Կիլիկիոյ որբանոցները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԸ [1]

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Ա

Երկու տարի անցած է այն դժբախտ օրերէն ի վեր երբ ըմբոստացուցիչ պատահարներու հետեւանքով ցեղը բեռնաւորուեցաւ հազարաւոր նոր որբերու հոգովը։ Այդ օրերուն՝ մեր մարդկային եւ ազգային զգացումներուն մէջ վիրաւորուած եւ յուսախաբ, ամէն դասակարգի, ամէն գոյնի, ամէն դաւանանքի պատկանող Հայեր, նո՛յն ուժգնութիւնով եւ նո՛յն զայրոյթով արտայայտուեցան։ Մեր ազգային հոգեբանութիւնը նկատողութեան առնող ոեւէ անձի համար պարզ ճշմարտութիւն մը կը թուէր որ պատահած դժբախտութեան համեմատութեամբ՝ ցեղը երեւան պիտի բերէր կորով, յարատեւ ջանք եւ մանաւանդ կամքը պիտի ունենար իր իսկ սեփական միջոցներով դարմանելու աղէտին հետեւանքները եւ ատով իսկ յայտնելու թէ թշնամիին դիտաւորութիւնները անկարող են իր կենսականութեան անշիջելի բնազդին դէմ։

Այս էր մեր հաւատքը. այս էր օտարներուն կարծիքը եւ այս էր նաեւ թուրք կառավարութեան շրջանակներու տպաւորութիւնը մանաւանդ որբերու գործին մէջ։

Աղէտքէն քիչ օրեր ետք, արդէն ազգային իշխանութիւններն ալ կը նուիրագործէին ժողովուրդին ձգտումները եւ փափաքները երկու յատկանշական որոշումներով։

1. Որբերը չհեռացնել իրենց հայրենիքէն.

2. Ո՛չ մէկ որբ չյանձնել օտար հաստատութիւններու։

Այդ երկու հիմնական որոշումներն էին որ իբրեւ հրաման պիտի ծառայէին ինծի եւ որոնց գործադրութեան առաջադրութեամբն էր որ մեկնեցայ դէպի Ատանա։

Ինձմէ առաջ այլեւայլ միսիոններով ծանրաբեռնուած ազգակիցներ հասեր էին արդէն աւերուած երկիրը. անոնք յարատեւ կերպով հաղորդակցութեան մէջ ըլլալով արիւնոտ եւ արցունքոտ մնացորդներուն ջարդուած ժողովուրդին, նոյն համոզումներով տոգորուած էին։ Օտարին որբ չհանձնել. եւ այս հսկայական գործը ի գլուխ հանելու համար մեզի աջակից ունէինք ամբողջ ազգին վշտագին խանդավառութիւնը։

Հայ մամուլը ամէն օր, իր ամէն էջերուն մէջ արձագանգը կու տար ժողովրդական զգացումներուն եւ զայրոյթին. տուներու մէջ, փողոցը, ամէն տեղ կը խօսէին եւ կը մտահոգուէին միա՛յն Ատանայով։ Հայ կանանց այլեւայլ ընկերութիւններ որոշած էին դադրեցնելով առժամապէս իրենց ծրագրին գործադրութիւնը, եւ միացած ուժերով գործել ի նպաստ արկածեալներուն. կին, ծեր, տղայ, մտածումնին սեւեռած էին Կիլիկեան աւերակներուն եւ մոխրակոյտերուն. թափուած արիւնը միայն Կիլիկեցիներու երակներէն չէր որ հոսեր էր՝ կարծես, քանի որ ամէնքս ալ մեր կենսականութեան մէջ վնասուած կը զգայինք թշնամիի հարուածէն։

Վշտացած ցեղին կամքը մէկ էր այդ պահուն. դժբախտութեան սուգին մէջ հեռու եւ օտար երկինքներու տակ գտնուող Հայը հոգիով եւ սրտով մօտեցեր էր բնագաւառի հեծեծող հայութեան ու ամէնքն ալ կ’ուզէին այրիները սփոփել եւ որբերը հաւաքելով լուրջ, տեւական եւ ազգային խնամքի ենթարկել զանոնք։

Ուրեմն, կացութեան պատկերը շատ որոշ էր. նիւթական միջոցները չէին պակսեր. մարդիկ կային որ նոյնիսկ առանց հրաւէրի սպասելու փութացեր էին աղէտավայրը՝ առաջին օրերէն. երիտասարդ բժիշկներու եւ հիւանդապահուհիներու անխոնջ աշխատութիւնը եւ անձնուիրութիւնը զարմացումը եւ հիացումը գրաւած էր նոյնիսկ օտարներուն. իսկ արկածեալներուն համար այս նորօրինակ երեւոյթը աւելի քան սփոփիչ էր. չէին կրնար հաւատալ թէ իրենց ամենադժբախտ կեանքերուն վրայ դողացող այդ անձնուէրները մէկ արիւնէ եւ մէկ ցեղէ ըլլան. միւս կողմէ արդէն ազգային ուժգին յուզումը կար ու կը տեւէր եւ հետեւաբար ամեն պայմանները ունէինք յաջողութեան... ։

 

Երկու տարի անցեր է, եւ հիմա տեսնենք թէ ինչ արդիւնք յառաջ բերինք այդ պահանջներով։ Որքան ալ դառն ըլլայ այսօրուան իրականութիւնը, շահեկան է անդրադառնալ անոր եւ մանաւանդ երեւան բերել թէ ինչե՞ր էին մեր ամօթալի անյաջողութեան պատճառները։

Ազգային որբանոցներու ամենաթշուառ վիճակը ծանօթ է ամենուն եւ անոնց փոխարէն Օսմանեան որբանոցը հսկայ շէնք մը՝ որ 8000 ոսկի արժած է կը կանգնի արդէն Կիլիկեան հողին վրայ։ Այսօր 250, երկու ամիսէն 500 հայ որբեր պիտի պատսպարուին հոն. անշուշտ այդ որբանոցին նիւթական ապահովութիւնը, ներքին եւ կրթական ծրագիրները Հայերու կողմէ պատրաստուած եւ միայն Հայերու ձեռամբ գործադրուիլը կը մեղմացնէ դիւրաւ գուշակելի անպատեհութիւնները, բայց պէտք չէ մոռնալ թէ երկու տարի առաջ որքան իրաւամբ ազգային բնազդը ըմբոստացած էր այդ ծրագրին դեմ... ։ Երբ ազգային բնազդ կ’ըսեմ, վերացական զգացում մը չունիմ մտքիս առջեւ, այլ այն սրտաճմլիկ պատկերը որ ներկայացաւ այն օրերուն Կիլիկիոյ մէջ։ Հազիւ թէ Օսմանեան որբանոցի մը հաստատման գաղափարը ծագած էր, երբ այրիները լսելով լուրը, թափեցան որբանոց եւ իրենց տղաքները ետ առնել ուզեցին... ։ Անոնց արցունքէ եւ թշուառութենէ տոչորուած դէմքերուն վրայ նորատեսակ սարսափ մը կար... Հոգ չէ, կ’ըսէին, թող մեր քովիկը մեռնին, միթէ միւսներուն մեռնիլը չտեսա՞նք, բայց տիւշմանին մի՛ յանձնէք... ։

Կորաքամակ պառաւներ խռպոտ եւ աղերսող ձայներով կը բացատրէին...

Իմ եւ թոռներուս մէջ մարդ չմնաց... երկու սերունդ անհետացաւ, ամէնքն ալ սպաննեցին, պառաւները ու անզօր մանկիկները ձգեցին. հիմակ ալ անո՞նց աչք դրեր են...

Ուրիշներ կը յանդիմանէին մեզի, զայրոյթով եւ սրտմտութիւնով կը սեւեռէին իրենց սեւ նայուածքը մեր աչքերուն.

Մենք մեր զաւակները ձեզի տալով կը կարծէինք թէ միլլէթին ձեռքը յանձնած ենք... որո՞ւ մտքէն կ’անցնէր թէ տիւշմանին միջնորդներն էք։

Մեծ ջանքերով կը յաջողէինք համոզել զիրենք եւ հաւաստել թէ մեր եւ Օսմանեան որբանոցին մէջ ոեւէ առնչութիւն չկայ եւ չի կրնար ըլլալ։ Կը յիշեմ արտասուաթոր աչքերը խելակորոյս մայրերուն, կը յիշեմ ամոքուած եւ սիրտը հանդարտած կիներու հառաչանքները, որոնք երախտապարտութեամբ կը նայէին եւ կը ժպտէին մեզի ու չէին գիտեր թէ խնդա՞ն թէ լան...

Հոգերդ առնե՜մ, ճար ու տէրման չունիմ... աշխարհիս մէջ մինակ զաւակս է մնացեր, ես պահելու պահպանելու վիճակ չունիմ, աչքերս կուրնա՜ն... այսպես մայր կ’ըլլա՞յ, միլլէթին միայն կը յանձնեմ քանի մը տարի... (ըսել կ’ուզեն՝ ազգ. որբանոցին)։

 

Ի՞նչ անցաւ, ի՞նչ դարձաւ անկէ ի վեր, ինչպէ՞ս արկածեալ ժողովուրդին հոգեբանութիւնը հաշտուեցաւ Օսմանեան որբանոցին գաղափարին հետ, որ այսօր 500 ՀԱՅ ՈՐԲԵՐ ԿԱՆ ԱՆՈՆՑ ՁԵՌՔԸ։

Կիլիկիայէն վերջին օրերս եկող անձերէն կ’իմանամ թէ վհատութիւնը եւ յուսախաբութիւնը մեծ եղեր է. Ազգային որբանոցներու անկազմակերպ եւ թշուառ վիճակը մէկ կողմէն ջլատեր է ժողովուրդը. միւս կողմէն յանդգնութիւն տուեր է ոչ-ազգային ձեռնարկներու. լսեցի նոյնիսկ որ ամիս մը առաջ տեսնելով ծայրայեղօրէն վատառողջ կեանքի պայմանները որբերուն, Ճէմալ պէյ տեղեկագիր մը ղրկեր է պատկանեալ իշխանութեանց, ազդարարելով որ եթէ անմիջապես չձեռնարկուի որբերու վիճակին բարելաւման, ինքը իբր գաւառին պետը՝ չպիտի հանդուրժէ հարիւրաւոր Օսմանցի տղաքներու թշուառութեան եւ իր խնամակալութիւնը պիտի տարածէ մնացեալ որբերուն վրայ ալ... ։

Ցաւով ու ամօթով է որ կ’արձանագրեմ այս տողերը. միթէ կարելի՞ է։ Այսօր միտքս կու գան օտարներու յայտնած տարակոյսները եւ հեգնութիւնները դէպի մեր հաւատքը, ու միտքս կու գան մանաւանդ իրենց փորձառութենէն քաղուած խորհուրդները, ու երբ կը խորհիմ թէ իրաւունք ունին եղեր՝ այնպիսի յուզումով մը դղրդուած կը զգամ ինքզինքս, որը եթէ կարենայի հաղորդական ընել, վստահ եմ թէ շատ քիչ ժամանակի մէջ պիտի յաջողէինք դարմանել այն չարիքը, որ ոմանց անձեռնահասութիւնը եւ ոմանց ալ ապիկարութիւնը կարելի դարձուց։



[1] Արագած շաբաթաթերթ, Նիւ Եորկ, թիւ 13-14-15-16, Օգոստոս 17էն մինչև Սեպտեմբեր 7, 1911։