Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սրտիկս խոցեալ է սրով,
Տէրտէր ունիմ շատ ողբալով,
Յելայ ղարիպութեան գնացի ճորով,
Լացի կարօտով, կարօտով, հասրէթով:

Ի տուէ եւ ի գիշերի
Սիրտս անդադար բռնեալ կայրի,
Ղարիպութեան այսքան տարի`
Լացի կարօտով, կարօտով:

Մարդ չունիմ խրատող բարի,
Սիրտս նովաւ մխիթարի,
Ղարիպութեան այսքան տարի`
Լացի կարօտով, հասրէթով:

Էն ղարիպին սիրտս է վերան,
Էն դիմանօղ որ կու գերեան,
Այնոր համար բացի բերան,
Լացի կարօտով, կարօտով:

Ողբալով տէրտէր քաշեցի,
Կեանքս իմ ես օտար մաշեցի,
Ղարիպութեան մահն յիշեցի,
Լացի կարօտով, կարօտով, հասրէթով:

Նայիմ սիրուն նազլի եղբա՛րք,
Էկէք իմ հալիս տեսէ՛ք,
Ղարիպութեան հիւանդ մնացի,
Լացի կարօտով, կարօտով: