Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ Բ. ՌՇՏՈՒՆԻ

737. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ

Ստեփանոսի կաթողիկոսութիւնը երկու բառով միայն նշանակուած կը գտնենք, թէ Յովհաննէսէն ետքը եկաց տէր Ստեփանոս ամ մի (ՎԱՐ. 89) կամ թէ առնու զկաթողիկոսութիւնն տէր Ստեփանոս ամ մի (ԿԻՐ. 48). իսկ Ասողիկ բնաւ իսկ մոռցած է անոր անունը, եւ Յովհաննէսի անմիջական յաջորդ կը դնէ Թէոդորոսը (ԱՍՈ. 156): Ո՞վ էր եւ ուսկի՞ց, ի՞նչ ընտրութեամբ եւ ի՞նչ արժանեօք աթոռ բարձրացաւ, չենք գիտեր, կամ թէ որեւէ գործունէութիւն ունեցա՞ւ, անկէ ալ տեղեկութիւն չունինք: Ուր ստոյգ յիշատակութիւնք կը պակսին, պէտք է հաւանական մակաբերութիւնք պատմական եղելութեանց կապակցութիւնը լրացնեն, եւ ըստ այսմ իրաւունք կը ստանանք ըսել, թէ Յովհաննէսի հոն հաստատուելու միտքով Վասպուրական փոխադրուիլը, եւ այնտեղ ալ վախճանիլը, իրաւունք կու տար Վասպուրականի թագաւորին իր իշխանութեամբ անոր յաջորդը հաստատել, եւ Հայոց հայրապետութեան ձեռքով` սեփականել ուզած Հայոց թագաւորութիւնը նուիրագործել: Ըստ այսմ Ստեփանոս պէտք է Վասպուրականի եպիսկոպոսներէն տարիքով յառաջացած եւ դիրքով նախապատուած մէկն եղած ըլլայ: Անոր ծերութեան իբր փաստ կը նկատենք միամեայ պաշտօնավարութիւնը, որ գուցէ ամբողջ տարի ալ չէր: Մենք զինքը Ռշտունի անունով կոչեցինք, զոր բնաւ տեղէ մը քաղած չենք: Միայն մեր տեսութեամբ պէտք է համանուն կաթողիկոսները յաւելուածական կոչմամբ մը զանազանել, թուահամարի կարգով կոչումը թէ շփոթ եւ թէ կամայական դարձած է, քանի որ նոր գրողներ իրարմէ տարբեր թիւեր կազմած են, հակաթոռները եւ աթոռակիցները թուահամարի անցընելով կամ դուրս թողլով, իսկ հին գրողներ թուական կարգ բնաւ ընդունած ու գործածած չեն, որ գոնէ աւանդութեամբ նուիրագործուէր: Ուստի մենք ազգային եկեղեցական պատմութեամբ զբաղած առջի օրերնէս, աշխատած ենք իւրաքանչիւրին ծննդավայրէն կամ բնակավայրէն կոչում մը սեփականել: Այդ որոշմամբ ուր որ յայտնի նշանակուածը չգտանք, հաւանականը ընդունեցինք, եւ քանի որ Աղթամար Ռշտունեաց գաւառին մէջն է, եւ Ստեփանոսի տեղացի ըլլալը ակներեւ է, Ռշտունի կոչեցինք զայն, նոյնպէս իր երկու յաջորդները: Այդ կոչումը, զոր մեր հրատարակութեան տուած ցուցակներուն մէջ կանուխէն սկսած էինք գործածել, կամաց կամաց հանրութեան մէջ ալ ընդունելութիւն գտաւ, քանի որ անհրաժեշտ պէտքի մը լրումն էր, որ ինքնին ալ իրեն ճամբայ կը բանար:

738. ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԴԷՊՔԵՐԸ

Գագիկի նախաձեռնութեան նպաստեց անշուշտ, Արարատի Բագրատունի թագաւորութեան անկայուն վիճակը: Աշոտ Շապուհեան, Յուսուփի հռչակած թագաւորը, ոչ զօրութիւն ունէր եւ ոչ ազդեցութիւն, որ կարենար ազգային մեծ խնդիրներուն մէջ ձայն ունենալ: Աշոտ Սմբատեան, Երկաթն ու Շահանշահը, իբր Հայոց թագաւոր ճանչցուած, որչափ ալ նեղուած եւ աստանդական, միջամտութեան ձեռնարկած կ՚ըլլար, բայց ճիշդ այն միջոցին նա ալ կը վախճանէր: Անեցին 922-էն 8 տարի իշխանութիւն կու տայ անոր (ՍԱՄ. 99), իսկ Ասողիկ 378-ին, այսինքն 929-ին վախճանած կ՚ըսէ, նոյնպէս 8 տարի իշխանութենէ ետքը` Կոստանդնուպոլիսէ դառնալէն սկսելով, իսկ 15 տարի հօրը մահուընէ ետքը (ԱՍՈ. 156): Հետեւաբար ստոյգ է թէ 929-ին կամ 930-ին, ուսկից անդին Յովհաննէս կաթողիկոս կենդանի եղած չի կրնար ըլլալ, Աշոտ ալ մեռած էր, եւ Գագիկ իբրեւ Հայոց թագաւոր կամ Հայ թագաւորներուն գլխաւորը, կաթողիկոս հաստատելու նախաձեռնութիւնը կը սեփականէր: Աշոտի անորդի ըլլալով, իր յաջորդութիւնը իրաւամբ ինկաւ իր եղբօր Աբասի, որուն ինքն սպարապետութիւնը յանձնած էր, բայց յետոյ երկու եղբայրներ գժտած, եւ իրարու դէմ ելած էին 724): Այդ հակառակութիւնը անգամ մը յիշուելէն ետքը նորէն կրկնուած չէ, եւ հետագայ երկպառակութեանց մէջ Աբասի անունը այլեւս չի տեսնուիր, ինչ որ նշան է թէ երբայրներու գժտութիւնը երկար չտեւեց, կամ թէ մինչեւ վերջ չտեւեց, եւ թէ յետին ժամանակներու մէջ Աշոտ եւ Աբաս հաշտ էին, որով իշխանութիւնը փոխանցեցաւ առանց հակառակութեան, եւ բնական իմն կերպով: Բնաւ տեղ մը յիշուած չենք գտներ որ Աբասի թագաւորութիւնը ոստիկանին կամ ամիրապետին կողմէ հաստատուած ըլլայ, եւ այս ալ հետեւանք է այն անկած վիճակին, որուն հասած էր Ապպասեանց ամիրապետութիւնը Պաղտատի մէջ: Ճիշդ 930-ին ատենները, Մարտավիկ պարսիկ ինքնագլխութիւն հռչակած ամիրապետին կը սպառնար, երբ Մունէս ներքինապետն ալ Մըքթատիր ամիրապետին դէմ ելած էր, զոր յաղթեց եւ իր զինուորներուն սպաննել տուաւ 932-ին, եւ տեղը անցուց անոր եղբայրը որ Քահէր-Պիլլահ կոչուեցաւ: Ամիրապետութեան ամէն կողմերը ոստիկաններ ինքնագլուխ դարձած աղիկամի կը կառավարէին, եւ ամիրապետական իշխանութիւնը իր նշանակութիւնը կորսնցուցած էր (ՎԵՐ. 457): Այդ կացութեան մէջ Հայոց ալ դիւրին էր, իրենց գիտցած կերպով իրենց գործերը վարել, հզօրագոյնին առջեւ տեղի տալով, եւ հարկով ու ընծայով ինքզինքնին ապահովելով: Արդէն Հայաստանի մէջ ալ միեւնոյն ձեւը կը տիրէր, եւ ամէն նահանգ կամ գաւառ իրեն ազատ տէրն ունէր: Աբասի թագաւորութեան բոլոր Հայ իշխաններու հաւաքմամբ, եւ Վասպուրականի մէջ Գագիկի նախագահութեամբ հաստատուած ըլլալուն յիշատակութիւնը (ՉԱՄ. Բ. 822), մենք հին պատմիչներու մէջ չտեսանք, եւ ոչ իսկ Արծրունի թագաւորներուն Բագրատունիներու առջեւ խոնարհելնուն յիշատակութիւնը գտանք:

739. ԳՈՐԾԵՐՆ ՈՒ ՄԱՀԸ

Ստեփանոսի գործերէն միակ յիշատակ մը ունեցած պիտի ըլլայինք, Տաթեւի եկեղեցւոյն վերանորոգուելէն ետքը կատարուած նաւակատիքին նախագահելը, եթէ կաթողիկոսի անունը նշանակուած ըլլար 733): Թուականները հաւանական կը ցուցնեն այդ ներկայութիւնը, զի 929-էն 930 յարմար կու գայ Ստեփանոսի կաթողիկոսութեան, պարագաներն ալ բոլորովին անյարմար չեն, զի Սիւնիք հաշտ յարաբերութիւններ կը պահէին Արծրունեաց հետ: Այսու հանդերձ չենք համարձակիր իբր ստուգուած յանձնարարել այդ տեսութիւնը, զոր ճշդելու պէտք եղած տարրերը կը պակսին: Ստեփանոսի ժամանակին վրայ աւելի տեղեկութիւն չենք գտներ, ինչպէս իր պաշտօնավարութեան եւ մահուան վրայ ալ յիշատակներ չեն հասած: