Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ Ա. ՏԻՐԱՌԻՋՑԻ

355. ՆԱԽԸՆԹԱՑՆ ՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Քրիստափոր, որ Սահակ Ուղկեցիի յաջորդեց, Բագրեւանդ գաւառի Տիրառիջ գիւղէն էր (ՅՈՎ. 83), եւ իբր արժանաւոր ոք կոչուեցաւ կաթողիկոսութեան: Ոչ միայն Պատմաբանին նստուցանեն յաթոռ հայրապետութեան խօսքը, նշանակալից իմաստ մը ունի, այլեւ Ասողիկ փիլիսոփայ կոչմամբ զայն կը պատուէ (ԱՍՈ. 82): Տիրառիջցին` Քրիստափոր Առաջին մակագրեցինք, ինչպէս որ արդէն բացատրած ենք Քրիստափոր Արծրունիին անգոյ եւ մտացածին անձ մը եղած ըլլալը ցուցնելով 292), եւ այս եւսքանզեւս կը ճշմարտուի այն յիշատակներով, որք ասորական աղբիւրներէ քաղուած են եւ նշանաւոր գործունէութիւն մը կը վերագրեն Տիրառիջցիին, եւ կ՚արդարացնեն Թովմայէ յիշուած Քրիստափորին տրուած պանծալի աթոռակալութեան գովասանքը: Միեւնոյն ատեն կը ճշգրտուին Թովմայի պատմած յարաբերութիւնները Ասորիներուն հետ, միայն Պերոզի տեղ Խոսրովի անունը դնելու է, իբր ժամանակին իշխող արքայից արքայ (ԱՐԾ. 88), ինչ որ դժուարին ուղղութիւն մը չէ, նկատի ունենալով մեր պատմիչներուն սովորական դարձած` անուններու եւ թուականներու անճշդութիւնները: Ճիշդը խօսելով, Թովմաս ալ նոր կաթողիկոս մը ստեղծած չէ, որովհետեւ ոչ անոր ժամանակը ցուցուցած է, ոչ յաջորդութիւնը ճշդած, եւ ոչ ալ Արծրունի ըլլալը յիշած է, այլ միայն Պերոզի անունն է, որ Չամչեանի իբր հիմնաքար ծառայած է անգոյ կաթողիկոս մը ստեղծելու (ՉԱՄ. Բ. 182), եւ անկէ ետքը եկողներ` առանց հետազօտութեան միամիտ հետեւողութեամբ ընդունած են անոր ենթադրութիւնը: Քրիստափորի կաթողիկոսութեան տեւողութիւնը պատմագիրներու եւ գաւազանագիրներու ստուար մեծամասնութեամբ 6 տարի նշանակուած է, ինչ որ մենք ալ կը պահենք, ընդհանրապէս ընդունուած ժամանակագրութեան համեմատ, կարեւորութիւն չտալով քանի մը հեղինակներու կողմէ նշանակուած 5 տարի տեւողութեան: Համաձայն այդ գրութեան Քրիստափորի տարիները պէտք է պատշաճեցուին 539-է 545 տարիներուն: Ամբողջ միջոցը կը բովանդակուի Խոսրովի թագաւորութեան, Յուստինիանոսի կայսրութեան, եւ Մժէժի մարզպանութեան միջոցին: Ինչպէս ընտրութեան մանրամասնութիւնները կը պակսին, նոյնպէս պաշտօնին վերջաւորութեան կերպն ալ որոշուած չէ, եւ լռութեան հանդէպ բնական մահուան ենթադրութիւնն է, որ իբր ստոյգ կը ներկայանայ: Բաբգէնի յաջորդներուն իրարու վրայ կարճատեւ պաշտօնավարութիւններն ալ հաւանական կը ցուցնեն, թէ բազմամեայ եւ ալեւոր անձնաւորութիւններ կը նախադասուէին հայրապետական ընտրութեանց մէջ: Իսկ ընտրութեանց ինչ կերպով կատարուիլը գաղտնիք մը կը մնայ պատմութեան առաջ, թէպէտ հայրապետներուն յաջորդութեան խնդիրի տեղի չտալը, ընկալեալ ձեւի մը գոյութիւնը կը հաւաստէ:

356. ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅՔ

Քրիստափորի գործունէութեան վրայ ազգային աղբիւրներ բնաւ տեղեկութիւն չեն տուած, եւ այն համառօտ ակնարկն ալ զոր Թովմաս տուած էր, դժբախտաբար իրմէ խլուած էր երեւակայեալ անձի մը վերագրուելով: Սակայն նոր հետազօտութիւններ նշանաւոր դեր մը կ՚ընծայեն Քրիստափորի, թէ նեստորականութեան դէմ ուղղափառութիւնը պաշտպանելուն, եւ թէ Հայոց Եկեղեցւոյն գերակայ դիրքը ամրապնդելուն մէջ: Խոսրով թագաւոր որ գահ բարձրացած ատեն 531-ին, Յունաց հետ խաղաղութիւն էր հաստատած, լաւ աչքով չտեսաւ Յուստինիանոսի Պարսիկներէն անկասկած մնալով, հետզհետէ զօրանալը, եւ 539-ին պատերազմ բացաւ Յունաց դէմ: Խաղաղութիւնը խզելու առիթ ընծայեցին յունական բաժինին Հայերը, որք կայսերական կառավարիչներուն խստութեանց չդիմանալով, ոտք էին ելած եւ Պարսից թագաւորին օգնութեան դիմած (ԱՍԼ. 259): Խոսրով իր արշաւանքները մինչեւ Եդեսիա եւ Անտիոք տարածեց, եւ քրիստոնեայ գաղթականներ ալ փոխադրեց իր սահմանները (ՅԱՐ. 122), եւ կամովին փոխադրուողներ ալ եղան: Ասոնց մէջ շատ էին եփեսոսական ուղիղ դաւանութեան հետեւողները, որոնք Նեստորականներէ կը գարշէին եւ Քաղկեդոնականներէ կը զգուշանային: Միւս կողմէն ուրիշ պատճառներ ալ զիրենք կ՚արգիլէին յունական յարաբերութիւններ մշակել: Ոչ միայն Խոսրով արգիլեր էր Յունաց հետ յարաբերութիւնները (ՅԱՐ. 129), այլեւ դաւանական տարբերութիւններ զօրացած էին անոնց մէջ: Յուստինիանոս կայսր, Քաղկեդոնի ժողովէն ծագում առած դաւանական վէճերը վերջացնելու ջանք կ՚ընէր, եւ մէկ կողմէն Քաղկեդոնի անունը պաշտպանելով եւ միւս կողմէն Եփեսոսի վարդապետութիւնը ամրապնդելով կը կարծէր երկու կողմերը իրարու մօտեցնել եւ համաձայնութիւն կազմել: Հրովարտակ մըն ալ հանեց 533-ին արգիլելով Քաղկեդոնի ժողովը մերժել, բայց միանգամայն անոր վարդապետութիւնը քաշքշելով Եփեսոսին նմանցնելու կ՚աշխատէր: Արդէն Սեւերոս Անտիոքի աթոռէն եւ Յուլիանոս Հազիկառնացի եպիսկոպոսութենէն մերժուած էին, Զենոնի եւ Անաստասի հրովարտակներն ալ հերքուեցան, նզովուեցաւ նաեւ անոնց գործակից Ակակիոս պատրիարքը, բայց Յուստինիանոս կ՚ուզէր որ մերժուին եւ հերքուին նաեւ Թէոդորոսի եւ Թէոդորետոսի եւ Իբասի գրուածները, իբրեւ Նեստորականութիւն պարունակող, ինչչափ ալ առաջինները Քաղկեդոնի ժողովէն մերժուած չէին: Թէպէտ Սեւերոս մերժուեցաւ եւ 543-ին մեռաւ, բայց Սեւերեանց կողմը ամուր պաշտպանութիւն գտած էր Յակոբ Ծանծաղոսի կամ Բարադէոսի գործունէութեամբ, որ Անտիոքի պատրիարք հռչակուեցաւ, եւ Ասորւոց երկիրները շրջեցաւ, Հայաստան ալ մտաւ, որ Սեւերեան ապականականութիւնը տարածէ: Իսկ միւս կողմէն Յուլիանեան Անապականականք Աղեքսանդրիոյ աթոռին տիրացան Գայիանոսի ընտրութեամբ: Այդպիսի շփոթութեանց եւ անհամաձայնութեանց ժամանակն է, որ Պարսկաստանի քրիստոնեաները անորոշ եւ անգլուխ վիճակի մէջ, նորէն Հայերուն կը դիմեն, ինչպէս Բաբգէնի օրով ըրած էին 341):

357. ԱՍՈՐՒՈՑ ԳՈՐԾԵՐԸ

Եթէ Թովմայի պատմութեան հետեւինք, Քրիստափոր նախ նամակով զգուշացուց Ասորեստանի եւ Խուժաստանի քրիստոնեաները, մի ' խառնիլ ընդ Նեստորականսն, ինչ որ գրեց նաեւ Դերջանի եւ Խաղտեաց եպիսկոպոսներուն, որ է ըսել յունական բաժինի Հայերուն: Թովմաս Բարծումա, որ 535-էն Մծբինի աթոռը բարձրացած էր եւ Նեստորականութեան մեծ ջատագովն էր, Քրիստափորի նամակները ձեռք ձգելով, զայն Պարսից թագաւորին առջեւ ամբաստանեց, իբրեւ յորդորող զՅունաց թագաւորին խորհիլ հնազանդութիւն, բայց կ՚երեւի թէ չյաջողեցաւ, որովհետեւ պատմիչն ալ հետեւանք մը չի յիշեր (ԱՐԾ. 88): Այդ պարագան, ինչպէս նաեւ Բարծումայի հանած հալածանքը, որ ուղղափառներուն վանքերը աւերելով եւ եկեղեցականները կոտորելով, զանոնք իր կողմը բռնադատել կ՚աշխատէր (ԿԼԷ. Ա. 227), ինչպէս ասորական աղբիւրներն ալ կը հաստատեն (ՅԱՐ. 127), Քրիստափորը յորդորեցին, գրութիւններով չգոհանալ, այլ անձամբ երթալ Պարսկաստան, արքունիքի առջեւ իսկութիւնը պարզել, ուղղափառութեան համար պետական պաշտպանութիւնը ապահովել, եւ ձեռնադրութիւններով եւ շինութիւններով ուղղափառ քրիստոնեաները յանձանձել եւ մխիթարել: Քրիստափորէ ձեռնադրութիւն ընդունողներու մէջ յանուանէ կը յիշուին Մար-Մաթայի մետրապոլիտ Գարմայ (ՅԱՐ. 123), եւ Բեթ-Արաբի եպիսկոպոս Ախուդեմմէ (ՅԱՐ. 124), սակայն հարկաւ այսչափով չվերջացաւ, որովհետեւ ըսուած է, որ ամբողջ այն կողմերը Շիգարի եպիսկոպոս Կարիսէն զատ բնաւ վիճակաւոր եպիսկոպոս մնացած չէր (ՅԱՐ. 122), եւ անգամ մը որ Քրիստափոր գործին ձեռնարկած էր, զայն լրացնելէ առաջ ետ չէր դառնար: Հայոց կաթողիկոսը Միջագետք եւ Ասորեստան եւ Պարսկաստան պտտած ատենը, այն տեղեր գտնուող Հայերուն վրայ ալ հարկաւ պիտի տարածէր իր հոգածութիւնը, քանի որ յայտնի է, թէ Հայ գործիչներ պակաս չէին այն կողմեր ուղղափառութեան պաշտպանութեան համար, մինչեւ իսկ մարտիրոսական վկայութիւն յանձն առնելով, ինչպէս են Հայազգի Սարգիս մը եւ Հայաստանցի մեծ Թովմաս, որ յանուանէ յիշատակուած են (ՅԱՐ. 134): Դժբախտաբար ընդարձակ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ մեզ կը պակսին Քրիստափորի կաթողիկոսութեան այդ պանծալի շրջանին վրայ, որով չենք կրնար ճշդել թէ որչափ ատեն եւ որ կողմեր տարածեց նա իւր հովուական եւ առաքելական այցելութիւնը, որ այնչափ գեղեցիկ յիշատակ մը թողած է Ասորիներուն մէջ, որ մինչեւ ԺԱ դար Մագիստրոսի օրով ալ կը յիշուէր (ՄԱԳ. 163), եւ որ առիթ ընծայած է Ասորիներուն զինքն ծագմամբ Ասորի կարծել (ՅԱՐ. 122), թէպէտ նորա Հայ ծագումը` գաւառին եւ գիւղին անուններովը աներկբայաբար հաստատուած է: Ներուի մեզ աւելցնել, թէ իւր բնիկ սահմաններէն դուրս ալ այդչափ աշխատութեան յանձնառու կաթողիկոս մը, հարկաւ շատ աւելին ըրած է իւր հօտին համար, ուղղափառ վարդապետութիւնը պաշտպանած, եկեղեցական դասակարգերու վրայ հսկած, եկեղեցւոյ պայծառութեան աշխատած, եւ ժողովուրդին վրայ հայրական եւ հովուական հոգածութիւն տարածած: Այլ, աւա~ղ, որ պատմական աղբիւրներուն պակասութիւնը, կը պարտաւորէ մեզ պատճառաբանեալ մակաբերութիւններով գոհանալ, եւ իբրեւ կնիք կրկնել իրեն տրուած փիլիսոփայ պատուանունը (ԱՍՈ. 82), եւ պանծալի կաթողիկոսութեան գովեստը (ԱՐԾ. 88):