Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կիլիկիոյ տեղահանութիւնը. Զէյթուն. Տեօրթ–եօլ (Չորք Մարզուան). Հաճն, Այնթապ [1] )

Սուրիոյ բանակին հրամանատար Ճէմալ փաշա (որ Ատանայի կոտորածներէն ետքը Ատանայի եւ Հալէպի վիլայէթներուն կուսակալ եղած է) նամակ մը կը գրէ Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոսին եւ կը րդրէ զայն, որ իր ժողովուրդը յորդորէ հլու եւ հնազանդ գտնուելու։ Կը յիշատակէ մասնաւորապէս Զէյթունի, Հաճընի, Տեօրթ–եօլի հայերը, որոնց իրենց դիմադրութեամբ միշտ խանգարած են կառավարական դիտաւորութիւնները, եւ կազդարարէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, որ ամեն միջոց գործ ածէ, որպէսզի այդ ժողովուրդը կէտ առ կէտ հետեւի զինուորական հրամաններուն եւ պատրաստ ըլլայ հնազանդելու նոյնիսկ, երբ տեղահանութեան հրաման արձակուի։ Ի փոխարէն կը խոստանայ օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն Կիլիկիոյ տեղահան եղած ժողովուրդին, եթէ հարկը պահանջէ։

Սահակ կաթողիկոսը կը հաղորդէ ՃԷմալ փաշայի հրամանը իր բոլոր թեմերուն եկեղեցւոյ պաշտօնեաներու միջոցաւ, եւ մասնաւոր եկեղեցականներ կը ղրկէ Զէյթուն, Հաճըն եւ Տեօրթ–եօլ, որպէսզի կացութեան բացառիկ դժուարութիւններու հաղորդեն ժողովուրդին։

Զէյթուն. Զինուորական փախստականներու պատճառաւ Զէյթունի չորս թաղապետները բանտարկուած էին եւ Նազարէթ Չաւուշը (յայտնի ժողովրդական հերոս) բանտի մէջ սպաննուած էր ծեծի տակ։ Իր տղան ուրիշ զինուորական փախստականներու հետ կը բարձրանան լեռը եւ կը մերժեն յանձնուիլ կառավարութեան։ Այդ խումբ մը երիտասարդներու արարքը կը համարեն զէյթունցիներու ապստամբութիւն եւ այդ պատճառաւ կրսկսին չարաչար նեղել քաղաքացիները։  Լուրը կը հասնի փախստականներուն, որոնք զայրացած իրենց ընտանիքներու կրած նեղութիւններէն՝ կիջնեն քաղաք, կը յարձակին բանտին վրայ, կազատեն չորս թաղապետները, որու միջոցին կռիւ տեղի կունենայ, բայց երկուստեք մարդու կորուստ չեն ունենար։ Տեղւոյն կառավարութիւնը սարսափահար կը մեծցնէ դէպքը եւ ինչպէս միշտ կը պատահի, արդարացնելու համար իրենց անկարողութիւնը, որ չէին յաջողած բանտը պաշտպանիլ յարձակողներուն դէմ, իշխանութեանց կը դիմէ եւ կը յայտարարէ, թէ Զէյթուն ապստամբած է, յարձակեցան կառավարութեան վրայ եւ շուտափոյթ օգնութիւն անհրաժեշտ է։ Անմիջապէս Հալէպէն 3000 ձիաւորներ կը մեկնին առաջնորդութեամբ Ֆահրի փաշայի, որուն կը միանան Այնթապի եւ Մարաշի պահեստիները, որով 10, 000–նոց բանակով մը կը քալեն Զէյթունի վրայ։ Ոեւէ դիմադրութեան չի հանդիպելով, զօրքը հանդարտ կը մտնէ Զէյթուն եւ անմիջապէս կը ձերբակալեն մինչեւ 30 տարեկան  300 տղամարդ եւ կը քշեն Դամասկոսի Հաւրան անապատը։ Արաբ զինուորներ տեղեկացուցին, որ այդ 300  հոգին ամբողջովին սպաննուած են անապատին մէջ։ Զէյթունի մնացեալ ժողովուրդը մաս–մաս ենթարկուեցաւ տեղահանութեան։ Ասոնք ղրկուեցան Պէրէճիք, անկէ Ուրֆա, անկէ Հորան, ուր մնացին երկար ատեն։ Հորանի մէջ տեղահան եղած զէյթունցի ժողովուրդին իբր պաշտպան կարգած էին թիւրք զինուորական մը, որ մեծ ատելութեամբ վառուած էր իր հսկողութեան յանձնուած ժողովուրդին նկատմամբ։ Անիկա կը յորդորէր իր զինուորները վրէժ լուծել այդ կիներէն ու աղջիկներէն, որոնք շատ թիւրք զինուորներու սպաննած էին [2] ։ Երկու երկրաչափներ, որ անցեր էին Հորանէն, պատմեցին այս ծանր դրութեան մասին։ Թիւրք զինուորականը երկու զէյթունցի հայ աղջիկներ ղրկած էր իբրեւ նուէր այդ երկրաչափներուն զանոնք պատուելու համար։

Զէյթուն տեղահան եղած ժամանակ թոյլ չեն տար ժողովուրդին իրենց հետ առնել ոչ գոյք եւ ոչ ալ փոխադրութեան միջոց։ Միայն ունէին իրենց կրած հագուստը եւ 3–4 օրուան պաշար։ Զէյթունը հայերէն դատարկելէն անմիջապէս ետքը կը լեցնեն ռումելեցի թուրք գաղթականներով, որոնք անմիջապէս կը տիրանան մեկնողներու տուներուն, կայքերուն եւ պաշարներուն։

Տեօրթ–եօլ. Կառավարութիւնը ամբաստանեց Տեօրթ–եօլի հայերը, թէ յարաբերութեան մէջ մտած են անգլիական մարտանաւերուն հետ, եւ այդ պատրուակով հաւաքեց այրերու մեծամասնութիւնը, որոնք ուղարկուեցան դիրքեր շինելու, խրամներ փորելու եւ այլ ծանր աշխատութեանց։ Իսկ կիները եւ մանուկները տեղահան ընելով, ղրկեցին Հալէպ, ուր հանգիստ վիճակի մէջ կը մնան, մանաւանդ որ այրերն ալ իրենց յանձնուած գործը լրացնելով, եկան միացան իրենց ընտանիքներուն Հալէպի մէջ եւ շրջակայքը, ուր կը զբաղին երկրագործութեամբ եւ մանր առուտուրով։

Հաճըն. Ֆահրի փաշան Զէյթունը տեղահան ընելէ ետքը իր զինուորներով անցաւ Հաճըն։ Այստեղ հայ ժողովուրդը տեսած ըլլալով արդէն միւս տեղերու տեղահան եղած ժողովուրդին թշուառութիւնը, անմիջապէս չի հնազանդեցաւ եւ խաղաղ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ։ Ամեն ընտանիք իր տան մէջ ամրափակուած էր, շուկան եւ փողոցները ամայի էին, կառավարական հրամանները, որ մունետիկներու միջոցաւ կը գոչէին փողոցներու մէջ, կարծես թէ պարապ քաղաքի մը կուղղուէին։ Չուզելով բուռն միջոցներու դիմել, Ֆահրի փաշան բանակցութեան մտաւ տեղւոյն երեւելիներուն հետ եւ խոստումներ ընելով ու հաւաստելով, թէ պատերազմական անհրաժեշտութիւն մըն էր տեղահանութիւնը, թէ ժողովուրդը անվնաս պիտի հասնէր իր տեղը եւ այլն, յաջողեցաւ համոզել։ Հաճընի հայ ժողովուրդը փոխադրուեցաւ Հալէպի շրջանները։

Այնթապ. Կիլիկիոյ ամենէն շէն եւ ծաղկալ քաղաքներէն մէկն է Այնթապ։ Ունի 70, 000 բնակիչ, որուն 10, 000–ը հայ են, իսկ մնացեալը քիւրդ եւ թիւրք։ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն անմիջապէս ետքը կազմուեցաւ կրթական յանձնաժողով մը, որուն նպատակն էր կիլիկեցիներու նիւթական օգնութեամբ հաստատել բարձրագոյն վարժարան մը։ Ադանայի ջարդը արգելք եղաւ այս ծրագրին գործադրման, բայց այնթապցիք իրենց սեպհական միջոցներով բացին ճեմարան մը, որուն նպատակն էր ուսուցիչներ պատրաստել։ Հակառակ որ այնթապցիք ընդհանրապէս թրքախօս են, մեծ սէր ունին դէպի ուսմունք եւ ազգը, եւ մեծ ոգեւորութեամբ նոյն իսկ տարեց մարդիկ կը ջանային հայախօս դառնալ։ Ունին 10 երկսեռ վարժարան, որբանոց, արհեստանոց եւ այլն։ Բացուած էին նոր լսարաններ արանց եւ կանանց համար առանձին եւ կազմակերպած էին թատերախումբ մը։ Բնականէն օժտուած ըլլալով, մեծ յառաջդիմութիւն ցոյց կուտային երաժշտական արուեստի մէջ մասնաւորապէս։

Ուսման սէրը, քաղաքակրթութեան ընդունակութիւնը, որ զիրենք կը յատկանշէ, Այնթապը դարձուցած էր Կիլիկիոյ կրթական կեդրոնը։ Իրենց դպրոցներն են, որ ամեն կողմերուն կը հայթայթէին ուսուցիչ, ուսուցչուհի, քահանայ, վարդապետ եւ այլն։ Ամեն տարի ժողովուրդի ծախքով 3 ընդունակ ուսանող կը ղրկէին Ամերիկա եւ Եւրոպա, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ սաներ կը պահէին տեղւոյն ամերիկեան քոլէճին մէջ, որուն ամբողջ աշակերտները հայեր էին։

Այնթապի տնտեսական վիճակն ալ շատ բարգաւաճ էր. շրջակայ այգիները մեծ առատութեամբ կուտային ամեն տեսակ պտուղներ, մասնաւորապէս խաղող եւ պիստակ, որը մեծ եկամուտ կապահովէր Այնթապի։ Միայն պիստակը կուտար տարեկան 500, 000 ոսկի։ Օսմ[անեան] սահմանադրութենէն ետքը մեծ զարկ ստացաւ վաճառականութիւնը, եւ Այնթապ կեդրոնը դարձաւ Հայաստանի հարաւային–արեւմտեան նահանգներուն (Սեբաստիա, Խարբերդ, Երզնկա, Մալաթիա եւ այլն)։ Արհեստները շատ զարգացած էին եւ հայերու ձեռքն էին, մանաւանդ ջուլհակագործութիւնը, որուն արդիւնքը տարածուած էր երկրին ամեն կողմերը։ Կանանց ձեռագործները շատ յարգի էին մանաւանդ Ամերիկայի մէջ։ Միայն Այնթապ քաղաքին մէջ շաբաթական  200, 000 ղրուշի ապրանք կը գնուէր։

Այնթապ լեռնային ըլլալով շատ մաքուր օդ ունի, առատ եւ վճիտ ջուր եւ ջերմուկներ։ Ժողովուրդը բարեկազմ է, ընդհանրապէս գեղեցկադէմ եւ շատ ուրախ տրամադրութեան տէր։ Խաղաղ ժամանակ գրեթէ միշտ տօնական եւ զուարթ երեւոյթ ունի այս շրջանը։ Շրջակայ գիւղերու մէջ շատ զարգացած է երկրագործութիւնը եւ այգեպանութիւնը։

Երբ տեղահանութեան հրամանը եկաւ, քաղաքի հարուստներու մէկ մասը յաջողեցաւ կաշառքի շնորհիւ այս կամ այն կերպ ազատուիլ։ Կառավարութիւնը 5 օր պայմանաժամ տուաւ ժողովուրդին, ուրկէ ետք թաղ թաղ սկսան աքսորել։ Այնթապցիք հապճեպով ծախեցին իրենց տուները եւ գոյքերը, եւ կառքով, ձիով, ուղտով կամ էշով համեմատաբար հանգիստ ճամբայ ելան, անտէր ձգելով իրենց շէն եւ գեղեցիկ երկիրը։ Աքսորեալ ժողովուրդը բաժանուեցաւ 4–5 ճիւղերու. մէկ խումբը հասաւ Սաճուրի կայարանը, ուր մնաց որոշ ժամանակ, հակառակ որ այդտեղ ապրիլը բաւական դժուար էր։

Ես Սաճուրի կայարանը կը գտնուէի, երբ տեղի ունեցաւ տարօրինակ հանդիպում մը։ Այնթապցի հայ զինուորները թիւրք բանակին հետ կը տեղափոխուէին Կ. Պոլսէն Պաղդատ։ Երբ կառախումբը կեցաւ եւ զինուորները իջան պահ մը ջուր խմելու, յանկարծ հայ զինուորները նշմարեցին խուռն բազմութիւնը տեղական ժողովուրդին, որոնք ցրուած, թշուառ եւ լալագին խռնուած էին աստին անդին եւ սարսափելով նոր հրամաններու կը սպասէին։ Զինուորները կը ճանչնան իրենց քաղաքացիները եւ այլ եւս չանսալով ոեւէ հրամանի, կը խառնուին դժբախտ ժողովուրդին մէջ։ Կը համբուրուին, կը գիրկընդխառնուին, մանուկներ իրենց հայրերը կը գտնեն, դողդոջուն պառաւներ կը փարեն իրենց զաւակներուն. լացի եւ ողբի աղաղակ մը կը տիրապետէ մթնոլորտին։ Հայ զինուորները չեն հասկնար, չեն կարող հասկնալ այս անսպասելի դժբախտութեան պատճառը եւ դիմելով իրենց հազարապետին, կը բողոքեն։

Ի՜նչ, իրենք երթան իրենց կեանքը զոհելու ու իրենց ընտանիքները, իրենց զաւակները ենթարկուին այդ սոսկալի կացութեա՜ն, ի՞նչ է պատճառը, ի՞նչ յանցանք կարող էին գործել կիներ ու երեխաներ, որոնց այրերը ու հայրերը թիւրքական բանակին մէջ կը ծառայէին։

Հազարապետն ալ կը շուարի, ինքն ալ չի հասկնար, կը ջանայ ամոքել իր հայ զինուորներուն զայրոյթը, որոնցմէ դժգոհելու ոեւէ պատճառ չէր ունեցած մինչեւ այն ատեն, կը յուսադրէ զիրենք, կը խոստանայ կարգադրութիւն մը ընել, երբ ահա խիստ հրաման մը կու գայ եւ կազդարարէ հազարապետին վարուիլ առանց խնայելու։

Ամեն կողմէ հրամաններ կորոտան զօրքը բաժնելու ժողովուրդէն, բայց ամենախիստ եւ բիրտ միջոցները պահ մը անզօր կը մնան։ Շփոթութիւնը, աղմուկը, լացի աղաղակները, մտրակներու շաչիւնը իրար կը խառնուին ու մեծ ջանքերով եւ բռնի կերպով հազիւ թէ կը յաջողին հայ այնթապցի զինուորները խլել իրենց  անտէր ընտանիքներէն. զգուշութեան համար զանոնք կը բանտարկեն փակ վագոններու մէջ։ Այսպէս կը բաժնուին խեղճերը, բայց զայրորյթի, բողոքի, աղերսանքի աղաղակները երկու կողմէն կը լսուին տակաւին, երբ կառախումբը շտապով կը մեկնի։ Կէս ճանապարհին, անմիջապէս որ կարելի կըլլայ, հայ զինուորները կը նետուին պատուհաններէն իրենց ընտանիքներուն օգնութեան հասնելու համար, բայց իբր ըմբոստ եւ փախստական զինուոր հետապնդութեան կենթարկուին եւ շատերը կը մեռնին։

Միւս կողմանէ Սաճուրի սպասող այնթապցի տեղահանուած ժողովուրդը հապճեպով ճամբայ հանեցին եւ ղրկեցին Պուպուճ (Եփրատի եւ Հալէպի մէջտեղ)։

Այնթապի ժողովուրդին երկրորդ խումբը բերին Պերեճիք, ուր մնաց 20 օր լաստեր պատրաստելու համար։ Կառավարութիւնը նախապէս խստացած էր փոխադրութեան միջոցները հայթայթել, բայց վերջի պահուն յայտներ էին, թէ փայտը կը պակսի, չեն կարող լաստեր տրամադրել եւ թէ պէտք է որ ոտքով երթան։ Այն ատեն խեղճ ժողովուրդը յուսահատած, կանանց զարդերը կը հաւաքեն, կը յանձնեն կառավարութեան, որպէսզի ի փոխարէն հարկ եղած նիւթը հայթայթէ եւ  իրենք շինեն իրենց լաստերը։ Այս պատճառով  300–ի չափ հայեր Եփրատի դիմացի ափը բաց օդին կը սպասէին 15 զոյգ լաստերու շինութեան։ Ամեն օր թիւրքերը եւ քիւրդերը կուգային աղջիկներ եւ կիներ գնելու, հակառակ որ միշտ այնթապցքի սոսկումով կը մերժէին այդ առաջարկութիւնները։ Բարեբաղդաբար հսկիչ ժանտարմաները թէեւ արգելք չէին ըլլար, բայց թոյլ չէին տար նաեւ, որ մերժումի պարագային չարաչար վերաբերուին խեղճերու հետ։

Երբ լաստերը պատրաստուեցան, ժողովուրդը ճամբայ ելաւ եւ Եփրատի վրայով հասաւ Ճալապլուզի առաջ, Հսկիչ ժանտարմաները եւ մակուկավարները անմիջապէս դիմեցին տեղւոյն գայմագամին եւ արտօնութիւն խնդրեցին իրենց առաջնորդած ժողովուրդը գետը թափել։ Գայմագամը մերժեց այդ հրամանը տալու եւ յայտնեց, որ անոնք պէտք է հասնին իրենց սահմանուած վայրը։

Այլ սակայն ժողովուրդը ծայրայեղ յուսահատութեան մատնուած էր։ Չէին գիտեր, թէ ուր կերթան, ինչո՞ւ համար կերթան։ Այր, կին, երեխայ, խառն ի խուռն մնացած էին եւ կարծես մարդկային ամեն զգացումէ զուրկ դարձած էին. մանուկի լացին մայրը անուշադիր, իրարու անկարեկից, իրարու հետ չէին խօսակցեր իսկ։ Մէկ մտածում կը տիրապետէր իրենց, եւ ամեն մէկը միակ հարցում մը կուղղէր՝ «արդեօք մեզի ի՞նչ պիտի ընեն» ։ Ոմանք տակաւին հաւատք ունէին, թէ այս բոլորը առժամանակեայ բան մըն է, մէկ երկու ամիսի խնդիր, եւ թէ շուտով պիտի վերադառնան իրենց ծննադավայրը, բայց մեծամասնութիւնը տոգորուած էր սարսափահար ապշութիւնով, եւ սաստիկ անձկութիւնը բթացուցած էր իրենց մէջ նոյնիսկ իրենց ամենէն բնական զգացումները։

Այս խումբէն 30–ի չափ այնթապցիներ  1915 նոյեմբեր 12–ին վերադարձան եւ կերթային ՊԵրեճիք դատուելու համար։ Զոյգ մը լաստեր քայքայուեր էին ճամբորդութեան միջոցին եւ մէջը գտնուողները ցամաք ելած ու գացած էին արաբ գիւղ մը նորոգելու համար իրենց լաստերը։ Թիւրք ժանտարմաները զիրենք կամբաստանէին իբր ապստամբ եւ այդ երկար ճամբէն հետիոտն կը վերադարձնէին դէպի Պերեճիք։ Փոշիներու մէջ ծածկուան մեծ ու փոքր խառն, բոկոտն, ցնցոտիներ հագած անոնք կուգային սպառած յոգնութենէ եւ թշուառութենէ։ Թոյլ չէին տուած իրենց ոեւէ գիւղ կանգ առնել, հանգստանալ կամ կազդուրուիլ։ Փախստական խայիններ կը կոչէին զիրենք, եւ խաղալիք դարձեր էին ժանտարմաներու անխղճութեան։ Իրենց հետ կային մանուկներ, որոնք մօրերնուն քղանցքներէն կախուած կը քաշքշուէին եւ որոնց համար նոյնիսկ մայրական սիրտը ցամքած էր։ Իրենց ճիչերուն եւ լացերուն յուսահատած մայրերը կը պատասխանէին ախով եւ վախով։ Հիւանդ թէ մատաղատի՝ տարբերութիւն չունէր իրենց դահիճներուն համար, որոնք մտրակի հարուածներով կը հարկադրէին, որ այդ դժբաղդները յառաջանան ժանտարմաներու ձիերուն արագութեամբ, եւ ամեն տեղ թիւրք ժողովուրդը լուտանքներով եւ ծաղրով կը դիմաւորէր զիրենք։

Այնթապի ժողովուրդին միւս երկու խումբերը գնացքներով ղրկուեցան Համա եւ Հոմս, որոնք Դամասկոսի ճամբուն վրայ կայարաններ են։ Ճալապլուզի մէջ կը գտնուէր երկաթուղիի հայ պաշտօնեայ մը, որուն ընտանիքը կը գտնուէր աքսորեալներու այս խումբերուն մէջ։ Ասիկա թիւրքերէն նամակ մը ստացաւ իր հարազատներէն, որոնք կըսէին, թէ իրենք հանգիստ են ու կաշխատին արհեստով։ Իրենց աքսորավայրերուն մէջ Այնթապի հարուստ եւ բարեկիրթ ժողովուրդը օրական ապրուստը ճարելու համար կը զբաղէր ընդհանրապէս կլայեկութեամբ, պղնձագործութեամբ եւ ջուլհակութեամբ։

Կիլիկիոյ զանազան վայրերու տեղահանութիւնը յաջորդաբար տեղի ունեցաւ։ Մարաշ եւ իր շրջակայքը, Ատանա, Մերսին, Սիս գրեթէ նոյն պայմաններու մէջ զրկուեցան իրենց տանէն, տեղէն իրենց աշխատութեամբ եւ ժրաջանութեամբ ձեռք բերած հարստութենէն եւ բարեկեցիկ կեանքէն։ Հարուստները կը մնային Հալէպ եւ շրջակայքը, բայց անոնք, որ ոեւէ միջոց չունէին իրենց ծննդավայրէն դուրս ապրելու եւ բեռ կըլլային կառավարութեան, կը ղրկուէին դէպի Միջագետք։

Կիլիկոյ տեղահանութիւնը կազմակերպուած է Սուրիոյ բանակին հրամանատար Ճէմալ փաշայի ծրագրով եւ գործադրութեանը հսկած է Ֆահրի փաշա։ Կիլիկիոյ բնակչութեան տեղահանութիւնը եղած է համեմատաբար կանոնաւոր, գոնէ բացարձակ բնաջնջման չեն ենթարկուած այրերը եւ իրենց սահմանուած աքսորավայրը հասնելէ ետքը՝ կրցած են միանալ իրենց ընտանիքներուն եւ կերպով մը քաշքշել իրենց բաժին ինկած դժուարին կեանքը։



[1]            Պ. Հայկ Թորոյեան Ճալապլուզ գտնուած ժամանակ հանդիպելով մէկ մէկ վերոյիշեալ վայրերու աքսորեալ ընտանիքներու կամ անհատներու, հաւաքած է ստոյգ տեղեկութիւններ այդ տեղերու տեղահանութեան ձեւերու մասին, չուզելով ենթադրութիւններով կամ չափազանցուած համարեալ մանրամասնութիւններով ճոխացնել, կարձանագրենք այնքանը, որ բացարձակապէս ստոյգ է. այդ է պատճառը, որ համեմատաբար կարեւոր վայրերու մասին, ինչպէս է Զէյթունը, Տեօրթ–եօլը, քիչ բան ունինք ըսելիք։ Այնթապ Ճալապլուզի աւելի մօտ ըլլալով, ստուգուած տեղեկութիւններոը աւելի ընդարձակ են։ . Ե. )

[2]            Ակնարկութիւն զէյթունցի կիներու եւ աղջիկներու յարձակումին զօրանոցին վրայ, երբ կացինով, մուրճով եւ այլն յանկարծակիի բերելով իրենց սպառնացող բանակը, կոտորեր եւ շուարումի մատներ էին զանոնք։