Հայոց Հարցի վաւերագրերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

22
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ, ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՍԸՐ ՖԻԼԻՊ ՔԸՐՐԻԻՆ [1]

Վսեմափայլ Դեսպան

Պատիւ ունեցայ եղեկանալուեւրոպական մեծ պետութեանց կողմէ Բ. Դրան մատուցեալ բարենորոգմանց ծրագրին եւ յարակից յիշատակագրին պարունակութեան, զորս Ձեր Վսեմութիւնն շնորհ ըրած էր ինձ հաղորդել, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ վսեմ, դեսպանաց հաճութեամբ:

Այն կատարեալ վստահութիւնն զոր կը տածեմ Ձեր ներկայացուցած պետութեան իմաստութեանն, ինչպէս նաեւ Ձեր Վսեմութեան հեռատեսութեան վրայ, ու միանգամայն յարգանքն, զոր կզգամ երեք մեծ պետութեանց ներկայացուցիչներուն գործակցաբար կատարած այս կարեւոր աշխատութեան առջեւ, դժուար դիրքի մը մէջ կը թողուն զիս անոր վրայ կարծիքս յառաջ բերելուհամար:

Սակայն պիտի համարձակէի, վսեմ. դեսպան, յայտնելու ինչ երկիւղ որ կզգամ, խոհելով որ մի գուցէ պատրաստուած ծրագիրը հակառակ Ձեր ազնիւ բաղձանաց՝ չկարենայ զարման բերել հայ ժողովրդեան տառապանաց եւ իրագործել Պերլինի Վեհաժողովէն ի վեր այնքան անձկանօք եւ ստիպողաբար սպասուած բարւոքումներն ու բարենորոգումն երը:

Ըստիս երկուկէտեր ի յայտ կուգան ծրագրէն. նպատակն որ է կանոնաւորութեան ու արդարութեան վիճակի մը հաստատութիւնն հայկական նահանգաց մէջ, եւ առ այն հասնելու գործողութեան միջոցն ու հսկողութիւնը, որ նոյն իսկ ոգին է ծրագրին:

Վերին հսկողի կարգումն, որու եւրոպացի մ’ըլլալն հարկաւորապէս չէ սահմանուած եւ որու պաշտօնն առ ժամանակեայ բնութիւն մ’ունի, պարզ ազդարարութիւններ պետութեանց կողմէ՝ Բարձրագոյն Դրան կատարած կուսակալներու ընտրութեան նկատմամբ, հսկողութեան մնայուն յանձնաժողով մը ի Կոստանդնուպօլիս՝ բաղկացեալ օսմանեան պաշտօնատարներէ եւ անոնց անուանումն թողուած Բարձրագոյն Դրան կամաց, եւ քիչ մ’աւելի մասնաւորելով դատական եւ ոստիկանական մարմնոց կազմակերպութիւն մը անմասն իսպառ եւրոպական տարրի մը գոյութենէ, եւ վերջապէս ծրագրին ընդհանուր կեդրոնացական հոգին, այս ամենը բաւական պիտի կրնա՞ն ըլլալ արդեօք գոհացում տալու առաջադրեալ նպատակին եւ իրագործելու հսկողութեան պէտքն, պէ՛տք որու ստիպողութիւնն շատ աւելի երեւան կելնէ այսօր ծրագրին շուրջը դարձած պարագայներով. մասնաւորաբար աչքի կը զարնէ չգոյութիւնն յօդուածի մը որով արգիլուած ըլլար ոչ քրիստոնեայ գաղթականներու զետեղումն հայաշատ գաւառներու մէջ, նոյնպէս աչքի կը զարնէ չգոյութիւնն բանակին վերաբերեալ յօդուածի մը, որ սահմանուած լինէր արգիլելու Սասունի նման դէպքերու վերադարձն:

Թող Ձեր Վսեմութիւնը ներէ ինձ մտածելու որ ինք շատ աւելի հեռատեսութիւն ունի եւ շատ աւելի խորին գիտակցութիւն ոչ քաջալերիչ անցեալի մը եւ այն եղելութեանց որ 1878-էն ի վեր քանիցս տեղի տուած են տէրութեանց անյաջող միջամտութեամց, զգացած ըլլալու համար երկբայութիւն մ’այս մասին, ծրագրին աշխատասիրութեան պահուն:

Չենք տարակուսիր, թէ վարչական դրութեան մը հաստատութիւնն, որ բնութիւն ունենար բաղձացեալ պայմանաց մէջ գործելու ինքնովի, առանց պէտք թողելու դեսպանական ուղղակի հաւաքական ուանընդհատ մի ջամտութեանց, ազգուութեան այժմու աստիճանաւ, լաւագոյնս պիտի պատասխանէր իրաց ճշմարիտ պահանջմանց ու հայ ժողովրդեան կարօտութեան եւ ըղձից, եւ թերեւս նոյն իսկ Ձեր ներկայացուցած պետութեան դիտմանց, կը համարձակիմ ըսել:

Ձեր Վսեմութիւնը չկարծե՞ր արդեօք թէ եւրոպական մնայուն վերին հսկող մը, զոր օրինակ, եւ կամ դարձեալ եւրոպական մնայուն յանձնաժողով մը ու դատական եւ ոստիկանական մարմնոց եւրոպական տարրին մասնակցութեամբ կազմուելն բաղդատաբար աւելի պիտի ապահովեն իրագործումն հայկական նահանգաց մէջ կենաց, ընչից եւ պատւոյ պահպանութիւնն, եւ այն ալ առանց որ եւ է դիւրազգածութիւն վիրաւորելու, քանի որ բնական է մի ջազգային տարրի մը ներմուծումն առաջնորդելու համար այն բարենորոգմանց անկեղծ գործադրութեանն, որք միջազգային հանգամանք ունին:

Աներկմիտ եմք որ Ձեր Վսեմութիւնն իր բնակիր բարեացակամ ոգւով պիտի ճանչնայ ի դէպ ժամու իրաւունքն ու պարտիքն հոգեւոր գլխին այն ժողովրդեան, որուօգտին կը նուիրէք Ձեր ջանքերն, ծրագրին նկատմամբ իր ունեցած բոլոր դիտողութիւններն ուրուագրելու, եւ գալով յառաջիկային՝ լսելի ընել տալու իր ձայնն այն պակասներուն վրայ, որ ծրագրին գործադրութեամբն ի վեր պիտի ելնեն, եւ այն ամեն տեսակ դժուարութեանց վրայ, որք գործնականին մէջ պիտի ծագին: Ամեն պարագայի մէջ այս խնդրոյն արագ ու բարւոք կարգադրութիւնն հարկ անհրաժեշտ կը դառնայ գաւառներու մէջ տիրող իրաց այն վիճակին առջեւ, որ հետզհետէ կը ծանրանայ սպառնալից կերպով եւ այնպիսի ծանր պատասխանատւութեանց երկիւղն յառաջ կը բերէ զորս տեսնել եւ շարունակել վեր է մեր ոյժէն:

Կը սիրեմք համոզուիլն որ այս վերապահումն երն, զորս յար գանօք կը մատուցանեմք Ձեր ուշադրութեան, բաւականապէս պիտի արդարանան սա նկատողութեամբ, թէ ինչ որ հայերն կը խնդրեն վերջապէս իրենց օրինաւոր ըղձից ամբողջութեան մէջ, անհատապէս եւ հաւաքապէս ապրելու իրաւունքն է այն եւ այսպիսի խնդրոյ մը չը պիտի պահանջոտութեան երեւոյթ մը:

Այս նկատողութիւններն սակայն ոչ իւիք կը պակսեցնեն երախտագիտութիւնն Հայոց ազգին եւ իր հոգեւոր գլխին՝ այն մարդասիրական ջանքերուն համար, զորս Ձեր ներկայացուցած պետութինն ի գործ կը դնէ Ձեր Վսեմութեան այնքան արժանաւոր աջակցութեամբը, ապահովելուհամար այն անբաղդ ազգին տարրական պայմաններն ընկերային կենաց եւ արդարութեան:

Հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները Ձեր Վսեմութեան վրայ, եւ յանձն առնելով զայն ի խնամս Տեառն, պատիւ ունիմ մատուցանելու Ձեր Վսեմութեան խորին յարգանացս հաւաստին:

Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ

Մատթէոս արքեպիսկոպոս

14/26 յունիս 1895

ի Կ. Պօլիս

 

Թիւրք կառավարութեան մերժումը, ինչպէս միշտ, չը կանգնեցրեց եւրոպական դիւանագիտութեան պահանջումները: Բանակցութիւնների ընթացքում թիւրք կառավարութիւնը ցոյց տուեց եւ զիջողութիւններ: Նա առաջարկեց հետեւեալ մանրամասն պատճառաբանուած պատասխանը ծրագրուած վերանորոգումների դէմ, որի մէջ ցոյց էր տալիս թէ առաջարկուած պահանջներից ինչ բաներ կարող էր նա ընդունել:

23
ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անատօլուի ինչ ինչ նահանգներուն համար երեք կառավարութեանց դեսպաններուն ներկայացուցած բարենորոգմանց ծրագրին ուսումնասիրութենէն յառաջ եկած [2]

ԳԼՈՒԽ Ա.

Յօդուած Ա. Կուսակալութեան եւ ուրիշ ամէն հանրային պաշտօններու համար կարող պաշտօնեաներու ընտրութիւնն ուանուանումը, զեղծումներ գործած ըլլալնին հաստատուած պաշտօնէից հրաժարեցումը, անոնց տեղ այլոց անուանումը, եւ այդ պաշտօնէից ի պահանջել հարկին դատի ենթարկուիլը՝ հրատարակեալ կանոնագրերուն մէջ արդէն կանխատեսուած է. կայսերական կառավարութիւնը որոշած է աւելի եւս հոգածութիւն ցուցնել կայսերական իրատէով անուանուած կուսակալներուն ապագային մէջ ալ հաւասարապէս այս կանոնական սկզբանց համաձայն ընտրուելուն մասին:

1272 թուականին շնորհուած բարենորոգմանց կայսերական հրովարտակին համաձայն, կայսրութեան բոլոր հպատակները, որ հասարակութեան որ ալ պատկանին, ըստ տրամադրութեանց ընդհանուր գործադրութիւն ունեցող կանոնաց՝ իրենց կարողութեանցն ու բաւականութեանը չափով մուտք ունին հանրային պաշտօնէութեանց մէջ:

Արդ, քաղաքային կարգի պաշտօնից մէջ, կուսակալութեան նման, այդ պաշտօններուն կարեւորագոյններէն մէկուն կոչուած անձ մը, պէտք է որ փորձառութիւն ստացած ըլլայ վարչական դասակարգութեան (hiѐrarchie) ամէն աստիճաններուն մէջ: Մանաւանդ՝ երբ նկատողութեան առնուի խնդրոյ նիւթ եղող նահանգներումէջ ցեղից եւ բարուց զանազանութիւնը, եւ սա կէտը որ, ըստ մարդահամարի տումարաց, մեծամասնութիւնը ամէն պարագայի մէջ եւ ինչ վարչական դրութեան ներքեւ որ ալ ըլլայ, մահմետական տարրին կը պատկանի մի շտ, հաստատ համոզում կը գոյանայ որ վալիներու անուանման մասին այժմ գործադրուած ձեւին որ եւ է կերպով փոփոխումը, փոխանակ վարչութիւնը բարեփոխելու, հանրային ապահովութիւնը վտանգելուբնութիւն ունեցող կնճռոտութիւններ կը պատճառէ: Այս պայմանաց մէջ յարմար է տեղային պահանջմանց համեմատ, ընդհ. կուսակալներուն օգնականներ (մուավին) անուանել, զանոնք ընտրելով ոչ-մահմետական այլ եւ այլ հասարակութեանց ամենէն բազմամարդին պատկանող ոչ-մահմետական պաշտօնեաներէն:

Յօդուած Բ. Կուսակալներն եւ ուրիշ պաշտօնեաները պաշտօնէ չեն հրաժարեցուցուիր մի նչեւ որ՝ օրինապէս իրենց պաշտօնընկեցութիւնն յառաջ բերող արարքներով յանցաւոր ըլլալնին

չհաստատուի: Ասիկա կ’ապացուցուի սա պարագայով որ ութէ մի նչեւ տասը տարի իրենց պաշտօնը պահող կուսակալներ եւ ուրիշ պաշտօնեաներ կան: Ի նկատի առնելով այն կանոնական տրամադրութիւնը, որու համեմատ ոչ ոք կրնայ պաշտօնէ հրաժարեցուցուիլ, առանց օրինական պատճառի, կուսակալներու պաշտօնը հինգ տարուան տեւողութեամբ սահմանափակելու որ եւ է պէտք չտեսնուիր:

Յօդուած Գ. Կուսակալներու օգնականներուն անուանումը բացատրուած է Ա. յօդուածին վերջին մասին մէջ. իենց իրաւասութիւններն կատարելապէս եւ որոշակի ճշտուած են «Տէսթուր»ի մէջ ամփոփեալ նահանգներու ընդհանուր վարչութեան կանոնագրին Բ. գլխուն տրամադրութեամբքը:

ԳԼՈՒԽ Բ.

Յօդուած Դ. Ինչպէս նահանգներու, նոյնպէս ալ սանջակներու մեծագոյն մասին մէջ, մեծամասնութիւնը կը պատկանին մահմետականներուն, ըստ բնակիչներուն համեմատական թուոյն:

Այս պայմաններուն մէջ, կառավարչի պաշտօններուն մահմետական կարող եւ ձեռնհաս պաշտօնէից անուանումը՝ ինքնին գծուած է: Միայն թէ կարող եւ ուղղամի տ ոչ-մահմետականներ կրնան «մուավին» անուանուիլ բոլոր այն սանճագներուն մէջ՝ ուր կառավարութիւնը կարեւոր կը դատէ:

ԳԼՈՒԽ Գ.

Յօդուած Ե. Գայմագամի պաշտօնները վերապահուած են մի լքիէի վարժարանէն վկայագիր ստացողներուն: Ներքին գործոց պաշտօնէութեան ընտրութեամբը, այս դպրոցին աշակերտներէն թէ մահմետականներ եւ թէ ոչ-մահմետականներ կայսերական իրատէով անուանուած են յիշեալ պաշտօններուն: Այս պաշտօնէից ընտրութեանը մասին ա՛լ յարմար է նոյն դրութիւնը հաստատ պահել:

Այն մահմետականները եւ ոչ-մահմետականները, որոնք առանց դպրոցէն ելած ըլլալու՝ այժմ գայմագամի պաշտօն կը վարեն, իրենց ծառայութիւններն ուհաւատարմութիւնը փորձուած ըլլալու պայմանաւ, կուսակալներուն առաջարկութեանը վրայ, որ պէտք է հաստատուի ներքին գործոց պաշտօնէութեան կողմէ, պիտի կարենան կայսերական իրատէով գայմագամութեան կոչուիլ:

Իրենց պաշտօնէութեան վերաբերող կենսագրական տեղեկութիւնները հիմ բռնելով, ամենամեծ խնամքով հսկողութիւն պիտի կատարուի որպէս զի գայմագամն երը չարատաւորուած եւ իրենց վարմունքն, ուղղամտութիւնը եւ հաւատարմութիւնը յաչս կառավարութեան փորձուած անձինք ըլլան:

Յօդուած Զ. Գայմագամն երուն կցուած են օժանդակներ ինչպէս են մալմի ւտիրի եւ թահրիրաթ քեաթիպի կոչուած պաշտօնեաները. բոլոր գազաներումէջ մէկ մ’ալ յատկապէս մուավինի պաշտօն հաստատել մեծ ծախուց դուռ կը բանայ. արդէն ասոր ո՛ եւ է պէտք չիկայ. հետեւապէս փոխանակ ամէն կողմ, այսպիսի պաշտօններ հաստատելու, լաւագոյն է այդ պաշտօնները սահմանափակել կարեւոր դիրք ունեցող քանի մը գայմագամութիւններու: Այս պարագային մէջ յարմար կըլլայ քրիստոնեայ մուավին մը տալ գայմագամի ն եթէ ինքը մահմետական է եւ փոխադարձաբար:

Կազաներումէջ վարչական ժողովն եր կան որոնց իրաւասութիւնները նահանգներու ընդհ. վարչութեան կանոնագրին Դ. գլխոյն մէջ բացատրուած են եւ որոնց մահմետական եւ ոչ-մահմետական անդամն երը բնակչաց կողմանէ կընտրուին: Այս ժողովն երը ի վիճակի են ամէն տեսակ տեղային գործերը քննելուեւ կարգադրելու իրենց բոլոր մանրամասնութիւններովը. հետեւաբար անօգուտ կըլլայ ամէն գազաի մէջ կազմել յատուկ ժողով մը որ պաշտօն ունենայ խորհրդակցիլ հանրային օգտին վերաբերեալ խնդրոց եւ այլ զանազան գործոց վրայ: Վարչական ժողովոց անդամն երուն ընտրութեան ձեւը նշանակուած է նահանգաց կանոնագրին, եւ նահիյէներու վարչութեան կանոնագրին մէջ:

ԳԼՈՒԽ Դ.

Յօդուած Է. Նահիյէներու կազմակերպութիւնը կարելի է կատարել 94-106-րդ յօդուածներուն տրամադրութեանցն համաձայն նահանգներու ընդհ. վարչութեան 19 յունվար 1286 թուակիր կանոնագրին՝ որ խմբագրուած է հանգուցեալ Ալի բաշաի Մեծ եպարքոսութեան ատեն, կամ 25 մարտ 1292 թուականաւ հանգուցեալ Մահմուտ Նէտիմ բաշաի Մեծ եպարքոսութեան ժամանակ հրատարակուած նահիյէներուվարչութեան կանոնագրին Ա. -էն մի նչեւ ԻԸ. -րդ յօդուածոցը տրամադրութեանցը համաձայն: Միայն թէ կայսրութեան գիւղաքաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ այլ եւ այլ դասակարգի ժողովրդոց յաճախ խառնուած գտնուիլը միեւնոյն կրօնքը դաւանող գիւղերը միացնելով նահիյէ կազմելու մասին յայտնուած գաղափարին գործադրութեանը արգելք կըլլայ:

Յօդուած Ը. Ամէն նահիյէի կառավարութեանը միւտիրի մը յանձնուիլը նահիյէն վարելուպաշտօնով ժողովի մը կազմութիւնը կարելի է նմանապէս կատարել ըստ վերոգրեալ կանոնագրոց:

Միայն թէ այս կանոնագիրները կը պարունակեն հատուած մը որոյ համաձայն գիւղաքաղաքային ժողովը կրնայ պարունակել մինչեւ ութն անդամ:

Ըստ որում անդամն երուն կէսը կը նորոգուի ամէն տարի, աւելի յարմար է որ մահմետական եւ ոչ-մահմետական անդամոց թիւը չորս ըլլայ միայն:

Յօդուած Թ. Նահիյէներու ժողովն երուն ընտրութիւնը ենթարկուած է վերոյիշեալ կանոնաց: Եթէ նահիյէի մը բնակիչները ամբողջովին միեւնոյն դասակարգէ են բնական է որ ժողովին անդամներն ընտրուին նոյն դասակարգին պատկանող բնակիչներէն:

Եթէ գիւղաքաղաքային շրջանակի մը ժողովուրդը խառն է, յարմար է որ փոքրամասնութիւնը ներկայացուի իւր կարեւորութեանը համեմատ, պայմանաւ որ այս փոքրամասնութիւնը առնուազն 25 տուն պարունակէ:

Յօդուած Ժ. Նահիյէներումի ւտիրները եւ քարտուղարները արդէն թոշակաւոր են: Երբ գործադրուին նահիյէներու կազմակերպութեան վերաբերող միջոցներն, բնականապէս ամսականներ պիտի յատկացուին, որոշեալ ընդհ. գումարին սահմանին մէջ. սակայն ըստ որում այժմ գործադրեալ կանոնագրերուն մէջ նահիյէներու տեղական ծախուցը համար պիւտճէի մը խմբագրութիւնը կանխաստեսուած չէ այս պարտաւորութիւնը կը վերաբերի նահանգին կեդրոնին:

Յօդուած ԺԱ. Նահիյէի ժողովոյն անդամոց ընտրութեանը մէջ՝ պէտք է յարգուին նահանգներու ընդհ. վարչութեան եւ նահիյէներու վարչութեան կանոնագրոցը մէջ նշանակուած պայմանները: Յայտնի է նաեւ որ ընտրելի անդամները քաղաքական ոճրի կամ յանցանքի համար դատապարտութիւն կրած ըլլալու չեն:

Յօդուած ԺԲ. Նահիյէներումի ւտիրներուն՝ ժողովի անդամոց նման բնակիչներուն կողմանէ ընտրուիլը, նահիյէներու վարչութեան կանոնագրին մէջ թէեւ նախատեսուած է, սակայն յիշեալ կանոնագրին մէջ ըսուած չէ թէ անդամները իրենցմէ մէկը ընտրելով միւտիրի պաշտօնին համար, այս ընտրութիւնը պիտի զեկուցանեն ուղղակի ընդհ. կուսակալին: Ընդհակառակն, տրամադրուած է որ միւտիրը բնակիչներուն կողմէ ընտրուելու պէս, անոր անունը նահիյէին պատկանած գազաին գայմագամին մի ջոցաւ ծանուցուի միւթէսարըֆին եւ այս վերջնոյն միջոցաւ ալ վալիին՝ որ գրաւորապէս կը հաստատէ այս անուանումը եւ կը կատարէ հարկ եղած ձեւակերպութիւնները:

Միայն թէ՝ միւտիրներու կառավարութեան կողմէ եւ կամ ընտրական ձեւով անուանուելու խնդիրը վիճաբանութեան առարկայ է նոյն իսկ քանի մը եւրոպական երկիրներու մէջ: Ի նկատի առնելով օսմանեան կայսրութեան մասնաւոր հանգամանքները, այս մի ւտիրներուն կառավարութեան կողմանէ անուանումը աւելի համաձայն է ընդհանրութեան շահին. ասոր համար է որ կայսերական կառավարութիւնը կը նախընտրէ վերոհիշեալ երկու կանոնագրոց համաձայն կազմուելիք նահիյէներու համար, միւտիրներուն կառավարութեան կողմանէ ընտրութիւնը ու անուանումը, ինչպէս որ կը կատարուի արդէն կազմակերպեալ նահիյէներու միւտիրներուն անուանմանը մէջ:

Յօդուած ԺԳ. Նահիյէներուվարչութեան կանոնագրին ԺԲ. -րդ յօդուածին համաձայն, բոլոր անոնք որ կառավարութեան պաշտօնի մէջ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ վարժարանի դասատուները եւ քահանաները, չեն կրնար մի ւտիրի պաշտօն կատարել:

Յօդուած ԺԴ. Այս կէտը համաձայն է նահիյէներու վարչութեան կանոնագրին ԺԶ. -րդ յօդուածին: Վերջին հատուածը, սակայն, հակասութեան մէջ կը գտնուի նոյն յօդուածին հետ. ըստ որում նոյն կանոնագրին վերջին մասին մէջ միւտիրին եւ անդամներուն վերընրելի ըլլալը բացայայտ կերպով տրամադրուած է:

Ի նկատի առնելով նահիյէներումէջ անդամի պաշտօն վարող անձանց թուոյն սահմանափակ ըլլալը, ինչպէս նաեւ սա իրողութիւնը թէ միւտիրներու կառավարութեան կողմէ անուանումը կը նախընտրուի, կանոնագրին՝ անդամներու վերաբերեալ հատուածը՝ կացութեան պահանջմանցը աւելի յարմար կը տեսնուի:

Յօդուած ԺԵ. Միւտիրին եւ նահիյէներու ժողովոց անդամներուն իրաւասութիւններն, ինչպէս նաեւ իրենց ընտրութեան եւ փոփոխման ձեւը սահմանուած են նահիյէներուվարչութեան կանոնագրին 20-րդ յօդուածէն մի նչեւ 27-րդ յօդուածին տրամադրութեանցը մէջ:

Յօդուած ԺԶ. Այս յօդուածը համաձայն է նահանգներու կազմակերպութեան եւ ընդհ. վարչութեան կանոնագրոց, ինչպէս նաեւ նահիյէներու վարչութեան կանոնագրին մասնաւոր յօդուածներուն:

Յօդուած ԺԷ. Այս յօդուածը համաձայն է նահանգներու եւ նահիյէներու վարչութեան կանոնագիրներուն:

ԳԼՈՒԽ Ե.

Յօդուած ԺԸ. Այժմ ի գործադրութեան եղող կանոնագիրները չեն կանխատեսած ոստիկաններուն (բոլիս) նահիյէներու ժողովրդեան մէջէն ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց նահիյէներու ժողովոց հրամաններուն ներքեւ գտնուիլը: Նահիյէի մը ոստիկանները, եթէ նոյն նահիյէի ժողովրդէն ընտրուին, կրնան հոն ծնողք կամ ազգական ունենալ, կամ բնակիչներէն ոմանց դէմ անձնական ատելութիւն սնուցած ըլլայ, ինչ որ զիրենք կրնայ արգիլել իրենց պաշտօնին պարտաւորութիւնները խղճամտութեամբ կատարելէ եւ անկողմնակալութեամբ գործելէ:

Ոստիկաններուեւ ժանտարմաներու խումբերը ամէն նահանգի մահմետական եւ ոչ-մահմետական բնակչաց ընդհանուր թուոյն համեմատութեամբ նահանգներու կեդրոններուն մէջ կազմել, նահիյէներու յատկացուած ոստիկաններու եւ ժանտարմաներու թիւը՝ ըստ տեղական պիտոյից՝ աւելցնել, նահիյէներու կեդրոններուն՝ այդ խմբերէն առնելով յարմար թուով ոստիկաններ յատկացնել, հանրային հանգստութեան տեսակէտով առաջադրեալ նպատակը ապահովելուբաւական կը տեսնուի:

Յօդուած ԺԹ. Նահիյէի կեդրոնին ոստիկանները ոստիկանական գործերու մէջ բնականաբար միւտիրին հրամանին տակ պիտի շարժին: Եթէ ոստիկանները բազմաթիւ են, եթէ իրենց մէջ ոստիկանութեան գօմի սէր մը կայ, յայտնի է որ պարտին համակերպիլ ի գործադրութեան եղող կանոնագրոց: Իրենց զէնքերը ուհամազգեստները համաձայն պիտի ըլլան՝ ոստիկանութեան համար արդէն ընդունուած օրինակներուն. իրենց ռոճիկները պիտի վճարուին նահիյէներուսնտուկներուն կողմէն:

Այս պաշտօնեաները, վճարուած ըլլալով, պէտք է որ շարունակաբար զբաղին իրենց պաշտօնը կատարելով, առանց ներուելու իրենց որ անձնական գործերով զբաղին:

Քանի որ կանոնաւոր բանակի գործօն պաշտօնի մէջ գտնուող զինուորները իրենց տուրքերը կը վճարեն, պատճառ չը կայ որ ոչ-մահմետական ոստիկանները զինուորական տուրքի վճարումէ ազատ թողուին:

Ոստիկանները իրենց պաշտօնը կը կատարեն իրենց շրջանակին սահմաններուն մէջ, հետեւաբար հեծեալ ոստիկաններու գործածութեանը տեղի չի կայ եւ այս կերպ գործածութիւն մը ցարդ իր օրինակը չունի:

Վիլայէթներումէջ որչափ ոստիկանութեան պաշտօնեայ գործածելու պէտքը տեղւոյն վրայ քննելէ ետքը, այդ պաշտօնեաներուն անուանման պիտի ձեռնարկուի ըստ իրական եւ բացարձակ պիտոյից:

Աւելորդ ծախուց տեղի չը տալու համար, այս կարգադրութեան պէտք չէ որ ճշմարիտ պէտքին ցուցուցած աստիճանէն աւելի ծաւա-լում տրուի: Բացայայտ է թէ այս ոստիկաններուն պաշտօնը, վարմունքը եւ իրաւասութիւնները պէտք է մն ան ոստիկանութեան պաշտօնէից նկատմամբ այժմ գործադրուած սահմանին մէջ եւ թէ այդ ոստիկանները իրաւունք չը պիտի ունենան իրենք իրենց ո՛եւէ նոր հանգամանք մը տալու:

Յօդուած Ի. Բոլիսի պարտաւորութիւնները, ինչպէս են ճամբաներու հսկողութիւնը հանրային հանգստութեան պահպանութիւնը, եւ թղթատարութեան պայուսակներու փոխադրութիւնը հետեւակ եւ ձիաւոր ժանտարմաներուկը պատկանին:

Սանճագներու եւ գազաներուկեդրոնական իշխանութեանցը կը վերաբերի ժանտարմաներ ղրկել երբ պէտք տեսնուի:

ԳԼՈՒԽ Զ.

Յօդուած ԻԱ. Յարմար է ժանտարմաները, ըստ տեղական պահանջմանց, մահմետական եւ ոչ-մահմետական բնակիչներէն առնել եւ ժանտարմաներումարմն ոյն բարձրաստիճան եւ ստորադաս սպաները ընտրել, կայսերական բանակի սպաներէն:

Ժանտարմաներուռոճիկը կանոնաւոր զօրաց ռոճիկէն բարձր է եւ սպաներուռոճիկը կայսերական բանակի սպաներուռոճիկին հաւասար: Յայտնի է որ ըստ հաստատեալ կանոնաց ժանտարմաներու ռոճիկները եւ ծախքերը պէտք է վճարուին նահանգաց արկղերէն:

ԳԼՈՒԽ Է.

Յօդուած ԻԲ. Ամբաստանեալները (մազնուն) վար կը դրուին արգելանոցներու (maison d’arret - թէվգըֆխանէ) եւ դատապարտեալները բանտերու մէջ: Կուսակալներու, կառավարիչներու եւ գայմագամներու պարտքն է բանտերու առողջապահական պայմաններուն վրայ հսկել: Ընդհ. դատախազներն ալ պարտաւոր են այս մասին քննութիւններ կատարել:

Բաց աստի՝ բանտերը ունին պաշտօնեաներուեւ սպասաւորներու կատարեալ կազմակերպութիւն մը, ինչպէս են տնօրէն, գրագիրներ եւ պահապաններ: Կարելի է յանձնարարութիւններ կատարել որպէս զի այս միջոցներով աւելի եւս հոգ տարուի արգելանոցներու եւ բանտերու վիճակին, որոց պահպանութեանը կոչուած են ժանտարմաներ եւ ոստիկաններ:

Տանջանքները եւ ամբաստանեալներուեւ դատապարտեալներու մասին կեղեքիչ վարմունքները արգիլուած են օրէնքով, արգելք՝ որոց հակառակ վարուողներուն, ամենէ խիստ պատիժները սահմանուած են:

ԳԼՈՒԽ Ը.

Յօդուած ԻԳ. Նախնական քննութիւնը կը կատարուի այժմ ի Պօլիս եւ ի գաւառս ոստիկանութեան ժողովներու կողմէ. յանձնարարուած ձեւը յիշատակուած է արդէն նահանգաց ընդհ. վարչութեան վերաբերեալ հրահանգաց մէջ:

ԳԼՈՒԽ Թ.

Յօդուած ԻԴ. Ամէն նահանգի մէջ թափառիկ քիւրտերը կառավարելու, աւազակները եւ ոճրագործները ձերբակալելու եւ յանձնելու պաշտօնով աշիրէթ մէմուրիի մը ներկայութիւնը ո եւ է գործնական առաւելութիւն մը չընծայեր եւ գործադրելի առաջարկութեան մը հանգամանքէ զուրկ կը տեսնուի, ըստ որում անկարելի է որ ցեղի մը գլուխները ո եւ է ազդեցութիւն ունենան ուրիշ ցեղի մը վրայ: Հետեւաբար թափառիկ ցեղերու մէջէն աւազակներու եւ ոճրագործներու ձերբակալումը եւ անոնց դատարաններու յանձնումը, պէտք է թողուի ժանտարմաներուեւ ենթակայ ըլլայ կուսակալին կողմէ տրուած հրամաններուն եւ անոր ընդունած տրամադրութեանցը:

Այս ցեղերուն մեծագոյն մասը թափառիկ չեն: Իրենց ապրուստի գլխաւոր միջոցը պարզապէս անասնաբուծութեան մէջ կայանալով, ամառը իրենց արօտատեղիները կ’երթան եւ ձմեռը կը վերադառնան իրենց բնակարանները որոնք գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերումէջ են:

Այս տեղափոխութեանց մէջ այդ ցեղերուն անցնելիք ճամբաները պիտի որոշուին նախապէս, եւ որպէս զի այդ տեղերուն մնայուն ժողովրդոց ընչից եւ անձիցը նկատմամբ ո՛ եւ է ոտնձգութիւն կամ ծայրայեղութիւն չը կարենան գործել, բաւականաչափ զինեալ զօրութիւն մը, հրամանատարութեամբ զօրաբաժնին հրամանատարին կողմանէ անուանեալ սպայի մը, ինչպէս նաեւ ժանտարմաներու եւ սպաներու ջոկատ մը՝ կուսակալին կողմէ անուանուած, տեղեաց վրայ պիտի ղրկուին:

Խնամով պիտի հսկուի որպէս զի այս ցեղերունկատմամբ ճշգրտապէս գործադրուին անցագրոց եւ զէնք կրելու մասին հրատարակուած կանոնագրոց տրամադրութիւնները: Որպէս զի այս ցեղերը իրենց տրուած հրամաններուն եւ կատարուած յանձնարարութեանց հակառակ ո՛ եւ է արարքի մը մէջ չը գտնուին, իբր ապահովութիւն՝ երբեմն սովորութիւն է որ ցեղապետները ամենէ մօտ գտնուող նահանգին կամ սանջակին կեդրոնին՝ իրենց ծնողքէն կամ ազգականներէն ամբողջ ցեղին յարգանացը եւ վստահութեանը արժանացած մէկը ղրկեն որպէս զի հոն մն այ իբր պատանդ մինչեւ որ վերադառնան իրենց տուները: Այս սովորութիւնը պիտի պահուի ի գործադրութեան:

Եթէ յարատեւ թափառիկ վիճակի մէջ գտնուող ցեղեր կան, կառավարութիւնը պիտի ջանայ զանոնք քաջալերել տեղ մը հաստատուելու, իրենց յատկացնելով հողեր եւ արօտավայրեր:

Ահա ասոնք են մի ջոցները որոնք կարեւոր կրնան նկատուիլ:

Վալիները, միւթեսարիֆները գայմագամն երը պիտի հսկեն ամենամեծ ուշադրութեամբ որպէս զի ցեղապետները վտանգներու եւ անարգանաց ենթակայ չըլլան անյարգ անձանց մեքենայութեանցը հետեւանօք:

ԳԼՈՒԽ Ժ.

Յօդուած ԻԵ. Համի տիէի հեծելագունդերը որոշեալ ժամանակներէն դուրս զինուտակ հրաւիրելուպէտք տեսնուած պարագային՝ անոնց գործածութեան ձեւը՝ արդէն որոշուած է: Համիտիէ հեծելագնդից յատուկ կանոնագրոց մէջ փոփոխութիւններ ներմուծուելու վրայ ըլլալով, մարզանքի ժամանակներէն դուրս զէնք եւ համազգեստ կրելումասին հարկ եղած արգելքները, խմբագրուելիք նոր կանոնագրոց տրամադրութեանցը կարգէն են:

Եթէ Համի տիէի հեծելազօրներ, մարզանքի ժամանակներէն դուրս, այսինքն երբ զինուներքեւ չեն, իրենց դատաստանի ենթարկուելուն հարկ ցուցնող արարքի մէջ գտնուին, ի գործադրութեան եղող սովորութեան համեմատ, կը դատուին սովորական դատարանաց առջեւ:

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

Յօդուած ԻԶ. Կայսերական կառավարութիւնը, ի նկատի առնելով անշարժ ստացուածոց ապահովութեան խնդիրը, ջնջած է հին դրութիւնը՝ որու համեմատ թէ ի Պօլիս եւ թէ ի գաւառս տարբեր ձեւերով կալուածագրեր կը տրուէին այդ ստացուածոց համար, եւ արդէն՝ իբր սկզբունք հաստատած է հողերու եւ շէնքերու համար տէֆթէրխանէի կողմէ միաձեւ կալուածագրեր տրուելու դրութիւնը:

Այսպէս, թէ էմի րիէ եւ վագըֆ հողերու եւ թէ միւլք շէնքերու համար վերոյիշեալ վարչութեան կողմէ կանոնաւոր կալուածագրեր տրուելուն շնորհիւ՝ ժողովրդեան կալուածական իրաւունքները ապահովուած են:

Ի նկատի առնելով սա պարագան թէ անշարժ կալուածոց վերաբերեալ խնդիրներն ու իրողութիւններն կարենալ քննելու համար՝ այս գործին վերաբերեալ օրինաց մասնաւոր գիտակցութիւնը հարկաւոր է, տեղեաց վրայ հաստատուած՝ մահմետական ու ոչ- մահմետական անդամներէ բաղկացեալ պարզ յանձնաժողովներ չեն կրնար այս քննութիւնը կատարել:

Հետեւապէս, յարմար է այս մասին անդամոցը երկուքը մահմետական եւ երկուքը ոչ-մահմետական ըլլալուպայմանաւ՝ չորս անդամէ բաղկացեալ յանձնաժողովներ կազմել, որոնք՝ նահանգներու կեդրոններուն մէջ՝ Տէֆթէրխանէի վարչութեան, եւ սանճագներու կեդրոններուն մէջ ալ՝ կալուածական ստացուածոց պաշտօնէին նախագահութեանը տակ պէտք է գտնուին:

Այս յանձնաժողովն երուն իսկական պաշտօնը պիտի ըլլայ վերաքննել կալուածական իրաւունքներ ունենալնին պնդող անձանց կալուածագրերը:

Սակայն, ըստ որում՝ ոմանց օրէնքին տրամադրութիւնը չը գիտնալով՝ իրենց հողերուն եւ կալուածներուն կալուածագրերը առած չըլլալը եւ այլոց ալ շինծույայտարարութեամբ կալուածագիր ստացած ըլլալը կարելի է, վերաքննութեան մի ջոցին պէտք է այս կարեւոր կէտն ալ ի նկատի առնել, եւ՝ հարկ եղած լուծումը տալու առաջադրութեամբ՝ պէտք է քննել ուխուզարկել ստացման պարագաները գնումի, փոխանցման կամ ժառանգութեան իբր հետեւանք տիրացուած այն հողերուն ու կալուածներուն, որոնց վրայ իրաւունք ունեցողները որ եւ է պատճառով մը ժամանակին կալուածագիր ստացած չեն. հարկ է որ ոչ ոք կալուածագիր չկարենալ ներկայացնելուն պատճառով իր հին իրաւունքներէն չը զրկուի. իսկ անոնց մասին՝ որոնք որ եւ է կերպով մը կալուածագրեր ստացած են, առանց իրենց սեփհականութեան իրաւունքները հիմնովին հաստատուած ըլլալու, պէտք է փնտռել թէ ինչպէս կրցած են կալուածագիր ունենալ, յաջողիլ նաեւ ամենուն կալուածները որ եւ է յափշտակութենէ զերծ կացուցանել. վերջապէս պէտք է որեւէ հնար չը ձգել անիրաւ պահանջմանց ու զեղծումներու եւ մանաւանդ ամէն վնասէ զերծ պահելու աշխատիլ վագըֆ հողերն ու կալուածները:

Այս կէտերէն է ահա, որ պէտք է բաղկանայ յիշեալ յանձնաժողովն երուն գլխաւոր պաշտօնը: Իրենց որոշումն երը պէտք է քննուին եւ վաւերացուին վիլայէթներու ուս անճագներու վարչական խորհուրդներուն կողմէ: Յարմար է որ դատարաններուներ կայացուին օրինական լուծման մը պէտք ցուցնող գործերը եւ որպէսզի ասիկա վարչական կեդրոնացման սկզբունքին համաձայն ձեւով մը կատարուի, պատուաւոր, ուղիղ եւ ամբասիր անցեալ ունեցող չորս անձինք, որոնց ընտրութեանը մասնաւոր հոգ պիտի տարուի, ամէն տարի մայրաքաղաքէն վիլայէթները պիտի ղրկուին, իրաւանց եւ արդարութեան հակառակ գործողութիւններ կատարուիլը կամ չկատարուիլը քննելուեւ այս քննութեան արդիւնքը Բ. Դրան գիտցնելուպաշտօնով: Այս կերպով գօնթրօլ մը պիտի կատարուի:

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

Յօդուած ԻԷ. Ամէն տեսակ տասանորդական տուրքերը հնչուն դրամով գանձելուանկարելիութիւնը, անկարելիութիւնը՝ որ երեւան կուգայ երբ ի նկատի առնուի ժողովրդեան վիճակը, ապացուցուած է տարբեր ժամանակներումէջ այլ եւ այլ տեղեր կատարուած փորձով: Հունձքերու ժամանակ տասանորդական տրոց նոյնութեամբ վճարումը յայտնապէս դիւրութիւն մըն է բնակիչներուն համար: Բաց աստի՝ սոյն նիւթին վերաբերող կանոնագրին մէջ՝ տասանորդական տրոց ամէն գիւղի համար զատ զատ աճուրդի դրուիլն եւ խնդրարկուերեւան եկած ատեն՝ այդ տրոց գանձման բնակչաց յանձնուիլը ընդունուած ըլլալով, այս կանոնին պահպանումը հարկաւոր կը տեսնուի: Հաւաքիչները ժամանակաւ երկրին ուրիշ հասոյթներուն հաւաքմանը համար անուանուած էին, բայց որովհետեւ այս մի ջոցը տրոց կանոնաւորապէս գանձումը չէր ապահոված, ու՝ հանրային հասույթից մատակարարութեանը տեսակէտով՝ ժողովրդեան դիւրութիւններ ընծայող կանոնաւոր վիճակ մը չէր կրցած յառաջ բերել, մի ւս կողմէ՝ ըստ որում՝

կայսերական կառավարութիւնը՝ տրոց գանձման գործին մէջ զինուորական զօրութիւն գործածելէ տարբեր եղանակ մը փնտռելու հարկին մէջ գտնուած էր, հարկահանութեան պաշտօնով յատուկ ջոկատներ կազմուած էին: Իբր սկզբունք՝ որոշուած էր որ այս ջոկատները իրենց գացած տեղերը որ եւ է ուտելիք, կամ իրենց ձիերուն համար խոտ չը պիտի խնդրեն. ուխիստ պատիժներ սահմանուած էին հակառակ վարմունքի մէջ գտնուողներուն համար, ըստ որում ժողովրդեան պարտած տուրքերուն գանձումը ու տեղական սնտուկներուն յանձնումը, ժողովրդեան կողմէ ընտրուած մուխթարներուն, ու գիւղերու ու թաղերու հաւաքիչներուն կը պատկանին, նոյնպէս ըստ որում հաստատուած է որ հարկահանութեան ջոկատներուն պատկանող անձինք դրամի դպչելուոեւէ առիթ չունին, հետեւապէս, անօգուտ է այս դրութեան տեղ առաջարկուած դրութիւնը գործադրել, մանաւանդ որ ընտրել տալ ուզուած հաւաքիչները չեն կրնար, ինչպէս քիչ մը առաջ ապացուցուեցաւ, ժողովրդեան կողմէ ընտրուած հաւաքիչներէն ումուխթարներէն տարբեր անձնաւորութիւններ ըլլալ:

Յօդուած ԻԸ. Տասանորդական տրոց հաւաքման՝ վարձու տալուդրութեան տեղ՝ ուղղակի կառավարութեան կողմէ մատակարարութիւնը, զոր կայսերական կառավարութիւնը փորձած էր, փոխանակ հանրային ծառայութեանց այս ճիւղին մէջ կանոնաւորութիւն առաջ բերելու, տեղի տուած է, ընդհակառակն, գանձային կորուստներու ու ժողովրդեան կողմէ ամէն տեսակ գանգատանաց:

Վարձու տալու դրութեան վերահաստատման պատճառը այս է: Միայն թէ՝ ամէն տեսակ գանգատի առաջքն առնելու համար, տասանորդական տրոց կանոնագրոյն մէջ կարգ մը պայմաններ եւ սահմանափակիչ տրամադրութիւններ ներմուծուած են: Օրինակի համար, տասնանորդական տուրքերը մեծաքանակ վարձու տալու դրութիւնը ջնջուած, ու՝ ինչպէս ասկէ առջի յօդուածին մէջ բացատրուեցաւ՝ անոր տեղ յիշեալ տուրքերը ամէն մէկ գիւղի համար ույանուն ժողովրդեան աճուրդի դնելուդրութիւնը ընդունուած է. ինչ որ քաջալերութիւն մը եւ դիւրութիւն մըն է շինական ժողովրդեան: Բաց աստի, ինչպէս որ տասանորդական տրոց վարձքերուն վարձակալներէն գանձմանը մասին դժուարութիւն ծագած ժամանակ կառավարութիւնը դատարաններու կը դիմէ, նոյնպէս ալ ի գործադրութեան եղող կանոնաց տրամադրութեամբք, բնակիչները իրաւունք ունին ազատութեամբ դիմելու վարչական ժողովներուն ու դատարաններուն՝ երբ որ վարձակալներուն դէմ գանգատ կամ բողոք ունենան: Ձրի աշխատութիւնը (անկարիա) բացարձակապէս արգիլուած է երկար տարիներէ ի վեր: Հակառակ վարմունքի մէջ գտնուողները իրենց այս վարմունքին պատճառաւ պատասխանատուութեան ենթարկուին: Հետեւապէս տեղի չկայ կանոնական նոր տրամադրութիւն մը հաստատելու այս մասին:

Նահիյէներու մէջ հանրային (կառավարական) սնտուկներու հաստատութիւնն ալ փորձուած էր ժամանակին. սակայն այս փորձը՝ գործողութեանց կանոնաւորութեան տեսակէտով լաւ արդիւնք տալէ շատ հեռու, պատճառ եղաւ որ գանձը կորուստներ ունենայ զուր տեղը: Հետեւապէս որ եւ է նիւթական առաւելութիւն չկայ այս փորձը կրկնելու մէջ: Կարեւոր է պահպանել այժմ ի գործադրութեան եղող դրութիւնը, որու համեմատ, նահիյէներու որոշեալ ծախքերը՝ որոնք նահանգներու պիւտճէին մէջ արձանագրուած են, ամէն ամիս գազաներու սնտուկներուն կողմէն կը վճարուին: Նահանգներու ու սանճագներու պիւտճէին մէջ արձանագրեալ ծախքերն ալ նոյնպէս հանրային սնտուկներու կողմէ կը վճարուին:

Շինութեան եւ նորոգութեան ծախքերը, կամուրջներու ու խճուղիներու յատկացուած գումարները, ինչպէս նաեւ նոյնութեամբ կամ դրամական փոխանակութեամբ կատարուելիք ծառայութեանց վերաբերեալ գործողութիւնները կը պատկանին հանրօգուտ շինութեանց պաշտօնէութեան, որ այս մասին հարկ եղած մի ջոցները գործադրելուհամար նահանգներուհետ յարաբերութեան կը մտնէ:

Հանրային կրթութեան ծախուց համար հարկ եղած գումարներուն գալով, հասարակաց կրթութեան պաշտօնէութիւնն է որ զանոնք կ’արձանագրէ իր պիւտճէին մէջ ու վճարմանցը համար պէտք եղած կարգադրութիւնը կ՚ընէ, յարաբերութեան մտնելով տեղական կառավարութեանց հետ:

Ի նկատի առնելով հաստատեալ կանոնները, կարեւոր է ապագային մէջ ալ շարունակել այս կանոնին համաձայն:

Ժողովուրդը ո՛չ պաշտօնէից, ո՛չ ալ կայսերական զօրաց որ եւ է ատեն ձրիապէս բնակարան, կամ իրենց ապրուստին համար հարկաւոր պաշար հայթայթած չէ: Ժողովրդեան դէմ երբէք խստութեան մի ջոցներ ձեռք առնուած չեն, տուրքերու հաւաքման մի ջոցին: Ասոր ապացոյցն է կարեւոր գումարներուհասնող յետնեալ հասոյթները (պագայա), զորս ժողովուրդը կը պարտի ամէն տարի զինուորական եւ այլ տրոց անվճար մն ալէն. բաց աստի, ըստ որում տուրքէ առաջ եկող կամ այլ անձնական պարտուց համար հարկապարտին մասնաւոր բնակարանին, իր ապրուստին հարկաւոր եղող հողերուն, իր աշխատութեան պիտոյքներուն, երկրագործական գործիքներուն, վարուցանի անասնոցը ու սերմցու արմտեացը վաճառումը արգելող կանոնական տրամադրութիւններ կան, հարկ չկայ նոր կանոններուօրէնքներ հաստատել այս մասին:

ԳԼՈՒԽ ԺԳ.

Յօդուած ԻԹ. Նահիյէներումէջ ծերոց ժողովներ (իխթիեար մէճլիսի) կան, որոնք պաշտօն ունին թեթեւ դատերը բարեկամական ձեւով կարգադրել եւ երկու կողմերը հաշտեցնել, ըստ հաստատեալ կանոնաց:

Յօդուած Լ. Գազաներումէջ կան դատարանաց կազմական օրինագրին տրամադրութեանցը համաձայն հաստատուած առաջնակարգ դատարաններ: Հաշտարար-դատաւորի պաշտօնը կը կատարուի գիւղերումէջ ծերոց ժողովն երուն եւ նահիյէներու մէջ նահիյէի ժողովն երուն կողմէն: Իրենց իրաւասութիւններն եւ գործերու կարգադրութեան մասին իրենց ձեռնհասութեան աստիճանը որոշուած է վերոյիշեալ օրէնքով: Գազաներու ու նահիյէներու կեդրոնները հաշտարար-դատաւորներ հաստատելումասին տեղի ունեցած յանձնարարութիւնը կանխատեսուած չէ որ եւ է օրինական տրամադրութեամբ: Արդէն նահիյէներու ու գիւղերումէջ օրինական խնդրոց տեսակէտով ձեռնհաս մարդիկ չեն գտնուիր: Հետեւապէս յարմար չէ այնքան ընդարձակ իրաւասութիւն ունեցող հաշտարար- դատաւորներ անուանել:

Յօդուած ԼԱ. Նախորդ յօդուածին մէջ բացատրուեցաւ թէ տեղի չկայ հաշտարար դատարաններ հաստատելու: Հետեւապէս անօգուտ է իրենց իրաւասութեանց վրայ խօսիլ:

Յօդուած ԼԲ. Քաղաքային գործոց մէջ, դատարանները իրաւասութիւն չունին իրաւարար անուանելու: Վաճառականական օրինագրքին տրամադրութեանը համաձայն, վաճառականական դատարանները ընկերութեան գործերումէջ քննիչներ (expert) կանուանին: Արդէն, քանի որ ըսուեցաւ թէ տեղի չկայ հաշտարար- դատարաններ կազմելու, անօգուտ է ասկէ աւելի քննել այս տեսակ իրաւասութեան մը հաստատումը:

Յօդուած ԼԳ. Հաշտարար դատարաններ հաստատելու անկարելիութեանն ու անօգուտութեանը եւ հաշտարար իրաւարարութեան ներկայ կազմակերպութիւնը պահելու հարկին մասին տրուած բացատրութիւններէն բնականապէս կը հետեւի որ պէտք է գազաներու մէջ նախնական դատարանները պահել ըստ առաջնոյն:

Յօդուած ԼԴ. Ի նկատի առնելով հաշտարար-դատարաններու անօգուտ ըլլալը՝ ինչպէս կը հետեւի վերոգրեալ բացատրութիւններէն, այդ դատարաններուիրաւասութեանցը իբր մէկ մասը, այս յօդուածին մէջ բացատրուած տրամադրութիւնը գոյութեան որ եւ է պատճառ չունի:

Յօդուած ԼԵ. Գազաներումէջ քաղաքային եւ եղեռնական նախաքննիչ դատարաններուպահպանութեան պէտքը արդէն բացատրուեցաւ: Դատական օրէնքները չեն նախատեսեր եղեռնային գործերը տեղեաց վրայ քննելու պաշտօն ունեցող շրջուն եղեռնադատ ատեաններու հաստատումը: Այս տեսակ ձեռնարկ մը կարելիութեան հանգամանք չընծայեր եւ ո եւ է առաւելութիւն չկրնար սպասուիլ անկէ, քանի որ յարաբերութեանց դժուարութիւնները այս տեսակ դատարանի մը շրջանին մէջ ժամանակի կորուստներ կրնան առաջ բերել: Ձմրան միջոցին ճամբաները կրնան տեղ տեղ գոցուիլ, այնպէս որ եղեռնային դատերը, եւ մանաւանդ ճիւրմը մէշհուտի (fl agrant délit) պարագաները՝ որոնք քիչ ժամանակի մէջ քննութիւն եւ դատավարութիւն կը պահանջեն, դատային մարմնոյն ժամանակին չը հասնելուն հետեւանքով կը յետաձգուին, ինչ որ՝ համոզում գոյացնելու բնութիւն ունեցող ապացոյցները ու նշանակները միացնելու մասին դժուարութիւն առաջ բերելով, եղեռնային եւ քաղաքային դատավարութիւնները կրնայ վտանգել:

Յօդուած ԼԶ. Ինչպէս որ կը հետեւի նախորդ յօդուածոյն մէջ տրուած բացատրութիւններէն՝ շրջուն դատարաններու կազմակերպութիւնը դժուարին է եւ անօգուտ: Հետեւաբար, այդ դատարաններուն կազմակերպութեանը մէջ հետեւուելիք ձեւակերպութիւնը որոշելուհարկ չկայ:

Յօդուած ԼԷ. Քանի որ շրջուն դատարաններ կազմելու սկզբունքը կացութեան պահանջմանցը յարմար չը տեսնուիր, տեղի չկայ այդ դատարաններու իրաւասութիւնները ճշտելու:

Յօդուած ԼԸ. Շրջուն դատարաններ կազմելու սկզբունքը ընդունելի համարուած չըլլալով, այս յօդուածին մէջ բացատրուած տրամադրութիւնները քննելու այլ եւս տեղի չկայ:

Յօդուած ԼԹ. Նահանգներու կեդրոնները նախագահէ մը եւ երկու անդամէ բաղկացեալ բարձրագոյն ատենի մը կազմակերպութիւնը առաջարկութիւն մը որ դատական օրինաց տրամադրութեանցը չը համաձայնիր: Ամէն նահանգի կեդրոնը կը գտնուի իւրաքանչիւրը նախագահէ մը եւ չորս անդամէ բաղկացեալ, երկու վերաքննիչ դատարան, մին քաղաքային եւ միւսը եղեռնային գործոց համար, ինչպէս նաեւ քաղաքային եւ եղեռնային նախնական դատարաններ, մէկ նախագահէ եւ երկուանդամէ բաղկացած:

Վերաքննիչ ատեանները կը քննեն նախնական դատարաններու կողմէ դատուած քաղաքային ուեղեռնական գործերը: Գալով նահանգներու կեդրոնները ծագող եղեռնային դատերուն, այս կարգի դատերը կը քննուին նախապէս վերաքննիչ ատենին կողմէ:

Գազաներու (սանճագներու?) քաղաքային եւ եղեռնային նախնական դատարանները, որոնց իւրաքանչիւրը կազմուած է նախագահէ մը ու երկու անդամէ, կը դատեն, ըստ տրամադրութեանց դատարաններու կազմական օրինաց եւ քաղաքական ու եղեռնային օրինագրոց, սանճագներու կեդրոնը տեղի ունեցած քաղաքային ուեղեռնային գործերը ուվերաքննութեամբ կը քննեն գազաներու դատարաններուն վերաքննելի վճիռները:

Նահանգային դատարաններու կազմակերպութեան բաւականութիւնն ու օգտակարութիւնը ապացուցուած է փորձով: Օրինաց եւ գործնականութեան տեսակէտով, պէտք չկայ այս կազմակերպութիւնը փոխել, վերը յիշուած ձեւով բարձրագոյն ատեան մը կազմելու համար:

Յօդուած Խ. Քաղաքական եւ եղեռնային գործոց մէջ սովորական դատարանաց կողմէ տրուած վճիռները պէտք է գրուին տաճ-կերէն լեզուով, որ երկրին պաշտօնական լեզուն է:

Երեք կառավարութեանց հաղորդուած

20 յուլիս/1 օգոստոս 1895 թուականին:

------------------

Թէ ինչ տպաւորութիւն թողեց Բ. Դրան այս գրութիւնը երեք դեսպանների վրայ, երեւում է ֆրանսիական դեսպանի հետեւեալ գրութիւնից.

24
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ Պ. Բ. ԳԱՄՊՕՆ ԱՌ Պ. ՀԱՆՕԴՕ՝ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐ [3]

Թէրաբիա, 5 օգոս. 1895

Ես Ձեր Վսեմութեան տեղեկացուցի արդէն թէ, Անգլիայի, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի դեսպաններուն կողմէ Սուլթանին 11 մայիսին ներկայացուած ծրագիրին ի պատասխան ստացուած է Բ. Դրան գրութիւնը:

Մենք համաձայնեցանք բաւականանալ յայտարարելով Բ. Դրան թէ իր պատասխանը, կ’երեւայ թէ ոչ մէկ կերպով ի նկատ կ’ուզէ առնել մեր առաջարկութիւնները եւ բարենորոգումի այն խոստումն երը զոր նախապէս օսմանեան կառավարութիւնը ըրած էր, եւ թէ այդ պատասխանը մենք կը հաղորդենք մեր կառավարութիւններուն հրահանգներ խնդրելով:

Անոր քննութիւնը դիւրացնելու համար, ես բաղդատական ամփոփուած աշխատութիւն մը կազմեցի մեր առաջարկութիւններուն եւ Բ. Դրան պատասխաններուն միջեւ, զոր Ձեր Վսեմութիւնը ներփակ կը գտնէ:

Դիւրին է հասկնալ որ Բ. Դրան ծրագիրը ընդունելի չէ: Այն բոլոր տրամադրութիւնները որ կը պարունակէ, կը ձգտին հաստատել, որ ինչպէս սկզբունքներուն, նոյնպէս կիրարկման մէջ, օսմանեան կայսրութեան ասիական նահանգներուն վարչական ներկայ կազմակերպութիւնը ոչ մէկ յոյս չի թողուր:

Բարենորոգումներումեր առաջարկութիւնները միայն մէկ նպատակ ունէին. ապահովել Հայերուն կեանքը, գոյքը եւ բարեկենցաղը, պաշտօնեաներուեւ զինուորներու կամայականութեան եւ բռնակալութեան դէմ, ինչպէս նաեւ Քիւրտերու աւեր ու աւարառութեան դէմ:

Ձեր Վսեմութիւնը պիտի հաստատէ որ Բ. Դրան յիշատակագիրը ոչ մէկ կերպով չի պատասխաներ այս ըղձակէտներուն:

Նա կը մերժէ այն բոլոր առաջարկութիւնները որոնք կը վերաբերին բարենորոգման իսկական կէտերուն. օր. տուրքերու դրութեան բարենորոգում, դատական եւ բանտական բարենորոգում, այս բոլորը, հակառակ Դրան բացատրութիւններուն երկարութիւններուն, այսպէս ըսենք, ամէնը մէկ մերժուած է:

Գալով քաղաքապետական կազմակերպութեան, որ մեր ծրագրին հիմն աքարերէն մին կը կազմէր, Բ. Դուռը ոչ մի այն գոյութիւն ունեցող, երբէք չի գործադրուած, եւ յաճախ բռնաբարուած օրէնքներու պարզապէս կրկնումէն անդին չանցնիր, այլ նոյնիսկ մէկ քանի հիմնական օրէնքներ կը մերժէ, ինչպէս միւտիրներու ընտրութիւնը, թէպէտեւ գոյութիւն ունի կանոնադրութիւններու մէջ:

Մի քանի արտօնութիւններու առանց հաւանութիւն տալու նա կը վերադառնայ նախկին օրէնքներու եւ ետ կ’առնէ ազգաբնակութիւններէն օրէնքով մը երաշխաւորուած իրաւունքի գործադրութիւնը:

Եթէ մէկ քանի կէտերու վրայ, որ կը վերաբերին Քիւրտերու վերահսկողութեան, սեփականութեան երաշխաւորութեան, կը թուի որ մէկ քանի հաւանութիւններ կուտայ, նա կը բաւականանայ խօսիլ «կատարուելիք բաներու» մասին եւ Ձեր վսեմութիւնը պիտի նկատէ որ նա միայն տարտամ մտադրութիւններ կ’արտայայտէ, եւ մի հատ բարենորոգում խոստանալէ զգուշօրէն ետ կը կենայ: Պեռլինի Դաշնագրութեան 61-րդ յօդուածը քրիստոնեաները Քիւրտերուն դէմ պաշտպանելու մասին կը խօսէր. այսօր Բ. Դուռը (24 յօդուած վերջին մաս) կը թուի առաւելապէս ուշադիր լինել երաշխաւորելու ցեղապետերը, «թափառիկ անձերու մեքենայութիւններուն եւ զրպարտութիւններու» (հասկցէք Հայերը) դէմ:

Մասնաւոր սեփականութեան անձեռնﬗելիութիւնը ապահովելու համար, նա կը յայտնէ որ այդ նպատակով նշանակուած յանձնաժողովն երը պիտի սեւեռին մանաւանդ ամէն մի վտանգէ զերծ պահելու «վաքըֆ» կալուածները, այսինքն անոնք որոնք որոշ ժամանակի տուրքերով, մզկիթներուեւ ուրիշ մուսուլմանական գթութեան տուներու շահին ենթակայ են. եւ այսպէս շարունակաբար:

Գալով մեր յիշատակագիրին մէջ մատնանշուած այն կէտերուն, որ կը գնահատէին երաշխաւորութիւնը եւ վերահսկումի միջոցները, Դուռը պարզապէս յարմար դատեց լռութեան մատնել զանոնք:

Դա եւս աւելի վճռական մերժում է, եւ զոր չի քօղարկեր ոչ մի ձեւական երեւոյթ:

Ամփոփելով, Բ. Դրան պատասխանը այսպէս կարող է ձեւակերպուիլ. մեզ խօսեցաք վարչական տնտեսական եւ դատական բարենորոգումն երումասին: Այդ բոլորը ըսուած է օրէնքներուն մէջ. մենք Ձեզ չենք խոստանար անցեալի մէջ եղածէն աւելի զանոնք գործադրել. պիտի հսկենք նոյնիսկ այն բանին որ անոնք մէկ քանի կէտերու

մէջ չի գործադրուին. բայց Դուք կարող էք բաւականանալ անով որ ատոնք արձանագրուած են օրէնքի հաւաքածոյին մէջ: Դուք մեզ խօսեցաք բռնութիւններու, հարստահարութիւններումասին, որոնց զոհերը եղած լինին քրիստոնեաները. բայց Դուք գիտէք որ եպերելի բոլոր գործերը արգիլուած են եւ օրէնքը կը պատժէ:

Սըր Փ. Քըրրի Դրան պատասխանը իր կառավարութեան ղրկեց, Պ. Նելիտօֆֆ զայն այսօր կը ղրկէ Ս. Բէդերսպուրիկ:

Մենք համաձայնեցանք հրաժարիլ Դրան հետ այս մասին ամեն տեսակ բանակցութեան մտնելէ, մինչեւ որ մեր կառավարութիւններուն հրահանգները ստանանք: Մեր զարմացումը չենք յայտներ այսպիսի քիչ պատշաճութեամբ ստացուած պատասխանի մը որուն մենք իրաւունք ունէինք սպասելու:

Բ. Գամպօն

-----------

Երեք պետութիւնները չընդունեցին Բ. Դրան առարկութիւնները եւ բանակցութիւնները դարձեալ շարունակուեցին: Ամբողջ խնդիրն այն էր թէ ինչպէս պիտի երեք պետութիւնները պաշտպանեն իրանց պահանջները: Նրանց համաձայնութիւնը, սակայն, այնքան ամուր չէր, որ կարելի լինէր աւելի եռանդուն ստիպողական միջոցների մասին մտածել: Բացի դրանից, այդ ժամանակ արդէն իրողութիւն էր որ Թիւրքիայի պաշտպան է Գերմանիան:

Եւ տեղի ունեցաւ նոյնիսկ Արեւելեան Հարցի արիւնաներկ պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող զարհուրելի փաստը:

Սուլթան Համի դը ծրագրել էր հայերի մի կոտորած: Նրա սկիզբը դրուեց Կ. Պօլսում 1895-ի սեպտեմբերի 30-ին . Տ. ): Երկու-երեք օրից յետոյ կոտորածն անցաւ Սեւ ծովի ասիական ափը, սկսուելով Տրապիզոնի մէջ: Եւ ահա այդ իսկ մի ջոցին, հարկաւ եւրոպական երեք պետութիւններին զբաղեցնելու եւ ուշադրութիւնը այս ահռելի դէպքերից հեռացնելուհամար, թիւրք կառավարութիւնը յայտարարեց թէ ընդունում է մշակուած բարենորոգումն երը հայկական նահանգների համար, սակայն ենթարկելով եւրոպական ծրագիրը փոփոխութիւնների:

25
ԵՊԱՐՔՈՍԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

Ուղղեալ առ Շաքիր բաշա եւ առ նահանգապետս Էրզրումի, Վանայ, Պիթլիսի, Տիարպեքիրի, Խարբուրդի եւ Սիվազի [4]

 

Օրինակ եպարքոսական հրամանին ուղղեալ Էրզրումի, Վանայ, Պիթլիսի, Տիարպէքիրի, Մամուրէթ-իւլ-Ազիզի եւ Սիվազի վալիներուն եւ քննիչ Ն. Վ. Շաքիր բաշայի:

Վեհապետին մեծանուն հօր հանգուցեալ Ապտիւլ Մէճիտ Խանի Կայսերական Վեհափառութեան կողմէն 1255 շապան 26-ին հրատարակեալ Կիւլհանէի Հաթթը Հիւմայունին փառապանծ տրամադրութեանց, ինչպէս նաեւ 1272-ին ճէմազիւլ ախըրի սկիզբները շնորհուած բարենորոգմանց ֆերմանին պարունակութեան համաձայն, եւ այժմ իրապէս դրուած եւ ի գործադրութեան եղող օրինաց համեմատ, ինչպէս որ ամեն ոք գիտէ, կայսերական կառավարութեան ամեն պաշտօնեայներու եւ գործակալներու ընտրութիւնն ու անուանումը կը կատարուի կայսերական իրատէի մը շնորհիւ եւ այդ մասին եղած մասնաւոր կանոններու համաձայն, եւ օսմանեան ամեն դասի հպատակներ ինչ ազգայնութեան որ ալ պատկանին, պիտի ընդունուին կառավարութեան ծառայութեան:

Հետեւաբար որոշուած է որ ասոնք պիտի գործածուին իրենց արժանեաց եւ կարողութեանց համաձայն, այն կանոններու համեմատ որ պիտի գործադրուին ամեն դասակարգերու մասին առ հասարակ: Նմանապէս որոշուած է որ ամեն օսմանեան հպատակներ որք կրնան տարիքի ու զարգացման մասին պետական վարժարանաց տիրող օրէնքին մէջ սահմանուած պայմանները

լրացնել, պիտի ընդունուին, առանց ո՛ եւ է խտրութեան, պետական վարժարանները: Բաց աստի, ինչպէս որ ժամանակ առ ժամանակ օսմանեան պետութեան ամեն մասերուն մէջ ներմուծուած են կարգ մը միջոցներ եւ կարգադրութիւններ, որք բնութիւն ունին առաջ բերելու հարկ եղած բարենորոգումն երն, ըստ պիտոյից եւ ըստ կարելւոյն, եւ որք նպատակ ունին հպատակներուբարեկեցութիւնը բարելաւել ու երկրին բարգաւաճութիւնն աւելցնել, նոյնպէս ալ Նորին Կայսերական Վեհափառութիւնն իր բարեպատեհ գահակալութենէն ի վեր, իր խորհրուրդներն ուղղած էր դէպի կատարեալ իրականացումն այս բարեացակամ դիտաւորութեանց: Ուստի կայսերական կառավարութեան դիտաւորութիւնն է աստիճանաբար գործադրել Նորին Վեհափառութեան երկիրներուն մէջ բարենորոգումներ, որք կը համապատասխանեն տեղական պիտոյից եւ բնակչաց բնաւորութեան, եւ հետեւաբար որոշուած է բարենորոգումն եր գործադրել, Էրզրումի , Վանայ, Պիթլիսի, Տիարպէքիրի, Մամուրէթ-իւլ-Ազիզի եւ Սիվազի ասիական նահանգաց մէջ, բարենորոգումներ որք պիտի պարունակեն Տեստուրի մէջ գտնուած օրինաց եւ կարգադրութեանց գործադրութիւնն, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ Կիւլհանէի Հաթթը-Հիւմայունի եւ բարենորոգմանց ֆերմանի տրամադրութիւնները:

Այս որոշումը նախարարաց մասնաւոր խորհրդոյ մը կողմէն Սուլթանին ներկայացուած ըլլալով Նորին Վեհափառութիւնը կայսերական իրատէով մը վաւերացուցած է զայն. եւ որոշուած բարենորոգմանց կէտերը պարունակող ցուցակին վաւերացեալ օրինակները կայսերական դիւանատան կողմէն յանձնուած եւ յիշեալ վեց վիլայէթներու իւրաքանչիւրին ալ հաղորդուած ըլլալով, օրինակ մ’ալ Ձեր Վսեմութեան կը ղրկուի ներփակեալ: Ասկէց զատ, ուրիշ յօդուածներ, որք որոշման մէջ կային եւ վաւերացուած են կայսերական իրատէով, հետեւեալ կերպով կը կցուին աստ. «Առաջին. Ամեն կերպով յարգանաց արժանի պաշտօեայ մը պիտի կարգուի կայսերական կառավարութեան կողմէն ընդհանուր քննիչ տիտղոսով, որոյ պաշտօնը պիտի ըլլայ հոգ տանել բարենորոգմանց կիրառութեան եւ հսկել անոնց գործադրութեան, եւ որ պիտի երթայ իր պաշտօնատեղին. ի բացակայութեան քննիչին, կամ ո՛ եւ է արգելք մը ունենալուն, ուրիշ մահմետական բարձր պաշտօնեայ մը առժամաբար պիտի կարգուի Նորին Վեհափառութեան կողմէն քննիչին փոխանորդելու համար: Քննիչն իր պարտականութիւնները կատարած միջոցին քովը պիտի ունենայ ոչ-մահմետական օգնական մը»:

«Երկրորդ. Նկատելով որ 1311-1895 յուլիս 11/23-ին կայսերական ներողութիւն շնորհուած է այն հայերուն որք ամբաստանուած կամ դատապարտուած են քաղաքական դէպքերու մէջ մասնակցութիւն ունեցած ըլլալնուն համար, այդ ներողութիւնը պիտի գործադրուի բոլոր այն հայերուն նկատմամբ, որոնց մասին ապացուցուած չպիտի ըլլայ թէ ուղղակի կերպով դեր ունեցած են քաղաքային օրինաց դէմ ո՛ եւ է յանցանաց մէջ, եւ որք այդ թուականէն առաջ բանտարկուած ըլլալով հանդերձ, տակաւին բանտը կը գտնուին»:

«Երրորդ. Այն հայերն որք աքսորուած են այս երկրէն դուրս եւ կամ օտար երկիրներ գացած ապաստանած են, պիտի թոյլատրուին ազատօրէն վերադառնալ յօսմանեան պետութիւն, պայմանաւ, որ ապացուցանեն թէ օսմանեան հպատակ են եւ բարի վարուց տէր»:

«Չորրորդ. Զէյթունի եւ Հաճընի նման գազաներումէջ վերոյիշեալ օրինաց նման մի ջոցներ պիտի գործադրուին»:

Հարկ չկայ բացատրելու կամ կրկնելու թէ Նորին Կայսերական Վեհափառութեան Սուլթանին, առատագութ բարերարին ամենաջերմ փափագն է օսմանեան երկիրներու եւ առհասարակ իւր ամեն հպատակներուն բարգաւաճման յաւելումն եւ անոնց հանգստութեան ու երջանկութեան ապահովուիլն, եւ այս յօդուածներն ու հրամանագրերն ալ աւելի պիտի ապահովեն այս նպատակին իրագործումն :

Նորին Վեհափառութեան թիկնապահներէն Նորին Վսեմութիւն Շաքիր բաշա, որ ընդհանուր քննիչի բարձր պաշտօնին կարգուած է, կայսերական հրամանով մը վերոյիշեալ վեց վիլայէթներուհամար անուանուած է. եւ իրեն ընկերանալիք օգնականին, ինչպէս նաեւ վերը յիշուած ցուցակին համաձայն Քննիչ Մասնախումբին անուանման ալ ձեռնարկուած է, եւ ես կը փափագիմ որ արտաքոյ կարգի եռանդով, ուշադրութեամբ եւ խնամքով սկսիք ձեր նահանգին մէջ գործադրել որոշուած բաները, եւ այսպէս ձեռք բերուած արդեանց մասին տեղեկագրել ժամանակին:

(1895 հոկտեմբեր 8)

(1313 րէպիլ ախըր 30)

26
ՑՈՒՑԱԿ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՄԱՆ ԿԷՏԵՐ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԵՒ ԿՑԵԱԼ ԵՊԱՐՔՈՍԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԻՆ [5]

20 հոկտեմբեր 1895

ԳԼՈՒԽ Ա.
Վիլայէթներ եւ միւթասարըֆութիւններ

Յօդ. 1. Իւրաքանչիւր վիլայէթի համար (ընդհանուր կուսակալութիւն) վալիին քով պիտի անուանուի մէկ ոչ-մահմէտական մուավին, ըստ տրամադրութեան Բ. գլխոյ 29 շէվվալ 1286-ի կանոնագրոյն ի վերայ ընդհանուր վարչութեան վիլայէթից:

Իրեն պաշտօնը պիտի ըլլայ, ըստ նոյն կանոնագրոյն աշխատակցիլ վիլայէթին ընդհանուր գործոց եւ պատրաստել անոնց յղումը:

Յօդ. 2. Նոյնպէս ոչ-մահմետական մուավիններ պիտի անուանուին մահմետական միւթէսարըֆներու եւ գայմագամն երուքով, այն սանճագներուն եւ գազաներուն մէջ, ուր քրիստոնեայ ժողովրդեան կարեւորութեամբ արդարանայ այս տնօրինութիւն:

ԳԼՈՒԽ Բ.
Գայմագամներ

Յօդ. 3. Գայմագամն երը պիտի ընտրուին առանց կրօնի խտրութեան՝ ներքին գործոց նախարարին կողմէ քաղաքային վարժարանի վկայեալներէն եւ պիտի անուանուին կայսերական իրատէով:

Յօդ. 4. Վարչութեան մէջ պիտի պահուին անոնք որք այժմ ի պաշտաման ըլլալով՝ կարող ճանչցուած են թէեւ ոչ վկայեալ:

Այն պարագային մէջ ուր այս վայրկենիս չգտնուի Միլքիյէ դպրոցին ոչ-մահմետական վկայողներէն բաւական թիւ մը, որպէս զի կարելի ըլլայ հարկաւոր ճանչցուած անուանումներն ընել, այն ատեն այդ պաշտօններուն համար պիտի կարգուին տէրութեան ծառայութեան մէջ գտնուող անձեր, որք թէեւ ոչ-շրջանաւարտ, ընդունակ ճանչցուին գայմագամական պաշտօնները կատարելու:

ԳԼՈՒԽ Գ.
Քրիստոնէից համեմատութիւնը հանրային պաշատամանց մէջ

Յօդ. 5. Վարչական պաշտօնները պիտի յանձնուին մահմէտական եւ ոչ-մահմէտական հպատակաց, իւրաքանչիւր վիլայէթի մահմէտական եւ ոչ-մահմէտական թուոյն համեմատութեամբ:

Ոստիկանութեան եւ ոստիկան զինուորութեան վարչութեան պաշտօնատարաց թիւը պիտի որոշուի մնայուն Քննիչ Յանձնաժողովոյն կողմանէ:

ԳԼՈՒԽ Դ.
Վարչական խորհուրդներ սանճագներու եւ գազաներու

Յօդ. 6. Սանճագներու եւ գազաներու վարչական խորհուրդները, որք կը բաղկանան ընտրեալ եւ յիրաւանց կարգեալ անդամներէ, կը մնան ըստ առաջնոյն եւ պիտի պաշտօնավարեն համաձայն 61 յօդուածոյ 1287-ի վիլայէթներու ընդհանուր վարչութեան կանոնագրոյն, եւ 77 եւ 78 յօդուածոց 1867-ի վիլայէթներու օրինաց, որոց համեմատ հաստատուած են արդէն:

Իրենց ձեռնհասութեան վերաբերեալ գործերն որոշուած են վիլայէթներու ընդհանուր վարչութեան կանոնագրոյն 90, 91 եւ 92 յօդուածներով եւ 1293 մուհարրէմ 15-ի վիլայէթներու ընդհանուր վարչութեան վերաբերեալ հրահանգաց 38, 39 եւ 40 յօդուածներով:

ԳԼՈՒԽ Ե.
Նահիյէներ

Յօդ. 7. Նահիյէները պիտի կազմակերպուին 1287-ի վիլայէթներու ընդհանուր վարչութեան կանոնագրոյն 94-էն 109 յօդուածոց եւ 1992 մարտ 29-ի գիւղախմբերու վարչութեան կանոնագրոյն 1-էն 19 յօդուածոց պատուիրանաց համաձայն:

Յօդ. 8. Իւրաքանչիւր նահիյէ պիտի կառավարուի միւտիրով մը եւ բնակչաց մէջէն ընտրուած 4 անդամներէ բաղկացեալ խորհուրդով մը:

Այս խորհուրդն իր անդամներուն մէջէն պիտի ընտրէ միւտիր մը եւ օգնական մը: Միւտիրը պիտի վերաբերի բնակչաց մեծամասնութիւնը կազմող դասակարգին, եւ օգնականը միւս դասակարգին: Խորհուրդը պիտի ունենայ նաեւ քարտուղար մը:

Յօդ. 9. Եթէ նահիյէի մը բնակիչները միեւնոյն դասակարգէն են, խորհուրդին անդամները պիտի ընտրուին մի միայն նոյն այդ դասակարգին վերաբերող բնակչաց մէջէն. իսկ եթէ գիւղախմբական շրջանակին ժողովուրդը խառն է, փոքրամասնութիւնը իր ներկայացուցիչները պիտի ունենայ իւր յարաբերական կարեւորութեան համեմատութեամբ, պայմանաւ որ գէթ 25 տուն պարունակէ:

Յօդ. 10. Նահիյէներու միւտիրներն եւ քարտուղարները թոշակաւոր պիտի ըլլան:

Յօդ. 11. Նահիյէներու խորհրդոց ընտրելիք պարտին լնուլ այն պայմանները, որք նախատեսուած են գիւղախմբերու վարչութեան կանոնագրոյն 10 յօդուածով:

Յօդ. 12. Իմամն երը, քահանաները, դպրոցաց ուսուցիչներն եւ ամեն անոնք որք կառավարութեան ծառայութեան մէջ կը գտնուին չպիտի կրնան միւտիր ընտրուիլ:

Յօդ. 13. Խորհուրդն ամեն տարի կէս առ կէս պիտի նորոգուի: Իւր անդամք, ինչպէս նաեւ միւտիրը վերընտրելի են:

Յօդ. 14. Նահիյէներու միւտիրներուն եւ խորհրդոց վերաբերեալ գործերը սահմանուած են գիւղախմբերու վարչութեան կանոնագրոյն 20-էն 27 յօդուածներով:

Նահիյէներու գիւղերը

Յօդ. 15. Նահիյէին իւրաքանչիւր գիւղը պիտի ունենայ մուխթար մը: Եթէ մէկէ աւելի թաղեր եւ մէկէ աւելի դասակարգեր կան, իւրաքանչիւր թաղին եւ դասակարգին մէկ մուխթար մը պիտի ըլլայ:

Յօդ. 16. Բնաւ գիւղ մը չպիտի կրնայ միանգամայն երկու նահիյէի պատկանիլ:

ԳԼՈՒԽ Զ.
Արդարութիւն

Յօդ. 17. Մէն մի տեղւոյ մէջ ծերոց ժողով մը պիտի ըլլայ մուխթարին նախագահութեան տակ, եւ որոյ պաշտօնը պիտի ըլլայ բարեկամաբար կարգադրել բնակչաց մէջ ծագած վէճերը, վէճեր որք նախատեսուած են դատասատանական օրէնքներէն:

Յօդ. 18. Հաշտարար դատաւորաց պաշտօնները գիւղերու մէջ ի գործ կը դրուին ծերոց ժողովներուն կողմանէ եւ գիւղախմբերու մէջ գիւղախմբական խորհրդոց կողմանէ: Օրինօք սահմանուած են անոնց վերաբերեալ գործք եւ աստիճանն անոնց ձեռնհասութեան:

Յօդ. 19. Դատական տեսուչներ, որոց թիւը 6-էն նուազ չպիտի լինի, եւ որք կէս առ կէս մահմէտական եւ ոչ-մահմետական պիտի լինին, պաշտօն պիտի ունենան մէն մի վիլայէթի մէջ ի քննութեան եղած ամեն դատերուն վճռումը փութացնել եւ հսկողութիւն ի գործ դնել բանտերուն վիճակին վրայ, քաղաքային դատարանաց կազմութեան վրայ եղած օրէնքին 2-րդ գլխոյն պատուէրներուն համաձայն:

Այս հսկողութիւնք ի գործ պիտի դրուին մի եւնոյն ատեն երկուտեսուչներուձեռքով, որոնց մի ն մահմետական եւ միւսն ոչ-մահմետական:

ԳԼՈՒԽ Է.
Ոստիկանութիւն

Յօդ. 20. Ոստիկանութեան գործակալք պիտի առնուին կայսրութեան մահմետական եւ ոչ-մահմետական հպատակներէն, համեմատութեամբ վիլայէթին մահմետական եւ ոչ-մահմետական ժողովրդոց թիւերուն:

Յօդ. 21. Բաւականաչափ թուով ոստիկանութեան գործակալաց հատուածներ պիտի յատկացուին իւրաքանչիւր ստորաբաժանման կամ վարչութեան, նահիյէն ալ ի միասին առնլով:

Նահիյէին ոստիկանութեան գործակալք միւտիրին հրամանաց ներքեւ դրուած են, եւ իրենց հրամանատարք են ոստիկանական տեսուչք (commissaire):

Իրենց զէնքերն ու համազգեստք արդէն ընդունուած օրինակներուն յար եւ նման պիտի ըլլան:

ԳԼՈՒԽ Ը.
Ոստիկան զինուորութիւն

Յօդ. 22. Ոստիկան զինուորութեան սպայք, ենթասպայք եւ զինուորք պիտի առնուին կայսրութեան մահմետական եւ ոչ-մահմետական բնակիչներէն, իւրաքանչիւր վիլայէթի մահմետական եւ ոչ-մահմետական ժողովրդոց թիւերուն համեմատութեամբ:

Ոստիկան-զինուորութեան թոշակներն ու պիտոյք պիտի վճարուին վիլայէթին սնտուկէն: Ոստիկան-զինուորաց թոշակը կայսերական բանակին զինուորաց թոշակէն բարձր է. իսկ սպայներունը համարժեք է կայսերական բանակին սպայից թոշակին:

Յօդ. 23. Ոստիկան-զինուորութեան պաշտօնն է բարեկարգութիւնը պահպանել եւ սուրհանդակին ընկերանալ առ ի պաշտպանութիւն:

ԳԼՈՒԽ Թ.
Անդաստանաց պահապանք (անդապահք gardes-champetres)

Յօդ. 24. Նահիյէի խորհուրդը անդապահներ պիտի ընտրէ ժողովրդեան զանազան դասերուն մէջէն:

Իրենց թիւը պիտի որոշուի մն այուն քննիչ յանձնաժողովոյն կողմանէ, իւրաքանչիւր նահիյէի պիտոյից համեմատ, միւտիրին տեղեկագրոյն ու վալիին առաջարկութեան վրայ:

Իրենց համազգեստն եւ զէնն ու զարդը պատերազմական պաշտօնատան կողմէ պիտի որոշուին:

ԳԼՈՒԽ Ժ.
Բանտք եւ նախաքննիչ մասնախումբ

Յօդ. 25. Բանտերուեւ արգելանաց կացութեան մասին եղած կանոնները ճշդիւ պիտի գործադրուին:

Յօդ. 26. Վիլայէթներուընդհանուր վարչութեան վերաբերեալ հրահանգաց 11 եւ 12 յօդուածներով նախատեսուած նախաքննիչ մասնախումբը կոչուած է պաշտօնավարել ամենականոնաւոր եղանակաւ:

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.
Հսկողութիւն ի վերայ Քրդաց

Յօդ. 27. Քուրդերու գաղթավայրք կանխաւ որոշուած պիտի ըլլան, այնպէս որ աշիրէթներու կողմանէ բնակչաց ո՛ր եւ է վնասու տեղի չտրուի: Սպայ մը, որ իր հրամանաց տակ պիտի ունենայ բաւականաչափ զինեալ զօրութիւն եւ ոստիկան-զինուորներ, պիտի ընկերանայ մէն մի ցեղի իւր գաղթման մէջ: Ոստիկանութեան տեսուչ մը օգնական պիտի տրուի իրեն:

Քուրդերն իրենց գաղթմանց ատեն պատանդներ պիտի յանձնեն իշխանութեան:

Չուագրոց եւ զինակրութեան մասին եղած կանոնադրութիւնք պիտի գործադրուին Քրդաց վրայ:

Անհաստատաբնակ եւ թափառաշրջիկ ցեղերը պիտի յորդորուին հաստատելու կառավարութեան կողմէ իրենց տրուելիք հողերու վրայ:

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.
Համիտիէ հեծելագունդ

Յօդ. 28. Արգիլուած է Համիտիէ հեծելազօրաց կրթութեան ժամանակամիջոցներէ դուրս զէնք ուհամազգեստ կրել:

Այդ ժամանակամիջոցներէ դուրս, Համիտիէ հեծելազօրք սովորական դատարանաց իրաւասութեան ներքեւ պիտի գտնուին:

Անյապաղ պիտի պատրաստուի զինուորական կանոնագիր մը որ պիտի ճշդէ իրենց ծառայութեան մանրամասն կէտերը:

ԳԼՈՒԽ ԺԳ.
Կալուածագիրք

Յօդ. 29. Կալուածագրոց վերաքննութեանն համար վիլայէթին եւ սանճագներուն կեդրոնավայրաց մէջ յանձնաժողովներ պիտի հաստատուին:

Այս յանձնաժողովք 4 անդամներէ պիտի բաղկանան, (երկու մահմետականք եւ երկու ոչ-մահմետականք) եւ իրենց նախագահ պիտի ունենան դիւանատանց տնօրէնը կամ անշարժ ստացուածոց վերակացուն:

Իրենց որոշմունք պիտի ենթարկուին վարչական խորհրդոյ հաւանութեան:

Բաց աստի, ամեն տարի Կոստանդնուպօլսէն յատկապէս չորս պատուիրակներ պիտի ղրկուին վիլայէթները քննելու համար այն անկանոնութիւններն որք կրնան ծագիլ սեփականութեանց գործերու մէջ:

ԳԼՈՒԽ ԺԴ.
Հաւաքումն հարկաց

Յօդ. 30. Հանրային զօրութեան գործածութենէն խուսափելու համար, մասնաւոր գործակալներ որք չպիտի կրնան ո՛ր եւ է ձրի պահանջում ընել պարէնի եւ ձիու խոտի, եւ որք ժողովուած դրամներու հետ բնաւ գործ չպիտի ունենան, մուխթարներուն եւ բնակիչներէն ընտրուած գիւղերու եւ թաղերու հաւաքչաց պիտի յանձնեն թուղթեր, որոց վրայ նշանակուած պիտի ըլլան իւրաքանչիւր բնակչի պարտական եղած հարկերը:

Մուխթարք եւ վերոյիշեալ հաւաքիչք միայն պաշտօն պիտի ունենան հարկերը ժողվելու եւ պետութեան արկղերուն յանձնելու:

ԳԼՈՒԽ ԺԵ.
Տասանորդք

Յօդ. 31. Տասանորդաց հաւաքումը վարձակալութեան եղանակաւ պիտի կատարուի: Մեծաքանակ վարձակալութիւնը ջնջուած կը մնայ եւ անոր տեղ ընդունուած է գիւղ գիւղ եւ յանուն բնակչաց աճուրդի դրուելու կերպը: Դժուարութեանց ծագման պարագային մէջ, այս վերջինք պիտի կրնան դատարանաց դիմել:

Եթէ ինչ ինչ գիւղերու տասանորդաց վարձակալութեան համար մէկը չներկայանայ, կամ թէ առաջարկեալ գինը աճուրդի հանուած տասանորդաց իրական արժէքէն վար ըլլայ, այն ատեն այդ տասանորդք ռէժիի եղանակաւ կը մատակարարուին համաձայն այս մասին հաստատեալ կանոնագրոյն:

Տարապարհակ աշխատութիւնը ջնջուած ըլլալով, հանրօգուտ շինութեանց համար անձամբ կամ դրամով մասնակցութիւնը կը մնայ ի գործադրութեան:

Իւրաքանչիւր վիլայէթի մէջ հանրային կրթութեան ելմտացոյցը կը սահմանուի հանրային կրթութեան նախարարութենէն:

Պետական գանձուն կամ անձնական պարտքի պատճառաւ պարտականքն բնակարանին, անոր ապրուստին հարկաւոր գետնին, անոր աշխատութեան գործիներուն, անոր արօրադիր անասնոց եւ անոր սերմերուն վաճառումն արգիլեալ կը մնայ:

ԳԼՈՒԽ ԺԶ.
Մնայուն Քննիչ Յանձնաժողով ի Կ. Պօլիս

Յօդ. 32. Բարձրագոյն Դրան մէջ պիտի հաստատուի մնայուն Քննիչ Յանձնաժողով մը, կէս առ կէս բաղկացեալ մահմետական եւ ոչ-մահմետական անդամն երէ, որոյ պաշտօնը պիտի ըլլայ հսկել բարենորոգմանց ճշգրիտ գործադրութեան:

Դեսպանք այս Յանձնաժողովոյն պիտի յղեն, իրենց թարգմանաց միջոցաւ, այն զեկոյցներն, հաղորդումն երն ուտեղեկութիւնները, զորս հարկաւոր պիտի համարեն ներկայ պաշտօնագրով պատուիրեալ բարենորոգմանց եւ կարգադրութեանց գործադրութեան սահմանաց մէջ:

Երբ Բարձրագոյն Դուռն եւ դեսպանք Յանձնաժողովոյն պաշտօնն աւարտեալ նկատելում ասին համաձայն գտնուին, պիտի լուծուի:

Տրամադրութիւնք որք պիտի երեւան բարենորոգմանց հրատարակութեան հրովարտակի մէջ.

 

Ա. Բարենորոգմանց գործադրութեան համար հսկողութեան վերին քննիչ.

Ամենայն մասամբ յարգանաց արժանի պաշտօնատար մը պիտի անուանուի կայսերական կառավարութենէն եւ պիտի ղրկուի նոյն իսկ տեղեաց վրայ վերին քննիչ (միւֆէտդիշ) տիտղոսով, բարենորոգմանց գործադրութեան վրայ հսկելու եւ անոր կիրառման գլուխ կանգնելու յատուկ պաշտօնով:

Բացակայութեան կամ խոչընդոտի պարագային մէջ այս վերին քննիչին տեղ առժամեայ կերպով Նորին Կայսերական Վեհափառութենէն պիտի նշանակուի մահմետական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:

Վերին քննիչը իր պաշտօնին մէջ պիտի ունենայ իր հետ ոչ-մահմետական օգնական մը (մուավին):

 

Բ. Ընդհանուր ներողութիւն

Վեհափառ Սուլթանը 1895 յուլիս 23-ին քաղաքական գործոց համար ամբաստանեալ կամ դատապարտեալ հայոց ընդհանուր ներողութիւն մը շնորհած ըլլալով. այս տնօրինութիւնն ի գործ պիտի դրուի ամեն անոնց համար որք այդ թուականէն յառաջ բանտարկուած ըլլալով, տակաւին արգելանոց մէջ կը գտնուին, եւ որոց վրայ չէ հաստատուած հասարակային իրաւանց ոճիրներու մասնակցութիւն:

 

Գ. Վերադարձ պանդխտելոց

Այն հայերն որք արտաքսուած կամ հեռացուցուած են իրենց

երկրէն, կամ թէ օտար երկիր պանդխտած, պիտի կրնան ազատօրէն վերադառնալ ի Թուրքիա, իրենց օսմանեան հպատակութիւնն եւ իրենց բարի վարքն ապացուցուելէ յետոյ:

 

Դ. Ոչ-մահմետականաց կացութիւնն Անատօլուի այլ վիլայէթներուն մէջ

Վերոգրեալ սկզբանց համաձայն կարգադրութիւնք ի գործ պիտի դրուին Զէյթունի եւ Հաճընի նման գազաներու մէջ:

 

---------

Մինչդեռ Կ. Պօլսում հրատարակւում էր թիւրք կառավարութեան այս պաշտօնագիրը, Ասիական նահանգներում հետզհետեւ ծաւալւում էր հայ ժողովրդի ջարդը: Իսկ երեք պետութիւնները գոհ էին որ իրանց առաջարկած բարոնորգումները այսպէս թէ այնպէս ընդունուեցին Բ. Դրան կողմից: Այս երեւում է հետեւեալ պաշտօնագրից.

27
ԲԱՆԱՒՕՐ ԾԱՆՈՒՑԱԳԻՐ
Բրիտանական, Գաղղիական եւ Ռուսական դեսպանատանց կողմէ ուղղեալ առ Բարձրագոյն Դուռն [6]

 

Ստորագրեալք, դեսպանք Ռուսիոյ, Գաղղիոյ եւ Մեծին Բրիտանիոյ ստացան այն բանաւոր ծանուցագիրը զոր Բարձրագոյն Դուռն ուղղած է իրենց ամսոյս 20-ին եւ պատիւ ունին անոր ստացումը զեկուցանելուԱրտաքին Գործոց Վսեմափայլ Նախարարին:

Ծանոթացան այն բարենորոգմանց վերաբերեալ հրամանագրի բնագրին, որոց գործադրութիւնն որոշած է վեհափառ Սուլթանը, ինչպէս նաեւ անոնց մանրամասնութիւնը ցուցանող յատակագծին, եւ գոհունակութեամբ կը տեսնեն թէ կայսերական կառավարութիւնն որոշած է գործադրութեան դնել օսմանեան վեհապետաց նախընթաց խաթթերուն մէջ հանդիսապէս ի յայտ բերուած կանոններն եւ այն կարգադրութիւններն որք կը բղխին Բարձրագոյն Դրան կողմէ ներկայ տարւոյս 2 յունիս, 17 յունիս, 17 օգոստոս եւ 5 հոկտեմբեր թուականներով իր հաղորդումն երուն մէջ պարզուած սկզբունքներէն:

Նշանակելով այս տրամադրութիւնքն եւ Բարձրագոյն Դրան դիտաւորութիւնն զանոնք տարածելու, բացի հրամանագրին մէջ յիշուած վիլայէթներէն: Անատօլուի ամեն այն գազաներուն ուր հայք ժողովրդեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն, Գաղղիոյ, Մեծին Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպանք տարակոյս չունին որ բարենորոգումներն ի գործ դնելուեւ ի կիր արկանելու կոչուելիք պաշտօնատարք իրենց խելացութեամբ, եռանդեամբ եւ անշահախնդրութեամբ, պիտի ապահովեն բոլոր օսմանեան հպատակաց, առանց խտրութեան, կայսրութեան ընդհանուր բարօրութեանն ու բարգաւաճման հոգածու վարչութեան մը բարիքները:

Երաշխաւորութիւնքն որովք ամեն կարգի պաշտօնատարաց ընտրութիւնն ու անուանումը շրջապատել կամի լն իր վերոյիշեալ հաղորդումներուն մէջ յայտարարած է կայսերական կառավարութիւնը, կը վկայեն թէ Բարձրագոյն Դուռն ո՛ր աստիճան կարեւորութիւն կընծայէ որ գաւառաց մէջ իր գործակալք իրենց պաշտօնը կատարեն ի գոհունակութիւն բոլոր հասարակութեանց, եւ ի մասնաւորի վալիները մէն մի վիլայէթի վարչութեան տան մղում մը համաձայն այն տեսութեանց զորս ի նորոյ հաւաստեց Նորին Կայսերական Վեհափառութիւնը:

Այսուվստահութեամբ է որ Գաղղիոյ, Մեծին Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպանք կը կարծեն լաւագոյնս ծառայել Բարձրագոյն

Դրան յայտնած դիտաւորութեանց՝ իրենց վերապահելով նշանակել իրեն, իրենց ընտրութեան ատեն, այն անձինքն, որոց նախընթացքն եւ նկարագիրն համապատասխան չերեւին այն պայմանաց զորս նոյն ինքն օսմանեան կառավարութիւնը հարկաւոր ցոյց տուած է:

Այս վստահութեամբ է դարձեալ որ նոքա ուրախ պիտի ըլլան, երբ առիթը ներկայանայ, իրենց աջակցութիւնը նուիրելով Նորին Կայսերական Վեհափառութեան կառավարութեան իրականացնելու համար այն բարենորոգումները զորս ինք հրամայեց:

Ստորագրեալք կը խնդրեն Արտաքին Գործոց Վսեմափայլ նախարարէն որ հաճի ծանուցանել իրենց զստացումն սոյն հաղորդման, եւ այս առթիւ կը կրկնեն իրեն զհաւաստիս իւրեանց բարձր մեծարանաց

Ստորագրեալ Նելիտով

Բ. Գանպոն

Ֆիլիբ Գըրրի

24 հոկտեմբեր 1895

 

1895-1896 թ. հայկական սարսեցուցիչ կոտորածները կարծես միանգամայն ապահովել էին Սուլթան Աբդուլ-Համիդի նպատակը: Հայութիւնը Թիւրքիայում թւում էր վերջնականապէս խողխողուած: Իսկ հայ դատի պաշտպան եւրոպական պետութիւններից ոչ մէկը այլեւս ձայն չը բարձրացրեց: Հայերը մատնուած էին կատարեալ լռութեան եւ հայ քաղաքական կազմակերպութիւնների հերոսական անդուլ ջանքերը, որ գործադրւում էին Եւրոպայի ուշադրութիւնը Հայաստանի վրայ դարձնելու համար, ապարդիւն էին մնում: Իսկ Համիդեան րէժիմը գնալով աւելի եւ աւելի դաժան էր դառնում հայերին ոչնչացնելու ուղղութեամբ:

Այսպէս անցաւ 13 տարի: 1908-ի ամառը Կ. Պօլսում պայթեց երիտասարդ թիւրքերի կազմակերպած յեղափոխութիւնը, որ վերջ էր դնում անսահման բռնակալութեան եւ մտցնում էր սահմանադրական կարգեր: Այս նոր դրութիւնը նշանաւոր չափով թեթեւութիւն բերում էր եւ թիւրքահայերին, մանաւանդ մայրաքաղաքում ապրողներին: Սակայն երիտասարդ թիւրքերի կուսակցութիւնը, տիրանալով կառավարութեան, շատ շուտ ցոյց տուեց որ նա էլ չը պիտի կարողանայ արմատապէս փոփոխել դրութիւնը Թիւրքիայում: Որքան հեռանում էին սահմանադրական ազատութեան առաջին օրերի հանդէսները, այնքան աւելի եւ աւելի պարզւում էր որ Համիդեան րէժիմը բոլորովին չէ անցել եւ նրա աւանդութիւններից շատերն ընդգրկել են եւ երիտասարդ թիւրքերը:

Այս հանգամանքը շատ պարզ արտայայտուեց մանաւանդ Հայաստանի գործերի մէջ: Սահմանադրութիւնը, պարլամենտը, ազատութիւնները համարեա ոչինչ փոփոխութիւն չէին մտցրել այն յարաբերութիւնների մէջ, որոնք տիրում էին այդտեղ: Քրդերի վերաբերմամբ կառավարութիւնը նոր քաղաքականութեան չը դիմեց եւ հայերին կեղեքելը առաջուայ պէս մնաց նրանց արտօնութիւնը: Հարստահարութիւնների հարցը, որից ծնւուել էր Հայոց Հարցը, չէր լուծւում, հետեւաբար եւ անլուծելի էր մնում նաեւ Հայոց Հարցը: Ընդհակառակն, այժմ աւելի եւս սուր կերպարանք էին ընդունում հայ-քրդական յարաբերութիւնները, շնորհիւ այն հանգամանքի որ քրդերը գրաւել էին կոտորածների ժամանակ փախած հայերի հողերը եւ այժմ չէին ուզում վերադարձնել, իսկ կառավարութիւնը ոչ միայն միջոցներ չէր ձեռք առնում դրա դէմ, այլ խրախուսում էր քրդերին:

Եւ հայ ժողովրդի զրկանքներն ուտառապանքները շարունակւում էին առաջուայ պէս. եւ դարձեալ Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանն էր, որ ինչպէս բռնապետական րէժիմի ժամանակ, հաղորդում էր թիւրք կառավարութեան գաւառներում կատարուած հարստահարութիւնների դէպքերը եւ խնդրում էր –զուր, ի հարկէ– մի ջոցներ ձեռք առնել: Իր այդ դիմումները Պատրիարքարանը հրատարակեց 1912-1913 թուականներին ֆրանսերէն լեզուով [7] եւ մենք այդ ստուար հատորի մէջ կուտակուած բազմաթիւ փաստերից եզրակացնում ենք, որ սպանութիւնները, յափշտակութիւնները, առեւանգութիւնները, աւերումն երը մի ժամ անգամ դադար չեն առել Թիւրքաց Հայաստանում 1908-ի յեղափոխութեան օրերից ի վեր:

Բացի այս բոլորից Ադանայի ահռելի ջարդը, որ տեղի ունեցաւ 1909-ի ապրիլին, թիւրք սահմանադրականութեան մեղրալուսնին իսկ եւ որին զոհ գնացին 20 հազարից աւելի հայեր, գալիս էր հաստատելու թէ հայերի դրութիւնը միեւնոյնն է մնում Թիւրքիայում, թէ Հայոց Հարցը լուծուած չէ եւ սպասում է բարեյաջող դէպքի՝ նորից միջազգային հրատապ հարց դառնալու համար:



[1]            Էջմիածնի կաթողիկոսական դիւան:

[2]            Դիւան Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանի:

[3]            Schopoff , p. 500-502.

[4]            Բնագիրը տ. Schopoff , p. p. 515-518 (թարգմանութիւն Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանի):

[5]            Schopoff , p. p. 518-525 (թարգմ. Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանի):

[6]            Schopoff p. 515-518 (թարգմանութիւն Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանի):

[7]            «La Situation des Arméniens en Turquie, exposée par des document, 1908-1912» I-IX liv.