Ազգապատում. հատոր Ա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Տ. ԳՐԻԳՈՐ Բ. ՎԿԱՅԱՍԷՐ

876. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐԵԼԻՆ

Թէ ինչ ձեւեր գործածուեցան նոր կաթողիկոսի ընտրութեան համար, յստակ եւ ստոյգ կերպով բացատրուած չենք գտներ: Մէկը կ՚ըսէ թէ աշխարհս Հայոց ժողովեալ ի մի վայր կացուցին հայրապետ (ԿԻՐ. 54), սակայն չէ ըսուած թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր գումարուեցաւ ժողով մը: Ուրիշ մըն ալ կը պատմէ թէ որք մնացեալ էին ի թագաւորացն եւ յիշխանացն Հայոց խնդիր արարին գտանել զմի ոք արժանաւոր (ՈՒՌ. 185), եւ կը տեսնուի թէ եպիսկոպոսներէն գումարուած ընտրողական ժողով մը չէ եղածը, թէպէտեւ անոնց գլխաւորներուն հետ կանխաւ համաձայնութիւն հաստատուած կրնայ ըլլալ: Շնորհալի կը գրէ թէ զհարս Հայոց անդ ժողովեալ, եւ միաբան խորհրդածեալ (ՉԱՓ. 544), ընտրութիւն եղած է, որ լոկ խորհրդակցութեան իմաստը կու տայ: Ըստ այսմ կը տեսնուի թէ Փոքր Հայոց Հայ թագաւորներու մէջ, կամ աւելի ճիշդ երկու Գագիկներու եւ երկու Արծրունիներու մէջ կատարուած գործ մըն է եղածը, որք Խաչիկին մեռնելէն եւ Տուկիծի դրած արգելքէն ետքը պարտաւորուեցան խորհրդակցիլ, թէ զով ընտրեն որ գործը աւելի դիւրին կերպով յաջողի: Այդ խորհրդակցութիւնը կրցան ընել Կոստանդնուպոլիս չգացած կամ Կոստանդնուպոլիս եղած ատեննին: Երբոր Գագիկ Աբասեան Տուկիծը համոզելու կ՚աշխատէր, արդէն ընտրելին որոշուած էր, զի գրուած է թէ խնդրէ հրամանս ձեռնադրել Հայոց պատրիարք զՎահրամ որդի Գրիգորի Մագիստրոսի (ՎԱՐ. 102): Պետրոս եւ Խաչիկ վերջին կաթողիկոսները կասկածելի եղած էին կայսրներուն, թէ կրնան գործիք ըլլալ հայրենասէր խումբին, եւ գործի գլուխ անցնելով կրնան ապստամբեցնել Հայաստանցիները (ԼԱՍ. 72), հետեւաբար կայսրը համոզելու առաջին պայմանը` անոր վստահութեան արժանի անձ մը ներկայելն էր, այնպիսի մէկ մը, որուն յունասէր զգացումները երկբայութեան տեղի չթողուին, եւ որուն անցեալը երաշխաւոր ըլլար իր ապագայ յունասէր գործունէութեան: Գործը այդ տեսակէտէն նայուած ատեն, ընտրութիւնը շատ վարանմանց տեղի չէր կրնար տալ, որովհետեւ ոչ ոք կրնար հաւասարիլ այս մասին այն վստահութեան` զոր կրնար ազդել Գրիգոր Մագիստրոսի երկրորդ որդին, ինքն ալ դուքս մը, եւ կայսերական ծառայութեանց մէջ փորձուած Վահրամը: Ընտրողներու թագաւորական խումբն ալ հարկաւ իր միտքին մօտ կը գտնէր, բարձրագոյն իշխանական դասակարգէ եւ Պահլաւունիներու տունէն մէկուն յանձնել հայրապետական աթոռը, քան ոեւէ վանական կամ անապատական կրօնաւորի մը, որ ոչ կրնար քաղաքական եւ փափուկ կացութիւնը կշռել, ոչ պետական կանոններու պահանջած հմտութիւնն ունենալ, եւ ոչ ալ կայսերական յարաբերութեանց մէջ պատշաճից կանոնները գործադրել: Հայոց թագաւորութեան եւ ազգային ինքնօրինութեան գաղափարն այլ եւս մեռած ու թողուած էր, եւ Բագրատունիներ ու Արծրունիներ լաւ կը զգային, թէ իրենց ունեցածն ալ իսկապէս տէրութիւն մը չէ, տեւողական դրութիւն մը չէ, եւ իրենց անձին հետ կապուած վաղանցուկ կացութիւն մըն է: Իսկ Վահրամի վրայ միտքերնին հաստատելնին, ուրիշ դիւրութիւն մըն ալ ունէր, զի Վահրամ այլ եւս դուքս ու կուսակալ մը չէր, եւ եկեղեցականութեան մտած կրօնաւոր մըն էր:

877. ՎԱՀՐԱՄ ԿԱՄ ԳՐԻԳՈՐ

Վահրամի ծննդեան տարին որոշակի ցուցուած չէ, բայց շատ ալ երիտասարդ պէտք չէ եղած ըլլայ, թէպէտ մանուկ մը յազգէ Պահլաւունեաց կոչուած է այս առթիւ (ՈՒՌ. 185), բայց կ՚երեւի թէ հիներու համար մանուկ բառը չունէր այն իմաստը` զոր մենք այժմ սովոր ենք տալ, ինչպէս ուրիշ առթիւ ալ դիտեցինք 104): Վահրամ իր իմաստասէր հօրը խնամոց եւ հսկողութեան ներքեւ կատարեալ ուսում ու կրթութիւն ստացաւ, եւ կատարեալ գիտնական մը եղաւ, այր քաջակիրթ եւ ամենայն հմտութեանց հետեւեալ, եւ բովանդակ հասեալ ի վերայ Հին եւ Նոր կտակարանացն Աստուծոյ, որ ընդ իմաստասէրսն նստէր ի յամպիոն ի մէջ Սրբոյն Սոփիի, հայրապետական ճեմարանին մէջ, եւ խօսէր ընդ վարդապետացն Հոռոմոց, եւ ի կարգի վարդապետացն էր յաղագս Հայոց: Այսուհանդերձ ամուր էր իր եկեղեցւոյն պաշտպանութեան մէջ, եւ զարմանալի էր յամենայն պատասխանիսն ընդդէմ Հոռոմոց (ՈՒՌ. 220): Վահրամ գործունէութեան կեանքը միշտ հօրը մօտ անցուց, վասն զի առանձինն պաշտօն վարած լինելը յիշուած չէ. եւ երբ հայրը մեռաւ 1059-ին, Վահրամ որ հօրը օգնականն էր, անոր յաջորդ նշանակուեցաւ Միջագետքի եւ Տարոնի եւ շրջակայից կուսակալութեան մէջ: Վահրամ ըստ օրինի աշխարհիս կին արարեալ էր, բայց սրբութեամբ եւ անարատութեամբ պահեալ էր զինքն (ՈՒՌ. 185) եւ երբեք չէր հետեւած կայսերական պաշտօնեաներու զեղծ եւ զեղխ կենցաղին: Իր ամուսնական կեանքն անարատութեամբ անցուցած լինելը` զաւկի ալ տէր եղած չըլլալուն կ՚ակնարկէ, եւ Թոռնիկ Մուշեղեանին` Վահրամի փեսայ կոչուիլը (ՈՒՌ. 249), իբր Վահրամի աղջկան ամուսին հարկ չկայ իմանալ, զի ոչ անձնապէս Վահրամի, այլ Վահրամի գերդաստանին փեսայ ըլլալուն վրայ կ՚իմացուի, քանի որ Թոռնիկ աւելի ճիշդ առմամբ` Վահրամի քեռայր կը կոչուի (ՄԱԳ. 316): Մագիստրոս իր որդւոյն ուղղած խրատներուն մէջ յանձնարարած էր, զաւանդութիւնն մեր ոչ մոռանալ երբեք, եւ զփոյթ սիրոյն առ Քրիստոս Աստուած մեր, եւ զլոյս ճրագի նախնոյն մերոյ ոչ շիջուցանել, զՊարթեւին ասեմ քոյոյ հաւուն (ՄԱԳ. 236), եւ Վահրամ գրեթէ բառացի ընդունելով հօրենական յորդորը, անոր մահուընէ քիչ ետքը հրաժարեալ ի կնոջէն իւրմէ, եկեղեցական կեանքը ընդգրկեց մտեալ ի կարգ կրօնաւորական ուսման եւ աստուածային շնորհացն պարապեալ (ՈՒՌ. 185): Այդ առթիւ կ՚երւեի թէ ուզած է իր հանգուցեալ հօր անունն ալ իր վրան առնել, եւ քահանայական ձեռնադրութեան ատեն Գրիգոր անունով օծուիլ: Կաթողիկոսական ընտրութեան առթիւ` Վահրամը անուանեցին Գրիգորիս ըսուիլը (ԿԻՐ. 54), նոյն պարագային անունին փոխուած ըլլալը չի հաստատեր, քանի որ առաջին եկեղեցականութեան յիշատակութիւնը չ՚ըներ Կիրակոս, եւ միւս կողմէն կաթողիկոսութեան ատեն անուն փոխելու օրինակն ալ չունինք: Այս մասին վճռական կրնայ ընդունուիլ Շնորհալիի վկայութիւնը, որ կաթողիկոսութենէ առաջ, եկեղեցականութիւն ընդունած ատեն անունին ալ փոխուած լինելը կը հաստատէ` գրելով. Իսկ յորժամ զայսոսիկ լուծեալ. զառ ի ստորեւս արհամարեալ, ըստ ամենայն իր փոփոխեալ, մինչեւ անուանն փոխադրեալ, նոյն եւ Վահրամ նախասացեալ. Գրիգորիսս վերաձայնեալ (ՉԱՓ. 542): Մեզի անծանօթ է Վահրամ-Գրիգորի ո՞ր վանք քաշուած ըլլալը, սակայն հետագայ պարագաներու մէջ Սեաւ Լերան կամ Ամանոսի վանքերուն տուած նախադասութիւնը, կանուխ ալ այն տեղեր եղած ըլլալուն նշանն է: Արդէն ալ Հայոց վարդապետներ իրենց թագաւորներուն պէս տեղափոխութեան ձեւը ընդգրկած էին, եւ Հայաստանի վանքերէն ելնելով կը խմբուէին Սեաւ Լեռներու վրայ, ուր կանուխէն ալ Ասորի կրօնաւորներու վանքեր կային, եւ դիրքը յարմար եւ ապահով էր վանական կեանքի համար:

878. ԳՐԻԳՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վահրամ-Գրիգոր թողեալ էր զսէր աշխարհիս եւ բուռն հարեալ զյաւիտենական կենացն (ՈՒՌ. 189), պատիւ եւ աստիճան տեսած էր եւ յագեցած, ուստի այլեւս բնաւ յօժարութիւն չունէր եկեղեցական աստիճաններու, եւ ամէն կերպ դժուարութիւն ցուցուց իրեն եղած առաջարկին դէմ: Սակայն իր անձը էական պայման էր հայրապետական աթոռին տեւողական պարապութեան վտանգը հեռացնելու, եւ Հայ թագաւորներ այդ հիմամբ կրցած էին Տուկիծը հաճեցնել: Երկկողմանի դժուարութեանց մէջ մնացած, հարկ եղաւ Գրիգորի զիջանիլ եւ յանձն առնուլ իրեն առաջարկուած պաշտօնը: Եթէ մտադրութիւն դարձնենք, չըսենք անհոգ, այլ այն ձեռնթափ կերպին, որով Գրիգոր կաթողիկոսութիւնը վարեց, պէտք է ընդունինք, թէ նա լոկ անուանական կերպով յանձնառու եղաւ կաթողիկոս ըսուիլ, եւ կայսեր Յոյներուն իբր երաշխաւորութիւն տալ իր անունը` կաթողիկոսական աթոռին պահպանութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար, պաշտօնին հոգածութիւնը ուրիշներու թողլով, եւ զինքն միշտ ազատ ու համարձակ պահելով, որ կարենայ պարապիլ իր սիրելի գրական աշխատութեանց, եւ հոգեւորական բարեպաշտութեանց: Իր ընտրողներն ալ ըստ ամենայնի հաւանած պէտք ըլլան այդ պայմաններուն, որ իրեն իրաւունք տուին ուզածին պէս պտըտիլ եւ գրութեանց զբաղիլ, կաթողիկոսական գործերը թողլով ուրիշներուն ձեռքը, որոնց օծում եւ ձեռնադրութիւն ալ կու տար, հայրապետութիւնը կատարելապէս վարել կարենալու համար: Գագիկ Աբասեան եղած էր կաթողիկոս ընտրելու արտօնութիւնն ստացողը, եւ նորընտիր կաթողիկոսին գործունէութեան եւ ուղղութեան երաշխաւորը, եւ ըստ այնմ Գագիկի կեդրոնն եղող Ծամնդաւը` նոր կաթողիկոսին ալ աթոռանիստը եղաւ, եւ այնտեղ կատարուեցաւ Վահրամ-Գրիգորի կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնը: Այդ եղելութեան թուական ցուցուած 1065 Ապրիլը (ՉԱՄ. Բ. 989), կը հիմնուի Ալփասլանի 1062-ին իշխանութեան անցնելուն վրայ (ՉԱՄ. Բ. 977), բայց քանի որ նորեր ստուգած են 1064 թուականը, հնար չէ ձեռնադրութիւնը 1066-է առաջ տանիլ, եւ եթէ Ապրիլ ամիսը պահենք, թէպէտեւ հին պատմագիրներու մէջ չենք կարդացած, կաթողիկոսական օծումը կրնայ դրուիլ զատկի տօնին, որ այն տարին հանդիպած է Ապրիլ 16-ին: Գրիգոր-Վահրամի կանխաւ եկեղեցական կոչում ստացած լինելը, եւ քահանայական ձեռնադրութիւն ալ ունեցած լինելը յայտնի են, միայն յայտնի չէ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ալ ունեցած ըլլալը: Շատ հաւանական է որ Խաչիկ կաթողիկոս այն ալ տուած ըլլայ կրօնաւոր դուքսին, Մագիստրոսի որդւոյն, եւ իր մօրեղբօր Պետրոսի մտերիմին: Պատմութիւնն ալ բնաւ ակնարկ մը չունի թէ այդ առթիւ Գրիգորի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ալ տրուած ըլլայ, ինչ որ հարկաւ յիշուած պիտի ըլլար, իբրեւ նոր պարագայ մը: Բայց եթէ Գրիգոր-Վահրամ լոկ քահանայութենէ կաթողիկոսութեան կոչուած ալ ըլլայ, այնչափ բացառիկ են ժամանակին պարագաները եւ ընտրելոյն անձնական հանգամանքները, որ եպիսկոպոսներէ ընտրելու սովորական կանոնին աւելի հաստատութիւն կու տան, եւ երբեք հակառակը չեն ապացուցաներ:

879. ԳԷՈՐԳ ԼՈՌԵՑԻ

Գրիգորի Ծամնդաւի մէջ կաթողիկոսութիւն վարելը, ամ մի միայն յիշուած է (ՎԱՐ. 102), եւ այնչափն ալ պարտաւորուած էր շարունակել` հայրապետանոցի գործերուն նախնական պահանջները լրացնելու եւ խնդիրներուն կարգ ու կանոն մը տալու չափ, եւ ահա իր հնօրեայ փափաքները կը զօրանան իր վրայ, եւ անկեալ ի սիրտ նորա սէր միայնակեցութեան, կ՚ուզէ կրօնաւորական կեանքին դառնալ, լինել առանձնական յաղօթսն Աստուծոյ, եւ կը ցանկայ մեծաւ փափաքանօք ի գլուխ լերանց բնակիլ: Իր միտքը կը պարզէ շուրջ գտնուողերուն, որք են թագաւորն Գագիկ Աբասեան, եւ իշխանք Հայոց կամ Փոքր Հայոց փոքր արքունիքներուն աւագանին, եւ կը յայտնէ թէ զայս ունիմ ի միտս իմ, գնալ ի Հոռոմ եւ շրջել ընդ ամենայն անապատն Եգիպտացւոց: Սակայն անոնք արգելուին զնա մեծաւ իշխանութեամբ, եւ ոչ կամէին թողուլ զնա, մինչ ինքն կը պնդէր, եւ կարծես թէ նախապէս հաստատուած համաձայնութեան վրայ հիմնուելով կը կրկնէր, դիք ձեզ կաթողիկոս զոր կամիք, եւ զիս մի' արգելուք յարդարութեան ճանապարհէն (ՈՒՌ. 230): Իշխաններ եւ եկեղեցականներ յարտասուս հարեալ լային դառնապէս, եւ աղաչէին զնա մի' թողուլ զնոսա որբս եւ անհովիւս, մինչ Գրիգոր իր միտքին վրայ հաստատուն, կը կրկնէր, ուխտ է իմ եդեալ, եւ անհնար է ինձ ստել (ԿԻՐ. 54): Գրիգոր գլխաւոր եւ մտերիմ գործակիցն էր Գէորգ Լոռեցի վարդապետը, որ ոչ միայն անոր դպրապետն (ՈՒՌ. 230)ու խորհրդակիցն (ԿԻՐ. 54), այլ եւ վարդապետն իւր կոչուած է (ՎԱՐ. 152), եւ կ՚երեւի թէ եկեղեցականութեան մէջ անոր հրահանգիչն ալ եղած է: Գէորգ կը խորհէր առիթէն օգուտ քաղել, եւ այս կերպով ինքն կաթողիկոսութեան բարձրանալ: Ուստի Գրիգորի հետ խօսելով զայն կը քաջալերէր իր նպատակին մէջ, եւ աւելի ամրապնդելու համար, մինչեւ իսկ երդուեալ էր ընդ նմա երթալ (ԿԻՐ. 55), իսկ իշխաններուն խօսելով կ՚ըսէր. Ընդէ՞ր այնչափ աղաչէք զնա, որ նա ուխտեալ է երթալ, եւ եւս տեղեակ եմ խորհրդոց նորա, զի ոչ փոխի յայնմ: Եւ իբր թէ գործը դիւրացնելու համար, զինքն կը ներկայէր իբրեւ յարմար փոխանորդ, որովհետեւ արդէն իր ձեռքով կը կատարուէին հայրապետանոցի գործերը, եւ կ՚ըսէր, Ես ահաւասիկ, թող զիս ձեռնադրեսցէ փոխանորդ իւր (ԿԻՐ. 54): Գրիգոր իշխաններուն թողած էր փոխանորդին կամ աթոռակից կաթողիկոսին ընտրութիւնը, եւ անոնք ալ հաւանելով Գէորգի փորձառու եւ վարժ լինելուն, վերջապէս կը զիջանին Գրիգորի բացակայելուն, եւ Գէորգ Լոռեցին ձեռնադրութեան կ՚առաջարկեն: Գրիգոր այս առաջարկին վրայ զարմացաւ եւ լի եղեւ ցասմամբ (ԿԻՐ. 55), բայց աւելի իր ազատութիւնը հոգալով, ի կամաց եւ յոչ կամաց ձեռադրեաց զնա կաթողիկոս յաթոռ հայրապետութեանն Հայաստանեայց, բայց ներսէն ի սիրտն ոխայր, վասնզի Գէորգ մոռացաւ զուխտն միաբանութեան, եւ ոտնակոխ ըրաւ իրեն տուած երդումը: Այն հին մտերմութիւնը որ կար երկուքին մէջ ի սպառ մարեցաւ, եւ յօրէ յայնմանէ եմուտ հակառակութիւն ի մէջ երկուց հայրապետացն (ՈՒՌ. 230): Գրիգոր բաւական սեպեց որ կը յաջողէր իր միտքին մէջ, եւ ճանապարհորդ լինէր, իսկ Գէորգ նստաւ յաթոռ նորա Ծամնդաւի մէջ (ԿԻՐ. 55):

880. ՎԿԱՅԱՍԷՐ ՈՒՂԵՒՈՐ

Գրիգորի ճանապարհորդութեան ելնելուն եւ Գէորգ Լոռեցիի աթոռակցութեան թուականը կը ստիպուինք դնել 1067-ին, հիմնուելով Վարդանի ամ մի միայն կալեալ զաթոռն, թողու` ըսելուն (ՎԱՐ. 102): Ուռհայեցին բնաւ ժամանակ չ՚որոշեր, եւ 518-1069 տարին յիշելէն ետքը (ՈՒՌ. 228), յայսմ ժամանակիս ըսելը (ՈՒՌ. 297), երբեմն միեւնոյն թուականը չի ցուցներ, զի միշտ յետ եւ յառաջ կը շարէ նա պատմած եղելութիւնները: Կիրակոսի յետ ժամանակաց ըսելն ալ(ԿԻՐ. 54), անորոշ կը թողու ժամանակագրութիւնը, եւ աւելի ստոյգ կը մնայ Վարդանի ցուցուցած տարին: Իսկ Գրիգորի գացած տեղւոյն մասին աւելի նախնական եւ աւելի վստահելի աղբիւրն է Ուռհայեցին, որ յայտնապէս գրած է գնալ ի Հոռոմ եւ շրջել ընդ ամենայն անապատն Եգիպտացւոց (ՈՒՌ. 229), վերջէն ալ յարելով թէ գնաց բնակիլ ի լերինս ընդ միանձանսն ճգնաւորացն Քրիստոսի, եւ ստացաւ վարս խստակրօն եւ ամենայնի զսրաճաշակս (ՈՒՌ. 230), որ է ուղեւորութեան երկրորդ մասին գործադրութիւնը: Իսկ առաջին մասը կը բացատրէ Վարդան, թէ անցեալ գնաց ի Կոստանդնուպոլիս ի թարգմանութիւն (ՎԱՐ. 102): Այդ երկուքին մէջն ալ Կոստանդնուպոլիսէն անդին, դէպ Արեւմուտք գացած ըլլալուն վրայ խօսք մը չկայ, Սմբատ ուղեւորութեանց վրայ բնաւ իսկ չի խօսիր, ու Անեցին ալ Վարդանին գրածը կը կրկնէ, թէ Չոքաւ տէր Գրիգորիս ի Կոստանդնուպոլիս վասն թարգմանութեան (ՍԱՄ. 116): Հետեւաբար չենք գիտեր թէ ուստի Կիրակոսի պատմութեան մէջ մուծուած է Հռոմ երթալու պարագան, նախ ըսելով, թէ եդ նա ի մտի իւրում յետ ժամանակաց երթալ ի Հռոմ քաղաք, յերկրպագութիւն նշխարաց սրբոց առաքելոցն Պետրոսի եւ Պօղոսի (ԿԻՐ. 54) եւ աւելի ետքը աւելցնելով թէ երթեալ սուրբ հայրապետն ի Հռոմ, եւ թէ մեծապէս պատուեցին զնա ազգն Ֆրանգաց (ԿԻՐ. 55): Արդ ոչ միայն Կիրակոսի այդ խօսքերը պատմական եղելութեան փաստ չեն կրնար ըլլալ` բոլոր միւս պատմագիրներու լռութեան հանդէպ, այլեւ Գրիգորի կաթողիկոսութեան սկիզբը, 1067-ին, ոչ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններ կային, եւ ոչ Ֆրանկաց անունը լսուած էր Հայոց մէջ: Չամչեան, որ Հռոմի անուն տեսածին պէս առանց քննութեան ամէն բան կ՚ընդունի, չկրնալով Գրիգորի Հռոմ ուղեւորիլը սոյն միջոցին յարմարցնել, տասը տարի ետքը կը յետաձգէ ու Կիրակոսէն ալ կը հեռանայ, առանց բացատրութիւն մը տալու (ՉԱՄ. Բ. 1. 000): Իսկ լուսանցքի մէջ իբր աղբիւր նշանակած հեղինակներէն Շնորհալին` բնաւ Հռոմի յիշատակութիւն չունի, իսկ Ուռհայեցին Հոռոմ գրած է եւ ոչ Հռոմ (ՈՒՌ. 229): Եթէ Յայսմաւուրքին հին աղճատ տպագրութիւնը Հռոմի յիշատակութիւն կ՚ընէ (ՅԱՅ. 675), նոր եւ ընտրելագոյն օրինակը այդ յիշատակութիւնը չունի (ՅԱՅ. Բ. 68), որով խնդիրը նորէն Կիրակոսի վրայ կ՚ամփոփուի, եւ յայտնապէս Ուռհայեցիին Հոռոմ գրածը, գրչագիրի կամ ընթերցողի թիւրիմացութեամբ Հռոմ եղած, եւ Հռոմի կեղակարծ ուղեւորութեան պատճառ տուած ըլլալը յայտնի կ՚ըլլայ: Մանաւանդ որ Կիրակոս Կոստանդնուպոլիս գացած ըլլալը չպատմելովը, Հռոմն ու Հոռոմը շփոթած ըլլալը յայտնապէս կը ցուցնէ, այնպէս որ Կալանոս ալ չի համարձակիր Գրիգորը Հռոմ տանիլ, այլ անոր կողմէն Յովհաննէս քահանայ մը ղրկուած ըսելով կը գոհանայ (ԿԱԼ. 228): Հետեւաբար Վկայասէրի Հռոմ գացած ըլլալը բնաւ ընդունելի չի կրնար ըլլալ, եւ Երկրորդ Գրիգորի վրայ ալ կը ճշմարտուի նոյն շփոթութիւնը, որ Առաջին Գրիգորի նոյն տեսակ ուղեւորութեանը վրայ տեղի ունեցած է 75), այսինքն է, պարզ թիւրիմացութեան մը հետեւանօք` անհիմն եղելութիւն մը ստեղծուած է:

882. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

Կոստանդնուպոլիսէ ուղեւորեցաւ Երուսաղէմ կրկին նպատակով, թէ բարեպաշտական ուխտ մը կատարելու եւ հոգեւորական կեանքին հետեւելու, եւ թէ այնտեղէն ալ իր նպատակին համաձայն հաւաքոյթներ ընելու: Սակայն հովին բռնութիւնը եւ ծովին ալեկոծութիւնը ստիպեց նաւը իր ճամբան փոխել, եւ փոխանակ Յոպպէի նաւահանգիստը երթալու` Աղեքսանդրիա ինկաւ: Վկայասէրը առիթէն օգտուեցաւ Եգիպտոս այցելել, եւ մինչեւ Թերալիդի անապատը երթալ, եւ այնտեղ գտնուած ճգնաւորներու հետ կենակցիլ, անոնց կենցաղին ընտելանալ, անոնց կարգ ու կանոնին տեղեկանալ, եւ տեղեկութիւններ ու հրահանգներ հաւաքել Հայ կրօնաւորութեան մէջ ալ մտցնելու համար: Արդէն Ծամնդաւէ չմեկնած միտք ունէր շրջիլ ընդ ամենայն անապատն Եգիպտացւոց (ՈՒՌ. 229), այնպէս որ ալեկոծութիւնը միայն իր ուղեգիծը կը փոխէր, նպատակը չէր այլայլէր: Ուռհայեցին Գէորգի ձեռնադրութենէն ետքը կը յիշէ, թէ Վկայասէրը գնաց բնակել ի լերինս ընդ միանձունսն ճգնաւորացն Քրիստոսի (ՈՒՌ. 230), եւ իրաւունք կու տայ մեզի այդ առանձնութիւնը իմանալ Եգիպտոսի ճգնաւորներուն վրայ: Վկայասէրին նաւակոծութեամբ Եգիպտոս ինկած ատեն, տեղւոյն աւազակներէն վախնալով, աղօթքով անձրեւ բերել տուած ըլլալը, մինչ յԵգիպտոս անձրեւ բնաւ չէր եկեալ ի սկզբանց անտի, եւ այդ հրաշքով սուլթանին յարգանքին արժանացած ըլլալը, կրնանք տարածուած զրոյցի վերագրել, այլ Եգիպտոսի մէջ ընդունելութիւն եւ յարգանք գտած ըլլալը եղելութիւն մըն է: Միջոցը կը համեմատի Ապտիւլտամին-Մըսթանսըր սուլթանին, որ 1036-է 1094 երկարատեւ եւ աշխարհաշէն կառավարութեամբ Եգիպտոսը բարգաւաճման գագաթնակէտը բարձրացուց, եւ լաւ ընդունելութիւն կ՚ընէր Հայ գաղթականներուն, որոնք հետզհետէ կը շատնային, եւ երեսուն հազար կ՚ըսուին (ՈՒՌ. 254): Վկայասէրը հոն գտնուած ատեն, մեծարեցաւ յոյժ ի սուլտանէն, եւ շինեաց վասն Հայոց, եւ այնչափ բազմութիւն մը անհովիւ թողուլ չուզեց, եւ ձեռնադրեալ զեղբօրորդի իւր Գրիգորիս եպիսկոպոս (ՎԱՐ. 102), անոր յանձնեց Եգիպտոսի գաղթականութեան հոգեւոր եւ կրօնական հոգերը: Սա ինքն է Գրիգոր, Ծովքի իշխանին եւ Վկայասէրի քրոջ որդին 867), ինչպէս որ Շնորհալին յայտնապէս ալ կը մատնանշէ զառ ի քեռին որդի ծնեալ, զԳրիգորիսս համանուանեալ (ՉԱՓ. 548), համաձայն Ուռհայեցիի քուրորդի կոչելուն (ՈՒՌ. 254), որով եղբօրորդի կրցած է ըսուիլ բառին ընդհանուր իմաստովը: Գրիգոր հարկաւ Վկայասէրի ուղեւորութեան ընկերակիցներէն եղած է, որ Եգիպտոսի մէջ ձեռնադրուած եւ այնտեղ մնացած է: Եգիպտոս պատրիարքական աթոռ էր, եւ Եգիպտոսի Հայոց հոգեւոր պետն ալ նոյն աստիճանի մէջ կրնար կարծուիլ. բայց պատմութեան մէջ յայտնապէս շեշտուած է, թէ ձեռնադրեալը եղեւ յայնմ օրէ հնազանդ յաթոռն սրբոյն Գրիգորի (ԿԻՐ. 55), այսինքն թէ Հայոց հայրապետութեան ենթարկեալ աթոռ մը եղաւ, կաթողիկոսի անուն կրելով մէկտեղ (ՈՒՌ. 254): Այդ սովորութեան շարունակութիւնը մինչեւ մեր օրը պահուած կը տեսնենք, զի այժմ ալ Եգիպտական կառավարութեան սովորութիւնն է` պատրիարքարան անունը տալ Հայոց առաջնորդարանին: Գրիգոր եպիսկոպոսին անունը այլեւս յիշուած չէ, այլ միայն ըսուած է, թէ անդ կացեալ վախճանեցաւ (ԿԻՐ. 55), որ է ըսել թէ մինչեւ իր կեանքին վերջը միեւնոյն պաշտօնի վրայ մնաց, թէպէտ տեւողութիւնը ճշդել չենք կարող:

883. ԳՐԻԳՈՐ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

Վկայասէրին Եգիպտոսէ Երուսաղէմ անցնիլը որոշակի յիշուած չէ, եւ Երուսաղէմի մէջ ըրածներէն բնաւ յիշատակ չենք գտներ: Բայց անհնար է որ ուղղակի Երուսաղէմ երթալու համար ճամբայ ելլող կաթողիկոսը, եւ լոկ հողմերու բռնութեամբ Եգիպտոս իյնալէ եւ այնտեղ ընելիքը լրացնելէ ետքը, ուզած չըլլայ անկէ Երուսաղէմ անցնիլ, եւ իր մեծ ուխտը կատարել. քանի որ ինքն էր որ կը պնդէր. ուխտ է իմ եդեալ, եւ անհնար է ինձ ստել (ԿԻՐ. 54): Հետեւաբար շատ դիւրութեամբ կրցած է Եգիպտոսէ Երուսաղէմ անցնիլ, քանի որ Երուսաղէմ ալ Եգիպտոսի սուլտաններուն ձեռքն էր, եւ Ապտիւլ-Տամինի իշխանութեան ներքեւ խաղաղութիւն կը տիրէր: Իսկ Երուսաղէմէ Ծամնդաւ իր աթոռը դառնալը աւելի հաւանական է որ ցամաքի ճանապարհով կատարած ըլլայ, այցելելով Ասորիքի եւ Կոմագինէի կողմերը գաղթող եւ ցրուող Հայերուն` որոնք առաւելապէս Ամանոսի եւ Տաւրոսի լեռներուն վրայ ապահով դիրքեր կը փնտռէին, եւ յարմարագոյն տեղեր բերդեր եւ քաղաքներ կը գրաւէին կամ կը կազմէին եւ մանր իշխանութիւններ կը հաստատէին: Վկայասէրին Ծամնդաւ դառնալը, եղելութեանց ժամանակագրական կապակցութիւնը յարգելով յարմարագոյն է դնել Հայոց 521 թուին, որուն ամանորը կ՚իյնար 1072 Մարտ 3-ին, որով շուրջ 5 տարի տեւած կ՚ըլլայ անոր բացակայութիւնը, համեմատաբար բաշխելով այդ տեւողութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ, Եգիպտոսի, Երուսաղէմի եւ Կոմագինէի վայր:

884. ԳԷՈՐԳԻ ԳՐՈՒԱԾԸ

Գրիգորի բացակայութեան Գէորգ Լոռեցին էր, որ հայրապետական պաշտօնը ազատարար կը վարէր, բայց իր ըրածին վրայ յիշատակներ կը պակսին: Յիշեցինք իր տեղը 674), թէ Տեառն Գէորգայ Հայոց վերադիտողի եւ հոգեշնորհ փիլիսոփայի հաւատոյ գիրը, ուղղուած Յովհաննէսի Ասորւոց պատրիարքի, եւ որ ցարդ Գէորգ Գառնեցիի կը վերագրուէր, նորագոյն հետազօտութեանց համեմատ Լոռեցիին պէտք է վերագրուի, այն մեծ պատճառով, որ Յովհաննէս Ասորւոց պատրիարքը ուրիշ մը չի կրնար ըլլալ, բայց եթէ Բարշուշանը, որուն Հայոց ուղղուած գիրը երեւան եկած է, եւ կատարելապէս կը համապատասխանէ Գէորգի բացատրած կէտերուն (ՅԱՐ. 241): Գէորգի նամակը ամբողջապէս կը գտնուի Գիրք Թղթոցի մէջ (ԹՂԹ. 335-357), եւ բացատրուած կէտերն են, խորհուրդի հացին խմորումը եւ համեմումը, խաչերուն օծումը, զանգերուն օրհնութիւնը, օրերու սկսուածը, եւ ծնունդին տօնը: Ասորի պատրիարքը Հայոց սովորութիւնները ատելի եւ եկեղեցու կանոններին հակառակ կը գտնէ (ՅԱՐ. 241), իսկ Հայոց վերադիտողը ընդարձակօրէն կը պաշտպանէ անոնք` բաւական ընդարձակ հմտութեամբ: Այդ գրուածին մէջ Գէորգին կաթողիկոս բառը իրեն համար չգործածելը, կրնայ պարզ աթոռակից ըլլալուն պարագայով մեկնուիլ, իսկ պարունակութիւնը` անոր ուսումնական կարողութիւնը հաւաստելէն զատ, նպաստաւոր փաստ ալ է անոր եկեղեցական նախանձայուզութեան, որ սակայն բաւական չէ անոր վարչական գործունէութիւնն ու բարոյական զգացումներն ալ արդարացնել:

885. ԳԷՈՐԳ ՊԱՇՏՕՆԱԶՈՒՐԿ

Վկայասէրի Ծամնդաւ դառնալուն թուականը, 1072-ին դնելնուս հիմ կ՚առնենք նոյն տարին Գէորգ Լոռեցիին աթոռակից կաթողիկոսութենէ մերժուիլը (ՈՒՌ. 247): Զի հնար չէր որ Վկայասէր յանձն առնուր այլ եւս անոր հետ գործակցիլ, քանի որ անգամ մը գայթակղած էր անոր ստոր դարձուածով եւ երդմնազանցութեամբ կաթողիկոսութեան հասնելուն վրայ 879): Երբ իր ուղեւորութեանց դէմ արգելք չհանելու համար կամայ ակամայ ձեռնադրութիւնը տուած էր, այլ եւս պատճառ չկար պաշտօնին վրայ պահել, երբոր իր մտադրութիւնը լրացուցած եւ աթոռ դարձած էր: Կ՚երեւի թէ Գէորգ նոր խրոխտանք ալ աւելցուցած էր իշխանութիւնը ձեռք անցընելէ ետքը, եւ Գրիգորի հանդէպ ալ յախուռն ձեւեր գործածելու յանդգնած էր: Նոյնիսկ անամբարտաւան եւ նեղահոգի, եւ պաշտօնէ ու պատիւէ խուսափող Վկայասէրը զայրացաւ եւ եղեւ հակառակութիւն ի մէջ տէր Գրիգորիսի եւ տէր Գէորգայ: Հայ իշխաններն ալ գոհ մնացած պիտի չըլլան Լոռեցիին ընթացքէն, որ իրեն հովանաւոր եւ պաշտպան մը չգտաւ, եւ Վկայասէր համարձակ եւ ազատ կերպով ընկէց զտէր Գէորգ յաթոռոյ հայրապետութեան, եւ առեալ զքօղն ի գլխոյ նորա իր մօտէն հեռացուց: Այդ առթիւ յատուկ ժողով գումարուելուն (ՉԱՄ. Բ. 995) յիշատակը հիները չունին, եւ պէտք ալ չկար, քանի որ Գէորգ փոխանորդ մըն էր, եւ ոչ աթոռին տէրը: Գէորգ ստիպուեցաւ խոնարհիլ եւ գնաց վիրաւորեալ, եւ առանձնացաւ ի Տարսոն քաղաք (ՈՒՌ. 247), եւ ապաւինեցաւ նոյն տեղի Հայ իշխանին հիւրասիրութեան, որ է Ապլղարիպ, Վասպուրականի դուքս, բնիկ Անեցի Վեստ Խաչիկին թոռը եւ Հասանի որդին (ՈՒՌ. 263), որ Կիլիկիոյ կողմերը կը կառավարէր, եւ իրեն իշխանութեան ներքեւ էին նաեւ Մոիս, Ատանա, Պապեռոն եւ Լամբրոն (ՎԱՐ. 106): Որչափ եւ աստիճանէն եւ քօղէն զրկուած, Գէորգ օգտուելով իշխանութեանց տարբերութենէն եւ ազգային անիշխանութենէն, Տարսոնի մէջ կաթողիկոսական ճոխութիւն եւ շրջակայից վրայ իրաւասութիւն գործածել շարունակած է, որովհետեւ յաջորդ տարիներու մէջ տակաւին իբր կաթողիկոս կը յիշուի տէր Գէորգ վարդապետն (ՍԱՄ. 117) ի կողմանս արեւմտից (ԿԻՐ. 57): Գէորգ սկիզբէն իբրեւ օգնական աթոռակից պաշտօնի վրայ գտնուած, եւ վերջէն պարզապէս իբրեւ հակաթոռ գործելու հետեւած ըլլալով, կաթողիկոսներու ուղիղ շարքին մէջ տեղի չէր կրնար ունենալ, եւ այս պատճառով յարմար ալ չէր իր անունը թուահամարի կարգը անցընել, եւ Գէորգ Երրորդ անունով յիշել զինքն Բիւրականցիէն 628) եւ Գառնեցիէն ետքը 674): Սակայն մենք ալ պարտաւորեալ կը պահենք այդ թուական կոչումը, որ գործածական հաստատութիւն ունեցաւ վերջին Գէորգ կաթողիկոսին` Գէորգ Չորրորդ անունով պաշտօնապէս հռչակելուն վրայ:

886. ՎԿԱՅԱՍԷՐ ԱԹՈՌԻՆ ՎՐԱՅ

Վկայասէր Գէորգը հեռացնելէն ետքը պարտաւորուեցաւ ինքն ստանձնել հայրապետանոցի գործերը եւ տիրապէս վարել կաթողիկոսական պաշտօնը, զոր քանի տարիներէ ի վեր միայն անուանապէս կը պահէր, զանազան կողմեր թափառական պտըտելով, որչափ ալ հոգեւորապէս եւ գրականապէս մեղադրելի չէր իր նպատակը: Պատմիչը կ՚ըսէ թէ եկեալ բնակեցաւ ի Մուտառասուն առ Գագիկ որդի Գուրգէնեայ (ՈՒՌ. 247), բայց դժբախտաբար ոչ ցուցուած տեղը ծանօթ է, եւ ոչ Գագիկ Գուրգէնեան մը կը ճանչցուի, կաթողիկոսին հովանաւոր ըլլալու կարող: Երկուք միայն են ժամանակին յայտնի Գագիկներ, Աշոտեանը ի Պիզու եւ Աբասեանը ի Ծամնդաւ, եւ այս վերջինս էր Վկայասէրին պաշտպանը, եւ յարմարագոյն է նորէն զայն յիշատակուած ըսել, հայրանունը շփոթուած ենթադրելով, քանի որ Գուրգէնեան Գագիկի մը գոյութիւնն իսկ յայտնի չէ, իսկ Մուտառասունն ալ նոյնպէս Աբասեանին սահմաններուն մէջ վանք մը կամ կաթողիկոսի բնակավայր մը պէտք է ըլլայ ամբոխալից կեդրոններէ հեռու, ինչ որ Վկայասէրին սովորութիւնն էր: Իրաւ Գագիկ Աբասեանին մահը Անեցիէն 1069-ին նշանակուած է (ՍԱՄ. 113), սակայն ուրիշ աղբիւրէ անոր թագաւորութեան 52 տարի տեւողութիւն դրուած է (ՉԱՄ. յաւ. 77), որով մինչեւ 1081 կ՚երկարի անոր կեանքը, թող որ Անեցին Շահանշահ կը կոչէ Վանանդի կամ Կարսի թագաւորը, մինչ այդպիսի տիտղոս չունեցան Կարսի թագաւորները: Հետեւապէս պատմութեան հակառակ ենթադրութիւն ըրած չենք ըլլար, Գագիկ Աբասեանը 1072-ին դեռ կենդանի եւ Վկայասէրի պաշտպան ճանչնալով: Շատ բան չենք գիտեր Վկայասէրին այդ միջոցին ունեցած գործունէութեան վրայ, եւ կ՚ենթադրենք թէ այդ ժամանակէն սկսաւ հաւաքած վկայաբանութիւններն ու ճառերը թարգմանել, հայրապետական գործերն ալ հոգալով որչափ որ անհրաժեշտաբար պարտաւոր էր ընել: Հարկաւ իրեն մօտ կարող գործակից կամ գործակիցներ ունեցած է, բայց յիշուած չեն: Պատմութիւնը Կիրակոս եւ Մատթէոս վարդապետներու անունը կու տայ իբրեւ Վկայասէրի թարգմանութեանց աշխատակիցներ (ՀԻՆ. 602), գուցէ նոյները հայրապետանոցի գործերուն համար ալ աջակիցներ էին, վերին հսկողութիւնը Վկայասէրին անձին վրայ մնալով:

887. ՎԿԱՅԱՍԷՐ ԵՒ ԱՆԻ

Այդ միջոցին պէտք է դնենք նաեւ Վկայասէրին Հայաստանի ներսերը ըրած մի պտոյտը, աւելի ընտանեկան պատճառէ եւ գորովէ շարժուած, ըստ որում ելեալ գայր յաշխարհն Հայոց, վասնզի դեռեւս կենդանի կայր մայրն նորա (ՈՒՌ. 254): Մագիստրոս Յոյներուն յանձնած էր իրենց ժառանգական Բջնին իր յարակիցներով, եւ ինքն փոխարէն տեղեր առած էր Տարոնի մէջ 845), ուստի չենք կրնար ճշդել թէ ուր կը մնար Մագիստրոսի այրին, որ կրնար Տարոն ալ թողած ըլլալ իր որդւոյն կրօնաւորելէն ետքը, եւ իր նախնի երկիրները դարձած: Ամէն առթի մէջ փափկանկատ իղձ մըն էր` կաթողիկոսին իր ծերունի մօրը տեսութեան երթալը, որ անկէ ետքը շատ ապրած պիտի չըլլայ: Վկայասէր այդ առթիւ եկաւ ի մայրաքաղաքն Հայոց որ կոչի Անի, նոյն կողմերու հոգեւորական կացութիւնը կարգադրելու համար: Իր քեռորդին` Վասակ Ապիրատեանի որդին Բարսեղը 867), ձեռնադրեաց եպիսկոպոս Անւոյ (ՈՒՌ. 253), ընդարձակ իշխանութեամբ հսկողութեան Հայաստանի գաւառներու վրայ, իբր կաթողիկոսական փոխանորդ, բայց ոչ դեռ իբրեւ կաթողիկոս կամ աթոռակից. զի անագան բարձրացաւ Բարսեղ այդ աստիճանին: Անւոյ եպիսկոպոսութենէն առնուելով Անեցի կոչուած է այս Բարսեղ, թէպէտ բնիկ Պահլաւունի էր, հօրենական կողմէ ալ Հասանի թոռն ըլլալով, եւ աւելի իրաւունք ունենալով այդ անունը գործածել, քանի Ծովքի իշխանին սերունդը, որուն սեփականուած է պատմութեան մէջ Պահլաւունեաց ազգատոհմին անունը: Անի Սելճուքներու իշխանութեան անցած ըլլալով, այլեւս չէր զօրեր Հայոց կաթողիկոսներուն վրայ Յոյն կայսրներէն դրուած արգելքը` Անի չերթալու համար, որով Պետրոս եւ Խաչիկ չէին կրցած հին աթոռանիստը այցելել, եւ Վկայասէրն ալ անկէ դուրս էր օծուած:

888. ԱՆԻԻ ՆՈՐՈԳՈՒԻԼԸ

Այդ միջոցին Անիի իշխանն էր Ֆազըլ կամ Ֆատըլ, որ է Փատլուն, Շէտատ ամիրային եւ Մամ տիկնոջ երեք զաւակներուն կրտսերը: Ասոնք կանուխէն Փառսիոսի իշխան Գրիգորին գալով, տան պատանդ զմայրն եւ կ՚առնեն Շօթս ու Շամիրամ բերդերը, եւ Գանձակի ամիրայ Խլազիզը սպաննելով անոր երկիրը կը գրաւեն: Այդ միջոցին կը մեռնի Պարղուան, երեքներուն երէցը եւ բուն իշխանը, եւ իրեն կը յաջորդէ Լէշքարի` միջին եղբայրը, որ Շամքորն ու Պարտաւը կ՚աւելցնէ իր իշխանութեան, բայց Փատլուն իր եղբայրը կը սպաննէ եւ ինքն կը մնայ ամիրայ եւ տէր բոլոր ընտանեկան իշխանութեան, զոր հետզհետէ աւելի եւս կ՚ընդարձակէ: Փառսիոսի իշխան Գրիգորի որդին Փիլիպէն նենգութեամբ ձերբակալելով, Շաշուազ բերդը իբր փրկանք կ՚առնէ, Գագիկ Համամեանը սպաննելով Տանձիքը կը սեփականէ (ՎԱՐ. 100), եւ Դուինն ալ զօրութեամբ կը գրաւէ (ՎԱՐ. 101): Այս տիրապետութեանց կարգին հարկ կը սեպենք յիշել նաեւ Սիւնեաց Սենեքերիմին սպանութիւնն ու անոր երկրին գրաւումը, օգնականութեամբ Գրիգորի` որդւոյ Վասակայ Պահլաւունւոյ, վասն զի պատմիչին յիշած 543 թուականը, 521 եւ 525 թուականներուն մէջտեղ պէտք է դնել եւ սխալը Ի եւ Խ թուատառերու շփոթութեան վերագրել: Նոյնպէս Վասակ Պահլաւ որդի Գրիգորոյ անուններն ալ (ՎԱՐ. 103) տեղափոխութեամբ պէտք է կարդալ, քանի որ Մագիստրոսի Վասակ որդին Յոյներու ծառայութեան մէջ էր, եւ ոչ այլազգիներու: Փատլուն Ալփասլանի ալ նուէրներ տալով առնու զԱնի, աւեր քաղաքը, եւ հոն իշխան կը հաստատէ իր Մանուչէ թոռը, տակաւին յոյժ տղայ: Փատլուն ուզեց Անին նորէն ծաղկեցնել, ուստի պարիսպները եւ ամրութիւնները նորոգեց, եւ ած ի քաղաքն զամենայն մնացեալ իշխանսն, որոնցմէ առաջնակարգ դիրք եւ առանձին պատիւ ընծայեց վերոյիշեալ Գրիգոր Պահլաւունիի, Վասակի որդւոյն եւ Վկայասէրի քեռորդւոյն(ՎԱՐ. 103), որուն ուսմունքն ու գիտութիւնը եւս գովուած է իբր անպարտելի եւ զարմանալի (ՈՒՌ. 220): Այս կերպով, շինեցաւ քաղաքն Անի ոչինչ պակաս քան զառաջինն (ՎԱՐ. 104), եւ այդ միջոցին էր որ Վկայասէրն Անի կը հանդիպէր, եւ նոյնիսկ Գրիգոր Պահլաւունիի եղբայր Բարսեղը` Անիի եպիսկոպոս կը ձեռնադրէր: Վկայասէր Հայաստանի մէջ իր որդիական եւ հովուական պարտաւորութիւնները կատարելով, չուզեց հին աթոռանիստին մէջ մնալ, եւ հայրապետական բեռը լիովին ստանձնել, այլ գոհացաւ Հայաստանի հոգածութիւնը կարող ձեռքի մը յանձնած ըլլալով, եւ ետ դարձաւ իրեն առջի տեղը, իր կրօնաւորական կեանքին օրրանը Սեաւ Լեռներուն մէջ, եւ ձեռնարկեց բարեկարգել այնտեղի վանքերուն ներքին կարգադրութիւնները, համաձայն այն կանոններուն զորս տեսած էր Կոստանդնուպոլսոյ եւ Եգիպտոսի եւ Երուսաղէմի վանքերու մէջ, եւ խնամով ուսումնասիրած եւ գիրի առած էր, ուխտագնաց ուղեւորութեան միջոցին: Այդ գործողութիւններով կ՚անցնի Վկայասէրի կեանքէն գրեթէ չորս տարուան միջոց մը, 1072-էն մինչեւ Հոնիի մէջ Սարգիսի կաթողիկոսանալը, շուրջ 1076-ին:

889. ՍԵԼՃՈՒՔՆԵՐ ԵՒ ՅՈՅՆԵՐ

Ժամանակին քաղաքական կացութիւնը ցուցնելու համար, հարկ կը սեպենք յիշել, թէ Կոստանդին ԺԱ. Տուկիծ, կը մեռնէր 1067-ին անչափահաս զաւակ մը թողլով, որ է Միքայէլ Է. Պարապինաս, որուն անունով տարիի մը չափ իշխանութիւնը վարեց Եւդոքսիա թագուհին, բայց Ռոմանոս Դիոգինէս կամ Տիօժէն զօրավարին սիրահարուելով անոր հետ ամուսնացաւ միւս տարին, եւ զայն կայսր հռչակել տուաւ 1068-ին Ռոմանոս Դ. անունով: Երբ մայրաքաղաքը պալատական գործերով զբաղած էր, Ալփասլան մաս մը անձամբ եւ մաս մը իր զօրավարներով կայսրութեան գաւառները աւերեց: Դիոգէն գործի գլուխ անցնելուն` արշաւանք մը պատրաստեց 1069-ին, եւ յաջողութիւն ունեցաւ, բայց չկրցաւ վերջացնել, որովհետեւ Եւդոքսիա զայն իր մօտը կ՚ուզէր: Երկու տարի ետքը նորէն արշաւանք մը կազմակերպեց Դիոգէն, բայց իր կենցաղն ու ընթացքը զինքն զզուելի ըրած էին իրեններուն, որոնք թշնամիին ալ ձեռք կու տային: Ալփասլան հաշտութիւն առաջարկեց, Դիոգէն մերժեց, բայց իրեններէն լքուելով գերի ինկաւ, սակայն Ալփասլան խաղաղութեան խոստումով եւ տուգանքով զինքն արձակեց: Այս անգամ Յոյներ Միքայէլ Պարապինոսը կայսր հռչակեցին, Դիոգէն կեանքը ազատելու համար կամովին կրօնաւորեցաւ, բայց Միքայէլ հրամայեց աչքերը փորել, եւ այնպէս մեռաւ 1071-ին: Ալփասլան յաղթական եւ Ապպասեան ամիրապետին անունով իշխող, Սելճուքեան իշխանութիւնը զօրացնելով, Ապպասեանց ազդեցութիւնը հետզհետէ բարձրացուց, ոչ միայն Միջագետք, Հայաստան եւ Ասորիք, այլեւ Արաբիա անոր ներքեւ նուաճեցան: Դիոգէնի վրայ տարած յաղթութեան յաջորդ տարին, Ալփասլան արեւելեան ներքին գաւառները արշաւեց եւ նուաճեց, բայց Ալամուտ (ՎԱՐ. 104) կամ Համոյ (ՈՒՌ. 245) բերդին հրամանատարը` անձնատուր լինելու պատրուակով ներկայացած ատեն, կօշիկին մէջ պահած դաշոյններով զայն չարաչար վիրաւորեց, այնպէս որ հինգ օրէն մեռաւ 1072-ին, իրեն յաջորդ նշանակելով որդին Մելիքշահ, որ բարութեան եւ ուղղութեան համբաւ ստացաւ, հակառակ իր հօրը թողած բռնութեան եւ զօրութեան համբաւին: Քահըմ-Պիամրալլահ ամիրապետն ալ 823) մեռաւ 1075-ին, եւ իրեն յաջորդեց Մըքթատի-Պիամրալլահ իր թոռը (ՎԵՐ. 464), սակայն ամիրայապետներուն դիրքը միեւնոյն կերպով անուանական մնաց, թէպէտեւ Մըքթատի անունը իբրեւ խալիֆա հռչակուեցաւ Մէքքէի մէջ, Մելիքշահի իմաստուն իշխանութեան շնորհիւ: Կայսրութեան մէջ ալ Պարապինաս առաքինութեան եւ սրբութեան ճամբով կը կառավարէր, սակայն անոր դէմ ալ ապստամբեցաւ Պոդոնիատ զօրավար թագուհւոյն գրգռութեամբ, եւ Պարապինաս կամովին հրաժարեցաւ, եւ վանք քաշուեցաւ 1078-ին, եւ վերջէն եպիսկոպոս ալ ձեռնադրուեցաւ: Իսկ Պոդոնիատ Պարապինասի թագուհւոյն հետ ամուսնանալով կայսր հռչակուեցաւ Նիկեփորոս Գ. անունով, մինչ ուրիշ Նիկեփորոս Գ. Բրիէնոս մըն ալ կայսր հռչակուեցաւ Լիւրիկէի մէջ: Ալեքս Կոմնենոս, որ Պոդոնիատի կողմէն Բրիէնոսը նուաճեց եւ կուրացուց, ետքէն ալ անոր դէմ դարձաւ, զայն վանք մը փակեց, եւ ինքն կայսր հռչակուեցաւ Ալեքս Ա. Կոմնենոս անունով 1081-ին, եւ իրմով սկսաւ Կոմնենեանց գերդաստանին կայսերական յաջորդութիւնը:

890. ՓՈՔՐ ՀԱՅՈՑ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐ

Փոքր Հայոց մէջ հաստատուած փոքրիկ Հայ իշխանութիւններուն վրայ խօսելով, նախ եւ առաջ պէտք է յիշել, Ծամնդաւի իշխան Գագիկ Աբասեանը, որուն 1009-ին մեռած ըլլալը (ՍԱՄ. 113) իբր ստոյգ չի կրնար ընդունուիլ 886), քանի որ 1079-ին տակաւին կենդանի կը յիշուի (ՈՒՌ. 264), բայց անկէ ետքը կեանքը երկարելու յայտնի փաստ մը չունինք, եւ անժառանգ մեռնելովը ինքնին ջնջուած կ՚ըլլայ Ծամնդաւի իշխանութիւնը: Սեբաստիոյ թագաւոր Ատոմին գալով երբ Դիոգէն իր երկրորդ արշաւանքին առթիւ` 1071-ին Սեբաստիա հասաւ, ազգն Հոռոմոց չարախօսեցին զամենայն ազգն Հայոց, իբր թէ Թուրքերուն արշաւանքին օգնած ըլլան: Կայսրը հաւատաց, եւ հրամայեաց ալափ տալ զՍեբաստիա, եւ ընկեց յերեսաց զԱտոմ եւ զԱբուսահլ, սպառնացեալ սաստիկ երդմամբ, եթէ ի դառնալ ի պատերազմէն Պարսից, բառնամ զհաւատն Հայոց (ՈՒՌ. 238): Պատերազմին վախճանը ձախող եղաւ, եւ Հայոց դէմ սպառնալիքը հետեւանք չունեցաւ, եւ Սեբաստիոյ թագաւորութիւնն ալ բոլորովին չվերջացաւ այդ ատեն, վասնզի 1079-ին Ատոմ եւ Աբուսահլ տակաւին գործի վրայ կը տեսնուին (ՈՒՌ. 264): Պիզուի իշխանութիւնը կը մնար միշտ Գագիկ Աշոտեանի ձեռք, որուն վերջին անգամ յիշեցինք զայրացմամբ Կոստանդնուպոլիսէ դառնալը, ընտրողական եւ կրօնական խնդիրներու մասին բուռն պայքար մղելէն ետքը 874): Գագիկ իր ցասումը կը յայտնէր աջ ու ձախ Յոյները նախատելով եւ անոնց կիները խոշտանգելով, բայց գլխաւորապէս զայրացած էր Կեսարիոյ Մարկոս մետրապոլիտին դէմ, որ հայհոյիչ էր յոյժ ազգիս Հայոց, եւ ամենայն շան Արմէն կոչէր, եւ իր շունին ալ անունը Արմէն դրած էր (ՈՒՌ. 217): Գագիկ Մարկոսի մօտ իջեւանելու կ՚երթայ, եւ երբ որ հասած էին ուրախանալ ընդ գինեաւն, եւ Մարկոս ալ յաղթահարեալ էր ի գինւոյն, Գագիկ կը ստիպէ մետրապոլիտը որ շունը անունովը կանչէ, որպէսզի եղելութիւնը ստուգուի, եւ ասոր վրայ շունն ալ մետրապոլիտն ալ մեծ քուրձի մը մէջ փակելով` շունը շարունակ ծեծել կու տայ, մինչեւ որ կատաղութենէն մետրապոլիտը կը բզքտէ, եւ այսպէս չարեաւ սատակեցաւ չար եւ պիղծ հայհոյիչն, եւ եղեւ կերակուր շանց (ՈՒՌ. 219): Գագիկ մետրապոլիտին տունն ալ կողոպտեց, որ ունէր անհամար գանձ ոսկւոյ եւ արծաթոյ. հօտք ոչխարաց հազար, լուծք գոմշի քառասուն, լուծք եզանց քսան, եւ ամէնն ալ միասին տարաւ բազմութեամբ ձիոց եւ ջորուոց (ՈՒՌ. 220): Ալ անկէ ետքը սաստկացաւ Յոյներուն թշնամութիւնը Գագիկի դէմ, եւ Գագիկի ատելութիւնը Յոյներու դէմ եւ փոխադարձ վստահութիւնը վերցաւ: Գագիկ ոչ եւս մտաւ ի Կոստանդնուպոլիս, եւ ոչ գնաց ի կոչն Հոռոմոց (ՈՒՌ. 220), մինչեւ իսկ խորհեցաւ գնալ առ Ալփասլան սուլտանն Պարսից, եւ տիրանալ աթոռոյ թագաւորութեան տանն Հայոց, բայց այդ միտքը չգործադրեց, թէպէտ բազում անգամ կոչէր զԳագիկ` սուլտանն: Այդ վարանումին իսկական պատճառը բացատրուած չենք գտներ, եւ յաղագս Քրիստոսական հաւատոյ արգելուած ըսուելէն կ՚ենթադրենք, թէ տրուելիք իշխանութեան հետ իսլամութեան ընդունելութիւնն ալ առաջարկուած ըլլայ (ՈՒՌ. 217): Որչափ ատեն որ ապրեցաւ Գագիկ, ահ ու սարսափ դարձաւ իր շրջականերուն, եւ միայն իր բուռն զօրութեան եւ կատաղի քաջութեան շնորհիւ կրցաւ անկախ ապրիլ յունական սահմաններուն մէջ, մինչեւ որ Յոյներու վրէժխնդիր թշնամութեամբ սպաննուեցաւ: Այս է Փոքր Հայք փոխադրուած իշխանութիւններուն վիճակը Վկայասէրի ուխտագնացութեանց եւ շրջագայութեանց միջոցին, եւ այս պատճառով նորա անունը խառնուած չէ վերոյիշեալ եղելութեանց մէջ:

891. ՓԻԼԱՐՏՈՍ ԵՒ ԹՈՌՆԻԿ

Անիշխանութիւնը որ կը տիրէր Արեւելքի մէջ, երկու մեծ պետութեանց` Սելճուքեան սուլտանութեան եւ Յունական կայսրութեան անկարգ կացութեան երեսէն, առիթ տուած էր Հայ իշխաններուն պատահական եւ անկայուն իշխանութիւններ ստեղծել պարագայից բերմամբ, անկախ դիրք մը ապահովելով մինչեւ ուր եւ մինչեւ երբ դիմադրութիւն չէին գտներ, եւ ընկճուելով կամ հպատակելով երբոր բուռն զօրութեան մը դիմաց կը գտնուէին: Այդ գործը նուազ կը յաջողէր բուն Հայաստանի կեդրոնին մէջ, ուր հաստատուած էր այլազգիներու իշխանութիւնը Անիի գրաւումէն եւ յունական ազդեցութեան իսպառ հեռացուելէն ետքը: Յարմարագոյն էին Ամանոսի եւ Տաւրոսի լեռնաշղթաները, ըստ ինքեան ամուր, եւ երկու մեծ պետութեանց միջեւ իբրեւ ամբարտակ կանգնած: Ժամանակին աւելի նշանաւոր իշխաններէն մէկն էր Թոռնիկ Մուշեղեան` Մամիկոնեան ցեղէն, Սասունի տէրը, եւ Վկայասէրի քեռայրը 877), որ բաւական ընդարձակութիւն եւ զօրութիւն աւելցուցած էր իր իշխանութեան դէպ Արեւմուտք, ազդեցիկ դարձած էր նոյն իսկ շրջակայ այլազգի իշխաններուն վրայ: Ուրիշ նշանաւոր իշխան մըն ալ էր Փիլարտոս, բնիկ Հայազգի Վարաժնունեաց տոհմէն, որով Պահլաւունեաց հետ թէ ոչ ազգակից, գոնէ դրացի եղած կ՚ըլլայ: Իր տղայութեան Զօրվրի-Կոզեռն վանքի մէջ կրթուած էր, իր հօրեղբօր մօտ, բայց շուտով զինուորական կեանքը ընդգրկեց, եւ ձեռներէց ու յանդուգն անձ մը եղաւ, յունական ծառայութեան մտաւ, եւ Կոմագինէի կողմերը կը գտնուէր իբրեւ զօրավար, երբ Ռոմանոս Դիոգէն գերի ինկաւ եւ գահազուրկ եղաւ 1071-ին: Փիլարտոս առիթէն օգտուեցաւ ինքնիշխան ըլլալու, հետզհետէ սահմանները ընդարձակեց, եւ Գերմանիկիա կամ Մարաշ քաղաքը իրեն կեդրոն որոշեց: Զուրկ կրօնական ու բարոյական ուղիղ սկզբունքներէ, ոչ միջոց կը խտրէր եւ ոչ ալ օրէնք կը ճանչնար, իր փառասէր ձգտումները իրագործելու համար: Պատմութիւնը զինքն ամենէն սեւ գոյներով կը ներկայէ, վկայելով թէ էր անհաւատ քրիստոնեայ, ոչ Հայ գիտելով զնա եւ ոչ Հոռոմ, եւ ամենէն ծանր կոչումներով որակելով զայն, իբր անօրէն եւ ամենաչար իշխան, անդրանիկ որդի սատանայի, կարապետ պղծոյն, եւ նեռն դիւաբնակ (ՈՒՌ. 248)` բայց կարծես թէ գործը կը յաջողէր անօրէնին, այնպէս որ Թոռնիկ Մամիկոնեանի ալ պատգամ կը ղրկէր իրեն հնազանդիլ: Թոռնիկ կ՚անարգէր յայտարարելով, թէ իր զօրքերը հանապազ հաղորդին ի մարմնոյ եւ յարենէ Աստուծոյ, մինչ Փիլարտոսի զօրքերը թափուր եւ ունայն են ի հաւատոցն, որով ինքն վստահ էր աստուածային զօրութեամբ յաղթական ըլլալ: Փիլարտոս Վկայասէրը ստիպեց, որ երթայ Թոռնիկը հպատակութեան համոզէ, սակայն Թոռնիկ չզիջեցաւ, եւ Վկայասէր այլ ոչ տեսաւ զերեսն Փիլարտոսին (ՈՒՌ. 249): Ասոր վրայ Փիլարտոս զօրաժողով արարեալ Թոռնիկի վրայ քալեց, բայց Ալէլուալի ճակատամարտին մէջ յաղթուեցաւ եւ փախստական Խարբերդ ապաւինեցաւ (ՈՒՌ. 950): Թոռնիկ Աշմուշատ բերդին մէջ կը գտնուէր, Արածանիի վրայ, երբ Փիլարտոսի զօրավարներէն Ամր-Քափր նենգութեամբ իրեն մօտ եկաւ, եւ օր մը երբ բերդէն դուրս, կային ի գինարբուսն, Քափր վրան յարձակեցաւ, բայց այս անգամ ալ Թոռնիկ փոքրիկ դանակով մը թշնամին սպաննեց եւ ինքն ազատաբար բերդ կը դառնար: Այդ միջոցին մի ոմն յայլազգեաց, որ ի թաքստին կայր, ռմբովն զարկաւ ի սիրտն գաղտաբար, եւ այսպէս մեռաւ Թոռնիկ, որուն գլուխը Փիլարտոսին տարին, որ հանեալ զսկաւառակ գլխոյն` արար գաւաթ եւ նովաւ ըմպէր գինի: Թոռնիկէն երկու զաւակ մնացին, Չորտուանէլ եւ Վասակ Մամիկոնեաններ, տակաւին ի տղայական հասակի (ՈՒՌ. 252): Փիլարտոսին ծառայութեան այլազգի զօրավարներ գտնուիլը, եւ Թոռնիկի գլուխը Մուֆարղինի ամիրային ղրկելը կը ցուցնէ, թէ Փիլարտոս այլազգիներու օգնութեամբ Յոյներուն դէմ կը պատերազմէր, եւ իբրեւ անոնց կողմնակից, քրիստոնեայ իշխանութիւնները ջնջելով Սելճուքեանց ազդեցութիւնը կ՚ընդարձակէր, եւ այդ ուղղութիւնն էր` որ զինքն ատելի ըրած էր Հայերուն աչքին, եւ Փիլարտոս իբրեւ բռնակալ ամիրայ կը նկատուէր: Թոռնիկի արկածը մերձաւոր հաշուով յարմար է դնել 1075 թուականին:

892. ՍԱՐԳԻՍ ՀՈՆԵՑԻ

Փիլարտոս որչափ ալ այլազգիներու հովանաւորութեամբ զօրացած, չէր դադարէր զինքն իբրեւ Հայ իշխանապետ նկատել, մինչեւ իսկ իրեն նախաթոռ առաջնութեան իրաւունքը սեփականել, քանի որ շատ ինկած ու տկարացած կացութիւն ունէին Սեբաստիոյ, Ծամնդաւի եւ Պիզուի թագաւորութիւնները: Փիլարտոս իբրեւ իր առաւելութեան իրաւունք եւ իբրեւ Հայութեան գլխաւոր իշխան, փափաքեցաւ իրեն մօտ եւ իրեն տրամադրութեան ներքեւ ունենալ Հայոց հայրապետութիւնը, ուստի Վկայասէրէն պահանջեց, որ թողու Մուտառասունի բնակութիւնը 886), Ծամնդաւի թագաւորին սահմաններուն մէջ, եւ գայ իր մօտ բնակիլ, հետեւելով ազգին հնաւանդ սովորութեան, որով հայրապետական աթոռը միշտ քաղաքական կեդրոնին կամ Հայութեան գլխաւոր իշխանութեան մօտ կը մնար: Վկայասէր յանձն չառաւ զարհուրեալ ի չարաշունչ գազանէն (ՈՒՌ. 252), վասնզի գիտակ էր չար բարուցն Փիլարտոսին (ՈՒՌ. 249), եւ կը յիշէր թէ Փիլարտոսի չէր գործակցած Թոռնիկը հպատակեցնելու խնդրոյն մէջ 891), եւ կրնար կասկածիլ թէ գաւաթ մըն ալ իր սկաւառակէն ուզէ կազմել, ինչպէս ըրած էր իր քեռայրին գլուխէն: Արդէն ալ Վկայասէրը յոչ կամաց կաթողիկոս մըն էր, բնաւ ընդդիմութիւն չունէր որ կաթողիկոսութիւնը ուրիշ մը անցնէր, մանաւանդ որ Փիլարտոս Սելճուքեանց հովանաւորութեան ներքեւ տարբեր շրջանակ մը կը կազմէր: Այս տեսութեամբ Փիլարտոսի կը պատասխանէր, թէ ինքն չի կրնար գալ, բայց իրեն մօտ կաթողիկոս մը ունենալուն ալ ընդդիմութիւն չունէր. ուստի կը գրէր. Դիր իմ հրամանաւն յաթոռ հայրապետութեանդ զտէր Սարգիս զքուրորդին տէր Պետրոսի (ՈՒՌ. 252): Փիլարտոս երբոր համոզուեցաւ թէ Վկայասէր իրեն մօտ գալիք չունի, հրամայեաց ժողով լինել եպիսկոպոսաց եւ հարանց վանականաց եւ կրօնաւորաց, Ջահան գաւառի Հոնի քաղաքը, Գերմանիկիոյ մօտ, որոնք Վկայասէրի ցուցած Սարգիսը ձեռնադրեցին յաթոռ կաթողիկոսութեանն Հայոց, եւ Վկայասէր իբր նշան իր հաւանութեան յուղարկեաց զքօղն եւ զգաւազանն եւ զսուրբ նշանն տէր Պետրոսի առ տէր Սարգիս (ՈՒՌ. 253), որոնք իրեն տրամադրութեան ներքեւ գտնուած պիտի ըլլան, զի չենք կարծեր որ իրեն յատուկ գործածածները ղրկած, եւ զինքն այդ նուիրական նշաններէ զրկել ուզած ըլլայ:

893. ՀՈՆԻԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

Այսպէս նոր հայրապետանոց մը հաստատուեցաւ Հոնիի մէջ, 1076-ին, մինչ կենդանի էր Վկայասէրը եւ կաթողիկոս կը մնար ընդհանուր Հայութեան վրայ, իսկ Սարգիս միայն Փիլարտոսի սահմաններուն կ՚իշխէր: Այդ տեսակէտէն Սարգիս իբր հակաթոռ մը պիտի նկատուէր, եւ այնպէս ալ ցուցուած է պատմագիրներու շատերէն: Սակայն արժան է դիտել, որ Վկայասէրը կամայ կամ ակամայ, բայց վերջապէս պաշտօնական կերպով անոր ձեռնադրութիւնը հաստատեց կաթողիկոսական նշաններ ղրկելով, մինչեւ իսկ առաջուընէ ընտրութիւնը թելադրելով: Միւս կողմէն Սարգիս ինքնընծայ հետամուտ չէր եղած, վասնզի ամենայն հաւանականութեամբ Փիլարտոսի մօտ ալ չէր, այլ Պետրոսի մահուընէ ետք Սեբաստիոյ մէջ կ՚ապրէր: Ինքն ալ վկայուած է իբրեւ այր սուրբ եւ պարկեշտ (ՎԱՐ. 104), եւ հռչակաւոր առաքինի, եւ յամենայն կողմանց զարդարեալ ամենայն աստուածպաշտութեամբ եւ ճշմարիտ խոստովանութեամբ որ ի Քրիստոս Յիսուս, եւ կատարեալ օգնական հօտին Քրիստոսի (ՈՒՌ. 253), որով կը հեռացուի նենգաւոր հետամտութեան կասկածը: Միւս կողմէն տարիքով ալ ծերացած եւ ընթացքը կատարած մէկ մը պէտք էր ըլլար, եթե Գետադարձին քեռորդին էր, թէպէտեւ տակաւին հրաշափառ տեսլեամբ փառաւոր անձ մը (ՈՒՌ. 253): Հետեւաբար մենք աւելի հակամէտ ենք օրինաւոր աթոռակից մը ճանչնալ Սարգիսը, թէպէտ եւ պէտք չենք տեսներ թուահամարի մէջ առնելով` Սարգիս Երկրորդ կոչել զայն, վասնզի մեր տեսութեամբ եւ ընդհանուր կանոնով յարմար չէ աթոռակիցներն ալ թուահամարին անցընել, եւ միայն բացառիկ պարագաներու ներքեւ կ՚ընդունինք, ինչպէս Գէորգ Լոռեցիին համար ըսինք 885): Սարգիսը իբր քեռորդի Պետրոսի, Անանիայի եւ Խաչիկի եղբայր եղած իդէպ էր ըսել, բայց կանխաւ իր անունը տրուած չըլլալուն, եւ այդ առթին մէջ ալ վերջին կաթողիկոս Խաչիկի եղբայր չըսուելէն, հաւանականագոյն կը կարծենք ըսել, թէ Պետրոսի ուրիշ մի քրոջ որդին, եւ Խաչիկի մօրաքեռորդին եղած պիտի ըլլայ: Վերջապէս պետք չէ նկատողութենէ վրիպեցնել, որ Վկայասէր` Պետրոսի քեռորդին առջեւ քաշելով, եւ Հոնիի ժողովն ալ զայն ձեռնադրելով, յարգած կ՚ըլլան ժառանգական յաջորդութեան սովորութիւնը, որ Անանիա Մոկացիէն սկսելով տիրել սկսած էր` Մոկացեանց գերդաստանին մէջ, ինչպէս ասկէ ետքն ալ պիտի տեսնենք Պահլաւունեաց ճիւղին վրայ: Սարգիսի ծերութեան տարիքի մէջ կաթողիկոսացած ըլլալը յայտնի կ՚ըլլայ նաեւ յաջորդ 1077 տարին վախճանելէն, որուն անմիջապէս յաջորդ ընտրուեցաւ Փիլարտոսի հրամանով Թէոդորոս, դրան եպիսկոպոս Սարգիսի, եւ մեծ երաժիշտ ձայնաւորաց, որ այդ յաջողակութենէն ստացած էր Ալախօսիկ մականունը (ՈՒՌ. 259), իբր Ալէլուք երգող: Թէոդորոս սիւնն սուրբ եկեղեցւոյ կոչմամբ ալ գովուած է (ՈՒՌ. 305), թերեւս վերջէն իր պաշտօնը Փիլարտոսի գործիք չընելուն համար: Թէոդորոսի չորս աւետարաններու մեկնութիւն մըն ալ գրած ըլլալը կը յիշուի (ՀԻՆ. 604), որ իրեն ուսումնական կարողութեան ալ փաստ պէտք է նկատուի: Քանի որ Թէոդորոս, առանց Վկայասէրի ընդդիմութեան Սարգիսին կազմած դիրքին օրինաւոր յաջորդը նկատուեցաւ, պէտք է զայն ալ իբր պարզ աթոռակից ընդունիլ առանց իր անունը թուահամարի անցընելու:

894. ԳԱԳԻԿԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Այդ եղելութիւններէն քիչ ետքը տեղի ունեցաւ Գագիկ Աշոտեանի սպանութիւնը, զոր Ուռհայեցին կը դնէ 528-1079 թուականին ներքեւ յայսմ թուականութեան սպանաւ ըսելով (ՈՒՌ. 263): Գագիկի կատաղի ատելութիւնը Յոյներուն դէմ եւ նոյնիսկ բուռն եւ կամահաճ գործեր կատարելը կրնային նախատեսել տալ վատ վրէժխնդրութեան զոհ երթալը: Գագիկ Պիզուէ Տարսոն գացած էր իր խնամիին տեսութեան, որովհետեւ Գագիկի Դաւիթ որդին ամուսնացած էր Ապլղարիպի աղջկան հետ, եւ անոր մօտ կը մնար: Խնամիներուն մէջ տեղի ունեցած գժտութեան մը հետեւանօք, Ապլղարիպ ոխացած էր փեսային հետ եւ զայն բանտարկած: Գագիկ Տարսոն գնաց, գործը կարգադրել եւ հանել զնա բանտէն (ՎԱՐ. 106): Ուռհայեցիին ըսելը, թէ վասն խնամութեան կոչեալ էր զԳագիկ Ապլղարիպոյ, եւ թէ ոչ եղեւ գործ խնամութեան (ՈՒՌ. 263), նոր կատարուելիք ամուսնութեան վրայ կրնար իմացուիլ, եթէ Վարդան յստակօրէն պարզած չըլլար պատճառը, բայց այդ խօսքէն կրնանք ալ հետեւցնել թէ յաջող չվերջացաւ Գագիկի ուղեւորութեան նպատակը, որով Գագիկ ետ կը դառնար մռնչելով իբրեւ զառիւծ, եւ կալեալ զամենայն իշխանս գաւառին, վարէր զնոսա երկաթի կապանօք առաջի իւր, որոնք պէտք է ըլլան` Տարսոնի իշխանին սահմաններուն մէջ եղող Հայ կամ Յոյն մեծամեծները: Մարկոս մետրապոլիտին սպանութիւնն ալ 890) մոռցուած չէր, հետեւաբար եւսքանզեւս կը զայրանար Յոյներուն մէջ վրէժխնդիր ատելութիւնը: Երբ որ Գագիկ իր գունդով, հազար արամբ, Արժիասայ դաշտը, այսինքն Արգէոս լեռներուն ստորոտը գտնուող Կիզիստռա բերդին կը մօտենայ, երեք Յոյն բերդապահ եղբայրներ, որդիք Մանտալէի, ամենայն խոնարհութեամբ եւ քաղցրութեամբ զինքը հանգստանալու հրաւիրեցին, եւ իր գունդէն բաժնելով երեք հետեւորդներով բերդը առաջնորդեցին, ուր յանկարծ յիսուն դարանակալներ վրան յարձակեցան, ձիէն վար առին, եւ բերդին մէջ փակեցին (ՈՒՌ. 264): Կիրակոսի գրելովը, Գագիկ որսի ելած եւ արբեալ, ի տօթ ժամու ձիէն իջած առանձինն ծառի մը հովանւոյն ներքեւ թմրած ատեն, բռնուած եւ բերդ տարուած կ՚ըսուի, եւ միայն այնտեղ իբրեւ սթափեցաւ ի գինւոյ, ձերբակալուած ըլլալը իմացած ըլլայ (ԿԻՐ. 58): Սմբատ ալ Ուռհայեցիին կը ձայնակցի (ՍՄԲ. 86), սակայն Վարդան բնաւ այսպիսի պարագայ մը չի պատմեր (ՎԱՐ. 106), որով Կիրակոսի պատմութիւնը, պարզ զրոյցի արձագանգ կ՚երեւի: Հազիւ թէ Գագիկի բռնուելուն լուրը տարածուեցաւ, Սեբաստիայէ Ատոմ եւ Աբուսահլ, եւ Ծամնդաւէ Գագիկ Աբասեան, յաւուրն ութերորդի գունդերով Կիզիստռա հասան, եւ զաւուրս ինչ պատերազմեալ, ոչինչ կարացին առնել: Անդիէն Փիլարտոս ալ սպառնալից պատգամներ հասցուց, որուն վրայ Մանտալեան եղբայրներ, Գագիկը խեղդեցին, եւ օր մը ամբողջ դիակը պարիսպէն կախեցին, եւ միւս օր վերցուցին թաղեցին պարիսպէն դուրս (ՈՒՌ. 265): Ասոր վրայ պաշարողները յոյսերնին կտրեցին, եւ վրէժխնդրութիւնն ալ դժուար տեսնելով տեղերնին դարձան: Գագիկի ոսկորները վեց ամիս ետքը փոխադրուեցան Պիզուի վանքը, Բանիկ անուն մէկու մը ձեռքով, որ գիշերով գաղտնաբար յաջողած է ոսկորները վերցնել (ՈՒՌ. 265): Այդ եղելութեանց մէջ Վկայասէրին ոչ գործունէութիւնը կը յիշուի եւ ոչ անունը, նա արտաքին յարաբերութիւններէ քաշուած, իր վկայաբանութիւններով եւ թարգմանութիւններով զբաղած էր անշուշտ:

895. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ՎԵՐՋԸ

Գագիկ Աշոտեանի մահը, իդէպ էր նշանակել 1079 տարւոյ ամառուան միջոցին, ինչպէս Յայսմաւուրքն ալ կը դնէ Մայիս շարժական տոմարով կ՚իյնար Նոյեմբեր 24-5-ին (ՅԱՍ. Ա. 202), թէպէտ ահեկանի 28-ին, վասնզի ի տօթ ժամու բացատրութիւնը զոր Կիրակոս կը գործածէ (ԿԻՐ. 28), տաք ամիսներու յարմար կու գայ: Այլ մենք Կիրակոսի պատմութիւնը հաւանօրէն չնկատեցինք, եւ Մանտալեան եղբարց հրաւէրը յարմարագոյն կը գտնենք աշնան վերջերուն: Այդ խորհրդածութիւններով աւելի կը միտինք 1079 Նոյեմբեր 24-ը իբրեւ Հայաստանի իշխանութեան վերջը նկատել, ինչպէս որ պատմիչն ալ կը գրէ, թէ աստանօր դադարեալ եղեւ թագաւորութիւնն ի տանէն Հայոց (ՈՒՌ. 265): Սեբաստիոյ Արծրունիներուն եւ Ծանմդաւի Բագրատունիներուն անունն ալ, այլեւս բնաւ չի յիշուիր Կիզիստռայի դէմ ըրած փորձերէն ետքը 893), որով անոնց ալ բնական կամ բռնական մահուամբ միեւնոյն միջոցին մեռած լինելը կը յայտնուի, եւ Փոքր Հայոց իշխանութիւնները, արդէն Յոյներէն հալածուած, կ՚ունենան այն վախճանը, որ սկիզբէն կը նախատեսուէր, երբոր Վանն ու Անին ու Կարսը, Սեբաստիայի ու Պիզուի ու Ծամնդաւի հետ կը փոխանակուէին: Գագիկ Աշոտեանի երկու որդիներն միայն կը յիշուին պատմութեան մէջ, կրտսերն Դաւիթ, Ապլղարիպի փեսան, նոյնիսկ իր աներէն թունաւորուելով սպաննուեցաւ Գագիկին դիմումէն ետքը: Իսկ երէց որդին Յովհաննէս, փեսայացած կ՚ըսուի Անիի յոյն դուքսին, անկէ Կոստանդնուպոլիս եկած Աշոտ որդւոյն հետ, որ վերջէն նորէն Անի կը դառնայ, եւ Մանուչէի ներքինիներէն մին զայն կը թունաւորէ, Անիի վրայ իրաւունք ունեցողի մը կեանքը վերուցած ըլլալու համար: Յովհաննէս ալ մեռաւ Աշոտ որդիէն քիչ ետքը, եւ բարձան թագակալքն Անւոյ այսու օրինակաւ (ՎԱՐ. 106):

896. ԲԱՐՍԵՂ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայութեան արեւմտեան երկիրներու մէջ բոլորովին ազգային կացութիւնը կորսուած ու ազդեցութենէ զրկուած վիճակի մը ինկած էր, երբոր արեւելեան բնագաւառներու մէջ քիչ քիչ բարելաւելու երես կը բռնէր, եւ Հայութեան կեդրոնը այն կողմը կը դառնար: Մելիքշահ սուլթան, որ Մըքթատի-Պիամրալլահ ամիրապետին անունով տիրապէս ինքնիշխան կը թագաւորէր, ամէն պատմագիրներէ գովութեամբ կը յիշուի, իբր խաղաղասէր եւ քրիստոնեայսէր բարուք մէկ մը (ՎԱՐ. 106), իբր այր բարի եւ ողորմած եւ յոյժ քաղցր ի վերայ հաւատացելոցն Քրիստոսի (ՈՒՌ. 247), եւ իբր ազատաբարոյ եւ մեծախորհուրդ, խոհեմ եւ արի քան զյոլովս ի թագաւորաց, որ տանէր հոգ արդարութեամբ առ ամենեսին վարիլ, զի մի ոք լիցի տրտում ի զրկելոց եւ հպարտ ի գոռոզաց (ՍԱՄ. 115): Նորա հովանաւորութեան ներքեւ Մանուչէ ալ, Փատլունի թոռը, որ Անիի կառավարիչն էր 887), միեւնոյն կերպով աշխարհաշէն ընթացք ունէր, եւ Անին շէնցնելու կ՚աշխատէր, ուր Պահլաւունի եղբայրներ, Գրիգոր իբր իշխանապետ եւ Բարսեղ իբր եպիսկոպոսապետ, գործերու գլուխ կը գտնուէին: Այդ վիճակին մէջ Անեցիք ուզեցին իրենց նախկին դիրքը վերանորոգել, եւ տեսնելով Վկայասէրի ձեռնթափ լքումը, եւ Փիլարտոսի բռնութեամբ` Հոնիի մէջ նոր կաթողիկոսարան հաստատուիլը, մտածեցին Անիի կաթողիկոսարանը վերահաստատել, որ գրեթէ իրականացած էր Բարսեղի վարած գերագոյն եւ ընդարձակ իշխանութեամբ, առանց անունն ունենալու: Կիւրիկէ` Անհողինի որդին, Ափխազաց եւ Աղուանից թագաւորը, կը յիշէր թէ Հայ Բագրատունի սերունդ է, եւ Հայութեան շահերը իրեն սեփական կ՚ըմբռնէր, ուստի պէտք եղած քաջալերութիւնը կու տար Անեցիներուն: Մանուչէ ալ ուրախութեամբ կը տեսնէր իր իշխանութեան բարձրացումը: Ահա այն նպաստաւոր պարագաները, որոնք յորդորեցին Բարսեղի կաթողիկոս հռչակուիլը: Կիրակոս պարագայ մըն ալ կը յաւելու, այսինքն թէ եթող տէր Գրիգորիս զաթոռ իւր եւ գնաց ի Հռոմ (ԿԻՐ. 56), ուր դարձեալ Կիրակոսի անգամ մը ինկած թիւրիմացութեան կրկնումը կը տեսնենք 880), մանաւանդ որ ժամանակագրական տեսութեամբ Վկայասէր այդ միջոցին արդէն դարձած էր իր առաջին ուղեւորութենէն, իսկ երկրորդին ալ չէր ձեռնարկած: Շնորհալին ալ կը վկայէ, թէ Վկայասէրը կը մնար ի Սեաւ մըթին Լեառն անուանեալ, զբանի սիրողսըն հաւաքեալ, եւ առ ինքեան բնակեցուցեալ, զգիրս հոգւոյն միշտ ընթերցեալ, եւ ընդ նոսին յար խօսակցեալ (ՉԱՓ. 548): Գրիգորի գործէ ձեռնթափ առանձնութեան մէջ ապրիլն էր Անեցիներուն նկատի առած մեծ պարագան, չկրնալով ալ տանիլ Հոնիի մէջ կաթողիկոսական աթոռի մը հաստատուիլը: Գործը կատարուեցաւ Հաղբատի վանքին մէջ, Անեցիներու ընդհանուր համահաճութեամբ, եւ Գրիգոր իշխանապետին նախաձեռնութեամբ, նոյնինքն Բարսեղի կամակցութեամբ, որ խնդրէր առնուլ ձեռնադրութիւն կաթողիկոսութեան (ՈՒՌ. 266), եւ յաջողեցաւ գործակցութեամբ Կորիկէի, որ ժողովեաց զեպիսկոպոսունս (ՈՒՌ. 266), հրամանաւ եւ կամօք Մանուչէի (ՎԱՐ. 104), եւ ձեռնադրութեամբ Ստեփանոսի Աղուանից կաթողիկոսին: Բարսեղ կաթողիկոսական հանդիսաւորութեամբ Հաղբատէ եկաւ ի թագաւորաբնակ քաղաքն Անի, ուր ամենայն տունն Շիրակայ խնդութեամբ զինքն դիմաւորեց, հանդերձ եպիսկոպոսիւք: Ընդ առաջ եկողներուն գլուխը կը գտնուէին, նոյնինքն Բարսեղի հայրը Վասակ իշխան Պահլաւունի, եւ եղբայրները Գրիգոր եւ Հասան եւ Ապլջահապ, եւ եղեւ օրն այն մեծ եւ ուրախութիւն ամենայն տանն Հայոց (ՈՒՌ. 266): Օրը ճշդուած չէ, իսկ թուական ցուցուած է 530 (ՈՒՌ. 265, ՍՄԲ. 87), որուն ամանորը կ՚իյնայ 1081 Մարտ 1-ին, եւ զատիկը Ապրիլ 4-ին, եւ յարմարագոյն կ՚երեւի այդ միջոցին դնել Բարսեղի ձեռնադրութիւնը:

897. ԲԱՐՍԵՂ ԱԹՈՌԱԿԻՑ

Այդ եղելութիւնը տարբեր տեսակէտներէ գնահատուած կը գտնենք: Ուռհայեցի յայտնապէս կը գրէ թէ նորոգեալ եղեւ աթոռ սրբոյն Գրիգորի ի քաղաքն Անի, որ ի վաղուց հետէ ժամանակաց խափանեալ էր մախանօք եւ նենգութեամբ չար եւ դառնացեալ ազգին Հոռոմոց (ՈՒՌ. 266), եւ թէ տեսին նորոգեալ զաթոռ հայրապետութեանն ի քաղաքն Անի (ՈՒՌ. 267): Անեցին ալ ոչ միայն կը գրէ թէ նստաւ տէր Բարսեղ յաթոռ հայրապետութեան (ՍԱՄ. 117), այլեւՎկայասէրի 17 (ՍԱՄ. 112), եւ Բարսեղի 31 տարի (ՍԱՄ. 267), պաշտօնավարութեան նշանակելով, Վկայասէրը իբրեւ պաշտօնապէս հրաժարած եւ կաթողիկոսութենէ դադարած, եւ Բարսեղը իբր տիրապէս կաթողիկոսացած կ՚ուզէ ցուցնել: Սակայն Վկայասէրի պաշտօնապէս կաթողիկոսութենէ դադարած ըլլալը պատմութիւնով չի հաստատուիր, քանի որ դեռ շատ առիթներու մէջ պիտի տեսնենք անոր իշխանութեան գլուխ գտնուիլը, եւ իբր կաթողիկոս յիշուիլն ու գործելը: Բարսեղի ձեռնադրութեան միջոցին, իրաւ չեն յիշուիր Վկայասէրին հաւանութեան յայտարարութիւնները, որոնք տեսնուեցան Սարգիս Հոնեցիին ձեռնադրութեան առթիւ 892), սակայն նկատելով այն անձուկ կապը եւ համամիտ ընթացքը, որ կը տիրէր Գրիգորի եւ Բարսեղի, մօրեղբօր եւ քեռորդւոյն մէջտեղ, անհնար է որ նախընթաց հաւանութիւնը ստացուած չըլլայ, եւ նոյնիսկ Գրիգոր, որ առաջ Գէորգը եւ յետոյ Սարգիսն ու Թէոդորոսը կաթողիկոսացնելու հաւանած էր, հաճած, մանաւանդ թէ քաջալերած ալ չըլլայ Բարսեղի կաթողիկոսանալը, որ իրեն սիրելի եւ արժանաւոր անձ մըն էր, միանգամայն հեռու Յունաց ազդեցութենէն, որոնց մասին օրէ օր կ՚աճէր Վկայասէրի հակակրութիւնը: Այդ հաւանութեան վկայութիւնը կը կարծենք տեսնել Շնորհալիի խօսքերուն մէջն ալ, որ Վկայասէրին համար կը գրէ, այլ ի յաթոռ իւր հաստատեալ, Բասիլիոս անուանադրեալ, արիւնառուն հարազատեալ, օծմամբ Հոգւոյն նախ ձեռնադրեալ (ՉԱՓ. 550): Հետեւաբար Բարսեղը օրինաւոր կաթողիկոսակից մը կրնանք նկատել, ընդարձակ եւ լիազօր իշխանութեամբ, եւ Վկայասէրին կողմանէ ամէն բան իրեն յանձնուած, բայց միշտ պարզ աթոռակիցէ աւելի դիրք չենք կրնար տալ, եւ կաթողիկոսական ուղիղ գաւազանացուցակի մէջ միշտ Գրիգոր Բ. Վկայասէրի անունը կը պահենք մինչեւ իր մահը, որ 1081-էն մինչեւ 1105, տակաւին 24 տարիներու շրջան մըն ալ կ՚ունենայ բոլորելու, ինչչափ ալ ընդհանրապէս անգործ, եւ միայն ընդհատ գործերով անցուցած ըլլայ զայն: Բարսեղ կաթողիկոս ընդհանրապէս Բարսեղ Ա. Անեցի անունով ճանչցուած է, բնիկ Անեցի ըլլալէն աւելի, Անիի արքեպիսկոպոս, եւ Անիի մէջ կաթողիկոսութիւն վարած ըլլալուն համար, թէպէտեւ գերագոյն իրաւամբ պէտք էր յիշուէր Պահլաւունի ազգանունովը, մօրենական ճիւղով Պահլաւունի Մագիստրոս, եւ հօրենական ճիւղով Պահլաւունի Հասան իշխաններու հարազատ թոռն ըլլալով: Որչափ ալ Բարսեղի գործունէութեան մեծ մասը իր մօրեղբօր կենդանութեան միջոցին տեղի ունեցած է, սակայն Վկայասէրը իսկապէս կաթողիկոս ճանչցուելէն Բարսեղի գործերն ալ այս գլխուն ներքեւ պիտի տանք:

898. ՊԱՊԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

Այդ միջոցին կը պարտաւորուինք յիշել պապական նամակ մը, Գրիգոր Է. գրուած, որ է հռչակաւոր Հիլդեբրանդոսը, 1073-է 1085 Հռոմի եպիսկոպոսութիւնը վարած, պապական իշխանութիւնը զօրացնելովը` եւ Գերմանիոյ կայսրներուն դէմ վարած պայքարովը նշանաւոր անձը: Նամակը 1080 Յունիս 24 թուական կը կրէ, եւ ամբողջաբար յառաջ բերուած է Կալանոսէ (ԿԱԼ. 229-233) իբր ուղղեալ առ Հայոց կաթողիկոս Վկայասէրն: Պատճէնին մէջ ալ գրուած է` առ սիրելի եղբայրդ ի Քրիստոս` Գրիգորիոս Հայոց եպիսկոպոս, սակայն բնագիր հրատարակութեան մէջ Հայոց անունը յիշուած չկայ, եւ նամակը ուղղուած է առ Գրիգորիոս արքեպիսկոպոս Սիաննադայ: Իսկ Սիւննադա ծանօթ քաղաք, եւ Փռիւգիոյ մետրապոլտութեան գաւառագլուխն էր, որուն աւերակները կը նշմարուին Աֆիոն-Գարահիսարի մօտ Չըֆութ-Քասապա կոչուած տեղը: Այդ դիրքն իսկ բաւական է ցուցնել, որ նամակը Հայոց կաթողիկոսին վերագրելու փաստ մը չկայ, եւ ոչ ալ հնար է Սիւննադան Ծամնդաւի հետ շփոթել, որոնք իրարմէ շատ ու շատ հեռու տեղեր են: Միւս կողմէն բոլոր ժամանակակիցներ համամիտ են հաստատելու, թէ մինչեւ 1080, արեւմուտք եւ Լատինք եւ պապութիւն ոչ մի յարաբերութիւն չունէին Արեւելքի եւ Հայոց հետ: Նոյնիսկ Կիրակոսէ յիշուած` Վկայասէրին Հռոմ երթալուն յերիւրուածն ալ կը հերքուի Կալանոսի յառաջ բերած նամակովը, որուն մէջ յիշուած Գրիգորին, ոչ Հռոմ գացած ըլլալուն, ոչ Հռոմ հրաւիրուելուն խօսքը կայ, ինչ որ անհրաժեշտաբար պէտք էր յիշուէր, եթէ իրօք տեղի ունեցած ըլլար: Նամակին պարունակութեան գալով կը պատմուի թէ Վկայասէր գիր գրած ըլլայ Գրիգոր Է. պապին, նոյնիսկ պապէն նզովուած հերետիկոսի մը մասին, եւ նամակը Յովհաննէս քահանայի մը ձեռօք Հռոմ ղրկած, որուն վրայ պապը Բենեւենտի եպիսկոպոսին յանձնարարութիւններ ըրած ըլլայ: Այս առթիւ Գրիգոր Է. նամակ մըն ալ կը գրէ Հայոց, կամ լաւ եւս Սիւննադայի Գրիգորին եւ կը յիշէ թէ լսեր է որ Հայոց սուրբ եկեղեցիդ խոտորեալ յուղղութենէ հաւատոյ, ընկալեալ էր զդաւանումն չարափառ բանից ոմանց: Անկէ ետքը կը յիշէ բաժակին ջուր չխառնելը, կոգիով միւռոն պատրաստելը, եւ Դէոսկորոսը յարգելը: Կը պահանջէ որ հինգ ժողովները ընդունուին, որք են Նիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ, Եփեսոսի, Քաղկեդոնի եւ դարձեալ Կոստանդնուպոլսոյ, կ՚առաջարկէ որ Սուրբ աստուածը առանց որ խաչեցար բառերու երգուի: Իսկ բաղարջի կիրառութիւնը կը գովէ, եւ կը քաջալերէ Յոյներուն դիմադրել: Այդ կէտերուն վրայ որչափ ալ Յովհաննէս քահանայ բացատրութիւններ տուեր է, բայց կ՚ուզէ որ նոյնիսկ Գրիգոր եպիսկոպոս իր կնիքով եւ ստորագրութեամբ բացատրութեան գրուած մը ղրկէ նոյն Յովհաննէս քահանայի կամ ուրիշ յարմար պատգամաւորի միջոցաւ: Կը յանձնարարէ նաեւ որ բազում անգամ ծրեսցես նամակս առաքելական սուրբ աթոռոյս (ԿԱԼ. 230): Այս թղթակցութեանց եւ պատգամաւորութեան մասին մեր պատմագիրներ ակնարկ իսկ չունին, եւ նոյնիսկ Լատիններ պապին նամակին պատասխան եկած ըլլալն ալ չեն գիտեր: Չամչեան Վկայասէրի Հռոմ երթալուն կեղծիքը նամակին հետ միացնելով, կ՚ըսէ թէ այս նամակին վրայ պապին գնաց, եւ բերան ի բերան խօսեցեալ հաճեցոյց զմիտս նորա (ՉԱՄ. Բ. 1000), մինչ Լատին հեղինակներն ալ այդպիսի ուղեւորութենէ լուր չունին: Այդ ամէն կցկտուր եւ անյարիր տեղեկութեանց հանդէպ, ուրիշ բան չենք կրնար ըսել, բայց եթէ կամ բացարձակ անվաւեր գրուած մըն է Գրիգոր Հիլդեբրանդոսի վերագրեալ նամակը, եւ կամ նոյն ինքն պապն ալ խաբէական կեղծիքի մը դիմաց գտնուած է: Ամէն առթի մէջ Հայոց եւ Հռոմի յարաբերութեանց հիմնական փաստ չի կրնար ըլլալ:

899. ՀԻՆԳՀԱՐԻՒՐԵԱԿԻ ՎԵՐՋԸ

Նկատողութեան արժանի պարագայ մըն է, Հայոց 532 թուականին լրանալը 1084 փետրուար 28-ին, որով կը փակուէր 532 Յուլիս 11-ին սկսած հինգհարիւրեակը 385): Սակայն աչքի զարնող տարբերութիւն մը երեւան կու գար Հայոց տոմարին եւ Յուլեան տոմարին մէջ, որովհետեւ 532 տարիներու շրջանը Հայերու համար 133 օր առաջ կը լրանար Փետրուար 28-ին, մինչ Յուլեան տոմարով պէտք էր լրանար Յուլիս 11-ին: Տարբերութեան պատճառը Հայոց շարժական տոմարին միակերպ 365 օրով տարիներ ունենալն էր, տասներկու ամիսներ 30 օրով եւ 5 օր աւելեաց, առանց նահանջ տարիներուն օր մը աւելի հաշուելու, որով չորս տարին օր մը եւ 532 տարիներու մէջ ճիշդ 133 օր ետ մնացած կամ նահանջած կ՚ըլլար: Այդ տարբերութեան հետեւանքով Հայեր չէին կրնար այլեւս առաջին հինգհարիւրեակի հաշուով տօները կատարել, որովհետեւ նաւասարդի ամանորը բոլորովին տարբեր օրերու վրայ պիտի իյնար, եւ երբ առաջին հինգհարիւրեակը Յուլիս 11-էն մինչեւ Փետրուար 28 ետեւ ինկած էր, երկրորդ հինգհարիւրեակին մէջ Փետրուար 29-էն դէպ ետեւ մինչեւ Հոկտեմբեր 18 պիտի յետաձգուէր, եւ զատիկին եւ ուրիշ տօներուն օրերը բոլորովին տարբեր հայկական ամսաթիւերուն վրայ պիտի իյնային: Տոմարի նորոգութեան ատեն եղած աշխատութեանց մանրամասնութիւնները չունինք 384), բայց շատ հաւանական է ըսել թէ Աթանաս Տարոնեցին ամբողջ 532 տարիներու շրջանին համար, հայկական տոմարով տօներու ցուցակ մը կազմած ըլլայ, որ երբոր 1084 Փետրուար 28-ին կը վերջանար, հնար չէր այլ եւս նոյն ցուցակէն օգտուիլ, եւ գլուխը դառնալով նորէն կրկնել, ինչ որ հինգհարիւրեակին հիմն էր, եւ ինչ որ Յուլեան տոմարով իսկապէս պիտի գործադրուէր: Այդ տոմարական տագնապին լուծումը տուողը եղաւ Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետ, բնիկ Փառիսոսցի, քահանայի որդի, եւ Հաղբատու վանքին առաջնորդ, ուր օծուած էր Բարսեղ կաթողիկոս, եւ հետեւաբար ծանօթ անձնաւորութիւն մը: Ոչ ոք բացատրած է Յովհաննէսի տրուած Սարկաւագ մակդիր անունին պատճառը, բայց անյարմար չէր ըլլար կարծել, թէ իր կանխահաս ուսմանց եւ ընդարձակ հմտութեանց պատճառով, սարկաւագութեան ատենէն վարդապետական պաշտօն վարած, եւ նոյն իսկ վարդապետական աստիճան ալ ստացած ըլլայ: Սարկաւագ Վարդապետ կոչուած է մեծիմաստն գիտութեամբ քան զյոլովս եւ հանճարեղն յամենայնի, որով կարողագոյն եւ արժանաւորագոյն անձը նկատուեցաւ տոմարական տագնապին լուծումը տալու, եւ իրօք ալ յաջողեցաւ, եւ զբազմաց փափաքելին եւ ոչ ձիռնհաս, զհաստատ եւ զանշարժ տոմարն կարգեաց Հայոց, փոխանակ շարժականին եւ անհաստատնոյն (ԿԻՐ. 64):

900. ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԴԻՐ ՏՈՄԱՐԸ

Սարկաւագին ըրածը ոչ նոր գիւտ էր, եւ ոչ ալ դժուարին գործ, բաւական էր Յուլեան տոմարին հաստատած դրութիւնը ընդունիլ, իւրաքանչիւր չորրորդ տարին օր մը յաւելուլ, չորս տարիներու քառորդ օրերը գումարելով, եւ 365 օրը 366-ի բարձրացնել: Այդ տարիները մենք տակաւին նահանջ կը կոչենք, հիմնուելով հին հայկական տոմարին` չորրորդ տարիներուն օր մը ետեւ նահանջելուն վրայ, մինչ օր մը աւելցնելով ոչ նահանջ ըրած, այլ յառաջ անցած եւ նահանջը դարմանած կ՚ըլլանք: Սարկաւագադիր տոմարը, Մովսէս կաթողիկոսի եւ Աթանաս Տարոնեցիի ձեռքով նորոգուած տոմարէն ուրիշ տարբերութիւն չունի, բայց եթէ իւրաքանչիւր չորրորդ տարին 366 օրերու բարձրացնել, աւելեաց 5 օրերը 6-ի վերածելով: Միանգամայն այնպէս իմն կարգադրելով, որ ամանորը այսինքն նաւասարդի 1-ը անխախտ կերպով Յուլեան տոմարին Օգոստոս 11-ին պատասխանէ: Հինգհարիւրեակի լրման 1084 տարին, նահանջ տարի մըն էր Յուլեան տոմարով, եւ ամանորն ալ ճիշդ ու ճիշդ Փետրուար 29 նահանջ օրուան վրայ կ՚իյնար, եւ այդ տարիէն սկսաւ Հայոց սարկաւագադիր կամ անշարժ տոմարը. բայց չենք գիտեր թէ ինչ ձեւով նաւասարդի 1-ը Փետրուար 29-էն մինչեւ Օգոստոս 11 տարին, ինչ որ հիմն էր Հայկայ շրջան կոչուած 1460 տարիներու դրութեան: Սարկաւագ վարդապետ անշուշտ ամբողջ հինգհարիւրեակի շրջանը կազմած կ՚ըլլայ, որ պիտի կարենար այլեւս անխախտ կերպով նորոգուիլ, երբ որ երկրորդ հինգհարիւրեակն ալ լրանար 1616-ին: Գրչագիրէ մը յառաջ բերուած է Սարկաւագադիր տոմարին համեմատ տօներուն եւ եղանակներուն հաստատուն ցուցակը, ուր ՇԼԴ թուականը (ՀԻՆ. 608), պէտք է ՇԼԳ կարդալ: Միշտ նմանաձեւ թուատառերու շփոթութեան խնդիրն է: Այս է պատմիչին ալ ըսածը, արար զմիաբանութիւն ամենայն ազգաց տոմարին ընդ Հայոց (ԿԻՐ. 64): Սարկաւագ իբրեւ գիտնական վարդապետ եւ իբրեւ Հաղբատայ առաջնորդ, ազգին վրայ իշխանական հեղինակութիւն չունէր, որ նոր տոմարը պարտաւորիչ կերպով հաստատէր, եւ պատմութեանց մէջ երբեք յիշուած չէ, որ եթէ ոչ Վկայասէր, գոնէ Բարսեղ պաշտօնական գործողութիւն մը ըրած ըլլայ այդ մասին, ինչպէս ըրած էր Մովսէս Եղիվարդեցին իր ժամանակին: Սակայն անհնար է որ Բարսեղ որեւէ գործակցութիւն ունեցած չըլլայ: Գուցէ գործը Վկայասէրին ներկայացուցին, իսկ նա պաշտօնական հրամանը զանց ըրաւ: Ասկէ առաջ պատմութեանս մէջ բոլոր ամսաթիւերը շարժական տոմարով կը հաշուէինք, բայց ասկէ ետքը խառն կիրառութիւն մը կը գտնենք, եւ երկու տոմարները միասին կը շարունակեն, շարժականը շատ առիթներու մէջ գործածուած կը գտնուի իբր քաղաքական տոմար, անշարժն ալ կը յիշուի, աւելի եկեղեցական կիրառութեան մէջ: Օրինակ իմն, Վանական վարդապետի մահուան թուականը գրուած է ըստ նոր եղանակի ճշմարտութեան, այսինքն ըստ Սարկաւագադիր տոմարի, յարեգ ամսոյ տասն, եւ յութեւտասն մարտի ըստ Հռոմայեցւոց (ԿԻՐ. 199. ՀԻՆ. 733), որ օր Յայսմաւուրք կը դնէ Կիւրեղ Երուսաղէմացիին եւ Որենդէս վկային յիշատակը (ՅԱՍ. Ա 123):

901. ՓԻԼԱՐՏՈՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ

Պատմական եղելութեանց դառնալով, եւ միայն եկեղեցական պատմութեան հետ սերտ կապակցութիւն ունեցող կէտերուն մէջ ամփոփուելով, Փիլարտոս միայն կը մնայ մեր դիմաց, իբրեւ Հայ իշխանութիւն մը, քանի որ Սեբաստիոյ եւ Պիզուի եւ Ծամնդաւի իշխաններուն անուններն ալ չեն յիշուիր այլեւս 895): Կարծէս թէ ամենայն ինչ Փիլարտոսի յաջող կ՚երթար այդ միջոցին: Անտիոքի մէջ Յունաց կողմէն դուքս կամ կուսակալ էր Վասակ Պահլաւունի, Մագիստրոսի որդին եւ Վկայասէրին երէց եղբայրը, եւ խաղաղութեամբ կը կառավարէր, բայց չենք գիտեր ինչ պատճառով, Յոյներու մէջ ատելութիւն մը կը ծագի Հայ իշխանին դէմ, եւ երկու զինուորականներ խնդրագիր մը մատուցանելու ձեւով Վասակին կը մօտենան, երբ Անտիոքի շուկային փողոցէն կ՚անցնէր, եւ երբ սա ձիէն կը ծռի թուղթը առնելու համար, ուրագով ի յաջամէջսն զարնելով, այնտեղ կը սպաննեն: Վասակի հետ գտնուող հայագունդը եւ Հայ պաշտօնեաները Յոյներէ վրէժ լուծելու համար Փիլարտոսը հրաւիրեցին, որ եկաւ ու բռնակալեցաւ ի վերայ Անտիոքայ, եւ Հաստատներու գունդը, ուսկից էին Վասակի սպաննողները ամբողջաբար կոտորեց 700 հոգի (ՈՒՌ. 257): Այդ եղելութիւնը տեղի կ՚ունենայ 1077-ին: Վեց տարիի չափ ետքը 1083-ին, Ուռհայ կամ Եդեսիա ալ Փիլարտոսի իշխանութեան ներքեւ կ՚իյնայ: Ուռհայի Հայ իշխանին, Վասիլ Ապուքապեանի յաջորդած էր Սմբատ, որուն դէմ կ՚ելլէ Առջուկ անուն իշխան մը, եւ յաջողելու համար Փիլարտոսի կը դիմէ, բայց Փիլարտոս ինքն կը գրաւէ քաղաքը, եւ թէ Սմբատը եւ թէ Առջուկը կը բանտարկէ, եւ կը սպաննէ իրենց պարագաներով` վասն չար բարուցն իւրոց (ՈՒՌ. 269): Բայց կարծես թէ Փիլարտոսի բախտը գագաթնակէտին հասնելէ ետքը սկսաւ նուաղիլ: Սուլիման կամ Սուլէյման անուն Եգիպտացի ամիրայ մը Անտիոքը, եւ Ասորիքը եւ Կիլիկիան գրաւեց Փիլարտոսի ձեռքէն (ՈՒՌ. 270): Պոլտաճի անուն ամիրայ մըն ալ, Ջահան գաւառը գրաւեց, որուն մէջ էր Հոնի, որով Թէոդորոս Ալախօսիկը Փիլարտոսի սահմաններէն դուրս մնաց: Փիլարտոս իր կաթողիկոսը իրեն մօտ հրաւիրեց, եւ երբ Թէոդորոս ընդդիմացաւ, մտածեց նոր կաթողիկոս մը հաստատել իրեն մօտ: Յովհաննէս արքեպիսկոպոսն սրբոյ Աստուածածնին պատկերին, հաւանաբար Կարմիր Լերան առաջնորդը, յանձն չառաւ Փիլարտոսի առաջարկը, բայց Պօղոս հայր սրբոյ նշանին Վարագայ հաւանեցաւ, եւ կաթողիկոս ձեռանդրուեցաւ Մարաշի մէջ 1085-ին, հրամանաւ եւ կամօք Փիլարտոսի, եւ ոչ Աստուծոյ (ՈՒՌ. 275): Քիչ ետք ահագին պատերազմ բացուեցաւ երկու սուլտանութեանց մէջ, Դդուշ Ալփասլանի որդին եւ Մելիքշահի եղբայրը, յարձակեցաւ Սուլիմանի դէմ, որ Եգիպտոսի սուլտանութեան իշխանութիւնը ընդարձակած էր, Դդուշ յաղթական մնաց, բայց Փիլարտոսի կացութիւնն ալ վտանգուեցաւ: Մտածեց Մելիքշահին ներկայանալով նոր ոյժ ստանալ, եւ բազում գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ եւ ազնիւ ձիս եւ ջորիս, հանդերձս երեւելի եւ պայծառս տանելով, եւ Ուռհայի մէջ իր տեղը Պարակամանոս անուն մէկը փոխանորդ թողլով Պարսկաստան մեկնեցաւ 1086-ին: Սակայն Պարսումա անուն իշխան մը ապստամբեցաւ, եւ Պարակամանոսը սպաննեց, եւ Մելիքշահ Փիլարտոսը այդ գործին պատասխանատու նկատելով ընկեց յերեսաց եւ ի փառաց իւրոց: Փիլարտոս յամենայն դիմոց յուսահատեալ, Մելիքշահի նորէն հաճելի ըլլալու համար եղեւ ուրացող Քրիստոսի, բայց ակնկալութիւնը չիրագործուեցաւ, կարծէր այնու փառաւորիլ ի Պարսից, զոր ոչ փառաւորեցաւ (ՈՒՌ. 282), անշուք կնքեց իր կեանքը: Ուրացութիւնը 1087-ին կ՚իյնայ, իսկ մահը դժուար է ճշդել:

902. ՎԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

Պօղոս Վարագցիի կաթողիկոսանալը առիթ կ՚ընծայէ ակնարկ մը նետել հայրապետական աթոռին դիրքին վրայ, որ պառակտած եւ ի յոլովս բաժանեալ (ԿԻՐ. 57) վիճակ մը ստացեր էր, եւ զոր առաջ չորսի (ՈՒՌ. 276) եւ յետոյ վեցի (ՈՒՌ. 279, ՍԱՄ. 117) բաժնուած կ՚ըսեն պատմիչները, բայց եթէ ճշդել ուզենք, աւելի ալ կրնայ բարձրանալ թիւը: Ըստ այսմ 1085-ին կաթողիկոս անունը կը կրէին Վկայասէրը` իբր բուն կաթողիկոս, Բարսեղ Անիի, Թէոդորոս Հոնիի, եւ Պօղոս` Մարաշի մէջ: Գէորգ ալ 885), տակաւին կենդանի էր Տարսոն, եւ կաթողիկոսի անունով կը յիշուէր նաեւ տէր Գրիգորիս յԵգիպտոս (ՍԱՄ. 118), որ է Վկայասէրի քեռորդին, Ծովքի իշխանին որդին 882)` թէպէտ լոկ եպիսկոպոս, սակայն այդ պատուանունը կը կրէր Եգիպտոսին պատրիարքական աթոռ ըլլալուն պատճառով: Կաթողիկոսներու թիւին մէջ յիշուած է, եւ Աղուանիցն ալ (ՍԱՄ. 117), որ է Ստեփանոս` Բարսեղի ձեռնադրողը (ՈՒՌ. 266), ոչ միայն իբրեւ Հայոց հայրապետութեան յարակից աթոռ մը, այլ եւ Հայութեան մի մասը ինքնիշխանաբար կառավարող Կորիկէի թագաւորութեան սահմաններուն մէջ: Ասոնցմէ դուրս ութերորդ մըն ալ կը յիշուի, միւս ոմն Վասպուրականի ի կղզւոջն Աղթամարայ (ԿԻՐ. 57) առանց անունը տալու: Ճշմարտութենէ հեռու չէինք ըլլար, եթէ ըսենք, թէ Կիրակոս, որ եղելութիւնները իրարու խառնելու եւ ժամանակները իրարու շփոթելու մեղադրանքէն ազատ չէ, Գրիգոր Բ-ը Գրիգոր Գ. հետ շփոթելով, միտքովը գացած ըլլայ Դաւիթ Թոռնիկեանի, որ ինքզինքը կաթողիկոս հռչակեց աւելի ուշ ատեն 1114-ին: Սակայն մենք կանուխէն ալ դիտել տուինք 745), թէ Անանիա Մոկացիին Վասպուրականը թողնելէն ետքը, Արծրունի թագաւորներ դիւրաւ չզիջան իրենց գլխաւոր աթոռին` Աղթամարի փառքը նուաղել, որ գերագոյն իշխանութիւն պահեց Արծրունի թագաւորներուն սահմանին մէջ, եւ այս դիրքը եւս քանզեւս զօրացաւ, երբոր Հայաստան զանազան իշխանութեանց մէջ բաժնուեցաւ, եւ իրարու ներհակընդդէմ տիրապետողներ փոխադարձ յարաբերութիւնները արգիլեցին: Սակայն ոչ երբեք Աղթամար ինքնուրոյն կաթողիկոսութիւն եղաւ, ինչչափ ալ Աղթամարի մէջ կազմուած Հաւաքարան անուանց կաթողիկոսաց տետրակը մինչեւ իսկ կաթողիկոսներու յաջորդական ցանկ մըն ալ կը պարունակէ: Մենք քիչ առաջ տեսանք որ Գրիգոր Մագիստրոս Վասպուրականի կուսակալ եղած էր, իր երկիրներուն կացութիւնն ալ պիտի գիտնար, բայց Պետրոս Գետադարձէ զատ Հայ կաթողիկոս չի ճանչնար: Այսուհանդերձ անհաւանական չէ ըսել, թէ վերջին միջոցին` որ կաթողիկոսներու թիւը մինչեւ 6 ու 7 կը հասնէր, Աղթամարի եպիսկոպոսներն ալ, իրենց ձգտումները աւելի շեշտել ուզած ըլլան, եւ քանի որ Վասպուրական, ուրիշ գաւառներու հետ անհաղորդ ինքնուրոյն դիրք մը ունէր, իրենք ալ այդ սահմաններու մէջ կաթողիկոսակերպ ճոխանալ սկսած ըլլան: Հաւաքարանը 993-ին Նարեկացիի ժամանակ Դաւիթ Բ. Աբդլմսեհեանի կաթողիկոսանալը կը յիշէ, զոր պէտք կ՚ըլլայ նոյնացնել Արծրունիէ յիշուած Աբդլմսեհեանի կաթողիկոսանալը կը յիշէ, զոր պէտք կ՚ըլլայ նոյնացնել Արծրունիէ յիշուած Աբդլմսեհեան Դաւիթին հետ, որ ապրած է 1097-ին (ԱՐԾ. 350), եւ որ նոյնինքն 1114-ին հակաթոռ հռչակուող Դաւիթ Թոռնիկեանն է: Սակայն Հաւաքաբանի կեղծ պատմութիւնը ինքնիրեն ալ հակասած կ՚ըլլայ, 993-ին աթոռ ելլող կաթողիկոսը մինչեւ 1114, շարունակ 121 տարի եւ աւելի ալ աթոռի վրայ պահելով: Զրոյցէ աւելի ոյժ չունի այն պատմութիւնն ալ, որով կ՚ըսուի թէ Բարսեղ Անիէ Աղթամար փախած, եւ քօղն ու աջը այնտեղ թողած ըլլալով, Աղթամարի կաթողիկոսութեան իրաւունք տուած ըլլայ (ՅԱՅ. 675): Վասնզի եւ ոչ իսկ քօղն ու աջը Բարսեղի ձեռքն էին, երբ նա Անիի մէջ աթոռակից էր:

903. ՎԿԱՅԱՍԷՐԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Դիտելու պարագայ մըն ալ Վկայասէրի այդ միջոցին ուր գտնուիլն է: Ընդհանրապէս Եգիպտոս եղած ըլլալ կ՚ենթադրուի քանի որ գրուած կը գտնենք, տէր Վահրամ յԵգիպտոս (ՈՒՌ. 276). տէր Գրիգորիսն որ եւ Վահրամն յԵգիպտոս (ԿԻՐ. 57). տէր Վահրամ, տէր Գրիգորիս յԵգիպտոս (ՍԱՄ. 118) եւ կաթողիկոս երկու յԵգիպտոս (ՈՒՌ. 279): Սակայն այդ վկայութիւնները որչափ եւ Վկայասէրի Եգիպտոս գացած ըլլալուն համար բացայայտ, սակայն չեն ճշդէր, թէ որ թուականին այնտեղ եղած է, որովհետեւ հնար չէ ըսել, թէ Վկայասէր շարունակ Եգիպտոս ապրած ըլլայ, ինչ որ բառական իմաստով կրնար քաղուիլ յառաջ բերուած կտորներէն: Շնորհալին Վկայասէրի Եգիպտոս երթալը եւ Գրիգոր քեռորդին ձեռնադրելը յիշելէն ետք, բացայայտ կը գրէ, ուստի մեծի հովուին դարձեալ, գալ յարեւելս խորհեցեալ, ինքն ի նոյեան լաստին ելեալ, յերկիր ուղիղ առաջնորդեալ զօթեւանօք զանց արարեալ, մինչ ի Տաւրոս լեառըն հասեալ, անդ ուր սրբոցն բնակք եղեալ, ի Սեաւ մթին Լեառն անուանեալ, ուր են հոգիք լուսաւորեալ, եւ ընդ նոսին յար խօսակցեալ (ՉԱՓ. 548): Այս գրելէն ետքը մէյ մըն ալ Եգիպտոս գացած ըլլալը չի յիշեր: Ասոր հետ մէկտեղ չենք ալ պնդեր, թէ Վկայասէր հաստատուն կերպով Սեաւ-Լեռան մէջ մնացած ըլլայ, որովհետեւ, իրեն համար գրած է նոյն Շնորհալին. ժառանգութիւն ոչ ստացեալ, ոչ ի միում վայրի բնակեալ, պանդխտաբար յերկրի շրջեալ, զքաղցեալ հոգիսըն կերակրեալ (ՉԱՓ. 546): Առաջին առմամբ Վկայասէրի այդ կեանքը, գրական եւ ճգնաւորական եւ առաքելական առաւելութիւն մը կը կարծուի, անփառասէր ձգտումներու յայտարար եւ գեղեցիկ իղձերու հետեւանք: Սակայն երբոր կը կարդանք կաթողիկոսական աթոռին պառակտումները, հայրապետական ազդեցութեան նուազիլը, եկեղեցական նուիրապետութեան անշքանալը, ոչ հրամանաւն Աստուծոյ, կամ արժանաւորութեամբ կամ ընտրութեամբ, այլ զօրութեամբ եւ կարողութեամբ եւ բարձրագոյն իշխանութեամբ եղած ձեռնադրութիւնները, զեղծումներուն անարգել կերպով ընդարձակուիլը (ՈՒՌ. 276), չենք կրնար չդիտել, որ այդ ամէն անկարգութիւն տեղի չէին ունենար, եթէ Վկայասէրը կաթողիկոսի անունին հետ գործն ալ ստանձնած ըլլար: Իրեն չէին պակսեր ոչ ուսում եւ հմտութիւն, ոչ կարողութիւն եւ փորձառութիւն, եւ ոչ ալ ազդեցութիւն եւ համակրութիւն, եւ կրնար տէր կանգնիլ այն հօտին, որուն հովիւ կոչուեցաւ, պաշտպան ըլլալ ժողովուրդին որ իրեն յանձնուեցաւ, եւ իրապէս, հայրապետութիւն վարել այն աթոռին վրայ որուն բարձրացաւ: Պատմագիրները շատ գովեստներով կը դրուատեն Վկայասէրի առաքինութիւնը, եւ կը բարձրացնեն անոր անունը, մենք ալ նպատակ չունինք հակառակը պնդել, միայն թէ իբր պատմութիւն հետազօտող եւ կշռադատ, չենք կրնար լռել ինչ որ մեր տեսութեամբ տրամաբանական եզրակացութիւնն է ստոյգ եղելութեանց:

904. ԲԱՐՍԵՂԻ ԳՈՐԾԵՐԸ

Այդ շփոթ կացութեան մէջ Բարսեղն էր միայն, որ իրաւ հայրապետական պաշտօն կը վարէր, իր հօտին հոգածութիւնն ունէր, եւ անոր ներքին եւ արտաքին պէտքերը լրացնելու կ՚աշխատէր: Որչափ ալ շատ ընդարձակ չէր իր իրաւասութեան սահմանը, սակայն իր մօրեղբօր բարեացակամութենէն օգտուելով, եւ անոր ձեռնթափ վիճակին դատարկը լրացնել փափաքելով, համարձակ կ՚ընդլայնէր իր ձեռնարկները, այնպէս որ իրականութենէ հեռու չեն անոնք, որոնք Բարսեղը իբր բուն կաթողիկոս կը նկատեն: Մելիքշահ Եգիպտացւոց յարձակումներէն գրգռուած, ահեղ բանակով եւ անձամբ արշաւանք մը կը կազմէր դէպ Ասորիք, յաղթական յառաջխաղացութեամբ կը գրաւէր Անտիոքն ու Բերիան ու Եդեսիան, եւ Միջերկրականի մէջ ձիով իւրով մտեալ եւ սուրը ջուրին մխելով կը գոչէր. Ահա տիրել ինձ երետ Աստուած ի ծովէն Պարսից մինչեւ ի ծովս այս (ՈՒՌ. 283): Բարսեղ, որ Մելիքշահի իշխանութեան ներքեւ համախմբած կը գտնէր Հայութեան մեծամասնութիւնը, տեսնելով անոր ամիրաներուն տարբեր վարմունքները Հայոց նկատմամբ, ոմն չար եւ շուն եւ խռովարար, եւ ոմն բարի եւ խաղաղարար եւ քաղցր (ՈՒՌ. 284), մտածեց անձամբ ներկայանալ սուլտանին, եւ ընդհանուր հրամաններ ստանալ: Ուստի առեալ ընդ իւր իբրեւ բիւրս ոսկւոյ եւ արծաթայ եւ դիպակաց, Պարսկաստան ուղեւորեցաւ հանդերձ ազատօք եւ եպիսկոպոսօք եւ քահանայիւք, միանգամայն առեալ վարդապետ զհետ իւր, որոյ անունը չէ յիշուած: Մելիքշահ ամէն պատիւ ցուցուց եւ բոլոր առաջարկները ընդունեցաւ, հարկատուութենէ ազատեաց զամենայն եկեղեցիս եւ զվանօրայս եւ զքահանայս, եւ պաշտօնական կերպով գիր ազատութեան ալ տուաւ, եւ այնպէս հրովարտակօք եւ մեծարանօք արձակեաց կաթողիկոսը, որուն կ՚ընկերանային արք փառաւորք ի սուլտանէն (ՈՒՌ. 290), շնորհուած ապահարկութիւնները գործադրել տալու եւ Բարսեղի իշխանութիւնը զօրացնելու համար: Անշուշտ Բարսեղ ուղիղ Անի դարձած պիտի ըլլայ, այնտեղէն սկսելով իր ստացած հրամանները գործադրել տալ: Անկէ եկաւ Հոնի, ուր Թէոդորոս Ալախօսիկ իբր կաթողիկոս կը նստէր, զայն ընկենոյր յաթոռոյն, եւ աստիճանէն կը զրկէր առեալ ի նմանէ զքօղն եւ զգաւազանն եւ զսուրբ նշանն տեառն Պետրոսի (ՈՒՌ. 291), զորս ատենին Վկայասէրը յղած էր Թէոդորոսի նախորդ Սարգիսին 892): Թէոդորոս 5 տարի եւս ապրեցաւ եւ մեռաւ 1095-ին (ՈՒՌ. 305): Իսկ Մարաշի Պօղոսին դէմ ոյժ ցուցնելու պէտք չեղաւ, որովհետեւ նա ինքն Պօղոս, որ էր այր սուրբ եւ առաքինի, տեսնելով որ իր կաթողիկոսութիւնը ընդ հակառակս էր եւ ոչ ուղղապէս, եւ ոչ լինէր ընդունելի առ հաւատացեալսն Քրիստոսի, կաթողիկոսին օծումն ընդունելէն յետ սակաւ ինչ աւուրց, ի բաց թողեալ զաթոռն կամաւորապէս կը հրաժարէր (ՈՒՌ. 275), եւ առանձնացած կ՚ապրէր, եւ կեանքն ալ չէր երկարեր, ու 1093-ին կը վախճանէր: Գէորգ Լոռեցիին անունը չի յիշուիր այլեւս, որով կրնանք հետեւցնել թէ արդէն մեռած պիտի ըլլայ: Եգիպտոսի Գրիգորին կաթողիկոսութիւնը անուանական բան մըն էր, եւ ինքն միշտ հնազանդ էր յաթոռն սրբոյն Գրիգորի (ԿԻՐ. 55): Աղուանիցը մասնաւոր եւ օրինաւոր աթոռ էր: Իսկ Աղթամարինը պաշտօնապէս հռչակուած բան մը չէր, որով բոլոր բաժանեալ կաթողիկոսութիւնները ջնջուած կ՚ըլլային, եւ համարձակ կրնար ըսել պատմիչը, թէ Բարսեղ արար միահեծան զհայրապետութիւնն իւր (ՈՒՌ. 291), բայց մեր տեսութեամբ, ոչ իւր սեփական հայրապետութիւնը, որովհետեւ Վկայասէր կենդանի էր եւ աստիճանը կը պահէր, եւ Բարսեղ իբրեւ լիազօր աթոռակից կը գործէր: Այդ եղելութեանց թուականն է 1090 տարին:

905. ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆՆԵՐ

Բարսեղ Հոնիէ ու Մարաշէ կ՚անցնէր Ուռհայ, եւ ճիշդ այդ միջոցին փոխեալ էր թուականութիւնն Հայոց, այսինքն 540 ամանորի օրերն էին, որ կ՚իյնար 1091 Փետրուար 29-ին: Բարսեղ նպատակ ունենալով նորահաստատ Հայ գաղթականութիւններն այցելել, Ուռհայէ կ՚երթար մինչեւ Կեսարիա, անկէ կը դառնար Անտիոք, եւ նորէն Ուռհայ կու գար եւ լինէր ուրախութիւն մեծ ամենայն աշխարհի որք տեսանէին զնա (ՈՒՌ. 291): Բարսեղ տակաւին Ուռհայ կը գտնուէր 1093-ին, երբ Մելիքշահ մեռնելով ներքին շփոթութիւններ կը սկսէին, որով կը պարտաւորուէր անկէ դառնալ, եւ փախստական անկանէր ի քաղաքն Անի, եւ նստաւ ի յաթոռ իւր (ՈՒՌ. 194): Իսկ Բարսեղի այցելութեանց արդիւնքին գալով, իրօք ալ հայրենական գաւառներէն փախած, օտար հողի վրայ հաստատուած, ազգային յարաբերութիւններէ զրկուած, եւ հայրապետի մը տեսութեան կարօտցած ժողովուրդին համար, անտարբեր չէր Բարսեղի նման գործօն կաթողիկոսի մը այցելութիւնը, որ հոգեւոր մխիթարութիւններէ եւ արժանաւոր ձեռնադրութիւններէ զատ, քաղաքական կացութեան մասին ալ փորձառու հրահանգներ տալու կարողութիւնն ունէր, եւ փոխադարձ յարաբերութեանց կապերը կը սորվեցնէր: Հայաստանէ գաղթող իշխաններ օգտուելով ժամանակին տիրող սովորութենէն, փոքր իշխանութիւններ կը կազմէին` ուր որ կրնային, ինքնագլուխ վարչութեամբ իրենց անձուկ սահմաններուն մէջ, եւ աւատական հպատակութեամբ այն գերիշխան պետութեան, որ այն կողմերը կը զօրանար, հպատակութիւնն ալ փոփոխելով հանգամանաց համեմատ, կամ զօրաւորագոյնին առջեւ խոնարհելով, եւ կամ համակրութեան ուղղութիւնը այլայլելով: Այդ իշխանութեանց կեանքը անհաստատ էր, երբեմն կրնային հետզհետէ զօրանալ եւ ընդարձակուիլ, եւ երբեմն ալ տեղի տալով կ՚անհետանային, եւ իշխանին մահը կամ սպանութիւնը մեծ դեր ունէր այդ փոփոխութեանց մէջ: Վերագոյն քանիներուն վերջանալը յիշեցինք 895), բայց նորեր կը սկսէին դարձեալ երեւալ: Ասոնց մէջ առաջին պէտք է յիշուի Ռուբէն իշխան, արեանառու Գագկայ Աշոտեանին (ՍԱՄ. 116), կամ յազգականութենէ Գագկայ (ԿԻՐ. 62), կամ ի զաւակացն Գագկայ (ՈՒՌ. 400), որ այս վերջինին արկածէն ետքը 894) գլուխ կանգնելով անոր մարդիկներուն եւ զօրքերուն, եւ այլեւս չվստահելով Պիզուի իշխանութիւնը պահել, քաշուեցաւ Տաւրոսի լեռնաշղթային հիւսիսահայեաց կողմերը, ուր կը գտնուին Կոպիտառ եւ Բարձրբերդ եւ Կոռոմոզոլ ամուր բերդերը, եւ ուր առաջուց ալ էին բնակեալ բազումք յազգէն Հայոց, եւ զՀոռոմսն անտի ի բաց մերժեալ, եւ զնոցա տեղիսն առեալ (ՍԱՄ. 116), նոր իշխանութեան մը հիմնադիր եղաւ, որ հետզհետէ զօրանալով եւ ընդարձակուելով թագաւորութիւն հռչակուեցաւ, եւ թէպէտ Հայաստանէ դուրս, բայց հայկական հարստութիւն մը եղաւ եւ իբր երեք դար կեանք ունեցաւ: Ռուբինեանց իշխանութիւնը ժամանակակից ըլլալով Գագիկի սպանութեան, 1080-ին կը դրուի անոր սկզբնաւորութիւնը: Միեւնոյն տարիներուն սկսած է Լամբրոնի իշխանութիւնն ալ, զոր հիմնեց Օշին Գանձակեցի, Մայրեացջուրք բերդին տէրը, որ Պուղան զօրավարին Գանձակ արշաւելուն առթիւ (ՈՒՌ. 286), գաղթելու պարտաւորուեցաւ, եւ Հալկամ եղբայրն ալ առնելով, բոլոր տունով ու ազատագունդ իշխանօք Կիլիկիա եկաւ, եւ տիրացաւ Լամբրոն բերդին, Տաւրոսի հարաւային կողմը, Տարսոնի բարձունքներուն վրայ (ՍԱՄ. 117): Օշինեանց իշխանութիւնը բաւական ժամանակ իբրեւ ինքնագլուխ շարունակելէն վերջը, Ռուբինեանց թագաւորութեան խառնուեցաւ: Ուրիշ յիշատակուելու Հայ իշխանութիւն մըն ալ Քեսունն է, Կոմագինէի մէջ Եփրատի մօտերը, զոր հիմնեց Վասիլ իշխան` Գող մականունովը աւելի ծանօթ, քան իր ազգատոհմով, որ յիշուած չէ: Շնորհալին ալ, թէպէտ կը գովէ զայն իբր աստուածասէր անձն երեւեալ, այն որ յաւուրսն յայն ոչ եղեալ` նման նմա գովաբանեալ, սակայն կը խոստովանի թէ նախ ելուզակ մականուանեալ էր (ՉԱՓ. 549), եւ կ՚երեւի թէ նախ ոչ մականունով, այլեւ գործով աւազակաբար ապրած էր Վասիլ, ամենուն վրայ սարսափ ազդած, եւ այնպէս զօրացած:

906. ԱՅԼԱԶԳԻՆԵՐ ԵՒ ԽԱՉԱԿԻՐՆԵՐ

Երբոր Արեւելք երկու իսլամական սուլտանութեանց, Եգիպտականին եւ Սելճուքեանին եւ քրիստոնեայ կայսրութեան մը միջեւ, ներհակընդդէմ արշաւանքներու եւ արկածներու խաղալիք եղած կը տառապէր, նոր արկածներ կ՚աւելնային շարունակ: Կարծես խղճալի Արեւելքին, եւ աւելի խղճալի Հայաստանին, վիշտերուն չափը լեցուած չէր, որ նորանոր հարուածներ կը հասնէին հեռաւոր Արեւելքէն, ինչպէս եւ Արեւմուտքէն ալ: Թուրք կամ Թաթար ցեղեր, որոնք արեւելեան երկիրները կը գրաւէին, եւ որոնց առջեւ բացուած էր արեւմուտքի ճամբան, մերթընդմերթ նոր արշաւանքներ կը կազմէին, եւ կոտորելով ու կողոպտելով ետ կը դառնային: Այս արշաւանքներէն մէկուն մէջն էր, որ Անիի կիւրապաղատը Գրիգոր, Բարսեղ կաթողիկոսի եղբայրը, յազգէ Պահլաւունեաց (ՈՒՌ. 328) երբ Էլ-Ղազիէ առաջնորդուած Սկիւթական ցեղը (ՎԱՐ. 109) հալածելով, Աշորնէքի պատերազմէն Անի կը դառնար, դարանամուտ Թուրքէ մը նետահար սպաննուեցաւ (ՈՒՌ. 328), ճիշդ ինչպէս հանդիպած էր Վասակ Պահլաւունիի, իր կնոջ մեծ պապին 823): Մելիքշահի շինարար թագաւորութեան արդիւնքը մեծաւ մասամբ եպարքոսին Նիզամիւլ-Միւլքի արժանիքն էր, սակայն վերջիվերջոյ քսուներու համոզուելով զայն պաշտօնանկ ըրաւ եւ սպաննուելուն գործակցեցաւ, բայց 18 օր ետքը ինքն ալ մեռաւ 1093-ին: Իր զաւակները, Պերկիարուխ, Սանճար, Մահմուտ եւ Մուհամմէտ հայրենի ժառանգութիւնը լարաբաժին ըրին, իսկ անդիէն Դդուշ` Ալփասլանի կրտսեր որդին գլխաւոր իշխանութիւնը գրաւելու զինուեցաւ, բայց վերջապէս Պարկիարուխի մնաց յաղթութիւնն ու յաջորդութիւնը եւ Դդուշ սպաննուեցաւ: Մելիքշահ իր աղջիկը տուած էր Մըքթատի-Պիամրալլահ ամիրապետի կնութեան, ուսկից ծնաւ Մըսթատըր-Պիլլահ եւ թէպէտ ամիրապետը աւելի մեծ տղայ ալ ունէր Ահմէտ անունով, բայց Մելիքշահ բռնադատեց եւ իր թոռը յաջորդ հռչակել տուաւ, որ ամիրապետութեան ալ անցաւ, երբ Մելիքշահի մահուընէ քիչ ետքը 1094-ին Մըքթատի-Պիամրալլահ ալ մեռաւ (ՎԵՐ. 464), ու Պարկիարուխ իշխանութեան տիրացաւ: Սելճուքեանք կը գործէին Ապպասեանց անունով, բայց անդին ուրիշ ամիրապետութիւն կամ խալիֆայութիւն մըն ալ կար, որ է Ֆաթիմեանցը Եգիպտոսի մէջ, եւ երկուքին մրցումներուն ասպարէզը Պաղեստին եւ Ասորիք էին: Քրիստոնեայք կը նեղուէին այդ մրցումներուն մէջ. ոչ միայն Արեւելքցիք, այլեւ Արեւմուտցիք, որոնք բազմաթիւ ուխտաւորութեամբ կը յաճախէին Երուսաղէմ: Թուրք Սելճուքներ Պաղեստինի տիրելով վերջ տուեր էին այն ներողամիտ ուղղութեան` զոր բուն Արաբացիք եւ Եգիպտացիք կը պահէին Քրիստոնէից եւ տնօրինական տեղեաց հանդէպ: Պետրոս կրօնաւոր, բնիկ Ամբիանոն (Amiens) քաղաքէն Գաղղիոյ, Պաղեստինէ դարձին շրջուն քարոզութեամբ Եւրոպան շարժեց Սուրբ Գերեզմանի ազատութեան, երբ Սպանիոյ մէջ ալ սաստիկ պատերազմներ կը մղուէին մահմետականութեան դէմ: Ուրբանոս Բ պապ Պիակենտիոյ (Piacenza) եւ Կլարոմոնտիոյ (Clermont) ժողովներու մէջ քրիստոնեաները զինեց, մեղաց թողութեան խոստումով, եւ խաժամուժ ամբոխ մը յիշեալ Պետրոսի գլխաւորութեամբ, կուրծքը կարմիր կտաւէ խաչ մը ձեւացուցած ճամբայ ելաւ 1095-ին, բայց մաս մը հիւանդութեանց եւ դժուարութեանց երեսէն, մաս մըն ալ Սելճուքներու սուրէն ամբողջովին կոտորուեցաւ: Միւս տարին չորս օրինաւոր բանակներ հաւաքուեցան, եւ Կոստանդնուպոլիս միացան: Այդ չորսերը կազմուած էին Լոթարինգիոյ, Նորմանտիոյ, Պրովինկիոյ եւ Իտալիոյ մէջ: Ալեքս Կոմնենոս պաշտպանութիւն խոստացաւ կարծելով անոնց օգնութեամբ իր կայսրութիւնը ընդարձակել, բայց տեսնելով որ աւելի իրենց տիրապետութեան կ՚աշխատին, օգնելէ քաշուեցաւ: Եւրոպական Խաչակիրներ պարտաւորուեցան զէնքով ճամբայ բանալ, եւ յառաջել Փոքր Ասիոյ, Կիլիկիոյ, Կոմագինէի եւ Ասորիքի մէջէն մինչեւ Պաղեստին, եւ վերջապէս գրեթէ երեք տարի տառապելէ եւ կէս միլիոնի չափ մարդ զոհելէ ետք` Երուսաղէմը գրաւեցին 1099 Յուլիս 15-ին, եւ Կոդոփրետոս Բուլիոն (Godefroy de Bouillon) թագաւոր հռչակուեցաւ: Միեւնոյն ժամանակ ուրիշ երեք լատին իշխանութիւններ ալ հաստատուեցան Ասորիքի կողմերը, եւ Բողդովինոս Բուլիոն (Bodouin de Bouillon) Եդեսիոյ, Բոյեմոնդոս Տարենտոցի (Boemondo di Taranto) Անտիոքի, եւ Հռայմոնդոս Տոլոսացի (Raymond de Toulouse) Տրապոլիսի` կոմս կամ իշխան հռչակուեցան:

907. ԽԱՉԱԿԻՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅԵՐ

Հայազգի իշխանութիւններ` որ Խաչակիրներու անցած կողմերը կը գտնուէին, յանկարծ ուրախութեամբ եւ յուսադրութեամբ համակուեցան, իրենց ազատութեան օրերը հասած կարծելով, իսկ Խաչակիրներ ալ մեծ գոհունակութեամբ ողջունեցին իրենց ճամբուն վրայ եղող քրիստոնեայ իշխանները, որոնցմէ գլխաւորաբար կը սպասէին ընդունիլ ռազմագիտական տեղեկութիւններ եւ պարէնի պատրաստութիւններ, աւելի քան զինուորական նիզակակցութիւն: Կոպիտառի Ռուբինեան, Լամբրոնի Օշինեան եւ Քեսունի Վասիլեան իշխանութիւններուն հետ, կար եւս Թորոս կիւրապաղատ, որ յաջողած էր Եդեսիոյ իշխանութեան տիրանալ: Խաչակիրները հասնելէն առաջ գրութեամբ յարաբերութեան կը մտնէին անոնց հետ: Ռուբէն իշխան վախճանած էր 1095 Փետրուար 1-ին ըստ հին Յայսմաւուրաց (ՅԱՍ. Ա. 60), բայց եթէ արաց 25-ը շարժական տոմարով հաշուենք պէտք է դնել 1095 Օգոստոս 19-ին: Իսկ նոր Յայսմաւուրքը Մայիս 6-ին կը դնէ, համեմատելով ահեկի 29-ին, որ պէտք է հաշուըւէր Նոյեմբեր 20-ին: Որդին Կոստանդին մեծապէս օգտակար եղաւ Խաչակիրներուն Կիլիկիոյ պահակը անցնելուն, անկէ Անաւարզայի ճամբով Անտիոքի վրայ երթալու համար (ՈՒՌ. 312): Խաչակիրներ իբր փոխարինութիւն Կոստանդինի` կոմսութեան պատիւ կը շնորհէին (ՎԱՀ. 193): Ճամբան Խաչակիրներ պարէնի ալ կարօտ մնացին, եւ Կոստանդին եւ Օշին, եւ Տարսոնի իշխան Բաղունի, եւ վանօրայք Սեաւ-Վերին (ՈՒՌ. 315) զամենայն կարիս կերակրոց առաքեն առ զօրս Ֆրանկաց (ՈՒՌ. 314): Բաղդովինոս Բուլիոն յատուկ գունդով Եդեսիոյ կողմը քալեց, եւ Թորոս կիւրապաղատ ըստ ամենայնի օգնեց անոր եւ հիւրասիրեց, մինչ Բաղդովինոս հակառակ իր երդումներուն` Թորոսը սպաննել տալով Եդեսիոյ տիրացաւ 1097-ին (ՈՒՌ. 319): Անտիոքի համար ալ Հայոց ազգէն եղած օգնութիւնը կը յիշուի, որով աւեալ եղեւ քաղաքը (ՈՒՌ. 321), Քեսունի իշխան Գող Վասիլի օգնութիւնները աւելի ուշ յիշուած են (ՈՒՌ. 363), բայց այս ալ կը բաւէ կանուխէն ըրածն ալ մակաբերելու համար: Աւելի նշանաւոր է Վկայասէրին դերը այդ եղելութեանց մէջ: Գրեթէ անոր յիշատակութիւնը կորուսած էինք պատմութեան մէջ, երբ յանկարծ Երուսաղէմի առման ատեն 1099-ին զինքն Երուսաղէմ ներկայ կը գտնենք, Էր յայնժամ յԵրուսաղէմ հայրապետն Հայոց տէր Վահրամ, եւ զօրքն այլազգեաց կամեցան սպանանել զնա, եւ տէր փրկեաց զնա ի ձեռաց նոցա (ՈՒՌ. 326): Վկայասէրին կանխելով Երուսաղէմ երթալը, այնտեղ կասկածելի ըլլալը, զինքն մեռցնելու համար այլազգիներուն մտադրութիւնը, երբ առաջուց իբր նախածանօթ եւ վստահելի անձ մը ըմբռնուած էր, եւ գրեթէ հրաշքով մահուան վտանգէն ազատուիլը` նկատի առնուած ատեն, յայտնի կը ցուցնեն թէ Վկայասէր քրիստոնեայ բանակին օգնելու աշխատած էր Երուսաղէմի մէջ, եւ թէ արդեամբ զգալի օգնութիւններ մատուցած էր, որ զինքն մեռցնելու խորհուրդներ կազմուեցան: Այս այսպէս ըլլալով, ոչ ներքին եւ ոչ արտաքին պատմիչներ չեն յիշեր, թէ ինչ փոխարինութիւն կամ պատիւ ըրին Լատիններ Հայոց հայրապետին: Ընդհանրապէս Լատիններ միշտ կծծի գտնուած են: Օգնութիւն ընդունելու համար պահանջկոտ, իսկ փոխարինելու համար ոչ երախտածանօթ, այնպէս որ եթէ միշտ Թորոս Եդեսացիին հանդէպ Բաղդովինոսի բռնած ընթացքը չունեցան, ստէպ առիթ տուին տարօրինակ գործեր պատմելու: Յատուկ ջանք ցուցուցին Հայերը իրենց դաւանութեան բռնադատելու, եւ Հայերուն դժկամակութիւնը իբրեւ իրենց արդարացման փաստ ցուցնելու, երբ Հայեր յայտնապէս վտանգուեցան Լատիններուն մատուցած օգնութիւններուն համար:

908. ԼԱՏԻՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ

Բազմադիմի են այդ միջոցին Խաչակիրներու կազմած Լատին իշխանութեանց եւ Կիլիկիոյ եւ Կոմագինէի մէջ հաստատուած Հայ իշխանութեանց յարաբերութիւնները, սակայն մենք անոնց չենք կրնար հետեւիլ, մեծաւ մասամբ քաղաքական պատերազմներու շարք մը ըլլալով եղած անցուդարձերը: Ոչ միայն Կոպիտառի Ռուբինեանց եւ Քեսունի Վասիլեանց իշխանութիւնները շարունակ շփման մէջ էին Անտիոքի եւ Եդեսիոյ Լատին իշխանութեանց հետ, այլ եւ նոյնինքն Անտիոք եւ Եդեսիա բազմաթիւ եւ կարող Հայ գաղթականներ ունէին, ազատ դասակարգէ զինուորական անձեր, որք էին զհետ Ֆրանկաց (ՈՒՌ. 339), այսինքն է Լատին գունդերուն հետ կը պատերազմէին այլազգիներուն դէմ, բայց բախտը ոչ միշտ յաջող եղաւ այդ գործակցութեան: Սեբաստիոյ ամիրա Մուհամմէտ Դանիշման, որ լեալ էր յազգէս Հայոց (ՈՒՌ. 368), արշաւանք մը ըրաւ Մելիտինէի վրայ, եւ քրիստոնեայք յաղթուեցան, ոչ միայն Անտիոքի Բոյեմոնդոս դուքսը եւ Հռիքարդոս (Ricardo) իր զօրավարը գերի ինկան, այլ եւ եղեւ կոտորումն ամենայն զօրացն Ֆրանկաց եւ Հայոց: Սպանելոց կարգին յանուանէ կը յիշուին Կիպրիանոս Անտիոքի եւ Գրիգորիս Գերմանիկիոյ Հայ եպիսկոպոսները (ՈՒՌ. 334), որոնք կ՚երեւի թէ պատերազմներուն մասնակցած են, Եւրոպայէն եկող Լատին եպիսկոպոսներու նման: Կոստանդին Ռուբինեան շատ ընդարձակած էր իր հօրմէն ժառանգած իշխանութիւնը, տիրեալ էր բազում քաղաքաց եւ գաւառաց, եւ ըմբռնեալ ունէր զմեծ մասն Տաւրոս լերին (ՈՒՌ. 329), թէպէտ հինգ տարիէ աւելի չտեւեց իր իշխանութիւնը, եւ մեռաւ 1100-ին, երկու զաւակներ թողլով, որոնցմէ Թորոս երիցագոյնը հօրը յաջորդեց, իսկ Լեւոն իբր մեծ իշխան եղբօրը օգնեց, եւ անոր յաջորդն ալ եղաւ ժամանակին: Միեւնոյն 1100 տարին մեռաւ Երուսաղէմի Լատին թագաւոր Կոդոփրեդոս ալ, եւ իրեն յաջորդեց իր եղբայրը Բաղդովինոս Բուլիոն 906) Եդեսիոյ դքսութիւնը թողլով իր զօրավարներէն միւս Բաղդովինոսի, Տպորկ մականուանելոյ (ՈՒՌ. 336), եւ զանց ընելով Անտիոքի դուքսին օգնութեան հասնիլ: Ընդհանուր առմամբ տակաւ կ՚ընդարձակէր Լատիններուն տիրապետութիւնը, իսկ յաջողութիւնը զիրենք կը խրախուսէր Արեւելեան քրիստոնեաները անարգել, եւ մանաւանդ անոնց դէմ կրօնական հակառակութիւն եւ ատելութիւն մղել, իրենց դաւանութեան հնազանդեցնելու համար: Այս վայրկեանէն կը սկսի Արեւելցիներուն վերաբերումն ալ պաղիլ Լատիններուն հանդէպ, եւ ասոր արձագանգն է պատմիչին խորհրդածութիւնը Մելիտինէի պարտութեան վրայ. Այսպէս գործեցաւ ընդ զօրսն Ֆրանկաց, զի թողին զուղղորդն ճանապարհն Աստուծոյ, եւ սկսան գնալ ընդ ճանապարհն մեղաց (ՈՒՌ. 335): Արեւելցիք միամտօրէն կարծած էին, թէ քրիստոնէութեան անկեղծ սէրն էր որ Լատինները կը զինէր իրենց պաշտպանութեան, բայց շուտ հասկցան անոնց ուղղութիւնը, երբ անոնք զՀայ եւ զՀոռոմ, զԱսորի եւ զՎրացի մերժեցին յամենայն ուխտիցն, եւ խոտորեցան ի ճանապարհս ձախակողմեանս, եւ թողին զբուն պողոտայն առ յաջակողմեան ճանապարհին (ՈՒՌ. 338):

909. ԾՌԱԶԱՏԻԿ ԵՒ ՎԿԱՅԱՍԷՐ

Ծռազատիկ մըն ալ հանդիպեցաւ 1102 թուականին, եւ առիթ ընծայեց նորոգելու այն տարաձայնութիւնները, որոնք տեղի ունեցած էին 95 տարի առաջ 1007-ին 804): Ուռհայեցին կը գրէ թէ ծռազատիկը, հանապազ ածէ ի մոլորութիւն զատկաց յամենայն իննսուն եւ հինգ ամ (ՈՒՌ. 354), սակայն 95 տարիներու հեռաւորութեամբ հանդիպած ծռազատիկը, միայն 4 անգամ կը հանդիպի 532 տարիներու շրջանին մէջ, եւ 285 տարիներու միջոց մը կը կազմէ, իսկ մնացեալ 247 տարիներու միջոցին ծռազատիկ չի հանդիպիր, առ այդ պէտք եղած տոմարական պահանջները չճշմարտուելուն համար: Այս անգամ հանդիպող 1102-ի ծռազատիկը, որ համապատասխանողն էր Մովսիսեան հինգհարիւրեակին մէջ 570-ի ծռազատիկին 383), աւելի նշանակութիւն կ՚ունենար, որովհետեւ Լատիններ ալ Հայոց հետ շփման մէջ կը գտնուէին, եւ Յոյներու հետ համաձայն էին Իրիոնեան տոմարին հետեւողութեամբ, եւ Հայոց դէմ եղողներուն թիւը կ՚աճէր: Վրացիք արդէն Յունաց հետ կանուխէն համաձայնած էին 429), միայն Ասորիք կը մնային Հայերուն հետ համաձայն (ՈՒՌ. 353), բայց վերջէն անոնք ալ ահաբեկ լինէին, եւ դարձան ի կողմն Յունաց, եւ ուրացան զդաշինսն զոր ունէին ընդ Հայք (ՈՒՌ. 354): Եբրայեցւոց տոմարը համաձայն էր Հայոց (ՈՒՌ. 351), բայց անոնց համաձայնութիւնը չէր կրնար զօրաւոր փաստ մը ըլլալ քրիստոնէից մէջ, թէպէտ նախընթաց անգամ Հայեր կրցած էին անկէ օգտուիլ 429): Հայերը այդ կղզիացման մէջ աւելի նեղուեցան, մանաւանդ որ բռնադատութեանց ալ ենթարկուեցան թէ Յոյներուն եւ թէ Լատիններուն կողմէն: Այս վիճակը աւելի ծանրացած կ՚երեւի Եդեսիոյ մէջ, որ հարկ կը սեպուի ուղղակի Վկայասէրին դիմել: Վկայասէրին տուած պատասխանը կամ կաթողիկոսական թուղթը ամբողջաբար պահուած է (ՈՒՌ. 355-360), եւ կարեւոր պարագաներ ալ կը պարունակէ պատմութեան նկատմամբ: Վկայասէր Հայերուն կը հրամայէ ամուր կենալ իրենց եկեղեցւոյն կանոնաց եւ սովորութեանց վրայ, տոկալով իրենց դէմ եղած հակառակութեանց եւ համբերելով վշտաց եւ նեղութեանց, եւ ցաւելով կը դիտէ, որ մինչեւ ցայժմ յանաստուած հեթանոսաց տերանցն զանգիտէաք եւ դատէաք, եւ այժմ ի քրիստոնէիցդ այնպէս (ՈՒՌ. 358): Յոյն ու Լատին չի զատեր, զի զՀոռոմ ազգն եւ զայլս ոմանս (ՈՒՌ. 359) մէկ գիծի վրայ կը դնէ: Այդ խօսքերը շատ նշանակալից են Վկայասէրի բերանը, զոր ոմանք յունադաւան եւ ուրիշներ հռոմէադաւան ընել կը ճգնին, եւ անոր բերնին մէջ եղած սիրայորդոր միութեան նպատակը` հպատակութեան եւ դաւանափոխութեան գաղափարին հետ կը շփոթեն: Վկայասէր իր հրահանգը տուած ատեն, կատարեալ հայրապետական հեղինակութեամբ կը խօսի, իր ողջոյնն ու օրհնութիւնը կ՚ուղղէ ի Լուսաւորչի սուրբ աթոռոյս (ՈՒՌ. 355), իրեն համար կը վկայէ, թէ քառասուն ամ կամ իմով հայրապետութեամբ, եւ Հայ ժողովուրդին ուղղուելով` ամենեքեան որ իմում հայրապետութեանս եւ հաւատոցս կցորդ էք կ՚ըսէ: Կը խոստովանի թէ ուղղափառ եւ անթերի ունիմ զհաւատն, կը հրամայէ, մի' թուլութեամբ եւ աչառանօք պատկառէք եւ կամ երկնչիք, եւ մի' զԱստուած վաճառէք վասն սնոտի կենացս (ՈՒՌ. 360): Այդ խօսքերը անդիմադրելի կերպով կը հաստատեն թէ Վկայասէրը հայրապետական բարձր իշխանութիւնը պահած էր միշտ իր վրայ, Բարսեղի լիակատար գործունէութիւն թողլով մէկտեղ, եւ թէ անվկանդ պաշտպան էր Հայաստանեայց ուղղափառ եկեղեցւոյն դաւանութեան: Այս հայրապետական թուղթին զօրութեամբ, որ շրջաբերականի ձեւն ունի, Ուռհայեցիք եւ բոլոր Հայեր հաստատեցան ի վերայ ճշմարտութեան, իրենց զատիկը Ապրիլ 13-ին ընելու, եւ Յոյներուն հետ Ապրիլ 6-ին չընելու: Իսկ զատկական լոյսին մասին, կ՚ըսէ պատմիչը, թէ Ապրիլ 5-ին Երուսաղէմացիքն խաբեցին զազգն իւրեանց, եւ յօտար հրոյ վառեցին զաստուածային զկանթեղսն, թէ սուրբ լոյսը ստուգապէս վառեցաւ ի Հայոց զատկին, Ապրիլ 12-ին, եւ թէ այսպէս վկայեցին ամենայն հաւատացեալք (ՈՒՌ. 361): Բարեբախտաբար յիշատակութիւն չկայ, որ այս առթիւ շփոթութիւն ելած, կամ կագ ու կռիւ ու սպանութիւն տեղի ունեցած ըլլայ:

910. ՔԵՍՈՒՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ Տաւրոսի լեռնաշղթային վրայ Ռուբէն ու Կոստանդին ու Թորոս հետզհետէ հայկական իշխանութիւնը կ՚ընդարձակէին, ապագայ թագաւորութեան հիմերը հաստատելով, անդին Եփրատի եզերքը Գող Վասիլի հիմնած իշխանութիւնն ալ օրէ օր կ՚ընդարձակուէր: Քեսունը, այժմեան Պէհեսնին, միշտ կեդրոնն էր այդ իշխանութեան, որուն գլխաւոր բերդերէն մին էր Հռոմկլան, եւ որուն հովանաւորութիւնը կը տարածուէր Ամանոսի եւ Տաւրոսի լեռնաշղթաներուն խառնման կողմերը, Սեաւ-Լեռ կոչուած բարձունքներուն եւ ձորամէջներուն մէջ համախմբուած վանքերուն վրայ: Այստեղ կը կազմուէր նոր վարդապետանոց մը Հայաստանէ գաղթող վարդապետներուն գլխաւորութեամբ, եւ յատուկ դպրոց մը կը կազմուէր ԺԲ. դարուն մէջ, ուսկից շատ նշանաւոր անձեր ալ ծաղկեցան հետզհետէ: Հայաստանի մէջ եղող ցրիւ վանքերը, մէկ մէկուն ետեւէ դադարեցան երկրին արկածներուն երեսէն: Միայն Հաղբատ ու Սանահին դրացի վանքերը Ձորոյգետի գաւառին մէջ, իրենց կեանքը կրցան պահել, եւ Արեւելեան վարդապետներու խումբ մը ծաղկեցուցին, արեւմտեան ազդեցութենէ հեռու, եւ Յոյն ու Լատին մերձաւորութենէ ազատ: Վկայասէրը գլուխ եւ առաջնորդն էր Սեաւ-Լերան վանքերուն, եւ հոն Արեգի վանքէն գրած էր զատիկի խնդիրին մասին հայրապետական թուղթը (ՈՒՌ. 355): Գող Վասիլ ճարտար վարչականութեամբ եւ զինուորական զօրութեամբ իրեն համար բարձր դիրք մը կազմած էր շրջակայ իշխանութեանց վրայ, եւ հաւասարապէս բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակէր թէ քրիստոնեաներու եւ թէ մահմետականներու հետ: Իր այդ ազդեցութեան արդիւնքներէն մին եղաւ Անտիոքայ կոմս Բոյեմոնդոսը Դանիշմանի գերութենէն 908) ազատել, 100, 000 դահեկանի փրկանքով եւ նուէրներով, որոնց ինքն Վասիլ կը մասնակցէր քսան հազարով: Մնացեալ գումարը զանազան կողմերէն հաւաքուելով Վասիլի յանձնուեցաւ, որ գերեդարձին համար բանակցելով, փրկանաւորեալը նախ ինքն մեծաւ պատուով հանգուցանէր ի տան իւրում, եւ անկէ Անտիոք կ՚ուղեւորէր, եւ Բոյեմոնդոս իբր երախտագիտութեան նշանակ մեծաւ երդմամբ եղեւ որդեգիր Գող Վասլին Հայոց իշխանին (ՈՒՌ. 364): Եղելութեան թուական նշանակուած է 1103 տարին (ՈՒՌ. 362):

911. ԲԱՐՍԵՂԻ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԸ

Բարսեղ կաթողիկոսին այցելութիւններէն, եւ 1093-ին նորէն Անի դառնալէն ետքը 905), անոր կողմէն նոր գործունէութեան չհանդիպեցանք, որով նա հեռու մնացած կ՚ըլլայ Լատիններու յարաբերութիւններէն, բայց չենք կարծեր թէ արեւմտեան Հայերուն յարաբերութենէն ալ հեռու մնացած ըլլայ: Որովհետեւ դադարած էին ինքնագլուխ կաթողիկոսները 904), եւ Վկայասէր ալ առօրեայ եւ վարչական գործերէ հեռու միայն ծանր պարագաներու մէջ իբրեւ գերագոյն վարիչ իր պատգամները կ՚արձակէր, ինչպէս տեսանք զատկական խնդիրին մէջ 909): Բարսեղ իբրեւ լիագոյն իշխանութեան տէր, ընդ բանադրանօք փակեաց Աղուանից Ստեփանոս կաթողիկոսին եղբայրը, զոր Աղուաններ իւրովի աթոռ բարձրացուցած էին եղբօրը մահուընէ ետքը: Վճիռին համակերպեցան Աղուաններն ալ, եւ Ստեփանոսի եղբօրը, խոտոր վարքն ալ նկատի առնելով, յաթոռոյ եւ ի պատուոյ հայրապետութեան ընկեցին արտաքս (ՈՒՌ. 365): Բարսեղ պէտք զգաց անգամ մըն ալ հովուական շրջագայութեան ելլել 1103-ին, եւ իջեալ ի քաղաքէն Անւոյ, ամենայն պաշտօնէիւք իւրօք եւ ազատովք, եպիսկոպոսօք եւ քահանայիւք, նախ եւ առաջ եկաւ Եդեսիա, ուր կոմս էր Բաղդովինոս Տպորկ 908), որ յոյժ սիրեաց զհայրապետն Հայոց, եւ մեծարեաց մեծաւ պատուով, որպէս վայել է հայրապետի, եւ զիւղս եւ տուրս պարգեւէր նմա (ՈՒՌ. 364), կամ ինչպէս կը կարծենք, ճանչցաւ Բարսեղի տիրապետութեան իրաւունքը իր սահմաններուն մէջ գտնուող հայրապետական կալուածներուն վրայ, վասն զի հաւանական չենք կարծեր Լատին իշխանէն Հայոց կաթողիկոսին նոր կալուածներ տրուիլը: Հարկաւ Բարսեղ Եդեսիոյ մէջ բնակութիւն չհաստատեց, այլ հանդիպեցաւ Գերմանիկիա ալ, ուր նոր լատին իշխանութիւն մը հաստատած էր Ժոսլին (Josselin) կոմսը, գրաւելով քաղաքը յունական կուսակալ Թաթուլի ձեռքէն, որ Տիրամօր պատկերը Լատիններուն չէր թողուր, այլ կը ծախէր Թորոս իշխանին յոլով ոսկւոյ եւ արծաթոյ (ՎԱՐ. 113): Այդ պատկերն է զոր Թորոս զետեղեց Անարզաբայ քաղաքը կառուցած Զօրավարաց անուամբ պատուեալ տաճարին մէջ, որպէս յարձանսն էր փորագրեալ (ՎԱՀ. 195): Անշուշտ Բարսեղ զանց չըրաւ Քեսուն ալ երթալ, եւ այցելել Վկայասէրին, որ Սեաւ-Լեռը թողած էր ի միջերկրեայս անդուստ փախեալ որ Եփրատայ մերձ առկացեալ, քաղաք Քէսուն իմն անուանեալ, յոր հուպ է վանք Կարմիր կոչեալ (ՉԱՓ. 549): Չենք գիտեր թէ Անտիոք եւ Կոպիտառ եւ Լամբրոն ալ հանդիպեցաւ, վասնզի յիշատակ չունինք, եւ ինչչափ ատեն շրջագայած ըլլալն ալ ճշդուած չէ, բայց Բարսեղի ընդհանուր այցելութեան ելած լինելը անտարակուսելի է, երբ յազգի ազգի շփոթմանէն, որ այն օրեր սկսան, ստիպուեցաւ այցելութիւնները կարճել, եւ դառնալ յաթոռն իւր Անի: Ղզիլ ամիրա, Թուրք նոր հրոսակի մը գլուխը, Դուին գրաւեց եւ սպաննեց Աբունասր ամիրան, որ իշխանն էր: Մանուչէ Անիի ամիրան իրեն համար սկսաւ վախնալ, եւ եղբօրը Աբունասրի վրէժը լուծելու դիտմամբ նոր գունդեր հաւաքելու համար Պարսկաստան գնաց (ՎԱՐ. 113): Եդեսիոյ Բաղդովինոսը եւ Գերմանիկիոյ Ճոսլինը Խառանը գրաւելու ելան, բայց յաղթուեցան եւ գերի ինկան: Անտիոքի Բոյեմոնդոսն ալ Եւրոպա անցաւ նոր Խաչակիրներ շարժելու իշխանութիւնը յանձնելով իր քեռորդւոյն Տանգրետիի (Tancredi) (ՈՒՌ. 367): Պարկիարուխ սուլտանն ալ կը մեռնէր այն օրերը` ներքին գրգռութեանց դուռ բանալով յաջորդութեան մասին, մինչեւ որ կը զօրանար Մուհամմէտ եղբայրը: Այդ պարագաներուն երեսէն էր որ Բարսեղ հապճեպ Անի կը դառնար 1105 տարւոյ սկիզբները:

912. ՎԿԱՅԱՍԷՐԻ ՄԱՀԸ

Հազիւ թէ Բարսեղ Անի դարձած էր, որ իսկոյն հասանէ նմա խնդիր Վկայասէրէն, եթէ հասեալ է ժամանակ իմ, եկ յուղարկեա զիս առ Տէր (ՎԱՐ. 113): Վկայասէրի Սեաւ-Լերան Արեգի վանքէն Քէսունի Կարմիր վանքը փոխադրուիլը եղած էր Գող Վասիլ իշխանին եւ իր իշխանուհի ամուսնոյն հոգածութեամբ, վասնզի նոցա զհովիւ իւրեանց բերեալ, որպէս զհայր սուրբ յանձանձեալ, զոր սփոփմամբ ծերատածեալ, յաշխատութեանց հանգուցեալ (ՉԱՓ. 549), ամենայն գուրգուրանօք կը խնամէին անոր վերջին օրերը: Վկայասէրը Բարսեղը իրեն մօտերը կարծելով, անոր դարձին կը սպասէր, բայց Անի մեկնիլը լսելով, անմիջապէս խնդրակներ կը հասցնէր, վասնզի կը զգար իր օրերուն կարճնալը: Հազիւ թէ Բարսեղ կը լսէ, ոչ յապաղեալ ճամբայ կ՚ելլէ յուսով վերջին օրհնութեանն: Եկած ատեն Բալուի մօտ, Մենծկերտ բերդին Յունականները վրան կը յարձակին (ՎԱՐ. 113): Յունական անունով պէտք չէ Յոյները իմանալ, այլ Սելճուքեան արեւմտեան սուլտանութեան ճիւղը, որ առաջ Սեբաստիոյ, եւ վերջէն Իկոնիոյ մէջ կեդրոնացաւ, եւ Ռում անունով կոչուեցաւ, Յունական կայսրութեան երկիրներուն մէջ հաստատուած ըլլալուն համար: Սովորաբար 1084-ին կը դրուի այդ սուլտանութեան սկզբնաւորութիւնը (ՎԵՐ. 465): Բարսեղ իրեններով քաջասրտաբար արիացեալ դէմ դրաւ յարձակման, ոչ ետ ըստ կամաց իւրեանց առնել, այլ այնչափ ինչ յանձնեց, որչափ ինքն թողացոյց, եւ անցաւ եկաւ անվտանգ Կարմիր վանքը, եւ կենդանի գտաւ իր պատկառելի մօրեղբայրը: Վերջին պահուն Վկայասէր իրեն մօտ կանչեց Բարսեղ կաթողիկոսը եւ Վասիլ իշխանը, եւ առջեւ կոչելով պատանի ոմն Գրիգորիս անուն, որ իր քուրոջ որդւոյ որդի էր, զնա յատենի կացուցանէր, եւ անուանէր զնա կաթողիկոս տանն Հայոց, եւ իր այդ կամքին միջնորդ կացուցանէր զիշխանն Հայոց զՎասիլն զտէրն Քեսնոյ, եւ զամենայն աշխարհն նորա (ՈՒՌ. 372): Գրիգոր Վկայասէրի այդ յանձնարարութիւնը կտակային կարգադրութենէ աւելի նշանակութիւն չունի, զի ոչ թէ նոյն ժամոյն կաթողիկոս կը ձեռնադրէր, այլ զկնի մահուն տեառն Բարսղի ըլլալիք բան մը կը յանձնարարէր, եւ չէր ալ կրնար նախատեսել թէ շատ շուտ պիտի հանդիպէր Բարսեղի մահը, պատահական արկածի մը երեսէն, որով 12 տարեկան եղող պատանին, 8 տարիէն հազիւ երիտասարդութեան թեւակոխած, կաթողիկոսութեան պիտի բարձրացուէր: Գրիգոր պատանին, որուն վրայ է խնդիրը, որդին էր Ապիրատ զօրավարին, որդւոյ Ծովք իշխանին եւ Մագիստրոսի չորրորդ աղջկան, կամ որ նոյն է Վկայասէրի կրտսեր քրոջ թոռը 867), որ իրեն ձեռքին տակ խնամուած էր եղբօրը Ներսէսի հետ: Վկայասէրի մահը տեղի ունեցաւ տարիքին յառաջացման հետեւանքով, ծերութեան յարակից հիւանդութեամբ մը: Մահուան օր նշանակուած է, ի տրէ ամիս, յառաջին շաբաթն ամռան աղուհացիցն, յաւուր շաբաթու (ՈՒՌ. 372): Ամռան աղուհացի առաջին շաբաթը, Եղիական կոչուած պահքն է, որուն շաբաթ օրը հին տոմարով Երեմիա մարգարէի տօն կը կատարուէր (ՎԱՐ. 114), եւ Շնորհալիին ձեռքով Հոգեգալստեան տօնի փոխուելէն ետքն ալ` իբր յիշատակ կը մնայ Երեմիայի պատկանող ճաշու ընթերցուածը: Այդ շաբաթ օրը 1105-ին կը հանդիպէր Յունիս 3-ին, եւ հայկական տոմարով 554 տրէ 11-ին` շարժական տոմարի հաշուով: Արդէն պատմիչն ալ տրէ ամիսը կը յիշէ առանց ամսաթիւի, որ եթէ սարկաւագադիր անշարժ տոմարով հաշուած ըլլար, մարերի 28-ին համեմատուած պիտի ըլլար: Իսկ Յայսմաւուրքի մէջ Օգոստոս 8-ին եւ աւելեաց 3-ին նշանակուած ըլլալը (ՅԱՍ. Բ. 68), Գրիգոր Գ. յիշատակին հետ կցուած ըլլալէն յառաջացած պիտի ըսուի: Վկայասէրը թաղուեցաւ Քեսունի Կարմիր վանքը, ուր վախճանեցաւ: Իսկ տարիքը ութսունը անցած պէտք էր ըլլար, 47 տարի անցած էր հօրը մահուընէն 1059-ին 866), եւ ինքը հաւանաբար Մագիստրոսի ութը զաւակներուն երկրորդն էր Վասակէ ետքը, որով 35 տարեկանէ աւելի եղած պիտի ըլլար հօրը մեռած տարին, երբ անոր տեղ Միջագետքի, Վասպուրականի եւ Տարոնի կուսակալութիւնը ստանձնեց:

913. ՎԿԱՅԱՍԷՐԻ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Վկայասէրը ազգային եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ նշանաւոր եւ պատկառելի եւ գովաբանուած դէմքերէն մէկն է, եւ ճանչցուած է իբրեւ սիւն հաւատոյ Հայաստանեայց, եւ պարիսպ սրբոյ եկեղեցւոյ տանն Արեւելից, եւ անձնապէս նկատուած ատեն, անհնար է չճանչնալ իր վրայ գերազանց արժանիք: Իր առանձնական կեանքը պայծառ առաքինութեամբ զարդարուած էր, եւ Մագիստրոսի որդին եւ կայսերական դուքսը, գիտցաւ մերկանալ ամէն աշխարհական ճոխութիւն եւ հետեւիլ յամենայն ճգնողական վարս, պահօք եւ աղօթիւք եւ անդադար սաղմոսերգութեամբ: Էր հեզ բարուք եւ խոնարհ սրտիւ, եւ յոյժ աստուածասէր եւ պատուիրանապահ, սրբութեան եւ կատարելութեան ճշմարիտ տիպար մը: Գրական արժանեօք իրմէ կը սկսի լեզուական զարգացման նոր շրջան մը. պարզ եւ ընտանի հայերէն ոճ մը, որուն պէտք է Վկայասէրը իբր նախահայր ճանչնանք: Վերջին մատենագիրներ եղած էին Նարեկացին եւ Մագիստրոսը, առաջինը դիզաբարդեալ ձեւովը, եւ երկրորդը անընտել ոճովը ընդհանուր տարածման անյարմար էին, իսկ Վկայասէրով սկսուած ոճը ազդեցիկ ոյժ մը կ՚ունենար Շնորհալիներ եւ Լամբրոնացիներ եւ Սարգիսներ պատրաստելու, Սեաւ-Լեռնեցիներու բազմերախտ խումբը, եւ այսպէս թէ անձամբ եւ թէ իր հետեւողներու ձեռքով` պայծառութեամբ սուրբ գրոց ելից զեկեղեցի Հայաստանեայց (ՈՒՌ. 370): Ցաւ է միայն, որ այդ անձը, որուն համար վկայուած է, թէ Երկրորդ Մեսրոպ մեզ երեւեալ, զգիրս բազումըս թարգմանեալ, առ ի Յունաց եւ յԱսորւոց ճառըս սրբոց վերաբերեալ (ՉԱՓ. 546), չունենայ այժմ որեւէ գործ մը իր անունով մակագրեալ. չենք գիտեր թէ յատուկ գործ մը կազմած չըլլալուն համար, թէ ոչ պարզապէս կորած ըլլալուն համար: Սակայն մերձաւորներն ալ գիրս բազումս կ՚ըսեն, բայց որոշ անուն չեն տար, եւ նոյն իսկ Գործոց մեկնութիւնն ալ, որ իրեն կը յատկացուի, իր աշակերտին Կիրակոսի գործ եղած կ՚ըսուի (ՀԻՆ. 599): Բայց ինչ ալ ըլլայ այդ մասին ստուգութիւնը, անտարակոյս է որ Վկայասէրին օրինակն ու քաջալերանքը` նոր եւ ընտիր շրջան մը ստեղծեց Հայ գրականութեան համար: Այդ մասին ալ կատարելապէս նմանած եղաւ Մեսրոպի, որուն անունով մակագրեալ աշխատութիւններ չկան մեր ձեռքը: Բարեկարգիչ հոգի մըն ալ պէտք է ճանչնալ Վկայասէրի վրայ, որ չբաւականացաւ ինքնիրեն պատուիրանապահ ըլլալ, այլ իր ուղեւորութեանց մէջ ամէն կողմէն իբրեւ ժրաջան մեղու բարեկարգութեան նիւթեր եւ տարրներ հաւաքելով բերաւ զանոնք իրեններուն հաղորդել, որով կրօնաւորական եւ վանական կեանքի կարգադրութիւններ հաստատեց, եւ գործադրութեան հսկեց, եւ եկեղեցական ընտիր սերունդի մը սկզբնապատճառ եղաւ: Անցողակի ըսենք այստեղ, թէ անհնար է ճշդութեամբ որոշել Վկայասէրի պտոյտներուն թիւն եւ ուղեգիծը: Ամէն պատմիչներ առաջին եւ ընդարձակագոյն ուղեւորութեան մը պատմութիւնն ունին` այլ տարիներու տարբերութեամբ, որով յայտնի չ՚ըլլար, թէ միեւնոյն ուղեւորութեան թուականը կը շփոթեն, թէ ոչ տարբեր ուղեւորութեանց կ՚ակնարկեն: Մենք անգամ մը միայն զայն պատմեցինք, ուղեգիծը Կոստանդնուպոլսոյ, Եգիպտոսի եւ Երուսաղէմի վրայ ամփոփելով, եւ Հռոմը դուրս հանելով 880), բայց դժուարութիւն չունինք ընդունելու թէ ուրիշ ճամբորդութիւններ ալ ըրած ըլլայ, միօրինակ ուղեգիծով, որուն իբր նշան կրնայ առնուիլ Երուսաղէմի առման միջոցին այնտեղ գտնուիլը 907):

914. ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԸ

Վկայասէրի հայրապետական պաշտօնավարութիւնը երկու գլխաւոր կէտեր կը ներկայէ մանրախոյզ քննադատութեան առջեւ, կաթողիկոսական իշխանութիւնը ձեռնթափ եւ անգործ կերպով պահելը, եւ միութենական իղձերուն ընդարձակ ասպարէզ տալը: Առաջին մասին արդէն մեր միտքը յայտնած ենք 903), չկարենալով արդարացնել այդ աստիճան ձեռնթափ լինելը: Որչափ ալ ստոյգ է, թէ յամենից բռնադատեալ եւ յակամայ հարկաւորեալ (ՉԱՓ. 545)կաթողիկոս օծուելու զիջաւ, որպէսզի յունական արգելքին վերցուելուն օգնէ իր անձով եւ իր անունով, եւ որչափ ալ յայտնապէս պայմանաւորուած ըլլալը ենթադրուի Գագիկներու եւ Ատոմներու հետ 878), բայց անգամ մը որ անունը կը ստանձնէր, պատասխանատուութիւնն ալ ստանձնած կ՚ըլլար Աստուծոյ եւ մարդկան առջեւ, եւ չէր կրնար զինքն արդարացնել անուանական կաթողիկոսութեամբ: Եթէ ինքն տիրապէս ձեռք առած ըլլար պաշտօնին տուած իշխանութիւնը, հարկաւ տեղի չէր ունենար վեց եւ աւելի կաթողիկոսներու միանգամայն գտնուելուն գայթակղութիւնը 902): Նոյն գայթակղութիւնը շատ աւելի ալ տարածուած կ՚ըլլար, եթէ բախտը իրեն ժիր եւ գործունեայ, պարկեշտ եւ հաւատարիմ գործակից մը չպատրաստէր, իր իսկ քեռորդւոյն Բարսեղ Պահլաւունիի կամ Անեցիի անձին վրայ. բայց այդ մասին ալ ինքն հետեւող մը եղաւ եւ ոչ նախաձեռնարկ պատրաստող մը, որովհետեւ Անեցւոց գործին հաստատողն եղաւ, եւ ոչ թէ ստուգապէս թելադրողը 896): Բարսեղի գործունէութեան շնորհիւ հակաթոռներ ջնջուեցան եւ նա եղաւ որ ամէն գործառնութիւն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելով, պատիւն եւ իրաւունքը բուն կաթողիկոսին վերապահելու իմաստուն եւ խոհական ձեւը պահպանեց, եւ ձեռք անցուցած իշխանութիւնը զեղծումներու գործիք չըրաւ: Եթէ Բարսեղ եղած չըլլար, թերեւս պատմութիւնը` անկարգ եւ անկանոն ընթացքին հետեւանքներէն գայթակղելով, ծանր մեղադրանքներ ստիպուէր դնել Վկայասէրի անձին վրայ, որ այժմ իր գործակիցին արդիւնքէն արդարանալով, իբր արժանաւոր հայրապետ կ՚ընդունուի ու կը գովաբանուի:

915. ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐԸ

Միութենական ձգտումներուն գալով, անտարակոյս է, որ Վկայասէր մանկութենէն յունական ուսումներու հետեւած, յունական կեանք վարած եւ յունական կայսրութեան ծառայած, պէտք էր սիրտով ու միտքով յունասէր եւ յունամէտ զգացումներու տիրացած ըլլար, եւ այդ զգացումներուն արտայայտութիւնը նոյնիսկ կաթողիկոսական աստիճանին եւ պաշտօնին մէջ ալ պահէր: Այդ զգացումներուն հետեւանքն էր թերեւս մեծ աթոռներուն այցելական պտոյտը, մօտէն շփման մէջ մտնելու եւ մերձեցում գոյացնելու նպատակով, որով վերջ տրուէր Հայոց եկեղեցւոյն կղզիացեալ դիրքին, եւ ներքին կապակցութիւն հաստատուէր մեծագոյն կամ հզօրագոյն եկեղեցիի մը հետ, ուսկից կրնար ոյժ մը սպասուիլ Հայոց եկեղեցւոյն ներքին կացութեան վրայ: Եթէ այդ տեսութիւնները մասամբ հաւանական երեւնալով, կրնային Վկայասէրին դիտումներուն մէջ տեղի գտնել, սակայն ստոյգն այն է, թե նա երբէք յունամոլ չեղաւ, եւ իր ազգային եկեղեցին ծանր զոհողութեանց ենթարկելով, եւ ինքնութիւնը ուրանալով, միութենական ձգտումները յաջողցնելու չառաջնորդեց եւ չստիպեց: Անոնք որ օտարին հետ ներքին եւ սերտ եւ ճշգրիտ ծանօթութիւն ունին, կրնան միայն մէկ աստիճան մերձաւորութեան գաղափարին հետեւիլ, այլ հպատակութեան կամ ձուլման գաղափարին չեն կրնար համակերպիլ, երբոր անկեղծ են, վասն զի իրենց ներքին ծանօթութիւնները օտարին զեղծարար եւ դժպհի կողմերն ալ իրենց առջեւ կը բանան: Այս եղած է Վկայասէրին ալ ներքին զգացումը, եւ շատ նշանաւոր է զատկական շրջաբերականին այն խօսքը, թէ մինչեւ ցայժմ յանաստուած հեթանոսաց տէրանցն զանգիտէաք եւ դատէաք, եւ այժմ ի քրիստոնէիցդ այնպէս (ՈՒՌ. 358): Վկայասէրը, Մագիստրոսի որդին եւ անոր հոգւոյն ժառանգ, կրցաւ Յոյներուն հետ մերձաւորութեամբ` Հայութիւնը զօրացնելու գաղափարը փայփայել, բայց Հայութիւնը զոհելու, Հայոց դաւանութիւնը փոփոխելու, Հայոց եկեղեցին հպատակեցնելու, Հայոց ինքնութիւնը այլայլելու գաղափարէն հոգւով չափ հեռու մնաց, եւ այլադաւան քրիստոնեաներու ընթացքը` այլակրօն հեթանոսներու ընթացքին բաղդատելու համարձակութիւնը ունեցաւ: Միեւնոյն ընթացքը բռնեց Լատիններուն հետ ալ, երբ ասոնք 1096-էն ետքը Արեւելքի մէջ երեւցան եւ ուղղակի շփման մէջ գտնուեցան: Հեռուէ եկող քրիստոնեայ բանակ մըն էր, որ քրիստոնէութեան պաշտպանութեամբ ոգեւորուած, եւ խաչանիշ զարդով զինուած, հարկաւ քրիստոնէութեան համար նեղուածներու օգնական պէտք էր ըլլար: Ալեքս Կոմնենոս կայսրն ալ այդ համոզմամբ իրենց պաշտպանութիւն խոստացաւ, Հելլեսպոնտոսէ եւ Վոսփորէ անցուց Խաչակիր գունդերը, եւ դէպի Փոքր Ասիա առաջնորդեց: Հայերն ալ իրենց մասին Կիլիկիոյ եւ Ասորիքի ճամբաները դիւրացուցին, արեւելեան եւ արեւմտեան քրիստոնեաներ առանց խտրութեան եղբայրակցեցան, վասն զի Լատիններն ալ, տակաւին, արեւելեան քրիստոնեաներու ձեռնտուութեան կարօտ էին, եւ դաւանութեան խօսք չէին ըներ, եւ անխտիր կը հաղորդակցէին: Մինչեւ այս կէտը Հայերուն մերձեցումն ալ կ՚արդարանար եւ իրենք խնդիր յուզելու պէտք չունէին, Վկայասէրն ալ այդ ընթացքը կը հովանաւորէր: Գործը փոխուեցաւ, երբ Լատիններ ինքզինքնին զօրաւոր զգացին, եւ իրենց եկեղեցական իշխանութիւնը համարձակութիւն ստացաւ իր թաքուն խորհուրդները մէջտեղ հանելու, եւ միութենական խնդիրներու շարքը սկսաւ: Վկայասէրի օրով տակաւին այդ կէտերը բացուած չէին, եւ իր միութենական ձգտումները օրինաւոր եւ արդարանալի գիծերէն անդին չանցան: