Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Ա. ԴԸՒՆԵՑԻ

622. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԱԽԸՆԹԱՑ

Եսայիի յաջորդին ընտրութիւնը շփոթ կերպով մը բացատրուած ըլլալուն, ոմանք կարծեցին, թէ սա ինքն է հայրապետանոցի դրան երէց Ստեփանոսը 593), որ ոչ օրինաւոր կերպով, այլ ոստիկանին կաշառք տալով զայն հաճեցուցած եւ կաթողիկոսութիւնը իւրացուցած ըլլայ (ՉԱՄ. Բ. 419): Այդ մասին մեր առաջին դիտողութիւնն է, թէ ոչ մի նշան չկայ Ստեփանոս կաթողիկոսը Ստեփանոս դրաներէցին հետ նոյնացնելու, եւ թէ այսպիսի նոյնացում մը ոչ մի պատմագիրէ նշանակուած չէ, եւ լոկ անունի յարմարութիւնը չի բաւեր այսպիսի կարծիք մը կազմելու: Ընդհանրապէս վիճակաւոր եպիսկոպոսներէն կ՚առնուէին կաթողիկոսները եւ ոչ երէցներէն: Բաց աստի եթէ Ստեփանոս դրաներէց կաշառքով աթոռ բարձրացող մէկը եղած ըլլար, պատմութիւնը անոր մասին բարի վկայութիւն տուած չէր ըլլար, ոչ թէ միայն իբր բանիբուն եւ հաս ամենայն իմաստասիրական եւ գրամատիկոս արուեստից, այլեւ իբր հանդերձ հոգեւորական առաքինութեամբ հռչակուած մէկ մը (ԿԻՐ. 40): Իսկ կաշառքի յիշատակութիւնը կը գտնենք Ղեւոնդի մօտ, որ մինչեւ յաջորդել յաթոռ հայրապետութեանն զՍտեփանոս` բազում կաշառօք յաջորդեալ ըլլալը կը պատմէ (ՂՆԴ. 204), եւ անկէ առնելով կը կրկնեն Անեցին (ՍԱՄ. 89) եւ Կիրակոս (ԿԻՐ. 42): Իսկ ուրիշ պատմագիրներ այսպիսի բան մը չեն յիշեր, եւ Պատմաբանը յայտնապէս զՍտեփանոս ոմն ի Դուին քաղաքէ կացուցանէին յառաջնորդութիւն կ՚ըսէ (ՅՈՎ. 138), եւ ոչ թէ Ստեփանոս կաթողիկոսութիւնը կը գրաւէր: Բառին իմաստին գալով, կաշառք կը կոչուի` ոչ միայն ուղղութենէ մոլորեցնելու համար տրուած գինը, այլեւ բռնութենէ ազատելու համար տրուած փրկանքը: Մեր պարագային մէջ ալ, եղելութեանց ընթացքը աւելի այս երկրորդ իմաստը կը թելադրէ, իբր զի Սիւլէյման եւ Իպնդոկէ, ոստիկանն ու հարկահանը, որ հանգուցեալ կաթողիկոսին մահուամբ հայրապետանոցը կողոպտել ձեռնարկեցին, նորընտիր կաթողիկոսն ալ ճանչնալ եւ հաստատել չեն ուզած, առանց մեծագումար վճարում մը ստանալու, եւ այս երեսէն նեղուած Ստեփանոս, պարտաւորուած է վատնել զամենայն ինչս եւ զստացուածս, որպէսզի գիւղից եւ ծառայից` պարտուց թողութիւն ըլլայ, զորս հարկահանը իբր երաշխաւորութիւն գրաւի ներքեւ առած պիտի ըլլայ (ՂՆԴ. 204): Հետագայ ժամանակներու մէջ ալ, եւ մինչեւ իսկ մեր ժամանակները, կաթողիկոսներու եւ պատրիարքներու հաստատութեան հրովարտակները վճարումներով կը ստացուէին, եւ նոյն իսկ կազմակերպեալ դրութեանց ներքեւ` դիւանական տուրքի օրինաւոր կերպարանը առած են այդ վճարումները: Այս տեսութիւններով մենք չենք յօժարիր Ստեփանոս կաթողիկոսին վրայ, ապօրինի կաշառքով աթոռը իւրացուցած ըլլալու մեղադրանքը բեռցնել: Եւս առաւել անհիմն կը համարինք ոմանց կարծածը, թէ Ստեփանոս իբրեւ կաշառք ուտող` պաշտօնէ զրկուեցաւ (ԵՓՐ. Ա. 588), զի այս մասին հիները բնաւ ակնարկ չունին:

623. ՏԱՐԻՔՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Յոյժ կարճատեւ եղած է Ստեփանոսի հայրապետութիւնը, զոր ոմանք 2, եւ ուրիշներ միայն 1 տարի կը դնեն, որով կ՚իմացուի թէ տարիէ մը քիչ աւելի ժամանակ մնացած է աթոռին վրայ, որով պատեհն իսկ պակսած է իրեն արդիւնաւորութիւն ցոյց տալու: Պատմիչներ անունէն զատ բան մը հասցուցած չեն մեզի, եւ ի Դուին քաղաքէ ըսուիլը (ՅՈՎ. 138), սովորաբար բնիկ Դըւնեցի իմաստով առնուած է, թէպէտ օտար չէ Դուինի մէջ երկար մնալու իմաստով ալ առնել: Իր համառօտ պաշտօնավարութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ կը վերագրենք իր ծերութեան, ինչ որ իր երեք յաջորդներուն վրայ ալ նկատելի է, եւ անոնցմէ մէկուն` Սողոմոնին վրայ բացայայտ կերպով կը շեշտուի: Ապա թէ ոչ չորս կաթողիկոսներու համար` 7 տարի միայն պաշտօնավարելը նկատողութեան արժանի կէտ մը պէտք էր ըլլար: Իսկ եթէ դաւաճանութեան կամ բռնութեան հետեւանք եղած ըլլար, պատմիչներ զանց չէին ըներ զայն որոշ եւ բացայայտ կերպով նշանակել: Միւս կողմէն բազմամեայ ծերունիներու յաջորդաբար ընտրուիլն ալ առանց որոշ պատճառի չէր կրնար ըլլար: Կամ այն է որ դժուարին կացութեան առջեւ գործունեայ անձեր պաշտօնէն կը խուսափէին, կամ թէ Սիւլէյման ոստիկան եւ Իպնդոկէ հարկահան, որ այդ միջոցին պաշտօնի վրայ մնացած կը տեսնուին, ծերունիները, այսինքն մահամերձները պաշտօնի կոչելու ազդեցութիւն կը բանեցնէին, որպէսզի հաստատութեան եւ հրովարտակի կաշառքը կամ բռնի վճարումը բազմապատկելու առիթներ ստեղծեն: Ամէն առթի մէջ ետեւէ ետեւ յոյժ կարճատեւ կաթողիկոսներու յաջորդութիւնը այնպիսի պատմական երեւոյթ մըն է, որ բացատրութեան կը կարօտի, եւ ցաւալի է որ պատմագիրներ այս մասին բնաւ լուսաբանութիւն թողած չեն: Ստեփանոսի մասին ընտրութենէն ետքը մահը յիշելով, կը պարտաւորուինք անոր մասին ըսելիքնիս վերջացնել, չկարենալով եւ ոչ իսկ իր մասին գաղափար կազմելու չափ տեսութիւն մը աւելցնել: Ստեփանոսի կաթողիկոսութիւնը 788-ին սկսած 790-ին վերջացած կ՚ըլլայ, մերձաւորաբար իբր 2 տարի տեւելէ ետքը:

624. ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԴԷՊՔԵՐ

Ժամանակակից դէպքերն ալ մեծ կարեւորութիւն չեն ներկայեր: Արաբացւոց եւ Յունաց ընդհարումները այս անգամ Հայաստանէ հեռու տեղի ունեցան: Հարուն ուզեց Կիլիկիոյ կողմերը ընդարձակել եւ ամրացնել, եւ Կիպրոսի վրայ տորմիղ ղրկեց, եւ Երինէ դշխոյ այն կողմերը դարձուց կայսրութեան պաշտպանութիւնը (ՎԵՐ. 384): Իսկ Հայաստանի մէջ Մեհրուժան Արծրունի ուրացեալ, իր նախարարութեան տանուտէրութեանը մէջ հաստատուած, Շապուհ եւ Վարդ Մամիկոնեանները սպաննեց, որպէս թէ ի պատճառս հօր նոցա Մուշեղայ եղեւ աղէտն մեծ (ՎԱՐ. 76), այսինքն է Արճէշի եւ Բագրեւանդի կոտորածները եւ եղբայրներուն նահատակութիւնը, գուցէ եւ իր ուրացութիւնն ալ աղէտներուն մէջ կը համրէր: Բայց ինքն Մեհրուժան ալ վրէժխնդրութեան զոհ գնաց` վասնզի Դաւիթ Մամիկոնեան ալ` իրեններուն վրէժը կը լուծէր Մեհրուժանը սպաննելով (ՉԱՄ. Բ. 417): Նախարարներուն ընտանեկան վէճերուն կարգէն յիշատակութեան արժանի է Ջահապ Պարսիկին ըրածը: Ջահապի կին էր եղած մի ի քերց նոցա (ՎԱՐ. 76), որ խօսքին կարգով` Շապուհ եւ Վարդ Մամիկոնեաններու չորս քոյրերէն մէկուն կ՚երեւի ակնարկել 612), սակայն հետեւանքը ոչ թէ Մամիկոնեաններու, այլ Բագրատունիներու վրայ կու գայ ծանրանալ: Վասնզի Ջահապ յափշտակեալ էր մասն ինչ յԱրշարունեաց, եւ խորհէր տիրել ի ձեռն կնոջն բոլոր աշխարհին (ՎԱՐ. 76), եւ եթէ Ջահապ իր կնոջ իրաւունքովը Արշարունեաց գաւառին կ՚ուզէր տիրանալ, պէտք է Բագրատունիներու հետ գործ ունեցած ըլլար, վասնզի Բագրատունի Աշոտ մսակերն էր, որ գանձագինարար զգաւառն Արշարունեաց յազգէն Կամսարականաց (ԱՍՈ. 108): Ըստ այսմ պէտք է որ Ջահապի կինը Բագրատունի մը եղած ըլլայ` Աշոտի եւ Շապուհի քոյր, եւ ոչ Մամիկոնեան մը` Շապուհի եւ Վարդի քոյր: Իրօք ալ Աշոտ եւ Շապուհ եղան որ զէնքի զօրութեամբ Ջահապը վանեցին, Շիրակն ու Աշոցքն ալ գրաւեցին, եւ իրենց մէջ հասարակ բաժանեցին զհայրենիս իւրեանց (ՎԱՐ. 76): Այս առթիւ Սմբատ իր կեդրոնը Կոգովիտ գաւառէն կը հանէ, եւ Արշարունեաց մէջ կը հաստատէ (ԱՍՈ. 108), եւ շինէ զԿամախ (ՎԱՐ. 76), որ յայտնապէս շփոթուած անուն մըն է, եւ Կամախի Անին` Շիրակի Անիին հետ փոխանակուած է: Ապա թէ ոչ, ոչ Աշոտ եւ ոչ ուրիշ Բագրատունիք` Կամախի կամ Դարանաղիի գաւառին երբեք չտիրացան: