Ամիս մը ի Կիլիկիա

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՅԻՇՈՒՄՆԵՐ

Ժամանակաւ, դեռ դպրոցական, երբ կ՚իմանայինք Միացեալի եւ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան անունները, շա՜տ հեռու էինք ըմբռնելու այն մեծ նշանակութիւնն որ ծածկուած էր այդ անուններուն ետեւ, շատ հեռո՜ւ էինք զգալէ այն գերազանցապէս ազգասիրական, մարդկային ու վիթխարի գործը զոր կոչուած էին կատարելու այդ երկու ընկերութիւնները։ Վեր ի վերոյ գիտէինք թէ անոնք դպրոցներ կը բանային հայկական գաւառներու մէջ Հայ մանուկները դաստիարակելու համար, զանոնք կրթելու եւ մարդ ընելու։ Այսքան ծանօթութիւն մը սակայն, անշուշտ այն ատենները, զօրաւոր պատճառ մը եղած չէր մեզ անկեղծ հիացումով մը վերաբերուելու այդ Ընկերութեանց մասին։

Տարիներն անցան սակայն, Համիտեան շղթաներն աւելի սեղմիւ ամրապնդուեցան մեր վիզերուն շուրջ, եւ արիւնի ու կրակի խօլ յորձանքներ սկսան շրջիլ հայկական գաւառներու մէջ։ Հայը բնաջնջումի բոլոր այդ շրջանին՝ ունեցաւ իր անձնուրաց հազարաւոր զաւակները, խանդոտ անվեհեր սիրտերը, բարի եւ իմաստուն հոգիները. կ՚իմանայինք թէ այդ ազնիւ որդիներէն շատեր գաւառական այս ինչ կամ այն ինչ գիւղին կամ քաղաքին մէջ՝ Միացեալի դպրոցէն անցած էին, ու մենք տեսնելով այսպէս լուսամիտի եւ անձնուէրի դէմքերուն ետեւ Միացեալի նախկին սան մը, մեր պատկառոտ հիացումը կ՚աւելնար Միացեալի հանդէպ։ Դպրոց բանալը, գաւառներու յետին անկիւններն իսկ երթալ դպրոց բանալը մեր տխեղծ հասկացողութեան սահմանէն դուրս շա՜տ աւելի օգտակարութիւն ոյւենցող, կենսական բան մըն էր։

Ու եկաւ Օսմ[անեան] Սահմանադրութիւնը։ Առաջին մտածման հետ առաջին շարժումն եղաւ այդ ընկերութեանց նախկին անդամներուն՝ վերաբանալ այն դուռներն որոնք բռնաւորի ձեռքերով կղպուած էին եւ աշխատիլ՝ տալու Հայաստանցի տղուն կրթութիւն որուն ծարաւն ունէր ան։ Մտածումը գեղեցիկ էր ապաքէն եւ շարժումէ գովելի։- Հիմայ որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուիմ հայկական գաւառի մը մէջ, հայ բնակչութեան մը ծոցն, ու շուրջս կը տեսնեմ տգիտութեան բարդ բարդ կուտակուած թանձր մթութիւնը, - տգիտութիւն նոյն իսկ Հայ լեզուի, Հայ պատմութեան, տգիտութիւնն անսահման, անծայրածիր, - լոյսի կարօտութեան մարմաջը կը բորբոքէ սիրտս, եւ անպայման, անբացատրելի կերպով կը զգամ թէ ի՛նչ է եղեր դպրոցը՝ մանաւանդ Հա՛յ գաւառի մը մէջ։

Որքա՜ն իմաստուն եւ բարի են եղեր այն մարդիկ որոնք խորհեր են բոլոր ասոնք եւ ընկերութիւններ են կազմեր։ Աճիւնները դպրոցով պիտի վերածնին, աւերները դպրոցով պիտի վերականգնին, դպրո՛ցն է որ պիտի մաքրէ սրբէ այս միտքերը, պիտի վանէ սեւ ժահրը տգիտութեան, պիտի մերկացունէ այս մարդիկն իրենց բնազդական աղտոտութիւններէն, անտաշութիւններէն եւ պիտի տայ անոնք՝ ինքնագիտակցութեան թանկագին շնորհը։

Տաճա՜ր հրաշագործ, վըսե՜մ ձուլարան՝

Ուր կապարն յոսկի, նիւթն յոգի դառնան…։

Բազում են այն գիւղերը, նոյն իսկ բազում են այն քաղաքներն ուր դպրոցը գոյութիւն չունի։ Միացեալը սակայն ձեռնարկած է իր լուսաւորման տխրալի գործին։ Մուշ, Կարին եւ շրջականեր ունին իրենց դպրոցները, Կիլիկիոյ մէջ ալ իր գործունէութեան սկսած է Ան։ Չօք Մարզուանի պատուական ժողովուրդին ծոցը բացած է ան իր դպրոցն, ու պիտի շարունակէ անշուշտ բանալ այլուր՝ որքան ներէ իր ոյժն, որքան թոյլատրէ իր պիւտճէն։ Բոլոր սրտովնիս մաղթենք որ զօրաւոր ըլլայ իր ոյժն, ու իր աղբիւրներն անսպառ։

Հոգին հրճուանքի յուզումով մը կը դողայ եւ ինքզինքը մարդ անզօր կ՚զգայ բացատրելու այն անհուն բարիքն որ կայ դպրոցներ բանալու մէջ, մանաւանդ հոն ուր մանկութիւն մը կայ թափառայած։ Չափազանցութի՞ւն մը պիտի ըլլար արդեօք ըսել թէ այն որ կ՚ուզէ իր ըրած բարիքին ամրակուռ ու ամրապինդ հաւաստինքն ունենալ, թող իր դրամը տայ դպրոցի եւ դաստիարակութեան համար։

Միացեալին քովն ի վեր, օգտակար ըլլալու ոչ նուազ փափաք մը ունեցաւ նաեւ Ազգանուէր Հայուհեացը։ Ան ալ ունեցաւ իր աղջկանց վարժարանները Մուշ, Սասուն եւ ի շրջակայս, իսկ Կիլիկիոյ մէջ՝ Զէյթուն, Հաճըն եւ Ատանա։ Եւ թախծութեան ու բուերու յատուկ քաղաքի այս արհաւիրքին մէջ՝ կը հրճուիմ պահ մը, երբ քիչ առաջ կ՚ստանամ նամակ մը, որով Տիկին Սիպիլ կ՚իմացունէր ինձ բոլոր կիլիկեան որբանոցներու աղջկանց կրթ[ութեան] հոգին ստանձնումն՝ Ընկերութեանս կողմէ։ Ուրիշ դպրոցներ պիտի բացուին եւս Մէրսին, Չօք Մարզուան, Հասանպէյլի, Այնթապ, Մարաշ եւ Հաճըն։ Ահագին ձեռնարկ, որուն իրագործումին համար նուազ զոհողութիւններու, նուազ դժուարութիւններու չէ որ պիտի ենթարկուին անդամուհիք։ Սակայն գործին վեհութիւնը խանդավառած է զիրենք եւ կարող դարձուցած ամէն խոչընդոտներու կուրծք տալու։

Բարերար ձեռք մըն է ահա որ այսպէս կ՚երկարի դէպ ի Կիլիկեան որբանոցներէն ներս. բերելով իրեն հետ մի քիչ լոյս, որբուկի դէմքերը լուսազարդելու։ Ի՜նչ խայտանք պիտի ունենան այն տղաքն ալ, իրենց կարգին, երբ առաջին անգամ իրենց տրուի գիրք ու գրիչ։

Ատանայի վարժարանն՝ որ բացուեցաւ անցեալ երկուշաբթի, հիանալի թատր մը եղաւ յուզումի եւ հրճուանքի։ Հոն էին որբանոցի աշակերտուհիք եւ միւսները։ Երբ Ընկերութեան կողմէ ղրկուած դասագիրքերն ու տետրակները կը բաժնուէին, տեսայ աղջիկ մը որ գիրք մը ստանալուն՝ գուրգուրանքով սիրտին վրայ սեղմեց ու համբուրեց զայն. եւ ուրիշ մըն ալ տետրակ մը եւ մատիտ ընդունելուն՝ աչքերը ուրախութեան արցունքով լեցուեցան, առանց հաշուելու նաեւ բոլոր այն աղջիկներն՝ որոնք գերազանց ուրախութեան մը մէջ կը լողային։ Ու այդ վայրկանին անկարելի էր չօրհնել բոլոր անոնք որ իրենց լումաները նուիրած էին այս աղջիկներուն դաստիարակութեանը համար, եւ անոնց գիրքը, թուղթը, գրիչը ղրկած էին ծովերէ ասդին։ Թանկագին են ատոնք իրենց համար, ծրարուած են ատոնք թաշկինակներու մէջ եւ ամէն առաւօտ երհկիւղածութեամբ կը բացուին թաշկինակները՝ գիրքերն ու տետրակները մէջէն հանուելու համար։ Տեսայ նաեւ որբուհի մը, սիրուն պզտիկ աղջիկ մը, որ հանգիստի մը պահուն, անհաղորդ ընկերուհիներու զբօսանքին, պարտէզին մէկ անկիւնը քաշուած, գլխահակ՝ իր տետրակին առաջին էջը կը լեցունէր նոր սկսած Մայրենի լեզուին առաջին տառերով։

Ընդունակ, ատակ են զարգացումի մեր գաւառացի զաւակները։ Բանանք դպրոցներ, որպէս զի անոնք չխորթանան մենէ, որպէս զի օր մը վերմակի մը կամ անկողինի մը համար այլադաւան կրօնամոլ մարդորսին չյանձնե՜ն իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը. բանանք դպրոցներ, որպէս զի սիրեն անոնք իրենց լեզուն, իրենց ցեղն, ամէն ինչ որ մարդկային է, լուսաւոր է եւ գեղեցիկ։

Մեր արդի գրականութեան պանծալի դէմքերէն՝ Տէմիրճիպաշեանի տանք խօսքը. տեսէք ի՜նչ ուժգնութեամբ եւ ի՜նչ ճշդութեամբ պարզած է ան իր հայեացքը։- «Գտնելու աշխարհները հատան, այլ դեռ ո՜րքան աշխարհներ լուսաւորելու. մարդկային ազգի բոլոր ցեղերն ալ ճանչցուեցան, այլ դեռ ո՜րքան ցեղեր քաղաքակրթելու. ընկերութեան բոլոր խաւերն ալ ուսումնասիրուեցան,. այլ յետին խաւերու, ստուարագոյն խաւերուն մէջ դեռ ո՜րքան մթութիւն, ո՜րքան մերկութիւն, ո՜րքան թշուառութիւն նիւթական եւ բարոյական։ Դիւցազն անոնք պիտի կոչուին. ոյք ընթանան ջահ ի ձեռին, եւ ոչ անոնք ոյք արշաւեն սուր ի ձեռին։ Անոնք դիւցազն ոյք ՝ բարձր իմացականութեամբ ու դրիւք խոնարհ դասերուն համակրին, որ գթութեամբ դարմանեն նիւթական աղքատութիւնն, ու գիտութեամբ՝ մտաւոր աղքատութիւնը»։