Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՂԵՒՈՆԴ Ա. ԵՌԱՍՏԵՑԻ

358. ԺԱՄԱՆԱԿՆ ՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ

Ղեւոնդ կաթողիկոսի ծննդավայրը սովորութիւն է Եռաստ գրել, համաձայն Պատմաբանին (ՅՈՎ. 83), թէպէտեւ աւելի յաճախ Առեստ է գրուած, եւ Առբերանի, այժմ Բերկրի, գաւառի մէջ նշանակուած է(ԱՍՈ. 83): Առեստն ալ միշտ Փոքր յաւելուածով յիշուած է, որ Մեծ Առեստի մը գոյութիւնը կ՚ենթադրէ, եւ պատմութեանց մէջ ալ յիշուած է Առեստ աւանը, առ ափն ծովուն Բզնունեաց, ի ձկնատեսանսն արքունի, ի վերայ գետակին (ԲԶՆ. 19), որ իրաւունք կու տայ նոյնացնել զայն այժմեան Մարմէտի հետ, առ համանուն գետով, որ է ձկնատեան, այսինքն որսարան տառեխ ձկան (ՏԵՂ. 52): Փոքր Երաստը կամ Փոքր Առեստը հարկաւ երկրորդ եւ աւելի մանր գիւղ մըն էր Մեծին մօտերը, եւ իբր անոր մի նոր թաղը: Ղեւոնդի պաշտօնավարութեան տարիները պատմագիրներու եւ գաւազանագիրներու մեծամասնութեան կողմէն 3 են գրուած, եւ մէկ քանիէն միայն 2, եւ այդ ընդհանուր համաձայնութեան հանդէպ Ասողիկի մէջ կարդացուած 21 տարիները (ԱՍՈ. 83), պարզապէս գրչագիրի սխալանաց պէտք է վերագրել: Պատմութիւնն ալ անունէ զատ եղելութիւն մը կամ յիշատակ մը չունի ոչ Ղեւոնդին գործունէութեան եւ ոչ Ղեւոնդի ժամանակին վրայ, ինչ որ կարճատեւ պաշտօնավարութիւնը հաստատելու կը ծառայէ: Նորերէն մէկուն 523-է 546, այսինքն 23 տարի տալը (ՍԱՄ. 277), պարզապէս կամայական ենթադրութիւն մըն է Մանդակունիի եւ Աղբաթանեցիի մէջտեղի միջոցը լեցնելու համար: Իսկ մենք այս դարմանին պէտք չունինք, վասնզի արդէն Բաբգէնի տարիներուն վրայ լրացուցինք այդ հաշիւը, եւ այն ոչ կամայական ենթադրութեամբ, այլ առձեռն վաւերագիրներու ուսումնասիրութեամբ 331): Համաձայն այդ դիտողութեանց երեք տարի կու տանք մենք ալ Եռաստեցիին կաթողիկոսութեան, 545-էն 548, բայց ոչ մի պատմական տեղեկութիւն չենք կրնար տալ այդ միջոցին համար: Իշխանաւորները միեւնոյններն են, զորս նախորդներուն վրայ յիշեցինք, այսինքն են Խոսրով թագաւոր, Յուստինիանոս կայսր եւ Մժէժ մարզպան: Խոսրով պատերազմներէ յոգնած, պահ մը հանդարտութեան տարիներ կ՚անցընէր, Յուստինիանոս կը շարունակէր քաղկեդոնեան խնդիրը վերջացնելու համար` Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ աթոռները համերաշխութեան բերել, եւ Թէոդորոսի ու Թէոդորետոսի ու Իբասի երեք գլուխները դատապարտել տալու ծրագիրին վրայ պնդել: Հռոմի Ագաբետոս հայրապետը ստիպած էր Կ. Պոլիս գալ 536-ին, որ կայսեր հետ չէր համաձայնած, բայց իր մահուամբ գործը յետաձգուած էր: Յուստինիանոս Վիգիլիոսը անոր յաջորդ նշանակած էր իրեն օժանդակ ըլլալու խոստումով, բայց Հռոմայեցիք չէին ուզած Վիգիլիոսը ճանչնալ, Սիլվերիոսը հայրապետ հռչակած էին, որ նոր արգելք մը եղած էր Յուստինիանոսի գաղափարին գործադրութեան, մինչեւ որ Սիլվերիոս աքսորուեցաւ եւ աքսորի մէջ մեռաւ 537-ին, եւ Վիգիլիոսի իշխանութիւնը ճանչցուեցաւ: Յուստինիանոս Վիգիլիոսի օգնութեամբ կրցաւ աւելի յաջողութիւն գտնել, եւ 546-ին հրովարտակ ալ հանեց նոր ընդհանուր ժողով մը հաւաքելու, եւ անով խնդիրին վերջնական ձեւ մը տալու: Բնաւ յիշատակութիւն չենք գտներ, որ Յուստինիանոս Հայոց հայրապետ Ղեւոնդին ալ հրաւէր ղրկած ըլլայ ժողովին գալու կամ պատգամաւոր ղրկելու, գուցէ Հայաստանի մէկ բաժինին կայսրութեան ձեռաց ներքեւ ըլլալը բաւական սեպեց` Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը արդարացնելու: Ամէն առթի մէջ Եռաստեցիին եռամեային մէջ ուրիշ պարագայ չենք գտներ յիշելու: