Արգելքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գարեգի՛ն…

Հա՛ ջան։

Ինձ լսիր. այդ բոլորը լա՛ւ, արա ինչ ուզում ես, բայց ինձ մենակ մի թող։

Սաթի՛կ ջան, սիրելիս, հոգուդ մատաղ, մի քիչ համբերիր, ամէն ինչ կը կարգադրուի, միայն ժամանակ է հարկաւոր. վստահիր ինձ ու մնացեալը ոչինչ. դու ախր գիտես որ քեզ սիրում եմ ամէն բանէ վեր, անչափ, անսահման սիրով…

Սաթենիկի դէմքին վրայէն թեթեւ տխրութիւն մը անցաւ. Գարեգին իրեն կը նայէր անձկութեամբ եւ ինքզինքը անզօր կը զգար այդ տխրութիւնը փարատելու։

Երկու շաբաթ անցեր էր Նաթալիայի վերադարձէն ի վեր եւ Գարեգին դեռ չէր համարձակեր իրողութիւնը պարզել անոր. քանի օրերը կ’անցնէին այնքան դժուարին կը թուէր իրեն այդ խնդրին անդրադառնալ կնոջը հետ. շատ բարդ եւ անհասկանալի զգացում մը իրեն արգելք կ’ըլլար յայտնելու ինչ որ վճռած էր. որովհետեւ իր մտքին մէջ տրամաբանօրէն դատելով խնդիրը եւ հիմնուած իր սկզբունքներուն վրայ, եկեր էր այն եզրակացութեան թէ պէտք է ամէն բան խզէ իր կնոջ հետ եւ երթայ այն ճամբով, որ իր ինքնաբուխ եւ անդիմադրելի զգացումը կը թելադրէր։ Բայց այդ որոշումը գործադրութեան դնելու համար, եւ ըսելիքը ըսելու համար ընելիքը մեքենական շարժումները անհնարին կը թուէին իրեն։ Որքան ատեն որ Նաթալիայէն հեռու, կամ իր սենեակին առանձնութեան մէջ կը խորհէր այդ անհրաժեշտութեան վրայ, բառերը կը շարուէին մտքին մէջ մեծ հեշտութեամբ, բայց անգամ մը որ Նաթալիային ներկայութեանն էր, անոր տարամերժ արտայայտութեան առաջ, շրթները կը սառէին եւ ոչ միայն կը զգար որ ինքը իր կողմէն անկարող էր այդ րոպէին խօսք բանալ այդ նիւթին վրայ, այլ կը սարսափէր որ Նաթալիա ինք իր կողմէն կը պոռթկար։ Այժմ ոչ միայն առիթ չէր փնտռեր առանձին մնալու կնոջը հետ, այլ աներեւակայելի ջանքեր կ’ընէր երբեք առանձին չմնալու։ Իր փորձութեան քարը գիշերուան ընթրիքն էր եւ այդ պատճառով շուտ տուն կը դառնար, պատահական հիւրի մը կառչելու եւ վար դնելու համար զայն։

Իր այդ բնազդական վախին մէջ կային շատ մը բաներ, որոնք ոյժ կու տային իրեն լռութիւն պահելու։ Նախ տունը, ընտանիքը քանդելու խորշանքը. կարծեր էր նախապէս որ այդ բանին մէջ ինքն էր զոհուողը եւ հետեւաբար պատրաստ էր այդ անձնազոհութիւնները ընելու, բայց այժմ յամառ կերպով կը խորհէր որդւոյն վրայ եւ կը սիրէր մտածել թէ ընդհակառակը զոհողութիւնը իր կողմէն անոր մէջ կը կայանայ՝ որ որդւոյն սիրոյն հանդուրժէ Նաթալիայի ներկայութեան եւ ազատութիւնը զոհէ։ Կը մտածէր նաեւ թէ այդպիսի քայլ առնելէ յետոյ անհնարին էր իրեն համար Բագու մնալ։ Ֆիզիքապէս անկարելի էր հանդուրժել մարդոց հետաքրքիր եւ քննադատական նայուածքին։ Բայց արդէն Բագուէն հեռանալու համար պէտք էր հրաժարէր իր պաշտօնէն։ Իր անձնական հարստութիւնը թոյլ կու տար իրեն հեռանալ, նոյնիսկ երթալ արտասահման եւ Սաթենիկին հետ ապրիլ անկախ կեանքով, բայց այդ բանը այդտեղ չէր։ Ինչպէ՜ս հրաժարիլ գործէ մը, որ զինքը կը հետաքրքրէր իր մտքի եւ մարմնի ոյժի լրումին մէջ։ Ճիշդ այն հասակին հասեր էր եւ այն դիրքին, երբ բոլոր դժուարութիւններուն յաղթելէ ետքը կը մտնար անխախտելի կացութեան մը մէջ եւ այդ հարուստ եւ արդիւնաբերող քաղաքի ղեկավարող ուղեղներէն մէկը կը դառնար։ «Անդրկովկաս»ի ծերունի ներկայացուցիչը իր հրաժարականը ղրկեր էր եւ մէկ օրէն միւսը կը սպասէր իր անուանումին։ Իր կացութեան բարգաւաճ վիճակը պարտաւորութիւններ կը դնէր իր վրայ. ինքը, ուրիշ ազատական եւ մտաւորական պուրժուաներու հետ, ձեռնարկեր էր աւելի ժողովրդական նկարագիր տալ նաւթ արդիւնաբերողներու շահակցական միութեան։ Նոր ծրագիր մը կը մշակէին եւ իր շրջանակի մարդիկը մեծ յոյս կը դնէին իր վրայ։

Մինչեւ այն օրը որ անհրաժեշտութիւնը չէր ներկայացեր, չէր անդրադարձեր երբեք որ գրեթէ հազար ֆիզիքական կապերով կապուած էր իր կացութեան, գործին եւ տունին։ Եթէ խզեր այդ բոլորը, արդեօք անդամահատուած եւ տարբեր անձնաւորութիւն դուրս պիտի չգա՞ր։ Եւ նոյնիսկ եթէ վճռէր հակառակ ամէն բանի ամէն ինչ քանդելու, քանի՜ անգամներ այն անզօր վիճակին մէջ պիտի գտնուէր, որով անհնարին կը դառնար իրեն Նաթալիա Վասիլիեւնայի յայտնել ճշմարտութիւնը։ Երբ կը մտաբերէր որ ստիպուած էր այդ նոյն յայտնութիւնները ընելու ծերունի ներկայացուցչին, իր գործի ընկերներուն, նաւթ արդիւնաբերողներու շահակցական միութեան իրեն մօտիկ անդամներուն, քլիւպում, ամէն տեղ եւ ամէն առիթի… «Ոչ մէկը անել այդ յայտնութիւններուն եւ փախչել Բագուից», այդ ալ կարելի չէր հակառակ որ աւելի դիւրին էր գործադրութեան մէջ։

«Ախր ասեղ չեմ որ կորսուեմ… հաշիւներ ունեմ տալիք ամէն տեղ, գանձապահ եմ մի շարք ընկերութիւնների, մարդիկ կարող են ամենավատ ենթադրութիւններ անել»։

Հապա ի՞նչ անել։

Փոթորիկը սպառնական կը դառնար իր տան մէջ, թէ Սաթենիկի մօտ. սիրելիին դէմքը յաճախ տխուր էր եւ իրենց յարաբերութիւնները կորսնցուցեր էին այն անամպ երջանկութեան յստակութիւնը, որով ողողուած էին. թուխ ամպեր կը կուտակուէին իրենց սիրոյ հորիզոնին վրայ, եթէ բնազդական վախով ուզէր ոեւէ տեղիք չտալ Նաթալիայի կողմէ պայթումի մը, Սաթենիկը դժգոհ կը մնար։ Իսկ եթէ Սաթենիկին նուիրէր որոշ ժամերէ աւելի, զգալի չդարձնելու համար իրենց երջանկութեան արգելքը, ինչպէս պաղատեր էր սիրելին արցունքոտ աչքերով, տուն վերադարձին Նաթալիան կը գտնար գերագրգռութեան գագաթնակէտին վրայ։ Կարծես մշտատեւ սպառնալիքի մը մէջ էր, կարծես ընդերկրեայ որոտումներով դղրդուած հրաբուխի մը եզրին կեցած էր։

Ի՞նչ անել։

Վերջ ի վերջոյ պարտուած իր տկարութենէն, վճռեց ամէն ջանք ընել որ փոթորիկին պայթումը ուշացնէ։ Մտքին մէջ միամիտ յոյս մը ծագեր էր եւ կը փայփայէր այդ յոյսը։

«Նաթալիա Վասիլիեւնան իր հպարտութեան մէջ վիրաւորուած կը մեկնէ տանից, որեւէ պատրուակ կը գտնէ մեկնելու եւ մեզ հանգիստ կը թողու. կ’երթայ թերեւս Ռոստով կամ Մոսկուա, Արմիկի հետ, եւ ես ի փոխարէն իրեն կ’ընծայեմ բոլոր դիւրութիւնները, եթէ հարկ լինի իմ եկամուտներուս երեք քառորդը յատկացնել իրեն, կ’անեմ սիրով, ամէն ինչ կանեմ, միայն թէ հանգիստ թողու ինձ»։

Այն ատեն իր մտքին մէջ կը ներկայանար հաճելի հեռանկարը ազատ կեանքին. գործի ժամերէն յետոյ կը վազէր Սաթենիկի մօտ, կը վերցնէին առանձին բնակարան հեռաւոր եւ ռուսական թաղի մէջ եւ կը թաղուէին իրենց սիրային կեանքին երանութեան մէջ. փառքի, սիրոյ եւ գեղեցկութեան շողշողուն կեանք մը կ’ըլլար այդ, գեղեցիկ հեքիաթ մը։

Եւ այդ հեռանկարը ունենալով իր մտքին մէջ, անկեղծօրէն կը կրկնէր Սաթենիկին.

Սաթի՛կ ջան, հոգուդ մատաղ, խելօք աղջիկ ես, կը հասկանաս. մի քիչ համբերիր, ամէն ինչ կը կարգադրուի։

Բայց Նաթալիա Վասիլիեւնա բնաւ մտադիր չէր իր դիրքը լքելու եւ զինաթափ ըլլալու. իր կեդրոնացեալ մտածումով եւ իր բոյնը փրկելու բնազդով հասկցեր էր որ Գարեգին պիտի չհամարձակէր իրեն յայտնել կացութիւնը եւ զինքը հարկադրել որոշում մը առնելու, զայրոյթի, վիրաւորուած արժանապատուութեան գերագրգռութեան մէջ։ Միւս կողմանէ հասկցաւ շատ լաւ որ մեծ սխալ պիտի ըլլար իր կողմանէ այդ վտանգին ընդառաջ երթալ։ Անգութ սրտմտութեան օրեր անցուց լսելով թէ ո՞վ էր Գարեգինը «գլխահան անողը»։ Նախատուած զգաց ինքզինքը իր ամենէն հաստատ կերպով ընդունած զգացումներուն մէջ։ Միւս կողմանէ վստահութիւն ստացաւ որ որ այդ անարժէք կնոջ հրապոյրը շուտով կը խզուի։ Ըստ իրեն Սաթենիկ ոչ գեղեցիկ էր եւ հետաքրքրական, ըստ իրեն հազար հազարներով այդպէս կիներ կային եւ ոչ մէկ բանով ջախջախիչ առաւելութիւն ունէր։ Նոյնիսկ ջանաց շրջապատուիլ գեղեցիկ, երիտասարդ եւ պչրող կիներով, գիտէր որ եթէ Գարեգին հրապուրուած այդ կիներէն մէկէն հեռանար Սաթենիկէն, մնացեալը դիւրին էր։ Նաթալիա Վասիլիեւնա չէր կարող գիտնալ անշուշտ որ կարելի է յափրանալ գեղեցիկ կնոջմէ մը, կարելի է յոգնիլ սրամիտ եւ շողշողուն կնոջմէ մը, բայց կարելի չէ խզել այն հրապոյրը, որ թարթիչներու մասնայատուկ բաբախում մը, նայուածքին բոցը, ժպիտի առանձին շարժում մը մարդը կը կապէ կնոջ. չէր կրնար ըմբռնել նաեւ այն բոլորը, որ լոյսով, բոյրով, եռանդով կազմուած անկայուն, անշօշափելի գեղեցկութիւնն է անոնց, որոնք իրենց հոգեկան ցոլքը կը կրեն իրենց դէմքին վրայ։ Նաթալիա չէր կարող նոյնիսկ ընդունիլ գոյութիւնը այն հոգեկան անխզելի կապերուն, այն բացարձակ ներդաշնակութեան, որուն մէջ մարդս իր սիրած կնոջ քով իր սեփական հոգին ճանչնալու ուրախութիւնը կ’ունենայ։ Ու ամէն ինչ իրեն համար կը վերածուէին սիրային սովորական պատահարի մը։

Առաւօտ մը երբ նախապէս առնուած որոշումի մը համեմատ Սաթենիկ  քանդոռ  պիտի երթար Գարեգինի մօտ, եւ մեկնելու կը պատրաստուէր քանդոռ ի ծառան երկտող մը բերաւ իրեն։

Սիրելիս, չլինի որ գաս, սպասի՛ր ինձ տանը. ցաւում եմ յառաջ եկած արգելքի մասին։

Սաթենիկ տժգունեցաւ եւ տարօրինակ ցուրտ մը զգաց։ Յանկարծ անդրադարձաւ իր կացութեան դժբախտութեան։ Խռովայոյզ կերպով մը մտքին ներկայացան մանրամասնութիւններ, որ իրեն սրտնեղութիւն պատճառեր էին եւ որոնք այժմ կը ստանային իրենց ամբողջական արժէքը։ Ի՞նչ էր այդ արգելքը, որ միշտ իր ոտքին առաջ կու գար իր քայլերը խանգարելով. ուրեմն բանը այնտեղ էր հասեր որ այդ արգելքը աւելի կարեւոր բան էր քան իրեն պատճառելիք վիշտը։

Իր ամբողջական, բոլորանուէր զգացումին մէջ յանկարծակի վիրաւորուած, Սաթենիկ անձնատուր եղաւ իր վշտին եւ թիկնաթոռին մէջ ընկղմած հեծկլտալով լացաւ մանկան պէս. իր սեփական հեծեծանքը լսելով կարծես կը տեսնէր իր դժբախտութեան կերպարանքը եւ գերմարդկային ջանքեր կ’ընէր խաղաղելու, որպէսզի կարենայ պաղարիւնով դատել կացութիւնը եւ եզրակացութեան մը հասնիլ։

Հազիւ թէ հանդարտած էր, Գարեգին եկաւ. անիկա, տեսնելով Սաթենիկի կարմրած աչքերը, այնքան անկեղծ եւ խոր տխրութիւնով մը լեցուեցաւ որ այլեւս երկուքն ալ կը ճգնէին զիրար մխիթարել. տենդագին համբոյրներէն հատկտեալ ձայնով Գարեգին կ’ըսէր.

Սաթի՛կ ջան, ինչպէ՞ս կարող ես ինձ այսպէս վիշտ պատճառել. արցունք թափել այդքան յիմար բանի համար։ Ես շտապեցի քեզ մօտ գալու հենց որ  նա  մեկնեց, որպէսզի կորսուած ժամանակը յետ կորզեմ նրանից…

Ես չգիտեմ, ինչ՞ եւ որո՞ւ մասին խօսում ես, Գարեգին, ես ուզում եմ անկեղծ լինել եւ քեզ ասել որ սարսափելի կասկած մտաւ իմ մէջ։

Ի՞նչ կասկած, սիրելիս։

Թէ  նա  որ արգելք եղաւ մեզ այս առաւօտ նա  միայն այս առաւօտ չէ որ արգելք պիտի լինի…

Աւելի լաւ է պարզ խօսիլ, Սաթի՛կ ջան, ես ուզում եմ քեզ հետ լինել անկեղծ ու անվերապահ. դու այդպէսով կը գիտնաս ամէն բան ու դու ինքդ կը դատես։

Սաթենիկ Գարեգինի կողքին նստած շփոթ վրդովմունքով կը լսէր։

Ժամը 10-ի կէսն էր, գիտէի որ տասնից առաջ պիտի գաս ինձ մօտ եւ ես արդէն ուրախ էի եւ անհամբեր։ Յանկարծ հեռախօսի զանգը. Նաթալիա Վասիլիեւնա յայտնում է որ հեռագիր է ստացեր Ռոստովից, իր փաստաբանից եւ ինձ մօտ է գալու խորհրդակցելու համար։ Ժամը քանիսի՞ն կը գաս, հարցրի։ Տասնի միջոցները, շուտով կը հագուեմ եւ կու գամ։ Փորձեցի հեռացնել այդ անախորժ արգելքը մեր ճամբից։ Նաթալիա Վասիլիեւնա, ասացի, ի՞նչ հարկ շտապելու, ճաշի միջոցին կը խօսենք։ Ո՛չ, չէ կարելի, դու խօմ գիտես թէ հիւրեր ունենք ճաշի։

Այսուամենայնիւ չէ կարելի, գործ ունեմ… ժամադրութիւն ունեմ։

Ես կը գամ, պատասխանեց, եւ կը կենամ քո սպասման սրահի մէջ, եթէ չես կարող ընդունիլ քո կինը, ծառայի միջոցով կը հաղորդես. եւ ես կը տեսնեմ թէ մինչեւ ո՞ւր կարող ես հասցնել խայտառակութիւնը։ Ուզեցի պատասխանել, բայց յարաբերութիւնը խզեց։

Արդ, ասա ինձ խնդրում եմ, ի՞նչ կարող էի ասել, թոյլ տալ որ իրար հանդիպիք այնտեղ  քանդոռ ում, թէ՞ ծառայի միջոցով նրան արտաքսել…

Գլուխը հակած ուսին վրայ Սաթենիկը կը լսէր տխրութեամբ եւ սիրտը տաժանելիօրէն կը պատրաստուէր տառապանքին։ Պահ մը լուռ մնաց եւ գերագոյն մխիթարութիւն մը գտնելու յոյսով հարցուց.

Այդ բոլորը, Գարեգին, անխուսափելի է. բանը նրանումը չէր որ այսօր արգելք ունեցար. խնդիրը այն է թէ ինչպէ՞ս դուրս պիտի գանք այս կնճռոտ վիճակից։

Ահա բուն խնդիրը, Սաթի՛կ ջան… ի՞նչպէս դուրս պիտի գանք այս կնճռոտ վիճակից… ես քեզ խոստովանում եմ որ սկզբից չէի կարծում երբեք թէ այսքան դժուար կը լինի որոշում կայացնել եւ գործադրել։ Սաթի՛կ ջան, կրկնեց խանդով եւ իր այլայլած դէմքը դարձուց անոր, Սաթի՛կ ջան, խնդրում եմ քեզանից, լինել մեծահոգի եւ սպասել։

Եւ եթէ չկարենամ սպասել… եթէ ինձ համար նոյնքան անհնարին դառնայ հանդուրժել…

Գարեգին դէմքը ծածկեց երկու ձեռքերուն մէջ եւ արմունկները սեղանին կռթնցուցած մնաց պահ մը։ Իր կիսադէմքը այնքան տանջալի արտայայտութիւն ունէր որ Սաթենիկ գութով յուզուած մօտեցաւ անոր եւ ձեռքը դրաւ ուսին։

Աղերսում եմ քեզ, Սաթի՛կ ջան, ըսաւ Գարեգին հատկտեալ ձայնով, աղերսում եմ քեզ, ինձ մի դնիր այնպիսի  տիլեմա յի առաջ։ Մի կանգնիք իրար դէմ ինչպէս ոխերիմ թշնամիներ եւ ինձ հարկադրել որ կոպտութեամբ հեռացնեմ նրան, որ Արմիկիս մայրն է, որ ինձ նուիրել է իր երիտասարդութիւնը, որի հետ իմ տունս եւ ընտանիքս եմ հիմնել։ Աւելի ուշ, աւելցուց աւելի յստակ ձայնով, թերեւս կարենամ հարկ եղած ոյժը ունենալ եւ ազատագրուել այդ կապանքներից… բայց խնդրում եմ, քիչ սպասիր… մէկ բան պարզ է ինձ համար։ Ոեւէ գնով չեմ կարող հրաժարել քեզանից… հա՛ Սաթիկ ջան, հաւատացիր իմ անկեղծութեանս, եւ լսիր թէ ի՞նչ ոյժ ունես քո ձեռքումը… ես չեմ կարող հրաժարել քեզանից, մի անբուժելի ախտ է այսպիսի սէրը, չեմ կարող զայն խլել իմ հոգուց առանց իմ ամբողջ էութիւնս աւերելու։ Երբ այս այսպէս է, ի՞նչ փոյթ մնացածը… իրապէս մեծ արժէք ունի՞ որ իմ ֆիզիքական անձը օրուայ որոշ ժամերին պիտի լինի քաղաքի այսինչ կամ այնինչ կէտի վրայ, երբ ես ամբողջովին քոնն եմ եւ իմ հոգիս միշտ քեզ հետ է անբաժանելի եւ անխզելի կերպով։

Գարեգին, ուզեց ընդհատել Սաթենիկ, բայց անիկա յուզմունքի գերագրգռութեան մէջ շարունակեց.

Դու խօմ գիտես որ կարող ես ինձ քարշ տալ ուր որ ուզենաս եւ ինչպէս որ ուզենաս… ես քո ստրուկն եմ դարձեր… հենց եթէ վճռես եւ հրամայես. «Քանդի՛ր տունդ, հրաժարիր գործէդ եւ եկ ինձ հետ», ես էս րոպէիս կը գնամ ու կը կատարեմ քո հրամանը… անկեղծ եմ ասում, կը կատարեմ կէտ առ կէտ։ Բայց ես խնդրում եմ քեզանից, մի հրամայիր այդպէս, հաշուի առ իմ խորշանքը եւ դժուարութիւնը որոշ հարցեր կոպտութեամբ վճռելու մասին։ Ես կը կատարեմ քո հրամանը, բայց շատ եմ վախենում որ այդ ամէնը կատարելուց յետոյ դու բոլորովին տարբեր մարդ գտնես ինձ մէջ… սարսափով մտածում եմ. թերեւս այն որ սիրեցիր, այն չլինիմ այլեւս։

Բայց Գարեգին, գոչեց ցաւագինօրէն Սաթենիկ, արդէն իսկ դու այն չես ինչ որ էիր, այն որ էիր այն օրը, այն օրերը…

Դժգոհ ես ինձանից, Սաթենիկ, եւ թերեւս իրաւունք ունես, այլ սակայն դու ինձ շատ մեծ վիշտ ես պատճառում այդ դժգոհութեամբ… այն օրե՜րը…։ Սաթենիկ, ինձ թւում էր որ ոչ մի յետագայ տխրութիւն չէր կարող պղտորել այն օրերի յիշողութիւնը…

Գարեգի՛ն, սիրելիս, միջամտեց Սաթենիկ հաշտարար ոգիով, ինչի՞ ենք վիճում տասը տարուայ ամուսինների նման։ Լսի՛ր ինձ, Գարեգին, վերջ տանք այս բոլորին. ես եմ քո ճշմարիտ կինը, չէ՞, քո սրտի ընտրածը… լաւ, կը հնազանդեմ քեզ, թող իմ ասպետը հրամայէ եւ կը կատարեմ… ո՜ւֆ, ըսաւ վերջապէս Սաթենիկ, զգացուած Գարեգինի դէմքի վրայ երեւցող ժպիտէն, սատանան տանի այդ բոլորը, ի՞նչ են ուզում մեզանից… այդ բոլորը ես ի՛նչ գիտնամ, տուն, քանդոռ, Մոսկուայի ներկայացուցիչ եւ նաեւ ու մանաւանդ Նաթալիա Վասիլիեւնա, ամէնքը միացած կեցեր են իմ եւ քո մէջ… կործանի՜ն այդ բոլորը ու քար քարի վրայ չմնայ… եւ մենք ինչքան երջանիկ կը լինէինք, ջա՛նս, այդ ընդհանուր փլուզումից յետոյ։

Եւ մենք փլատակների ներքեւ կը մնայինք։

- Ե՞ս, ինչի՞ պիտի մնայի փլատակների ներքեւ. թերեւս կը բանայի եւ կը սաւառնէի այդ բոլորի վերեւ եւ քեզ էլ ինձ հետ կը բարձրացնէի… բայց թողունք այդ բոլորը, կործանին եւ կը կործանին, բայց մինչեւ այդ, ձեր պուրժուական հիանալի կարգաւորուած կեանքը իր բոլոր անիւներով դառնում է։ Ես, ոչինչ, կը համակերպեմ ու կը սպասեմ… թող Նաթալիա Վասիլիեւնան հանգիստ քնէ իր երկու ականջների վրայ, ես զինքը չեմ խանգարել ոչ մի բանով, ես այնքան քիչ բանի պէտք ունեմ երջանիկ լինելու համար, Գարեգի՛ն, դու այդ լաւ գիտես…

Սիրելի՛ս, ըսաւ Գարեգին ոգեւորուած եւ պահ մը այնքան պինդ սեղմեց Սաթենիկը իր թեւերուն մէջ որ անիկա շնչասպառ եղաւ եւ ձայնը խեղդուեցաւ։

Գո՞հ ես, ջանս… այդ է կարեւորը, ըսաւ Սաթենիկ բեկբեկ ձայնով… բայց լսի՛ր, մեր նոր դաշինքը տօնելու համար քեզ պիտի առաջարկեմ մի բան եւ դու խոստացիր ընդունել առանց ոեւէ առարկութեան։

Բայց, սիրելիս…

Սաթենիկի ձեռքը խափանեց Գարեգինի բերանը եւ գոհունակ դէմքով կրկնեց.

Ոչ մէկ առարկութիւն, հրամայում եմ։

Գարեգին արդէն անհանգիստ շարժումներով ձեռքը ժամացոյցի շղթային կը տանէր. Սաթենիկ չնշմարեց ատիկա եւ իր մութ կապոյտ աչքերը կը շողային չարաճճի ժպիտով։ Գարեգին ալ աւելի ժամանակ չկորսնցնելու մտահոգութեամբ ըսաւ վերջապէս.

Ասա քո հրամանը։

Կը կատարես առանց առարկութեան, խոստանո՞ւմ եմ։

Գարեգին գլխովը հաւանութեան նշան ըրաւ։

Առաջարկում եմ ճաշել միասին, յետոյ գնանք պտոյտի կամ կը մնանք այստեղ եւ վաղուընից սկսեալ միայն յարգենք Նաթալիա Վասիլիեւնայի այն ժամերը երբ ուզում է իր ամուսինը տեսնել իր յարկին ներքեւ. համաձա՞յն ես։

Գարեգին դարձեալ գլխովը հաւանութեան նշան ըրաւ։ Զգաց որ կ’ընկղմէր անյատակ ծովու մէջ, ականջները կը բզզային եւ միտքը մոլորուն մտածեց. «հապա հիւրերը, որ ես եմ հրաւիրել ճաշի, հարկ է թերեւս հեռախօսել տուն ոեւէ պատրուակ գտնել», բայց անմիջապէս հրաժարեցաւ այդ գաղափարէն. «թող լինի, ինչ որ պիտի լինի» մտածեց յուսահատօրէն եւ առաջին անգամ զգաց որ իր բազմատեսակ մտահոգութիւնները կը խափանէին Սաթենիկին հետ ամբողջ օր մը անցնելու հեռապատկերին երջանկութիւնը։ Այլ սակայն չէր զայրացած «Սաթիկ ջան»ին դէմ, այլ կարծես բթացեր էր եւ իր բոլոր զգացումները կորսուեր էին միգամածի մը մէջ։ «Թող լինի, ինչ որ պիտի լինի», կրկնեց մտքէն եւ ժամացոյցին նայեցաւ. ժամը երեք ու կէսն էր եւ սարսափով խորհեցաւ թէ ինչ պատահած էր իր տանը։ Նաթալիա Վասիլիեւնայի սոսկալի դէմքը ցցուեցաւ իր մտքին մէջ եւ մոռնալու համար այդ բոլորը, խելայեղ թափով մը գինովի պէս, ինքնակորոյս եւ յուսահատ՝ անձնատուր եղաւ իր տարփաւէտ ցնորքին։