Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հետեւեալ երեկոյին, թատրոնի մէկ օթեակին մէջ, Գարեգին, Նաթալիա եւ որդին տեղաւորուած էին եւ կը պատրաստուէին նուագահանդէսի սկսելուն, երբ Արամայիս, Գարեգինի ընկերը եւ մտերիմ բարեկամը, եկաւ իրենց մօտ։

Ինչի՞ ուշացաք, ըսաւ Նաթալիա Վասիլիեւնա չարամտօրէն ժպտելով։

Գիտէր որ Արամայիս գրաւուած էր իր մէկ ազգականուհիով եւ Նաթալիա այդ ամուսնութեան ծրագիրը կը պաշտպանէր եռանդով։ Նաթալիա գիտէր որ օրիորդ Սիմոնեան այնտեղ պիտի լինէր եւ մատը շարժեց կեղծ սպառնալիքով։

Սխալւում էք, Նաթալիա Վասիլիեւնա, ըսաւ Արամայիս, ես ուշացայ որովհետեւ խօսքի բռնուեցայ Տիկին Աբգարեանի հետ։

Այստե՞ղ է Տիկին Աբգարեանը, հարցուց Գարեգին ընդոստ։

Նաթալիա չէր սիրեր այդ կինը. ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ. իրենց մէջ միշտ տեսակ մը անբացատրելի հակակրութիւն եղած էր եւ այլեւս ուշադրութիւն չդարձուց Արամայիսի խօսքերուն։

Մենա՞կ էր, հարցուց Գարեգին։

Ոչ, իրան ընկերանում էր մի ինչ որ ջահել կին, թերեւս օրորդ. ինձ ծանօթացուց բայց ուշադրութիւն չարեցի, մի նիհար, տժգոյն կին։

Երկաթեայ ձեռք մը կարծես սեղմեց Գարեգինի սիրտը եւ սկսաւ ուշադրութիւն դարձնել թէ՛  փարթէր  նստած մարդկանց եւ թէ դիմացի օթեակներուն, երբ նուագահանդէսը սկսաւ եւ սրահը մտաւ մթութեան մէջ, սքանչելի ու թախծալի երաժշտութիւնը հոգին լեցուց անճառելի յուզումով մը. բայց այդ երաժշտութիւնը կ’ընկերանար կարծես իր մէջ ներքին տրամադրութեան մը եւ շրթները կարօտը ունէին որոշ վանկեր արտասանելու։ Դադարին անմիջապէս դուրս եկաւ թողլով կինը որդւոյն հետ. օթեակներէն դուրս ելլող բազմութեան թոհ ու բոհին մէջէն Արամայիսի հետ կը յառաջանար, սրտնեղելով ամէն անգամ որ ծանօթ մը զինքը կեցնէր։ Մտան  պիւֆէ ն եւ մինչ Արամայիս գլանիկ մը կը վառէր, Գարեգին կռթնած սիւնի մը կը դիտէր իրենց առաջքէն տողանցող բազմութիւնը։ Շքեղ արդուզարդերու մէջ գեղեցիկ կիներ, հոլանի եւ շպարուած, որոնց վրայէն իր նայուածքը կը սահէր առանց կանգ առնելու։ Յանկարծ  պիւֆէ ին ուրիշ մէկ անկիւնը տեսաւ Տիկին Աբգարեանը երկու երիտասարդներու հետ։

«Ո՞ւր է նա…» մտածեց իւրովի անհանգիստ եւ ահա տեսաւ Սաթենիկի դէմքը, որ ալ աւելի ճերմակ կ’երեւար սրահի ելեկտրական լոյսերու ողողումին մէջ։ Հագեր էր բաց վարդագոյն հագուստ եւ մէջքը սեղմուած էր ակեդրուագ մետաղեայ գօտիով. անիկա իր մութ կապոյտ աչքերը բացած կարծես մէկը կը փնտռէր. Գարեգին տեսաւ որ անիկա ձեռքը երկարեց մտերմաբար, բազմութիւնը ճեղքելով իր մօտ եղող երիտասարդի մը։

Գարեգին ինքն ալ յառաջացաւ դէպի այդ կողմը. Արամայիս իրեն կ’ընկերանար մեքենաբար, վերջապէս հարցուց.

–Ո՞ւր ենք գնում այսպէս։

Երթանք Տիկին Աբգարեանին բարեւելու։

Ո՞ւր է, գտա՞ր նրան։

Այո՛, այնտեղ, դե՜հ շտապիր։

Մօտեցան Տիկին Աբգարեանին եւ բարեւեցին, Արամայիս խօսքի բռնուեցաւ այնտեղ կանգնած մարդոցմէ մէկուն հետ եւ Գարեգին դարձաւ Սաթենիկին. անոր աչքերը, որ խոնարհած էին, դանդաղօրէն բարձրացան եւ յանկարծ նայեցաւ իրեն մտախոհ, լուրջ եւ խոր նայուածքով մը, երիտասարդը խանգարուած նորեկի ներկայութենէն, հրաժեշտ առաւ ըսելով.

Սաթօ, էգուց կը տեսակցենք, ցտեսութիւն։

Ցտեսութիւն Արտաշես… չմոռանաս եւ խոստացած գիրքերդ բերելու. այնքան ձանձրանում եմ եւ գրեթէ բոլոր ժամանակը մենակ եմ։

Գարեգին կազդուրուած այդ պարոնին հեռացումէն, հարցուց ոեւէ բան ըսելու համար.

Հաւանո՞ւմ էք  քոնսերդ ին։

Շա՜տ… աստուածային երաժշտութիւն է։

Պահ մը խօսեցան նուագահանդէսի առաջին մասին վրայ, բայց բառերը պայմանադրական ցրտութեամբ կը փոխանակուէին եւ յաճախ կը խափանուէին սրահին ժխորին մէջ։

Գարեգին զգաց որ անյարմար էր երկարել իր տեսակցութիւնը Սաթենիկի մօտ եւ դառնալով Տիկին Աբգարեանի հարցուց.

Ուզո՞ւմ էք ինձ հաճոյք պատճառել Տիկին, ուզո՞ւմ էք ընդունիլ մի բաժակ թէյ կամ ոեւէ ըմպելի։

Ո՜ւհ, Գարեգին Իվանովիչ, ամենայն հաճոյքով, բայց ինչպէ՞ս պիտի մտնել այդ ժխորի մէջ, եւ յետոյ դառնալով Սաթենիկին.

Ուզո՞ւմ ես, Սաթի՛կ, միայն թէ ես բարձրանում եմ էս րոպէիս. Գարեգին Իվանովիչ, կը բարեհաճէք ի հարկէ օրիորդը բերել ինձ մօտ, երկրորդ  կալէրի թիւ 26-24։

Ամենայն սիրով։

Ու Գարեգին այլեւս չսպասելով Սաթենիկի հաւանութեանը, զայն հեռացուց մեղմութեամբ։

Առաջին քայլէն որ առին միասին, տարօրինակ կշռոյթ մը ստեղծուեցաւ իրենց մէջ. կարծես ընտանի էին իրարու եւ որովհետեւ բազմութեան ճնշումէն ազատելու համար ստիպուած էր Գարեգին զայն պաշտպանելու, ամէն անգամ որ մատին ծայրերը կը հպէին անոր մէջքին կամ թեւին, անսահմանելի խռովք մը զինքը կը վրդովէր. նման զգայնութիւն չէր ունեցած կեանքին մէջ. հակառակ ժխորին եւ մարդոց բազմութեան ինքզինքը մինակ կը զգար Սաթենիկի հետ եւ աչքէն չէին վրիպեր անոր շարժումները եւ դիւրաթեք հասակին ներդաշնակ տատանումները, քալած ատեն։ Սիրտը կը բարձրանար հիացումով եւ այդ նրբին մորթով կիսադէմքը, հոծ մազերու խոպոպներուն մէջ, որուն մէկը կ’իյնար բաց ուսին վրայ, գրեթէ հիւանդագին խանդաղատանք կը պատճառէր իրեն։

Թէյը առնելէ յետոյ անզգալաբար զայն հեռացուց բազմութենէն եւ սանդուխին կը մօտենային երբ Գարեգինի աչքերը հանդիպեցան Նաթալիայի սուր հայեացքին. կանգ առած կը նայէր իրենց։ Սաթենիկ Գարեգինի նայուածքին հետեւելով տեսաւ Նաթալիա Վասիլիեւնան, բայց անիկա անմիջապէս ետեւ դարձաւ եւ որդւոյն Արամայիսին հետ յառաջացաւ դէպի իր օթեակը։

Սանդուխի առաջին աստիճաններէն յետոյ Սաթենիկ կանգ առաւ։

Յոգնա՞ծ էք, մրմնջեց Գարեգին մտահոգ։

Ո՛չ, պարոն, բայց շատ ժամանակ չկայ հիւանդ էի. դեռ եւս շատ թոյլ եմ։

Անոր դէմքը ստացեր էր անբացատրելի արտայայտութիւն։ Այդ պահուն իր դէմքին դալկութիւնը բնաւ նման չէր հիւանդագին եւ անարիւն սպիտակութեան, այլ կարծես մորթը շաղախուած էր լոյսով եւ անդիմադրելի գրաւչութիւն ունէր. չէր կարելի նայիլ անցնիլ. մարդոց նայուածքները կը դանդաղէին այդ գրեթէ անբնական լուսեղէն սպիտակութեան վրայ։

Առաջին յարկին Գարեգին ժամացոյցը նայեցաւ եւ յայտնեց.

Դեռ քանի մը րոպէ ունենք, կարող էք հանգստանալ։

Եւ զայն հրաւիրեց նստիլ օղորեայ աթոռի մը վրայ։

Առաջին անգա՞մն է որ եկել էք Բագու։

Ոչ, մի քանի անգամներ եկել եմ… այստեղ ազգականներ ունեմ, շատ ընկերներ։

Ինչպէ՞ս է եղեր որ ձեզ չեմ հանդիպեր։

Չգիտեմ… երեւի մեր շրջանները տարբեր են։

Գարեգին ձեռքը տուաւ Սաթենիկին՝ օգնելու համար որ աթոռէն բարձրանայ եւ անոր նուրբ ու ճկուն ձեռքը պահ մը մնաց իրենին մէջ. կարծես շնորհակալութիւն յայտնելու համար Սաթենիկ իր աչքերը բարձրացուց դէպի Գարեգին եւ աստուածային ժպիտ մը ծաւալեցաւ այդ ճերմակ դէմքին վրայ, վարդագոյն ցոլքով մը գունաւորելով զայն. իրենց նայուածքը սեւեռեցաւ եւ կարծես իրապէս այդ րոպէին ծանօթացան իրարու, իրենց ներքին եւ խորախորհուրդ զգացումներու ներդաշնակութեան մէջ։

Երբ հասան Տիկին Աբգարեանի մօտ, անոնք արդէն քանի մը քայլեր առած էին այն ճամբուն վրայ, ուրկէ պիտի երթային ձեռք ձեռքի եւ յանկարծական յուզումի շլացումին եւ շուարումին մէջ անոնք անկարող էին այլեւս բառ մը արտասանելու։

Չե՞ս մսում, հարցուց Տիկին Աբգարեան Սաթենիկին, զայն տեսնելով գրեթէ դողահար եւ աչքերը եզերուած կապուտակ գիծերով։

Յետոյ Գարեգինի դառնալով.

Աւելի ծանօթացաք, յոյս ունեմ, Սաթիկի հետ. չգիտեմ ինչո՞ւ, կարծում եմ թէ լաւ բարեկամներ կը դառնաք։

Եւ երբ Գարեգին հրաժեշտ կ’առնէր, պահ մը վարանեցաւ, յետոյ աւելցուց.

Եկէ՛ք էգուց մեզ մօտ թէյի. բայց նախազգուշացնում եմ, հրաւէր չէ, այնպէս բարեկամաբար, եթէ լաւագոյն բան չունէք անելիք։

Սիրով եւ անպատճառ կը գամ, եւ Տիկին Աբգարեանի ձեռքը համբուրելով, Գարեգին հեռացաւ գրեթէ դեդեւելով գինովի պէս։

Իր օթեակին մէջ կնոջը յանդիմանական ակնարկը ծանրացաւ իր վրայ եւ հակառակ Արամայիսի զուարճախօսութեան սառնային տրամադրութիւն մը կը տիրէր։

Ո՞վ էր այդ լղար կինը, հարցուց վերջապէս Նաթալիա Վասիլիեւնա, որի հետ այնքան զբաղուած էիր երեւում։

Տիկին Աբգարեանի մի բարեկամուհին…

Ա՜հ… ուրկի՞ց է դուրս գալիս… երբեք չէի հանդիպած նրան։

Սաթենիկ Գրիգորովնա, միջամտեց Արամայիս փութկոտութեամբ, հա՜, տեղեկացայ իր մասին, երեւի բնիկ Տրապիզոնցի է։

Գաղթակա՞ն…

Նաթալիա Վասիլիեւնա իր բոլոր նախատական անտարբերութիւնը դրաւ այդ բառը արտասանելու շեշտին մէջ։

95-ի հայկական կոտորածներէն ի վեր Անդրկովկասը լեցուած էր փախստական հայերով. հակառակ որ ընդհանրապէս կովկասահայերը ջերմ համակրութեամբ կը վերաբերէին այդ դժբախտ ազգակիցներուն հետ, հակառակ նոյնինքն Գարեգին Միքայէլեանի յարգանքին եւ համարումին, նոյնիսկ հակառակ որ այդ փախստականներէն ոմանք վաղուց տեղաւորուած եւ փայլուն կացութեան տէր դարձած էին, Նաթալիա իր առանձին կարծիքը ունէր։

Գաղթականը գաղթական էր, հալխին դռները առնող մուրացկան։ Երբեք չէր կարող համոզուիլ թէ կարգին մարդը ստիպուած կ’ըլլայ իր երկիրը, իր տունը տեղը թողուլ եւ թափառիլ օտար աշխարհներ։

Գաղթակա՜ն…

Եւ արհամարհական ծամածռութիւն մը դէմքին վրայ Նաթալիա դարձաւ դէպի բեմը։ Նուագահանդէսի երկրորդ մասը կը սկսէր։

Այդ օրէն յետոյ, Գարեգին իր բոլոր թոփով, գրեթէ պատանեկան ոգեւորութիւնով անձնատուր եղաւ իր մէջ յայտնուած անօրինակ եւ անզսպելի զգացումով։ Ընդհանրապէս պարզամիտ եւ անկեղծ, աներեւակայելի նրբամտութեամբ մը հնարքը գտաւ ամէն օր տեսնելու Սաթենիկը, ըլլայ պուլըվարը, ըլլայ ծանօթներու տան մէջ, թէ առանձին, եւ արագ կերպով երկուքն ալ հետզհետէ մոռանալով ամէն ինչ, ոտնակոխելով բոլոր արգելքները, անուշադիր իրենց շրջապատին, անզգոյշ եւ անխոհեմ իրենց վարմունքով, ապրեցան այնպէս, ինչպէս եթէ մինակ ըլլային քաղաքին մէջ։

Երբ Գարեգին յետադարձ ակնարկ մը կը նետէր իրենց սիրոյ այդ շրջանին վրայ, ապշութեամբ եւ հիացումով կը մտածէր որ ամենէն ինքնամոռաց զոյգերը նման անհաշիւ շռայլութեամբ չէին սպառեր իրենց միջոցները։ Բախտը եւ դիպուածը օգներ էին նաեւ իրենց, «Անդրկովկասի»ի Մոսկուայէն եկած ռուս ներկայացուցիչը ներողամտութեամբ անդրադարձեր էր «Գարեգին Իվանովիչի սիրահարութեան», ինչպէս կ’ըսէր ժպտելով եւ զինքը հնար եղած չափով հանգիստ էր թողել. նոյնիսկ կարգ մը անհրաժեշտ տեսակցութեանց համար ընթրիքի կամ ճաշի ժամը, առաջուց հրաւիրելով նաեւ Սաթենիկը, որուն հետ ծանօթացեր էր հարկադրաբար Բագու հասած օրն իսկ։ Անիկա առաջին րոպէէն կրցեր էր դատել Սաթենիկը եւ անմիջապէս ապահովուեր էր որ անիկա այն կիներէն չէ որոնք կարող են աղէտալի մսխումներու եւ անկանոնութեանց մղել զիրենց սիրող մարդիկը։ Մնացեալը զինքը չէր հետաքրքրեր եւ գոհ էր ընդհակառակը իր  կալան  մարդու մեծարանքները ներկայացնելու այդ սիրուն արեւելքցի կնոջ, որ «խռովուած ծովու գոյն աչքեր ունէր»։

Միւս կողմանէ Մոսկուայի ներկայացուցչի Բագու լինելը բացատրելի կը դարձնէր Գարեգինի բացակայութիւնները տունէն. գիշերները ուշ վերադարձները եւ մտազբաղ եւ իր շրջապատին անտարբեր մարդու արտայայտութիւնը։ Եւ ահա յանկարծ բախտը ընծայեց իրենց սանձարձակ ազատութիւն. Նաթալիա Վասիլիեւնա ստիպուեցաւ մեկնիլ Բագուէն եւ երթալ Ռոստով ժառանգական խնդրի մը կարգադրութեան համար։

Բայց այդ ազատութիւնը, որուն ընծայած բարեբախտութեան չէին անդրադառնար իսկ, որովհետեւ իրենց հրահրուած սիրոյն ոգեւորութեան մէջ չէին կրնար նոյնիսկ զգացումը ունենալ ոեւէ արգելքի, իր կարգին, այդ ժամանակաւոր ազատութիւնը պատճառ եղաւ որ առաջին օրերէն չպատրաստուէին իրականութեան ներկայացուցած դժուարութիւններուն։ Թէ՛ Գարեգին եւ թէ Սաթենիկ կը կարծէին թէ այս այսպէս պիտի շարունակուի, անվախճան եւ անայլայլ, աւելի ճիշդը այդ իսկ չէին մտածեր եւ կարծես իրենք իրենց մէջ բնականօրէն կը կրէին յաւիտենականութիւնը։ Ժամանակը ջնջուած էր իրենց համար եւ նաեւ իրական կեանքի գիծերը եւ իրենց հոգիները նման էին երկու ճառագայթներու, որ միացած ու նոյնացած կը սուրան ազատ եթերին մէջէն։

Ուրիշներ կ’անդրադառնային սակայն իրենց կացութեան դժուարութիւններուն եւ հետաքրքրութեամբ կը սպասէին այս նոր գայթակղութեան հետեւանքներուն. Գարեգինի բարեկամները եւ պաշտօնակիցները պահելով հանդերձ իր նկատմամբ յարգալիր վերաբերմունքը, խիստ կերպով կը քննադատէին այդ յիմարութիւնը եւ Սաթենիկ զգաց որ իր վաղեմի ընկերները եւ բարեկամուհիները կ’օտարանային իրմէ. բայց անիկա զինքը վերացնող խանդավառութեան մէջ հազիւ թէ կ’անդրադառնար այդ բոլորին. իրեն համար անցեալը եւ ապագան անհետացեր էին եւ միայն կար երջանիկ ներկան, իր սիրելիին գրեթէ յարատեւ ներկայութիւնը։ Միայն Տիկին Աբգարեան անփոփոխ մնացեր էր իր նկատմամբ, բայց հազիւ թէ կը տեսակցէին իրարու հետ. անգամ մը միայն իր ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ իր հաւատարիմ բարեկամուհիին վրայ, երբ Գարեգին իրեն պատմեց թէ Տիկին Աբգարեան պաշտպաներ էր զիրենք կարգ մը «յիմարների մօտ», եւ ըսեր էր հաւատքով. «Սիրային պատմութիւնը միշտ մի հեքիաթ է եւ այս մէկը մեր ժամանակներին ամենէն գեղեցիկ հեքիաթն է»։

Այլ սակայն անխուսաբելիօրէն պիտի հնչէր այն ժամը երբ ստիպուած պիտի ըլլային իրենց երազէն սթափիլ եւ վերադառնալ իրականութեան։

Իրիկուն մը երբ ամառնային քլիւպի պարտէզին մէջ կ’ընթրէին, առանձնացած իրենց մտերմութեան մէջ, Գարեգին անփութութեամբ յայտնեց.

Հա՛, մոռացայ քեզ ասելու, Սաթի՛կ ջան, հեռագիր եմ ստացել, Նաթալիա Վասիլիեւնան էգուց վերադառնում է Բագու։

Սաթենիկ անտարբերութեամբ պատասխանեց.

Ա՜հ…

Երաժշտախումբը սկսաւ նուագել այդ միջոցին եւ երկուքն ալ լռեցին. Գարեգին իր հիացիկ նայուածքով կը շարունակէր նայիլ Սաթենիկի անայլայլ դէմքին՝ որուն վրայ անդորր երջանկութիւնը լոյսի մը պէս կը շողար։ Սաթենիկ մտքով կը հետեւէր երաժշտութեան ծանօթ կտորի մը եւ անցեալի խուսափուկ յիշողութիւններ ինչպէս վաղեմի ծանօթներու, հաճելիօրէն միտքը կը տանէին իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն։ Ուրախ թէ տխուր բոլոր յիշողութիւնները սիրելի էին իրեն, որովհետեւ այդ բոլորը իրենց մանուածապատ ճամբաներէն բերել յանգել տուեր էին ներկայ երջանկութեան։ Կրկին խօսեցան իրարու հետ տարբեր բաներու վրայ, անկապակից կերպով եւ թափառելով մէկ նիւթէն միւսը, զուարթ էին ու երջանիկ, անձնատուր իրենց անխառն ուրախութեան առանց մտահոգուելու վաղով, որ այդ րոպէին արդէն սպառնալիքի մը նման կը թեւածէր իրենց գլխուն վերեւ։

Մեկնելէ առաջ ուզեցին քիչ մը քալել դարատափին վրայ եւ Գարեգին հանդիպեցաւ ծանօթներու, բարեւեց ու անցաւ. բայց այդ անձերէն մէկը մտածումներու զուգորդութեամբ յիշեցուց իրեն Նաթալիա Վասիլիեւնայի ժամանումը։

Այսպէս ուրեմն, Սաթիկ ջան, ըսաւ Գարեգին լռութիւնը խզելով… էգուց առաւօտ չեմ ունենայ երջանկութիւն քեզ տեսնելու… խելօք աղջիկ ես, հանգիստ ինձ կը սպասես, հենց որ կարելի եղաւ կը գամ քեզ մօտ եւ ի հարկէ չեմ ուշանայ…

Լա՛ւ, պատասխանեց Սաթենիկ անտարբերութեամբ, կը սպասեմ իմ ասպետիս… այդպէս հրամայեց ինձ…

Ու ծիծաղեցին հանդարտութեամբ։

Այսուամենայնիւ երբ Գարեգին տուն վերադարձաւ եւ տեսաւ տունը կենդանութեան մէջ, որովհետեւ աղախինները կը պատրաստուէին պարինը ընդունելու, զարմանալի անհանգստութիւն մը զինքը պաշարեց։

Մինչեւ այդ օրը չէր մտածեր որոշ կերպով իր կացութեան վրայ. տարտամօրէն գաղափարը ունեցեր էր որ իրաւունք ունի իր սրտի պահանջներուն համեմատ ապրելու եւ եթէ հարկ ըլլայ ամէն ինչ թողուլ եւ իր սիրած կնոջը հետ մնալու. բայց այդ տարտամ գաղափարը աւելի վերացական գաղափար մըն էր որքան դեռ ոեւէ արարքի անհրաժեշտութիւնը չէր ներկայանար։ Եւ այդ գաղափարը դիւրին գործադրելի կը թուէր իրեն, քանի իր տան ոգին, կինը, բացակայ էր։ Ամէն իրիկուն ինչքան ալ ուշ ըլլար տուն կը վերադառնար։ Որդին քնած էր արդէն սենեակին մէջ. տան ծառային եւ աղախինին արձակուրդ տուեր էր եւ պահեր էր միայն խոհարարուհին, որ կը զբաղէր իր որդւոյն խնամքով։ Առաւօտուն կանուխ միայն կը տեսնէր Արմիկը եւ խոհարարուհին, որոնց հետ կարճ քանի մը խօսք փոխանակելէ վերջ կը մեկնէր։ Իր տունը այդ պայմաններուն մէջ հազիւ թէ կայան մըն էր եւ զուրկ այն ոգեւորութենէն եւ կենդանութենէն, որ բնակուած տուները կ’ունենան։

Կնոջը երկու ամսուան բացակայութեան միջոցին ոչ մէկ օր անոր ներկայութեան պահանջը չէր զգացեր եւ այդ օրերուն զգացեր էր ա՛լ աւելի թէ որ որքան օտար մնացեր էին իրարու։ Ճիշդ է որ իր նոր կեանքի առաջին օրերու սանձարձակ ոգեւորութենէն սթափելով սկսեր էր զբաղիլ իր գործերով եւ ամուր ձեռքերով բռներ էր բազմապահանջ  ֆիրմա յին տնօրէնութեան սանձերը, բայց այդ ուրիշ կարգի բան էր եւ որոշ հպարտութիւն զգացեր էր անդրադառնելով որ իր կորովէն, իր մտքի արթնութենէն բան չէր կորսնցուցած։ Ընդհակառակը կարծես միտքը օժտուեր էր տարօրինակ պայծառութեամբ եւ մէկ քանի առկախ խնդիրներ, որոնցմէ մէկը շատ կարեւոր, կարգադրեր էր յաջողութեամբ։ Մոսկուայի կեդրոնական վարչութենէն ստացեր էր նոյնիսկ շնորհաւորական եւ Բագուի ռուս ներկայացուցիչը, ծերունի մը, որ գործէ պիտի քաշուէր, յայտներ էր իրեն որ «Անդրկովկաս» ընկերութիւնը այլեւս կարիք չէր զգար յաջորդ մը ղրկելու իրեն եւ գրեթէ ապահով էր որ Գարեգին իր տեղը անցնէր, հարկ եղած լիազօրութիւնը ստանալով։

Թերեւս հարկ ըլլայ որ մի անգամ երթաք Մոսկուա, աւելցուցեր էր ներկայացուցիչը։

Ի՜նչ լաւ կը լինի, մտածեր էր Գարեգին, կը գնանք Սաթիկի հետ։

Հիմակ իր սենեակը առանձնացած՝ չէր կարող չմտածել թէ հետեւեալ առաւօտ Նաթալիա Վասիլիեւնան պիտի հասնէր Բագու. երկիւղալի եւ անախորժ բան մը կը համարէր այդ հանդիպումը կնոջ հետ. չէր կրնար տակաւին որոշել թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլար այդ հանդիպումը եւ ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենար. ի՞նչ դիրք պիտի բռնէր Նաթալիա, եթէ տեղեկանար եւ անպատճառ պիտի տեղեկանար։ Նոյնիսկ արդեօք պարտական չէ՞ր ինքն իսկ տեղեկացնել անոր ճշմարտութիւնը, փոխանակ թոյլ տալու որ չարամիտ եւ օտար մարդիկ խօսէին։ Նոյնիսկ կնոջը արժանապատուութեանը խնայելու համար, լաւ էր որ ինքը ըսէր եւ վճռեց անմիջապէս յայտնել իրողութիւնը կնոջը։

Բայց այդ վճիռն ալ գաղափար մըն էր եւ Նաթալիայի բացակայութեան շնորհիւ իրականութեան կարծր գիծերը չունէր։

Այո, այդպէս լաւ է, վճռեցի, կը յայտնեմ։

Միտքը դողաց յուզումով եւ երկիւղով, բայց ահա իրեն յայտնուեցաւ Սաթենիկի սիրելի պատկերը, անոր անչափ վստահութիւնը, անփորձութիւնը, անշահախնդիր անփութութիւնը եւ սիրտը լեցուեցաւ գորովանքով։

Ի հարկէ, Սաթի՛կ ջան, կը յայտնեմ, մրմնջեց, կարծես հեռուէն ապահովցնելու համար իր սիրելին, որ այս պահուս կը քնէր վստահութեամբ, երազելով թերեւս իր երջանկութեան բազմատեսակ տեսիլքներէն մէկը։

Ժամը յառաջացած էր եւ այլեւս Գարեգին շուտով հանուելով պառկեցաւ։ Անկողնին մօտ սեղանին վրայէն գիրք մը առնել ուզեց, յետոյ թողուց, ելեկտրական լոյսը մարեց ու գրեթէ անմիջապէս քնեց։

Քիչ յետոյ ընդոստ արթնցաւ եւ գրեթէ անմիջապէս անախորժ մտածումը ներկայացաւ մտքին. «էգուց, այդ ժամին, ամէն ինչ պարզուած կը լինի եւ թերեւս չվերադառնամ տուն»։

Բայց ահա յանկարծ այդ գաղափարն իրեն թուեցաւ անհնարին, այլանդակ եւ անիրականանալի. Ինչո՞ւ… ինքն ալ չէր կարող որոշել, բայց զգաց որ այդ գաղափարը իր դէմ գտաւ անանցանելի պատ մը, անյաղթելի խոչընդոտ մը, որուն առաջ կարելի է խորտակուիլ, բայց ուրկէ կարելի չէ անցնիլ։

Մտքէն վանելու համար այս ծանր եւ ճնշիչ մտածումը, մտածեց կանխաւ որոշել թէ ինչպէ՞ս պիտի սկսէր խօսակցութիւնը։

Նաթալիա Վասիլիեւնա, պիտի ըսէր լուրջ ձայնով, ես քեզ ունեմ կարեւոր եւ առանձին ասելիք։

Մտաբերեց կնոջը դէմքը եւ անոր առնելիք արտայայտութիւնը եւ խորհեցաւ թէ այդպէս անկարելի է։

Սակայն չէր կարող խօսիլ ուրիշներու ներկայութեան եւ պէտք էր եղանակ մը գտնել, կնոջը յայտնելու որ առանձին բան ունի ասելիք։

«Բայց հենց այդ րոպէից պիտի հասկանայ եւ թէրեւս անէ այնպէս բան որ մեզ խայտառակէ»։ Միտքը թափառեցաւ երկար եւ ինքն իսկ կամովին կարծես կը ստեղծէր արուեստական դժուարութիւններ։ Վերջ ի վերջոյ խորհեցաւ.

Լաւագոյն ժամը ընթրիքի ժամն է։ Արմիկը քնած կը լինի, աղախինները կը քաշուեն եւ մենակ կը լինենք. ըստ ինքեան եւ բնական կերպով մենակ կը լինենք եւ հարկ չլինիր այդ ծիծաղելի յառաջաբանին։

Նաթալիա Վասիլիեւնա, ես քեզ առանձին բան ունեմ ասելիք…

Բարձրաձայն ծիծաղեցաւ եւ խորհեցաւ։

«Ախր ի՜նչ հարկ, թատերական տեսարան սարքել. կը սպասեմ մինչեւ երեկոյ, նոյնիսկ եթէ ինձ ակնարկէ այդ խնդրի մասին, կը խուսափեմ եւ ընթրիքին արդէն… մենակ ենք… այդպէս լաւ է, շատ լաւ է»։

Այսպէս որոշումով հանգստացած Գարեգին դարձաւ միւս կողմին եւ ինկաւ խոր քունի մէջ եւ ինքն իսկ չանդրադարձաւ թէ ինչ որ իրապէս հանգստացուցեր էր զինքը, այն յետին միտքն էր որ մինչեւ հետեւեալ օրը կէս գիշերին պարտաւոր չէր այլեւս կնոջը հետ այդ անախորժ խօսակցութիւնը ունենալ. ինքզինքին տուեր էր պայմանաժամ մը։

Նաթալիա Վասիլիեւնա Ռոստովի մէջ նախազգուշացումը ունեցեր էր գլխուն եկած անսպասելի դժբախտութեանը։ Քօղարկուած ակնարկութիւններ ըրեր էին իրեն եւ Բագուէն ստացած մէկ երկու նամակի մէջ «բարեկամներ» խորհրդաւոր պատճառաբանութիւններով կը յորդորէին զինքը շուտով վերադառնալ։ Կասկածը մտեր էր իր սրտին մէջ, բայց անմիջապէս մտածեր էր թէ խնդիրը լուրջ չի կրնար ըլլալ եւ իր պարզ ներկայութիւնը բաւական պիտի ըլլայ որ ամէն ինչ կարգի մտնայ։ Իր գրած կարճ նամակներուն մէջ կը խօսէր միայն իր ժառանգական գործի մասին եւ ոեւէ ակնարկութիւն չէր ըրած իր լսածներուն։ Գարեգին ի փոխարէն կը պատասխանէր հեռագրով, այնպէս որ փութկոտութեան երեւոյթ մը ունենալով հանդերձ, խոյս կու տար երկար գրելու տաղտուկէն, մանաւանդ որ որոշ ընկալեալ բանաձեւեր գործածելու անհրաժեշտութենէն։ Նաթալիա Վասիլիեւնա այսուամենայնիւ շտապեցուցեր էր իր Բագու ժամանումը, հակառակ որ մտադիր էր ոչ մէկ բան ըսել իր ամուսնոյն եւ պարզապէս իր կորովի ձեռքերով զայն կարգի բերել։

Առաւօտեան ժամը տասնին հասաւ բագու եւ կայարանը հանդիպեցաւ որդւոյն եւ ծառային. Գարեգինի բացակայութիւնը զինքը սառեցուց սրտմտութենէն. բայց անմիջապէս Արմիկը բացատրեց.

Հայրիկը այս առաւօտուն նիստ ունէր իր քանդոռում, խնդրեց որ ներողամիտ լինես, անմիջապէս որ կարենայ պիտի գայ տուն, ճաշի ժամէն առաջ։

Լա՛ւ, լա՛ւ, ըսաւ Նաթալիա, շտապիր ծրարներս դուրս բերել, քեզ կը հետեւեմ։

Դէմքը խոժոռ, սրտմտած, հազիւ ինքզինքը զսպած եկաւ տուն եւ անմիջապէս որ իր յարկին տակ մտաւ, զգաց որ անսահմանելի բան մը խորտակուած է անդարմանելի կերպով. կարծես իր տան մէջ օտար էր եւ ուրիշ շունչ մտեր էր այստեղ։ Բայց ինքզինքը հարկադրելով պաղարիւնը պահել, բոլոր բարկութիւնը թափեց աղախիններու վրայ։ Մինչեւ ճաշի ժամը, կարծես մտրակը ձեռքը զանոնք խարազանեց հրամաններով, գանգատներով, դժգոհութիւններով։ Յետոյ յանկարծ գիտնալու անդիմադրելի փափաքէն մղուած իմացաւ խոհարարուհիէն թէ Պարոնը իր բացակայութեան ոչ մէկ անգամ ճաշեր էր տանը. առաւօտուն կանուխ կ’երթար եւ կէս գիշերէն յետոյ կը վերադառնար։

Ո՞վ էր այդ անկարգութեանց պատճառը. մի ոեւէ փճացած կին անշուշտ… Սատանան գիտէ՞ եզրակացուց, ի զուր միտքովը հաւանական անուններու թւումը ընելէ յետոյ։

Հակառակ իր խոստումին Գարեգին ոչ միայն երեքի ճաշէն առաջ չեկաւ, այլ նոյնիսկ զգալի կերպով ուշացաւ։

Երբ ճաշասրահը մտաւ, Նաթալիա Վասիլիեւնա տժգունեցաւ յանկարծակի եւ ուզեց ոտքի ելնել, ընդ առաջ երթալու Գարեգինին, բայց կեցաւ իր տեղը եւ սպասեց։ Գարեգին մօտեցաւ իրեն ու ահա ընկրկեցաւ. իր յուսահատ աչքերը հանդիպեցան որդւոյն աչքերուն. այն ատեն քաջութեամբ քայլ մըն ալ առաւ ցրտութեամբ համբուրեց կինը. իր շրթներուն հարեւանցի հպումին տակ կնոջը այտերը դիակի պէս պաղ էին եւ տարօրինակ անախորժ տպաւորութիւն թողուցին իր վրայ։

Փա՜ռք Աստուծոյ, ըսաւ մտքովը, երբ աթոռին վրայ տեղաւորուեցաւ սեղանին առաջ կոմետիա յի գլխաւոր մասը անցաւ։

Տասը րոպէ յետոյ սառնութիւնը մեղմացած էր սակայն եւ այր ու կին կը խօսէին ժառանգական խնդրին մանրամասնութիւններուն վրայ։ Գարեգին րոպէ մը նոյնիսկ ժպտեցաւ եւ խոստովանեցաւ որ Նաթալիա Վասիլիեւնան իր գործը գիտցող կին էր եւ շատ խելքով վարուել էր, կարենալ յաջողութեամբ աւարտելու համար այդ փշոտ խնդիրը։

Յետոյ, ըսաւ Նաթալիա, փոխանորդագիր տուեցի իմ փաստաբանին, որ գանձէ եւ ինձ փոխադրէ փողը։

Ինչի՞, աւելի լաւ էր սպասէիր, խօմ շտապելու պատճառ չկար։

Նաթալիա նայեցաւ Գարեգինին շեշտակի. այդ նայուածքին մէջ փոթորիկը կ’որոտար։ Բայց Գարեգին այդ նշանակալի նայուածքէն վրդովուած աչքերը խոնարհեց. պահ մը լուռ մնացին եւ Նաթալիա շարունակեց խոր հառաչէ մը յետոյ.

Չէ՛, չէի կարող այլեւս մնալ, շաբաթ մը հարակաւոր էր, բայց վճռեցի այլեւս օր մը իսկ չմնալ։

Դարձեալ սպառնալի լռութիւնը տիրեց, բայց ամէն ինչ վերջացաւ Արմիկի միջնորդութեամբ.

Հայրի՛կ ջան, ըսաւ անիկա, գողտր եւ տաք ձայնով, քո յանձնարարած գիրքերի ցանկը պատրաստեցի։

Ու այլեւս հայր ու որդի խօսակցեցան Նաթալիայի մռայլ լռութեան առաջ։