Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՈՒՂԿԵՑԻ

354. ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Մուշէի յաջորդած է Սահակ կաթողիկոս, որ առաջին անգամ նախկին կաթողիկոսներէն մէկուն անունը ունի, եւ ըստ ընկալեալ սովորութեան Սահակ Բ. անունով որոշուած է: Սակայն անունի թուահամարը աւելցնելու սովորութիւնը հին չէ: Վերջին ԺԹ. դարու կաթողիկոսներէն առաջ, ոչ մէկը թուահամարով կոչուած կամ ստորագրած է, եւ ինչպէս կը յիշենք, առաջին անգամ Յովհաննէս Ը. այդ ձեւը գործածել սկսած է 1831-ին: Սակայն վերջին պատմագիրներ պէտք զգացած են նոյն ձեւը նախորդներու վրայ ալ տարածել, ինչպէս որ մենք ալ կ՚ընենք, հոգ տանելով որ թուահամարէն զատ ծննդավայրէն առնուած կամ իբր մակդիր ընդունուած անունն ալ աւելցնենք իւրաքանչիւրին, հիներուն տւած անուններուն հետ համեմատութիւնը պահելու համար: Թող որ թուահամարի մէջ նոր հեղինակներն ալ ըստ ամենայնի համաձայն չեն, նկատելով որ հակաթոռներու եւ աթոռակիցներու անունները ոմանք թուահամարի անցուցած են եւ ոմանք ոչ: Այդ մասին ալ ընդհանուր կերպով ընդունուած հաստատուն կանոն չկայ. մենք ալ սովորութեամբ նուիրագործուած պարագաներուն կը հետեւինք, առանց բծախնդիր կանոնաւորութիւն փնտռելու: Սահակի ծննդավայրն է Հարք գաւառի Ուղկի գիւղը, որուն դիրքը անորոշ մնացած է այժմեան Պուլանք գաւառի մէջ: Հին ատենն ալ շատ նշանաւոր տեղ եղած պիտի չըլլայ, որ ոչ ուրեք կը յիշատակուի, նոյնիսկ Սահակ զանազան տեղեր Ուղկեցի, Յղկեցի, Զակեցի, Ձակեցի, Եղեգիկցի, Եղեգականցի եւ Հարքացի ալ ըսուած է: Սակայն Եղեգիկցի ըսողներն իսկ Հարք գաւառը կը յիշեն (ԱՍՈ. 82), որով խնդիր չի կրնար ըլլալ, Բագրեւանդի Եղեգեկի, Կարճկանի Եղեգիսի, Սիւնեաց Եղեգիքի եւ Հանձիթի Եղեգիի հետ շփոթելու: Սահակի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը 5 տարի գրուած է ընդհանրապէս, երկու տեղ միայն 7 ըսուած է, որ Ե եւ Է թուատառերու փոխանակութեան պիտի վերագրուի, եւ միայն մէկ ցուցակի 10 տարի տալը ընդհանուր համաձայնութեան դէմ ոյժ չի կրնար ունենալ: Ըստ այսմ Սահակի կաթողիկոսութիւնը 534-ին սկսելով 539-ին վերջացած պիտի ըսուի, հարկաւ բնական մահուամբ, քանի որ ուրիշ պարագայ մը պատմուած չէ: Ամբողջ իր կաթողիկոսութեան միջոցը կը մնայ Մժէժի մարզպանութեան, Խոսրովի թագաւորութեան եւ Յուստինիանոսի կայրսրութեան ժամանակ, եւ այդ հնգամեայ ժամանակի մէջ ոչ քաղաքական պատերազմ տեղի ունեցած է, եւ ոչ կրօնական նոր խնդիր մը, որով Սահակ հանդարտ եւ անակնկալներէ զերծ պաշտօնավարութիւն մը ունեցած է: Կաթողիկոսութեան կարճատեւութիւնը բնական կերպով մտածել կու տայ թէ ծերութեան հասակի մէջ աթոռ բարձրացած ըլլայ, բայց իբր պատմական ստուգութիւն պնդել հնար չէ: Սահակայ Հայոց կաթողիկոսի եւ մեծի թարգմանչի, ընդդէմ երկաբնակաց Նեստորականաց ` ընդարձակ գրուած մը կայ Գիրք Թղթոցի մէջ (ԹՂԹ. 413-482), զոր ոմանք Սահակ Ուղկեցիին ուզեցին վերագրել, սակայն ոչ Ուղկեցիին ժամանակ այսպիսի գրութեան մը առիթ ընծայող պարագաներ ճշմարտուեցան, եւ ոչ ալ Ուղկեցին մեծի թարգմանչի անունին արժանաւոր անձնաւորութիւն մը եղած է, եւ մենք ալ համամիտ ենք նոյն գրուածը Սահակ Գ. Ձորոփորեցիին ժամանակին պատշաճեցնել (ՅԱՐ. 290):