութիւնները Բուզանդի գիրքին ծայրը աւելցուած կցկտուր կտորներէն են, որոնք բնաւ հեղինակութեան յարգ չեն վայելեր: Եթէ լաւ մտադրութիւն դարձնենք ժամանակին սովորութեանց վրայ` պիտի տեսնենք, թէ Լուսաւորչի ազգատոհմը` Գրիգորէ եւ Արիստակէսէ սկսելով, կրօնաւորական եւ ճգնաւորական ձեւ մը ունէր իր կենցաղին եւ տարազին մէջ, որ պարտաւորիչ չէր բոլոր եկեղեցականութեան, մանաւանդ աշխարհիկ կամ ամուսնական կեանքի մէջ ապրող եկեղեցականութեան, ինչպէս սովոր էր ապրիլ Մանազկերտացեաց տունն ալ: Խադի վրայ խօսած ատեննիս ալ այդ դիտողութիւնը ըրինք 131): Զաւէն կը մեղադրուի նաեւ որ թոյլ կու տար քահանաներուն զխոտորկտուրսն ի վերայ ծնգացն ունել, եւ չէր ստիպեր որ ըստ կրօնիցն ագանէին զպճնաւորն, եւ մինչեւ իսկ կը ներէր որ զմորթ մեռելատի գազանացն ագանէին (ԲԶՆ. 271): Այդ կտորը եւսքանզեւս կը հաստատէ մեր տուած բացատրութիւնը, թէ կրօնաւորներու եւ վանականներու պճղնաւոր սքեմ մը կանոն էր, բայց ոչ նոյնպէս աշխարհիկ եկեղեցականներու, որոնք ազնուական դասակարգի բարձրացած կը նկատուէին, եւ նոյն դասակարգին զգեստները կրելու իրաւունք կ՚ունենային, զոր Բուզանդ հանդերձ զինուորաց կ՚անուանէ, այսինքն է զգեստ ազատաց կամ ազնուական դասակարգի: Իսկ խոտորկտուրն ի վերայ ծնգաց, աչքի առջեւ կը բերէ արեւելեան հնութեանց քանդակները, ուր կը տեսնուին ազատներ եւ զինուորականներ` մինչեւ ծունկի հասնող եւ վրայի քղանցքը շեղակի կտրուած զգեստով մը: Մենք պէտք չենք զգար այս կամ այն սովորութեան ջատագովութիւնն ընել, միայն կը բաւականանանք ըսել, թէ ժողովրդական եկեղեցականութիւնը հին ատեն յատուկ տարազ չունէր, եւ ազատաց տարազը գործածելու արտօնուած էր, իսկ եկեղեցական կոչուած տարազը կրօնաւորներու եւ վանականներու համար էր: Այսօր ալ գաւառներու մէջ քահանաներ տեղական տարազ ունին, Կովկասի քահանաներ հասարակ գլխարկ կը գործածեն, եւ մեր եկեղեցական զգեստ կոչածը, դար մը առաջ` արեւելքի մէջ ամենուն գործածած տարազն էր: Զաւէնի դառնալով, այդ միայն կրնանք ըսել, թէ նա հեռու էր Լուսաւորչի ազգատոհմին ճգնաւորական տարազէն ու կենցաղէն, ոչ ինքն այնպէս կը վարուէր եւ ոչ ուրիշ եկեղեցականները կը ստիպէր, եւ եկեղեցական կոչումը ճգնաւորականին հետ նոյնացնելու միտք չունէր: Բայց այս կերպով նա այր չարարար չէր կրնար ըսուիլ, եւ ոչ ալ անառակութեամբ ապրելու մեղադրանքին կ՚արժանանար: Խադ ալ նոյնպէս ապրած էր, Շահակ ալ տարբեր սովորութիւն ունեցած պիտի չըլլայ. Ասպուրակէս ալ նոյն տարազն ու կերպը պահելով, Բուզանդէ կը գովուի իբր այր քրիստոնէամիտ, աստուածապաշտ, արդար (ԲԶՆ. 272):

168. ՎԱՐԱԶԴԱՏԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Քաղաքական գործերու մասնակցութեան մէջ, Զաւէն ալ Շահակի յարեւնմանն է եղած, այսինքն բոլորովին անմասն եւ անտարբեր, թէպէտեւ իր օրով տեղի ունեցած է Վարազդատի գահազրկութեան նշանաւոր եղելութիւնը: Խորենացիի պատմածին համեմատ, Վարազդատի Պարսից կողմը միտելը Թէոդոս կայսեր լուր տրուեցաւ. Վարազդատ Բիւզանդիոն կոչուեցաւ, եւ ստիպուեցաւ երթալ, որպէսզի բռնի չտարուի: Բայց կայսրը եւ ոչ իսկ զայն տեսնել ուզեց եւ երկաթ շղթաներով աքսորեց ովկիանոսի Թուլիս կղզին (ԽՈՐ. 230), զոր դժուար է նոյնացնել այժմեան ծանօթ կղզիներէն մէկուն հետ, ինչպէս եւ անիմանալի կը մնայ թէ ինչու այսչափ հեռու կ՚աքսորէ: Իսկ կենսագիրին եւ Բուզանդի պատմութեանց համեմատ զինքն հալածողներն են Մամիկոնեան եղբայրները, Մանուէլ եւ Կոն` հաւանաբար Մամիկոն անունի կրճատ, ինչպէս Բատը` Սմբատի 165): Ասոնք Հայաստան գալով գործի գլուխ անցած էին, նախ Մանուէլ սպարապետութիւնը առած էր Սմբատ Սահառունիի ձեռքէն, յետոյ իրեն կողմ կը յանկուցանէր մեծամեծ նախարարները, եւ Վարազդատի դէմ պատերազմի կ՚ելլէր Մուշեղի սպանութեան վրէժը լուծելու համար, եւ յաղթութիւնը կը տանէր Կարնոյ դաշտին մէջ (ԲԶՆ. 248): Մանուէլ Վարազդատը կը վանէ, եւ թող կու տայ որ Հայաստանէ ելլէ, իր որդիներուն իսկ արգիլելով որ չհետապնդեն եւ տիրասպանութիւն չընեն (ՍՈՓ. Զ. 122): Մանուէլ պատերազմէն վերջ սպանել կու տայ եւս Գարեգին Ռշտունին եւ Սմբատ Սահառունին, իբր Մամիկոնեաններու սպանութեան մեղապարտներ (ԲԶՆ. 250): Վարազդատ Հայաստանէ փախչելով կը դիմէ Բիւզանդիոն, երբ տակաւին կենդանի էր Վաղէս, որ մեռաւ 379-ին, որով Վարազդատի փախուստը պէտք է դնել 378-ին, քանի որ 4 տարի միայն տեւած է իր թագաւորութիւնը (ԽՈՐ. 230), եւ ոչինչ չի ստիպեր այդ թիւը փոփոխել: Բուզանդ եւ կենսագիր աքսորի խօսք չեն ըներ, այլ միայն կ՚ըսէն թէ անդ եկաց որչափ եւ եկեաց (ԲԶՆ. 251) եւ թէ ի նմին անդէն վախճանեցաւ (ՍՈՓ. Զ. 122), որ է ըսել, թէ Վարազդատ Յունաստանի մէջ մնաց, ու հեռաւոր կղզիներ չղրկուեցաւ, ինչպէս Խորենացին կ՚ըսէ, միայն թէ օգնութեան արժանի չսեպուեցաւ Վաղէսէ, որ 378-ին հապճեպով Գոթաց դէմ պատերազմի կ՚երթար: Իսկ Թէոդոսի խօսք չի կրնար ըլլալ, որ 379-ին կայսր եղաւ: Կրնանք ալ ըսել, թէ Վաղէս արեւմուտքի կողմէն եկած արշաւանքներէն նեղուած, արեւելքի գործերուն մտադրութիւն դարձնելու միջոց չգտաւ: Գահազուրկ Վարազդատ, անգործ դեգերեցաւ անորոշ ժամանակ Յունաստանի մէջ, ուր իր առաջին տարիները անցուցած էր, եւ որոշ բան մը չենք կրնար ըսել անոր մահուան վրայ: Բայց ի՞նչ կ՚ընէր Զաւէն, երբոր եղբայրասպան պատերազմը կը մղուէր Կարնոյ դաշտին մէջ, երբոր Հայեր` թէպէտ ծանրապէս նեղուած արտաքին թշնամիներէն, տակաւին չէին մտածէր միանալով իրենց օգուտը խորհիլ, եւ իրարու դէմ ելած զիրար կը կոտորէին: Բարձրացո՞ւց նա արդեօք իր հայրապետական ձայնը: Պատմութիւնը կը լռէ:

169. ԱՐՇԱԿ ԵՒ ՎԱՂԱՐՇԱԿ

Երբոր Յոյներ ձեռնթափ եղան Հայաստանի գործերէն, եւ Մանուէլ Մամիկոնեան Վարազդատը հեռացնելով, ազատութիւն ստացաւ իր ուզածին պէս կարգադրել երկրին բախտը, յարմարագոյն սեպեց անչափահաս տղաքներ թագաւոր հռչակել, որպէսզի անոնց անունով ինք կարենայ իշխանութիւնը վարել: Պապի սպանութենէն ետքը Հայաստան էր մնացած նորա այրին, Զարմանդուխտ թագուհին, իր երկու պզտիկ զաւակներով, Արշակ եւ Վաղարշակ (ԲԶՆ. 251): Զարմանդուխտի անունը կը ցուցնէ թէ Հայազգի էր թագուհին, որով չի ստուգուիր ի կայսերական քաղաքէն լինելը (ԽՈՐ. 232), զի անուն փոխած ըլլալն ալ հաւանական չէ: Ազգութեանց մասին շփոթութիւնները առիթ ունեցանք մատնանիշ ընել Պապին մօրը վրայ խօսած ատեննիս ալ, եւ կը կարծենք թէ Պապի Յոյն մայրը` Յոյն ամուսինի փոխուած է: Պապի ամուսնութիւնն ալ, եթէ հայ իշխանուհւոյ հետ եղաւ, հարկաւ թագաւորելէն ետքը տեղի ունեցաւ, որ է ըսել 369-ին ատենները, եւ Վարազդատի գահազրկութիւնն ալ 378-ին դնելով, Պապի զաւակներուն մեծն ալ 10 տարեկանէ աւելի պիտի չըլլար: Մանուէլ, երկու պզտիկները, Արշակն ու Վաղարշակը, զոյգ թագաւորներ հռչակեց, մայրերնին ալ ի մեծ շքի տիկնութեան պատուէր (ԲԶՆ. 251), եւ իրեն պաշտպան մը ունենալու համար, Գարջոյլ Խորխոռունին ընկերներով եւ ընծաներով Շապուհին ղրկեց (ԲԶՆ. 252), որով չի կրնար արդարանալ միւս պատմութիւնը, որ Արշակին եւ Վաղարշակին թագաւորելը Թէոդոսի կը վերագրէ: Մանաւանդ որ ոչ միաբանեսցին երկոքին յապստամբութիւն նպատակը (ԽՈՐ. 231), բոլորովին աննշանակ էր 10 եւ 9 տարեկան տղոց համար: Պարսիկներուն դիմելը յաջող ելք ունեցաւ, վասնզի Շապուհ ճանչցաւ երկու եղբայրներուն թագաւորական աստիճանը, եւ թագ յղեց անոնց, եւ Զարմանդուխտ թագուհւոյնթագ եւ պատմուճան եւ վառ թագաւորաց (ԲԶՆ. 252), իսկ Մանուէլի իբր բուն իշխողի` թագաւորական պատմուճան սամոյր, եւ գլխուն զարդմանակ ոսկի արծաթ, թերեւս արծաթ ոսկեզօծ, եւ սաղաւարտին արծւոյն ետեւէն հանգոյցք թագի, եւ կուրծքին ապիղակ, վրան մը շիկակարմիր, եւ հովանոց կապուտակ երկնագոյն, եւ ճոխ սպասներ, ճանչնալով անոր վրայ իշխանութիւն մեծ ի վերայ աշխարհին Հայոց (ԲԶՆ. 253): Այդ ամէն ընծաները կը բերէր Սուրէն պարսիկ` մի ի ճոխ նախարարաց, իրեն հետ ալ տասը հազար հեծելոց բանակ մը ի թիկունս օգնականութեան զօրավարին Մանուէլի(ԲԶՆ. 252): Ասոր վրայ Մանուէլ` կացութիւնը աւելի եւս զօրացնելու համար, մանուկ թագաւորները կ՚ամուսնացնէր, Արշակի կին տալով իր իսկ Վարազդուխտ աղջիկը, եւ Վաղարշակի` Սահակ Բագրատունիի աղջիկը, եւ մեծահանդէս հարսանեաց հանդէսներ կատարել կու տար (ԲԶՆ. 264), որ կերպով մը մանուկ թագաւորներուն թագադրութեան հանդէսը եղաւ: Խորենացի Արշակի կին կը նշանակէ Բաբգէն Սիւնիի աղջիկը, այլ աւելի միտքի մօտ է որ Մանուէլ իր աղջիկը տար, եւ թագաւորը փեսայ իւր առնէր, եւ ինքն իբր թագաւորահայր ճոխանար (ԲԶՆ. 263): Հարկաւ Զաւէն հայրապետն էր այդ թագաւորական պսակներուն հանդիսադիրը: Իսկ եղելութեան թուական կրնայ նշանակուիլ Վարազդատի փախչելուն յաջորդ տարին, 379-ին, երբ կայսրութիւնը նեղ ժամեր կ՚անցնէր Գոթաց արշաւանքներէն, Վաղէս կը յաղթուէր եւ կը սպաննուէր, եւ Թէոդոս գահ բարձրանալով պատերազմը կը շարունակէր: Միեւնոյն պատճառով Հայաստան պահ մը խաղաղութեան օրեր կը տեսնէր: Վաղարշակ մանուկ թագաւորը հազիւ տարի մը կրնար վայելել, եւ տարիէ մը ետքը կը մեռնէր, իբր 10 տարեկան հասակին մէջ (ԽՈՐ. 231), Արշակ կը մնար միայնակ, եւ իր աներոջ Մանուէլի զօրաւոր ձեռքին տակ, ամէն բան կարծես կարգի կանոնի կը մտնէր: Այդ միջոցին, 381-ին, կը վախճանէր Զաւէն, բայց ոչ մահուան պարագայից եւ ոչ թաղման տեղւոյն վրայ տեղեկութիւն չենք գտներ, եւ բնական կերպով ծերութեամբ վախճանած եւ Մանազկերտ թաղուած պիտի ըսենք:

170. ՇԱՀԱԿ ԿՈՐՃԵԱՅ

Բուզանդ, Զաւէնէ ետքը Շահակ Կորճեայ անունով գլուխ եպիսկոպոսաց մը կը յիշէ, որ ամս երկուս պաշտօն կը վարէ եւ կը վախճանի (ԲԶՆ. 272): Խորենացի այսպիսի անուն մը չի ճանչնար, եւ բոլոր գաւազանագիրներէն միայն Միխայիլ Ասորին է, որ Բուզանդին կը հետեւի, ինքն ալ իր կողմէն Կորճեայ Շահակը եղբայր Զաւէնի ընելով (ՔԱՀ. 34): Մեր կարծեօք հնար չէ մէկ Բուզանդի խօսքով, եւ այն ալ իր գործին յարակցեալ հինգերորդ դպրութեան կցկտուր եւ անյարիր յիշատակներով` նոր կաթողիկոս մը ստեղծել, զոր չեն ճանչցած բոլոր գաւազանագիրք յօրինողներ, որք հայրապետանոցի յիշատակներն եւ աւանդութիւններն ալ իրենց ձեռքին տակ ունէին: Ասկէ զատ պէտք է դիտել, թէ ո՞վ է այդ Շահակ Կորճեայ ըսուածը, այսինքն Կորճէից կամ Կորդուաց նահանգէն անծանօթ մէկ մը, որ կարենայ իբր կաթողիկոս ընդունուիլ, երբոր ազգը հազիւ թէ Աղբիանոսի տունէն եղողները կը զիջանի բացառաբար իբր կաթողիկոս ընդունիլ: Միխայիլ Ասորիին տուած վկայութիւնն ալ չի բաւեր, այդ անյարմարութիւնը դարմանելու համար, զայն իբր Զաւէնի եղբայր ընդունել տալու: Նկատելի է եւս որ այդ անտեղի կարգադրութիւնը եղած պիտի ըլլայ Մանուէլ Մամիկոնեանի իշխանութեան ատեն, որ խստիւ աւանդապահն էր նախնական սովորութեանց, եւ երկիրն ալ շփոթութիւններէ ազատ էր: Ուստի ինչպէս ուսումնասիրութեանց հետեւողներուն շատերը, մենք ալ մեր ցուցակին մէջ չենք կրնար ընդունիլ Շահակ Կորճեայ անունով մէկ մը մեր կաթողիկոսաց շարքին: Բայց ուզելով որեւէ մեկնութիւն մը տալ Բուզանդի գրածին, եւ թիւրիմացութեան վերագրել անոր խօսքը, կրնանք ենթադրել, թէ Յանկոյս-Տիգրիսեան հինգ նահանգներու մէջ, որք Պարսից թողուեցան 134), եւ որ սովորաբար Կորդուաց կամ Կորճէից երկիր կոչուեցան, որեւէ տեղացի Շահակ մը, Հայոց կաթողիկոսէն անկախաբար, իբր գլուխ եպիսկոպոսաց դիրք կազմել ուզած ըլլայ: Բայց ինչպէս ըսինք, այս ալ մեր պարզ ենթադրութիւնն է, զոր ոչ մի պատմական նշանով կամ յիշատակով չենք կրնար հաստատել: