Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ութ-ինը տարեկանիս դեռ անարիւն էի եւ մշտատեւ խնամքի ենթակայ, բայց արդէն հիւանդութիւններու շարքը կանգ առած էր։ Կարծես կեանքը վերադարձեր, հաստատուեր էր իմ մէջ եւ անոր ուժը զիս կը մղէր շարունակական անհանդարտութեան։

Մեր տան ընդարձակ պարտէզը իմ գլխաւոր շահաստանս էր, կը մագլցէի ծառերուն մինչեւ գագաթները, կը շուլլուէի պատերուն վրայ, կը ցատկէի դրացի պարտէզները եւ կ’երթայի խաղալու տարեկից մանչերու հետ։ Աղջիկները չէի սիրեր։ Կը զզուէի երբ կու լային եւ իրենց մօրը կը գանգատէին, երբ խաղի եռանդին մէջ իյնային կամ հարուած մը ընդունէին։ Փորձով տեսած էի որ աղջիկները խարդախ են, ծածկամիտ եւ սնափառ, մինչ մանչերը ոեւէ խաղի կը մտնէին ուղղամտութիւնով եւ առաջուց ընդունելով խաղի րիսքերը։ Մեր ամենէն սիրած եւ եռանդով խաղացած խաղը խայտըռախն էր որ իբր վտանգաւոր՝ արգիլուած էր մեծերէն։ Քանի՜ անգամներ քարի ձախող արձակումով գլուխ պատռած, իրար վիրաւորած ենք։ Կարմիր արիւնը առատութեամբ կը հոսէր, բայց մենք անշշուկ վէրքը կը կապէինք թաշկինակով եւ խաղը կը շարունակէինք։

Իրիկունը, հօրս վերադարձէն առաջ, տուն կը մտնէի յոգնած սպառած, յաճախ գոգնոցս եւ հագուստներս պատռուած։ Մայրս յուսահատութենէն կու լար եւ ինչքա՜ն գէշ գուշակութիւններ կը լսէի իմ ապագայիս մասին։ Պէտք է մտածել սակայն որ այդ «մարզանքները» օգտակար եղած են իմ առողջութեանս, որ հետզհետէ ամրացած է, ինձ դարձուցած են ճկուն եւ ճարպիկ եւ զարգացուցած՝ մկանային ուժերս։

Ինչ որ կը յիշեմ այն ժամանակի ներքին էութենէս այն է որ անսանձ ուժերու մղումը քաոսային վիճակ մը հաստատած էր իմ մէջ. իմ արարքներս՝ անմիջական տրամադրութիւններու արդիւնք՝ կը համարուէին հակասական, անբացատրելի։

Կը յիշեմ որ գութ եւ սէր ունէի անասուններու համար, բայց անգութ էի մարդոց նկատմամբ։ Կարծես շրջապատուած էի թշնամիներով եւ ոչ ոքի չէի կրնար ապաւինիլ։ Ինձ համար օրէնք էի ըրած երբեք, ոեւէ բանի համար չգանգատիլ մեծերուն, որոնք կը համարէի հակառակորդներ եւ որոնց դէմ պզտիկները ստիպուած էին պայքարիլ յայտնի կամ գաղտնի միջոցներով։ Տկար տղաքը կ’արհամարհէի, իսկ ինձ համարժէք երեխաները խաղի ընկերներ էին որոնց հետ կապուած էի համերաշխութեան զգացումով։ Երբեք չեմ դավաճանած այդ համերաշխութեան, երբեմն նոյնիսկ կրելով անարդար պատիժներ եւ զրկանքներ եւ, ինչ որ ինձ համար ամէնէն ծանրն էր, հօրս յանդիմանական ակնարկը։ Որովհետեւ մեծերուն մէջ հայրս բացառութիւն էր ինձ համար։ Միայն անոր նկատմամբ ունէի յարգանք եւ սէր։ Կը սիրէի նաեւ Իւղաբեր մօրաքոյրս եւ Տիգրան մօրեղբայրս, բայց այդ սէրը անխառն չէր։ Իսկ Երանիկ մօրաքոյրս ինձ կը հետաքրքրէր եւ կը հրապուրէր։ Այդ տարիներուն մայրս մշուշի մէջ էր ինձ համար։ Շատ աւելի ուշ է որ մայրս վերստին գտայ եւ սիրեցի։

 

* * *

Ձեղնայարկի սենեակի մը մէջ դեռ պահեր էինք Տիգրան մօրեղբօրս գոյքերը եւ թուղթերու ծրարներ։ Ան երբեմն կը բարձրանար այդ սենեակը եւ ժամերով կը մնար։ Անգամ մը, երբ Տիգրան մօրեղբայրս իր թուղթերը կը սարքէր, ես մօտն էի։ Յանկարծ, ոլորուած, մեծադիր թուղթ մը, որ մէկ կողմ դրաւ, ուշադրութիւն գրաւեց։ Մօրեղբայրս ոլորուած թուղթը բացաւ եւ ինձ ցոյց տուաւ զարմանալի պատկեր մը։

Տիգրան մօրեղբայրս ինձ բացատրեց որ այդ պատկերին մէջ եղած եաթաղաններով մարդիկը ենիչէրիներ են եւ ծնկաչոք պաղատողները՝ պուլկարներ։ Ինձ բացատրեց նաեւ որ ժամանակին սուլթանը կոտորել տուեր էր պուլկարները, որովհետեւ անոնք ապստամբեր էին սուլթանական բռնապետութեան դէմ։

Սուլթանները իրենց արհեստով բռնաւորներ են, ըսաւ։

Հապա սուլթան Ազի՞զը, հարցուցի։

Յաճախ լսած էի գովեստ սուլթան Ազիզի մասին, որ կը կոչէին «ազիզ սուլթանը»։ Շատեր կ’ափսոսային անոր եղերական մահը։ Մեծ մայրս կ’ըսէր որ սուլթան Ազիզի օրով կար առատութիւն, շքեղութիւն։

Ալեմտաղի կ’երթար եւ բուռերով ոսկի կը ծախսէր։

Անգամ մը իր ապարանքներէն մէկը այրել տուեր էր որպէս լուսավառութիւն իր անցքին։ Նահապետ մօրեղբայրս, որ շատ ցանցառ այցելութեան կու գար մեզի եւ ան ալ իր կնոջմէն գանգատելու համար մոռնալու համար իր ցաւերը, կը վերյիշէր անցեալը եւ կը խօսէր սուլթան Ազիզի մասին։ Անիկա զեղխ եւ շուայտ փատիշահ մըն էր, ճիշդ էր, բայց ահալլին [1] կ’օգտուէր անոր զեղխութենէն։ Թոփհանէ օղլուէն մինչեւ Չամլըճա շինել տուեր էր պալատներ եւ ապարանքներ, որպէսզի իր անցքին, երբ որ սիրտը ուզէր, պահ մը կանգ առնէր եւ շէրպէթ մը խմէր։ Այդ ապարանքները այլեւս կիսափուլ եւ անբնակ շէնքեր էին, կոտրտած ապակիներով, բայց ժամանակին եղեր էին սուլթանական քմահաճ խրախճանքի շքեղ ապաստաններ։ Պաղլար-պաշիի լայն պողոտան շինուեր էր մէկ շաբթուան մէջ, որովհետեւ սուլթանը Հայտար-Փաշայէն անցնելով ասիական ափունքը՝ այդ ճամբէն պիտի անցնէր իր շքախումբով։

Օգուտը որի՞ն էր, կ’ըսէր Նահապետ մօրեղբայրս, շուրջ բոլորը նայելով հարցական։ Սուլթանին սայէյէն [2] ահալլին փարա կը վաստկէր։ Անոր քէֆը մեր վաստակն էր։

Կը պատմէին որ սուլթան Ազիզի մահը ցաւ պատճառած էր ժողովուրդին եւ բազմաթիւ տեստաններ շինուած էին, որոնք գաղտագողի կ’երգէին մինչեւ իմ մանկութեան օրերուս։ Իւղաբեր մօրաքոյրս երբեմն կ’երգէր այդ տեստաններէն մէկը, գլուխը անդադար շարժելով։ Անիկա սուլթան Ազիզի նախասիրած սուլթանուհիին ողբն էր.

Պէնի թախտան էնտիրտիլէր

Տէօրթ չիֆթէլէ պինտիրտիլէր,

Թոփ Գափուեա կէօնտէրտիլէր։

Աման սուլթան, ազիզ սուլթան,

Գան աղլըլեոր պիւթիւն ճիհան…

(Ինձ գահէն իջեցուցին,

Չորս ջուխտակը [3] դրին,

Թոփ Գափուի [4] պալատը տարին։

Աման սուլթան, ազիզ սուլթան,

Արիւն կու լայ ամբողջ ժողովուրդը)։

Այս բոլորը լսած ըլլալով, վստահ էի որ Տիգրան մօրեղբայրս իր կարգին ափսոսանքով պիտի խօսէր այն սուլթանի մասին, որ իր լոգարանին մէջ գտնուեր էր արնաքամ, բազկերակները կտրուած սուր մկրատով եւ որուն համար ըսեր էին թէ անձնասպան եղած է։

Բայց Տիգրան մօրեղբայրս իմ հարցումիս փոխարէն յօնքերը բարձրացուց ճակտին վրայ եւ ըսաւ զայրոյթով.

Սուլթան Ազիզը աւելի ալչաք [5] բռնաւոր էր։

Միտքս մտաւ յուզմունքի մէջ։ Ճիշդը ըսելով, պատկերին մէջ ներկայացուած սարսափները խոր ազդեցութիւն չգործեցին իմ վրաս, որովհետեւ չընդգրկեցի անոնց տարողութիւնը։ Դեռ այն ատեն չկային հայկական կոտորածներ կամ գոնէ ես այդպիսի բան չէի լսած եւ պուլկարներուն պատահածը ինձ թուեցաւ հեռաւոր, անիրական, տեսակ մը գէշ երազ։ Բայց ինչ որ հասկցայ, այն էր որ սուլթանները մեծերուն մեծերն են եւ անարդար բան կը գործեն, այդ է իրենց կոչումը այս աշխարհիս վրայ… եւ զգացի որ Տիգրան մօրեղբայրս դէմ էր այդ մեծերու մեծերուն եւ ուրախ պիտի ըլլար, երբ անոնք պատժուէին։

Ըսել է, ըսի, աչքերովս փնտռելով իր նայուածքը, սուլթան Ազիզը մեռցնողները աղէկ մարդիկ էին։

Հի՜չ [6] , գոչեց ան սրտնեղած. յետոյ ինձ խօսեցաւ չէրքէզի մը մասին, որ խումբ մը համախոհներով ուզեր էր սուլթան Համիտը սպաննել, վրէժը լուծել դաւաճանութեամբ սպաննուած Միտհատ փաշային, որուն նպատակը եղեր էր կարգ ու կանոն հաստատել երկրին մէջ, օրէնքով զսպել բռնապետութիւնը։ Այդ չէրքէզը չէր յաջողած, որովհետեւ իր համախոհները վերջին պահուն մատներ էին զինքը։ Ան բռնուեր ու գլխատուեր էր։ Ու յանկարծ Տիգրան մօրեղբայրս բացագանչեց.

Դուն դեռ պզտիկ ես, ատ բաները քու գիտնալիք բաներդ չեն։

Յօնքերը աւելի բարձրացան ճակատին վրայ եւ ինքնիրեն ըսաւ.

Ես ալ ի՜նչ խելք դրեր եմ չոճուխին, ապուխ-սուպուխ կը խօսիմ։

Բայց Տիգրան մօրեղբայրս սերմ մը դրեր էր մտքիս մէջ։ Այլեւս միանգամ ընդմիշտ տհաճութեամբ կը լսէի երբ սուլթանին ծննդեան կամ գահակալութեան տարեդարձին գոհաբանական խօսքեր կ’ըլլային եւ սուլթանին «արեւշատութեան» համար մաղթանքներ կ’ըլլային։ Բարեբախտաբար մեր տան մէջ ոչ ոք հարկադրուած էր իր «հաւատարիմ հպատակ»ի զգացումները յայտնել։ Տունը կը մնար չէզոք այդ կարգի խնդիրներու մէջ եւ նոյնիսկ տհաճ՝ այն ընտանիքներու նկատմամբ, որ իրենց տուներուն ճակատները լապտերներ կը դնէին, այդ առթիւ քաղաքին լուսավառութեան մասնակցելու համար։

Բացի ատելութիւնը դէպի բռնաւոր սուլթանները, ըմբոստ եւ գլխատուած չէրքէզի դէպքը մտքիս մէջ յարոյց շատ մը պատմութիւններ, որոնք ամէնքն ալ կը մեկնէին այդ դէպքէն, բայց աստիճանաբար կ’այլափոխուէին իմ երեւակայութեանս մէջ։ Ամէն իրիկուն, երբ գլուխս կը դնէի բարձին, աչքերս կը փակէի, բայց արթուն կը մնայի երկար ատեն եւ ինքզինքիս պատմութիւններ կը պատմէի։ Կը տեսնէի չէրքէզը, բարձրահասակ, վայելուչ, կապոյտ աչքերով, որ իր խարդախ համախոհներով կը բարձրանար պալատի սանդուխներէն։ Ան ականջ կը դնէր ձայներուն եւ շշուկներուն՝ ոչ թէ վախնալուն, այլ զգուշութեան համար, որպէսզի իր գործը յաջողի։ Ան յանդուգն էր եւ քաջ ու մեռնելէ չէր վախնար… Ան տեսակ մը խառնուրդն էր Արթին ամուճային եւ հօրս։ Հայրս ալ մեռնելէ չէր վախնար… քանի՜-քանի՜ անգամներ լսեր էի այդ։ Թերեւս մէկ անգամ միայն լսեր էի բայց այդ խօսքը բազմապատկուեր էր իմ մէջ, ճիւղեր էր արձակեր։ Ես ալ չէի վախնար մեռնելէ… եւ այդ բանը, որ կ’ուզէի մտքովս հաստատել ինքզինքիս, ինձ կը խորասուզէր ցաւագին հեշտանքի մը մէջ։

Հետզհետէ իմ հնարած պատմութիւններուս մէջ, այդ չէրքէզը ես էի… Իմ համախոհներս այն տղաքն էին որոնց մասին կասկած ունէի, որ խամազ [7] են, կամ կրնան ըլլալ։ Անոնց հետ կը բարձրանայի պալատի սանդուխներէն… (Միշտ սանդուխ մը կար այդ պատմութիւններուն մէջ)։

Ժամանակի ընթացքին անձնազոհութեան այդ հրայրքը ուրիշ սնունդ գտաւ եւ ստացաւ տարբեր ուղղութիւններ։

Հայրս ունէր լեարդի հիւանդութիւն մը, որ երբեմն սաստիկ խիթեր կը պատճառէր իրեն։ Այդ ցաւերը յանկարծակի կը յայտնուէին եւ հայրս տուն կը դառնար եւ կը պառկէր։ Բժիշկի կարծիքով այդ ցաւերը անտանելի էին, բայց հայրս կը ջանար իր կամքի ուժովը յաղթահարել անոնց։ Երբեմն, հակառակ այդ կամքին, բառաջիւնի նմանող խուլ աղաղակ մը կը հասնէր մինչեւ վարի յարկերը, ուր մեզ՝ երկու երեխաներս կը պահէին, որպէսզի աղմուկ չընենք տան մէջ։ Հօրս դիմադրութիւնը ցաւին, այն բանը, որ իմ սիրելի հայրիկս երկու ցաւի մէջ կը ժպտէր եւ մօրս հետ կը կատակէր, որպէսզի սիրտ տայ անոր, ինչպէս մօրաքոյրերս կը պատմէին զարմանքով, այդ բոլորը խոր ազդեցութիւն կը գործէին իմ վրաս։ Ու երբ երկու-երեք օր յետոյ, հայրս կ’ելլէր անկողինէն, դեռ տժգոյն, բայց արդէն ամուր իր սրունքներուն վրայ, ինձ կը թուէր որ ան յաղթած է աներեւոյթ հրեշի մը եւ ան հերոս մըն է։ Ու ես ալ կ’երազէի ըլլալ իրեն պէս ու յաղթել բոլոր հրէշներուն, ունենալ առիթ յաղթելու հրէշներու։ Ու ամէն ինչ ինձ կը ներկայանար հրէշի պատկերով։ Հիւանդութիւնները հրէշներ էին, չքաւորութիւնը, որու մասին կը խօսէին արդէն, զզուելի հրէշ մըն էր եւ մեծերու մեծերը անտանելի հրէշներ էին, առասպելական արարածներ, որոնց կոտոշներէն պէտք էր բռնել եւ սանձահարել…

Մանչ ըլլայի՜ եւ ըլլայի չէրքէզ, էշքեա [8], խաչախճի, լեռը ապաստանող աւազակ… եւ արդարութիւն գործադրէի ու այդ ընելու համար կը մեռնէի հեշտանքով։



[1] Ժողովուրդ։

[2] Շնորհիւ։

[3] Չորս ջուխտ թիերով արագընթաց։

[4] Թոխ Գափուի պալատը կը տանէին պառաւած կամ շնորհազուրկ պալատական կիները, ուր դաժան ներքինիներու հսկողութեան տակ կը մնային մինչեւ մահ։

[5] Ցած, ստորին։

[6] Երբեք։

[7] Մատնիչ, լուր տանող։

[8] Աւազակ։