Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հայաստանցի հայերու տեղահանութենէն դրուագներ. Տիգրանակերտ, Մարտին, Ռասուլէյնի մէջ. Թէլէպիադի մէջ. Եդեսիայի մէջ. Արաբ Բունար։

Տիգրանակերտցի քանի մը շատ հարուստ սեղանաւորներ կը յաջողին, ահագին կաշառք տալով, քաղաքէն մեկնիլ։ Բայց ճանապարհին զիրենք կը բաժնին իրենց ընտանիքներէն եւ Սեւերեկի ու Եդեսիոյ մէջտեղ կըսպաննեն զիրենք։ Իրենց կիները ու աղջիկները, մօտ 200 հոգի, ապահով տեղ կը հասնեն եւ կը պատմեն հետեւեալ դէպքերը, որոնց հետեւած են օրը օրին։

Առաջին անգամ կառավարութիւնը ձերբակալելով Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի հայերէն 650 հոգի, Տիգրիսի վրայէն լաստերով ղրկած է դէպի Մուսուլ, բայց քաղաքէն քիչ մը հեռանալէ ետքը ժանտարմաները կը պատռեն լաստերու տիկերը, եւ աքսորեալները ամբողջովին կընկղմին Տիգրիսի մէջ։ Անոնք, որ կը կարողանան լողալով գետեզրը հասնել, այնտեղ գտնուող ժանտարմաներէն հրացանազարկ կըլլան։

Այս դէպքէն ետքը Տիգրանակերտի ժողովուրդէն այրերը իրենց դիրքին եւ հարստութեան կարգով մաս մաս կը հեռացնեն քաղաքէն եւ զանոնք ողջ ողջ թաղելով ցորենի հորերու մէջ, վրաներնին կը փակեն քարերով, ուր եւ շնչահեղձ կը մեռնին, եւ մնացեալը, այր եւ կին միասին, խումբ խումբ Մարտինի գծով կը ղրկեն դէպի Ռասուլէյն։ Ճամբան այրերը կիներէն բաժնելով, մինչեւ 6 տարեկան տղաքը ճանապարհին մօտ ձորերու մէջ տանելով, կը կոտորեն։ Կիները տակաւին Մարտին չի հասած՝ յարձակում կը կրեն չեչեններու կողմէ, որոնք զատելով գեղեցիկ աղջիկները, չարաչար կը բռնաբարեն, իսկ քիւրդերը անընդհատ կը կողոպտեն զիրենք։ Այրերու կոտորածի միջոցին կիները մէկ կողմ կեցուցած էին, եւ իրենց կը հասնէին ձորերուն մէջ կոտորուող մարդող օրհասական աղաղակները։ Տիգրանակերտի եւ շրջակայ գիւղերու ժողովուրդին կոտորածը այնքան սաստիկ կըլլայ, որ Տիգրանակերտէն մինչեւ Մարտին ձորերը դիակներով լիքն էին եւ Սեւերեկէն մինչեւ Եդեսիա ճամբուն երկու կողմը դիակներով ծածկուած էին։ Ահա այսպէս է, որ կոտորուած, կողոպտուած, նախատուած պառաւ կիներու խղճալի խումբ մըն է միայն, որ Տիգրանակերտի բարգաւաճ եւ բազմահայ շրջանէն կը հասնի Ռասուլէյն։

Թիւրք զինուոր մը, որ Վանայ կռիւներուն մէջ վիրաւորուած էր եւ միեւնոյն ճամբէն անցնելով հասած էր Ճալապլուզ, կը պատմէր հետեւեալը.

Պիթլիսի մէջ տեսայ, որ հայ վաճառականներուն կռնակը բեռցուցած էին վաճառականական տօմարներ եւ այդպէս զիրենք կը փոխադրէին Սղերդ։ Հայ զինուորներ, որ բերած էին Էրզրումէն եւ կաշխատցնէին բերդի մը շինութեան, գործը աւարտելէն առաջ պիթլիսցի վաճառականներուն հետ կը վերադարձնեն Պիթլիսի եւ հոն Ծակ քարի [1] մօտ թէ հայ զինուորները եւ թէ վաճառականները յարձակում կը կրեն տեղւոյն քիւրդերէն, որոնք կը կողոպտեն զիրենք եւ յետոյ կըսպաննեն։

Պիթլիս–Սղերդ ճանապարհին հայ գիւղի մը մէջ տեսայ հայ կին մը, որ ոտքերէն կախուած էր. գլուխը հողէն մէկ մեթր բարձր էր. երեք մատղաշ զաւակները ոտքերնուն գամած էին գետնին. տակաւին ողջ էին եւ կը ձգտէին իրարու հասնիլ։ Թիւրք զինուորականներ քիչ հեռու կեցած էին եւ նշանառութեան փորձեր կընէին ճօճուող կնոջ վրայ, գնդակ արձակելով աչքերուն եւ ծիծերուն։

Կնոջ յանցանքը այն էր, որ տեղահանութենէ խուսափելու համար իր զաւակներուն հետ պահուըտած էր։

Մարտին. Տիգրանակերտէն անմիջապէս ետքը Մէմտուհ պէյի հսկողութեան ներքեւ կըսկսի Մարտինի տեղահանութիւնը եւ կոտորածը։ Այրերը կը ժողովեն, պատրուակելով, թէ անոնք պիտի յատկացուին ճանապարհի նորոգութեան գործերու, բայց անմիջապէս որ քաղաքէն դուրս կը հանեն, Տիգրանակերտի եւ Մարտինի ձորերուն մէջ կը կոտորեն զիրենք։

Պաղտատի մէջ թիւրք զինուորական մը ինձ կը պատմէր, թէ բոլոր ձորերը լեցուն էին դիակներով եւ գրեթէ անոնց խորութեան կէսը ծածկուած էր. դաշունահար մարդոցմէ հոսած արիւնը այնքան առատ էր, որ ջուրի պէս կը հոսէր։

Մարտինի կիները եւ աղջիկները ենթարկուեցան տիգրանակերտցիներու վիճակին։ Չեչենները կը զատէին գեղեցիկները, կը կողոպտէին ու կը ղրկէին Ռասուլէյն։ Այս շրջանին մէջ ասորիներու մէկ մասն ալ հայերու վիճակին ենթարկուեցաւ։ Ասորի կին մը անիծելով հայերը, որ պատճառ դարձան իրենց անբաղդութեան, պատմեց հետեւեալը։

Մարտինի մէջ տեղահանութեան հրամանը սոսկում յառաջ բերաւ, որովհետեւ Տիգրանակերտի կողմերէն կիներու խումբեր ցիր ու ցան կը հասնէին եւ իրենց երեւոյթը, մանաւանդ ողբ ու լացը, կը յայտնէր, թէ ինչ կը սպասէր աքսորեալներուն։ Միւս կողմանէ տակաւին ժողովուրդը չի մեկնած՝ ժանտարմաները, չեչենները, քիւրդերը կը մտնէին տուները, կը կողոպտէին, կը հարուածէին, կը բռնաբարէին։ Շատերը խելագարուեցան ու գոռալով, աղաղակելով կանցնէին փողոցներէն, որոնք մեծ պազարի մը փոխուած էին։ Ամեն կողմ կարասիներ, գորգեր թափուած, դիզուած. զանազան գոյքեր կոտրատուած, ոտքերը տակ կը ջախջախուէին յախճապակիէ եւ այլ դիւրաբեկ անօթներ, հայելիներ ու այս բոլորին մէջ աստին–անդին ինկած դիակներ, ամենուն աչքին առաջք բռնաբարումներ. յայտնի եւ պարկեշտ ընտանիքներու աղջիկներ կենթարկուէին յետին նախատինքներու եւ տեղ–տեղ հաւաքած ըլլալով ամենէն գեղեցիկները ու մատղաշները, կը ծախուէին շրջակայքէն եկած իսլամներու։ Տիգրանակերտցի եւ մարտինցի 300–ի չափ հարուստի աղջիկներ, որոնք մեծ ժառանգորդներ էին, չեչեններու կողմէ ծախուեցան՝ իւրաքանչիւրը 200–էն  300 ոսկիի։

Տիգրանակերտի, Մարտինի, Սղերդի, Խարբերդի տեղահանութիւնը կազմակերպած էր Խալիլ պէյ, որ Պոլսէն եկած էր յատուկ այս պաշտօնով։ Անիկա կազմած էր առնաուդներէ, չեչեններէ, չերքերզներէ չեթաներ, որոնց պաշտօնն էր հայերու բնաջնջումը։ Ու այդ բոլորը մինչեւ գործադրութեան օրը գաղտնի պահուած է թէ հայ, թէ թիւրք ժողովուրդէն։ Այս շրջաններու տեղահանութիւնը եղած է ամենէն բարբարոս կերպով. այրերը կոտորուած են եւ կիներն ու երեխաները ենթարկուած են ամեն կարգի չարչարանքներու։

Ռասուլէյնի մէջ. Իմ բարեկամս՝ երկաթուղիի շինութեանց պաշտօնեայ, որ իր պաշտօնին բերումով շարունակ կերթար Ռասուլէյն եւ կը վերադառնար, պատմեց հետեւեալը.

Առաջին անգամ որ Ռասուլէյն հասայ, տեսայ կայարանին եւ գիծին երկու կողմերը ընդարձակ տարածութեան մը վրայ խռնուած հազարաւոր հոգիներ՝ կին եւ երեխայ։ Չեչեններ, չերքեզներ, թիւրք զինուորներ եւ զինուորականներ ազատ կերպով կը մտնէին այդ խումբերուն մէջ եւ ամեն անգամուն իրենց հետ դուրս կը բերէին աղջիկներ, գոյքեր, զարդեղէն, դրամ եւ այլն։ Տեղեկացայ, որ ասոնք Տիգրանակերտի, Մարտինի եւ մասամբ Խարբերդի տեղահան եղած ժողովուրդի բեկորներ են։ Սկիզբները տակաւին բաւական լաւ հագուած էին, բաց շաբաթուան մը երթեւեկի ընթացքիս հետզհետէ խումբը ստուարացաւ եւ իրենց վիճակը վատացաւ. թշուառութիւնը, անօթութիւնը, հոգեկան եւ ֆիզիքական տանջանքները այլակերպ դարձուցին զիրենք։ Մուրացկանի վիճակին վերածուած՝ անոնք կը թափառէին ամեն կող, կը թափուէին գնացքին վրայ եւ այնքան կորսնցուցած էին ինքզինքնին պաշտպանելու բնազդը, որ անզգուշութեամբ կը նետուէին անիւններուն ներքեւ։ Ամեն անգամում կառախումբը մանուկներ ճզմելով, արիւնոտած կը վերադառնար։ Քանի մը անգամ գաղտնաբար մտայ տարագիր հայերու խումբերու մէջ եւ զգացի իրենց հոգեվարքը։ Անօթի, դժգունած, վտիտ, կէս դիակներու վերածուած՝ անոնք աղերսագին կտոր մը հաց կուզէին։ Ամեն անգամուն հետս կը բերէի հինգ պարկ ալիւր եւ կը բաշխէի հապճեպով, բայց իրենց վրայ հսկող զինուորները եւ ժանտարմաները, երբ ալիւր կը տեսնէին. հայերու ձեռք, կը խլէին եւ կը տանէին ուրիշներու ծախելու։ Մահացու յուսահատութիւնը այնքան տիրապետած էր իրենց, որ կիներ ինքզինքնին գնացքին ներքեւ կը նետէին. թիւրք զինուորականները ոչ միայն ոեւէ արգելք չէին դներ այս ինքնասպանութիւններուն, այլ մօտ կեցած կը նայէին եւ կը ծիծաղէին։ Տեսայ նոյնիսկ, որ կիներ ու քանի մը մանուկներ շարելով գիծին վրայ, վակոն մը կը գլտորցնէին եւ բարձրաձայն կը ծիծաղէին անոնց ջախջախուիլը, վիրաւորուիլը եւ ցաւի ազդեցութեան տակ անոնց գալարուիլը տեսնելով։

Անօթութիւնը, տաքը, իրենց հսկողներու անխիղճ վերաբերմունքը այնպիսի անտանելի կեանք մը ստեղծած էր, որ աքսորեալներուն հոգեվարքի հեծեծանքները հասան մինչեւ Հալէպ եւ վրդովմունք յառաջ բերին ոչ–թիւրք ժողովուրդներու մէջ։ Գայթակղութեան առաջքը առնելու համար կառավարութիւնը որոշեց զիրենք հեռացնել եւ փոխադրել մինչեւ Մծբին։

Բարեկամս, խորհելով մինչեւ ասոնց մեկնումը գոնէ որոշ թիւով մանուկներ ազատել, հետեւեալ հնարքին դիմեց։ Իր հետ կունենար մեծ զամբիւղներ, որոնցմով զանազան վայրերէ հնդակահաւեր կը փոխադրէր Հալէպ։ Կը մտածէ այդ զամբիւղները օգտագործել եւ ամեն օր դաշտերէն հայ մանուկներ ժողվելով, կը դնէ զամբիւղներուն մէջ եւ կը բերէ Հալէպ։ Ահա թէ ինչպէս կը պատմէր իր ազատարարի պաշտօնի միջոցին կրած տպաւորութիւնները.

Մօտեցայ խումբի մը. ամենքն ալ պառկած էին երեսնին գետնին դարձուցած՝ արեւին տաքութենէն պաշտպանուելու համար. անշարժ էին եւ անշշուկ. կարծես գերեզմանատան մը կոյտերն էին իրարու քով, ցիր ու ցան շարուած։ Երեխայի մը մօտ գացի եւ ուզեցի արթնցնել, բայց երբ դպայ անոր, չըսթափեցաւ. խորհելով որ քնած է, գետնէն վերցուցի զինքը եւ տեսայ, որ սիրուն մանչ մըն էր եւ անմիջապէս նշամարեցի, որ իր կիսաբաց աչքերը կը մարէին. մանուկը իր վերջին շունչը կը փչէր. սարսափած թողուցի զայն գետինը եւ խելագարի պէս սկսայ վազել. փախիլ այդ չարաչաստիկ երեւոյթէն։ Հոգիս այնքան խորապէս վրդովուած էր, որ իրականութեան զգացումը կորսնցուցի եւ ժամերով մնացի ապուշ կտրած, ակնապիշ՝ առանց բան մը տեսնելու։ Երբ սթափեցայ, տեսայ յղի կին մը, որ երկու մանուկ կետեւը ձգած ձեռքերս կը համբուրէր եւ կաղերսէր, որ կտոր մը հաց տամ իրեն։

Արեւը բաւական իջած էր եւ միջօրէի կիզիչ տաքը մեղմացած էր. աչքերս դարձուցի դէպի այն խումբը, տեսայ որ շատերը արթնցած էին եւ կը խլրտէին իրենց տեղւոյն վրայ։ Ոտքի ելաւ ու կրկին գացի իրենց մօտ։ Անսուաղութենէ մոլորուած կիներ դաշտին մէջ խոտ կը փնտռէին ուտելու, բայց ամեն ինչ չորցած էր այդ աւազուտ եւ կիզիչ տարածութեան վրայ. իսկ մանուկները, որոնք դիակնային երեւոյթ ունէին, այնքան ուժասպառ էին, որ իրենց ձեռքի տակի չորցած խոտերու շիւղերը կը շօշափէին եւ ուժ չունէին կարծր հողէն քաշելու, հանելու։

Յաջորդ անգամուն հետ հաց բերի. երբ ցոյց կուտայի հացը, որպէսզի տեսնան եւ դէպի ինձ գան, իրենց մարած աչքերը տենդային, գրեթէ խելագարի փայլ մը կառնէին, կը սեւեռէին ինձ, ձեռքիս հացը, կը փորձէին ելնել, վազել դէպի ինձ, բայց կիյնային կարծր գետնին վրայ եւ դէմքերնին ու ձեռքերնին կարիւնոտէին։ Երբ կը մօտենայի հացը մանուկի մը տալու, ոչ թէ կառնէին, այլ կը յափշտակէին, ձեռքերս ճանկրտելով։ Անոնք կորսնցուցած էին մանկական ամեն շնորհ եւ երեւոյթ, կնճռոտած դէմքեր ունէին, դաժան նայուածքով եւ անասնային արտայայտութիւնով. չէին կարող խօսիլ, այլ երբ ուզէին գոչել, տեսակ մը հեւքոտ եւ բեկբեկ կոկորդային աղաղակ կարձակէին, որ ոչ մէկ մարդկային վանկի կը նմանէր։ Անգամ մը մօտեցայ փոքրիկի մը, որ տեսակ մը կենդանութիւն պահած էր իր դէմքին վրայ, համոզեցի որ հետս գայ. ակնապիշ կը նայէր ինձ առանց պատասխանելու, բայց զգացի որ հասկցաւ, այն ատեն յորդորեցի, որ իր շուրջի մանկիկներն ալ հետը բերէ. բայց անիկա տարօրինակ շարժումով մը մէկիկ մէկիկ ցոյց տուաւ զանոնք։ Աւելի մօտեցայ եւ տեսայ, որ մեռած էին ու ինքը մինակը նստած էր դիակներու մէջ։

Այդ պաշտօնեան իր հնդկահաւի զամբիւղներով 40–50 երեխայ բերաւ Հալէպ, որոնք որդեգրուեցաւ տեղւոյն հայ ընտանիքներու կողմէ։

Ռասուլէյնէն հայերը փոխադրուեցան Մծբին եւ մնացին միայն դիակները, որոնք հայերու միջոցաւ դիզել տուեր էին եւ որոցմով բլուր մը կազմուած էր։ Այսպէս մնացին անթաղ եւ տարրալուծուեցաւ ու չքացան արեւին կիզիչ ճառագայթներուն ներքեւ։

Թէլէպիադի մէջ. Երկաթուղիի ընկերութեան բժիշկ արաբ Խալէտ պէյ պատմեց ինձ Թէլէպիադի մէջ կանգ առած հայերու մասին։ Գնացքով կերթար, երբ ճանապարհին կը տեսնայ գիծին վրայ ինկած մանուկներ. գնացքը կեցնել կուտայ եւ մօտենալով կը տեսնէ, որ 6 երեխաներէն 1–ը միայն տակաւին կենդանի է. մնացեալը արդէն իսկ մեռած  էին. մէկ կողմ կառնեն փոքրիկ դիակները եւ ինքը վերցնելով միակ ողջ մնացած տղան, կը վերադառնայ վակոն։ Ուշիմ երեխայ մըն էր եւ ուտելիքով բաւական կազդուրուելէ ետքը կը պատմէ, թէ ինչպէս այդտեղ կը գտնուէին։ Աքսորեալներու իրենց խումբը կանցնէր ձորերու եւ լեռներու մէջերէն, երբ յանկարծ իր մայրը կը կորսնցնէ. զայն փնտռելու համար կը խուսափի խումբէն եւ կը սկսի թափառիլ։ Երկու օր աստին անդին մոլորելէ ետքը կը լսէ գնացքին սուլոցը եւ կու գայ այդ ուղղութեան։ Գիծին մօտիկ կը գտնէ միւս մանուկները, որոնք իրեն պէս 6–7 տարեկան երեխաներ էին, ճամբանին կորսնցուցած, անօթի, անտէր։

Երբ իրարու հանդիպեցաք, ո՞ղջ էի ամենքը, կը հարցնէ բժիշկը։

Առաւօտուն տակաւին իրարու հետ կը խօսէինք, յետոյ մէկիկ մէկիկ լռեցին ու ինկան, կը պատասխանէ երեխան։

Ժողովուրդը, որ կը գտնուէր Թէլէպիադի մէջ, բեկորներն էին այն հայերուն, որոնք տեղահան եղած էին Խարբերդէն, Սեւերեկէն, Չնքուշէն, Ջերմուկէն։ Մօտաւորապէս 400 հոգի էին եւ դիզուած էին պզտիկ խանի մը մէջ, ուր հազիւ թէ 50–60 հոգիի տեղ կրնար ըլլալ։ Ստիպուած էին ոտքի վրայ մնալ եւ կամ իրարու վրայ կը նստէին։ Որովհետեւ կարգիլէին ժողովուրդին դուրս ելնել բնական պէտքերու համար, անոնք գրեթէ շաղախուած էին կեղտով, աղբով։ Գարշահոտութիւնը, անմաքրութիւնը մահացու հետեւանքներ կունենային, ամեն կարգի ցաւերով կը տանջէին աքսորեալները եւ օրական բազմաթիւ մահեր կը պատահէին խանին մէջ. մեռնողները կը հակէին ժողովուրդին վրայ եւ որովհետեւ տեղ չի կար իյնալու, երբեմն անոնց խիտ շարքին մէջ երկար ատեն կանգուն կը մնային. շուրջը գտնուող ողջերը ստիպուած էին կամ մեռելին վրայ նստիլ, կամ զայն գիրկերնին առնել, որովհետեւ տեղերնուն շարժելու ոչ մէկ հնարք չի կար։ Հակառակ այս ծայրայեղ վիճակին, հակառակ անօթի, կիսամեռ, մերկ, աղտոտութեանց եւ նեխութեանց մէջ կորսուած ըլլալնուն՝ անոնք խաղալիք դարձած էին ժանտարմաներուն, որոնք գիշերանց կը մտնէին հոն, կը փորձէին կողոպտել, կը փնտռէին ու կը պահանջէին զարդեղէններ ու բան չի գտնելով, ժողովուրդը կը մատնէին ամեն կարգի չարչարաքներու եւ անարգանքներու։

Թէլէպիադէն մինչեւ Արաբ Բունար երկաթուղիի գիծը ամբողջովին հայ կնոջ եւ երեխայի արիւնով ողողուած է եւ գիծին երկու կողմը գրեթէ անընդհատ կը հանդիպէք գնացքին ներքեւ ջախջախուած դիակներու, որովհետեւ գիշերային փոխադրութիւններու միջոցին թիւրք ժանտարմաները կը նստեցնէին իրենց յանձնուած ժողովուրդը գիծին վրայ։ Հայաստանի խորերէն եկած խեղճերը չեն գիտեր, թէ գիծը ի՞նչ է, գաղափար չունին գնացքի մասին եւ երբ յոգնաբեկ եւ սպառած տարածուած են գիծերուն վրայ եւ կը քնեն, կառախումբը յանկարծակիի կը բերէ զիրենք։ Ամեն անգամուն գնացքը կը ստիպուէր կենալ դիակներու վրայ. ջախջախուած մարմինները մէկ մէկ կը շպրտէին մէկ կողմ եւ միւսներուն կը ստիպէին հեռանալ ու ճամբան բանալ։

Անէզի արաբ ցեղը մեծ գումարներ ստանալով Եդեսիայի հայերէն, եկած էր Թէլէպիադի հայերուն մէկ մասը ազատել։ Հսկիչ ժանտարմաներու հետ կռիւի բռնուելով, շատ հայեր ոտնակոխ կըլլան եւ 100–ի չափ կիներ զոհ կերթան արձակուած գնդակներուն։

Եդեսիոյ մէջ (Ուրֆա). Խարբերդէն, Սեբաստիայէն եւ այդ շրջաններէն տեղահան եղած հայերէն մաս մը, կին եւ երեխայ, լեցուցած էին տեղւոյն կառապանների մեծ խանին մէջ։ Քաղաքներու մէջ  զգոյշ էին եւ չէին կարող շատ սանձարձակ կերպով վարուիլ աքսորեալներուն հետ, բայց Եդեսիայի թիւրք հարուստները կը պայմանաւորուէին ժանտարմաներու հետ եւ գիշերանց մտնելով խանը, կարթնցնէին կիները ու աղջիկները եւ ընտրելով ամենէն գեղեցիկները, կը տանէին։

Կացութիւնը անտանելի էր այս թշուառներուն համար. ապրելու դժուարութիւնները այնքան բուռն էին, որ մայրեր հարկադրուած էին սոսկալի ընտրութիւն մը ընել. այն է՝ իրենց զաւակներուն մէկ մասը փրկելու համար ծախել մնացեալը։

Ուրֆայի ամենօրեայ շուկան դարձած էր մանուկներու պազար. ամենէն գեղեցիկ տղան կը ծախուէր 10 ղրուշի։

Արաբ Բունար. Տրապիզոնէն, Սամսոնէն, Պաֆրայէն, Սեբաստիայէն եւ Ամասիէն տեղահան եղած ժողովուրդներու ողորմելի մնացորդներ էին, որ կը հասնէին Արաբ Բունար։ Ասոնք ամիսներէ ի վեր երկար եւ մանուածապատ ճամբաներէ հետիոտն, բոկոտն, անօթի թափառելէ ետքը կը հասնէին՝ հագուստներնին պատառտած, ոտքերնին արիւնած, որովհետեւ կօշիկ չէր մնացած այլ եւս։ Արաբ Բունարի մէջ հայ վաճառականներէ գրաւուած ցորենը թափուած՝ անտէր կը մնար. աքսորեալները սովալլուկ վիճակի մէջ անյագաբար կիյնային վրայ եւ հողով, քարով խառն կուլ կու տային այդ ցորենը անասուններու նման։ Ցորեն ուտողները հազիւ կապրէին 20–24 ժամ եւ փորերնին ուռելով, կը մեռնէին սարսափելի ցաւերով եւ գալարումներով։ Կառավարութիւնը փոխանակ արգելելու՝ նոր եկող խումբերուն ցոյց կու տար թափուած ցորենը, երբ ժողովուրդը հաց կաղաղակէր։

Տեղահան ժողովուրդին վրայ հսկելու պաշտօն ունեցող ժանտարմաներուն անգթութիւնը եւ հնարամտութիւնը՝ խեղճերը չարչարելով սպաննելու, ամեն մարդկային երեւակայութենէ դուրս է։ Ասոնք ընդհանրապէս ընտրուած էին Եդեսիոյ, ՊԷրէճիքի, Սամսադի շրջաններու գազանաբարոյ թիւրքեր եւ քիւրդերէ։ Զինուորութենէ փախած ըլլալով, կզբաղէին աւազակութեամբ եւ ենթարկուած էին կառավարութեան հետապնդումներուն, բայց երբ հայկական հալածանքները պիտի կազմակերպուէր, կառավարութիւնը յայտարարեց, որ ամեն անոնք, որ յանձնուին, ժանտարմա կարձանագրուին եւ պաշտօն ստանալով երկրին ներսերը, զերծ կըլլան պատերազմի դաշտ երթալէ։ Այս փախստականները փութացին օգտուիլ, եւ այս անզուսպ վայրենիներուն է, որ յանձնուեցաւ տեղահան եղած ժողովուրդը. ժանտարմաներու վրայ տասնապետ կարգուած էին համիդեան ռեժիմէն մնացած տասնապետներ։

Տեղահան եղած ժողովուրդը բնաջնջման դատապարտուած ըլլալով, անոնք բոլորովին անպաշտպան յանձնուած էին այս մարդակերպներու դիւային չարագործութեանց. լիազօրութիւն ունէին իրենց ոճրագործ երեւակայութեան քմահաճոյքներուն համեմատ մահուան եղանակներ ընտրել իրենց յանձնուած զոհերուն համար. այդ է պատճառը, որ անսանձ եւ անարգել կերկարէին անոնց հոգեվարքը, կենթարկէին զանոնք հոգեկան եւ ֆիզիքական բոլոր անպատմելի չարչարանքներուն, կերկարէին աքսորեալներու տաժանելի ճամբորդութիւնը, կը բաժնէին սիրելիները իրարմէ, անօթի եւ ծարաւ պահելէ ետքը երկար ատեն՝ կուտային անոնց այնպիսի ուտելիքներ, որ փոխանակ սնուցանելու՝ տանջանքներով մահուան կենթարկէին զանոնք, եւ իրենց չարաբաստիկ հեղինակութիւնը ի գործ կը դնէին յառաջ բերելու համար այնպիսի տառապանք, որ ամենէն դիւային երեւակայութիւնն իսկ անզօր է պատկերացնելու։

Երբ այս ամեն կողմերէ հաւաքուած ժողովրդէն խումբ մը որոշէին ղրկել Եփրատի եզերը, այնպէս կը կարգադրէին, որ ոչ միայն նոյն քաղաքացիները եւ գիւղացիները բաժնուին իրարմէ, այլ եւ ընտանիքները լուծուին։ Կառնէին իւրաքանչիւր քաղաքէ կամ գիւղէ տասնական հոգի։ Հինգ շունչէ բաղկացած ընտանիքի մը 2 անդամը կը մնար մէկ խումբին մէջ 2–ը՝ ուրիշ խումբ եւ մէկը առանձին եւ այսպէս յաջորդաբար։ Երբ սիրելիները իրարու գրկուած՝ չէին ուզեր բաժնուիլ, կու լային, կողբային, ժանտարմաները առանց պահ մը յուզուելու՝ վայրենիօրէն կը բաժնէին զանոնք իրարմէ։

Ծերուկ կին մը, որուն հրամայուած էր առանձին մեկնիլ խումբի մը հետ, կը յաջողի անհետանալ եւ կերթայ իր հարսը եւ աղջիկը փնտռելու, որպէսզի միացած գտնուին։ Կէս գիշերին պառաւին դիակը ինկած էր հարսին եւ աղջիկանը միջեւ. աղջիկը մերկ էր եւ արիւնաթաթախ, իսկ յղի հարսին փորը պատռած էին եւ աղիքները դուրս թափուած, բայց անիկա տակաւին կենդանի էր. եւ հոգեվարքը տեւեց երկար ժամեր առանց որ ոեւէ օգնութիւն ըլլայ իրեն։

Կեսարացի մեքենավար մը կը պատմէր, թէ խարբերդցի հարուստ հարս մը յաջողեր էր փախչիլ Սուրուճի քիւրդ հարուստ պէյի մը ձեռքէն եւ պահուած մնացեր էր երեք օր քարերու մէջ. չի կարողանալով ոեւիցէ կերպով ազատիլ եւ անցնիլ դէպի Հալէպ, ինքզինքը կը նետէ գնացքի մեքենային տակ։

Մեքենավարները, որ ընդհանրապէս քրիստոնեայ սուրիացի եւ յոյն կաթոլիկներ էին, կը հաւաքէին անօթի եւ անտէր մանուկներ, որոնք հանքածուխի տեբոյին մէջ պահելով, կը բերէին Հալէպ։ ԽԵղճ փոքրիկները անմիջապէս կը հասկնային, որ ասոնք ազատարարներ են եւ անտրտունջ կը հետեւէին եւ ոեւէ շշուկ չէին հաներ իրենց ներկայութիւնը չի մատնելու համար։



[1]            Պիթլիսի նշանաւոր վայրերէն մէկը։