Հայրենիքին համար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻՆԸ՝ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

 

Կնոջ ազատագրութեան դատը որքան ալ ընհանուր եւ մէկ նպատակ ունենայ, իր արտայայտութեան եղանակներու մէջ զանազանուեցաւ այլեւայլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու մասնաւոր պահանջքներուն եւ բարքերուն համեմատ։ Այսպէս՝ մինչ Մահմէտական երկիրներու մէջ՝ ինչպէս Եգիպտոս եւ Սուիրա կինը կը գոհանար ամենատարրական պահանջքներով եւ իր ազատութեան իբր հաստատութիւն երեւան կը բերէր կանանց յատուկ թերթեր, կանանց միջոցաւ խմբագրուած, անդին Հիւսիսային Ռուսիոյ մէջ կինը նախ պահանջք կը դնէր համալսարաններու ազատ մուտքը, այր մարդուն հետ քով քովի եւ հաւասար իրաւունքներով ընդգրկած ասպարէզին մէջ. յետոյ՝ երբ ամբողջ Ռուսիա կը դղրդուէր ընկերական յեղափոխութիւնով՝ կինը երեւան կուգար իր հիանալի եւ անձուրաց գործունէութիւնովը եւ ատով իսկ կը նուիրագործէր իր յաւականութիւններուն օրինաւորութիւնը։

Ֆրանսայի մէջ կնոջ ազատագրութեան դատը տարբեր հանգամանքով կը ներկայանար բոլորովին կինը՝ թէեւ կապկըպուած՝ Նաբօլէօնական օրէնքներով ինքզինքը ազդեցիկ եւ ամենավարիչ կ՚զգար. ընտանեկան եւ ընկերական կեանքի մէջ անիկա առանց զգալի ընելու շնորհալի եւ թեթեւ ոստուոմով մը արդէն կը խուսաբէր օրէնքի բոլոր խորութիւններէն. միսւ կողմանէ քաղաքակիրթ երկրի մը բազմակողմանի պահանջքները առիթը կ՚ընծայէին իրեն դուրս ելնելու ընտանիքի անձուկ շրջանակէն. եթէ միջոց մը ազատ ասպարէզները գոցուած էին իր դէմ միւս կողմէ տաղանդաւոր եւ ընդունակ կին մը միտ առիթը կը գտնար իր անհատականութիւնը հաստատելու. ո՛չ երկրին օրէնքները, ո՛չ բարքերը կ՚արգիլէին որ կինը ազատ ըլլար իր շարժուձեւերուն մէջ եւ ի հարկին տնտեսական անկախութիւն ձեռք բերէր։ Այս է պատճառը որ կնոջական դատը ֆրանսայի մէջ երեւան չ՚եկաւ այն ուժգնութեամբ ինչպէս ուրիշ երկիրներու մէջ. անիկա իբրեւ նոր յայտնութիւն մը ցնցում եւ գայթակղութիւն չը պատճառեց այլ պարզապէս յեղաշրջուեցաւ բնական ընթացքով մը։ Ֆրանսայի ներկայ ընկերական վիճակը առիթ չէր ընծայեր որ կինը երեւան գար իբրեւ կռիւի ընկեր ոչ ալ յամենար- ինչպէս շատ որ յետամնաց երկիրներու մէջ- արդէն իրականութեան մէջ ձեռք բերուած պզտիկ մանրամասնութիւններու վրայ։ Անիկա գլխաւորաբար իր գործունէութեան նպատակ ընտրեց տիեզերական իտէալի մը աջակցիլ իր մօր եւ դաստիարակիչի դերովը ազդելով նոր սերունդներուն վրայ, իբրեւ նշանաբան ընտրելով կինը՝ խաղաղութեան համար։

Շատեր, կարճատես քաղաքագէտներ կամ առօրեայ վէճերով եւ կռիւներով մոլորուած խմբակներ անկարելի եւ հետեւաբար ապարդիւն կը համարեն նոր կնոջ գործունէութեան իտէալը. բայց կ՚երեւի թէ դարերու ընթացքին, մարդկային ցեղին տաժանագին ոգորումներուն, հակընդդէմ հոսանքներու անհաշտ եւ երկարատեւ պայքարներուն վերջը եկած է. գերագոյն ներդաշնակութեան ձգտումը կը յայտնուի նոյն իսկ մաղձոտ եւ յետամնաց մարդկութիւններու մէջ. երկրիս ամէն կողմերէն, անջատաբար յայտնուած խաղաղութեան բաղձանքներ զիրար կը գրկեն, զիրար կը լրացնեն եւ մէկ, տիեզերական ու անդիմադրելի իտէալ մը յառաջ կը բերեն. ցեղային եւ ընկերական կռիւներէ յոգնած եւ ջլատուած մարդկութեան աչքին կը պսպղայ արդէն գերագոյն յոյսը որովհետեւ թէ՝ յաղթողները եւ թէ յաղթուողները զինագուլի կարօտ են։

Յայտնի է թէ տիեզերական խաղաղութիւնը իրագործել մէկ քանի տարուան խնդիր չէ. պէտք է որ անկախ մնացած վէճեր եզրակացութեան մը յանգին, հարկ է որ քաղաքական եւ ընկերական շատ մը անարդարութիւններ լուծուոմ գտնան, ցեղային եւ համանքային բոլոր իրաւունքները յագուրդ գտնան, ազգերու այլազանութիւնը փոխանակ փոխադարձ թշնամութեան պատճառ մը դառնալու, ընդհանուր ներդաշնակութեան տարր մը դառնայ իւրաքանչիւր ազգ եւ հատուած պահելով եւ ստանալով իր ինքնուրոյն յատկութիւնները եւ յեղաշրջուելով ազատօրէն։

Յամառ, համբերատար գործ մը կայ կատարելիք մարդկային դաստիարակութեան մէջ եւ այդ գործը գերազանցապէս կնոջ յատուկ է։

Կինը իբդեւ մայր, իբրեւ քոյր եւ ամուսին բնազդով թշնամի է արդէն կռիւի եւ պատերազմի. մարդով թշնամի է արդէն կռիւի եւ պատերազմի. մարդոց երեւակայութիւնը ոմոլրեցնող փառքերը զինքը չեն շլացներ. բրտութիւնը եւ վայրագութիւնը անհաշտ են իր խառնուածքին հետ. պատմութեան մէջ կը տեսնենք արդէն որ կիները միջամտած են գործօն դերով մը միայն ա՛յն պատերազմներուն որոնք ինքնապաշտպանութեան դրդումով եղած են. ցեղի մը աւարառու եւ յելուզակային յարձակումներու մէջ կիները չէզոք եւ համր մնացած են. միայն գերուհիները եւ օտար տարրերէ եկած կիներն են որ ինքնապաշտպանութեան ո՛չ մէկ շատ չունենալով եւ ինքնին թշնամի՝ իրենց տէրերուն, այս վերջինները մղած են անհաշիւ եւ արկածախնդրական ձեռնարկներու. ընտանիքի պահպանութեան եւ յարատեւութեան պատասխանատուութիւնով ծանրաբեռնուած կինը ինչ ցեղի եւ ինչ դասակարգի ալ պատկանի խաղաղութեան կողմնակից է։

Յայտնի է նաեւ որ արդէն կազմուած եւ որոշ տարիքի հասած մարդոց վրայ ոեւէ ազդեցութիւն վայրկենական եւ մակերեւութային արդիւնք կ՚ունենայ. ժառանգական համումներ, հիմնաւուրց վէճեր որոնք լուծում չեն գտած, կամ միւս կողմէ տնտեսական անարդար եւ ճնշուած վիճակ մը դիւրագրգիռ եւ յարձակողական կը դարձնեն մարդիկը. ի՛նչ հանգամանքներ որ երկու անհատ իրարու դէմ կը գրգռեն նոյն հանգամանքները աւելի ընդարձակ կարեւորութիւնով մը հաւաքական գրգռութիւններ յառաջ կը բերեն։

Այս է պատճառը որ այր իմաստասէրներու, խորհողներու եւ ատենախօսներու ազդեցութիւնը ուշ կը մնայ եւ շնեգործէր հիմնական կերպով մը արդէն կազմուած մարդկութեան վրայ, անիկա առ առաւելն շնորհ կուտայ արդէն գոյութիւն ունեցող եւ տարտամող տրամադրութիւններու։

Ո՞վ սակայն պիտի ստեղծէ այդ թանկագին տրամադրութիւնները. ո՞վ առիթը պիտի ունենայ շատ կանուխէն արմատախիլ ընելու հին դժգոհութիւններէն ժառանգ մնացած թշնամութեան սերմերը մանկան մատղաշ հոգիին մէջէն եւ զայն պատրաստելու ապագայ պայծառ եւ անդորր հոգեկան խաղաղութեան. ՄԻԱՅՆ ՄԱՅՐԸ։

Այս սկզբունքին վրայ է որ հիմնուած է կանացի գործունէութիւնը ֆրանսայի մէջ. բազմաթիւ աշխարհահռչակ ligueeր, եւ ընկերակցութիւններ երեւան եկած են այդ նպատակաւ եւ խմբուած են մեծ կեդրոնի մը շուրջ որ իր գործօն եւ անմիջական միջամտութիւնովը իսկ արդի կարգ մը քաղաքական խնդիրներու մէջ մեծ հեղինակութիւն ստացած է։ Կանանց ընկերակցութիւնը, խաղաղութեան համար, դաստիարակութեան միջոցաւ կարելի է ըսել թէ ֆրանսայի ֆէմինիստ շարժումին առանցքը կը կազմէ, եւ իր այլեւայլ երկիրներու մէջ ունեցած մասնաճիւղերով եւ համակրութիւններով կոչուած է նաեւ բուն ուղղութիւնը տալու ուրիշ երկիրներու կանանց գործունէութեան։