Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՏՐԴԱՏ Ա. ՈԹՄՍԵՑԻ

595. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Տրդատի հայրենիքը միայն գիտենք, Վանանդ գաւառի Ոթմուս գիւղը, որ Գիւտի անպաշտօն հայրապետանոցն էր եղած 290), եւ ուր ծնած էր Իսրայէլ կաթողիկոսն ալ 508): Կը յիշուի նաեւ թէ ի տանէ նախարարացն էր (ՂՆԴ. 167), եւ ուրիշ բան չենք գիտեր իր վրայ: Նկատելով որ բոլոր կաթողիկոսներ եպիսկոպոսներուն մէջէն առնուած են, եւ եպիսկոպոսներն ալ իրենց վիճակներուն բնիկներէն եղած են, հնար էր Տրդատը Վանանդի եպիսկոպոս եղած ըսել, բայց բնաւ յիշատակութիւն չունինք: Իրեն համար Պատմաբանը կը վկայէ, թէ եղած է այր սուրբ եւ պարկեշտ, եւ փայլեալ առաքինութեամբ, այնպէս որ` նոյն իսկ ասպատակք չար հինից յամենայն ուստեք դադարեալ լինէին ի սադրելոյ սրբութեան աղօթից նորա (ՅՈՎ. 134): Դաւիթի վերջին օրերը ասպատակութիւններ չեն յիշուած, որ անմիջապէս Տրդատի աղօթքով դադրած ըլլան, ուստի պէտք է մեկնել այն պատերազմներուն եւ արշաւանքներուն վրայ, որոնք Տրդատի օրով սկսան Հեշամի մեռնելէն ետքը, եւ անոր օրովն ալ վերջացան, ինչպէս պիտի պատմենք: Իր ընտրութեան մեր ալ տուած 741 թուականը, գեղեցիկ զուգադիպութեամբ կը համաձայնի Ասողիկի գրածին հետ, որ է Հայոց թուականի 190 տարին, (ԱՍՈ. 107), իսկ տեւողութեան համար մեր զննած եւ բաղդատած 15 ցուցակներէն, միայն մէկը 27 տարի գրած է, եւ մեկն ալ բոլորովին անունը մոռցած է, մնացածները հաստատապէս 23 տարի կու տան, որով իր կաթողիկոսութեան վերջը պէտք է դնել 764-ին: Այդչափ երկար միջոցին մէջ Տրդատի անձնական գործունէութենէն բնաւ յիշատակ մը չունինք, սակայն քիչ չեն արտաքին եւ ներքին եղելութիւններ, զորս պէտք է քաղենք, որպէսզի Հայաստանի կացութեան շարայարութիւնը պահենք, եւ հետագայ դէպքերուն կապակցութիւնը յայտնուի:

596. ԻՒՄԵԱՆՔ ԵՒ ԱՊԱՍԵԱՆՔ

Տրդատի առաջին տարիները Հեշամի վերջին տարիներն են, եւ խաղաղութեամբ շարունակեցին մինչեւ 743, երբ Վալիտ Բ. յաջորդեց իր հօրեղբօր: Այդ օրէն կը սկսի Իւմմեանց հարստութեան քայքայումը: Շատոնց էր որ Իւմմեանք իբր բռնակալներ կը նկատուէին ուղղամիտ իսլամներուն կողմէն, ամիրապետութեան` կամ իրենց բառով` մեծ իմամութեան պաշտօնը, Ֆաթմայի եւ Ալիի սերունդին, այսինքն Մուհամմէտի հարազատ սերունդին ձեռքէն յափշտակած ըլլալնուն համար: Երկու գերդաստաններ իրենց իրաւունքը կը նկատէին այդ պաշտօնը, մէկը Ալիի տան կոտորածէն ազատած, անոր Մուհամմէտ որդւոյն սերունդը, միւսը իրենց մարգարէին հօրեղբօր` Ապպասի տունը: Այս երկուքին մէջ ձուլումի ձեւ մը տեղի ունեցաւ, երբ Ալիի թոռ` Ապտուլլահ-պին-Մոհամմէտ իր իրաւունքը փոխանցեց Ապպասի թոռնորդի Մոհամմէտի, որ այս պատճառով Հեշամէ հալածուեցաւ, եւ բանտարկուեցաւ, եւ ազատութիւն գտնելէն քիչ ետքը մեռաւ 746-ին, իրաւունքը թողլով իր որդւոյն Իպրահիմի, որ օրինաւորապէս տիրանալու չհասաւ եւ սպանուեցաւ, եւ իրմէ ետքը իրաւունքին տիրացաւ եւ յաղթանակեց Մուհամմէտի միւս որդին, Ապտիւլ-Ապպաս, Ապպասեանց հարստութեան հիմնադիրը, որուն Սաֆֆան կամ Արիւնռուշտ մականունը տրուեցաւ: Հեշամի մահուընէն մինչեւ Իւմմեանց դադարումը եւ Ապպասեանց սկզբնաւորութիւնը, 7 տարիներ անցան, 743-էն 750: Հեշամի յաջորդը Վալիտ Բ. իր զեղխութեամբ եւ անառակութեամբ զզուելի դարձաւ, եւ տարիէ մը սպաննուեցաւ, եւ անոր յաջորդելու համար մէջտեղ ելան, Եէզիտ Վալիտի որդին, Եէզիտ Սիւլէյմանի որդին, Սիւլէյման Հեշամի որդին, եւ Իպրահիմ Վալիտի միւս որդին, որոնք իրարու դէմ մաքառեցան, մինչեւ որ Մրուան-պինի-Մուհամմէտ, Մրուան Ա. ամիրապետին թոռը, այն որ Հայաստանի 581) եւ յետոյ Միջագետքի ոստիկան էր եղած 588), ուզեց շփոթութեանց վերջ տալ եւ ինքն գրաւեց ամիրապետութիւնը 744-ին, եւ վեց տարի պահեց, մինչեւ 750: Մրուան շարունակ ապստամբութեանց դէմ մաքառելու եւ պատերազմներ մղելու ստիպուեցաւ, մինչեւ որ Ապպասեանք վերջնականապէս զօրացան, եւ Մրուան սպաննուեցաւ Եգիպտոսի Պուշիր գիւղը, Ղփտիներու եկեղեցիին մէջ (ՎԵՐ. 356): Իւմմեանց հարստութեան վերջանալովը եւ Ապպասեանց հարստութեան սկսելովը, Արաբական ինքնակալութեան վեհապետական տունը միայն փոխուեցաւ, պետութիւնը նոյնը մնաց, եւ Հայաստան տէր չփոխեց, միայն ինքնակալութեան կեդրոնը փոխուեցաւ, վասնզի Ապպասեանք Դամասկոս բոլորովին թողուցին, եւ մայրաքաղաքնին Պաղտատի մէջ հաստատեցին:

597. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԳԺՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այդչափ շփոթութեանց մէջ, որոնց ասպարէզ էր գլխաւորապէս Միջագետքը, հնար չէր որ Հայաստան անոնց ազդեցութիւնը չզգար: Մրուանէ ետքը Հայաստանի ոստիկանութիւնը յանձնուած էր Իսաք-պինի-Մըսլիմի (ՂՆԴ. 146), որ պաշտօնի վրայ էր տակաւին, երբ Գրիգոր եւ Դաւիթ Մամիկոնեանք, որք Վալիտի հրամանաւ աքսորական կալանաւորութենէ ազատած էին, անոր սպաննուելէն ետքը Հայաստան եկան (ՂՆԴ. 149), եւ Վասպուրական նահանգը ոտք հանեցին: Դաւիթ դաւաճանութիւն ալ կազմեց Աշոտը սպաննելու, սակայն նա ինքզինքը պաշտպանեց, եւ իրենները Դարունից բերդին մէջ ամրացնելով` ինքն Մրուանին գնաց, հին բարեկամութեան շնորհիւ պաշտպանութիւն գտնելու համար (ՂՆԴ. 150): Աշոտին մեկնելուն վրայ, Իսաք պատրիկութեան պաշտօնը յանձնեց Գրիգոր Մամիկոնեանի, սակայն Մրուան հրամայեց Աշոտը վերհաստատել, եւ Դաւիթ Մամիկոնեանը պատժել, ծայրակոտոր առնել ոտիւք եւ ձեռօք, եւ փայտիւ դատապարտել ի մահ (ՂՆԴ. 151): Իսաք պարտաւորուեցաւ հրամանները գործադրել, մերձաւոր հաշուով 746 տարին, բայց Գրիգորի ատելութիւնը սաստկացաւ Աշոտի դէմ, որովհետեւ առաջին աքսորի ցաւին աւելցան եղբօրը կորուստը եւ իր պաշտօնանկութիւնը: Մտածեց օգուտ քաղել Արաբացւոց ընտանի պատերազմներէն, եւ անոնց լուծը թօթափելով, նորէն Բիւզանդական կայսրութեան ներքեւ մտնել, քաջալերուելով այն յաղթութիւններէն, զորս Կոստանդին Ե. Կոպրոնիմոս, որ 741-ին իր հօրը Լեւոնին յաջորդած էր, կը տանէր Արաբացւոց վրայ Փոքր Ասիոյ կողմերը: Արտաքուստ առնէր խաղաղութիւն ընդ Աշոտայ բանիւք միայն, բայց ներքուստ նախարարներուն մէջ կը տարածէր իր խորհուրդը ի բաց կալ ի հնազանդութենէ Իսմայէլի, եւ կը յաջողէր ալ, եւ ամենայն նախարարք Հայոց այդ խորհուրդին կը հաւանէին, վասնզի ծանր դարձած էր արաբական լուծը, եւ պատեհ առիթ կը նկատուէր անոնց ներքին երկպառակութիւնը (ՂՆԴ. 152): Գրիգորի համախոհները, իրենց մէջ միաբանելէն ետքը Աշոտին կը հաղորդէին իրենց խորհուրդը, եւ թէպէտ սա շատ կ՚աշխատէր զիրենք համոզել, եւ գործին անստուգութիւնը եւ վտանգները բացատրել, բայց անոնք զինքը հարկեցուցանէին կամակցիլ եւ միաբանիլ, սպառնալով զինքն բոլորովին լքանել: Վերջապէս Աշոտ եւ Գրիգոր դնէին դաշինս ուխտի առ միմեանս, ոստիկանը կը մերժէին, ապստամբութիւնը կը հռչակէին, եւ Տայոց լեռները կ՚ամրանային, Պոնտոսի յունական բանակին պաշտպանութեան վստահելով (ՂՆԴ. 154): Ապստամբութեան թուական կրնայ հաշուուիլ 747 տարին: Բայց եւ ոչ զամն ողջոյն կրնային համաձայնութեամբ գործակցիլ, երկպառակութիւնը կ՚աճէր մէջերնին, եւ Աշոտ մաս մը նախարարներով կը բաժնուէր, ու դէպի Բագրեւանդ կը մեկնէր, իրեն սեփական գաւառը, եւ նորէն Արաբացւոց հետ հաշտուելու վրայ կը խորհէր: Աշոտի հետ եղողներէն ոմանք լուր կը հասցնէին Գրիգորի, որ անմիջապէս իր գունդերով կը հասնէր, Աշոտը կը պաշարէր եւ կը կալանաւորէր, եւ տայր ի ձեռս ծառայիցն Դաւթի` իր սպանեալ եղբօր, եւ անոնց ձեռքով կուրցնել կու տար ու կը թողուր, եւ ինքն իբր Հայոց իշխան, Կարին քաղաքը կ՚երթար, յաղթութեան աւետիսներ կը տարածէր (ՂՆԴ. 155), եւ կը հռչակէր Կոստանդին Կիպրոնիմոսի` Յունաց կայսեր տիրապետութիւնը: Իրողութեանց ժամանակագրութիւնը հաշիւի առնելով պէտք է 748-ին դնել այդ եղելութիւնը: Գրիգոր իր ձեռնարկին վայելքը չունեցաւ, վասնզի քիչ ետքը ուժգին վտանգիւ տագնապէր, եւ չարաչար ախտով կը մեռնէր, եւ իրեն տեղ Հայոց իշխան կ՚ըլլար, իր կրտսեր եղբայրը Մուշեղ Մամիկոնեան, բայց այն ալ սակաւ ինչ ժամանակս միայն կրնար գործի վրայ մնալ (ՂՆԴ. 156): Չենք գիտեր, թէ այդ տագնապալից պարագայից մէջ, ինչ դեր ունեցաւ Տրդատ կաթողիկոսը, վասնզի եւ ոչ իսկ անունը կը յիշուի: Եթէ Պատմաբանին գրածին նայինք, միայն աղօթքով աստուածային ողորմութեան կը յանձնարարէր իր ժողովուրդը:

598. ԱՊՊԱՍԵԱՆՑ ԿԵՂԵՔՈՒՄՆԵՐ

Արաբացւոց ներքին պատերազմները եւ Իւմմեանց ու Ապպասեանց ներհակընդդէմ պայքարները` դիւրութիւն ընծայած էին Հայոց, անոնց տիրապետութիւնը նշկահել, ինչպէս Յոյներուն ալ նպաստեր էին, դիւրին յաղթութիւններ տանիլ: Բայց հազիւ թէ Ապուլ-Ապպաս, ամիրապետութեան տիրացաւ 750-ին, եւ փոքրիշատէ կեդրոնին կառավարութիւնը կարգադրեց, իր մտադրութիւնը դարձուց իր ինքնակալութեան գաւառները զսպել, եւ ապստամբած մասերը խստութեամբ հնազանդեցնել: Ապպասեանք պատմութեան մէջ լաւ յիշատակութիւն ունին իբր զարգացման եւ գիտութեան հովանաւորներ, սակայն ասիկա հետագայ դարերու արդիւնք եղաւ, իսկ Ապուլ-Ապպաս աշխարհը արիւնով ողողեց իր իշխանութիւնը ամրացնելու համար: Միջագետքի, Ատրպատականի եւ Հայաստանի կողմերը յանձնեց իր եղբօր Ապու-Ճաֆէր-էլ-Մանսուրի, եւ նա ձեռնարկեց նախ ելեալ յաշխարհս Հայոց (ՂՆԴ. 158): Միեւնոյն արիւնռուշտ ձեւը գործածուեցաւ բոլոր Հայերուն վրայ, անոնց վաղանցուկ ապստամբութեան վրէժը լուծելու, եւ ամենասաստիկ բռնութիւններ գործածուեցան: Հինէն անվճար տուրքերը գանձելու համար, մեռեալներուն անունով ալ այրիները ու որբերը կը նեղուէին, քահանաներու եւ բոլոր եկեղեցականներու շնորհուած ապահարկութիւնը 562) չէր յարգուեր, եւ մեռածներուն անունները յայտնելու համար քուքերով եւ բիրերով կը խոշտանգուէին, եւ գլխահարկի տուրքը ապահովելու համար կը հրամայէր դնել կնիք կապարեայ յամենեցուն պարանոցս: Նախարարական տուներուն ձեռք ոչ զարդեր կը մնային եւ ոչ մթերներ, ոչ ձիեր եւ ոչ ջորիներ, ամէն բան կը զոհուէր Ապու-Ճաֆէրի բռնութենէն ազատելու, որ ոչ միայն վրէժխնդրութեամբ բորբոքած էր, այլ եւ բնութեամբ չափազանց արծաթասէր էր, ինչպէս Արաբ պատմագիրներ ալ կը գրեն, եւ զդանգ առաւել քան զԱստուած մեծարէր (ՂՆԴ. 259), Ապու-Ճաֆէր Հայաստանի մէջ իր բացառիկ պաշտօնը լրացնելով, 752-ին ոստիկան կը թողուր Ուսագի որդի Եէզիտը (ՂՆԴ. 160), եւ ինքն կ՚անցնէր միւս գաւառները: Ապուլ-Ապպաս կը մեռնէր երբ ուխտագնացութեան համար Մէքքէ երթալու վրայ էր 754-ին, եւ Ապու-Ճաֆէր ամիրապետութեան կը յաջորդէր: Սա ինքն է որ նոր Պաղտատը հիմնարկեց Տիգրիսի եզերքը, որ Սամարա ալ կոչուած է (ԱՍՈ. 108):

599. ՀԱՅՈՑ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ

Եէզիտ երկրին կառավարութեան ձեւը վերանորոգելով, պատրիկութեան պաշտօնին կը կոչէ Սահակ Բագրատունին, որդի Բագարատի եւ հօրեղբօրորդի կուրացեալ Աշոտ պատրիկի, որ այլեւս գործի անյարմար ըլլալով` խաղաղութեամբ կ՚ապրէր Դարոյնք աւանին մէջ, ուր եւ մեռաւ եւ թաղուեցաւ կուրանալէն 13 տարի ետքը (ՂՆԴ. 156), որ է ըսել 761-ին: Սահակ կը նկարագրուի իբր այր գեղաղէշ երեսօք, եւ երեւելի հասակաւ, եւ ազնուական բնութեամբ, եւ ծանօթ երկիւղին Աստուծոյ, որ ակամայութեամբ կը տանէր նոր պաշտօնը, դժուարանալով աջակից երեւնալ Եէզիտի բռնութեանց, բայց պարտաւորեալ առաջնորդէր զօրաց Հայոց, թէպէտեւ հատաւ սակ արծաթոյն, որ գայր ամի ամի յարքունուստ զօրացն Հայոց` Իւմմեանց ժամանակ 583) եւ նախարարներ կը պարտաւորուէին ի տանց իւրեանց հանդերձել զգունդս զօրացն (ՂՆԴ. 160): Այդ միջոցներուն կ՚իյնայ, որ Կոպրոնիմաս կայսր, Փոքր Ասիոյ մէջ կայսր հռչակուած իր քեռայրին` հայկազն Արտաւազդին ապստամբութիւնը նուաճելէն, եւ կայսրութեան ծառայող Հայերուն վրայ խստութիւններ գործադրելէ ետքը (ԼՊԱ. 502), նոր արշաւանք մը կազմակերպեց դէպի Հայաստան, եւ մինչեւ Կարին հասաւ, եւ քաղաքն ալ գրաւեց եւ աւարեց, եւ մեծ գերութիւն մըն ալ վերցուց, որուն կամաւորապէս խառնուեցան նաեւ Հայերէն շատեր, արաբական բռնութիւններէ ազատելու նպատակով (ՂՆԴ. 161): Սակայն հաստատուն չեղաւ Յունաց յաջողութիւնը: Արաբացիք արշաւանքը նորոգեցին նոր ոյժերով, Մելիտինէն գրաւեցին, Կիլիկիա մտան, եւ Պամփիւլիոյ մէջ ալ Մելասի ճակատամարտը վաստկեցան (ՎԵՐ. 363): Եէզիտ ալ իր կողմէն նորէն Կարինը գրաւեց, եւ քանդուածները վերաշինեց, եւ հեռացած բնակիչներուն տեղ Արաբացի գաղթականութիւն բերաւ (ՂՆԴ. 161): Այդ եղելութիւնները կրնանք զետեղել 756-է 758 տարիներուն մէջ: Իսկ Հայաստանի կացութիւնը բնաւ բարւոքման վիճակ չունեցաւ, որովհետեւ ի հրամանատարութեան Եէզիտի եւ յիշխանութեան Աբդլայի միւսոյ, որ է Ապու-Ճաֆէրը, յոյժ ծանրացաւ անուր լծոյ հարկապահանջութեան ի վերայ աշխարհիս Հայոց, մինչեւ կարենալ ըսել, թէ վախճանեաց գիւտ արծաթոյ ի յերկրէս (ՂՆԴ. 166): Ասոր հետ ասոր անոր կողմէ ալ քմածին բռնութիւններ պակաս չէին, եւ մեծ ոստիկանին հրամանին ներքեւ եղող զօրավարներն ալ, ուզած բռնութիւննին կը գործէին: Սիւլէյման Պարսիկ անուն մէկ մը ասպատակով կը նեղէր Վասպուրականի նահանգը. ժողովուրդը բռնադատուեցաւ զէնքով դիմադրել, որուն գլուխ կանգնեցան Սահակ ու Համազասպ` Վահան Արծրունիի որդիներ, բայց երկուքն ալ պատերազմի մէջ ինկան քաջաբար դիմադրելէ ետքը, սակայն եղբայրնին Գագիկ Արծրունին, յաջողեցաւ ասպատակը ետ մղել եւ Սիւլէյմանն ալ սպաննել (ՂՆԴ. 162): Անկէ ետքը Ծալէհ կամ Սալիհ անուն` ուրիշ զօրավար մը կը հասնի Վասպուրական, եւ Գագիկ կը պարտաւորուի Նկան բերդը ամրանալ, եւ պատեհ գտնելով եւ նոր ոյժ ժողվելով, յարձակումը ետ կը մղէ: Բայց անկէ ետքն ալ Ռուհ անուն ուրիշ զօրավար մը կու գայ, որ կը պարտաւորէ Գագիկը ետ քաշուիլ, եւ նորէն Նկանի մէջ ամրանալ: Ռուհին կը յաջորդէ Մուսէ կամ Մուսա զօրագլուխը, որ երկար ջանքերէ ետքը չկարենալով ամրոցը առնել, նենգութեան դիմելով Գագիկը կը խաբէ, եւ զայն իր երկու զաւակներուն` Համազասպի եւ Սահակի հետ մէկտեղ, կապանօք ամիրապետին կը ղրկէ: Գագիկ պահանջուած գումարները վճարելէն ետքն ալ ազատութիւն չի գտներ, եւ բանտի մէջ կը մեռնի, իսկ երկու տղաքը նորէն Հայաստան կը դառնան(ՂՆԴ. 165):

600. ԵԷԶԻՏԻ ԿԵՂԵՔՈՒՄՆԵՐ

Նոր փորձանք մըն ալ կը հրաւիրէր երկրին Եէզիտի անխորհուրդ մէկ գործը: Ոստիկանը երեւի ագահութեան նպատակէ մղուած, Խազիրներու հետ բարեկամութիւն կը հաստատէ, եւ անոնց թագաւորին կամ խաքանին` Խաթուն անուն քոյրը կնութեան կ՚առնէ, որ նաժիշտներու եւ ծառաներու, զարդերու եւ գանձերու առատութիւն մըն ալ մէկտեղ կը բերէ: Խաթուն սակաւ ինչ ժամանակ ետքը կը մեռնի, եւ խաքան զայն դաւով նենգութեամբ սպաննուած կարծելով, Եէզիտի իշխանութեան, այսինքն Հայաստանի վրայ բազմաթիւ արշաւանք մը կը հանէ, եւ ամէն չարիք հասցնելու հրահանգ կու տայ իր զօրավարին, որ էր Ռաժդարխան, Խաթիրշիթբերայ իշխանը (ՂՆԴ. 162): Խազիրներու ասպատակը, Աղուանից եւ Վրաց եւ Հայոց գաւառները կ՚աւերէ ու կ՚աւարէ, կը գերէ ու կը գերփէ, իսկ Եէզիտ չի համարձակիր անոնց դէմ դնել, եւ քաշուած կը մնայ իբր թէ ոչինչ թուէր նմա կործանումն աշխարհին (ՂՆԴ. 164): Իսկ Խազիրներ միայն վրէժ մը լուծած ըլլալնին բաւական համարելով, ետ կը դառնան, եւ հաւանաբար այս պարագան է, որ ասպատակներուն ինքնիրեն ետ դառնալը, վերագրուած է սրբութեան աղօթից Տրդատ կաթողիկոսին (ՅՈՎ. 134): Թէպէտ Խազիրներու ասպատակը կը դադրէր, սակայն Եէզիտի կեղեքումները չէին դադրեր: Որպէսզի դրամ ժողվէ, ամէն միջոցներ կը գործածէր, կտտանօք, գելարանօք, կախաղանօք եւ դառն տանջանօք ամէնքը անխտիր կը խոշտանգէր, ամէն տեսակ բարուրանքներով եւ գիւտերով եղածը յափշտակել կ՚աշխատէր, այնպէս որ կապանօք սնանկութեան կը կապուէր երկիրս Հայոց, եւ ամէն ոք ի յայրս եւ ի փապարս զօղեալ թաքչէին, կամ թէ ձիւնահեղձ կամ գետավէժ լինէին, որ Եէզիտի հարկահաններուն եւ հարստահարողներուն ձեռքէն ազատին: Սահակ պատրիկ եւ Տրդատ կաթողիկոս, քանիցս ջանացին Եէզիտի հասկցնել իր բռնած եղանակին վտանգները, սակայն լսող չկար, ուստի իրենց գանգատը մինչեւ Պաղտատ` Ապու-Ճաֆէր ամիրապետին հասցուցին, որ վերջապէս հաւանեցաւ Եէզիտը ետ կանչել, (ՂՆԴ. 167), թերեւս հաւաքածին համեմատ իրեն մաս հանած չլինելուն համար, որովհետեւ չենք կարծեր, թէ գթութեան զգացումով գործած ըլլայ: Եէզիտի տեղ ոստիկան անուանուեցաւ Բաքար կամ Բաքր, որ է Պէքիր, բայց հազիւ տարի մը կ՚անցնի, այն ալ ետ կը կոչուի, եւ ոստիկան կ՚անուանուի Հասան որդի Կահաթրայ, Եէզիտը փնտռել տալու չափ չարամիտ մէկ մը: Պատմիչը Պէքիրի ետ կանչուիլը առանց իրիք պատճառի եղած կ՚ըսէ, թերեւս ուզուածին չափ կեղեքիչ չըլլալուն համար: Որովհետեւ նոյնինքն կը վկայէ թէ Հասանի տրուած հրահանգն էր, խոնարհեցուցանել զերկիրս Հայոց ի տեղիս չարչարանաց (ՂՆԴ. 168): Ոստիկաններու փոփոխութեան տարիները պատմիչներէն ճշդուած չեն, միայն Տրդատ Ոթմսեցիին միջնորդութիւնը կը յիշուի Եէզիտի ետ կանչուելուն մէջ, որով 764-էն առաջ եղած լինելը կը հետեւի, եւ Եէզիտ մերձաւորաբար 12 տարի պաշտօն վարած կ՚ըլլայ, եւ երկու յաջորդներն ալ Ապու-Ճաֆէր ամիրապետէն անուանուած կ՚ըլլան:

601. ՏՐԴԱՏԻ ՄԱՀԸ

Այսպէս կը վերջանայ Տրդատ Ոթմսեցիի կաթողիկոսութիւնը 764-ին, եւ մենք 23 տարիներու երկար պաշտօնավարութիւն մը կը փակենք, առանց որեւէ հայրապետական գործունէութիւն ու արդիւնաւորութիւն պատմած ըլլալու: Այսուհանդերձ պիտի չկարենանք ոչ զինքը մեղադրել, եւ ոչ իր վրայ աննպաստ գաղափար մը յայտնել: Երկրին կացութիւնը, զոր գոնէ թեթեւ կերպով մը պատկերացնել ուզեցինք, կատարելապէս կ՚արդարացնէ վշտակիր կաթողիկոսը, եթէ չկրցաւ պարապոյ վայրկեան մը գտնել, եւ հովուական ու հայրապետական գործերու վրայ մտածել, պարտաւորեալ լինելով շարունակ իր հօտին աղէտից վրայ արգահատիլ, եւ ցաւերուն ցաւակցիլ: Հարկաւ այդ զգացման համար է, որ այր սուրբ եւ պարկեշտ, եւ առաքինութեամբ փայլեալ լինելը վկայուած է Պատմաբանէն (ՅՈՎ. 134): Քանի որ Վանանդեցի նախարարներուն ցեղէն էր, թերեւս իր գերեզմանը ծննդավայրին մէջ եղաւ, իր իշխանազուն նախնեաց դամբարաններուն մէջ, սակայն պատմութիւնը այս մասին բան մը ըսած չէ: Իբր պարզ տեղեկութիւն յիշենք, թէ Տրդատին օրով, 760 նահանջ տարին, ծռազատիկ էր հանդիպած, որ է Յունաց եւ Հայոց Զատիկներուն շաբաթ մը տարբերիլը: Սակայն աննշանակ անցած է, որովհետեւ Հայոց եւ Յունաց մէջ սերտ յարաբերութեանց օրեր չէին: Մեր պատմագիրներէն Անեցին միայն կը յիշէ պատառում զատկի ըսելով, սակայն 754-ին կը դնէ (ՍԱՄ. 88), որ տոմարական հաշիւներու ճշդութեամբ չի կրնար արդարանալ: